ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐ

Հայորդիներ


Ա եւ Բ

ԴԱՐԵՐՈԻ ՎՐԷԺ


Յոյսերու երկաթէ սանդուխին կատարներէն է որ աւետիսս կ՚արձակեմ,
Մոխիրներու, դիակներու եւ վշտերու հովիտներէն է որ հասայ ի քեզ,
Եւ, աւաղ, քղամիդիս թեզանիքներէն իմ շքեղ ցեղիս արիւնը ահաւասիկ դեռ կը թորայ…
Բայց քայլերս անխոնջ են եւ կամքս գերազօր եւ ձայնս դաժանօրէն ամեհի…
Գլուխս սուգերէն եւ վրէժէն եւ ճակատագրէն թէեւ ալեհեր,
Բայց, տես, աչքերս դիւցազնի մը աչքերուն չափ կարմիր եւ կերպարանքս է սոսկատեսիլ։
Իմաստութեանս եւ ցասումիս արեգակին տակ իմ հուժկու իրանս անկիւնաքար
Այլեւս չ՚ուզեր այդ սնոտի փառքը յաւերժօրէն իր վրայ կրել։
Եւ պաղատանքի, աղօթքի, լաց ու կոծի եւ ողբի այն մատեաններուն մէջ,
Ուր դար առ դար իմ սերունդներս իրենց արիւնը եւ տառապանքն են լացեր,
Մէկ կողմ նետեցի ես զանոնք, պարտութենէ ստրկացում եւ աղաչանքէ արցունք չ՚երթալու համար…
Եւ մտածումովս եւ զայրոյթովս ձեր ցաւերուն ամենախոր արմատները չափեցի.
Տեսայ որ ձեր փրկութիւն մուրացողի բոպիկ ոտքերն աւերակներու մոխիրներէն այրեցան…
Տեսայ որ դուք արցունքին մէջ երջանիկ էիք եւ կենսաբեր կռիւին դէմ ահաբեկ…
Տեսայ որ արդարութիւնը ստեղծել պէտք էր եւ ազատութիւնը մոլեգնաբար յափշտակել։
Եւ այսօր, ահաւասիկ, իմ անկշռելի բարկութիւնս իր բոլոր հուրերը վառեց…
«Ահա քեզ ալ կը դիմեմ, եկուր եւ ճամբուս վրայ ոտքի՝ երգէ, որ արձակեմ,
Ճամբուս վրայ ռազմերգէ, որ քինայոյզօրէն եւ առ յաւէտ արձակեմ
Իմ հաւատքի զաւկըներուս վայրենալանջ երիվարները փոթորկապար…
Ըսէ, որ գաղափարիս փարոսները հրդեհեմ չորս ծագերուն դիմաց,
Ըսէ, որ թաւալեմ ապառաժներուս կոյտերը անիրաւութեան կուրծքերուն,
Եւ ոտքի հանեմ հողիս հրեղէն եւ ըմբոստ մարտիկներուն հետ
Քինախնդրութեան եւ սարսափի բանակներուս արշաւանքն ալ ահեղաշար…
Ըսէ, որ շեփորներս հինաւուրց հերոսներու հագագովը շեփորել տամ…
Ըսէ, որ երկաթներս կռանեմ եւ պողպատներս շողացնեմ,
Ըսէ, որ ես ալ իմ արիւնախում նժոյգս շքեղօրէն թամբեմ,
Ըսէ, որ անոր սմբակները ձորերէն վեր՝ լեռնէ ի լեռ միայն կայծեն…
Երգէ, ահա, բոլորին արիւնը արեւ է դարձեր եւ կամքերն ու դաստակներն են պղնձուեր,
Երգէ, Եղբայրութիւնը տօնուեցաւ եւ շունչերն ու հոգիները նոյն դարերու վրէժովը պսակուեցան…
Ահա թափուող արցունքները ետ դարձան եւ կուրծքերու կոծումը դադրեցաւ,
Ահա բոլորը մէկ, բոլորը մէկ, իմ Գերիշխանի թեւերուս տակ յառաջացան,
Արբեցուր զանոնք դեռ, եթէ կրնաս, եւ արժանաբար դիւցագներգէ զիս, ով քնարաւոր,
Ես գիտեմ որ քու տաւիղդ Հայրենիքին ծարաւն ունի, ինչպէս վրէժն այնքան դարերու…
Ուրեմն լարերդ զենիթին շանթերէն յափշտակէ, տրցակ առ տրցակ,
Բարձրացուր ձեռքերդ եւ զանոնք գիշերուան կապոյտներու կամարին կարկառէ
Եւ փառազարդէ գլուխս առաւօտեան աստղերու բոյլով մը լուսածոր,
Խնկարկէ եւ պաշտէ զիս եւ երբ ժամը հասնի՝ ողջակիզուէ ինծի համար,
Եւ փշրէ քու հողեղէնի ճակատդ իմ կոթողիս մարմարներուն դիմաց,
Որովհետեւ Ես եմ, Ես եմ, իմ անունս է Պայքար եւ վախճանս Յաղթանակ»։


1902 Ժընեւ
ՀՈՂԻՆ ՁԱՅՆԸ

Անզուգական Քրիստափորի յիշատակին համար


Ըսէք, ինչ է այն զարհուրանքը, ով սուգերու եւ ատելութեան ընկերներ,
Որ նորէն տառապանքի, յոյսի եւ քանդումի քաղաքներուն վրայ,
Այս իրիկուն, ինծի կ՚ըսեն, թէ բոցավառուող սուրերու հետ պիտի իյնայ,
Ինչ է այն զարհուրանքը, ով սուգերու եւ ատելութեան ընկերներ։
Ու խօսող ձայնը յաւիտենական, մաքառումներու Հողին ձայնն էր,
Որ իր աւերակէ բերանները դէպի վեր՝ հորիզոններուն,
Մահազանգերու երկաթեղէն մրրկումի մը հանգոյն՝
Վրէժով ու ցասումով առլցուած, գերագոյն մարտահրաւէրը կ՚աղաղակէր…
Ու ահաւասիկ ձեզի մահաբոյր արձագանգն իր փրկարար խօսքերուն.
«Ով քաղաքներէս եւ երկինքէս հալածուած թափառական զաւկըներ,
Մտիկ ըրէք, այս իրիկուն, ծեր հինաւուրց եւ արգաւանդ եւ այրի հողին՝
Ատելութիւնով, հեծկլտանքով եւ հոգեվարքով յղի,
Սա քինայոյզ ու արիւնոտ ու յուսահատ հրաւէրը պաղատագին…
Եւ եթէ կ՚ուզէք որ ձեր վաղնջական ազգը դեռ տեւէ,
Եթէ կ՚ուզէք որ երկիրը անգամ մըն ալ ինքն իր մէջը չի քանդուի,
Եթէ կ՚ուզէք որ ազատութեան հերոսները իմ կողերէս նորէն ծնին,
Եթէ կ՚ուզէք որ արհաւրալից գետերս դիակներով բեռցուած չի թաւալին…
Եթէ կ՚ուզէք որ աստղերս բացուին եւ բլուրներս ծաղկանան…
Եթէ կ՚ուզէք որ բարեբեր դաշտերս նորէն իրենց ցորեանները ծովացնեն…
Եթէ կ՚ուզէք որ մայրութեան կաթովս ձեր այգիները ոռոգեմ,
Եթէ կ՚ուզէք որ արշալոյսներս մերկանան եւ արեգակներս ծագին…
Եթէ կ՚ուզէք որ հովիտներս այլեւս մահուան շունչին տակ չի հեծկլտան…
Եթէ կ՚ուզէք որ սերունդներս բարգաւաճին եւ իմ այրիիս դէմքս գէթ առաւօտ մը ժպտի…
Եթէ կ՚ուզէք որ խաղաղութիւնը ձեր երդիքներուն տակ արձանանայ,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձերիններուն տաք արիւնը ճամբաներուս քարերէն վար ալ չի հոսի,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձեր Վրէժը լուծուի եւ Ատելութիւնը յափրանայ…
Եթէ կ՚ուզէք որ Արդարութիւնը տիրապետէ եւ իր ոստանը կառուցուի,
Եթէ կ՚ուզէք որ Հայկաշէնն եւ Արմաւիրը, Տիգրանակերտն ու Արտաշատը վերականգնին,
Եթէ կ՚ուզէք որ ձեր հոգիները զօրանան եւ ձեր ճակատները լուսաւորուին…
Եթէ կ՚ուզէք որ դաժան խղճի խայթը ձեր ամէնուն առջեւ գերեզմաններ չի փորէ…
Ինծի հասէք այն ատեն, մոլեգնաբար եւ գունդ առ գունդ,
Բազուկներնիդ ըմբոստացումի երկաթեղէն հովերուն
Եւ ճակատներնիդ բոլոր բախումներուն կարկառած՝
Եւ աղաղակեցէք ճգնաժամերու մահաշուք օրերուն համար սահմանուած,
Արիացումին անդառնալի ընդվզումներու, յուսադրող, սպառազինող, յաղթանակող՝
Ձեր սրտոտ եւ կատաղի կոչերն Ատելութեան,
Աղաղակեցէք զանոնք որոտումի գոռումներով ապերասան,
Դաշտավայրէ դաշտավայր, քաղաքէ քաղաք եւ հոգիէ հոգի,
Վասնզի գիտեմ որ այս վճռական ընդհարումներէն յետոյ,
Թշնամիիս ոսկորներէն, յաղթանակին կոթողներն ահարկու,
Ահագնաբար, ճակտիս վրան, ձեր ձեռքերովն, աշտարակուին պիտի…
Օգնութիւն աղաղակեցէք ձեր հոգիին բարկութեան շունչովը բովանդակ,
Ու թող ցանուցիր զաւկըներուս ամբոխներն հայկական
Իրարու զանգուածուին, եղբայրանան, հրահրուին
Ձեր վրէժի մահաշունչ կոչին պատգամներուն տակ,
Ու թող ձեր դաստակները կայծակներու նման գալարուին,
Ու գլուխներնիդ արիւնով եւ յոյսով խենթենան…
Ու թող ձեր մերկացուցած սուրերը փայլատակեն,
Երիվարներու դռոյթէն արձակուած բոցերուն հետ,
Ու ձեր ջահերը թող իրենց արեւները տարածեն
Ռազմադաշտէ ռազմադաշտ ու կատարէ կատար
Օ, օգնութեան, օգնութեն արշաւեցէք
Զաւկըներուս սիրոյն եւ Արշալոյսներու հողին փրկութեանը համար…
Ու որպէսզի ձեր հոգիներն արիանան եւ ձեր իրանները մարմարուին…
Որպէսզի Ատելութիւնը ձեր սրտին մէջը ծովանայ,
Որպէսզի ձեր քայլերը վճռուին ու ձեր կամքը փոթորկի,
Որպէսզի ձեր հողին մահը գէթ անգամ մը ձեր ուղեղը դաշունէ…
Որպէսգի ձեր բազուկները զարնեն ու ձեր կուրծքերը պղնձանան,
Տեսէք անգամ մը օգնութիւն հայցող կարաւանները իմ մոռցուած զաւկըներուս,
Ու անոնց մարմինները օրերուն ոճիրներէն քարուքանդ,
Ու անոնց որբ հոգիներն ձեր լքումներէն վիրաւոր,
Ու անոնց աքսորանքի շտապը իմ դժուարին բլուրներս ի վեր,
Տեսէք անոնց նայուածքները վերահաս մահէն զարհուրած,
Ու անոնց աղօթքը ու ճիչը ու պաղատանքը նորակոծ,
Նորէն ու նորէն յուսալով եւ անձկագին դէպի ձեզ ակնդէտ,
Ձեր բոլորէն, ով հալածական եւ հեռաւոր եւ տարագիր զաւկըներ,
Ձեր բոլորէն պաշտպանութեան շարժում մը կամ կաթիլ մը արիւն,
Կամ քանի մը զօրաւոր կեանք, յոյսով եւ յուսահատութիւնով սպառազէն,
Ձեր բոլորէն իրաւամբ եւ եղբայրաբար կը սպասեն…
Աճապարեցէք, ձեզի եմ, որովհետեւ բոլոր կեանքերը պիտի ջախջախուին,
Բոլոր ամոլները պիտի այրիանան ու բոլոր այրիները պիտի մահանան,
Բոլոր նորածինները իրենց խանձարուրներուն արիւնոտ ծալքերուն տակէն
Իրենց կեանքին անգիտակ աչուըները մահուան մէջը պիտի բանան…
Ու դեռ բոլոր դիակները անգամ մրն ալ եւ վայրագօրէն
Իրենց կտաւէ պատանքներուն ընդմէջէն պիտի յօշոտուին, պիտի սրածուին…
Ու բոլոր արգասաբեր արտերն ու խարտեաշ հունձքերն վաղորդայնին,
Այգեստաններուն ու ծաղկադաշտերուն հետ բոլորը մէկ պիտի մոխրանան…
Աճապարեցէք, բոլոր կաթողիկէները իրենց գմբէթներովը պիտի թաւալին,
Ու բոլոր քաղաքները քաղաքներուն եւ գիւղերը գիւղերուն տակ,
Ու բերդերն ու պատնէշներն ու աշտարակներն դարաւոր՝ այս բոլորին վրայ…
Աճապարեցէք, ով վրէժխնդրութեան օրերու զաւկըներս անվեհեր,
Դէպի ձեր հողը նուիրական, ձեր նիզակները ցցած ու ձեր կուրծքերը բացած՝
Ձեր վահանը կռիւներու հովին ու ճակատամուխ երկաթներնիդ ճօճելէն,
Աճապարեցէք, ու վայրագաբար ու փոթորկապէս ու քինայոյզօրէն,
Դէպի անառիկ ապառաժներն իմ յաւիտենական կողերուս…
Ու այս ալ ըսած թող ըլլամ ձեզի, ով վարանոտ զաւկըներ,
Թէ վրէժխնդիր ու սուրբ ատելութիւններէն վերջն է միայն,
Որ սրբազան ու աստուածային Սէրը Կեանքին
Իմ անսահման ու մայրական կուրծքիս վրայ պիտի ապրի…
Որովհետեւ, աւաղ, միայն ես գիտեմ թէ արիւնի ինչ անագորոյն սահանքներ,
Իմ եօթը խաւերուս աղջամուղջներուն խորը սուզուելով,
Հաստատութեանս հիմունքները անողորմաբար ոռոգեցին…
Միայն ես գիտեմ, իրարու ետեւէ, անվերջօրէն, հոգիիս խորը մխրճուող
Կիսաբաց դագաղներուն ճարճատիւնն ահաբեկիչ…
Միայն ես իմացայ բոլոր անպատմելի հռնդիւնները ոգեվարներուն…
Բոլոր աղաղակներն անոնց, որոնք փրկուիլ ուզեցին,
Բոլոր ցաւատանջ կարկառումը այն ամէնուն,
Որոնք դեռ վայրկեան մը արեգակը, արեգակը պաղատեցան…
Միայն ես իմացայ բոլոր անձկութիւնը իրար դեռ տարփօրէն պաշտողներուն,
Բոլոր կողկողանքը զաւկըներէ բաժնուող արդէն այրի մայրերուն…
Ու այս բոլորին մէջէն ահագնալից կրճտիւնը փշրուող ոսկորներուն…
Ու իրաններէ անջատուող գլուխներուն վայրէջքը ցնորական,
Միայն ես իմացայ, երբ կառափնատներուն բարձրերէն իմ ճակտիս վրայ ինկան…
Ու վերջապէս միայն ես գիտեմ կուտակումները այն կմախքներուն,
Որոնք սրտիս խորքերուն մէջը, որ ժամանակէն ի վեր, որ ժամանակէն ի վեր…
Այնչափ մրրկոտօրէն արմատացան, անտառուեցան…»։
Եւ յետոյ Հողը քաղցրութեամբ՝ մաքառողներուն համար՝ սա աւետիսը տուաւ.
«Բայց հիմա, ով դուք, որ յամառօրէն մարմինիս ու հոգիիս կառչած էք,
Դուք՝ Հաւատարիմները, դուք՝ Ուխտուածները, դուք՝ իմ Հարազատներս ամբասիր,
Դուք, որ իմ ցաւերս ապրեցաք ու ձեր արիւնը ինծի համար անխնայ բաշխեցիք,
Դուք, որ դասալքումներու դժխեմ վատութիւնը չի ճանչցաք,
Ձեզի եմ, սրտապնդուեցէք, յուսադրուեցէք, խաչակնքուեցէք,
Քանզի իրենց փախուստներէն խղճահարուած ձեր եղբայրները բոլոր
Ահաւասիկ կը հասնին, Ատելութենէ հրաշացած ու Սիրով արբշիռ,
Եւ արշալոյսին հուրերուն մէջէն իրենց երկաթեայ ձեռքերը ձեր ձեռքերը կը փնտռեն…»։


1902 Փարիզ
ԶՂՋՈՒՄԻՆ ԹԱՓՕՐԸ


Ղարիբին համար


Ըմբոստացումի եւ աւերումի իրիկուան մը սուրերուն մէջէն,
Երբ Հերոսներու աստուածային արիւնը՝ հողին հեծկլտացող կուրծքէն ի վեր,
Յաղթութեան եւ յոյսի կարմիր արեգակի մը նման կը բարձրանար,
Յանկարծ զարհուրեալներուն, շփոթածներուն եւ մենաւորներուն խուճապը սկսաւ,
Քաղաքներէն ու աւաններէն դուրս, հովիտներէն, բլուրներէն եւ գետերէն անդին,
Դէպի անստոյգ հանգրուանները մահացնող օտարացումներուն…
Ու հազարաւորներ էին անոնք, հազարաւորներ ու հազարաւորներ,
Որ մէկէն ի մէկ աղէտաձայներէն զարհուրած դեռ չէին կրցեր իրենց քայլերը վճռել,
Իրենց դաստակներն ու սուրեըը գալարելու, թշնամիները նայուածք նայուածքի ճակատելէն,
Եւ այս բոլորը խելայեղուած՝ մոխիրի, հոգեվարքի եւ լաց ու կոծի քառուղիներէն անցան,
Անոնց հետ, որ աւաղ կոտրտուելով, մեռնելով, ջախջախուելով, արիւնուելով կը շտապէին,
Իրենց մազերը անգթօրէն փետտելով եւ կորսուած զաւկըներու ի խնդիր...
Եւ օրերով եւ խաւարներով սահմանէ սահման խուճապեցին,
Եւ կային, որ կիսամեռ մարմիննեը ուսերնուն վրայ եւ գետնաքարշ՝ կը փախչէին,
Կային, որ իրենց հաշմուած ձեռքերէն եւ տրորուած սրունքներէն մաս առ մաս,
Ճամբաներու քարերուն, հողակոյտերուն եւ մացառներուն վրայ,
Եղերականօրէն, արիւնոտած լաթերու պէս՝ թափթփելով՝ կը շտապէին,
Ընդվզումի շառաչներուն եւ հրդեհուած քաղաքներուն առջեւէն…
Զարհուրալից արշաւանքովը անապատներու այն փոթորիկին…
Որուն վայրագութեանը վրայ, քալող անտառներու հանգոյն, կայծակները կը տապալուին…
Երկրին բոլոր ծայրերէն կը խուժէին ասոնք, բազուկներնին հովերուն
Եւ չի մօտեցող օգնութիւններու պաղատագին տարածուած,
Կոյրերու խաւարչտին եւ անգիտակից խուռներամի մը այնչափ նման,
Որ զայրագին ու մոլեգնած ու առ խարխափ,
Ապառաժներու անագորոյն բախումներուն պիտի վազէր…
Բայց Մէկը, որուն մտածումը մոլորածներու այս մղձաւանջէն կը խենթենար,
Որուն հոգին կ՚արիւնոտուէր եւ որուն Ուխտը իր ներսիդին իր կոչումը կը ձայնէր,
Ամբոխին առջեւ աշտարակուելով՝ անոր վազքը դադրեցուց, եւ ծանրադէմ ըսաւ.
Իր խօսքերը իր Կամքին եւ Հաւատքին չափ անձնուրաց էին եւ զօրաւոր,
Իր շունչը սրտոտ, նայուածքները պղտոր եւ իր հսկայի ճակատը բոցավառ։
Եւ քայլերը կասեցան եւ վազգը դադրեցաւ եւ կամքերը պրկուիլ սկսան, երբ ան կը խօսէր.
«Դէպի ետ, դէպի ետ, դէպի ետ, եւ ըսէք, դեռ որ յոյսին եւ որ գթութեան
Մահացու, անողորմ ու մարդկային այդ ապառաժներուն դիմաց,
Այսպէս պիտի երթան կարաւան առ կարաւան, խելայեղաբար եւ բազկատարած՝
Մեր իրաններն ու մեր ճակատներն անոնց հանդէպ, անգամ մըն ալ կոտրտելու…
Ըսէք, դէպի որ օգնութիւնը եւ դէպի որ արիւնարբու թշնամիները պիտի քալենք…
Դէպի որ շնորհին եւ որ մարդասիրութեան թունաւոր բաժակներուն
Պիտի երթանք մեր ծարաւէն սառած շրթունքները կարկառելու…
Որ անողոք աստուածութեան եւ որ անողոք խորանին կը յառաջանանք
Մեր պաշտամունքը, մեր արիւնը եւ մեր արցունքը անոնց առջեւ թափելու…
Որ բարբարոսութեան եւ որ բռնապետին անողորմ ճիրաններէն
Մենք մեր կեանքին՝ մեր հոգիին եւ մեր հողին փրկանքը կը յուսանք,
Որ անդունդին բերաններէն եւ որ ժայռին կատարներէն, այս իրիկուն,
Պիտի երթանք, մեր ստրուկի ձեռուըներովը մեր աչուըները փակած՝
Վատերու պէս դէպի անէացումին խորխորատները գահավիժելու…
Մինչդեռ անդին, մինչդեռ անդին, մեր բոլորին համար՝ մեր ամէնուն սիրոյն,
Մաքառումի, քանդումի եւ յոյսի հողին վրայ,
Ազատութեան ջահակիրները ընդվզումի բոցերէն աստուածացած՝
Եւ իրենց դիւցազնի կամքէն ամենազօր, գերագոյն կռիւներու կռիւը կը մղեն…
Ձեզի եմ, դէպի ետ, դէպի ետ, դէպի ետ արշաւենք,
Մեր թմրութենէն եւ մեր սարսափէն առնաբար սթափուելով,
Եւ թող մեր տեղափոխուող ծովի զարհուրանքը թշնամիները խիզախէ,
Թող մեր ակռաները զանոնք յօշոտեն ես մեր բռունցքները վայրագօրէն հարուածեն,
Թող մեր ձեռքերը ճամբաներու հրաքարերովը զինուին,
Թող մեր քայլերը հնչեն եւ մեր վրէժի եւ քաղցի աղաղակը որոտայ,
Թող մեր կարաւանը մեր յառաջապահ եղբայրները պատնիշէ,
Թող մեր թեւերը դուռներուն ետեւը լքուած մեր զաւկըներուն երկարին,
Թող մեր ատելութեան եւ մաքառումի ձայները զանոնք կազդուրեն,
Թող մեր այսօրուան քայլերը վաղուան կռիւին մէջ անոնց քայլերը որոշեն,
Եւ թող մեր ճակատին, մեր մտածումին եւ մեր հոգիին վէրքերն անոնց համար
Ըմբոստացումի եւ ազատութեան խորհրդանիշները հանդիսանան…
Ուրեմն դէպի ետ, դէպի ետ, որովհետեւ, ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի,
Հայրենիքի այս լեռներէն, դաշտերէն, այգիներէն եւ հովիտներէն անդին
Ուրիշ ամէն աղբիւր, ամէն աղբիւր մեր բերաններուն մէջ իր թոյնը պիտի վազցնէ,
Բոլոր դուռները ու բոլոր անցքերը ու բոլոր ուղիները մեր առջեւ պիտի խափանուին…
Բոլոր յոյսի աստղերը մեզի համար պիտի խեղդուին եւ ամէն արեւ պիտի խաւարի…
Մեր հացին ալիւրը մերիններուն փշրուած ոսկորներէն պիտի շաղուի…
Մեր նախնիքներուն փառաւոր անունը մեր անունին տակ պիտի փճանայ,
Ու վերջապէս բոլոր օտարութեան երդիքները՝ երկաթակոյտերու ծանրութիւնով մը ծանր՝
Անողորմաբար, մեր գլուխներուն եւ մեր ուսերուն վրայ պիտի փլչին…»։
Պատգամաբերը իր խօսքերը դադրեցուց իր խումբերուն հետ յառաջանալով,
Երբ զղջումի թափօրը դէպի երկիր՝ ծնրադիր եւ դողդոջուն, պաղատեցաւ.
«Թողութիւն մեզի, թողութիւն մեր բոլորին, թողութիւն, ով մայր—երկիր,
Որ քու ցաւերդ, քու նայուածքներդ եւ քու սուրբ կռիւդ լքելով, քեզի դիմաց մեղանչեցինք,
Ընդունէ մեզի, քանզի մեր մարմիններն ու մեր մտածումը, այս իրիկուն,
Քու դիւցազնական Առաքեալներդ իրենց շունչերովը զօրացուցին…
Ու մեր յուսահատութենէն՝ մեր առջեւ յաղթութեան Յոյսը կառուցուեցաւ…
Ընդունէ մեզի, գիտենք որ քու փրկութեանդ մէջն է Փրկութիւնը մեր ամէնուն… »։
Եւ հիմա բովանդակ թափօրը վճռական հորիզոնէ հորիզոն՝ դէպի Հողը կը խոյանար,
Մինչդեռ ատելութեան եւ զղջումի արցունքները անոնց աչքերէն կը հոսէին…


1902 Փարիզ


ԱՆԴՐԱՆԻԿ


Ինքն էր, որ Երազիս մարմարեայ եզերքներուն վրայ, այս գիշեր,
Ապառաժի մը նման անյաղթելիօրէն ոտքի,
Իր ըմբոստացողի հրեղէն գլուխն աստղերուն մէջ մխրճելէն,
Ու իր ձեռքը ատելութեան սուրերովը զինած,
Հողին փրկութեան սիրովը հրաշացած եղբօր մը նման,
Որ եղբօր մը օտարացումէն իր հոգին կ՚արիւնէ,
Խօսեցաւ ինծի ան, եւ իր բառերը իրարու ետեւէ, եւ կարգ առ կարգ,
Խիստ էին եւ քաղցր եւ ճշմարիտ եւ քինայոյզ եւ առնական…
«Եւ ահաւասիկ ես եմ, ով մեղկութեան ու անշարժութեան զաւակ,
Որ աղմկայոյզօրէն՝ այս իրիկուն հեռուներէն կու գամ,
Քու երազուն եւ անտարբեր ու անգործօն ու եսական ու տկար
Երիտասարդի մարմինդ ու էութիւնդ ու հոգիդ,
Բազուկիս հարուածովը ու սուրերուս շառաչին հետ,
Կռիւներու հարկադրիչ ժամերուն համար, վերջնականապէս ցնցելու…
Ունկնդրէ իմ ձայնիս, որ այս վճռականութեան օրերուն
Մեր ցեղին, մեր վրէժին ու մեր արիւնին աղաղակն է ահարկու,
Ու խառնուէ, ընկերացիր, եղբայրացիր սա մեր հզօրաքայլ ամբոխին հետ՝
Եթէ դեռ քու հոգիիդ մէջ ազատութեան որեւէ կայծ վառ մնաց,
Եթէ դեռ քու բազուկներդ քաջութիւնը ունին թշնամիներ հարուածելու,
Եթէ սիրտդ գէթ անգամ մը խոցոտուեցաւ մեր մայր—հողին մահացումէն,
Եթէ ցեղիդ տառապանքէն ու անմեղներու կոտորածին մղձաւանջէն
Քու ներսիդիդ ատելութեան ու բարկութեան անտառները բարձրացան…
Եթէ դուն դեռ կեանքիդ մէջը պիտի կրնաս նպատակի մը փաթթուիլ,
Եթէ դեռ քու աչուըներդ այս անօգուտ արցունքներէն չկուրցան…
Եթէ դուն քու աղօթքներդ Ատելութեան գոռումներու փոխեցիր,
Եթէ ցեղիդ ռազմական ու արեգակէ արիւնին
Երակներուդ եւ գլխուդ մէջ բորբոքուիլը դեռ կը զգաս,
Եթէ դեռ Արամին, Տիգրանին, Արտաշէսին եւ Վարդանին
Յաղթանակող զօրութենէն քու մէջդ շունչ մը մնաց,
Դիւցազնական քայլերէն քու երազողի նայուածքներուդ առջեւ
Անձնուիրութեան, վրէժի եւ ազատութեան ճանապարհ մը բացուեցաւ,
Ոտքի կեցիր այն ատեն, եղբայրացիր խումբերուս ու մրրկուէ անոնց հետ,
Որովհետեւ, գիտցիր որ այս զոհաբերումի, ընդվզումի եւ յոյսի օրերուն
Մեր ամէն մեկուն համար անկողնի մէջ հոգի տալը վատութիւնն է վատութիւններուն…»։
Յանկարծ խումբերը հեռացան արեւածագին կրակներուն մէջէն,
Ու իրենց կամաւորի գիտակից ու վճռական քայլերուն հնչիւնը երկաթեայ
Մարմարակոյտեր փշրող անհամար կռաններու հնչիւնը ունէր…
Մինչդեռ թշնամիներէն անջատուած գլուխներ ջահերու պէս կը բոցավառէին՝
Իրենց ուսերուն վրայ բարձրացուցած սուրերուն կատարներէն…
Եւ ես այն ատեն՝ նախանձութեամբ ու տարփանքով հողին վրայ ծնրադիր՝
Իրենց հերոսի քայլերուն հետքը երկիւղածօրէն համբուրեցի…


1903 Փարիզ


ԱՂԲԻՒՐ ՍԵՐՈԲ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ


Ով մարտնչումներու եւ զօրութեան արքայակերպ հսկայ,
Ներէ որ ակնածութեամբ եւ եղբօր մը պէս պիտի քեզ յառաջանամ
Եւ իմ տառապողի եւ տարփաւորի կարմիր քնարովս, այս իրիկուն,
Քու ջատագովանքդ ու փառաւորումդ երգեմ քեզ պաշտողներուն համար։
Թէեւ իմ շունչս կարող չըլլայ քու յաղթանակի փառքդ շեփորելու,
Թէեւ իմ ընկճուածի մտածումս քու անունիդ կատարներուն երբեք չբարձրանայ,
Թէեւ հոգիս անարժան ըլլայ քու հերոսի հոգիդ խորասուզելու…
Թէեւ խորհուրդներս ըլլան աղքատ եւ ձեւերս անպաճոյճ,
Թէեւ քեզի համար կառուցած խորանս ըլլայ անսուրբ եւ ծխած խունկս օտար,
Թէեւ ես խեղճ լացող մը միայն եղած ըլլամ Հայրենիքիս մոխիրներուն առջեւ,
Թէեւ իմ քայլերս քու քայլերուդ ճամբաները ստրկօրէն անգիտանան,
Թէեւ բազուկներս ու կուրծքս խուսափած ըլլան քու կռիւիդ սրբավայրերէն,
Թէեւ ճակատս մինչեւ այսօր ընդվզումի կայծ մը յղացած չըլլայ…
Բայց ներէ պարտուածիս, ներէ եղբօրդ, որ այս իրիկուն զքեզ երկրպագէ,
Հորիզոններէն քալող քու արձանակերպ ստուերիդ խենթի մը պէս կանչելով,
Եւ թող քու հերոսի շունչիդ հովերէն գինովնամ,
Թող քու մտածումիդ եւ անցեալիդ պատկերներէն այլակերպուիմ,
Թող քու դիւցազնի արփաթեւ անունէդ եղէգի մը պէս դողդոջեմ,
Թող քու հաւատքովդ լուացուիմ եւ քու հրամանովդ յառաջանամ…
Որովհետեւ թերեւս այս բոլորը, քու աչուըներուդ ու կերպարանքիդ քաղցրութեանը հետ հրեշտակային
Ու իտէալիդ ու յաղթանակներուդ մարտապատկերին հետ,
Թերեւս իմ արիւնս հրավառեն, կորուսեալի քայլերս ուղղեն, թերեւս բազուկներս ու կուրծքս երկաթեն…
Դուն տարիներով ու տարիներով սարսափանքը եղար մեր թշնամիի խուժաններուն,
Դուն, որուն արդարութեան սուրը եղեռնին վրայ շանթի մը պէս կը շողար,
Դուն, որուն նայուածքներուն հրամանին տակ բարբարոսները պաղատելէն կը ծնրադրէին,
Դուն, որուն քայլերուն եւ զէնքերուն շառաչումէն ռազմագունդեր նահանջեցին…
Դուն հայրենիքին սրտապնդող արեգակն էիր դժբախտներուն համար
Եւ միանգամայն փոթորկանման աղջամուղջը թշնամիներն ահաբեկող…
Դուն այն կամքի ու յոյսի մարգարէն էիր, որուն հոգիին ի տես,
Բոլոր Սասունն ու Մուշը ու Բաղէշը հաւատքովդ հաղորդուեցան…
Դուն անտիրական ժողովուրդին պաշտպանն էիր ամենազօր,
Դուն քաղաքներուն ու բոլոր երդիքներուն խաղաղութիւնը եղար
Եւ անընկճելի հսկողը ճակատագրէն ու ոճիրներէն դատապարտեալ անմեղ կեանքերուն,
Դուն բարեբեր դաշտն էիր ու պտղատու այգին ոսկեվառ,
Դուն այս աւազանն էիր պայծառ, որուն վրայ բոլորս տարփանքով գլխահակ,
Մեր ապագայ օրերուն արշալոյսներն ընդնշմարեցինք…
Դուն մէկը եղար հիմնաքարերէն ազատութեան այն ապարանքին,
Որուն վրայ այլեւս բիւրաւոր ու յաղթական բազուկներ,
Անխոնջօրէն, մարմարեայ զանգուածներ կը բարձրացնեն…։
Եւ առաւօտ մը, մեր հեռաւոր ու սեւահեր ու տրտում քոյրերն, քու անունիդ քաղցրութեանը ի լուր,
Զքեզ երկիւղածօրէն եւ սրբութեամբ իրենց ԱՂԲԻՒՐԸ անուանեցին…
Ու հրաշափառ ծերունիներ քու փառքիդ եւ արեւիդ համար,
Հսկումներու ծնրադրեցին պատարագներու առջեւ արտասուելէն…։
Ու վերջապէս դուն, ով անկորնչելի, բովանդակ ցեղիդ գոյութեանը վրայ
Անդորրութիւնը տարածելէն՝ վերահաս աղէտները կամքիդ բոցովը ցրեցիր…։
Ու քեզի հետ էին ու քեզի հետ ինկան քու քառասուն զինակիցներդ փառայեղ,
Անոնք, որոնց հոգիներն ու խօսքիդ ու քու արարքիդ ծարաւովը կ՚այրէին,
Անոնք, որոնց շունչը քու շունչիդ հովերէն էր որ կը հպարտանար,
Անոնք խնկարկու եւ շքեղ քահանաներն եղան քու ագատագրման կրօնքիդ,
Անոնք իրենք իրենց մէջ քու իշխանական անձիդ տիրապետումը կ՚ապրէին,
Անոնք քու գաղափարովդ գինով էին ու քու զօրութեամբդ զօրական.
Ու գիտցան ու կարողացան ըմբոստացումի առաւօտեան մը զարհուրանքին մէջ
Իրենց արիական արիւնը խառնելու թշնամիին մեղապարտ արիւնին հետ…
Ու դեռ քու կինդ կար, աստուածային ու մաքրակրօն Սօսէն,
Որ հրացանդ ու սուրդ իր հոլանի ուսերուն վրայ կրեց
Ու քու յաղթական ու արքայական գլուխդ, ցաւի ժամերուդ,
Իր սփոփարար ու գորովագութ ու սիրատոչոր կուրծքին վրայ…
Ու յետոյ եղբայրներդ կային եւ մանաւանդ զաւակներդ իրենց հօրը հետ սրբօրէն ըմբոստ,
Իրենց արիւնը, որ Վարդանեաններու արիւնն էր հրաշէկ,
Ազգին համար եւ արցունքոտ նայուածքներուդ առջեւ, հպարտութեամբ հոսեցուցին…
Բայց ըսեմ քեզի, ով եղբայր, ով հերոս, ով Աղբիւր,
Ու թող քու ոսկիէ ոսկորներդ հողին ծոցին մէջ լուսաւորուին,
Թող քու ճակատդ իր ցաւէն ու յոգնութենէն նոր յոյսով մը ծաղկի,
Ու թող քու վրէժդ ու ցասումդ այլեւս առ յաւէտ յափրանան…
Վասնզի քու վայրագ Դահիճդ քու զինուորներուդ արդար ձեռքովն պղնձեայ
Փառքի եւ պարծանքի անմոռաց օր մը անգթաբար գլխատուեցաւ…
Եւ դեռ ուրիշներ բարձացան, ուրիշներ զինուորուեցան, ուրիշներ մեռան,
Քու հաւատքիդ Գողգոթային վրայ, քու լեռներուդ դիմաց, քու պաշտպանեալներուդ պաշտպան,
Որոնց արշաւախումբերէն արիւնարբու թշնամիները նորէն դղրդեցան,
Որոնց երեւումը քու մահէդ անմխիթար երիտասաոդները նորէն ծառացուց…
Ու անհամարներ կան այսպէս, կատաղաբար ու վճռականօրէն ոտքի,
Հողին տարփանքովն արբշիռ ու ազատութեան մտածումովն սպառազէն…
Աւաղ, չեմ գիտեր թէ ուր է որ իր բոլոր փառաւորութեամբը կը յաւերժանայ
Քու տիտանեան մարմինդ արեւանման գլուխէդ անջատուած.
Որ վրէժխնդիր, որ քինայոյզ եւ որ բարեկամ աստղին տակ,
Բայց քու անունդ, ով զօրութենէ եւ հաւատքէ հրաշացեալ Սերոբ,
Քու անունդ կը տարածուի, կը գահակալուի եւ կ՚արշալոյսուի
Մեր հոգիներուն տրտմութեանը եւ հայրենիքին բոլոր անկիւններուն վրայ,
Ինչպէս աստուածառաք եւ անճառելի եւ աննուաճ Անունը Յոյսին…


1904 Լէյզէն


ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ


Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն
Անոր ըմբոստացողի մրրկոտ շունչը այսօր նորէն կը հնչէ։
Եւ երէկ, ով դուն, տառապանքէ ու մաքառումէ ատուածացած սրբազան Ծերունի,
Քու հեռաւոր ու անձկալից վեհարանիդ պատշգամներէն,
Բազուկներովդ թշնամիին ոհմակներուն վրայ սարսեցուցած
Քու ընդվզումի բոցավառ, եւ օրհնեալ ջահերէդ՝ այսօր,
Մեր ամէնուն պաշտամունքով եւ անձնուիրութեամբ առլցուած աչքերը
Նորէն քեզի կը դառանան, նորէն քեզի կ՚ուխտաւորուին…
Ոտքի կանգնէ, Վեհափառ, ոտքի կանգնէ, ով քաղցրօրէն Հայրիկ,
Եւ յուսադրէ զմեզ, քու աւետարանական խօսքերուդ զօրութեանը ծարաւը ունինք,
Նորէն զմեզ փոթորկէ, նորէն զմեզ գինովցուր, նորէն զմեզ խրախուսէ,
Որովհետեւ այսչափ մաքառումներէ ի վեր, այսչափ արիւններէ ի վեր,
Զաւկըներուդ մտածումը, նայուածքները եւ հոգին
Ըմբոստացումին ուխտուած ճանապարհին քարերուն վրայ
Քու բացակայ քայլերուդ եւ ոսկիէ գաւազանիդ հնչիւնին սպասեցին…
Բայց դուն չեկար, Հայրիկ, չծռեցար, չծնրադրեցիր, ինչպէս երբեմն՝
Հայրենիքի անասելի սրածումներուն, քաղաքներու աւերումներուն,
Դաշտերու եւ աւաններու մոխրացումներուն եւ դիակի շեղջակոյտերուն առջեւ,
Չեկար ու չշարժեցիր քու հարազատ զաւկըներուդ սուրերուն հետ
Քու նախկին եւ օրհնեալ եւ արդար սուրդ Վասպուրականի…
Չքալեցիր անոնց հետ, ինչ հոգ, դէպի պարտութիւն կամ յաղթանակ,
Եւ չկրցար կառուցանել ազատութեան այն ոստաններն անվկանդ,
Որ քու ձեռքովդ միայն կերտուելու էին սահմանուած…
Մինչդեռ այն գաղափարը եւ կրակը, որ զաւկըներուդ արիւնը օր մը հրահրեց,
Քու նայուածքէդ էր բխած եւ քու ազատաշունչ խօսքերէդ արշալոյսուած…
Եւ միայն կոտորումներու եւ քանդումի արհաւրալից օրերուն,
Սգաւոր տաճարիդ խորաններուն առջեւ յաղթուածի մը պէս ծնրադիր,
Քու հպարտ, քու հոյակապ, քու հարուստ, քու հանճարեղ ճակատդ պայծառ,
Անոնց խաչքարերուն դիմաց, ցաւիդ խորութենէն զգայախաբ,
Եւ աստուծոյդ գթութեանը ի խնդիր, աւաղ, ապարդիւնօրէն արիւնեցիր…
Բայց խորանները եւ գմբեթներն իրենց քարէ խաւարը յաւերժացուցին,
Եւ լռութիւնը երկաթեղէն անձրեւի մը նման քու չքնաղ հասակիդ վրայ տեղաց…
Եւ զօրութեան եւ յաղթանակի Աստուածը՝ անշուշտ,
Քու պարտուածի արցունքներուդ վրայ դառնութեամբ մը ժպտեցաւ…
Եւ այսպէս ցեղիդ փրկարար ցաւը փոխանակ զքեզ ընդվզումին մէջ աշտարակելու,
Քեզ աղօթելու, արտասուելու, պաղատելու խոնարհեցուց,
Մինչդեռ արժան էր որ դուրս գայիր կռիւին մէջ ու կռիւին համար,
Քու Լուսաւորչի գաւազանդ ձեռքդ եւ մարգարտեայ հողաթափդ ոտքիդ,
Քու սքեմիդ եւ սաղաւարտիդ ընկճող վեհութեամբն փառաւոր,
Եւ քու խօսքիդ կախարդանքէն, քու ձայնիդ որոտումէն, քու նայուածքիդ փայլակներէն…
Բովանդակ զաւկըներդ, ամբոխ առ ամբոխ եւ խելայեղաբար
Պիտի խուժէին լեռնաւորուիլ քու լուսեղէն ձեռքերուդ եւ պատուանդանիդ տակ,
Եւ քու մէկ պատգամդ, քու օրհնութիւնդ, քու մէկ քայլդ պիտի բաւէր,
Իբրեւ մեր ամէնուն մտածումին վարդապետը եւ մաքառումին վաղնջական ռահվիրան,
Որպէսզի կամքերը սուրերուն հետ վառէին, որպէսզի քայլերը յառաջանային
Որպէսզի թշնամիները զարհուրէին, որպէսզի յաղթանակները մարմարուէին…
Բայց այսօր, բայց այսօր, դեռ ուրիշ անագորոյն թշնամիներ
Եկան քու Ազգիդ աստուածադիր եւ դարաւոր հիմնաքարերը կոտրտելու,
Եւ դուն, օ, փառք քեզի, ցեղիդ սիրոյն զոհուելու համար դէպի առաջ խոյանալէն,
Ըմբոստացար եւ ցասումով ու բարկութեամբ անիծեցիր զանոնք
Եւ սրբազան երդումը կարդացիր մինչեւ մահ կամովին եւ խրոխտաբար քալելու…
Դիմադրէ, ով տառապանքի եւ մաքառումի անընկնճելի ապառաժ,
Ահաւասիկ որ տաճարներուդ սրբավեմ գաւիթները թրջուեցան…
Քու դիւցազնական եւ մարտիրոս զաւկըներուդ արիւնովը ոսկեվառ,
Ահաւասիկ որ սրտերն ուխտուեցան, եւ ձեռքերը բարձրացան,
Ահաւասիկ որ ատելութիւնը կը քալէ սրբազան սիրոյն հետ թեւ թեւի.
Ոտքի կեցիր, ոտքի կեցիր, ով գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիր,
Որովհետեւ քեզի հետ ենք, Հայրիկ, քեզի հետ ենք, մարգարէ, քեզի հետ ենք, Վեհափառ,
Տես, քու ցիրուցան զաւկըներդ կործանումի ձայներէն ըմբոստացած,
Բոլորը մէկ դէպի նոր ու փրկարար Շաւարշանները կը քալեն,
Եւ Բզնունեաց ծովը, մրրիկովն իր ալիքներուն, քու կերպարանքդ կ՚աղերսէ,
Ոտքի կեցիր մեզի հետ, ոտքի կեցիր տիրաբար, ով հերոսական Հայրիկ,
Եւ քու երբեմնի սուրդ եւ այսօրուան խաչդ նուիրական՝
Երկուքը մէկ այերին մէջ ամբարձելով, Աստուծոյդ նայուածքներուն գալարէ,
Եւ դառնութեամբ կամ քաղցրութեամբ Անոր հարցուր որ ընտրէ…
Ես գիտեմ որ Հրեղէնը արշալոյսին մէջէն պիտի գոռայ.....................
................................................................................................................
................................................................................................................
—«Արծիւ, քու հինաւուրց Սուրդ այսօր նորէն մերկացուր…»։
.................................................................................................................
.................................................................................................................
Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն
Անոր ըմբոստացողի շունչը յաւիտենապէս պիտի հնչէ…

1904 Փարիզ


ԿՈՎԿԱՍ


Նուէր Կովկասահայ ընկերներուս
Ինչ ոսկեղէն դարագլուխ է այս, եւ շղթաներու ինչ զայրագին փշրտում.
Ինչ ընդհարում ճակատ ճակատի, եւ հաւատքի ինչ յաղթանակ.
Ինչ երկաթակուռ հարուած բռնապետութեան անխախտելի օրէնքներուն.
Ինչ արիւնի հեղեղում քեզ անարժան թշնամիիդ վայրագ շարքերէն,
Եւ դիակի ու բացուած լանջքերու ինչ արդարաշար մեռելակոյտ,
Մեր բոլորին վրիժածարաւ աչուըներուն առջեւ…
Կովկաս, յաղթականօրէն դուն եղար, որ յայտնութիւններուն գերագոյնը ըրիր.
Քու բազուկներուդ հուրին մէջն էր գետնահարող զօրութիւնը Ցեղին,
Քու մտածումիդ մէջն էր որ ծնաւ կարմիր արեւը յուսահատեալ Յաղթութեան,
Քու արիւնիդ մեջն էր որ վառեցաւ ճշմարիտ արիւնը երազուած ընդվզումին.
Եւ այդպէս իրիկուն մը քու գինավառ ձեռքերդ ազատութեան աստղերուն նիզակուեցան,
Թշնամի երկինքներուն չարիքի կամարներէն կորզելու
Քիչ մը լոյս, քիչ մը կեանք, քիչ մը սէր եւ քիչ մը երազ՝
Քու խռովեալ սերունդիդ եւ ի քեզ ակնդէտ ու տառապող եղբայրներուդ համար։
Օ, փառք քեզի, եւ փառք շանթամարտ հպարտութեանը քու լեռներուդ,
Կարծես անոնց ապառաժներուն յաւիտենական տարրերէն են կառուցուած
Անպարտելի հասակները քու սեւահեր ու հրաչումի որդիներուդ,
Քու անտառներուդ ահագնաթափ փոթորիկը գիշերական
Անոնց զինուորեալի կուրծքերուն մէջ իր հսկայական հեւքը դրաւ.
Քու հովիտներդ Անոնց քայլերուն առջեւ Յոյսին ճամբաներուն պէս կանանչացան…
Եւ քու հողմերդ Անոնց շունչին մէջէն փրկութեան ժամը շեփորեցին։
Քու ծոցիդ մեջն է, քու սրտիդ վրան է, քու արեգակիդ տակն է
Եւ հարազատ եւ անպարտելի եւ անվեհեր զանգուածը մեր հինաւուրց Ազգին,
Մեր նսեմացեալ ճակատները այդտեղ էր, որ վերջապէս իրենց մութէն պայծառացան,
Այդտեղ էր, որ սկսաւ պայքարի սուրերուն ամէնէն արդարը շողալ,
Այդտեղ էր, որ ժողովուրդը իր իրաւունքը իր կռուփովը պահանջեց,
Այդտեղ էր, որ Ան չի լացաւ, չի ծնրադրեց եւ իր գլուխը հողին չի հասաւ,
Այդտեղ էր, որ արդարութիւն որոտացողի իր ճակատը փառակերտ՝
Արեւմուտքի աշխարհներուն դիմաց ջահերուն պէս ցոլացուց,
Այդտեղ էր, որ իր անէծքի եւ պժգանքի թուքը թագակրին նետեց,
Եւ այդտեղ էր, որ վերջապէս Անիրաւութիւնը օր մը ամօթահար պարտուեցաւ,
Եւ քեզի համար, այդտեղ է, որ այսուհետեւ կոթողները Փառքին
Մարմար առ մարմար սերունդիդ ձեռքերովը պիտի բարձրանան…
Զարկ, Կովկաս, աւերակեալ ու արցունքոտ Հայաստանին աչքերը քեզի կը նային,
Ան գիտէ որ քու թշնամիիդ ատելութիւնը իր թշնամիներէն է որ կը բխի,
Երբ իր գերեզմանին մոխիրը իր գուժկան հովերուն հետ եկաւ ճամբաներդ սգաւորել,
Երբ իր արիւնը եկաւ քու եղբայրական տանդ սեմերը թրջել,
Երբ իր կոտրտած բազուկը քու կտրիճի ձեռքերուդ ի խնդիր քեզի դողդոջեցաւ,
Թշնամին նոյնն էր այն ատեն, այն, որ այսօր, քու պաշտպանի բազուկէն զարհուրած՝
Կ՚ուզէ զայն ջախջախել, կարենալ տօնելու համար վերջնական մահացումը մեր Ցեղին…
Ուրեմն զարկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ որ քու ասպետական ձեռքերուդ հարուածին անարժան է նա,
Զարկ, թէեւ գիտեմ որ քու սուրիդ վեհութիւնը պէտք չէր արատաւորել
Այդ անբաններու խուժանին թունաւոր ու պժգալից արիւնէն…
Զարկ, թէեւ գիտեմ որ հերոսները հերոսներու միայն կրնան ընդհարուիլ,
Զարկ, սա անարգ ճակատագիրը ջախջախելու եւ Չարիքն ըմբերանելու համար,
Զարկ, որովհետեւ ամէն Յոյս զՔեզ կը յուսայ եւ ամէն Ապագայ զքեզ կը պաղատի,
Զարկ, վասնզի ամէն Ազատութիւն ու ամէն Արեւ քու հարուածիդ կայծերէն պիտի ծնանին,
Զարկ, Քու անթառամ սիրոյդ եւ ատելութեանդ չափին խորութեանը համեմատ,
Զարկ, զարկ, ահաւասիկ հորիզոնները կը կապոյտնան, ահաւասիկ Առաւօտները կը ճեղքուին,
Զարկ, ազատաբեր հարուածիդ շռինդը Մասիսէն ի Տաւրոս եւ մինչեւ Հայրենիքին խորերը կը թնդայ։

1905 Ժընեւ


ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ


Եւ այսպէս ձեր արդարակշիռ եւ երկաթեղէն ձեռքերն անպարտելի,
Ձեր զինավառ ու կրակոտ կուրծքերէն կատաղաբար մեկնելով՝
Դաւադրութիւնն եւ Ոճիրը անողորմ հարուածով մը դէպի հողը կը մխրճեն…
Ոհ, ինչպէս մօտենալ ձեր Սարսափին, ինչպէս երգել, ինչպէս ջատագովել, ինչպէս շեփորել զձեզ,
Դուք, ինքնիշխան եւ գերագոյն դատաւորներդ բոլոր արիւնբերան բռնապետներուն…
Ու նոյնիսկ չեմ գիտեր ձեր զարհուրանքի եւ պակուցումի անուններն ահաւոր,
Որովհետեւ ձեր յաղթական անցքը ճշմարտապետութեան ճամբուն վրայէն
Այնչափ արագ է, այնչափ խորտակիչ, այնչափ կուրցնող, այնչափ աւերիչ,
Որչափ անցքը խաւարակուռ անտառները մոխրացնող վայրկենական կայծակներուն…
Դուք մեր տառապանքին եւ մեր կռիւին երկարատեւ տարիներէն ի վեր
Աննուաճելի պարիսպները հանդիսացաք մեր քայլերը կոտորող թշնամիներուն հանդէպ
Եւ բռնակալութեան քաղաքներուն եւ անոնց հրապարակներուն վրայ,
Երբ մեր դիակը փողոտուելէն մեր տաք արիւնը կը հոտոտուէր…
Ահաւասիկ որ ձեր խրոխտ հասակները միս—մինակ եւ հերոսաբար աշտարակուեցան…
Ձեր քայլերը մեռելապատ փողոցներուն մէջ վրէժին աղաղակը գոռացուցին,
Ձեր սուրերուն հալածանքէն բոլոր դաւաճանները եղբայրադաւներուն հետ գերեզմանուեցան,
Ու ձեր ճակատ ճակատի եւ անվեհեր ու անվախ ու հպարտ երեւումէն
Ծնրադիր խուժանը վատերուն ձեր ոտքերուն կառչելով իրենց կեանքը հայցեցին…
Ու դեռ երէկ, ձեր ահաբեկչի ռումբերը մարդասպաններու թափօրներ մոխրացուցին…
Բարբարոսներու այս խելացնոր ոհմակներուն մէջ վար թաւալող արեգակներու նման պայթելով…
Այսպէս, ձեր արդարախոյզի արիւնասեւեռ լապտերները ձեր ձեռքերէն առկախ,
Բոլոր խաւարչտին եւ եղեռնական հոգիներուն գոցուած դուռներէն ներս խուժեցիք,
Ինչպէս խղճմտանքը, որուն ճշմարտագէտ նայուածքը վախճան մըն է միանգամայն…
Դուք օրէնքը եղաք եղեռնապաշտ Չարիքին ուսերուն վրայ հսկող,
Եւ հայրենի ամէն յուզում, ամէն խռովք, ամէն հեռ ու ամէն վրէժ
Ձեր նժարին մէջ կշռուեցաւ եւ ձեր արդարասպաս ատեանին սեղանին վրայ յայտնուեցաւ…
Դուք ոչ զինակիցներ ունեցաք եւ ոչ ձեր հաւատքին վրայ իշխողներ,
Դուք, դուք ձեր անձն էիք անսահմանօրէն եւ ձեր արփաթեւ հոգին,
Ձեր Եսը գերագոյն մարդուն եսն է ամէն զօրութենէ գերիվեր,
Ձեր վճիռը ամէն վճռի մահավճիռն է անողոք,
Եւ վայ անոնց, որոնք ձեր կարմիր եւ մահացու կնիքովը կը խարանուին…
Եւ մինչեւ այսօր մեր բոլոր թշնամիները տեսան որ ձեր վրիժաձայնը զարհուրաբերի
Արդարութեան ձայնն էր աստուածագոչ, ինչպէս ձայնը Ազատութեան,
Տեսան որ ձեր անխնայ սուրը սուրն էր անխուսափելի ճակատագրին,
Տեսան որ ձեր դաշոյնները, մեղապարտ վիզերու ի խնդիր, նորէն կը շողան,
Տեսան որ ձեր բռունցքին հարուածներուն տակ մատնիչներու կզակներ կը կափկափեն…
Տեսան որ ձեր կապարէ գնդակները մարմինէ մարմին եւ ուղեղէ ուղեղ կ՚անցնին…
Տեսան որ իրենց ծոծրակներէն եւ սրտերէն, մեր ծարաւի աչքերուն առջեւ, իրենց արիւնն է որ կը ժայթքի
Հեղեղօրէն, հեղեղօրէն, իրենց հեռաւոր գահակալներն ու մահադէմ թագակիրները թրջելով…
Տեսան որ իրենց ոսկորները կը ջախջախուին եւ իրենց ողնաշարերը կը սղոցուին,
Տեսան թէ այն գլուխները, որ գիշերներով մեր ցեղին անէացումը յղացան,
Տեսան որ ձեր պղինձէ կրունկներուն զօրութեանը տակ է որ կը խմորուին…
Տեսան որ այսպէս, քաղաքէ քաղաք եւ հրապարակէ հրապարակ եւ հորիզոնէ հորիզոն,
Ձեր յանկարծական երեւումը, ձեր բազկահարուածը եւ ձեր յարուցած խռովքն անմեկին
Բոլոր դաւաճանները դիակնացուց, բոլոր Վասակները հողեց եւ մարդակեր ամբոխներ քարացուց…
Բայց դեռ մահ պէտք է որոտանք, մահ պէտք է համասփռենք, մահ պէտք է մրրկենք
Այն ատելութեան եւ ամբարշտութեան չարաշուք պալատներուն վրայ,
Որոնց զանգուածներուն տակ իբր հիմնաքար մեր ցեղին մտածումը եւ մարմինը եւ հոգին է որ կը հեւայ…
Որոնց որմերը մեր արիւնովն են շաղախուած եւ մեր ոսկորներովը կառուցուած…
Որոնց աղբիւրները մեր անօգուտ արցունքներէն են առատ,
Եւ գինովութեան եւ եղեռնի բաժակները ձեռքէ ձեռք շրջող, մեր արիւնովն առլցուած…
Մահ պէտք է համասփռենք հոն, ուր ձեր ստրուկի ծնրադիր պաղատանքները չի հասան.
Բայց ուր ձեր սուրերուն բոցը մարդասպանները սառեցուց եւ անոնց ակռաները զահանդանքէ կրճտել տուաւ…
Մահ այս թագակիր, բայց արդէն ահաբեկեալ եւ կիսամեռ դահճապետներուն,
Վասնզի, իրենք, այդ արիւնկզակ եւ դիւահար բռնաւորները վախճանաւոր,
Զարհուրանքով լսեցին ձեր ձայնը, ձեր բարկութիւնը, ձեր ցասումը, ձեր զայրոյթն ահաւոր…
Եւ իրենց խորտակեալ եւ դագաղակերպ գահերը շարժեցան
Ուժանակներու գոռումէն, ինչպէս գոռումէն փրկարար ռումբերուն,
Ձեր վերահաս երեւումը իրենց սրտերը կը մահազանգէ եւ իրենց ոճրագործի ուղեղները կ՚արիւնէ,
Իրենց կմախաձեւ ձեռքերը այլեւս մահուան սարսուռովն է որ կը դողդոջեն…
Իրենց գիշերասարսափ երազներուն մէջ ձեր անձը իր երկաթէ քինայոյզ քայլերովն է որ կ՚արշաւէ…
Եւ ահաւասիկ իրենց դարաւոր դուռները ահագնաբար եւ պատէ ի պատ կը ծեծուին,
Եւ ահաւասիկ իրենց պատուհաններուն բոլոր փեղկերը յառաջացող վտանգէն իրենց վրայ ահեղութեամբ մը փակուելով՝
Դուրսէն եկող ամէն յոյս կը չքանայ իրենց համար եւ խաւարին մէջ Մահն է որ անոնց հոգիէն ի վեր կը կառչի…
Ուրեմն ոտքի, նորէն ոտքի, նորէն ոտքի, Հայորդիներ, Դիւցազուններ, Ազատաբերներ,
Ոտքի՝, եւ օդերուն մէջ թող ցնդին, օդերուն մէջ թող մոխրանան
Մեր դահիճներուն սա պատժապարտ պալատներն արիւնաթոր…


1905 Ժընեւ


ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ


Եւ ստուեր մը ընդերկար մենախօսեց գիշերուան ժամերուն մէջ կանգուն՝
Ձայնը դողդոջ էր, սիրտը սիրով լեցուն, ոտուըները մոխրապատ եւ ինքը իր գաղափարէն գեղեցիկ՝
Նայուածքներէն եւ արցունք կը հոսէր եւ կայծեր կ՚արձակուէին եւ հոգին շքեղօրէն Ցեղին հոգին էր,
Եւ այսօր կ՚ուզէր իր տառապանքին եւ զոհը ըլլալ եւ իր իտէալին հերոսը միանգամայն…
«Հայրենիքիս վրէժին խօսքերը եւ տապառանքիս տարիները ուղեղիս մէջ՝
Քալեցի եւ քալեցի, յոգնած, ըմբոստ, ճշմարտախնդիր ու մինակ,
Արիւնի քաղաքներէն ուրիշ քաղաքներ եւ գիւղերէ ի գիւղ…
Ձայն չկար։ Մեռելութիւն ամենուրեք եւ աւերակներ լեռնակուտակ,
Ամէն երդիք իր տնուորին վրայ կործանուած եւ ամէն աղբիւր՝ իր երջանիկ երգին…
Արօտավայրեր արիւնով ոռոգուած եւ հնձաններ գերեզմանոցներու նման,
Ճամբաներուն վրայ որբերու լաց ու կոծ, եւ այրիներ, եւ դառնադէմ յուսահատներ,
Անագորոյն օրէնքին դէմ ըմբոստներ եւ ջախջախուած նորածիններ գետեզերքի քարերուն դէմ…
Արդարութիւն պաղատողներ եւ ուրիշներ, որ տակաւին խաչափայտերու կը փաթթուին…
Դիակներ եւ դիակներ, որոնց գլուխները միայն մոխիրներէն դուրս են ցցուած՝
Հունձքերուն վրայ դիակներ, դիակներ աւազաններուն երեսը եւ դիակներ իմ սարսափահար ոտքերուս տակ…
Շղթայակապներ բանտին դուռներուն քով եւ մեռելներ յամառող պատերուն դէմ կանգուն…
Կիսամեռներու ձեռքեր՝ դեռ կեանքին արեգակը դառնութեամբ աղերսող,
Ուրիշներ, որ կ՚ուզէին դեռ ապրիլ մահուան ճանապարհէն ալ անդին…
Եւ ուրիշներ սիրուած հողին համար անգամ մըն ալ իրենց արցունքը վար կու լային...
Ով անեզրութիւն դիակներու, ինչ չափով քեզ կրնայի չափել,
Արիւն է որ կը բուրէ եւ ես՝ թափառականս, արիւն է որ կը շնչեմ…
Եւ ոտքերս տխրաքայլ, որ ժամանակէն ի վեր, կարմիր հողին կը կպչին…
Մարդ չէ ծնած այստեղ կարծես եւ ոչ ալ մարդ է մեռած՝
Այլ չարաշուք բնութիւնն է որ իր կողէն դիակներ է դուրս նետեր…
Եւ երկինքը իր աստղերէն վար իր արիւնն է որ մեր բոլորի վրայ կը տարափէ…
Տասը տարուան ճանապարհորդ, ուր եմ այսօր, ուր է ճամբաս,
Ուր է սուրս, ուր վերարկուս, ուր է լապտերն իմ սարսափի…
Նպատակս պարտուեցաւ, թէ արժանի չեմ անոր խօսքին…
Ինչ կնճիռ է այս կնճիռը, որ ճակատիս վրան ակօսուեցաւ,
Խղճի խայթն է որ փորեց զայն, թէ ժամանակն բռնակալ…
Ուր են այն Փարոսները, որոնց լոյսերէն գինովնալով հասայ եկայ։
Երբ մարեցան։ Ոչ, դեռ կը վառին, առաջացիր, դեռ կը վառին,
Ըսին ինծի։ Ջուրի ձայն մը, կը ճանչնամ քեզ, սարսափահար Եփրատն ես դուն,
Ահաւասիկ Վանայ ծովը։ — Առաջացիր, ըսին ինծի, Արարատէն ալ անդին»…
Ատելութիւն, ատելութիւն, վերջապէս քու փոթորկիդ թափն իմացայ…
Ահաւասիկ կեանքի ձայներ, պայքարի փայլ եւ դիակներ օդերուն մէջ…
Ահաւասիկ կռիւին շեփորը, ով Մասիս, որ աջ ծագէդ կ՚արձագանգուի…
Բզկտէ ուրեմն պատանքներդ անցեալներու սուգերուն մեջ բաժանելէն,
Եւ թող գլխէդ անցնող ամպերն աչքերուդ արիւնը ցամքեցնեն…
Նոյն Ցեղն է որ ոտքի ելաւ, նոյն ցեղն է որ կը զարնէ, նոյն ցեղն է որ այսօր կ՚ապրի,
Եւ ինչ նախճիր, ինչ սրածում, ինչ յաղթական ճակատամարտ…
Ինչ պաղատանք, ինչ քաւութիւն թշնամիին անասնական խաժամուժէն…
Եւ եղբայրներս են որ կը ձայնեն. «Գթութիւնը մենք չենք ճանչնար, միայն վրէժն է ճշմարիտ»։
Ձեզի փառքը, ձեզ ապագան, ձեզ պատմութիւնը ոսկետառ,
Տասը տարուան արիւնը ունինք մեր ցաւին քով ծովատարած,
Եւ այսօր է որ սրբեցինք մեր ճակատին մուրն ստրկութեան,
Արշալոյսներ պիտի ծնին, ծաղկաստաններ, ձեր ճակատները պսակող…
Եւ հայրենիքն ահաւասիկ ձեզի ղրկեց իր չորս ծայրէն իր զաւակները զինավառ,
Հարուածեցէք, հարուածեցէք, մինչեւ որ Արդարութիւնը ձեզ բոլորիդ համբուրէ…
Ով էք դուք, որ այս գիշեր կ՚ունկնդրէք մենախօսիս վշտերուն,
Մտածումիս մէջ իմ ամօթէս ես սկսայ կատաղութեամբ արտասուել…
Ուր կ՚արշաւէք, ով էք դուք, եղբայր, ընկեր, թէ զինակից,
Օ, ես ալ ճանչցայ Տառապանքը, ուր կ՚աշաւէք, զիս ալ առէք, զիս ալ տարէք ձեզի հետ»…


ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ


Դառնապէս կու լար մենախօսը, իր սուրը, իր ճակատը եւ իր մենութիւնը հողին հակած՝
Աղէտաւորօրէն կու լար տառապանքի եւ պայքարի ճակատագիրներն իր հայրենի երկու հողերուն,
Եւ հսկայատեսիլ մէկը, ծանրօրէն զինեալ, իր հրաշող խումբերէն անջատուելով,
Քայլը դղրդող, ձայնը բարբարոս, շունչը անսպառ, եւ քաղցրութեամբ ըսաւ իրեն.
«Արցունքներուդ շիթերը եւ սարսափդ եւ հառաչանքներդ գետնէն վեր բարձրացուր,
Ով հեռաւոր, ով տանջուած, ով հայրենառաք եւ իմաստուն եղբայր,
Եւ ոտքի կեցիր հասակիս քով, որպէսզի հոգիիդ վէրքերը մտածումովս հայրօրէն քրքրեմ… Գիշերուան կապոյտին մէջէն մենախօսիդ հեծեծանքները ես դառնութեամբ իմացայ
Եւ կը տեսնեմ որ քու մեջդ, տարիներ, տառապանքի եւ պայքարի ապառաժներ են սնուցեր.
Սրբէ աչուըներդ, եղբայր, եւ ոտքերուդ մոխիրը թօթափէ եւ սուրդ ամեհօրէն բարձրացուր
Ու յառաջացիր, որպեսզի բոլորս ալ հայրենիքին Արիւնը քու ճակտիդ վրայէն համբուրենք…
Որովհետեւ դուն մերն ես այսուհետեւ, ինչպէս քուկդ են եւ մեր դրօշը եւ մեր ճամբան…
Եւ երգերովդ կրկնէ մեզի, ինչ որ Հայաստանի մեռելական հողմերը քեզի պատմեցին,
Երգէ արցունքներու հովիտին, յուսահատ քաղաքներուն եւ ջախջախուած ժողովուրդին համար,
Երգէ եւ Եղբայրութեան հրաւէրդ եւ քու կարմիր Կոչդ Ատելութեան,
Աղաղակէ եւ մեռելներուն եւ ընկճուածներուն եւ վրէժին եւ դեռ քնած զօրութիւններուն,
Ջատագովէ զանոնք, որոնք առաջ են անցեր, եւ փնտռէ զանոնք, որոնք անստոյգ մութին մէջ կը խեղդուին…
Երգէ նոյնիսկ անոնք, որ պարտուեցան, անոնք, որ մեռան եւ անոնք, որ պիտի ծնին,
Եւ խարազանէ անգթօրէն բոլոր հայրենադրուժները եւ դաւաճանները, եթէ դեռ կ՚ապրին…։
Հողին խորերէն ես այստեղ հասած, եւ շունչդ յիշատակին եւ անցեալին բուրմունքն ունի,
Օ, աչքերուդ մէջ հարիւր հազար զոհերու հոգեվարքին խենթեցնող մահանկարը կ՚ընդնշմարեմ…
Ըսէ անոնց գալարումը, անոնց հոգեդարձը, անոնց մեռեալի քրքիջը եւ կտակը, զոր քեզ ըրին,
Ըսէ անոնց դիակներուն մխրճումը հողին մէջ, քաղաք առ քաղաք, առանց դագաղի եւ առանց պատանքի…
Ռազմակոչէ բոլոր անոնք, որոնց մէջ դեռ Յոյսը իր մարմարէ թեւերը չէ բացեր,
Հրահրէ այն բոլորը, որոնք ցեղին այս արփաթեւ վերածնումը կ՚անգիտանան,
Եւ թշնամին զարհուրեցուր եւ մեր աչքերուն մէջէն տես պայծառութիւնը մեր նպատակին,
Եւ այս բոլորէն յետոյ յառաջացիր, փառքին շրթունքները քեզ ալ կ՚ուզեն համբուրել…»։
Ոտքի էր մարտախումբերուն քով, իր անդրիակերպ հասակովը բոլորովին սարսռուն…
Նայուածքին մէջ ցօղեր կային երջանկութեան եւ դեմքին վրայ ժպիտ մը անպատմելի,
Վասնզի տեսած էր որ սիրտը հազարաւոր կուրծքերու տակ նոյն վրէժը կ՚որոտար,
Եւ խօսեցաւ վարդագոյն այգին մէջ եւ երէկի ուխտանուէր Դագաղներուն դիմաց.
«Յարութիւն ձեզ, մեռեալներ, յարութիւն ձեզ, պարտուածներ, յարութիւն ձեզ, յուսահատներ,
Եւ դուն, ով մոխիրներու եւ մարտիրոսութեան անծայրածիր եւ մոռացեալ հայրենավայր,
Ով հայրենիք, ով սքողեալ Յոյս, ով երկաթակամ Սպասում, ով Ապագայ
Եւ դուք, հեռաւորներ, ապերախտներ, տարագիրներ, մոլորեալներ, զայրացկոտներ,
Ձեզի եմ, ձեզի է իմ աղաղակս, իմ ռազմակոչս, իմ հրաւէրս, իմ քարոզս ազատագոռ,
Ձեզի եմ, անարեւ լեռներ, թառամած բլուրներ, ոսկորներու հովիտներ ու կածաններ չուառութեան,
Քեզի եմ, պատմութիւն՝ արդարադատ կամ ստապատիր, դիւցազներգակ կամ ստրկաբան,
Քեզի եմ, տրտմաթախիծ անցեալ, գերեզմանակերպ յիշատակ եւ դուն, վեհաշուք Ցեղ,
Կռիւներու վրիժազանգերն ահաւասիկ արհաւիրքով եւ ժամ առ ժամ կը հնչեն…
Արթնցէք, հրազինուեցէք, յոյսով գերազօրուեցէք եւ յուսահատութեան մուրճերովը հարուածեցէք…
Եօթը դարերու մահացնող ճակատագիրը այսօր մեր գարշապարներուն տակ կը փշրուի… Ազատութեան մուրացկանները գերեզմանուեցան սա անողորմ ըմբոստները ծնցնելու համար,
Եւ Դահիճները ասոնց առջեւ կը սարսռան, ինչպէս թշնամին ասոնց առջեւ ծնրադիր է որ կ՚ոգեվարի…
Եւ դուք, մտածումի վարպետներ, իմաստութեան մատեաններնիդ փոշիներուն յանձնեցէք,
Եւ ձգեցէք ձեր արժէքները, ձեր խորհուրդները, ձեր կանոնները եւ ձեր երազանքի սրահներէն դուրս ելէք,
Եւ լայնաձեռն ցանեցէք պայքարի հողին վրայ՝ ինչ որ ունիք հերոսական, ինչ որ ունիք ազատաշունչ…
Եւ դուն, միստիք վեղարաւոր, քու քառաթեւ խաչիդ երկու թեւերը փշրելէն՝ զինուէ անով,
Թշնամիիդ եւ խոնարհութիւն հրամայող Աստուծոյդ առջեւը ծառանալու համար…
Եւ դուն, անթուելի թշուառութեան եւ անօրինակ տառապանքի տրտում ժողովուրդ,
Բոլորդ մէկտեղ դուրս նետուեցէք ամէն դուռէ, ամէն քաղաքէ, ամէն գիւղէ եւ ամէն աստղի տակէ,
Որովհետեւ ալ կը բաւէ որչափ որ մեր թշնամին իր ափերովը — օ դժոխային բաժակ
Մերիններուն ազնուական արիւնը, մեր սեղանին առջեւ նստած՝ գազանաբար խմեց…
Ալ կը բաւէ որչափ որ անոնց պատրաստ դաշոյնները եկան մեր բերաններուն մէջ մխրճելու…
Ամէն ստրկութեան, ամէն ծնրադրումի եւ ամէն աղաչանքի մինչեւ մրուրն այլեւս քամեցինք…
Օ, ալ կը բաւէ, սեւաթռիչ ագռաւներուն երկաթէ կռինչը մեր ցաւոտ երդիքներուն վրայ,
Օ, ալ բաւ է, թող ժանիքաւոր անգղերը քիչ մըն ալ ուրիշ կուրծքեր կտցահարեն…
Թող քիչ մըն ալ թշնամիին արիւնը գայ մեր այգին ոռոգել եւ մեր սրունքները թրջել…
Թող քիչ մըն ալ մեր առջեւ թշնամիին կմախքները դիզուին, ինչպէս արմատախիլ անտառներ…
Թէեւ գիտեմ որ Ատելութեան Կոչս ահաւոր է եւ ռազմի հրաւէրս ամեհական,
Բայց եօթը դար է որ մայրագութ Հայրենիքը մեր յաղթական այցելութեանը կը սպասէ,
Եւ դեռ մտիկ ըրէք, ըմբոստ եւ Անվրէժ Տարօնն է որ իմ մէջէս կը գոռայ,
Արիւնլուայ Վասպուրականին մահուան հոտը ահաւասիկ եւ մոխիրի մրրիկներն Ակնայ հովիտներուն,
Ահաւասիկ ասպետական ձեռքը Կիլիկիոյ, որ ձեզի կը մեկնի եւ ապառաժէ կուրծքը բարձրաբերձ Կարինին,
Ահաւասիկ հազարաւոր աւերակներու անէծքը Հայրենիքին պատգամին մէջ արիւնագծուած…
Եւ շունչիս մէջ մահամերձի հռնդիւն, նզովքի խօսքեր, պայքարի վճիռ եւ ապրելու անսահման սէր կայ…»։


Գ


Հերոսի մը համար ամենագեղեցիկ կեանքը այն է՝
մահուան համար հասուննալ, մարտնչելով։

ՖՐԵՏԵՐԻՔ ՆԻՑՉԷ


ՈՐԲԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԷՆ


Զարհուրելի անցեալ, մոխիրներուն վրայ ծնաք եւ աւերակներէն քալեցիք.
Երբ սուրէն զարնուած Հայրենքն իր բերանը հասնող իր արիւնին մէջը կը խեղդուէր՝
Բնութեան դժխեմ օրէնքն օր մը զձեզ մարդկութեան ճիրաններուն մէջ դրաւ,
Եւ այսպէս՝ արեւին եւ կեանքին կարմիր լոյսը շփոթեցիք ձերիններուն արիւնին հետ…
Սարսափներուն յառեցաւ ձեր մաքուր հայեացքը, ծաղիկներու եւ ժպիտի փունջերուն տեղ։
Հոգեվարքի ինչ հեծեծանքներ եւ ինչ օգնութիւն պաղատող եղերական ճիչեր,
Ինչ գալարում, ինչ մազերու փետտում, ինչ կոծ եւ ինչ մահաձայն լաց,
Ինչ արցունքներու հոսումներ, ինչ աղերսանք եւ քանի—քանի կտրուած գլուխներ
Եկան ձեր մանկական վճիտ աչուըներուն առջեւէն գլորուելու…
Ոսկորներու փշրումը լսեցիք ձեր ծնած տանը սեմերուն վրայ,
Գիշերներով՝ շտապօրէն, կացիններու կայծարձակ հարուածներուն տակ…։
Եւ հովերը դժբախտ քաղաքներէն այրուած մեռելներու մահուան հոտը ձեզ բերին։
Ոչինչ չհասկցաք, բայց ձեր ծնող ուղեղներուն մէջ սարսափը եւ վրէժը իրենց յիշատակները ցանեցին,
Եւ թերեւս ապագայ հերոսութիւններու ահաւորագոյն հունտը իր տեղն ինկաւ…
Գիտեմ որ երբ ձեր խանձարուրներուն մէջէն շարժեցիք ձեր ձեռքերն շուշանափայլ,
Անոնք մահուան վարդերուն պէս կարմրեցան ձեր մայրերուն արիւնէն իսկ,
Եւ համբոյրի, օրօրներու, գգուանքի եւ սիրոյ քաղցրութեանցը տեղ,
Ով գիտէ, թերեւս կաթիլ մը արիւն էր որ ինկաւ ձեր աչքերուն եւ ձեր բերաններուն մէջ…։
Ահ, սարսափներու ցնորաբեր օրեր, երբ պիտի մեռնիք յիշատակներուս դուռներուն առջեւ, երբ…
Դուք, դժոխքներու պատիժներուն մէջ ծնած անմեղ եւ քաղցրադէմ հրեշտակներ,
Օրերով լացիք, հեծկլտացիք՝ անծանօթին չարութեանը դէմ անզօր մերկութիւններ,
Բայց լսող չի կար։ Ձեզ համբուրող բերանը իր համբոյրին մէջ իր ոգեվարած.
Չարակամ եւ անգիտակից բնութիւնը կար միայն, մեղաւոր մարդկութեան անասնութեանը հետ…
Չի հասկցաք թէ ինչու ժպիտի տեղ արցունք էր որ ծաղկեցաւ ձեր աչքերուն մէջ,
Ինչու ձեր բնածին առհաւութիւնը չճանչցուած սէրերու կրակէ կարօտն ունէր։
Ինչու լռեցին թռչուններուն գեղգեղները եւ ինչու հեռաւոր ու սեւ ոռնումները սաստկացան…
Ինչու առուակներուն ջուրերը լուսաւոր եւ երջանիկ փրփուրներ չունէին…
Ինչու ձեզ ստեղծող մարմինները սրածուեցան ձեր օրօրոցներուն առջեւ,
Ինչու դրացի գերեզմանոցին մէջ կիսամեռներուն մարմինները պարիսպներու պէս բարձրացան…
Եւ ինչու ժրաջան ու բարեկենցաղ գիւղերը իրենց դաշտերուն եւ մանգաղին հետ մոխրացան։
Օրեր անցան… մահը յոգնեցաւ, եւ արեւմուտքէն կեղծուպատիր ձեռքեր
Ձեզի իրենց անգութ սրբութեան մատեանը բերին, բաժին մը չոր հացի հետ։
Ու խելակորոյս՝ սկսան ձեր մատաղ հոգիներուն մէջ իրենց ստութեան սերմերը ցանել։
Աստուածներու խորհուրդէն եւ անունէն խօսեցան եւ փրկութեան դուռներ ցուցուցին…։
Իբր ողորմութիւն՝ ցնցոտի մը նետեցին ձեր մերկ եւ ազազուն մարմիններուն վրայ,
Ցանցեր հիւսեցին ձեր անբիծ կարապի անմեղութիւնը վանդակելու համար
Եւ թշնամիին սուրերուն տեղ իրենց շահախնդիր եւ մեղաւոր խաչերը շարժեցին…
Իրենց պիղծ ծոցերը եւ իրենց արծաթը զոհերուն համար միայն բաց էր,
Իրենց բարի ժպիտը կեղծ էր, իրենց խոստումը՝ մահաբոյր եւ նայուածքնին՝ ծածկամիտ,
Իրենց բուրվառին մէջ մեր արիւնն էր որ խունկի փոխան կը ծխար…
Իրենց սկիհը մեր արցունքովը լեցուած էր, եւ այն հացը, զոր ձեր առջեւ նետեցին,
Մեր թշուառութեան եւ մեր տառապանքին վարձատրութեան արժէքն էր անգութ։
Քրիստոսին խօսքը ծամածռեցին ստրկութեան օրէնքներն օրհնաբանելով
Եւ ուզեցին ձեր դողդոջ կեանքերուն վրայ արեւմուտքի սակարաններուն հիմնաքարերը շարել…։
Զարհուրելի անցեալ, երբ մոխիրներուն վրայ ծնաք եւ կարմիրներէն քալեցիք,
Բայց այսօր գիտէք թէ ինչու համար մեր արիւնը ծով առ ծով՝
Տարիներով՝ եւ անխնայ եւ ստրկօրէն եւ հերոսաբար ձեր ծնած հողը ողողեց….
Ցեղը ապրիլ կ՚ուզէր, իր շղթաները իր ոտքերուն տակ թափել կ՚ուզէր,
Իր կապանքները փշրել կ՚ուզէր, իր աչքերը սրբել, իր ձայնը որոտալ.
Ապրիլ կ՚ուզէր, ստեղծել կ՚ուզէր, պայծառօրէն վերածնիլ կ՚ուզէր,
Որովհետեւ ինքն ալ նախահայր էր եւ գեղեցկութեան եւ զգացումի եւ ազգերու,
Որովհետեւ հպարտ էր իր անցեալէն, իր մտածումէն, իր ուժէն եւ իր կարմիր փառքէն,
Որովհետեւ ինքն ալ իր ոսկի ձայնը ունեցած էր հնօրեայ մարդկութեան մրրիկին մէջ…
Որովհետեւ ինքն ալ երգած էր, ինքն ալ յաղթած, ինքն ալ ճարտարակերտած եւ ոստաններ կառուցած…
Ինքն ալ եղած էր ջահակիր, սերմնացան, գաղափարապաշտ, եւ արքայ, եւ դիւցազուն։
Եւ վերստին ապրիլ կ՚ուզէր, գեղեցկանալ եւ իրականանալ կ՚ուզէր, կեանք կ՚ուզէր յափշտակել, կեանք, կեանք…
Ձեր ձեռքերը օտարին հպումէն ետ քաշեցէք, մերինները պատրաստ են եւ զինաբարձ.
Անոնք մեր փլատակներուն վրայ իրենց եսամոլի դաւաճան ու կեղծ քարոզը կ՚ուզեն ցանել։
Այսուհետեւ ձեզի հետ ենք մենք, ով մահուան արգանդէն կեանքին մէջ ծնանող Որբեր,
Մեր արդար մտածումը ձեր սիրոյն համար ըմբոստ է, եւ մեր սուրը ձեր սիրոյն համար պիտի ապրի.
Մեր ճշմարիտ սուրը եւ մեր դրօշը պիտի ապրին, որովհետեւ կամքերնիս կարմիր է եւ վրէժնիս՝ անպարտելի,
Մեր սուրը պիտի ապրի, կեանք ստեղծելու ու գաղափարին գահ մը կառուցանելու համար…
Մեր սուրը պիտի ապրի փրկութեան եւ ազատութեան արեգակներուն ի խնդիր՝
Կեանքին համար, յոյսին համար, արգասաբեր հողին եւ մայրական Հայաստանին համար։


ՍՈՎԱՄԱՀ


Ով նախնական եւ անխռով ու բարի առաւօտներու հայկական դաշտեր,
Եւ դուք, հրաշէկ արտեր, հարուստ մրգաստաններ եւ կենսաժպիտ արօտներ,
Դուք, մարմարաթաւալ ձորեր, բուրաստաններ եւ ազնիւ ու պտղալից այգիներ.
Դուք, որ մոռացումներու անապակ գինին կը ստեղծէիք եւ մեր առօրեայ սուրբ հացը յաւերժական,
Դուք՝ բոյսի, թռչուններու, ծաղիկներու եւ գեղգեղներու անճառելի դրախտավայրեր՝
Նորէն՝ այսօր, վերյուշումիս, լքեալ սուգիս եւ ցնորքիս մենաւոր ժամուն,
Զձեզ կ՚ոգեկոչեմ, դառնօրէն զձեզ կ՚ապրիմ եւ յուսահատօրէն զձեզ կ՚արտասուեմ…։
Կապոյտ անսահմանէն հրեղէն արշալուսն իր շուշանները կը բանայ,
Եւ ահաւասիկ հպարտ աքաղաղը իր արծաթեղէն ձայնը հնչեցուց։
Գիւղէ գիւղ կոչնակները կը հնչէին։ Ներդաշնակ սրինգ մը հրաւէրներ կը ցնծար…
Եւ հօտերը բլուրներէն վեր կը տարածուէին՝ ժիր ու գործօն մեղուներու պարսերուն հետ։
Եւ խաղաղութիւնը կ՚երգէ։ Ծաղիկները կը սարսռան։ Կոկոնները սրբուհիներու նայուածքներ են կարծես։
Իմացած էք սպիտակ ձայնը ջրաղացին, բերրիութեան եւ աշխատանքի յարաշարժ մարմին,
Որ սանձակոտոր ձորին կոհակներէն իր հլու եւ անխոնջ անիւները կը դարձնէ…
Որ ժամանակէն ի վեր, քաղաքներուն եւ գիւղերուն, իր ալիւրին օրհնութիւնը ջամբելով…։
Առուները մամուռներու մետաքսին մէջէն մանկահասակ մերկութիւններու նման կը հոսին…
Եւ բուխերիկներէն, ատրուշաններու հանգոյն, առաւօտեան ծուխը իր խունկը կը ծխէ։
Մարմարիրան եւ գեղանի հարսեր, կուժը ձեռուընին, աղբիւրներու ադամանդին կ՚երթան…
Ուրիշներ վարդի թուփին կը մօտենան, սոխակին հետ իրենց նորածին սէրն երգելու։
Յուռթի հունձքերու եւ աւետարանական եւ երջանիկ եղանակն է որ կը ծնի։
Բնութիւնը յղի է, եւ երկրագործները իրենց հանճարի ճիգէն եւ պտուղէն գինով՝
Դաշտերուն շուրջը կը խռնուին։ Գերանդիները ուսերուն վրայ յոյսերու պէս կը շողան։
Անդաստանը պիտի սկսի։ Հունձքերու օրհնութեան արշալոյսն է այսօր։
Աղօթք մը, բնութեան համար, բարերար բնութեան համար, շրթունքներէն թող թռչի,
Թող հողը իր բիւրապատիկ ցորեանը պարգեւէ մեզ եւ աշխարհի չորս ծայրերու մարդկութեան
Եւ դրացիին եւ բարեկամին եւ թշնամիին եւ չարին եւ անծանօթին…
Ամէն քաղց թող յափրանայ եւ ամէն ծարաւ թող պայծառ ջուրէն իր պապակը յագեցնէ…
Այսպէս՝ փառաբանութիւնը կը տաճարուի… հիւսիսէն հարաւ եւ արեւելքէն արեւմուտք,
Ամէն ցեղի, ամէն կարգի, ամէն դասի, ամէն դաշտի եւ ամէն հունձքի առատութեանը համար։
Աղօթքները կը սրբանան, կը քաղցրանան, կը մաքրուին, եւ խունկի մշուշին մէջէն
Ուրախութեան ժպիտներ արդար հողագործին կերպարանքը յոյսով կ՚արեւազարդեն։
Հովին խորհուրդէն դեռ կանգուն հասկերը անգամ մըն ալ զիրար կը համբուրեն։
Մանգաղները կը շարժին… եւ ոսկեվառ ծովեր, ծովեր են որ կը հնձուին.
Եւ խուրձ առ խուրձ, որաներն, արգասաբեր իրիկունին ստուերներուն մէջէն,
Անձրեւուած աստղի հոյլերու նման, արտէ արտ, անշարժ կը խոկան…։
Օրը տարաժամած է եւ վաղորդայնին բացած վարդին եւ երգերուն հետ,
Հուժկու եզներ, կալերուն շուրջը զոյգ զոյգ, հրաշագործ ցորեանը պիտի կամնեն։
Ջրաղացները պիտի շարժին, թոնիրը պիտի վառի։
Ահաւասիկ բոլոր իմաստը, բոլոր պատճառն ահաւասիկ,
Բոլոր օրէնքը, նպատակը, մաքրութիւնը եւ մեծութիւնը չի հասկցուած կեանքին…։
Ով տառապանքիս օտար մտածումներ, այս իրիկուն բոլորդ մէկ հեռացէք ինձմէ…։
Եւ ապերջանիկ երազս մոխիրներու մէջ է որ իր վիրաւոր նայուածքները բացաւ…
Տեսէք անցեալի ոսկի դաշտերն անծայրածիր՝ գերեզմանոցներու ահաւոր տեսիլքն ունին,
Եւ քանդուած աղբիւրներուն ջուրերը, մահամերձի հեծեծանքին այնչափ նման…
Կ՚երթան ողբացող առուներուն հետ սոսկումի աւերակներուն սեւը թրջելու։
Ցորեանի հասկերուն անհուն բարութեանը տեղ՝ դեղին տատասկներ են բուսեր,
Եւ պտղատու այգիներուն վրայ, երկաթէ ագռաւներուն մութ կռինչը կը մահանայ…
Դժխեմ ու նիհար ծառերը հորիզոններուն մէջ, իրենց բազուկները տարածած,
Անթուելի մեռելներու կմախքներուն նման, հողմերու ժամուն, զիրար, զիրար, զիրար կը ջախջախեն…։
Չարաշուք մրրիկը, գիշերին ճամբաներէն, անտառի մը նման կը փախչի,
Իր վազգին բարկութեանը տակ կիսաւեր գիւղակներ եւ տանիքներ տապալելէն՝
Եւ հողաթումբեր եւ դագաղներ կը բանայ, այերին մէջ թռչունները խեղդելով…
Մինչդեռ քարայրներէն գիշատիչ գազաններուն վայնասունը կարծես մահը կը մահերգէ…։
Այլեւս հունձք չի կայ, սերմնացան չի կայ, ոչ ալ վարելահող…
Անօթի եզները տրտմօրէն կը բառաչեն։ Բուսականութիւնը ծաղիկներուն հետ կը մեռնի։
Արօրը գոմին մէկ անկիւնը նոր եւ անդառնալի գարունին կը սպասէ։
Աքաղաղն այլեւս չերգեր։ Արշալոյսն ալ կարծես ցեղիս արիւնին նման, հողին խորերն է իջած…
Թշուառութեան անթիւ թափօրներ, ամէն կողմէ, դէպի դաշտերը կ՚ուխտաւորուին,
Եղերականօրէն կուրծք կոծելով, աղօթքներ հիւսելով, անյուսութենէն յուսալով,
Ու նախկին արշալոյսներու անդաստաններ կը տօնեն, կը պաղատին, կ՚արիւնին,
«Անօթի ենք, Տէր, գթա, բնութիւն, գթա, մարդեր, անօթի ենք, մարդկութիւն, անօթի ենք…»։
Ջուրերուն հոսանքը աղօրեպանին մեռելն առած կը տանի,
Եւ ցնորական ջրաղացը, ապարդիւնօրէն թափուր դագաղի մը նման կը դառնայ…
Շրջականներուն սարսափը, աղաղակը եւ մահացումն աղալով՝
Իր երկանաքարն եւ անիւները կրծելէն, ցնորաշարժօրէն կը դառնայ…
Զարհուրեալ աչքերով նորածիններ ցամաքած ստինքներ կը ծծեն,
Օհ, հայ մայրերուն տեսիլքը, մայրերուն դեռ չի կուրցած աչքերը այս բոլորին դիմաց,
Ահ, ուր է ճամբան, ուր է վիհը, ուր է մոռացումը, ուր է փոսն ահատեսիլ,
Բայց մահը չի գար, չի գար մահը, սպասուած փրկութեան նման չի գար…։
Դողդոջուն են ծերացեալ կիներ, սեւ լաչակներուն տակէն հեծեծելով՝
Իրենց տանը աւերակին մոխիրներէն, արեւծագին բարբարոս արիւններուն տակ՝
Իրենց կործանումին մոխիրներէն, փայտէ տաշտերու առաջ ժրաջանօրէն ծնրադիր, Սովամահներուն համար, աճապարանքով, բաժին մը հաց կը թխեն…։
Եւ կոտրտած մարմիններով մուրացկաններու չուառական բազմութիւններ
Ցաւագին ճանապարհներուն վրայ ուրուականներու պէս կը դեգերին,
Եւ թշնամիին եւ բարեկամին եւ բարեպաշտին դուռները բախելէն յուսակտուր…
Անգամ մը եւս կ՚անցնին, նորէն կու լան, դարձեալ կը մուրան, անգամ մըն ալ կը մեռնին…։
Լսեցէք սա ողբուկոծը, պաղատանքը, աղերսը, անօթի ենք, անօթի ենք…։
Կան, որ մազերնին կը փետտեն, կան, որ արցունքնին կապարներու պէս վար կը թափեն,
Կան, որ մտերիմ լռութեանը պատանքներուն տակ ինքզինքնին արդէն մեռեալ կը յուսան…
Կան, որ իրենց արիւնաթաթախ եղունգներովը նորէն քարացած հողը կը փորեն…։
Կան, որ գերեզմանափոսերուն մէջ այլեւս իրարու վրայ, դիակ առ դիակ կ՚իյնան…
Կան, որ անդունդներուն մէջ դեռ բոյսեր եւ արմատներ փնտռելու յամառ յոյսն ունին,
Կան, որ ահաւորապէս սկսան պարել սոսկատեսիլ խենթութեան հետ թեւ ի թեւ…
Եւ ուրիշներ, ով զարհուրանք, ահաւասիկ, անթաղ սպասող մեռելներուն կը մօտենան։
Ով տառապանքիս թշնամի մտածումներ, այս իրիկուն բոլորդ մէկ հեռացէք ինձմէ…։


ԲԱՆՏԵՐՈՒՆ ԽՈՐԵՐԷՆ


Այսօր եօթը լարերն իմ բարկութեան եւ մարտնչումի քնարիս,
Եւ հեծեծանքս եւ մտածումս եւ եղբայրական աչքերս եւ հաւատքս մոլեռանդ
Ձեզի կը բերեմ, ձեզի կը խնկեմ, ձեզի կը մատուցանեմ, ով կենդանի մեռեալներ,
Ով թիապարտներ, ով աքսորեալներ, հայրենակարօտներ, կալանաւորներ,
Դուք, որ մահուան մէջ կ՚ապրիք եւ կեանքին մէջ ամէն վայրկեան կը մեռնիք,
Դուք, որոնց արդար սուրերուն տեղ այսօր՝ ձեր վրայ, ծանրածանր շղթաներն են որ կը փայլին…
Դուք, որոնց աչքերուն վրէժի կայծը վրէժի չի թափուող արցունքներու փոխուեցաւ,
Եւ, ափսոս, դեռ չի գար, դեռ չեկաւ լայնածիր յոյսն անբարբառ
Ձեր անդրակարօտ եւ անեղբայր հոգիներուն առջեւը ժպտելու…
Եւ տարիներով իրիկունները, շքեղօրէն, հայրենիքին վրայ արիւնեցան,
Եւ մարտիրոսներու եւ թշնամիի եւ հերոսներու արիւններէն կարմիր,
Տարիներով արշալոյսները ծաղկեցան եւ մոխիրին եւ անշէջ հաւատքին վրայ,
Բայց ճառագայթ մը չեկաւ, հոգի մը չեկաւ, երկու շրթունքներ չեկան
Ձեր մութին մէջ շաւիղ մը երկարելու կամ փրկութեան խօսք մը փսփսալու…
Գիտեմ թէ ինչ ապառաժեայ խաւար է որ կը լեցուի ձեր զնտաններուն մէջն անողորմ,
Եւ ինչ դաժան երազներ կու գան իրենց ժանիքներով ձեր ուղեղը բզկտելու…
Ինչ տառապանք եւ ինչ սէր, ինչ ինքնամրրկում եւ ինչ հառաչանք ձեր ներսիդին,
Ինչ յոյսի երկինքներ, ինչ ձայն եւ ինչ քրքիջ եւ ինչ լռութիւն
Ձեր յոգիին մէջ կարգ առ կարգ եւ տարուէ տարի եւ յաւիտենապէս կը թաւալին.
Եւ կը սկսիք երազել, ձեր գլխուն բովանդակ ցաւը ձեր դողդոջուն ձեռքերուն յանձնած…
Ահաւասիկ որ ձեր ազատ քայլերն կանաչ մարգագետիններ կը կոխոտեն,
Եւ գերագոյն կապոյտը, երկինքէն վար, լիճերու պէս, դէպի ձեզ կը հոսի…
Ձեր աչքերը հողին հովիտներուն գեղեցկութիւններէն կ՚արցունքոտին,
Եւ ծարաւի բերաններնիդ հայրենական աղբիւրներուն յստակ ջուրին կը մօտենան…
Ցորեանի դաշտերն, ծով առ ծով, ձեր աչքերուն տակ, կեանքին հացը կ՚ալեծփեն...
Եւ ձեր այգին իր առատ աշուններուն քաղցրութիւնը ձեզ կ՚ընծայէ…
Լռութիւն մը համասարսուռ։ Երկու քայլ եւս եւ արեւներ, արեւներ, արեւներ պիտի ծագին…
Արիւննիդ կ՚եռայ։ Տեղ մը կարօտ համբոյր մը ուրիշ համբոյրի մը կը սպասէ,
Տեղ մը արցունքներ կան, որ կ՚ուզեն ուրիշ արցունքներու մէջ իրենց հուրը թափել…
Տեղ մը բազուկներ կան ձեր յոգնած գլխուն շուրջը իբր պսակ բոլորուող,
Տեղ մը թոնիր մը կայ, երդիք մը, յիշատակ մը, ծառ մը, աղբիւր մը, որ կը վազէ եւ առուակ մը, որ կը փախչի…
Տեղ մը սիրտեր կան, գորովներ կան, գարուններ կան, եւ կեանքը կայ վերջապէս։
Եւ դուռը բախտին հովէն կը բացուի եւ խարխափելով ներս կը մտնէք…
Սեմին վրայ դեռ քանի մը կաթիլ արիւն եւ ծիծեռնակի մը երգը տանիքին կտուրին մէջէն…
Եւ ստուերներ ծնրադիր ու բազկատարած, որ անհաւատալի բանի մը կը սպասեն։
Եւ ահա անդնդախոր ճիչ մը ձեր անօգնական եւ հրաշալի հոգիէն,
Եւ, ով սոսկում, անշրջան եւ անվերջ շռինդը ձեր տասնամեայ շղթաներուն,
Որ ձեզի հետ կ՚արթննայ եւ ձեր ոսկորներուն վրայ իր օղակները կատաղօրէն իրարու կը զարնէ…
Աւաղ, աւաղ եւ հովիտ եւ հայրենիք եւ աղբիւր եւ յիշատակ եւ համբոյր
Նորէն բերդերուն եւ բանտերուն եղեռնական գաղտնիքին խորը կը մխրճին,
Եւ ժամանակը հոդ է միայն որ իր առանցքին վրայ այլեւս չի թաւալիր,
Հոդ է միայն հեծեծանքներու հեծեծանքին անհունապէս աղէտալին…
Հոդ է սանդարամետեան մորմոքը, լռին լաց ու կոծը, չի մեռնող կեանքը եւ չի ծնող մահը…
Հոդ է որ ազատութեան ակնապիշ աչքը գերեզմանի հողովը կը լեցուի…
Հոդ է որ արցունքը բիբերէն ետ կը դառնայ, ուղեղին մէջ հոսելու համար…
Հոդ է որ անհոգութեամբ միսեր կը խարանեն եւ անհոգութեամբ ոսկորներ կը փշրեն,
Հոդ է այլուրին ծարաւը, գիտցուածին անգոյութիւնը, եւ փախուստը կարմիր փորձութիւններուն,
Այդ որմերուն տակն են, հիմնաքարերուն հաւասար, եւ մութին մէջ խեղդամահ՝
Անոնք, որ օր մը, փառքի օր մը, պատմութեան օր մը, օր մը հերոսութեան
Չարիքին օրէնքները պատռեցին արդարութեան առաւօտի մը ի խնդիր,
Անոնք, որ իրենց անձը զոհել ուզեցին Գաղափարին խորանին առջեւը կանգուն,
Անոնք, որ թշնամիի սուրին դիմաց, մեր կեանքին համար, իրենց սուրը շողացուցին,
Անոնք, որ ցեղին ստրկութեան շղթաները, ցեղին ուսէն՝ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին…։
Ուր են ուրեմն, ուր են մեր բազուկները, մեր կամքերը, մեր մուրճերը, մեր հարուածներն ազատաբեր,
Ուր է մեր սէրը, ուր է մեր խիղճը, մեր վազքը, մեր զայրոյթը շանթածրար,
Եւ երբ, երբ պիտի վար շրջենք, երբ պիտի խորտակենք, երբ պիտի փշրենք
Մահուան դուռներն այդ բանտերուն, երթալ յափշտակելու, երթալ համբուրելու համար
Այդ յաւիտենական հերոսները, որոնք մեր կեանքը իրենց կեանքէն անհունապէս աւելի սիրեցին…
Որոնց մէջ թերեւս երէկուան սէրը մեռնի, վաղուան անէծքը ծնեցնելու համար…
Ուրեմն ուր էք, Բռունցքներ, ուր էք, Բարկութիւններ, ուր էք, Խորտակիչներ, ուր էք, ուր…։


ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐԷՆ
Gloria victis! [1]

Մահակիր սիւները մթնշաղին մէջէն եղեռնաբար կը բարձրանան
Պայծառ, սրտոտ եւ նուիրական որդիներուն համար տրտմաթախիծ Հայրենիքին,
Կարինէն Գաղատիա եւ Մարզուան եւ ՊոլիսԷն Իզմիր եւ Երիզա…
Եւ ամէն անգամ որ արեւակերպ հերոսի մը հռնդիւնը հովերուն մէջ մեռաւ,
Հեթանոս խուժանը կատաղօրէն վարն էր, հրապարակին վրայ, ցեխին մէջ եւ ցեխն ապականելով…
Եւ ցնծութենէ կ՚ոռնար, Ալլահին հրաւէրէն եւ ատելութեան ծափերէն մոլեգին։
Բայց ով էր որ պիտի ողբար քու բարոյականդ, ով խաւարի եւ աւերի ժողովուրդ,
Դուն, որ դահիճներուն առջեւ կը ծնրադրես եւ հերոսներուն համար պսակ հիւսել չես գիտեր…
Ով պիտի սգայ քու անբերրի դարերուդ բարբարոս արշաւը Ելլադայէն ի Հայաստան,
Ով պիտի կենցաղացնէ քու գործած աւերակներդ եւ գեղեցկութիւնները, զոր փոշիացուցիր…
Եւ ով պիտի բերէ իտէապաշտութեան մրրկոտ ջահը, քու կեանքիդ ճանապարհին վրայ, հերոսաբար սարսելու…
Եթէ ոչ Հայորդին, որուն յստակ մտածումը Արեւմուտքին իտէալները ձեր դիմաց ապարդիւնօրէն ցոլացուց…
Եւ որուն արիւնը եկաւ նոյնիսկ Մարդկութեան բովանդակ Պատմութիւնը թրջելու…
Որպէսզի կարմիր լոյսը վերջապէս զձեզ թափանցէր եւ դժխեմ սուրին տեղ ձիթենիին ճիւղը բռնէիք…

Ահաւոր անկիւնէ մը անդոհական թիարանին դուռը իր ծխնիին վրայ կը ճռնչէ…
Կիսամութին մէջ մահաձայն շռինդ մը քարերուն վրայ դաժանօրէն կը դարբնուի,
Եւ սուիններ եւ սուրեր կը մերկանան, եւ յիշոցներ ու նզովքներ ամէն դի,
Հսկաներ դուրս կ՚աշտարակուին, անընկճելի եւ շքեղ եւ անվեհեր,
Իրենց ըմբոստի ուսերէն առկախ երկաթները ազատարար զանգերու պէս մէկզմէկու ընդհարելէն…
Դէպի ստոյգ մահը կը քալեն, ցեղին ցաւովը սպառազէն եւ մօտաւոր մահէն զօրաւոր…
....................................................................................................................................................
...................................................................................................................................................
Ով գերագոյն եղբայրներ, առաւօտը քաղցրօրէն քաղցր է, եւ ամենագութ աստղերը կը տարաժամին…
Եւ երկնակամարէն ծորացող լոյսը, այսօր, ձեր հերոսի հոգեվարքին համար է սահմանուած…
Հիմա հովեր պիտի անցնին տառապանքով հեծեծուն, արիւնով կարմիր, մոխիրով սպիտակ…
Հայրենիքէն փախչող հովեր պիտի անցնին, կարօտով, արցունքով եւ յիշատակով բեռնաւոր,
Եւ հողին տրտմութենէն տրտում՝ տատրակները իրենց փետուրներուն շուշանը վար պիտի թափեն…
Եւ սրարշաւ արծիւներ ձեր հերոսի մահագոյժը կատարէ պիտի պատգամեն…
Մինչդեռ չարաշուք խուժանը վարէն, թերեւս, մահ պիտի որոտայ գաղափարի զոհերուդ…։
Եւ ահա կմախակերպ սիւներուն առջեւ կանգ առին, մահը ոտքերնուն տակ եւ հայեացքնին աստղերուն,
Եւ որոտումին պէս խօսեցան, իրենց բռունցքին մէջ կայծակներ ծրարած եւ բառերնուն հետ ապառաժներ շարժելէն.

«Նախ դուն ետ թաւալէ, ստրկութեան եւ չարիքի արիւնախում խուժան,
Դուն, որուն բերանէն դեռ մեր ցեղին արիւնն է որ աչքերնուս առջեւ վար կը կաթկթի…
Դուն, որ մեր հացովն ես սնած ու մեր դարբնած սուրերը մեր սրտին ուղղած…
Դուն, որ քու անիմաստ գոյութիւնդ մեր կենսագործութեանը եւ մեր ճիգին կը պարտիս,
Դուն, որ դաշտեր մոխրացուցիր եւ մենք, որ անխոնջօրէն զանոնք արշալոյսներու վերածեցինք…
Դուն, որ մահ սերմանեցիր եւ մենք, որ ցեղովին գեղեցկութիւն եւ բարօրութիւն ծնցուցինք…
Դուն, բարբարոսութեան անխիղճ գործօն, ետ քաշուէ, ետ թաւալէ, ետ խաւարուէ…
Թող մեր վերջին հայեացքը պայծառ մեռնի՝ մեր ոգեվարի գալարումին արժանի չես դուն…
Եւ դուք, դատաւորներ, դահիճներ, եւ դուն, մեռելատիպ Մարդասպան,
Ըսենք ձեզի, այս ժամը ձեր զարհուրանքի ժամն է, Հայրենիքին կողը նոր հերոսներու երկունքէն կը սարսռայ…

Այլեւս օրէնք չի կայ, ազատակամ ու խիզախ մահը, մահն է ձեր դարաւոր բռնութեան,
Կործանողներու կործանումը փոթորիկներու պէս, անջրպետներէն պիտի հասնի, պիտի գայ,
Միայն Գաղափարն է որ ոչ մահ ունի, ոչ դատաւոր, ոչ գերեզման եւ ոչ դագաղ։
Եւ հիմա զմեզ խեղդող չուանը մեզի տուէք, մեզի տուէք, դահճապետներ, դահիճներ,
Եւ կեցցեն Ըմբոստները, կեցցեն Ըմբոստները, կեցցեն, եւ կեցցէ Հայաստան…»։
..................................................................................................................................................
..................................................................................................................................................
Հեթանոս խուժանը անհետացաւ, ինչպէս դիակներ պղինձէ հովերուն շունչէն հալածական,
Եւ անցնող զեփիւռները իրենց մայրական լացը լացին, անցնող թռչուններն իրենց երգը երգեցին,
Անցնող ճառագայթներն իրենց ոսկիէ պսակը եւ դափնին հիւսեցին,
Անցնող եղբայրը եւ լռին եւ անխօս հոգիները իրենց զարհուրելի վրէժները յղացան…
Ու ձեր մարմինները, ով Ահաւորներ, ով Ճշմարիտներ, ով գերագոյն եղբայրներ,
Ձեր մարմինները օդին մէջ առկախ եւ ձեր մեծաբաց աչքերը հայրենի աստղերուն,
Օրերով եւ գիշերներով, երկու, սիւներուն մէջտեղ քինայոյզ ճօճեցան եւ ճօճեցան,
Եւ ձեր վերջին խօսքերը, անտառին նման ուռճացան…» Կեցցեն Ըմբոստները եւ կեցցէ Հայաստան…»։


[1] Փառք պարտեալին ( լատ. )։


ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ


Մեռելներ կան, որ պէտք է անգամ մը եւս մեռցնել...
Ահաւասիկ հրէշածին հայ Յուդա մը եւս, որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ…։
Բայց ով գիտէ, որ խաւարչտին, որ զզուելի ես որ խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ինչ անէծքի, ինչ դժնէ վատութեան, ինչ քստմնելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ
Իր դժխեմ հայրը կարողացաւ չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել։
Դժոխատիպ դեմքով կին մը, տռիփին կատաղանքէն, իր մսիին տիղմը կը տարածէ
Գերեզմանօրէն ահաւոր խրճիթի մը դագաղաշէն տախտակամածին վրայ,
Եւ մարդ մը, ծամածուռ, խուժդուժ, շիլ, ապաժառանգ, խաթարեալ եւ սապատող,
Մեղսակից խաւարը ճեղքելէն, եւ լորձունքոտ եւ շնչասպառ եւ անասնակերպ՝
Տարտարոսեան իժի մը հանգոյն, փորին վրայ սողալով իգութեան մը կը մօտենայ…։
Եւ ապականութեանց զոյգը կը գալարուի եւ ահա իրենց ոճրալից ուղեղին գռիհներէն
Ահագնօրէն թաւալագլոր կ՚անցնին, կը սպանեն, կը ծնին եւ կը զուգուին
Դաւաճանութեան եւ չարիքի ու մատնութեան բոլոր դեւերը դամբանածին…։
Ես նզովեալն իր արարչահիւթը կը հեղու եւ սոսկալի սաղմը կը բեղմնաւորուի…։
Դուրսը, հովերն անմեղ եւ ապառնի մահեր կ՚երգեն։ Եւ երկու անիծեալ մարմինները,
Իրենց խշտեակին վրայ, ծագող լոյսէն եւ խղճմտանքին հնչող պղինձներէն պատուհասուած՝
Պատանքի մը պէս, իրենց ծածկոյթով, պիղծ տեսողութիւննին կը ծածկեն…։
ժամանակին կոյր խաւարը կը յաջորդէ կոյր խաւարին եւ երկու էակները քարերու պէս լուռ են,
Մեղաւորին դատապարտութեամբը լուռ եւ դիակներու մեռելութեամբն անխօս,
Մինչդեռ, վայրագ, աններդաշնակ եւ անգիտակից բնութեան ուժը իր օրէնքին շրջանը կը շրջի,
Իր խաւարին մէջ եւ նախճիր եւ կործանում եւ գեղեցկութիւն եւ մահ եւ կեանք ստեղծելով…։
Բայց արիւնկզակ արուն, ցնորակոծօրէն, իր բռունցքովն իր խիղճը կ՚ուզէ խեդդել,
Եւ եղկելի էգը, մղձաւանջներու մէջ, ժամէ ժամ գերբնապէս կ՚այլանդակուի,
Նայուածքները կը փոսանան, մարմինը կը նեխի եւ ապագայ ոճիրին արեան շոգին տեսնելով՝
Կը զգայ որ կողերուն տակ արդէն շարժիլ սկսած է իր կղկղանքին սողունը ճիրանաւոր։
Աղիտաբեր երկունքի եւ սանդարամետեան գալարումներու ժամը հնչած է,
Սեւ օձերու անտառներ են որ մօրը ընդերքին մէջ անոր աղիքները կը կրծոտեն…
Եւ կարծես լոյսէն, մարդերէն, անջրպետէն եւ հաւատքէն է որ կը սոսկայ,
Ու մանուկ ոճիրը յղացող ոճիրին հետ զիրար կ՚ուզեն մեռցնել…։ Բայց զեռունը կը ծնի…
Ճիւաղը կը ծնի…։ Ու մայրը զայն կը դիեցնէ իր ստինքներուն մութ թարախովը թունաւոր,
Եւ ոչ մէկ պատուհաս, ոչ մէկ պատիժ, ոչ մէկ բարերար ոճիր, ոչ մէկ կործանիչ ճակատագիր
Չեն գար այդ պիղծ տանիքը մոխրացնելու, այդ աչքերը խաւարելու, այդ էութիւններն յօշոտելու։
Եւ ասոնք կը համարձակին ապրիլ, շնչել, սնանիլ, պայծառները ողջունել եւ անոնց նայելով ժպտիլ…։
Դաւաճաններ, ինչպէս կրցաք դուք արեւին լոյսը վայեյել եւ աստուածային աստղերուն տակէն անցնիլ…
Ինչպէս առաւօտին մէջ, վարդերուն վրայ թառած սոխակներու դայլայլանքին ունկնդրեցիք, Ինչպէս առանց ձեր գերեզմանին փոսը փորելու, կարողացաք արշալոյսներուն առջեւ աչք բանալ…
Եւ ինչպէս կրցաք Իտէալ բառն արտասանել եւ անոր ծառայել, անոր ծնրադրել եւ օր մը այսպէս դաւաճանել զայն։
Եւ մանաւանդ ինչպիսի քայլերով գաղափարի ոսկիաշար խորաններու պաշտամունքին յառաջացաք,
Ինչպէս յանդգնեցաք ազատութեան ջահակիր, արդարութեան քրմաւոր եւ եղբայրութեան ջատագով հանդիսանալ,
Ինչպէս չը զարհուրեցաք ճշմարիտներու հոգիէն դուրս ճառագայթող ճաճանչներէն
Եւ ինչպէս մեծ հաւատքին կրանիթէ սանդուխէն, առանց փշրուելու, կրցաք քայլ մը առնել դէպի վեր։
Ահ, չնաշխարհիկ մարտնչումներու եւ անկշռելի ցաւի՝ Պատմութեան այն էջը կարմիր՝
Ուր հայկաշունչ քնարիս մրրիկներէն մտածումս փորձեց մեհեաններ կերտել.
Այսօր՝ ատելութեամբ՝ կայծակնահիւս խարազանս ձեռքերուս մէջն ամրապինդ,
Եւ հրաշէկ երկաթներովս, որչափ կ՚ուզէի ձեր դիակներն ես խարանել, ով դաւաճաններ…։
Ես կ՚ուզէի զձեզ խարանել եւ ես կ՚ուզէի մուրճերուս եւ կռաններուս կատաղութեանցը տակ
Ձեր ոսկորներն եւ ձեր եղեռնագործի ճղճիմ գանկերն աւազներու նման փշրտել…
Ես կ՚ուզէի զձեզ գարշապարներուս տակ առնել, ես կ՚ուզեի զձեզ մահացնել եւ ես վերստեղծել,
Ես կ՚ուզէի զձեզ աստուածաբար հազար անգամ վերստեղծել եւ ես կ՚ուզէի զձեզ հազար անգամ գերեզմանել…
Եւ, ագռաւներու հոգիներով, Կայէնեան կերպարանքներով ձեր շնագայլի ոհմակներն, ահա,
Թիւթիւնճիեֆ, Սենեքերիմ, Ոստիկան Տիգրան եւ Արտաշէս, սեւ Սուքիաս եւ Կոմիտաս քահանաներ,
Վարդապետ Մամբրէ, ասորի Կարապետ, Մարգար եւ դուն, դհերցի հրէշածին Դաւիթ,
Ահա, ձեր ժանտաժուտ դիակներն կոյանոցներու ժահրին պէս աչքիս առջեւ կը տարածուին։
Արդարեւ ոչ ոք չի մտածեց խաչափայտերու վրայ եւ ապառաժներու ճակտին զձեզ բեւեռել,
Շղթաներու ազնուական ծանրութիւնը եւ ժանգը ձեզի համար փառապսակ մը պիտի ըլլար,
Ինչպէս եւ թախծալից եւ մեռելաշուք բանտերուն մենութիւնը՝ մարմարեղէն պալատ
Եւ ճշմարտավճիռ սուսերին հարուածն՝ անճշմարիտ, եւ կառափնատը՝ արքայական գահ։
Ահ, մահը գթութիւն է ձեզի համար եւ խարոյկներուն հուրը՝ մարտիրոսի փառք,
Ձեր օրրանը ցեխը եղած է եւ ձեր օթեւանը ճահիճներու ժահրը պէտք է ըլլայ,
Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօրէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ կաթիլ, բաժին հանել ձեր արիւնէն նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին…։
Այժմ ձեր նողկանքէն փակ աչքերս թող բանամ, թող գրիչս զետեղեմ եւ թող քնարիս լարերն համբուրեմ
Եւ առիւծադէմ կտրիճներուն, անվեհերներուն, առաքեալներուն, հայրենիքիս զինուորներուն մօտենամ՝
Անոնց յիշատակէն եւ Սուրբ օրէնքէն աղբիւրուած լոյսերովն եւ ճակատս եւ մտածումս եւ աչքերս լուալով,
Կռապաշտօրէն, կեանքիս ամառին մէջէն, կարմիր երգերս հիւսեմ եւ յստակ մարմարներս քանդակեմ…։