ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ

ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ

ՄՈՒՍԱՅԻՆ

-«Թեւերս, ուղիղ դէպի բարձունքըդ վըսեմ`
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցուր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ,
Երբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր:
Երգել կ’ուզեմ. թող սարսըռայ բընութիւնն
Մատերուս տակ, ինչպէս մօր ծիծն հոլանի`
Մանկան առջի բընազդական դըպչելուն.
Եւ կեանքը թող շըրթունքիս վրայ լուծանի
Երգել կ’ուզեմ, որոտներն ինչ կ’ըսեն մեզ,
Կ’առնէ խօսք մ’հովն ամպէն, հովէն ալ` ջաղաց
Բառ ունի աստղն. երգել, երգել կ’ուզեմ ես
Զի կը խօսին երգով Բնութիւնն ու Աստուած
Կ’ուզեմ ծովուն հետ սիրտ սըրտի ես յարիլ
Իմ անհունիս մէջ այդ անհունը թաղել
Բուռն իղձն ունիմ մըրըրկին հետ մաքառիլ
Եւ գլուխս` Էին գաղտնիքներուն դէմ բախել
Գըրուած է Սէրն` վարդին, Հաւատքն` աստղին վրայ
Զանոնք հեգել կ’ուզեմ քնարի շըրթունքով
Կ’ուզեմ բնութիւնն յօրինել քօղ մը ծաղկեայ
Մտածման ամէն ձեւ իր ներքեւ քօղելով
Տուր, ով Մուսա, տուր այդ քընարըդ բըռնած
Պիտ’ իմին սիրտս, իմին աշխարհս ըլլայ ան`
Ուր գաղափարն` պիտի բնակի զերդ Աստուած,
Վեհ գաղափարն աչքերով բոց, թռիչքով լայն:
Անոր վըրայ պիտի հալի խանդն հոգւոյս,
Անոր վըրայ պիտի սիրտս յար քըրտընի,
Ինչպէս կարմիր եւ սարսըռուն արշալոյս
Մը` սէզերուն, հասկերուն վրայ գարունի:
Պիտի այդ քնարը կապէ իմ շըրթներուն
Ժողովուրդին շըրթունքը հուր, սիրագին,
Եւ պիտի այդ համբոյրն ըլլայ բուռն, անհուն,
Համբոյրին պէս` տըրուած ծովէն եզերքին:
Երգերն անոր պիտի պատմեն Սարսուռներ`
Մարմնաւորած իմ արիւնէս, շարժումէս,
Ներշընչելով տողեր, փուշի ակօսներ,
Ուր, հողմակոծ, պիտ’ ծըլի վիշտն աղեկէզ:
Պիտի մռընչեն զարհուրանքները կեանքին`
Մէջը սուզած` արդարութեան, բարութեան.
Սըրբազան քնար, պիտ’ լարերն իր մըկըրտուին`
Մարտիրոսուած եղբայրութեան աւազանն:
Ով սուրբ Մուսա, Մուսա մատաղ, լանջաբաց,
Կարծես դեռ նոր ձըգած աստղէ օրոցքդ հուր.
Ով վարդ կոյս, դու, ժողովուրդին խոստացուած,
Լայն սէրերու դու խոստացուած, քնարըդ տուր:
Երիտասարդ` բայց շուտ ճանչցած շատ բաներ`
Գիրկըդ կու գամ երազելու առանձին.
Մէկդի թողած եմ ժըպիտ, խաղ ու պարեր,
Նորընծայ եմ գաղափարի աշխարհին:
Թեւերս, ուղիղ դէպի բարձունքըդ վըսեմ`
Քնարըդ կ’ուզեն, կ’ուզեն քընարդ. երկընցուր:
Կը տրոփէ մէջս երգերու սաղմն. կը սպասեմ.
Երբ պիտ’ տըրուի անոր ծնուցիչ քու համբոյր»:
Այսպէս ըսի: Եւ պատասխանն աղեկէզ`
Մուսան` վերէն հովին յանձնեց դէպ ինծի.
-«Տենչիդ ըզգոյշ, այս քընարս է շինուած, տես,
Սեւ նոճիէ, փթթում մահուան աւիշի:
Թըշուառ հոգի, անոր լարերն են բերուած
Փետըռտըւած գանգուրներէն որբերուն.
Կ’երթան երգերն, հեւհեւալով, սըրընթաց,
Ուր որ կ’երթայ ոտքը բոպիկ` խեղճութիւնն:
Հեռու ասկէ, գիտցած ըլլաս` որ այս քնար`
Քամահրանքով պիտ’ անտեսեն ձերիններ.
Զի օտարին ոսկւոյն քով իսկ` ձեր գոհար`
Աչքերնուդ շող մըն ալ, ըստէպ, չի ցայտեր:
Պիտի գոցէ իրենց ալիքը բուստերդ,
Եւ փուշերու, եղիճներու մոխիրով
Պիտի թաղեն կայծերն հոգւոյդ բոցակերտ`
Նըւագներուդ ողբը քեզի դարձնելով:
Հեռատեսէ. ապագադ խիստ մըթին է.
Հեռատեսէ. գերեզման մ’է ապագադ.
Խանձարուրէդ պիտի օրոցք մը չելլէ.
Պիտ’ չը գըտնես միջոց թռիչքիդ համեմատ:
Ժողովուրդին ըլլալ կ’ուզես մօրդ չեղած.
Ծնողքիդ արցունքը քու դարձիդ կը սպասէ.
Արեւմուտքի մէջ ծաղիկներդ ընձիւղած
Պիտի խորշակն Արեւելքի ազազէ:
Մըտածումի, ըզգացումի այս ճամբուն`
Խընդի արեւը չէ սըփռած իր շէկ բաշ.
Հոն կը շըրջի Աբովեանի մ’հէգ ուրուն,
Հոն Դուրեանն է լացած, տըխրած Պէշիկթաշ:
Ինչ, կ’ուզես քնարն, որուն շանթերը մէջի`
Պիտի հաճոյ չը մըռընչեն շատերուն.
Որուն վրայի քօղն է սեւ քօղ մը խեղճի,
Թէպէտ ըլլայ մէջն արշալոյս մը շողուն:
Ինչ, այս քընարը կ’ուզես, քնար սեւ փայտէ.
Այս` վէրքերու գործի մըն է, այս է հուր.
Ապագադ է, այս դագաղդ է, անունդ է»:
Ես, անյողդողդ, ըսի անոր.
-Ըլլայ, տուր:

ՄԵՌԱԾԻՆ ՀԱՄԲՈՅՐ ՄԸ
Համբուրեցի: Մըտերմութեամբ սիրայեղց,
Սիրտս անտեսեց նախ սարսուռն այդ դիակին:
Կը զատուէր ան. հոգիս մեծ փերթ մը ուզեց
Իրմէ յանձնել մահուան այդ սեւ թըռչանքին:
Այդ համբոյրն արդ կը ճամբորդէ ու կ’անցնի
Գերեզմանին մէջէն, մէջէն սեւութեան.
Մեռած ճակտի մը վրայ սիրտ մ’է կենդանի.
Ծաղիկ` նետուած ցուրտ մարմարին շիրմական:
Եւ կը դողայ փաթթուած այդ ճակտին վրայ:
Զինք մահուան այդ ճամբորդին` Սէրն է յանձներ.
Եւ Սէրն է խիստ, խիստ զօրաւոր, ան կըրնայ
Կայծը` մոխրին, ողջը` դիակին միացնել:
Ով համբոյր, դու արցունք մ’էիր շրթունքի.
Քեզ յըղացայ խոցուած սըրտի արիւնով,
Եւ դամբանի ջահին մրուրովը սուգի.
Քեզ սընոյց կոծն ուռիներուն հողմախռով:
Երբ սիրելի Մեռնողն հեւքոտ իր հոգւոյն
Թռիչները, լուռ, կը տարածէր դէպ երկին,
Մինչ իմիններս անոր դէմքին դեղնագոյն
Կ’ամփոփուէին` ծընար դու այն վայրկենին…
Ով սէրերուս ցայտումն անկեղծ եւ անանց,
Գիտես այլեւս ապրիլ նոյնիսկ կեանքէ վերջ…
Մըտերմական անունի մ’հետ սիրտ կապուած`
Կը հոսեցնես քաղցր յիշատակ մ’հոգւոյս մէջ:
Ուրիշ հազար համբոյրներու մէջէ հին`
Քու վըրադ սոսկ կը մըտածեմ ընդերկար.
Միւսներն հիմա սըրտերու մէջ կը հանգչին,
Մինչ, անձնանուէր, դու լոկ դագաղ դըրուեցար:

ՀԱՅՐ, ՕՐՀՆԷ
Հայր իմ, օրհնէ. ժամը հասաւ. պիտ’ երթամ.
Նոր կեանք մ’ինծի կը սպասէ:
Պատանութիւնն ես թողուցի. նոր արիւն
Երակիս մէջ կը վազէ:
Յառաջ, յառաջ. գըլուխս ետ չեմ դարձըներ.
Երկընքէս վար թող իյնան
Անվիշտ կեանքիս ամէն աստղեր. հոգըս չէ.
Անցեալս իջնայ թող դամբան:
Օհ, ինծի ինչ թէ կը փետեմ վարդին թերթ,
Եւ փուշին կեանք կու տամ միշտ,
Թէ գըրկաբաց յորձանքին մէջ կը նետուիմ.
Խինդս է` ձանձրոյթ, սէրս է` վիշտ:
Ամէն խայտանք ջախջախեցի սըրտիս մէջ.
Չեմ վախնար սեւ ծըծելէ.
Վանք մըտնող կոյս մ’եմ` որ խըզուած իր վարսեր`
Անխիղճ, անհոգ, կը դիտէ…
Հայր, ես կ’երթամ այն ճամբայէն` որ ճերմակ
Մազերուդ զիս կը տանի,
Վաստակաբեկ ոսկըրներուդ, ծեր սըրտիդ
Եւ սէրերուդ կենդանի…
Բաւական է. - աշխատեցար, կըրեցիր,
Ամէն նետի, հարուածի
Վահան եղար ինծի համար. հոգիդ է`
Որ հոգւոյս մէջ կը յածի:
Իմ արիւնս է գոյացած քու քըրտինքէդ.
Յոգնութեանդ ծիլն եմ տըխուր:
Հոգիդ, կաղնի, երբ կուրծք կու տար մըրըրկին`
Ես շուքին տակ, հանգիստ, լուռ
Կը մեծնայի: - Հարկ է հիմա ալ հանգչիս
Եւ ես քեզի յաջորդեմ…
Խոնջենք, խոնջենք. կ’ուզեմ կըռուիլ, աշխատիլ,
Ելլել կեանքին, կեանքին դէմ…
Հայր իմ, օրհնէ. դողդոջ ձեռքերդ գըլխուս դիր.
Թող մատերէդ կաթի վար
Աղօթքդ` եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն:
Վերջին ժամն է. օրհնէ, հայր:

ՁԻՒՆԷ ԴԱԳԱՂԸ
Հոս կը պառկի: Ոսկի ձեղուն չը կայ վրան.
Եւ պատեր պերճ, դիպակազարդ, անսասան`
Ցուրտը դըրսի` ներսի տաքէն չեն բաժներ
Նըկարներէ նըկար մրափուն իր աչքեր
Հեշտ երազի մ’ետեւէն չեն թափառիր.
Եռոտանւոյն վըրայ հալուէն չի վառիր:
Հոս կը պառկի: Քուն մըն է այդ` որ երբեք
Պիտ’ չը բանայ իր այդ գոցած աչքերն հէգ.
Գիշեր մըն է` որուն արգանդը մութի
Պիտ’ չյըղանայ արշալոյս մ’իսկ` որ փըթթի:
Ան իր գըլուխն հըռըլտիւնով վար դըրաւ,
Եւ աղօթքով ալ պիտի վեր չառնէ բնաւ:
Երէկի ձիւնն անոր դագաղ մ’է ճերմակ,
Այսօրուան ձիւնն ալ` կափարիչ մ’ըսպիտակ.
Բնութիւնն ուզեց այդ մարմընոյն մերժըւած
Պատըսպարան մը նըւիրել, ոհ, առանց
Մըտածելու թէ գերեզման մը կու տայ:
Հէգ մոլորած, սա գինետան մօտակայ
Դըռնէն ելաւ, եւ անգիտակ, խօլ, ինքնին,
Ինկաւ դըրան առջեւը սա պալատին:
Արբեցած էր: Ձիւնի մէջ ըլլալը չըզգաց.
Արդէն հիւղին ան որ խորշն էր ջերմ գըտած:
Հոս չը կար վիշտ, չը կար լալօնը մանկան,
Եւ ողբը մօր ալ անկարող դիեցման.
Չը կար խեղդուկ ձեղուն, խաւար եւ բորբոս,
Չը կայ մըրուրն առկայծ ճրագին. լաւ էր հոս:
Լաւ էր այստեղ:
Սառ բուրգին տակ եղաւ սառ,
Եւ սա քարէ սեմին վըրայ դարձաւ քար,
Հոն դընելով ահռելութիւնը կեանքին.
Եւ իր ուրուն պտըտցնելով` ներսն հեշտին
Նընջողներուն երազին մէջ, իբր օձ մի`
Որ զինք ճընշող գաւազանին կ’ոլորտի:
Ալ բնութիւնն այս իր խորթ որդին ընկէցիկ
Մոռացօնքի մէջ թող պատէ. թող մարդիկ
Վաղն` այս իրենց խեղճ աքացածը տանին
Լըռութեան ծոցն - երկրորդ աշխարհը մերին -
Երազանքի համար է մեր օրօրանն,
Ու անկողինն` յոյզի, շիրիմն` լռութեան…
Դէմքն հեգնութեամբ մը դարձած է երկընքին`
Ուրկէ շող մ’իսկ չինկաւ անդունդն իր կեանքին.
Ուրկէ խուսած մէկ կաթիլ մ’իսկ կապտագոյն`
Չը միացաւ իր ովկիան սեւերուն.
Մինչ շատերուն անծիր գըմբէթ խընդութեան,
Իրեն համար նեղ առաստաղ մ’եղաւ ան.
Եւ չը սըփռեց լոյս մ’իր քայլին այցելու`
Որ, մոլորած, կ’երթար եղտիւրն ախտերու,
Այդ երկինքն, ոհ, տըւաւ անոր օրերուն
Սեւ հիւղ մը լոկ, եւ դիակին` ճերմակ ձիւնն:
… Պիտի փայլի վաղն արեգակն անոր վրայ,
Այդ մեծ ճըրագն` որ կոյր երկրիս լոյս կու տայ.
Եւ պիտի ձիւնը շողշողայ ցուրտ մարմնոյն`
Պըտոյտքելով անոր դեռ սեւ մազերուն,
Ինչպէս ճերմակ եղեամն հովէն կը թըրթռայ`
Սեւ վեհութեամբ կանգուն նոճի մը վըրայ:
Վաղը, ժողվուած վառարանի մը չորս դին
Մինչդեռ ժըպտով մը որդիներն հարուստին
Գիրկերէ գիրկ պիտի կայտռեն, - ըստորեւ,
Հոն հիւղին մէջ, ցուրտ անկողնի մը առջեւ`
Որ դատարկ է, խեղճին տըղաքն անխընայ
Պիտի ճըւան. «Հայրիկն, հայրիկը չը կայ»:
Ով լըքուածներ փոքրիկ, նօթի, ցրտահար,
Պիտի այլեւըս չը դառնայ ձերին հայր.
Թերեւս առանց ողբացուելու ձեզմէ` զայն
Փութկոտօրէն մոռացումի հողին տան.
Զի մարդըս այնքան կը շտապէ` մէջտեղէն
Վերցընելու իրեն նըմանը արդէն:
Ան հոն է, հոն, հեռուն մեծ տան մը սեմին`
Ալ անկենդան տարածուած է իր մարմինն:
Հոն սըգաւոր աչք մ’իսկ չը կայ` որ զինք լայ.
Դագաղի ծածքը սեւ չիյնար իր վըրայ:
Յաւէրժօրէն գիշերն իջաւ ծոցին մէջ.
Թոյլ երակները չունին ալ ելեւէջ.
Ցուրտն իր ներսի` դուրսի ցուրտին միացած`
Խեղճն ըրին մարդ մը սառոյցէ յօրինուած.
Սեւ քուրջերուն, կընճիռներուն մէջ ճակտին
Կը քընանայ կարծես սոսկումն ահագին.
Կէս բաց շըրթներն (ձիւնէ ակօս դէմքին վրայ)
Կ’ըսեն կարծես. - «Ինձ գերեզման մ’ալ չը կայ»:
Պիտի բացուին դըռներն հիմա պալատին.
Պիտ’ միանան ծիծաղ մ’հիմակ այս սուգին:
Ոտքի ծայրով` դիակը ցուրտ, վըշտակիր`
Պիտի շարժեն եւ պիտ’ ըսեն. - «Արթընցիր»:
Եւ իր գըլուխն աստիճանէն մարմարեայ
Սալյատակին քարին, անշունչ, պիտ’ իյնայ…
(Ոհ, ով Տէր իմ, Տէր անայլայլ, անվըրդով,
Էր կը փըշրես ալիքն` եկող ալիքով.
Էր կը յանձնես տերեւը` գուժ մըրըրկին,
Լերան աւազն` հեղեղներուն մոլեգին.
Էր կը մատնես մարդը` մարդուն կ’եղեքման
Եւ հէգ ճակատը` ոտքերու յաղթական):
Օն, արթընցիր: Եւ պիտի ան նընջէ դեռ:
Պիտի ըսեն. - «Հողին տըւէք. չը խըմէր»:
Ինչ, չը խըմէր: Ոճիր մ’է այդպէս խորհիլ
Դատաստան մ’է քարէ սըրտի, մըտքի շիլ:
Մենք, անձնապուրծ, նաւուն վըրայ ջըրհերձիկ`
Անոր համար ուսման լաստ մ’իսկ փըշրեցինք,
Եւ արդ կ’ապշինք չը գըտնելնուս համար զայն`
Հոս, ծովեզերքն ազատութեան, փըրկութեան:
Անգէտ մանուկ մըն էր առաջ` որ ամէն
Մեր անարդար թողլըքումի շարժումէն`
Սահմըռտկելով իջաւ դէպի ցուրտ պատրանք.
Ու երէկուան հէգ մերժուածն (այս գիտնաք)
Այսօրուան կոյր կորսըւածն է` զոր կ’ատեն:
Այն նօթի տղան` որ կը վըռնտուէր մեր դըռնէն`
Այս մոլորած մարդն է, որ մեր սեմին վրայ`
Կը դառնայ Վրէժը սըրբազան եւ հըսկայ:
Ան` մեր հրածն է, որ խոցոտ քան թէ գինով,
Հոս տեղ ինկաւ, պատէ ի պատ երթալով:
Ինչ, մաքրափայլ շիթը պըղտոր ուղխին վրայ
Կը կաթեցնէք, եւ կ’ուզէք ալ պայծառ մնայ:
Թարմ տունկին չէք տար ոռոգումն կենսական,
Սիւքի համբոյրն, լոյսի հեղեղը գարնան,
Եւ կ’ուզէք ալ` որ հողմավար, ազազուն,
Անցքին վըրայ չը կառչի ձեր ոտքերուն:
Աղքատութիւնն ըզմարդ կ’ընէ ախտաւոր.
Բիւր գինովին ինն հազարն են չըքաւոր:
Զիրենք մոռացող աշխարհն մոռնալ կը ճըգնին`
Ալքոլի մէջ խեղդելով կեանքը վըշտին:
Կ’ուզեն իրենց հառաչին մէջ ու լըքման,
Եւ լացին խորն իրենց կընոջ եւ մանկան`
Գտնել ցնորքի մը երազներն սատապէ
Եւ խինդ մ’որ թոյլ ուղեղը լոկ կը խաբէ:
Կ’ուզեն քօղեր ձըգել իրենց աչքերուն`
Որ չը կարդան ճակատագրին տողն - արիւն,
Որ չը տեսնեն մռընչող ալիքն ոտքի տակ,
Եւ գըլխու վրայ` գիշերուան սեւն այլանդակ.
Որ չը տեսնեն նոյնիսկ զիրենք, սեւ, թաղուած
Կիսով չափ խորը դամբանի մ’մըթամած,
Նըման լացող ուռենիի մ’որ, տըկար,
Կ’իջեցընէ գըլուխը մութ վըհէն վար:
Եւ այսպէս, ոհ, նըման շուքին, սարսուռին`
Հորիզոնէն դողդըղալով կը սահին:
Զիրենք յիշող լոկ կը ձըգեն, մերկ, անտէր,
Խոնաւ հիւղին մէջ վիժած, փոքր անդամներ.
Տալով (տխուր ժառանգ` որ միշտ կը մընայ)
Իրենց անցեալն` անոնց իբրեւ ապագայ:
Կ’երթան, կ’երթան փուշի մէջէ եւ ձիւնի.
Փուշին վըրայ կը սըրսկեն շիթն արիւնի
Բաց վէրքերէ, եւ ձիւնին վրայ կը թողուն
Կաղապարներն իրենց նիհար, ցուրտ մարմնոյն:
Կ’անցնին, կ‘անցնին մութի մէջէ, եղեամի,
Յուսալով միշտ հանգըստութեանը շիրմի…
Մինչ դու, ով մարդ, պատուհանիդ առջեւ, գոհ,
Կը ժըպտիս ցուրտ պըտոյտքներուն ձիւնին… ոհ,
Անոնք, անգէտ, կը ծածկեն, հոն, քիչ մ’հեռուն,
Մարմինն եղբօրդ` որ կը հըծծէ. -Գըթութիւն:

ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ
Դաստիարակն է: Կը խօսի ծանր, յըստակ,
Ձայնն աստղերէն, լոյսէն կու գայ:
Բառը կ’ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ.
Զայն կ’արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:
Թոք կը սպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կու տայ,
Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն.
Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն`
Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ…
Վըսեմ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,
Ըզգուշաւոր հըպումներով`
Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով,
Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:
Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց
Կը զետեղէ ճառագայթներ,
Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր` բարեբեր
Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէջ ամփոփած:
Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին,
Մանկան շըրթներ` որք կը ծըծեն,
Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն,
Այդ իր կեանքն է` որ կ’անցընէ ուրիշին:
Եւ այսպէս օր մ’երբոր ըլլայ զոհ մը, ծեր,
Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք,
Պիտ’ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`
Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ’ապրի դեռ:

ՀԱՇԻՇ
Սիրտը լեցուն է բանտին խաւարով.
Ալ դաշտ ու երկինք չը կան իր համար.
Պիտ գընէր աչքի հազար գոհարով`
Աստըղ մ’ան նոյնիսկ` ասուպ ալ ըլլար:
«Օն, հաշիշ բերէք, - կը մըրմընջէ ան, -
Երբ աշխարհս ինծմէ այսպէս կ’ապշոպեն,
Ես կ’ուզեմ հոգւոյս մէջ ըստեղծել զայն.
Օրօրուիլ, բուժիլ հըզօր ցընորքէն:
Օն, հաշիշ բերէք»: Եւ ան կը ծըխէ,
Իբր ուրախութեան ըստինքը ծըծէր.
Կը հոսի երազ ջըլերուն մէջէ.
Աշխարհը լուծուած կ’ելլայ սիրտն ի վեր:
Աչքերը բանտին դիմաց կը գոցուին`
Ապարանք մ’իր մէջ գտնելու համար.
Բիբերն հըրաժեշտ կու տան խաւարին`
Աստղեր բերելու խոստումով ճարտար:
Եւ կը քընանայ արուեստի քունով`
Ինչպէս խըղճի խայթն` աղօթքէ մը վերջ.
Ով թըշուառ հոգի, հիմա ապահով,
Ազատ է եւ տէր` ցընորքներուն մէջ:
Եւ կ’երազէ շատ, շատ բաներ աղուոր
Կամ յոռիներն ալ աղուոր կ’երազէ.
Բըռնած շըղթայի մ’օղակն ահաւոր`
Կընոջ մը մանեակը զայն կը կարծէ:
Վարդէ, ոսկիէ գերի մ’ափն ի վար
Իր մանկան խաղին կը ժըպտի հիմա.
Կամ ինքն իսկ մանուկ` լըճակին մէջ յար
Երկինքն` երկընքին մէջ զինք կը տեսնայ:
Շըրթունքները լուռ, մեղմիկ կը դողան`
Անշուշտ ուրիշներ գըտնալնուն համար.
Թերեւս (ով գիտէ) կը լըրացնէ ան
Համբոյր մ’ատենով թողուած կիսկատար:
Կամ կը շըրջի արտն` ազատ քայլերով.
Կը վայլէ երկինքն, աստղերու արգանդ:
Մի արթընցընէք, քանզի ապահով
Զինք կը փոխադրէք լոյս աշխարհէն` բանտ:
Թողէք քընանայ… թող հաշիշին մէջ
Սեւ շըղթան բեկտի` վիշտը լուծելով,
… Ով անմահ մեկոն, երազի առէջ,
Դու ցընորքն հիւսէ ոսկեղէն թելով.
Հիւսէ խընդութիւն մը անըրջական
Իր խոցուած հոգւոյն, ուղեղին վըրայ.
Ժըպիտն աղուոր է, եթէ նոյնիսկ ան
Խաբուած ջըղերու վիժածն ալ ըլլայ:

ՏՂԱՔ, ՆԵՐԵՑԷՔ
Մի, մի ծեծէք: Ինչ, խառնակեց ձերին խաղ.
Կամ թէ անգէտ եւ դիպուածով, մըտազբաղ,
Ձեր գընդակին զարկաւ ոտքով մէկէն մէկ.
Թափեց մելանը թուղթերնուդ. - Ներեցէք:
Ոհ, ներեցէք, զի հայ մըն է, մեր եղբայր.
Ոհ, ներեցէք, զի տըկար է, ցաւագար.
Բնութիւնը այդ խեղճ էակն է անտեսեր.
Չէ թափած իր կազդուրող հիւթն եւ ուժեր`
Անոր մարմնոյն, եւ իր բոցերն` հոգիին.
Կոյր մ’է եղած անոր, մինչդեռ դայեակ մ’հին
Ձեզ շատերուդ:
Սուգի շիթ մ’է այդ տըղան`
Որ եկաւ հոս` մեր լուտանքին, նենգութեան
Մէջ ընելու իր սեւ շըրջանն արցունքով.
Թողէք այդ աստղը, հանդարտիկ, անվըրդով,
Իր հորիզոնն իջնէ, առանց զանիկա
Ասուպ ‘նելու, թէպէտ արեւ ալ չըլլայ:
Թըշուառ ծաղիկ գերեզմանի, տըխրութեան,
Ոհ, փոթորկէ փոթորիկ մի յուզէք զայն,
Այսինքըն` խօլ բարկութենէ բարկութիւն.
Ինչպէս դուք, ան ալ սիրտ մ’ունի ըզգայուն:
Հակած ճակատն ու նայուածքները աղօտ,
Ամէն քայլին` վարանումները վախկոտ,
Եւ արցունքներն, որոնք կախած շըրթներուն
Կը թափթըփին, կ’ըսեն ձեզի. - Գըթութիւն:
Երբ ծիծաղէ դուք նոր ծիծաղ կը թըռչիք`
-Ինչպէս գարնան աչքը ծաղկէ ի ծաղիկ -
Խորշ մը քաշուած` անիկա սեւ կը ծըծէ,
Այդ զըրկըւածը խայտանքէ, քըրքիջէ,
Այդ վըտիտ սիրտն, այդ թոյլ ճաճանչը դեղնած`
Որ ամպէ ամպ կը փաթթըւի տըխրամած.
Կարծես հոգւոյն` Աստուած դամբան մ’ է դըրեր:
Կարծես բըբին մէջ քամած է սեւ գիշեր:
Օն, այդ տըխուրն հիւսեցէք ձեր զըւարթին
Ձեր շողերուն, պայծառութեան, ժըպիտին:
Գարունը իր ըստուերներուն հետ, տըղաք.
Է աւելի քաղցրազըւարթ, ներդաշնակ:
Թերեւս օր մ’այդ սըրտէն տըխուր, վըհասոյզ,
Մարգրիտ բըղխի, տըխմար աչքէն` արշալոյս.
Երբ ժամն հասնի սին փոսուռան լոյս չի տար.
Ով գիտէ վաղն, Այսօրը ով պիտ’ գիտնար:
Դեռ տարաժամ` թող չը չափէ այդ տըղան,
Ձեր աչքին մէջ մըռայլ հոգին Մարդկութեան,
Այգուն առջի թոյլ շողին պէս` որ կանուխ`
Կը խեղդըւի մութ վըհի մ’մէջ խորամուխ,
Եւ դեռ մատաղ` թող չը կարդայ ձեր դէմքին`
Մարդկութիւնն իր ճիրաններով միասին:
Սիրտ սըրտի տուէք եւ ձեռք ձեռքի, սիրելիք,
Քանզի աշխարհ կոր է, չըլլայ թէ սահիք:
Գիտցէք սիրել. մի անարգէք, մի ծեծէք.
Աստուած մը կայ, ով եղբայրներ. - Ներեցէք:
Ներեցէք դուք եւ պիտ’ ներուիք յաւիտեան:
Մեր եղբայրն է` դատաստանի մեր մատեանն.
Ըզգոյշ եղէք. օրէնքը որ կոխկըռտող
Նոյն օրէնքովը չի դատուիր: Թողէք ոխ:
Ներել գիտցէք եւ պիտի դուք ապրիք յար:
Հաւատարիմ մեր հայլին է` մեր եղբայր.
Օր մը Աստուած մեզ անոր մէջ պիտ’ դիտէ. -
Միթէ որ աչքն, որ թունալից, պըղտոր է,
Կ’անդրադառնայ իբրեւ պայծառ արեւակ,
Որ արիւն-ձեռքն` իբրեւ շուշան ըսպիտակ:

ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ
Հիւղն այրեցաւ: Թըխաթոյր ծուխը նիւթին
Կապոյտ զենիթը սեւցուց.
Ան, դէպ երկինք, խեղճ մարդերու յոյսերուն
Ոչընչացումն էր գըծուծ:
Հովն` որ առաջ կը հեծկըլտար ցըրտագին
Գոյքերուն մէջ դիմակաց,
Հիմակ անոնց թոյլ մոխրին հետ կը խաղայ`
Հեգնող շըշուկ մը ձըգած…
Կը մորմոքի ընտանիքն իր ջանքերուն
Սին փոշիին յանդիման.
Կու լայ. անգութ այդ հըրդեհումն արցունքով
Պիտ’ ջանար մարել ան…
Մայրն ըստինքին վըրայ սեղմած մերկ որդին`
Աւերին մէջ կը շըրջի.
Մանկան համար ողջ շապիկ մ’ան կ’որոնէ`
Եւ կամ կըտոր մը քուրջի:
Տարաբախտ մայր, կաթին գունատ փըթթումին
Պատըսպարան չը մընաց.
Յանկարծ ոտքին կը զարնըւի սարսուռով`
Օրոցքէն փայտ մը, խանձած:
Ոհ, դաժան բոց, ատիկա բոյն մ’էր սիրոյ`
Որ քանդեցիր զայրոյթով.
Հոն, տըժգունած զոյգ մը շըրթունք վրայէ վրայ
Կը ծըծէին սէր, գորով:
Արդ, մոխրին տակ խեղճերուն կեանքն է թաղուած
Ալ դամբան մ’է հիւղն իրենց.
Բախտն, որուն աչքն արդէն կապած է Աստուած.
Փոշի, կըմախք հոն ձըգեց:
Ըսէ, ով Տէր, հիմա դէպ ուր պիտ’ երթան
Այդ թըշուառները լալկան.
Դու որ անոնց տընակն առիր. յոյսն առիր.
Օն, ըսէ, ուր պիտ’ երթան…
Գէթ անձնըւէր գութ չը տըւիր մարդերուն`
Որ անոնք հոն կըծկըւին,
Որ մարդկային սըրտերու մէջ` գէթ անոնք
Խորշ մը գըտնան ջերմագին:
Ուր պիտ’ երթան: Էրիկն արդէն հիւանդոտ,
Սիրտ մ’ուրկէ ողբ լոկ կ’ելլէ.
Կինը, վատուժ, պինդ շըղթայուած իր վըզէն
Նիհար, փոքրիկ թեւերէ:
Ուր պիտ’ երթան. Գահավէժի մը վերեւ
Իր կեանքը մին կախելու,
Թէ, յուսահատ, միւսն անպատիւ տան մը մէջ
Մաքուր սէրն իր ծախելու:
Ուր պիտ’ երթան սեւ նոճի այդ ծաղիկներ
Ճակատագրէն հողմավար,
Ծուխէն, բոցէն այդ քըշուածները շըլմոր,
Վէրքի շիթերն այդ թըշուառ:
… Երբ պիտի գայ, ով Տէր, այն օրը վըսեմ.
Եղբայրութիւնն Մարդկութեան
Երբ իր շըղթան պիտի ձըգէ սըրտէ սիրտ`
Մեծ համբոյրովն` յաղթական:
Երբ հըրկիզեալը չըքաւոր, յուսաթափ.
Մոխրին վըրայ ինչքերուն.
Ցուրտ, վիթխարի Լըքումին տեղ պիտ’ գըտնայ
Տիեզերական Օգնութիւն:
ՎՇՏԻՆ
Ա
Ինծմէ հեռու. ահաւոր է տեսնալ քեզ.
Գարնան ծաղիկն ուղխին կ’ըրնայ դէմ դընել.
Ոհ, քեզի հետ ինչպէս կըրնամ չափուիլ ես.
Դու արհեստիդ մէջ վարպետ ես եւ ընդել:
Դեռ նոր դըրի մեծ հովտին մէջ իմ քայլեր`
Ուրկէ` երկայն ճամբան կ’երթայ նեղնալով.
Ծայրն է շիրիմն` զոր հասակս այս չի տեսներ
Կամ կը տեսնէ միայն սոսկման մը դողով…
Քայլիս առջեւ` մի վերցըներ այդ հովտէն`
Ծաղկի, շողի եւ ցօղերու պատմուճանն.
Թող որ երկնի յորդ ալիքներն հըրեղէն
Հոն` կապուտակ իրենց ժըպտով հաշտ իջնան:
Ինծի համար խորդենին մի ‘ներ եղիճ,
Աղաւնին` անգղ, ու ջինջ վըտակը` հեղեղ.
Վարդին ծոցէն հանէ պիծակը խայթիչ,
Մարգն` օձին մի կապեր դիմակ մը շըքեղ:
Բ
Նորէն վըրաս յարձակեցար բըրտօրէն.
Դու, ողջերու զերդ բորենի դժոխային.
Ժանիքիդ մէջ խըրած` արիւն կը կաթեն
Ծըւէններն որս եղած սըրտի մը նախկին:
Կը տեսնեմ. չես կըրնար ծածկել աչքերէս
Ձեռքիդ մէջի սըրուակն ողբի, արցունքի
Սըրուակն հիւթի մ’(մահացուցիչ` թոյնի պէս)
Որ մարմինն յար կը վարակէ հիւծանքի:
Մորթիդ ամբողջ ծակտիներէն կ’արտադրի
Յուսահատութիւն եւ թախծութիւն հոգեկան.
Արտաշընչմանըդ մէջ Լըքումը կ’ապրի`
Որ միշտ ճամբայ կը բանայ քու յարձակման:
Վայրի մազիդ ալիքին մէջ ծըփանուտ`
Ես կը տեսնեմ պըսակ մ’հագած արեան գոյն.
Զոր ինքնակալ Մահը ձօնեց քու գըլխուդ`
Երբ տուիր անոր թանկ աւարի մ’յըղփութիւնն:
Գ
Քեզ յըղացան փոթորիկներն աւրող յար,
Թէ քեզ ծընան նաւը փըշրող կոհակներ.
Սեւ հրաբուխի մը որկորէն դուրս ելար`
Ուր մեզի դէմ Սատանան քեզ կը զինէր:
Երբոր Աստուած իջաւ կաւին փըսփըսաց,
Ու ծընաւ այսպէս հողն` ըզմարդ, մարդն` ըզկին,
Կը թագչէիր պըտուղին մէջ արգիլուած`
Որ փոքրիկ բան օրէնք դրաւ մեծ աշխարհին.
Բայց այս գիտեմ` թէ ճանչցուցին քեզ ինծի`
Երբ էակներ փափագեցան որ ապրիմ.
Երբ օրոցքին մէջ մօրըս շիթը լացի`
Եկաւ ըլլալ իմ շիթերուս մըտերիմ:
Երբ աչքս, արբշիռ, դիպաւ աչքի մը բոցէ,
Եւ փոքրիկ սիրտըս սիրոյ մեծ վիհն իջաւ.
Զերդ ծիտ մ’որ դէպ արփւոյն հասնիլ կը փորձէ,
Եւ կամ արփին գըրկել` Անհունը անբաւ:
Երբ բաշխեցինք յիշատակներ զատուելու.
Եւ մեռաւ մամս, ու եղբայրներս ետեւէն.
Զի` փաստաբան` ծերը մանուկը կ’առնու`
Սուրբ Դատողին դէմն ելլալու նեղ ատեն:
Դ
Ինծի կու գաս ուր տեղուանքներ այցելած.
Դալուկ դէմքէն սեւ դագաղի մը հակող.
Հառաչանքէն որբիկներու, աղքատաց`
Որոնց համար կը պարզէ ձիւնը սեւ քօղ:
Հուր ողբերգներն Ուսկիւտարի Սոխակին.
Թէ Յուսահատ Ռեգանաթցւոյն անհուն ցաւն
Ըզքեզ սընոյց, որոնց սիրած գեղն, ինքնին,
Իր օրոցքէն գերեզմանին նայեցաւ:
Կուրծքէն կու գաս Աւարայրի Պըլպուլին`
Թ’ Իսրայէլի Երանելւոյն սըրտէն լայն:
Որուն վըրայ փորձութիւնները Դիւին
Եւ Աստուծոյ համբերութիւնն կըռուեցան:
Ե
Արդ, այդ զոհերըդ կը նընջեն ընդերկար.
Վառ յիշատակ մ’անոնք մեզի ձըգեցին`
Որ իրենց տեղ պաշտըւելով կ’ապրի յար,
Քանզի կեանք կայ` որ մահ չունի բընաւին:
Հիմա չը կան անոնք, շատեր ալ նաեւ`
Որոնց գըլուխն կեղեքումներդ թափեցիր.
Ինծի կու գաս. արդէն լանջքիս ճիշտ ներքեւ`
Կը զգամ խորանալը թաթերուդ մահացիր:
Խընդութեան հետ` կեանքըս ձեր մէջ կը բաժնէք,
Ու էն մեծ մասն, ագահ, դու, դու կը խըլես.
Ոհ, գոնէ մի լըմընցներ այդ ամէնք`
Որ ուրիշ ալ չըլլայ թ’ընես բաժին քեզ:
Արդէն կը զգամ, կը խառնակին իմ աչքին`
Ներդաշնակուած կապն իրերուն մութ, եւ ջինջ
Սըրտիս վըրայ փըլատակներ կը սըփռին.
Կարծես Բնութիւնն ինձ կը դառնայ ցուրտ Ոչինչ:
Իսկ դու ինձ չես ուզեր լըսել. ինչ, այնքան
Արշալոյսին պիտ’ չը տամ փոխը ժըպտին.
Դեռաբուսիկ այս հասակիս խընդութեան
Օրէնքին դէմ պիտ’ մեղանչեմ տակաւին
Էր կը խըլես ապագայիս կայծը վառ`
Եւ բոցերու ճարակ կ’ընես իմ ներկան:
Անտառին մէջ չը մընաց երգ ինձ համար.
Ամէն բան դէպ գերեզմանները փախան:
Զ
Պիտի վայրկեան մը չապրէի քեզի հետ
Հէգ սիրտըս այդ թաթերէդ դուրս կորզելով.
Եւ իմ ձեռքով պիտ’ ընէի կեանքս անհետ,
Թէպէտեւ ես չըստեղծեցի իմ ձեռքով:
Պիտ’ չապրէի, եթէ ինծի չըսէին
Անոնք` որոնք ունին տարւոյ խորշոմներ,
Ու շատ գիտեն, եւ ձըգելով ետեւնին
Արշալոյսներ` կ’երթան վըհի մ’ալեհեր.
-«Ճակտին վըրայ, ակօսներու մէջ վըշտի`
Կը ցանուի սերմն իտէալին սեփական.
Օր մ’այն հոգին` որ ցաւերով կը տուայտի:
Պիտ’ դառնայ վարդը Անհունին խընդութեան»:

ՎԻԺԱԾԸ
Առանց շունչի վըտիտ սիրտ,
Առանց ժըպտի սեւ ծաղիկ,
Արիւններու մէջ, խեղդած.
Կը ծընանի: Չի լար. է
Լուռ եւ տըձեւ. ուղխէն ափ
Նետուած քուրջի մ’է նըման:
Թըշուառ էակ, երբեք իր
Աչքին մէջ` բիբ, կուրծքին` իղձ
Չը թըրթըռաց, կոյր յոյսիս
Նըման եղաւ, զոր հոգիս
Իր վըհէն դուրս կը նետէ`
Դիակ մ’ըլլալուն համար սոսկ:
Ծընած մեռել, ոհ իզուր
Մայրդ համբոյրով ըսպասեց
Շըրթունքներուդ վարդերուն.
Անոնք թոռմած դուրս եկան.
Իզուր հիւսեց երգերով
Շապիկը սուրբ կընունքիդ.
Ան քու պատանքըդ եղաւ:
Ինչու, ըսէ, (թող քեզի
Մօր մը ծարաւը սիրոյ
Լեզու հանէ) մեր կեանքին
Այսպէս ինչու փութացիր.
Դեռ սաղմըդ լաւ չանցուցած
Իրեն սուրբ քաղցն իննամսեայ
Ծընող մարմնէն, արիւնէն,
Ինչու համար, կոկոն հունձք,
Դէպ օրոցքի մ’ըշտապէն
Գերեզմանի մէջ ինկար:
Քեզ որ ծաղիկը դիւթեց
Դուրսը, հոս տեղ. եւ կամ որ
Թիթեռնիկին ետեւէ
Դու վազվըզել ուզեցիր…
Ով տառապանք. ձեզ համար
(Ըստէպ) ձեզի համար է
Վիժումն, աղքատ Յըղիներ,
Քաղցածութեան, տաժանքի
Սայլին լըծուած Յըղիներ:
Անօթութեան ժանիքէն
Ցորչափ ձեր կուրծքը մաշի,
Պիտ’ չունենաք դուք արիւն
Արեան համար, միս` մըսի.
Ցորչափ ըլլաք հազար ծանր
Աշխատութեան սահմանուած`
Սեռի բընազդն, առնական
Համբոյրը ձեզ չարիք է.
Ձեր արգանդները մէյ մէկ
Գերեզմաններ պիտ’ ըլլան:
Մինչդեռ կաթով մը վատուժ
Ամսէ ամիս, շիթ առ շիթ,
Կը լեցուին ձեր ըստինքներ.
Մինչ անգիտակ կը ժըպտիք.
Երազի մէջ, մանկական
Սեւ աչքերու, շըրթներու
(Խօսուն վարդեր) եւ անոնց
Սոխակն յաղթող կակազին.
Խորը, ձեր մէջ, – լուռ ոճիր –
Սեւ Մահն էակ մը, անձայն,
Ձեր աղիքով կը խեղդէ:

ՄՈՒՐԱՑԻԿԸ
Միաչեայ է. անդամալոյծ` մէջքէն վար.
Դեղնութիւն մ՚իր նիհար մարմինն է ծածկած.
Իր խորթ կեանքին աշնանը մէջ կ՚ապրի յար,
Մինչդեռ անցքին գարուն մըն ալ չէ ձըգած:
Մէգերու շող, հիւանդ ծաղիկ եղտիւրի,
Մարդկութեան մէջ` ըստուեր ձըգուած մեր ճակտին:
Միայնակ է. վըրայէն այս աշխարհի
Բան մը չառաւ, պիտի չը տայ բան մ’ալ սին:
Երգէոնիկ մ՚է միայն` իր մեծ հարստութիւնն`
Զոր, պատի մ՚տակ, մօրն օրհասին նեղ ատեն`
Անոր ձեռքէն քաշեց հանեց շըլմորուն,
Ահաբեկած` անտէր կեանքին ապրուստէն:
Ով պիտի այդ գործիքն անոր զըլանար.
Պակսած աչքին տեղ այդ երկրորդ աչքն հընչող`
Զոր տըւաւ Տէրն, որպէսզի ան թափէ վար`
Գոց բըբին տակ ժողվուած արցունքը ճընշող:
Այդ երգէոնիկը շատ հին է. գիտէ ան
Հիւանդ, տըխեղծ սերունդներու պատմութիւնն.
Հին արցունքները չորցած են վրան, որք եղան
Պահարաններն իր նըւագած վըշտերուն:
Բաբախուն կուրծք մ՚հոն կ՚ընէ միշտ ելեւէջ
Ուրախ շեշտ մ՚իսկ եկած չէ իր հեւքին քով.
Բուռ մը արցունք նետած է Տէրն անոր մէջ`
Մակընթացման, տեղատւութեան ծըփանքով:
Փողոցին մէջ երգը կ՚երթայ դարձդարձիկ,
Ճամբուն ծայրէն մինչեւ տունի մը ետեւ,
Չը մընալով շատ հեղ անկէ կըտոր մ՚իսկ`
Գիրգ լանջերու մէկ ժանեակի մ՚ալ ներքեւ:
Այդ երգէոնիկն իր մ՚է որ մեզ կը խօսի`
Բիւր ցաւի բիւր լեզու ժողված իր բերան.
Կը բանայ այն կեանքերուն քօղը մեզի`
Որոնք մեր կոյր ոտքերուն տակ կը վըխտան:
Ահա.
Վիհ մութ, զազրատեսիլ, ահռելի.
Ժըխոր զեռուն. իրարու վրայ, կարեվէր,
Զերդ խըռնըւած պոլիպոտներ քըստմնելի,
Տըժգոյն դէմքեր, տըժգոյն աչքեր, անդամներ:
Հառաչանքներ` հանդիպած պինդ սըրտերու`
Ինչպէս ծովուն թոյլ ծըփանքները ժայռին.
Ելլող սրունքներ` սառին վրայ մօտ հալելու,
Ինկող գանկեր` խորն ըստուերին ու գայռին:
Տապըլտըկող ուսեր` որոնք կը հըրեն
Մերին գոց դուռն` որուն բըռնած ենք նիգեր.
Սեւ փըրփուրներ` նետուած թիւրակն ալիքէն`
Որք կը ցընդին մեր ոտքին տակ. չենք տեսներ.
Դողդոջ քայլեր` մերին քայլին ետեւէն`
Որուն ճամբան իրենց ճամբայ է միայն.
Տըմոյն այտեր` չը բոսորած արեւէն.
Իրաններ ցուրտ` սարսուռներու գերեզման:
Աչքեր որ լոկ, (Գըթածը մերթ մոռնալով),
Իրկունն, ձեռքին մեր կը սպասեն դողդղագին`
Թէ պիտ’ արդեօք արձանագրենք գըթալով`
«Վաղը» իրենց տետրակին մէջ ապրուստին:
Օրոցքներ սոսկ շիրմի համար խաւարչտին.
Առանց բոցի եւ համբոյրի մը` սէրեր,
Որոնք իրենց դեռ սաղմին մէջ կը մեռնին`
Ինչպէս չելած դեռ կոկոնէն` ծաղիկներ:
Անդամներ գօս, պակաս դըրուած, եւ կամ ծուռ.
Ցամքած սըրտեր` որոնք վախէն ժանտ Մահուան`
Նոյնիսկ տըղմի մէջ կը պահեն թաքթաքուր`
Մէկտեղ իրենց ներկային` կոյր ապագան:
Կուրծքեր` վէրքով եւ արիւնով պատարուն,
Հազիւ ծընած` փոշի դարձած երազներ,
Եւ արցունքներ հեւքով մ՚ինկած քուրջերու.
Նըւաղումներ, կոծեր, դողեր, օրհասներ.
Ահ, այս ամէնն ոտքերէն մեր վեր կ՚ելլայ,
Եւ, վարանոտ ու դողդոջուն, ճիշտ նըման
Քայլը դնողի մը անհաստատ ճիւղի վրայ,
Կը ծեծէ սնարը մեր նընջող Գըթութեան:


ՅԱՒԷՐԺՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ
Գերեզման մ’էր, լերան ոտքին, գետին մօտ.
Թափառական քայլերըս զայն գըտան հոտ,
Երբ կ’երթայի երազուն,
Իրկունն, հագած արեւին հուսկ շողը լալ
Սիրտըս յանձնած ծաղիկներուն եւ միտքս ալ,
Փըթթելու մօտ աստղերուն:
Գերեզման մ’էր: Խաչ մը անտաշ, քար մ’անխօս.
Քարն անանուն, եւ խաչըն ալ` անքրիստոս,
Հոն կը հըսկեն մենակեաց.
Մին զետեղուած է ձեռքերով մըտերիմ,
Եւ միւսն, երկու մասրի ճիւղեր, սեւ մազի մ’
Գիսակներովն հոն կապուած:
Այս է բոլորն. ու ասոր հետ բընութիւնն
Որ կ’օրօրէ այդ քունն իբրեւ մայր մ’անքուն:
Տերեւներու սօսափներ,
Գետին ողբանքն ու խոշոր բիբը լուսնին
Մոռացութիւնն հոն կը սպաննեն, հոն երկինն
Իր նայուածքներն է թափեր:
Ինչ լաւ է հոտ. կարծես թէ դաշտն է` հըսկայ
Ուխտաւոր մ’այդ գերեզմանին, զի տեսայ
Անմոռուկներ ինքնաբոյս`
Զոր կապած է բնական ոլոռ մը` խաչին,
Եւ համբուրող շըրթունքը բոց կակաչին
Քարին ծըռած սիրայոյզ:
Խոնարհեցայ եւ հոգիս լի աղմուկով
Դատարկեցի մեռածին լուռ սնարին քով.
Գիւղի գիշեր մը երբեք:
Այնքան լաւ չի ծըծեր ղօղանջը զանգին`
Որքան ծըծեց մահուան այդ փոսը լըռին
Հոգւոյս ճիչերն յուսաբեկ:
Խոնարհեցայ եւ կարծես ինձ հետ բոլոր
Բնութիւնը հոն խոնարհեցաւ, ահաւոր
Ըստուերին մէջ ծընրադիր.
Եւ միացաւ իրերուն սիրտը սըրտիս`
Խիզախօրէն ընկըղմելու համար զիս
Խորհուրդին մէջ սեւածիր:
Վար, վար: Լըռէ, ճըպուռ սիւքեր, լըռեցէք.
Դագաղին խորը չի հասնիր ձայնն երբեք.
Գերեզմանին քարին տակ
Մայր-լըռութիւնն է բանտարկուած: Վար, վար, վար.
Կը կարկի գետն, աստղը կ’մարի, հով չի գար.
Վիհ, մութին պէս անյատակ:
Կը խարխափեն մըտքիս թեւերն, ուր է, ուր
Վախճանողին գացած ճամբան. ոհ, ի զուր
Կը փընտըռեմ հոն, իմ շուրջ,
Անոր անունն ինչ է, կամ ինչ է անունն
Անդըրշիրմի եղածին, ուր է Անհունն,
Ուր է Խորհուրդն. Աղջամուղջ:
Ոհ, դու ով ես, ով անծանօթ վախճանած:
Ինչ սըգաւոր քեզ կը բերէ ուխտ կամ լաց
Ով, ով ես դու` որ ըրիր
Շիրիմըդ դուռ, քեզ դըռնապան գաղտնիքին.
Ուր կեանք առիր, եւ կամ որ շողն, որ երկինն
Այտդ ու շըրթունքդ երփնեց հիր:
Ռազմիկ մ’եղար` որ սիրուհւոյն ծունկին վրայ,
Ուր ժանտ Մահն իսկ խենթ սիրահար կը դառնայ`
Կը սպաննըւի անդարման.
Թէ դու հիւծախտ տըղայ մ’էիր, հէգ գեղջուկ,
Որ հըրդեհուած իրենց գիւղէն` խուսափուկ`
Կը մեռնի հոս, կէս ճամբան:
Վըհուկ ծեր մ’ես` թաղուած երգով մը թովչոտ
Եւ ողբացուած` ժամերու մէջ անծանօթ`
Իրեն վըհուկ կընոջմէն:
Կեանքի բաժակդ` որ ալ դատարկ կը հըսկէ
Գըլխուդ վերեւ, քանի շիթով լեցուեր է
Տարիքն համրող արցունքէն:
Խօսէ, ով ես. սակայն ով որ ալ ըլլաս,
Թող ես շիրիմըդ համբուրեմ, քանզի այս
Մեր կեանք – զոհին բագինն է.
Քանզի քեզ ալ չեն աղարտեր մեր օրեր`
Ուր ապրողն, ոհ, մեռնողին չափ չի գիտեր,
Ուր մարդուս չափ վիշտն հին է,
Ուր մեր գըրքին երկրորդ էջերն են ճերմակ:
Եւ գիտութեան ծառին արմատն հողին տակ
Դեռ միշտ թաղուած է անյայտ:
Դու բարի ես` ինչպէս սուրբ զոհն Աբէլին,
Զի մահուան սեւ համբոյրին տակ կը փոխուին
Ամէն շանթեր` ճառագայթ:
Եւ դու սուրբ ես` ժըպիտին պէս բընութեան.
Արշալոյսն իր ցօղը ճերմակ քարիդ վրան
Ամէն առտու կը թափէ,
Զերդ արցունքներն` որոնք լըռիկ կը կաթին
Գըրած սիրոյ նամակին վրայ նոր-հարսին`
Որուն փեսան զինուոր է:
Դու գիտուն ես. մըտածումն ալ գանկիդ տակ
Ճողոպրած է ուղեղէն փուտ ու ցամաք.
Երակներուդ մէջ հիմա
Արիւնի տեղ ճառագայթներ կը սահին,
Եւ վերնագիրն հին գիտութեանըդ գըրքին
Արդ փոխեց ձեռք մը հըսկայ:
Քու ճակատդ Էն կը շոյէ, մերը խաւար.
Մեր գիշերն է հոտ միջօրէ քեզ համար,
Անշըրջելի հակոտնեայ:
Մենք օրոցքին մէջ ըստինքէն մայրենի
Սիրտ կը լեցնենք, իսկ դու հոգիդ հոլանի
Գերեզմանին մէջ անգայ:
Եւ կ’ըլլայ հոտ մեր մայրն Աստուած, կաթը` լոյս,
Թողլըքելով Տարակոյսն ալ շիրմէդ դուրս
Աշխարհիս հետ միասին:
Ով սուրբ մեռնող, ոհ, մինչեւ երբ շըլմորած
Պիտ’ ճանկըռթենք ահաւոր ամպը` առանց
Զայն շերտելու բընաւին:
Խորհուրդին դէմ մենք մինչեւ երբ, ծընրադիր,
Առկայծ յոյսով պիտի գոչենք. «Լոյս, իջիր…
Պատռէ, պատռէ, ով մըթութիւն, լըռութիւն.
Կարծիք, պատռէ, պատռէ ով մէգ, անվերջ քուն,
Անդունդներէն մեզի նայող, ով մեծ աչք`
Որ չունիս քու բիբըդ, ով բիբ, քու նայուածք:
Մենք հերարձակ քեզի կ’նայինք. ծառերուն,
Աստըղներուն, ալիքներուն, ժայռերուն
Մէջէ քեզի, քեզի կ’նայինք. մերկացիր:
Դու – որուն քօղն է ապագան – մերկացիր:
Ով ներքին կողմը դամբանի քարերուն,
Ով միգամած, ահեղ գիսաստըղ` որուն
Գլուխն է պահուած ամպի մը տակ յաւիտեան.
Ուրեմըն մենք մեր ուղեղներն ընդունայն
Պիտի ճըզմենք ոտքերուդ վրայ պըղընձեայ,
Եւ ընդունայն պիտի նետենք անխընայ
Մռայլ գիշերուան մէջ մեր սըրտերն` որ կ’երթան
Քեզի համար մրըրիկներուն բըռնութեան
Դէմ գալարիլ, որ` մոլորած աւարին
Մէջ` ժայռերուն դէմ ճըչելով կը բախին.
Եւ բուերէն քըշուած, քըշուած լըքումէն,
Խորը, ձորին մէջ կ’ընկըղմին, կ’որոնեն,
Անկէ մեզի դուրս բերելով, ալ յոգնած,
Հէգ կայծոռիկ մ’աւաղ, արեւ համարուած:
Ոհ, մինչեւ երբ ըսփինքսային ճակատով,
Դու, ով Խորհուրդ, պիտի ծաղրես անվըրդով
Առջեւդ մեռած մեր խոհն, արծիւ – ողջակէզ.
Ըսէ, խօսէ, պիտի մինչեւ երբ լըռես»:
Մինչեւ երբ ան պիտի լըռէ: Ով շիրիմ,
Ճակատս ահա քարիդ դըրած կ’ընկըղմիմ
Աղօթքիս մէջ: Կը յուսամ:
Գանկիս ներքեւ կրակի տըւի ամէն բան.
Հոն հըրդեհ կայ. մըտածումներս կու գան
Քեզի կու գան հրավարսամ:
Օն, սըրբագրէ, կամ աւելցուր, կամ ջընջէ:
Ճերմակ քարէդ ճակտիս անցածը ինչ է.
–Խոր լըռութիւն, այլ ոչ բառ:
Լաւ. կը հանեմ շուրջիդ բոյսերն արմատէն.
Սըրտիդ, գանկիդ մէջ անոնք ինչ կը ծըծեն.
–Մարմին, այլ ոչ գաղափար:
Լաւ. վըրայէդ կը թաւալեմ քարն անդին,
Ըսպիտակ էջ, որուն միւս կողմն է գըրուած
Անպատճառ բան մը Մահէն
Անոր ներքեւ գաղտնիք մ’անշուշտ կը շնչէ.
Սիրտ թէ հոգի. օն, ըսէ ինձ, թէ ինչ է.
–Երկու կարիճ, այլ ոչ Էն:
Արդ, այս յուժկու թեւերովս ես կը բըրեմ
Հողն, եւ աչքերս այդ գերեզմանըդ նըսեմ
Ուղղահայեաց կը չափեն:
Ով խորութիւն. մութին ծոցէն ինչ լուսին
Պիտի պոռթկայ, ինչ հուր–բառեր պիտ’ ժայթքին
Յաւէրժութեան շըրթունքէն:
–Լըռութիւն. տես.
Հողերուն հետ դուրս կու գան
Փուտ ոսկրոտիքը, մընացորդ մարդկութեան,
Որով վանդակ մ’յօրինեց ձեռքը կեանքին
Հոգի կոչուած մեզ անծանօթ փիւնիկին:
Ահա կողերը մերկացած զերդ ճանկեր,
Ահա կըրծոսկրը` որուն դէմ կը բախէր
Իղձն իր ճակատն երակային զարկերով`
Իբրեւ հեզիկ ալեակին մէջ ուռչող հով.
Ահա թեւերն եւ ուլն անջատ ու լըքուած`
Որոնք երբեմըն, ով գիտէ, սիգապանծ
Կ’յոխորտային. «Կը ծռենք, բընաւ չենք ծըռիր»…
Լիսեռին հետ ահա սրունքներն անյարիր`
Որք կարծեցին, թէ ժայռն իրենց ներքեւ յար
Պիտի թընդայ` քանի որ դեռ, բոցավառ,
Արեւն արիւնը կը շարժէր. եւ ահա
Չորցած կըզակն, ահա ծընօտն` որոնց վրայ
Կը ծաղրէին այտերը վարդն` երբոր ան
Կը դառնար հէգ իբր հիւծախտ սիրտ մը, աշնան.
Եւ ահա գանկն, ոսկրեղէն թաս` ուրկէ յար
Մարդ կը խըմէր մտածման գինին կենսարար.
Արդ ուղեղի տեղ հողով է լեցուած ան`
Որուն վըրայ չար խորհուրդի մը նըման`
Ոլոր պառկած օձ մը գլուխն իւր կը տընկէ,
Եւ սարսափն հոն սարսափողէ միշտ զուրկ է:
Ալ ոչ կեանք կայ, ոչ յոյս, ոչ սէր եւ ոչ քէն,
Իր որդնակներ, գօս ջըղերուն վըրայէն
Ըզգացումն ալ փախաւ, նըման զեփիւռին
Որ կը սահի տերեւներէն, ողբագին:
Փոշի, աճիւն, խառնորդ մըռայլ, վիթխարի,
Փըսորներու, մոխիրներու, որդերու
Ով կոյր անդունդ, ալիքին տակ վարդերու:
…Կ’իջնան, կ’իջնան: Ժամանակին ափը, հոս,
Գերեզմանին ափին ծըռած է. քաոս.
Ահա Ադամն, Ներոնն ահա, եւ Վարդան,
Սոկրատն է այս, Բարաբբան է, ես, դու, ան.
Այս ծակծըկուած կողերն իմին կողերս են.
Իմ աչքերս` իմ ոսկրոտիքս հոս կը դիտեն:
Մարդը կ’իյնայ. ուր. ահեղ գոգն ովկիանին`
Եւ ալիքներն անոր վըրայ կ’համբուրուին,
Հոն փըռելով ճերմակ փըրփուր մը անվերջ.
Եւ կ’իյնայ. ուր, երկրիս խորունկ կլափին մէջ`
Ու վրան զիրար կու գան գըրկել սեւ հողեր`
Հոն թողելով ըսպիտակ քար մը, հրաւէր
Ծընրադրութեան:
Ժամանակն է խարբալ մ’հին,
Ժողովուրդներն աւազ` որ միշտ կը մաղուին:
Որոտընդոստ ձայն մ’որուն ամպն է շրթունք`
Կը մըռընչէ. «Անդունդին. զուր է արցունք»:
Եւ թըխաշուրթ խորխորատին մէջ մըթին`
Կու գան դիակներ իրարու վրայ կը դիզուին.
Պապն հօր ներքեւ, ու զաւակին ներքեւ հայր.
Եւ հոն համբոյրն ալ համբոյրէն չի տաքնար.
Եւ մօր ըստինքն որդւոյն սառած բերնին վրայ
Կը քայքայուի. կեանքն իր ակէն կը չորնայ:
Այրուձին մեծ յաղթանակէն իր գինով`
Երբ կը կըտրէր մեծ ձոր մը մէկ ոստումով`
Մահուան փոսն այս` լայն կը գըտնէ իր չափէն:
Ով արհաւիրք. երբ պատերազմն իր թափէն
Ալ կը դադրի, իր զայրոյթէն փառքն անշէջ,
Եւ թագաւորն իր կընճիթն ալ վէրքի մէջ
Մըխըրճելէն, կը բերէ դաշտը վարդգոյն`
Որուն սերմն է` դիակ, տարափը` արիւն,
Կը բերէ հոս, հոս պարպել իր մարմիններ,
Հոս լըճացնել իր խօլահոս արիւններ.
Մահաբեմերն (ուր միշտ պատրաստ Սատանին
Մորթին վըրայ դանակներն յար կը սըրուին)
Կը պարպին հոս, հոս քաղաքին ճամբաներ.
Հոս հիւանդի անկողիններն մահաստուեր`
Որոնց մէջ հէգ հոգին, ջերմի ցընորքէն`
Կը համարի թէ վարն դագաղ կը շինեն.
Հոս կը նետէ իր գահն արքայն մոլեգին,
Հոս կը նետէ լեռնամէջն իր բորենին,
Հոս Բիւզանդիոնն ու Հռովմն ամէն սօս կեսար.
Հոս յաղթ արծիւն իր փետուրներ շանթահար:
Այս է աշխարհս, ով Զօրեղներ:
Դար դարէ
Կը թաւալի մըղուած ուրիշ դարերէ.
Եւ հազիւ դող մ’Յաւէրժութիւն կը զգայ`
Իբրեւ նետուէր քար մ’ովկիանի մը վըրայ.
Կը պարպըւին վարն անթիւ սեւ դագաղներ,
Մըժեղներու հըսկայ երամ, տարուբեր,
Անվերադարձ կը կորսըւին ձորին մէջ.
Ահա սիրտ մ’ալ չի բաբախեր, անկէ վերջ
Ուրիշ մըն ալ, ուրիշ մըն ալ, զոհ, զոհ, զոհ,
Ժամը ժամին, րոպէ րոպէ: Եթէ, ոհ,
Մէկտեղ բերուին սգաւորներուն արցունքներ,
Ով Երկինք, քու ցասման շանթերդ մահաբեր
Դեռ չեն մարեր: Եւ կը վիժին մարդիկներ
Գիշերուան մէջ` երբ հազիւ հազ է սառեր
Իրենց քաղցրիկ օրոցքներուն տաքութիւնն,
Երբոր, աւաղ, դեռ չէ սեւցած` մատերնուն
Ամուսնական սուրբ մատանին. եւ կ’իյնան
Մեռած, երբ դեռ մեղրալուսինն ըղձական
Իրեն մահիկ վիճակին մէջ կը շողայ,
Կամ երբ, տարէց, դեռ գիտութեան պըղընձեայ
Բերանն հազիւ հազ բանալու տագնապին
Մէջ` կը դողան իրենց մատեր… կը սառին:
Ցաւի, ողբի, ճիչերու մէջ, դէպի վար
Կը սայթաքին. հէգ թռչուններ նետահար.
Որ չէք գիտեր հարուածն ուրկէ եկաւ ձեզ,
Կը սարսըռաք, կը թաւալիք աղեկէզ,
Եւ թըռիչնիդ ամփոփելով, շըւարած.
Գլուխնիդ կըծկած թեւերնուդ տակ, լուռ, սառած,
Ձեր երգերուն արձագանգին մէջ, աւաղ,
Կ’անշընչանաք: Մութը կ’իջնէ միապաղաղ,
Արտասուաթոր պատանքին մէջ, հողին տակ.
Արշալոյսի մ’ըսպասելով` կը քնանաք…
Կու գայ Քրիստոս, կը մօտենայ ձեր շիրմին,
Եւ վէրքին մէջ մըխելով մատն երկնային,
Ձերին ճերմակ քարին վըրայ, անայլայլ,
Արիւն գըրով մ’ան կը գըրէ.
-ՀԱՆԴԵՐՁԵԱԼ:
*
Ամպի մը տակ լուսինն յանկարծ կը մարի,
Կը լըռէ հովն, ամէն աստղեր մի առ մի
Ասուպ կ’ըլլան, կ’ըլլան վարդերն ալ` վէրքեր:
Ով անանուն շիրիմ, դու որ անտարբեր,
Ու երազկոտ կը նայիս դէպի երկին`
Մարդիկ այսօր, օհ, գիր առ գիր լիզեցին
Այդ բառը քու քարիդ վրայէ սըրբազան,
Ահա ինչու թէ ճերմակ է մնացած ան:

ՀԻՒԱՆԴ Է
Ըստուերին մէջ, խանի մ’անկիւնը լըքուած
Թըշուառ պանդուխտ, հիւանդ է.
Խոնաւութիւնն անոր մարմինը շիթ շիթ
Գերեզմանին կը նետէ:
Բըժիշկ չունի. եղած դըրամն ալ հատաւ.
Ցաւը ծանր է. գըթութիւն:
Հոն չը կայ սիրտ մ’որ բարութիւնը քամէ
Անոր ծարաւ շըրթներուն:
Եւ ինքն իրեն մըտերիմներ կը ստեղծէ
Ցընորքներուն մէջ ջերմին.
Իր վիճակին կարեկցող մէկը չունի
Բացի մամուկը որմին:
Մըթընշաղին մէջ կը մարմրի, կը հիւծի
Մըթընշաղի մը նըման.
Լըռութիւնն հոն կարծես դագաղ մը կ’երկնէ.
Օրոցք` տունէն գերեզման:
Երիտասարդ է տակաւին, եւ փեսայ.
Պոլսէն մինչեւ Վան հեռու,
Հոն` հաց կ’ուզեն հարսն ու ծընողք. զինք կ’ուզեն.
Դեռ շատ շուտ է մեռնելու:
Ան իր արիւնն իր քըրտինքով կը շահէր…
Տէր, ինչ սըրտով կը կոտրես
Թեւն` որուն վրայ կը կըռթընին մանուկներ
Եւ ծընողքներ ձիւնագէս:
Դուրսն արեւին, զեփիւռին տակ կ’ուռճանան
Բախտաւորներն աննիազ.
Արտին մէջ աստղն աւշի ելքին կը ժըպտի.
Տէր, զինքն ինչու կը մոռնաս:
Այդ բազուկներն աշխատանքի համար են`
Ոչ մահուան դէմ կըռուելու:
Բախտը խուցին մէկ անկիւնէն կը խընդայ
Օձի ժըպտով մ’աւարկու:
Պիտի մեռնի. խիստ մահացու հիւանդցաւ.
Եւ պատանքին մէջ երբեք
Պիտ’ չը տանի սիրելիի մ’արցունքներն
Ու սեւ ուխտերն յուսաբեկ:
Պիտի մեռնի. եւ իր բընիկ լուսնին տակ,
Հարսը սիրոյ ծարաւով`
Պիտի զուր տեղ անոր գալուն ըսպասէ…
Խեղճ վանուհի, ապահով
Յոյսի ամէն խոստումներու վայելքին`
Կը ծիծաղիս աստղին հետ.
Մինչդեռ կեանքի երկընքին վրայ կը գըծուի
Շանթը շողին զուգահետ:
Որու համար շուշանն ու վարդ փոխ կու տան
Իրենց միացումն` այտերուդ.
Ինչու Վանայ լիճն աստղերով կը վառի
Նախանձելով աչքերուդ:
Որուն համար հաջաղիդ տակ կը պահես
Ըմբոստանքներն համբոյրին…
Վաղն, հէգ ծաղիկ, պիտի ճամբորդ մը գուժէ.
«Մէկ աչքը բաց թաղեցին»:

ԱՒԱԶԱՆԻՆ ՁՈՒԿԵՐՈՒՆ
Մըտածողի մը նըման
Ջուրին միջեւ կը շըրջիք:
Ալ գըծուած է ձեր սահման,
Ով լողակներ խատուտիկ:
Հոս պիտի ալ չը գըտնաք
Անհուն, կապոյտ այն աշխարհ,
Որուն յորձանքն ու վըտանգ
Կը կըտրէիք հեգնաբար:
Ձերին ճարպիկ թեւերով`
Ազատութիւն, զուարթութիւն
Կը գըրկէիք անվըրդով,
Անգէտ նենգող խայծերուն…
Արհեստն արդ ձեզ կը պատէ.
Աւազան մ’հին, ձեզի նեղ,
Շատըրուան մ’ալ կրանիտէ,
Եւ փոքրիկ ժայռ մը մէջտեղ`
Որ գործ մըն է ձեռքերու:
Այս է ահա ձեր աշխարհ.
Ամբողջ այս է, ով աղու
Բանտարկեալներըս թըշուառ:
Երբ կը կայտռէք ջուրին վրայ`
Կը զուարճանայ անխըռով
Անձնասէր մարդն` արծաթեայ
Պըղպըջակներն դիտելով:
Ոհ, ի բընէ չար է ան.
Իր հաճոյքին, իր փառքին
Կ’ուզէ զոհել ամէն բան.
Բըռնաւորն է աշխարհքին:
…Այս սեւ ժայռին խոռոչներ
Ձեր շիրիմներ պիտ’ ըլլան,
Ուր կ’երկարին բողբոջներ`
Բաղեղներու ցիրուցան:
Ուր ջըրերուն թըրթըռմունք
Կու գան բախիլ մեղմօրէն,
Ցընցըղկելով արտասուք`
Ողբ ու հանգիստ կ’եղերգեն:
Ով իմ դըժբախտ անմեղներ,
Ճիշտ նըման է աշխարհս ալ
Ձեր այդ տեղին: Դէպի վեր
Կը ջանայ միտքս իմ ելլալ:
Կ’ուզէ ուրիշ մէկ աշխարհ
Ան գըտնելու, ուր անհուն
Ազատութիւնն իշխէ յար`
Եւ անխարդախ բարութիւն:
Սակայն ի զուր: Լոկ բանտող
Գըծուծ նիւթեր կան չորս դիս`
Որ թըռիչներս աղամող
Կը ջախջախեն եւ հոգիս:
Առկայծ յոյսով մ’ուր կ’երթամ,
Կ’երթամ նոյն տեղըս գացած.
Հոս, կեանքն ու սեւ գերեզման
Իրարու ձեռք են տըւած:
Օր մը ձեզի պէս ես ալ
Պիտի իյնամ ցուրտ, անշունչ,
Մոռացօնքի մէջ մըռայլ.
Հոս ամէն բան է անուրջ:
Պիտ’ լոռ ըլլաք դուք, ես` հող.
Բայց ինծմէն էք երջանիկ,
Զի վըրանիդ միշտ լացող
Գէթ շատըրուան մը ունիք:

ԱՐԻՒՆՈՏ ՃԻՒՂԸ
«Հոն, ինչ է ան` որ շուրթին վրայ ջըրերուն
Ինկած կու գայ, օրօրտկումով մը կու գայ.
Մըխըրճելով մերթ ծըփանքի մէջ գնայուն`
Կարծես բոցերն իր կը մարէ` ճակտին վրայ
Վառուած կարմիր արեւմուտէն…
«Այսպէս հեւքոտ, դանդաղօրէն,
Ով մեծ գետին ջուրերն, արդեօք ձեր շըրթունք
Ինչ կը բերեն` որք լեռներու ապալեր
Քըղանցքներուն միշտ սըփռելով արտասուք`
Կարծես ցաւէ մ’ կը խածխըծեն եզերքներ:
«Ոհ, լըռութիւն, ձեր լեզուէն չեմ հասկընար.
Մի մըրմընջէք ինծի բաներ հոգեյոյզ,
Այլ, կըրկնակի վազքով, հասէք սըրավար`
Նըման իմ կոյս կարօտակէզ օրերուս`
Որոնք անձայն կ’անցնին կ’երթան…
«…Կանաչ ճիւղ մ’է ուղեւորն այն`
Որ կը ծըփայ անդաստական, մոլորուն,
Ցըցուած մէջտեղ փըրփուրներուն ըսպիտակ,
Ինչպէս լանջքիս վրայ կը ճօճի սուր դաշոյնն,
Որ բաժանումը մըխեց խոր, դըժընդակ:
«Ով արմաւի թափառական ճիւղն, ըսէ,
Մէջն ալեյոյզ ճամբորդութեանդ ինչ տեսար.
Կամ թէ սըրտիս` որ միշտ յոյսէն կը խուսէ,
Եւ պաշտումի մը բացական կու լայ յար,
Արդեօք դու ինչ լուր կը բերես…
«Մարտի փառքին աւետիսն ես,
Մարտին` որ միշտ դաշտերէ դաշտ, լեռնէ լեռ
Կատղած կ’ոռնայ` ինչպէս որոտն երկնի վրան.
Հորիզոնին, ուր հազիւ իմ նայուածքներ
Կը թափառին, ան կը ձըգէ քօղ մ’արեան:
Քաջամարտիկս արդեօք ինչպէս կ’ընէ
Ըսպառնանքին մէջ սուրերու փայլակին,
Կամ վրիժառու նիզակներէ, տէգերէ
Եւ լախտերէ ձեւակերպուած` մահածին
Անտառներուն դէմ յանդիման…
…Ոհ, ինչ մտածում է այս դաժան,
Ըրին այնպէս, որ իր վեհ կուծքն ինձ համար
Այլեւս երբեք չը բաբախէ, չը յուսայ,
Որուն վըրայ հանգիստ կ’առնէր գըլուխս յար.
Լոկ այտերուս տակ ապրած էր անիկա:
Թէ, իր ձեռքէն կու գաս, բանբեր ալեխռով.
Ինչ, պարզեցին սահմանէն ներս թըշնամւոյն
Դրօշակը սուրբ` զոր շինեցի իմ ձեռքով.
Կամ յաղթութեան ըրին հանդէսը ցընծուն.
Խըմեց ան իր եւ իմ կենաց:
Ան պաշտպանեց` ըսպաննըւած
Ծընողքներու հէգ մանուկներն անտէրունջ,
Կամ դիւցազներ` ինկած միայն սեւ բախտէն.
Անոնց աչքին, թուրին փայլով թաթաւուչ,
Իր գըթութեան փայլն ալ ցըցուց վեհօրէն:
Եթէ իր խրոխտ կորդակին հետ միասին
Յոխորտացիր, կամ պըճնեցիր յաղթական
Լանջապանակն. եթէ խիզախ ճակատին
Դու ծըփացիր, եկուր, եկուր սըրտիս վրան
Աճեցընեմ համբոյրով քեզ»:
Ըսաւ: Եւ բոց արեւուն պէս,
Որ մերթ կ’իջնէ ալիքներուն ծովին լուրթ,
Կոյսն հակեցաւ, մեղմիկ, ջուրին վրայ պայծառ,
(Անդրադարձած թովիչ դէմքին իր` անփոյթ)
Եւ վեր հանեց խուսափուկ ճիւղը դալար:
Ու վեհերոտ, ինչպէս եղնիկ մը սիրուն,
Սուր ճիչով մ’ետ ընկըրկեցաւ ան յանկարծ,
Մէկդի նետեց ձեռքերէն ճիւղը` որուն
Ցից ծայրին վրայ, աւաղ, էին չորացած
Կարմիր արեան մը նետուածքներ…
Անոր համար գետը բօթբեր
Լըռեց կարծես, չը ժըպտեցաւ արեգակ.
Խաշնահաւն ալ չերգեց երգն իր խընդութեան.
Կարծես դըրին կարմիր դագաղ մ’աչքին տակ.
Յատակը` տէգ` եւ կափարիչը` վահան:

ՉՈՐՍ ՏԱՐԵԿԱՆԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԸ
Այս նամակն իմ եղբայրս է գրեր. քաղցր էակ`
Որ փոքր է դեռ. Էն իր համար քօղ չունի.
Իր առջեւ դեռ մեծ գաղտնիքն է անդիմակ.
Երանութեան ամէն երկինք` հոլանի:
Մերթ վարդերու, թըռչուններու անուրջէ
Ոգիներուն հետ կը խօսի անարգել.
Փոքրիկ ձեռքով թիթեռնիկներ կը կանչէ.
Կ’ուզէ աստղերն երկնի դաշտէն հաւաքել:
Երկամեայ էր` երբ զատուեցանք տըխրալի.
Մեկնումին զիս դիտեց ապշած ու երկայն,
Թէ ինքը էր կ’երթար, ես էր կը մնայի:
Եւ, ոհ, լացաւ. մարդն էր` շնորհքին տակ մանկան:
Արդ կը գրէ: Այդ նամակն ես կ’ըմբըռնեմ.
Զայն կ’հասկընայ իմ սիրտըս լոկ յուսաթափ,
Իբրեւ թէ այդ գիրն անծանօթ ու նըսեմ`
Մենք նոյն ատեն գըտնէինք, նոյն ըզգացմամբ:
Հորիզոն մ’հարկ է որ ինքն ալ պաղ աղօտ,
Ձայն տայ նընջող արշալոյսին. Ել ժամն է…
Զեփիւռ մ’որ թոյլ հունտին հըծծէ. Տուր ծըղօտ:
Մայր մ’որ տըղուն ըսէ. Քալէ … Հայր մ’որ` Գրէ:
… Եւ սա թուղթին մանուկ մ’հակեր է քնքուշ,
Մանկան վրայ հայր մը` ժըպտելով պեխին տակ.
Այսպէս կ’իջնէ արշալոյսին ամպ մ’անուշ,
Արշալոյսն ալ ձիւնոտ դաշտին ըսպիտակ:
Ու գըրեր է: Տարօրինակ նըշաններ,
Գիծեր` որք ինձ թըւին երազ բեկբեկուն,
Ժպիտներով ցանուած քըսուած մելաններ,
Բիծեր` դըրուած մանկան թափով մը նըկուն:
Սա մինարէ մըն է դեռ կէս մընացած`
Ուր չ’ամփոփիր հոգւոյ մ’աղօթքը համակ.
Հոն ծուռումուռ խաչափայտ մ’է զետեղուած`
Ուր կը գամուի խեղանդամ մարդ մը մինակ:
Հոս տեղ թըռչուն մ’ուրուագըծուած է, լըռիկ,
Որուն երգերն իր շըրթունքներն են գողցեր.
Անդին կայ յօնք մ’առանց աչքի. թափառիկ.
Իսկ ասդին աչք մ’առանց յօնքի, մերկ, անտէր:
Սա կիսակատար գըմբէթ մըն է. ձիւնի վրայ,
Որ կը սքողի ամպի մը տակ մելանէ.
Վերջապէս հոն գոց կոկոն մ’է անիկա`
Որ, վարն, անոր ըստորագիրն կը դընէ:
Եւ եւս ճաճանչ մը ասոնց մէջ կը գըտնեմ.
Պատկերական գըրութիւն մ’է` մենք որով
Կըրնանք կարդալ խորհուրդ–մանուկը վըսեմ`
Մեր մութ երկնի` աստղ մ’օրէօր դընելով:
Պիտ’ տարիներ կազմեն ամէն գաղափար`
Երազը խոկ յօրինելով օրէօր.
Մանուկը մարդ պիտի ըլլայ, գիծը` բառ,
Տըրուելով կրօնն` մարդուն, բառին ոտ’նաւոր:
Ան` այժմեան այդ գաղափարներն մի քանի
Ժողովեց երկրէս (թէ երկընքէն չի բերեր).
Ժողովեց իր մօր գըրկէն, դըպրոց կենդանի,
Գըգուող սիւքէն, ծաղիկներէն տարուբեր:
Սոխակն ուսոյց երգել, լալ` փուշը վարդին.
Ամփոփ թառած տատրակն ըսաւ. Կը նիրհեն:
Բարձին ծաթող լուսնակն ըսաւ. Կը ժըպտին:
Իր քունն հըսկող մայրն ալ ըսաւ. Կը սիրեն:

ԱՆՀԱՒԱՏԸ
Սեւ ագռաւի մը ետեւէն, զառ ի վար,
Արբշիռ հոգւով մ’ան կը վազէր ուժգնօրէն.
Հեշտանքի երգ մ’իր շըրթունքին կը թըրթռար`
Որ կը թովէ գաղտագողի քեզ իրեն:
Անոր ըսի. «Հոն, աղաւնին տեսար ան`
Որ ագռաւին ներհակ թռիչքով կը սուրար.
Սուրբ աղաւնին Անբըծութեան, Գիտութեան
Ու երկնային Միջոցներուն լուսատարր»:
Ուղղեց այնպէս հեգնող ժըպիտ մը ինծի`
Որ ‘սել կ’ուզէր. «Կատակ կ’ընես»: Եւ դարձաւ:
Ու կը վազէր, երբոր նորէն գոչեցի
Ետեւէն իր խօլ վայրէջքին սըրարշաւ.
«Տեսար ծաղիկն` որ հակառակ վազքիդ` ան
Քեզ հակառակ կ’անցնէր կ’երթար, չը թոռմիլ.
Ծաղիկն Յոյսի, Ճըշմարտութեան, Հեզութեան,
Որ է փըթթուն Արշալոյսին փըթթուն ծիլն»:
Ան յուսահատ փոյթով մ’հեծեց դառնօրէն.
«Տեսայ… Ուշ է: Ոհ, ոտքերուս բուռըն էջ
Կեցընել ալ դըժուար է այս դարվարէն»:
Եւ գահվիժեց, զերդ կոյր, կեանքին ճամբուն մէջ:

ԵՐԱԶ ԵՒ ԽՈՀ
Պառկած էի. խոր լըռութիւն. գիշեր էր…
Ճըրագս իւղէ պատերն արիւն կը ներկէր:
Ծանրացաւ մրափ մ’աչքերուս.
Մըտածումներըս երազի մէջ սուզան,
Եւ բիբերէս ամէն ճաճանչ լուսական
Կոպերուս վրայ` տըւին խոյս:
Սեւ դէմքի մ’հետ ձեռք մը տեսայ մահճիս քով.
Կուրծքիս դըրաւ մատերը բոց եղունգով,
Սընդիկի պէս խորամուխ:
Փայտ կըտրեցաւ լեզուս, վախցայ շէկ աչքէն:
Ես ճանչցայ զայն. սատաններուն ամէնէն
Կատաղին էր մ’էն թուխ:
Բացաւ բերանն` որուն մէջ լինդ միայն կար.
Իր ակռաները խորտակուած էին վար
Իյնալու օրն երկընքէն…
Ըսաւ. - «Սըրտէդ, սըրտէդ քարշել ես եկայ
Զայն` որուն տեղն իմ տեղըս պէտք է ըլլայ.
Տուր , ինծի տուր սէրդ իրեն»:
Անկողնիս մէջ թալթըլեցայ, ու երկու
Ձեռքով` սարսռուն բըռնեցի թեւն ահարկու`
Ինծմէ անդին մըղելով:
Մաքառեցայ Անոր համար, անկրօններ.
Խածեցի ձեռքն` որ Զինքն ինծմէ կ’անջատէր.
Իր ոսոխին արիւնով`
Ներկեցի շուրթս, եւ անցուցի ծարաւս հուր:
Դեւն երեսիս կատղած պոռաց. «Տեղի տուր`
Թէ չէ ըզքեզ կը խեղդեմ.
Թոքերուդ տակ կը ճըմլեմ սիրտդ անխընայ.
Ճերմակ սաւանդ վաղը կարմիր կը դառնայ.
Մահը կ’հանեմ քեզի դէմ:
Ագռաւներու կեր կու տամ այդ սեւ աչքերդ.
Քաղցած օձի բերաններու երակներդ
Կը յանձնեմ ես. տեղի տուր:
Կը գողնամ քարն գերեզմանիդ վըրայէ,
Որպէսզի մարդ ըզքեզ բընաւ չարտասուէ,
Անգութ եմ, տես. տեղի տուր»:
Պիտի չըտամ: Կըսմըթեցի, կըռփեցի
Թեւն` որ ոսկրերս կը խորտակէր զերդ խեցի,
Եւ մատներովս անխընայ,
Բըզիկ բըզիկ ճանկըռթեցի դէմքն անոր,
Դողդըղացի, տառապեցայ քըրտնաթոր,
Եւ սուր ճիչով մ’արթընցայ…
Ահ, արթընցայ: Եւ միտքըս շուտ մ’ըշտապեց
Սըրտիս վըհին. դեռ Ան հոն տեղ էր, անեղծ,
Եօթն արեւի նըման ջերմ:
Դեւն եղունգով լանջքըս շերտած էր տեղ տեղ.
Ուրախ էի` որ եղայ զրահ մ’արիւնհեղ
Անոր համար, Անոր դէմ:
Ով պիտ’ կըրնար փետել հանել Զայն սըրտէս`
Ուր (ինչպէս աստղը կապոյտին ծոցէն ներս)
Ագուցուած է այնքան խոր:
Իր խարիսխներն ալիք մ’ըն ալ չի շարժեր,
Զի անհունին եւ բընութեան են կառչեր
Անոնց ճանկերը հըզօր:
Վասընզի իր սուրբ Էութեանն հաստատման`
Բիւր բիւր աստղեր մէյմէկ հրաշէկ գամ եղան,
Եւ իր հետն ենք մէկ խըմոր.
Վասընզի սուրբ Աւետարանն իր ամէն
Մէկ էջով` միշտ ծորեց Անոր երակէն
Արիւն մ’արեանս մեղաւոր:
… Անդունդ մ’է Ան զոյգ որկորով անսահման`
Որոնց մէկէն դուրս կը պոռթկայ Ապագան
Անցեալ եղած միւսին մէջ,
Եւ, կեդրոնն, ինքը ներկան է, որուն շուրջ
Ժամանակն իր ճիշտ ոլորտովն, անմըռունչ,
Կ’ընէ անդուլ ելեւէջ:
Եւ այսպէս, մեր աչքէն, մըտքէն իսկ անդին,
Ան` իրեն չափ, իրեն միջեւ, իւրովին,
Է յաւիտեան եւ անհուն.
Ան` Ամբողջն է, որուն անունն պարծանքով
Կը յանձնեն այս մաքուր թուղթին սըրտիս ծով`
Որ իր հայլին է տրոփուն:
Թող գըրաշարը դողդոջէ` երբ Անոր
Անուան տառերն իյնան ձեռքին տակ անզօր.
Չը շարէ ծուռ կամ անտած…
Եւ մամուլն ալ` այդ անուան վրայ բըրտօրէն
Թող չը ճընշէ` թէ չէ կ’հերձի սեւ կուրծքէն,
Վասընզի Ան է. - Աստուած: