ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ (Ձօն, Նախերգանք, Բագինին վրայ)

ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ (Ձօն, Նախերգանք, Բագինին վրայ)

ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ

Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր

ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ
(Առասպելք)

ՁՕՆ
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
- Քեզի ընծայ, իմ հայրենիք -
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրեր…
- Քեզի ընծայ, հին հայրենիք -
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լոյս ելանէր:
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.
- Ձեզի ընծայ, հայ պանդուխտներ -
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ’էր ծըղօտ…
- Ձեզի ընծայ, հէգ պանդուխտներ -
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ողբ ելանէր:
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի արիւն.
- Ձեզի ընծայ, սուրի զոհեր -
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…
- Ձեզի ընծայ, կրակի զոհեր -
Եղէգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սիրտս ելանէր:
Եղէգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
- Քեզի ընծայ, հայր ալեհեր -
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
- Քեզի ընծայ, մայր կարեվէր -
Եղէգնեայ գըրչով օճախս երգեցի.
Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր:
Ու պայքար, պայքար, պայքար երգեցի.
- Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ -
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
- Ձեզի ընծայ, քաջ մարտիկներ -
Եղէգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր:


Նախերգանք

ՆԵՄԵՍԻՍ
Պաշտէ դահանակէ աչքերով աստուածուհին, ով Ժողովուրդ, երբբռնակալութիւնները կործանես, կործանէ այլեւս զինքն ալ, եւ դունբարձրացիր իր պատուանդանին վրայ` շուշան մը ձեռքիդ մէջ:
Քերթողն հըսկայ, մըրըրկավարս, հըրաչուի,
Նըւիրական արուեստանոցն իր մըտաւ,
Եւ փակեց լայն պողպատ դըռներն հապըշտապ.
Փակեց փեղկերն երկընքին դէմ, որոնց նեղ
Ճեղքերուն մէջ մընացին
Արեգակին մազերն ոսկի, սանտըրուած:
Լեռնակուտակ զանգուած մ’ընտիր մարմարի
Այդ շէնքին մէջ մըթընշաղ
Կը սպասէր` ձեւն հագնելու հին դիւցազնի.
Եւ կամ գուցէ կը յուսար
Որ աստղերէն իջնելով`
Պիտի աստուած մը գայ իր մէջ բընակիլ:
Զանգուածը այդ ապառաժ մ’էր բարբարոս`
Որուն մէջ դեռ կը մընար
Կիսաւեր բոյն մը արծուի.
Եւ խորն իր մէկ խոռոչին
Օձ մ’էր ծուարած ու կը նընջէր հանդարտիկ:
Քերթողն ինքզինք պահ մ’անհունին մէջ հոգւոյն
Ըզգաց Աստուած: Սոթտեց թեւերը ջղուտ,
Ոսկեղէն մուրճը ափին մէջ, տըժգոյն, վեհ,
Մարմարին դէմ, գըլխեբաց,
Հըսկայի պէս կանգնեցաւ…
Նըշմարեցին աչքերը ձեռք մ’այն ատեն
Մութին ծոցէն` կարկառուն`
Որ վիթխարի բըռնած սափոր մը` պարպեց
Խորն իր հոգւոյն լայնալիճ
Տիեզերքին ըստեղծահիւթն հողաբոյր:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց:
Արուեստանոցին բիւզանդական գըմբէթէն
Յոյսի ձէթով լի սուրբ գանկ մը կախուած
Կ’ըլլար ջահն իր լուսատու:
Ան կը տեսնէր մարմարին շուրջը ձեւուած
Հըզօր երազն` որ միս կ’առնուր եւ ծալքեր:
Մըտածումն իր` այդ քարին կոյս ծոցին մէջ`
Իր արմատներն յուշիկ յուշիկ կը խըրէր
Ծառի մը պէս ձիթենի:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Ամէն մէկ բուռն հարուածին տակ յաղթ մուրճին`
Ինչպէս թէ ռումբ մը պայթող`
Ուղխ մը կայծեր, քարերու հետ խուռնախիտ,
Կ’անձրեւէին պատերն ի վար խաւարչուտ
Պսակի պէս քայքայուող:
Դուրսն ողկոյզներն յասմիկին
Կը թափէին մուրճին մէն մի թընդիւնէն
Փեղկերն ի վար իրենց կապոյտ ծաղիկներ:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց.
Մինչեւ որ բիրտ վայրենութիւնը քարին
Նըւաճուեցաւ, եւ ահա գլուխ մը կնոջ
Մարմարին մէջ թարմօրէն
Ծաղկեցաւ բարձըր շուշանի մ’հանգունակ:
Չըքնաղ էր ան, միանգամայն էր ահեղ.
Հելլէնական արձաններու կուրութեամբ
Կը յառէին խորունկ աչքերն` որոնց մէջ
Կարծես հոգին, անդունդն ի վեր մագըլցող
Կարիճի պէս` կամաց կամաց կ’երեւնար:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Բանաստեղծն իր բազուկին տակ կենադրոշմ
Կը փորագրէր կարծես քերթուած մ’ահաւոր.
Խոր ծալքերուն մէջ կեանք առնող մարմարին
Մէն մի հարուած դաշնակութիւն մ’էր քնարի,
Յանգ մ’էր, տուն մ’էր, եւ կամ էր շեշտ մ’օդասլաց:
Մէն մի հարուած ռըմբագոռ
Ըմբոստ երգ մ’էր ոսկի մուրճով երգըւած`
Որուն Աստուած երկընքին մէջ կ’ունկընդրէր:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Ու աւասիկ ճոխ գանգուրներն այդ կընոջ
Զերդ ողկոյզներ իրար խըռնուած օձերու
Ուսերուն վրայ թափեցան:
Կերտեց թիկունքն եւ թիկնամէջըն շըքեղ,
Կերտեց թեւերն ամազոնի` որոնք թէ`
Կարող էին արձակել
Ոսկի փըքինը սիրոյ,
Եւ թէ հրաշէկ կայծակը` տէգ մահընկէց:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Ոհ, ինչ փոյթ թէ անցան անքուն գիշերներ
Եւ ցորեկներ` անդադար.
Ծիծերն ահա, ծիծերն ահա արձանին,
Այնքան մաքուր կըլորցըւած, պաղպաջուն,
Որ անշուշտ կաթն անոնց մէջ պէտք էր ըլլալ
Կամ լոյս` սառած, եւ կամ արծաթ` հալըւած:
Կողերն ահա, ահեղօրէն շընչաւոր,
Որոնց ներքեւ կարծես արեամբ մեծնային
Արդարութեան, վրէժի սաղմերն երկուորեակ:
Շինեց ողն, յոյր բումբերն, ազդրերը ողորկ.
Շինեց եւ պորտն` որ զանգուածին մէջ յանկարծ
Քաոսէն ծնող աստղի պէս
Ճառագայթներ դուրս պոռթկաց:
Օն, հարուած մ’ալ, հարուած մ’ալ…
Գանկ ջահին մէջ, ձէթն ըսպառիլ ըսկըսաւ.
Օն, հարուած մ’ալ, հարուած մ’ալ…
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
<Եւ քանդակեց, քանդակեց…>
Կերտեց գուճերն եւ սրունքներ.
Կերտեց ոտքերն` որոնց տասնեակ մատերէն
Ժահրով, մեղրով խառնըւած
Դըդըչահոս լոյսի վտակներ բըխեցան:
Եւ շինեց ան վերջապէս
Կնոջ մէջքէն վար ահեղ
Սուր մ’երկսայրի, սուր մ’անպատեան, սուր մ’անբիծ,
Եւ Աստուծոյ պէս արդար:
Այն ատեն հոն մարմարիոնին խորշին մէջ
Քընացող օձն արթընցաւ
Եւ փաթթելով զինք մեղմօրէն այդ զէնքին`
Կաթիլ կաթիլ ըսկըսաւ թոյն մը կաթել:
Օն, հարուած մ’ալ, հարուած մ’ալ դեռ, եւ ահա
Պիտի գործն այդ աւարտի:
Քանդակագործ քերթողն յանկարծ խորշոմեց
Մարգարտապսակ ճակատը ջինջ քըրտինքով.
Այդ ինչ արձան, անունն ինչ էր այդ կընոջ.
Գորգոնա մ’էր, Հերան քինոտ, թէ Իսիս.
Պատուանդանին վրայ հըսկայ
Փորագրեց. – Նեմեսիս:
Ահա երազն իր, կը շընչէր, կը խորհէր.
Իր երազն այդ մարմարեղէն` զոր երկար
Ատեն սըրտին հանքերուն մէջ ան կըրեց:
Արդարութեան եւ Վրէժի
Դիցուհին այդ` աղջիկն էր իր կորովին
Զոր յըղացաւ, ողնածուծովը սընոյց
Այն օրէն վեր` երբ հըլութեամբ հարսնացաւ
Ժողովուրդին արեան հետ
Գիտակցութիւնն իր բեղուն:
Այլեւս ինչ փոյթ թէ մնաց թաղուած օրերով
Արուեստանոցին դամբանական մութին մէջ:
Ինչ փոյթ թէ արդ ճակատէն վար կը հոսի
Բարի քըրտինքն յոգնութեան,
Եւ ուսերուն եւ գըլխուն վրայ սեւահեր`
Իբրեւ ըլլար ջաղացպան մ’ան` կը նըստի
Ճերմակ փոշին մարմարին.
Եւ խիտ երկար թարթիչներն իր կը նմանին
Աղաւնեակի մը թեւերուն ըսպիտակ.
Ինչ փոյթ թէ ան, ահ չըտեսաւ կոյս գարնան
Լուսակարկաջ աղբիւրներուն մէջ ժըպտիլն,
Եւ չըքամեց դեռ խաղողի ողկոյզներ
Բաժակին մէջ բիւրեղեայ.
Կամ չըխառնեց գանգուրներն իր ասպետի
Բըլուրներուն վրայ պարող
Աղջիկներուն հողմատարիկ վարսերուն:
Ոհ, ինչ փոյթ կեանքը մեռնող,
Երբոր երազը կ’ապրի,
Երբոր երազն անմահ է:
Մուրճը ձեռքին մէջ բանաստեղծն յաղթական
Արձանին խիստ աչքերուն մէջ կը յառի.
Եւ անոնց մէջ կը ճանչնայ
Ինքզինք, ամբողջ անթերի:
Կը ճանչնայ սուրբ մարմարիոնն այն` որ առաւ
Բազկին տակ կեանք, որ այդտեղ
Եկաւ զանգուած մ’իր բըրտութեան մէջ նընջող
Եւ արթընցաւ Դիցուհի.
Զերթ քարափերթ մ’ըստրուկ ինկաւ մուրճին տակ,
Եւ կանգնեցաւ Վրիժուհի:
Աւարտած էր ամէն գործ.
Ահա մէջտեղն էր, Նեմեսիսը, կանգուն,
Պաշտըւելու, ընդունելու ողջակէզ
Այլեւս կազմ եւ պատրաստ:
Այն ժամանակ քերթողն ուրախ, գոհունակ,
Քաշեց նիգերը, բացաւ
Պղընձէ դռներն հսկայական գաւիթին.
Նոյն ատեն լոյս մը դէմէն
Երկինքն ի վար այնպէս արձանն ողողեց`
Որ դիցուհւոյն մարմինը շուրջն ըսկըսաւ
Ճառագայթներ արձակել:
Խըտղըտեցուց ճերմակութիւնն իրանին
Աչքերն աղուոր օրիորդի մ’որ դէմի
Պատըշգամբին նըստած ժանեակ կը հիւսէր:
Ձիւնեղէն ժայռ մ’էր կարծես`
Որ կը ցըցուէր արեւուն մէջ` հոլանի:
Կը թափէին ուսէրէն վար, կուրծքէն վար.
Շողի հազար վտակներ, հազար ալիքներ:
Քերթողն անգամ մըն ալ անոր նայեցաւ.
Եւ ճակատին վրայ ճանչցաւ
Անգամ մըն ալ դուստըրն իր հեստ արիւնին:
Տըւաւ համբոյր մ’երկիւղած
Մէջտեղն անոր ծիծերուն.
Ուրկէ մընաց շըրթունքներէն վար առկախ
Լոյսի կաթիլ մը` վաղուան
Նոր վրէժներու արգասիչ:
Յետոյ նետեց ծանրակիր մուրճը ձեռքէն.
Թեւը սոթտուած պատուանդանին վրայ դըրաւ.
Եւ գըլուխն ալ թեւին վրայ.
Եւ իբր առիւծ մը պառկող`
Յոգնած, քըրտնած եւ վըսեմ,
Աստուածուհւոյն ոտքերուն տակ քընացաւ:
Ժողովուրդն է, ժողովուրդն է, որ կու գայ.
Ճամբաներուն, փողոցներուն մէջ Քաղքին
Գետեր են որ թըխակոհակ կը հոսին.
Հարստահարուած ժողովուրդն է որ կու գայ.
Անոնք տեսան Նեմեսիսի վեհ արձանն,
Եւ քուրմեր են, վրէժի քուրմեր, եւ ահա
Անոր, անոր կը դիմեն:
Գործատունէն, թիարանէն, բանտերէն
Գըրոհ կու տան: Արիւնոտ են եւ քաղցած:
Դեռ բեկորներ շըղթայի` զոր ջարդեցին,
Մերկ ոտքերուն հետ ընդքարշ
Սալյատակին շըռինդ շըռինդ կը հընչեն:
Ոմանք սակրով, ոմանք մուրճով են զինուած.
Դէմքերուն վրայ արիւնռուշտ
Կը փայլակէ կատաղութիւնն` հեռուէն
Մերկացնելով մարգարտաշող կըճըրտումն
Ակռաներուն մարդու միսի անօթի:
Մերկ են կիներն իրենց ամբողջ ծիծերով,
Եւ մանուկները` բոպիկ`
Որոնց տըժգոյն ճակատէն
Գարունն ընդհուպ կը թափթըփի վարդ առ վարդ
Դեռ չաւարտած իր բողբոջումը առոյգ:
Ատելութեան գոռուկոչ մ’է` կը պոռթկայ,
Կը տարածուի պողոտայէ պողոտայ
Քաղաքին մէջ բովանդակ:
Ամէն շըղթայ կը բեկտի,
Եւ կը փըլչի ամէն բանտ.
Հրապարակին մէջտեղ կրակի կը տըրուի
Կառափնարանն` հերոսներուն արիւնէն
Վարդակարմիր եւ ճարպոտ,
Եւ իր մեծ բոցն երկնոլոր
Ամբոխներուն գիտակցութեան կ’ըլլայ ջահ:
Ամէն խըրճիթ ըմբոստ մը դուրս կը պոռթկայ,
Ամէն շիրմէ նահատակ մ’յաղթ կը յառնու
Նոր միսով, նոր ըղեղով, նոր զէնքերով
Ըսպառազէն: Ժողովուրդն է հող կըրծող.
Մինչեւ մէջքն իր` տիղմին մէջ
Ուրիշներուն դըղեակ շինող ամբոխն է`
Որ ոտքի միակ մոլեգնադռոյթ ոստումով
Նոյն իր խորունկ գերեզմանին քարին վրայ
Ահաւասիկ կը կանգնի:
Եւ մարդկային ովկիանն այդ փըրփրագոռ
Կ’եռայ խորքերն իր մըռայլ.
Եւ ալիքներն յառաջ կ’երթան մահադող.
Եւ կը թըքեն իրենց փըրփուրը յորձքի
Պալատներուն մինչեւ քիւներն, ու մինչեւ
Ճակատն արփւոյն անտարբեր:
Քըրջաւոր են, ահաւոր են, բայց այսօր
Հանճարներու, դարերու
Ամբողջ մտածումն, ամբողջ վաստակը խըմող
Գաղափարին արծիւի թեւն ըսպիտակ
Եկաւ դըպչիլ անոնց դեռ կոյս ճակատին:
Եւ անոնք ուղխ ճամբարներէ հաւաքուած`
Այսօր ունին վըսեմութիւնն ովկիանի.
Եւ կը մռնչեն, կը հայհոյեն, կ’աղօթեն,
Կը հայհոյեն վերըստին:
Կը մըրմըռան բըռնութեան դէմ ծուփ առ ծուփ.
-Վըրէժ, վըրէժ, Նեմեսիս:
Եւ Նեմեսիսն հոն է, հոն է մխիթարիչ
Քէնն երկնային, ձիւնափարփառ մարմինն իր
Լուսնակին պէս ալիքներն այդ կը քաշէ
Դէպի ծոցն իր մայրենի:
Եւ ժողովուրդն արձանին շուրջ կը դիզուի
Հետք հետքի վրայ, խուռնախիտ,
Եւ կըզակներ կըռթընցըւած ուսերու:
Առջեւը վեհ Դիցուհւոյն
Ամէն ոք իր վէրքը կուրծքին կը բանայ.
Պարմանիներ ցոյց կու տան
Թեւերն իրենց կոտրած` շըղթայ կոտրելէն.
Մայրերն ահա վեր կ’առնեն սեւ-սեւ քօղեր
Անոնց ծալքին մէջ բանալով գանկիկներ
Մանուկներու` այրուձիին տակ ճըզմուած,
Եւ պառաւներն անոր առջեւ կը փըռեն
Քըղամիդները կարմիր
Դըրժուած մորթուած դիւցազնական թոռներու:
Եւ կը բերեն ամէնն ալ
Իրենց վերջին հարըստութիւնը` նըւէր,
Եւ ծընրադիր` անիծախառն աղերսով
Արտասուագին միահամուռ կը գոչեն.
-”Ով Նեմեսիս, Անվրիպելիդ, Վրիժուհիդ,
Մեր տառապանքն, անկումը մեր կը տեսնես.
Մեր արցունքի մէկ շիթին
Ովկիանական անհունութիւնը արդեօք
Քու ափիդ մէջ կըշռեցիր:
Բաւ է փառքերն ու հաճոյքներն արբեցնենք
Մեր արիւնին արիւններովն ու մինչեւ
Ոսկորներուս քըրտինքով.
Բաւ է սուինները պատռեն
Մեր արգանդին մէջ յաւէտ
Լուսաթաղանթն արշալոյսի սաղմերուն.
-Բաւ է անիւը գործատան փերթ առ փերթ
Խըլէ մեր միսն եւ իւղոտէ ճըղուղն իր.
Բաւ է, բաւ է մեր բովանդակ կեանքին մէջ
Խարազանուած թիկունքներնուս վրայ կըրենք
Մեր շիրմաքարն ու երթանք այսպէս շիրիմ:
Վըրէժի ժամն ալ հասաւ.
Նըշկահումի ամպրոպահունչ ժամն հասաւ:
Ուժ տուր մեզի, ոգեւորէ եւ մըղէ.
Դու մեզ Աստուած, դու Տիրամայր, դեհ իջիր
Պատուանդանէդ եւ ձուլէ մեզ կամքիդ մէջ,
Եւ օրէնքներըդ գըրէ
Մեր ճակատին վըրայ արեան գըրերով:
Քու ժողովուրդըդ մենք ենք.
Պիտ’ ըսպանենք մեր աստուածներն հին եւ նոր
Եւ աճիւնին վրայ անոնց`
Ատտիկէի մեհեանէդ ալ հոյակապ
Պիտ’ քու մեհեանըդ կանգնենք
Պիտ’ կործանենք ապարանքներ ու բանտեր`
Եւ քառանկիւն սալքարերովն իրենց յաղթ
Պիտի բագինըդ կանգնենք:
Ամէն տարի Մահատօնիդ նեմեսեան
Ատելութեան ինչ նըւագներ պիտ’ հընչեն.
Պիտի զարթնուն ինչ մոռցըւած մեռելներ`
Եւ խըմելով արիւնախառըն գինին,
Զոր սափորով իրենց շիրմին պիտ’ դընենք,
Արեւուն տակ, զոր կարօտցան, ձեռք ձեռքի
Պիտի պարեն շուրջն արձանիդ` յանձնելով
Իրենց պատանքը հովին:
Իջիր մեր մէջ, եւ բընակէ լոկ մեր մէջ.
Օհ, որքան դու չըքնաղ ես
Եւ որքան ալ սարսափելի. աչքերդ այդ
Արդարաբար կը սպաննեն միշտ, եւ ձեռքերդ
Աճիւններու մէջ պատրաստ են սերմանել
Շուշան հունտեր շուշանափայլ կեանքերու.
Գանկի մը մէջ բոյնն իր դընող տատրակն ես.
Աղբիւր մ’ես դու ըՍտիւքսի`
Որ կը բըխի գերեզմանէ մը կանանչ:
Ահա քեզի կը կարկառենք մեր քաղցած
Երեխաները. թող որ քու ծոցիդ մէջ
Մըկըրտըւին, եւ ծըծեն կուռ ծիծերէդ
Կաթը վաղուան վըրէժին:
Օն, Նեմեսիս, իջիր մեր մէջ. մեզ ըրէ
Վահան լանջքիդ մարմարէ,
Սուրը թեւիդ անխընայ:
Զի մենք ծարաւ ենք արեան,
Արեան, արեան Նեմեսիս”:
Կ’ըսեն: Իրենց գոռուգոչումն ահաւոր
Կը սասանէ գահերուն վրայ կայսըրներ,
Եւ կ’օրօրէ պատուանդանին վրայ նընջող
Քերթողին քունն հանդարտիկ:
Կ’ըսեն: Եւ նուէր Աստուածուհւոյն կ’ընծայեն.
Անոր առջեւ արիւնլըւայ ձեռքերով
Կը սըփռեն վարդ ու յասմիկ:
Կոյս աղջիկներ դալկադէմ
Ասեղներէ ծակծակուած գիրգ մատերով
Կ’հիւսեն անոր գըլխուն համար պըսակներ:
Գիւղացիներ կ’ողջակիզուն վերջին ուլն
Իրենց թափուր եւ ցըրտացած փարախին:
Տըղաք կընդրուկ կը ծըխեն.
Իսկ բանուորներն ու ռազմիկները պարման
Թուրերն իրենց, մուրճերն իրենց նուիրական
Կու գան անոր կըռուանին վրայ հեսանել:
Եւ ժողովուրդը բովանդակ յանկարծ լուռ
Լուսընկային տակ հանդարտող ծովու պէս
Կը խոնարհի աղօթքի…
(Օրհնեալ ըլլաք, հառաչանքի մէջ խեղդուած
Ով արցունքներ, մազերէ վար կայլակուող
Ով արիւնի կաթիլներ.
Ով աղօթքներ նախատօնին կռիւներու
Մանաւանդ դուք օրհնեալ ըլլաք.
Ձեր մէջ է որ Յոյսերը մօտ յաղթութեան
Իբրեւ ճերմակ աղաւնիներ` ամէնուն
Ծոցէն արփւոյն կը սլանան):
Եթերական կրակին խորէն իրիկուան,
Դէմի սարէն զառիվայր
Այն որ կ’իջնէ անչափելի քայլերով
Հերոս մըն է, պերճահասակ քըրմապետ
Նեմեսիսին կուսական,
Եւ անձնուրաց նախախնամող մարդկութեան:
Արեւը դեռ չըմեկնած
Ճաճանչներն իր ամփոփեր է շեշտուղիղ
Անոր կուրծքին կարմրաբորբ,
Ցայտեցնելով զէնուզարդէն պաղպաջուն
Ճառագայթներ` նման բամբշի մը գըլխուն
Ծամակալ մեծ ասեղներն:
Արիւն մ’ահա կը կայլակի տակաւին
Իր գօտիին արդարադատ կեռ սուրէն:
Կու գայ, - ճակատն իր արդէն
Շաղկապուած դափնիով:
Քայլերը ծանըր` փառքէն,
Եւ բըռնութիւնը ճըզմելէն` տենդակոխ
Ահաւասիկ կ’երկփեղկեն
Ժողովուրդն այն խոնարհած
Ատելութեան եւ աղօթքին բեռին տակ:
Նեմեսիսին ձօնելու
Ա իր նըւէրը ունի.
Գըլխուն շուրջէն կ’արձըկէ
Դափնեպըսակը` զոր կոյսէն որբացած
Շիրիմներուն նըստած տըրտում շուքին տակ
Իրեն համար հիւսեցին.
Կ’արձըկէ զայն եւ ձախ ձեռքովը բըռնած
Բուրեան ճիւղին մէկ ծայրէն
Միւսովը զայն կը մերկացնէ, սըփռելով
Իր սաղարթներն օդապար
Աստուածուհւոյն ոտքերուն վրայ անարատ,
Որոնցմէ հատ մ’աղուոր տերեւ մ’արիւնոտ,
Կ’երթայ կ’իյնայ արձանին տակ քընացող
Քանդակագործ բանաստեղծին ճակտին վրայ,
Որ գրաւուած նոր Տեսիլներով երազի
Այդ հըպանցումը փառքին
Ամենեւին չ’իմանար:
ԲԱԳԻՆԻՆ ՎՐԱ
ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈԳԻՆ
Երբ պիտի գաս. երբ մեր գետնին ոյծքերէն,
Իբր յարութիւնն հողին խըմած շողերուն,
Պիտի պոռթկան շունչիդ բոցերն երկնապող.
Կամ մեր երկրին արիւն կաթող որ աստղէն`
Դու պիտ’ իջնես հրդեհել
Զէնքի տըրմուղ ժողովուրդդ`
Որուն սըրտէն դարերն յաւէտ խըմեր են
Թորգոմական արիւնն եւ ողը պարպեր,
Որուն համար մեր պապերուն ոսկրոտին`
Հովտէ հովիտ սըփըռուած`
Բաժին են լոկ գայլերու:
Ով անդրանիկ Աստուածուհի, Իսկուհի`
Հայ ջըրերուն, կըրակներուն եւ կաւին,
Տես, քու երկիրդ` որ մեր սերմին մայր ըրիր`
Այլազգներու խըժդըժանքին մատնըւած,
Այսօր, աւաղ, սուգ ու արիւն կը բըխէ.
Իր կործանած քաղաքներուն վրայ լըռիկ
Կը նըստի կռունկն ողորմուկ.
Հողն` հերկըւած միայն սողովն օձերուն`
Իր աղտաղտուկ խաւերուն մէջ կը պահէ
Պաղլեղ, եւ իր սեւ տափերուն վրայ` ոքոզ.
Կը մընան մեր այգեստանները` առանց
Շերտափակի, եւ կարասները` առանց
Հայրենական գինիին.
Եւ մեր խոյերն ըսպիտակ`
Չըգըտնելով խոտնոցներուն մէջ առուոյտ`
Նօթութենէ մոլեգնած`
Մըսուրներուն դէմ կը ջարդեն եղջիւրնին:
Իսկ որդիներըդ թըշուառ
Կամ հեռացած հօրենական երկըրէն
Կը խառնակին ազգերու խորդ արիւնով,
Կամ նոյն երկրին ծոցին մէջ
Կը մեռնին լուծն ուսերնուն,
Ապրողներուն թողլով մաս
Մերկացում<ն> ողջ հայութենէն, խորդացումն`
Որով կ’ըլլան իրարու դէմ թըշնամի
Եւ թըշնամւոյն դէմ` ծառայ:
Ոչ մեր դաշտերն ու տաճարներ քարուքանդ
Զիրենք կըրնան զայրագնել,
Ոչ օտարին ծաղրանքն եւ ոչ անարգանք
Կ’արթընցընեն իրենց հոգւոյն մէջ ընթարմ
Հըպարտութիւնն հայկական:
Կը ծառայեն եւ կ’ողբան
Եւ ողբալով ըստըրկութիւնն աւելի
Իրենց դէմքին կը յօրինեն վայելուչ…
Եկուր, եկուր Ժամանակն այս է. Եկուր…
Ահա ցեղէդ մաս մ’ազնիւ`
Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ`
Ճամբուդ վըրայ կը սըփռէ
Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ…
Եկուր, եկուր. Եւ Մասիսի կատարէն
Դիւցազներու, վըկաներու հոգիներ,
Իբր աստղերու սերմընցան,
Տեղա բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին,
Մեր սըրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ
Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողվեցիր
Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն,
Եւ ըրէ մեր օրրաններն
Արշակներու վերածընող շիրիմներ.
Ամէն հայու լանջքին տակ
Իր մէկ հին պապն արթընցուր.
Եւ նուիրական, յաւէրժական զանգուածով
Զանոնք խառնէ եւ խըմորէ եւ ձուլէ
Եւ ըստինքովդ ապրեցուր:
Այնպէս որ` քու մայրենի
Ճաճանչաւուխտ թեւ թռիչներուդ տակ ամփոփ
Տաքնայ մեր հողն, եւ բլուրներուն վրայ խայտան
Գարուններն հին, Նաւասարդները` լեցուն
Մարտիկներու վահաններուն կոփիւնով.
Մեր արծիւներն եւ ուրուրները` թողած
Ճախճախուտները նըւաստ`
Կայծակներու թառերուն վրայ կըռընչեն.
Էգ առիւծներն ու էգ վագրերը բոլոր`
Մայրագորով լիզումով`
Ըլլան կայտառ հայկակներու կաթընտու.
Մեր ամպրոպները (լեցուն
Ըստուերներովն երգիչներուն գողթական)
Սըրտին մէջ հայ քերթողին
Փոխուին երգի ու չափուին
Կայծակներու շեշտերով.
Բանուորն հեստի, հեստի գեղջուկն ու` այգուն`
Երբ իր քայլերն ուղղուին դաշտերն աւերուած,
Արշալոյսէն արիւնի հոտը առնէ
Եւ արիւնի ծարաւի.
Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,
Նըման գարնան մեր տան շեմերը պըճնող,
Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,
Բնակարանէ բնակարան.
Կանգնին այրերն ու մայրեր,
Ծերը կանգնի, կանգնի տղան.
Ու ամէն ոք Ազգին սիրով լոկ արբշիռ,
Ազգին ոգւով հաղորդուած
Այնպէս վառի, ապըստամբի, բորբոքի,
Որ Թորգոմայ Տունն ըզգայ
Թէ իր օճախը մարած`
Այսօր հրաբուխ է դարձեր:

ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Ա
Ըլլայ լացի, համբոյրի,
Յիշատակի, մըտածման,
Մըռընչելու համար ըլլայ, օն, մըտնենք.
Մըտնենք հըսկայ քաղաքն հըսկայ աճիւնի,
Մըտնենք Շիրիմն հայութեան…
Ողջոյն, Անի, գերեզմնոց,
Ուր կը փըտին ոսկորներն յաղթ Անցեալին.
Ողջոյն, Անի, օրօրան,
Ուր փլուզի տակ, կարիճի սեւ արիւնով
Մեր Ապագան կը մեծնայ.
Ողջոյն, Մեռել, Մայր, ողջոյն.
Ահա կու գամ, ես վերջին
Նորաբողբոջ գըլուխը հայ Հիդրային,
Կու գամ կեանքիդ փառքովը մահդ օրօրել.
Ըսել, թէ մեծ եղար դու,
Կամ մեծ խոստումը մեծութեան, դու եղար
Լուսակայլակ պողպատ ըստինք մ’որուն դէմ,
Խուժդուժ ցեղեր ծըծելու դեռ անվարժ`
Եկան նօթի լընդերն իրենց ջախջախել.
Ծեր Ասիոյ շեմին վրայ դու եղար
Երեք դարու սիրտն` եթէ Յոյնն ըղեղն էր,
Սիրտ կենսաբուխ` որուն աչքերն յառած պիշ`
Նենգ Բիւզանդիոնն, այդ բոզորդին Հըռոմի
Քեզ կը դաւէր լափլիզելու ախորժով:
Եւ ան դաւեց եւ ան յաղթեց. ու աւաղ,
Երբ դրօշակն իր ցըցուած տըխմար արքայիդ
Յովհաննէսի շիրմին վրայ`
Վեստ Սարգըսեան կ’ըլլար խըլան խոստացուած,
Քու բալլիքներդ Վոսփորի բանտին մէջ
Երիտասարդ թագաւորիդ թեւերուն
Կուռ շըղթաներ կըղպեցին:
Բ
Ով պատուհաս. կորսըւեցար դու այլեւս
Երբ Պարսն եւ Յոյնն, երկու ոսոխ ոսոխներդ,
Իրարու դէմ ըզքեզ ասպար կանգնեցին,
Կամ իբրեւ որս մ’որ արդէն իր մագիլով
Նախ իր սիրտն է խոցոտեր,
Քեզ անցուցին Մոնոմախոսն ու Տուղրիլ,
Պերոզն ու ժանտ Ալփասլան`
Ժանիքներէ ժանիք, թաթէ ի թաթուլ.
Եւ, դէմ դիմաց կզակներն իրենց ջարդելով,
Հիմնաքարերդ հանեցին`
Որպէսզի սեւ դամբանաքարդ յօրինեն:
Ալ այն օրէն դու իբրեւ շէնք մ’հոյակապ`
Ուրկէ հազար կայծակ մէկէն է անցեր`
Քայքայուեցար մարմար մարմար, ծեփ առ ծեփ:
Ու, ով ցասում, ով ամօթ,
Քեզ դէմ առ դէմ բըզըկտողները նենգժոտ
Չեղան արծիւ` այլ գայլեր…
Գ
Արդ քարուքանդ կը հանգչիս
Եւ նըշխարներդ ինը դար է որ կ’ապրին.
Ժամանակին ձեռքը չեղաւ այնքան յաղթ
Աճիւններդ այդ մըրրիկներուն յանձնելու.
Բայց ծոցիդ մէջ ալ բընաւ
Սըմբատի սօս նըժոյգը չի խըրխընջեր,
Ան չի թօթուեր արիւնթաթախ բաշերն իր
Քած ձիուն դէմ Ափշինի,
Ու կոչնակներն ու շեփորներն ոսկեցոլ`
Որոնց ի լուր թուրը խաչով կը ձուլուէր.
Հոն լըռած են` ապրեցնելով իրենց տեղ
Բուի հազար սերունդներ:
Այդ լըռութեան չըղջիկի լայն թեւին տակ
Կ’աճի եղիճն արտասուքովն աստղերուն.
Եւ հոն բաղեղն հայրենասէր թեւերով
Կը գըրկէ հողըդ տըրտում
Իր պատառիչ կայծքարերով միասին.
Եւ խոտ մ’հազիւ, բարձրացած
Ճամբաներուն վրայ անկոխ`
Կը ծածկէ սողն օձի մ’արփւոյն տակ ճեմող:
Դ
Ինչ մընաց, ինչ. Պարիսպներէն քարակուռ`
Որոնք ըզքեզ գըրկած տըւին կուրծքերնին
Ասիական մըրըրկարշաւ ցեղերուն.
Պալատներէդ, ամրոցներէդ, սիւներէդ,
Աշտարակի սըլաքներէդ` ուր ծըփուն
Կարմիր դրօշակ մ’հայկական
Կ’սրբէր քրտինքն արծիւներուն ճամբորդող,
Խոյակներէդ, գըմբէթներէդ` որոնք օր
Մ’ամպին մէջ` շանթն Էին մէջ բախտն հեգնելով`
Ժամանակի բռունցքին դէմ
Կ’ըլլային կումբ ձուլուած փառքի հանքերէն,
Զօրանոցէդ, տաճարներէդ, այո, քու
Հազարումէկ տաճարներէդ` որոնց մէջ,
Դէպի հաւատքն ուղղաբերձ
Մինչ բազուկներ կը յոգնէին, կ’հեղգային
Մինչ հին արիւնն Արամեան
Իր հեթանոս ռազմիկ թափէն կը սանձուէր,
Եւ մինչ Յիսուսը կը ծընէր արցունքով
Լաստիվերտցին եւ նենգ Յուդան` Կիրակոս,
Այդ հազար մէկ տաճարներուդ մէջ կ’ըսեմ,
Քանդակ քանդակ, զարդ առ զարդ,
Արուեստ մը նոր, արուեստ մը հայ,
Արուեստն աղջիկ Աստուծոյ, քոյր Բընութեան,
Արուեստը հարս Տիեզերքին,
Ժող’վուրդներու եւ Ազգերու վախճանած
Տապանագիրն ու շիրմապսակն այդ վերջին
Իբր աղաւնի մ’ոսկեդըրուագ ուրագով
Քանդակուած` այդ գըմբէթներուդ ներքեւ սուրբ,
Բատուցներուդ, խոյակներուդ, մոյթերուդ
Մէջէն լըռիկ, գըլուխը դուրս կարկառած`
Դէպի երկինք, աղուոր, վեհ,
Թռիչները լայն կը պարզէր…
Հիմա, աւաղ, ատոնցմէ,
Այդ բիւրաւոր ճաճանչներէդ, ով Անի,
Ըսէ, ըսէ, ինչ մընաց…
Է
Կը պատէ շուրջը լըռութիւն: Լայնարձակ
Դաշտին վըրայ, լուսնակի քաղցըր շողով
Աւերակները կ’ողողուին: Հեռուէն
Միջոցին մէջ աստղալից
Լոկ կը լըսուի սոյլն հովերուն ճամբորդող:
Անին յաւէտ կը լըռէ…
Ոտքըս փըլած քարի մը վրայ կը դընեմ,
Եւ ուրիշի մ’յետոյ, յետոյ ուրիշի
Մ’ու կ’ելլեմ դէպի կիսաքանդ պարըսպին.
Ծերպերն որմին, ժամանակի վէրքեր, ինձ
Սանդուխ կ’ըլլան. քայլափոխէս փըխրըւած
Կը թաւալին կոշկոռներ,
Եւ մատերուս տակ ճանկող`
Բաղեղներէն, մորմերէն
Քընաթաթախ մողէզներ վար կը թափին:
Ու ես կ’ելլեմ. հոգիս խոր
Արբշըռութեան մ’ուժին տակ
Զիս աստղերուն կը քաշէ.
Կը շուլլըւիմ, կը մագլիմ.
Կայծքարերուն դէմ կուրծքըս մերկ կ’արիւնի,
Կը մընայ մաս մ’ըզգեստէս
Վարը փուշի մը ճանկին մէջ աւազակ.
Բայց ես կամշոտ, որսին դիմող վագրի պէս,
- Եթէ ազատ բարձրութիւնն որսն է հոգւոյն -
Կուռ ու տենդոտ խոյանքով,
Մութն ու փլատակն ոտքերէս վար թօթափած,
Նախնիներուս բիւր գանկերուն վըրայ գօս
Հուսկ ոստումով մը խըրոխտ
Պարիսպներուն հառաչակուլ կը կանգնիմ…
Զ
Ով բնազդական դու վերելք,
Ով խոյացման գինովութիւն` նոյնիսկ սեւ
Դամբանի վրայ կամ ոսկրի,
Ով վեհ բարձունք` որ կը գըգուես ճիղմ հոգիս
Զիս ընելով աճիւնին վրայ պապերուս
Բողբոջ մ’որ դեռ կը զարդարէ կոճղը հին.
Ով բարձրութիւն թովչական`
Որ կապոյտին եւ խաւարին մէջտեղ զիս
Մըտածումի լազուարթ լարով կ’առկախես.
Կու տաս անցուկ մխիթարութիւնը սըրտիս`
Որ վարն ոտքիս տակ գըտնեմ
Անիի մէջ ցոլքն երկընքի մեծութեան,
Ըզգամ թէ մեր շիրմին վրայ
Մոլորակները դեռ զիրենք կը գըծեն,
Թէ խաւարն այս` է Խորհուրդին դէմքը վեհ,
Փլատակը` մեղքն Յաւէրժին.
Անւոյ փոշին յարդգողն, եւ կամ աս շըրջմոլ
Փոսուռան աստղ մ’է չըքնաղ.
Սա գանկը հոս լուսին մըն է, ես` Աստուած…
Ըլլալ Աստուած, ով հեգնութիւն, այս ըլլալ
Է միմիայն ծաղրանըկարն Աստուծոյ,
Քանի որ մեր հոգին հարճն է Բընութեան,
Ու սոսկ անոր տաք ծոցին մէջ` բեղնաւոր,
Չունենալով նոյն ինք իրեն սեփական
Հայրենիքի այս Ոչընչին, բոհին դէմ`
Իբր առաջին սերմընցու
Խօսք մ’որ ստեղծէ, ներդաշնակէ, պոռթկալով
Փոշիներէն Անիի
Քանան մը նոր եւ ազատ:
Է
Ինչ, ունենալ աչքի ներքեւ դիակներ`
Որ եղած են ատենով
Արեանդ արիւն, սերմիդ սերմ
Եւ, ոհ, առանց յարուցանել գիտնալու`
Այսպէս դիտել ծալապատիկ թեւերով,
Ինչ, տեսնել որ խըխունջ մ’այսօր կը չափէ
Հըսկայ շէնքերն այն` երկու թել լորձունքով,
Եւ խորանի մը խորշին մէջ լոկ կ’ապրի
Բուն, սեւազգեստ ճըգնաւոր,
Տեսնել որ լուռ կը փըտին
Աւերներու տակ հերոսի բազուկներ,
Գանկեր, սըրտեր` որոնց արիւնը եղաւ
Թոյն` իժերուն, այնչափ որ լի էր ոխով.
Տեսնել որ փլած պատուարներու, դըղեակի
Ճեղքերուն մէջ կը մեռնի
Շող մ’արեւու, Անուն մը հին, Ազգ մը մեծ,
Եւ գահերու բեկորներուն վրայ թափուր
Արծիւն ամպէն կը ծըրտէ…
Ինչ, մինչդեռ վարը, անդին,
Այս ջընջումին հաւասար
Կը ջընջուին, կ’այլասերին հոգիներ
Խեղդըւելով նոյնիսկ իրենց արեան մէջ,
Կամ մալ ու կուրտ եզի պէս
Ժուժով մը վատ, իւրաքանչիւր հարուածի
Ներքեւ ջըլատ կ’ըսեն. -Լըծէ: -Ոհ, ինչ, ինչ,
Առջեւը այս ամէնուն,
Շուրջիս այս մութ ծըփանքին մէջ դիերու,
Ոսկըրներու, նըշխարներու, արիւնի,
Մընալ կանգուն, մինաւորիկ, անկարող,
Եւ չը կըրնալ այս թոհբոհէն հանել դուրս
Վերածընունդ, վերածընունդ մ’արփագեղ…
Ով այպանք, ով նախատինք,
Ուրեմն ինչու ապրիլ, ինչու ընդունայն
Հայրենիքի անունն ասանկ մըռընչել,
Երբոր Ողջերը թըմրած
Քեզ չեն ուզեր լըսել, ոստնուլ չեն ուզեր,
Եւ ռազմերգէդ` ահաբեկ`
Ականջներին ծցերնուն մէջը ղօղած
Երբ գըլխուդ շանթ կը մաղթեն,
Ուրեմն ինչու, ինչու ապրիլ…
Ը
Վարը, հոս,
Օձ մը հըսկայ` գլուխը փոսէն տընկած դուրս`
Լուսնի շողով կը նայի ինձ. օն, եկուր.
Դու, որ ունիս այդ աչքերուդ մէջ կանանչ
Մահուան անուշ մխիթարութիւնն. օն, եկուր.
Կրունկըս քուկդ է, քուկըդ տաք
Երակներս այս. խած ու խայթէ. թող տապալ
Գըլորիմ վար, Ախուրեանի ողբին մէջ,
Եւ վարը այն որձաքարին վըրայ սեւ
Ջախեմ գլուխս, ու իմ խեղճ
Հայրենիքիս փոշիներուն վըրայ սա`
Ըղեղիս խիւսը փըռեմ…

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ
Սովամահ ժողովուրդին
- “Սով է. հաց, հաց…” -
Ով կը հեծէ
Շեմին վըրայ խըրճիթիս ով կը հեծէ:
Սէրըս մարած է օճախիս բոցին հետ.
Մէջս է մոխիր, շուրջըս մոխիր. օհ, ինչ շահ
Մոխիրներու վըրայ արցունք սերմանել:
Բան մը չունիմ, բան մը. այսօր իմ վերջին
Լումայով թոյն գընեցի,
Ներսը թոյնս իմ կը շաղուեմ:
Վաղը եկուր, գերեզմնոց, ով Անօթի,
Բուքին մէջէ, կանուխ, երբոր գիւղին շուրջ
Գայլերը դեռ կը յածին,
Վաղը եկուր… պիտի ես
Շիրմիս մէջէն, իբրեւ հաց
Քերթողի սիրտս այդ մախաղիդ մէջ ձըգեմ.
Քերթողի սիրտս արիւնդ, արիւնն որբերուդ
Պիտի ըլլայ որքան որ Վիշտըդ ապրի…
Վաղը եկուր գերեզմնոց, ով Անօթի:
ՄԱՐԱԾ ՕՃԱԽԸ
Այս տունին մէջ` որուն շեմին վայրահակ
Այսօր կու լայ ուռենին,
Եռաց զըւարթ կեանք մը թորգոմ գեղջուկի:
Ատեն մ’եղան հոն թարմ հարսեր` որ լոյսին
Հետ արթընցած, վարդենիի պէս հագուած`
Աշխատեցան, կաթ կըրեցին սափորով,
Կամ դոյլերով հորը ջուրի գընացին:
Ատեն մ’անոր դըրան առջեւ նըստեցաւ
Ծերուկն, եւ թոռը ծունկերուն մէջ առած,
Պատմեց զըրոյցն Արտաւազդի, Վահագնի,
Անոր հոգւոյն տեղալով
Վերջին ազնիւ մնացորդը խոնջ օրերուն.
Կամ` իրիկուան` տեսաւ անցնիլն առջեւէն
Հարուստ հօտին` զոր իր որդին լեռնէն վար
Դէպի փարախ կը քըշէր.
Եւ ծեր ռունգերը բացած
Ոչխարներուն բուրդին բարկ հոտը ծըծեց`
Օրհնելով թիւն ու ընտիր ցեղը անոնց:
Ատեն մ’էր ան…
Այսօր ոչ ոք այդ տունէն
Կ’ելլէ կամ ոտքն անոր շեմին կը դընէ:
Կոտրած դըրան արեան չորցած կաթիլներ,
Ներսէն ձայներ ագռաւի,
Եւ յարատեւ մլաւիւններ
Կը լեցընեն գեղջուկին սիրտը դողով,
Որ անցնելու վայրկենին այդ փողոցէն
Խաչ կը հանէ կամ քայլերն իր կ’երագէ:
Կոտորածի օրէն (երբ գիւղը բոլոր`
Կեանքն յանձնելով նենգ գայլին քան թէ մարդուն`
Դիմեց դէպի ճերմակ լեռներն հայրենի)
Այս բնակարանն այս սեւ խորհուրդն է հագած,
Եւ մեռելի մ’անփակ աչքին հանգունակ
Ան` արեւուն եւ կեանքին
Եղած է միշտ բաց, նաեւ միշտ ալ զրկուած:
Ըմբոստ բաղեղն եւ ուռենին հեզանազ
Կը ծածկեն մուտքն անոր զիրար գըրկելով:
Գաւիթին մէջ կայ բողբոջումն լըռիկ
Բաղըրջուկին եւ թաւշանման մամուռին,
Որոնց մէջ մերթ կ’երեւի
Կըտցահարումն աներկիւղ
Վառեակներուն դըրացի, մերթ ալ յանկարծ
Փախուստն անոնց կարկաչելով դէպի դուրս:
Ինչ կ’ապրի հոն, ինչ գաղտնիք
Կը մեծնայ այդ բնակարանին մէջ խոժոռ.
Արդեօք անթաղ դիակներու ոգիներ
Հոն կը ժողվին լալու կամ դափ զարնելու,
Թէ վըհուկներ ճերմակ եւ թաւ յօնքերով
Օձ կը կըրթեն կամ կը հիւսեն պատանքներ:
Իրիկուն մ’էր - լաւ կը յիշեմ - սիրտ ըրի
Այդ շեմէն ներս մըտնելու:
Գիւղացիները ետեւէս, գըլխաբաց,
Աղօթեցին յուսակտուր, այնքան Աստուած,
Անոնց հոգւոյն մէջ եւ հոգւոյն ի խընդիր,
Սատանային սեւ պատկերն իր պատկերէն
Մեծ եւ որոշ էր գըծած:
Մըթընշաղ մ’այն գաւիթին մէջ կը տիրէր,
Եւ պատերէն` ուր կը շըրջէր ցողկը մերթ`
Բորբոսանքի եւ շիրմի հոտ մը կ’ելլար.
Կը լըսուէին գերաններուն ծերպերէն
Ճիչերը սեւ չըղջիկներուն սըրաթեւ.
Բոլոր դըռներն հոն բաց էին. չէր լըսուեր
Հաւալոցէն, կամ գոմէն
Ոչ եզներու բարի պոչիւնն, եւ ոչ իսկ
Բեղուն կըրկռոց մը հաւի.
Ամբողջ մարագը դատարկ էր, դատարկ էր
Մառանը բաց` ուր բուրեցին օր մը մուշկ
Սաթ ողկոյզներն հայրենական այգիին:
Այնտեղ ամէն ինչ տըխուր,
Հէգ մնացորդ մ’էր կողոպուտի մը վայրագ:
Ոչ մէկ սիւնի, ոչ մէկ անկեան մը ետեւ
Կը տեսնըւէր մարդկային ձեւ, կամ ապրող
Շողիւն մը զոյգ բիբերու:
Կը լըսուէին ձայները լոկ յարատեւ
Թոնրատունէն` ուր սարսուռով մօտեցայ,
Ու մըտայ ներս… Ով խեղճ տուն,
Լաւ էր դու բանտ կամ գերեզման ըլլայիր,
Այդ հողդ ոսկոր փըտեցընէր. սիւներուդ
Մէջ դագաղներ փորէին.
Լաւ էր ըզքեզ յօրինող մէն մի կրաքար
Ծովափներուն փոշի փոշի քայքայուէր,
Քան թէ կանանչ երդիքիդ տակ ծածկէիր
Մարած օճախ, մեռած սիրտ հայ գեղջուկի`
Որուն համար կանգնելը հարկ չէ այլ ինչ
Բայց թէ դամբանն իր եւ իր հէգ սերունդին.
Աւաղ, շինել իր ձեռքերով…
Մըտայ, հոն:
Մէջտեղը տան, ըստուերին տակ այն խոնաւ
Նըշմարեցի մարդու դիակ մը պառկած,
Կըռնակի վրայ, դէմքը ճերմակ կը յառէր
Լուսամուտին` ուրկէ` երդին վրայ բուսած
Ճիւղ մ’ոլոռի կարկառուն
Մինչեւ ճակտին կը հասնէր.
Երիտասարդ կուրծքին վրայ
Կար վէրք մը խոր, եւ թերաքամ ափին մէջ
Դաշոյն մը նոյն իր արիւնէն ժանգոտած.
Աչքերը, բաց, միապաղաղ, կարծես դեռ
Կը նայէին փախած հոգւոյն ետեւէն.
Եւ թուխ մազերն իր խառնակ,
Արիւնաթաթախ, շըրջասփիւռ,
Կը մնային պինդ մածանուած այն սեւ գետնին:
Ես հոն կանգուն կը խորհիմ`
Թէ սիւնն էր ինք այս յարկին, բոցն օճախին,
Որ յաղթուեցաւ, որ բիրտ ուժին տակ տեսաւ
Ծալլըւումն իր գուճերուն.
Եւ մընաց այսպէս ահաւոր եւ մինակ`
Ըսպասելով ընդունայն
Իրեններուն արցունքին,
Որոնք իր սեւ բախտին եղան Բախտակից.
Մորթըւեցան այրերն, հարսերը բոլոր
Հանուեցան լեռն` հոն լալու
Ճերմակութիւնն իրենց մարմնոյն լըլկըւած.
Իսկ ծերուկ հօր յետին մոխիրն արդ գուցէ
Թոնիրին մէջ կը սըրսփայ դեռ ջերմաջերմ.
Իսկ իր մարմինն երկար ատեն անտերունջ,
Այսպէս առանց շիրմի, առանց աղօթքի,
Կը մընայ լուռ, եւ կէսն արդէն խաթարուած.
Միայն կատուն տիրասէր,
Տան գորշ կատուն, նիհար, նօթի, անդադար
Կը մըլաւէ շուրջն անոր,
Եւ լի գութով մը կը սպառնայ, կը վանէ
Չորս դին երամ մ’ագռաւներու աղմըկոտ`
Որ դիակին ախորժեն`
Լուսամուտէն կը մըտնէ ներս, ու յաւէտ
Ամայի տան ըստուերին մէջ կը դառնան:
Կը խոնարհիմ ես վայրկեան մ’հոն երկիւղած,
Հին վըրէժ մ’այդ հին մեռելին վրայ կ’երդնում.
Յետոյ առած զայն ուսիս,
Աղիողորմ մլաւիւններովը կատուին,
Կը ճեպեմ դուրս:
Դուրսը դեռ
Գիւղացիները գըլխաբաց կ’աղօթեն:

ՕՁԸ
Իսկ ապրող Հայերն ալ` այսպէս ապրեցան
Լերան կողին, նըման վէրքի մը լայնշի
Հեղեղատն այն կը տեսնաք.
Ջուրէն բացուած, այսօր ջուրի ծարաւուտ
Ան ճամբայ մ’է կարմրորակ:
Տըղայ կեանքիս, օգոստոսի մ’արեւով,
Կ’ելլէի ես անկէ վեր,
Դէպի լեռն այն, դէպ իր դաշտերն ընդարձակ`
Ուրկէ ինծի դիւրին էր
Քաղել աստղեր ու անոնցմով պըսակուիլ,
Շընչել ամէն երկրի հով,
Ու հետեւիլ արծիւներուն ընթացքին
Մատղաշ հոգիս պարզելով:
Ու կ’ելլէի ես այդ կարմիր ճամբայէն…
Հոն ոչ սիւք կար եւ ոչ խոտ.
Թիթեռնիկներն այնտեղ ինկած դիպուածով`
Կը փախչէին հեւհեւկոտ:
Արեւն էր լոկ, իմ ուղեկիցս արեւն էր`
Որ մըխած գլուխն հըրաբոց
Աւազին մէջ` կը խըմէր հողն, ու հազար
Պատիճներովն ոսկեզօծ`
Կը ճաթեցնէր ապառաժները` սնելով
Անոնց ծածկած տամկութեամբ:
Ու կ’ելլէի ես այդ կարմիր ճամբայէն
Շուքս ետ թողած, միակ ամպ:
Կեցայ յանկարծ, ու արեւն հետըս կեցաւ
Խարըսխըւած գըլխուս վրայ.
Վերէն` խրամատ ժայռէ մը դուրս սըլացիկ`
Վար կու գար օձ մը հըսկայ:
Ալիք ալիք օղակներով իր ճապուկ
Դահանակի եւ լալի,
Ու շըչելով` իբրեւ եղէգ մ’հողմակոծ`
Ան կ’իջնէր, ես կ’ելլայի:
Տեսանք զիրար, կեցանք, զիրար չափեցինք…
Իր բոլոր զէնքը անի
Բերանին մէջ հաւաքեց, ես` աչքերուս,
Ես, դեռ անզէն պատանի:
Ոստում մ’ըրաւ նայուածքներուս ուղղութեամբ`
Զերդ շանթը դէպ լըսնոսկին`
Որուն վախճանն հորն է մաքուր եւ նուաճող…
Ոստում մ’ըրաւ մոլեգին,
Եւ փաթթելով ինքզինք մատղաշ իրանիս
Իբրեւ բաղեղ` վարդենւոյն,
Կուրծքը կուրծքիս դըրաւ, ուղղեց շըրթներուս
Կոր գըլուխն իր լիաթոյն:
Ես պարուրուած ոլորտներուն մէջ իր ցուրտ
Մահուան դողով դողացի.
Մինչդեռ աչքերս իր աչքերուն խըմցուցին
Թովչանքն հոգւոյս մըտացի.
Դըրին անոնց բոցերուն մէջ դեղնորակ
Իմաստութիւնը մարդուն,
Ըղեղին լոյսն` որ քընացուց կամ սանձեց
Բընազդը նենգ կենդանւոյն:
Խայթն ամփոփեց. ու ես կեանքի, մահուան մէջ,
Կեանքի, մահուան արցունքով
Արտասուեցի: Ան բերանն իր բացած լայն
Կըզակիս տակ, անվըրդով,
Խըմեց շիթ շիթ կաթող արցունքն այտերէս,
Քամեց բիբերըս բերրի,
Եւ մարեց մէջն օգոստոսի արեւն հուր
Օձն այդ ծարաւ արտօսրի:
Յետոյ շըչաց ու նոր օղակ մ’ընելով
Շուրջը վըզիս` զայն սեղմեց.
Մինչեւ պոչն իր նոր քաղցով ետեւը ճօճուն`
Կը ջախջախէր քար մը մեծ:
Քընթըռնոցներն ամփոփելով իրար մէջ`
Կոկորդըս պինդ պըրկեցին,
Ու ես վայրկեան մ’ըզգացի մէջըս փակուած
Չորս ճամբաները կեանքին:
Եւ ունչերէս ու աչքերէս բըխեցաւ
Արիւնըս դուրս սորսորուն,
Եւ ըզգացին, կարծես, շըրթունքըս դողդոջ
Սըրտիս ամբողջ ջերմութիւնն:
Իսկ ան յեցած կըզակն ուղիղ կըզակիս
Խըմեց արիւնս անդեղեայ:
Մէն մի կըլլուած շիթ, որ կ’իջնէր` կը զգայի
Իր մարմնոյն մէջ, մարմնոյս վրայ:
Ինչպէս շողերը արեւուն կը սուզին
Հին ջրհորներուն մէջ ցամքած`
Այսպէս կարծես երակներս իմ քամուեցան
Որկորէն վար թըխպամած:
Կըշտացած էր. վիզէս, մէջքէս, ծունկերէս
Լուծեց օղերն յամրաբար,
Միշտ յիշատակն իր օձ-ձեւին թողելով
Շուրջն իրանիս դալկահար:
Կըշտացած էր իմ արցունքով, արիւնով…
Ալ, զերդ ոճիր կենդանի,
Արփւոյն ներհակ, միշտ այդ կարմիր ճամբայէն`
Ան կ’իջնէր, ես կ’ելլայի…

ԹԻԱՊԱՐՏՆԵՐԸ
Պատերազմ է հըռչակուած: Թընդանօթի մը պողպատ
Ծանըր սայլին լըծեր են թիապարտներ մերկիրան.
Անհեթեթ բեռը պէտք է մինչեւ գագաթը տանին.
Սա դիմացի խրոխտ լերան` որ իր գլուխն է մըխըրճեր
Կապոյտին մէջ արեւոտ` իբրեւ հալած կապարի:
Անկէ ոչ եզ, ոչ գոմէշ ելաւ, եւ ոչ ալ ջորին.
Սեպերէն վար սահեցան պճեղներն անոնց կըրկնաճիղ.
Ծալլըւեցան ուժասպառ եւ դողահար ծունկերնին,
Կամ թէ երբուծը անոնց յանկարծակի պայթեցաւ
Բուռըն հեւքէն զըսպըւած թոքերնուն մէջ տապահեղձ:
Եւ արդ մընաց կըրելու հերոսներուն մըկնագեղ
Բեռը ձուլուած արիւնով, բեռը մահուամբ ծանրակիր:
Ետեւէն բիրտ զինուորներ կը մտրակեն անխընայ
Թիապարտները բոպիկ, մերկ կըռնակով, գըլխեբաց,
Որոց մարմինն` որ ունէր անբըծութիւն մարմարի,
Այսօր թուխ է իբրեւ պղինձ քուրայ մը միշտ հըրամերձ:
Կը տոչորէ անդադար սեւցած հըզօր ծոծրակնին
Ամրան արեւն ու յանկարծ կը կեցընէ, կը խըմէ
Քըրտինքի շիթ մը մարգրիտ` ողնաշարնէն վար սահող…
Վեր վեր. Փոկերը ճարպոտ դժնէ հարուած մըտրակին
Կը շառաչեն կըռնակնուն, մէջքերնուն շուրջ կ’ոլորտին,
Եւ ուսերնէն վար մինչեւ պորտերն անոնց սողալով`
Կը գալարուին լըզուըռտող օձերու պէս քըստմնելի.
Եւ թողած հետքը կապոյտ, կաղապարով խոտորնակ,
Կամաց կամաց կը սկըսի արեան ծիլեր դուրս բըխել:
Հոլայ, վեր, վեր: Ու պարանը անճոռնի, հաստաբեստ,
Մարմինն իրենց կը պըրկէ, միսերնուն մէջ կը թաղուի.
Նեարդներու բեկտումին, ոսկորներու փըշըրման
Աղաղակն է` որ կարծես իրենց ճիգէն կը լըսուի:
Դէմքերնուն վրայ թափուած են խառնափընթոր մազերնին`
Որոնց ծայրէն կը թորի առատ քըրտինք մ’հողին վրայ:
Շունչերնին դուրս կը պոռթկայ ընդհատ ընդհատ ռունգերնէն`
Եւ միացած կուռ սայլին երկրասասան դըղըրդիւնին
Վայրենի նուագ կ’ըլլայ աշխատանքին այդ դաժան:
Ահաւասիկ կը կաթի խարազանուած ուսերնէն
Արիւնն արդար, սուրբ գինին մարտիրոսուած այդ Ուժին,
Որով` խըխում` կ’արբենայ ամուլ լերան ճերմակ հողն
Ուրտեղ նոյնիսկ չի գըտներ գաղտնամես օձը սընունդ,
Ոչ ալ կեանքն իր բաշխելու համար արեւն հունտ մը էգ:
Այդ կատաղի վերելքէն` անոնց ոտքին տակ լայնշի
Յանկարծակի կը փըրթին լայնափեռեկ ճեղքուածքով
Ժայռէն մեծղի կըտորներ. եւ ձորին մէջ թաւալող
Պայծառահունչ կրանիդի իւրաքանչիւր կոշտ հատուած
Նեբաններուն վիրաւոր վարդագոյն դրոշմը ունի:
Հոլայ, վեր վեր: Այդ մահուամբ յըղի հրանօթն ուռնակուռ
Միջօրէի անողորմ ամառնաբորբ տօթին տակ
Ճաթելու չափ տաքցած է, շիկնալու չափ` հրազօծ.
Երբ կ’ընկըղմի մերթ արեւն երախին մէջ լայնաբաց`
Ան վիշապի մ’աչքին պէս կը ժայթքէ թուխ փայլակներ:
Մինչ խարազանն անընդհատ եղեռնաբար կը շաչէ`
Թիապարտները կարծես, գլուխնին հակած անմըռունչ
Թանձըր ու կախ յօնքերնուն տակ մըտասոյզ, ինքնամփոփ,
Դեռ կը խորհին լեռներու իրենց ազատ կեանքին վրայ,
Ոհ, այն լայն կեանքն` ուրկէ շեշտ կայծակներու պէս անցան
Մահ եւ փլատակ դրոշմելով ամէն հինցած շէնքի վրայ.
Այն պայծառ կեանքն` որ իրենց կամքին թռիչքովը միայն
Գաղափարին աստղալից խորաններուն կը սուրար:
Ոչ մէկ մտածում պահպանող, ոչ մէկ հեշտանք, ոչ մէկ կոյս
Կըրցաւ վայրկեան մ’օդին մէջ բըռունցքն իրենց կեցընել,
Որ շեշտակի թագերուն եւ գահերուն վրայ կ’իջնէր:
Իրենց ճակտին շողացող երկնային մէն մի ճաճանչ
Սանձակոտոր եռանդի մը փոխուեցաւ մրըրկայոյզ.
Իրենց մէջ ոսկր ու արիւն դարձաւ ամէն գաղափար.
Եւ այսպէսով մկանունքնուն ամէն մէկ բուռն յաղթանակ
Մէկ հոյակապ յաղթանակն էր մարդկային մեծ Մըտքին:
Երբոր անոնք կ’անցնէին հորիզոնէն արփամուտ,
Աշխարհ վախով եւ յոյսով տեսաւ կարմիր շուքն անոնց.
Եւ արիւնի մէջ մեռնող շողերուն տակ լըռաւէտ
Իրենց զէնքերը բահեր կը թըւէին` որոնցմով
Խուզարկելու կ’երթային արշալոյսներ նորանոր…
Սակայն հիմա. Ահ, հիմա բըռնադատուած են քաշել
Կոյր հըրանօթն` որ պիտի վաղն արձակուի կոյրերէ:
Պարանն` որ ձիգ կըռնակնէն կաշկանդումով մը կ’անցնի
Կը պըղծէ սուրբ ուսերնին` որոնք էին արժանի
Լոկ փառքը կրել մազերնուն արփւոյն շողով սանտըրուած:
Հոլայ, վեր, վեր. Բայց ահա խրոխտ խոյանքով մը վերջին
Թընդանօթն այն տըղընդեր լերան կատարն հանեցին
Այն թընդանօթն` որուն շունչը պիտ’ երթայ լափլիզել
Կատաղաշարժ բանակներ, կամ քաղաքներ մարմարէ.
Խաղաղ գիւղեր` որ ցանուած բըլուրներու լանջքին վրայ`
Արեգակին տակ կ’օծուին, կամ լուսնին տակ կ’աղօթեն:
Թիապարտներն աւասիկ հառաչակուլ հեւալով
Լերան վըրայ լուսողող կոթողուեցան գլուխնին վեր.
Իրենց աչքերն, որոնց մէջ արիւննին է խըռնըւեր.
Արեւուն տակ, պըղինձին մութ ու կարմիր փայլին պէս,
Ըսկըսան շող մ’արձակել: Անոնք տեսան իրենց շուրջ
Հորիզոններն` որոնց վըրայ բերդեր էին կառուցուած,
Պատերազմի ճամբաներ` բանակներու իբր ուռկան,
Եւ հասկըցան` որ աշխարհն իրենց թողած օրէն վեր
Մընացեր է միշտ զառամ, միշտ մեղքին տակ կորակոր.
Այն ատեն դող մը անցաւ ոսկորներուն մէջ յոգնած.
Սըրտերնուն մէջ հին մոլուցքն ու մըռընչիւններն արթընցան,
Եւ զինուորները մինչդեռ կը սկըսէին վերստին
Դառնակոշկոճ, արիւնոտ կրունկներն անոնց շըղթայել,
Անոնք իրենց չհասկըցուած, հեգնութեամբ լի հոգիով
Երեք անգամ օրհնեցին լերան գագաթը հանած
Ինքնափճացման կոյր գործիք, թընդանօթն այն եղեռնի:

ՎԱՂՈՒԱՆ ԲՈՂԲՈՋՆԵՐ
Երբ արտին մէջ երգելով,
Խաղաղ հոգի, կ՚աշխատէր,
Ըսպաննեցին: Տարին եզները ջուխտակ:
Վըկայ չըկար: Պիտի վրէժն ով կըշռէ. Դու,
Ով շանթ, անոնց ետեւէն շուտ դու հասիր,
Որ լերան վրայ ամպամած
Խոժոռադէմ կը հըսկես.
Անշուշտ տեսար ամպի մը մութ բացուածքէն`
Թէ ինչպէս վարը, բըռնի,
Եաթաղանին տակ սըրբազան բահն ինկաւ,
Եւ պոռթկաց խոնջ ճակատէն
Արիւնը տաք, վարդերուն պէս յունիսի:
Գայլի եղեռն: Մըթընշաղին մէջ հիմակ
Ակօսներուն վըրայ լուռ
Բըզիկ բըզիկ կը պառկի:
Գիւղացիի խորշոմներուն մէջ աղուոր`
Ուր արեգակն առողջ արիւնն եռեփեց
Քըրտինքը ալ սառած է.
Աշխատանքի քըրտինքը սուրբ եւ բեղուն
Որ մինչ այսօր, ինչպէս արիւնը, եղաւ
Մըկըրտութիւնն Արարատեան մշակներուն:
Հերկէ խոնջած բազուկներն ալ անգործ են.
Կուրծքը մըռայլ, թաւամազ,
Դէպի աստղերը, արձակ,
Շէջ հրաբուխ մ՚է որ կ’ուզէ բոց երկընքէն
Դէպ Անհունին սեւ սառնութեան ժայթքելու.
Կողը տուած է հողին
Զոր մըշակեց ամրան դեղին հասկերուն
Երազանքէն ժըպտելով:
Շարժմամբ աճած, աղուոր, զօրեղ իր մարմնէն
Արիւնը խուլ դըդըչիւնով կը հոսի.
- Կարմիր հեղեղ, սըրտի ձորէն վար իջած -
Տափանն ու թին ներկելով
Կ’երթայ գուղձերն ողողել.
Ակօսներուն մէջ զետեղել լիազօր
Կարողութիւն մ’արեգակի, անձրեւի.
Թափանցել մութ ծոցն երկրին,
Իբրեւ ըլլար մարգարէի մըտածում,
Եւ հոն ճըռզած հունտերուն մէջ ներշընչել
Ուռչում մ’ատոք եւ առոյգ,
Դարձընելով կեանք մ’իր առջի օրոցքին,
Նոր ծաղկումի մը համար,
Եւ հոն հըծծել նախնիքներու փոշիին
Թէ - մինչեւ երբ իր արեամբ
Հայ գիւղացին պիտի արտն իր ոռոգէ:
Կը լըռէ շուրջն ամէն իր:
Լուսնին լացող աչքերուն
Ամպերը թուխ թաշկինակներ կը դառնան.
Խաւարն հոծ է, սեւ պատանք:
Հեռուն կնոջ մ’հոգին տարտամ կասկածով
Գիշերուան մէջ կը սպասէ.
Ջուխտ որդիներն ինկած ծունկին գըգուանուշ
Յոյսի մը մէջ վաղամահ, զերդ ծիածան,
Հեծկըլտանքնին կը խեղդեն:
…Ահեղ հանգիստ. դիակին քով արիւնոտ
Կեանք մը ծաղկի, աստղի առկայծ ճաճանչներ,
Զոյգ մը բիբեր, զոյգ մ’հոգեվարք կայծոռիկ,
Արտին մէջ շունչ մ’հովերու
Մեռնող սուրբի մ’հուսկ սաղմոսին պէս տըխուր,
Խորշոմներուն եւ իր գեղջուկ լոդիկին
Ծալքերուն մէջ արեւու
Ջերմութիւն մ’հուր, երգ մը հովէն սորվեցուած,
Քըրտինքի շիթ մը սարսռուն,
Հողի բոյրեր, կըծու բոյրեր ծոթրինի,
Այլեւս անդարձ, անվըրէժ, լուռ կը մեռնին…
Ոչ. յանուն հայ մռունչներուն,
Թափուած արիւնն անմեղին չի մեռնիր. Ոչ…
Վաղն հողը դուրս պիտ’ պոռթկայ
Արեւուն տակ հասկեր առլի, կեանք մը նոր,
Նոր եւ հըսկայ, հըսկայացած դիակով,
Բողբոջ մ’առոյգ, գեղեցիկ,
Վաղն այս բարի արիւնէն վեր պիտ’ ելլեն
Խառնըւելով ցորենին
Նոր Սերունդի կարմիր կարմիր կակաչներ.
Որոնց արմատը կը դըպչի, պայթման մօտ,
Վարն հրաբուխի մ’ապագայ…


ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ
Գրասեղանիս վըրայ, սա
Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ’հող, բերուած հոն
Հայրենիքի դաշտերէն:
Նըւէր է ան, զայն ինձ ձօնողը կարծեց
Սիրտն իր տըրուած, առանց երբեք գիտնալու,
Թէ կու տար իր պապերունն ալ միասին:
Զայն կը դիտեմ. մերթ ժամեր
Բիբերս անոր վըրայ յառած կը մընամ
Լուռ եւ թախծոտ, իբր այդ հողին մէջ յուռթի
Նայուածքս արմատ արձակէր:
Կը մտածեմ. Գուցէ իր գոյնը բոսոր
Չէ պարգեւած բնութեան ներհուն օրէնքէն.
Վէրքերու սպունգ մ’ըլլալով
Խըմած է մաս մը կեանքի, մաս մ’արեւու.
Եւ իբըր տարր անպաշտպան
Կարմիր հող մ’է եղած, հայ հող մ’ըլլալուն:
Գուցէ իր մէջ կը բաբախեն տակաւին
Դարերը հին հին փառքին,
Կայծն ամրակուռ սըմբակներու որոնց գոռ
Արշաւանքն օր մը ծածկեց
Հայկեան վաշտերն յաղթութեան տաք փոշիով:
Կ’ըսեմ. - Իր մէջ դեռ կ’ապրի
Ինքնատիպ ուժն այն որ կազմեց շունչ առ շունչ,
Կեանքս իմ, քու կեանքդ, ու տըւաւ,
Կարծես ձեռքով գիտակից,
Նոյն թուխ աչուին նոյն եւ նըման հոգիով
Կիրք մ’Եփրատէն առնըւած,
Սիրտ մը կամշոտ, թագըստոց
Ըմբոստանքի ու նաեւ բուռըն սիրոյ:
Իր մէջ, իր մէջ կը կայծկըլտայ հոգի մ’հին
Հին դիւցազնի եղած փըսոր մը գուցէ
Կոյսի մ’աղուոր արցունքով.
Հիւլէ մը կայ Հայկէն, փոշի մ’Արամէն,
Անանիայէն բիբ մը դէտ
Դեռ աստղերու ճաճանչներով թաթաղուն,
Ազգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին,
Որ այսօր իր վերաշողշող այգուն մէջ,
Հողի բնատուր մարմնոյն տակ ինձ կը խօսի,
Կ’ոգեղինէ - եւ աստղերու ինչպէս ցանն
Անհունութեան մէջ կապոյտ -
Փոշիներովն իր հրաբորբ
Հոգիս քաղցրիկ փայլակներով կ’ոռոգէ:
Ու այն ատեն լարը ջղերուս կը դողայ
Սարսուռով մ’յորդ, այն սարսուռով` որ մըտքին
Հերկերուն վրայ աւելի
Ըստեղծիչ է քան գարնան հովն արփագաղջ:
Ու կը զգամ անցքն ուղեղէս
Նոր յուշերու, հոգիներու դեռ կարմիր
Խոր վէրքերովն իրենց, վրէժի շըրթունքներ.
Եւ այդ հողն, այդ փոշին, զոր ես կը պահեմ
Այնքան սիրով` որքան հոգիս պիտ’ չընէր
Եթէ մարմնոյս աճիւններն
Օր մը մահէն վերջ հովերուն մէջ գըտնար.
Այդ պանդուխտ մասն Հայաստանի, մասունքն այդ
Մնացած մեր յաղթ պապերէն,
Բըժժանքն ու ձօնն այդ կարմիր,
Սիրտըս սեղմած մագիլներով անծանօթ,
Երկինքն ի վեր, գըրքի մը վրայ, թանկագին
Ժամու մը մէջ ժըպիտներու, սէրերու,
Կամ քերթուածի մը ծընած վեհ վայրկեանին
Զիս հապըշտապ կը մըղէ
Մերթ լալու, մերթ մռընչելու,
Եւ զինելու բռունցքըս, հոգիս բռունցքիս մէջ:

ՀՕՐՍ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ
Դեռ փոքր էի. եկայ քեզի մինաւոր.
Մութ զընդանիդ մէջ այցի:
Մայրս հիւանդ էր. կը շըրջէի ես ազատ
Մէջտեղ բանտի եւ մահճի:
Լուր տըւին քեզ. եկար առջեւը դըրան
Վանդակապատ` որ - ոճիր -
Կը բաժնէր մեր ողջագուրումը կըղկաթ:
Եկար անխօս, վըշտակիր:
Որքան նիհար էիր եւ որքան աչքերդ
Ծարաւ էին արեւու.
Մօրուքիդ տակ, կարծես ոսկրի վրայ բուսած,
Ով հայր, մեռել մ’էիր դու:
Նըշմարելուդ պէս զիս ժըպտիլ ըսկըսար.
Բայց այդ ժըպիտը բարի,
Այդ սուտ ժըպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած
Լըճի մը վրայ արտօսրի:
Կարկառեցիր սեւ վանդակին ետեւէ
Շըրթունքներդ իմ շըրթներուն.
Բայց իրարու անոնք, աւաղ, չըհասած`
Մեր համբոյրին դողդոջուն`
Նոյն ժամանակ եղան օրրան եւ դագաղ:
Ոհ, պիտի որչափ քեզի
Բաղձայի տալ ընդգրկումի մը մէջ տաք`
Ազատ աշխարհը դուրսի,
Եւ իմ փոքրիկ բիբերըս քու բիբերուդ
Տեղալ երկինքն անսահման,
Սըրտէս սըրտիդ պարպել բոլոր օրերս այն
Որ արեւու տակ անցան:
Մութ բանտիդ մէջ գարնան վարդերը ամբողջ
Պիտի լեցնել ուզէի,
Կամ ճիղմ հասակս ու ապագան հասակիս
Պիտ’ հոն թաղել ուզէի:
Ով տըխուր ժամ: Քեզ մի առ մի պատմեցի
Սեւ վիպակները մեր տան,
Հանիիս մահն ու հիւանդ մօրս հազը խուլ
Լըռութեան մէջ գիշերուան.
Ըսի թէ մեր տանիքին վրայ, լուսնին տակ,
Բուերը պար կը բըռնեն,
Թէ այս տարի մեր վարդենին չորացաւ
Գերեզմանատան խորշակէն:
Կը լըսէիր զիս եւ հարցում կ’ընէիր,
Երբ հըրաման մը վայրի,
Կոյր հըրաման մ’եկաւ ըզմեզ բաժնելու…
Դարձար… առանց համբոյրի…
Ու ես երկար ետեւէդ պիշ նայելով,
Հայր իմ, մինակ, հոն լացի,
(Մինչ կուրծքիս տակ բաշ կը թօթուէր ոխ մը նոր)
Սիրտս աչքերէս քամեցի:
… Ով կեանք սիրոյ, լանջ քըրտինքի, սիրտ փուշի,
Ցեխին նետուած սըրբութիւն,
Արեւուն բորբ հոսանքներուն դէմ գոցուած,
Ով երակներ ազազուն:
Տեսայ` որ ձեզ հետ, ձեզի հետ սուզեցան
Եղեռնի մէջ, արտալած,
Սուրբերն ամէն կրօնքի, ամէն շուշաններ
Եւ Յիսուսներ թըքնըւած:

ԿԱՐՕՏԻ ՆԱՄԱԿ
Կը գըրէ մայրս. «Ով իմ որդեակըս պանդուխտ,
Դեռ մինչեւ երբ պիտ’ անծանօթ լուսնի տակ
Օրերդ անցնին, դեռ մինչեւ երբ հէգ գըլուխդ
Ես չըսեղմեմ լանջքիս տաք:
Հերիք օտար սանդուղներէ ելլեն վեր
Ոտքերդ` որ օր մ’ափերուս մէջ տաքցուցի.
Հերիք ալ սիրտդ` ուր իմ ծիծերս եմ պարպեր`
Դատարկ սըրտէս դուրս հիւծի:
Ջահրակին տակ թեւերս աշխատ յոգներ են.
Կ’հիւսեմ պատանքս ալ ծամերովս ըսպիտակ.
Ախ, քեզ տեսնեն անգամ մ’աչքերս ու փակեն
Թող հոգիս ալ իրենց տակ:
Դըրանս առջեւ կը նըստիմ միշտ տըխրալիր
Լուր կ’ուզեմ վրադ ամէն կռունկէ` որ կ’անցնի.
Այն ճիւղն ուռի` զոր քու ձեռքով տընկեցիր,
Վըրաս կընէ հովանի:
Իրիկունները զուր դարձիդ կը սպասեմ,
Կու գան կ’անցնին գիւղին քաջերը համակ.
Մշակը կ’անցնի, կ’անցնի կովարծը վըսեմ.
Կը մնամ լուսնին հետ մինակ:
Աւերակ տան մէջ անտերունջ եմ թողուած,
Մերթ շիրիմիս, միշտ օճախիս ծարաւի.
Կրայի մը պէս` որուն աղիքն իր կոտրած
Պատեանին դեռ կը կըցուի:
Եկուր, որդեակ, հայրենի տունըդ շէնցուր.
Դուռն են կոտրեր, մառաններն ողջ դատարկեր.
Կը մըտնեն ներս լուսամուտէն ջարդուփշուր
Գարնան ամբողջ ծիծառներ:
Այն բազմաթիւ հօտէն, գոմին մէջ, եղուկ,
Մընացեր է խոյ մը միայն քաջարի`
Որուն մայրն օր մ’ - յիշէ որդեակ - դեռ գառնուկ
Կերաւ ափիդ մէջ գարի:
Թեփով բըրընձի եւ առուոյտով պատուական
Սընունդ կու տամ արդ անոր պերճ դըմակին.
Տօսախ սանտրով կը սանտրեմ բուրդն աղուական.
Ան զոհ մըն է թնկագին:
Դարձիդ` պըճնած վարդերով գլուխն իր համակ`
Պիտի մորթեմ կեանքիդ համար ծաղկատի.
Իր արեան մէջ պիտի լըւամ, քաղցր որդեակ,
Ոտքերդ յոգնած պանդուխտի»:

ԹՈՂԷՔ ՄԵԾՆԱՄ
Սիրտս երազի ծովուն մէջ նոր նետեցի.
Զայն մի փըշրէք եզերքին վրայ զերդ խեցի`
Դեռ ամէն վիհ չըչափած.
Թողէք մեծնամ: Ինչ կենսաւէտ է բնութիւնն,
Հոգիս թողէք անոր ծոցին մէջ` տրոփուն`
Աստուծոյ հետ դէմ դիմաց:
Ուր կը քաշէք զիս, ապրուստի պահանջներ,
Ով սեւ երամ ագռաւներու, որ հրաւէր
Կու տաք կեանքի դէպ կըրկէս,
Որ ձեր դժոխքի երգերով երգը քնարի
Խեղդել կուզէք: Հեռու, բուեր գիշերի,
Արշալոյսի մէջ եմ ես:
Որքան մութ է. ոհ, կեանքն է այս. խոր անդունդ,
Ուր ամէն շող, գաղափարի ամէն հունտ
Ապառաժի վրայ կ’իյնայ,
Մետաղի հնոց, որուն ծուխին մէջ` ցիրցան`
Լոկ արծաթի ձայնով զիրար կը ճանչնան,
Ծով` դիմող իր ափը, շահ:
Բայց քաշողն ով է զիս շողէն` ալիքին`
Բարձրացումէն` ընկլուզումի. ով լըռին,
Քաշուած բախտիս մութին մէջ,
Միշտ կը կոփէ - նայուածքն յառած նայուածքիս -
Գերեզմանին քարը մատաղ Մուսայիս
Վըրան գրելով. Քուն անվերջ:
Ոհ, աչքերս այս ծածկէ կուպրի սեւութեամբ,
Ով շիրմի մութ, կամ կարկուտի մըռայլ ամպ.
Ծածկէ, ծածկէ նայուածքս, ով
Թանձըր խաւար ծընընդական կոյրերուն`
Զի ես տեսայ ապագայիս մէջ տըմոյն
Հայրըս ճերմակ մազերով…
Ես գերին եմ իմ գոյութեան պատճառին.
Կը խոնարհի սիրտս իր արեամբ միասին
Զինքը լեցնող սըրտին տակ:
Քնարիս լարին մօրըս մազերն կառչեցան,
Եւ սիրոյ մազն երգի լարէն, ահ, որքան
Զօրաւոր է եւ անքակ:
Ինծի կ’ըսեն. «Չի ամփոփուիր հայ գըրչին
Մէջ հայ գրողին անձնական կեանքն իսկ մըթին.
Քընարն Հայուն չունի բաստ»:
Ինծի կ’ըսեն. «Աչքերըդ վար իջեցուր.
Վերացումդ այդ պիտի հասնի մինչեւ ուր…
Եթէ հաճոյք է երազդ`
Հաճոյքն իժի թոյն պիտ’ ըլլայ քեզ համար.
Երազդ եթէ սերմընցան է, ցանքըդ յար
Պիտ’ կոխոտուի ծըլած կէս:
Վար նայէ, վար. ալ բաւական է` խոկուն`
Գըլուխ գըլխի Անծանօթին հետ տըժգոյն`
Կեանքը մոռնաս, մոռնաս քեզ:
Եղծէ բնութեան պատկերն, եղծէ հոգւոյդ մէջ.
Թռիչքըդ փետէ. գըրքիդ ներքեւ գըրէ. վերջ:
Ըստուերին մէջ կը տեսնես.
Ծնողքըդ ուղղած է թըշնամի շունչն իր ահա
Այն ջահին դէմ` զոր վառեցիր բագնին վրայ
Գաղափարին լուսերես:
Երթանք, երթանք»: -Ոչ, ոչ, հեռու. թողէք զիս.
Կը ծաղրեմ կեանքն. ինչ կառչեցաք հոգիիս:
Կ’ուրանամ հայրս, այո. - դեռ:
Թողէք մեծնամ, հըսկայանամ մըտքիս հետ.
Կոկորդըս մի թողուք բնութեան խընկաւէտ
Կաթն` որ Աստուած է կըթեր,
Երբ կը խըմեմ, դըրած կըզակս հոր’զոնին,
Երկընքի լայն դաշխուրանէն բոց գինին,
Բերք աստղերու ողկոյզին,
Ոհ, մի ընէք ձեր խօսքերովը լեղի`
Այդ վերացնող սուրբ ըմպելին ժանտ լեղի.
Շըրթունքներս հոն կը սուզին:
Երբոր սըրտիս ըսկիհին մէջ լեցուցած
Ճառագայթներ եւ ծաղիկներ եւ Աստուած
Ովկիանոսներ, հերոսներ,
Երբ այդ տիտան տարըրներով կը շաղուեմ
Մարդուն համար Օրհնըւած հացը վըսեմ,
Մի խորտակէք, անգութներ,
Սեղանիս վրայ սըրտէ սկիհն այդ լեցուած`
Տակաւին, ոհ, առէք կերէք մ’իսկ չըսած:
Թողէք աստղերը ափեմ:
Կարկնիս մէկ ծայրն հաստատեցի կորովով
Յաւէրժօրէն խաչուած Սէրին վրայ` միւսով,
Որպէսզի Մարդը չափեմ:
Մի վերցընէք - այդ արարք մ’է անպիտան -
Անոր դողդոջ մէկ սըլաքէն Գողգոթան
Միւս սըլաքէն Մարդկութիւնն:
Այսպէս, արփւոյն տակ, Աստուծոյ յանդիման,
Ըրած Բնութիւնն ինձ մայր, Անհունն` օրօրան,
Թողէք, թողէք զիս խոկուն:

ԾԵՐ ԿՌՈՒՆԿԸ
Գետափին վրայ, կըռունկներու շարքին մէջ,
Ան իր գըլուխը ծռեց.
Դըրաւ կըտուցը թեւին տակ, ու ծեր, խոնջ,
Նուաղկոտ բիբով ըսպասեց
Իր վերջին սեւ վայրկեանին.
Երբ ընկերները ալ մեկնիլ ուզեցին`
Ան չըկըրցաւ անոնց թռիչքին միանալ.
Հազիւ բացաւ աչքն ու դիտեց օդին մէջ
Խըմբակին չուն` որ կ’երթար
Երդերէն վար կըրկռալով
Յանձնուած լուրեր, բարեւներ,
Եւ արցունքներ պանդուխտի:
Ահ, խեղճ թըռչուն. այդ դալկահար գըրկին մէջ
Աշնանային ցուրտ լըռութեան` կը մեռնի:
Փուճ է այլեւս երազել
Գարուն մ’հեռուն, գաղջ հոսանքները օդին
Ճախրող թեւին տակ զօրեղ,
Կամ սրունքներով ջըլեբաց
Անցքը պաղուկ առուակներէ, մեծ վըզին
Մըխըրճումները շամբերուն մէջ կանանչ,
Փուճ է այլեւս երազել:
Թեւերը հայ կըռունկին
Ալ յոգնած են ճամբորդելէ: Ան եղաւ
Հաւատարիմ սըրտաճըմլիկ պաշտօնին,
Փոխադրեց շատ արցունքներ.
Որչափ հարսեր իրենց սըրտերն հըրատապ
Իր քընքշական փետուրներուն մէջ դըրին,
Որչափ մայրեր եւ որդիներ բաժնըւած
Անոր թեւերը բեռցուցին համբոյրով…
Արդ սարսուռով մ’օրհասի
Ան վըրայէն կը թօթուէ
Մեծ վիշտն Ազգի մը նըժդեհ,
Ուխտեր յանձնուած, լացեր գաղտ
Նըշանածի մ’որ տեսաւ ալ իր յետին
Վարդի թօշնումը դեռ բընաւ չհամբուրուած,
Տըրտում օրհնենք մը մամու,
Սէրեր, իղձեր, կարօտներ
Ալ վըրայէն կը թօթուէ:
Եւ գետափին գորշապատ
Ամայութեան մէջ բանալով վերջին հեղ
Յոգնած թռիչներն ուղղաբերձ`
Հայ բլուրներուն, գիւղերուն վրայ կիսաւեր,
Կըրկըռոցովն օրհասի
Գաղթումը ան կ’անիծէ:
Եւ կ’իյնայ, լուռ: Խիճերուն վրայ գետափին
Կ’որոշէ իր գերեզմանն,
Ու մըխելով կըտուցն հիր
Քարի մը տակ, բընակարան դօդօշի,
Քարշ ձըգած վիզն իր ճապուկ,
Ալիքներուն երգին մէջ
Դողով մը վեհ կը մեռնի…
Հոն օձ մ’որ լուռ, երկար ատեն, կը դիտէր
Այդ ճըգնաժամն ակընկառոյց բիբերով`
Գետեզերէն վեր կը սողայ
Ու վրէժէ մ’հին օրերու,
Վատ ոստումով մ’հապըշտապ
Անոր մեռած պարանոցին կ’ոլորուի…

ՀԱՅ ԲԺԻՇԿԸ
Բարեկամիս` տոքթ. Ռ. Պազարճեանին
Իրաւ. գիտես ըսպաննել Մահը, խեղդել
Ոսկըրներու, ջըղերու մէջ, զետեղել
Գլուխդ հէգերուն խոթ կուրծքին.
Յանդուգն գործ` ուր կայ վըտանգն ահարկու
Խաբուած սիրոյ ըմբոստութեան դիպելու,
Կամ հիւծախտի մը յորձքին:
Գիտես համրել բաբախումները սըրտին,
Կեանքին քայլերն` որոնց ներքեւ կը թափին
Մեռած կրակներն այտերէ:
Հին սուրբի պէս դու բարի ես եւ կարող.
Զերդ մանգաղուած կակաչներու ինկած շող`
Սիրտըդ վէրքեր կ’համբուրէ:
Արդ, եկուր, ով եղբայր, ծընած` չըգիտեմ
Արգանդէն որ յղի վարսամին լուսադէմ:
Եկուր, թռիչքիս վրայ զերդ ճայ`
Քեզ պիտ’ տանիմ Աշխարհ մ’անհուն գերեզման,
Որուն վերեւ կախուած արփին, լուսընկան
Դամբանի միշտ կ’ըլլան ջահ:
Հոն հիւղէ հիւղ տըրտում քալես պիտի դուն`
Բանալով խուլ ողբի դըռները զաղփուն.
Վերմակներէ դուրս` նիհար
Թեւեր քեզի պիտ’ երկըննան վերամբարձ.
Պիտի շողայ մըրոտ խըրճիթը յանկարծ
Իբրեւ ոսկւոյ հանք մ’ըլլար:
Ու առջեւդ հոն պիտի տեսնես մահահոտ
Էակներու գալարուող կոյտ մ’հիւանդոտ,
Թաց խորշերու մէջ` տըժգոյն
Դէմքեր վըտիտ, բիբեր ջերմի վառարան,
Որ փոխանակ արեգակին կը տեսնան
Հըրդեհն իրենց գիւղերուն.
Լանջքեր վիրոտ, վիրոտ սըրտեր` լի արդար
Վըրէժներով, սարսափներէ խելագար,
Ճակատներ` ուր թըշնամւոյն
Անարգ սուրերը կ’արձակեն բոց եւ ահ,
Հոն կը գըրեն - ըստ կամքի - կեանք, վաղը` մահ,
Ճակատագիր անկայուն…
Ջարդուած կողեր` որ կը դողդղան սուիններէն`
Ինչպէս եզ մ’իր անդէորդին խըթանէն.
Ցուրտի, սովի մէջ` դեղին
Ծիւրախտ թոքեր, աղիքներ չոր ու ցամքած`
Որոնց միջեւ Քաղցն, երիզորդ մարմնաքանց,
Կը քաշէ մորթը ոսկրին:
…Ահա - ով վրէժ - եղբայրներուդ այս անվերջ
Քայքայումին առջեւ` սըրտմիտ, հոգւոյդ մէջ
Խեղդած պաշտօնդ, ընդվիզ, վէս,
Շանթի նըման` որ կ’երկըննայ պողպատին,
Գուցէ, գուցէ, ով եղբայր, դու մոլեգին
Նըշտրակին տեղ սուրն ուզես:

ԼՈՒԱՑԱՐԱՐՈՒՀԻՆ
Կոտորածի տարին այրի մընաց ան:
Հասարակաց փոսերուն
Մէջ ամուսինն իր կը հանգչի… կը նիրհէ
Տունն իր փոքրիկը սիրուն:
Օտար յարկի տակ, ձիւն ձըմռով, դեռ կանուխ,
Ճրագին մըխոտ լոյսին տակ,
Ան կը լըւայ, տաշտին առջեւ, կը լըւայ`
Սոթտած թեւերն ըսպիտակ:
Դեռ մանկամարդ է եւ աղուոր. դեռ իր սեւ
Վարշամակին տակ ունի
Կըրքոտ աչքեր զինուած սուգին, ժոյժին դէմ,
Պատերազմող մը գաղտնի:
Սըրտին մէջ բորբ յաղթահարել չէ կըրցած
Մայրութիւնն իր կուսութեան.
Մարդը սիրոյ կը հրաւիրէ, տղան` կաթի
Իր մատղաշ ծոցը բուրեան:
Բայց կը լըւայ: Յանուն պատառ մը հացի
Յանուն միակ իր որդւոյն
Ապագային` ան կը դաւէ հասակին
Վարդերու թարմ հեստութիւնն:
Առանձին է գետնայարկին մէջ խոնաւ,
Իր վըշտին հետ առանձին,
Մազերն արձակ, սանդալներն իր ոտքերուն`
Մերկ թեւին վրայ` երկու ծին:
Կաթսային դէմ, կաթսան գըրկող բոցին դէմ,
Փըրփուրին մէջ օճառի`
Ուրիշներուն աղտին ըսպաս կը դընէ
Սիրտն որբ, մարմինը` գերի:
Եւ մինչդեռ գորշ շոգիին մէջ լըւացքին
Կը ծըծեն թոյն իր օրեր,
Եւ գլուխը սեւ (զոր պսակեցին ամուսնոյն
Շիրմին բուսած եղիճներ).
Այդ սեւուկ գլուխը խոնարհած կոնքին վրայ,
Մինչ ամբողջ օրը լըռին
Ինք կ’աշխատի եւ կ’ընէ կաթը` բեղուն`
Քըրտինքներովը ճակտին:
Անդին, մինակ, իր երեխան արթընցած
Օրոցքին մէջ, անօթի,
Կու լայ, ողիկ ողիկ կու լայ, եւ հուսկ խոնջ
Նոյն իր լացով կը խեղդի:

ԱԼԻՇԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ ԱՌՋԵՒ
Ա
Քեզի եկայ` իբր ուխտաւոր մը յոգնած,
Որ կը գըտնէ հուսկ փոխարէն իղձերուն
Շիրիմ մը` հոն ծընրադրելու սիրտը բաց,
Եւ խոկալու, համբուրելու լոյս աճիւն:
Հոս կը նընջես. Քեզ կը պատէ լըռութիւնն.
Ովկիան մ’ես` զոր կը ծածկէ այդ պատանք.
Կարմիր հըրդեհ մ’որ մոխրի տակ կ’առնէ քուն.
Հոս կը նընջես. ինչպէս հըրատն ամպին տակ:
Որթի ճիւղերն եւ ուռիներ տըխրամած`
Դեռ արձագանգը քընարիդ կը պահեն.
Հովէն` կ’ողբան շիրմիդ չորս դին կամ լըռած
Շեշտէդ մնացորդ մը դարձեալ քեզ կը բերեն:
Շուրջըդ ծաւի Ադրիականն յար կու լայ,
Ուրկէ վիհեր չափեցիր դու մըտածման.
Սուրբ աճիւնիդ սափորն է այդ ծովն հիմա,
Մինչ լայն ճակատիդ լայն օրօրոցն եղաւ ան:
Ոչ. մարդըս չէ, լոկ բնութիւնն է` որ հանճար
Մ’օրրել կըրնայ, վերջը պատանքն իր ըլլալ.
Տիեզերքն ունի իր մարգարիտը անճառ`
Որուն կու տայ մարդ պահ մ’իր ծոցն հիւրընկալ:
Բ
Վենետիկն իր պալատներով մարմարէ
Կը ձըգէ վրադ ըստուերն իր լայն, միամած,
Բուրգի մը պէս` որուն ներքեւ կը նիրհէ
Արծիւն` ամփոփ` արեւն հոգւոյն մէջ բանտած:
Քաղաքն այդ խաժ ալիքներուն երեսին
Ցըցուած կայմին ծայրն է նաւուն ջըրասոյզ,
Արիւնաթորմ ծըւէնն է ան խլայի մ’հին,
Տոժի մը գանկն է` իր փոսէն ինկած դուրս:
Դու ներշընչուած, ահ’, այդ անգին ծըւէնէն`
Ժողվեցիր ծուէնքը Աշխարհիդ խլաներուն`
Փըլուզներու, փոշիներու ներքեւէն,
Եւ ծայրերէն քըղանցառու ցախերուն:
Ժողվեցիր, վազք մ’առնելով դէպ խըլուած Փառք,
Բիբդ` արցունքոտ, սիրտդ ովկիան` վիրամած,
Եւ սըրբեցիր` զանոնք ըրած դաստառակ`
Աչքդ ու աչքերը Սերունդին կեղեքուած:
Քօղէն մութի, մոռացումի, լըռութեան
Հանեցիր մեր դափնիներու թերթերն հին,
Եւ դընելով զանոնք երգի մը վրան`
Առէք, ըսիր, վիրածոր շողն Անցեալին:
Ծըռած` սըրտին հայ` սերտեցիր ու դարձար
Իւրաքանչիւր խորքն անկիւնի եւ ծալքի.
Իջար անոր ամէն անդունդն հըրավառ
Եւ քըրքրեցիր ճընշըւած խորշն արցունքի:
Ոհ - Աստուած իմ - ինչ ըղեղ էր ատիկա,
Որ Տիեզերքին քամեց երակը համայն.
Յենած մարդուն, ճառագայթին, խաչին վրայ,
Գըրկեց Այրին` զոր կը կոչեն. Հայաստան:
Գ
Արծիւ, որ մռայլ ամպերն հրեղէն բիբերով
Խորտակեցիր, մութին սառերն հալեցան.
Արծիւ, որ մեր հոգին կարշնեղ ճապուռով
Բարձրացուցիր, չափեցիր մեր ապագան:
Ջինջ հայլի մ’ես` ուրտեղ ամէն մարդ կըրնայ
Գըտնել դիտել պատկերն իր ճիշտ, հարազատ.
Նըւագներուդ մէջ երբեմն ես քրիստոնեայ,
Զինուոր երբեմն, երբեմն մոգ, միշտ Սոկրատ:
Եւ քու կեանքիդ ու երգերուդ մէջ ամէն
Դու բանաստեղծ Նահապետն ես հոգեհմայ.
Բորբ Արշալոյս մ’ես որ կ’ելլայ ովկիանէն.
Ամպէն, մութէն` կը սըփռի Մարդուն վրայ:
Այն արշալոյսն որ իր մտածման հետ անանց
Սեւ սըքեմով մ’ամբողջապէս պատուած է.
Եւ բոցէ գլուխը սեւ գըտակ մ’է դըրած.
Գիշրուան մէջ երկինքն եւ էլ չըքնաղ չէ…
Մինչ այգ կ’ըլլայ օրէ օր շիթըդ լոյսի
Սա ջուրերէն անդին, անդին լեռներէն.
Մինչ սերմիդ հունձքն ալիք ալիք կը նազի,
Եւ արիւնով, լացով խայրի կը կապեն:
Դու կը նընջես, վինըդ` բարձ, փառքըդ` վերմակ,
Ըստուեր կ’ընեն վրադ դափնիները շուրջի.
Եւ խաղաղ քունըդ կը հըսկէ Յիշատակ.
Դու կը նընջես, իբրեւ ծըննդեանդ օրն առջի:
Ամէն նոր դար նոր պիտ’ բերէ քու անուն,
Եւ դու դարձեալ պիտի ծընիս… սըրտի մէջ,
Ոհ, ոչ. երբեք չըվախճանիս պիտի դուն,
Զի կապեցիր կեանքդ արեւուն հետ անշէջ:
Օր մը, գուցէ, նոյնիսկ քունէդ ալ զարթնուս`
Երբ հայ ճամբորդ մ’եկած դրախտի Երկրէդ` ալ
Ժըպիտ բերէ քեզ` արցունքի տեղ անյոյս.
Օր մը, գուցէ, զարթնուս նոյնիսկ քունէդ ալ:
Եւ իցիւ թէ. դեռ պէտք ունի Հայը քեզ.
Հայը հիւղին, բանտին, վըշտին, խաւարին.
Հայն որ` անգէտ` կը սայթաքի աղեկէզ.
Եւ Հայն որ` նենգ` կը սայթաքէ մոլեգին:
Տես, կը սպասենք ամպածըրար, տըխրունակ.
Եթէ դու չես կըրնար գալ` գէթ ղըրկէ մեզ`
Րաֆֆիէն խօսք մը կազդուրող, լուսարձակ,
Կամ սիրոյ ցոլք մ’Աբովեանի սըրտէն հեզ:
Խօսէ, հոգւոյս շողի, յոյսի բառ մ’յետին
Թող ցայտէ գանկըդ` որ անհուն աշխարհ մ’էր.
Միթէ սափորը դատարկուած վարդաջրին
Բուրումի հետք մ’իր կողերուն չի պահեր:
Բայց կը լըռես, ով մըտածման դու հըսկայ`
Որ սփինքս դարձար երազիդ հետ, անձանձիր,
Ալ չես խօսիր, մատը փառքի բերնիդ վրայ
Կարծես կ’ըսես խաղաղ ճակտով. “Հեռացիր”:

ՋԱՐԴԸ
(1895-1896)
Ա
Հրամանը, օն: Քարոզին մէջ Պիլալի
Կը ցըցէ Ոխն ահա ցուլի եղջիւրներ.
Մըզկիթներու բակերուն մէջ ժիրաժիր,
Մահակներն ալ կը յըղկըւին, կը հիւսուին
Խարազանները թունաւոր օձերով.
Եաթաղաններն հատու են.
Եւ Ալիսի ու Ճորոխի, Եփրատի
Ափունքներուն վրայ դահիճները կըկզած
Կը յեսանեն կայծքարերով կացիններն.
Հրամանը, օն: Ալ բաւական է մեծցաւ
Արծիւներու համբոյրով
Թորգոմ վիշապն օրոցքին մէջ Մասիսի,
Եւ բաւական է` որ իր վեհ գոռումով`
Սան-Ստեֆանի եւ Պեռլինի հողին վրայ`
Թըմրած սըրտերն համակրութեան խըթանեց,
Եւ վէրքերն իր կորիւններուն շըղթայուած
Թըւեց թըւովն աստղերուն:
Արդ կը տեսնէք ճիրաններն իր լուսաբուխ
Որոնց խըրած տեղերն հերձ
Կը ճեղքըւին արշալոյսներ, արեւներ.
Նոճիներուն մէջ Վոսփորի կը լըսէք
Սեւ մրըրկումները վիթխարի իր պոչին…
Հրամանը, օն:
Օր մը սեւ.
(Այն օրն աստղերը ամբողջ թոյն կաթեցին.
Եւ բուրեցին ոսկրի հոտ
Վարդերն ամէն հովիտներու) - օր մը սեւ,
Եըլտըզ-Քեօշկի անկիւններուն մէջ սընած`
Սուլթանական գանկէ դուրս,
Որջին բերանը լըրտեսող գայլի պէս
Այդ սեւ հրամանը պոռթկաց…
Բ
Լաց, Հայաստան. ով թըշուառ կին, ու փետէ
Վարսերըդ սեւ. այդ գըլխուդ վրայ դըրժըւած
Ցանէ տաք տաք մոխիրներ:
Լաց, ու պատռէ ծիծերդ ըզմեզ մեծցընող
Երակներէդ թող հոսի թոյն մ’ոխութեան
Ու Թէյմըզի, Հըռենոսի, Վոլկայի
Ակերն ամբողջ լեցընէ ժահր, սեւցընէ,
Զի հոն լուացին քեզ դատող
Պիղատոսներն իրենց ձեռքերն ու հոգին
Երբ յոյսերուդ Արշալոյսին տակ բոսոր,
Առանց խըղճի, ամօթի,
Քեզ նիւթեցին խոր Լըռութիւնը մատնիչ:
Լաց, - աւասիկ կը տեսնեմ,
Որ քու սա նեղ վայրկենիդ
Բարեկամներըդ քայլերնին կը դարձնեն.
Եւ ճակտիդ դէմ փակելով
Դեսպանական իրենց դըռները` կ’ընեն
Սեմերէն ներս, նոյն քու մահուանըդ վրայ
Ճառեր ծափով ընդունուած,
Ծըրագիրներ համակիր
Որոնք յետոյ տապանագիրըդ եղան:
Քեզ կը թողուն մինաւոր
Մինչ կ’ամպոտին հորիզոնները չորս դիդ,
Եւ լռութեան մէջ ճամբաներուն կը լըսուին
Կըճըրտումներ ակռաներու թաքթաքուր.
Հազար բուեր ճամբայ կ’ելլեն դէպի քու
Սարերըդ սեւ, եւ գուժկան
Ոգի մ’իր թուխ թեւերը շուրջ կը պարզէ,
Եւ Տաւրոսէն Մասիս, Մասսէն Չամլըճա,
Մեռելութեան մը մէջ խոր
Կոտորածի փողը տըխուր կը հընչէ…
Գ
Փակէ որջերդ, Հայաստան,
Արեւուն դէմ մի բանար
Դըռները լայն փապարներուդ` որոնց մէջ
Ես կը տեսնեմ դեղին աչքեր գազանի:
Ծոցըդ փակէ, որ խորթ զաւակ մեծցնելու
Եղաւ սովոր եւ յուռթի.
Երկու զեղուն ծիծերդ, Եփրատն ու Տիգրիս,
Թող պահ մ’իրենց մէջ խեղդեն
Բարբարոս տոհմը շէյխերու, պէյերու:
Օն, երախներըդ խըցէ.
Ինչ, չես տեսներ` որ որդիներդ հարազատ,
Դեռ անպատրաստ եւ անզէն,
Լոկ մուրճերու, սըղոցի
Ձայնին կ’ըլլան ունկնդիր.
Տըրեխներուն վրայ իրենց
Արիւնի տեղ կալերու ցեխն է դեղին.
Ինչ, չես լըսեր` որ սաղմոսի մէջ միայն
Գիտեն կանչել արշալոյսներն հեռաւոր.
Արօրներուն վրայ յոգնած
Իրենց կուրծքին մազերը դեռ կը բուրեն
Խունկ փոխանակ վառօդի:
Օն, Մայր իմ, Մայր, սա վայրկենիս խեղդէ, օն,
Մէջըդ ամէն խուժդուժ, ամէն դահճապետ…
Բայց չես ուզեր դու ինձ լըսել, եւ կամ չես
Կըրնար վրայէդ ըզգետնել
Քաղաքներուդ աւերակներն` որոնց տակ
Զըմըռսաբոյր մարմինըդ կէս կը թաղուի.
Ու կը թողուս որ ըլլայ ժանտ Մահը քեզ
Բազուկներուն մէջ Ղուրանի ճետերուն.
Կը թողուս լուռ, անկարեկիր,
Եւ ես ահա կը նըշմարեմ` որ անոնք
Որջերէն դուրս ազատ ճամբուն վրայ կ’ոստնուն:
Միսի գըրգռիչ ախորժակէն կանչըւած`
Կը հաւաքուին ոհմակ ոհմակ, ոռնաձայն.
Իրենց գըլխուն աստղերն ամբողջ կը դեղնին.
Եւ կակաչներն հազարաւոր բլուրներու
Սարսափահար բաժակներնին կը փակեն:
Արիւնի քաղցն ու հին փափաքն աւերման
Թեւերն անոնց կը սոթտէ,
Թեւերն անոնց կը զինէ…
Կը հալածեն Հայորդիներն անպաշտպան,
Հայորդիներն որոնք հազիւ վերցուցած
Իրենց գըլուխն աշխատանքի կարկահէն`
Ըղեղներնուն մէջ կ’ըզգան
Սոյլերը տաք գընտակին.
Կը բարձրացնեն ճիչը կեանքի ծարաւուտ.
Եւ զոհական եզներու զերդ խումբ մ’օրհնեալ`
Որոնց մինչեւ գոմը հասած է հըրդեհն,
Ուղեկորոյս, խօլագոչ,
Կըթոտ ծունկով, բիբերով դուրս կըկոցուած,
Կը փախչըտին շըփոթ, թասուն, յուսահատ.
Մահուամբ լեցուած նայուածքով,
Ծերեր, կիներ, տըղաներ,
Արձակ մազով, ձեռքերնուն մէջ սանդալնին,
Փողոցներէ փողոց, լեռնէ լեռ, մոլոր.
Կեանքին, կեանքին, քաղցըր կեանքին կը վազեն:
Դ
Հոն, կը տեսնեմ քեզ, ով վայրագ դու Ոգի.
Անզէններուն, տըկարներուն ետեւէ,
Մըրըրկելով փլատակներուն մէջ փոշին,
Ճերմակ ձիուդ վըրայ դեռ քեզ կը տեսնեմ…
Ապարօշիդ մէջ կանանչ,
Իբրեւ իժի ծըւարում.
Ալփասլանի հոգին ըզքեզ կը պսակէ.
Պարեգօտդ այդ պատանքներուն պատանքն է,
Եւ քու ձիուդ գորշ ըսթարին ծոպերէն,
Յաւէրժական բըխումով,
Արիւն մը գաղջ կը կաթի…
Եւ դու խնայել չես ուզեր
Բոլոր անոնց` որոնք թախծոտ թեւերով
Ճամբուդ վըրայ իրենց արեւը կ’ուզեն:
Անձաւներէ անձաւ միայն, վերեւէդ,
Կը հընչէ բառն ագռաւներու կըռինչով.
– “Յառաջ, յառաջ”:
Եւ քու ճորտերդ աւազակ
Կը հետեւին մահ սերմանող արշաւիդ…
Կուրծքերէ կուրծք լեարդաբորբ կը մըխան
Իրենց սուրէն արեան ակեր բանալով.
Կը թաւալեն երիտասարդ գըլուխներ`
Որոնց մազերը սեւ, մազերը խարտեաշ
Ցեխերու մէջ կը պլըշկին,
Եւ ծերերու կոկորդներէն պինդ բըռնած`
Գանկերն անոնց պատերուն դէմ կը ջարդեն.
Կը բանան մեր մայրերուն
Ծոցերը սուրբ` որոնցմէ
Կը թափին դուրս եղբայրներ դեռ անանուն,
Հայեր առանց դեռ ձեւի.
Կը տըրորեն, կը փըշրեն
Գարշապարի, բիրի, պայտի տակ կողեր,
Գանկեր, գանկեր, անթիւ գանկեր, լեցնելով
Սալյատակի ճեղքըւածքները բոլոր
Ողնածուծով, ըղեղով…
“Յառաջ, յառաջ”:
Ով բարբարոս դու Ոգի,
Անցքիդ վըրայ, ձայներն ոսկրի փըշրումին
Մինչեւ երկնի խոր անձաւներն հըրեղէն
Կը հընչըւին… Անցքիդ վրայ կը խեղդեն
Երեխաներն իրենց մօր սեւ ծամերով,
Ու մեր հարսերն յարաշխատ,
Վաւաշ կըրքով մ’ընդգըճած,
Ջըրհորներու պարաններով կը սպաննեն.
Եւ կը զոհեն ով գիտէ ինչ չար դեւի
Տաճարներու ցուրտ սիւներուն փաթտըւած`
Սուրբ կուսաններն հերարձակ.
Իսկ արտերուն, ախ, արտերուն մէջ չըքնաղ
Ուր Հայուն կեանքն արեւ կ’ըմպէ եւ արեւն
Հոգիին մէջ կը մեռնի`
Վաստակաբեկ դիակներով կը կանգնեն
Գողգոթաներ, Գողգոթաներ սըրբազան,
Եւ բոլորն ալ, լի գանկ մ’իրենց ձեռքին մէջ`
Միահամուռ կը խըմեն
Արիւն ծերի եւ մանկան,
Արիւն կընոջ, եւ արիւնն
Արարատին վըրայ խաչուած Յիսուսին:
Ու կը կրկնեն դեռ ագռաւներն յարատեւ.
–”Յառաջ, յառաջ”:
Ով բարբարոս դու Ոգի,
Այս Սասունն է, Տաւրոսն է այս, Պրոպոնտոսն,
Ամենայն տեղն` ուր Հայն հունձքին մէջ կանգուն
Հակճիռըս միշտ գալուստիդ`
Կը խընամէ գուցէ գարին վաղորդեան
Ձիուդ` որուն սըմբակին տակ կը դառնայ
Կեանքն հող եւ հողը մոխիր:
Ալ տըրորուած` իր վազքին տակ կը կաթեն
Վարդերն արիւն, եւ ողկոյզներն արտասուք.
Իր գոռ դափրերն անտարբեր
Ինկածներուն գանկերուն մէջ կը ճըխան.
Ալ կը մաշին պայտերն ոսկրի փըշրումէն,
Եւ իր բաշին վրայ կարմիր
Անգըղներն հիռ կը դառնան…
Այլեւս ահա ամէն ինչ
Փըլատակ է, կողոպուտ է, դիակ է,
Որոնց վրայ կը փաղփի
Հըրդեհն աչքէն արիւն ու բոց հոսելով.
Հըրդեհն (իսլամ ցեղերու հին վըրիժակ)
Վարսերը շուրջ կը թօթուէ
Եւ վիշապի մըռունչներով կը վազէ
Կալերէն գիւղ եւ գիւղերէն քաղաքներ.
Երկար թեւեր բոցերու
Տուն տուներու կը շըղթայեն, կեանք` կեանքի,
Ու ամէն տեղ, մոխրին վրայ
Մեր պըղծըւած Պատիւը լոկ կը սպառնայ.
Բոցերուն մէջ զերդ շէկ Ոգի մը կանգուն
Կը մըռընչէ, եւ մըռունչով կը պոռթկայ
Դէպ արեւու համբոյրին`
Վըրէժի սերմն անդրանիկ.
Մինչ ոտքերուն ներքեւէ
Խանձումն ու հոտը մարմնի
Մեր սեմերէն, օրոցքներէն դէպի վեր,
Դէպի երկինք կը ճենճերին` որոնց դէմ
Իրենց պինչերը բացած`
Ալլահն ամպին մէջէ, Սուլթանը ցեխին
Հոտոտելով փոխն ի փոխ`
Կը ժըպտին հաշտ իրարու,
Ու Եւրոպան դէմքն իր ետեւ դարձուցած
Կոպերը թաց կը շըփէ -
Մեր ծուխէն աչքն իր բոզի
Կըսկըծելուն համար լոկ:
Է
Կեցիր, կեցիր, ով բարբարոս դու Ոգի,
Ելլեսպոնտի եզերքին վրայ ալ կեցիր.
Սա սեւ ժայռին` ուր ծովն իր բանտը կու լայ,
Թող ձիդ խըրտչած Մեռնողներուն հռընդիւնէն`
Գերմարդկային գութի մ’ահեղ սարսուռով`
Իր պինչերէն, իր բաշերէն, ագիէն
Բոլոր, բոլոր մեր արիւնները թօթուէ:
Կեցիր ու հեղ մը հետքիդ վրայ ընկըրկէ.
Տես. աւասիկ ամէն ինչ
Կը գալարուի, կը ճարճատի, կը մեռնի,
Ծուխ է, մոխիր եւ աւեր:
Արեան ծովու մ’ալիքներէն կը ծըփան
Մարդու ահեղ դիակներ.
Դիակ կոյսի, դիակ աստղի եւ վարդի,
Դիակը մեր Ազգին եւ մեր Աստըծոյն…
Տես. Աճիւնի, արիւնի
Կարմրածուփ լոյծ անապատ մ’է քու առջեւ,
Որուն մէջէ ծանրաբեռնուած աւարով`
Ըսպանիչները գազան
Կը հեռանան լիզելով
Արիւնաքամ սուրերն` որ լերդ կը հոտին:
Զ
Կու գան ցիները հեռաւոր լեռներէ,
Եւ անգըղներն հոտառու
Կու գան իրենց ձագերուն կեր տանիլ մեզ,
Հայ դիակի մ’աչքին կըտուց մըխելու
Կ’հասնի Արծիւն այն հըսկայ
Նօթի Արծիւն այն որ գուցէ օր մ’ամպէն
Վեհաժողովը պիզմարքեան կը հըսկէր.
Շուներն ուրախ պոչերով
Բակերէ դուրս դիակէ դի կը յածին
Եւ ծոյլ լեզուով մը կը լիզեն արիւններն
Մերթ կասկածոտ կենալով
Կիսամեռի մ’աչքերուն
Յանկարծական բացումէն:
…Յետոյ կու գան Մայրերը ողջ մընացած
Ու ողջ հարսերն ու բոլոր
Մեր ողջ քոյրերը խելայեղ կանչերով:
Նոճիներուն մէջէն խումբն հէգ կը վազէ,
Արձակ կուրծքով ու բոպիկ
Դէպ մեռելներն յօշոտուած`
Որոնց արեան տարբեր հոտն
Ըստ սէրերու տարբերութեան կը կանչէ
Զիրենք այն մեծ Ջայլին` որուն վըրայ դեռ
Ապագաներ պիտ’ ջայլեն:
Ամէն իրենց մեռելներն հոն կը գըտնեն,
Կ’իյնան իրենց մեռելին քով ծընրադիր
Եւ լաչակներն ու կըրկնոցներն ըսպիտակ
Զարթնող սուրբի մ’պատանքին պէս ետ նետած,
Մերկ ծոցերով, աղաղակով, ողբանքով
Ծունկերն իրենց կը ծեծեն,
Կը փեթըռտեն մազերնին,
Իրենց կուրծքէն կը ժայթքի բառ մը ոխով,
-Անէծք… ու սեւ շիրիմներուն մէջ իսլամ
Բոլոր ոսկրերն իրարու դէմ կը ջարդեն.
-Անէծք… ու թուրք մայրերուն մութ ծոցին մէջ
Կաթը կ’ըլլայ սընդիկ կամ խիւս եղիճի.
-Անէծք… ու վերն, Եըլտըզ-Քեօշկի երդին վրայ
Բու մը հըսկայ կը դընէ բոյնն իր ըսկայ:
Լացէք, լացէք, ով հէգ Մայրեր, հէգ հարսեր,
Աստղերէ աստըղ ձեր ողբանքը ձըգած`
Այսօր մեր սեւ հողին վրայ
Սա մորթըւած Արշալոյսները լացէք…
Թող ձեր բիբերն ինկածներուն վրայ հազար
Արտասուելէն իրենց լոյսէն դատարկուին:
Վերջին լացն է. հապա, խածէք ըստինքնիդ.
Յուսհատօրէն դագաղներուն վրայ ծըռած`
Թողէք մէկտեղ կափարիչի տակ գամուին
Ծայրերը ձեր մազերուն,
Եւ խոշտանգուած ձեր իգութիւնն իր յետին
Տըկարութեան մէջ փըշրի:
Օն, հառաչ մ’ալ, արցունք մըն ալ, վերջինն է.
Զի աւասիկ, ահաւասիկ կը տեսնեմ
Արգանդներուն մէջ ձեր լայն`
Նոր Սաղմեր նոր Որդիներու ըստեղծիչ:
Իրենց մըռայլ ձեւին ներքեւ կը պահեն
Հըզօր ճեմքերն Առիւծներու ապագայ.
Ձեր աչքերէն իրենց աչքերը փոքրիկ
Կը բացուին պիշ աստղերու յորդ շողերուն.
Եւ մերթ թագչած խորհուրդին մէջ աղիքի
Կը թափառին, մեծնալով,
Աւերին մէջ իրենց վաղուան ժառանգին.
Իրենց շըրթունքն, ով Մայրեր, ձեր շըրթունքէն,
Կայծակներու ծարաւով,
Դէպ ամպերու երակներուն կ’երկըննան,
Կ’երկըննան դէպ ի հայկական արիւնին
Գերաստուածեան հաղորդութեան` որուն մէջ
Հայրենիքի Սէրը վեհ
Կրօնքը կ’ըլլայ հազարաւոր կրօնքներու:
Ու վաղը, վաղն, ով հէգ Մայրեր, լըսեցէք,
Ձեր արգանդէն մի առ մի
Պիտի ելլեն անոնք հըսկայ եւ հերոս:
Մեծ պիտ’ ըլլան. մըրրիկն իրենց մազերուն
Պիտի սարսէ վերն աստղերուն մէջ Աստուած.
Պիտի հագնին արծուի մաշկեղ թըռիչներ`
Շանթերն իրենց վըրայ կրելու միշտ պատրաստ.
Գլուխնուն վրայ Ազատութեան արաղչինն
Ուլունքի տեղ պիտի հիւսուի աստղերով:
Օն, լըսեցէք, լըսեցէք, այս, ով Մայրեր,
Վաղն երբ անոնք թամբեն իրենց նըժոյգներն
Ու անոնցմով, զերդ պողպատի ջըրդեղում,
Վըրէժին մէջ մըկըրտուին.
Երբ թուրք արեան բարկ ծարաւէն մոլեգնած`
Լեռներուն վրայ մըռընչեն,
Ոհ, այն ատեն, այս օրուան
Մեր Մեռելները բոլոր
Միահամուռ ոստումով
Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,
Ու անհամբեր հեռուն, հեռուն ակնապիշ
Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին
Արշալոյսի մ’Արշալոյսի մը` որուն
(Հաւատացէք ինձ, Մայրեր)
Ես ոտնաձայնը կ’առնեմ…

ԴԻԱԿԻ ՍԱՅԼԸ
Իրիկուան դէմ փողոցներէն ամայի,
Սայլ մը կ’անցնի ճռընչելով:
Ձի մը աշխէտ զայն կը քաշէ, ետեւէն
Կ’երթայ զինուոր մը գինով:
Ջարդուածներուն դագաղն է ան` որ կ’ուղղուի
Գերեզմանատունը Հայոց:
Արեւն յետին իր շողերով կը սըփռէ
Վըրան պատանք մ’ոսկեզօծ:
Ձին նիհար է. հունձն այդ իր ժանտ տէրերուն
Ան հազիւ հազ կը տանի:
Ականջներն իր կախած, կարծես խորասոյզ
Կը մըտմըտայ թէ քանի
Դարեր պէտք են ժամանելու համար հուսկ
Մարագն հընձուած սուրբերուն…
Եւ շըրջակայ պատերուն պոչն իր տատան
Կը սըրսկէ միշտ, միշտ արիւն:
Եւ արիւն է որ կը կաթէ յարաբուխ
Անիւներուն յեցերէն,
Սայլն իբրեւ վարդ կըրէր, իբրեւ թէ ըլլար
Արշալոյսին կառքն հրեղէն:
Հոն են դիերն, իրարու վրայ, որդին մօր
Գանգուրներով պատանքուած:
Մին խըրած է իր ամբողջ բռունցքը միւսին
Տաք վէրքին մէջ լայնաբաց:
Դեռ ծերունի մը ծընօտով ջարդուփշուր
Կ’յառէ աչքերն երկընքին,
Որոնց մէջ սեւ անէծք մ’աղօթք մ’իրարու
Նոյն վըրէժով կը խառնեն:
Մէկուն կուշտէն աղիք մը վար սահմըռտկած`
Սայլին ճեղքին կ’առկախի.
Շուն մ’ետեւէն կու գայ եւ զայն քաշած դուրս
Լափլիզելու կը զբաղի:
Ոչ ձեւ ունին, կամ ոչ գըլուխ. կը կըրեն
Հազար տեսակ զէնքի խոց:
Արդէն իրենց մարմինն եղբայր է հողին.
Կ’երթան ահա գերեզմնոց:
Անոնց վըրայ ոչ ոք կու գայ արտասուել
Կամ տալ ողջոյնը վերջի.
Քաղքին լռութեան մէջ արեան հոտը միայն
Զեփիւռին հետ կը շըրջի:
Բայց մութին մէջ պատուհանէ պատուհան
Ահա մոմեր կը վառին.
Մամերն են որ գաղտագողի կ’աղօթեն
Վըրան կարմիր դագաղին:
Եւ այն ատեն պատըշգամբի մը վըրայ
Կոյս մը կ’ելլէ գեղանի,
Ու կը նետէ արտասուաթոր բուռ մը վարդ
Սայլին վըրայ` որ կ’անցնի:

ՀԱՅՀՈՅԱՆՔ
Լերան վրայ, լուսնին տակ,
Հալածուածները նախճիրէն կու լային.
Պառաւ մ’յանկարծ անոնց մէջտեղ կանգնեցաւ,
Ու մէկ ձեռքով յենացուպին կըռթընած`
Միւսը` ջըղոտ բռունցքով ցըցեց դէպ երկինք.
Յետոյ ասանկ ըսկըսաւ.
-Աստուած, Աստուած Լուսաւորչի, Ներսէսի,
Աստուած Նենգող, Աստուած արեամբ մարմնաբոյծ`
Ինչպէս Պիւթոն մ’անապատին մէջ պառկած…
Այսօր ահա կ’ընդվզիմ
Ութսունամեայ հաւատքիս մէջ ջերմեռանդ,
Եւ մայրութիւնս ու հայութիւնս` որոնց յար
Սրտիս մէջ թոյն ջամբեցիր,
Իբրեւ երկու խայթ խըղճի
Կայծակնահիւս կողերուդ մէջ կը մըխեմ.
Դու որ մատղաշ տարիքիս
Հարսանեկան քօղս արիւնով ներկեցիր,
Եւ թոյլ տըւիր` որ թեւերուս վրայ ջարդեն
Լուրթ քօղէքներըս բնիկ հողով թըրծըւած,
Դուր որ այս ծեր տարիքիս մէջ տակաւին
Երիկամունքըս լոկ քաղցով լեցուցիր
Եւ սըրբազան ցուպը մեկնող հասակիս
Թաթախեցիր արեան մէջ,
Դու որ Որդւոյդ Խաչն ողբալէն բըլշակնած
Իմ աչքերս այս սահմանեցիր դեռ լալու
Մորթըւած եօթը զաւակ,
Դու` զերդ Վիշապ երկնածին
Երկու թաթերդ երկու ամպի վրայ դըրած,
Ծըռէ եւ տես. Ողորմութեանդ սըտութիւնն
Հոն վարը, տես. գիւղեր, գիւղեր եւ գիւղեր
Կը հըրդեհուին, եւ բոցն իրենց կը հասնի
Արարատէն բարձըր եւ բարձըր քեզմէ.
Ահաւասիկ դաշտերուն մէջ խանձոտած
Հազարաւոր խոցուածներ
Իրենց ջարդուած կողերն ընդքարշ կը տանին.
Մեր ոսկըրները կրակին մէջ ճերմըկցած
Կը պատրաստեն ալիւրն ահա նըշխարքիդ,
Եւ մեր արիւնն յորդաբուխ
Կու գայ մինչեւ քու ըսկիհներըդ լեցնել.
Ճամբաներուն վըրայէ
Կը լըսուի ճռինչը թըշնամի սայլերուն`
Որոնց մէջ մեղրն ու կաթը մեր կը կըրեն,
Արիւնը մեր արեգակին, կեանքն հողին
Եւ արծաթները Սեղանիդ նըւիրուած:
Վար նայէ, հոն, մեր թոնիրները բոլոր
Իրենց զըւարթ բոցին վըրայ կը փըլչին,
Եւ կը մարի ծուխն հայրենի ծըխանին,
Եւ կը լըռէ մըշակներուն երգն հանդարտ.
Ամէն հասկ իր քիստերէն վար կը կաթէ
Արիւն, ամէն աղբիւր անցած ճամբուն վրայ
Կը լըւայ վէրք մ’ու ամէն
Յովազ դիակ մը դէպ որջն իր կը քաշէ.
Իսկ կիներն հոս իրենց ծունկին վրայ կու լան
Երիտասարդ գըլուխներ.
Եւ մանուկներն ահաբեկ,
Երեխաներն անօթի
Չը գըտնելով մօր ծիծերուն մէջը կաթ`
Զերդ նըշենւոյ ծաղկած ճիւղերը կիսաբեկ`
Կը մեռնին չոր ըստինքներէ վար կախուած:
Աստուած, Աստուած Լուսաւորչի, Ներսէսի,
Ուրեմն այս էր, փոխարէնն այս էր միթէ
Մեր աղօթքին, մեղրամոմին, կընդրուկին…
Արդ ունկընդրէ. Բնութեան հազար փապերէն,
Սեղաններէն զոհերու
Ջինջ աստղերէն կամ սըրտերէն մանկական`
Ուր քեզ դողով կը պահեն`
Ինձ ունկնդրէ. Յանուն այն
Ժողովուրդին` որ քեզ սիրեց եւ առանց
Քու օգնութեանդ խաչուեցաւ,
Յանուն անոր` որ ողջակէզ ըրաւ քեզ
Ոչխարներէն ամէնէն կոյսն, ամէնէն
Լըծընկէցն իր ցուլերուն,
Եւ իր գինին խըմորած
Սափորներու մէջ պորփիւր
Քու արիւնիդ սահմանեց.
Յանուն անոր` որուն սըրտին վրայ, դարեր,
Իբր ադամանդ կըռուանի
Կայծակնացոլ ոտքըդ դըրիր, ուզեցիր
Որ կըրունկիդ տակ փըշրելով
Եղջիւրներն իր դիմամարտ`
Սըրբարանիդ մարմարներուն վրայ միայն
Յոյսին ձէթերը վառէ.
Եւ յետոյ ալ իր պաշտումէն` կըշտապինդ`
Զայն, իբր Յիսուս մ’ամպերու մէջ թողլըքած,
Էլի լամա… ըրիր քացախն իր` թունոտ,
Կողին նիզակն` հաստաբուն,
Յանուն այդ հէգ Ժողովուրդին կ’ըսեմ ես
Սա մըթընշաղ ժամուն մէջ ուր որ ըլլաս,
Որ աստղին մէջ եւ կամ որ
Թուխ ամպին վրայ շանթ ի բռին,
Իմ կըռուփս ըզքեզ կը գըտնէ
Եւ բերանս իմ կ’հայհոյէ…”:

- Ըսաւ: - Իր շուրջը տըղաներն ահաբեկ`
Գլուխնին ծածկած թեւերուն տակ իրենց մօր
Ըսկըսան լալ, եւ կիներն ալ աղօթել.
Իսկ գազանները հեռաւոր լեռներէն`
Արարչին սուրբ Անուան համար վրէժխընդիր`
Լուսինն ի վեր երկար երկար ոռնացին…
Չը լըսեց ան, կամ չուզեց
Ոչինչ լըսել: Մօտենալով դիւահար
Լայն անդունդի մ’առլեփին,
Մըրմըրթալով, յուսահատ,
Ինքզինքը վար արձակեց…


ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ
Օտարական, բարձրանանք սա դիմացի լերան վրայ`
Որուն քովէն կը հոսի եղէգներուն մէջ լալով
Սիհոնն` ուր վաղը կարմիր քըղամիդներ պիտ’ լըւան
Մայրերը մեր ցաւագին: Օտարական ըշտապէ,
Զի մերկ ոտքերըս կ’այրին մոխիրներուն վըրայ տաք
Եւ ըսկըսաւ քու երկար պարեգօտիդ քըղանցն ալ
Ճապաղիքի մէջ թըրջիլ: Օտարական, ըշտապէ…
Կիսայրեաց ցուպս խօսքիս ուղղութեամբ ցոյց կու տայ քեզ`
Ահա քաղաքն ու գիւղերն ու արօտներն ու ափերն`
Ուրկէ անցաւ Կրակի Ցեղն Ատտիղասի ձիուն վրայ:
Ծուխերն են հոն եւ բոցերն` որ տակաւին բլուրէն վեր
Հովին շունչով ալեծուփ կը սողոսկին, կ’ամփոփուին,
Յետոյ նորէն լեզուի պէս կատարն ի վեր կ’երկըննան:
Կը վառի հողն իսկ, նայէ, բորբ հորիզոնը մեր շուրջ
Հըրափողփող պըսակ մ’է` որուն կեդրոնը կանգուն
Մենք կը դողանք սըգաւոր ոգիներու պէս օտար:
Կը լըսես ձայնն հեռաւոր եղէգներուն բըռընկած`
Որոնց միջեւ կ’ածխանան յաւէրժհարսերն անտառին:
Նարընջենի ճիւղերու ինչ խընկաբոյր ճարճատիւն,
Ինչ մոխրացող այգեստան, տատրակի ինչ վուվուներ:
Բոցը կ’անցնի, ու քամին գալով անոր ետեւէն
Խանձած սէզերը առած սարերէն վեր կը մրըրկէ.
Ով դողահար մերկութիւն խըլուրդներու խուղերուն`
Որոնք նըման ոզնիի արտերուն մէջ կ’յայտնըւին,
Ով աւերակը բլրան վըրայ շինուած հիւղերուն`
Ուրկէ կ’ելլէր հայ գեղջուկն առաւօտեան աղօթքով
Արարչութիւնը հողին արթընցնելու բահին տակ:
Օտարական, կը տեսնես ինչպէս այսօր տնակներն այդ
Փըլած ու լուռ կը սպասեն սուգի առջի գիշերին`
Որ լուսնին տակ արտասուեն աճիւնն իրենց թանալով:
Տանիքն անոնց փըլցուցին ներսը վառուող ճրագին վրայ.
Դըռներն հլու, զոր զեփիւռն իսկ իր շունչով կը բանար,
Ինկան ջախջախ խուժանին բիբերուն տակ արիւնոտ:
Եւ արդ պատերը ժօռատ ծընօտի պէս կը ցըցուին,
Որոնց մէջէն խոյս կու տան հոգիներ բոյլ բոյլ երկինք:
Արտերուն վրայ մոխրակոյտ, իսկ դիակներ ճամբուն վրայ,
Այն ճամբուն վրայ ըսպիտակ` ուրկէ ժիր ցեղն Արամեան
Արեւմուտքի աստուածներն, յարաճուն միտքն Եւրոպին
Ջորիներուն բեռցուցած տարաւ բաժնել Ասիոյ:
Աղբիւրներուն քով զոհեր, ակօսներուն մէջ զոհեր.
Եւ հոն, դիմացն, ուր ահա արեւը մայր կը մըտնէ,
Սեպ ժայռին դէմ խաչեր են եօթը այրեր մերկանդամ.
Արիւնն իրենց մազերէն (օտարական, կ’աղաչեմ),
Փակէ աչքերդ ու միայն եղիր ձայնիս ունկընդիր).
Արիւնն իրենց ձեռքերէն եւ ոտքերէն բեւեռուած
Հողին վըրայ կը վազէ վիմուտներն այն ներկելով.
Կարծես մեկնող արեգակն յուշիկ յուշիկ կ’ընկըղմի
Մեծ աչքերուն մէջ իրենց` սարսափէն բաց մընացած:
Դահճապետներն հեռացեր են խաւարին մէջ արդէն,
Խաղաղութիւն, Ովսաննա բարձունքներուն վրայ կարմիր…
Ոհ, ծընօտներս ինչ սարսուռ կը կափկափէ. Դարձիր աջ,
Եւ տես քաղաքն` որ նըստած դաշտերուն սա սուգին մէջ`
Դեռ իր սըրտէն կը մըխայ մարդազոհի հնոցի նման:
Ազատութեան արշալոյսն անոր ճակատը կըճեայ
Հազիւ էր դեռ բոսորած` երբ որ իր յաղթ հիմերուն
Ներքեւ վիշապի Համիտեան սասանեց տուտն ու թիկունք.
Բարբարոսներն այն ատեն արեւուն դէմ թըքնելով`
Մահուան սերմերը բըռած մեծախընծիղ արթնցան.
Եւ քաղաքին մէկ կէսն ալ կործանեց կէսը միւս:
Եաթաղանին, բըրոցին, եղեռնաւոր բոցին տակ,
Ինչ որ հանճարն էր կանգնել, զայն մոխրակոյտը կըլլեց:
Արդ տաճարները ուր են` որոնց բուրեան գըմբէթին
Ներքեւ ծիծառն հազիւ հազ գարնան աղօթքն էր ըրեր.
Ուր վարժոցներն ու պալատն ապագայի լոյսերուն.
Մանուկներու ողջակէզ սըրտեր հոն խունկ կը մըխան:
Ուր բաղնիքները յըստակ, ջինջ մարմարներն որոնց մէջ
Ցոլացին կոյս աղջիկներն իրենց լոգցած ժամերուն.
Ուր շիրիմներն հոյակապ, ուր կոթողներն հինաւուրց
Որոնց վըրայ Հեթումներն յաղթանակներ գըրեցին…
Մահ եւ մոխիր. Թըխայրեաց պատեր միայն աւասիկ
Իրիկուան մէջ կը ցըցուին բուիճներ կանչելով:
Օտարական, հիմակ այս Երկրին անցեալն արթընցուր
Յուշերուդ մէջ, եւ ուրիշ Ցեղի մը դարն ափսոսայ,
Խորհէ թէօր մ’ըստորոտը Տաւրոսի բնակեցաւ
Ժիր ժողովուրդ մ’որ կեանքին աստուածացումը երգեց:
Իր կարաւանը անցաւ, եւ տարաւ միշտ հեղեղել
Բարի ցորեանն ամէն հիւղ` ուր ճըրագ մ’հէգ կը պլպլար.
Իր կարաւանը անցաւ, եւ Տարսոնի գոհարներն
Աստղերու պէս թափեցան բամբիշներուն գոգին մէջ.
Եւ այն ճամբան լեռընդմէջ` ուրկէ Գանգէս արշաւեց
Երիտասարդ Մակեդոնն իր շաւղին վրայ կանգնելով
Բագիններ` ուր պաշտուեցաւ գեղեցիկ Միտքը Հելլէն
Աթենասի արձանին լուսակառոյց ձեւին տակ,
Այդ ջինջ ճամբան Ռուբինեան զաւակներուն շինարար
Տեսաւ սայլերը ճռընչող Արեւելքէն Արեւմուտք,
Որոնց վըրայ բեռցուցած էր Հայ վաստակն աննըւաճ
Մարմարն յուռթի լեռներուն, այգիներուն յորդ գինին.
Ով նախասնունդը երգող եւ քանդակող ազգերուն:
Անցաւ հիմա բոլոր այդ գեղեցկութիւնը կեանքին.
Կըրակի Ցեղը, աւաղ, ժամանակէն աւելի
Եղաւ քանդող, ժանտախտէն եւս աւելի կոտորիչ,
Ան կը սիրէ տերվիշի պէս միշտ նըստիլ գոհունակ
Քարի մը վրայ փլատակի եւ կըրծել ոսկրն իր շոպած:
Լըսէ, քաղքին պատուարին մէջէ ձայներ մեզ կու գան.
Դահիճ Ցեղն ալ կը տօնէ իր յաղթանակն արիւնռուշտ:
Կիներ, տղաներ մորթելու յաղթանակն իր վատոգի:
Հէգ ոստանին, որուն վրայ լուսինն ահա կ’արտասուէ,
Մէկ մասն է արդ գերեզման, հանդիսավայր մասը միւս
Տաճիկն ահա բըռընկցուց իր խարոյկներն հըրճուանքի,
Հեծեծագին կըմախներ հանդիսաբար կը վառին.
Շուրջը սոթտուած թեւերով խուժանն ուրախ պար կու գայ.
Արիւնազարդ քըրդուհին հինայագեղ մատներով
Կը զարնէ դափ, եւ Իսլամն, օտարական, առջի հեղ
Այսօր գինի կը խըմէ մոխիրներուն ի պատիւ:
Կիսայրեացները անդին խաւարին մէջ կը հեծեն.
Բայց վիրաւոր մ’աւասիկ կը կոթողուի մութին մէջ,
Յետոյ ծունկի վրայ ընդքարշ կը մօտենայ խուժանին,
Եւ հեգնօրէն, քըրքըջալիր արիւնտողիք կը թըքնէ
Խարոյկի մէջ տօնական:
Կ’անցնին հովերն ողբագին
Դիակներուն վըրայէն եւ վըրայէն փլատակին,
Եւ արիւնի սերմերով, մոծիրներով հըրդեհի
Կ’երթան հեռու աշխարհներ գարուն մ’ուրախ ծաղկեցնել:
Օտարական, հովերն այդ ահա ծովուն վրայ լուսեղ
Առագաստները նաւուդ գոգացուցին փըքուռոյց,
Ալ մեկնէ սա դառն Երկրէն դէպի խաղաղ ափունքներդ,
Զի տատրակները մեռան, եւ դեղձենին խամրեցաւ:
Երբ նաւդ անհուն սարսափով պատռէ ջուրերն ու փախչի`
Հետապնդուած միշտ կայտռուն դըլփիններէն` որոնք մեր
Ծովախորշերն արգաւանդ եկան փընտռել դիակներ,
Երբ թիկնոցիդ մէջ ծածկած դեռ նայուածքներդ ահաբեկ
Գիրկը հասնիս ոսկիի եղբայրներուդ, - չըմոռնաս
Անոնց ըսել թէ ինչպէս Կիլիկիան մորթեցին
Ազատութեան դափներուն նըւագին մէջ դաւաճան.
Գիտեմ թէ այդ եղբայրներըդ մեծագոգ նաւերով
Գալ պիտ’ ուզեն… օգնութեան… ոհ, ոչ… մահուան մնացորդին.
Պիտ’ ուզեն գալ լոկ մեր կոյս, ատոք լեռները պեղել,
Եւ մեր ծոցուոր հանքերէն կըթել մետաղն հրաշափառ,
Կըթել մետաղն ու իրենց եսին կուռքերը կերտել…
Օտարական, ալ մեկնէ: Կ’իջնեմ ես ալ աւասիկ
Այս բարձունքէն, ու փաթթուած տառատոկիս մէջ տըրտում`
Նորէն կ’երթամ թափառիլ քաղաքին մէջ զոհերուն:
Մեռելներն հարկ է թաղեմ, եւ ողջակէզն օծանեմ:
Վիրաւորի մը գըլուխ որձաքարին կը հեծէ…
Աղբիւրին քով քոյր մը, ոհ, կ’ոգեվարի անտերունջ…
Պէտք է փորեմ այս գիշեր գերեզմաններ անհամար,
Եւ լուսեղէն պատանքներ հենում մինչեւ առաւօտ.
Պէտք է կերտեմ շիրիմներ, յուշարձաններ կանգնեմ,
Եւ մարմարին վրայ երգերս տապանագիր քանդակեմ: