ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀԵՐ

ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀԵՐ

Արիւնը եւ եղբայրակցութիւնը ամենամեծ ուժերն են։

ԷՍՔԻԼԷՍ


ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԵՍԻԼՔ

Կոտորած, կոտորած, կոտորած…
Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դուրս,
Եւ բարբարոսներն արիւններով կը դառնան,
Մեռելներուն ու ոգեվարներուն վրայէն,
Ագռաւներու բազմութիւններ կ՚անցնին վերերէն,
Արիւնոտ բերաններով ու գինովի քրքիջներով…
Ցամաքահով մը կիսամեռները զայրոյթով կը խեղդէ,
Ու պառաւներու անձայն կարաւաններ
Շտապով կը փախչին լայն ճամբաներէն…։
Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ,
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած՝
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
Փողոցներուն մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ
Եւ ամբոխներ անպատմելի սրածութենէ դարձող,
Արեւադարձային տաքութիւն մը կը բարձրանայ
Հրդեհի տրուած ազնուական քաղաքներէն…
Ու մարմարի ծանրութիւնով իջնող ձիւնին տակ
Աւերակներուն եւ մեռելներուն մենութիւնը կը մսի.
Օ, մտիկ ըրէք սա սայլերուն ճռնչիւնն ահաւոր,
Իրենց վրայ դիգուած դիակներուն տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը դէպի համայնափոսերը կ՚երկարին.
Մտիկ ըրէք հոգեվարքներուն ձայները վերջին,
Հովին հարուածներուն մէջ, որ ծառերը կը ջարդէ,
Օ, մի մօտենաք, մի մօտենաք, մի մօտենաք,
Չըլլայ որ մօտենաք գերեզմանոցներուն եւ ծովուն,
Կարմիր ջուրերուն վրայ նաւեր կը նշմարեմ հեռուն,
Մեռելներու կուտակումներ անոնց մէջ կան,
Ու ցաւէն գալարուող ալիքներուն վրայ
Գանկեր ու սրունքներ ինծի կ՚երեւան…

Մտիկ ըրէք, մտիկ ըրէք, մտիկ ըրէք
Փոթորիկին գոչը ծովուն ալիքներուն մէջ,
Կոտորած, կոտորած, կոտորած…
Մտիկ ըրէք, մտիկ ըրէք, մտիկ ըրէք
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ, պատուհանները փակեցէք ու աչքերնիդ ալ,
Կոտորած, կոտորած, կոտորած…։


ԱՒԵՐՈՒՄԻ ԳԻՇԵՐ
Բոլոր վիրաւոր ու մահաբաղձ հոգիներն այս իրիկուն,
Վերջալոյսին մոխիրներուն վրայ յուսահատօրէն հակած՝
Իրենց սարսափն ու վերահաս աղէտքը կու լան…
Ու ցաւերէ անմխիթար մայրեր,
Երիտասարդ ու շքեղ հսկաներու համար,
Իրենց խելակորոյս գլուխները դագաղներու բախելէն,
Յաւիտենական ու վաղաժամ կորուստը կ՚արիւնուին…
Օ, իրիկուն ու գերեզման, գերեզման այս բոլորին,
Ու արիւն ու մոխիր ու արցունք մեր անզօր հոգիներուն համար…։
Ահաբեկեալ քաղաքին լոյսերն աչուըներու նման կը կուրնան,
Ու տուներուն եւ հոգիներուն խորը, վտանգին եւ գիշերին զարհուրանքը կ՚ալեկոծուի…
Մեռելասպաս սենեակներու մէջ ծեր կիներ,
Ճակատագրին անողորմ ժամերէն դողդոջուն,
Աճապարանքով մարտիրոսուած հերոսներու մարմինները կը պատանքեն…
Մինչդեռ հեռուներէն աղեխարշ ձայներ մեզի կը պաղատին՝
«Եղբայրներ, ընկերներ, օ, օգնութեան հասէք, բազուկներ կարկառեցէք,
Որովհետեւ այս գիշեր, ատելութեան եւ աւերումի գիշեր,
Սրածումներու անարդար շեփորը քաղքին վրայ նորէն պիտի հնչէ…»։
Ու ձայները կը խեղդուին ու ձայները կու լան ու ձայները կը մեռնին…։
Կեանքէն դատապարտեալ ու մեռելաստուեր որբեր
Խելայեղօրէն գերեզմանուած մայրեր կը փնտռեն,
Ու աղէտաբեր մահազանգեր հրդեհուող գմբէթներու կատարներէն
Կիսամեռներուն ու մաքառողներուն վրայ անողորմաբար կը մրրկուին…
Եւ օրօրոցներու մէջէն պայծառ ու սրտակեղեք անմեղութիւններ,
Հեռաւոր աստղերուն մայրութիւնը նկատելէն,
Ինքզինքնին եւ իրենց շուրջը երկաթուող եղեռնը կ՚անգիտանան…
Ուրիշներ, իրենց երազին մէջ, Ազատութեան բացաստաններէն կ՚անցնին,
Յոյսին Շուշանները քաղելէն եւ մէկ մէկու գորովագութ ժպտելով…
Ուրիշներ, աստուածային ջուրերուն առջեւ եւ ապահովութեան ապառաժներուն կռթնած,
Երջանկօրէն, կենդանարար Արեգակին ծննդեանը կը սպասեն…։
Ուրիշներ, բարօրութեան արծաթեայ քնարը ձեռուընին,
Ու ծաղիկներ իրենց կոյսի մազերուն մէջ եւ կուրծքերուն վրայ,
Կեանքին փառքը եւ ապրելու Գեղեցկութիւնը կ՚երգեն…
Ուրիշներ, կարօտակէզ՝ Փրկութեան ձեռքերը համբուրելու կը վազեն…
Ու շատեր ծառերուն ու հովերուն գալարումները կ՚ունկնդրեն,
Անոնց մէջէն օգնութեան հասնող բազուկներ եւ շունչեր անրջելով…
Բայց, աւաղ, երազները կը մեռնին, երազները կը մոխրանան,
Եւ եղեռնական կէս գիշերը եւ ոսկորէ Մահը երկինքներէն վար թաւալող գերեզմանոցի մը նման…
Քարուքանդ քաղաքին ու մենաւոր ու մարտիրոս հոգիիս վրան կը շրջին…։


ԹԱՂՈՒՄ
Յուսահատօրէն ու պանդխտօրէն անտառը վերադարձայ
Իմ վախճանած բարեկամս համբուրելու համար,
Ու բոլոր եղնիկներուն ու կարապներուն հետ,
Որ լիճերուն ու հոգիիս տխրութիւնը կը հասկնան,
Թաղումը ըրինք բարեկամիս, ձմրան կէս գիշերի մը մէջէն…
Օ, իր մարմինը որչափ ծանր էր իմ՝ կեանքէն յոգնած ուսերուս համար,
Ու Մահը որչափ հեռու իմ այլաբաղձութիւնով իրեն կարկառուող տղու աչքերէս…
Աստուածային ու անբասիր կարապները թաղումը տօնեցին,
Ու ես եղնիկներուն հետ տաժանագինօրէն գերեզմանը փորեցի,
Անտառին բոլոր ծառերը յուղարկաւորներ եղան…
Ու մահուան հովը՝ անոնց անծանօթ ու երկաթեայ բուրվառը…
Ու մօտաւոր ու հեռաւոր քաղաքներուն բոլոր մահազանգերը նուիրական,
Երկարօրեն, մահագուժօրեն ու բարեպաշտօրէն,
Արեւէն այրի ու ամայի գիշերին մէջ ըսին թէ՝
Բարեկամ մը անտառներու եղնիկներուն ու լիճերու կարապներուն
Ու երկայն ու ահաւոր ծառերուն ու հովերուն հետ,
Երկիւղածութիւնով իր բարեկամը կը թաղէ։
Գիտէք թէ հեռաւոր ու մօտաւոր քաղաքները բոլոր
Օրերուն ու մարդերուն ոճիրներէն քանդուեցան,
Կարապներն ու խարտեաշ եղնիկները հովերուն մէջ խեղդուեցան…
Զանգակներ հին եկեղեցիներու փառքերուն հետ լռեցին,
Բայց իմ հոգիս, բայց իմ սգաւոր հոգիս,
Այս բոլորին թաղումներէն ու մահացումներէն վիրաւոր՝
Անտառներուն սարսափին մէջը բանտարկուած մնաց…


ԱՐԻՒՆ
Տժգունօրէն յոյսին բոլոր շուշանները թափեցան
Օրերուն անգթութեան մարմարներէն ի վար,
Մահագուժօրէն եւ անդադար,
Եւ արբշիռ, եւ ուխտուած հոգիներն այլեւս հանեցին
Իրենց յաղթանակի եւ երազի վերարկուն երկար,
Գերեզմանուող իրիկուններուն հետ,
Եւ աւերումի համայնապատկերին դիմաց։
Գարուններուն խենթեցնող գեղեցկութեանը տեղ
Տրտմութեան երկաթէ ձիւն մըն է որ կը հոսի
Մեր բոլորին անմխիթար որբութեանը վրայ,
Ու կարծեմ արհաւրալից ու քինայոյզ ջուլհակներ
Հեռաւոր ու մթին արուարձանի մը մէջ այսօր,
Աճապարանքով, բոլորը մէկէն,
Մեր սեւ օրերուն խոնաւ պատանքը կը հիւսեն…
Մինչդեռ անագորոյն եւ անարեւ հոկտեմբերներ,
Սառած լուսնկային հետ մինակ,
Տարիներէ ի վեր, ամէն գիշեր, ամէն գիշեր,
Կեանքին անյուսութիւնը կ՚անձրեւեն մեր վրայ։
Աւաղ, առաջ արշալոյս մը կար, որ քաղցրութեամբ կը ծագէր,
Եւ իմ յաւիտենական երազս երջանկօրէն
Անկեց ինծի՝ մտածումիս համար ծաղկադաշտեր կը յօրինէր
Եւ պսակներ իմ բաց ճակատիս եւ քնարիս մանկական.
Աւաղ, առաջ արշալոյս մը կար, որ բուրաստանի մը նման կը ծաղկէր,
Երբ անմեղութեան աւազանը հայելին էր իմ հոգիիս,
Երբ լիճերուն եղէգներն իմ շունչիս մէջէն խաղաղութիւնը կ՚երգէին…
Երբ մայրական Յոյսին ստինքները յափրացումն էին շրթունքներուս,
Երբ ադամանդէ լուսնկան առաքեալս էր եւ մտածումս ահագին։
Եւ կապոյտ խորութիւնն անրջային ջուրերուն
Աստուածային ապարանքն էր իմ դողդոջուն եւ պատանի ստուերիս…
Բայց այսօր, բայց այսօր, ես այս ամէնուն առջեւէն
Սարսափահար եւ աչուըներս փակած կը փախչիմ…
Վասնզի գիտեմ որ բոլոր արշալոյսները նուիրական հողին,
Տարիներէ ի վեր, մեր արիւնէն են կարմիր…


ԱՓ ՄԸ ՄՈԽԻՐ, ՀԱՅՐԵՆԻ ՏՈՒՆ
Ա
Աւաղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի…։

Բ
Արցունքով, արցունքով լսեցի որ աւերակ առ աւերակ
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի…
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։

Գ
Ու մոխրացաւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր…

Դ
Փշրեցաւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին…։

Ե
Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռաւ,
Ու կոտրեցան պարտէզիս ուռին ու թթենին,
Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցաւ, ըսէ, ուր է, ցամքեցաւ, ցամքեցաւ…

Զ
Օ, այն վանդակին կ՚երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի ժամուս՝ յստակօրէն կը կարգճէր…։

է
Հայրենի տուն, հաւատա որ մահէս յետոյ,
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգն եւ արցունքը լալու…։

Ը
Բայց ով պիտի բերէ, ով պիտի բերէ, ըսէ,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու…


ՅԻՇԱՏԱԿ
Ահաւասիկ որ նոճիներու խաւարներուն մէջ՝
Վերջալոյսի եւ մահաջերմի այս ժամուն
Ագռաւներու եղերաւոր երամներ մեռելաձայն,
Մտածումիս եւ վաղորդայնիս գերեզմանները կ՚ողբերգեն…
Եւ ինչ Է այդ աղաղակը, զոր կ՚ողբաք
Իմ գանկիս եւ երազներուս հսկայական որմերուն ետեւ…
Ինչ Է այդ ղօղանջը, զոր կը հնչեցնէք,
Ինչ է այդ պատանքը, զոր չորս հովերուն կ՚առագաստէք…
Ինչ է այդ արիւնը, զոր ձեր բախումներովը կործանարար,
Իմ հոգիիս մէջը կը ջրվէժէք…
Եւ ինչ կտցահարում եւ ինչ բազմութիւն իմ անհունի ներսիդիս…
Ինչ մեռելախումբ անտառներու հանգոյն ոտքի՝
Եւ դեղին հողի ինչ ցնորական սրսկում…

Օ, փառք քեզի, ով անցեալներու Յիշատակ,
Ահաւասիկ որ իմ առջեւ կը մերկանաս,
Ինչպէս հողին արշալոյսը փոթորիկներուն առջեւ.
Բայց, կը դողդոջեմ, մեղայ քեզ, ով մահագոյժ ներկայ,
Անցեալիս գեղեցկութիւնը վերապրելու ուժը կը պակսի ինծի…
Ու նորէն, երազներու ուխտուած մարմնիս վրան
Արիւնով թրջուած պատանքներուդ խոնաւութիւնը կը զգամ,
Որ չարազօր ձեռուըներ երկաթեղէն ծանրութեամբ
Կը մօտենան, կը մօտենան արտեւանունքներս փակելու,
Ու բազուկներս, որ ատենով յաղթանակներու արեգակին գալարուեցան…
Այսօր ջախջախուած՝ սրտիս սէրերուն վրայ կր խաչաձեւուին։

Ըսէք, ըսէք, ով պիտի բերէ յիշատակներուս աստուածային աղբիւրներէն
Այն բաժակ մը ջուրը կենդանարար,
Որ հայրենացաւս պիտի ամոքէր՝ բոցավառ մահաջերմս մարելէն
Ու խեղճ ճակատս, ինչ մեծադրի երազներու աւերակ,
Պիտի զովացնէր իմ անցեալիս աշխարհներուն վերերեւումէն…
Օհ, բաժակ մը ջուր, բաժակ մը ջուր, բաժակ մը ջուր
Իմ յիշատակիս եւ հողիս հայրենական աղբիւրներէն,
Վասնզի Մահը ուսերուս վրան է այս իրիկուն,
Ու մտիկ ըրէք, ակռաներս մահագուժօրէն կը կրճտեն…։


ԳԹՈՒԹԻՒՆ
Տէր, հիւանդներուն եւ լքուածներուն սնարէն
Ոճրագործներդ ու իրենց սուրերուն սարսափը հեռացուր,
Եւ ջուրերդ թող քիչ մը իրենց կատաղութենէն հանդարտին,
Որպէսզի մահապարտները աքսորանքի նաւերուն մէջ,
Թէեւ քեզի անիծելով, բայց գոնէ խաղաղութեամբ ոգեվարին…
Ես թշուառներու անհամար տանիքներ գիտեմ,
Որոնց տակ ազնուական սերունդներ բազկատարած՝
Քու աւետարանական ու խարտեաշ ցորեանիդ
Ու սպիտակ ու երբեք չի հասնող գթութեանդ կը սպասեն…
Չարիքիդ ոգիներն, ահաւասիկ, դաշտերը հրդեհեցին…
Ու ահա արիւնը Արարատին կատարները կարմրցուց…
Ու ահաւասիկ որ դժոխային մանգաղներդ ոսկիէ,
Անմեղներու վիզերուն ի խնդիր՝ հորիզոնին մէջ կը գալարուին…
Մինչդեռ՝ եդեմներուդ բոլոր հրեշտակներն անդին,
Անձրեւներէ ու արեգակներէ յուռթի հողերուն վրայ,
Քու ձեռքերովդ օրհնուած ամբարներու մէջէն,
Օ, անգթօրէն, անգթօրէն, անգթօրէն,
Մոլախինդի ու կարմիր թոյնի հունտերէ,
Մեր բոլորին համար վաղուան մահը սերմանեցին։


ԱՆԴՐՇԻՐԻՄԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ
Աւաղ, աւաղ, ընկեր, այն օրէն, երբ քու կեանքիդ լոյսերը հոգիիս առջեւ մարեցան,
Ես իմ մեռելուորի եւ սեւ օրերու վերարկուս ուսերուս վրան նետեցի,
Գերեզմանի մը պէս խոր, պատանքի մը պէս ցրտին եւ ցաւի մը պէս յաւերժական…
Եւ դողդոջուն ճակատագիրն այդ ժամէն՝ տառապանքիս առջեւը ծնրադիր,
Քու մահդ եւ իմ օրերուս անյուսութիւնը կ՚եղերերգէ…
Յաճախ, հեռաւոր ձայնդ հողին խորերէն արիւնածաղկի մը պէս կը բարձրանայ…
Քու հերոսակերպ ուրուականիդ հետ եւ ասիկա՝ խստադեմ՝ ինծի հետ կը քալէ,
Պարտուածի ձեռքերս ձեռքերուն մէջ եւ իր բերանը իմ տրտմութեան բերանիս՝
Կը խօսի ինծի, եւ իր բառերը եւ մթին են, եւ զայրացկոտ, եւ ամեհի.

«Ընկեր, խորտակէ խաչդ սա քու յոգնած եւ ապաժամ քնարիդ հետ,
Եւ գլուխդ հողաթմբիս՝ մտիկ ըրէ շիրիմներէն հասնող աղաղակին,
Վասնզի անոնց ահեղութիւնն ամէն բան է ապրողներուդ համար…
Գիտցիր, ոչ մէկ յոյս կը մեռնի եւ ոչ մէկ գարուն կը թառամի այստեղ,
Ատելութեան ոչ մէկ ճիչ եւ սիրոյ ոչ մէկ մրմունջ մարած է դեռ,
Ապագայի ամէն արեւ մեր ընդերքներուն մէջէն է որ թաւալելով կ՚անցնի,
Եւ կեանքի ամէն գաղափար մեր արահետներէն է որ դէպի ձեզ կը յառնէ,
Մեր կոպերը արտասուքի տեղ զարհուրանք է որ կ՚արտահոսեն…
Եւ մեր մոխիրին հոտը հորիզոնին մէջ թշնամիին մօտալուտ մահը կը ծանուցանէ,
Գիտես որ ամէն հերոս մեր վրէժին համար է որ կը ծնի,
Եւ ամէն ազնուազարմ զոհ մեր սիրոյն համար կ՚ոգեվարի…
Հրաշագեղ Վասպուրականին եւ հպարտ Կարինին ու ըմբոստ Զէյթունին եւ Սասունին
Բովանդակ ցասումը մեր ալիքներուն մէջէն է որ ձեր բազուկները շարժել կու տայ…
Եւ վերջապէս ոսկետառ Պատմութիւնը մեր խաւարներէն է որ կը խօսի
Եւ Քեզ եւ Մարդկութեան եւ Դարերուն եւ Չարիքի ճակատին…
Այստեղ է, որ ձեր ապարդիւն ոսկորները օրերէն փշրուած պիտի գան…
Գոնէ թող հերոսներու մահուան բոցովը լուսաւորուած վար մխրճին…
Ընկեր, սիրոյդ եւ արցունքիդ արժէքը ինչով պէտք էր նժարել,
Դուն, որ զիս ի զուր կեանքին մէջը եւ ես, որ մեռեալ՝ զքեզ կ՚որոնեմ դեռ,
Առ այն սուրը, որ օր մը իբր Խորհրդանիշը իմ անձնուրաց անցեալիս,
Եկար կայծակի բեկորի մը նման իմ շիրիմիս վրան ցցելու,
Վերցուր զայն, աջ ձեռքիդ մէջ, վստահ եւ ամրապինդ, վերցուր,
Ու սուրա, սիրելիս, պերճօրէն, զուարթօրէն, կտրիճօրէն սուրա
Հոն, ուր ես գաղափարիս եւ գաղափարիդ համար, առաւօտ մը, արիւնիս մէջն ինկայ…»։


ՄԵՌԵԼՈՑԻ ՕՐ
Գիտէք թէ ինչ սոսկումի եւ արիւնի հեղեղներ են, ով բարեկամ հոգիներ,
Որ այսօր իմ հայրենիքէ որբի եւ ցաւերէ սգաւորի աչուըներուս մէջը կ՚արտահոսուին…
Անցեալներու ինչ յիշատակ եւ սիրուած մեռելներու ինչ ահեղաբեր յարութիւն,
Որչափ պատանքներ տխրագին ձեռքերովս կտրուած եւ գերեզմաններէն դեղին,
Որ ահեղօրէն, հայրենական վրաններու պէս, ուսերուս վրան կ՚առագաստուին…
Ինչ խորտակում դագաղներու եւ ինչ խլրտում ոտքի կեցող ոսկորներու…
Եւ մանաւանդ ինչ կարօտի համբոյրներ, ինչ ողջագուրում եւ ինչ սէր՝
Շրթնաթափ բերաններու դէմ եւ աւերեալ աչքերու եւ փշրուած կուրծքերու…
Եւ մանկութեան օրերու ինչ օրօրներ եւ ինչ գգուանք, ինչ խոստում եւ ինչ հրաւէր,
Որ այս առաւօտ, մեռելոցի օր, երկրիս մեռելները մահազանգերու շունչերովը ինծի կ՚ուղղեն…։

Եւ ահաւասիկ մահազանգերն են, աղէտաւոր մահազանգերը գիշերուան մէջ,
Եւ իրենց խենթութիւնը եւ կոչը քրքիջը եւ հարուածը, որ մտածումիս կը կառչին…
Եւ ահաւասիկ իրենց երկաթաքայլ հողը հին մահերը վերստին գուժող,
Եւ ահաւասիկ աւերակներուն հողը եւ ցաւերու մոխիրն, որ անապատ առ անապատ,
Ամէն մէկ ղօղանջէ, աւազակոյտերու նման հորիզոնները կ՚ալեկոծեն…
Եւ ագռաւներու, արիւնաթաթախ թեւեր պատերուս վրան կը մահածփին,
Անգղի երամներու հետ իրենց բերաններէն նորածիններ եւ գլուխներ առկախ…
Ու հեծկլտանք եւ վրէժի ահեղագոչ ձայն եւ սիրոյ մրմունջ եւ ատելութեան որոտմունք,
Եւ գերեզմանի հող եւ խաչերու փշրանք եւ դամբանաքարեր,
Հողերէն իրարու ետեւէ յանկարծօրէն յառնող տեսիլքներու հետ…

Եւ ահա ինչ որ կմախքէ բերաններն այս առաւօտ մոլեգնաբար որոտացին.
— Եղբայր, զաւակ, ընկեր, ոտքի կեցիր, այսօր անօգուտ վերյիշումներու օր.
Հեռացուր քու յուսահատ ձեռքերդ սա ճակատիդ վաղանցուկ խորհուրդներէն
Եւ բարկութեամբ մտիկ ըրէ սա աւերեալ քաղաքներուն, որոնք իրենց անվրէժ
Հեծեծանքի եւ աղօթքի ստրկական ղօղանջները իրարու, կը փոխանցեն…
Ոտքի կեցիր, երազներդ կոխոտելով եւ աչքերդ հրավառելէն, ոտքի,
Ու ձեռքովդ յափշտակէ բոլոր շղթաներն այդ սեւ գանկերուն
Եւ բազուկներուդ բոլոր թափովը փոթորկէ անոնց երկաթները թշնամիին վրայ…
Քու վրէժիդ հեղեղին եւ ատելութեանդ մռնչիւնին զօրութեանը համեմատ,
Վասնզի եւ մեռելներս, եւ ողջերդ, արցունքի տեղ, այսուհետեւ
Միշտ քինաշարժ եւ անդադրում մրրկումի պէտք ունինք…


ԱՐԻՒՆ է ՈՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ
Մոռացումներու մոխիրին մէջն է որ զքեզ պատանքեցի,
Ով երկբայելի, եսանուէր ու սնոտի Սէր,
Եւ չի հաճեցայ հիւսել խարտեաշ եղէգներէն ոչ դափնի եւ ոչ պսակ
Եւ ոչ ալ դողդոջ երգ մը, քեզի համար, իմ ազատածուփ քնարէս…

Ոչ ալ գքեզ դեռ երգեցի, ով երկինքներու անդորրական կապոյտ,
Ոչ ալ զքեզ՝ Արեգակ, զօրութիւն, կեանքի եւ աճումի ովկիան,
Ոչ ալ զքեզ՝ Արեւելք, աստուածներու եւ քուրմերու ծննդավայր,
Պատմութեանց կոթող, իմաստութեան խորութիւն եւ վայելքի խորան…

Ոչ ալ զձեզ՝ Արեւմուտքի իտէապաշտ Ոստաններ, ուր Մեծերը կը ծնանին…
Ոչ ալ զձեզ՝ մեհենական անտառներ եւ փլատակուող բարկութիւնք սարսափահար ծովերու…
Եւ վարդակարմիր եւ հոլանի եւ անբասիր առաւօտ,
Կամ ոսկիներու իրիկուն, մեռելական աշնանամուտ եւ անապատի անեզրութիւն…

Իսկ օր մըն ալ, երազիս մէջ, Քերթողահայր մը, ինծի ըսաւ.
«Կը հասկնամ ես քու ցաւդ, վասնզի ես ալ կեանքէն եկայ անցայ…
Զաւակ՝ եւ գիտես որ իմ քնարիս պարտէզներէն վարդի թերթեր հոսեցուցի…
Եւ տարփաւորներն անոնց բուրմունքէն գիշերներով գինովցան,
Բայց ծաղիկները գօսացան, ինչպէս մեռաւ իմ աշունս ալ մեծափառ…

Ես գինին երգեցի իր ոսկեվառ բաժակին մէջ հրակայլակ,
Եւ պլպուլին հայրենացաւը տաւիղիս թելերէն սրտիս մէջը կաթկթեց…
Խունկեր մատուցի՝ մոլգնօրէն պաշտուած աստուածներու պատուանդանին
Եւ տառապանքս մոռնալու համար, կերպարանքս մոխիրով պատեցի…

Մարմնին ձեւերն երգեցի, գերեզմանէն սերած եւ գերեզմանին ընծայ,
Ու ծնրադիր պաղատեցայ եւ դողացի շրթունքի մը եւ երկու աչքերու առջեւ…
Արցունքն երգեցի, վերջապէս, հոգիներէ յորդող եւ նայուածքներու հեծեծանք,
Եւ օր մը այսպէս մեռայ՝ Հեղգութիւնս ձեր բոլորին բաժին ձգած…»։

Բայց քու գերեզմանէդ ի վեր, Քերթողահայր, ըսի, հերոսութիւններու օրեր հասան,
Ոտքերուս տակ աւերակներ եմ տեսած եւ լուսամուտէս դուրս հազարաւոր մեռցուածներ…
Եւ սուրեր շողացին… ձգեցէք զիս, ով տկարութեան կապանքներ, դեռ սուրեր կը շողան,
Եւ բանաստեղծի աչուըներս արիւն, արիւն է որ կը տեսնեն…։


ՅՈԳՆՈՒԹԻՒՆ
Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…

Օ, դէպի Խաւարներն ու Մոռացումը քալէ,
Ով յոգնած ու դանդաղ ու ծանր ուխտաւոր,
Աղբիւրներու սա պայծառ տղուն հետ առանձին.
Ան հոնտեղերը մարմարէ մեհեաններ գիտէ,
Ուր հինաւուրց աստուածները՝ ազնուօրէն զօրաւոր,
Քու յոգնութիւնդ կը հասկնան…
Ու մարդկօրէն անոր մեծ ցաւը կ՚ապրին…։
Աւաղ, մինչեւ երբ մեր մարմինները տարփաւոր
Այսչափ տենդօրէն պիտի գալարուին…
Դէպի փայտէ դագաղները դարաւոր՝
Յաւիտենական ու ապարդիւն կեանքին,
Վերջապէս իրիկուն մը մխրճուելու համար…
— Թէեւ այնչափ չարաշուքօրէն —
Արհաւիրքով լեցուն, բայց փրկարար ծոցը հողին։
Գիտեմ, սքեմիդ մէջի վանականի իրանդ ոսկիէ
Շատ ապրած Աստուածի մը խոնջէնքն ունի.
Ուրեմն եկուր սա խարտեաշ ու խորունկ ու լուռ ու մերկ հարսներէն լեցուած՝
Մեր գինիի նուիրական սափորն ալ վար դնենք,
Թէեւ ան մեր երգերուն խենթութիւնը կ՚ըլլար…
Ու այն բոլոր արշալոյսէ ծաղիկները, որ քաղեցինք,
Անկարելի պաշտամունքին համար…
Այս բոլորը ձգենք, մեր կուրծքերուն ադամանդէ խաչերուն հետ,
Ով բարեկամ ու բախտակից ու հոյակապ քրմապետ,
Այնպէս չէ, ես ալ այս բոլորը ճանչցայ,
Քեզի հետ այնչափ ապարդիւնօրէն,
Իմ սիրահար տղու խօլաթեւ իրիկուններուս մէջէն,
Յոգնած եւ արիւնոտ ճակատիս դիմաց, անհունօրէն, առ յաւէտ…։
Ու արդէն աւազներու մոգերն աստղերուն տակ ըսին թէ
Հողին բոլոր գինիները ալ մոլախինդ պիտի ըլլան,
Ու բոլոր կապոյտ շուշաններն ալ ձեր Յոյսի ծաղկանոցին,
Ամենը մէկ, յանկարծօրէն ագռաւներու պիտի փոխուին…
Ու յետոյ գիտես որ բոլոր օձերը փեթակներուն տակ,
Մեզի համար այն սեւ անձրեւներէն ի վեր, հիմակ,
Մահագուժօրէն վաղուան մեղրը կը պատրաստեն,
Ու դեռ կարծեմ թէ գետնափորներուն մէջ է որ
Բոլոր բրուտները, մեռելներու հողերէն,
Որ ժամանակէն ի վեր ապրողներուն համար մինչեւ այսօր
Ջուրի կուժեր կը շինեն…
Ու այն լամպարը, որով Ցնորքը կը հսկենք մեր կտաւէ վրանին տակ,
Ահաւասիկ, քեզի կ՚ըսեմ, Արշալոյսէն դեռ շատ առաջ պիտի մարի…։
Օ, թեւդ թեւիս անցուր ու խարխափելէն քալէ,
Ով ծանր ու դանդաղ ու յոգնած ուխտաւոր,
Որովհետեւ վաղորդայնը անգթօրէն սուտ է…
Ու մեր զգայախաբի ոտուըներն ալ յոգնած,
Կեանքին մինչեւ Իրիկունները երթալու համար։
Դէպի խաւարն ու Մոռացումը թափանցէ,
Ջուրերու երիտասարդ զաւակին հետ առանձին,
Ու քու տարագիր ճամբորդի տառապանքդ բոլոր
Ու այն աղջամուղջի դարերը, զոր օրերն ուսերուդ վրայ հարկեցին…
Այդ բոլորը ամէնը մէկ ինծի տուր…
Ու միսիդ պատանքներն ալ հոգիիս վրան նետէ…
Թեւդ թեւին անցուր ու քալէ Ցաւին հետ հայրօրէն,
Անոր վիրաւոր եղնիկի աչուըներն իմաստուն
Կեանքին բոլոր ճամբաները գիտեն…

Հոգիիս վրայ լուսինը կը ձիւնէ…


ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՂԲԻՒՐ
Արշալոյսիս եւ յոյսիս օրերուն էր որ զքեզ ապրեցայ,
Ով հայրենի եւ քաղցրահամ աղբիւր,
Եւ քու լուսավառ ձայնդ դեռ ինծի կը խօսի
Իմ յոգնածի եւ յուսահատի ուղեղիս մէջէն…
Քու ադամանդեայ վազքդ յորդառատ,
Հոգիիս խաւարչտին աւերակներուն վրայ,
Այսչափ ատենէ ի վեր յիշատակներս ու անցեալս կու լայ…
Չեմ մոռցած զքեզ, ով հեռաւոր ու եղբայրական աղբիւր,
Կը յիշեմ, երբ կու գայի թրջել քու ջուրիդ խորհուրդներուն առջեւ
Իմ երջանիկ տղու աչուըներս ու ճակատս պայծառ,
Եւ դուն գորովագութ՝ ազատութեան մտածումին նման,
Իմ արեւս ու կեանքս ու հոգիս կը քաղցրացնէիր…
Երբ իմ թեւերս դեռ չէին կոտրտած սա յուսահատութեան ապառաժներէն,
Երբ նայուածքներս ուրախութենէ կը փակէի,
Երազուած յաղթանակներու արեգակին ի տես…
Չեմ մոռցած այն առուակը ոսկիէ մամուռով,
Որ քու երգիդ հոսանքին առջեւ կ՚ակօսուէր,
Եւ ես մանկական քայլերովս՝ երազելէն՝
Իրեն ճամբէն տարփանքով ու գինովութեամբ կ՚երթայի,
Ինչպէս կ՚երթան անոնք, որ սպասուած Յոյսին կ՚ուզեն հասնիլ…։
Բայց դեռ կը հոսիս արդեօք, ով հայրենի աղբիւր,
Այնչափ յստակ, որչափ էր Արշալոյսն իմ անցեալիս,
Դեռ վճիտ են արդեօք սա ջուրերդ հին օրերու,
Եւ քու ձայնդ դեռ երգ մըն է, թէ աղաղակ մը վրէժի…
Եւ չեկան արդեօք, ըսէ, չեկան, մեր արհաւիրքի օրերուն մէջ,
Դառնացնելու քու պայծառութիւնդ ադամանդէ,
Իմիններուս անմեղ արիւնէն՝ քանի մը կաթիլ արիւն,
Որոնց հոսանքներէն, աւաղ, աւաղ, իմ մտածումս պարտուածի
Սուգէ ու սարսուռէ ու սարսափէ անբուժելիօրէն խենթեցաւ…։


ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ
Ա
Եւ մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի հովիտներուն մէջ հայրենի,
Քայլերս էին թեթեւ, ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամբ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն բոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն…

Բ
Եւ ահա բարեբեր Ամառն իր պտուղները զամբիւղ առ զամբիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ՚ընծայէր,
Եւ ես լռութեամբ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի…

Գ
Կ՚երգէի… Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն հայրենագեղ,
Աստուածային աղբիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնչափ նման,
Այս բոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին…

Դ
Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ով քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համբոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար…։


ՁԵՌՔԵՐԴ ԻՆՁ ԵՐԿԱՐԷ
Իմաստութեան եւ խորհուրդներու շքեղ լամպարս մինչեւ այսօր,
Մատեաններու եւ թիւերու մշուշին մէջ,
Եւ ճակատիս ու հոգիիս յոգնութեանը հանդէպ՝
Եղբայր, մինչեւ այսօր, կ՚ըսեմ, իր մահը միայն վառեց…։

Ու ձեռքս այրեցաւ մտածումիս անբերրի կրակէն,
Ու նպատակիս ճանապարհն անհունօրէն անհունացաւ…։
Ըմբոստի կամքս պայքարին սարսափէն կը մոխրանայ՝
Եղբայր, եւ այն երդումը, զոր արեւծագի մը մէջէն քեզի մրմնջեցի,
ժամանակին յաւերժական շրջանին երկաթէ օրէնքէն
Սկսաւ, տերեւ առ տերեւ, կեանքիս աշունին հետ, դէպի հողը թափիլ…
Ինծի կարկառէ ձեռքդ եւ ուղղէ նայուածքդ տառապագին նայուածքիս,
Երկարէ ձեռքդ, որպէսզի զօրաւորի երակներուդ արիւնը կարմիր
Իմ օտարացեալի արիւնս գոնէ կայծով մը գարնանացնէ…
Ես գիտեմ որ սիրտս քու սրտիդ եղբայրօրէն պիտի խօսի,
Երբ նայուածքներդ գան իմ նայուածքներուս մէջ
Նախկին բարեկամի մեր կորուսեալ ժպիտները փնտռելու։

Եւ գիտեմ թէ ինչ է ցեխը եւ ինչ է Ոսկին,
Ստրուկներուն օրօրոցն է եւ անկողինը եւ դագաղն է այն,
Եւ Ոսկին ըմբոստներուն եւ մեծերուն գահն է
Եւ հոգին է, եւ օրուան հացը, եւ բաժակին ջուրը, եւ պսակն անոնց ճակտին…։

Ձեռքերդ ինձ երկարէ, դեռ իմիններս անպիղծ են՝
Եւ եկուր, որպէսզի նայուածքի դէմ,
Ես՝ ի քեզ՝ հերոսն սքանչանամ Հայրենիքին նուիրուած,
Եւ դուն քնարիս մրրկաթեւ լարերէն թերեւս ճանչնաս
Այն հին օրերու ընկերը, որ Ցեղիս եւ ձեր բոլորին անչափելի ցաւերէն
Փորձեց բարկութեան եւ ընդվզումի պղինձները հնչեցնել…։


ԽԱՒԱՐ
Ու ես պիտի մեկնիմ տրտմութեանս եւ ստուերիս հետ մենաւոր,
Արշալոյսի մը, կամ վերջալոյսի մը արիւններու ժամուն,
Իմ ատելութենէ ու սէրէ ու ընդվզումէ ամբոխեալ հոգիս
Անոնց յոյսի լոյսերէն վերջին անգամ մըն ալ թրջելով…
Ու քեզի կը ձգեմ, ով հերոսական ընկեր եւ մտածումի եղբայր,
Այն մետաքսէ ծիրանեգոյն վերարկուս երկար,
Որուն ծալքերուն մէջն իմ տառապանքս եւ ըմբոստացումս կարմիր՝
Օրերով ու խաւարներով ապարդիւնօրէն պտտցուցի…
Եւ սա լուսեղէն առուակին քովը պիտի դնեմ քեզի համար
Իմ կաղնիէ ցուպս հաստատուն եւ դարերու աւանդ,
Որ տարիներով յոգնութիւնս ինծի հետ, ճամբաներուն վրայ,
Եղբօր մը պէս եւ բարեկամի մը նման բաժնեց…
Եւ ահաւասիկ հողէ սափորս հրաշագեղ, զոր ես թրծեցի,
Ջուրերուն ամենէն քաղցրահամովն առլցուն,
Եւ ահաւասիկ խաղողի ոսկեղէն ողկոյզ մը ծանրակշիռ,
Հայրենական այգիներուս արեւներուն տակ հասունցած…
Եւ ահաւասիկ հողիս խարտեաշ ցորեանէն բաժին մը հաց,
Որ ծաղկազարդ զամբիւղիս մէջն այսօր,
Երազիս անտառներուն քով, ջուրին եզերքը դրի…
Եւ ահաւասիկ դեռ եբենոսէ անվարժ քնարս աղմկայոյզ,
Որ պարտութենէս, օր մը, իմ դողդոջուն ձեռքերուս մէջ ջախջախուեցաւ…
Եւ ահաւասիկ, վերջապէս, քեզի՝ իմ վաղնջական սուրս պողպատեայ,
Որովհետեւ իմ յաղթուածի բազուկներս անարժան են անոր բոցին,
Ահաւասիկ որ թշնամիներու արիւնին ծարաւէն, մինչեւ այսօր,
Իր ոսկիէ պատեանին մէջ կատաղօրէն կը կայծկլտայ…
Ես դուն, ընկեր, արդէն գիտես արիաբար քալել
Մեծ նպատակին այն ազատաբեր ճամբաներէն,
Ուրկէ քու երկաթեղէն քայլերդ, հազարաւորներու քայլերուն հետ,
Յաղթանակներու խոստացուած հնչիւնը պիտի հնչեցնեն…
Բայց եկուր, եւ ահաւասիկ ինչ որ քեզմէ պիտի խնդրեմ,
Եկուր եւ քու բարեկամի ու սիրուածի մատուըներովդ գորովածանր,
Այն երկու կաթիլ լոյսը, որոնք աչուըներս յոյսով եւ հպարտութիւնով կ՚ադամանդեն,
Եկուր զանոնք յաւերժութեան մը համար դէպի Խաւարը փակելու…
Որովհետեւ, Յոյսին ձայնէն՝ ինչպէս ձայնեն Փրկութեան կամ ձայնէն Տառապանքին…
Կրնայ ըլլալ որ իմ մեռեալի աչուըներս նորէն արցունքոտին…


ԾԱՐԱՒ
Ա
Հոգիս վերջալոյսին մահը մտիկ կ՚ընէ,
Չարչարանքի հեռաւոր հողին վրայ ծնրադիր,
Հոգիս վերջալոյսին ու հողին վէրքերը կը խմէ…
Եւ իր մէջ դեռ արցունքին անձրեւումը կը զգայ…

Բ
Ու ջարդուած կեանքերուն աստղերը բոլոր՝
Աւերուած աչուըներու այնչափ նման,
Սրտիս աւազաններուն մէջն այս իրիկուն
Յուսահատութենէ եւ սպասումէ կ՚ոգեվարին…

Գ
Ու բոլոր մեռածներուն ուրուականներն այս գիշեր
Աչքերուս եւ հոգիիս հետ Արշալոյսը պիտի սպասեն…
Որպէսզի, կեանքերնուս ծարաւն յագեցնելու համար
Թերեւս վերէն իրենց վրայ կաթիլ մը լոյս իյնայ…


ԵՍ ԵՐԳԵԼՈՎ Կ'ՈՒԶԵՄ ՄԵՌՆԻԼ
Ա
Սպասումիս եւ Յոյսիս քաղցրութեանը հետ մինակ էի այդ իրիկուն
Եւ Փրկութեան ու Տառապանքի նժարովը Հայրենիքին բախտը կը կշռէի…
Երբ հեռակայ տանս դուռը, գիշերուան սարսափին մէջէն, ուժգնապէս բախեցին.
Եւ ժպտուն՝ ընկեր մը ներս մտաւ, շքեղօրէն գեղեցիկ, եղբայրադէմ եւ ահաւոր…

Բ
Երիտասարդ էր։ Աչուըներուն կայծը երկնքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,
Եւ հասակին ձեւերը մարմարներու զօրութիւններէն էին կերտուած…
Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ…
Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկներն ունէին։

Գ
Մտերմաբար քով քովի, Հայրենիքին տառապանքէն կը խօսէինք,
Իր ծանրախոհ գլուխը սգաւոր կիսաստուածի մը արիւնոտ սրտին կը նմանէր…
Նայուածքները նայուածքներուս մէջ նոյն ճակատագրին խորհրդանիշը փնտռեցին…
Եւ մեր տրտում ժպիտները հոգիէ հոգի մեղմօրէն ճառագայթուեցան։

Դ
Ժամերով լռին էր։ Լռին էի։ Յիշատակի հեծեծանքներ մեր աչքերը թրջեցին…
Եւ լամպարիս կապոյտ լոյսը, սեղանիս վրան, այլեւս արիւններու նման վար կը թորար…
Տժգունեցայ ես՝ ինչպէս երազ մը, որ առաւօտին երեւումէն կ՚անհետի…
Բայց ինք՝ հերոսատիպ եւ հպարտ, ձեռքս ձեռքին մէջ՝ ոտքի՝ ինծի ըսաւ.

Ե
«Այս իրիկուն՝ հաւատքի եւ հրաժեշտի իրիկունս է, ընկեր,
Երիվարս թամբած եմ արդէն՝ եւ կեանքի ու կռուի տենդէն՝ դուռիդ առջեւը կը վրնջէ…
Եւ տես, հասակէս վար անբիծ սուրս մերկ է, մերկութեամբը գերմարդկային վճիռներուն։
Ճակատդ շրթունքիս մօտեցուր… հաւատքի ու հրաժեշտի իրիկունս է, ընկեր։

Զ
Եւ դուն սա մաքրափայլ թերթերուդ վրան ցեղին ցաւը եւ ցեղին ուժը բանաստեղծէ,
Ապագայ սերունդներուն եւ մեր անցեալին տխրութեանն ի նուէր.
Ես որբ մըն եմ եւ ըմբոստ մը, մնաս բարեաւ, կորուսեալներս փնտռելու կ՚երթամ…
Քու երգերէդ երգ մը տուր ինձ, երգ մը, ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ…»։


ՍՈՒՐԻՍ ԿԱՅԾԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ
Էժտահարին

Անցեալ, անցեալ եւ իր օրերն եւ իր արեւն անդորրութեան,
Երբ դահլիճին կապոյտ պատերէն, տիրականօրէն առկախ,
Քու պաշտպանի հպարտ նայուածքներովդ ադամանդէ
Իմ մանկական հոգիս յոյսով կը ծորէիր, երկիւղներս հաւածելէն։

Նախնիքներէս մինչեւ ինձ քու շողիւններդ ահա կ՚երկարին,
Ով իշխանական, ահաւոր, ճշմարիտ եւ բարեկամ Սուր,
Ու սնարիս, երազներուս եւ կեանքիս երջանկութեանցը մէջէն
Միշտ մահավճիռը գտած եմ քեզ դարանակալ ոճիրին…

Եւ կը սիրեմ զքեզ, դուն, Արդարութիւն եւ Բարբարոս,
Դուն, որուն կայծկլտուքը սոսկում մըն է եւ խրախոյս մը միանգամայն,
Դուն, որուն ժանգը անքաւելի պարտութիւն մը ամօթաբեր,
Դուն, որուն դադարը ստրկացում մըն է զքեզ պաշտող ձեռքերուն…։

Թէեւ քու ոսկեքանդակ պատեանդ արտացոլումն է կեանքիդ,
Բայց դուն մերկութեանդ մէջ միայն կրնաս աստուածօրէն գեղեցկանալ…
Պատեանէդ դուրս միայն քու ծարաւդ կը յագենայ եւ ցասումդ կ՚ամոքի
Անկեց դուրս միայն քու տիրոջդ ճակատը պիտի կրնայիր պսակել…

Եւ այսպէս մերկ՝ ինչպէս հիմա, իմ դողդոջուն եւ զայրացկոտ ձեռքերուս մէջն յաճախ,
Քու լռութեան կայծերովդ երգերուն էն յաղթականը կ՚երգես,
Եւ շարժումէդ եւ շունչէդ եւ շողիւնէդ ահաւասիկ որ դուրս կը ժայթքի
Եւ կռուին քարոզը, ազատութեան բուրմունքը եւ փառքը կտրիճ մարդուն…

Բայց, խորհրդաւոր սուսեր, զարհուրանքով կը տեսնեմ որ այլեւս կ՚ատես զիս,
Այսօր մահուան եւ կեանքի օր, հարուածի եւ վրէժի եւ պատիժներու օր,
Եւ երբ քու կայծակնակերպ հասակդ շրթունքներուս կը տանիմ կամ ձեռքովս քեզ կը շոյեմ…
Բարկութեանդ կայծերը, աչքերուս մէջէն, նզովքներուն էն ահեղը ինձ կ՚ուղղեն…։

Մեղայ, մեղայ եւ ըսէ, ինչ գրերով է գրուած իմ ճակատագիրս քու ճշմարտութեանդ վրան,
Արդեօք ստրուկի, թէ յաղթողի արիւնս է որ քու վրադ պիտի ցոլայ…
Թէ հայրենիքիս անիծապարտ թշնամիներուս սեւ արիւնն է որ պիտի վազէ
Քու բերանէդ վար աղբիւրներու նման յորդահոսան…։
Մերկացիր, մերկացիր, մերկացիր, օրերուն Օրն է, ով իմ սուրս աղէտաւոր…։


ՅՈՅՍԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ա
Գաղափարներու որ հովիտներէն պիտի գաս եւ երբ պիտի լուսանաս, ով Յոյս,
Երբ, որպէսզի ես ալ իմ երկու ձեռքերս, կարօտէն ու սպասումէն դողդոջուն,
Արշալոյսիդ քրքումներուն երկարեմ, կեանք պաղատողի մը պէս, երկարեմ…
Անոնց հոսանքին առջեւ իմ ազատութեան առաջին նայուածքս բանալու համար։

Բ
Եւ ինչ ծովերէն խոր յուզում պիտի թափես մեր հոգիներուն աշխարհներէն ներս,
Ինչ կնճիռներ պիտի ջնջուին մեր վշտակոծ ու տժգունած այտերէն,
Որչափ ժպիտ պիտի ծաղկի, հրեշտակօրէն, որչափ ժպիտ մեր աչքերուն մեջ,
Որչափ հառաչ պիտի մեռնի, որչափ արիւն եւ որչափ արցունք պիտի ցամքին…։

Գ
Մոխիրներու հողը ծաղկաստան մը պիտի դառնայ, դրախտային եւ անթառամ,
Եւ բազմահազար աղբիւրները, իրենց հեծեծանքը՝ հովիւներուն հետ՝ երգերու պիտի փոխեն,
Սեւ անձրեւներուն տեղ՝ հայրենի աստղերէն, կապոյտ եթերն է որ վար պիտի թորայ,
Եւ գառնուկներ պիտի ծնին առուակին եզերքը եւ մարմանդներուն վրայ…

Դ
Գեղուհիներու էն գեղանին քու քղանցքիդ առջեւ իր խունկը եւ իր ծաղիկը պիտի թափէ,
Եւ կեղծիքին տաճարները պիտի քանդենք քու Տաճարդ կերտելու համար.
Ժպիտէ այրի ցեղը վերջապէս կանաչ պիտի հագնի, եւ դառնասիրտ թշնամին՝ սեւ…
Եւ գերեզմանները, մեր քայլերուն տակ, կմախքի անտառներէ, դանդաղօրէն պիտի շարժին։

Ե
Երազուն ճակատիս համար ամառուան տերեւանքէն պսակներ պիտի յօրինեմ,
Եւ ծիածանէ վերարկուս, հովերուն հետ, ուսերուս վրայ, արծիւի մը պէս պիտի ծփայ…
Ու եբենոսէ սրինքս՝ շունչիս, կամ գեղաքանդակ քնարս՝ ձեռքս առած,
Ոսկիէ դաշխուրանէս, աստուածներու գինիէն, գինի, գինի, գինի պիտի ըմպեմ…։

Զ
Եւ յետոյ ես ցնծութեան եւ Յոյսերու կարմիր Ջահերը կռապաշտօրէն պիտի վառեմ…
Եւ անտառներուն համանուագը քու փառքիդ համար մրրիկներ պիտի երգէ,
Սուրերը, մեր ծունկերուն դիմաց կոտրտելէն՝ արիւնոտ կամ անբիծ, անցեալին պիտի նետենք,
Եւ Հայ զինուորին պղինձէ շեփորը պիտի պատռի յաղթանակի Ռազմերգին որոտումէն…։


ԱՍՊԵՏԻՆ ԵՐԳԸ
Ա
Արեւն ելաւ, երիվար, եւ մեկնելու ժամն է այս,
Սպասէ որ ոտքս անցընեմ ասպանդակէդ շողարձակ,
Աչքերուդ մէջն իմաստուն՝ Նպատակս կը կարդամ,
Օհ, ինչ ցնծութիւն ցնծութիւնս, օրհնեալ ըլլաս, երիվար…

Բ
Երիտասարդ իրանս դեռ թեթեւ է եւ ճկուն,
Վարաւանդիդ վրան ես արծուի մը պէս պիտի թառիմ…
Եւ ոսկեգարին, զոր ես քեզի առատօրէն ջամբեցի,
Մարմնոյդ մէջը հրավառեց կենդանութիւն մը խօլաթեւ։

Գ
Միշտ քառարշաւ պիտի սուրաս, ով երիվար,
Եւ պղինձէ պայտերէդ կայծեր են որ պիտի ծաղկին,
Ու մեր վազքը թող զմեզ հերոսներու պէս արբեցնէ,
Ու հով խմենք, հովուն նման անհունօրէն թեւաւոր։

Դ
Անջրպետն անծայրածիր թռիչքիդ առջեւ կը մեռնի,
Ու քաղաքներն մեղաւոր քայլերուդ տակը կը խոնարհին,
Ագռաւներու սեւ երամներ քու հոսանքէդ դողահար,
Ամպերուն մէջ, ամպերուն մէջը կ՚ապաստանին։

Ե
Կարծես վարն է տրտում հողը ու մենք վերն ենք աստղերուն հետ,
Դուն ոչ անդունդ կը ճանչնաս, ոչ առապար,
Արգելք չի կայ, խութ չի կայ քու արշաւդ կասեցնող,
Եւ անհամբեր՝ նպատակին կատարներուն կ՚ուզես կառչիլ։

Զ
Երիվարս արագասոյր, ով իմ կուռքս մարմարեղէն,
Գիտես որ ես զքեզ հոգեւին է որ կը պաշտեմ,
Գաղափարիս բոցերէն երազկոտ ճակատս կ՚այրի…
Նպատակիս նետէ զիս, ես քայլերուդ գերին եմ։

է
Ես քայլերուդ գերին եմ, ով դուն, որդիդ մրրիկներու,
Արագաթռիչ երիվար, քինախնդիր՝ պէտք է սուրաս,
Ես ապարդիւն դադարը ցասումներովս կ՚ատեմ,
Կատարները մեզի են եւ յաղթանակը քուկդ է…։

Ը
Քու կաթնաթոյր մարմինդ կեանքիդ կրակէն կ՚եռայ,
Եւ քու ագիդ ջրվէժ մըն է, գաւակէդ վար մրրկահոս,
Աչքերուդ մէջն երկու, բռնկած աստղեր կը շողան,
Ու պայտերուդ դռոյթը զարհուրանք է որ կը կռանէ։

Թ
Քեզի ըսի, որ ես քու ազատածարաւ գերին եմ,
Սա սահմանէն դէպի հարաւ երազաբար հասցուր զիս,
Արարատին փառքերէն, Արագածէն ալ անդին,
Մենք արեւներ պիտի հագնինք եւ արիւններ, սուրա դուն։

ժ
Մտրակ չունիմ ձեռքերուս մէջն, ազատ ես դուն,
Ես միմիայն լանջքիդ վրան շուշանափայլ,
Մատուըներուս քաղցրութիւնն է որ կը թափեմ,
Մեղրերու պէս՝ միսիդ վրան յորդահոս։

ԺԱ
Ոչ սանձ ունիս, ոչ երասան երախիդ,
Առատ բաշէդ ալիք մը վարս ձեռքերուս մէջը կը բաւէ,
Ոտուըներս զքեզ գրկող ասպանդակի պէտք չունին,
Միայն թամբդ է քու վրադ, արծաթ թամբդ մարգարտայեռ։

ԺԲ
Ես հայրենի հովիտներուն կարօտն ունիմ, կարօտն ունիմ,
Բայց աստղածոր երկնքին տակ կանգ մի առներ, երիվար,
Քարայրներուն առջեւէն ստուերի մը պէս, պէտք է անցնիս
Անտառներէն, հնձաններէն, այգիներէն ալ անդին։

ԺԳ
Եւ ով գիտէ, թերեւս, գեղուհի մը, պուրակի մը եզերքէն
Ոսկի ողկոյզ մը եւ սափորով՝ ումպ մը գինի մատուցանէ,
Թերեւս հոգիս հասկնայ եւ քրոջ մը պէս ինծի ժպտի…
Բայց չեմ ուզեր ես երազել, կանգ մի առներ, երիվար։

ԺԴ
Ծննդավայրիս դրախտային ծմակներէն պիտի անցնիս,
Պլպուլին խօսքը, պլպուլին խօսքը կ՚ուզէի խմել…
Վարդին բուրմունքը տարիներ պանդխտօրէն երազեցի…
Կարօտ ունիմ, կարօտ, բայց մի կենար, կանգ մի առներ։

ԺԵ
Ճամբուս վրայ թերեւս հին մեռելներ ոտքի ելլեն,
Իրենց պատանքը ուսերնուն եւ ձեռքերնին ինձ երկարուող,
Ու մօտենան տառապեալիս՝ ականջէս վար փսփսալու
Իրենց սէրերն ու վրէժնին անմոռաց, բայց մի կենար, երիվար։

ԺԶ
Ես կը սոսկամ աւերակներէն եւ անկարող ցաւերէն,
Կանգ մի առներ քաղաքներու մոխիրին քով,
Օ, արցունքը, ուրիշին արցունքը զիս անգթօրէն կը խեղդէ,
Ուրիշին ցաւը, ուրիշին կոծը զիս խենթութեան կը տանի։

Ժէ
Օ, կանգ մի առներ դիակներուն դէմ այս ցիրուցան,
Հեռու փախիր գերեզմաններէն եւ սպիտակ շիրիմներէն,
Որովհետեւ ինծի համար, կարելի չէ, քեզի կ՚ըսեմ, երիվար.
Հայրենիքիս մահացումը մահուանը մէջ անգամ մըն ալ սեւեռել։

ԺԸ
Ահաւասիկ բնութիւնը, ուր ես օր մը ծնեցայ,
Թարթիչներս կը թրջուին արտասուքի կաթիլներով,
Բայց չեմ ուզեր զանոնք թափել, կանգ մի առներ,
Սրաթռիչ երիվար, նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար։

ԺԹ
Ահաւասիկ Եփրատին ձայնը։ Ինչ կ՚որոտաս, ով Եփրատ,
Քու զաւակդ է քովէդ անցնողը, ինչու ջուրերդ մթին են,
Քու որդիդ եմ, մոռցար զիս, մի մրրկիր, մոռցար զիս,
Ես քեզի հետ կ՚ուզեմ սուրալ, ալիքներդ կոտորէ…

Ի
Օ, մանկութեանս յիշատակն է որ կ՚արիւնիմ ես հիմայ,
Պարմանի մը երազկոտ ափերուդ վրայ թափառուն,
Յոյսով զեղուն, արեւով խենթ եւ անուրջով երջանիկ,
Բայց ինչ կ՚ըսեմ… կանգ մի առներ, լուսաթռիչ երիվար։

ԻԱ
Տես շքեղ աշունը, որ շուրջերնիս տարտամօրեն կը մեռնի,
Ահաւասիկ դեղին տերեւ մը ճակտիս վրան ինկաւ վար,
Խորհրդանիշն է մահուանս, թէ պսակումը հաւատքիս,
Բայց ինչ փոյթ մեզ, դուն վրնջէ Եփրատին հետ սուրալէն։

ԻԲ
Թերեւս վերջին տերեւն էր ժանտատեսիլ ճակատագրին,
Որ մեր վրան ինկաւ վար, ինչ փոյթ մեզ՝ կանգ մի առներ,
Հողին բոլոր ծագերէն այս խօսքն է որ կը կրկնեն.
«Կանգ մի առներ, կանգ մի առներ, ազատարշաւ Գաղափար»։

ԻԳ
Ահ, կը պաշտեմ ես զքեզ, ահաւասիկ, որ աստեղօրէն կը թռչիս,
Կայծակին չափ արագ ես եւ անոր չափ ալ ազատ,
Հովին մեջէն հովին հետ, արծիւներ ենք ճախրի մէջ,
Ես ասպետդ եմ եւ գերիդ, նպատակիս բարձրացուր զիս։

ԻԴ
Ապառաժին կատարներէն ամեհօրէն ամպամած,
Տես, ջրվեժները, ջրվէժները վար կը նետուին,
Մարմինիդ պէս անգայտ է անոնց հորձանքն սպիտակ,
Եւ վազքիդ պէս բարբարոս՝ իրենց էջքը տիրական։

ԻԵ
Բայց ինչու քու մարմինդ մարմնոյս տակը սարսռաց.
Ինչ կա, ըսէ, ով դիւցազուն, ինչու համար մռայլեցար,
Ահ, աչուըներդ ինձմէ դարձուր, յուզեալ աչքերդ հեռացուր,
Հորիզոններ միայն կտրէ, կը պաղատիմ, երիվար…

ԻԶ
Աղերսանքներն ես իմացայ, լաց ու կոծեր ու ողբեր,
Խրճիթներէ, փլատակէ, քաղաքներէ մեզ հասնող,
Բայց ինչ օգուտ ցաւին առջեւ անզօրօրէն կանգ առնել,
Միայն պէտք է փրկել զանի, կանգ մի առներ, երիվար։

Իէ
Հոգեվարքին մէջէն անցանք, աչուըներնիս անարցունք,
Սրտազինուէ, երիվար, կանգ մի առներ, մի առներ,
Այսուհետեւ ես Յոյսին Ջահերն է որ պիտի վառեմ,
Դադարը մահ է մեզ համար, կանգ մի առներ, երիվար…

ԻԸ
Ես լսեցի քառասմբակ շքեղ մարմնիդ կատարէն,
Որ կայծարձակ պայտերդ, մեր վազքին մէջն մինչեւ այսօր,
Քանի անգամ, քանի անգամ ոսկորներ էր որ փշրեցին,
Եւ բաց կոպերը գանկերուն ինձ նայեցան, տեսար դուն…

ԻԹ
Ես լսեցի քեզի կ՚ըսեմ, երկաթներէդ՝ ճարճատիւնը կմախքներու,
Բայց լռեցի։ Ես անխօս եմ։ Կանգ մի առներ, երիվար,
Հոգիիս մէջ հեծեծանքս ես կը թաղեմ անդնդախոր,
Թող զայրոյթս միայն ապրի, կանգ մի առներ, երիվար։

Լ
Մի վարանիր, ով սպիտակ բարբարոս մարմարեայ,
Կեանքին ցաւը արցունքով չէ որ կ՚անհետի,
Իտէալը պիտի հնչէ, պիտի հնչէ իտէալը իր զանգերն ցասումի,
Կռունկները մեզ պիտի կանչեն, անոնց երգին հետեւիր…

ԼԱ
Բայց ուր է ճամբադ, ինչ է այս, ցնորեցար, ով նժոյգ,
Ահ, մոխիրներ են, մոխրադաշտեր, աւերակներ են ասոնք,
Մշուշին պէս գորշ փոշին մեր շունչերը կը սպառէ,
Ճեղքէ անցիր, զարհուրանքի այս լեռներն ճեղքէ անցիր, երիվար։

ԼԲ
Օ, վեր առ ճակատդ, վեր աչքերդ, որ ձեռքովս փակեմ զանոնք,
Կանգ մի առներ, Կարմիրն է, Կարմիրն է, Կարմիրն ահեղ արիւնին։
Ես իմ գլխուս ծածանող վարշամակս վար քաշեցի…
Կանգ մի առներ, ինչ օգուտ կար մեր անօգուտ հառաչէն։

ԼԳ
Իմ քնարս ցաւերուս հետ ժամանակով արիւն լացաւ,
Այսուհետեւ լացը կ՚ատեմ, դուն ես միայն իմ Ոգին,
Փառապանծ ես եւ մարտաշունչ, ես իշխանդ եմ եւ գերիդ,
Քու ձեւերդ էր որ պաշտուեցաւ Ելլադայի փառքերէն…

ԼԴ
Հովին ձայնը շեփոր մըն է, որ կը հնչէ հեռուներէն,
Անտառները ոտքի ելան պատերազմի վաշտերու պէս,
Դռոյթիդ տակ կատաղի հին յոյսերն իբր հսկաներ կը զարթնուն…
Հին օրէնքը կը փշրի, հին արցունքը կը թափի, հին ձայները կը մեռնին…

ԼԵ
Լուսածագին՝ վազգիդ մէջ, լեռնադաշտի մը վրայ,
Նոր ըմբոստներ պիտի տեսնենք, նոր հսկաներ, նոր հերոսներ
Որդիները տառապանքին, որ թշնամութեան այս դարուն հետ,
Արիւնին մէջ են ծնած, եւ անոր մէջ զայրացած եւ արիւնով կ՚ուզեն մեռնիլ։

ԼԶ
Եւ երբ տեսնենք ծովացումը մրրկազէն վաշտերուն,
Անոնց հետ է որ պիտի քալենք Նպատակին ճանապարհէն,
Եւ ես փառքը պիտի երգեմ եւ պսակումը մարտիկներուն,
Զի բամբիռս պիտի հնչէ եւ ջահերս ալ պիտի վառին։

Լէ
Օ, արշալոյսը ծաղկեցաւ, ես ասպետդ եմ եւ գերիդ,
Զառիվերը դժուարին է, բայց հագագդ՝ հողմաշունչ,
Պէտք է թռչիլ, ճիգ մըն ալ, հուրերուն հետ առաւօտին,
Կանգ մի առներ, ես ծարաւ եմ, ինչպէս եւ դուն, յաղթութեան։

ԼԸ
Տրոփիւն մ՚ալ, վերջին ցայտ մ՚ալ, գերիդ եմ ես,
Տես, ինչ թիւ է, ինչ թափօր, ինչ երջանիկ զօրութիւն,
Ազատութեան ռահվիրաները, սուրերովնին կենսաշող,
Առաւօտին լոյսերուն մեջ Եղբայրութիւնը կը տօնեն…

ԼԹ
Կանգ առ այստեղ… եւ օրհնեալ ըլլաս, աստուածավայել երիվար,
Իտեալին ի տես մտածումս եւ հոգիս արցունքներով ծանրացան…
Յաղթանակը մեծ օրէնքն է անկշռելի գեղեցկութեան,
Ահաւասիկ՝ հոն, վեց դարերն՝ մռայլօրէն հրազինուած։

Խ
Պիտի զքեզ ասպազինեմ։ Ես զինուեցայ։ Ջահս ուսիս՝ կը վառի,
Փոթորիկի պէս քալել կ՚ուզեմ։ Արդարութեամբ բեռնաւոր՝
Արշալոյսին հուրերուն տակ Հողը մերկ է եւ ծարաւ,
Եւ մեր վազքէն հսկայ Յոյսն է որ իր կայծերը պիտի ցանէ…։


ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ ԵՐԱԶ
Գարնան ու կոտորումներու իրիկուն,
Հոգիս վրէժի շատրուան մըն է նորէն կատաղօրէն դէպի վեր,
Ու տերեւներ յուսահատ հոգիներու նման՝
Աւազաններուն պայծառութեանը մէջ ու մեր բոլորին վրայ կ՚իյնան,
Անդունդներու մէջէն սրածումներու ձայն,
Ու դէպի հոն օգնութեան աճապարող,
Արդէն մեռնող ճիչեր, արդէն մեռնող կեանքեր։
Ու նորէն այս գիշեր,
Տաճարներուն մէջ անմեղներու դիակներ անհամար.
Ու տանիքիս վրայ տեղատարափ մը երկաթեայ,
Հրդեհներու մրրիկ մը գանկիս տակ,
Ու տեղափոխուող ջուրերուն վրան
Խաչուած նահատակներ կ՚երեւան…
Ու անձրեւի ու պատուհասի իրիկունով՝
Վերահաս խողխողումներու արհաւիրք մը քաղաքէ քաղաք…
Ու հոգիիս մէջ դժոխային երկիւղ մը կը մրրկի…
Պարապ Դագաղ մը իմ խեղճ ձեռուըներուս հպումին տակ,
Ու մարմարեայ անսահման սանդուխներու կատարներէն…
Օ, օգնութեան եկէք, գլխատուած մարմիններ դէպի զիս կ՚աշաւեն…
Բայց, ով դուք, երեկոներու եւ չարչարանքի եղբայրական հոգիներ,
Փոթորիկին եւ բարբարոսներու խուժումէն առաջ, այս գիշեր,
Յամառօրէն ու արիաբար դուք ձեր ճամբան վճռեցէք…

19Օ3


ՀՈԳԵՎԱՐՔԻ ԻՐԻԿՈՒՆ
Սոսկումներու անտառին բոլոր ծառերն անհունօրէն,
Զիրենք հալածող ահաւոր ցամաքահովէն,
Իրարու մէջէն դէպի ջուրերն եղերական
Խելայեղօրէն քալել կը սկսին…։
Ու բոլոր տրտմած անասունները հեռաւոր ճամբաներուն,
Անշարժ, իրարու ետեւէ,
Ձիւնին մէջէն, լուսնին դիմաց ոռնալ սկսան…
Ինծի այնպէս կու գայ որ սովալլուկ բորենիներ,
Գերեզմանոցին անկիւնը,
Աճապարանքով,
Հողէն հանուած մեր մեռելները բզկտեցին…
Ու ալիքները մինչեւ աշտարակը բարձրացան…
Այրի աղաւնիները մոլեգնաբար ահաբեկելով.
Ու կամուրջներուն տակի բոլոր թափառիկները,
Հովերուն մէջէն, յուսահատօրէն,
Թիարանին դուռներն ապաստանեցան։
Ով գիտէ, հովերը երբ, երբ պիտի դադրին,
Ու մինչեւ երբ աղաղակները պիտի շարունակուին
Լքուած անասուններուն,
Հեռաւոր ճամբաներէն անդին։
Փլած կամուրջէ մը հարսնեւորները կ՚անցնին…
Ու փայտէ սրունքներով կոյրեր կ՚աճապարեն
Ջրանցքին քարափներէն, տաժանօրէն դէպի վար,
Վերջապէս հասնելու համար
Սահանքներուն բերանը,
Ուրկէ՝ խեղդուողներուն ձայները բոլորը մէկէն
«Օգնութիւն, օգնութիւն» կ՚աղաղակեն…

Ու կարծեմ թէ բոլոր կրօնաւորները վանքերուն,
Այս իրիկուն,
Երկարօրէն աղօթելէ ալ յուսահատ՝
Բոլորը մէկ՝ մոլախինդէ գինով՝ կը վախճանին։
Ու դարմանատան բոլոր անբուժները
Մութ երկինքին վրայ անօգուտօրէն ու երջանկօրէն
Գիշերներով իրենց յոյսին աստղերը փնտռեցին…
Ով գիտէ, հովերը երբ, երբ պիտի դադրին,
Ու մինչեւ երբ նայուածքները պիտի շարունակուին
Լքուած հիւանդներուն,
ժամանակներէ ի վեր արդէն մեռած աստղերէն անդին։
Ու այս բոլորին, այս ամէնուն
Հոգեվարքներն ամբողջովին
Ու ցաւերը տրտմած անասուններուն,
Դանդաղօրէն, իմ ներսիդին կը սուզուին…։


ԱՂՕԹՔ
Կարապները թունաւորուած լիճերէն այս իրիկուն յուսահատօրէն գաղթեցին,
Ու տրտում քոյրեր, թիարանին պատերուն տակ, եղբայրներ կ՚երազեն…
Շուշանով ծաղկած դաշտերուն վրայ պատերազմները վերջացան,
Ու գետնափորներու մէջէն գեղեցկուհիներ դագաղներու կը հետեւին,
Եւ իրենց դէմքերը հողին ծռած՝ երգեցին.

«Օ, աճապարեցէք, մեր ցաւագին միսերը սառեցան այս անիրաւ խաւարներէն…
Աճապարեցեք դէպի մատուռն, ուր կեանքն աւելի գթած պիտի ըլլայ.
Գերեզմանոցին մատուռն, ուր մեր եղբայրը կը քնանայ…»։

Հոգիիս մէջ այրի կարապ մը կը տանջուի,
Ու հոն նոր թաղուած մեռելներուն վրայ
Աչուըներէս վար արիւն անձրեւ մը կը տեղայ…
Անդամալոյծներու բազմութիւններ կ՚անցնին սրտիս ճամբաներէն,
Ու բոպիկ ոտքերով կոյրեր անոնց հետ՝
Աղօթողի մը պատահելու աստուածային յոյսով…
Եւ անապատներու կարմիր շուներն ամբողջ գիշեր մը լացին,
Յուսահատօրէն աւազներուն վրայ ողբալէ յետոյ,
Անծանօթ ցաւի մը համար, որ չի հասկցուիր…
Ու մտածումիս փոթորիկը անձրեւին հետ դադրեցաւ.
Սառած ջուրերուն տակ ալիքներն անգթօրէն բանտարկուեցան.
Հսկայական կաղնիներուն տերեւները, վիրաւորուած թռչուններու նման,
Հոգեվարքի ճիչերով վար ինկան.
Եւ խաւարչտին գիշերն անհունօրէն ամայացաւ,
Ու մենաւոր ու արիւնոտ լուսնկային հետ,
Մարմարեայ անշարժ ու բիւրաւոր արձաններու պէս՝
Մեր հողին բոլոր մեռելներն իրարու համար աղօթքի ելան…


19Օ3




ՀԱՆԳԻՍՏԻ ԻՐԻԿՈՒՆ
Բոլոր խարտեաշ իշխանուհիները պորփիւրէ պալատներուն,
Տօնի երկայն վերարկուներով,
Ապրիլի կէսօրի մը մէջէն,
Իրենց արծաթէ կողովները ծաղիկով լեցուն,
Այցի գացին գիւղի անձկոտ աղքատներուն։
Գիշեր մը ամբողջ անհունօրէն,
Հիւանդներու քով հսկեցի.
Ու անտառին մէջ թափառող բոլոր կոյտերն,
Երկիւղածաբար, այս իրիկուն,
Մարմարէ բագինն առաջնորդեցի։
Թիապարտները ամայի պարտէզին մէջ կը պտտին,
Իրենց շղթաները լուսնին տակ հնչեցնելով,
Ու քաղցրօրէն, սահող գետերու կը խորհին,
Չհնձուած կանաչ դաշտերու
Ու մայրերու, որ իրենց ծաղիկներ ու լամպար մը կը պատրաստեն
Հեռաւոր ջուրի մը եզերքը քանի մը Դագաղ գամեցին
Յաւիտենական ոսկի մուրճերովը խենթութեան։
Ու կարծեմ թէ բոլոր գթութեան քոյրերն
Ճերմակ կտաւներ կը կարեն,
Անձրեւի իրիկուն մը,
Վրանի մը տակ, ուր վիրաւորներ նայուածք նայուածքի կը քնանան…։
Մառախուղին մէջէն գառնուկներու խումբ մը անցաւ,
Որ հիմա, տխուր, դէպի սպանդանոց կ՚աքսորուի,
Անդամահատուող անմեղ, պայծառ տղաքներու ճիչերով…
Ու բարեկամներս թունաւոր ծաղիկներ քաղեցին,
Իմ հեռաւոր գերեզմանս զարդարելու համար։
Ու փոթորիկի գիշեր մը թշնամիի մը ձեռքը եղբայրաբար սեղմեցի,
Հիւծախտաւոր աղջիկ մը համբուրելէ առաջ։
Օ, բայց ես լամպարս հիմա պիտի մարեմ
Ու բոլոր փեղկերը պատուհաններուն՝
Ամէնը մէկ պիտի փակեմ շտապով։
Ագռաւներու բոլոր քրքիջներուն դիմաց,
Որ խաւարին մէջէն, այնչափ մահագուժօրէն,
Այս իրիկուն դէպի հոգիս կը թեւեն…։
Ու վաղը քեզի հետ արիւնոտ գետը նաւարկենք,
Արշալոյսէն առաջ, արիւնոտ գետը նաւարկենք,
Հասնելու համար, ուր, չեմ գիտեր, թերեւս հոն,
Ուր դուն ալ, ու ես ալ, ու ամէնքս ալ Հանգիստը պիտի գտնենք։




ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Աւերումի գիշեր…
Հեռուներէն մահազանգակի ցնորաբեր ձայն։
Սպանդանոցի խորունկ վախ մը դուռներուն ետեւ,
Ու գետնափորներու մէջ մոխրի վրայ աղօթող այրի կիներ ծնրադիր…
Դուրսը թիարանի պատրական լռութիւն մը կը յաւերժանայ…
Ու քարանձաւներէն ստուերներ վար կը թաւալին՝
Գինով ոճրագործի այսահար ամբոխներու նման…
Բոլոր պատուհաններուն լոյսերն աւրուած աչքերու տանջանքն ունին…
Ու կարծես բոլոր աստղերն ալ խաւարին մէջ կը խեղդուին։
Օ, պէտք է գթալ այն մենաւոր հոգիներուն, որ կը վախնան՝
Ջուրի մը խորը տեսնուած ծաղիկներու կերպարանքներով,
Ու մանաւանդ անոնց, որոնք այլուր ըլլալ կ՚ուզեն,
Հիւանդ անդամալոյծներու այլաբաղձութիւններով թրթռուն։
Բոլոր ամուրիները հողէն հանուած մարմիններու սարսափն ունին,
Ու բոլոր նորածինները հեռաւոր մայրեր կ՚երազեն…
Օ, այդ բոլոր որբ հոգիներն, որ իրարու մէջ կը նային
Քնաշրջիկներու խօլական ու հայցող նայուածքներով,
Անկարող իրարու մէջ ապաստան մը գտնելու…
Ու այնքան նման այն մահամերձներուն,
Որ մէկմէկու նայուածքի տակ իրենք իրենց մահը կը տեսնեն…։

Աւերումի ցնորաբեր գիշեր…։
Ու տարօրինակ երազ մը գիւղացիներն յաճախեց.
Ուխտաւորներու երկայն վերարկուներով,
Գետին ափերէն, դաժանօրէն մեռելական,
Ոտքերնին բոպիկ
Ու իրենց ձեռքերն արծաթէ խնկամաններ բռնած՝
Շատ բարեպաշտօրէն,
Դէպի փրկարար Ուխտը ճամբայ կ՚ելլեն։
Յաւիտենական վախէն զգայախաբ,
Ամբողջ գիւղն երազի մէջէն, խաչակնքելով կը փախչի,
Կոյր ոչխարներու ճերմակ հօտերուն նման,
Որ փոթորկի գիշեր մը, աճապարանքով ջուրէ մը պիտի անցնին…

Աւերումի ու արիւնի գիշեր…
Օ, նայեցէք,
Եփրատին զահանդական եզերքներէն
Բորենիի աչուըներով մարդակերներուն շտապը՝
Երազին վրայէն, ծորերն ի վեր,
Անհունօրէն, դէպի գիւղ…
Օ, այն ընդհարումներն ոսկորի ու սուրերու,
Որ իրենց գիշատողի շարժումներէն
Խուլօրէն կ՚արձագանգուին
Լեռներուն տակն ահարկու։
Ու իրենց նայուածքներն մանաւանդ,
Ու ակռաներուն խշրտուքը սղոցուող մարմարի,
Ու մրրկումը զանգուածեղ խուժանին,
Որ տեղափոխուող անտառներու ցնորքն ունի…
Ու բոլորը մէկ Արիւնը կ՚երգեն…
Ու բառերը իրենց յովազի բերաններէն մթին,
Յանկարծօրէն կտրուած վէրքերու նման,
Քարերուն վրայ ծանրօրէն կ՚իյնան…։

Աւերումի ու արիւնի գիշեր…
Օ, բոլորդ մէկտեղ անմիջապէս աղօթքի կեցէք,
Ով դատապարտուածներու ցաւագին եղբայրներ.
Ինծի այնպէս կու գայ, որ ամբողջ գիւղը սարսափահար արթնցաւ…
Ու հիմա բոլոր մարմիններն իրարու կը փաթթուին,
Բոլոր նայուածքները իրար կը պաղատին…
Ու բոլոր բազուկներն խելայեղօրէն պարապը կ՚երկննան…։
Ու ամէնը մէկ մահագուժօրէն «Աստուած, Աստուած, Աստուած»
Կ՚աղաղակեն…

Աւերումի անդառնալի գիշեր…
Ագռաւներու հանդիսաւոր խենթութիւն մը գիւղին վրայ…
Ու արծիւներու ճերմակ ուրուականներ անոնց հետ։
Բոլոր թաղերն ածխահանքերու երեւոյթն ունին,
Ու օդին մէջ արիւնի ու մոխիրի նախճիր մը կը հեւայ…
Դիակներ, դիակներ ու մարմիններէ բաժնուած գլուխներ,
Դեւերու ամեհի ու անձայն նայուածքներով,
Ահեղօրէն, սեւ պատերու երկայնքն ի վեր կ՚աշտարակուին…
Օ, լսեցէք հոգեվարքներուն հեծկլտանքը այս բոլորին մէջէն…
Կարապներու սպիտակ կոտորածի մը այնչափ նման,
Ու կիսամեռներուն մտածումը, որ իրար կը ճանչնան…
Ու անոնց, որ իրար փրկել պիտի ուզէին,
Կոյսերու նման, որ ձիւնի օր մը վանքերու մէջ կը գլխատուին…
Կարծես խաւարներուն յաւերժութեանը մէջերէն
Հեռաւոր դահիճներ արիւնի սահանքը բացեր են
Աշուններու բոլոր տժգոյն հոգիներուն վրայ,
Ու այգիներուն բոլոր պայծառ աւազաններուն մէջ,
Ուր հիմա անգամի մը համար,
Արիւնին ոգեկոչող հաւաքումին տակ,
Տիրական Մահը, Մտածումները ու բոլոր չբացատրուած Սէրերը
Նայուածք նայուածքի պիտի գան…
Գերեզմանոցներուն վրայ, արշալոյսին մէջէն,
Հինաւուրց ուրուականներն այսպէս երեգեցին.
«Խաղաղութիւն անոնց, որ գերեզման չունեցան,
Ու խաղաղութիւն անոնց ալ, հոգեվարքէ կը տանջուին…»:


1899 Փարիզ


ՀՈԳԻՍ
Ահաւասիկ հոգիիս ջահերը, որ վայրկեան առ վայրկեան
Մտածումս կ՚արեգակեն՝ զանիկա խաւարին մէջ սուզելէ յետոյ…
Հոգիս ան է, որ բիւրաւոր անգամ ձեր ամէնուն ցաւն ապրեցաւ,
Ան է, որ անդունդի մը մէջ՝ իր մոխրին վրայ ծնրադիր՝
Հարազատ ու շղթայակապ քոյրերու աքսորը կու լայ…
Հոգիս այն վայրն է, ուրկէ արիւնռուշտ լուսին մը բարձրացաւ
Անմեղներու կոտորածէն ծովացեալ դաշտի մը վրայ…
Ու այն հողմակոծ անտառն է, որուն աւազաններուն շուրջ՝
Օ, եղբայրական արիւնի հեղեղներ կը հոսին…
Հոգիս այն երկիրն է, ուր որբ եւ սեւահեր տղաներու բազմութիւններ,
Անդադար սուրերու շողիւններէն հալածական,
Աղեխարշ ճիչերով փլատակներու մէջէն կը փախչին…
Հոգիս այն երկինքն է, ուրկէ յոյսին բոլոր աստղերը թափեցան,
Ու այն մարմարակերտ տաճարն, ուր կեանքը ծունկի եկած՝
Խելայեղօրէն Ամենագութ մահը կը պաղատի…
Հոգիս Աւետարան մըն է, որուն վրայ տժգոյն ու յուսահատ ձեռքեր
Անկարելի քաւութեան մը համար, ապարդիւնօրէն, դեղին թերթեր կը թղթատեն…
Հոգիիս մէջ երբեմն արշալոյսներ կ՚արիւնին,
Եւ պաղատող աղաղակներու անասելի համանուագ մը կ՚որոտայ.
Հոն սրածումներու աշխարհ մը կայ, ուր սարսափահար կեանքեր
Ձեր շարժումին, ձեր օգնութեան, ձեր ձայնին կը սպասեն…
Հոգիիս մէջ հերոսներու ծնունդ մը կայ եւ մեռելներու թափօր մը միանգամայն…
Հոգիս այսօր անձրեւ մըն է մորթազերծուած դիակներու վրայ
Ու նայուածք մըն է, որ անտիրական դագաղները կը թափանցէ,
Հոգիս բարկութեան ու ցասումի հով մըն է այս գիշեր,
Որուն վազքին տակ արիւնարբու ռազմագունդերը պիտի նահանջեն…
Ու բոլոր գերեզմանոցները, իրենց խորերէն, ահագնաբար,
Ձեր նայուածքներուն առջեւ՝ դէպի վեր պիտի շրջին…
Որպէսզի վերջապէս ճանչնաք, ով անկարեկիր ներկաներ,
Այն բոլոր մարտիրոսները, որ ձեր բոլորին համար
Անձնուիրութեան եւ կամքի առաւօտ մը ինկան…
Հոգիս մահատեսիլ աշուն մըն է, որ այս ամէնուն վրայ
Իր մշուշը եւ իր տերեւներուն հոգեվարքը կը սրսկէ.
Բայց հոգիս եւ Կարմիր Յուսահատ մըն է, որ անընկճելի Յոյսին համար
Առաքեալի մը պէս դէպի արգասաբեր Մահը պիտի թեւէ…։



19Օ4 Փարիզ


ՄԱՀԵՐԳ
Լեւոն Բաշալեանին

Ըսէք, դէպի որ Մահը դաժանօրէն եղերական,
Մեր հոգիները՝ հողին փառքէն վիրաւոր՝
Ու անոր ցնորքի ճամբաներէն տժգունած,
Որ հեռաւոր հորիզոններէն սգաւոր՝
Տրտմօրէն պիտի երթան։

Եբենոսէ ու երկաթէ մարմիններով,
Գիշերուան թռչունները բոլորը մէկէն,
Անծանօթ ծովերու դարաւոր՝
Մարմարէ ու կրանիթէ ափերէն,
Չեմ գիտեր երբ, քարայրի մը մէջ գետնափոր,
Մութէն արիւնած իրենց Ցաւը մեռելական,
Գիշեր մը, փոթորիկներու ամեհի գիշեր,
Վայրագօրէն մահերգելու եկան.
Օ, բոլոր այն ոսկորի ու բացուած թեւերու
Ընդհարումները կմախական,
Որ իրենց գիշատողի զահանդող մարմիններէն
Ծանրօրէն կ՚արձագանգուէին
Քարերուն տակ ահարկու.
Ու արիւնը, որ կը հոսէր հրաշէկ
Դէպի հանդարտ հոգեվարքներն անհուն,
Աչուըներուս ահաբեկ։
Ու իրենց մահերգը շտապուող, այսահար,
Ու իրենց նայուածքները ոճիրով լեցուն,
Ու հազերնին արիւնոտ ու անյատակ,
Ու իրենց բերանները թունաւորուած գինովի,
Ու ակռաներուն ձայնը փշրուող մարմարի,
Ու թեւերնուն թափը՝ քարայրին մէջ մթին,
Փոթորիկ մը անվայրափակ…
Այս բոլորը մարմնոյս վրան,
Խաւարին մէջ, անձաւին տակ՝
Անվերջօրէն սրսկեցին։
Ու իրենց լացերը դիւային ու գինով,
Ուրկէ գետինը ինկած հոգիս վախէն,
Աչքերը վեր՝ ինծի համար,
Իր վիրաւոր աչքերը դէպի վեր՝
Կոյսի մը պէս դողահար,
Հողին վրայ ծունկի եկած կ՚աղօթէր…։
Ու ես, անմխիթար,
Հեռաւոր հոգիներու պայծառ լացն իմ վրաս,
Ուրիշ անծանօթ հորիզոններէ,
Գիշերներով իմացայ։
Ու մահագոյժ զանգակներու
Ոսկեհնչուն հսկայ քայլերը ցնորաբեր՝
Ոգեկոչող ու դիւական,
Ու քարայրին պարապը՝ քալող ուրուական՝
Մարմնոյս վրայ ահագնապէս փոթորկեցան,
Թերեւս դագաղի մը յիշատակին՝
Որուն վրայ արծաթ մուրճերը չի հնչեցին,
Վերջապէս գամելու համար
Վրդովուած անմեղութիւնը մոռացումին։
Ու ալ չեմ գիտեր ուր տարին,
Անբիծ մարմինս անիրաւօրէն լքուած,
Հողին բոլոր ապարդիւն փառքերէն վիրաւոր
Ու իր արիւնի բոլոր ճամբաներէն տժգունած…

Յետոյ հոգիս թռչուններուն հետ գիշակեր,
Խելայեղօրէն գերեզմանէ գերեզման,
Ամէն գիշեր,
Մութէն արիւնած իրենց Ցաւովը հպարտ,
Խենթութեան մահերգներն աքսորեցին
Հորիզոնէ հորիզոն,
Ձեր արեւներէն ու հողէն յուսահատ,
Հոգիներուն կեանքին։
Գիտէք, դէպի որ Մահը դաժանօրէն եղերական՝
Երբ ձեր հոգիները հողին փառքէն ալ վիրաւոր,
Ու իր երկար օրերէն յոգնած՝
Որ հեռաւոր միջոցներէն սգաւոր,
Տժգունօրէն պիտի երթան։


ՈՐԲԵՐԸ
Ու դարձեալ հոգիիս քառուղիներէն կ՚անցնին,
Մահապարտներու պաղատող նայուածքներով,
Ապաշխարանքի կերոններ ձեռուընին,
Ու պաշտամունքի բուրվառներ դանդաղօրէն խնկարկելով։
Օ, իրենց կարաւանը տժգոյն միստիք ուխտաւորի,
Որ այնչափ երկիւղած ու մահագոյժ ու խոհուն
Դէպի նուիրումը աստուածային Ցաւին, անհունօրէն կ՚երկարի,
Այս գիշեր, հսկումէն յետոյ, Մեռելոցի իրիկուն։
Օ, անոնք հոն բոլորն ալ իրենց մահերը պիտի ճանչնան,
Հոգիիս անդնդային մեռելաստանին վրայ,
Անսահմանօրէն իրարու հետ, ճակատ ճակատի…
Ու արդէն, խելակորոյս բոլորը մէկ,
Գերեզմաններու վրայ ծունկի եկած՝
Մեռելներու յաճախանքէն իրենց հոգիներն ահաբեկ,
Որ գլուխնին ձեռուընուն մէջ ու աչուընին փակած՝
Իրենց ցաւին տարփաւորի արիւնը կու լան…։

Օ, չըլլայ որ երբեք այս գիշեր իմին վրաս մտածէք…
Աստուած, մտիկ ըրէք սա ընդհարումները մարմիններու
Ու բոլոր որբերը, որ ալ կը փաթթուին
Փոթորկոտօրէն գերեզմաններէն բարձրացող ամեհի կմախքներուն…
Ու այն բոլորին ճիչերը, որ իրար կը ճանչնան…
Ու անոնցը, որ խենթօրէն իրար կը փնտռեն…
Ու դեռ իրարու ետեւէ
Բացուող հողերուն մրրկումը ասոնց հետ,
Ու անոնց աղերսը, որ դեռ իրար կ՚ուզեն…
Ու երդումները անոնց, որ ալ իրար պիտի պաշտեն առ յաւէտ…
Ու անոնք, որ իրար երբեք չճանչցան…
Ու դեռ անոնք, որ մէկմէկու մէջ ինզինքնին պիտի գտնէին,
Ու անոնք, որ վերջապէս այս գիշեր, այնչափ չարաշուքօրէն իրարու բախեցան,
Ու փախուստը ասոնց, այս ամէնուն, այս բոլորին
Իրարու մէջէ, մահագուժօրէն վայրագ ու խօլական,
Դէպի որ հեռաւոր հորիզոններէն իմ հոգիին
Կամ դէպի որ Աստուածը թերեւս աւելի ոճրական,
Ալ վերջապէս, եղբայրաբար ըսէք,
Այսպէս իրարու մէջէ, բոլորը մէկ պիտի երթան…։

Չըլլայ որ այս իրիկուն երբեք իմին վրաս մտածէք։

19ՕՕ Փարիզ


ՔՆԱՐԻՍ ԼԱՐԵՐԸ ԴԵՌ ԹԱՑ ԵՆ
Ա
Դուն, դառնապէս տրտում քոյր, եւ դուն, պատուհասեալ պարմանի,
Քաղցրօրէն երկուքդ մէկ բանաստեղծի շրթունքներուս յառաջացէք,
Ճշմարիտ է որ անսուտ բերանս ձեր ճակտին որբ վարդերուն վրայ
Հեռուներէն հասնող եղբօր մը կրակէ կարօտն է որ պիտի համբուրէ…։

Բ
Տարիներով եւ խաւարներով ձեր մահացու ցաւն իմ կարմիր ցաւս եղաւ,
Ու տառապանքիս տիեզերքին մէջ ձեր արցունքն իբր անձրեւ, հոգիիս վրայ կը տեղար։
Ձեր հեծեծանքներն մահուան հովերուն պէս մենաւորի լուսամուտիս փեղկերը կոտրտելու եկան…
Եւ անհնարին սոսկումներ ապրեցայ ան անտառին մէջ, որ ձեր հայրերուն ոսկորներէն էր կազմուած…։

Գ
Բարբարոսներէն թափուած արիւնը, կեանքիս առջեւ, այն կմախքատեսիլ աւազանն էր,
Որուն խորերը, ես քանի անգամ մաքառումի եւ ուխտի արդար ընկերներուս հետ,
Իմ նորավարժ քնարս, գրիչս, սուգերու սրինգս եւ անբիծ սուրս արծաթեայ,
Եկայ, եղերականօրէն ահաւոր մկրտութեան մը համար, անոր մէջը թաթխելու…։

Դ
Այսպէս, իմ ճշմարտասէր հոգիս, ձեր ճշմարիտ ցաւին համար կարմիր մատեաններու մէջը խամրեցաւ…
Եւ քանի—քանի արեգակներ մեռան, բայց քնարիս լարերը դեռ թաց են, եղբայրներ, դեռ իր լարերը թաց են,
Ահ, գթացէք մատուըներուս, եւ թող երգերս մրրկին, թող արցունքս թորայ, թող շեփորս հերոսներուն իր հրաւէրն որոտայ…
Որովհետեւ Արդարութեան առաւօտը դաժանօրէն հեռու է, եւ իտէալիս երկինքներն՝ անյատակ…


ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ
Արեւին հուրն քեզ ընծայ,
Ընծայ բերին արիւնն իրենց գարունին,
Ոսկորներու կուտակումներ կնդրուկի պէս վառեցին,
Արցունք եւ ցաւ, ցասում եւ յոյս ծով առ ծով
Եկան հոսիլ ոտքերուդ տակ…
Ով գաղափար, ով դիւցազուն, ով հսկայ։
Հովերուն հեւքն ու մրրիկներն իբրեւ թեւ
Քեզ ընծայեց բնութիւնն ազատագութ,
Եւ ժամէ ժամ յաղթութիւնը քեզ տուաւ
Աստուածեղէն անմահութիւն մարմարեայ…
Եւ երբ օր մը զինիթէն նժոյգիդ վրան բարբարոս
Ամեհօրէն նպատակիդ արշաւեցիր,
Մտածումիդ մեծութեանն ի խնդիր՝
Մարտիրոսուած մեռելներն յանկարծ նորէն բարձրացան
Ու իրենց ոսկի ոսկորներն ուխտուածի,
Անգամ մը եւս աչքիդ առջեւ փշրելէն,
Բոլորը մէկ, ես լսեցի, ըսին քեզի.
— Յառաջացիր, յառաջացիր, Գաղափար,
Թէեւ ճիշտ է, դու յաղթեցիր,
Բայց պարտութիւնն իբր օրէնք
Տիեզերքի ժանտ շրջանին,
Հայուն համար, չարիքին հետ դեռ կը սպասէ։
Եւ կ՚աղերսենք մենք քեզի, որ՝
Կամքերուն կարմիր մուրճը ձեռքիդ մէջ,
Կայծակներու անտառներէն անդադար,
Արարատին կատարներն իբրեւ սալ,
Դուն՝ ռազմէն հասնող ռազմիկներուդ համար,
Նորէն յամառօրէն, ոսկիաշէն սուսերներդ դարբնես…
Եւ քեզ, վճիտ Գաղափար,
Մեռեալներէդ խօսք մը եւս…
Խօսք մը եւս անոնցմէ, որ դրօշիդ փառքին համար
Իրենց հոգւոյն արիւնը քեզ նուիրեցին.
Մի մոռնար դուն շեղբերուն վրայ սուրերուդ
Կարմիր կամքիդ վճիռն այսպէս կայծագրել.
«Արդարութեան ադամանդի օրերուն,
Ով անքննելի եւ եղերական պողպատներ,
Ձիթենիի կանաչագեղ ոստեր եղէք…
Եւ շանթերու, շանթերու, շանթերու պէս,
Պէտք է շողաք, պէտք է շողաք այն ատեն,
Երբ հայ արիւնը անմեղօրէն օր մը հոսի…»։