ՀԱՐՃԸ

Փառք սարբինային, Ներոն կ՚արբենայ:

ՀԱՐՃԸ
…զի յոյժ գեղեցիկ էր, եւ երգէր ձեռամբ:
ՄՈՎՍ. ԽՈՐԵՆԱՑԻ, ԳԻՐՔ Բ

Ա
Գարնանամուտ երեկոյ մ՚իր պալատին մէջ մարմար,
Բակուր, Սիւնեաց Նահապետ, շքեղ հանդէս մը կու տար,
Երբ Ուղեւոր մը յանկարծ մըրըրկարշաւ կը հասնի
Լուսընկափայլ ճամբայէն՝ մեծ դըրան քով արքենի:
Ձին կը հեւայ, ու բերնին փըրփուրն՝ հողմէն միշտ խլուած՝
Կը թըրջէ թամբն համօրէն, ասպանդակներն ոսկեմած:
Հեռուներէն ան կու գայ, զայս կը մատնէ թէ փոշին,
Որ դիզուեր է խաւերուն մէջ թիկնոցին թաւիշին,
Թէ նըժոյգին վըրընջիւնն աստեղացունց մաքրութեամբ՝
Որ կը խընդրէ ախոռին գոլուտ հանգիստը անթամբ:
Բակուր այդ հիւրն իր անձէն եւ անունէն կը ճանչնայ.
Բագրատունին Տըրդատն է, հըզօր իշխան, ու փեսայ
Տիրան հայոց արքային, որ կը փախչի Մարաստան.
Կը փախչի ան՝ զի կինն իր, Տիրանի դուստրն աննըման,
Գանակոծեր էր խըստիւ, պալատէն դուրս արտաքսեր,
Խուզելով, իբր անարգանք, անոր խարտեաշ գանգուրներ:
–«Տրդատ, – կ՚ըսէ Նահապետն, – այս գիշեր քուկդ է իմ տուն.
Մարաց աշխարհն հեռու է, եւ դու անշուշտ պարտասուն.
Մըտիր սըրահը տօնին, թող իրարու դէմ փըշրին
Մեր բաժակներն, ու մեր սէրը մըկըրտէ թող գինին»:
Եւ կոչունքի կը բազմի Բագրատունին վտարանդի
Աջ կողմը ճիշտ Բակուրին՝ որ իր կարգին կը նըստի
Գահի մը վրայ՝ որուն լայն թիկնատեղն է քանդակուած
Բագոսը՝ եզ մ՚որթերով պըսակելու ըզբաղած:
Սեղանին շուրջը արդէն Մեծամեծներն հայկազուն
Դէմ յանդիման բազմեր են, բայց ոչ իրենց մեծանուն
Աստիճանին համեմատ, այլ սուրերու մեծութեան:
Հոն են ճորտերը Սիւնեաց գաւառներուն երկտասան,
Լերան ազատ զաւակներ, միշտ զրահի մէջ կուրծքերնին՝
Որոնք հըզօր կումբի պէս ջահերուն տակ կը փայլին:
Հոն կան նաեւ բըդեշխներ, ազատանին քաջարի՝
Որ կը պատմեն թէ ինչպէս կ՚որսան վարազը վայրի:
Ազնըւատոհմ սեպուհներ ոսկեճարմանդ խլաներով
Գինւոյ բաժակ ի ձեռին կը ծիծաղին կէս գինով:
Պալատին մէջ ծով մը կայ ծիծաղներու եւ լոյսի՝
Որ գաղջօրէն ծուփ առ ծուփ դռներէն դուրս կը հոսի:
Կոչնականները զարմիկ պատերն ի վար կախեր են
Որսի գալար շեփորներն ու վահաններն ոսկեղէն.
Եւ նիզակները, դեռ թաց վարազներու արիւնով,
Տըրձակ տըրձակ կը հանգչին հըսկայափեղկ դըրան քով:
Լայնակոնք սրահը քըսան սիւներով է կառուցուած՝
Որոնց վըրայ կը շողան քըսան ջահեր դէմ դիմաց.
Եւ այն քըսան սիւներուն մէջէն քըսան գերիներ
Կը բերեն թանկ սաներու վըրայ՝ խորուած երէներ՝
Որոնց շոգին քըմպարար կը բարձրանայ ոլորուն
Ջահերուն շուրջ կազմելով խըլատեռեր ծըփծըփուն:
Ըսպասներն ալ սեղանին մեծարժէք են. եւ կարծես
Արծաթազօծ դըգալներն ու դանակները նոյնպէս
Փողփողումին տակ լոյսին փայլակներ են աղմըկոտ՝
Որ կը ծըփան դիպակեայ նըւարտանին վրայ փութկոտ:
Ծաղկակալներ են դըրուած երկայնքն ի վեր սեղանին,
Որոնցմէ եղկ բուրումներ շուրջը արբշիռ կը սըփռին.
Ծաղիկներուն ընդմէջէն, քըրքիջներուն հետ թըրթռուն,
Կը նըշմարուին ըսպիտակ ակռաներն յոյր ճորտերուն.
Եւ գինիին թանձըր հոտն եւ խահերուն գոլորշին
Վեր բարձրացած՝ կը սքօղեն կատաղութիւնն այդ ճաշին:
Կու գայ համեղ գերերին՝ որով Սիւնիքն է առատ,
Զոր եփեր են տատրակի սըրտիկներով անարատ:
–«Աղաւնիի սիրտ ուտենք, – կը գոչէ ճորտը Բալի, –
Որ ունենանք վագրի լեարդ»: – «Ես այդ մասին աւելի, –
Կը կատակէ յանկարծ մին, – կ՚ընտըրեմ սիրտը կընոջ»:
Ծիծաղներով այն ատեն կից վերնատունը ամբողջ
Կ՚ալեկոծի, ուր ժողվուած հայ տիկիններ բազմական
Կ՚ընէին նոյն խրախճանքները նոյն շուքով տօնական:
Այն ատեն ներս կը մտնեն երկու ջուխտակ գերիներ
Կրելով երկու ջուխտ վարազ սաներու վրայ ոսկեյեռ.
Եւ ուրիշներ նոյն թիւով՝ իրենց ուսին վրայ ունին
Ըսկուտեղները նուռին, սափորներն յորդ գինիին.
Յաղթանակն է այս խրախին: Հեղեղ մ՚յանկարծ վարդերու,
Իբրեւ ամէն տիկին վար արձակէր սիրտն իր աղու,
Վերնատունէն կը տեղան կոչնականաց վրայ գինով:
Քանի մ՚ասպետ կը կոփեն վահանն իրենց աշտէով:
Աղաւնիներ աւասիկ կամարին տակ կը ճախրեն,
Եւ ծայրն իրենց թեւերուն մըխըրճելով ծուլօրէն
Շատըրուանին մէջ՝ որ լոյս կ՚ողբայ բակին առընթեր,
Կու գան իրենց թռիչներէն վար անձրեւել մարգրիտներ:
Ու վարդ, տատրակ հոն խառնուած հեղեղներով ճաճանչի
Կ՚ստեղծեն դրախտ մ՚ուր կարմիր
Հեշտութր աւասիկ կարապնավիզ սափորով
Բաժակներուն մէջ գինին կ՚հեղուն դէմքով մ՚անխըռով:
Բագրատունին այն ատեն, կորովաբիբ Տըրդատէս,
Դաշխուրանն իր վեր կ՚առնու, եւ. – «Ասպետներ, – կ՚ըսէ, – ես
Վանատուրին սերմնայորդ, եւ տըռփածոց Աստղիկին,
Անոր՝ որ հուրն է արու, անոր՝ որ հողն հեշտագին
Կ՚ըմպեմ ի փառս: Անոնց տռիփն ու համբոյրները յաւէտ
Այգիներուն մէջ ձեր թող ծաւալանան ծաղկաւէտ»:
–«Ձեր Թագաւոր աներոջ, – կ՚ըսէ Բակուր, – սուրբ կեանքին
Ըմպենք, որ մեզ կը պահէ խաղաղութեան մէջ հեշտին»:
–«Թագաւորին, որ կ՚հանգչի, – աղաղակեց ճորտ մ՚յանկարծ, –
Ձիւներուն մէջ Մասիսի»: Այս յայտնութիւնն յեղակարծ
Ներկաները ապշեցուց: – «Մեռաւ Արքան մեր հայոց…»:
–«Արդ իր դիակը կ՚իշխէ յաւերժանիստ սառին ծոց:
Գուժկան մ՚երէկ ագռաւի երագութեամբ հոս հասաւ,
Պատմեց թէ ինչպէս Տիրան խեղդըւած է բըքազրաւ:
Կ՚ըսեն թէ թագը միայն ձիւներէն դուրս է մնացած,
Որուն վըրայ կը շողայ դեռ հայ արեւը Մասեաց»:
Շըրջան ըրաւ սեւ լուրն այս պալատին մէջ բովանդակ
Գինեփըրփուր բաժակէ մ՚աւելի եւս արագ,
Որ միմիայն արբեցուց բերկրանքներով անպատում
Տըրդատի սիրտն՝ որ մինչեւ արքային մահն էր տըրտում:
–«Խըմենք, – ըսաւ, – ու տօնենք Արշակունի գահերուն
Թաւալումներն անդունդի եւ մեղկանքի մէջ փըցուն»:
Եւ հազիւ հազ շըրթներուն դըրաւ գաւաթն հրահոսան՝
Վերնատան մէջ աչքերն իր զոյգ մ՚աչքերու դիպեցան:
Կին մը իրեն կը նայէր, կը զգար սըրտին մէջ շըմոր.
Իր կազմին վրայ կ՚հիանար, առնագեղ, խրոխտ եւ հըզօր,
Հըզօր՝ վիզովն առիւծի եւ բիբերով աստղայեռ՝
Որոնց բոցէն այրելու համար անգամ մ՚իսկ բաւ էր
Որ անոնց մէջ յանդըգնէր առնաբաղձ կին մը նայիլ:
Հըզօր՝ մարտիկ գըլուխով, լայնշի լանջքով անարգիլ
Որ ճօշանին մէջ կ՚ուռէր կոհակի պէս փըրփրազեղ.
Հըզօր՝ թիկնով մեծադիր, բազուկներով առնագեղ՝
Որոնց միջեւ կը սիրեն կիներն իբր օձ գեղածալ
Բիւր ձեւերով գալարուիլ ու ծըւարիլ ու տաքնալ:
Վերնատան կինը սարսռաց: Տըրդատ մէկ ձեռքը յենած
Սեղանին վրայ, միւսով տաշտը բերնին, գըլխիբաց,
Անոր կապոյտ աչքերուն յառած աչքերն իր մըթին
Խըմեց երկար – փըրփուրէն մինչեւ մըրուրն – իր գինին:
Յետոյ ծոցէն դուրս քաշեց խուրձ մը դեղձան մազերու
Մութ ամպէն դուրս մացառուող ճաճանչներու պէս աղու.
Եւ անով իր գինիոտ բերանն աղէկ մը սըրբեց…
Անոնք մազերն էին իր գոռոզ կընոջ՝ զոր բրածեծ
Ըրաւ ու այսպէս ահա ծաղրեց այն էգն անուղղայ,
Եւ ապշեցուց ամէնքն այդ իր անսովոր գործին վրայ:
Հազիւ Տըրդատ սեղանին դըրաւ գաւաթը թափուր՝
Լոյսերու հոծ ծովուն մէջ թնդաց սըրահն ընդհանուր.
– «Վարձակն ահա, տեղ բացէք, վարձակը, վարդ տեղացէք.
Մազերուն մէջ, ոտքին տակ մարգարիտներ լեցուցէք»:
Սանդուխներէն վերնատան վար կ՚իջնէր կին մը խաժակ.
Կը թըրվռային գըլխուն շուրջ աղաւնիներ ըսպիտակ:
Ճաճանչաւուխտ քօղին մէջ աստըղ մ՚էր ան՝ որուն մեծ
Աչքերուն մէջ սեւեռուն Տըրդատ գինին իր խըմեց:
Այն ժամանակ սրահ մըտան հինգ ծերունի գուսաններ,
Ուսերնուն վրայ վիժանուտ գանգուրներով լուսահեր.
Ոլորակեց տաւիղն հեշտ, փանդիռն հնչեց փառակոչ,
Նըման արծաթ կարկուտի երգ ջաղբեց դափը դողդոջ.
Եւ եօթնաղի քընարին որովայնին մէջ տօսախ
Նըւագի ծով մ՚ըսկըսաւ մըրըրկոտիլ աղեբախ:
Յետոյ յանկարծ միացած բոլոր լարերն իրարու
Պանծացուցին անգամ մ՚ալ փառքերը հին դարերու,
Երգը հըզօր դիքերուն, Դիցուհիի ոսկեմայր,
Երգն աստղահմայ քուրմերուն՝ որոնք բագնին վրայ մարմար
Վըզան օձեր այրեցին բոցերուն հետ ծառացող.
Երգն՝ ասպետի մը զարմիկ, դիւցազներու զինաշող,
Որոնք նըման կայծակի տէգերն՝ իրենց պիրկ ձեռքին՝
Փաղանգներուն կազմը կուռ արիւնառուշտ ճեղքեցին.
Հընչեցուցին երգերն հուսկ մեհենական պարերու,
Սէրն հայկազուն կոյսերուն եւ հարճերուն գինարբու՝
Որոնք այգւոյն գովալից հովանիին տակ պառկած
Լոյս ծոցն իրենց կը թողուն սեպուհներուն համար բաց:
Կոչնականները համուռ դէպ գուսանները դարձան,
Որոնց մէջտեղ ըսկըսած էր պարել կին մը դեղձան:
Վարձակն էր ան, Նազենիկ, նազելագեղ անունով:
Հասակն ամբողջ կը թըրթռար բարտիի պէս հողմախռով.
Դաշներգը իր ջիղերուն դաշներգին հետ լարերուն
Կը միանար, կը սըփռէր համանըւագ մ՚յարաճուն:
Եօթն հարճեր հերքը խարտեաշ մատըներով նախանձոտ
Արաբական իւղի մէջ օծաներ են քաղցրահոտ.
Եւ գըլխուն շուրջը պըսակ մը վարդերու հիւսեր են՝
Որոնք եթէ ճըզմըւին անշուշտ արիւն կը ծորեն:
Կը շողշողան ունկերուն ծայրը օղեր փողփողէջ
Աստղերու նման ցոլալով անրակներուն փոսին մէջ.
Արմուկէն վեր աջ բազուկը կը խածնէ սեղմօրէն
Լուրթ մարգրիտով յելուզուած ապարանջան մ՚ոսկեղէն.
Իսկ վիզէն վար մինչեւ ծայրն ըստինքներուն սեւապտուկ
Կը բոլորուի վառ մանեակ մը լոյսերով յեղեղուկ:
Եւ այնքան նուրբ է զառքաշն՝ որ կը բըղխէ դէպի դուրս
Ազդըրներուն գաղջութիւնն եւ կաթնագոյնը սընդուս.
Մուճակներուն մէջ խարտեշ կաղապարուած ոտքերն ալ
Դռոյթ տալով կը սկըսին յատակին վրայ պար դառնալ:
Կոչնականները լըռիկ հիացումով քարացած,
Մարմնակարկառ, ապշոպեալ, աչուներով լայնաբաց,
Կը դիտեն զինք: Նազենիկ նախ կ՚օրօրէ մեղմօրէն
Ալապաստրէ ուսերուն վըրայ գըլուխն հըրեղէն՝
Ներկաներուն շըրջելով զոյգ մը աչքերը աղուոր՝
Ու կ՚ընկղմի մարդ հեշտին, բայց դուրս կ՚ելլէ վիրաւոր:
Վեր կը վերցնէ հոլանի բազուկներն իր յուլօրէն
Լայնշի քօղին կապուտակ խաղաղութեան ընդմէջէն
Զոյգ մը տօսախ բամբիռները մատերուն մէջ ճարտար
Յանկարծակի կը հընչեն, կ՚ըլլան պարին կառավար:
Մարմինն ընդհուպ կը զոփայ, կու տան ոտքերը դըռութ,
Եւ ան իր իսկ շարժումին անդունդին մէջ յորձանուտ
Կարծես վայրկեան մը այլեւըս աչքերէ կ՚անհետի՝
Ինչպէս երկնի մէջ կորսուող լուսադայլայլ մեղեդի:
Օ, այդ մեծ պարն հեթանոս՝ որ Աստղիկի կը ձօնեն,
Գեղեցկութեան այդ աղօթքն, աղօթքը այդ մըսեղէն.
Օ, այդ իրանը ճապուկ ելեւէջովն ըստինքին՝
Որոնց մէջ կաթն իսկ կ՚եռայ յուզումներէն սաստկագին.
Օ, թեւերն իր լուսածղի՝ օձերու պէս պարարակ
Կարծես երկար կրթըւած կախարդ սրինգով ներդաշնակ.
Եւ զիստերն իր սարսռագեղ, գէր երաստանը շամբոյշ.
Եւ բոլորին իբր առանցք մէջքն ուռիի պէս քընքոյշ՝
Որուն շուրջ մարդ պիտ' ուզէր բաղեղի նման փաթթըւիլ,
Եւ վերջապէս հիւթասպառ բաղեղի նման թառամիլ:
Բամբիռներն իր կը հընչեն ձեռքերուն մէջ սաստկօրէն
Իբրեւ օրէնք մարմինին բիւր ձեւերուն հոյաշէն.
Բամբիռներն իր կը հընչեն, ու անոնց երգը բիւրեղ
Կը քաղցրանայ մեղրի պէս ջահերուն տակ լուսազեղ.
Եղունգներով հինայուած մատերէն վար աղածրի
Դաշնակութիւն մ՚հրաշալից մազերուն մէջ կը ծորի:
Բամբիռներն իր կը հընչեն, այնքան ճարտար՝ որ կարծես
Անոր ձեռքերն Ապողոն թաթախեր է տարփակէզ
Սըրտին մէջ իր տաւիղին: Գործիքին ձայնը կերկեր
Կը զեղու սրահն՝ ուր շատոնց գուսաններն ալ չեն նուագեր:
Կոհակներուն մէջ լոգցող աղկիոնին հանգունակ
Ան կը լողայ մատերուն երգերուն մէջ ներդաշնակ՝
Որոնց ի լուր տատրակներ ահա կու գան խառնըւիլ
Ցանցին մէջ իր մազերուն, իր մազերուն հիատեսիլ՝
Որոնք, ալիք առ ալիք, կ՚երթան սըփռիլ ման ի ման
Ասպետներուն գըլխուն վրայ արշալոյսի մը նըման:
Կոչնականները գինւոյ մէջ թաթախուած, տըռփագին,
Բոլորը լուռ, սալացած՝ ըզմայլանքէն գեղեցկին
Կը դիտեն մրրիկն այդ կընոջ գանգուրներուն մետաքսէ:
Ան կը ճախրէ, կը ճախրէ, կատաղօրէն կը ճախրէ:
Երբոր ետեւ կը թեքի՝ կուրծքին վըրայ հոյաշէն
Բըլուրի պէս կը դիզուին ըստինքներն իր սարսռալէն.
Եւ վարսերն իր վիժանուտ, ուսերն ի վար հոսելով,
Կ՚երթան փըրփրիլ յատակին, հոն կազմելով ոսկի ծով.
Ան կը ճախրէ, կը ճախրէ, սանձակոտոր կը ճախրէ…
Հոգւոյն մէջ՝ ծով, շուրջը՝ լոյս, ան Կիպերեան Աստղիկն է՝
Որ իր չորս կողմն հաւաքած աղաւնիները լուսեղ
Փորձեր կ՚ընէ թըռչելու ինքն ալ անոնց հետ մէկտեղ,
Ու հեւհեւուն, ծիծաղկոտ, վարդի մը պէս բըռընկած,
Վերջին թափով կը սուզի կապոյտին մէջ վերասլաց
Թողլով որ քօղն ամպերէն յորձանապտոյտ իյնայ վար
Տիոնիսեան բագնին վրայ, գինիին մէջ հըրավառ:
Այսպէս պարեց վարձակն ալ, մինչեւ որ քօղն հոգիին
Հոն թաթախեց դիրտին մէջ ամէն մարդու բաժակին:
Ալ յոգնած էր ու քըրտնած, կ՚ուռէր ծոցն իր լուսեղէն,
Երբոր վերջին ճախրին մէջ Տրդատ բըռնեց բազուկէն
Եւ ծունկին վրայ նըստեցուց, գգուեց գըլուխն ոսկեհեր:
Վարսերն ի վար շիթ առ շիթ կը ծորէին քըրտինքներ.
Ձեռքերուն մէջ դեռ տենդոտ, Բագրատունւոյն ճօշին վրայ
Կը դողային բամբիռներն իր մարմնոյն պէս դիւրազգայ:
Տըրդատ մատերը անոր համբուրելով մի առ մի
Եւ շամբշելով անոր հետ զերդ սեղեխներ վաղեմի.
–«Նահապետ, ով է, – ըսաւ, – վարձակը այս լուսաստինք:
Եթէ Աստղիկ երկնի մէջ Վահագնի օր մ՚յանձնէր զինք,
Ու կաթիլները սերմին ըլլային նոյնիսկ աստղեր՝
Դարձեալ այսքան չըքնաղ ծնունդ մը երբեք չէր բողբոջեր:
Այս կինն ինձ տուր, եթէ չէ օրէն՝ որ մենք ընենք վէճ.
Արշալոյսին թող մեկնիմ արշալոյսն այս գրկիս մէջ»:
Բազմականներն ըսկըսան նախանձայոյզ քըրքըջալ.
Բակուր ծածուկ մախանքէ մ՚ակռաներն իր ձիւնափայլ
Սեղմեց. եւ նուռ մ՚որ ձեռքին մէջ բըռնած էր այն ատեն,
Ըսկըծանքէն ըսկըսաւ ճըմլել: Ըսաւ. – «Իշխան քաջազէն,
Վըրաց երկրէն, ուր կիները կը ծաղկին վարդի պէս,
Զայն նիզակովս եմ շահեր, մարտիկներու ընդդէմ վէս
Մղելով երկար պայքարներ: Այժըմ ներէ որ ըսեմ՝
Թէ իմ հարճս է, եւ չըլլար քեզ աղախին մը նըսեմ:
Եթէ կ՚ուզես՝ որ մեր զոյգ բաժակներն այս մըտերիմ
Հազիւ թափուր գինիէ, չլեցուին արեամբ ոխերիմ՝
Թող զայն, իշխան»: Բնաւ չանսաց Բագրատունին սըրարբած
Սեղանէն վեր բարձրացուց դաշխուրանն իր գինեմած
Ու ձեռքովն իսկ զայն խմցուց, ծունկին վըրայ, վարձակին՝
Որ կը ժըպտէր ըմպելու ատեն ժըպտով մ՚հեշտագին:
Իր գողտըրիկ բերանին երկու կողմէն ընդհոլով՝
Թափեցաւ քիչ մը գինին ու ծոցն ի վար սահելով՝
Գընաց լճակի պէս կարմիր ժողվիլ պորտին մէջ անյայտ:
Երբ դեռ բոսոր էին կզակն ու շըրթունքները, Տըրդատ
Զանոնք առած բերանին մէջ համբուրեց կըտղանքով՝
Զուարթ հեղուկին մնացորդն ըսպունգի պէս ծըծելով:
Լըռեց սըրահը համուռ: Բոլոր դարձած Բակուրին
Կը նայէին, որ կը լմէր դեռ նուռը մէջն ագուռին:
Ամէն մարդ հոն թափուելիք արեան մը հոտը կը զգար…
Նահապետն ալ վեր ցատկեց տեղէն իբրեւ քանասար.
Գընաց որ հարճն ազատէ, ջախջախէ գըլուխն Ասպետին՝
Որ կինն իր տան մէջ կը լլկէր՝ իբր իր ողկոյզն իր տաշտին:
Այս որ տեսաւ Տըրդատէս վարազացաւ ու խոպաց.
Հրեղէն սիւնի մ՚էր նըման, դահլիճին մէջ՝ վերամբարձ.
Կոպիճներուն մէջ աչքերն ըսկըսան ժիր թաւալիլ
Մերթ ծովուն խորն ընկլուզուող գունդերու պէս հրատեսիլ:
Ձախ թեւով հարճը գըրկեց, յետոյ – «Հա, հա, – քրքըջաց, –
Էգ վագրին հոտն ըմբոշխնել արու վագրին է տըրուած»:
Եւ միշտ ժայռի պէս կանգուն, շընչելով բոց աչքերէն,
Հուժկու ձեռքով սեղանին վրայէ խըլեց, իբրեւ զէն,
Մեծաքանդակ ըսկուտեղ մ՚ամբողջ պղնձով կուռ ձուլուած,
Գազանացաւ, փըրփրեցաւ, շամբշոտեցաւ ու մըխաց.
Եւ ուղղակի արձակեց զայն Բակուրի ճակատին…
Վերնատան մէջ ահեղ ճիչ մ՚արձակեց տան տիրուհին,
Ճորտ ու սեպուհ բոլորն ալ դուրս պուղեցան զահանդած.
Որոնց բազուկն էր միշտ վատ՝ երբ հոգին էր սըրարբած:
Սակայն կարծես մըրգակալն այն վրիպեցաւ հըրաշքով,
Եւ Բակուրի լոկ մէկ ունկն արիւնառուշտ խըլելով՝
Գընաց բաղխիլ դիմացի մարմար սիւնին մեծադղորդ
Թօթափելով անկէ վար կուճեր, կայծեր լուսայորդ:
Ոմանք սատար փութացին Նահապետին կարեվէր՝
Որուն խըլուած ականջէն, ճըմլուած քունքէն կը հոսէր
Հոն գինիի սափորին մէջ արիւնն իր թըխագոյն,
Այն ժամանակ Նազենիկ սարսափահար, յանկարծոյն,
Փաթաթուելով Տըրդատի պարանոցին՝ ողոգեց.
–«Այս յարկին տակ, ով ասպետ, ալ բաժինս է գան ու ծեծ.
Դուն որ գիտցար զիս վտանգել, ազատէ արդ շուտափոյթ,
Երբ ես յօժար խմեցի ձեռքէդ գինին քու սիրոյդ՝
Հարկ է ասկէ վերջ խըմեմ Բակուրի թոյնն ոխութեան.
Դուն հոս արիւն թափեցիր, եւ պիտի ես քաւեմ զայն:
Զիս հեռացուր այս երկրէն, եթէ չէ գործ մ՚արքենի
Որ ասպետի մը վրիպած հարուածը կին մ՚ընդունի»:
Ու աւելի ցած ձայնով յարեց. – «Ես քեզ կը սպասեմ
Արշալոյսին՝ որ մօտ է: Մեծ դըրան քով արեգդէմ
Կայ թուզի ծառ մը՝ որուն սաղարթներուն ընդմէջէն
Պատուհանիս ճրագն առկայծ ճամբորդներն յար կը տեսնեն:
Հոն կը սպասեմ ես քեզի վարդենիի մը նման,
Որ կոկոններն իր բանայ պիտի կուրծքիդ վրայ տիտան»:
–«Ձիուս առջի խըրխինջէն պատրաստ եղիր, Նազենիկ,
Դեռ ճրագդ արփւոյն շառայլէն չընըւաղած՝ կը մեկնինք»:
Ըսաւ Տըրդատ: Թուրը մերկ միշտ ափին մէջ շողարծարծ,
Տալով կամայ երեւոյթը մեկնումի մը անդարձ,
Գընաց թամբեց երիվարն ու խաւարին մէջ, անտես,
Անհետացաւ քառատրոփ, փայլակնացայտ ամպի պէս:
Կոչնականներն ահաբեկ, կոչնականներն հիազարհուր,
Գինով ու վատ, մի առ մի պարպեցին սրահն ընդհանուր.
Լոկ կոյր գուսան մ՚երգին մէջ անվերադարձ տեսլացած՝
Դեռ լռութեան մէջ կը նուագէր սիւնի մը յաղթ կռթընած:


Բ
Ահա առտուան շողերէն հագեր է վարդ ու սուտակ
Պատուհանին առջեւի թըզենի ծառն ընդարձակ՝
Որուն ետեւ հարճն արթուն. – «Ինչու չեկաւ, – կը խորհի, –
Արտոյտն ահա արձակեց կալին մէջ երգը բարի.
Եւ պալատին պահապան շունն արթընցած ման կու գայ
Բակին մէջ՝ մերթ միզելով պատերն ի վեր շըրջակայ:
Ինչու չեկաւ, ով Երկինք»: Հորիզոնէն յեղակարծ
Արփւոյն ճաճանչն անդրանիկ սլացաւ ինկաւ շողարծարծ
Նազենիկի խուցին մէջ. դալկացաւ լոյսը ճրագին:
Օ, ինչ խրխինջ, ինչ դոփիւն, ինչ փոթորկում թանկագին…
Կու գայ իշխանն ազատել զինք Բակուրի նախանձէն:
Պատուհանին ներքեւ է Տրդատ ձիուն վրայ արդէն:
Բերկրանքէն հարճը խայտաց. զեղան աչքերը վըրդով
Անպատմելի խընդութեամբ, ինչպէս երկինքն՝ արեւով:
Գիշերն ամբողջ ինք հոն էր, զով խաւարին մէջ արթուն,
Հանդերձներովը պարի, բամբիռներն ալ՝ մատերուն.
Աստղերուն տակ աղօթող բագոսուհւոյ մ՚էր նման՝
Վարդերը դեռ հանդէսին մազերուն մէջ ցիրուցան,
Եւ լանջքը մերկ՝ որուն վրայ թափուած գինին խըրախին
Տակաւին միշտ կը սըփռէր իր զըւարթ բոյրը չորս դին:
–«Ձեռքդ երկարէ», – 'սաւ Տրդատ: – «Դու գիրկդ բաց, կը ցատկեմ»:
–«Գըլուխդ, ըզգուշ, չըփշրես լանջապանիս զրահին դէմ»:
Եւ Նազենիկ անհամբեր հեղեղին հետ վարսերուն
Ասպետին մռայլ ծոցին մէջ նետեց ինքզինքը սարսռուն,
Եւ զայն հեղ մ՚ալ ողողեց մազերովն իր դարալիր:
Դափրեց նըժոյգն եւ ռունգերը փեռեկած լայնալիր՝
Հորիզոնին դարձուց գլուխն ու մըտրակի մ՚հարուածով
Թաղուեցաւ իր արշաւին ամպրոպին մէջ փոշեծով:
Փառք մեծազօր կենցաղին ասպետական դարերուն՝
Ուր պաշտուեցաւ Գեղեցիկն ու Զօրութիւնը արբուն,
Եւ խորհրդանիշը անմահ Գեղեցիկին, Զօրութեան՝
Փըրփուրներու Դիցուհին ըստինքներով ռոշնական:
Փառք ձեզի միշտ, գանգրահեր ով ասպետներ արդընկեց,
Որոնց զրահով վերտըւած լանջքերուն տակ բաբախեց
Սիրտ մը յաւէտ անձնըւէր՝ տըկարներուն, ընկճուածին,
Եւ գեղանի կիներուն, անոնց մարմնոյն բիւր գանձին:
Փառք ձեզի միշտ ձիամարտեր, մկունդխաղեր շանթասլաց՝
Որոնց օդին մէջ շաչուն տէգերն յանկարծ բըռընկած՝
Կայծակներու խաղն եկան երկրիս վրայ փոխադրել.
Վիշապասպան սուսերներ, ժանգոտելու անընդել,
Կառարշաւներ փոշեմուղ, գուպարայաղթ ոգորներ
Շառափնաթափ տէգ տէգի, կումբ կումբի դէմ ոսկեյեռ
Փառք ձեզի միշտ, ով որսեր թըրթռուն ձայնով շեփորին,
Երբ լիճին քով վիրաւոր կ՚իյնայ եղնիկն ողբագին,
Եւ վարազներ արդնահար կը թաւալին մարգին վրայ՝
Որոնց կողէն արիւնն յորդ կըրակի պէս կը մըխայ:
Փառք ձեզի միշտ աւարներ, հափափումներ կիներու՝
Որոնք տըւին իրենց տարփն ու համբոյրները աղու
Առիւծներու քաջութեան, եւ ոչ ոսկի հորթերուն,
Որոնց սիրտերն առաւ լոկ սուրերու ծայրը փաղփուն:
Փառք ձեզի միշտ, ով դարեր ասպետական կենցաղին,
Ուր մարդիկ հզօր եւ անկեղծ էին նըման գինիին:
Առաքինի քաջութեան տեղ նենգն այսօր կը տիրէ.
Փոխան տէգին հոլանի՝ պատեանի մէջ դաշոյնն է՝
Որ կը շողայ մութին մէջ, կը ժանգոտի արեւին.
Ոճիրներն արդ խաւարի լըռութեան մէջ կը դարբնուին
Մըխոտ ճրագի լոյսին տակ ծըռած գունատ մարդերէն:
Երբ արեգակը նընջէ՝ մեղքերն յայնժամ կը գործեն:
Չեն պաշտեր կնոջ մարմինին դաշըն ձեւերն հըրահրուտ
Լոգցըւած բիւր ջահերու շառայլներով հոսանուտ:
Կինը մարդուն միացնողը Աստղիկի սիրայօդ
Լուսեղ մատերը չեն բնաւ, այլ շանսըխուրը ցեխոտ:
Գեղեցկութիւնը ծընունդն է Զօրութեան յորձանքին՝
Ինչպէս մարգրիտն ովկիանի անդունդներուն մոլեգին:
Բայց այսօր չեն քանդակեր սուսերներով կորովի
Գեղեցկութեան սուրբ բագինն՝ ուր իգութիւնը խընկուի:
Բաւական է լի գաւաթ մը Միւնիխի գարեջուր,
Որ աճուրդի հանուած սէրը գնեն մարդիկ քրէիքուր,
Սէր վաճառուած, ոչ նուիրուած՝ ինչպէս պըսակ սարդենի
Զոր հերոսին համար սուրն աստուածներէն կ՚ընդունի:
Եւ այժըմ մարդն այս դարուն, մարդն ըղեղին տակ կըքած,
Ով ասպետներ հեթանոս, եթէ բաղխէ ոտքն յանկարծ
Ձեր բազուկի մէկ ոսկրին՝ որ հողին տակ ճերմկած է,
Անոր հըսկայ զանգուածէն կը սարսափի, կը կարծէ
Ձեզ առասպել դարերու առասպելեալ գազաններ,
Ով ասպետներ հեթանոս, ով ասպետի ոսկորներ:

Գ
–«Տես, Նազենիկ, ինչպէս դաշտն ըսպառեց ձիս վըզանուտ
Այնքան երագ՝ որ կարծես մոխիրի մէջ բոցանուտ
Սըմբակներն իր խըրուէին: Ան հպարտ է, իմ Սիրուն,
Երբ այդ մազերըդ խառնուած կը զգայ իր յորդ բաշերուն»:
–«Ով իմ ասպետս եւ իմ քաջըս, մըտրակէ անդադրում՝
Մինչեւ որ սա անիծուած Սիւնեաց սահմանը թողում:
Սարսափն է դեռ սըրտիս մէջ, բայց մէն մի դռոյթը ձիուդ
Հոգիիս մէջ կը սպաննէ երկիւղի տրոփ մը անգութ:
Ով իմ ասպետս եւ իմ քաջըս, մըտրակէ, անդադրում»:
Այսպէս անոնք խօսելով՝ հըրճըւանքով մ՚անպատում
Կ՚արշաւէին դէպ Շիրակ: Տըրդատի լայն կուրծքին վրայ
Կը հանգչեցնէր՝ հարճն ամփոփ՝ գըլուխն իբրեւ լուսընկայ.
Մերթ ոտքերն իր կը զարնէր ձիուն փորին տըղընդեր,
Մերթ Տըրդատի անութին տակէն ետեւ կը նայէր,
Հորիզոնին շըրջելով կապոյտ աչքերն՝ որոնց մէջ
Բերկըրանքներ կ՚հիւսէին շողերն առէչ առ առէչ
Միշտ մեծցնելով յոյսը զուարթ՝ ծախուած ճամբուն
մեծութեամբ:
Շանթ կը տեղար արեգակը երկընքէն վար անամպ
Իր տօթին տակ խեղդելով կենդանութիւնը շուրջի.
Կարծես հողին մէջ դողուած ըլլար ամէն մէկ ճըճի.
Միմիայն մերթ կը լսուէր բըզզոցը թաւ զամբուռին,
Որ ալ յոգնած ընդերկար հալածելէ կենդանին՝
Արշաւանքին փոշւոյն մէջ կ՚անյայտանար խորամուխ:
Անոնք իրար փաթթըւած կ՚ամբարտակեն սարին գլուխ:
Խուլ դըրոդիւն մ՚հեռուէն եղաւ յանկարծ լըսելի,
Կարծես գետնին ընդերքէն անցնէր ամպրոպ մ՚ահռելի:
Տըրդատ շրուշակը դարձուց, եւ երիվարը խոկուն
Ծամծըմելէ դադրեցաւ պահ մը լըկամը փըրփրուն:
Վարը, դէմի հովիտէն դէպի գագաթ ծառացան
Ձիաւորներ զինավառ մըրրկարշաւ ու դաժան:
Ոմանք աղեղ ունէին եւ ոմանք լախտ ու տապար,
Ոմանց տէգերն ուղղաձիգ արեգակին տակ փարփառ
Յանկարծակի սարէն վեր փայլատակներ ճայթռեցին.
Բակուր մէջտեղն էր անոնց աշտանակած ահեղ ձին.
Կու գար լուծել իշխանէն վըրէժ, պատժել հարճն անխիղճ՝
Մորթելով հոն՝ փոխանակ զայն փըրկելու աղծապիղծ,
Կոչնականները բոլոր զինուած էին արդ ի հետ.
Երէկ գինւով յըղփացած, այսօր արեան հակամէտ:
Երբ Բագոսէն վերջ որրեց զանոնք Արէսն արդընկեց՝
Հանդիսատես վատութեան յուշն հոգինին զայրագնեց:
Ըսկուտեղին արհաւիրքը սիւներուն ընդմէջէն
Յետոյ իրենց սըրտին մէջ վառեց վրէժի մը գեհեն:
Տըրդատ երկար նայեցաւ դէպի հրոսակն հալածիչ,
Աչքերէն թոյն կ՚հոսէին մոլուցքի զոյգ մը կարիճ.
Գըրկին մէջ հարճը յանկարծ արձակեց ճիչ մը տրտում.
–«Ով իմ ասպետս, – ողոգեց, – օհ, մըտրակէ անդադրում.
Գերին ըլլամ քու սուրիդ, անոնց գերին մ՚ըներ զիս.
Ահա տէգերն ուղղեր են միահամուռ կոկորդիս՝
Ուր համբոյրիդ տաքութիւնը դեռ, աւաղ, չէ պաղեր»:
Ըսաւ: Թաղեց ասպետին ծոցին մէջ գլուխն ոսկեհեր:
Հարկ էր արդեօք ճակատիլ. ոչ. պիտի կռիւն ունենար
Անհաւասար յաղթանակ, թէեւ վըսեր մ՚հաւասար:
Ու Տըրդատէս թօթուեց սանձն երիվարին հողմասլաց,
Երկրադըղորդ թընդաց դռոյթն, փոշին ելաւ, եւ սուրաց,
Ու ըսկըսաւ հալածումն հըսկաներուն սանձարձակ:
Ողոգեց հարճը նորէն. – «Ով իմ ասպետըս վրիժակ,
Ես կը տեսնեմ անութիդ տակէն զանոնք՝ որ կ՚իջնեն
Բըլուրն ի վար, աչքերնին մէյ մէկ անդունդ լուսեղէն.
Հարիւր ձիեր կարկառեր են վիզերնին դէպի մեզ,
Որոնց շունչերը կ՚ելլեն պինչերնէն տաք մոխրի պէս:
Օ, մտրակէ, մտրակէ, երբ բըռնեն զիս՝ վագրի նման
Պիտի կրծեն ոսկորներս, լակեն արիւնըս լըման»:
–«Հեղեղին մէջ մազերուդ փակէ աչքերդ, իմ Աղուոր,
Եւ կուրծքիս վրայ Քընացիր օրօրումովն այս հըզօր,
Անոնք այստեղ չըհասած՝ մենք Շիրակ ենք գիրկ գըրկի»:
Ու լայնալանջ երիվարը մըտրակեց ուժգնակի:
Անցաւ խորունկ փապերէն, հեղեղատէն մեծագոգ,
Ընկըղմեցաւ խորն հովտին, ճեղքեց աւազն հրաբորբոք.
Եւ ուղղաբերձ, մեծաշունչ, համբարտակեց սարն հըսկայ
Թաւալելով հետքն ի վար ապառաժներ՝ որոնց վրայ
Լուսնանըման կուռ պայտերն իրենց դըրոշմը դըրին.
Կատարներէն լեռներուն թըռաւ նըման արծիւին՝
Ճապուռներուն մէջ որսն իր սեղմելով միշտ աւելի.
Ժայռերն ի վար խոյացաւ ջըրվէժին պէս փըրփրալի՝
Յորձանքին մէջ տանելով լերան ծաղիկ կը կարմիր
Իբրեւ դաշտին մէկ ընծան տըրուած վիհին լայնադիր:
Ու մըտրակեց, մըտրակեց, երբոր յանկարծ լըսուեցան
Իր ետեւէն սուլումները նետերու դաւաճան:
–«Ասպետ, ասպետ, մահն հասաւ մեր թիկունքէն, կը շչայ:
Օ, կը վախնամ, կը վախնամ. ուսիդ վրայէն նետ մ՚ահա
Հըրախայթոց օձի պէս շըշըչալով սըլացաւ:
Վայրկեան մըն ալ եւ անոնք կու գան կ՚հասնին մեծարշաւ.
Աղեղներէն լայնալիճ կարծես արիւն կը կաթի
Եւ կը ներկէ ձիերուն յորդ յորդ բաշերը կաթի:
Ասպետ, ասպետ, մի մատներ զիս անոնց խեռ մոլուցքին,
Ես քու գերին, ձիդ ըլլայ թող գերին քու մըտրակին»:
Այսպէս ըսաւ Նազենիկ. լալ ըսկըսաւ դառնահեծ,
Եւ Տըրդատի կուրծքին վրայ գըլուխը այնքան սեղմեց՝
Որ զրահին մէջէն իսկ կը լսէր տրոփը սըրտին:
Գանգուրներն իր հողմածուփ ձիուն բաշին կը խառնուին.
Ինք կը սարսռայ վարմն ինկած աղաւնիի մ՚հանգունակ:
Սարսափելի էր տարափը նետերուն մահարձակ՝
Որոնք ջուրի նըման օդն եռանդնայորձ ճեղքելով
Կ՚երթային մահը երգել փախըստական զոյգին քով:
Այն ժամանակ Տրդատէս գլուխն իր դարձուց մըրրկահեր
Եւ հեգնօրէն մըռընչեց. – «Հալածեցէք, դեհ, գայլեր,
Մինչեւ շընչատ վար կախուին ձեր լեզուները դողդոջ.
Արձակեցէք կըռնակիս ձեր ասեղները կընոջ»:
Ըսաւ. եւ նժոյգն այս անգամ խթեց այնքան ուժգնալի՝
Որ արշաւանքն եղաւ շտապ մըտածումէն աւելի:
Ահա ձորն ինք կը սուզի, սարին միւսները կ՚ելլեն.
Կը փայլակէ ինք սարին, անոնք ձորին խորերէն
Կը փոթորկուին: Եւ նըման զոյգ մ՚ամպրոպի մոլեկան
Լեռնահարթին վրայ անգամ մ՚այնքան իրար մօտեցան,
Որ պիտի շանթը ճայթէր, պիտի պոռթկար նետն արիւն՝
Եթէ Տըրդատ ըզգեցած չըլլար քեմուխտ հաստատուն:
Անոնց հանած փոշիներն իրար միացան՝ կազմելով
Հըրատապ ամպ մը խարտեաշ՝ կարծես յըղի արիւնով:
Այն ժամանակ պիտ' հազիւ արձակէր տէգն իր Բակուր՝
Որ ճեղքէ թիկն ասպետին, եւ հարճին լանջքը փըրփուր,
Երբ վիհ մ՚յանկարծ դժոխորկոր լերան գըլխուն փեռեկուած
Արհաւիրքով մ՚ընկըրկեց հալածողները սրընթաց:
Ճողոպրեցաւ Տըրդատէս, եւ լեռն ի վար ուղղակի
Դիմեց անտառ մը մըռայլ՝ որ սահմանն էր Շիրակի:
Բակուրի խումբը կեցաւ հառաչակուլ, ոգեսպառ,
Կատաղութեան խարոյկով ամբողջովին բոցավառ:
Ալ յուսահատ՝ աղեղները պըրկեցին տըղընդեր,
Լարերն եղան լայնալիճ, անձրեւեցին փըքիններ.
Նետէ դատարկ կապարճներն եկան լեցուիլ վրէժ ու ոխ:
Հազիւ թէ ծոցն անտառին կ՚ընդգգէր զոյգը փախչող՝
Բակուր իր նետը վերջին, հերձակ մ՚ամբողջ ժահրաշիթ,
Արձակեց այնքան զօրեղ, թիրախին այնքան ճըշգրիտ,
Որ օձի նման շըչալով թունոտ լեզուովը սաղապ
Տըրդատէսի անութին տակէն սողոսկ անցաւ թափ,
Ու մըխուեցաւ վարձակին ծոծրակին մէջ լուսաբուխ
Եւ հոն մընաց՝ յորդառատ մազերուն մէջ խորամուխ:
Երեք անգամ սըրսըփաց զարնուած աղուոր աղաւնին,
Երեք անգամ չուզելով կարծես թողուլ իր հոգին:
Այս բանը ոչ Տըրդատէս նըկատեց, ոչ ալ Բակուր,
Իրենց անզուսպ մոլուցքին փոշիներէն դարձած կոյր.
Բնաւ չըտեսան թէ ինչպէս կը փըշրուէր ու կ՚իյնար
Դաշնակութեան ու գեղի աստուածակերտը գոհար.
Միայն նըժոյգը վրընջեց, ու երեք հեղ սարսըռաց
Երբ սառեցաւ փորին վրայ զարնըւող ոտքը յանկարծ:

Դ
Իջեւան մ՚է կառուցուած սահմանին վրայ Շիրակին,
Գործ արքունի ճոխութեան, մեծազանգուած, ահագին:
Լայն դըռներն իր կը բացուին ճամբուն վըրայ հրատոչո
Դուրս շընչելով զովութիւն եւ աղբերուն հոտը չոր:
Արեւուն դէմ կիզանուտ ապաստան մ՚է մըշտազով
Ճամբորդներն հոն կը հասնին տօթէն թխացած ծոցերով
Եւ յօնքերնին բեռնաւոր փոշիներով տապախարշ.
Հոն կը հասնին սայլերն յոյլ գոմէշներէ ծանրաքարշ,
Եւ կաղացող ջորիներն ու կարաւանն էշերու
Քաղցրաողկոյզ խաղողին կողովներուն տակ հըլու:
Հոն կը հասնին շար ի շար ուղտերը յաղթ՝ բեռնաւոր
Տարաշխարհի զանազան համեմներով քաղցրածոր,
Եւ կը պառկին ծընկածալ, խըրոխտավիզ, կ՚որոճան
Անծանօթ խոտն հեռաւոր երկիրներուն արփական:
Թանձրակառոյց իջեւանը բարիք մ՚է երկնատու
Երբ կը հըսկէ ճամբուն վրայ՝ որուն ծայրերը երկու
Հորիզոնին խորհուրդին մէջ տաղտկօրէն կ՚անհետին,
Երբ կը վառէ անկենդան լըռութեան մէջ լեռնային
Իր պանդուխտի օճախներն ամէն մարդու անխըտիր
Եւ հոն ամռան ջերմութիւնը մարելու ի խընդիր
Թանին ալիքը կ՚հոսի երակներու մէջ ծարաւ:
Բայց միշտ հասնիլն հոն, անկէ մեկնելէն քաղցըր չէ բնաւ:
Աւասիկ այդ իջեւանն է՝ ուր կու գայ Տըրդատէս
Ապաստանիլ նետերուն եւ արեւուն դէմ հրակէզ:
Ծալքերուն մէջ թիկնոցին եւ կուրծքին վրայ զրահակուռ
Պարուրուած է Նազենիկ մարմարի պէս ջարդուփշուր.
Այլեւս, ոհ, չի յուզեր ոչ մէկ սարսուռ, ոչ մէկ վանկ
Չըքնաղ մարմինն իր սառած լուսարձանի մ՚հանգունակ:
–«Արդեօք քնացաւ (կը խորհի՝ ասպետն հասած իջեւան)
Թէ սարսափէն մարեցաւ, ճըրագի պէս, կուրծքիս վրան:
Ինչպէս կըրնայ սալանալ այնքան եռանդ մ՚յանկարծոյն
Եւ տարածուիլ սըրտիս վրայ շիրմաքարի մը հանգոյն»:
Խորհելով այսպէս Տըրդատ վար կը ցատկէ նըժոյգէն
Եւ կ՚իջեցնէ վարձակն ալ, բայց աչքերն իր կը տեսնեն
Մազերուն մէջ Բակուրի նետն ըսպաննիչ, արիւնն հիր՝
Որ հոսած է ծոծրակէն ժապաւէնի պէս կարմիր:
Կընոջ մարմինը անշունչ գիրկը կ՚իյնայ ցըրտագին.
Կատաղութիւն ահաւոր ասպետական խաբկանքին…
Մազերն ամբողջ կը քըստմնին՝ երբ սիրտն անոր կը տեսնէ
Տիեզերքի մը սըրտին նըման՝ դադրած տրոփելէ,
Երբ կը խորհի թէ կինն այդ մէկ թարթափին մէջ աչքին
Գեղեցկութեան հեթանոս ունէր գանձերը անգին,
Թէ իր մարմինն էր լոգցած երկնի շողովը անշէջ,
Մեղր ունէր իր թուշին տակ, լոյս ունէր իր ծիծին մէջ,
Եւ իր ձեռքին ու ոտքին մատերուն ծայրն էր խըտացած
Տիեզերքն այս յարդարող Ճարտարութիւնն առեղծուած.
Եւ խորհեցաւ վերջապէս՝ սրահին մէջ Բակուրին
Աստուածացումն իր միսին, փոթորկումները պարին,
Եւ առջի հեղ ըլլալով ապառաժ մարդն այդ լացաւ…
–Ով պատրանքի արցունքներ հերոսներուն մեծ համբաւ,
Որոնք երբեմըն սըրտի խորէն կ՚հոսին տըխրամած
Հին օրերու յաղթութեան պըսակներուն վրայ դեղնած:

Ե
Բարտի մը կար հինաւուրց՝ զոր ձեռքերովն իր բարի
Իջեւանին քով տընկեր էր Դիցանոյշ մ՚անտառի.
Սակայն այդ օրն ոստ առ ոստ ան կը չորնար տրտմօրէն
Տերեւներն իր դալկահար հողին վրայ ողբալէն:
Ով գիտէ որ մըրրկածուփ գիշերուան մէջ Արամազդ
Զարկեր պատռեր էր անոր սիրտն իր շանթով մեծասաստ.
Եւ գըլուխն իր գեղուղէշ՝ որ կը հասնէր արեւին՝
Արդ սօսափներ չէր երգեր, կը նիզակուէր դէպ երկին:
Հոն, ահա այդ բարտիին շուրջը եկան հաւաքուիլ
Անտառաբնակ չորս քուրմեր հագած կընգուղ եւ ջանջիլ,
Ու Տըրդատի հրամանով անոր բունին ճիշտ ներքեւ
Միահամուռ փորեցին Նազենիկի փոսը սեւ.
Ու երգեցին Աստղիկին: Տըրդատ սըրտէն շանթահար՝
Անոր դեռ թարըմ դիակն առած գրկին մէջ կու լար:
Երբ զայն փոսին յանձնեցին՝ մազերուն մէջ շաղապատ
Դեռ Բակուրի նետն ոսկի կը փայլակէր լուսացայտ:
Իջեւանին քով տնկուած վաղընջական այն բարտին
Վերընձիւղում մ՚ըստացաւ՝ բուժելով վէրքն իր սրտին՝
Երբոր Հարճին լոյս մարմնոյն աւիշներով կենսայորդ
Թաթախուեցան հողին տակ արմատներն իր խորդուբորդ,
Եւ ըսուեցաւ թէ անոր տերեւուտքին մէջ դողդոջ
Չըքնաղ հոգին վարձակին բընակեցաւ դար մ՚ամբողջ,
Լուսընկային ժըպտեցաւ, ծոծրակին վէրքը տուաւ ցոյց,
Հովերուն հետ պար եկաւ, բամբիռներն իր հնչեցուց: