ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ

ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ

ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐՁԱՆԻՆ
Կ՚ուզեմ ըլլայ քու մարմարիոնըդ պեղուած
Ոլիմպոսի ամենէն խոր արգանդէն.
Եւ իմ մուրճիս տակ ըզգենու հըրեղէն
Միս մը կընոջ, լոյսով, տենդով սըրարբած:
Աչքերդ ըլլան վիհեր՝ ուր մարդ երբ սուզի՝
Յաւէրժին մէջ անմահացած ըզգայ զինք.
Գիծերդ անեղծ ըլլան, ըլլան քու ըստինք
Դաշնակութիւն մ՚ուր կենսահիւթը յուզի.
Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ՚հոգւոյն պէս,
Եւ հեթանոս այդ մերկութեանըդ ներքեւ
Տառապի մարդն ու չըկրնայ դըպչիլ քեզ:
Թէ հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգեւ,
Բագինիդ ես պիտի ուզեմ մորթըւիլ՝
Որպէսզի կուճդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ:


ՎԱՆԱՏՈՒՐ
… Ամենաբեր նորոց պտղոց տօնից
հիւրընկալ դիցն Վանատրի.
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ
Նըստած պարատ եզիդ վրայ, ո Վանատուր,
Մէկ ծագէն միւսը կ՚անցնիս
Հայրենական դաշտերուն։
Մեռան բոլոր մեծ աստուածները, իրենց
Բագիններուն վըրայ մամուռը կ՚աճի։
Անմահ եղար դուն միայն
Նըման հողին եւ կըրակին, ու նըման
Ովկիանոսի աղերուն։
Ուսերուդ հիր պատմուճանէն դեռ կու գայ
Գինիի հոտն Ամանորի տօներուն։
Հակառակ այնքան դարերու աւերին՝
Բիբերըդ դեռ զըւարթութիւն կը բըղխեն.
Ու կենեղուտ դէմքիդ վրայ
Արբեցողի կարմիր ծիծաղն է ծեփուած։
Ու երբ պարարտ եզիդ վըրայ կ՚այցելես,
Ծաղկամիսէն Միգաբեր,
Անեզրութիւնն հայրենական դաշտերուն՝
Կ՚հոսի ալիքը կեանքին
Ակօսներէն հայրենական դաշտերուն։
Ահա գարունն ու զարթումներն իր առոյգ.
Հիրիկներով պըսակուէ, ո Վանատուր,
Ճամբուդ վրայ ճառագայթներ կը հոսին
Երակներուդ պէս գեղուն.
Եւ կը թաղուին կանանչին մէջ ցօղաթուրմ
Բոլոր քարերն ըսպիտակ։
Կըտուրներէն գեղջական
Կը բարձրանայ ծուխը, խունկի պէս խաղաղ։
Թող ես վարդով եւ ուլունքով գեղաշար
Քառամանեակըս կախեմ
Պարանոցէն քու եզիդ,
Հըլու եզիդ՝ որ դարձած՝
Մերթ կը լիզէ բոպիկ ոտքերդ Աստուածի։
Օ, իր պոչիւնը գերազօր, որ ահա
Քարանձաւէ քարանձաւ
Կ՚արթընցընէ թըմրած օձերն ու արջերն
Ու խաղաղ կեանքն արեւուն տակ կը պոռթկայ։
Աստղերը մեղըր կը ծորեն երկընքէն
Նայադներու սափորներուն մէջ մարմար
Արշալուսուած աղբիւրներուն եզերքին
Աղաւնիներ կը լոգնան
Իրենց կտուցէն մարգարիտներ սըրսկելով։
Ծիծաղէ, ո Վանատուր,
Քու հեթանոս ծիծաղներովըդ վըճիտ,
Զի բընութիւնն արթընցաւ իր քօղերէն.
Եւ Բերկրութիւնն, արգասաւոր եւ անհուն,
Օդին մէջեն կ՚անցնի կ՚երթայ, ու նըման
Մեծ կարապի մը վայրի,
Քու յաղթանակըդ կ՚երգէ։
Ահա ամառն ու իր անդերը խարտեաշ.
Որաներով պըսակուէ, ո Վանատուր։
Պըճեղներուն տակ եզիդ
Մատղաշ ցորեանն անտառացաւ. այժըմ իր
Ծովերուն մէջ՝ ոսկեայ լոգանքըդ ըրէ։
Թուփերուն տակ ծաղկահեղց
Բոյներն են լի օրհնութեամբ,
Եւ արտոյտին երգն արեւէն մեզ կու գայ։
Քու արգաւանդ անոյշ շունչդ է՝ որ կ՚անցնի
Դալարաւէտ բըլուրներուն կողն ի վար։
Երդիքին վրայ քընացող
Գեղջուկին աչքն ալ կը բանայ՝ Արշալոյսն,
Եւ կը փակէ՝ Լուսընկան։
Հիւղերն են լի համեմներու բոյրերով,
Աւերակներն իսկ մոխրապատ՝ են զեղուն
Եղիճներու, մոլոշներու հունձքերով։
Ուռենիին տակ, Վանատուր, կը զոհեմ
Նոխազը, քեզ նըւիրուած,
Նոխազն, որուն լուսեղ մազերն յորդահոս
Քամակին վրայ՝ ակօսի պէս կը ճեղքուին.
Նոխազն որ միշտ կը կըրծէր
Սուրբ շերտափակն այգիիդ։
Արիւն խըմէ ու միս կէր, ո Վանատուր,
Քու հինօրեայ խըրախներովդ հեթանոս,
Զի հասկաթուռ ցորեանին մէջ փայլակող
Գերանդիներ քեզ կ՚երգեն։
Ահա աշունն ու արիւններն իր յուռթի.
Որթատունկով պըսակուէ, ո Վանատուր։
Նիզակըդ առ, որուն վըրայ ոլորուն
Բարունակներ կը ծաղկին.
Թող ես եզիդ եղջիւրներն
Ողկոյզներով զարդարեմ։
Մըրգածառերն, յըղի կընոջ մը նըման,
Կ՚հեւան իրենց բեռին տակ.
Բուներն համակ կըպչուն են քաղցըր յոյզով.
Կորիզն ամէն պըտուղի
Քու սերմովդ է պընդացած.
Եւ քու եզիդ շողիքով
Օծուած է հողը բեղուն։
Ամբարներն ողջ՝ խաղաղութեամբ կը լեցուին,
Եւ կարասներ՝ ցընծութեամբ…
Թող, թեղերուն մէջ, ուտէ եզըդ գարին
Աստղերու պէս։ Իսկ դուն, Աստուածըդ զըւարթ,
Աստուածըդ գէր, վարդերես,
Առ դաշխուրանդ, ըմպէ արիւնը աշնան։
Աղբիւրին քով ես քեզի
Մատըռուակեմ թող գինի,
Մատըռուակեմ թող բոցեր,
Ծիծաղէ, ո Վանատուր,
Ո Վանատուր, կաքաւէ.
Զի այգիէն տերեւաթափ՝ կ՚երեւան
Յաւէրժհարսերն, երկայնքն ի վեր ցանկերուն,
Եւ աղջիկներ, նուռ լեցուցած գոգերնին,
Դէպի մեհեանըդ կ՚երթան.
Զի դուն անմահ ես՝ դիքերէն վերջ մեռած՝
Ովկիաններու աղին պէս,
Զի տաղտկալի ձըմրան մէջ,
Հայրենական օճախներուն քով խաղաղ,
Ամէն կիթառ քեզ կ՚երգէ։

ԵՐԵՔ ՔՈՅՐԵՐ
Անոնք երեք քոյրեր էին
Նըման երեք Շընորհներուն.
Երեքն երեք ուխտեր ըրին
Առջեւն երեք բագիններուն։
Երէցն ըսաւ. — «Դիք կայծակի,
Քեզ կը ձօնեմ մազերս ոսկի»։
Միջնեկն ըսաւ. — «Ըզգաստ Հիմէն,
Քեզ կ՚ընծայեմ մատնիս հրեղէն»։
Կըրտսերն ըսաւ. — «Վավաշ Աստղիկ,
Առ իմ կոյսի գօտիս ծաղիկ»։
Ով որ մազերն ձօնեց Զեւսի՝
Եօթը ազգի եօթ խոյր կապեց
Գահին վըրայ Արտաշէսի։
Ով որ մատնին տուաւ Հիմէնին՝
Եօթը չըքնաղ հերոս ծընաւ
Գերահըզօր Հայաստանին։
Ով կոյս գօտին մէջքէն ձըգեց՝
Ան՝ տառապեալ քոյրը եղաւ,
Եւ բոզնոցին մէջ նուռ ծախեց։

ՀԵԹԱՆՈՍԱԿԱՆ
Ապարանքին մէջ մարմար կախարդական Երազին,
Ուր աստղակուռ ջահեր լոյս անձրեւելով կը վառին,
Ես Արքայ մ՚եմ այս գիշեր Արեւելքի ճոխութեանց,
Եւ ունիմ գահ ու գանձեր, ճերմակ կիներ հերապանծ։
Բազմոցիս վրայ՝ զարդարուած յովազներու մորթերով՝
Գըլուխս յեցած դաստակիս, եւ հեշտութեան մէջ գինով,
Ընկողմանիկ կը դիտեմ Չէրքէզուհի մը անձնեայ՝
Որ կը պարէ իմ առջեւ, մարգարտահեռ գորգին վրայ։
Իր հոտեւան մազերէն եւ մարմինէն ծալ ի ծալ
Կը հոսի ծով մ՚հեշտութեան՝ ուր կը սիրեմ ես լողալ։
Ըզգեցեր եմ փառահեղ պատմուճաններս ըսպիտակ
Բանուած հազար աստղերու արցունքներովը սուտակ.
Շուրջը գլուխիս փաթթեր եմ ապարօշս իմ ձիւնափայլ՝
Ծանըր՝ նըման իմ փառքիս, հանճարիս պէս՝ բիւրածալ։
Մատնիներով ադամանդ ծանրաբեռնուած ձեռքիս մէջ
Համրիչըս հիռ կը գըլեմ մեծ սաթերով փողփողէջ։
Ինկեր են վար ոտքերէս անխնամ գորգին վրայ քըրքում
Հողաթափերս ոսկեհիւս եւ թաշկինակս ապըրշում։
Իսկ զետեղուած է իմ քով, կենսաժըպիտ, փըրփրադէզ,
Հըսկայ բաժակը գինւոյ՝ որ հըրաշքով մը կարծես
Դեռ նոր հոսուած արեան պէս կը պըճըլտայ իմ առջեւ։
Սակայն բիբերըս ծարաւ գոյն ու մարմնոյ գեղաձեւ՝
Մարգարէի մ՚աղօթող բիբերուն պէս տեսլացած՝
Անհունօրէն սուզեր են յորձանքին մէջ ճախրասլաց
Այն թըխաչուի աղջըկան, Չէրքէզուհւոյն համպարէ՝
Որ իմ առջեւ կը պարէ, միշտ կը պարէ, կը պարէ…
Իր շարժումն յոյլ է երբեմն, ու իր հասակն է նըման
Հողմնասարսուռ եղէգին, բոյր ու փըրփուր, երգ համայն.
Իսկ երբեմն այնքան զօրեղ թափ մը կու տայ ոտքերուն՝
Որ խարոյկուած բոց կ՚ըլլայ՝ քամիներէն ծըփծըփուն։
Օ, ան միսին ձեւերուն եւ ծալքերուն հանճարն է
Գիտէ հեղուլ յորդառատ նայուածքներէ, մարմինէ
Բոլոր հրապոյրը կընոջ եւ տըռիփները հեշտին՝
Որոնք նըման ծովերու առջեւս անզուսպ կը փըրփրին։
Ու կը պարէ, կը պարէ, յորձանապտոյտ կը պարէ…
Քըրտինքներով կը պըտղի ճակատն յըստակ փայլարէ։
Վեհ հասակն իր կախարդի՝ մազերուն տակ ծածկըւած՝
Ուռենիին խռովքն ունի՝ լըճակին վրայ ցոլացած։
Մերթ դէպ ետեւ կը թեքի, մերթ ալ դէպի ընդառաջ.
Հազիւ եղած շամբ ճըկուն, կ՚ըլլայ բարտի մ՚աննըւաճ.
Եւ մերթ ցընցուն ոստումով՝ կարծես իրանն հրաշագեղ
Յանկարծակի կը փըշրէ փոշիաբար զերդ բիւրեղ.
Ու հազիւ հազ դաշնակում մ՚իր մարմինէն եղծանած՝
Նոր թեքումով կ՚յօրինէ նոր դաշնակում մը յանկարծ։
Մարգարտահեռ մուճակներն, ուր ոտքերն իր ձուլուեր են,
Կարծես հազիւ կը հըպին գորգին վըրայ նըկարէն.
Ու իր յատուկ ճախրանքէն կ՚առնու հով մ՚այնքան ծաւալ,
Որ կը մարէ երբեմն հապ, ու կ՚արծարծէ երբեմն ալ
Իր ականջին օղերուն փայլատակները լազուարթ
Ու իր բոլոր քայռերուն ճառագայթները զըւարթ։
Ու կը պարէ, կը պարէ, կատաղօրէն կը պարէ,
Միշտ հըպատակ ցոփ կամքիս՝ որ զինք ընդմիշտ կը վարէ։
Գլուխէն վեր կը նետէ նուրբ պատմուճանն հապըշտապ.
Կը մերկացուին ըստինքներն ու պարանոցը կարապ,
Ու որովայնը բարի՝ իր սեւ պորտով կընքըւած,
Եւ յոյր բումբերը, բոլոր միւս մասերն առեղծուած
Համակ խորհուրդը միսին ու իր անճառ ձեւերուն՝
Ուր դըրեր է իր վերջին հանճարը միտքն Աստըծուն։
Երբ կը տեսնէ իր աչքով մերկութիւնն իր բիւրեղեայ՝
Հրապոյրներու այդ բոլոր շռայլման վըրայ կ՚ամըչնայ.
Այն ատեն ցունց մը կու տայ փոթորկալից մազերուն՝
Որոնց քամին թափընդթափ կ՚երթայ մարել սըրսըփուն
Ադամանդէ ջահերն այն մարմարակերտ պալատին,
Մարմարակերտ պալատին ձեղնալոյսերը ռետին։
Ով մերկութիւն հրաշագեղ, Յաւէրժահարս ամօթլեած՝
Որ խորհուրդի մը նըման մըթութեան մէջ ես ղօղուած…
Այն ժամանակ կ՚ոստնում վեր կիրքերուս մէջ ծարաւի՝
Թողլով որ ձիւն ապարօշս իյնայ ոտքիս տակ լուծուի։
Մըթարին մէջ առխարխափ Չէրքէզուհին կը գտնեմ՝
Առաջնորդուած իր կուրծքին հեւքերէն բուռն ու վըսեմ,
Եւ քըրտնաթոր դաստակէն պինդ բըռնելով՝ մեկուսի
Կը պառկեցնեմ բազմոցիս մորթերուն վրայ յովազի։
Օ, մագնիսով եւ լոյսով թըրծուն մարմինն աղածրի՝
Որ թեւերուս մէջ կաթի արիւնի պէս կը փըրփրի.
Օ, իր մազերն յորդածուփ՝ որոնց մէջ ես կը լողամ
Խորը անոնց խեղդուելու վըտանգներով յարաժամ,
Օ, ջերմութիւնը սատափ բազուկներուն տարփակէզ՝
Որոնցմով վիզըս զօրեղ կը պարուրէ օձի պէս։
Հուսկ իրարու կ՚միանանք մենք համբոյրով մը հըզօր…
Երբ կը ծըծեմ բերնիս մէջ առած շըրթներն իր բոսոր,
Երբ ժամերով կը քամեմ բիւր երակներն, յուլօրէն,
Օհ, այն ատեն ճաշակած կ՚ըլլամ կարծես համօրէն
Հին դարերուն հեթանոս դահամունքներն յազածոյ,
Հընդկաստանի համեմներն, համայն խունկերն Արաբիոյ։

ԿՂԷՈՊԱՏՐԱ
Կիւդնոսին վրայ քարավազ
Հընչեց տաւիղ, հընչեց վին…
Եթովպացի մ՚ոպնիազ
Կ՚երգէ՝ քիթին վրայ կուրին.
— «Սահէ, ով նաւ, սահէ շուտ.
Արծաթ ցռուկիդ ես գերի.
Մէջըդ սիրտ մը բոցանուտ
Դափնեվարդի պէս կ՚այրի։
Դըշխոյ, նաւակըդ բուրեան
Ունի սատափ թեւճակներ՝
Որոնց ծայրէն կը տեղան
Ադամանդեայ կայլակներ։
Սահէ, ով նաւ, սահէ շուտ.
Ահա Տարսոնը գինով։
Կ՚ուզէ Իտալը անգութ
Շըղթայուիլ մեղկ թեւերով։
Բամբիշ, դէմքէդ կը ցոլան
Բոցեր՝ գետի երեսին.
Լուսինն այսպէս կու գայ ման
Ջուրերուն վրայ Նեղոսին։
Սահէ, ով նաւ, սահէ շուտ
Ծաղկածիծաղ ափն ի վեր.
Նուռ մ՚աւասիկ կարմրակուտ
Այգիէն մէջդ է ինկեր։
Դըշխոյ, վըրադ պարզեր են
Ամպհովանի մ՚ոսկեթոյր,
Առջեւըդ խունկ կը ծըխեն
Եօթը նաժիշտ, եօթը քոյր։
Սահէ, ով նաւ, սահէ շուտ
Եւ օրօրէ թագուհին…
Մեր տակ կ՚երգէ ջուրն ընդփոյթ
Պատմելով թովքն անդունդին։
Բամբիշ, ծոցիդ բուրումէն
Վիհին օձերն արթընցան.
Շուրջըդ ահա կ՚արտասուեն
Մարգարիտներ մոգական։
Սահէ, ով նաւ, սահէ շուտ,
Տարսոնն հեռուն կ՚երեւայ.
Ջահեր կ՚այրին բոցանուտ
Նիզակներուն ծայրին վրայ։
Դըշխոյ, կողէն նաւակին
Ներս քաշէ ձեռքըդ քընքոյշ.
Մատնիդ կ՚իյնայ խորն ալքին.
Կ՚ընկըղմի կիւսըդ, ըզգոյշ։
Սահէ, ով նաւ, վիհին վրան
Բաբելոնեան կախ պարտէզ՝
Ուր Շամիրամն է՝ շուշան,
Կղէոպատրան՝ վարդ մ՚է վէս։
Բամբիշ, գոհարը թագիդ
Եղաւ Քաղքին ալ փարոս։
Աչքը քեզի անքըթիթ
Հոն կը սպասէ Անտոնէոս։
Սահէ, ով նաւ, շուտ սահէ.
Քանի որ մէջդ է Իսիս՝
Ցըռուկդ աշխարհ կը ջահէ՝
Քանի որ մէջդ է մայիս։
Դըշխոյ, երկիր պագին ալ
Լեգէոններն Հըռովմի։
Ըզքեզ դատող սալարն ալ
Հմայքէդ դողալ կը թուի։
Կեցիր ով նաւ, շուտ կեցիր.
Ափը կ՚ելլէ թագուհին,
Երգս ալ կ՚ըլլայ ցանուցիր.
Պէտք է փոխեմ լարերս հին»։
Գուսանն ալ վինը չածեց.
Իսկ համբոյրով մ՚այն գիշեր
Կին մ՚Իտալիան նըւաճեց,
Մարդ մը՝ Բուրգերն յաղթաժեռ։

ՋՈՒՐԻՆ ՎՐԱՅ
Նըւագէ կիթառդ, ով իմ Մելինա,
Լուսինն է ցաթեր, վէրքի պէս, լանջքիս.
Երգդ, իբրեւ ըսպունգ, կը ծըծէ ահա
Աստղերն երկընքին, արցունքներն աչքիս:
Աշխարհը մոռնանք. ջուրին վրայ՝ լուսնին
Լուսասփիւռ ճամբան ըլլայ մեր ճամբան…
Երբ պըսակեմ գլուխս ողկոյզով, Մելին,
Սըրտիս արիւններն իսկ գինի կ՚ըլլան:
Թող երգդ հըրճըւի. Ծովը լուսավերտ
Անդունդին աղով կ՚օծէ գանգուրներդ՝
Զոր խառնեց ահա սիւքը՝ լարերուդ:
Թող երգդ արբենայ. լեցուցի գինին
Կիթառիդ տօսախ պորտին մէջ հըրուտ…
Աստղիկն է նըստեր մեր նաւուն քիթին:

Ո ՏԱԼԻԹԱ
Կարմրաշառայլ լոյսերուն մէջ կը վառի
Կապելադ, ո Տալիթա:
Բեր գարեջուրն, եւ թող փրփուրն հոսանուտ
Մատերդ ի վար պըղպըջայ:
Ինչ փոյթ թէ ես ազնըւական կը թուիմ,
Ունիմ ձեռքեր քընքշենի.
Եւ ինչ փոյթ թէ դուն աղջիկ մ՚ես ջըլեբաց՝
Որ բանուորներ կ՚ընդունի:
Կ՚ատեմ կիներն՝ որոնք դիմացն հայլիին
Դիմաներկեր կը շաղուեն.
Կը ծըծցընեն Ծերակոյտի անդամներ
Տըռփանքներով տարօրէն:
Դահլիճներուն փարթամ կիները կ՚ատեմ.
Իրենց կաւատն է՝ ոսկին.
Զիրենք սիրողը կը սպառեն, եւ իրենք
Տան շընիկէն կը սպառին:
Բեր, Տալիթա, բեր գարեջուրն, ու նըստէ
Ծունկիս վրայ՝ թոյլ տալով
Որ աղախնի կարճ քըղանցքէդ երեւնան
Բումբերըդ՝ սեւ գուլպայով:
Թող ճըրագներդ հիւծին մինչեւ առաւօտ,
Եւ թող շեմին վրայ երգէ
Գինով աշուղն՝ յառած բիբերը մեզի,
Բիբերը զուրկ կըրակէ:
Թող մազերուդ ոսկի հիւսկերը քակես
Գաւաթին մէջ բիւրեղեայ,
Եւ ծունկերէս վար սըրունքներդ օրօրես՝
Մինչեւ որ սէրս հասուննայ:
Ինծի ինչ փոյթ թէ շրթունքներդ են խածեր
Նաւաստիները կոպիտ,
Եւ հոսեր են քըրտինքն իրենց տըռփանքին
Աչքերուդ մէջ՝ ու ծոցիդ:
Այսօր կ՚ուզեմ կուրծքիդ վըրայ գինովնալ
Ինչպէս զինուոր մը արբուն.
Կ՚ուզեմ պարպել գաւաթդ, եւ դուն ալ պարպես
Սիրտըս՝ նուռի պէս հասուն:
Այսօր կ՚ուզեմ դահլիճին մէջ ծաղրըւած
Սէրըս առջեւըդ պղծել,
Խաբուած հոգիս բերել ռամիկ աղջըկան
Գարեջուրով մը ծախել:

ԱԴՈՆԻՍԻ ՄԸ
Արշալոյսին դէմ խեփոր մը բացիր՝
Զոր ծովն ոտքիդ տակ նետեց վիհերէն:
Արշալոյսին դէմ խեփոր մը բացիր,
Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ՚հոյաշէն:
Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ՚հոյաշէն՝
Զոր ճակատիդ վրայ դըրիր ներդաշնակ:
Կը փայլէր իր մէջ մարգրիտ մ՚հոյաշէն
Վայրի կատուի մ՚աչքին հանգունակ:
Վայրի կատուի մ՚աչքին հանգունակ՝
Մարգրիտն ուղիիդ լոյս տըւաւ գիշերն:
Վայրի կատուի մ՚աչքին հանգունակ
Թովեց Աստղիկին բոլոր տատրակներն:

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԲԱՂԱՆԻՔ
Մորճագըմբեթ բաղնիքին ներքնադուռն հոյլ կը բացուի,
Եբենոս դուռն հաստաբեստ՝ որ կը ծեծուի միշտ թակով,
Եւ անընդհատ կը քըրտնի, կը ճըռընչէ ուժասպառ
Հուրիներուն ետեւէն՝ որոնք դանդաղ կը մըտնեն:
Բոլոր մերկ են ու չըքնաղ, – թեւերն իրենց ծալլեր են
Լանջքերնուն վրայ հոյաշէն՝ որոնց վրայ կը դիզուին
Կոյտերն իրենց ծիծերուն, պըտուկներով թըխագեղ:
Սատափազօծ սանդալներն յատակին վրայ կը հընչեն.
Սրտերնուն հեւքն աղուական, ձայներն իրենց քաղցրանոյշ
Բաղնիքէն ներս կը փոխուին անդընդասոյզ ղօղանջի.
Աստղերուն պէս՝ լողացող մառախուղին մէջ աղօտ՝
Իրենց աչքերը խոնաւ նըշողիւններ կ՚արձակեն,
Եւ գոլորշին, իր տամուկ շըղարշներով, կը պատէ
Մարմինն իրենց՝ որ պըտղիլ կը սկըսի ալ քրտինքով:
Հուրիները կը լոգնան. Պորտաքարին կիզանուտ
Ոմանք պառկած նըւաղկոտ նայուածքներով կ՚երազեն:
Լուսացընցուղ գըմբեթէն՝ արեւուն շողը ճերմակ
Ներս կը մաղուի՝ մարգարտեայ յորդ անձրեւի մը նըման.
Եւ ծփանուտ գոլորշին կը դառնայ ծով մ՚արծաթեայ,
Ուր լիւղ կու գան կարապներն Արեւելքի Հեշտանքին
Ըսպածանին՝ որ կըպած է զիստերնուն լոռի պէս,
Ալ կը նետուի. մարմինները կը փոխուին արձանի.
Եւ մազերնին, հիւս առ հիւս, ծովերու պէս կը քակեն,
Ուրկէ երբեմըն կ՚իյնան գոհարներու հատիկներ,
Օ, ծամերն այդ. ծամերն այդ, որոնցմով ալ կը ծփայ
Կարծես բաղնիքը ամբողջ. եւ պորտաքարը մարմար
Կը թըխանայ անոնց յորդ սեւափըրփուր ալիքով:
Գըլուխն իրենց կը սանտրեն ոսկեդրուագ սանտրերով
Երկար, երկար, մինչեւ ծայրն անծայրածիր մազերուն
Կ՚երթան իրենց մատուըները ծեքծեքուն ու դանդաղ
Միշտ լողալով կայծերուն մէջ մատնիի ադամանդ:
Անոնք երբեմըն կը զգան նըւաղումներ, ու երբեմն
Յանկարծակի կը սարսռան՝ երբ գմբեթէն կը կաթի
Ցուրտ ցօղ մ՚իրենց ծոծրակին հեշտագրգիռ փոսին մէջ:
Ահա հարիւր ծորակներն, ահա մարմար ծորակներն
Իրար ետեւ կը բացուին՝ աղմըկայոյզ կարկաջով.
Մոխիրի պէս գորշ շոգին կը բարձրանայ ծուփ առ ծուփ.
Դատարկ գուռերը բոլոր կենդանութիւն կը ստանան.
Ջուրը կ՚յորդի ամէն կողմ, ջուրը կ՚երգէ քաղցրահունչ.
Հուրիները կը լոգնան. Գուռերուն շուրջ հաւաքուած
Գանովայի Շընորհներ, կարծես իրար կը փարին,
Եւ կը խառնեն ծիծերնին, կը խառնեն ժիր թեւերնին
Եւ սըրունքնին պաղպաջուն, եւ պորտերնին կօշարայ՝
Ուրկէ մուշկի հատիկներ, տարրալուծուած, կը բուրեն:
Մարմարներուն վրայ նստած զիստերն իրենց կ՚ընդլայնին՝
Ու կը խըմեն հեշտութիւնն իրենց տակէն սահող ջրին:
Ոսկի թասերը ահա քարերուն վրայ կը հընչեն,
Տօսախ թասերն, որոնք մերթ սիրտերու պէս կը ճայթին՝
Այդ անպատում մերկութեանց ծառայելու ժամանակ:
Կը քըրքըրի կաւն ահա, ծոթրինաբոյր կաւը զով,
Ծաղկահիւթով զանգըւած՝ զոր մեր նախնիք կ՚ուտէին:
Մազերն անով կը ծեփուին, ու կը դառնան ապըրշում:
Լանջքերն անով կ՚օծանուին, ու կ՚ըլլան նման փրփուրի,
Անոր խիւսովը պաղուկ, եւ լըպըրծուն շաղախով
Կը զովանան հուրիներն, որովայննին կը յըղկեն
Գետի խիճին պէս ողորկ ու թաւշօրէն օծանուտ:
Կ՚եռան ջուրերը, կը լուան Կըրակներն այդ պաշտելի.
Կը փըրփըրին օճառներն՝ Մաքրութիւններն անգամ մ՚ալ
Իրենց մածան լոյսերուն մէջ մաքրելու ի խընդիր,
Ջուրն, որ ամէն կողմանէ, պորտաքարին շուրջն ի վար,
Կ՚հոսի կ՚երթայ՝ կոյուղին իսկ բուրումով լեցնելու,
Գորշ է կաւով ու կիրով, լեղի կիրով հերաթափ,
Եւ իր ուղխին հետ մէկտեղ մերթ կը գըլէ կը տանի
Թըխակուտակ թընճուկներ, անութներու գանգուրներ,
Եւ խըռիւներն աղուամազ այդ կիպերեան լուսեղէն
Արձաններուն կենեղուտ՝ որոնք այլեւս ուժաթափ
Կը լեցընեն հուսկ թասերն, թասերը հուսկ կը պարպեն.
Գուռերն հեղ մ՚ալ կը յորդին, բաղնիքն հեղ մ՚ալ կ՚աղմկի
Ջուրն եռեփուն կը վազէ, հեղ մ՚ալ կ՚լողան հուրիներն:
Կը բըռնըկի մորթերնին վարդի մը պէս բոցավառ.
Եւ նըւաղուն բիբերով, թասերն՝ իրենց գըլուխին,
Կուրծքերնուն վրայ միշտ գրկած դէզերն իրենց ծիծերուն՝
Այլեւըս դուրս կը փութան, շարան շարան, հեւասպառ,
Անգայտացած շոգիով, կակաչներու պէս բոսոր…
Օ, գանգուրներն յորդառատ՝ իրենց կուրծքին վրայ մերկ,
Օ, գանգուրները խըխում, կաթիլներով ծանրացած,
Որոնք բոբիկ ոտքերնուն՝ սատափ ցօղեր կը ծորեն…:
Ինչպէս պատմել ձեր օծումն, ինչպէս պատմել ձեր զարդերն՝
Երբ մարմիննիդ կը սըրբէք, եւ կուռքի պէս կը յագուիք…
Թող համբուրեմ մատերնիդ՝ զոր դուք այսօր կը թաթխէք
Հինաներու գուշին խորն՝ իբր արիւնոտ սըրտի մէջ,
Թող համբուրեմ մազերնիդ՝ կընդրուկներով օծանուտ՝
Որոնք, գիշերը, լուսնին տակ, կը բուրեն բարձին վրայ,
Եւ յօնքերնիդ ծարուրուած, ամպանըման թարթիչնիդ,
Եւ լանջքը ձեր՝ որ փաղփուն մանեակներով ոսկեշար
Ամուսնական անկողնին նըշողուն ջահը կ՚ըլլայ.
Թող համբուրեմ պորտը ձեր՝ ուր ծըրարած կը ծածկէք
Թէ Արաբիոյ հաշիշներն եւ թէ մուշկերն Ափրիկեան:
Ձեր տուներն այժըմ կ՚երթաք գոհարներով բեռնաւոր…
Թող սալարկները Քաղքին ձեր քայլերէն թարմանան…
Ցուրտը խածնէ թուշերնիդ, ու այտերնիդ բոսորէ:
Վարշամակէն ձեր տամուկ, քըղանցքներէն ծըփծըփուն
Արտաբուրէ եւ յորդի լոգանքին հոտը ծոթրին.
Եւ լեցընէ գըռեհներն, հըրապարակն եւ ուղին.
Աւելցած մասն այն հացին՝ զոր դուք բաղնիք կը տանիք,
Զոր թասին մէջ կը դընէք եւ կը ծածկէք ղենջակով,
Թող արձակէ բուրումն իր՝ տարաշխարհիկ համեմով,
Զի այն ատեն փողոցներն Արեւելեան Քաղաքին
Պիտի ըզգան թէ Մայիսն հետքերնուդ վրայ կը ծաղկի,
Եւ թարմացած մայթերէն Գարուն, Գարունը կ՚անցնի:

ԳՐԳԱՆՔ
Անոր որ պիտի գայ…
Ափը լճակին մենաւոր՝
Ուր տընակս իմ կախարդօրէն շիներ եմ՝
Ձեռն ի ծընօտ ըսպասեցի իր գալուն:
Նըռենիին տերեւներուն տակ բոսոր,
Նուռի մը պէս ճեղքըւած,
Սիրտըս, շիթ շիթ, արիւն թորեց ծունկերուս՝
Կարօտը սէրս արիւնեց.
Եւ ամիսներ բովանդակ
Եղնիկի պէս լացի գոհար արցունքներ
Ափը լճակին մենաւոր:
Ու վերջապէս ան եկաւ
Այգիներէն քաղցրաբոյր՝
Ուր ողկոյզներն, ըստինքներու պէս լեցուն,
Հողին վըրայ կը կախուին,
Մօր մը գըրկէն, որ իր մազերը խարտեաշ
Ամէն առտու, ճաճանչներու պէս, սանտրեց,
Շուշաններու պարտէզէն՝
Ուր տատրակներն Անմեղութիւնը կ՚երգեն՝
Ան վերջապէս ալ եկաւ:
Ով վարսագեղ հովւուհիս,
Որ աղբիւրին լոյսէն ծըլած խոտին մէջ,
– Գալու համար իմ սիրոյս –
Լըքեց անթիւ գառնուկներն իր մոլորուն.
Եւ զարնելով փարախին դրան քարին վրայ
Խորտակեց սրինգը տօսախ
Խենթի մը պէս կողկողագին ողբալէն,
Ով վարսագեղ հովւուհիս:
Երբ ներս մըտաւ իմ շեմէս,
Ձիւն կարապներս օձաճապուկ վիզերնին
Կարկառեցին դէպ անոր,
Դէպ մարմարէ իր ոտքերուն համբոյրին:
Եւ շունս հըլու, փորին վըրայ սողալով,
Եկաւ լիզել կրունկներն անոր ադամանդ.
Ժըպիտներով աչքերը լի, վիթի պէս,
Ան ներս մըտաւ իմ շեմէս:
Տնակըս բոյրով լեցուեցաւ,
Զի ծոթրիններ ծորեցան
Պատմուճանին քըղանցքէն,
Զի արեւով օծուած ոսկի մազերէն
Բուրեան մեղրեր ծորեցան.
Եւ բիբերէն՝ մարգրիտներու պէս փաղփուն՝
Թափթըփեցան ասուպներ.
Տնակըս լոյսով լեցուեցաւ:
Մեզ գըրգարան շինեցի.
Գարնան բոլոր վարդերը գոգ գոգ բերած՝
Յարդարեցի մեր անկողինն հիմենի.
Նունուֆարներն՝ որոնց ծղօտները կակուղ
Հոտող սուրիս ներքեւ արիւն ծորեցին՝
Մեր գըլխուն տակ բարձ եղան.
Ծաղիկներովն հողին եւ ջինջ ջուրերուն,
Աղուամազով տատրակներու դունչերուն
Մեզ գըրգարան շինեցի:
Վարդերուն վրայ փըրփրեցաւ
Իր մերկութիւնն երեք անգամ կաթնային,
Հընդկաստանի իւղերով
Լոյսերու պէս օծեցի շէկ վարսերն իր.
Եւ ծալերուն մէջ մարմինին՝ իմ բոլոր
Խընկամաններըս քըրմօրէն պարպեցի:
Ան, առաջին համբոյրիս տակ խըռոված,
Օշնանի պէս պըղպըջուն
Վարդերուն վրայ փըրփրեցաւ:
Ու քընացաւ կուրծքիս վրայ…
Օ, մատերս իմ՝ որ ժամերով լողացին
Մազերուն մէջ յորդառատ.
Օ, բերանս իմ՝ որ բերնին վրայ ըզգըլխիչ՝
Խըմեց սափորն իր սըրտին:
Իրար հիւսուած, մենք բաղեղներ խանդակաթ,
Ծաղիկներուն միջեւ հեղ մ՚ալ ծաղկեցանք:
Ան քընացաւ կուրծքիս վրայ…
Կարապներն ալ թուխս նըստան.
Եղէգնուտին մէջ քամին մեղմ նըւագեց
Ծըլարձակման մեծ օրէնքները Գարնան.
Նունուֆարի յօտուած ծղօտները դարձեալ
Ջուրին մէջէն արձակեցին փթիթներ:
Մերին սիրտերն ունկընդիր
Իրարու մեղմ տըրոփիւնին՝ նընջեցին.
Եւ լիճին խորն, աստղերուն վրայ թեւամփոփ,
Կարապներն ալ թուխս նըստան:

…ՈՎ ԼԱԼԱԳԷ
Կը յիշես, ով Լալագէ.
Ես քեզի հետ, ծանր ամիսին յըղութեանդ,
Այգիիս մէջ ման եկայ
Պըտղաբերձ օր մը աշնան:
Մայրամուտին շողերուն տակ դալկահար
Ծառերն էին ոսկեձոյլ:
Եւ ողկոյզներն աչքերու պէս հըրեղէն
Քաղցրութիւններ կը ծորէին հողին վրայ:
Օ, իմ այգիս, օ, իմ այգիս կութքի մէջ…
Հարիւրաւոր ժիր գերիներըս հըլու՝
Երկայնքն ի վեր ցանկերուն՝
Կը կըթէին սարբինան.
Եւ կողովներն հիւսուած էին հրաշագեղ
Մայրամուտի ոսկէառէջ նշոյլներով…
Անապատի անծանօթ երգ մը՝ շուրթին,
Եթովպուհին խընձորենին կը թոթուէր
Ծիծերն ի վար, գոգին մէջ:
Հոն, տըղաներ խառնածին՝
Կանանչացած, լեղակէ թուխ ձեռքերով՝
Կը ժողուէին ընկոյզներ:
Անդին բլուրէն վար, դէպ Քաղաքը, ճռընչուն,
Մեծղի եզներ, որոնց եղջիւրն այգեպանն
Որթատունկի սաղարթներով է պսակեր,
Կը քաշէին սայլերն ամբողջ բեռնաբարձ
Ողկոյզներու դէզերով
Եւալիքով գինիի:
Եւ փարչին մէջ, աղբիւրներուն վրայ բոլոր
Տերեւներ լիւղ, տերեւներ լիւղ կու գային…
Արդ յիշեցիր դուն այն օրն, ով Լալագէ,
Ակօսներուն եւ կողերուդ ընդմէջէն,
Այն ծանր ամիսն յղութեանդ,
Կ՚անցնէր ալիքն հողին յորդող ոյժերուն:
Արեգակի արիւնին նուռն էր՝ ծոցիդ
Մէջ հասունցած: Բուներն ի վար ծառերուն
Կը ծորէին շիթ առ շիթ
Յոյզերը՝ նման արցունքի:
Քու համբուրուած մարմինիդ պէս ծանրակիր
Հողն էր թըրջուած, էր կպչուն
Քաղցուներով եւ մեղրով:
Անուշաբոյր իր բեռին տակ կը կըքէր
Դեղձենին քեզ նըմանակ,
Քու ծիծերուդ նըմանակ
Ողկոյզներն այն լեցուն էին՝ ապագայ
Ծիծաղներով, ցընծութիւնով եւ կայթով:
Ու իրիկունն այն՝ կ՚ուռէր կուրծքը հողին…
Հընձաններուն քովէն անցանք մենք դիւթուած
Խազմուզին բարկ բուրումէն:
Գերուհիներ, պարեգօտնին հանգրըճած
Մինչեւ իրենց պորտին տակ,
Կը կոխէին խաղողն ատոք՝ թըրջելով
Մինչեւ իրենց պորտին տակն, ով Լալագէ:
Վայրածըփիկ մազերնուն ծայրը համակ
Կը ներկըւէր բոսորագեղ յոյզին մէջ
Եւ քովն իրենց՝ հընաբոյր լայն կարասներ
Նուիրագործուած ամէն տարի, ծոցիդ պէս,
Լեցուն էին գինիներով – ծոցիդ պէս –
Լեցուն շողով, յաղթանակով բերկրանքով,
Յաւէրժական կեանքերով:
Հետըդ անցանք ծիծաղներու, երգերու
Մէջէն առոյգ, զոր աշխատող հոգիներ
Կը պոռթկային տերեւներուն ներքեւէն.
Ու բուրումներն աշունին
Կը հասնէին մինչեւ աստղերն արծարծուն.
Ու այգին, լի պըտուղներով բազմազան,
Կարծես կ՚այրէր, կը ծաւալէր խունկ մ՚անոյշ
Վարը, մինչեւ Քաղաքին վրայ հեթանոս,
Քաղաքին վրայ որ միշտ, տօնի խրախի մէջ,
Կը սպառէր հողն ու աւիշները հողին:
Այն ատեն (թոյլ կու տաս ինձ
Խոստովանիլ, Լալագէ)
Ես ունեցայ ընդվըզումներ արիւնի:
Ու ցանկացայ արեգակին, հողին պէս
Ուռճացընել ինձ մերձեցող ամէն հունտ.
Ու – թոյլ տուր ինձ խոստովանիլ, Լալագէ –
Երբ դուն անդին՝ կարկառուն նուռը ծառէն
Կը քաղէիր, ու յետոյ
Կը խածնէիր լիաբերան հեշտանքով
Անոր բոսոր մարգրիտներուն շարքն անոյշ՝
Ես ասդին թուխ Եթովպուհին – որ ջլեբաց՝
Հընձանին մէջ կը ճըմլէր կուզն –
Համբուրեցի… բըռնած հընդիկ ծամերէն
Պառկեցուցի ժըպտագին գլուխը կուրծքիս,
Եւ հեշտաբուռըն շըրթներով, Լալագէ,
Համբուրեցի…
Բայց դուն ինչու կ՚արտասուես:
Այն հեռաւոր աշունին
Բուրումներուն մատնըչութեանը համար,
Ով աշնագեղ Լալագէ,
Արտասուել, չարժէր այսօր:

«ՕՐՀՆԵԱԼ ԵՍ ԴՈՒ Ի ԿԱՆԱՅՍ…»
Մարիամ, այս անկողնին վրայ երբ նըստիս
Ու ես առջեւըդ, գորգին վրայ ծընրադիր,
Համբուրեմ խաժ երակներն
Այդ ձեռքերուդ՝ որոնցմէ լոյս կը ծորի,
Մարիամ, տաք շըրթունքներուս տակ կը զգամ
Էակ մ՚որ, լուռ, արիւնդ ումպ ումպ կը խըմէ,
Այն գիշերէն՝ երբ մազերդ այդ բարձին վրայ
Անփութօրէն լեցուցած՝
Ծոցդ հաճոյքին բացիր, եւ բուռն հաճոյքէն
Քըրտինք մ՚առատ քունքերէդ ի վար հոսեցաւ,
Եւ կուսութիւնըդ մեռաւ
Արգանդիդ մէջ եւ աչքերուդ երկնաթոյր,
Այն գիշերէն՝ թարթիչներէն կոպերուդ
Մեղըր ծորեց, դուն եղար
Հեզահամբոյր, լըռակեաց,
Ձիւնափետուր դուն աղաւնեակը եղար՝
Որ արեւուն տակ կըծկըւած՝ կ՚երազէ
Բոյնին վըրայ շինուելիք…
Կը դիտեմ, արդ, քաղցրիկ հիւծումը դէմքիդ
Եւ բաց շապկիդ մէջէն ծիծերդ՝ որոնց մէջ
Կը բաժնըւի կեանքդ եւ դուն
Բաժնըւելով մայր կ՚ըլլաս:
Մէն մի զարկին մէջ երակիդ՝ ես կը զգամ
Տրոփիւնը նոյն իմ սըրտիս
Եւ բողբոջումը արիւնիս ծաղիկին՝
Որուն բուրումը կ՚արբեցնէ զիս եւ քեզ
Եւ սէրն է մեր երկուքին:
…Օրհնեալ ըլլաս, Մարիամ,
Դուն որ անհուն գորովով
Կողերդ ինծի կու տաս, եւ ոսկրըդ՝ ուրիշ
Ոսկրի մ՚համար կը քամես,
Դուն՝ որ կ՚ըլլաս ամենէն
Մաքուր ակօսն՝ ակօսներէն բեղնաւոր,
Ու ամենէն չըքնաղ թաղարը՝ բոլոր
Թաղարներէն շուշանի՝
Օրհնեալ ըլլաս յաւիտեան:
Դուն՝ որ, ըզգօն, կը կըրես
– Խեփորին մէջ ինչպէս մարգրիտ մը ազնիւ –
Աստուածատիպ Մարդը խորն այդ արգանդիդ՝
Օրհնեալ ըլլաս, Մարիամ…

ՀԻՆ ՍԷՐ
Մամ ու ծերուկ, երկու թարշամ հոգիներ,
Եկան նըստիլ շուքին ներքեւ ծիրանւոյն՝
Որուն քընքոյշ ծաղիկներն էին զարդարեր
Օր մը գըլուխը հանւոյն:
Անոնք սաստիկ կը դողդոջեն՝ իբր ըլլան
Սիրահարներ յանկարծ իրար հանդիպած.
Բայց քովերնին՝ ցուպերն իրենց լոկ կը մնան
Խոտին վըրայ՝ գըրկըւած:
Չունին այլեւս հըրդեհումներն արիւնին.
Անոնց հոգին համբոյրի երգը չունի.
Ոչ ալ յոգնած կողերնուն մէջ կը ծաղկին
Սերմերը՝ նման շուշանի:
Պապուն նայուածքն աչուըներուն մէջ մամուն
Կը նուաղի՝ չըթափանցած դեռ սըրտին.
Եւ կը մըսի գաղջ ճառագայթն արեւուն
Անոնց ծոցին մէջ ցըրտին:
Եթէ փորձեն իսկ տարփանքի փորձ մ՚անմեղ
Գարնան դըրդիչ բուրումներէն սըրարբած՝
Կը փըշրի սիրտն՝ իբրեւ բաժակ մը բիւրեղ
Յանկարծ կրակին դէմ ճաթած:
Վարդերն անցան, անցան բոցերն այտերէ.
Սէրն անոնց կայծ մ՚է մոխիրին մէջ թաղուած՝
Զոր յիշատակն իր շունչով իսկ կը մարէ
Վայրկեան մ՚հազիւ արծարծած:
Ու հիմակ այս գարնանային իրիկունն՝
Երբ կը բուրեն կինամոնները բըլրան՝
Կ՚իյնայ անոնց միտքը հին սէրն յանկարծոյն՝
Հին աղօթքի մը նման:
Եւ կը յիշեն, շուքին տակ նոյն ծիրանւոյն,
Մեռած գըգուանքն, իրենց տարփանքը հեշտին,
Յետոյ համբոյրն ու յետոյ ճիչը մամուն՝
Եւ իրարու կը ժըպտին…

ՎԵՆԵՏԻԿ
Ծաւի Վենետիկ, փառապանծ Տիկին,
Զոր Իտալիան գինիով սընոյց,
Եւ Արեւելքն իր զարդերով անգին,
Պըճնեց վեհ ճակատդ ու ոտքերըդ լոյծ:
Ադրիականին բամբիշն ես յաւէտ,
Զարդարուած՝ ջուրէ ժապաւէններով,
Լիտոյի արեւն, ելլելով ծոցէդ,
Թագ կ՚ըլլայ գըլխուդ եւ կ՚ընկըղմի ծով:
Կը հեղու երկինքն, իբրեւ սիրահար,
Աստղեր գըրկիդ մէջ, աստղեր մազերուդ,
Ծովն առջեւդ սըփռեր է գորգ ու գոհար.
Զոյգ կապոյտի մէջ Երազ մ՚ես կապոյտ:
Կըռթնած՝ բարձերուն վըրայ փըրփուրէ՝
Որքան թովիչ ես, երգն ալքերուն լուրթ
Երբ որ կ՚ունկընդրես, ով Քաղաք ջուրէ,
Ով Լափիւրինթոս քայլերու պանդուխտ:
Ունիս ճամբաներ նեղ ու օձհոլով,
Կէսը սալաքար, եւ կէսը ալիք.
Հոն կըրնանք, ընկերս ու ես, խօսելով
Երթալ, ես՝ ոտքով, նաւակի մէջ՝ ինք:
Անիւն անոնց մէջ ակօս տողած չէ.
Եւ ոչ ալ պայտն հուր կայծեր սերմանած.
Ձըկնորսին սանդալն հըզօր կը հընչէ
Հոն, ուր ճեմեց Տոժն օր մը սիգընթաց:
Անթիւ կըղզիներ, շէնքեր վըրանին,
Կոր կամուրջներով են շըղթայարկուած:
Կարծես կուզ ուղտերն են կարաւանին՝
Անապատին մէջ ժայռերու փոխուած:
Կը լուայ ջուրն հիմը տուներուն գէջ՝
Փոշի առ փոշի ծեփը լիզելով,
Երկու կըղմինտրի անջրպետին մէջ
Կ՚ածէ սլականջն իր ձուերն ալեխռով:
Պատուհաններուն տակ ջրանցներ շափիւղայ
Հայլի են կարծես՝ զոր ծովն է յըղեր,
Ուր աստղերուն մէջ, լուսնին քով, կըրնայ
Վենետկուհին իր դէմքը զետեղել:
Որմերուն ըստուերն հեւհեւ կը նազի
Ալիքներուն վրայ, ալիքն՝ որմերու:
Տունը ջուրին մէջ նորէն կը սկըսի,
Միշտ քայքայուելով՝ առանց փըլչելու
Դըռներուն խոնաւ շեմը կոնտոլ մ՚է.
Անզոյգ Քաղաքին անզոյգ կարկուրայ,
Որ գիշերուան մէջ՝ ճակտին կը կըրէ,
Միակ աչք մ՚հրեղէն, փայտէ կիկլոպայ,
Որ լորտուի պէս սեւ, սողագընաց,
Կամուրջներուն տակ կը սահի կ՚անցնի,
Ինչպէս զըղջումին տակ մեղքն ամօթխած…
Այս տարբերութեամբ՝ որ մեղքն աչք չունի:
Ահա Մեծ–Ջըրանցդ, ով Քաղաք – դըշխոդ,
Որ կոր երիզով քեզ կը պարուրէ,
Իբր Ադրիականն իր թեւը կապոյտ
Վիզըդ անցընէր՝ որ թուշդ համբուրէ:
Սուրբ Մարկոսն ահա, թանգարան անհուն
Գեղարուեստներու, բրածոյ սուրբերու.
Անոր կից պալատն ահա Տոժերուն.
Խորանը գահէն քայլ մըն է հեռու:
Ահա Փիոմպիններն՝ որոնց տակ յաւէտ
Այսօր կը մընչեն տատրակներ հըլու.
Երնեկ քեզ անկմանդ մէջ իսկ, ով Վենետ.
Բանտերդ են փոխուած թըռչնոյ բոյներու:
Եւ այլ տաճարներ, այլ ապարանքներ,
Կոթողներ կրօնքիդ, հանճարիդ հըսկայ.
Ալիքներ անոնց առջեւ կ՚երգեն դեռ
Փառքդ անցեալ՝ գըրուած ծովերուն վրայ:
Ու Հառաչանքի կամուրջն աւասիկ,
Կամուրջն՝ որուն վրայ, իրիկնադէմին,
Երգը լըսեցի ջուրերուն հեզիկ՝
Երբ կու գար աչքերս համբուրել քամին:
Կանգնած՝ արեւուն առջեւ մայրամուտ՝
Սերտեցի գոյներ, շողեր մեղմընթաց.
Քու երկընքիդ մէջ եւ քու ջուրերուդ՝
Հոգիս նըկարչի վըրձին մ՚էր գըտած:
Որքան ալիքներ, ալիքներ լաժվարդ,
Ալիքներ նարինջ, յակինթ ալիքներ…
Ով Վենետիկդ իմ, Լըճակըդ զըւարթ
Թիցիանոյի երանգապնակն էր:
Պիտի քընարս իմ քեզ յիշէ յաւէտ,
Քու փառքըդ մուրճի, փառքըդ վըրձինի.
Պիտի յիշէ եւ խուցն այն տըխրաւէտ
Կանանչ ջրանցին վրայ սուրբ Գարմինիի:
Իր պատուհանին ձողերուն առջեւ
Էր՝ որ ես լացի, նայելով լուսնին,
Կամքըս բանտարկուած: Հոն սիրտս հեւիհեւ
Ըմպեց հեռացող երգը ձըկնորսին:
Դարձեալ անկից էր՝ որ ես առջի հեղ
Տեսայ Լինտան, կոյսն ատամներով բրինձ,
Որ նըստած իր հօր նաւակին մէջտեղ՝
Կը հիւսէր ուռկան մ՚ու կը ժըպտէր ինձ…

ԱՌԱՋԻՆ ՄԵՂՔԸ
Ձորերուն մէջ, սարերուն վրայ կ՚արածէր
Ան ամէն օր ուլն իր կապոյտ աչքերով.
Ոտքերը մերկ էին եւ միշտ ալ վըստահ
Մէն մի քայլին՝ շուշանի վրայ կոխելու:
Ճերմակ կրծքին մերկութեան վրայ վիժանուտ
Ոսկի հերքէն կը ծորէին ծոթրիններ.
Ոչ մըրտենին եւ յասմիկները գըլխուն
Կը թօշնէին, ոչ ալ վարդերն այտերուն.
Ան միշտ կ՚երգէր, ու երգն իր
Կը ծիծաղէր սըրտին մէջ,
Իր ըզգեստիկը կապոյտ
Երկընքի մէկ ջինջ կըտորէն էր ձեւուած.
Եւ հովուական իր ցուպն էր օձ մը բրածոյ՝
Քարացած օձ՝ որ իր մաքուր ձեռքին մէջ
Դեղձիի ճիւղ մը եղաւ:
Երբ վըտակին եզերքէն
Ան կը քըշէր ուլն իր կապոյտ աչքերով՝
Ծառերուն մէջ՝ գաղտագողի՝ լուսընկան
Իր ետեւէն կը քալէր.
Եւ լուսընկան տարփատենչ բիբն էր գուցէ
Եհովային, կոյսերու հին Սիրահար:
Բայց իրիկուն մ՚ան հովտէն ձայն մը լըսեց՝
Որ զինքը, վարն, աղբիւրին քով կը կանչէր.
Երգ մ՚էր կարծես, այնքան աղուոր եւ դիւթիչ՝
Որուն իր ուլը ճերմակ
Վիզը տընկած, խոտը բերանն, ունկընդրեց.
Նոր երգ մ՚էր ան՝ որ կ՚ըսէր.
«Ճերմակ աղջիկ, ճերմակ աղջիկ, վար եկուր,
Եւ աղբիւրին քով ուլդ ինծի զոհ ըրէ:
Թըզենիին շուքին տակ,
Ճերմակ աղջիկ, ճերմակ ուլդ ինձ զոհ ըրէ:
Այս լեռներուն ես Ոգին եմ լիազօր.
Իմ շունչիս տակ՝ թէ ուզեմ ՝
Գետերն արծաթ կը հոսեն
Եւ հեղեղները՝ ոսկի.
Հասած տեղն իմ համբոյրիս
Կ՚անցնի սարսուռն՝ որ բաղձանքն է ծնունդին.
Իմ գըրկիս մէջ շուշաններ վարդ կը դառնան.
Եւ կոյսերն ալ՝ թագուհի:
Ես քու զոհիդ արիւնէն
Դաշտերն ամբողջ ծաղիկներով կը լեցնեմ,
Եւ ուլիդ տեղ թիթեռնիկներ կ՚արածես.
Ճերմակ աղջիկ, ճերմակ աղջիկ, վար եկուր»:
Ան լսեց այս ձայնը, երկար ու երկար,
Որ կարծես իր արիւնին մէջ կը խօսէր.
Լըսեց ու լուռ, աստղերուն տակ հառաչեց:
Յետոյ դիւթուած՝ ցուպն առաւ
Ու քըշեց ուլը ճերմակ՝
Բըլուրէն վար՝ դէպի հովիտն հեշտաբոյր:
Հոս է աղբիւրն, հոս թըզենին, եւ կը զգաս
Արու Ոգին՝ որ ծոթրինի եւ թիւմի
Ըզգըլխիչ հոծ բոյրերով
Գըրկեր է քեզ: Զոհդ ըրէ:
Ջինջ ու ողորկ քարերուն վրայ աղբիւրին՝
Ծունկին վերեւ ան պառկեցուց ուլն՝ որուն
Փոքրիկ եղջիւրն աւազին մէջ խըրեցաւ:
Ոհ, ինչ արբշիռ էր պահն ու որքան անոյշ.
Ան կը հաւտար թէ զոհելէն վերջը դեռ
Պիտի ուլն իր ողջ մընայ,
Պիտի մարգին մէջ պապաչէ եւ ոստնու:
Ան՝ մահն ինչ էր՝ կ՚անգիտանար, ու երգեց.
Երգեց բնութեան ներշնչման տակ մէկն այն մեծ
Հաճոյքներէն՝ զոր կու տայ
Զոհագործումը անձին.
Երգեց գարունն հասակին,
Դաշնակութիւնն իր էութեան, եւ առանց
Ուլին կապոյտ աչքերուն
Աղիողորմ նայիլն իրեն՝ տեսնելու,
Դրաւ դանակն անբիծ վըզին, եւ արբշիռ,
Երգը շուրթին՝ զայն հեշտանքով մը զոհեց,
Ծունկին վըրայ այն մոլորիչ Ոգիին՝
Ճերմակ աղջիկն իր ճերմակ ուլը զոհեց:
Բայց իր զոհէն նոր ծաղիկներ չըբուսան,
Եւ ինք չեղաւ թիթեռներու հովւուհի.
Պըղտորեցաւ աղբիւրն ուլին արիւնէն՝
Ուր ջուրին հետ պիտի ան ալ չըկըրնար
Խըմել աստղերը ցոլացիկ երկընքին.
Խոտերուն մէջ ցուպն հագաւ
Իր նախկին բնոյթը օձի.
Լուսինն իջաւ լեռնէն վար,
Եւ ինք մութին մէջ, սարսռուն,
Բոպիկ ոտքով մեռած ուլին քով կանգնած՝
Լացաւ, լացաւ, եւ արիւնլուայ ձեռքերով
Իր թաց աչքերը շըփեց,
Մինչ գըլխուն վրայ կը թօշնէին յասմիկներն,
Հրապուրուած կոյսն իր անուշ Մեղքը լացաւ:

ԱՆԱՀԻՏ
Խոտին մէջ է թաղուած բագինդ: Չեն ծըխար
Խունկերն անոյշ, զոհն այնտեղ չի արիւնիր:
Կու գայ լոկ բոյր մը համպար
Խորխի՝ զոր հոն թողեր է օձ մը կարմիր:
Հոն կը նըստիմ, խոնջ ուղեւոր: Ձիս կ՚արծի,
Եւ Վահագնի զամբկին կարծես հոտն առած՝
Կըտղուցէն խօլ կը խանձի:
Բայց արեւէն մեզ չի գար ոչ մէկ աստուած:
Անհետացան անդարձ խորերն անտառին
Քուրմերը լայն թեզանիքով: Չի երգեր
Ծիծերըդ՝ վինը Վրոյրին:
Բագինիդ շուրջ կը հեծկըլտան եղէգներ:
Չես հանգըրճեր պատմուճանդ ալ, ոչ մէկ վիթ
Նիզակահար՝ կը ներկէ ծունկդ արիւնով:
Թանգարանին մէջ անդրիդ
Կը տաղտկանայ, եւ չի պսակուիր գարունով:
Բայց դուն կ՚ապրիս, պիտի ապրիս յաւիտեան,
Ոչ երկրիս վրայ. երկինքին մէջ, Անահիտ:
Ահա կ՚ծագի լուսընկան,
Եւ կը ծագիս դարձեալ՝ մահիկը ճակտիդ:
Քեզ կը տեսնեմ աստղերուն մօտ: Ծիծերէդ
Լոյս կը հոսի աղբիւրին մէջ՝ ուրկէ խմող
Եղնիկին դունչը նամէտ
Եւ եղջոյրները կ՚օծանուին ոսկեշող:
Վար կը նայիս. օրիորդները վարար
Կը զգաստանան. գինիին տաշտը կ՚իյնայ
Բագոսուհւոյն ուսէն վար:
Կ՚աղօթէ կոյսը ծընրադիր մահճին վրայ:
Կապարճդ ուսիդ, լարած աղեղըդ լայնշի՝
Կը վարես սայլը լուսնակին լըռելեայն…
Կեանքն անտառին կը շարժի.
Ձեռքիդ ջահէն վախցած՝ գայլերը կ՚ոռնան:
Կ՚երազէ դաշտն. ու կոկոնները վարդին,
Փըքիններուդ խայթին ներքեւ, մի առ մի,
Բերանիդ պէս կը բացուին:
Կ՚եռայ աւիշն այգիին մէջ վաղեմի:
Կ՚հոսես ծիծերդ, կ՚անցնիս կ՚երթաս, բայց մարդիկ
Չեն պաշտեր քեզ. տարըր մը սոսկ կ՚ընդունին:
Քանդած են հովն ու ալիք
Մեհեանըդ իսկ Քերսոնէսի ափունքին:
Միայն, գիշերն, որսական շունըդ լըքուած
Կը տեսնէ վերն անցքըդ, մահիկը ճակտիդ,
Ու բագինիդ վրայ նըստած՝
Կը նայի քեզ եւ կու լայ, ո Անահիտ:

ԱԿԱՆՋՆԵՐՈՒՆ
Մարգարտածոց ականջներ, գանգուրներուն տակ սիրուն,
Ամենանուրբ մասն էք դուք իր նըրբագեղ մարմինին.
Լոկ դուք կըրնաք հաղորդել երգը քնարիս լարերուն
Իր ըսքօղուած հոգիին:
Թիթեռնիկի կը նմանիք, թէ ծովամոյն խեփորի՝
Որ խըմած է բուստին լոյսն եւ նըւագներն անդունդին.
Այնքան փոքրիկ էք՝ որ տղեկ մ՚իր ափին մէջ աղածրի
Պիտ' ամփոփէ ձեզ դիւրին:
Ով բաւիղներ նըրբակերտ, ով ոլորտներ վարդագոյն՝
Որոնց մէջէն, չեչքարէ մը վար թորող ջուրին նման,
Բոլոր ձայներն աշխարհի կ՚հասնին մինչեւ իր հոգւոյն
Եւ խորհուրդներ կը դառնան:
Ուշիմօրէն կ՚ամփոփէք ձեր ձագարին մէջ բիւրեղ
Անծանօթ խօսքը բոլոր դաշնակաւոր իրերուն,
Հեռաւոր երգն աստղերուն, որ անհունին մէջ լուսեղ
Կը ծովանայ փոփողուն:
Երբ ձեր քունքին առընթեր բռնեմ ճըրագս ադամանդ
Աղաւնեակի մը կարմիր սըրտին նըման բաբախուն,
Թափանցկութեամբ մը վճիտ կը բըռընկի ձեր թաղանդ
Կակաչի պէս հըմայուն:
Սըրտիս վըրայ, ականջներ, խոնարհեցէք սըրտիս վրայ.
Դեռ չերգըւած կոյս երգեր հոն կը բզզան անհամբեր՝
Ինչպէս քընքոյշ եւ խըլրտուն բըժոժներուն մէջ ոսկեայ
Լուսակարօտ թիթեռներ:
Եւ թողէք, գողտր ականջներ, ձեզ համբուրեմ զգայնոտ,
Տամուկ լեզուովըս հըպիմ խորշերը ձեր սատափեայ,
Որ ան սարսռայ անպատում հեշտանքներով ջըղայնոտ՝
Քընարիս պէս դիւրազգայ:
Թոյլ տըւէք ձեզ ողբերգեմ՝ Գեղեցկութեան դաշոյնին
Բիւր հարուածներն հոգւոյս մէջ, եւ զոյգ մ՚արցունք աչքերէս
Տըրտմօրէն վար կախեմ ձեր բըլթակներէն փափկագին՝
Իբրեւ օղեր՝ ընծայ ձեզ:

ՍԱԴՈՒՌՆԱԿԱՆ
Այս իրիկուն նորէն Քաղաքն հեշտանքի,
Ծովափին վրայ, գոհարազարդ բոզի պէս,
Անթիւ ջահերն իր կը վառէ: Երբ տակաւ
Հըռընդիւնները սըղոցին կը լըռեն,
Եւ սալին վրայ մուրճերն ալ չեն կայծկըլտար:
Ան՝ խորտակուած սափորէն յանկարծ թափուող
Հին գինիի մը նըման՝
Կը փըրփըրի, կը պըղպըջայ իր կարմիր
Կիրքերուն մէջ: Երեկոյեան խորշակով
Բըլուրներէն այգեւէտ
Հոտ մ՚ողկոյզի փողոցներն յորդ կը լեցնէ,
Ու կըծու աղը ծովուն
Կու գայ ռունգերը գըրգըռել կըտղուցի.
Այն ժամանակ մեհեաններէն դուրս կ՚ելլեն
Քըրմուհիներ սադուռնական տօներուն.
Կ՚անցնին կիներ՝ վարդ դըրած
Իրենց քունքին ու գօտիին վրայ արծաթ.
Կ՚անցնին մարդիկ, նըւագներով ու պարով.
Պոռնիկ մ՚յանկարծ, անոնց մէջ,
Կ՚արձակէ հերքն իր կըրուկները մինչեւ,
Եւ լողալով գանգուրներուն ծովին մէջ,
Կը ծիծաղի, կը ծիծաղի խելայեղ
Երեսն ի վեր քարձ կաւատի մը հարբած:
Քաղքին պատերն ամբարիշտ
Կարմրաշառայլ լոյսով մ՚ամբողջ ծեփուած են.
Եւ նըռնենին, լապտերներով պաճուճուած,
Պատըշգամին տակ կը ծաղկի հեշտօրօր:
Սալարկներէն վար գինիներ կը հոսին.
Տան շեմերն են թըրջըւած
Մամացներով ու մաղձով
Դուռներէն վար կը կախուին
Հոմանիի դրասանգներ.
Եւ գիշերուան լոգարանները բոլոր
Կը քըրտընին գըմբեթներովը իրենց՝
Որոնց ներքեւ կը թալկանայ հեշտութիւնն
Ու կը զեղուն կոշարաները զըմուռս.
Ամփիթատրին մէջ, փըրփրած,
Կ՚հոսի արիւնն, ու մեհեանին մէջ ծածուկ
Կը յօշոտուի յազածոն.
Բոզնոցներուն դրան առջեւ՝
Որոնց պագշոտ ծերպերէն
Թըխակարմիր շառայլներ դուրս կը նշողին՝
Կիներ պառկած՝ կ՚ունկընդրեն
Փողոցներէն անցնող ձայները դափին,
Ու տըռփագին ու զոշաքաղ ակնարկով
Կը խայտացնեն պորտերնին…
Բոլոր, բոլորը կ՚ընեն
Սադուռնական գինարբուքները՝ մինչեւ
Արշալոյսին ծագիլն արեան քօղերէն:
Պալատներուն մէջ՝ խըրախ,
Պողոտային վրայ՝ շուրջպար,
Եւ մըթընշաղ անկիւններուն մէջ, աւաղ,
Ումպէտ հոսումն ուղխօրէն
Առնական գաղջ սերմերուն:
Գերիներ, մերկ, ներբաններնին այրելով,
Հըրաբորբոք կուպրին վըրայ մայթերուն՝
Կը հայթայթեն, վազն ի վազ,
Խեժն այդ փըրփրած հըրդեհին.
Ոմանք ըշտապ կը տանին
Համադամներ, ոմանք գինի՝ փարչերով.
Խառնածին մ՚իր գոգին մէջ
Ծաղկի պսակները դիզած՝
Կ՚երթայ արբշիռ ճակատներն իր տէրերուն
Արտախուրել բաղեղներով, վարդերով.
Եւ Պահլագուն մը յուժկու՝
Կոյս մը շալկած մազերէն՝
Պատրիկներու ոսկեճամուկ սեղանին
Կը տանի զոհ մը իբրեւ…
Գինի, ռետին ու տըռփանք
Քաղաքին վրայ, կը պանծացուին տաւիղով.
Քաղաքին վրայ, որ նըստած
Ափը ծովուն, գոհարազարդ բոզի պէս,
Կը պըճնէ ծոցն իր՝ ջահերով անհամար.
Եւ Քաղաքին վըրայ ուր ես դուն, էրոս.
Խայթն էր ոսկի փըքինիդ
Որ շաղաշոյտ այդ ժողովուրդը կըտղեց…
Ոչ, ոչ, էրոս. տատրակի պէս տարագիր
Այդ Ոստանէն խոյս տըւիր:
Աստուածներու կըղզիին մէջ՝ այժըմ դուն
Լուսընկային հետ, քնքշօրէն կը հըսկես
Սոխակներու բոյնին վրայ:

ԳԻՆԱՐԲՈՒՔԷՆ ՎԵՐՋ
Նկարիչ բարեկամիս՝ Արսէն Մարկոսեանին
Սըրահն է լուռ: Կոչնականներն հեռացան:
Ջահերն ոսկի դեռ կը վառին մոլեգնած,
Եւ կը հեղուն, սեղաններուն վրայ անձայն,
Արիւնն իրենց երակներուն բորբոքած:
Վինը լըռեց: Կը թափառի նըւաղուն
Երգն իր վերջին՝ զոր հարբած սիրտը չըմպեց:
Անոնց բերնին վըրայ եւ ցոփ աչքերուն
Կը սըփռէ քունն իր չըղջիկի թեւը մեծ:
Սեղանին վրայ է ամէն ինչ ցիրուցան:
Սափորին մէջ կ՚երազէ մաս մը գինի:
Նուռ մը լըքուած, ակռաներու վէրքեր վրան,
Ջահերուն տակ, ջահերուն հետ կ՚արիւնի:
Եւ կը փըշրի բաժակ մ՚յանկարծ, հեծելով
Լըռութեան մէջ: Զայն ճեղքած էր նախապէս
Կին մը արբշիռ՝ երբ կը ներկէր կըտղանքով,
Գինիին խորն, ատամներն իր, բուստի պէս:
Ծաղկամանին մէջ կը թոռմին հիրիկներ՝
Որոնց բոյրով գուսանն եղաւ սըրարբած:
Աթոռին վրայ հողմահար մ՚է մոռցըւեր՝
Զերթ հոլաթեւ մեծ թիթեռնիկ մը մեռած:
Դուրս կը հոսին բաց մընացած դուռներէն
Գաղջ ալիքներն հալուէներուն եւ մուշկին:
Եւ քըրքիջներն ու կըտղուցներն համօրէն
Հայլիներուն խորութեան մէջ կը մեռնին:
Կ՚աշխատին հոն միայն երկու գերիներ,
Մին՝ աղախին, միւսը՝ ծառայ մ՚անճոռնի,
Որ կը խըմէ մերթ աւելցուկ գինիներն
Ու կ՚համբուրէ ընկերուհին, գողունի…

ՄԵՌԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ
Արիւնափառ Խաչին տակ,
Որուն թեւերը տըրտմութիւն կը ծորեն
Աշխարհիս վրայ բովանդակ,
Ես պարտըւած, Արուեստիս դառըն սըրտէն
Կ՚ողբամ ձեր մահն, ով հեթանոս Աստուածներ:
Մեռաւ Խորհուրդն. եւ Բնութիւնն է արիւներ
Օրէնքներու կարկինին սուր սըլաքով:
Ձանձրոյթը մնաց, պըճնըւած փուշ պըսակով:
Մարդն է ինկած գարշապարին տակ հըսկայ
Խուլ Աստուծոյ մը հրէայ:
Դիոս, մեռար: Մեռար դուն,
Ով Ապողոն, որուն կառքէն քառաձի
Կու գար խըրխինջն Արեւուն:
Կայծակն անտէր՝ աստղերուն մէջ կը յածի
Կոյր օձի պէս: Սիրամարգներ չեն քաշեր
Հերայի սայլն՝ որ ունէր լոյս սարիքներ.
Ոչ ալ կ՚հոսին, իբրեւ սերմեր դիցական,
Զեւսի անձրեւն ոսկի, արիւնն Ուրանեան:
Չեն արծարծեր ոտնաթեւերն Հերմէսին
Աստղերը որբ երկինքին:
Անտառին մէջ, Անահիտ,
Ալ չեմ լըսեր շանդ հաչիւններն՝ ետեւէն
Նախընտրած գէր երէիդ.
Կապարճդ հողին տակ կը փըտի. Լիճերէն
Ջուրն իր խըմել կ՚երթայ եղնիկը անվախ:
Չի պըսակուիր Պանը շոճով. ամէն ցախ
Անոր շունչով նորէն առոյգ չի ծաղկիր:
Դափ չէք զարներ, Այծեմարդեր բարեկիր,
Լոկ կը տեսնեմ Աւանդութիւնն՝ որ կու լայ
Նըստած կոճղի մը վըրայ:
Յաւէրժհարսեր, մեռաք դուք.
Կը խածատեն փըրփրուն գետերը՝ ցաւէն,
Իրենց ափերն յեղյեղուկ:
Նայուհիներ, եղէգներուն ընդմէջէն
Ալ չէք երգեր՝ երբոր ցաթէ լուսընկան.
Կանանչ լօռերն այժըմ կ՚ըլլան ձեզ պատան:
Լուսազմայլիկ աղբիւրին մէջ չեմ տեսներ
Բիբերուդ կայծն, անբախտ Նարգիս: Տատրակներ
Երբ գուռին մէջ կու գան լըւալ կըտուցնին՝
Դօդօշներէն կը խըրտչին:
Քեզմէ, ով վեհ Պոսիդոն,
Ծովն է թափուր: Անտառներէն բուստերու
Չի խոյանար բարձրայօն
Քառանըժոյգըդ փըրփրագեղ. ոչ ալ քու
Երեքարձենըդ կ՚առխըթէ դըղըրդմամբ
Նըւիրական դելփինին նուսն ապըստամբ:
Մեռաւ Սիրենը ժայռին տակ Սիկիլեան.
Կ՚անցնի նաւազն անկէ առանց դիւթութեան:
Չ՚ըլլար փրփուրն՝ Աստղիկ, ոչ ալ կոնքը՝ կուր.
Ծովն, Աստուածներ, ծովն է տխուր:
Տանս ակութէն, Թերափներ,
Ուր հեռացաք, որ ջերմեռանդ սըրբուհին
Ձեզ իր խաչովն է փըշրեր,
Ձեր մէջ պապերս պապերն իրենց դրօշեցին՝
Ընծայելով ամէն օր աղ ու նեկտար:
Չըկաս, Էրոս. պիտի քոյրս իմ սիրահար
Որու ձօնէ դահամունքներն իր ուխտին.
Չըկայ եւ դուռը պահպանող Շան անդրին…
Միայն սնարէս կախուեր է Խաչ մ՚յաղթական՝
Ուր կայ լոկ փառքը Մահուան:
Եւ այժըմ այդ Խաչին տակ,
Որուն թեւերը տըրտմութիւն կը ծորեն
Աշխարհիս վրայ բովանդակ,
Ես պարտըւած, Արուեստիս դառըն սըրտէն
Կ՚ողբամ ձեր մահն, ով հեթանոս Աստուածներ:
Տեսէք, բոլոր մեր անտառներն ու ծովեր,
Աղբերակներն ու երդիքները խաղաղ
Ամայացան ու տաղտկացան: Այժմ, աւաղ,
Մարդն է ինկած գարշապարին տակ հըսկայ
Խուլ Աստուծոյ մը հրէայ:

ԲԵԳԱՍ
Ընկեր Մուրատին եւ իր ձիուն կայծակնավազ
Բեգաս, հրեղէն ձիս,
Երկնամուխ լեռն արեւուն մէջ կը շողայ
Զերդ շափիւղայ.
Իր կատարին աստղապսակ՝ պիտի զիս
Տանիս:
Զետեղեցի քամակիդ աւասիկ թամբըդ՝ ծեփուած
Ադամանդով,
Եւ դըրի սանձըդ՝ հիւսուած
Շանթով.
Եւ նուսիդ վրայ զերդ մըրրիկ
Ես նետուեցայ աւասիկ:
Դեհ, թող մտրակըս՝ յաւէտ լոյսերու մէջ թաթաղուն՝
Կողերուդ շուրջը սուլէ օձի նըման գալարուն.
Եւ դուն
Անդունդներուն վըրայէն եւ վըրայէն ձիւներուն
Տար զիս
Արեւուն:
Ահա դափրեց բարձունքն ի վեր բարձրավիզ.
Ռունգերն հըզօր բացուեցան
Լեռնէն իջնող պաղ քամիին յանդիման.
Եւ բաշերն իր լուսալիր
Եկան մինչեւ թեւերուս մէջ փըրփըրիլ:
Գլուխն ընդվիզ
Այնքան հըպարտ կը բըռնէր՝
Որ կը հըպէր
Կըզակիս:
Ու ան վարգեց, վարգեց, վարգեց քառատրոփ…
Լեռը թընդաց.
Կը ցայտէին սըմբակներէն ոսկեմած
Աստղեր բորբ.
Փապարներուն մէջ ամփոփ
Յըղի օձեր ձագերն իրենց վիժեցին,
Բայց իմ ձին
Լոկ կը լըսէր պինչերունմէջ մըռընչող
Քամին:
Օ, երբուծն յոյր՝ մըկանունքով բըլրաւէտ՝
Ուր արիւնն իր զըսպըւած հըրաբուխի պէս յաւէտ
Կ՚եռար:
Կ՚ընդհարէր միշտ սեպերուն դէմ մրըրկաբար
Ու վէրքերով կը պանծար:
Օ, պոչը իր լուսացընցուղ, աղեղնաձեւ,
Որ գաւակէն կը հոսէր
Զերդ արեւ:
Օ, գլուխն իր պերճասօսորդ, մեծղի բիբերն՝ ուր կ՚այրէր
Կարծես անհունն արփախայտ.
Եւ սըմբակներն ոսկեկուռ՝ որոնց ներքեւ իբրեւ պայտ
Լուսընկաներ գամեցի,
Ժայռերուն վրայ Իտէալի մը պողպատ
Կ՚երգէին երգն առնացի՝
Զոր խըմելու համար ես սիրտըս բացի
Զերդ ծովու
Խեցի:
Ու բարձրացաւ, բարձրացաւ
Վայրենարշաւ.
Միշտ նորայայտ միջոցներ անակնկալ բացերու
Նայուածքն հազիւ ընդգրկած՝ արշաւն ընդհուպ կը սպառէր
Լեռնալանջին վըրայ հըսկայ նոճիներ
Եւ գիհիներ խընկարկու՝
Որոնց մէջէն ան կ՚անցնի նման կայծակին:
Ի զուր մազերս հողմավար կատարներուն շոճիին
Կը կառչին,
Ի զուր ծաղկած վարդենին բռնել կ՚ուզէ քղանցքէս
Հարսիս պէս.
Անոնց մէջէն ես կը վարգեմ սըրընթաց.
Ուսերս ամբողջ, ասպանդակներս ոսկեմած
Ծաղիկներ հիր կ՚ողողեն…
Ես կը վարգեմ թամբին վըրայ լուսեղէն
Զերդ թառած
Շահէն:
Ահա պարեխը կու գայ թումբ կանգնելու արշաւիս,
Բայց իմ ձիս
Փայլակնաթափ դռոյթին տակ կը քանդէ զայն քար առ քար
Կը հեղու
Լեռն ի վար:
Ուր որ դոփէ սմբակն՝ հոն կը բանայ վիհ ծուխերու,
Ուր որ բաղխէ լանջը գոռ՝ կը թօթափէ փըշըրուած
Կայծ:
Կը բարձրանայ ամպին վրայ իր կուտակած փոշիին.
Աստեղաբիբ կը լողայ լուսալիքին մէջ բաշին.
Կը վըրնջէ ցընծագին՝
Ռունգերը բաց
Անհունին:
Վարը, այնտեղ, երանաւէտ այգիէն
Ցանկապատին վրայ ծըռած ողկոյզներու բիբեր մեծ
Ի զուր, ի զուր կը կանչեն
Զիս իրենց.
Եւ ծառէն վար նուռ մը ճեղքուած՝ բերնի պէս՝
Կ՚աղաղակէ ետեւէս:
Եւ կիներ, վարն, հովիտներու աղբիւրէն
Ի զուր ինծի կ՚երկարեն
Լոյս սափորներ՝ ուր կըթեր են հեշտութիւնն
Իրենց մարմնոյն
Եւ համբոյրի մ՚անձկութիւնով՝ համօրէն
Գինին իրենց ծոցերուն:
Փոխան իրենց օրօրին՝ երիվարիս ցունցը խեռ
Սիրեցի,
Փոխան իրենց գըգուանքին՝ հոգիիս վրայ լիզումներ
Բոցի:
Շուրջըս ի զուր ջըրվէժներ կը մոլեգնին ու կ՚երգեն՝
Կաթի նման փըրփրադէզ,
Յետոյ մեղմիկ կը սահին զմրուխտ մարգին ընդմէջէն
Օձի պէս.
Իրենց ջուրէն՝ ես աւելի կը սիրեմ
Գաղջ փըրփուրներն երիվարիս երախին՝
Զոր խըլած բուռըն քամին
Կը լըւայ
Անոնցմով բոց աչքերս իմ, կամ արեւուն երկնաճեմ
Աչքն հըսկայ:
Վեր, դէպի բարձունքը, Բեգաս…
Կըռանակուռ լոյս պայտերդ ահաւասիկ կը թաղես
Պորտերուն մէջ ոպնիազ
Վիշապներուն.
Եւ դուն
Ջախջախելով հրէշներուն
Կուռ պատեանին մեղեսիկներն հըրակէզ՝
Կը ծառանաս, կը ծառանաս մոլեգին
Կատարն ի վեր յաղթական
Լերան:
Նընջող գազան մ՚աւասիկ խըրխընջիւնէդ արթնցած
Նետուեցաւ ծոցը վիհին
Զարհուրած:
Եւ անգըղներ ժայռերու կատարներէն կը թափին
Ձորերուն խորը մըթին:
Ահա փախչող վարազահաւ մ՚իր մախիզ
Խըլուրդ բզըքտող կըտուցէն,
Վերէն,
Շիթ մը արիւն կայլակեց իմ գըլխարկիս
Արծուային
Փետուրին…
Ալ քեզ համար ամայի են գագաթներն ահարկու.
Ոչ ջըրվէժի մըռունչ կայ, ոչ հըրաւէր կիներու.
Մեզ չի հասնիր կալին մէջ պոռոչող ձայնն երինջին.
Կարծես արդէն մեր գլուխները աստղերու կամարին
Կը դըպչին:
Վեր, վեր, Բեգաս…
Բայց, հեռուն, ինչ սպիտակ տարածութիւն լուսափառ
Ճառագայթեց աչքերուդ մէջ ամեհի.
Ցուրտ սլաքներով դըժպըհի
Լուսնակին պէս կ՚արիւնին ահա բիբերըս փարփառ.
Օ, Բեգաս,
Կատարներուն ձիւնն է այս.
Ձըմեռներու մէջ բիւրաւոր՝ բիւր աստղեր
Իրենց ծոցէն սառնաշիթ
Հոն են, հոն են տեղացեր
Ձիւնն այս վճիտ:
Բեգաս,
Այդ ծովուն մէջ բիւրեղէ
Նետուէ՝
Դըլբնի լանջքով հորդէ ուղիդ երկնահաս:
Լողա, լողա…
Անապատի աւազին մըրրիկներուն փոխարէն՝
Փորիդ ներքեւ կը փըրփրին
Մըրրիկներն արդ լուսեղէն
Ձիւնին:
Նաւը եղիր կենդանի՝
Որ զիս առած կը տանի
Աստեղազարդ նաւահանգիստն հեռակայ
Երկնի:
Լողա, Բեգաս, լողա…
Մեր Երազին ճեղքէ ակօսը հըսկայ:
Բացած փոսերը պայտերուդ լուսագին,
Հետքիդ վըրայ, շուշանի պէս թող ծաղկին:
Ինչ փոյթ թէ ձիւնն իր տակ ծածկած է յաւէտ
Նենգութիւններն անդունդին,
Եւ մենք կըրնանք ըլլալ յանկարծ գահավէժ.
Միշտ Աստղերով թաթախուած պիտի իջնենք խորն ալքին
Զերդ ջըրվէժ:
Բեգաս, Բեգաս, կաղնիացուր վիզըդ վէս.
Ահաւասիկ ձիւնահիւս մ՚աստուածաբնակ գագաթէն
Մըրըրկելով ճամբուն վրայ փրփրուն փոշի մ՚համօրէն
Կու գայ մեզ:
Ոհ, ինչ պայքար, Բեգաս.
Անոր վըրայ պերճասոսորդ կը խոյաս.
Առջի ոտքերդ լուսադըրոշմ պայտերով
Աշխոյժով
Արդէն ահա փըխրուն ծոցին մէջ անոր
Կը մըխըրճին ահաւոր…
Ով Ձիս–Աստուած,
Այն հիւսն արդէն պորտիդ ներքեւ է լայնշի
Եղած
Փոշի:
Լողա, Բեգաս, լողա…
Զգեցեր ենք պատմուճանն կոյս տարրին փողփողուն,
Բուքը կ՚հալի լանջքիդ տակ, ռունգերուդ մէջ բաբախուն:
Դեհ, խոյանք մ՚ալ, ոստում մ՚ալ,
Զի բարձունքները շողալ
Կը սկըսին,
Հորիզոնները ծաւալ
Կը բացուին:
Դեհ, խոյանք մ՚ալ, ոստում մ՚ալ.
Նըպատակի կատարին ադամանդները անհալ
Շողացին.
Եւ իմ ձին
Փայլակելով Գաղափարն աչքերուն մէջ ռոշնական՝
Կոթողուեցաւ – պինչերը բաց արեւուն –
Լերան
Գըլխուն:
Օ, Բեգաս,
Կողերուդ մէջ գալարուող լիաթոք հեւքըդ ահա
Ռունգերէդ դուրս՝ ողողեց հորիզոններն հեռակայ:
Օ, Բեգաս,
Ահա Կապոյտը վըճիտ՝ շողակնաշող ալիքով՝
Զերդ ծով.
Ահա Արեւն հըրամազ
Լոկ իմ վրաս…
Տիրապետման մէջ լոյսին կանգուն՝ թագն ենք աշխարհին,
Երկինքը թագը մերին.
Եւ մեր ներքեւ Երկիրն է՝ բուռ մը ցեխի հանգունակ,
Ամպերն են մեր ոտքին տակ՝
Որոնք ծոյլ ծոյլ կը սողան կայծակներով բեռնաբարձ.
Կը տեսնես վարը, յանկարծ
Թուխ ամպրոպի մը խորին փայլակ մը աչքն ամեհի
Կը բանայ,
Յետոյ դարձեալ՝ խուլ որոտ մ՚արձակելով՝ կը թաղուի
Երկրիս ցեխին մէջ հըսկայ:
Կը տարածուի քու խրխինջդ անհունին մէջ ալեկոծ,
Եւ աստղերուն ժայռակոյտերն ոսկեզօծ
Շունչէդ ահա կ՚արծարծուին
Իբրեւ բոց:
Բեգաս, ահա վար կ՚իջնեմ թամբիդ վրայէն վերստին:
Բաշերուդ հետ կը յանձնեմ անտառներն իմ մազերուն
Հովերուն.
Եւ կը թողում որ Մրրիկն իր պատմուճանը ծըփուն
Հագցընէ յաղթ մարմինիս,
Եւ լոգցընէ Արեգակն իր շողերով ոսկեզօծ
Աստուածացած միսըս բոց
Եւ հոգիս:
Տես, աշխարհիս զառամած քամակին վրայ կոթողուն՝
Իր հերկերուն մէջ թափուր՝
Սիրտս, ուր հանճարըս կ՚ապրի, կը սերմանեմ լիաբուռ.
Ինչ որ Արեւն ինձ կու տայ՝ զայն կու տայ միտքս Մարդուն.
Տես, աստղերու ժըպիտներ եւ հուր վարդեր անթառամ
Կը տեղամ
Որդիներուն մէջ կաւի.
Կը տարածեմ Երկրիս վրայ արշալոյսի ծիրանին.
Մինչդեռ դիւրաւ կըրնայի
Տարածել շուքն հասակիս՝ Երկրագունդին վրայ փանաք
Ու խաւարել զայն համակ:
Բեգաս, Բեգաս, այժըմ երբ ես կը պարզեմ
Առագաստները Մըտքիս լոյսին վըրայ ծովացած
Եւ քընարիս լարերով՝ քու բաշերովըդ հիւսուած՝
Կ՚երգեմ
Արեգդէմ
Ազատութիւնը Մարդուն, եւ գերութիւնն Աստուծոյ,
Բեգասդ իմ հաճոյ,
Դուն իմ քովիկըս կանգուն
Բաշերդ ու պոչդ յանձնելով ցըրտասարսուռ քամիին՝
Վիզըդ ծըռէ սիրասուն,
Ծըռէ, եւ քու առջի ոտքովըդ նըրբին
Փորէ ընդթափ կոյս ձիւնը կոյս բարձունքին.
Փորէ, Բեգաս, փորէ, մինչեւ որ գըտնես
Լուսածաղիկ էտըլվայսները անտես,
Եւ ճարակիս – նօթի Մըտքիս հետ միասին –
Էտըլվայսներն Երազին:
Հոս, ձիւներուն ու լոյսին
Մէջ թաթախուած՝ խաղաղօրէն կը ծաղկին
Էտըլվայսներն Երազին: