ԿՐԿԷՍԻՆ ՄԷՋ

ԿՐԿԷՍԻՆ ՄԷՋ

ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆ

Այսպէս երգեց Վերածնուհին` երբ բացաւ
Թեւերն ուղիղ դէպ երկինք,
Երբ մատերն իր մըխըրճեցան մեղմօրէն
Կապոյտին մէջ լուսածոր.
–»Կ’ելլեմ, կ’ելլեմ. նախճիրներու ծընունդ եմ.
Կըրակին չափ գերահըզօր, գերբնական
Ինչպէս մարդուն գիտակցութիւնն. ու կ’ելլեմ:
Վայրկեան մ’ալ դեռ եւ ահա
Վարդի թերթէ ծընած ոգւոյ մ’հանգունակ
Ալ կ’ազատեմ ոտքերս արեան քօղերէն:
Զիս յըղացող արգանդէն
Եւ այն ծոցէն որ խուճապներս օրօրեց
Մեծցած կուսան` կը յառնեմ
Վեր, դէպի վեր, լըւալու,
Գլուխս աստղերու ալիքներուն մէջ հրաբորբ:
Ոտքերէս ալ վար կը թօթուեմ մըզանքներս
Եւ խանձարուրս եւ պորտընկերս եւ մըթարս
Ու ամպերէն կը դիտեմ
Զիս իբր աղիք պատող փողերն հրացանին,
Ծովն արիւնի դիակներով խարակուած`
Որ բուստապսակ մարմար ճակատս ողորկեց
Եւ օծանեց մայրօրէն
Մազերըս լի մըրրիկներու համբոյրով.
Կը դիտեմ մեծ հոգիներն հայ Հանճարին,
Որոնք իրենց գանկին թասով ըղեղնին
Ջամբեցին իմ շըրթունքներուս մանկական.
Կը դիտեմ գոռ պայթած ռումբերն հրակոկոն,
Այդ կըճեպներն իմ սըրտիս
Որոնց բոցերն արիւնս յուռթի կ’ընէին.
Կը դիտեմ վարն նաեւ մեռած եղբայրներ
Նոյն արգանդի մէջ սընած,
Որոնց, ինծի հաւասար,
Մեր Մայրը կեանք չըտըւաւ,
Չը կամեցաւ իր սիրտը լայն եւ աստղերն`
Իրմէ զանոնք մոլեբար դուրս վիժելով.
Գուցէ մեր Մայրն այդ լաւ գիտնար` թէ անոնց
Սեւ սաղմին մէջ կը լայննան
Եղբայրակուլ անդունդներ,
Եւ թագչած իր աղիքներուն խորքին մէջ
Վաղուան համար նենգաբար
Կը դարանին սըղոսկումին մատնըչի:
Մեծ պիտ’ ըլլամ, յաւէրժական պիտ’ ըլլամ.
Զիս տաքցընողն, ով Ազգեր,
Ձեզ տաքցընող ճաճանչի նոյն թափը չէ.
Մոխիրն հըսկայ պապերուս
- Արեւու շէջ մընացորդ -
Օր մը նըւազ միթէ եղաւ ահաւոր,
Կամ միթէ ան` մատեաններու մէջ այսօր
Դեռ չի սըրսփար, չի յուսար:
Մեծ պիտ’ ըլլամ, յաւէրժական պիտ’ ըլլամ.
Զարկիս ներքեւ կը բաբախէ զարկն հուժկու
Մըշեցիի, Վանցիի.
Մարմարեղէն բազուկներուս թափն ըմբոստ
Փայլակն աչքիս, կոյս հոգւոյս մռունչն անվեհեր.
Կ’ըսեն թէ ներսըս կ’ապրի
Սիրտ մը մատակ առիւծի,
Սիրտ լի պղընձէ սիրով, վրէժով քինայոյզ,
Որ կը խոտէ վարդերն հարսի վաւաշոտ,
Եւ հանգըստի անկողնոյն մէջ կը տեսնայ
Մեկոնաբոյր շըրթունքներով Ցոփութիւնն
Որ կը խեղդէ համբուրելով: Կը ճանչնայ,
Կը ճանչնայ սիրտն այդ` թէ հըզօր է ինք միշտ,
Ինչպէս Ապրիլն` յըղի ատոք գարունով,
Ինչպէս մըրրիկն` ազատութեամբ հոլաթեւ.
Գիտէ որ մէջն հանճարէ լոյս է ծորած.
Բոց է, եւ է բոց ապագան. ան գիտէ
Որ հաւատքով գաղափարին խարըսխուած`
Պիտի բանայ կայծակով դուռը Դրախտին»:

ԱՊՐԻԷԼ
Որ քարայրէն մութ, որ մութ խըրճիթէն
Ելաւ, չեմ գիտեր. դէմի հովիտէն
Կը վազէ կու գայ: Բիբերով հըրձիգ`
Կարծես լի դողով մը նոր եղեռնի,
Սեւ մազերն հովին, ոտքերով բոպիկ,
Ամայի դաշտին մէջտեղ կը կանգնի:
Վերածնուհին է, լեռներու` աղջիկ,
Մրըրկին պէս զօրեղ, վարդին պէս գողտրիկ,
Իր յոյնով գըծուած շըրթունքին աղու
Կայ համբոյր մ’յուռթի, արեւու քըթթում,
Եւ կ’այրի հոգին տենչով մը` տալու
Խոցելով` ծաղիկ, մահով` ըստեղծում:
Կը գոչէ. «Հերիք սառոյցէ կըճեայ
Գերեզմանը ձեզ արթընցէք, ահա
Բերած եմ լազուարթ երկինք, օդ ջերմին,
Կուռ ծիծերուս մէջ ծաղկի անուններ.
Ձիւնէն դուրս, ցըցուն վիզով դէպ արփին`
Ապըստամբութիւն եմ ձեզի բերեր»:
Կ’ըսէ: Իր հմայիչ գոռ ձայնէն ըսթափ`
Աղիքներն երկրին նոր կեանքով մ’հրատապ
Կը սկըսին թընդալ. եւ լուռ կը սողայ
Ակօսներուն մէջ շոգի մ’հուր, ծաւի.
Մերկ անտառներուն, մերկ բլուրներուն վրայ
Կանանչ պատմուճան մը կը ծրագըրուի:
Հոն, կանգնած գեղջուկն հիւղի թաց շեմին`
Ուր կը մնայ ձիւնէն մաս մը տակաւին`
Կ’աճռէ բըժոտ աչքն երկինք նայելով.
Գոմէշներն արբշիռ տաք հողին հոտէն
Մութ գոմերէն դուրս կարկառուն վիզով`
Աղջըկան դէմքին, գոհ, կը պոռոչեն:
Բայց Ան կը խըթէ, կու տայ կըռուփներ
Անոնց` որոնք ծոյլ կը յօրանջեն դեռ.
Ամպրոպի մ’հանգոյն կ’անցնի անտառէն.
Եւ աչքերէն բորբ, սերմի աղբիւրներ,
Կը տեղայ օդին փոշի մ’ոսկեղէն,
Հովերուն մէջ` երգ, սըրտերու մէջ` սէր:
Կոճղէզներուն մէջ եւ սըրտուկներուն
Կը մըղէ աւշի մ’ալիք մընչուն.
Կը ճեղքէ ամէն պըտուկ, բուն, դըժնիկ,
Ոստերուն ծիլ ծիլ վառելով բուծին.
Եւ իր շունչին տակ, զեփիւռ անդրանիկ,
Թուփեր կը խընկեն, կը ծաղկի նըռին:
Կը լայննայ կապոյտն, ամպեր կաթնորակ,
Իբրեւ կարաւան մ’ուղտերու ճերմակ
Կ’երթան տար աշխարհ, դանդաղ, լըրջայօն,
Ու երբ կը մընայ երկինքն ազատ` Ան
Կը լեցընէ բիւր ծիծեռնակներ հոն,
Օրհներգու մոգերն իր արարչութեան:
Յետոյ խոնջ, մըխած իր մազերուն
Վարդ մը, առջինեկը դեռ վարդերուն,
Կ’երթայ. Փութով մարգին մէջէ ճոխ,
Հոն վարը հանդարտ ծաղկած նըշիի
Մը լայն շուքին տակ լուռ մունջ երազող
Բանաստեղծի մ’հուր գիրկը կը հանգչի:

ՊԱՏՈՒԷՐ
Դերենիկ Ճիզմեճեանին
Ահա քղամիդդ ըզգեցար եւ ճամբորդի ցուպդ առիր.
Կը բաբախէ սիրտդ արդէն հայրենիքի կարօտէն:
Քանի մ’օրէն պիտի մեր հողն համբուրես սիրալիր.
Պիտ’ համբուրես հարսնացող քոյրդ իր անեղծ նարօտէն:
Ընկեր, պատուէր մը ունիմ քու հոգիիդ յանձնելու.
Հայրենակոխ ոտքերուդ կապելու սիրտ մը ունիմ.
Ճամբուդ վըրայ, Ալիսի ջուրերուն մօտ այցելու,
Ուռինազարդ գիւղ մը կայ, ներս մըտիր. ան գիւղն է իմ:
Տըղեկ մ’ուշիմ եւ բոպիկ, առաջնորդէ պիտի քեզ
Տունս հայրենի` շինուած ջինջ զով առուակի մ’եզերքին,
Որուն քիւին կը մընչեն աղաւնիներ տարփակէզ,
Եւ պատերուն երկայնքին վառ կակաչներ կը ծաղկին:
Գուցէ գըտնես դրան առջեւ մայրս ըզբաղած կըկոցին,
Եւ քովը մեր ծեր կատուն գաղջ արեւին տակ պառկած,
Կամ պարտէզն հոգ կը տանի ան մեղուաշատ փեթկնոցին,
Մեղր շինելու օրինակ տալով իր սիրտն անկասկած:
Ըսէ կընկանն այդ դողդոջ, եղած արդէն մոխրագէս,
Որ իր պանդուխտ զաւակէն կու գաս` զոր ան կը պաշտէ,
Եւ մըտիր տունս հայրենի, լըւայ ճակատդ արփակէզ,
Ուղեւորի քու այդ հին փոշոտ թիկնոցըդ թօթուէ:
Նըստէ տոհմիկ սեղանին առջեւ շատոնց ամայի…
Սիրակաթ մայրըս քեզի պիտ’ բերէ թան, լաւաշ հաց,
Եւ պըղպըջուն հին գինին` որ միշտ զըւարթ կը նայի
Կանանչ կուժէն` մեր հըզօր արեւուն տակ թըրծըւած:
Երբոր ճամբուն տաժանքէն բուժի հոգիդ հեղձուցիկ`
Բաց տարերկրիկ յուշերուդ ծըրարն` որ քու ճոխ գանձն է,
Եւ նամակն այս` զոր կը դնեմ գօտիիդ մէջ աւասիկ,
Պանդուխտ օրերս արցունքին շիթովն համրող մօրս յանձնէ:
Յանձնէ մօրս իմ եւ ըսէ` որ օրհնէ զայն իր ձեռքով.
Զայն թող օծէ իր աչքին արտօսրներովն աղօթկեր.
Եւ գըլխուն սեւ քօղ առնէ, բայց սիրտն առնէ թող կորով.
Զի, ընկեր, այդ նամակին մէջ կարմիր Ուխտս եմ գըրեր:

ԿՌՈՒԻ ԵՐԹ
Երթանք, երթանք, Հայուհի,
Դու, ով արծուիկ, հեղեղատին բոմբիւնով
Լերան կողին օրօրերգուած եւ մեծցած,
Երթանք արդար բախումին:
Անդին անդին կը մորթեն
Կեանքն արտին մէջ, եւ գաղափարը` գանկին.
Դեռ արեւուն շողը սերմին չըհասած`
Անդին անդին կը մորթեն:
Ով սեւաչուի, աւելի բորբ սիրով քեզ
Պիտի սիրեմ եթէ մէկտեղ տըրոփեն
Քու զամբիկդ, իմ խարըստիս:
Կըկոցը թող, որուն շաչող ոլորտներ
Ներշընչեցին քեզ երգն հանդարտ սըրտերու.
Ալ թող երդիքն` որուն վրայ
Կ’ուռճանայիր գարնան արձակ հովերէն,
Մերթ ըլլալով սըրտաթունդ
Վառեակի մ’հէգ ճըւոցէն`
Զոր ցինն արտին մէջ կըտցահար կը խեղդէր:
Յիշէ այն լեռն` ուր քեզ առջի հեղ տեսայ
Նախ վարդի թուփ կարծելով,
Մենք գիշերուան մէջ անկէ վար պիտ’ իջնենք
Նըժոյգ հեծած, զուգահետ,
Խաւարակուռ դաշտին մէջ
Դաշոյնիդ ցուրտ փայլին հետ, ով մարտկուհիս,
Շանթերն աչքիդ ցայտած վրէժի երկընքէդ`
Ռազմի ճամբան պիտ’ ցոյց տան:
Մազերդ արձակ պիտի նետես ուսերուդ`
Թողլով որ գոռ մըրրիկն անոնց մէջ երգէ
Բարբարոս երգը բնութեան:
Եւ երբ ասանկ ընթանանք,
Երբ նըժոյգիդ ամէն մէկ խրոխտ ոստումին
Մըկանունքներըդ ցունցերէն զօրեղնան,
Երբ այն ծաղիկն` որ լանջքիդ վրայ պիտ’ բուրէր`
Սըմբակի տակ ճըմլըւի,
Ես այն ատեն գըգուանքի տեղ փափկասուն
Պիտի դիմեմ փոթորկատիպ, կորովի,
Եւ մեղրածոր համբոյրիդ:
Ինչ, երբ տեսար գրասեղանիս միշտ առջեւ
Այս իմ մըռայլ հոգիս, ով կոյս, կարծեցիր
Թէ պիտի հեղգ մընայ միշտ.
Ինչ, կարծեցիր թէ չեմ կըրնար ես ընել
Գրիչըս դաշոյն եւ կաղամարըս` կարմիր
Սիրտը գազան ոսոխին:
Ես շատ, շատ լաւ կըրնամ Երազը փոխել,
Մերկացելով իր զեփիւռէ ըզգեստէն`
Աստղեր ցընցող մըրրիկն անոր հագցընել:
Երբոր անդին միշտ կու լան
Զի կը մեռնին, ու կը մեռնին զի կու լան`
Ինծմէ հեռու թուղթ եւ գիրք.
Տանդէն բոցին ես կը նետեմ,
Գերեզմաննոց կը նետեմ ես
Դուրեանն` որ այնքան ժամանակ սիրեցի:
Աղուոր աղջիկ, ուրիշներու արցունքին
Գիտես թէ որչափ աշխարհս է անտարբեր.
Մենք իր քունով չընիրհենք.
Իր վերմակին տակ` տըռփոտ`
Աստղիկն անուշ կը բոզանայ, ու լըլկուած
Թեմիսը հոն նոր Բագոսներ կը ծընի:
Բըզիք, բըզիք, արիւնլուայ,
Հոն վարը մեզ կը սպասեն.
Ես կապարճիս մէջ դընելու չըմոռցայ
Հրաշէկ շանթերը Արէսի երկընքին.
Հիմա սիրոյ նայուածքէ մ’իսկ ուժեղ եմ,
Եւ անյողդողդ` ճակատագրէն աւելի`
Քանի որ կոյսն է ընկերս,
Ու սէրն հրաթեւ ռահվիրաս:
Դու, ով վարդ կոյս, հոն լափող բոց պիտ’ ըլլաս.
Դու, ով տատրակ, կարշնեղ արծիւ պիտ’ ըլլաս.
Քանի որ այրն է ընկերդ,
Ու գաղափարն ռահվիրադ:
Ես թերեւս հոն պիտի մեռնիմ - իցիւ թէ -
Երկար ատեն բաղձացի
Արիւնն ինծի վերմակ ընել, բարձ ընել
Կողը ձիուս` ինկած վէրքի խըրխինջով:
Մեռցընելէ վերջ մեռնիլ
Երկար ատեն բաղձացի:
Լուսնին վըկայ նայուածքին տակ, քանի մ’հեղ
Լեցընելէ վերջ ոսոխին արիւնով
Մեծ սաղաւարտը Հայկին`
Հոգ չէ թէ այսպէս իյնամ.
Երբ օր մ’հոգիս լայնախոց
Հայրենական հողին մէջէ արթընցած
Պիտի տեսնէ որբն յագ եւ յագն` ապահով,
Մըշակն անվախ արտին մէջ` արտն` անաւեր,
Կեանքը ազատ, ազատութիւնն` յառաջադէմ,
Հոգ չէ թէ այսպէս իյնամ.
Գիտեմ որ իմ շիրմիս քով
Պիտի երբեք օձ չըսողայ, պիտի միշտ
Կապոյտ մընայ անմոռուկդ, ով Հայուհիս,
Եւ յաղթական առիւծ մ’հոն թաթը դըրած
Բորենիի մը կուրծքին
Աստղերն ի վեր, լիաթոք,
Պիտի յաւէտ մըռընչէ…
ՀԱՅԿԱԿՆԵՐՈՒՆ ՕՐՕՐԱՆԸ
Շինուած է ան նոճիով`
Եւ արիւնով ներկըւած.
Կ’երգեն բուերն իրեն քով.
Կ’օրրէ մըրրիկը կատղած:
Կ’ամարէն վար կը կախուին
Կապոյտ կապոյտ ուլունքներ.
Արցունքներն են երկընքին`
Ինկեր ցուրտէն հոն սառեր:
Խոնաւութեան մէջ, մուրին,
Որով խըրճիթն է լեցուն,
Լուռ կը ճօճի օրոցքն հին,
Հին վրէժին իմ հոգւոյն:
Անդունդ մ’է ան` ուր հայն իր
Վիշապներն հեստ կը ծընի,
Ուր համբոյրներն, վարդերն հիր
Կը բուրեն հոտն արիւնի:
Ոչ մէկ գիրգ ծոց ծնողական
Հոն կը բանայ իր երկինք.
Խաւարներն հոն մայր կ’ըլլան,
Եւ կայծակներն ալ` ըստինք:
Ու ճիչերու մէջ, լացի,
Տըժգոյն տըղան կը մեծնայ
Բարեկամի, դիպուածի
Ձեռքերուն մէջ կը մեծնայ:
Եւ գուցէ վաղն ան ըլլայ
Ռազմիկ մ’հրաչեայ, շանթող ամպ.
-Մեզ մսուրն Յիսուս մը կու տայ`
Իսկ հայ օրոցքն` Ապըստամբ…

ԱՐԾԻՒՆԵՐՈՒ ԿԱՐԱՒԱՆԸ
Է կարաւանն արծիւներու. կը ճախրէ
Աշտանակուած գաղափարի քաջերէն:
Շառաչ մը գոռ թըռիչքի
Կը ճեղքէ սեւ ամպերն ու լայն կը բանայ
Կապոյտ ճամբայ մը ազատ:
Ակընկառոյց կը դիմեն
Նըպատակին` իբրեւ լերան մ’ադամանդ:
Վեհ հոգիներ են անոնք,
Ռազմիկի վեհ հոգիներ.
Անոնք հազար գարուններէ աւելի
Են գեղեցիկ եւ կարող:
Իրենց աչքին մէջ, Արէսի ատրուշան,
Երիտասարդ կեանքը առոյգ կը ժըպտի:
Սիրողներ են. եւ սէրն իրենց սովրեցուց
Ըսպանութիւնն ըստեղծիչ.
Եւ այսպէս խրոխտ ու ազատ,
Վարն ետեւնին թողուցած
Աղաչաւոր մայրեր, հարսեր արցունքոտ,
Կ’երթան, կ’երթան կապոյտին մէջ լողալով.
Արծիւներուն լայն թըռիչքի բախիւնէն
Աստղերը շէկ կ’արծարծին.
Եւ անոնց դուժ կըռինչներէն, վըհասոյզ,
Մըռայլ տարմերն ագռաւներուն կը թագչին,
Եւ ռազմիկներն արբշիռ, սարսռուն (աւելի
Գուցէ զիրենք Աստուծոյ մօտ ըզգալէն)
Շարան շարան կը սուրան.
Կ’ըմպեն շիթ շիթ կապոյտէն`
Իբր ան ըլլար բանաստեղծի մի հոգին.
Ամպերէն դուրս կը փետեն
Կայծակներն հուր եւ անոնցմով կը պսակեն
Ճաճանչաւուխտ ճակատնին.
Իրենց արեան մէջ կը խառնեն մըրրիկներ.
Կ’ըլլան բնութիւն եւ վրիժագոռ աղօթքով
- Ըմբոստներու շարական -
Աստուած իրենց գանկերուն մէջ կը բանտեն.
Յառաջ, յառաջ: - Բայց կար’ւանն ալ կը կենայ
Սա ժայռերուն կարմիր, սա սեւ ժայռերուն:
Կ’ելլէ գաղջ հոտ մ’արիւնի`
Ծոթրիններու բուրումներէն` յաղթական.
Կը բարձրանայ հովիտներէն խեղդուկ լաց
Մ’որուն մէջ լաւ կը զգացուի
Մարդու հոգին կապտըւած նոյնիսկ, աւաղ,
Արտասուելու մեծ բարիքէն կենակից:
Հոն կար’ւանն ալ կը կենայ:
Եւ արծիւները ճերմակ
Բաբախելով թեւերնին`
Կըտուցներով ժայռերը կուռ կը ծեծեն,
Եւ ռազմիկներն, ընձառիւծներ դարանած,
Ըսպասելով ահեղահունչ վայրկեանին
Լերան կողին կը մոլեգնին, կը սպառնան,
Մինչդեռ անդին գիշերուան մէջ, կասկածոտ,
Լուսնին Մահիկը ցըրտադող սարսափով
Տաւրոսին վրայ կը դեղնի:

ՀԱՅՐԵՆԻ ԼԵՌՆԵՐ
Լեռներ, լեռներ հայրենի, անմահական դըշխոներ`
Որոնց արփին կը դնէ թագ եւ մըշուշն ալ պատմուճան.
Լեռներ սառէ ծոցերով, գըլուխներով ձիւնահեր`
Զոր կ’օծանէ լուսընկան:
Ձեր ճակատները կոյս են լոկ Աստուծմէ համբուրուած,
Թըխակարկառ ուսերնիդ կը լուայ կապոյտն երկընքին.
Վիհերու մէջ ուր լիճեր կը քընանան մենակեաց,
Աստղերը սոսկ կը ծաղկին:
Քարայրներէն` որոնց մէջ հովը գայլի պէս կ’ոռնայ`
Գետեր բըխած գարնան դէմ կը գահվիժին փըրփրահեր,
Եւ կ’երթան ձեր ոտքերուն սըփռել գորգեր միշտ ծաղկեայ`
Ուր կը նըստին հովիւներ:
Կը սողայ շանթն օձի պէս ձեր գըլխուն շուրջ կրանիտէ,
Որմէ բռընկած կը մըխան եղեւնիներ օրերով.
Արծիւն այդտեղ աստղերէն միայն իր կուտը կ’ուտէ,
Կը խըմէ ջուրն ամպէն զով:

Օրհնեալ ըլլաք, ով լեռներ, օրօրոցներ ադամանդ,
Ուր մեր պապերն առջի հեղ իրենց աչքերը բացին,
Եւ վագրի մորթ մ’ուսերնուն իջան դաշտերն արգաւանդ,
Կըրթեցին եզը` լուծին:

Փայլակնաբիբ ամպրոպին մէջէ - երկնի գոռ գազան -
Մեր արքաներն որսալու ելան փախչող սատրապներ.
Իրենց ձիուն խըրխինջէն` անդունդներուն մէջ սուզան
Ժայռին մրափող վիշապներ:

Օրհնեալ ըլլաք դուք` որ տուիք գըրկերը ձեր շաղածին
Անակորդւոյն, Տըրդատին պատըսպարան եւ անդոյր,
Որոնք քաշուած այրերու մէջ` լուսնին տակ կարդացին
Ժամագըրքեր խընկաբոյր:

Դուք որ տեսաք փապարի մէջ կոյսերու ոսկըրներ`
Զոր յետոյ լոյս մ’երկնային փոխակերպեց շուշանի,
Դուք որոնց մէջ ճըգնազգեստ քուրձերով են վախճաներ
Արքաներ նման տիտանի:

Արծաթն, ոսկին կ’եռան ձեր արգանդներուն մէջ հրագանձ,
Որոնցմով հայ տիկիններն իրենց զարդեր շինեցին,
Հայրապետներն ըսկիհներ, եւ ասպետներն հերապանծ
Նետերն իրենց մահածին:

Ձեր մայրենի ծոցին մէջ կաթը մարմարն է առատ`
Զոր կըթեցին մեր հայրերն օր մը ձեռքով ժըրաջան,
Ու կերտեցին աստուածներն ու բագիններն անարատ,
Ուր տատրակներ մորթուեցան:

Կառոյց Երուանդ իր քաղաքն ու Երուազն ալ իր մեհեանն.
Հըսկայ սիւներ խոյագլուխ Մասիսի պէս շողացին,
Ու ձեր մարմարն արփացոլ հագաւ ձեւերը տիտան
Մեր պապերուն հանճարին:

Արշակ կապեց կամուրջներ Եփրատին վրայ դիւաձայն`
Որոնք այդ խեռ դիցուհւոյն ճապուկ մէջքը պարուրող
Եղան գօտի ալեսանձ` որոնցմէ վար կախուեցան
Մորմենիներ աղամող:

Քանդակուեցան ձեր կուճով դամբարաններն Անիի
Եւ սափորները լեցուն Արշակունի աճիւնով`
Որոնց մէջէ ծըլեցաւ իբրեւ ընձիւղ կաղնիի
Բագրատունին մարտախռով:

Լեռներ, լեռներ, սեւ լեռներ, այլեւս աւաղ թափուր էք
Շողապըսակ փառքերէն, հերոսներէն հինօրեայ.
Դիոսի տեղ ամպ մ’այսօր` զերդ քօղն այրի կընոջ մ’հէգ`
Կը նըստի ձեր գըլխուն վրայ:

Թող ձեզ դառնայ նոր Սերունդն, ըլլայ դրացի արեւուն.
Իրեն դըղեակ թող ընէ իր հայրերուն օրօրանն.
Արծուի թեւերն իր վըրայ, իր վրայ երկինքը անհուն.
Թող շանթերով զինուի ան:

Փըրկութիւնն ալ ձեր մէջ է, ձեր փապերուն մէջ մըթին,
Սեպերուն վրայ է` ուր այծն ելած վիհին կը նայի
Հոդ ջըրվէժներն` որոնց քով վարդենիներ կը ծաղկին`
Կու տան հրաւէր պայքարի:

Թող ձեզ դառնայ նոր Սերունդն, աստղահամարզ ըլլայ զօրք,
Թըշնամւոյն դէմ բերդ էք դուք, դիւցազներու` ապարանք.
Լոկ քաջերուն համար ձեր ժայռերը լալ, ջրողորկ,
Կ’ըլլան գահեր ոսկեզանգ:

Եւ թող տրոփեն վեհօրէն լոկ քաջերուն ոտքի տակ
Հըրաբուխներն ըսքողուած, ձեր սըրտերն այդ ծըծմբաեռ.
Եւ վաղը թող շինուին ձեր մարմարներէն ըսպիտակ
Հերոսներու արձաններ: -


ԱՌԵՒԱՆԳԻՉԸ
Լերկակարկառ եւ ամայի լերան վրայ
Ինչպէս արծիւը` օձին,
Հանդիպեցայ ես անոր
Եւ, ճապռօրէն, ձեռքով ուսն իր պըրկեցի.
Գըլխուս վերեւ նախանձէն
Անգղը երեք հեղ թեւերն իր բաբախեց:
Մինչդեռ պատուին զօրացած
Բազուկիս տակ լիրբ թըշնամիս դեռ յոխորտ
Կը գալարուէր` ես բարկասաստ մըռնչեցի.
-»Գանկդ իբրեւ գուշ կը ջարդեմ.
Ետ. ետ դարձուր հափափած կոյսըդ աչեղ»:
-»Այտերն առած` ծընօտը քեզ կը բերեմ»:
Ընդվըզեցաւ: Ըզգացի
Որ ճակատէս վեր խուժեցին բարկութեան
Վառ երակներս ինչպէս հալած կայծակներ,
Եւ բարկասաստ մըռնչեցի.
-»Ամէն մէկ ոսկրըդ զատ զատ շան կը նետեմ.
Ետ, ետ դարձուր հափափած կոյսըդ աչեղ
Զոր սիրտս արբշիռ կը ցանկայ»:
-»Տուր, դաշոյնս իմ սիրտըդ իրեն կը տանի»:
Ընդվըզեցաւ: Մոլեցայ:
Եւ հակընդդէմ իբրեւ երկու կայծակներ
Մեր դաշոյններն ընդհարեցան բոցաթափ.
Մաքառեցանք. սուրբ է, սուրբ
Մաքառումն այն` ուրկէ ժայթքած արիւնն հիր
Արդարութեան ոտքերն աղուոր կը լըւայ:
Մեր կրունկներուն տակ թընդաց
Լեռն իր բոլոր ընդերքներուն խորերէն.
Մաքառեցանք. ձորէ ժայռ,
Ժայռերէ ձոր ելեւէջներ գործեցինք:
Մեր սըրտերուն խորը ամպրոպն էր նըստած
Եւ բռունցքներուն վըրայ` շանթ:
Դէմքն իր արեամբ ներկեցի`
Հեղելով դուրս կարմրութիւնն իր ցըռուկին`
Ուր, ով Սատան, գուցէ հարուածս ըսպաննեց
Համբոյր մ’երկար լըլկումներով ըստացուած:
Զայն մըղեցի, մըղեցի,
Ըսպասելով կեր ընել
Տարտարոսի մ’աւելի խոր: Գըլխուս վրայ,
Արեգակին շողերուն մէջ քօղարկուած
Հոգին կոյսի մ’անծանօթ
Ուժերուս ուժ կը բարդէր,
Երակներուս մէջ կը ծորէր, շիթ առ շիթ,
Քըրտինքս արեան վերածած:
Զայն մըղեցի, մըղեցի զայն: Ձեռքերէն`
Բուռն հարուածի մը տակ, իբրեւ ընդոստ իժ,
Վիհ մը դաշոյնն իր կըլլեց:
-»Այ, քեզ անէծք…»- մըրմըռաց.
Եւ մէկ զարկիս տակ կարշնեղ
Սահմըռտկելով ինչպէս կըրօնք մը խարդախ
Մութ անդունդի մ’արգանդին մէջ, ալ անդարձ,
Թաւալգըլոր, արիւնոտ, խոր, վիժեցաւ…
Հոն վարը. ես լըսեցի.
Զիս օրհնեցին. ես լըսեցի. վարը հոն:
Հայուհիներ հափափուած`
Որոնց համար գեղեցկութիւնը եղաւ
Մագնիսը պիղծ ոճիրին,
Քըրքում կոյսեր, վարդ կոյսեր`
Որոնք բըռնի տըռփանքներու ենթարկուած
Տեսան որ ծոցն իրենց փեթակը դարձաւ
Պիծակներու թունալից,
Շուշանազգեստ նոր հարսեր`
Որոնց ճերմակ քօղերն եղան պատանքներ
Կուսաժըպիտ երազներու. եւ կիներ,
Տժգոյն աստղեր ճահճի մէջ ցոլացած,
Կիներ գերուած, կիներ խեղճ,
Թագըստոցի, քարայրներու ներքեւէն,
Հաւտարմութեան հաւտարիմ,
Անձնասպանի երազներով` դալկահար,
Եւ, ով Սարսափ, պըղծըւած`
Մեր պապերուն նըշխարքներուն վրայ քինոտ,
Շըղթայուած էգ առիւծներ,
Խոժոռ, ահեղ, մռընչելով զիս օրհնեցին…

ՎԱՀԱԳՆ
Ով Աստուածն իմ հայրերուս,
Կը մօտենամ ահա բագնիդ, եւ ինձ հետ
Իր պախուրցէն քաշելով
Կը բերեմ ցուլ մ’հովիտներէն Տարօնի:
Տես, պարարտ է զոհս իմին.
Երբուծին մէջ կաթնաթոյր
Հողին ամբողջ կեանքը կայ.
Պարանոցն իր մըսուրն ինչ է չի գիտեր.
Ան սընած է արօտներուն մէջ ազատ,
Ու ակռաներն իր լըւացուած են միայն
Հացեաց Դրախտի աղբիւրին մէջ նուիրական:
Երբ կը հեւայ` իր հզօր շունչն առջեւէդ
Կը վանէ հողն ու աւազները գետնէն,
Եւ կու գայ սեւ ռունգերէն հոտը ամբողջ
Դաշտային թաց կանանչին:
Տես, զոհս իմին գեղեցիկ է եւ վըսեմ.
Գըլխուն վըրայ կոր եղջիւրները խարտեաշ
Փառքի պսակն իր կ’ըլլան.
Կը բորբոքին աչքերուն մէջ ամեհի
Հըզօրութեան սեւ խունկեր.
Եւ թաւամազ իր ագին
Իբրեւ լորտու կողերուն շուրջն յարասող
Գոռեխներէն, բոռերէն
Մարմինն անբիծ, մարմինը սուրբ կը պահէ:
Ով դու Վահագն, աստուածահայր զօրութեան,
Ով Տիգրանի սերմին մէջ
Դու մարդացածԱրեգակ,
Լըւայ հոգիս, ճառագայթով մը օծէ
Շըրթունքներս այս, զի աւասիկ կ’համբուրեմ
Բագինըդ սուրբ եւ առած մուրճը ահեղ`
Ըսպասարկու յաղթ բազուկով կը ջարդեմ
Ցուլիս ճակատն եւ իր արիւնն յորդավէժ
Կը նըւիրեմ ծունկերուդ:
…Արդէն ահա կը մըխայ
Նըւիրական խարոյկն առջեւդ ճարճատուն.
Կը շըրջի բոցն ոստերուն մէջ ձիթենւոյ,
Եւ գիերուն հալած խէժէն արբեցած
Կ’ոստնու ուղիղ, եւ կ’երգէ
Վերափոխումն իրերուն ջինջ հոգիին:
Առ. արիւնոտ ասոնք կողերն են զոհիս.
Ցըռուկն է այս, ասոնք ճարպոտ զիստերն են,
Ահա ըղեղն` որ ուղղեց բնազդն ու շընչեց
Եղջիւրներուն խեռութիւն,
Ահա ջերմ սիրտն` որ տակաւին կը սըրսփայ,
Եւ իր լեղին` զոր ազդրին վրայ կը դընեմ
Յոյսով մ’որ ան պիտ’ տոչորի ամբողջ. առ:
Եւ բոցն որ արդ նետած պըսակն իր ծուխի
Վըճիտօրէն կը բարձրանայ. կը տանի
Ցուլը ճենճեր առ ճենճեր
Վերն, ապարանքըդ երկնային խընկելու.
Ով դու Հըզօր, ընդունէ
Նըւերներս իմ` զոր մաքրափայլ սափորով
Կըրակին վրայ կը հեղում:
Ահա գինին. պինչերըդ բաց ու շընչէ
Քաղցրաբոյր հոտն, եւ հաշտուէ`
Աստուածային գինովութեամբ մը զըւարթ`
Այսօրուան քու ժող’վուրդիդ հետ կրօնափոխ:
Ահա հոման. - առջեւըդ զայն կը թափեմ
Մաքուր, անուշ եւ առատ,
Ինչպէս թափեց ծառն իր կուրծքէն վիրաւոր
Իմ եօթն անգամ լըւացուած
Թակոյկներուս մէջ շըքեղ,
Զայն ընդունէ, համարէ
Ինչպէս արիւնն երեխայի մը` անմեղ,
Ինչպէս քըրտինքն յըղիներու` թանկագին:
Ով վեհ, գոհ ես, տըւի քեզի ինչ որ կար
Խըրճիթիս մէջ եւ հոգիիս, քեզ տըւի
Թըշնամին ինչ որ մոռցած էր այսօրուան
Այրիացած Յաշտիշատիդ մէջ ամա:
Արդ մեր տոհմին իբրեւ վերջին Վահունի
Բագնիդ առջեւ ծունկի կու գամ երկիւղած
Կը համբուրեմ հողն ուր քու
Հոգիէդ մաս մ’արմատ կու տայ շոճերուն,
Եւ վերցուցած քեզի, քեզի կարկառուն
Սա սոթտըւած թեւերս` որոնց արմուկէն
Ցուլին արիւնը տակաւին կը կաթի,
Ով դու Վահագն, ով աստուածն իմ հայրերուս
Կ’աղօթեմ ես… կ’աղօթեմ…
Ուժին համար, կրօնքին համար բազուկիդ,
Որով դու օր մը պատռեցիր բերաններ
Վիշապներու, երկընքին մէջ սըփռեցիր
Զերդ արեւու հունտեր, աստղերն Յարդգողին.
Ուժին համար` որ թըռիչն է եւ հոգին
Արարչութեան անվախճան,
Որուն անհուն համբիւրին տակ կը ծընի
Աշխարհներէն մաս մը ծաղիկ, մաս մը բոց,
Կ’ապրի սկըզբունքն Անմահութեան հիւլին մէջ
Եւ ըղեղին եւ կամքին,
Որուն հըզօր մատին տակ
Կը ճեղքուին սերմերն, աւիշն երգելով
Կաղնիներուն մինչեւ գագաթը կ’ելլէ.
Ուժին համար` որ կը լեցնէ ստինքներ,
Կ’օրօրէ մեր օրրանն, ու մեզ, մահէն վերջ,
Մինչեւ աստղերը կը տանի, ու մինչեւ
Երկրորդ կեանքի մ’արարչագործ պատճառին,
Որ կը կանգնէ Ազգ մ’ինչպէս խումբ մ’առիւծի,
Բազուկդ անոր բազուկին մէջ կը հեղու,
Եւ զերդ հրեղէն վարազահաւ` իր լուսեղ
Թըռիչներուն ամփոփման տակ կը թըխսէ
Մեր մայրերուն ծոցին մէջ
Դիւցազուններ, հանճարներ,
Այդ սուրբ Ուժին համար կ’ըսեմ որուն դու
Իմացական աղբերակն ես յորդահոս,
Ով դու Վահագն, ահա քեզի կարկառած
Բազուկներս իմ արիւնոտ
Կ’աղօթեմ ես… կ’աղօթեմ…

ՊԱՊՍ
Ձըմերային հրապոյրով ծեր մ’է շըքեղ,
Մերկացուցած են տարիները մէջտեղ
Իր գանկին
Իր լուսափայլ մազերը շուրջ կը պատեն
Անոր պըսակ մ’որ կը հասնի ճակատէն
Ծոծրակին:
Ջինջ պըսակն այդ կարծես դափնի մ’է տըժգոյն
Սնած ամէնէն ճերմակ շողովն արեւուն.
Ան չունի
Բիծերն արեան կայսերական թագի վէս.
Մաքուր կեանքի մ’արտաբըխումն է, ինչպէս
Ձիւնն երկնի:
Ճակտին վըրայ խորշումներ ծալ ծալ կ’իջնեն.
Մինչեւ անոր թաւ թաւ յօնքերը գըլխէն
Կը շարուին
Շատ մ’աշխարհներ, շատ մ’աշխարհներ զանազան
Երկար կեանքի մը սիւքերուն, եւ որոտման,
Աշունին:
Կորաքամակ եւ հեւքոտ ան կը քալէ.
Ալ չի տեսներ երկինքն. երկինքը մէջն է
Հոգւոյն տաք
Ու երկիրս ալ աչքին ներքեւ ըղձական.
Նըպատակն է գըլխուն վըրայ, իսկ ճամբան
Ոտքին տակ:
Երբեմն իր հետ կը պըտըտինք սիրասոյզ,
Եղած ես իր խոնջած մարմնոյն, ինքն` հոգւոյս
Յենացուպ.
Ու ան վըրաս ձըմեռ, գարուն ես իր տակ,
Կը յառաջենք միշտ իրարու հակառակ,
Միշտ ալ հուպ:
Երբոր իրեն այսպէս կու տամ թիկունքն իմ,
Կը զգամ թէ վրաս արմատն ամբողջ կը տանիմ
Մեր ցեղին:
Կը զգամ եղած փըթթուն խեչակ մ’ուռենի`
Որ հազիւ հազ ալ կը վերցնէ հայրենի
Դրան կաղնին:
Ոհ, որքան ինձ քաղցր է ըլլալ միշտ իր քով,
Զինքը դիտել` երբ Խորհուրդին մէջ հոգւով
Կը սուզի,
Լըսել` երբ ուշ ատեն նըստած մեր բակին
Ջըրհորին քով` Աստուծոյ հետ առանձին
Կը խօսի:
Մըտածումներըս շատ անգամ կը մագլեն
Դէպի վեր իր տարիներուն աստղերէն,
Բայց չընչին
Թիթեռնիկս իմ չըհասած իր արեւուն`
Կ’ուժասպառի. թերթելէն գիրքն իր անհուն`
Կը խոնջիմ:
Մերթ կը պատմէ թէ մըղած է ինչ պայքար
Մարդուն դէմ նենգ, եւ այս հողին դէմ յամառ,
Եւ զերդ հին
Զինուոր մ’որ պարծ` կը թըւէ իր ըսպիներ`
Ան ցոյց կու տայ իր կընճիռներն ու մազեր
Ձիւնային:
Ես երկիւղած կը համբուրեմ մազերն այդ`
Որոնք այսօր իրենց ներքեւ անարատ
Կը սքողեն
Այլեւս առանց մըրրկի ովկիան մ’ամփոփուած,
Եւ շուշաններն են բարութեան` մընացած
Անցեալէն:
Եւ կը դըպչի ճակատս իմ իր ճակատին
Եւ անդամներս անգիտակից կը սարսըռին,
Զի ընդդէմ
Հանդըգնօրէն կ’հանեմ Խորշս իր անհունին,
Եւ տասնեւինս ութսունին հետ միասին
Կը չափեմ…

ԱՌԱՔԵԱԼԸ
Ա
Պիտի մեկնի: Ուսին մախաղ մը լեցուն
Իր հօր այգւոյն թըզերով.
Քեմուխտ գօտին կը պընդէ մէջքն առնական
Կրօնքի մը պէս ջերմեռանդ.
Տրեխներն հագած է եւ ձեռքին մէջ ունի
Ցուպը կըտրած թըմբենիէ մը աղուոր.
Հին մարգարէ մը ասանկ
Պիտի Սիոն ճամբորդէր:
Պիտի մեկնի: Չի գըթար
Նըշանածի մ’որ ցորենին դէզին վրայ
Ինկած կու լայ մանգաղը դեռ ձեռքին մէջ.
Ոչ ալ հիւանդ մայրը փաթթուած իր վըզին
Աղերսներով զինքը կըրնայ ողոքել:
Գաղափարն իր վըճռի թեւեր է հագած.
Եւ իր հաւատքն աչքերուն մէջ երկնագոյն,
Աստղի մը պէս հեռաւոր,
Անհունով լի եւ անհունի խոստումով,
Հանդարտածուփ կը ժըպտի:
Ու ան կ’երթայ…
Կ’անցնի լեռներն ամպածրար
Եւ հեռուէն մըշակներուն կը թըւի
Թափառող լոյս մ’անդունդներու զարթուցիչ.
Ոտքին տակ մեր հողը հին
Կը սարսըռայ, կը խորխոլի, կը կըլլէ
Կարծես թէ կէսն արեւուն,
Եւ վերածնիչ քիրտովն կը թըրջէ
Իր շըրթունքներն` ուր կակաչներ կը բացուին:
Ան կը նըստի` գիշերով`
Խարոյկին շուրջն հովիւներու հետ բարի
Ու անոնց պարզ հոգիներուն կը բանայ,
Իբրեւ ուրիշ խարոյկներ,
Հին փառքերն այդ մեր լեռներուն սըգաւոր.
Կը յուզէ այդ Երկընքի մօտ մարդերուն
Արծըւային բընազդումներն, ու խօսքն իր
Կըտուցն անոնց կը սըրէ:
Երբ կը մեկնի` գոռ գամփըռները հօտին
Դարվարին վրայ կը հալածեն զինքն ու սուրբ
Մաս մ’ըզգեստէն կը պատռեն:
Բ
Կալերուն մէջ, կամին վըրայ մերթ նըստած
Աշխատանքներ կը մեղմէ,
Եւ մերթ շուքին տակ որայի դէզերուն
Ան կը ժողվէ շուրջն իր տղաները ջըլեբաց,
Կիներ հեւքոտ, այրեր` որոնց կոպերուն
Յարդի փոշին կը մատնէ դառն աշխատանք,
Ու կը խօսի. «Ով Յոգնածներ, լըսեցէք,
Ազատութեան արեգակին տակ միայն
Քըրտինքը ձեր կը սերմանէ ադամանդ,
Եւ մանգաղին տակ հունձքը ձեր կը փոխուի
Ճաճանչներու. օն, լըսեցէք թէ ինչ բան
Ակօսաբեկ խոփերուն տակ ձեր` կ’ըսեն
Նըշխարներն յաղթ մեր պապերուն.
Ինչ Աստղի, ինչ Հաւատքի ձեզ կը կանչեն`
Որուն լուսեղ սեղանին վրայ վաղը դուք
Պիտի զոհող ըլլաք եւ զոհ նուիրական.
Եւ ձեր կամերը կայծքարով զինազարդ
Վաղը քըշէք պիտի դուք
Ոսկըրներու վրայ ոսոխ…
Ով Յոգնածներ, լըսեցէք այս, լըսեցէք»:
Կ’ըսէ, եւ զերդ խորհըրդանիշ ըմբոստման,
Ոսկեհատիկ գարիներու կոյտին վրայ
Տէրութենէն դըրուած կնիքները տուրքի
Գաւազանովն իր կ’աւրէ:
Գ
Յետոյ դարձեալ լեռներ, դարձեալ դարափներ…
Ինչ փոյթ թէ գազը ոզնիի փուշերով
Տրեխներն անոր կըցելու,
Կամ թէ ճամբուն վըրայ արեւն հեղձուցիչ
Սարերուն տակ կը չորցընէ աղբիւրներն.
Ան կը հասնի գիւղերն` եւ մուտքն իր կ’ըլլայ
Անուշաբեր, նըման սիւքի մ’որ կ’հեղու`
Բաց դըռներէն շինական`
Համեմն ու խունկը հեռաւոր թուփերուն:
Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ` ուր ամբոխն
Աղօթքէն վերջ կը ժողվի
Աստուծոյ մօտ խորհելու իր բախտին վրայ`
Կը տեսնըւի Ան, Առաքեալ եւ Վըհուկ,
Գլուխը փոշոտ, դէմքն արփակէզ, աչքերն հուր
Ճառագայթէ ցանց մը կարծես կը նետեն
Ամէնուն վրայ` եւ կը գրաւեն, կը գերեն:
Ան կը խօսի, եւ խօսքն իր
Կը բուրէ մերթ մեռոն եւ մերթ ալ արիւն.
-»Ով եղբայրներ, պատրաստ եղէք, զի ահա
Խըմեցին մեր դաշտերն ալ
Արեան յետին կաթիլն Հայկի Երինջին.
Անհունութեան մէջ մեռաւ
Յետին պոչիւնն աստղերն ի գութ շարժելով:
Պատրաստ եղէք, - իւրաքանչիւր վիհի մէջ
Այս իրիկուն պիտ’ կանգնի
Հայրենական ըստուեր մ’ու վրէժ պիտ’ գոչէ.
Այն ատեն թող ձեր սըրտերուն մէջ ըլլայ
Ցեղին կորովն եւ ցեղին թոյնն արթընցած,
Ձեր հիւղակները փոխուին
Մարտկոցներու, եւ մամերն ալ երգելով
Հենասանտրին առջեւ նըստած թող հիւսեն
Ձեզ կամ դրօշակ, կամ պատանք:
Պատրաստ եղէք Արշալոյսին` որ կու գայ
Ձեր կողին վէրքը լըւալ.
Պատրաստ Խաչին, Ձիթենիին, Դափնիին»:
Այսպէս կ’ըսէ, երբ կը զգայ
Կըրունկներուն լուսաբուխ
Ոստիկանի կամ լըրտեսի մը անարգ
Գելոցներուն սեղմումը ցուրտ…
Դ
Ոհ, ինչ փոյթ
Թէ իր սուրբի անբիծ մարմինը կ’երթայ
Դառըն համար տալու հոգւոյն գործերուն,
Թէ կը տանի թըշնամին
Վաստակաբեկ իր միսին վրայ յաղթանակ,
Ինչ փոյթ թէ բանտը խաւար
Ծարաւ լոյսի` լոյսն աչքերուն կը խըմէ,
Թէ կը թունէ տամկութիւնն
Իր ողնածուծն եւ խոռոչները թոքին,
Ան կը մընայ հաւատքին մէջ` աննըւաճ,
Վագրերուն պէս իր երկրին:
Իսկ եթէ օր մ’ալ ազատի, ու նորէն
Շընչեն ռունգերն հովն հայրենի սարերուն,
Պիտի առնէ` ապահով`
Դարձեալ իր ցուպն ու դարձեալ
Վըսեմ պաշտօնը լոյս եւ բոց սըփռելու.
Սակայն, աւաղ, կոշկոճ մարմինը պիտ’ ալ
Անհունութիւնն հոգւոյն կըրել չըկըրնայ
Եւ պիտ’ կոտրի խընձորենի մ’ինչպէս իր
Պըտուղներուն ճոխութեան տակ կորակոր…
Թափառելով, թափառելով ընդերկար
Փոշւոյն, տապին, անձրեւին մէջ երբ դեղնի
Դէմքն, ու յոգնին ոսկըրներն,
Երբ նօթութիւնն երակներն իր ցամքեցնէ,
Ջերմը թեքէ ծունկերն` հեղլով ըղեղին
Արհաւրալի խուճապներ,
Երբ կուրծքին տակ արթըննայ
Անգութ հիւծախտն ու ալ խեղդէ յոյսն յետին,
Յետին ծաղիկն երիտասարդ տարիքին,
Ան պիտ’ հասնի գուցէ, այո, պիտ’ հասնի
Մայրամուտքի մը ժամուն
Գըլուխը բաց, ոտքերը բոկ, արիւնլուայ,
Ըզգեստներով փոշելից
Հոն, ուրկէ օր մ’առողջ, տոկուն, մեկնած էր…
Բայց, ոհ, ոչ մէկն իրեններէն գըրկաբաց
Պիտի գայ զինքն ողջագուրել ճամբուն վրայ.
Հայրենական տան դուռը բաց պիտ’ գըտնէ,
Ջրհորին քովի ուռենի ծառը չորցած,
Բակն ամայի, օճախն ամբողջ աւերակ…
Ախ, այն ատեն, դողդոջուն,
Ցուպն իր առջեւը հողին մէջ պիտ’ խըրէ
Ու պիտ’ նըստի, դըրան քով,
Գերեզմանին վըրայ իր մօր (յարդարուած
Հոն ով գիտէ որու գըթոտ ձեռքերով)
Եւ դալկահար շողերուն մէջ իրիկուան,
Մեռելի դէմքն իր կախ ձըգած կուրծքն ի վար,
Պիտի հազայ, պիտի հազայ դառնօրէն,
Եւ բիբին մէջ արցունքի շիթ մը սառած
Պիտի հատնի…
Բայց հայրենի հողին մէջ
Խըրած ցուպն իր, Արշալոյսին, ըսկըսի
Պիտի առջեւն իր` ծաղիկներ արձակել:

ԴԻՒՑԱԶՆԻ ՄԸ ՍՈՒՐԻՆ
Երբ զէնքերով թաթաղուն գօտիէդ դուրս քաշես զայն`
Ամպին ծոցէն սըլացող կայծակին պէս կը փաղփի:
Երկաթն ի վար ցոլցոլուն կը վազէ լոյս մ’հրահոսան
Նայուածքներուդ տակ արփի:
Անոր մետաղը Վրէժին ճոխ հանքերէն են պեղեր:
Գեհենական յաղթ դարբին մ’է կըռեր զայն փողփողէջ,
Յետոյ հըսկայ հասակովն աստուածաբար ջըրդեղեր
Արդարութեան լոյսին մէջ:
Իր փըղոսկրէ դաստապանն է որքան պերճ ու փարթամ,
Շուրջն են հեռեր մարգրիտներ արցունքներու պէս պայծառ.
Զայն բուռդ հազիւ թէ սեղմէ` աչքերուդ մէջ կը կարդամ
Մահուան վըճիռն անաչառ:
Ոհ, իր սայրին նըրբաւարտ, աներեւոյթ իր սայրին`
րուն վըրայ ճաճանչն ալ նոյնիսկ թառիլ չի կըրնար.
Ադամանդ իսկ լուսակուռ, մըտածումն իսկ մարդկային
Ան խազերու ունի հնար:
Շեղբը յետոյ պաղպաջուն, իր շեղբը մերկ եւ արու,
Որուն կարծես կիսակոր կաղապարին ձեւին մէջ
Լոյս մ’է սառեր, աղօտ լոյս մ’արիւնահեղձ կեանքերու
Քերովբէի կըռուէդ վերջ:
Ես կը պաշտեմ Սուրդ արդար` մահիկին դէմ լուսնային,
Ժամերով ծունըր դընող սուրբ հընդիկի մը նըման.
Ազատ մարդուն պատասխանն, հովուացուպն է Եահուէին.
Ան ցուրտ լեզուն է Մահուան:
Փայլակնաթափ հարուածն իր` թագերուն վրայ ոճիրէ
Կ’երգէ հանգիստ զոհերուն, գերիներուն` աւետիս.
Հին արիւնով նոր օրէնք դարերուն վրայ կը գըրէ…
Ան հաւատքն է իմ սըրտիս:
Հերոս ընկեր, մօտեցիր իմ այդ հաւատքըս պողպատ
Ես քըրմօրէն վար կախեմ գօտիէդ այդ կարմրավերտ,
Սուրըդ կախեմ, դըրած իր պատեանին մէջ թաւշապատ
Համբոյրիս հետ իբր ողջերթ…
Դարձեալ քանդել ըսկըսան բարբարոսները դըժխեմ.
Կացիններուն տակ նորէն կ’արիւնին մեր մարմարներն.
Հերոս ընկեր, մօտեցիր, մօտեցիր Սուրըդ կախեմ…
Ան ըսպաննէ թող եղեռն:
Արշալոյսին կառքն արդէն կը սպասէ մեր դըրան քով.
Պէտք է մեկնիլ: Սակայն հոն խառնուրդին մէջ հարուածի
Չըմոռնաս որ Սուրիդ վրայ իմ ոսկեղէն հերիւնով
Ես «Կեանք կամ Մահ» գըրեցի:

ՄԱՏՆԻՉԸ
Բաւական է. գընտակ մ’առած կը մեռնի,
Դէմքը` գետնին, իբրեւ հողին սըրբութեան
Ներքեւ թաղել ջանար իր մեղքն հոլանի,
Իբրեւ ճընշէր մեծ Դատաւորն իր վըրան:
Զինքը չի լար ոչ ոք, ոչ ոք չի սըգար.
Աւելորդ է: Հըրէշ մ’էր ան անդունդի
Նետեց հոգին, հոգին նետեց դէպ խաւար,
Ինչպէս տըզրուկ մ’արիւն ծըծած կը պայթի:
Փոսին, փոսին. արեւը թող իր վըրան
Չը պըղծըւի. շողն անկեղծ է, անձնուէր է.
Իր համբոյրին մէջ թոյն չապրիր մատնութեան,
Հողին, սերմին մէջ կեանք, արիւն կը ծորէ:
Փոսին, փոսին. եւ թող ըլլայ փոսն այդ խոր,
Խոր` անդունդէն, խոր` դըժոխքի պարոյրէն.
Լոյսին տարափն հոն չըսուզի հեշտածոր,
Եւ ձայնն հովին, եւ կամ արցունք մ’աստղերէն:
Փոսին, փոսին. մեծ է վարձքն, ով մարդիկներ.
Վերցուցէք օձն` որ կը թունէր թագնըւած,
Հեռացուցէք լիզողն օտար կօշիկներ,
Կամ մեր այն շունն` որ մեր քղանցքէն էր խածած:
Ոհ, ան շատեր լացուց, լացուց ուղխօրէն,
Իր բացած լայն վէրքերը դեռ կը ցաւին
Հիւղակներու եւ բանտերու խորերէն…
Իր սիրոյ ափն ելունդ թողուց ափին:
Մեր արցունքով արիւնով հացն է խմորած,
Եւ մեր ոսկրէն ոսկըր ջիղէն ջիղ էր ան.
Սընուած մ’էր լոկ մեր հիւծանքէն գոյացած.
Մեր կառափտեղն էր խընջոյքի իր սեղանն:
Եղբայր մը զինք ընդգըրկեցինք. Կայէնն էր:
Մեր պորտն իրար կը զօդէր մօր մէկ աղիք.
Կը հանգչէին նոյն խաչին վրայ մեր շըրթներ.
Մատնեցին մեզ այդ շըրթունքներն աւասիկ:
Ազատութեան գըլխարկին տեղ փռիւգական`
Զոր ընդվըզումն արիւն թելով է հիւսեր,
Ան Սուլթանին մահիկն ընտրեց լանջքին վրան.
Մըզկիթ գընաց, Նեմեսիսն ‘րաւ փէյղամպեր:
Առաջնորդեց հոտառու շան մը նըման
Թըշնամին մեր հիւղերուն մէջ, ռումբի բով.
Յետոյ պառկած մեր բանտերուն շեմին վրան`
Հըրճուանքի երգն ոռնաց կարմիր ցըռուկով:
Խածաւ պատռեց ըստինքն այրի իր մօրկան.
Ուրկէ ծըծած էր ումպ առ ումպ իր օրեր.
Եւ կոտրեց զինք մեծցընող այն օրօրանն`
Ուր մեր եւ իր Վաղը տըժգոյն կը նիրհէր:
Դիակ մ’է արդ, խորխ` զոր թողուց օձ հոգին.
Սիրտը ժահրի թակոյկ մ’է ալ խորտակուած,
Ափին մէջ պինդ` զոր կը սեղմէ տակաւին
Արծաթը թեփ եւ ոսկին հող է դարձած:
Ոչինչն է ան. Ժողված գանկին թասին մէջ
Հիւլէներն իր մըսին, տառերն իր անուան`
Թողէք իջնէ մոռացման վիհը անվերջ,
Թող մեր անէծքն իրեն ըլլայ լոկ դամբան:
Չըլաս, ով կին, դու, որ պիտի չըտաս ալ
Արգանդ հրէշի մ’որուն սերմն է իժի թոյն.
Չըլաս, ով կոյս, չըլաս հոգին այդ մըռայլ.
Հայրը հայր չէ` երբ դահիճ է շատերուն:
Մոռցիր սէրն իր, ըսպաննէ այդ արեան սէրն.
Հոգիիդ մէջ ճըզմէ հունտերն իր համայն.
Իր վիզն անցուր երկար մազիդ խոպոպներն
Եւ սուրբ վրէժով, ով կոյս, խեղդէ, խեղդէ զայն:

ԴԵՐԵՆԻԿԸ
Դուռը կը բացուի. Դերենիկն, ահով,
Իբրեւ թէ այծեամ մ’ըլլար նետահար,
Մօրը թեւերուն մէջ կ’իյնայ լալով.
-»Ինչ ունիս տըղաս… ըսէ շուտ… մի լար.
Օձը քեզ խածաւ, թէ աքացեց ձին»:
-»Գըլուխըս պատռեց դըրացի Ալին…»:
Եւ ան ցոյց կու տայ սեւ գանգուրներուն
Ներքեւ վէրք մ’ուրկէ բըխելով արիւնն
Հայ գըլխիկն այդ` թուրք ոխով կը թըրջէ:
Քաջ մօրն հոգւոյն մէջ վիհեր կը բացուին
Լեցուած ամօթով. գըգուել կըրթիչ է
Սըրտի վրայ` յաղթուած ճակատն երկչոտին:
Պահ մ’իր գութին խուլ` կը մըղէ ի բաց
Կուրծքէն գըլուխն այդ իր փոքրիկ վատին.
Եւ կը գոռայ. «Դուրս… մինչեւ որ յաղթած`
Արիւններդ անոր արեամբ չըմաքրին`
Այսօր տուն չես գար: Մատնիչ խնամքներուս,
Միթէ վարսակի հացով սընար… Դուրս»:
Տըղան ամօթէն շիկնած` կ’առարկէ.
-»Բայց, մայրիկ, Ալին թուրքի զաւակ է.
Աչքին մէջ հեռ կայ եւ մէջքը փալա»:
-»Իսկ դու ալ հայ ես, եւ մէջքըդ ըլլայ
Թող իմ մըկրատս, իլս, ինչ որ կ’ուզես… Դուրս»:
Դերենիկն այպէն գետին նայելով
Կը մեկնի անձայն… Հոն ծառի մը քով
Զինքը կը տեսնեմ լոյսով լուսնակի.
Մեծ քար մը ձեռքին, ջլաձիգ, դալկահար,
(Մինչ արիւնն այտէն վար կը կայլակի)
Թըշնամւոյն շեմին կը սպասէ, երկար…

ՎԻՐԱՒՈՐԸ
(Հայ-թաթարական կռիւներուն առթիւ գրուած)
Այստեղ ինկաւ. ազատութեան ճամբուն վրայ,
Խոցը կուրծքին, զէնքն ափին
Այստեղ ինկաւ, երբ յոգնած
Վերջին կաթիլն իր քըրտինքին ըսպառեց
Իր վերջին սեւ գընտակին հետ: Վէրքն է խոր.
Հրաբորբ արիւնը` ուրախ
Գըտած ազատ իր անցքէն
Դուրս կը վազէ: Կարմրած ծոցին մէջ մազոտ
Մեզի համար նոր Արշալոյս մը կ’եփի:
Դեռ չէ մեռած. եւ եթէ վարն` ալքին տակ`
Իպլիսի թուխ բազուկն իրեն կը մըղէ
Մոռացօնքի լայն գերեզման մ’հուպ ընդհուպ,
Իր սուրբ անուանը համար
Մեր սըրտերուն մէջ կը հիւսուին շանթերով
Անմահութեան օրոցքներ նոր եւ կարմիր:
Դեռ չէ մեռած. վերջին անգամ վեր կ’առնէ
Թըխահեր գլուխը բանուորի, հերոսի,
Որուն մէջ բոյնը դըրաւ
Կովկասի վրայ աստղերէն յար լոյս խըմող
Ազատութեան արծիւը վեհ ու կարշնեղ,
Եւ կը նայի, շուրջը կ’նայի թէ արդեօք
Իր արիւնէն նունուֆարներ պիտ’ ելլեն,
Կամ պիտի օր մը ծըլին
Հեստ բաղեղներ ցախերը սեւ ընդուլնող:
Կը դիտէ դրօշն եւ ծուխն հրագոռ վառօդին`
Որ կը մըխայ գանկերէ դուրս` շընչելով
Իր ռունգին կեանք եւ գըրգիռ:
Կը նայի վերն աշտարակին վրայ թառած
Նօթի անգղի մ’աչք աչքի
Եւ կը խորհի գուցէ տարուած իր սըրտին
Կամ աղիքին մասերը դէպի ամպեր,
Դէպի աստղերն ու Աստուած:
Կը պըշնու վարն հորիզոնին` գըտնելով
Ռազմի դաշտին երկինքը շատ մօտ իջած.
Յետոյ կ’յառին աչքերն հըսկայ նոճերուն`
Որոնց թագուն արմատներէն դէպի վար`
Որոնք իսլամ իշխաններու բըռնաւոր
Գերեզմաններ կ’ակօսեն
- Ով պատուհաս հոգեվարքի - կը հոսէ
Սեւ անէծք մ’իր արեանը հետ ֆըշշացող:
‘Ւ անդին, անդին կզակ կըզակի, յոյս յոյսի
Բախուող ռազմին, սակըրներուն, բռունցքներուն
Եւ բոցափթիթ ռումբերուն մէջ, ով սարսուռ,
Կանանչ ոստի մը արդեօք,
Աստղի մը նոր` որուն շողն հերձ պիտ’ լայնէ
Ծիրն աշխարհիս եւ մարդուն,
Բառի մ’հրաթեւ, Մեսիայի մ’ըսպասուած,
Ոհ, ով գիտէ. ան վերջին ցուրտ դողումով
Հանդարտօրէն, անհունօրէն կը ժըպտի:
Ժըպտէ, ժըպտէ. ով եղբայր,
Մեծ` ինչպէս մեծ է խաւարումն արեւու,
Սուրբ` Նըշխարին նըման բեկուող. դեհ, ժըպտէ:
Ժամն է որ քաջ հայ մարտիկներն ալ ժըպտին.
Զի մենք իրենց եւ քու վրէժիդ ի խընդիր,
Մենք, ռամիկ Ուժ գիտակից,
Թարմ բողբոջներ շըղթաներու, գերիներ
Ապըստամբած` որոնց ճակտին տակ այսօր
Իբրեւ բոց պորտն Ապագային` զետեղեց
Աստուած իր աստղը փըրկիչ,
Մենք, բաց կուրծքեր, մազոտ կուրծքեր, սոթտըւած
Բազուկներ, մենք, սուրբ Գործին
Ընտըրուածներ, պաշտուածներ
Գաղափարէն նոր եւ լայն.
Մենք, Ժողովուրդ. պըղընձակերտ աստուածներ
Րաֆֆիներու, … մենք զինուած
Հրացաններով, բահերով,
Եւ մուրճերով, հաւատքով,
Դիիդ առջեւ, կուռ մոլուցքով մը սեւցած,
Աւասիկ վեհ, ոտքի, ոտքի կեցեր ենք:
Եւ կ’երդնունք քեզ, կ’երդնունք քեզ,
Որ երբ դագաղդ ուղղուի դէպ ի գերեզման`
Պիտ’ սալարկեն անցած ճամբան իր ամբողջ
Սուրերը մեր ծանրակիր
Թըշնամիին արիւնշաղախ գանկերով.
Թափօրիդ ջահ պիտի ըլլան, դէմ դիմաց,
Հրդեհն անոնց տուներուն`
Որոնք իսլամ ժանիքը մեզ ուղղեցին:
Եւ կ’երդնունք քեզ, ընկեր, կ’երդնունք որ այսօր
Մինչ հազար` վաղն աստղերու չափ պիտ’ ըլլանք.
Վաղը, այո. երբ մենք` իբրեւ կարմիր փունջ`
Շիրմիդ ոտքին մէկ ցիցի վրայ նիզակենք
Գլուխը Ցարին կամ Սուլթանին. Բըռնութիւնն.
Մեր որդիներն յաղթ, զըւարթ,
Պիտի սնարիդ դընեն վարդէ պսակը ծանր
Ազատութեան: Կ’երդնունք, ընկեր, կ’երդնունք քեզ:

ԱՐԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
Բըռնակալն էր նըստած գահին վրայ բոսոր`
Շիրմաքար մ’իր պատուանդան, ամպ մ’հովանեակ…
Հարճերուն հետ ան իշխելու էր սովոր
Ժողովուրդի մ’որ կը ծնանէր նահատակ:
Շուրջն իր յաւէտ կը բարձրանար ծով մ’արեան`
Զոր կը խըմէր: «Հպատակներուս սըրտին մէջ
Ամենահին գինին կ’եռայ»: Կ’ըսէր ան.
Եւ կը սըրբէր ծիրանիով կլափը գէջ:
Կը բարձրանար միշտ արիւնն: Ան կը զբօսնուր
Հերձելով տաք հեղուկն ոտքով զերդ քեղի:
Հոն խեղդուելու ամէն կասկած էր իզուր.
Թագն արքայի մ’համար դըդում չէ լիւղի:
Բայց զոհերուն արիւնն հըզօր, ժըրաջան,
Գահին հիմերն կը փըտեցնէր լըռակեաց.
Եւ օր մ’ալ զայն տապալելով` կըլլեց ան
Բըռնակալն իր ծիրանւոյն մէջ քընացած:

ՅԱՂԹՈՂԸ
Ահագնադռինչ բացուեցան պըղնձէ դըռները Քաղքին.
Պատերազմի տաք փոշին դէպ ներս խուժեց մրըրկագին`
Որուն միջեւ իր ձիուն վըրայ Յաղթողն երեւցաւ,
Ու յառաջեց փառապանծ: Գերիներու շարք մ’անբաւ,
Ասորիներ եւ մարեր, պարսկուհիներ թխագանգուր,
Վիզ վըզի հետ շըղթայուած օղակներով ոսկեկուռ`
Ետեւէն լռիկ գային ծախուելու վաղն աճուրդի:
Ահա սայլերն աւարին` լի հակերով արծաթի,
Ահա թագերն անոնց մէջ եւ գահերու բեկորներ,
Գերի բերուած աստուածներ, նախնիներու ոսկորներ:
Եւ Յաղթողն ինք - առջեւէն - միշտ ըսպիտակ ձիուն վրայ
Անոնց կ’իշխէ, կը բերէ զանոնք Քաղքին իբր ընծայ:
Արդէն կըռուի դաշտին մէջ զօրքերը զինք պսակեցին.
Երկու թարմ ոստ դափնիի շուրջը գըլխուն դեռ կ’աճին.
Սուրն իր կուշտէն կը կաթէ արիւն ծորան առ ծորան.
Ճօշանին վրայ կը փայլի խոժոռադէմ Գորգոնան,
Եւ իր հասակն հերոսի կը ցըցուի այնքան հըսկայ`
Որ արեւն իբր ադամանդ սաղաւարտին կը շողայ:
Քաղքին մէջ սով կար երէկ, այսօր խրախճանքն է համակ
Փողերն ահա կը հընչեն աշտարակէ աշտարակ,
Ձիւն տատրակներ օդին մէջ կը դառնան հիռ եւ հոլով`
Գիրգ փետուրներ լանջքերէն կոյսերուն վրայ թափելով:
Յաղթողին դէմ կը խուժէ ամբոխին ահա զերդ ալիք.
Կը թողու հիւսն իր սըղոց, ջաղացպանն իր աղօրիք.
Ջահրակ դարձնող պառաւները կը վազեն դողդոջուն`
Դեռ մազերնէն չըմաքրած բուրդի ծուէնները կառչուն.
Կու գան կոյսեր վարդերով եւ Աստղիկէն կը ցանկան
Յաղթողին քով կըռուող գէթ զինուոր մ’իրենց սիրական.
Քուրմերն ահա կը վառեն արձանին դէմ Վահագնի
Նըւիրական խարոյկներ ու կը զոհեն կենդանի.
Կը խոշոշեն հովիւներն անոր անցած ճամբուն քով
Քառսուն ոչխար դեռ յըղի քառսուն ջուխտակ գառներով.
Տըղաք արմաւ են բըռներ եւ աղջիկները հիրիկ`
Որոնք դեռ փոքր` արեան տօնն այդ կը կարծեն հարսանիք.
Քօղերն իրենց կը փըռեն հարսերն անոր անցքին վրան.
Կիներ բերած սափորներ` գինիի մէջ կը լըւան
Ձիուն տըղմուտ սըմբակներն ու լայն երբուծն հըրատապ:
Ան, լուռ, կ’անցնի բիւրաւոր կամարներէն ծաղկակապ`
Ուրկէ վըրան կը թափէ թերթերն հրագոյն վարդենին.
Ամբոխին վրայ կը նայի ինչպէս արեւն ովկիանին.
Նայուածքն իրեն կը քաշէ ալիքներն այդ թըխաթոյր`
Որոնք այսօր կը խայտան, կը մռընչեն վաղը կոյր,
Ւ’ արփւոյն բիծերը լըւալ չըկըրնալէն` վրիժասուն`
Դէպի անոր կը թըքնեն սարսափն ամբողջ վիհերուն:
Ու ամբոխն յար կը յորդի, կ’յորդի ամբոխն արբեցած.
Դոյլին մէջ ալ կաթ ունի, տաշտին մէջ ալ ունի հաց.
Եւ կը հենու ծիրանի, կը հիւսէ թագ-մարգարիտ.
Կը գոչէ. «Փառք քեզ, Յաղթող, համբոյր կարմիր քու սուրիդ.
Դու` որ զինուոր մեկնեցար, վերադարձար դիւցազ յաղթ,
Սէգ Քաղաքս այս պաշարող թըշնամւոյն դէմ եղար լախտ,
Դու` որուն ճօշն արեւն է, եւ կայծակն է` իր գեղարդ`
Զոր Հեփեստոսն է դարբներ սալին վրայ ուռնայարդ,
Դու` որ բեղուն ըրիր մեր դաշտերն արեամբ, բերիր մեզ
Թագուհիներ` աղախին, եւ իշխաններ` ծառայ հեզ,
Փառք քեզի, ով Յաղթական, համբոյր կարմիր քու սուրիդ,
Յառաջ անցիր, մենք ըզքեզ կ’ուզենք արքայ լուսամիտ:
Ուր որ նիզակդ հասնի` հոն իրաւունքիդ ըլլայ գիծ.
Մեզ դատաւոր դու միայն, լոկ քեզ Թեմիս գահակից.
Պիտի միշտ մեր դաշտերուն մէջ սերմանենք յոգնաշխատ
Ճակտիդ համար բրաբիոն, եւ բանակիդ հացն առատ:
Յառաջ անցիր, ով Փըրկիչ, ձիդ հըրապարակը վարէ.
Քեզ ոսկի գահ ենք կանգներ պալատին մէջ մարմարէ.
Քառսուն կոյսեր նուիրուած Անահիտի մեհեանին`
Գիշեր ցորեկ կը հիւսեն գոհարով քու ծիրանին.
Քու գաւազանդ ենք կըտրեր անտառներէն սուրբ Սօսեաց`
Որոնց միջեւ սարդը պիղծ ոստայնն երբեք չէ կապած.
Եւ թագըդ քու մարգարտէ` սաղաւարտիդ պէս հըսկայ`
Ինքն Արամազդ երկընքէն պիտի դընէ գըլխուդ վրայ:
Փառք քեզի, ով Յաղթական, համբոյր սուրիդ այդ կարմիր,
Արքայ կ’ուզենք մենք ըզքեզ, գահըդ դէպի բարձրացիր»:
Յաղթողը լուռ ունկընդրեց` աչքերն յառած հորիզոն,
Յետոյ իջաւ նըժոյգէն, դըրաւ թամբին վըրայ հոն
Դափընէպսակն հանելով իր ծեր ճակտէն դիւցազնի,
Տըւաւ ճոխ սանձը խարտեաշ տըղու մը ձեռքն արքենի`
Որ կեցած էր հոն ձիուն բաշերուն տակ աղեբեկ.
Եւ ըսաւ խօլ ամբոխին. «Իմ գիւղըս զիս ղըրկեցէք»:

ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՏԻԿԻՆԸ
(Օսմանեան Սահմանադրութեան առթիւ)
Պողպատ սալէն` որուն վըրայ դարբնեցին
Ազատութիւնն երիտասարդ բազուկներ`
Յանկարծ վարսամ մ’ելաւ ու վեր խոյացաւ:
Բոց մազերէն անձրեւելով կըրակներ
Սաւառնեցաւ հորիզոնէ հորիզոն.
Մերթ իջնելով տըւաւ համբոյր մայրենի
Ըստրուկներուն բերաններուն եւ ճակտին.
Մըրըրկումին մէջ կայծաբորբ էութեան
Կարծես երկինքն երկրիս վըրայ թօթափեց.
Եւ ձիւնի նման, օշարակի հանգունակ
Լոյս մը ծորեց ամբոխներուն աչքերէն
Մինչեւ սըրտին խորն անոնց:
Այն ատեն շռինդ մը շըղթայի շառաչեց`
Որ վար կ’իյնար առյաւէտ
Հոգիներուն եւ վիզերուն վըրայէ,
Եւ Թուրքիոյ լայնապեղ կուրծքն անսահման
Ուրախութեան ժայթքեց անանկ աղաղակ
Մ’որ շիրիմներ հըսկող բուերն իսկ դիւթուած
Պահ մ’ըսկըսան տատրակներու պէս մընչել:
Ով Բըռնաւոր, նըստած ոսկրէ գահոյքի,
Փակէ աչքերդ, աչքերդ փակէ ափիդ մէջ.
Ամբոխն է` որ կ’արթըննայ
Դրանն առջեւ պալատիդ:
Ով Բըռնապետ, սուիններուն ծայրն է այսօր`
Որ փըռիւգեան գըլխարկը վեր կը ցըցուի…
Ազատութեան տօնն ահա.
Ժողովուրդներ կանանչին վրայ Վոսփորին
Եղբայրութեան խըրախճանքին են նըստեր.
Երկընքէն վար Տօթաբերի արեգակն
Յար կը լեցնէ բաժակներուն մէջ անոնց
Արիւն մը հին հերոսներու մորթըւած:
Այն ժամանակ Կին մը կապոյտ աչքերով`
Որ դարերով նըստած էր
Աւերակի մը սիւնին վրայ թաւալած,
Որ կ’անիծէր, կամ կ’աղօթէր, կամ կու լար.
Քուրձ կը հագուէր, մոխիր կ’ուտէր,
Եւ մայրօրէն ծիծերն ափին մէջ բըռնած`
Անմահութիւնն իր անոնց մէջ կ’օրօրէր,
Յանկարծ լըսեց հըրաւէրն
Ամբոխներուն ծովածուփ.
-»Տիկին, Տիկին, եկուր կարմիր խընջոյքին.
Աքասիաները Վոսփորի ափերուն
Ամէն գարուն ուսերուդ վրայ կոշկոճուած
Պիտ’ անձրեւեն ծաղիկներն իրենց քաղցրաբոյր.
Պիտի գայ ծովն համբուրել
Մինչեւ ծունկերդ ըսպիտակ,
Եւ վիհերէն քեզ գոհարներ պիտ’ բերէ.
Սիրենաներ` քեզի նաժիշտ պիտ’ բերէ.
Տիկին, Տիկին, եկուր ճերմակ խընջոյքին:
Քեզի քացախ, քեզի լեղի խըմցուցինք.
Ներէ մեզի. ոտքիդ առջեւ կը փըշրենք
Նիզակն ահա եւ փուշպըսակը գըլխուդ.
Ներէ մեզի եւ եկուր,
Եկուր կարմիր խընջոյքին»:
Նոյն ատեն աստղ մ’ահաւոր
Փեռեկելով ժողովուրդներն ապշահար`
Եկաւ եւ հինգ անգամ դարձաւ գըլխուն շուրջ
Աւերներու Տիկինին,
Եւ փըշըրուած, յանկարծակի, ուղխօրէն,
Մազերն ի վար հոսեցաւ
Հալած մեղրի հանգունակ:
Եւ կինն հիասթափ հաւատաց
Ազատութեան եւ անսահման խինդերու:
-»Ով իմ հնազանդ աղախիններս, ըսաւ ան.
Աղախիններըս թըխացած թեւերով,
Դուք որ երկար դարերու մէջ հըսկեցիք
Ոտքիս առջեւ. ձեր մազերով սըրբեցիք
Կուրծքիս արիւնն յարաբուխ,
Եւ ձեր շըրթունք ըրիք ըսպունգ քնքշական
Սըրտիս վէրքին, օն, մեհեւանդ բերէք ինձ,
Աւերներուն մէջ արցունքէս բողբոջած
Մեծ ծաղիկները բերէք:
Կ’ուզեմ այսօր դըշխոյի պէս զարդարուիլ.
Կ’ուզեմ որ միսըս թարմօրէն սըրսըփայ
Ինչպէս ծաղկած դեղձիի ծառը մատղաշ
Անձրեւէն վերջ մայիսի:
Կը լսեմ բոլոր հովիտներէն որ կ’ելլէ
Որդիներուս ծիծաղն, եւ ալ չեմ կըրնար
Սեւեր հագնիլ եւ ողբալ սեւ արցունքներ:
Թող բերուին ինձ պատմուճաններս հինօրեայ.
Սա ծանըր ծանըր վարդերով պսակը, օն,
Դըրէք շուրջը վեհ գըլուխիս, դըրէք վարդ
Գօտիիս մէջ, մէջքիս վրայ.
Եւ գինդերս իմ, ապրանջաններս ու մատնիս
Զետեղեցէք… այսպէս, ահա … ալ երթանք
Դէպի Վոսփոր, կարմիր ճերմակ խընջոյքին»:
Ժողովուրդները հոն էին, քով քովի,
Մէկ արեւու տակ նըստած:
Աւերներու Տիկինը երբ երեւցաւ`
Բոլոր դափնի եւ ձիթենի նետեցին.
-Դըշխոյ, դըշխոյ, կոչեցին,
Իր կողերուն լայնութեան վրայ հիանալով`
Անոնց մէջ օր մ’օրօրուած
Հերոսներուն անուան ըրին գովասանք:
Ան նըստեցաւ ամէնուն հետ միատեղ,
Ամէնուն մէջ. եւ կերաւ` մերթ ծիծաղկոտ`
Եղբայրութեան աղը ձիւնի պէս ճերմակ,
Եւ ան խըմեց, խըմեց գինին հընձանուած
Ափերուն մօտ Իռիսի,
Եւ ան խըմեց, խըմեց գինին կարմրաբորբ:
Ով խօլութիւն կնոջական,
Ով այնքան սուրբ վրէժներու,
Եւ ահաւոր վիշտերու
Լըռիկ, մընջիկ տապալում:
Ըսէ Այրի, ըսէ Դըշխոյ, ըսէ Մայր,
Պիտի հրաբուխդ այսպէս լեռն իր պայթեցնէր:
Ու ան խըմեց, խըմեց գինին կարմրաբորբ…
Ձեռքին մէջ բիւր բաժակներ
Ջախջախուեցան, եւ մարմարէ ուսերէն,
Արմունկներէն արփիացոլ հոսեցաւ
Զըւարթ հեղուկն յակինթներու պէս հալած.
Թողուց որ գլուխը շոյէ
Լըրջադէմ Թուրքն եւ կամ Չէրքէզն հաստայօն.
Եւ Հըրէային եւ Յոյնին
Ճակատներուն վրայ թօթուեց
Սեւ անտառներն իր խընկաբոյր մազերուն.
Քըղանցքը վեր հանգըրճած`
Կանանչին վրայ նըրբակօշիկ ոտքերով
Կաքաւեց ան, պարեց դափ, դափ, դափ զարկաւ.
Խուլ գործիքին ձայնն աղուոր,
Քօղէքներուն շառաչներն
Ու դոփդոփիւնը խոլայած մատերուն
Ժողովուրդին վրայ նուագներ թափեցին
Եւ ներդաշնակ կարծես անձրեւ մ’անծանօթ,
Ու երբ քօղն իր վեր նետեց
Եւ ըսպիտակ ալիքներուն մէջ անոր
Ճախրեց, դարձաւ, դարձաւ, դարձաւ հապըշտապ`
Կարծես թէ ան բուստ մըն էր
Ամբոխներուն ովկիանին մէջ յարածուփ
Եւ կամ Աստղիկն արբեցած
Տիոնիսեան խորհըրդական տօներուն:
-Կեցցէ ըսին այն ժամանակ հոն բազմած
Մարդերն ամէն ցեղերու,
Կեցցէ Այրին գեղագանգուր` որ ահա
Մէկ օրուան մէջ կը ձըգէ քօղը սուգի
Եւ լաչակն իր մոխրահոտ.
Թող Վոսփորն իր վիհերէն
Ամուսնական բերէ մատնի մ’ադամանդ,
Այս իրիկուան մէջ զուգելու համար զայն
Մեծ Ազգին հետ օսմանեան:
Կեցցէ Մայրն այն սեւազգեստ`
Որ գիշերուան մէջ հերոսներ կը թաղէ,
Առաւօտուն կ’ըլլայ հարս,
Հարս կ’ըլլայ, հարսը բոլորիս, հարսն արբշիռ,
Որ ծովուն քով եւ խրախճանքի սեղանին
Վարդ կը նետէ ամէնուն,
Եւ աւասիկ կ’համբուրէ
Իր գինիոտ բերանով
Մարդերն ամէն ցեղերու:
Կեցցէ. - Ըսին այն ժամանակ, բայց հեռուն
Այս խրախճանքի ժըխորումէն արթընցած
Գայլ Վահաններն, Դաւիթ բեկերն ընձառիւծ,
Հերոսներն հին` գաղափարին հինօրեայ,
Գինովութիւնը տեսան
Օտարներու առջեւ պարող իրենց մօր.
Եւ սարսափած, մոլեգնադող, պատռեցին
Իրենց վրէժի պատանքներն
Ու շարժելով շիրմաքարերն իրենց յաղթ,
Սըրտմըտանքէ, առջի անգամն ըլլալով
Արտասուեցին ու մութին մէջ կանչեցին
Դէպ իրենց Մօր. - «Օլիաբա, Սալոմէ…»: