ԿԱՐՄԻՐ ԼՈՒՐԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄԷՍ

ԿԱՐՄԻՐ ԼՈՒՐԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄԷՍ

ՍՈՒԳ
Դուն, թախծադէմ անծանօթս, կամ դուն, հոգիի բարեկամ,
Որ խրախճանքի այսօրուան ճամբաներէն կ՚անցնիք,
Ունկնդրեցէք սա մենութեան եւ սուգի խօսքերուս։
Գիտեմ որ ձեր անմեղ ոտքերը դեռ թաց են ձերիններուն արիւնէն…
Եւ ազատութեան այն վսեմ վարդը, որ ձեր ցեղին ցաւերէն՝
Այս դժբախտ երկինքին տակ, օր մը, վերջապէս ծաղկեցաւ,
Օտար ձեռքեր հասած են՝ ծիծաղելով զայն քաղելու…։
Բայց թոյլ տուէք որ անոր աստուածային բուրմունքէն
Անխտիր՝ ամէն մարդ, երկիւղածութեամբ եւ լիապէս գինովնայ…։
Թոյլ տուեք որ ձեր մուրճերովը քանդակուած Արդարութեան դիցուհիին առջեւ
Եւ հեռաւորը եւ դրացին եւ ապերախտը գան իրենց խունկը ծխելու։
Թոյլ տուէք դուք, ով հպարտ եւ հերոսական սերմնացաններ,
Որ ձեր ոսկիէ արօրներէն բուսած հասկերը բեղուն,
Ուրիշներ, ձեր մանգաղներովը, իրենց համար, զանոնք հնձեն…։
Որովհետեւ գիտեմ որ եթէ անգէտ Չարիքէն է որ հալածուելով կը մեռնիք,
Բայց միանգամայն դուք ծնած էք իմաստուն եւ բերրի Բարիքներուն համար։
Խրախճանքի պողոտաներէն, Տառապանքին պէս տրտում, անցէք
Եւ խնայեցէք երջանիկներուն, որ չի կրնան ձեր աչքերուն մէջը կարդալ
Այն զարհուրելի պատկերը, որ դիակի ու մոխիրի ցոլացումներն ունի…
Խնայեցէք անցորդին՝ արդար կամ ոճրապարտ, որ ձեր աչքերուն չի նայի…
Վասնզի հայ հոգիին տառապանքը միշտ հայ նայուածքներուն մէջը գտած եմ ես։
Այսպէս խրախճանքի քառուղիներէն բոլորդ մէկ անցէք,
Բայց զուարթութեան ոչ մէկ բիծ եւ ոչ մէկ շիթ արցունքի
Պետք չէ որ գան մեր տրտմութեան վեհութիւնը պղծելու…
Որովհետեւ պարտուածին համար արցունքը վատութիւն է,
Եւ յաղթողին համար սնոտի ժպիտը՝ կնճիռ…։

Դուն, շղարշներովդ մահագուժօրէն գիշերուած հայ գեղուհի,
Եւ դուն, պարմանի, որ դիմագծէդ ցեղիդ սուգը սրտիդ մէջը կը հոսի,
Առանց զայրոյթի եւ շտապով սա ճամբաներէն անցէք,
Պիտի ըսէք, թէ որչափ լոյս է այս եւ ինչ հեգնական մեռելաթաղ…
Ինչ խաժամուժ եւ ինչ պարեր, ինչ ցնծութիւն եւ ինչ խնջոյք ամէն դի…
Մեր կարմիր պատանքները յաղթանակներու դրօշներ են կարծես,
Եւ մեր վճիտ եղբայրներուն ոսկորները սրինգներու վերածուած…
Ահաւասիկ որ անոնց մէջէն ուրիշները արտասովոր երգեր է որ կ՚երգեն…։
Բայց մի սարսափիր, ինձ անծանօթ քոյր կամ ճակատագրի եղբայր,
Եւ ճշմարտութեան աստղերը զննելով՝ յուսադրուէ եւ յառաջացիր,
Կեանքին օրէնքը դեռ այսպէս է, մարդերն չի կրցան մարդերն ըմբռնել…։
Եւ այս իրիկուն ձեր տանը դուռներէն, թշուառօրէն աղքատ կամ մարմարակերտ,
Բոլորդ մէկ, արեգակին մահէն առաջ, ձեր սեմերէն ներս մտէք
Եւ անդորրութեամբ փակեցէք դաւաճան փեղկերը ձեր պատուհաններուն,
Փակեցէք զանոնք անկարեկիր եւ մեղաւոր Ոստանին դիմաց,
Փակեցէք զանոնք եւ մարդկութեան եւ ձեր աստուծոյն երեսին…
Ես գիտեմ որ ձեր յստակ հոգիին մէկ ահաւոր հեծեծանքէն
Ձեր սեղանին վրայ վառող ճրագն իսկ պիտի մարի…։

19Օ9 Յուլիս 1Օ


ՊԱՐԸ
Եւ արցունքներն իրեն կապոյտ աչքերուն մէջ խեղդուելով,
Մոխրադաշտի մը վրայ, ուր հայ կեանքը դեռ կը մեռնէր,
Այսպէս պատմեց մեր սարսափին ականատես Գերմանուհին.

Այս անպատմելի պատմութիւնը, որ ձեզ կ՚ընեմ,
Եւ իմ անգութ աչքերովս այս մարդկային,
Իմ անվտանգ տնակիս գեհենադիր լուսամուտէն,
Ակռաներս կրճտելով ու զայրոյթէս զարհուրելի…
Այս աչքերովս անգթօրէն մարդկային, ես տեսայ։
Մոխրակոյտի վերածուած Պարտէզ քաղաքին մէջն էր։
Դիակները դիզուած էին մինչեւ կատարը ծառերուն,
Եւ ջուրերէն, աղբիւրներէն, առուներէն, ճամբաներէն
Ձեր արիւնին կարկաչիւնն ըմբոստաձայն…
Դեռ ականջիս իր վրէժն ահաւասիկ որ կը խօսի…

Օ, չի սոսկաք, երբ անպատմելի պատմութիւնս ձեզի պատմեմ…
Թող մարդերը հասկնան մարդուն ոճիրը մարդուն դէմ,
Երկու օրուան արեւին տակ, գերեզմանին ճամբուն վրայ
Մարդուն չարիքը մարդուն դէմ,
Թող աշխարհիս բոլոր սրտերն իմանան…։
Այդ մահաշուք առաւօտը կիրակի էր,
Դիակներուն վրայ ծագող առաջին եւ անօգուտ կիրակին,
Երբ սենեակիս մէջը, իրիկունէն մինչեւ արշալոյս,
Դաշունահար աղջկան մը հոգեվարքին վրայ ծռած՝
Արցունքներովս անոր մահը կը թրջէի…
Յանկարծ հեռուէն սեւ խուժան մը անասնական
Քսան հարսներ իրենց հետ՝ մոլգնօրէն մտրակելով,
Շուայտութեան երգերով այգիի մը մէջ կանգնեցան։

Ես, կիսամեռ խեղճ աղջիկն իր խշտեակին վրայ լքած,
Դժոխհայեաց պատուհանիս պատշգամին մօտեցայ…։
Այգիին մէջ սեւ խուժանն անտառացաւ։
Վայրենի մը՝ հարսներուն. — Պէտք է պարէք, որոտաց,
Պէտք է պարէք, երբ մեր թմբուկը հնչէ։
Եւ մտրակներն սկսան մահակարօտ հայ կիներուն
Մարմիններուն վրայ կատաղութեամբ մը շառաչել…
Քսան հարսերն ձեռք ձեռքի, իրենց շուրջպարն սկսան…
Աչուըներէն իրենց արցունքը վէրքերու պէս կը հոսէր,
Ահ, ես որչափ նախանձեցայ իմ դրացի վիրաւորիս,
Որովհետեւ լսեցի, որ հռնդիւնով մը հանդարտ,
Տիեզերքն անիծելէն, խեղճ հայուհին գեղադէմ
Իր տատրակի շուշան հոգւոյն դէպի աստղերը թեւ տուաւ…
Ունայնօրէն կռուփներս ամբոխին դէմ շարժեցի։
«Պետք է պարէք, կ՚ոռնար խուժանը մոլեգին,
Մինչեւ ձեր մահը պէտք է պարէք, դուք պագշոտօրէն եւ ցոփութեամբ,
Մեր աչքերը ծարաւի են ձեր ձեւերուն եւ ձեր մահուան…»:

Քսան հարսներն գեղադէմ գետին ինկան պարտասած…։
«Ոտքի ելէք», գոռացին, մերկ սուրերնին օձերու պէս շարժելով…
Յետոյ մէկը սափորով մը քարիւղ բերաւ խուժանին…
Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ…
Քսան հարսներն շտապով այդ հեղուկով օծեցին…

«Պէտք է պարէք, որոտաց, ահաւասիկ ձեզի բուրմունք մը, որ Արաբիան իսկ չունի…»։
Յետոյ ջահով մը բռնկեցուցին մերկ մարմինները հարսներուն,
Եւ ածխացած դիակները պարին մէջէն դէպի մահը գլորեցան…
Զարհուրանքէս՝ պատուհանիս փեղկերը փոթորիկի մը պէս փակելով՝
Իմ մենաւոր մեռեալիս մօտենալով հարցուցի.
Ինչպէս փորել այս աչքերս, ինչպես փորել, ըսէ ինձ…։
..............................................................................................


ՔԱՒՈՒԹԻՒՆԸ
Արհաւիրքի առաւօտ մը, աստուածավախ այդ ծերունին,
Դալարագեղ իր այգիին աւազանին վրայ հակած,
Անոր բիւրեղ ջուրերուն մէջը վճիտ,
Իր անցեալին դեռ չի քաւած մեղքերէն մին հոն տեսաւ…
Ու իր աչքերը փակելով՝ հեծեծանքով մը յիշեց
Այն անիծեալ օրն, երբ գարնան պէս երիտասարդ,
Խելայեղիչ գեղեցկութեամբ հայ կնոջ մը սիրոյն համար,
Այդ անիծեալ օրն՝ իր աղօթքն իր աստուծոյն չէր նուիրած…

Եւ դաւաճան աւազանը, արիւններու այդ օրուան հետ,
Ծերունիին աչքին առջեւ պայծառութեամբ մը նկարեց
Անջնջելի ձեւերն այն դեռատի եւ սպիտակ աղջկան,
Որուն մարմար մերկութիւնէն չարախաբեալ,
Իր առօրեայ աղօթքն իր աստուծոյն չէր ըրած։
Եւ պէտք էր քաւել, վերջապէս, միակ մեղքը հին օրերու,
Որովհետեւ հողին կեանքը սկսած էր իր ցնորքը գիշերել,
Մահուան փոսը կը փորուէր յանցանքին պէս անդնդախոր…
Արդար ժամը հնչած էր ալ, պէտք էր փրկել իր հոգին.
Եւ ծերունին հաստատաքայլ՝ յիշատակին յաղթանակող՝
Զարհուրելի հրամանի մը համար իր ապարանքը բարձրացաւ…։
Ժիր ծառաներ շտապով սրահի մը մէջը շքեղ,
Մետաքսահիւս գորգի մը վրայ, ուր նկարուած սոխակներն՝
Ցնորաբոյր վարդին ի տես, իրենց սէրը կու լային…
Սեւ սատափէ թիկնաթոռ մը զետեղեցին։
Եւ ծերունին շուշանաթոյր պատմուճանով մը փաթթուած,
Աղօթելով եւ ծանրօրէն բազկաթոռին մօտեցաւ։
Իր բազմանդամ ընտանիքէն մինչեւ թոռներն իր նորածին,
Գարուններուն պէս ծաղկապատ գորգին վրայ ծնրադիր,
Այս ծիսական տօնին համար անոր շուրջը շարուեցան…։

Պահ մը յետոյ երկու խափշիկ՝ խարտեաշ տղեկ մը Տարսոն քաղքէն,
Ապարանքին մառանին մէջ, ուր նոր ոճիրը պիտի ծնէր,
Ոսկեպատեան սուրի մը հետ հայ պարմանին մերկացուցին…
Եւ անմիջական ու ահաւոր գալարումներ հոգեվարքի
Ապարանքն իր հիմերէն մինչեւ տանիքը սարսեցուցին։

Վերը՝ կին մը գեղամարմին, շղարշի մը մէջ անդրիացած,
Սրահէն ներս՝ ակնածութեամբ ծերունիին գնաց ըսաւ.
— Հրամաննիդ կատարուած է եւ ձեր ոտքին փոշին իսկ չեմ…
Որ ձեռքերն կրնան ձեզի քաւիչ բաժակը մատռուակել…

— Անտարակոյս վերջին պտուղն այս յանցապարտ հայ աղջկան,
Որուն համար ես երկինքիս յաւերժութիւնը կորսնցուցի։
Ահեղ մարդուն թոռներէն մին, արծաթ ափսէ մը ի ձեռին,
Որուն մէջի ոսկի բաժակն, ով դժբախտներ, ձեր բոլորին պարտութիւնն էր…

Երջանկադէմ իր մեծ հօրը շրթունքներուն մօտեցուց զայն,
Ես անդողդոջ ծերունին բազկաթոռին վրայ անշարժ,
Այդ մետաղն ակռաներովն մոլեգնութեամբ մը սեղմելով,
Իր երազած արքայութեան սեմին առջեւը՝ ժպտուն,
Հանդարտօրէն, սրահին մէջ, իր սեւ հոգին աւանդեց…։

Բայց ոչ մէկ կաթիլ այդ արիւնէն, Արդարութեան սպասարկու եղբայրներ,
Ոչ մէկ կաթիլ չի թափեցաւ պատմուճանին վրայ շուշան,
Յանկարծամահ ծերունիին այդ անյագուրդ բերանէն
Ոչ մէկ կաթիլ, ոչ մէկ կաթիլ, կ՚աղաղակեմ ես ձեզի…։


ԶԱՒԱԿԸ
Դիւցազնութիւն մը պատմեմ քեզի եւ րոպէ մը սրտազինուէ…
Հայ հողագործ մը կռիւներու եւ արիւնի կոչին ի լուր,
Արծուի մը պէս՝ ձիուն վրայ, դէպի իր գիւղն արշաւեց։
Ձգեց եզներն յաղթամարմին, որ բարկութեամբ բառաչեն,
Իրենց հերկած հողերուն հրկիզուիլը դիտելով…
Ու ձգեց իր նորաբոյս սրբութիւնները ցորեաններուն,
Ձգեց խոփը, ձգեց բահը, ձգեց արօրն իր մեծապարգեւ,
Ձգեց յոյսն իր օրերու, ձգեց հողն իր հայրենի,
Եւ աշխատանքի երգերուն տեղ անդորրաշունչ,
Սկսաւ ան, զէնուզէնքի կարմիր երգ մը որոտալով,
Ձիուն վրայ սպառազէն երթալ իր գիւղը փրկելու…։

Իրիկուն էր։
Արեգակն իր մահովը հորիզոններն եղեռնօրէն կը ներկէր…
Երբ հողագործն հերոսական՝ դաշտէ ի դաշտ արշաւելով,
Անպատմելի սարսափով մը իր սեմին առջեւը կանգ առաւ…
Բայց մոխրակոյտեր միայն տեսաւ եւ դիակներ ամէն դի…
Տեսաւ իր կինը սիրակարօտ՝ դրանը ետին դաշունահար,
Թշնամիէն քակուած ծամերն եւ մերկ ուսերն սպիտակ,
Ծոցէն հոսող իր նուիրական արեան մէջը թաթաւուն…
Տեսաւ զաւակն, որ իր մօրկանը նայուածքներուն վրայ ծռած՝
Անոր մահուան արցունքներուն վերջին շիթերը կը համբուրէր…
Գիւղին ծայրէն բարբարոսներն ժամանումէն այս՝ ընդվզած՝
Ու իր ահեղ ձիուն վրնջիւնէն եւ դռոյթէն ամեհի,
Բոլորը մէկ սկսան, ոտքի ելած աղաղակել.
— Անգամ մըն ալ պէտք է քալել, դեռ շունչեր կան, որ կը շնչեն։
Ով էր այն մարդն սպառազէն, որ մեր վրան գրոհել ուզեց.
Մոխիրները պէտք է դեռ անգամ մըն ալ մոխրացնել…։
Դեռ ձայներ կան, դեռ շշուկ կայ, մահամերձներ դեռ կան, որ
Կը յամառին այս նորեկէն իրենց վրէժը պաղատիլ…
Մենք գերեզմանոց ուզեցինք եւ դեռ կեանքեր կան այնտեղ,
Մենք ամէնքս մոխիր կ՚ուզենք եւ մահ կ՚ուզենք, անհաւատներ…—
Այս ձայներն եկան հասան հայ կտրիճին, որ մինակ
Իր դեռատի զաւակին հետ, ցասումով լի, սեւ խուժանը կը դիտէր,
Յանկարծ ինքը կայծակնացայտ պայթիւնով մը հրազէնի
Հազարաւոր խաժամուժն այս՝ մրրկի մը պէս ետ մղեց…
Բայց մինակ էր… հեծեծողներ միայն կային եւ դիակներ ամէն դի.
Եւ խուժանը ամայութեանց աւազին պէս վերսկսաւ
Դէպի այս գիւղն աւերակեալ անգամ մը եւս արշաւել…
Բայց պէտք էր փրկել իր զաւակը, որ դիպուածէն ազատած,
Որ գաղտնիքէն, որ բախտէն, որ օրէնքէն, որ չարիքէն…։
Եւ խելակորոյս գիրկն առաւ տաք դիակն իր կնոջ
Եւ իր զաւկին մէջքէն բռնած դէպի գետափը իջաւ…։
Պէտք էր փրկել իր որդին, յետին Յոյսն Նոր Օրերու…
Եւ գիտէր որ մարդուն ահեղ կռիւին հետ դեռ բնութեան կռիւը կար…
Պէտք էր յաղթել գոնէ անոր եւ իր որդին ազատել,
Պէտք էր յաղթել բնութեան, ուրիշ ոչ մէկ յոյս չի կար…
Մարդէն նուազ չարակամ այդ մութ ուժը տիտանեան
Պիտի գթար… բնութիւնը մարդուս մայրն է վերջապէս…
Եւ արմատախիլ կաղնիի մը պէս, որ մրրկէն կը տարուի,
Այսպէս որդին ձեռքն առած եւ մեռեալ կինը քարշելով,
Ահեղավազ Սիհունին ջուրերուն մեջը խոյացաւ…։
Ձգեց դիակն իր կնոջ, որ ալիքներն ահեղ
Իրենց կուրծքին վրայ առած անոր թաղումը կատարեն.
Եւ ջուրերն, իր կինը, փրփուրներովն իրենց,
Վերջին լոգանքի մը համար, անոր արիւնը լուալով՝
Քարէ ի քար բախելէն, դագաղի մը պէս ցնորական,
Իր սիրակէզ աչքերուն առջեւէն զայն սահեցուցին…։
Մինչ հողագործն առիւծի մը պէս փոթորկաբաշ՝
Որ իր կեանքին կորիւնը բերանն առած կը սուրայ,
Այսպէս գօտիին իր որդուն ակռաներովը փարած,
Ձեռքերովը ջուրերուն երկաթ ուժին յաղթելէն,
Մռնչելով եւ լողալէն իր զաւակր փրկել կ՚ուզեր։
Երբեմն ձեռքովն իր հուժկու ջուրերէն վեր բռնած զայն՝
Իր իրանովն ալիքները փշրելէն դէպի ծովափը կը հոսուէր…
Գիշերն ի բուն բնութեան հետ կատաղաթեամբ մաքառեցաւ,
Եւ ուղեկից դիակներ յաճախ եկան իր վրայէն սահելու…
Բայց ինք հզօր՝ իր զաւակը, եղէգի մը ճիւղին նման,
Ակռաներովն կամ մէկ ձեռքովը զօրութեամբ մը գերմարդկային,
Ջուրերէն վեր, դէպի աստղերը կարկառելէն…
Փրկել ուխտեց միակ Յոյսն աւերակեալ իր Գիւղին…։
Միջերկրականն անծայրածիր արեւին հետ աչքին առջեւը ծագեցաւ…
Հանգրուանին հասած էր։ Երբ զաւակն խենթի մը պէս հողին վրայ համբուրեց…
Յանկարծ ճանչցաւ իր մեռեալ կինն, որ ապառաժի մը կառչած,
Հասած էր հոն կարծես՝ արշալոյսին շողերուն հետ շառագոյն,
Ինքն եւս իր փրկուած զաւակին ժամանումը ողջունելու…։


ԼՈԳԱՆՔԸ
Իր մարմինը սպիտակ էր…
Ինչպէս է ձիւնն աստուածընծայ Տաւրոսներուն,
Եւ իր երկու աչքերուն մէջն ահաւոր՝
Բարբարոս սէր մը անյագուրդ կը վառէր։
Բայց սեւահեր այս գեղուհին ամուլ էր,
Ստինքները դեռ չոր էին մաքուր կաթէն,
Եւ իր կողերէն չեր ծնած այն պտուղը ազնուական կամ ոճրագործ,
Որուն համար բոլոր մայրերը կը սպասեն…։
Ու գինովութեամբ, բայց վայրապար կը ցանկանար
Այրութիւններ խոժոռադէմ եւ արգաւանդ,
Բնութեան դէմ յաղթանակող։
Դաժանագեղ կնութիւնն այս կ՚անգիտանար,
Թէ մեծ օրէնքը իր երկաթէ գաղտնիքն ունի…
Բայց կախարդուհի մը չարաշուք,
Աւերումի այս օրերս, իրեն ըսաւ.

— Որպէսզի քու ամլութիւնդ ադամանդեայ
Պայծառօրէն եւ առյաւէտ պտղաւորուի…
Եկուր քեզի հին իմաստուն Դարերուն
Միակ դարմանը ես իմ ձեռքովս մատուցանեմ։

Եւ անգթութեան աւանդավէպը պատմեց…
Մինչ վհուկը գեղեցկուհւոյն աչքերուն մէջ՝
Իր աչքերը շանթերու պէս, մոլեգնութեամբ մը կը մխրճէր։
Յետոյ բերին մեր հանդարտ գիւղէն հեռաւոր
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ
(Ահ, ճակատագիրնիդ կը տեսնեմ, որ եղերականօրէն նման է,
Ով խեղճ քոյրերս, այսչափ ատեն իմ մահերգած ճակատագրիս),
Այսպէս բերին մեր հանդարտ գիւղէն առաքինի եւ հեռաւոր՝
Եօթը կոյսեր վեշտասնամեայ՝ մահուան դողէն դողդոջուն,
Ներս մտցուցին զանոնք լոգարանի մը մարմարակերտ դուռներէն,
Ուր արդարութեան արեգակին ճաճանչները վերէն
Արցունքի պէս անոնց վրայ կ՚անձրեւէին…։
Եւ շտապով տախտակէ տաշտ մը հոն դրին
Ու անոր շուրջը զարդարեցին շուշաններով սպիտակ,
Մինչդեռ հեռուն, վարագոյրի մը ետեւէն,
Կրօնաւոր մը մութ աղօթք մը կը կարդար…
Յանկարծ այսպէս՝ գեղեցկուհին զուարթութեամբ մը զարհուրելի,
Իր ոսկեհիւս շղարշները լայնածաւալ.
Իր ուսերէն իր նաժիշտին ուսերուն վրայ նետելով՝
Խաղաղութեամբ մը մերկացաւ…։

Սեւ դահիճները դաշոյններով շողարձակ
Անխղճօրէն խողխողեցին եօթը կոյսերը մեր գիւղին…
Եւ երբ ամուլ գեղեցկուհին, աչուըները դէպի երկինք,
Տաշտին մէջը արձանացած՝ ոտքի վրայ կանգնեցաւ,
Հայ կոյսերուն տաք արիւնը վարդակարմիր…
Սկսաւ իր մերկ եւ անխռով ոտքերէն
Մինչեւ իրեն ամուլ արգանդը բարձրանալ…


ԴԱՇՈՅՆԸ
Մի սարսափիր, սիրելիս, եւ ոչ ալ իսկ այս նամակէս,
Եւ քնարիդ լարերուն հետ՝ հայ հողին պէս արիւնոտ,
Եղբայրութեան մեր Իտէալին ձիթենւոյ ոստերն ալ վճիտ,
Այս բոլորին բոցերէն անգամ մը եւս թող այրին…։
Մի սարսափիր, սիրելիս, եւ ոչ ալ իսկ այս նամակէս։

— Հրամանիս պէտք է անսաս դուն, մեծահարուստ հայուհի,
Ահաւասիկ որ մարմինդ աչքիս առջեւը մերկ է,
Ինչպէս վարդի թուփերը դրախտային պարտէզներուս…
Կամ ձիւնաթոյր շատրուանս, որ առաւօտէն իրիկուն,
Աւազանիս մակերեսէն, հասակիդ պէս վեր կը ցայտի…
Դուն գիտես որ ես քու տէրդ եմ եւ աստուածդ եւ արքադ,
Ունայնօրէն մի պաղատիր, հիմա որդիդ պիտի գայ,
Պէտք է անսաս հրամանիս, եթէ դժոխք ալ ղրկեմ քեզ։
Ահաւասիկ հիւրերս, որ կը հասնին մեր մօտակայ քաղաքէն,
Ահաւասիկ դրացիներ, կոչնականներ, բարեկամներ, որ այսօր,
Հրաւէրս յարգելով, հաճած են հոս բազմելու…։
Այս մեծահարուստ կնոջը գոհարատուփն ինձ բերէք…
Որպէսզի ես իմ ձեռքովս շքեղօրէն զայն զարդարեմ…
Փղոսկրէ սեղանը ատոր համար է պատրաստ,
Այստեղ բերէք գոհարատուփը, ահ, որչափ ծանր է, որչափ ծանր,
Բարեկամներ, հոս նայեցէք, ինչ հեղեղ է այս գոհարներու.
Քիչ մնաց որ ճաճանչներէն արեւն իսկ ամչնալով խաւարէր…։
Մոտեցիր, որ նախ քու դաստակներդ յանցապարտի
Ապարանջաններովդ այս մեծարժէք լուսազարդեմ…
Տես թէ ինչպէս գեղեցկացար, տես սա օղերդ սուտակէ,
Տես թէ ինչպէս ականջէդ վար իբր աստղեր վար կը հոսին։
Ձեռքերդ ինձ երկարէ, որ մատուըներդ մէկ առ մէկ
Սա զմրուխտէ, յակինթէ մատնիներովդ օղակեմ,
Ախ, կարծես թէ արդէն քու զաւակիդ արիւնն է որ յակինթներէդ
Քու մայրական ձեռքէդ ի վար ծունկիդ վրան կը հոսի…։
Չէ, աղաչանքը ես չեմ սիրեր, պէտք է անսաս հրամանիս,
Արցունքներդ քեզի պահէ, հեծեծանքիդ պէտք չունիմ։
Ահաւասիկ քառամանեակդ, որ կուրծքիդ դէմ կը շողայ,
Մահիկն ինչ է, ինչ է մահիկն ատոր քով…
Ծոծրակէդ վար մինչեւ կուրծքդ մարմարեայ,
Առուակի մը պէս անոր հուրը տես թէ ինչպէս կը սահի…
Մազերուդ մէջ պէտք է ցանեմ որչափ որ կայ սա տուփիդ մէջ
Եւ մարգարիտ եւ ակնեղէն եւ մեղեսիկ եւ շափիւղայ…
Պէտք է ըլլաս դուն այսօր հազար անգամ աւելի պերճ՝
Ինչպէս որ չէ սա երկինքն աստեղազարդ գիշերներուն…
Զարդասեղներդ ձեռքդ առ եւ վարդակալներովդ ականակուռ
Սա մազերուդ զայրոյթն, իմ աչքերէս, անմիջապէս ամփոփէ…
Մարգարտահիւս հողաթափներ կամ ոսկիէ մուճակներ,
Որը կ՚ընտրես, վերջին ժամն է քեզ անարժան այս ճոխութեան,
Զաւկիդ ճիչը քեզ յուզեց, չէ, արտասուքը քեզ կ՚արգիլեմ…
Ահաւասիկ որ բերին զայն, եթէ կ՚ուզես վերջին անգամ մը եւս,
Որպէսզի իր լացուկոծը մահէն առաջ դադրի,
Եթէ կ՚ուզես վերջին անգամ, քու կաթովդ քու զաւակդ դիեցուր…
Չէ, մի համբուրեր, երբեք համբոյր, մահէն առաջ համբոյր չի կայ,
Արժանի չէք ոչ համբոյրի, ոչ գթութեան, ոչ գորովի,
Ինչպէս որ դուն զայն ծնար, պէտք է այնպէս մահացնես…։

Ահ, կը պաղատիմ, բարեկամներ, սրտակիցներ, դրացիներ,
Տեսէք ինչպէս իր աչքերը հօրն աչքերուն պէս կը վառին.
Այս ինչ ըմբոստ նայուածք է, հոս նայեցէք, կոչնականներ,
Սա աչքերուն նայեցէք, սա բիբերուն, շանթերու պէս կը շողշողան…
Հօրն աչքերն են կարծես գերեզմանէն փայլատակող…
Ես քու հայրդ այս առաւօտ իր Դաշոյնովն սպանեցի…
Հազիւ թէ դուն ծնած օրէդ երկու գարուն ես բոլորած…
Քեզ կտակեց իր վրէժը, քեզ կտակեց, սեւ պտուղ…
Կրօնակից բարեկամներ, Մարգարէին սիրոյն համար դուք վճռեցէք,
Այս Դաշոյնը, որ ձեռքիս մէջ կը տեսնէք, որ կայծակէն դարբնուած,
Այս Դաշոյնը սա հայ կնոջ ննջարանին մէկ անկիւնէն ես գտայ…
Որու համար պահած էին այր ու կին այս մետաղն սոսկատեսիլ…
Որու համար, դուք ըսէք, անտարակոյս մեզի համար, կասկած չի կայ…

— Անտարակոյս մեզի համար, Աստուած փրկած է զմեզ, — գոռաց սրահը մոլեգին…

— Սա սեղանը, որուն վրայ գոհարատուփդ բացի,
Հայ ոճիրին քաւութեանն իբր խորան թող ծառայէ,
Եւ թագուհւոյ ճոխութենէդ կարօտդ առ, անհաւատ,
Ես իմ արդար ձեռքերովս այս բոլորը հիւրերուս մէջ պիտի բաժնեմ…
— Հազար ապրի մեր պետը, հազար ապրի, — բոլորը մէկ գոռացին։

— Ակնթարթ մը եւս ու պէտք է որ ամէնայն ինչ աւարտի…
Առ դաշոյնդ եւ խրէ զաւկիդ կուրծքին եւ կայծակի մը պէս արագ,
Կուրծքին ուղղէ, իր սրտին, որ քու սիրտդ է նոյն ատեն…
Դեռ որ յոյսին կը սպասես, որ հաւատքին, որ յարութեան,
Կուրծքին խրէ, քեզ կ՚ըսեմ. բոլորս մէկ անհամբեր
Մեր իրիկուան սուրբ աղօթքին կը սպասենք…
Ինչ կը դողաս, անօգուտ է, խրէ կուրծքին, քեզ կ՚ըսեմ…
Եւ Հայուհին իր Դաշոյնը դէպի երկինք երկու անգամ ճօճելէ վերջ՝
Զարհուրելի մռնչիւն մը արձակելով, աչքերը բաց՝ մահացաւ…
Բայց արիւնկզակ երիտասարդ մը, մեռեալ կնոջ աջ բազուկէն անմիջապէս բռնելով,
Անշնչացած մօրը ձեռքովըն այդ՝ եօթը անգամ զաւկին սիրտը հարուածեց…։


ԽԱՉԸ
Քստմնելի դրուագ մը եւս… բայց ձեռքերս կը դողդոջեն…
Աչքերուս չափ սարսափ տեսած այս խեղճ ձեռքերս կը դողդոջեն…
Բայց ներէ ինձ այսօր ալ, հին յոյսերու բարեկամս մտերիմ,
Ներէ ինծի, որ նորէն գամ ձեր թախիծը խռովել,
Անգամ մը եւս կ՚ուզեմ հայելին ըլլալ հայ արիւնին.
Քու առջեւդ զետեղուած եւ որբ ցեղիս եւ դաւաճան մարդկութեան,
Զարհուրանքներ արտացոլող հայելին բանալ ձեր առջեւ,
Թէեւ ձեռքերս սարսռան, չորցած ճիւղի մը նման…։

Եկեղեցւոյ բակին մէջն էր։
Մայր մը իրեն միակ զաւկին ի խնդիր, կոտորածի, կատաղութեան այս օրերուն,
Հեծեծելով՝ ինքն իր ձեռքով իր ծամերը կը փետտէր…։
Բայց ով էր որ պիտի լսեր այս հէք կնոջ աղերսանքին,
Ամէն հոգի իր վէրքն ունէր…։ Ամէն մայր իր մեռելին քով՝
Կտաւի մը կտորէն, ասեղն անգամ մը իր արցունքը սրբելով,
Կտաւի մը կտորէն, իրեններէն մէկուն համար սեւ պատանք մը կը կարէր…։
Ու խելացնոր այս խեղճ կինը բոլոր սրտերը գոց գտաւ,
Ժամուն մէջը, գետին ինկած, եղունգներովը չոր քարերը ճանկռտելէն,
Իր Աստուծոյն կ՚աղաղակէր. «Որդիս կ՚ուզեմ կամ մահս, որդիս կ՚ուզեմ կամ մահս»։
Մոմեր վառեց, խունկեր ծխեց եւ ակռաներ կրճտելով,
Իր զաւակը պահանջեց աղօթատան խուլ գմբէթէն…
Իր Աստուծմէն յոյսը կտրեց եւ մտածեց թշնամիէն պաղատիլ զայն…
Գնաց անոնց ոտքերն ինկաւ ես սուրերնին համբուրեց…
Իր զաւակը կը պաղատէր, իր աչքերուն, իր հոգիին փոխարէն…

Եկեղեցւոյ բակին մէջն արիւնկզակ խաժամուժ մը խռնուած էր,
Կողոպուտէ, կոտորածէ, աւերներէ ետ դարձող,
Եւ այրիներու, մեռելներու եւ որբերու վրանին տակ, բորենիի պէս շրջելով,
Եկած էին զոհերուն քով իրենց սուրերն սրբելու…

— Քու զաւակդ, — ըսին մօրը, — ատկեց դիւրին ինչ բան կայ…
Այն չէ միթէ քու որդիդ բարձրահասակ եւ հրաչուի…
Որ երեկուան կռիւին մէջ ձեզ պաշտպանել փորձելէ ետք,
Ուզեց անցնիլ ուրիշ գիւղեր, ուրիշ վայրեր փրկելու…
Քու զաւակդ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, առաւօտէն մինչեւ հիմա,
Իր զէնքերուն զօրութեանը եւ քեզ համար դեռ կ՚աղօթէ,
Անհոգ եղիր… հիմա կարգը իրեն եկաւ, ինքն ալ այսօր կ՚ազատի։

Բոլորը մէկ շուրջանակի հաւաքուեցան իրենց վճիռը տալու…
Խուլ մրմունջներ, ձեռքի շարժում, սպառնալիք, զէնքերու ձայն,
Յետո քրքիջ մը այս բոլորէն, ագռաւներու մահագուշակ կռիչին պէս,
Ծափերու հետ նոր որոշումը կատաղութեամբ ողջունեցին…
Եւ խեղճ մօրն եկան ըսին գետնէն բարեւ մը տալով անոր.

— Շապիկդ հանէ եւ մեզ տուր ու դուն այստեղ սպասէ,
Բաճկոնակդ կամ շապիկդ շուտ մը հանէ եւ մեզ տուր…
Եկեղեցւոյ բակին մէջն այս, ծաղիկներ կան վրան բանուած…
......................................................................................................
Պահ մը յետոյ, բարբարոսները, գաւիթէն դուրս խուժելով,
Արիւնթաթաւ շապիկն եկան մօրը ցոյց տալու…։
— Ըսէ, այս չէ քու շապիկդ, միայն իր գոյնն է փոխած…
Ճանչցար հոտէն, ինչ մայր ես դուն, գոնէ անգամ մը հոտոտէ զայն.
Մի բարկանար, սուրբ խորանին վրան էր որ քու զաւակդ զոհեցինք…
Ճրագներ կային հոն վառուած եւ սփռոցներ սպիտակ…
Հիմա խաչդ պիտի գծենք… բեւեռները հոս բերէք.
Ուր են մուրճերը, շտապեցէք, որ շապիկը չի չորնայ…
Ամբոխէն մին երգ մ՚երգելով, աթոռի մը վրայ ոտքի,
Աղօթատան պատին վրայ, ցնորակոծ մօրը առջեւ,
Զաւկին արեամբը թաթաւուն այդ շապիկովն քստմնելի,
Ծափերու մէջ բարձրացաւ Մեղաւոր Խաչը նկարելու…
Վրաններուն տակ դողահար, թշուառները բոլորը մէկ
Սկսան իրենց ձեռքերովն, առանց ձայնի, իրենց աչքերը փակել…
Երբ անդին մէկը, ցուցամատը գծուած խաչին ուղղելով, մօրը կ՚ըսէր.
— Ծունկի եկու եւ աղօթէ, ծունկի եկու անմիջապէս.
Քրիստոսին ինչպէս ըրիք, ասկեց աւելի մեծ սրբութիւն,
Ծունկի եկու, յիմար կին, ծունկի եկու զաւկիդ առջեւ եւ աղօթէ.
Այս բեւեռներն ու մուրճերը քեզ համար են.
Մենք պատրաստ ենք քեզ խաչելու… հաւատք ունիս դուն յարութեան…
Իսկ եթէ ոչ, ծունկի ինկիր զաւկիդ առջեւ եւ աղօթէ, յիմար կին…


ԻՐԵՆՑ ԵՐԳԸ
Ու իրենցմէ մին գոչեց, արիւնախում խուժանն այսպէս իր շուրջն հաւաքելով.
— Տեսէք, արդարներու կարաւանին սարսափն է այս ահաւասիկ,
Որ ճոխակեաց եւ թշնամի քաղաքներուն կատարներէն է որ կ՚անցնի,
Զօրքերուս զէնքերը կը վառին եւ տօնի ակռաներնին կը կրճտեն.
Ես դիակներ կը ցանեմ ստրկութեան երդիքներուն վրայ,
Իրենց անհաւատի վատութենէն յափշտակած մարմիններս են ասոնք։
Աստուած ըսաւ, որպէսզի անհաւատին հովիտները գերեզմաններու վերածեմ,
Ըսաւ, որպէսզի մանուկները սրածեմ եւ սպիտակ կոյսերը կատաղութեամբս թարշամեմ…։
Եւ ես այս օդերուն մէջ կմախքի եւ կեանքի բախումներ յօրինեցի,
Օդերուն մէջ մոխիրի եւ թռչող հոգիներու մահապար…
Օդերուն մէջ արիւնի եւ կռուփներու հարուած…։
Ու ճիչեր բզկտուած իրաններու սրտերէն…
Եւ ճարճատիւն հուրերէս փշրուող ոսկորներու,
Եւ անօգուտ օգնութեան աղաղակ, եւ արցունքի աղբիւրներ…
Եւ օդերուն մէջ, աստղերուն պէս, կտրուած գլուխներ ես սրսկեցի…
Եւ մահ տարածեցի, անծայրածիր մահ, ինչպէս են կարաւաններն սա ամպերուն…։
Ինչ հրամանի է որ դուն կը սպասես, հրամանը քուկդ է,
Զարկ, փշրէ եւ կեր եւ խմէ եւ պարէ եւ արբեցիր…
Եւ հազար անգամ զարկ եւ փշրէ, եթէ բազուկդ խոնջէնք չունի,
Անհաւատին եւ օրերը եւ ոսկիները եւ կիները եւ արեւը մերն են միայն։
Կեանքին գինին եւ երազը եւ անարդար արիւնը մեր սեմերուն առջեւ թող թափին։
Ուրիշ մը կ՚ըսէ իր մոլեգին եւ սպառազէն ձիուն.
— Արշաւէ, կրակէ ձիս, արշաւէ ահեղատրոփ.
Մի խնայեր ոչ կուրծքերուն եւ ոչ կեանքին,
Պայտերդ շանթերէն են դարբնուեր, երկինքի շանթերէն,
Ուրեմն մխրճէ սմբակներդ ստրուկներու սրտերուն մէջ,
Անոնց ազատութեան պատրանքները ցրուէ քու բոլոր թափովդ,
Եւ թող որ փրփուրները արփիափայլ ագիիդ
Մեր գործած աւերը եւ մոխիրները մեր ետեւէն լուսաւորեն։
Արշաւէ, ով ձիս, արշաւէ անխոնջօրէն եւ սրարշաւ…
Տես իմ սուրս, տես սուրս, որ բաշիդ վրան կը շողայ…
Օրհնութեան ապարօշս ես իմ գլխուս փաթթեցի…
Իմ սուրս էր որ սեւ հոգիները հնձելէն…
ճշմարիտներուն համար երկինքներուն ճամբան բացաւ…։
Հրճուէ, նժոյգս, հրճուէ, ահաւասիկ մարմարաթոյր լանջքդ առատ…
Արդարութեամբ թափել տուած արիւնէս իսկ կարմրեցաւ…։
Ուրիշ մը իր շեփորէն իրեններուն կը գոռայ.
— Մեզի համար կեանքը՝ անոնց մահը թող ըլլայ եւ կեանքն անոնց՝ մեր մահը…
Միակ օրերն են, օրհնեալ օրերն այս՝ միակ օրերը մեզ համար,
Հնչեցուցէք ձեր փողերուն հրամանն արդար,
Կը տեսնեմ որ ձեր ճակատները կը վառին,
Եւ Տաւրոսի հովիտներն անհաւատին դիակներովը լեցուն,
Ոռոգուելու համար դեռ արիւնի, արիւնի, արիւններու պէտք ունին…։
Ինչ հոգ իշխան, ինչ հոգ մեզի իշխանութիւն,
Օրէնք չի կայ։ Ուժն է միայն ստրուկներուն արքան…
Խմեցէք սա բաժակէս, թարմագեղ կոյսերուն արիւնն է այս…
Վայրկեանը կը փախչի, արդարութիւնն իր ճանապարհը կը փոխէ…
Խմեցէք սա բաժակը կոյսի մը գանկէն այս առաւօտ եմ պատրաստած…
Ինչ է ոսկին, ինչ է արծաթն, ինչ է ադամանդն ասոր քով…
Գինիներու սրբազանը լեցուցած եմ այս գանկին մէջ. խմեցէք այս բաժակէս։
Ես ծռեցայ եւ մեր գիւղին առուակներէն խմեցի զայն անյագուրդ…։

Եւ բարբարոսները՝ սեւ մտքերէն դարերուն ամենազօր եւ չարիքէն կրօնքներու,
Օրերով եւ կատաղութեամբ կոտորեցին, անասնօրէն աւերեցին, արմատներէն հնձեցին…
Մարդերուն կեանքը եւ դաշտերուն բարիքը եւ անմեղութիւնն աշխատանքին…
Ու դեռ իրենց երգը դիակներն իսկ թող հողին մէջը սարսեցնէ…
Բայց միայն ողջերն են անշարժ, սա քարերուն հետ միայն մարդերը չեն լար, միայն մարդերն անշարժ են…
Միայն գութը անգութ է, միայն գաղափարը՝ տարակուսանք, միայն հաւատքն է յիմարութիւն…։


ԿՈՅՐԸ
Ցուպին ծայրովն արեան ծարաւ ամբոխին մէջ իր ճամբան ճեղքելով,
Սպիտակով պատմուճանուած, մեռելաքայլ՝ անոնց առջեւը կանգնեցաւ.

— Ինձ նայեցէք, ես օտար չեմ, ես ալ ձեզ պէս հաւատացեալ,
Ութսունամեայ ծերունի՝ խաւարէն դուրս ես հորիզոն չունեցայ…
Փայտիս վրայ խարխափելով, աշխարհներ ալ եթէ քալեմ,
Ինծի համար կեցած տեղէս տարբերութիւն բնաւ չունի։
Ամէն վայելք ձեզ համար է, կրնաք վճռել եւ պատժել
Եւ ձեր զոհը ձեր ձեռքովն իսկ դուք կարող էք մորթազերծել…
Ինչ որ օրէնքը կը հրամայէ արդարութեան այս օրերուն։
Չեմ գիտեր թէ ինչպէս է կերպարանքն իսկ անհաւատին,
Որ հրէշին, որ զեռունին, որ սեւ օձին կը նմանի,
Որչափ կ՚ուզեմ ձեռքերովս գոնէ մեռել մը շօշափել…
Մոխիրներուն հոտը առի, հազար ապրիք, օրհնեալներ,
Քալած պահուս մուճակներս յանկարծ հողին կը կպչին…
Ես գիտեմ թէ ինչ է այդ… արդէն հոտէն կը ճանչնամ,
Բայց մեղաւորին այդ արիւնը որչափ տաք է, ճամբաներէն կարծես կրակ կը հոսի…

Ինծի ըսին, թէ դուք արդէն անոնց տուներն ամբողջովին այրեցիք…
Յետին դաշտն ալ, յետին գոմն ալ, խրճիթներուն հետ եւ գիւղերուն ու քաղաքին…
Բայց ես ինչպէս վայելեմ ծնած օրէս այս քարացած կոպերովս,
Միայն ականջս է երջանիկ, փառք Աստուծոյ, որ գոնէ
Ութ օրէ ի վեր կ՚իմանամ հոգեվարքի, հեծեծանքի աղաղակներն,
Որ ստապաշտ բերաններէն, ձմրան ծովուն մրրկին պէս…
Շնորհիւ ձեր յաղթութեան, մեր քաղքին մէջ բարձրացաւ.
Միայն ականջս է երջանիկ, մնացեալն ինձ ցնորք է…
Որչափ կ՚ուզեմ ես ալ ձեզ պէս սուր մ՚ունենալ եւ շարժել զայն.
Մանուկներուն, մերկ կիներուն, ինձ տարեկից ծերերուն մէջ
Որչափ կ՚ուզեմ սուր մը շարժել եւ եղէգի պէս հնձել զանոնք…։
Ամէն վայելք ձեզ համար է, միայն ես եմ որ կուրութեանս մէջ լողալով,
Ես ինքզինքս իսկ անկարող եմ գոնէ րոպէ մը դիտելու։
Աղբիւր չի կայ այս կողմերն, որ աչքերս քիչ մը լուամ,
Բարկութենէս աչուըներս բացուիլ կ՚ուզեն. տեսնել կ՚ուզեմ, տեսնել կ՚ուզեմ…
Ուր էք դիզած դիակները… եթէ զաւակս այստեղ ըլլար,
Անտարակոյս իր ծերունի հօրը վրան պիտի գթար,
Բայց անցեալ օր ես զինքը՝ ոտքէն գլուխ զինել տալով,
Օրհնութեամբս օծելէ ետք՝ սուրբ կռիւին ղրկեցի,
Չի կայ ձեր մէջ, հազարներ էք, բարեկամ մը, դրացի մը, որ այսօր,
Իր դաշոյնը ձեռքիս մէջը դնելով՝ խարտեաշ աղջիկ մը ինձ յանձնէր…
Ես ալ կ՚ուզեմ բարիքին մէջ բաժին առնել, կոյր ըլլալս պատճառ մը չէ…
Որ սուրբ օրէնքն անարգելով՝ արքայութենէս ալ զրկուիմ,
Խարտեաշ աղջիկ մը ինձ բերէք, որուն մարմինը թարմ ըլլայ,
Աղաւնիի մսին նման… իմ ձեռքերս դեռ անվարժ են…
Խարտեաշ աղջիկ մը, լսող չի կայ, եւ դաշոյն մը աջ ձեռքիս…։

Պահ մը յետոյ երիտասարդ մը, հայ կոյսի մը ծամէն բռնած,
Կոյր հրէշին ակնածանքով մը մօտենալով, եկաւ ըսաւ.
— Զաւակդ իմ բարեկամս է եւ հայրս ալ քեզ հին ծանօթ,
Թերեւս դուն իմ ձայնէս կարենաս զիս գուշակել…
ժամանակով ես Սուրբ գիրքէն ընթերցումներ ըրած եմ քեզ…
Այս աղջիկն ես ինձ համար ընտրած էի սա մօտակայ գիւղերէն,
Բայց հաւատքի դեռ չեկաւ ու կը մերժէ իմ կինս ըլլալ…
Եւ աչքերէն ես կը սոսկամ, կրնայ օր մը, գիշեր ատեն, անկողնիս մէջ զիս խեղդել…
Հազար ափսոս որ կոյր ես, բայց ձեռքերովդ իր մարմինը նախ շօշափէ,
Տես իր ձեւերն մանկամարդի, մտրուկի մը պէս դեռ կրակոտ,
Ահաւասիկ քու առջեւդ է մարգագետնին վրայ մերկ,
Ծունկի նստէ ճիշտ այդտեղ, ահա այդպէս, ծալապատիկ. հանգիստ ես հոդ,
Աջ ձեռքդ ինձ երկարէ, ահաւասիկ դաշոյնս, ահ, կը տեսնեմ, որ անվարժ ես,
Չէ, այդպէս չէ, որ կը բռնեն, բթամատդ բունին վրայ,
Բոլոր ուժովը բազուկիդ, մէկ հարուածը, ես կը յուսամ, պիտի բաւէ
Երբ մերկ մարմինն աղջկան, ալիքի մը պէս կատաղի, մարգին վրայ կը փրփրէր…
Յանկարծօրէն կարմիր ձեռքեր զայն բռնեցին, որբ կարապին ճերմակ թռիչն այդ՝ հողին գամող,
Եւ լաչակովն իր սգաւորի անոր կապոյտ նայուածքները կապելով,
Ձեռք մըն ալ եկաւ, բերնին վրայ, կոյսին ճիչերն կոկորդին մէջ մեռցնելու…
Եւ ծերունին թեզանիքներն վեր թրջելէն, խռպոտ ձայնով մը ըսաւ.
— Հազար ապրիք։ Կարծեմ թէ ես պատրաստ եմ; Արդեօք դաշոյնս կը դողայ…։
Սիրտը ուր է, զաւակներս, որչափ կ՚ուզեմ սրտին ուղղել, ուր է սիրտն այս աղջկան…

— Սպասէ, որ ձեռքդ ճշտեմ, ահաւասիկ, ձախ ստինքէն քիչ մը վար…
.................................................................................................................
Եւ աստուածային արիւնն անտիրական հայ աղջկան,
Բոցավառուած ծաղիկներու փունջի մը պէս,
Երբ իր սրտէն դէպի դէմքը դժոխածին ծերունիին ժայթքեցաւ,
Թշուառական ութսունամեան ոտքի ելած՝ ամբոխին մէջ աղաղակեց.
— Ախ, կարծեմ թէ լուսը տեսայ, ես այսօր իսկ լոյսը տեսայ…
Կարծես կոպերս կը բացուին. մեռաւ աղջիկը, շուտ ըսէք,
Իմ քարացած աչուըներուս սեւ թաղանթն անօսրացաւ…
Ահաւասիկ թէ ինչ է բարիքը. զաւակներս, արդեօք լոյսն էր, որ տեսայ…։


ԹԹԵՆԻՆ
Ու ինչպիսի անողոք մխիթարութեան մը համար էր որ,
Ձեռքերնուս մէջ ձեզմէ հասած քանի մը ծրար ցնցոտիներ,
Երկու ընկեր մեռած գիւղէ մը ուրիշ գիւղ մը կը քալէինք…
Երբ ճամբուն վրայ պատահեցանք ծեր կնոջ մը կորաքամակ,
Որ հացի պարկ մը ուսէն կախ եւ ցուպի մը վրայ յենած
Եկաւ մեզի, իր ցաւին հետ, դանդաղութեամբ մը մօտեցաւ։

— Առաւօտէն մինչեւ հիմա մինաւորիկ կը թափառիմ,
Այրած տանս մոխիրները փնտռելու…
Ութ օր եղաւ որ մեր գիւղը դրացիներն աւերեցին,
Իմ մեծ որդիս կռիւին մէջ իբր կտրիճ մեռաւ, ըսին.
Բայց վերջին լոգանքն ես ըրի առուակի մը ջրերէն…
Եւ հին օրերու դրացի, բայց այսօրուան թշնամիներ,
Ծերութեանս, աղերսանքիս, արցունքներուս գթալով,
Բարեկամներու նման — ալ բարեկամ չէր մնացեր — ելան եկան,
Նարնջենիի այգիի մը մէջ, օր մը յետոյ, անոր դիակը թաղելու…
Աչքերուս մէջն արցունք չի մնաց, որ
Հոգեհատոր թոռնիկիս մահը՝ նստած ես լայի…
Ութ օր է որ խենթի մը պէս վրանէ վրան կը շրջիմ…
Ոչ քուն ունիմ, ոչ արթուն, միայն զինքը կ՚երազեմ…
Թող աշխարհս քանդէին, բայց թոռնիկս ինծի մնար…
Թոռանս տեղը զիս մեռցուցէք, զիս մեռցուցէք, գոռացի, լսող չեղաւ…
Աղաչանքիս լսող չեղաւ… եւ կիսամեռ, պատանին…
Դիակներու սահմանուած սայլին մէջը նետելով՝
Վանքին ճամբէն հեռացուցին, ախ իր աչքերը, իր աչքերը դեռ կը տեսնեմ…
Երկար ատեն աչքերը բաց, հոգին տալով, ինձ նայեցաւ,
Սայլին ձայնը դեռ կ՚իմանամ, ճռնչելով կը թաւալի…

Զարհուրելի հեծկլտուք մը կնոջ մարմինը ցնցեց,
Բայց իր արցունքը կուլ տալով, ինձ նայելէն, դեռ ըսաւ.

— Ալ տուն չի կայ, տնուոր չի կայ, մահուանս հետ մինակ եմ,
Պէտք էր տեսնել իմ տնակս, ինչ բարիքի օճախ էր…
Գառնուկներուս, հաւերուս եւ աքաղաղիս հետ ճերմակ,
Բոլորը մէկ, բոլորը մէկ գոմին մէջն այրուեցան…
Աշնան համար, ամբարիս մէջ, ափ մը ցորեն ունէի
Եւ երդիքիս կտուրին տակ մեղուներու երկու փեթակ,
Այս բոլորը, օրուան մը մէջ, մեր գիւղին հետ վառեցին…։
Բուխերիկս շինուած օրէն ամէն առտու կը մխար…
Ինչ կ՚ուզէին այս բոլորէն, ինչ կ՚ուզէին, դուք ըսէք…
Աջ կողմերնիդ նայեցէք, ահաւասիկ աւերակը տնակիս.
Տեսէք աղբիւրս, որ քարուքանդ պատին տակէն առու կազմած…
Ծաղիկներուս փոխարէն, մոխիրներս ջրել կ՚երթայ…
Բայց այս բոլորը թոռնիկիս քով ինչ կ՚արժեն…
Ահ, երկու քարեր տուէք ինծի, որ ձեռքս առած գլխուս զարնեմ…
Թթենիս ալ կտրտեր են, մահը գլխուս, թթենիս ալ կտրտեր են.
Վախ, իր յիշատակն, հասակին պէս աչքիս առջեւ կը բարձրանար,
Եօթը տարին նոր բոլորեց, եւ ես արդէն իր շուքին տակ…
Գրկիս մէջ թոռնիկս առած իրեն օրերը կ՚երգէի…
Թթենիս ալ կտրտեր են, հոս նայեցէք, իր արմատէն թթենիս ալ սղոցեր են։
Դիակներուն սայլը ուր է, դիակներուն սայլը ուր է, ես իր ճռինչը կ՚իմանամ…
Ես ալ կ՚ուզեմ մէջը նետուիլ, թոռանս քով, սայլին մէջը դեռ տեղ մը կար…
Տեսարանն ահաւոր էր։ Թշուառ կինը թթենիին սղոցուած ճիւղին փաթթուած…
Գետին ինկաւ…։ Ես չի կրցայ իմ հեծեծանքս զսպել…
Մինչ՝ մոխիրներու եւ մահերու տանթէական ճանապարհին՝
Ինձ ուղեկից ընկերուհիս մանկան մը պէս սկսաւ լալ…։


ԽԵՂԴԱՄԱՀ
Ու գետնափոր նկուղին մէջ քառասուն անձ՝
Արջառներու սարսափահար հօտի մը պէս,
Որ աւազահողմին հարուածներէն կը հալածուի,
Մահուան դիմաց դողահար եւ մէկզմէկ ջախջախելով,
Չորս պատերուն մէջը խաւարչտին՝ խռնուեցանք…։
Ապառաժի լռութիւն մը իր սարսափովը կը ծանրանար,
Շշուկ չի կար, շնչող չի կար, շրթունքները փակ էին,
Եւ ամէնուս նայուածքները քստմնելի եւ դիւային,
Մէկզմէկու վրայ յառած՝ մէկզմէկու մահ կ՚ուզէին…։
Արեւծագէ մը մինչ արեւծագըն յաջորդ,
Այսպէս անձայն եւ անօթի, գերեզմանի քարերուն պէս՝
Մենք մեր մարմնոյն վրայ, մեր սարսափն երկաթեցինք…
Ու մեր թաքուն կատաղանքն եւ կարօտը կոտորելու մտածումով՝
Մեզմէ շատերն սկսան մոլեգնօրէն իրենց մատները կրծոտել…
Եւ ապառաժեայ լռութիւնը անհունին պէս մեր աչքերուն կ՚երկարէր…։
Բայց արեւին տակ՝ հազարաւոր անասնադէմ բարբարոսներ՝
Բերրի դաշտերն ու գիւղերն աւերելէ դեռ չի յոգնած,
Մեր թաքստոցը փնտռելով՝ մեր մահը դեռ կ՚ուզէին…։
Եւ գետնափորի մութերուն մէջը մահացնոր
Մենք սարսափով, սարսափով, սարսափով է որ լսեցինք
Հրազէնի, նիզակներու, սուիններու եւ սուրերու
Կայծակնապար շառաչիւնն, որ արեւին տակ կը վառէր…
Ու դիակներ, դիակներ մեր նկուղին երդիքներուն վրայ,
Արմատախիլ ծառերու պէս, սրսփանքով վար կ՚իյնային,
Հոգեվարքի հռնդիւններ՝ մերթ ամեհի եւ մերթ խուլ՝
Պատերէն ներս, նկուղին մէջ կու գային մեզ ցնորել։
Եւ հողապատ ձեղունէն, որ մեր վրան դագաղի մը պէս կը փակուէր,
Վերը հոսող տաք արիւնը յորդառատ՝ ծակտիքներէն վար սուզուելով…
Սկսաւ ալ կաթիլ կաթիլ մեր դէմքերուն վրան ծորիլ…։
Բայց նորածին մը նորէն սուր ճիչով մը սկսաւ լալ.
Մեր դաւաճանն անտարակոյս այդ անմեղը պիտի ըլլար.
Որոշման մը, եղեռնի մը, ոճիրի մը յոյսը միայն կար մեզի,
Երբ իր մայրն հեծեծանքով մը, ալ վերջապէս փսփսաց.

— Աստուած մեզի թող գթայ, ստինքներս պարապ են.
Ալ կաթիլ մը կաթ չունիմ. մինչեւ արիւնս ծծել տուի…։
Ալ կաթիլ մը կաթ չունիմ, ինչ որ կ՚ուզէք, վճռեցէք…
— Պէտք է խեղդել, — ըսաւ մէկը իր բազուկն բարկութեամբ մը երկարելով։
— Պէտք է խեղդել…— փսփսացինք քառասուն անձ նոյն ատեն…
— Նախ եւ առաջ զիս խեղդեցէք եւ յետոյ իմ զաւակս…
— Ձայնը առին, տանիքն արդէն բրիչներով կը փորեն…
— Բոլորս մէկ մատնուեցանք, արդէն տանիքը կը փորեն…
— Արդէն հողը վար կը թափի, լոյսն արդէն կ՚երեւայ…
— Կը պաղատիմ, խեղդեցէք զիս. ահաւասիկ իմ կոկորդս եւ կոկորդն իմ զաւակիս…

Ու հայ մայրն իր վզին հետ զաւկին վիզը մութին մէջէն մեզ երկարեց…
Խաւարին մէջ երկու բազուկ օձերու պէս գալարուելէն,
Մանկան վիզը գտնելով՝ ահեղութեամբ մը զայն սեղմեցին…։
Լռութիւնն այս անգամ նկուղին մէջ մրրիկ մ՚էր։
Ես րոպէ մը կարծեցի, որ բոլորս մէկ արժանապէս մահացանք…։
Պահ մը յետոյ խաբուած մարդու հայհուչներով տղմաթաթաւ,
Զգացինք, որ արիւնախում խուժանը յուսահատած կը հեռանար…։
Փրկութիւն էր մեզի համար։ Ստրուկները կը փրկուին։ Այսպէս պէտք է փրկուիլ…. ։

Ու ամէն օր այդ խեղճ կինը կիսամերկ՝ ճամբաներուն վրայ կեցած,
Անծանօթին, անցորդին, թշնամիին եւ օտարին
—Քղանցքներուն փաթթուելով խենթի մը պէս կ՚աղաղակէ.

— Սա ձեռքերս կը տեսնէք, կտեսնէք սա ձեռքերս,
Ես էի որ ասոնցմով, նկուղին մէջ, իմ նորածինս խեղդեցի…
Հաւատացէք, ես էի որ զայն խեդդեցի, ինչ անարդար մարդեր էք,
Դուք ալ գոնէ զիս խեղդեցէք, իմ ձեռքերս անզօր են.
Ես էի որ նորածինս նկուղին մէջ բոլոր ուժովս խեղդեցի…
Սիրտ չունիք դուք, խեդդեցէք զիս, իմ ձեռքերս ալ ուժ չունին…։


ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ
— Քաղաքին մուտքն այս առաւօտ պէտք է բանալ,
Պատուարներն ու պատնէշներն ետ շրջելով,
Պէտք է բոլոր սգաւորներն, այրիներն ու որբերն արտասուաթոր
Մեր սէրերուն եւ սուրերուն ապաստանին…
Պէտք է քալել դեռ գիւղէ գիւղ, փլատակէ փլատակ
Ու եղբայրական ձեռքերով՝ ժպիտներով յուսատու,
Ի մի խմբել անօգնական գիւղացիներն ցաւակոծ,
Կռուի կոչել եւ հաւատքի մը զօրութեամբը զրահել զանոնք.
Կեանքը սիրելն արդէն յաղթանակին միակ քայլն է։
Բոլոր անոնք, որոնք չունին շէկ կտոր մը երկաթի,
Կամ բազուկներ բարկաշարժ կատաղութեամբ զարնելու,
Թող խումբ առ խումբ մեր սեմերէն ներս մտնեն…
Չոք—Մարզուանն հարուստ է կրակներով եւ կտրիճով…
Պատուարներն ու պատնէշներն ետ շրջեցէք…
Ահաւասիկ փախստականներն մահատեսիլ՝ կը հասնին…
Ահ, ինչ աղիողորմ ու ցաւագին կարաւան,
Մարմիններ կան, որ թեւ չունին…
Եւ իրաններ, առանց ծունկի, փորի վրայ զարհուրանքով մը կը սողան…
Եւ ջախջախուած ծնօտներով ծերունիներ, «օգնութիւն մեզ» կ՚աղաղակեն,
Անտիրական հարիւր գիւղէ տեսէք՝ ինչպէս մեզ կը հասնին…
Տեսէք հարսներն ու կոյսերը հպումներէ ամօթահար…
Տեսէք մայրերն, որոնց անքայլ որդիներն մատղաշ՝
Սուրի դժխեմ հարուածներով իրենց ծունկին վրան իսկ
Կացիններով կոտորուեցան…
Բոլորդ մէկ ներս մտէք, դեռ թշնամին չի հասած,
Բայց արցունքներն այս օրերուն համար չեն…
Պէտք է զինուիք ամէն բանով, կայծքարերով կամ բահերով.
Գերանդին ալ, բրիչն ալ եւ երկար կոթն արօրին
Կրնան զմեզ յաղթանակին մօտեցնել։
Ես չեմ ուզեր լացի ձայներ հոս իմանալ,
Յուսահատներն թող հանդարտին եւ համբոյրներ խիզախներուն…
Բաւական է որչափ որ մուրացիկներու նման,
Այս բոլորին առջեւը, ձեռքերնիս բաց, ծնրադիր
Պաղատեցանք, սիրտ կոծեցինք մեր աչքերը փորելէն…։
Ինչ որ տեսանք այս օրերս, դարերն իսկ չեն տեսած,
Եւ ոչ ալ իսկ պատմութիւնն հին բարբարոս օրերու
Դեռ չէ կրցեր արիւնծարաւ այս ահաւոր մարդկութեան
Ճակտին վրայ ու հոգւոյն մէջ
Այսչափ արիւն, այսչափ ոսկոր հեղեղել…
Մեր վճիռը վճիռ է. եղբայրութեան մեր կոչերը սրտառատ
Թշնամիներն քրքիջներով ընդունեցին…։
Այսուհետեւ, հաւատացէք. մեր վճիռը վճիռ է.
Երկու հարիւր երիտասարդ ձեր վշտերովն սպառազէն,
Ձեր բոլորին ճակատագիրը մահէն ի կեանք պիտի ուղղեն,
Չոք—Մարզուանն եօթն օրէ ի վեր շարունակ
Առանց ջուրի սեւ ծարաւէ մը կը ծիւրէր…
Աղբիւրները ափերնուս մէջ Հայ արիւնը հոսեցուցին.
Եւ նարնջենիի դաշտերէն, կայծակներուն պէս փախչող,
Առուակներուն ադամանդեայ ուղղութիւնն
Թշնամիներն դէպ արեւելք դարձուցին…։
Բայց կռիւով մը մենք խլեցինք վերջապէս գետի մը վազքէն յորդառատ՝
Առու մը ջուր, որուն վրայ հազարաւոր պապակածներ,
Իրենց գլուխը հակած, տեսէք ինչպէս անկեց կ՚ըմպեն…։
Եօթն օր է որ սա ծառերուն տերեւները ծծելէն,
Մեր լզուները քիմքերնուս հետ արիւնեցան…
Եօթն օր է որ չոր հացի տեղ մոխրէն շաղուած խմոր կերանք,
Եօթն օր է որ արշալոյսէն մինչ իրիկուն եւ վերջալոյսէն առաւօտ,
Պատնէշներուն վրայ ոտքի՝ չորս կողմերէն թշնամիներն ետ մղեցինք,
Որովհետեւ եւ ոչ մէկ կոչ եղբայրութեան, ոչ մէկ հրաւէր զինադուլի
Դեռ չի կրցան այս դժբախտներուն երկաթ մրրիկը կասցենել…։
Ու մարմինը հաշտութեան պատգամատար մեր ռազմիկին,
Դաշոյններով, կատաղութեամբ խոցոտուած
Ու խաղաղութեան իր ճերմակ դրօշն իբրեւ պատանք,
Առաւօտ մը իբր ընծայ, ետ ղրկեցին…։
Եօթն օր է որ մոլեգնօրէն գրոհ կու տան մեր վրայ
Ու միմիայն անգիտակից եւ ողբալի զոհեր տալով կը նահանջեն…
Բայց ինչ է կամքը եւ կորովը այդ վատոգի ոհմակին,
Որ Գաղափարի եւ Գեղեցկութեան համար չէ որ կը շարժի,
Այս երկբայելի եւ չի հասկցուած կրօնքներու ժանտին համար կը մռնչէ
Կամ գողութեան, կողոպուտի եւ աւերի իր վաղանցուկ յոյսերուն…։

Բոլոր պղինձն, բոլոր կապարն, բոլոր թիթեղն եւ արոյրն այս քաղաքին
Հնոցներու մէջ հրավառ, մեր կիներն քաջարի, գնդակներու, սուիններու վերածեցին։
Ամէն ոք իր զէնքերն կրակի պէս թող ձեռքն առնէ,
Ահաւասիկ որ ծովուն պէս դէպի զմեզ կ՚ալեծփին,
Մեր րոպէները դարեր կ՚արժեն, դարեր կ՚արժեն։
Կրակեցէք, կրակեցէք, հեռուներէն Յոյսը մեզի կը նայի…
Ինչպէս ըսին. այս առաւօտ իրենց թիւն է յիսուն հազար…
Պատնէշները բարձրացէք եւ հարաւէն եւ հիւսիսէն,
Տարերային տարափներով կրակեցէք անխնայ, այլեւս մեր խիղճն հանդարտ է.
Մեր հոգիներն ըմբոստ՝ մեր հայրենիքն հողակոյտ, մեր ապագան աղիտաւոր,
Այլ ցեցերն են եւ ցեխակոյտն այսչափ ատեն մեր երազած Եղբայրութեան…։
Ապարօշին ուղղեցէք, այն որ ձեռքը դրօշ մ՚ունի եւ ձիու մը վրայ բազմած,
Քարոզներովն իր կարմիր՝ խեղճ խուժանը խենթեցուց…։
Ապարօշին, ապարօշին… ահաւասիկ որ ուղեղն իր ուսին վրայ կը հոսի.
Դրօշին հետ իր դիակն երիվարէն վար ինկաւ…
Կրակեցէք, որ խեղճ խուժանը նահանջէ, կրակեցէք մինչեւ որ
Ծովուն վրայ քնացող ռազմանաւերն օտար
Արդարութեան անդնդախոր իրենց քունէն թերեւս րոպէ մը արթննան…։
Կրակեցէք, իրենց խուճապն սկսաւ, դիակները կոխոտելով կը փախչին…
Կրակեցէք, կրակեցէք… բայց… բայց… ես արդէն կը մեռնիմ…
Ես իմ սրտէս զարնուեցայ… իմ մարմինս ձեզի պատնէշ…
Յաղթանակը մեզի է, կրակեցէք, Աստեղաբիբ Եղբայրներ…։

19Օ9