ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ
ՄՈՒՍԱՅԻՆ
Թէ ջըլապինդ մըշակն ինչպէս կը փարի
Իր կոր մաճին, կը պատռէ լանջն հողերուն:
Եւ սահանքին տակ արփական շողերուն
Ինչպէս կ՚ըլլան լերկ ակօսները՝ բերրի:
Թէ շիկագոյն ցորեանն ինչպէս կալին մէջ
Կը բըրգանայ, եւ աղորիք կը մռընչեն.
Ինչպէս կ՚յորդի քաղցած խըմորը տաշտէն,
Զոր հուսկ կ՚եփեն գեղջուկ փուռին մէջ անշէջ:
Թէ կը սըփռէ Հացը, Հացը սըրբազան
Ինչ բերկրանքներ, արարչական ինչ կորով,
Սորվեցուր ինձ, ով հայրենի իմ Մուսան:
Սորվեցուր ինձ. պսակէ քընարս հասկերով,
Զի կալին մէջ, զով շուքին տակ ուռիին
Ահա կը նստիմ, ու նըւագներս կը ծընին:
ԱՐՏԵՐՈՒՆ ՀՐԱՒԷՐԸ
Գիւղակներէն հորիզոնները մինչեւ
Կը տարածուի մեր մայրութիւնը հողի:
Գարունն եկաւ. չի բաւեր ձիւնը թեթեւ
Ալ ծածկելու մեր մերկութիւնը յըղի:
Վերադարձէք մեր ծոցը, ով մըշակներ,
Առաւօտներն արդէն Ապրիլ կը բուրեն.
Սառէն լուծուած կը կարկաջեն առուակներ.
Մեր տաք կողէն ծըլաւ նարգիսը արդէն:
Մեզի եկէք. ձեր սերմով լի բուռերուն
Մենք կը սպասենք կիներու լուռ ըղձանքով.
Ճաճանչն արդէն խըրուեցաւ մեր սիրտերուն:
Պիտի լեցուին քըրտինքներու համրանքով
Հասկերը շէկ, ու պիտի որքան բերկրինք
Երբ առջի հեղ խոփը ճըմլէ մեր ըստինք:
ՄՇԱԿՆԵՐԸ
Մըշակներն են իմ գիւղիս, դաշտի հըզօր զաւակներ,
Քըրտինքներով մարգարտեայ՝ բընութեան թագն են հիւսեր:
Կը բաբախէ սիրտն հողին իրենց բըրդոտ կուրծքին տակ.
Ու իրենց լայն երակին մէջ կը յորդի արեգակ:
Երբ որ քալեն՝ մայր – երկիրն իր արգանդէն կը սարսռայ.
Բայց չի խամրիր ծիլ մը իսկ գարշապարնուն տակ հըսկայ:
Գըլուխն իրենց, զոր կ՚հակեն առջեւը սուրբ խորանին,
Պըսակուած է միշտ ոսկի փոշիներովը յարդին:
Ակօսներուն մէջ անոնք խինդ կը ցանեն, եւ Աստուած
Իրենց ճակտին ակօսէն բարութիւններ կը հընձէ:
Աւիշներու հոսուն երգն անոնք միայն են լըսած:
Եզին շողիքն ինչ փոյթ թէ իրենց ձեռքերը կ՚օծէ,
Եւ ախոռի հոտ կու գայ իրենց նախշուն լոդիկէն.
Նախ անոնց լայն ափին մէջ կը ծլին սերմերն համօրէն:
Հարկիք
Եզներս են խարտեաշ, լոյս ճակատներով՝
Զոր պաճուճեր եմ նուսխայով կապոյտ:
Գարունի առտուան օդէն են գինով.
Կը նային, խաղաղ, դաշտերուն անքոյթ:
Ձըմեռը զանոնք խարով սընուցի.
Մեհեանին պարարտ կուռքերն են կարծես:
Իրենց սանտըրուած պոչը թաւարծի
Կը լիզէ իրենց կողերն՝ օձի պէս:
Կը սիրեմ անոնց նուսը բիւրածալ,
Ռունգերնին տամուկ, բիբերնին խոշոր՝
Ուր կայ դաշտերուն երազն անայլայլ,
Եւ ճօճքը իրենց, եւ պոչիւնն հըզօր
Հորիզոններէն. երբ կ՚երթան անվերջ
Եղջիւրնին մըխած Արշալոյսին մէջ:
ՀԵՐԿԵՐ
Հո, հռօ հռօ հռօ. Հողին տակ հըռընդիւնն է արօրին
Լուրթ մշուշին մէջ առտուան, կողին վրայ բըլուրին
Կ՚երթան եզները հուժկու՝ զանգակներով դաշնաւոր,
Ու մսուրին վերջին յարդը կ՚որոճան գլխիկոր:
Սարին ուսէն ծըյլացող արեւն ահա կը ծագի
Ու մշակին ճակտին վրայ կը դնէ համբոյրը ոսկի:
Մարդը կ՚երթայ երգելով՝ մաճն ափին մէջ պընդաջիղ,
Ու իր ճամբան կը գըծէ իր հոգիին պէս ուղիղ:
Հո, հռօ հռօ հռօ. Ակօսները կը բացուին մըխալով,
Եւ կը դիզուին արգաւանդ հողակոշտերն իրար քով:
Մէկ ծագէն միւսն յուլօրէն կը սողայ խոփը պողպատ,
Կը հեղեղէ հերկերուն մէջ իր լոյսերը արծաթ:
Իր տակ ճըմլուած, կարեվէր, կը գալարուի յոյր ճըճին.
Կ՚ահաբեկին խըլուրդներ իրենց խուղին մէջ մըթին:
Բունծերն ահա կ՚ոռոգուին մերթ օձերու արիւնով,
Զոր ըսպաննած է արօրն անոնց գլուխէն անցնելով:
Արեւն արդէն կը հոսէ իր երակներն հրածորան
Ակօսներուն նորաբաց արգանդին մէջ հոտեւան:
Հո, հռօ հռօ հռօ. Անդաստանն է կորդացած այս տարի,
Բայց հերկերուն շարքն արդէն անհունօրէն կ՚երկարի:
Եզները յաղթ թափ կու տան, դողացնելով մերթ ընդ մերթ
Սուր խըթանէն՝ ըստեւներն իրենց փորին լուսաշերտ:
Ինչ փոյթ թէ ճղուղն արօրին խութին դէմ յանկարծ կու լայ,
Եւ կը ծորի մըշակին քիրտը ամէն գուղձի վրայ:
Դեռ սուրբ կոչնակը գիւղին՝ սարին ետեւ չըհընչած՝
Բըլուրին կողը ամբողջ պիտի ըլլայ թըխացած,
Եւ պիտի լայն ակօսները շար ի շար աւարտին՝
Օծուած շաղովն իրիկուան, շողիքներովն հարկիքին…
Այն ատեն երբ արտին ծայրն հասած, ճիգով մը դողդոջ,
Տըղմուտ արօրն հողին մէջ յանկարծ կասի, Մշակը խոնջ
Պիտի խորհի անկասկած – յանուն վաղուան հունձքերուն –
Թէ կարասի մ՚ոսկելից կառչեր է խոփը իսկոյն:
ՑԱՆ
Սերմանողն է: Յաղթահասակ կը կանգնի
Մայրամուտին շողերուն մէջ ոսկեթոյր:
Ոտքին առջեւ անդաստաններն հայրենի
Կը տարածեն մերկութիւննին անպարոյր:
Լի է ամբողջ ցորեններով աստղահատ
Խորունկ գոգնոցն: Հերկերն հերուան՝ ծարաւի՝
Կը սպասեն իր լայնշի բուռին, եւ բուռն այդ
Արտերուն վրայ՝ զերդ արշալոյս՝ կը բացուի:
Մըշակ, ցանէ. յանուն տանդ սեղանին
Թեւիդ շարժումն անպարագիծ թող ըլլայ.
Վաղ՝ նետած ցորեններդ այդ կը թափին
Օրհնութեան պէս թոռնիկներուդ գլխուն վրայ:
Մըշակ, ցանէ. յանուն նօթի թըշուառին
Թող գոգնոցէդ կէս չելլէ ափըդ բընաւ.
Աղքատ մ՚այսօր ճըրագին մէջ տաճարին
Վաղուան հունձքիդ համար վերջին ձէթը դրաւ:
Մըշակ, ցանէ. յանուն Տիրոջ նըշխարին
Թող մատերէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ' հասուննայ մաս մ՚Յիսուսի մարմինէն:
Ցանէ, ցանէ. նոյնիսկ հեռու սահմանէն,
Աստղերու պէս, ալիքներու պէս ցանէ:
Ծիտերն ինչ փոյթ թէ հատիկներդ կ՚աւարեն.
Տեղը Աստուած պիտի մարգրիտ սերմանէ:
Լեցուր ակօսն, հորդէ հերկերը բերրի,
Հողին ծոցէն ոսկի լոյսեր թող հոսին:
Օրը ահա կ՚իրիկնանայ. կ՚երկարի
Շուքը թեւիդ հորիզոններն աստղային:
ՏԱՓԱՆ
Տափան տափնէ, կոշտերն հարթէ,
Թաղէ ցաներն հողին մէջ.
Ցորենն՝ ոսկի, սերմն յակինթ է՝
Երբ միանայ հողին գէջ:
Տափան, թեւերըդ տարածէ,
Գրկէ արտերը յուռթի.
Հունտն այսօրուան՝ վաղը հունձ է՝
Երբ գուղձին տակ կ՚անհետի:
Տափան, ըմբոստ խութը փըշրէ,
Գոցէ վէրքերը խոփին.
Հերկն աննըւաճ ալիք մըն է՝
Զոր կ՚անդորրես դուն հեշտին:
Տափան, տափնէ, կոշտերն հարթէ,
Փակէ բերանն ակօսին՝
Ուր ամէն մէկ ցորեն սաթ է.
Թող սարեակներ չը տանին:
Տափնեց տափանն, հարթեց կոշտեր,
Յըղկեց անդերը անհուն…
Այժմ հողին տակ կ՚ուռին հունտեր՝
Ինչպէս ծիծերն ուլերուն:
ԱՌԱՋԻՆ ԾԻԼԵՐ
Զեղուն աւիշն հողերուն տակ պայթեցուց
Սերմերն: Արտերս այս գիշեր
Կանանչցեր են լուսընկային տակ գարնան…
–Մայրիկ, ինծի ծիլ մը բեր,
Քըրտինքիս ցօղը վըրան:
Կատաղօրէն, կատաղօրէն յորդեր են
Տես, ցորեններն աղածրի:
Դաշտերն հագեր են զմրուխտէ պատմուճան…
– Քոյրիկ, ծիլ մը բեր ինծի,
Եզիս շողիքը վըրան:
Կը փողփողին արտավարէ արտավար
Կարծես կանանչ մոմիկներ:
Ամէն ընձիւղ մարգրիտ մ՚ունի իր բերանն…
–Հօտաղ, ինծի ծիլ մը բեր,
Արեւուն շողը վըրան:
Կը զարդարէ ամայութիւնը հողին
Մատղաշ ծաղիկը հացի.
Կանանչին մէջ կոշտերը թուխ կը լողան…
–Հարսնուկ, ծիլ մը բեր ինծի,
Մատերուդ բոյրը վըրան:
Ծիլ արտերուս մէջն է ծըլեր նըշենիս,
Հոն միսմինակը ծաղկեր…
–Մայրիկ, քոյրիկ, հօտաղ, հարսնուկ սիրական,
Բերէք անկէ ծաղիկներ,
Բերէք վարդգոյն ծաղիկներ,
Հընձուորին յոյսը վըրան:
ԳԱՐՆԱՆ ԱՆՁՐԵՒ
Դաշտերուն վրայ իր տրտմութեամբ յամառող
Անձրեւը չէ ասիկա:
Գարնան ջաղբն է՝ որ ցանքերուն վրայ անհուն
Լուսացընցուղ կը տեղայ:
Աստղերն անյայտ, կարծես հալած արեւէն,
Տեղատարափ կը թափին,
Եւ կը լըւան իրենց լոյսին մէջ փաղփուն
Անդաստաններն ու այգին:
Կապոյտն յանկարծ կու լայ բուռըն ծիծաղէն,
Եւ կը տեղայ ադամանդ.
Կը լուսնան կոյր աղբերակներն ու կ՚երգեն
Իրենց ծընունդն արգաւանդ:
Անհունն ի վար կը հեղեղուին շառաչուկ
Մեծ կաթիլներ շափիւղայ,
Լի արեւով, ցընծութիւնով, կապոյտով,
Ծիծաղներով սատափեայ:
Մարգերը թաց կ՚արտաշընչեն զովութիւն…
Կը լըւացուին գառնուկներ…
Բոյրը հողին, հողին բոյրը, ծաւալուն,
Կը լեցնէ գիւղն ու եթեր:
Ու արտերուս, արտերուս մէջ քրտնաշատ
Իմ ցորեաններս համեցող
Նոր ուժերով յորդահոսան կ՚ընձիւղին
Կայլակներու մէջ ի լող:
Եւ մաքրըւած անտառին մէջ, այս պահուս,
– Ըստ իմ գիւղիս հեքիաթին –
Կը ծնի եղնիկը, գօտիին տակ ծիրանի,
Եղնորդ մը՝ նման լուսինին:
ՑՈՐԵԱՆԻ ԾՈՎԵՐ
Հովեր կ՚անցնին.
Ու ցորեաններս յուշիկ յուշիկ կ՚արթըննան.
Իրենց խորքէն կը հոսի դող մ՚անսահման:
Գեղադալար կողերն ի վար բըլուրին
Ծովեր կ՚անցնին:
Հովեր կ՚անցնին.
Այնքան կ՚յորդի, կը կատղի դաշտը յուռթի՝
Որ պիտի հոն արածող ուլը խեղդի:
Գոգին մէջէն ալետատան հովիտին
Ծովեր կ՚անցնին:
Հովեր կ՚անցնին.
Ու ցորեանին պատմուճանները ծըփուն
Մերթ կը պատռին, մերթ կը կարուին փողփողուն:
Ըստուերի մէջ, լոյսերու մէջ փրփրագին
Ծովեր կ՚անցնին:
Հովեր կ՚անցնին.
Քիստերուն տակ կ՚ալեծըփին եղիներ՝
Ուր լուսնակն իր սափորին կաթն է հոսեր:
Կալերէն գիւղ, գիւղէն մինչեւ աղորին
Ծովեր կ՚անցնին:
Հովեր կ՚անցնին.
Զըմրուխտներով կը ծըփայ դաշտը անհուն:
Ծիտը կ՚երգէ թառած հասկի մ՚օրօրուն՝
Մինչ իր տակէն ցորեաններու մոլեգին
Ծովեր կ՚անցնին,
Հովեր կ՚անցնին:
ԿԱԿԱՉՆԵՐ
Քոյր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ.
Ահա սիրող սիրտերու պէս կ՚արիւնին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղէ
Խըմենք ալիքն արեւին:
Անոնք այնչափ բըռընկեր են՝ որ կարծես
Հըրդեհն իրենց կ՚այրէ դաշտերը անհուն:
Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակէզ
Խըմենք կայծերն աստղերուն:
Քոյր իմ, քաղէ, լորի մը պէս ծածկըւած
Ցորեններուն մէջ՝ որ մեղմիկ կը նազին:
Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած
Խըմենք արիւնն ակօւն մէջէն
Կ՚անցնին զերդ փայլակ:
Արտըս ոսկուն է…
Մերթ կ՚ելլէ, հովէն,
Դեղձանիկ մը, թիռ,
Ոսկեծուփ ծովէն:
Օրօր, ոսկուն արտ,
Օր տուր, հասուն արտ,
Գամ ոսկիդ հընձեմ
Մանգաղով արծաթ:
ԱՆԴԱՊԱՀԸ
—«Եհէ. եհէ. արտերուն մէջ մարդ մարդաձայն չը մըտնէ»։
Հովերուն հետ սարէն եկող անդապահին աղաղակն է։
Ուսընդանութ պարկը կախած եւ մասրենի ցուպ մը ձեռքին՝
Ցորեաններու զըմրուխտին մէջ կը թափառի ան առանձին։
Արեւներուն մէջ կը լողայ ինչպէս ամրան իշամեղուն։
Աչքերուն մէջ կը ծաւալի կանանչ երազը դաշտերուն։
Գիշերը մերթ սարին նըստած լուսինին դէմ կ՚ածէ սըրինգ.
Խրտուիլակը ցանքին մէջէն, միակ ընկեր, կը լըսէ զինք։
Երգերուն տակ անդորրական հասկերն համայն կը ծոցուորին.
Կը կատաղի՝ երբոր զանոնք իր թեւին տակ լըլկէ քամին։
Ան սարսափն է բոլոր անոնց՝ որ կ՚աւրեն անդ ու անդաստան.
Կը խըռովեն շողքն արեւուն, կը կոխկըրտեն հացը վաղուան։
Ինչ խլուրդներ է ըսպաննած, եւ պնդագլուխ ինչ գոմէշներ
Հարուածներէն իր ճարահատ ճահիճներն են ապաստաներ։
Ան դեռ երէկ քաղուորներու չըքնաղ երամ մ՚հալածելով՝
Հարսի մը ոտքը ջախջախեց սատկած իշու մ՚յաղթ ծընօտով։
Ու սարին վրայ միշտ հովերուն, հովերուն հետ կ՚աղաղակէ.
—«Եհէ, եհէ. արտերուն մէջ մարդ մարդաձայն չը մըտնէ»։
ՀԱՍՈՒՆ ԱՐՏ
Արտըս ոսկուն է…
Նըման բոցերու
Ցորենն է բռընկեր՝
Առանց այրելու։
Արտըս ոսկուն է …
Երկինքն է կըրակ.
Հողը խորխոլած
Ծըղօտներուն տակ։
Արտըս ոսկուն է…
Քառաշար հասկեր
Քառաշար սաթով
Արեւ են հագեր։
Արտըս ոսկուն է…
Բոռ, մեղու, պիծակ,
Քիստերուն մէջէն
Կ՚անցնին զերդ փայլակ։
Արտըս ոսկուն է…
Մերթ կ՚ելլէ, հովէն,
Դեղձանիկ մը, թիռ,
Ոսկեծուփ ծովէն։
Օրօր, ոսկուն արտ,
Օր տուր, հասուն արտ,
Գամ ոսկիդ հընձեմ
Մանգաղով արծաթ։
ՀՈՒՆՁՔ
Թող սոթտըւին թեզանիքներ, գերանդիներ թող յեսանուին.
Այսօր երկու հազար մըշակ կը հնձեն ցորենը եւ գարին:
Քաղցր է թաղուիլ հասկերուն մէջ՝ որոնց քիստերը խարշափուն
Կը խառնըւին բաց կուրծքերու անտառացած թուխ մազերուն:
Քաղցր է լողալ յամառօրէն որաներուն մէջէն հեղեղ.
Ըզգալ ուռիլը բազուկին երակներուն արեւազեղ:
Ահաւասիկ գերանդիներ, կատաղութիւն փայլատակի,
Ցորեններուն մէջ իբր արծաթ կ՚ընկըղմին, դուրս կ՚ելլեն՝ ոսկի:
Հասկեր կ՚իյնան շարուեշարան, եւ կ՚արիւնին կակաչներ լուռ.
Բըլուրներուն քօղը խարտեաշ կը ծալլըւի լայնասարսուռ:
Ծըփանքներ նոր ծըփանքներու ներքեւ ընդմիշտ կը փըլուզին.
Ալիք կ՚ըլլան ակօսին մէջ ծովեր, ծովեր, ծովեր դեղին:
Ու կ՚ընդլայնին դաշտեր, սարեր, խոզաններով միշտ քըստմընած.
Հովիտին մէջ հեղեղներ կան՝ որ կը ցամքին կամաց կամաց:
Յանկարծ թուփեր կը յայտնուին, կամ կը ցըցուի քար մը ճերմակ.
Առուակ մ՚հեռուն կը փալփըլի, որ կը նիրհէր վարսակին տակ:
Մըշակներ կան՝ որ փարչն իրենց բերնին դըրած, Արեւն ի վեր,
Կ՚ըմպեն երկար ջուրը գըլգլուն՝ զոր աղբիւրէն հարսն է բերեր:
Ոմանք իրենց ափերուն մէջ՝ մերթ կը փըշրեն հասկ մը ատոք,
Եւ կ՚օրհնեն թիւն հատիկներուն, ու կը ծամեն յետոյ զանոնք:
Հօտաղներ կան արտերէ արտ՝ որ ժիրաժիր կը յեսանեն
Աղօտ մահիկը մանգաղին, աղմըկելով լուռ միջօրէն:
Եւ կը հընձեն, միշտ կը հընձեն. թեւի ամէն լայն շարժումի
Ամառներու բերկրութիւնն է՝ որ քիստէ քիստ կը ծաւալի:
Օ, ինչ կոծեր, հորիզոնէ հորիզոն ինչ նըւաճումներ,
Ինչ հեծկըլտանք հանճարներու, ինչ փըլուզուող ովկիաններ:
Ու կը հընձեն, դեռ կը հընձեն. մինչեւ շուքերը երկարին
Եւ շըփոթուին իրարու հետ ալ սահմաններն անդաստանին:
Այն ատեն լուռ ճամբուն վըրայ կը տեսնըւին, շարան շարան,
Հընձուորները որ դէպ իրենց տընակներուն ճրագը կ՚երթան:
Գերանդիներն անոնց ուսին կը ցոլցոլան լուսնկայէն,
Կը հովանան անոնց քըրտնած կուրծքերն անուշ ծըմակներէն:
Իսկ անդորրին մէջ դաշտերուն ահա ծըղրիդ մը արթընցած
Կը լեցընէ իր երգերով ամբողջ Անհունն աստեղամած:
ՀՈՒՆՁՔ ԿԸ ԺՈՂՎԵՄ…
Հունձք կը ժողվեմ մանգաղով,
– Լուսնակը յարս է –
Ակօս ակօս ման գալով,
– Սիրածըս հարս է:
Գըլխեբաց եմ ու բոպիկ,
– Անուշ են հովեր –
Արտերուն մէջ թափառիկ,
– Մազերն են ծովեր:
Ցորեն, կակաչ, կարօտով,
Կաքաւը կու լայ –
Կապեցի մէկ նարօտով,
– Ձեռքերն են հինայ:
Հասկերուն մէջ, վերեւէն,
– Ասուպը անցաւ –
Աստղեր միւռոն կը ծորեն,
– Դէմքը լուսացաւ:
Քանի խուրձեր շաղերով,
– Վարդենին թաց է –
Ես կապեցի խաղերով,
– Ծոցիկը բաց է:
Արտըս խոզանով մընաց,
– Կ՚երթայ լուսնակը –
Դէզերով լեռ եմ շինած,
– Սիրտս է կըրակը:
Մանգաղըս քարին եկաւ,
– Յարըս յար ունի –
Քարէն լորիկը թըռաւ,
– Լերդըս կ՚արիւնի:
ՍԱՅԼԵՐԸ
Գիւղին ճամբայէն սայլերը կ՚երթան
Հունձքով բեռնաբարձ:
Մայրամուտին մէջ շարժուն բուրգեր են՝
Ճաճանչներ հագած:
Թխադէմ տղաներ, դէզերուն վըրայ,
Կը խըթանեն մերթ
Մեծղի եզերուն կողը սըրսըփուն,
Կողը լուսաշերտ:
Գոմէշներ, յամառ, ետեւ կարկառած
Իրենց մութ լեզուն՝
Կը քանդեն որան՝ որ կը հեղեղուի
Իրենց նուսերուն:
Ցորեններ ի լիւղ պերճ արիւնին մէջ
Իրիկնադէմին՝
Նոր պըսակ կ՚ըլլան պըսակին վըրայ
Անոնց եղջիւրին:
Ճամբան, արտերէն կալերը մինչեւ,
Կը ծըփայ հասկով՝
Զոր ուշ մընացած հաւեր կը քըրքրեն
Զըւարթ կըտուցով:
Ճամբան խարտեաշ է, կարմիր է ճամբան,
Որուն եզերքին
Արիւն կը ծորէ չափազանց հասուն
Փոշոտ մորենին:
Սայլերը կ՚երթան, անդորրութեան մէջ
Աղաղակելով…
Կը տանին արեւ, հըրդեհ կը տանին
Հըսկայ դէզերով:
Կը տանին հեղեղն ահա լեռնացած
Քըրտինքի, Յոյսի,
Որ լուծեն մինչեւ անիւներուն վրայ
Առատ կը հոսի:
Կ՚երգեն տըղաներ, խըթանելով միշտ
Կողը եզերուն…
Ջինջ անհունին մէջ զիրենք կ՚օրօրէ
Ցունցը դէզերուն:
Կ՚երգեն ճըպուռին, մանգաղին նըման,
Կ՚երգեն հովի պէս,
Մինչ հասնին կալերն, ու հոն տարածեն
Հունձքը ծովի պէս:
ՃԱՐԱԿՈՒՄ
Բըլուրին գաղջ կողին վըրայ ընկողմանած
Սըրինգ կ՚ածեմ.
Եզներըս լայն հովիտին մէջ, սըրտի երգով,
Ես կ՚արածեմ:
Լուսնակն իջած է մանգաղուած լուռ արտերուն
Մակերեսին.
Կը ծաւալէ խոզաններուն մէջէն հեզիկ
Կաթը լոյսին:
Ջինջ գիշեր է: Երգս անհունէ անհուն, խաղաղ,
Կը ծըփծըփայ.
Եւ սըրինգըս, հովերուն հետ, իր ծակերէն
Շաղեր կու լայ:
Հեռուն կը լսեմ բոժոժներն իմ նախիրներուս,
Որոնք կ՚արծին
Ցորեաններուն ծիղն՝ ոռոգուած մեղրերուն մէջ
Ծիր Կաթինին:
Կը լըսեմ մուշ մուշ ճարակումն՝ առուեզերքի
Թուփերուն մէջ՝
Ուր մոզին իր դունչը մըխած՝ կը բըզըքտէ
Խոլորձը գէջ:
Ցուլերն ամէն, գըլուխնին կախ, կարծես դիւթուած
Ինձ կ՚երեւան.
Գոմէշներուն բիբերն ահեղ՝ աստղերուն տակ
Մերթ կը շողան:
Կ՚ընէ միջատ մը, շուրջն անոնց, ճաճանչաթիռ
Միշտ ելեւէջ:
Ճերմակ եզը, կարծես կուռք մ՚է, ձուլուած լուսնին
Արծաթին մէջ:
Կը ճարակին, հովուն տըւած թաւ պոչերնին.
Եւ կը խըմեն
Իրենց մազոտ ու բաբախուն ականջներով
Սրընգիս ակէն:
Կը ճարակին, բութ ակռաներն իրենց՝ մինչեւ
Կանանչանան,
Եւ որովայնն անպարագիծ լեցուի, լեցուի
Մարագի նման:
Այն ատեն ալ դաշտերուն մէջ կը մակաղին
Մեծազանգուած,
Մէկը միւսին կըռնակին վրայ, որոճալով,
Դունչը դըրած:
Մինչեւ որ ալ Արփին ծագի, լոյսն արտին վրայ
Իջնէ սարէն,
Եւ ժողվէ ցօղն, յակինթ յակինթ, անոնց խոնաւ
Եղջիւրներէն:
ԽԱՉԲՈՒՌ
(Աստուածամօր սեղանին)
Քեզ կը բերեմ, Մայր, հունձքերուս նախընծան:
Զոհագործէ սեղանիդ վրայ՝ ուր, դարեր,
Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան
Լոյս ու արցունք են հոսեր:
Դուն սուրբ պաշտպան հայրենական հողերուս՝
Որոնց տըւիր անմահութիւնը դրախտի.
Ծիլը ծաղիկ ըրիր, յոյսը՝ Արշալոյս,
Որ խըրճիթիս կը ժըպտի:
Դուն, Խաչբուռն այս, զոր իմ ձեռքով եմ հիւսէր,
Ընդունէ, Մայր: Բիւր հասկերուս մէջ ասոնք
Կը նազէին կոյսերու պէս շիկահեր,
Արեւահեղց եւ ատոք:
Գերանդիիս տակ, գըլուխնին դեռ ցօղով,
Լուսնէն հնձուած ճառագայթի պէս՝ ինկան:
Ոչ մի արտոյտ քանդեր է իր կըտուցով՝
Անոնց շարքերը լըման:
Ես հիւսեցի զանոնք, գիսակ առ գիսակ,
Տալով խաչին ձեւը Որդւոյդ կարեւեր՝
Որուն արիւնն, ամէն Զատկի, սուրբ կըրակ,
Մեր ակօսներն են խըմեր:
Իմ յոյսերուս, իղձերուն հետ հիւսեցի:
Անոնց մէջ է յոյզն արտին, հուրն արեւուն,
Խոփին փայլակն ու թեւիս թափն առնացի,
Պաղատանքն իմ թոռներուն:
Մայր, Խաչբուռն այս օրհնէ. եւ տուր արտերուս
Ամառն՝ ոսկի, ինչպէս գարունը՝ մարգրիտ.
Որքան ամբարքըս լի ըլլան՝ ջահեր լոյս
Պիտի տան քու խորանիդ:
Ըրէ այնպէս՝ որ – նըման հին օրերուն –
Երբ դաշտերէ դաշտ ժուռ գալու դուն ելլես՝
Փուշեր չըգան ոտքերուդ տակ՝ այլ սարսռուն
Կակաչներ՝ մեր սըրտին պէս:
ԿԱԼԵՐ
Կալերուն մէջ ես կը նըստիմ երազուն
Հովանիին տակ էշիս՝
Որ քովըս սա կոճղին կապուած՝ կը շըփէ
Աղու ծընօտը՝ ուսիս:
Տափաստանին վըրայ, խաղաղ, կը փըռուի
Ճերմակ ալիք մ՚արեւու՝
Որուն մէջ լիւղ կու գան դէզերն, եւ կըրիան
Եկեր է հոն տաքնալու:
Թեւը հովին, ծանրացած գաղջ բոյրերով,
Հազիւ ծոյլ ծոյլ կը շարժի:
Կովին ըստուերը փառահեղ լոյսին վրայ՝
Սեւ կարկըտան մ՚է լայնշի:
Շինականն իր կահն ու կազմածը բերած՝
Հոն հիմներ է նոր գիւղակ…
Հեռուն՝ լըքուած իր մամռապատ շեմին վրայ
Կը հըսկէ գամփռը մինակ:
Կալերուն մէջ դէզը՝ ծեփուած արեւով՝
Կարծես տընակ մ՚է ոսկի:
Տերեւախիտ ծառին զով շուքը կ՚ըլլայ
Առագաստ մը նոր հարսի:
Ու ես նըստած հովանիին տակ էշիս
Կ՚երգեմ քաջերը հողին՝
Որոնք մանգաղն հազիւ կախած պատն ի վար՝
Կը կըրթեն ցուլը՝ կամին:
Կ՚երգեմ հօտաղն՝ որ կը հարթէ կալատեղ
Լողքարին զինքը լըծած,
Մինչ քըրտինքով կը թըրջըւի շապիկն իր
Կուրծքին վըրայ՝ պատըռտած:
Կ՚երգեմ հարսերն՝ որ հինան դեռ մատերնուն՝
Կը մաղեն ժիր ժիր գարի.
Կը թափթըփին իրենց մաղին ծակերէն
Կարծես շիթեր գոհարի:
Կ՚երգեմ մշակներն՝ որ սայլերուն կատարին
Աստուածներու պէս կանգուն՝
Երկժանիով կատաղօրէն կը քանդեն
Ճակատն հըսկայ դէզերուն:
Կամը կ՚երգեմ՝ որ կը նաւէ շուրջն հունձքին
Իբրեւ հրագոյն՝ լիճի վրայ,
Յետոյ ցորենն աշխարհածուփ՝ որ արդէն
Յարդերուն մէջ կը լողայ:
Օ, ինչ քաղցր է երթալ խառնուիլ էութեամբ
Այդ սըրբագոյն վաստակին.
Տըրեխներէդ մինչեւ մազերդ համակուիլ
Մըղեղներուն մէջ դեղին:
Փուռի կայծին, դաշտի հացին ի խնդիր
Ըլլալ Պանը կալերուն,
Վերադարձնել ջաղացքներուն սըրտին մէջ
Իրենց երգերը անհուն:
ԿԱԼԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ
Ամարուան քաղցըր գիշեր, գլուխը կամին վրայ դըրած՝
Աշխատանքի սուրբ Ոգին կալերուն մէջ կը նընջէ:
Կը լողայ մեծ Լըռութիւնն աստղերուն մէջ ծովացած:
Անհունը՝ բիւր աչքերու թարթափով՝ զիս կը կանչէ:
Կ՚երգեն, հեռուն, ծըղրիդներ: Ջուրերուն մէջ լըճակին
Կ՚ըլլայ հարսնիք մը ծածուկ նայադներու՝ այս գիշեր:
Սիւքն յուզելով ուռենին ափերուն վրայ գետակին՝
Կ՚արթընցընէ անծանօթ լարերու վրայ նըւագներ:
Ծոթրիններու բոյրին մէջ, պառկած կատարը դէզին՝
Ես կը թողում որ սըրտիս դըպչի ամէն մէկ ճաճանչ.
Ու կ՚արբենամ գինիովն Անհունի մեծ կարասին՝
Ուր կը ճըմլուին ասուպներ քայլի մը տակ անճանաչ:
Հեշտ է մըտքիս ընկըղմիլ կապոյտին մէջ լուսալիք,
Նաւաբեկիլ – թէ հարկ է – կըրակներուն մէջ վերին.
Գըտնել աստղեր նորանոր, կորսըւած հին հայրենիք՝
Ուրկէ ինկած հոգիս դեռ կու լայ կարօտն եթերին:
Վերանալ քաղցր է ինծի թեւերուն վրայ լըռութեան,
Լըսել միայն Միջոցին շընչառութիւնն անխըռով,
Մինչեւ աչքերըս գոցուին քունի մը մէջ դիւթական,
Ու կոպերուս տակ մընայ Անհունը իր աստղերով:
Այսպէս, այսպէս կը նընջեն գիւղին մարդիկը ամէն.
Հօտաղն է իր սայլին վրայ, վերմակին տակ լուսածոր,
Հարսն է դէզի կատարին՝ ծոցը բացուած զեփիւռէն՝
Ուր կը պարպէ Յարդգողն իր կաթը սափոր առ սափոր:
Եւ այսպէս՝ օր մը պառկած՝ փողփողումին տակ երկնի.
Իմ ծընողներըս մըշակ՝ զիս յըղացան կաթոգին,
Զիս յըղացան սեւեռած իրենց աչքերը բարի
Վերն ամենէն մեծ Աստղին, ամենավառ Հըրայրքին:
ԿԱՄՆԵՐԳ
Կամ կը քըշեմ վաղուան յոյսով՝
Արեւն առած ճակտիս վըրայ:
Հորիզոնը, անհուն լոյսով
Իմ աչքերուս մէջ կը լողայ:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Նուաճէ դէզերը հունձքերուս ժիր, ժիր: –
Կը թըռչըտի շուրջը կալին
Իշամեղուն, բռնկած գոհար,
Ու թափ տալով խըռպոտ տաղին՝
Լըծկանն առաջ կը մըղէ յար:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Քանդէ պըսակն որաներուն, ժիր, ժիր: –
Վարոցըս սուր, հըսկայ, մասուր,
Յօտուած՝ սըրտէն անտառներուն
Իմ ծոյլ եզիս կողէն հաստոյր
Մերթ կը քաղէ կաթիլ մ՚արիւն:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Խուզէ հասկին բոց մօրուքը, ժիր, ժիր: –
Յորձանքին մէջ աշխետ հունձքին
Ես կը լողամ երգերուս հետ.
Մըղեղներուն հետ միասին
Կ՚ըմպեմ խարին հոտն արփաւէտ:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Կոյս հատիկին պատռէ քօղը, ժիր, ժիր: –
Ինչ փոյթ քաղցած ըլլան եզներ,
Ու մըշակներն ալ՝ ծարաւի.
Խոտն է կանանչ ձորին մէջ դեռ,
Թանն աղբիւրին մէջ կը պաղի:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Հասկին սըրտէն սուտակ թափէ, ժիր, ժիր: –
Զուր տեղը չէր, կամըս աղուոր,
Որ օծեցի քեզ կուպրերով,
Զինեցի պորտըդ սեւաւոր
Կայծքարէ սուր ակռաներով:
– Դարձիր կամըս, արագ դարձիր, հիռ, հիռ.
Կըրծէ յարդին ոսկիները, ժիր, ժիր: –
Ցորենն ահա, ցորենն ահա,
Մըշուշին մէջ մըղեղներուն,
Անհունօրէն կ՚արշալոյսնայ:
…Զըւարթութիւ խըրճիթներուն:
– Կեցիր կամըս, ալ կեցիր դուն,
Խաղաղութիւն խըրճիթներուն…
ՄԻՋՕՐԷ
Այս այն ժամն է՝ երբ կալին մէջ Աշխատանքն առած կանգ՝
Արեւուն տակ կը հեւայ:
Կը նընջէ մէն մի մըշակ:
Քարայրին մէջ հեռակայ
Հեծեծագին կը մեռնի զով Զեփիւռը ամրափակ:
Միջոցին սիրտն՝ հըրեղէն ցանցի մը մէջ սեղմուած՝
Կը բաբախէ հազիւ հազ:
Լըռութեան մէջ շողարծարծ
Ինչ հըծծիւններ, ինչ երազ.
Եւ ինչ բոյրեր առտըւան եղէգներուն կըտըրուած:
Կը քընանան անտառներ թուխ կողերուն վրայ սարին՝
Արծաթահիւս քօղի տակ
Կապոյտին մէջ, առանձին,
Կ՚երթայ ամպ մը կաթնորակ
Փափուկ բուրդէն ծըւէններ թողլով ժայռի կատարին:
Կ՚ընդունի հողն իր սըրտին մէջ՝ իր սըրտէն ճեղքուելով՝
Լոյսին նիզակն արիւնոտ:
Աղբիւր մը հոն, ծառին քով,
Կը հեծեծէ նըւաղկոտ՝
Իր ոռոգած ծաղիկին վրայ մեռնիլ չուզելով:
Գոմէշներ՝ լուծը լըքած՝ ճահիճին մէջ կը պառկին
Իրենց բերնէն հոսելով
Թելերն արծաթ շողիքին:
Սայլերն, անդին, դէզին քով,
Հըսկայ ցռուկները ցըցած՝ դատարկութեան կը նային:
Այս այն ժամն է, ով հոգիս, որ ճըպուռին պէս մինակ՝
Կատարներուն վրայ մընաս.
Անդորրին մէջ անապակ
Դուն քու երգով արբենաս՝
Ինչպէս արեւն իր լոյսով, իր լոյսին հետ միս-մինակ:
ԳՈՒՌԸ
Իրիկուան մէջ, գիւղին քով,
Կը մըրմընջէ գուռն ուռիին տակ շըքեղ:
Զայն կը լեցնէ աղբիւրն երգովը բիւրեղ,
Աստղը՝ բիւրեղ արցունքով:
Խորհուրդին մէջ ըստուերին
Կընունքի ջինջ աւազան մ՚է կարծես ան՝
Ուր քաղցրօրէն կը մըկըրտուի լուսընկան՝
Տըղու մը պէս նորածին:
Յոգնաբեկ խումբն եզներուն
Հոն կը դիմէ արահետէն ճախճախուտ՝
Ուրկէ կ՚հոսի, ճապաղելով, ջուրն անփոյթ՝
Մարգերուն տակ՝ պըսպըղուն:
Կողեր կողի դէմ ահա,
Եւ գաւակներ գաւակներու կ՚ընդհարին.
Յանկարծ մոլուցք մ՚եղջիւրներու ահագին
Կը տատանի գուռին վրայ:
Միահաղոյն կ՚երկարեն
Վիզերն իրենց, եւ ռունգերնին յարդամած
Յըստակ ջուրին ադամանդին մէջ մըխած՝
Յաւէրժօրէն կը խըմեն:
Կ՚ըմպեն ալիքն անապակ,
Լոյս ծիւրումը պարեխներուն սառնակերտ.
Ու չեն խըրտչիր լուսընկայէն՝ որ մերթ մերթ
Կ՚լողայ իրենց բերնին տակ:
Կը վերցընեն երբեմն, յագ,
Հըզօր գլուխնին, ու կը նային սարերուն…
Կը սորսորայ իրենց դունչէն՝ քարերուն՝
Ջուրը, երակ առ երակ:
Անդէորդն, հոն, մահակին
Վըրայ կըրթնած՝ կը սուլէ երգն հեշտօրօր,
Մինչեւ վէտ վէտ ցամքի հեղուկը բոլոր,
Մընայ մամուռն՝ յատակին:
Կ՚երթան յետոյ, օրօրուն,
Գոմին խաղաղ գաւիթին մէջ պառկելու.
Կը կարկաջէ գիւղամէջէն, զերդ առու,
Զանգակն իրենց վիզերուն:
Ու երբ դարձեալ գան առտուն
Պիտի գըտնեն հըսկումին տակ ուռիին
Գուռը նորէն լեցուած երգովն աղբիւրին,
Եւ արցունքովն՝ աստղերուն:
ԵՐՆՈՒՄ
Իրիկուան մէջ հովերն հեւուն
Երբ դուրս կ՚ելլեն քարայրներէն՝
Մէկ ծայրէն միւսը կալերուն
Ալ կամնըւած հունձքը կ՚երնեն՝
Հըծծելով երգն Աշխատութեան.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
Հարս ու աղջիկ, պարմանիներ,
(Ժըպտուն վարդեր մասուրի քով)
Իրենց ձեռքին հոսելիներ
Կը ճեղքեն թեղն, յոյսերու բով.
Ու կը պոռթկայ երգն յաղթական.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
Ժիր շարքերուն մէջ ինչ խուճապ
Ելլող իջնող բազուկներու…
Հեղեղներ են՝ որ հապշտապ
Վեր կը նետուին՝ սաթ տեղալու.
Ու կ՚եռայ երգն ալետատան.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
Հովեր կ՚անցնին, խարտիշահեր,
Թողլով որ վարը երկարին
Յարդգողի լոյս ճանապարհներ՝
Ուր սարեակներ կը թափառին՝
Սուլելով երգը ցընծութեան.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
Ուսերէ վեր ինչ փոթորիկ,
Ինչ փաղփումներ մազերու մէջ…
Ցորենին հետ, հատիկ հատիկ,
Կը թափի ցօղն իրիկուան գէջ:
Ու կ՚ըղձայ երգն երանութեան.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
Ու երբ ոսկւով ծեփուին կալեր.
Հարսերն ոսկի քօղեր առնեն,
Եւ ցորեանի ձուլուին սարեր՝
Զոր գայ լուսնակն օրհնել վերէն՝
Պիտի նուաղի երգն աղուական.
–Երնէ, էրան, երնէ, էրան.
Յարդը քեզի, մեզի ցորեան: –
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Ափ մը ցորեան ափերուդ մէջ
Թող լեցընեմ, կըտրիճ Որդիս.
Կըտրիճ Որդիս, գօտին մէջքիս
Թող մաճակալ բազուկներէդ
Քըսան ցուլի արիւն անցնի,
Եւ եղեւնի քու հասակէդ
Քըսան տունի սիւնը կանգնի.
Ու երբ թիւովը մատերուդ
Սերմանես քու մերմընցուն՝
Հընձես թիւովն աստղերուն:
Ափ մը ցորեան գըլուխդ ի վար
Թող որ թափեմ, Թոռնիկ սիրուած,
Թոռնիկ սիրուած, ցուպըս ծաղկած.
Թող ճակատիդ վըրայ գըրուի
Հարիւր սաղմոս իմաստութեան,
Եւ ուսերուդ վըրայ դըրուի
Տապանակը ըզգաստութեան.
Ու երբ հօտիդ օր մ՚այցելես՝
Թող քու ափիդ գարիին
Հազար ոչխար երկարին:
Ափ մը ցորեան մազերուդ մէջ
Թող որ տեղամ, վարդ Թոռնուհիս,
Վարդ Թոռնուհիս, պըսակ շիրմիս.
Թող այտերուդ վըրայ շողան
Ամէն գարուն նոր կակաչներ,
Եւ աչքերուդ մէջը լողան
Ամէն ամառ նոր ճաճանչներ.
Ու երբ տընկես ճիւղ մ՚ուռիի
Ամէն ապրիլ դուն տեսնես
Իր շուքին տակ կանանչ քեզ:
Ափ մը ցորեան ծոցերուդ մէջ
Թող որ ցանեմ, Հարսըս աղուոր,
Հարսըս աղուոր, սէրս հեռաւոր.
Թող անկողնիդ ակօսին մէջ
Հասկ մը ծըլի՝ լըման շարքով,
Եւ օրօրած օրոցքիդ մէջ
Արշալոյսներ նընջեն փառքով,
Ու երբ կըթես քառսուն երինջ
Դոյլերուդ մէջ մակըրդի
Կաթը՝ արծաթ, դալն՝ ոսկի:
Ափ մը ցորեան, ափ մը ցորեան
Այ իմ պառաւ, այ իմ Աննա,
Մեր գըլխուն ալ թող որ տեղայ մօտեցնէ,
Նուռի ծաղիկներ երկինք նայեցէք.
Ձեր վրայ հոսողն աստղերու սէրն է:
Ազնիւ հոգիներ, ինչ կ՚երազէք դուք.
Կեանքը ձեր գլխուն կը դընէ պըսակ,
Ճերմակ հոգիներ, իրար փարեցէք,
Կը ծաղկի Յոյսը ձեր լանջքերուն տակ:
Կ. Պոլիս, 1 օգոստ.
ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, երգ երգելով,
Լուսնակ ճամբով,
Ով գիւղակներ, գիւղակներ.
Ձեր բակերուն մէջ ամէն
Թող գամփըռներն արթըննան,
Եւ աղբիւրները նորէն
Դոյլերու մէջ քրքըջան.
Ձեր տօներուն համար դաշտէն՝ մաղերով
Վարդ ենք բերեր՝ խաղերով։
Այս իրիկուն ձեզի կ՚ուգանք, սէր երգելով,
Սարի ճամբով,
Ով հիւղակներ, հիւղակներ.
Եղջիւրներուն դէմ եզին
Թող ալ բացուին ձեր դուռներ,
Թոնիրը մխայ, պըսակուին
Կապոյտ ծուխով կըտուրներ.
Ահա ձեզի հարսերը՝ նոր մանչերով՝
Կաթ են բերեր՝ փարչերով։
Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, յոյսն երգելով,
Արտի ճամբով,
Ով մարագներ, մարագներ.
Ձեր պատերուն մէջ խաւար
Թող նոր արեւ նըշողէ,
Երդիքներուն վրայ դալար
Լուսնակն ալիւր թող մաղէ.
Ահա ձեզի բերեր ենք խար՝ խուրձերով
Յարդը՝ անոյշ ուրցերով։
Այս իրիկուն ձեզի կու գանք, հացն երգելով,
Կալի ճամբով,
Ով ամբարներ, ամբարներ.
Ձեր մութ ծոցին մէջ հըսկայ
Թող բերկրութեան շող ցաթի.
Սարդոստայնը ձեր վըրայ
Թող ըլլայ քօղ մ՚արծաթի.
Զի բերեր են սայլեր, սայլեր շարքերով
Ցորենն՝ հազար պարկերով։
ԱՄԲԱՐՆԵՐ
Տընակին մէջ մըթընշաղ, կըտուրին տակ հայրական.
Ամբարներն են, շար ի շար, նոր բերքերով ծոցուորած։
Իրենց լայնշի արգանդէն՝ թանձըր բոյրերը կու գան
Աշուններուն պըտղալից եւ արտերուն մանգաղուած։
Հոն է վիգը թըխահատ, հոն է գարին իլաձեւ.
Հոն, քամուելով ակօսէն ու հոսելով սարն ի վար
Ցորեանն հեղեղ է կազմեր։ Անոնք ոսկի եւ արեւ
Գըրկած կարծես թէ ըլլան արշալոյսներ ամպածրար։
Գերաններէն ծըխապատ, եւ մենաւոր պատերէն
Սարդն անոնց վրայ է փըռեր պատմուճանները մոխրոտ։
Մերթ անոնց վրայ կը ցաթէ շեշտակի լոյս մը վերէն
Տատամսելէ վերջ երկար շուրջն երդիքին արեւոտ։
Անոնք իրենց ծոցին մէջ գանձերն հողին ծըրարած՝
Կարծես լըռիկ կը հեգնեն ձըմեռն ու սովը վաղուան…
Իրենց առջեւ, մըշտարթուն, թաւ պոչին մէջ ծըւարած,
Կը հըսկէ տանը կատուն, Համբարուի մը նըման։
ՄԱՐԱԳՆԵՐ
Առուոյտի մարագ, լեցուն բոյրերով
Խունկի, հաշիշի.
Երբ դուռըդ բանամ՝ ցուլերը բոլոր
Ճակատով լայնշի
Կը պոռոչեն, խօլ կըտրելով իրենց
Վըզտէքը կաշի։
Ոլոռնի մարագ, լեցուն լեռնաբոյր
Հազար ծաղիկով.
Երբ մըսուրներուն խուրձերըդ տանիմ
Կողով առ կողով՝
Կը խընկէ ծոցիս, թեզանիքիս մէջ
Համեմդ՝ օրերով։
Յարդերու մարագ, երդիքէն նայող
Արեւով լեցուն.
Դու՝ որուն կակուղ դէզին վրայ պառկած
Կը ցըկնի կատուն,
Դու՝ որ կ՚արծաթես դունչը գառներուս
Օրհնեալ ըլլաս դուն։
ԱՂՈՐԻՔ
Էյ աղորիք, դարձիր, դարձիր,
Նըստած կանանչ խորը ձորին.
Աղաղակէ երգըդ խորին
Դէպի լուսնակն արծաթածիր։
Դուն դողդոջուն տընակ մըն ես
Ալիւրոտած պատերով՝ ուր
Կարծես կու լան հիազարհուր
Ջըրանոյշներ հագած բեհեզ։
Միշտ կը հըսկէ մէջըդ, արթուն,
Աղորեպանը ճեփ-ճերմակ.
Եւ ըստ պէտքի՝ մեղմ կամ արագ՝
Կը լարէ սիրտըդ բաբախուն։
Էյ աղորիք, բանտուած մրրիկ
Ծառերուն մէջ. Աղա, աղա,
Փըրփուր խըմէ, ալիւր տեղա.
Քարէ կուրծքէդ տեղա բարիք։
Կեցուր գետակն ընթացքին մէջ
Իր ծըփանուտ բաշէն բըռնած։
Ջըրվէժն ահեղ երգի փոխած
Պոռթկայ վիհէն վար գահավէժ։
Սայլեր, սայլեր անծայրածիր
Ջաղացքներուն ճերմակ ճամբէն
Աղօնն իրենց քեզ կը բերեն…
Էյ աղորիք, դարձիր, դարձիր։
Ցորեններ թող ալիւր ըլլան
Պորտին մէջ ժիր երկաններուն՝
Որոնք բռնուած տենդով մ՚անհուն
Կը մըռըլտան ու հիռ կու գան։
Ցորեններ թող ըլլան փոշի
Զիրար գըրկող քարերուն տակ.
Զիրար կըրծող ժայռերուն տակ
Ցորեններ թող ըլլան նաշիհ։
Մինչեւ լեցուին շարան շարան
Պարկերն, ու վեր կանգնին նորէն.
Եւ սայլերն ալ ճըռուողելէն
Ոսկին թողած՝ լոյսով դառնան։