ԳՈՂԳՈԹԱՅԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐ
Փառք սարբինային. Քրիստոս կը պատարագէ:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԼԱՑԸ
Գեղեցիկ բաները արցունքի մէջ կը ծնանին:
ՌԸՆԱՆ
Երբ միջոցին մէջ տեղի տըւած չէր
Դեռ Ոչընչութիւնն այս Տիեզերքին՝
Ես կարծեմ Աստուած բան մը կ՚որոնէր՝
Որ դարման ըլլայ տաղտուկի վէրքին:
Շըրջան ըրաւ Ան միջոցը մէկէն,
Եւ հոն իրմէ զատ բան մը չըգըտաւ.
Էութիւն մ՚ուզեց իր էութենէն.
Իր Էութիւնն իր արձագանգն եղաւ:
Յետոյ դառնալով, տըխուր եւ մորմոք,
Համըր Լըռութեան եւ կոյր Ոչինչին՝
Ան իրենցմէ ինչ մ՚ուզեց, եւ անոնք
Ինքզինքնին տըւին, կամ բան չըտըւին:
Երբ Անհունն այսպէս դատարկ գըտաւ Ան,
Իր մէջ ըզգաց խոր, դառնակըսկիծ ցաւ.
Եւ Լըռութեան վրայ ու Ոչընչութեան
Յուսհատութենէն սըրտաբուղխ լացաւ:
Վարն իր արցունքներն ուզածը տըւին՝
Կազմելով մէյմէկ աստղեր երկընքին.
Եւ Բանաստեղծին նըման Աստուած ալ
Որպէս զի ստեղծէ՝ հարկ եղաւ նախ լալ:
ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԽԱՉԻ
Ով մատնուած Յիսուս,
Դուն որ փըշապատ գըլուխ մ՚ունեցար՝
Գըթա իմ գըլխուս.
Դերաներըդ զայն քարկոծեցին յար
Եկեղեցիին սալաքարերով:
Վէրքերէս բըղխող ըղեղըս կերան
Իշամեղուներն ամբարըշտութեան:
Տես, մազերուս վրայ եղեամն է նըստեր.
Ես շատ եմ տանջուեր:
Տառապած Յիսուս,
Դուն որ ունեցար արտասուող աչքեր՝
Գըթա աչքերուս.
Անոնք աւելի արտօսր են քամեր
Քան թէ խըմեր լոյս: Դագաղներու վրայ
Միշտ մահն են հըսկեր մոմերու հետ շէջ:
Բիբերս են ինկեր վիշտի հորին մէջ:
Տես, կոպերուս վրայ աճիւն է ցանուեր.
Ես շատ եմ տըքներ:
Ապտակուած Յիսուս,
Դուն որ ունեցար ձեռքեր կալ ու կապ…
Գըթա ձեռքերուս.
Ափերս են տաղեր պայտերով հրատապ,
Եւ մատուըներէս, ըստինքներու նման,
Արիւնս են կըթեր: Դաստերս ճաթած են
Կըրելէն երկաթ, հողը փորելէն:
Տես, եղունգներըս սիրտս են յօշոտեր.
Ես շատ եմ խոցուեր:
Թըքնըւած Յիսուս,
Դուն որ ունեցար ձաղկըւած կողեր՝
Գըթա կողերուս.
Անոնք աղբիւսի վըրայ են պառկեր՝
Եւ վիշտը քունէն ճանչցեր յաղթական.
Բուծաներ են միշտ գըրկած Մահը կոյր՝
Իրենց քաղցն անոր տալով կերակուր:
Տես, փողոցի շուն մ՚է կողըս պատռեր
Շատ եմ հալածուեր:
Մահապարտ Յիսուս,
Դուն որ բեւեռուած ոտքեր ունեցար՝
Գըթա ոտքերուս.
Արիւն սըրսկելով թափառեցան յար
Աւերակներու եղիճներուն մէջ:
Զանոնք չըլըւաց ձեռք մը սիրական
Ոչ մէկ լականի մէջ ասպընջական
Ոտնամատերէս կ՚հոսին մոխիրներ.
Ես շատ եմ քալեր:
Ով խաչուած Յիսուս,
Դուն որ նիզակուած սիրտ մը ունեցար՝
Գըթա սըրտիս յոյզ.
Օր մ՚որ անոր մէջ բաբախեց աշխարհ՝
Յոյսին տեղ այսօր Ոչինչը կ՚ապրի:
Սիրտըս սափոր մ՚է, աճիւնս՝ անոր մէջ,
Զոր պիտի հովերն առնեն մահէս վերջ:
Տես, տես, սըրտիս վրայ դաշոյն մ՚է խըրուեր.
Ես շատ եմ սիրեր:
ԼՈՅՍԸ
Դուն կը փայլիս մեծութեան եւ զոհագործումին համար:
Ռիկ-Վէտա
Կ՚երթամ աղբիւրը լոյսին…
Ուղին երկար է. սալարկուած է ուղին
Կայծքարերով, ցանկուած՝ մուրտի փուշերով.
Ուղին շեղ է ճառագայթի մ՚հանգունակ:
Անկէ կ՚ելլեմ՝ յենլով դողդոջ ծունկերուս,
Եւ ծունկերէս, զոր գամեցին եղբայրներս,
Արիւնըս տաք կը բըխի:
Հեւքն է՝ կուրծքիս, թարթիչներուս վրայ՝ փոշին,
Սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…
Լոյսն աղուոր է, բարձրութեան մէջ՝ հոսանուտ,
Խոնարհումին մէջ՝ արդար:
Օր մը տեսայ էութենէն մաս մը սուրբ
Մօրս հոգւոյն մէջ ճաճանչագեղ եւ ցաթած
Մեր գիւղակին մէկ վաղեմի հերոսին
Հողակոյտին վրայ դալար:
Միջօրէին՝ զայն տեսայ
Որ՝ նըման մեծ թիթեռնիկի մ՚ըսպիտակ՝
Կը քալէր գաղջ պատուհանիս քարին վրայ,
Որ մայթերէն կամ աղծապիղծ ճամբայէն,
Ներողամիտ գըթութեամբ,
Կը հոսէր նոր կըթուած կաթի մը պէս եղկ,
Որ իրիկունն, հորիզոնէ հորիզոն,
Կ՚երիզանար գետերու պէս յակինթի,
Կամ կը կազմէր, երկինքներուն վրայ խաղաղ,
Անըրջական աւազաններ, որոնց մէջ
Կը բռընկէին նունուֆարէ կըղզեակներ:
Զայն ես տեսայ, եւ հոգւոյս մէջ արթընցաւ
Պանդուխտի տենչ մը անորոշ եւ լըլկիչ
Դէպի գաւառ մ՚անծանօթ, լի արեւով.
Եւ արդ կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…
Լոյսն է Մըտքիս հարսը, աղջիկն՝ Աստուծոյ.
Ան գինին է Տիեզերքի բերկրութեան,
Որ իրիկուն մը, կողէն դուրս Յիսուսին,
Հեղեղօրէն հոսեցաւ,
Ներումի պէս հոսեցաւ, վարը, Մեղքին
Սեղանին շուրջը հաւաքուած մարդերուն
Անյուսութեան ըսկիհներուն մէջ դատարկ,
Լոյսը արիւնն է բնութեան,
Գիշերուան թագն, ու պատմուճանն է օրուան.
Աստուածային Ակնին է՝
Որ, երկունքի մէջ մեռած մօր մը նման,
Կը ստեղծէ իր վախճանելու ժամանակ,
Ակնին՝ հրեղէն բիբերով,
Որուն հոգին ամէն գարուն կը տրոփի
Հիւլէին մէջ եւ մարդկային մըտածման,
Որուն համար զոհերով դեռ կը մըխան
Նըւիրական ափերը յորդ Գանգէսին:
Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…
Լոյսը մարմարն է երկնային հանքերուն,
Որով Արուեստն, անմահական երազով,
Կը քանդակէ ձիւնամարմին աստուածներ:
Իր ծոցին մէջ կը ծընին
Մռայլ Տանդէներն ու Հոմերները հըսկայ,
Իր ծոցին մէջ իմաստութիւնը երգ մ՚է՝
Զոր գիշերուան մէջ խորին
Բանաստեղծները կը խըմեն աստղերէն՝
Որ նըւագեն ցերեկուան մէջ՝ Մարդերուն:
Ան ամենուն զինքը կու տայ, ամենուն
Կը բաժնըւի, եւ կը մընայ անբաժան
Նըշխարքին պէս. ան նըշխարքն է՝ որ կ՚իջնէ
Ամէն առտու, սեղաններուն վըրայ մեր,
Մարդեղութեան արիւնլըւայ խորհուրդին:
Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…
Քանի հազար, քանի հազար տարիներ
Պէտք է որ այսպէս քալեմ.
Քանի անգամ պէտք է իյնամ, կարեվէր,
Ճանապարհիս վրայ բացուած
Նըպատակիս ժայռափըշուր մուրճերով.
Չըգիտեմ ես. միայն թէ, ով եղբայրներ,
Ով խաչ հանող եղբայրներ,
Թողուցէք զիս ճամբորդութեանս մէջ մինակ,
Այնքան մինակ եւ այնքան լուռ, որ լըսեմ
Տրոփը սըրտիս, զոր ընտըրած նըւագս է
Նըւագներուն մէջէն բիւր.
Արեւով լի եւ արեւները տանող
Ուղիիս վրայ մի սըփռէք
Ձեր շուքը, մռայլ թեւի մը պէս ուրուրի:
Եւ ոչ ալ զիս կանչեցէք
Խընճոյքներուն ձեր զըւարթ՝
Ուր բոզութիւնը կը զարնէ նուագարան:
Ընդունայն է խոստանալ
Սըրտիս կոյսեր, սիրտըս սափորն է դատարկ,
Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը Լոյսին:
ՏՐՏՈՒՆՋՔ
ԵՂԻԱ ՏԵՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆԻՆ
Տրտում է անձն իմ մինչեւ ի մահ:
ՅԻՍՈՒՍ
Այս իրիկուն լալագին, ով սիրելի Եղիա,
Նիրվանայիդ աստղայեռ կու գամ դըռները բաղխել:
Իմ վիշտըս դուն կըրեցիր, դուն կըրնաս զայն հասկընալ՝
Մարդիկներէ ծանակուած մահաբաղձիկ տրտմութիւնս
Հանճար մը լոկ իր գութով կրնայ վայրկեան մ՚ըսփոփել:
Ես չեմ ցանկար՝ քու սիրոյդ ըլլալով պահ մ՚արժանի՝
Անմահութեանդ նշոյլն իսկ մեռած սըրտիս մէջ կըրել,
Իմ կեանքս է լուռ մըխանքին, եւ մահըս ալ Ոչինչին:
Երբոր բաշխել ուզեց Տէրն իր գանձարանն երկնաճոխ
Տաղանդներուն տուաւ աստղերն, եւ արեւն ալ հանճարին,
Բայց սընափառ իմ ճակատս արտախուրել ուզեցի
Ասուպներով՝ որոնք պահ մը շողացին ու մեռան
Մեռան անդարձ. բայց այսօր կը յամառիմ հաւատալ
Թէ ջախջախուած լարերէս եւ աճիւնէս գրիվեր
Կը մընայ Վիշտս աննըւաճ, Յուսահատութիւնըս անմահ:
Տես, գարունէն ես կու գամ, հայրենիքէն վարդերու.
Օր մ՚իմ շեմիս առջեւ ալ մայիսն առոյգ ծաղկեցաւ.
Աղաւնիներս ըսպիտակ աւազանիս եզերքին
Համբուրուեցան կարմրագեղ կտուցներով տարփայեղձ.
Բայց տառապանքն անպատում շիրմաքարի մը պէս սեւ
Փակած էր սիրտըս ընդդէմ գարնանային աւիշին.
Ու մայիսի վարդերէն ճակատիս շուրջ լոկ մընաց
Փըշեայ պըսակ մը խըրուած մինչեւ ըղեղս արիւնլուայ:
Դուն որ օր մը, ով Հընդիկ, բռնուած ցաւէն հանճարիդ
Ծովակին մէջ Մոտայի, բուրումներով առլըցուն,
Անյայտանալ ուզեցիր բուստերուն տակ լուսաշիթ,
Բնաւ երբեք չըտեսար՝ թէ ինչպէս շուրջըդ փարթամ
Կը ծիծաղէր բընութիւնն, աքասիաներն եզերքին
Կը ձիւնէին ծաղիկներ անդունդներուն վրայ ծըռած.
Ծիծառը դուն չըլսեցիր՝ թեւն ալիքին թաթխելով՝
Երբ տարփագին կը կանչէր քեզ վիհերու թովչանքէն
Արեւուն տակ փայլակող աստուածային խընճոյքին.
Չըխորհեցար դուն բընաւ՝ թէ կ՚արժէ կեանքը ապրիլ,
Կ՚արժէ նայիլ աստղերուն, եւ մըտածել Աստուծոյ,
Կ՚արժէ տալ սիրտ մը քնարին, ու յետոյ զայն կըտակել
Անմահական դարերու՝ քանի մը պարզ թըրթռումով:
Այսպէս ալ, ով Եղիա, կըրնաս դուն լաւ հասկընալ
Թէ, ահ, որքան ահեղ է անցնիլ կեանքի գարունէն՝
Եւ միմիայն աչքերու մէջ արտասուք ունենալ,
Քղանցքըդ քըսել վարդերու, ճակատդ հըպել դափնիի,
Եւ հուսկ վէրքերը կըրել եղիճներուն դաւադիր:
Քեզի պէս ես ալ նըստայ ծովակներու ափունքին,
Կամ նաւեցի լըճին վրայ բուրումնաւէտ իրիկունն,
Բայց դեռ չըմպած անդորրանքն՝ անդունդը ես չափեցի,
Եւ մաղթեցի որ մակոյկն իսկոյն դագաղըս ըլլար
Եւ բըռնաշունչ մըրըրկէ մ՚Անծանօթին ծոցն հասնէր:
Սակայն կ՚արժէր դեռ ապրիլ… ու փորձեցի ես սիրել.
Սըրտիս տրոփիւնն զգալու համար՝ կուրծքի մը փարիլ:
Դուն չըրիր նոյնն, Եղիա, երբ հընդիկի փօստիդ վրայ
Կու գար նըստիլ Սըրբուհին եւ դրած գըլուխը ծունկիդ՝
Մըրըրկաշունչ նըւագներդ հրեշտակի պէս կ՚ունկնդրէր.
Երբ դուն բուի աչքերով կը կարդայիր Ռիկ–Վէտան՝
Անշուշտ գըտար իր գըլխիկը աւելի շնորհագեղ
Քան թէ լուտասը ծաղկած Մայայի լոյս ծոցին մէջ.
Ու երբ մազերն յորդառատ ջրվէժի պէս թափեցան
Գիրքիդ վըրայ՝ անոնք քեզ յիշեցուցին անպատճառ
Խորախորհուրդ ծըփանքներն անտառներուն հնդկական:
Բայց օր մըն ալ Սըրբուհին հիացումին մէջ յոգնած՝
Մըտքիդ թըռիչն անհունին մէջ դիտելէն ձանձրացաւ,
Եւ չըհասաւ համբուրել վըսեմ ճակատն արեւուն.
Որ գիրգ տատրակը արդեօք ատակեց ձուն արծիւին
Թեւերուն տակ ամփոփել, տալ կենդանի ջերմութիւն.
Որ կընոջ սիրտը կըրցաւ հանճար մ՚ընել բարեբաստ:
Սէրն ու հանճարն՝ ըլլալով զոյգ հաստիչներն Աշխարհի
Երանութեան նպատակին բըռնակալներն են անհաշտ,
Մին մըտքերու փոթորիկ, եւ միւսը կրակ սըրտերու,
Մին աստըղներ կը ստեղծէ, կու տայ միւսն անոնց հուր,
Տիեզերքի բարերար եւ իրարու ախոյեան,
Մէկըզմէկու արիւնով անոնք Մեծերն են ծըներ:
Ախ, բանաստեղծ, ինչպէս քեզ պատմել եղերգը սէրիս.
Յիշելը զայն՝ վերըստին արիւնիլ է ինձ համար:
Ինչպէս ըսել թէ ես ալ պաշտեցի կին մ՚հրաշագեղ.
Անոր հեղեղ մազերուն վըրայ, քընար բիւրաղի,
Մատերըս սէր նուագելով մեղրամոմի պէս զոր քու մահդ իմ վախճանիս կըտակեց.
Կը հասկընամ թէ անոր շուլլըւելով է միայն
Որ սիրտս ըսփինքսը կ՚ըլլայ, վիշտըս գաղտնիքը անոր
Եւ ես զոհի մը ցընթող ճենճերին պէս կը հասնիմ
Նիրվանայիդ եւ քեզի, յաւէրժական Հանգիստին…
ԱՌԿԱՅԾ ՃՐԱԳ
Յաղթանակի գիշերն է այս տօնական.
Հարս, եղ լեցուր ճըրագին:
Պիտի դառնայ կռիւէն տըղաս յաղթական.
Հարս, քիթը առ պատրոյգին:
Սայլ մը կեցաւ դըրան առջեւ, հորին քով.
Հարս, վառէ լոյսը ճրագին:
Տըղաս կու գայ ճակատն հըպարտ դափնիով.
Հարս, բեր ճըրագը շեմին:
Բայց… սայլին վրայ արիւն եւ սուգ բեռցեր են…
Հարս, ճրագդ ասդին երկարէ:
Հերոս տըղաս հոն զարնուած է սըրտէն.
Ախ հարս, ճըրագըդ մարէ…
ԽԵՂԴՈՒԱԾ ՄԻՋԱՏԸ
Գարնան բոյրերէն արբշիռ՝ ինկար դուն
Աչքիս մէջ՝ որ քեզ ծով մ՚եղաւ անհուն:
Ափունքի մ՚յոյսով ի զուր լըլկեցիր
Թեւերդ այդ մըռայլ ալիքներուն վրայ՝
Որոնց տակ կ՚ապրէր ցաւը դաւադիր,
Ցաւն՝ որ քեզ ճըմռեց, ըրաւ հեղձամահ:
Յետոյ կոպս իջաւ վըրադ՝ ամպի պէս՝
Եւ բիբըս, հոգւոյս լոյսով ողողուած,
Գերեզմանդ եղաւ: Նոյն արցունքն ըզքեզ
Ըսպաննեց, եւ նոյն արցունքը ողբաց:
Դուն հետաքըրքիր մեղքըդ քու մահով
Քաւեցիր, ես իմս՝ ակամայ լացով:
Գիտեմ թէ քեզի եղաւ որքան վիշտ
Լուծուիլը հեռու կառերուն ծոցէն՝
Որոնց շուրջն ուրախ կը բըզզայիր միշտ՝
Կարծելով երգիդ ականջ կը դընեն
Իրերը բոլոր, կամ քուկդ է արփին
Եւ տարափներուն մասրենին նըրբին:
Եւ քուկըդ կ՚ըլլար տիեզերքն անհուն՝
Երբոր կ՚իշխէիր հորիզոններուն
Մրըրկին թեւին վրայ: Ով կեանք երջանիկ,
Կ՚անցնէիր ծաղրով կարծես անտառին
Գոռ ծըփանքներէն, երբ շուրջըդ՝ քաղցրիկ՝
Խիժոտ գիհիներն յար կը խընկէին:
Բայց, աւաղ, բախտիդ մարդն էր աչք տընկած,
Եւ ահա քեզ այդ աչքին մէջ որսաց:
Հոն մեռար: Վերջին բըզզիւններդ ողոք
Մըտերիմ զեփիւռ մ՚ի զուր կանչեցին
Մահուանդ օգնութեան. ան չեկաւ. ոչ ոք
Իշխեց մօտենալ մարդկային աչքին:
ԲԱՆՈՒՈՐՈՒՀԻՆ
Պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ,
Ուրուականի պէս կ՚անցնիս.
Եւ կուսագեղ գըլուխիդ վրայ կ՚արտասուէ
Տերեւաթափ վարդենիս:
Լուռ թաղին մէջ կը լըսեմ քայլդ, ու զարթնող
Շունն՝ որ վըրադ կը հաչէ.
Կամ կը լըսեմ քունիս մէջէն ձայնն հազիդ՝
Որ ծոցդ աղուոր կը տանջէ:
Եւ կը խորհիմ թէ քընատ ես եւ նօթի.
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նըստի գանգուրներուդ վըրայ, քոյր,
Եղեամն իբրեւ շափիւղայ,
Կամ մուճակներդ են պատըռտած, փողոցին
Ջուրն անոնց մէջ կը ճողփայ.
Կամ ետեւէդ շըւայտօրէն կը սուլէ
Թուրք սըրիկայ մ՚անոպայ:
Եւ կը խորհիմ թէ, տան մէջ, մայրդ է հիւանդ.
Ցամքած է ձէթն ալ ճրագին.
Ու դուն կ՚երթաս գործատան մէջ աշխատիլ
Լոյսին համար ու կեանքին:
Ես կը խորհիմ եւ խենթի պէս կը բաղձամ
Վար իջնել, քոյր դալկադէմ,
Քովդ իջնել, համբուրել ձեռքըդ նիհար,
Եւ հըծծել. «Քեզ կը սիրեմ»:
Կը սիրեմ վիշտդ՝ որ իմ վիշտս է գերագոյն,
Կը սիրեմ կուրծքըդ քանդուած՝
Որուն մէջ դեռ կը յամառի Սէրդ երգել
Արտոյտի պէս սըրարբած:
Կը սիրեմ քու անօթութիւնդ ու ծարաւդ,
Եւ ոսկորներդ ուժասպառ.
Ես կը սիրեմ կոյս աղիքներըդ ցամքած,
Մազերուդ սուգն՝ ուսէդ վար:
Եւ ես կ՚ուզեմ ամփոփել քեզ սըրտիս վրայ
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ուժըս քեզ, մըրցանակներըս փառքի,
Եւ ազգանունս անբասիր:
Կուրծքըս վահան ընել կուրծքիդ նըշաւակ,
Եւ քօղն ըլլալ պատիւիդ,
Կրանիթէ բազուկիս տակ պաշտպանել
Սեռըդ ու գեղդ անժըպիտ:
Կ՚ուզեմ քեզ տալ ինչ որ պայքարն ինձ տըւաւ,
Ինչ որ խլեցի մարտերով.
Քեզ պըսակել արիւնիս գոյնն ունեցող
Յաղթանակիս վարդերով:
Միայն թէ դուն չըլլաս տըժգոյն ու քաղցած,
Արեւուն տակ չըհազաս,
Մօրըդ վերեւ չըմարի ճրագն, ու, ով քոյր,
Դուն գործատուն ալ չերթաս:
ՄԵՆԱՒՈՐ
Դեկտեմբերի պայծառափայլ իրիկուն.
Երկընքին տակ, ադամանդի նըման ցուրտ,
Ուղեկորոյս հովը կ՚անցնի մայելով:
Վըճիտ լոյսերն աստղերուն
Արիւն կու լան սառոյցին վրայ լըճակին:
Հոգիս կառչած մըտածումի մը յամառ՝
Կը սպասէ գոց պատուհանին ետեւ լուռ…
Չեկաւ. – «Եւ ալ պիտի չըգամ», – ըսաւ ան:
Որբ շեմիս վրայ մըխիթարիչ քայլն անոր
Պիտի բընաւ չըծաղկի.
Եւ դեռ հոգիս կը սպասէ:
Ինչ մենաւոր սենեակ, ինչ կեանք մոռցըւած.
Յիշատակի մը մէջ յանկարծ կը փըղձկի
Սիրտըս տըրտում… կը փըղձկի…
Ըզգացումներն այսպէս կուլան մութին մէջ,
Քաղցըր, տըրտում, անյագուրդ:
Եւ կը խըմեն շրթունքներս
Արտասուքներս հոսանուտ:
Ոհ, ինչ ցուրտ է հոս, Տէր իմ.
Հանգեր է կայծը վերջին
Կրակարանիս մէջը քամին կ՚ողբերգէ:
Կը զգամ եղեամն այս թողլըքուած խուցին մէջ,
Որ մազերուս վըրայ սեւ
Ձիւնասպիտակ ծաղիկներն իր կը բանայ.
Բոլոր աստղերն, երկինքէն վար սառնաշիթ,
Օրհասական իւղն օծման
Ճակատիս վրայ կը հեղուն:
Կահերուն տակ թաքթաքուր
Ամէն վայրկեան մութն աւելի կը բարդի,
Կը տարածէ անկողինիս վրայ արդէն
Դամբանական ծածկոյթը իր սեւաշղարշ:
Ոհ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ.
Վարագոյրիս ժանեակներէն կաթկըթող
Լուսընկան բաւ է ինծի:
Մարդիկներուն շըռայլօրէն տալէ վերջ
Աւիւն եւ սէր, ծաղիկներն իմ էութեան,
Գըտնել զանոնք միշտ ծանծաղ,
Գըտնել Աստուած միշտ ըսփինքս
Ոչնչութիւնը պըճնող,
Եւ հեռացուիլ այն սիրելի էակէն՝
Որուն թարթափը կոպերուն կը բաւէր
Արծարծելու համար կրակներն արիւնիս,
Միսիս ճենճերն, սըրտիս բուրվառն հոտեւան,
Հիմա, աւաղ, ինչ կը մընայ ալ ինծի.
Մոխիր, մոխիր, եւ աւերակ. եւ նոյնիսկ
Խորունկ սոսկում մ՚իմ իսկ անձիս նայելու:
Ոհ, չեմ ուզեր, ես չեմ ուզեր այս ժամուն
Լամբարիս լոյսը մատնիչ:
Երբ ալ դատարկ է հոգին
Ահաւոր է տեսնել յատակը անոր:
Փլատակներուս կանգուն մնացած կատարին
Լուսնին ոսկի ծեփող մէկ շողը բաւ է:
Ես չեմ ուզեր լամբարիս լոյսը մատնիչ.
Բայց լուսինն ալ, աւաղ, լուսինն ալ ահա
Հոն, դըրացի երդին ետեւ ծածկուեցաւ:
Հովը կու լայ, կը կաղկանձէ, կը թըռչի:
Կրակարանիս մէջ պաղեր է մոխիրն իսկ:
Հովը կ՚ոռնայ… հովը բացաւ մեղմօրէն
Պատուհանիս փեղկը հին:
Ոհ, ով Տէր իմ, ով Տէր իմ,
Չայցելուած այս սենեակը որքան ցուրտ է.
Արցունք մ՚ահա մարգարտի պէս սառեցաւ
Ծայրին վըրայ թարթիչիս,
Եւ սիրտըս դեռ տըրտում տրտում կը փըղձկի:
ՄԻՋՕՆ
Երիտասարդներուն մահը նաւաբեկութեան մը կը նմանի:
ՊՂՈՒՏԱՐԳՈՍ
Պատանի էր, հովերուն, ալիքներուն մէջ մեծցած,
Իր հայրենիքն ովկիանն էր, եւ նաւը իր օրօրոց:
Քամին յաւէտ կը լիզէր կուրծքն արեւէն թըխացած.
Նըստած էր աղը ծովուն ճակատին վրայ քրտնազօծ:
Միշտ ծըխամորճը բերնին մէջ կ՚աշխատէր անխըռով.
Նաւը բոպիկ կը լըւար, կայմին կ՚ելլէր ժիրաժիր.
Վեր կը քաշէր շանաձուկն՝ անոր քիթէն որսալով.
Եւ ամբարի մուկերուն կու տար երբեմըն նախճիր:
Ան մի առ մի կը ճանչնար աստղերն իրենց առաջնորդ.
Կարծեմ նոյնիսկ լըսած էր թընծկալն երկու Արջերուն:
Ան կը ճանչնար լուռ դաւերն ալիքներուն քինայորդ.
Եթէ անգամ մ՚ականջ տար Շընիկ աստղին հաչելուն:
Ան կը սիրէր ջուրին վրայ աղկիոնի մը նըման
Երգել, ու մերթ ցըռուկին նըստած՝ ոտքերը կախել
Անդունդներուն փըրփրացայտ որկորին մէջ մոլեկան.
Ան կը սիրէր իր թեւերն Անհունին մէջ բաբախել:
Սինկափուրի առջեւ նաւն երբ որ խարիսխ կը նետէր՝
(Ուր Միջօն սեւ բիբերով բոպիկ աղջիկ մ՚էր սիրած)
Արագաճեպ կը մագլէր թըռչարանէն դէպի վեր.
Կը տընկէր դրօշն, հովերուն ճակտին մազերը տըւած:
Ու կայմէն վար հեղեղուող պարաններուն մէջ ծըփուն
Ան կը լողար… ինչ ճապուկ ճախրեր կ՚ընէր այդ տղան.
Մերթ կը սողար օձի պէս, մերթ փորձելով վիհն անհուն,
Թըռչարանին ճիշտ ծայրին կը թառէր ան բուի նման:
Չըւաններուն գաղտնիքներն ոչ ոք կար իր չափ լուծող,
Անոնք իր իսկ մատերուն կարծես ջիղերն ըլլային:
Երբոր քամին կը յուզէր լարերը այդ լուսացող՝
Երգովն անոնց կ՚արբենար, կը վերանար լուսինին:
Վերն էր դարձեալ, երբ շանթեց օր մը մըրրիկն ախերոն.
Նաւուն ներքեւ կատաղի ցուլի պէս ծովը խոպաց,
Եւ ամպրոպի մ՚հարուածով կոտրեցաւ կայմն, ու Միջօն
Գըլորեցաւ աստղերէն՝ անդունդին մէջ լայնաբաց:
Անհունին էր միացած մասնիկը այդ Անհունին…
Բայց երբ մարմինը դըպաւ խարակներուն թըխերանգ՝
Դըժբախտ Միջօն ցանկացաւ, յառած աչքերը նաւին,
Խուսող ճերմակ առագաստն… իր դիակին գէթ պատանք:
ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՏՂԱՆ
Ուշ ատեն դուն որ կը թողուս ալ մարմանդ
Սիրտըդ՝ սըրտին, ձեռքըդ՝ ձեռքին մէջ մօրկանդ,
Պահ մը կանգ առ, ով մանուկ.
Վեր վերցուցած ծաղկալի փէշդ՝ որ ինծի
Ցոյց կու տայ մերկ սրունքներըդ գոյն բըրընձի,
Թող, բաց թեւերըդ փափուկ:
Գըրկէ հոգիս. ես օտար չեմ. չես տեսնար՝
Որ բացած է Բնութիւնը, մեր Մայրն արդար,
Իր մատերով բոցագոյն՝
Սիրտս՝ ամենուն. սէրս ամենուն կ՚հոսի դեռ,
Սէրս՝ որ ոսկի ճանկ մը կ՚նետէ վարէն վեր,
Ծաղիկներէն՝ աստղերուն:
Քեզ գըրկելու տենչ մ՚հոգւոյս մէջ կը հոսի,
Դաշտերու տղայ. չէ որ եղբայր եմ քեզի
Մեր Մայր-Բնութեան կողմանէ:
Բուրումներուն մէջտեղ գարնան դաշտերուն,
Կամ բլուրին վրայ – ծաղկէ բագին – մեր անհուն
Տիրոջ մեր զոհը նոյնն է.
Քեզմէ՝ սըրտիկդ, ինծմէ՝ քընարս: Ով հոգիս,
Ճակտիդ համար համբոյր մ՚ունիմ շըրթունքիս.
Այդ համբոյրովս հոգեծին՝
Կը ցանկամ որ – իղձ՝ զոր մէկուն դեռ չըսի –
Գէթ պահ մ՚հոգիդ իմ հոգւոյս մէջը սուզի
Ինչպէս կարապը՝ լիճին:
Խոշոր աչքերդ՝ որոնք մէն մի թարթափէն՝
Զիս իրենց մէջ կը նըկարեն ու կ՚աւրեն,
Շուշան ճակատդ՝ որ մերին
Ճակատներուն ցոլք մը յաւէտ կը ձըգէ,
Բերանդ, այտերդ արդեօք դաշտի ինչ ծաղկէ
Կամ ինչ խունկով երկնային
Յօրինուած են: Եւ քու հոգիդ փողփողէջ՝
Ինչպէս կայծոռը վարդենւոյն ծոցին մէջ՝
Զեփիւռներով կ՚արծարծի:
Հողին հոտով խընկըւած է քու արիւնն.
Հողին հոտով ծըծած ես կեանք եւ աւիւն,
Դաշնակում մ՚ես կարկաչի:
Հազիւ բացիր մեղոյշ բիբերդ արեւուն՝
Քաղքէն հեռու՝ տեսար դաշտերը անհուն.
Օտար ձեռք քու երակներ
Շօշափած չէ: Լերան կողին, թաքթաքուր,
Դուն տորոնի ծաղիկ մըն ես՝ որուն բոյրն
Ուրիշ բոյր չի խանգարեր:
Մէջդ եղծուած չէ դրոշմն Աստուծոյ սըրբանուէր,
Զի սրբութեան՝ բնութիւնը չի վընասեր.
Շող մ՚ես, երբ զով մարգին վրայ,
Շուքին, ծաղկին, ճիւղին մէջէն կը սահիս:
Ամէն ձորակ աշխարհ մ՚է քեզ, ով հոգիս,
Քանի որ մէջդ Աստուած կայ:
Քեզ բնութիւնն է կազմած, կամ դուն ես բնութիւն.
Եթէ այսօր – ներէ այս սեւ բառերուն –
Մահն հողին տակ լուծէ քեզ,
Այտերըդ վարդն առնէ պիտի, սէրդ՝ լուսնակ,
Սիրտըդ պըլպուլն, երգըդ հովն, աչքերդ մանիշակ,
Հոգիդ երկինքն, արցունքդ… ես:
ՍՊԱՍՈՒՄ
Ահաւասիկ շուրջն ընդրիկի սեղանին
Նըստան տղաքն ու կինը ծեր բանուորին:
Մէջտեղը լուռ կը պաղի
Ոսպապուրն իր գոլորշիին մէջ անդորր:
Մայրը հացերը լեղի
Իր սըրտին պէս բաժնեց կըտոր առ կըտոհա դուռն հիւղին
Լալաճըռինչ բացուեցաւ իր շեմին վրան.
Ինքն է. ոչ ոչ. է քամին՝
Որ բօթաբեր դըրացիի մը նըման
Ներս կը մըտնէ, կը սողոսկի ճրագին մէջ՝
Ու բոցին տակ ծըխայարոյց կը մեռնի:
Նօթի տղաներն աղիողորմ աչքով գէջ
Կը նային մօրն երեսն ի վեր տըխրունի…
Ինչու չեկաւ… որ անիծուած ընկերներ
Զինքը իրենց ճամբուն մէջ են մոլորեր:
Սուրբ զոհն եղաւ բանթողի,
Թէ կը խըմէ արդ օղի
Գինետան մէջ, սեղանին տակ թըքնելով:
Չեկաւ. ահա մօրը կուրծքին վրայ խորով
Կրտսերագոյնը լալէն
Նընջեց… եւ դեռ կը սպասեն:
Ով կը հազայ դըրան առջեւ. ան է, ան:
Անոնք հազն այդ կը ճանչնան:
Կը ճանչնայ կինն ամուսնոյն
Շուքն իսկ ջուրին վրայ հոսուն:
Ան կ՚երեւայ աւասիկ.
Գլուխն է փոշոտ, փոշոտ լոդիկը բըզիկ.
Եւ իր կապոյտ տաբատն հին
Շըպարն ունի շաղախին:
Դըժնէ բիբերը արիւնի մէջ ի լող,
Կը թաւալին կոպերուն տակ շըլմորուն:
Կը նետէ մուրճը փողփող
Օճախին մէջ. ու դըրան մէջը կանգուն
Սեղմած կռուփները ջըղուտ
Կ՚աղաղակէ կընոջ՝ մռունչով մ՚առիւծի.
–«Բոզ հերատուկ, չըսպասեցիր դուն ինծի»:
Շունչը՝ լեցուն գինւոյ հոտով ժանտաժուտ՝
Կը յուզէ հիւղն համօրէն:
Կինն ու տղաները զարհուր
Կու լան… լացով կ՚օծանեն
Սեղանն՝ որուն վրայ պաղեր է ոսպապուրն:
ԸՆԿԵՑԻԿԸ
Բուքը կը մռընչէ: Շըքեղ տան մ՚առջեւ.
Կէս գիշերին, հոն, մայրը առաւ կանգ:
Յոյզէն կը դողայ սիրտը, զերդ տերեւ.
Մարմինը ձիւնէն հագեր է պատանք:
Կը նիրհէ գըրկին մէջ դեռ երեխան.
Գուցէ անօթի, գուցէ նըւաղած…
Կաթէն կաթիլ մը, մարգարտի նըման
Բերանին վըրայ Ցուրտէն է պաղած:
Պէտք է լըքել հոս: Ինչ նըկուղի մէջ
Ծընաւ ծաղիկն այդ՝ զարնուած եղեամէն…
Ունեցաւ շապիկ, կամ օրոցք մը գէջ…
Հրեշտակ մ՚իջաւ վար՝ ժըպտելու իրեն:
Հայր մ՚հաւատարիմ ունեցաւ արդեօք՝
Որ խառնէր քըրտինքն՝ իր արտասուքին.
Թէ կոյս մը խաբուած սիրով մը բորբոք
Անոր մայր եղաւ՝ նախ չեղած դեռ կին:
Չըգիտեմ. միայն այդ մայրն է տըժգոյն՝
Խոնաւ քարին տակ բուսնող սէզին պէս:
Ոտքերն են բոպիկ, հասակը նըկուն՝
Զոր պիտի փըշրէ ցուրտ քամին կարծես:
Թօշնած են ծիծերն՝ ուրկէ բըղխեցուց
Սէրը՝ կաթի տեղ՝ շիթ մը շարաւի:
Մերթ թափը հովին կուրծքը կու տայ ցոյց,
Ուր վիշտն է պառկեր, ձիւնը կը մաղուի:
Պէտք է լըքել հոս. կը դընէ տըղան
Ծածքին տակ քիւին, տանը շեմին վրայ…
Իր կանեփ շալով կը սքօղէ վըրան.
Ինք երկընքին տակ, մերկ, կը դողդըղայ:
Զայն կը համբուրէ եւ կ՚ուզէ փախչիլ…
Բայց սիրտը քայլին չի հըպատակիր.
Ոհ, ինչպէս բաժնել, փետել հոգեխիլ
Իր աղիքն որդւոյն աղիքէն կարմիր:
Եւ հոն կը սպասէ մինչեւ արշալոյս.
Խելայեղ ուրուն կ՚ըլլայ գիշերուան.
Ու երբոր տըղան կու լայ սըրտայոյզ՝
Մարմար շեմին վրայ մերթ կ՚օրօրէ զայն:
Կը խորհի. գուցէ ունենայ որդին
Վաղը այս կեանքէն կեանք մը լաւագոյն.
Դըրուի օրօրան. ծիծերն ըստընտուին
Իրեն աւելի առատ կաթ մ՚հեղուն:
Ունենայ գուցէ նոյնիսկ խաղալիք.
Պուպրիկ մ՚իրեն պէս բեհեզներ հագած.
Մարդիկ զայն կարծեն իշխան մը փոքրիկ.
Եւ զայն իր հրեշտակն ընդունի Աստուած:
Այսպէս կը խորհի մայրը դողդոջուն,
Մայրը՝ հոն հագած պատանքը ձիւնին…
Այգը կը ծագի. փողոցներն համբուն
Կեանքի շըշուկով տակաւ կը լեցուին:
Կ՚երգէ աքաղաղն, որդին կը ճըչայ,
Զի կոպերն անոնց շողն է համբուրած:
Մայրը խելացնոր, մայրը ակամայ,
Ըշտապ կը փախչի … սիրտը հոն թողած:
ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՍ
Ա. ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ
Ֆէրրարա… երբ քու ամայի
պալատներդ քար քարի վրայ չմնան՝
քերթողի մը բանտը փառքիդ մեծագոյն
տիտղոսը պիտի ըլլայ:
ԼՕՐՏ ՊԱՅՐԸՆ
–«Ըսէ, ծիծեռնակ,
Ճանճ մը կըտուցիդ կ՚երթաս ծաղկաւէտ որ այգեստաններ.
Որ աշտարակն է՝ որ գաղջ արեւու մէջ է ընկըղմեր.
Ըսէ, ծիծեռնակ»:
–Մետեխի բանտին պատին նորոգել կ՚երթամ բոյնս ամա՝
Որուն մէջ ձիւն է տեղացեր ձմեռն, ու այնտեղ հիմա
Օձ մը ծըւարած, գլուխը պոչին տակ, լուռ կը մըրափէ:
Օձի շապիկով կ՚երթամ կարկըտել բոյնըս կանեփէ:
–«Ախ, գընա, ծիծառ, երգը կըտուցիդ:
Միայնութեան մէջ մեծ Եղբայր մ՚ունինք մենք հոն կալանուած.
Թեզաններն ի վար կը հոսեն թոքերն արիւն մ՚անձնուրաց,
Հաց մ՚են դրեր իր քով, մոխիրով թըրուն, դառնահամ բըլիթ,
Եւ կուժ մ՚որուն մէջ ծըռած կ՚արտասուեն մողէզներ դեղին:
Ծիծառ, շող մը տար լուսնէն՝ որ օծէ բիբերն անժըպիտ,
Երգ մ՚որ ըսփոփէ հոգին՝ ուր տրոփեց հողը մայր Երկրին:
Ախ, գընա, ծիծառ, համբոյրըս կտուցիդ»:
–«Ըսէ, իմ կըռունկ,
Դէպի հորիզոն նետի պէս լսլսաքած վիզըդ բոցեղէն՝
Այսպէս ուր կ՚երթաս ուրախ կրկռոցով երդիքիս վրայէն.
Ըսէ, իմ կըռունկ»
–Կովկասը լիճեր ունի՝ որոնց մէջ եղէգներ ջով ջով
Բարձըր ուռճացած արեւ կը շնչեն փրփրուն կատարով:
Ու լըքուածներու տընակներ կան հոն՝ որոնց կը բաղձան՝
Որ իրենց շեմին երգեմ, իրիկունն, երգերս ըսփոփման:
–«Ախ, գընա, կըռունկ, յոյսը կըտուցիդ:
Բայց բանտի մ՚երդին պահ մը ամփոփէ թեւերըդ յոգնած:
Հոն Արուեստի քուրմ մը կայ՝ որ նուագեց Վիշտն համատարած
Ըստեղնաշարին վըրայ աստղերուն՝ մատերով վըճիտ:
Արդ իր գանկին ջահն արիւն կը ծեփէ պատերն Ոճրի Տան:
Կըռունկ, պըսակ տար իր ջախջախ քնարին սա ճիւղը փըթիթ
Զոր մենք ամենքնիս օծանեցինք մեր ողբովն յաւիտեան:
Ախ, գընա, կըռունկ, արցունքըս կտուցիդ»:
–«Ըսէ, արագիլ,
Գորտ մը, զմրուխտի նըման, բերնիդ մէջ դէպ ուր կու տաս խոյս.
Ուրտեղ օգոստոսն իրենց փոսերէն իժերն հանեց դուրս,
Ըսէ, արագիլ»:
–Հեռուն, կը տեսնեմ գլուխներն ադամանդ լեռներուն Կավկաս՝
Որոնց կողերէն ձորերը կ՚հոսի արեւն հըրամազ:
Գարունն է պճներ հոն հարսի նըման բարտի մը վըսեմ.
Իր սօսափիւնին մէջ բոյնս ուռիով ես պիտի հիւսեմ:
–«Ախ, գնա, արագիլ, կարօտը կտուցիդ:
Հոն կապանքի տակ Հայրենիքն ունի հանճար մ՚ողջակէզ:
Գրիչը մատերուն մէջ խորտակեցին ճառագայթի պէս:
Արագիլ, վրայէդ փետուր մը ձգէ, բանտն իր մահառիթ՝
Ուր ան օրէ օր իր գերեզմանին համար կ՚հասուննայ:
Ինչ փոյթ թէ խլուած փետուրէն՝ թեւդ այդ արիւնի շիթ շիթ.
Անով յաղթանակն ան պիտի գըրէ իր Ուխտին հըսկայ:
Ախ, գնա, արագիլ, սիրտըս կըտուցիդ»:
–«Ըսէ, խրոխտ բազէ.
Ճեղքելով անտառը կայծակներուն, ամպերուն խորէն,
Ինչ կատարի վրայ կ՚երթաս քըթվըտել պորտըդ լուսեղէն.
Ըսէ, խրոխտ բազէ»:
–Ռուս հորիզոնէն գաղթող մրրիկներն ինձ հոտը բերին,
Հոտ դիակներու, հունտերը կարմիր բեղուն ժանտախտին:
Հըզօր թռիչներէս վար գաղջ արիւններ ես անձրեւելով՝
Կ՚երթամ արածիլ մարդկային բիբերն ու սիրտերն համով:
–«Ախ, գընա, բազէ, կայծակը կտուցիդ…
Բայց մեռելներն այդ՝ զոհերն են լոյսի. անոնց մի դըպչիր.
Սիրտեր՝ որ վրէժէն չեն գիտեր պաղիլ. անոնց մի դըպչիր:
Այլ այնտեղ Պայքարն Առաքեալ մ՚ունի բանտին մէջ կրանիթ.
Թեւերովդ հուժկու զարկ, փըշրէ խախամն իր լուսամուտին,
Եւ շանթը կտուցիդ՝ Յոյսն երգէ՝ թառած իր ուսին վըճիտ:
Ըսէ թէ շուտով մենք պիտի կանգնենք արձանն իր փառքին:
Ախ, գընա, բազէ, դափնի մը կտուցիդ»:
ՄԵՌՆՈՂ ԲԱՆՈՒՈՐ
Քամին կ՚ոռնայ ու տընակն իր հիմներէն կը ցընցէ
Իբրեւ ահեղ դամբարան:
Ծիւրախտաւոր բանուոր մ՚հոն կը վախճանի մազկըռինչ՝
Խարին վրայ հոտեւան:
Յանուն պատառ մը հացի՝ գործատան մէջ թաղեց ան
Ճառագայթներն հոգիին.
Տըւաւ փերթ փերթ որ ուտեն մեքենաները վիշապ
Միսերն հուժկու կըռնակին:
Անիւներուն ակռաներն ողնածուծովն օծանեց,
Եւ սըրբեց իր մազերով.
Հընոցին դէմ՝ մերկալանջ, ժահրոտ օդին մէջ՝ մըղձկուկ
Ապրեցաւ միշտ մեռնելով:
Արդ տապալող նոճիի հանգոյն բան մ՚է այդ տըղան,
Այդ յաղթ ռամիկն երբեմնի:
Երկաթներու հետ պայքար մ՚եղաւ իր կեանքն յարատեւ.
Արդ կը փըշրի զերդ վանի:
Գերեզմանին դեղին հողն իր աչքերուն վրայ կապոյտ
Սըփռեր է Մահն անժըպիտ.
Մեղրամոմի պէս մարմինն ահաւասիկ կը հալի
Մատերն ի վար շիթ առ շիթ:
Ի զուր գարունն երազեց, եւ հովերուն մէջ ազատ
Կաղնիացումն հասակին.
Ի զուր տենչաց երգով լի շրթունքներն իր երկարել
Աղբիւրներու ջինջ ակին:
Արեւուն տեղ՝ դալկութիւն, շուշաններու տեղ՝ մըրուր
Պըսակեցին ճակատն իր:
Սիրոյ երգին փոխարէն՝ եկաւ փըրփրիլ շըրթունքին
Հըրատապ հազ մը կարմիր:
Արդ կը հազա, կը հազա իր զոհի գլուխը դըրած
Ծոցին մէջ մօրն աղեկէզ՝
Որուն կուրցած աչքերէն իսկ արտասուք կը բըղխին՝
Հողէն պըտղող ջուրին պէս:
Վար կը կախուի սընարէն Յիսուսի խաչը կարմիր,
Բայց ճակատին վրայ չինկած
Շիթ մ՚Արիւնէն փրկութեան – որ սառեր է խաչին վրայ –
Ինք կը մեռնի, վաստակած:
Քամին կ՚ոռնայ եւ տընակն իր հիմերէն կը ցընցէ
Իբրեւ ահեղ դամբարան…
Ու սեւ կատուն տընակին կը մըլաւէ խելայեղ
Ճանկըռթելով շեմքը դրան:
ԽԱԲՈՒԱԾ ԿՈՅՍԵՐ
Կ՚աշխատէիք հիւղակին մէջ, ճըրագին տակ արդար,
Հարուստներուն պատմուճան, մերթ ալ պատանք կարելով.
Ասեղն հիւծած մատերնուդ միջեւ Ցուրտէն կը սարսռար…
Հոգինիդ էր անվըրդով:
Բայց հեշտութիւնն ամբարիշտ կը դաւէր քաղցը ձերին,
Եւ ծախեց ձեր հոգիները՝ գընելով մարմիննիդ:
Անմեղութիւնն անպաշտպան՝ կուրութիւն մ՚է երկնային՝
Զոր խաբեցին ուխտն ու ժպիտ:
Օ, այն հարուստ պարոններն, այն հըտպիտները շըքեղ,
Որոնք ոսկի ցանեցին՝ որ բոզութիւնը հընձեն,
Ձեր հիւղերէն ներս մըտան սիրահարի պէս անմեղ,
Եւ դուրս ելան քըրքջալէն:
Ձեր սիրտն անոնց համար լոկ բաժակ մ՚եղաւ գինիի՝
Զոր, պարպելէ վերջ, հարբածը կը կոտրէ հաճոյքով:
Ու օր մ՚ալ երբ մայր եղաք՝ անոնք ըրին ձեզ այրի
Արցունքներու մէջ թողլով:
Եւ փողոցները ինկաք. Դուք օր մ՚ազնիւ բիւրեղներ,
Կոխոտուելով մարդերէն՝ եղած էիք այժըմ ցեխ:
Սակայն ոճիրն հըտպիտին արգանդնուդ մէջ գոհար մ՚էր,
Եւ կը մեծնար սիրազեղ:
Դուք կոչուեցաք Գաթինա, եւ կամ Ֆանթին արտալած՝
Որ պաշտպանեց բոզութեամբ իր մայրութիւնը անզէն.
Մարգարիտա կոչուեցաք՝ Դըժոխքէն իսկ պըղծըւած,
Մարիամ՝ պղծուած Երկինքէն:
Ես կը տեսնեմ ձեզմէ մին կեցած ահա հորին քով:
Սըրտաճըմլիկ փորին վրայ կիներ ծածուկ կը ժըպտին:
Իրմէ հեռու կը խուսեն կոյսերն անբիծ՝ զինք թողլով
Իր դոյլին հետ՝ առանձին:
Ահա ուրիշ մը լըքուած՝ խաւարներուն մէջ հիւղին…
Կը հանդերձէ նորածինն իր վարսերով տըխրաշուք.
Քընքոյշ բերնին կը ճըմլէ ծիծերն, ուրկէ կը ծորին
Կաթերու տեղ՝ արտասուք:
Խարտիշուհի մ՚հերատուկն ահա կ՚ըլլայ փողոցին,
Եւ իր սէրը կը դընէ հացի մ՚համար գըրաւի:
Ու օր մ՚ալ՝ երբ ճարահատ՝ դուռը զարնէ բոզնոցին,
Դըժոխքն իրեն կը բացուի:
Եւ դուք, ծեփած սընգոյրով բոլոր ամօթն այտերնուդ,
Ահա կ՚անցնիք բիւրաւոր տըռփանքներուն ընդմէջէն.
Ալ միսերնիդ կը լըկտան՝ բաց ի ձերին մայրագութ
Նուիրագործուած ըստներէն:
Ես կ՚արտասուեմ ձեր վրայ, ով տարաբախտ իմ Քոյրեր.
Ես ձեր այպանքը կու լամ՝ աչքերս այպէն փակելով.
Գինետան յոյր տակառին կատարն էք դուք պըսակեր
Ձեր կուսութեան պըսակով:
Զազրաթորմի ձեր մազերն հոգւոյս վըրայ կը սողան՝
Շընչելով քէն մ՚արիւնիս, օձերու պէս թունաւոր.
Եւ ես քէնով կ՚անիծեմ դարուս կաւատ Մարդկութեան
Ոսկի Հորթերը բոլոր:
ՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ
Արեգակին մէջ ամրան, որուն բոցով կը մըրկին
Արծաթացոլ գըմբեթներն ու տանիքները Քաղքին,
Կը ցըցուի բարձըր կատարը գործատան մըշտագոռ:
Մուխը բարդ բարդ կը պոռթկայ բուխերիկէն լայնորկոր՝
Ճակատն երկնի ծեփելով կարծես կուպրով թանձրամած:
Կը սողոսկին շոգիներ պատերուն շուրջը քըրտնած.
Ու կը մռընչէ գործատունն ընդերքներէն բոցաւէտ:
Մենք, ով Ընկեր ջահակիր, այնտեղ մըտնենք քեզի հետ,
Մենք, սերմանող մըրըրկի, տառապանքի հընձողներ:
Օ, ինչ ժըխոր, ինչ պայթում. ալիքն օդին ջերմաջեր
Մարմինս ամբողջ ողողեց ծըծումբի պէս հոսանուտ:
Ինչ թաւալում ահաւոր զանգուածներու մառախլուտ…
Հազարաւոր բանուորներ մըկանունքով կը ստեղծեն՝
Ողջագուրուած՝ պողպատին, բիրտ ուժին հետ համօրէն,
Կը ծառանան բոցին հետ, ու մոխիրին հետ կ՚իյնան,
Ու կը պըրկեն, կը կըրեն, ու կը կըռփեն յաղթական՝
Մինչեւ որ նիւթն ապըստամբ գեղ ու արժէք կը ստանայ,
Հոն բուրդն ըլլայ՝ լուսակիզ, քըրտինքն ըլլայ՝ շափիւղայ:
Եւ կը մռընչէ Աշխատանքն, Աշխատանքն հոն կը ստեղծէ
Իբրեւ վիշապ՝ բըռնըւած օձագալար երկունքէ:
Փողրակներուն ընդմէջէն, մինչեւ չորս ծագն Աշխարհին,
Կը հոսին միշտ ծուփ առ ծուփ տաք ալիքներն ոսկիին:
Մեքենաներն հոս կ՚իշխեն ըղեղին վրայ մարդերուն՝
Իբրեւ հրէշներ վիթխարի՝ որջի մը մէջ մըշտարթուն:
Հաստ գըլաններ զուգարշաւ, գըլուխներով ահագին,
Մինչեւ ձեղուն խորդալով կը ծառանան. կ՚ընկըղմին
Յետոյ իրենց կըլանող անդունդին մէջ մըթապատ:
Դատարկին մէջ սուլելով կը թաւալին անընդհատ
Հըսկայածիր անիւներ, ու ակռանին իրարու
Լինդերու մէջ մըխըրճած՝ կ՚ոռնան նըման շուներու:
Փոկերը պիրկ կը ձըգուին ճախարակէ ճախարակ,
Ու կը հոսին խըժալուր՝ ջըրվէժներու պէս արագ՝
Լիսեռներու գոգաւոր շըրջանակին ընդմէջէն.
Մեքենական կազմուածքին անոնց ջիղերն են հրեղէն՝
Որոնցմէ մին թէ բեկտի՝ աշխարհներն այդ ներդաշնակ
Կը ջախջախեն մէկըզմէկ, աստղափըշուր, եղերգակ,
Գուժելով մահն Ոսկիին, եւ փըրկութիւնը Ոյժին:
Կարկահներու անհամար կըկոցներուն մոլեգին
Մէջէն կ՚անցնին պատառները բուրդերուն մեծաշահ.
Գեղմը փափուկ, ձիւնեղէն, ատամներով պողպատեայ
Կը յօշոտուի գէշագէշ՝ անբըծութեան նըմանակ.
Եւ ծըւէնները թըռչուն թիթեռներու պէս ճերմակ՝
Գըլաններու կատարին, պատերուն վրայ կը թառին,
Եւ կամ կ՚իջնան լոյսի պէս՝ բանուորներու գըլուխին:
Թեռերն յետոյ նըրբոլոր, առէչներուն ընդմէջէն,
Ճաճանչի նման հապըշտապ կը խուսափին ուղխօրէն,
Եւ շար ի շար, լուսաբեկ, բիւրապատիկ թելերով,
Կը ջըրվէժուին ճախրին վրայ ճախրակներուն մըշտհոլով՝
Որոնք արբշիռ կը դառնան, ու կը փաթթեն, կը փաթթեն
Զանոնք իրենց հաստաբեստ իրաններուն վրայ շըրջկէն:
Մէկ ծայրէն միւսը կ՚եռայ գործատունն այս յաղթակերտ,
Մէկ ծայրէն միւսը կ՚ոռնան մեքենաները ժըմերտ
Իրարու մէջ թաւալող, եւ իրարմէ արտալած
Աշխարհներու հանգունակ, անհունին մէջ խենթեցած:
Կը զեռայ վարը կաթսան գոլորշիով առլըցուն՝
Ընդհատ ընդհատ պուղելով մեծ կափարիչն: Որմերուն
Աղիւսներն յար արիւններ կը քըրտընին շոգիէն.
Ձեղունն ի վար կը կաթին արտասուքներ օդեղէն:
Կեանքը այստեղ կը ստեղծէ խաւարին մէջ մեռնելով…
Վարը, հընոցն անդադար դեռ կը կատղի բոցերով,
Ոսկի, ոսկի կը լափէ, դուրս կը փըսխէ միշտ մոխիր,
Եւ ծուխին հետ միասին տարածելով լոյս մը հիր՝
Կարծես արիւն կը ծեփէ մեքենաներն ու մարդեր:
Այս գեհեն մ՚է, գեհեն մ՚է, ուր կը յուսան, ով Ընկեր,
Սա բանակները կըմախք, սա բանուորները ոսին.
Եւ միշտ ի զուր կը խընդրեն ազատութիւնը օդին՝
Որուն մէջ խլուրդն իսկ լոյսով եւ բուրումով կ՚արբենայ.
Ի զուր անոնք կ՚երազեն հողին համբոյրը հըսկայ՝
Զոր լիաբուռ սերմանողն՝ անմահութեան է հընձող.
Ի զուր կ՚ուզեն, ծիտին պէս, լոգանքն երկնի լուսաշող.
Աչքերն անոնց կը կուրնան արեգակի կարօտէն:
Միշտ կայ երկաթն իրենց շուրջ, երկաթի ժխորն համօրէն:
Մեքենան է իրենց տէրն, իրենց օրէնքը անեղծ,
Որ կը մռընչէ անդադրում հոգիներուն մէջ տըխեղծ,
Որուն անոնք կ՚աղերսեն, կը ծառայեն, կը յուսան,
Եւ փոշիին կ՚ըմպեն ուղխն՝ աղբիւրին տեղ ռոշնական:
Հընոցին բոց երախէն, ժանիքներէն ճախրակին
Որպէսզի հացը կորզեն՝ տըւեր են կեանք գարնային:
Արդ կը տեսնեմ, ով Ընկեր, որ խորդացող այս գլաններ
Պատերն ի վեր կը զգայռեն անմարսելի արիւններ.
Եւ իրար մէջ թաւալող անուակներն այս գահավէժ
Կ՚յափշտակեն իրարու լինդէ միսեր գէշագէշ:
Ես կը տեսնեմ այս պահուս՝ որ աղմուկն այս խելայեղ,
Մըշտաթաւալ, շոգեմուղ մեքենաները ժանեղ
Դահիճի պէս կարմիր են եւ կը պոռթկան ձեղունին
Զիրենք ճընշող մեծ Եղեռն, անպատմելի Եղեռն հին՝
Որ կը սողայ կռանակուռ իրենց փորին մէջ անկուշտ:
Երէկ, Ընկեր, սըրատամ սա ճախարակն արիւնռուշտ
Կատաղօրէն հափափեց, փըշրեց ոսկոր առ ոսկոր,
Աչքերնին լի գարունով զոյգ մը կտրիճ գործաւոր:
Ու դեռ կ՚հոսին ծուփ առ ծուփ մինչեւ չորս ծագն Աշխարհին,
Փողրակներուն ընդմէջէն տաք ալիքներն Ոսկիին:
ՄԱՄՈՒՍ ԱՂՕԹՔԸ
Լիալուսնին դէմ նըստած
Մամս ալեւոր կ՚ընէ աղօթքն իրիկուան:
Գըլխուն վերեւ սեւ չըղջիկներ կը դառնան.
Կ՚ապրի սըրտին մէջ Աստուած:
Շըրթունքներն իր (սուրբ վարդեր
Թոռմած առջեւն Աստուածամօր խորանին)
Կը շարժին այնքան մեղմօրէն՝ որ հոգին
Իր ըսածն ինք չի լըսեր:
Ցուրտ շողին տակ լուսինին
Հանդարտօրէն վար կը կախուի գլուխը ծեր,
Տըխրահակ, խոնջ, իբրեւ նմանիլ ան ուզէր
Մեր այս դարուն հաւատքին:
Հայր մեր… Բայց չի դառնար ալ
Գարունն հին, մամ, կալերուն երգը աղու.
Արիւնն ետ չի շեղիր զարկէն. Վայլելու
Իղձդ արթընցաւ, բայց մահն ալ:
Ողջոյն… Բայց միշտ պիտ' պարապ
Մընան ոսկրերդ աւիւնի մեծ հոսանքէն,
Եւ մերթ բեղուն կողերուդ մէջ պիտի լռեն
Ալ հին սէրերն հըրատապ:
Բայց ոհ, գիտեմ, դուն ծարաւ
Ես Երկինքին՝ որուն մինչ ցարդ հաւտացիր,
Որուն համար մարմինըդ միշտ ծընրադիր
Հոգւոյդ առջեւ ապրեցաւ:
Երկինքը քուկդ է, ով մամ,
Քանի որ ծեր բիբերուդ մէջ դեռ անեղծ
Մընաց անոր կապոյտն՝ ամէն ամպէ զերծ.
Քանի որ, մայր բարեխնամ,
Արիւնիդ հետ միասին
Ծիծերըդ հինգ զաւակներու քամեցիր:
Եղար աննենգ. եւ բարձէդ մաս չըտըւիր
Օտարներու գըլուխին:
Եւ հիմա որ, ով հանիս,
Ճերմակ մազերդ լուսնին խառնած՝ մեր կրօնքին
Փուլերուն վրայ կանգուն կ՚մեռնիս ծեր եւ կին՝
Պիտ' վաղը կոյս վերածնիս:
ՃԻՒԱՂԸ Կ՚ԱՆՑՆԻ
Գիշերուան մէջ, փողոցներէն ամայի
Կ՚անցնի սարսափ մը թեւին հետ հովերուն,
Եւ բարտիներն անհունօրէն կը սարսռան
Աստղերուն մէջ ընկըղմած:
Շուն մը նըստած գերեզմնատան պատուարին՝
Քաղքին վերեւ միշտ կ՚ոռնայ,
Ու երդին վրայ խոշոր կատու մը ճերմակ
Բուխերիկին տակէ յանկարծ կու տայ խոյս՝
Կենալով մերթ ուշադիր
Քայլի մ՚ըշտապ՝ որ թեւին հետ հովերուն
Կ՚անցնի կ՚երթայ փողոցներէն ամայի.
Կենդանացած կըմախ մ՚է,
Կըմախ մըն է լուսասփիւռ
Քօղի մը սեւ ալիքին տակ ծածկըւած:
Գերեզմանի դեղին հողերն յորդառատ
Կապիճներուն խոռոչներէն կը հոսին.
Ու ծընօտները մսաթափ
Լըռութեան մէջ կը կափկափեն չարախինդ:
Ջուրի նըման՝ ոսկորներուն մէջ քամին
Յորձանապտոյտ կը մըռընչէ ու կ՚անցնի:
Ճամբուն վըրայ պառկող շուներն՝ աւելի
Ցռուկնին իրենց պոչերուն տակ կը թաղեն:
Գըլխուն վերեւ ճիւաղին
Պատուհաններն շըռընդալից կը փակուին:
Ան միշտ կ՚անցնի. գարշապարներն ոսկրակուռ
Մայթերուն վրայ կը հըսըրտին ծաղիկներն են խամրած, ծղօտ առ ծըղօտ:
Ճակատներ լի խորշոմով, խորշոմներ լի քըրտինքով.
Արիւնոտ հաց մ՚են կերեր՝ իրենց հոգին ծախելով:
Գիտեն որ այդ վաստակով պատանք մը լոկ կը ստանան.
Բախտ մ՚է սակայն ունենալ կուշտ փոր մը օրը մահուան:
Հարիւր հազար են անոնք. անոնք են որ կանգնեցին
Անմահութիւնն բուրգերուն, եւ խորհուրդներն ըսփինքսին:
Կմախնին, մարմար առ մարմար, սանդուխ եղաւ գահերուն՝
Ուրկէ Դենպետն ու Արքան ելան մինչեւ աստղերուն.
Մինչեւ այսօր, հիմին տակ պալատներուն, կը գըտնես
Շուշանն անոնց կրծոսկրին, անբաւ սրտերն ողջակէզ.
Անոնց արեան շաղախն են պատերը մռայլ Եըլտըզին.
Վատիկանի կամարներն, հողաթափերը Պապին
Անոնց լուսեղ քըրտինքին մարգրիտներով են ծեփուած.
Անոնց խոփին նախ յանձնեց կորդ բընութիւնը՝ Աստուած.
Կուռքերն անոնք դրօշեցին, եւ նոյն անոնք զոհ եղան.
Խաչն անոնցմով ճաճանչեց, բայց ուրիշներ փըրկուեցան.
Յըղկեցին միշտ իրենց յաղթ ոսկորներով կարծրացած
Յաղթողներու նժոյգներուն լայնշի պայտերը արծարծ:
Փեռեկտեցան պարեխներն անոնց ուժին դէմ ռամիկ՝
Եւ հոսեցին ոսկիի եւ արիւնի ջերմ ալիք,
Եւ մեր դարուն Յաղթութեան Կամարն այսօր կը հանգչի
Հարիւր հազար բանուորի ուսերուն վրայ արճիճի:
Ու երբ այսօր ելլելով գործատունէն՝ կը ցըրուին
Կորագըլուխ, մերկալանջ, անոնք նման են գերիին՝
Զոր աճուրդի կը հանեն տօնավաճառ օրերուն:
Նըման գետին, որ ակէն դուրս ժայթքելով փրփըրուն
Կը բաժնըւի սըրընթաց առուակներու անհամար,
Անոնք կ՚երթան ծաւալիլ գռեհներուն մէջ հազար.
Բիւրապատիկ գլուխներու անդընդածին ալիքով
Քաղաքն ամբողջ կ՚ողողեն՝ ամէն անկիւն յորդելով:
Բոլոր քաղցած են, քաղցած, քոսոտած շան մը նըման՝
Զոր խաշնարածը հօտէն հալածեր է անգուման:
Սակայն իրենց է ինչ որ կ՚իյնայ կտուցէն վար ցինին.
Իրենց է խիւսը թեփին, բայց ոչ նըկանն ալիւրին.
Խառնապուրներն իրենց են զոր գըլխահակ կը լակեն
Ճակատներէ վար՝ անոնց մէջ քըրտինքներ հոսելէն.
Նեխած միսերն իրենց են, ու բորբոսները հացին՝
Զոր կը գընեն ումպ մը ջրով կըրպակներէն փողոցին.
Երշիկն իրենց է, լեցուած ճարպովը ծեր ջորիի,
Յետոյ ծխամորճը սեւցած, միակ ըսփոփն հոգիի:
Ահա բոլոր յոյսն անոնց, երազն անոնց փորերուն՝
Զոր կ՚երազեն գործատան միջօրէի հեշտ ժամուն…
Ու կը քալեն, կը քալեն, փոշւով, կուպրով միշտ ծեփուած
Նեղ կու գան այդ ուղխերուն պողոտաներ լայնաբաց:
Իրենց յորձանքը կարծես խուլ զայրոյթով կը փորէ
Դղեակներու հիմունքներն ու սալարկներն որձքարէ:
Կարծես մեռեր են Քաղքին մէջ միւս կեանքերն ինքնագոհ
Միայն Սարսափն այդ ահեղ բանակներուն՝ կու տայ գրոհ.
Սիրտերն հըզօր կը տրոփեն, եւ միշտ կ՚ըլլան լըսելի
Սովալըլուկ կողերու բաբախիւններ ահռելի.
Կը կըճըրտուին ակռաներ, ու կը ծամուին լեզուներ.
Քաղցը ինքզինք կը կըրծէ, գազանի պէս շաղղակեր:
Ախորժակներն, աւելի գըրգըռուած եղկ արեւէն,
Կը զայրագնին ու քարէն իսկ հացի հոտը կ՚առնեն:
Դուն կը լըսես, ով Ընկեր, գըռեհներէն բիւրաւոր
Մըշտագալար փորերու խուլ աղաղակն ահաւոր:
Բիբերն յանկարծ կ՚ընդլայնին, եւ ըղեղները կ՚եռան.
Կը սեղմըւին բըռունցքներն՝ ուր կը ձուլուի Ապագան.
Ճարճատիւնին ընդմէջէն կըմախներու տըրտմագին
Աստուածային ոճիրներ կանչող ճայներ կը լըսուին:
Օ, այդ սիրտերը հըսկայ, որոնց տրոփները, նըման
Փոսապեղի մը բրիչին հարուածներուն, կը թընդան.
Օ, բազուկներն այդ ստրուկ, խարանուած բորբ երկաթով,
Որոնք կարմիր պիտ' ըլլան օր մը գանկեր դարբնելով.
Օ, այդ քայլերն, որոնց բիրտ սանդալներուն հունչը գոռ
Փողոցներուն թէ երգն է, թէ մահազանգն ահաւոր.
Օ, իրաններն այդ ռամիկ, այդ մարդակներն՝ որոնք ցանգ
Աշխարհը վեր են բըռներ, ու փըտեր են անոր տակ…
Ատոնք բոլոր մըրրիկ են, ատոնք բոլոր կայծակ են՝
Որոնք գոռան պիտի օր մ՚ու Մարդկութիւնը սարսեն:
Վաղն, ով Ընկեր, պիտի այս ամբարտաւան Քաղքին վրայ
Ճայթի Ամպրոպն, ու վառէ հազար ջահերն իր հըսկայ,
Զի կը տեսնես գըռեհներն, յոյր աղիքները անոր,
Գետնայարկերը խոնաւ, կոյուղիներն աղբաթոր.
Եւ կը տեսնես անոնց մէջ Քաղցին ճիւաղն յոգնահեռ՝
Որ քինայոյզ կը սողայ, կուշտին կը կրէ կայծակներ.
Վաղն, ով Ընկեր, ով Ընկեր, Քաղաքին վրայ այս գոռոզ
Պիտի Ամպրոպը ճայթի, վառէ ջահեր բարբարոս:
ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Խոժոռ գիրքեր, մեծ գիրքեր,
Ահա ճակատըս այսօր ձեր էջերէն
Վեր կ՚առնեմ, դէպի արեւն,
Ու կ՚անիծեմ րաբունօրէն բոլորնիդ…
Բայց երկնային շողն ինչու
Յանկարծակի աչքերուս մէջ կը սառի։
Եւ քայլերս այս, որ գիտութեան կրանիդէ
Ապառաժէն վերամբառնալ իշխեցին,
Մարգերուն վրայ ինչու համար կը դողան։
Ով խաբեբայ գիրքեր, գիրքեր մահաբոյր,
Ես կը տեսնեմ որ ինծի
Ոչինչ տըւիք, առիք ամէն բան ինծմէ,
Առիք գարունս եւ գարունն իմ հասակիս,
Առիք վարդերը ճակտիս՝
Ձեր էջերուն մէջ դալկօրէն թափթըփած.
Եւ ջընջեցիք Աստուածս՝ որուն հաւատալն
Եթէ իրաւ պատրանք է
Սակայն ոչ կեանքն, այլ Մահուան
Ճըշմարտութիւնն է պատըրուողը միայն։
Այսօր ահա, գըրկած նոճի մը տըրտում,
Գերեզմանն եմ իմ սըրտիս՝
Որ իր թոյնով թունաւորուած զերդ կարիճ՝
Այրեցաւ իր իսկ կրակէն։
Հանդէսներու խընծիղներուն դէմ փակուած
Պատուհանէս՝ չանցաւ զեփիւռն Ապրիլին։
Արշալոյսներն երգեցին
Եւ սըրսկեցին մարգրիտներ,
Հարսնեւորները, թըմբուկով, ջահակիր,
Դընելով պսակ մը շեմիս՝
Տանս առջեւէն կաքաւեցին ու անցան։
Դուռըս փակ էր, մընաց փակ,
Դամբարանի մը նըման՝
Ուր հէգ մեռելը պառկած
Լըռութեան մէջ կը ծիւրի։
Ես ծիւրեցայ… ով խօլութիւն մարդկային…
Որ մարմինիս կաթիլներովը լեցնեմ
Հոգւոյս բաժակը լուսեղ։
Եւ այսօր որ, աւանդական ժամուն հետ,
Եկաւ Աղջիկն ըսպասուած
Ծըռիլ ուսէս, եւ գիրքիս վրայ ինձ ժըպտիլ,
Շըրթներուս վրայ մեռած է
Վաղանցաւոր կեանքիս համբոյրը արդէն,
Համբոյրն՝ որ հեշտ նախերգն է
Իմաստնագոյն կեանքերուն,
Եւ վերցնելու համար, վայրկեան մը գոնէ,
Ձեռքն իր քընքոյշ, բայց ծանրացած՝ գարունով,
Իմ ձեռքս է տկար, դողդոջուն…
Եւ - ով վիճակ ահռելի -
Սիրտըս ծովուն ափին լըքուած խեփորն է՝
Որուն մէջի կենդանին
Արդէն մեռած է շատոնց։
ԴԱԴԱՐ
Միջօրէի դադարն է գեհենամռունչ գործատան.
Ինչպէս վիշապ մը թըմրած՝ կը նիրհէ հնոցը տիտան,
Բուխերիկին կլափին մէջ պահ մը ծուխն է խեղդըւեր.
Ներսը գլանները արշաւ, եւ անիւներն ընդհոլով
Յանկարծ կեցեր են՝ իրենց ընթացքին մէջ խոկալով.
Այդ անդորրին մէջ միայն կարծես կ՚ըլլան լըսելի
Մեքենական ճախրանքին յոգնած հեւքերն ահռելի։
Ընկեր, թոյլ տուր շողշողայ երկաթներուն գագաթին
Բանուորներուն քիրտն առատ, գոհարն իրենց ճակատին.
Թոյլ տուր որ ներս մացառուող արեւուն մէջ, թռչըտուն,
Զըմրուխտ ճանճերը բըզզան՝ հեգնելով կեանքը մարդուն,
Կանգնէ դուն մայր - դըրան քով. -
Տես, պատառուն շապիկով
Անոնք փողոց կը խուժեն, եւ կ՚ընդլայնին իբրեւ ծով։
Ռամիկ ուժին բանակն է, եւ հանճարն է վաստակին
Որ կըրեր է դարերու կոթողն իր յաղթ քամակին։
Սա փոշիով եւ կուպրով ծեփուած գլուխները տիտան՝
Որոնց վարսերը երբեք աստղերուն մէջ չըլոգցան՝
Կը կարկառուին, խենդի պէս, դէպի հովերը քաղցրիկ,
Գարնան բոյրով կ՚ողողեն իրենց բիբերը հըրձիգ։
Ծերերն ունին կըռնակներ ծալլուած մինչեւ գերեզման՝
Որոնց խորէն կը լըսուին ճարճատիւններ ողբական
Յամրօրէն վար թաւալող ողնային փուտ սիւներու։
Եւ կոյսերն են դալկահար, կմախներ թոռմած վարդերու,
Թիթեռներուն թեւին վրայ զուր կը շողայ թանկ փոշին,
Հնոցին մոխիրն է ցանուեր իրենց երկար թարթիչին։
Ահա մայրերն աղճատուած, եւ արգանդները անբաւ՝
Ուր սերմի հունտն արցունքի կաթիլներու փոխուեցաւ.
Ահա ծիծերը, քամուած ողկոյզներու հանգունակ,
Որոնցմէ բիւր սերունդներ խըմեցին մաղձ ու պատրանք։
Հարիւր հազար են անոնք. բանակներ են զոհերու՝
Զոր կը տանին միշտ Ոսկեայ Հորթին առջեւ մորթելու.
Ունին տաղուած դաստակներ, եւ կըռնակներ ողընտեռ.
Ծուխերուն մէջ լողացող մեծ բիբերնին աստղահեռ
Այժըմ միայն թիթեղի կ՚արձակեն փայլը աղօտ.
Իրենց սըրտին ծաղիկներն են խամրած, ծղօտ առ ծըղօտ։
Ճակատներ լի խորշոմով, խորշոմներ լի քըրտինքով.
Արիւնոտ հաց մ՚են կերեր՝ իրենց հոգին ծախելով։
Գիտեն որ այդ վաստակով պատանք մը լոկ կը ստանան.
Բախտ մ՚է սակայն ունենալ կուշտ փոր մը օրը մահուան։
Հարիւր հազար են անոնք. անոնք են որ կանգնեցին
Անմահութիւնն բուրգերուն, եւ խորհուրդներն ըսփինքսին։
Կմախնին, մարմար առ մարմար, սանդուխ եղաւ գահերուն՝
Ուրկէ Դենպետն ու Արքան ելան մինչեւ աստղերուն.
Մինչեւ այսօր, հիմին տակ պալատներուն, կը գըտնես
Շուշանն անոնց կրծոսկրին, անբաւ սրտերն ողջակէզ.
Անոնց արեան շաղախն են պատերը մռայլ Եըլտըզին.
Վատիկանի կամարներն, հողաթափերը Պապին
Անոնց լուսեղ քըրտինքին մարգրիտներով են ծեփուած.
Անոնց խոփին նախ յանձնեց կորդ բընութիւնը՝ Աստուած.
Կուռքերն անոնք դրօշեցին, եւ նոյն անոնք զոհ եղան.
Խաչն անոնցմով ճաճանչեց, բայց ուրիշներ փըրկուեցան.
Յըղկեցին միշտ իրենց յաղթ ոսկորներով կարծրացած
Յաղթողներու նժոյգներուն լայնշի պայտերը արծարծ։
Փեռեկտեցան պարեխներն անոնց ուժին դէմ ռամիկ՝
Եւ հոսեցին ոսկիի եւ արիւնի ջերմ ալիք,
Եւ մեր դարուն Յաղթութեան Կամարն այսօր կը հանգչի
Հարիւր հազար բանուորի ուսերուն վրայ արճիճի։
Ու երբ այսօր ելլելով գործատունէն՝ կը ցըրուին
Կորագըլուխ, մերկալանջ, անոնք նման են գերիին՝
Զոր աճուրդի կը հանեն տօնավաճառ օրերուն։
Նըման գետին, որ ակէն դուրս ժայթքելով փրփըրուն
Կը բաժնըւի սըրընթաց առուակներու անհամար,
Անոնք կ՚երթան ծաւալիլ գռեհներուն մէջ հազար.
Բիւրապատիկ գլուխներու անդընդածին ալիքով
Քաղաքն ամբողջ կ՚ողողեն՝ ամէն անկիւն յորդելով։
Բոլոր քաղցած են, քաղցած, քոսոտած շան մը նըման՝
Զոր խաշնարածը հօտէն հալածեր է անգուման։
Սակայն իրենց է ինչ որ կ՚իյնայ կտուցէն վար ցինին.
Իրենց է խիւսը թեփին, բայց ոչ նըկանն ալիւրին.
Խառնապուրներն իրենց են զոր գըլխահակ կը լակեն
Ճակատներէ վար՝ անոնց մէջ քըրտինքներ հոսելէն.
Նեխած միսերն իրենց են, ու բորբոսները հացին՝
Զոր կը գընեն ումպ մը ջրով կըրպակներէն փողոցին.
Երշիկն իրենց է, լեցուած ճարպովը ծեր ջորիի,
Յետոյ ծխամորճը սեւցած, միակ ըսփոփն հոգիի։
Ահա բոլոր յոյսն անոնց, երազն անոնց փորերուն՝
Զոր կ՚երազեն գործատան միջօրէի հեշտ ժամուն…
Ու կը քալեն, կը քալեն, փոշւով, կուպրով միշտ ծեփուած
Նեղ կու գան այդ ուղխերուն պողոտաներ լայնաբաց։
Իրենց յորձանքը կարծես խուլ զայրոյթով կը փորէ
Դղեակներու հիմունքներն ու սալարկներն որձքարէ։
Կարծես մեռեր են Քաղքին մէջ միւս կեանքերն ինքնագոհ
Միայն Սարսափն այդ ահեղ բանակներուն՝ կու տայ գրոհ.
Սիրտերն հըզօր կը տրոփեն, եւ միշտ կ՚ըլլան լըսելի
Սովալըլուկ կողերու բաբախիւններ ահռելի.
Կը կըճըրտուին ակռաներ, ու կը ծամուին լեզուներ.
Քաղցը ինքզինք կը կըրծէ, գազանի պէս շաղղակեր։
Ախորժակներն, աւելի գըրգըռուած եղկ արեւէն,
Կը զայրագնին ու քարէն իսկ հացի հոտը կ՚առնեն։
Դուն կը լըսես, ով Ընկեր, գըռեհներէն բիւրաւոր
Մըշտագալար փորերու խուլ աղաղակն ահաւոր։
Բիբերն յանկարծ կ՚ընդլայնին, եւ ըղեղները կ՚եռան.
Կը սեղմըւին բըռունցքներն՝ ուր կը ձուլուի Ապագան.
Ճարճատիւնին ընդմէջէն կըմախներու տըրտմագին
Աստուածային ոճիրներ կանչող ճայներ կը լըսուին։
Օ, այդ սիրտերը հըսկայ, որոնց տրոփները, նըման
Փոսապեղի մը բրիչին հարուածներուն, կը թընդան.
Օ, բազուկներն այդ ստրուկ, խարանուած բորբ երկաթով,
Որոնք կարմիր պիտ՚ ըլլան օր մը գանկեր դարբնելով.
Օ, այդ քայլերն, որոնց բիրտ սանդալներուն հունչը գոռ
Փողոցներուն թէ երգն է, թէ մահազանգն ահաւոր.
Օ, իրաններն այդ ռամիկ, այդ մարդակներն՝ որոնք ցանգ
Աշխարհը վեր են բըռներ, ու փըտեր են անոր տակ…
Ատոնք բոլոր մըրրիկ են, ատոնք բոլոր կայծակ են՝
Որոնք գոռան պիտի օր մ՚ու Մարդկութիւնը սարսեն։
Վաղն, ով Ընկեր, պիտի այս ամբարտաւան Քաղքին վրայ
Ճայթի Ամպրոպն, ու վառէ հազար ջահերն իր հըսկայ,
Զի կը տեսնես գըռեհներն, յոյր աղիքները անոր,
Գետնայարկերը խոնաւ, կոյուղիներն աղբաթոր.
Եւ կը տեսնես անոնց մէջ Քաղցին ճիւաղն յոգնահեռ՝
Որ քինայոյզ կը սողայ, կուշտին կը կրէ կայծակներ.
Վաղն, ով Ընկեր, ով Ընկեր, Քաղաքին վրայ այս գոռոզ
Պիտի Ամպրոպը ճայթի, վառէ ջահեր բարբարոս։
ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ
Քընարս այսօր կըտըրտելով լարերն իր,
Ձեզ կը կանչէ Արեւելքէն Արեւմուտք,
Ով դուք
Հացի զոհեր, որ ունիք միշտ արեւու
Պասուք:
Այս առաւօտ՝ գըտայ հասակըս թաղուած
Հեղեղին մէջ շուրջըս ծաղկած վարդերուն.
Եւ կանգուն՝
Խմեցի աւիշն հողին, երգերը բոլոր
Բոյներուն:
Ինծի եկէք, ես կախարդն եմ Մայիսին.
Ձեր քըրտինքն ես կ՚ընեմ գոհար ցօղն անգին
Վարդին.
Կը հեղում ձեր ոսկորներուն մէջ ցամքած՝
Արփին:
Ինծի եկէք գործատունէն՝ ուր երկար
Շաղուեցիք դուք մեր Աշխարհին ցեցակեր
Նոր հիմեր.
Փուռէն՝ որ ձեր գըլխուն, սըրտին վրայ՝ մոխիր
Է ցաներ:
Ինծի եկէք նաւարանէն՝ ուր կռեցիք
Նաւեր, վաղուան ձեր դագաղները պողպատ:
Ելէք արդ
Աղիքներէն հողին, ճահճին արգանդէն,
Դաշտն ու արտ:
Ինծի, ինծի եկէք այսօր բոլորնիդ.
Սիրտս այնքան բոց ունի, հոգիս այնքան լոյս՝
Որ ձեր խիւս
Ցեխերէն իսկ կը շաղուեմ նոր Մարդկութիւն
Եւ նոր Յոյս:
Հերիք հիւծաք նըկուղներուն մէջ խոնաւ,
Եւ ունեցաք միշտ կարօտ, նման խըլուրդի,
Օդի,
Եւ ժանգի պէս երկաթներուն փարեցաք,
Նօթի:
Թող ձեր մուրճն ալ չըկայծակէ սալին վրայ.
Մըխուած մընան թող ատամները սղոցին՝
Հեցին.
Կոճղին խըրուած՝ թող խեժերէն ժանգոտի
Կացինն:
Ինչ փոյթ թէ որբ մընայ շարժիչ մեքենան,
Եւ գործատան մէջ ճիւաղներ սողան լուռ.
Ինչ փոյթ ուր
Դառնայ ճախրակն, ու խորտակուին լոյծ փոկերն
Ընդհանուր:
Դեհ, քըրտնաբոյր ձեր շապիկներն հանեցէք.
Թող ճենճոտած ձեր գըտակները նետուին
Հնոցին.
Գլուխնիդ այսօր պիտի սուզեմ արեւուն
Բոցին:
Ինծի եկէք, եկէք ինծի, Եղբայրներ,
Ձեր ամենուդ այս օր տօնն է Մայիսի,
Վասըն զի
Հողն ըստեղծիչ, ձեր ըստեղծիչ արեան լոկ
Կը խօսի:
Զեփիւռն ահա, ով տառապեալ հոգիներ,
Ձեր կուրծքերուն բացէք վէրքերն՝ իր անգին
Խունկին.
Աղբիւրն ահա, թող գըլուխնիդ իր լոյսին
Հակին:
Դեղձին ահա, ծաղիկներն իր կ՚անձրեւէ
Ձեր կոշկոճուած ձեռքերուն վրայ արիւնոտ.
Եւ կարօտ
Կը զգայ մայրին՝ որ գըրկէք զինք թեւերով՝
Վիրոտ:
Ահա Արեւն, Արեւն ահա. լոկ ձեզի
Այս օր կ՚նայի. կը համբուրէ միայն ձեր
Ճակատներ.
Ան՝ բոլոր միւս ճակատներուն վրայ իշխող
Է թըքեր:
Ձերն են դաշտեր, ձերն է Քաղաքն, որուն լուռ
Փողոցներէն պէտք է անցնի լոկ այսօր
Ձեր թափօր,
Դրօշներ ծըփան, ծաղկին յոյսեր, եւ գոռայ
Շեփոր:
Հանգիստ երգեն թող ձեզ բոլոր արծիւներ.
Հանգիստ երգէ քընարս, որուն, ձեզ համար,
Իբրեւ լար,
Ես արծիւի տըւի այսօր աղիքներ՝
Որ գոռար:
Թող ձեր շեմերը ողողուին վարդերով:
Երբ գայ լուսինն ու իր բիբերը բոցէ
Յածէ՝
Բալասանով թող այս գիշեր ձեր դուռներն
Օծէ…
ՀՐԱՇՔԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
Աղջիկս, եկուր, քեզ տանիմ
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն
Վըճիտ Աղբիւրն Հըրաշքին:
Հիւանդներուն թափօրն անոր կը դիմէ
Արեւին տակ հազալով:
Լուրթ ու կարմիր վարշամակով, խուռներամ,
Կ՚երթան դանդաղ. կը լըսես ձայնն աղօթքին
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն:
Ձեռքդ ինծի տուր, դուստըր, աչքերըդ ծածկէ
Ձիւնասպիտակ քօղիդ տակ՝
Որ ըզգաս խոր – մինչեւ դըպչիլը հոգւոյդ –
Արեգակին հոտն առողջ՝
Որ շուրջը մեր կը բարձրանայ աւասիկ
Անդորրաւէտ այգիէն:
Տերեւներուն տակ լայնշի
Կը կարմըրին ողկոյզներն, որքան ատոք.
Որթատունկէն կորակոր
Կարծես գինին – որ աշնան
Ծունկերուդ ուժ պիտի տայ –
Հողին վըրայ պիտի թափի անհամբեր:
Քալէ, աղջիկըս, քալէ,
Մօտ է Աղբիւրն Հըրաշքին:
Վատախտարակ ամբոխը զայն չըծածկած,
Աղջիկըս, տես, ինչպէս հըզօր կը բըղխի
Ժայռին ծոցէն գուռին մէջ:
Սարաւանդէն թըխապըտուղ մորենին
Անոր վըրայ է կախուեր:
Որքան մարգրիտ ակին մէջ.
Եւ գուռին մէջ որքան լոյս:
Հովիտին խորը թագնուած
Ան ադամանդ ու երգ է,
Երգ մըն է ան՝ մենութեան մէջ գըլգըլուն՝
Որուն ի լուր մայր բընութիւնը շուրջի
Գիշերուան մէջ կ՚աւշաւէտի, կը մեղմէ
Ծըլարձակման աշխատանքն իր ծանրակիր:
Հեռուներէն ու խորերէն ան կու գայ.
Կ՚անցնի թագուն անձաւներէ՝ ուր առկախ
Շըթաքարեր կան լազուարթ
Նայադներու աչքերուն պէս արտասուող,
Ուր կայ սառոյց բիւրեղեայ՝
Որուն հազիւ կը հասնին
Մայրիներուն վիմապատառ արմատներն.
Հոն կան բրածոյ ադամանդեայ խըլուրդներ,
Մարգարտացած հին օձեր,
Հոն կան հուրեր, լոյծ ոսկիի լըճակներ,
Լայնածաւալ անտառներ՝
Իրենց մէջի մրրիկներով ածխացած…
Հեռուներէն ու խորերէն ան կու գայ:
Եւ կը պատմեն թէ առած է այն օրէն
Պայծառութիւնն իր լուսեղ՝
Երբ սըրբուհի մը մօտակայ գիւղերէն
Եկաւ անոր մէջ լըւալ
Համեստ աչքերն այր մարդէ բնաւ չհամբուրուած:
Ոհ, ջուրն է սուրբ, աղջիկըս, ջուրը դեղ է՝
Գերեզմանի հոտ բուրող
Ամէն տեսակ ախտերու:
Հիւանդներուն հոտն ահա
Ինչպէս անոր լոյսին վըրայ կը հակի:
Կ՚ըմպեն, կ՚ըմպեն, եւ ջուրին մէջ կը հազան.
Կ՚ըմպեն, կ՚ըմպեն, եւ ջուրին մէջ կը տըքան:
Կիներ են, տես, որ բընաւ
Վարդ շըրթունքներ եւ վարդ այտեր չունեցան.
Ծըխախոտի արտերուն մէջ թունաբեր
Ծառին բունին վրայ բուսնող
Սունկերուն պէս դեղնեցան:
Իրենց արգանդը երբեք
Բեղմնաւորել չըզօրեց սերմն առնական:
Կ՚ըմպեն, կ՚ըմպեն, եւ կը կապեն մաքրենի
Մորենիին ճիւղերուն
Հարսանեկան նուրբ նարօտնին իբըր նուէր.
Ու աւասիկ պտուկներն իրենց ծիծերուն
Անգամ մըն ալ կը թաթախեն Աղբիւրին
Զովութեան մէջ, ու կ՚ըմպեն…
Տըղաքներ են, պատանիներ ջլախտաւոր,
Գործատունի մէջ ծընած,
Որոնց աչքին մէջ խուժեց
Արիւն մ՚հիւանդ ու տեռատես, կամ որոնց
Թեւն ու սըրունքը, մեքենան հաստաբեստ
Իբրեւ վիշապ մ՚ամեհի՝
Խըլեց, խառեց, կուռ ժանիքովը կասկեց.
Կու գան ահա նըւիրական ջուրին մէջ
Լըւալ իրենց Աշխատանքի վէրքերուն
Բերանն հրաբորբ, եւ բիծերն
Իրենց երկար թարթիչին:
Կոյսեր են, տես, ժանեկազարդ քոյրեր են՝
Որ բարձին վրայ հալեցան
Փըրփուրներու պէս անգայտ,
Որոնց թոքին կէսն, աւաղ,
Դատարկեց որդը սիրոյ,
Եւ արդէն իսկ պըտըտցուց
Սըրտերնուն վրայ իր սողոսկիւնը ցըրտին:
Ահա լայնշի քօղերուն տակ կը հակին
Աղբիւրին վրայ, կը խըմեն փակ աչքերով.
Աւերն իրենց դէմքերուն
Չըտեսնելու համար խորունկը ջուրին՝
Կը խըմեն փակ աչքերով:
Եւ կը զօդեն մազերնէն փունջ մ՚օծանուտ
Մորենիին՝ արդէն նուէրով բեռնաւոր,
Ու կը դառնան մըրմունջներով աղօթքի
Բլուրին գօտի եղող ճերմակ ուղիէն:
Դուստըր, ահա մինակ ենք.
Հաւատքը թող տաք անձրեւի մը նըման
Մեր սըրտերուն մէջ ցօղի:
Եկուր, եկուր, ով իմին Սէրս անուշակ,
Զանակացոլ աւազուտին վըրայ նուրբ
Ծալլէ ծունկերըդ դողդոջ
Եւ Աղբիւրին վրայ ծըռէ:
Ահա ես քօղըդ ետ առի. որքան լոյս
Ճառագայթեց դէմքիդ վրայէն՝ ակին մէջ:
Կարծես բերնին մէջ Աղբիւրին՝ երկինքէն
Աստըղ մ՚ինկեր կը ցոլայ:
Ըմպէ, աղջիկըս, ըմպէ…
Եւ թող կուրծքիդ տակ մեռնի
Եղեռնաւոր սէրն այն հըպարտ պարմանին՝
Որ քեզ տըւաւ իր մատանին, սիրտը՝ ոչ:
Մի, մի հազար, ըմպէ, աղջիկըս, ըմպէ:
Այս ջուրը ջինջ Աստուածամօր արտօսրով
Է քաղցրացած, թախիծդ ընդհուպ կը բուժէ.
Նորէն այտերդ գինիի մէջ թաթախուած
Շուշանի պէս՝ պիտ' բուրեն
Գեղ եւ առոյգ թարմութիւն.
Եւ երբ քալես պիտի սըրսփայ միսըդ յոյր
Բիւր ձեւերով ներդաշնակ:
Ըմպէ, աղջիկըս, ըմպէ.
Եւ Աղբիւրին ձօնելու
Նըւէրդ ահա, կը տըրոփի ափիս մէջ.
Տատրակն է այս Աստղիկին,
Վարդ կըտուցով, փետուրներով ձիւնաթոյր
Տատրակն՝ որ միշտ թեւածեց
Շուրջը գլուխիդ, ըստինքներուդ վրայ թառած՝
Խըմեց ջըրիկն իր անյագ
Սըրտիդ ակէն վիրաւոր:
Այս՝ քու հիւանդ սիրոյդ պտկերը, մորթէ,
Գուռին քարին վրայ մորթէ:
Հերիք ծոցիդ մէջ գըգուես
Գըլուխը ժիր եւ մագիլներն իր խոցող:
Հերիք լուսեղ ափիդ մէջ
Կերցընես կուտն իր անգին.
Աստղիկի այդ տատրակը վարդ կըտուցով,
Գուռին մամռոտ քարին վրայ,
Մորթէ, աղջիկըս, մորթէ:
ԼՔՈՒՄ
Կորիցէ օրն՝ յորում ես ծնայ:
ՅՈՎԲ.
Իրիկուն է: Մեր տան դըրան առջեւի
Պարտէզին մէջ բարտիներուն ըստուերներն
Անհունօրէն կ՚երկարին:
Իրիկուն է: Այնտեղ մինակ եւ տըրտում,
Ջըրհորին եզրն արմըկած՝
Վար կը նայիմ, կը նայիմ խորն եւ կու լամ:
Ներսը, տան մէջ, հանդարտաւէտ երգելով՝
Հանիիս հետ մայրըս խաղող կ՚հընձանէ,
Ու եղբայրներս, իր չորս դին,
Ողկոյզներուն բոյրէն արբշիռ կը կայտռեն…
Ոչ ոք, ոչ ոք գիտէ վիշտն՝
Որ թոքերուս մէջ, զերդ խաշխաշ թունաբեր,
Արագօրէն կ՚ուռճանայ.
Ոչ ոք գիտէ թէ ինչ կերպ
Յուսահատութիւն օրէ օր զիս մահուան հետ
Կ՚ընդելացնէ, թէ կ՚երթամ ինչ ճամբայով
Կեանքիս մոխիրն ես իմ ափին մէջ կըշռել.
Մահկանացու նայուածքներու վարագոյր
Պիտի ըլլայ սարդի ոստայնը՝ զոր ես
Լռութեամբս հոգւոյս աւերին վրայ կը հիւսեմ:
Դուն գիտես լոկ ճակատագիրս ահաւոր,
Ով Լուսընկայ ուրուադէմ,
Որ հորին մէջ տըրտմաթախիծ կը ժըպտիս
Եւ զիս քեզի կը կանչես:
Դուն գիտես լոկ թէ ինչ հողով թունաւոր
Թըրծըւած է բաժակն այն՝
Որով կեանքս իմ խըմելու եմ սահմանուած.
Ու կը խոկաս բախտիս վըրայ, կը գըթաս.
Իւրաքանչիւր շիթն արցունքիս՝ որ կ՚իյնայ
Խորութեան մէջ ջըրհորին՝
Կ՚այլայլէ դէմքդ, ու հառաչել կու տայ քեզ:
Կանուխ է դեռ, իմ ձեռքերս իմ արեան մէջ
Թաթխելու դեռ կանուխ է:
Երբ շիրմաբոյր իմ գոյութեանըս կարօտ
Սըրտերուն մէջ, սըրտերուն հետ նախ մեռնիմ.
Եւ յանձնեմ քնարս աստուածներուն ոլիմբեան,
Որ կը դարձնէ դեռ հաճոյ
Իմ կեանքս ուրիշ արեգնամոլ կեանքերու.
Երբ յոյսի Ուղտն, ալ խոնջ, ծալլէ ծունկերն իր
Անապատին մէջ օրերուս անծաղիկ,
Այն ժամանակ, մտերիմ հոր,
Ամէն անոնք, որ ինձ դափնի կը քաղեն,
Պէտք է դառնան, թող դառնան,
Շուրջն եզերքիդ մեռելապսակս հիւսելու.
Քանզի այն օրն, անիծելով հայրական
Համբոյրը կոյր՝ որ եղաւ
Իմ սեւ սերմիս առաջնորդ,
Դարձեալ քեզի պիտի գամ,
Քու երազկոտ, Ան լոկ կըրնայ ճանչնալ Երազը սրարբած՝
Ով կ՚արբենայ կեանքի դիրտովն ու խունկով,
Ան որ Մարդն է՝ լոյսով ցեխով թըրծըւած,
Ան որ Մարդն է՝ սըրբագործուած արցունքով:
ՍԻՐՏՍ Է ՅՈԳՆԱԾ…
Սիրտս է յոգնած, վիրաւոր.
Ոչ մէկ գարնան ծաղիկներուն կը սպասէ.
Կին մը ապուշ մոլուցքով
Զայն բըզըքտեց. արդ տասը լոյս մատերէն
Արիւններս են, որ հատերու պէս նուռի,
Կաթիլ կաթիլ կը ծորին…
Սիրտս է յոգնած,
Ու սէրս իմ մէջ վիրաւոր։
Քնարս է տըրտում, փըշրըւած.
Կը սպասէ ոչ մէկ տօնական գինիի.
Կին մ՚անգիտակ ոճիրով
Անոր լարերն աղիքներուս պէս փետտեց.
Ու տօսախէ պորտին մէջ
Կըթեց թոյներն իր ծիծերուն ու լեզուին…
Քնարս է տըրտում,
Ու երգս իր մէջ վիրաւոր։
ՎԱՐՈՒԺՆԱԿԻՍ
Աղուոր, աղուոր, աղուոր վարդն իմ Գարունիս՝
Որ սըրտիս վրայ բացուեցար,
Եւ քեզի հետ բացիր հոգիս վըշտահեղձ
Նոր երազի մը պայծառ։
Հին օրօրանն, որ, թաղարի պէս լըքուած,
Կ՚ըլլար խըշտեակը սարդին,
Կենդանացաւ ճըռուողիւնով, բոյնի պէս
Պաճուճուեցաւ վերըստին։
Արեւ մը նոր, շողերուն հետ աչքերուդ,
Շեմիս վըրայ ցաթեցաւ.
Եւ վանդակին մէջ կաքաւս իմ վիրաւոր
Կարկաջեց երգ մը անձկաւ։
Դուն սենեակէ սենեակ թըռար դեդեւուն
Բոյնէն ինկած ծիտի պէս.
Ձայնէդ դիւթուած՝ այցելեցին տընակիս
Սերոբէներ լուսագէս։
Աղուոր, աղուոր, աղուոր վարդն իմ Գարունիս,
Եկուր նըստէ՝ ծունկերուս.
Թող լուսնակի պէս՝ մըռայլ ծոցս ողողեն
Ոսկի վարսերըդ սընդուս։
Շըղթայէ վիզս այդ թեւերովըդ քընքոյշ
Նըման ծաղկէ մանեակի.
Ժըպտէ ինծի, որ ցուրտ անդունդը սըրտիս
Արշալոյսով բըռընկի։
Խօսէ ինծի, անծանօթ խօսքը, զոր դուն
Երկինքէն հետըդ բերիր,
Կը բանայ շողը՝ վարդն, իսկ շուրթը մանկան
Աստուծոյ մատը կարմիր։
Նայէ ինծի, լուսնակն ինչպէս կը նայի
Դամբանին խորը խաւար.
Սէրըս մեռած՝ պիտի առնէ յարութիւն
Ու պիտ՚ ապրի քեզ համար։
Քեզի համար, որուն միսն է գոյացած
Շուշաններու թերթերէն,
Միւռոնաբոյր շապիկն հիւսուած է թեւով
Թիթեռներու նըկարէն։
Քեզի համար, ով իմ քերթուածըս անմահ՝
Զոր արիւնովս յըղացայ,
Զոր երգեցի՝ հպելով սըրտիս լարերուն
Լարն ամենէն դիւրազգայ։
Քու ձեռքըդ լոկ դեռ կը բըռնէ զիս կանգուն
Աւազներուն վրայ փառքիս.
Եւ մազիդ մէկ թելը բաւ է կապելու
Տիեզերքին հետ՝ հոգիս։
Վարուժնակդ իմ, իմ փափկասուն Դիցուհիս,
Ով քընարէ դու հոգեակ,
Թող որ արցունքս, որ այտերուդ վրայ կ՚իյնայ,
Ըլլայ ծիծաղ կամ սուտակ.
Բիբերըդ թող սըրսկեն աստղերն երկընքին
Իմ խորշոմած ճակատիս՝
Որ իր վըրայ, թագի պէս, բարձըր բըռնեց
Խոր ըսպիները սըրտիս։
Զի ես անդունդն եմ՝ որ կ՚ըլլայ երջանիկ
Փոսուռայի մը լոյսով.
Անապատն եմ, որ երկինքին կը ժըպտի
Իր ծըլարձակ մէկ բոյսով։
ԱՆԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ
Պիտի մեկնիս։ Սեւ պարեգօտդ ես հագած.
Ներքեւ քու այդ բաղեղնազարդ փեղոյրին
Դուն կը թըւիս զոհ մը ինծի՝ բարձրացած
Մարմարակերտ բագինին։
Զուր յուսացի օծումն հոգւոյդ սիրահալ.
Դուն փափկութիւնը չունեցար կիներուն.
Մատերդ հինայ չըներկեցիր, եւ ոչ ալ
Հաւերուն կուտ տըւիր դուն։
Միշտ սերտեցիր Մարգարէներն ռահվիրայ
Քու կուսական գիշերներուդ մէջ արդար.
Եւ Բրիւտոմի եղեռնաբոյր գանկին վրայ
Գարուններով թուխս նըստար։
Դուն կըկեցիր դաւեր եւ ռումբ շաղուեցիր.
Գաղափարի հուրերն աչքէդ բըղխեցան.
Սեւ գանգուրներդ, ուսերուդ վրայ ցանուցիր,
Եղան դրօշակը Մահուան։
Ռունգերըդ արդ կը բաբախեն բոցանուտ
Հորիզոնին դէպի հովերը անհուն.
Կը փըրփըրի մարմինիդ մէջ կենեղուտ
Հըրդեհն հըզօր գահերուն։
Բոց կը տանիս պալատներուն՝ թէ ժանտախտ…
Ծըրարուեր են շանթեր սըրտիդ մէջ խորով.
Օրէնքներուն, թագերուն վրայ ձեռքդ է լախտ,
Գիրգ ձեռքըդ՝ լի վարդերով։
Հակառակ իմ տարփանքներուս կ՚երթաս դու։
Զուր տեղ ըզքեզ խնդրեցի հարսն իմ հիւղին.
Սիրտդ է պըտուղ մը նըռնագեղ՝ որ կ՚հեղու
Թոյն՝ ափին մէջ բացողին։
Գընա, եւ ես թող միամիտ հաւատամ
Թէ պիտ՚ դընեմ օր մը գլուխիդ պըսակներ,
Եւ ռումբը սա՝ զոր յիշատակ քեզ կու տամ՝
Օր մը Աշխարհն է ջահեր։
ԵՓՐԵՄ
Դագաղն արդէն փակուեցաւ. վըրան վարդեր Շիրազի,
Սուր մը հըսկայ, դեռ ջերմիկ, ուրկէ արիւն կը հոսի։
Կափարչին տակ կը նիրհէ, անմահութեամբ սըրարբած,
Շանթն Աստուծոյ՝ խորտակուած։
Զինուորներ լուռ կ՚արտասուեն. թնդանօթները կ՚ողբան
Ահեղ անունը անոր, բարձունքներուն վրայ լերան,
Եւ ձորերուն մէջ՝ իրենց պողպատակուռ երախէն
Կ՚հեղուն արցունք հըրեղէն։
Եփրեմ… անունդ աւասիկ քանդակուեցաւ խորասոյզ
Արծիւներուն կուրծքին վրայ, եւ ճակատին վրայ դարուս,
Անուն մ՚որ միշտ կայծակով փորագըրուած պիտի մնայ
Ազատութեան սուրին վրայ։
Երիվարիդ վրայ անցար՝ ինչպէս ամպրոպը կ՚անցնի՝
Տանելով կրակն երկնային իր ծոցին մէջ հոլանի.
Դուն լոկ պատանք ըզգեցար, սըփռեցիր քու ծիրանին
Ժող՚վուրդներու քամակին։
Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.
Կը պատկանիս դուն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծընաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց.
Այդ վիշտին չափ եղար մեծ։
Հայրենիքն այն, զոր քու մեծ ըստուերովդ իսկ լեցուցիր,
Ինչ փոյթ թէ օր մը հիւղիդ քարերն ըրաւ ցանուցիր,
Գերիներու շըղթան այժմ էր քաւութիւնը ինքնին
Հազկերտներու ոճիրին։
Պատառ պատառ կը յօշուէր ձեռքերուն մէջ Բըռնութեան
Հաֆըզներու Երկիրն հէգ, ոսխակներու Վարդաստանն։
Հարկ էր փըրկել Գեղեցիկն ու Գաղափարը ցանուած.
Կապեց սուսերըդ՝ Աստուած։
Նըժոյգդ հեծար, հեծար այդ կայծակնավազ կենդանին՝
Որուն չհասան քամիներն ու ետեւէն հեւացին.
Մռունչը փողիդ թաւալեց գոռոզ վաշտերն հըրեղէն՝
Եւ Ահրիմանն՝ երկինքէն։
Քաղաքներուն ապըստամբ դըռներն ի փուլ բացուեցան
Հրանօթներուդ կատաղի շունչին առջեւ հրահոսան։
Խըլեցիր թագն Իպլիսին, ու զայն դըրիր վերըստին
Մանուկի մ՚հեզ գըլուխին։
Փախան Շահերն առջեւէդ. Պատմուճաննին պատառտուն
Հազիւ բաւեց ըլլալու պատանքն իրենց զօրքերուն։
Սիրեց նըժոյգդ յաղթական դընել անոնց գահին վրայ
Լուսաբուղխ պայտն արիւնլուայ։
Դուն սիրեցիր ողջունել ծագող Արեւն Իրանին
Աստուածօրէն միշտ կանգնած թընդանօթիդ կատարին,
Կառքիդ ետեւ շըղթայած՝ բերիր գերի բանակներ
Ժողովուրդիդ զերդ նըւէր։
Բայց ակօսն այն, զոր սուրովդ հողին լանջքին վրայ բացիր
Պէտք ունէր քու արիւնիդ՝ որ բողբոջէր լուսալիր.
Եւ մարմարեայ ճակատէդ պոռթկաց Արիւնդ հըրաշող
Արշալոյսին պէս ծագող։
Ինկար… նըման արծիւին որ կ՚իյնայ վար ամպերէն՝
Ճանկին մէջ շանթը շոպած, հոգւոյն մէջ մաս մ՚արեւէն.
Անհունին մէջ քու անկումդ՝ ինչպէս նաեւ սըրտերու՝
Բացաւ ակօս մ՚ահարկու։
Ով որ զարկիր թուրիդ տակ՝ դիւցազ մ՚ըրիր զանիկա։
Դիւցազնացար աւելի դուն քու մահովըդ հըսկայ։
Այս է վըճիռն, երբ Աստուած կարկառէ պսակը փառքի՝
Հանճարն հարկ է խոնարհի։
Խոնարհեցար արիւնլուայ՝ խորութեան մէջ անհունին
Ինչպէս Արեւն հըրավառ կ՚ընկըղմի ծոցն ովկիանին.
Մարմինդ՝ Անդունդը առաւ, սուրըդ առաւ՝ Եհովան,
Անունդ առաւ՝ Ապագան։
… Կ՚երգէ Իրանն յաղթանակ, արդէն կու գայ նոր Գարուն,
Եւ կը հիւսուի դափնիի ճիւղ մը՝ քնարիս լարերուն։
Իսպահանի լիճերուն մէջ կարապներն աղուական
Մարգրիտներով կը լոգնան։
Զուր է, Եփրեմ. Մինչ ազատ Ժողովուրդները արդէն
Պըղընձախիւսն արձանիդ Արշալոյսով կը շաղուեն,
Հոն, շիրմիդ վրայ, հերարձակ Մայր մը կայ միշտ ցաւագին
Լըքուած Վիշտին մէջ կըրկին։
ՄԱՏԵԱՆՆ ԱՀԱ…
Բարեկամիս՝ Յովհ. Պալեանին
Մատեանն ահա՝ զոր խոստացայ… Երբ գըտնես
Հոն դարերու կեանքին Երազն անյատակ,
Եւ Բագոսի քըրմուհիներ վարդերես
Որ կը պարեն բըլուրին վրայ, լուսնին տակ,
Եւ աստուածներ՝ որ կ՚ուզեն սիրտն Հոմերին
Դեռ ողջակէզ, կամ Մեսալին մ՚հըրաչեայ՝
Որ պատանքի տեղ կը սըփռէ ծիրանին
Սէրէն մեռած ասպետներուն մարմնին վրայ,
Երբ հոն գըտնես Պոմպէի գիշերներ,
Նուռն՝ հրաբուխին բերանին վրայ հասունցած,
Յետոյ այս Դարն՝ Յիսուսի պէս կարեվէր՝
Արշալոյսի մը երկունքէն բըռնըւած։
Երբ հոն գըտնես սիրտեր ճրագի պէս մարող,
Մաքառումներն երկաթներուն ու մարդուն,
Ցեխէն կանգնող Ոճիրը խէթ, անսըքօղ,
Որ կը խըմէ արիւնն անմեղ վարդերուն,
Ով բարեկամ, խորհէ թէ Երգս է պատմեր
Ցաւն հաճոյքին եւ հաճոյքները ցաւին.
Սիրտն ըսկիհ մ՚է՝ ուր երբ լեցուին գինիներ
Աստուածներու սուրբ արիւնին կը փոխուին.
Խորհէ թէ սանձն արեւաբիբ Բեգասիս
Ոչ ոք կըրցաւ իր ափին մէջ ամփոփել.
Ագռաւներու կըռընչիւնները մախիզ
Խըրտչեցընել չըկըրցան վազքն անարգել.
Խորհէ թէ միշտ քըննադատն է միաչեայ,
Եւ ներքինի՝ բարոյագէտը խոհեմ.
Տառապած Սիրտն ով պիտի կշռել կարենայ
Նըժարին մէջ՝ Տիեզերքին դէմ առ դէմ։
Ան լոկ կըրնայ ճանչնալ Երազը սրարբած՝
Ով կ՚արբենայ կեանքի դիրտովն ու խունկով,
Ան որ Մարդն է՝ լոյսով ցեխով թըրծըւած,
Ան որ Մարդն է՝ սըրբագործուած արցունքով։