Հայրենի հրաւէր
ՀԱՅՐԸ ՀՈԳԵՎԱՐՔ
— Վերջին նամակն ինծի տուէք, որ արցունքներս սրբեմ…։
Ահ, ուրկեց է որ կը բխիք, որ անդունդէն, որ աղբիւրէն…
Դուք, մարգարտի ու մարմարի յորդահոսան փշրանքներ,
Ալ աչքերուս խեղճ կոպերն խոցոտեցան,
Ամբողջ կեանքս, ամբողջ արեւս, ամբողջ ուղեղս այսօր լացի…
Վերջին նամակն ինծի տուէք… որ աչքերս ձեզմէ ծածկեմ…։
Մթնշաղի հաւախօսին ով արթուն էր ձեր մէջէն.
Ահ, արշալոյսին բարութիւնը, բարութիւնն այս առաւօտ,
Սոխակները սիրահարի պէս՝ բոլորը մէկ կու լային,
Ու վանդակին կապոյտ կաքաւը ձիւնին կարօտը կ՚երգէր…։
Բայց ինչու դեռ չի բերիք մեր պարտէզին վարդերէն,
Որդուս ձեռքովը տնկուած վարդատունկէն քանի մը վարդ…
Ու թերթիկներն այդ շուշան ճակտիս վրան թափեցէք…
Գլխուս վրան, մազերուս մէջ, սրտիս վրան սրսկեցէք
Ահ, կարծես թէ հրեշտակի փետուրներ են որ կը թափին…
Ինչ սրբազան բուրմունք է այս, արքայութեան հոտը կ՚առնեմ.
Սրսկեցէք, սրսկեցէք, ալ պատանքի պէտք չունիմ…։
Սրսկեցէք, ես իր հոգին ու հասակը յստակութեամբ կը տեսնեմ…
Ահաւասիկ առջեւս է, զիս չես ճանչնար, մօտեցիր, իմ սիրեցեալ զաւակս,
Ես քու հայրդ եմ, բազուկներուս մէջը նետուէ, բերանդ ինձ մօտեցուր,
Քու ծարաւէդ ծերացեր եմ, ես քու հայրդ եմ մահաջերմէս դողդոջուն…
......................................................................................................................
Ահ, այդ վարդերէն սրսկեցէք, ինչ երջանիկ երազ էր այս,
Շունչս որչափ կարճ է այսօր, բայց ով կրնայ մրրկին մէջը շնչել…
Կռունկները կռնչելով, ինչպէս անցան հովերուն հետ,
Մեր երդիքին վրայէն ինչպէս անցան, առանց խապրիկ մը բերելու,
Բայց ես գիտեմ, որ կարաւանն այս իրիկուն կը հասնի…
Երազիս մէջ ես տեսայ, իր մետաքսէ վարշամակը գլխուն էր,
Ձեր բոլորին համար ընծաներու երկու բեռներ,
Ու կարմիր ձին հանդարտութեամբ սպիտակին կը հետեւէր…։
Ահ, սա պատուհանը բացէք, սա փեղկերը ետ շրջեցէք,
Լուսաղբիւրի ճանապարհէն ահաւասիկ կարաւանը կ՚երկարի…
Ջորիներուն բոժոժին ձայնը կ՚իմանամ… սա փեղկերը նորէն բացէք…
Ինչու կու լաք, շունչս սկսաւ սպառիլ։ Մրրիկ կայ, մրրիկ…
Բոլոր ծառերն սկսան, կմախքի պէս, մէկզմէկու դէմ փշրուիլ…
Ոտքի ելէք բոլորդ մէկ, ոտքի ելէք, դիմաւորել չէք երթար…
Կարաւանը մօտեցեր է։ Ինչու անշարժ նստեր էք,
«Օգնութիւն մեզ, օգնութիւն մեզ, օգնութիւն մեզ» կ՚աղաղակեն…
Եթէ դիակս ալ ըլլայ, չորսերնիդ մէկ, ձեր ուսերուն վրան առած,
Եթե դիակս ալ ըլլայ, պէտք է որդիս, այս իրիկուն, աչքերս բաց դիմաւորեմ…
ՀԱՐՍԻՆ ԵՐԱԶԸ
«Ու տարիներով մինաւորիկ՝ պատուհանիս առջեւ նստած՝
Ես քու ճամբուդ կը նայիմ, իմ սրտահատոր հեռաւորս,
Ու այս գրով կ՚ուզեմ քեզի իմ մարմինիս ու մտքերուս
Անտէր սարսուռն անգամ մըն ալ երգելու…։
Ահ, մեկնած օրուանդ արեգակը չես յիշեր,
Արցունքիս չափ առատ էր եւ համբոյրիս չափ հրաշունչ,
Խոստումներուդ չափ բարի էր եւ քու դարձիդ չափ արագ,
Մեկնած օրուանդ արեգակը եւ աղօթքներս չես յիշեր,
Երբ ջրին կուժն ես քու ձիուդ շուքին վրան սրսկեցի…
Որպեսզի քու առջեւէդ ծովերն ետ դառնային,
Եւ ցամաքը ոտքերուդ տակը ծաղկոտէր…։
Ահ, մեկնած օրուանդ արեգակը սեւ գիշերի փոխուեցաւ…
Ու սպասումիս արցունքները տարիներու տարափին տակ,
Աչուըներէս, այտիս վրան, աստղերու պէս հոսելով՝
Անոնց վարդերն ահաւասիկ որ այրեցին…։
Ալ կը բաւէ, քու ծարաւէդ ես իմ ծամերս փետտել կ՚ուզեմ,
Քու բաժակիդ գինիէն դեռ գինով եմ…
Ու բացակայ պերճ հասակէդ սգաւոր։
Յիշատակիդ ետեւէն ծովերուն պէս կը հառաչեմ,
Եւ ժամուն դուռը ծնկուըներս խոցոտելէն,
Արեւմուտքին դառնալով՝ կը պաղատիմ.
— Ծովերն օր մը ծայրէ ի ծայր թող ցամաքին,
Ու ակնթարթ մը երկու աշխարհը թող իրարու մօտենան…
Այնուհետեւ արքայութեան ու արեւի ալ պէտք չունիմ. —
Վերադարձիր մեր տնակին սեմին վրայ, ես քու ճամբուդ կը սպասեմ,
Ձեռքս պարապ քու ձեռքերէդ, սեւերովս քեզ կ՚երազեմ…
Վերադարձիր, մեր պարտէզին պտուղներուն պէս անուշ,
Սրտիս սէրը քեզի համար իր համբոյրը կը պահէ։
Ահ, իմ կաթնաթոյր կողերս դեռ մայրութիւն չի ճանչցան…
Եւ հարսանեկան իմ ոսկեթել քողերովս
Դեռ չի կրցայ խանձարուր մը զարդարել…
Ու որորանի մը առջեւ նստած դեռ չերգեցի, դեռ չերգեցի
Հայ մայրերուն մաքուր օրօրն երկնային…։
Վերադարձիր, ալ կարօտս կատար չունի,
Երբ սեւ գիշերն այսպէս կու գայ իր պատանքները քակել…
Երբ բուերը բակին մեջը իրարու դէմ կը վայեն,
Երբ հեծեծանքս կը հատնի եւ արցունքներս կ՚արիւնին…
Լքուած հարսի երազներուս մէջ մենաւոր,
Ես իմ ձեռքովս, դեւի մը պէս, ալ կը սկսիմ
Գլխուս վրան՝ իմ մօտաւոր գերեզմանիս հողը մաղել…»։
ԵՂԲԱՅՐՆ ԻՐ ԵՂԲՕՐԸ
«Ներէ, եղբա՚յր, որ այսօր քու սիրտդ եւ հոգիդ
Մահուան գուժով մը փլատակի վերածեմ…
Մեր մայրը մեռաւ այս իրիկուն,
Իր աչքերը պատուհանին դէմ սեւեռուն,
Ես էի, որ, ով սարսափ, քիչ մը առաջ, ձեռքերովս որդիական
Մեր մօրկանը երկու աչքերը յուսավառ,
Քու ճանապարհէդ հեռաւոր, դէպի մահը փակեցի…
Բայց մինչեւ իր շունչը վերջին,
Յետին սարսուռն հոգեվարքի…
Իր ահաւոր գալարումը կեանքէն ի մահ,
Իր թռիչքն ատելութեան այս աստղերէն
Դէպի ունայնը մթին…
Քու աչքերուդ, քու հասակիդ ի խնդիր,
Այս իրիկուան արեգակին մոխիրին հետ՝
Իր աչքերը մայրամուտին լոյսերովը թաթաւուն,
Քեզ տեսնելով, քեզ յուսալով, քեզ օրհնելով խաւարեցան…։
Եւ ես՝ թշուառս, ես՝ եղբայրդ, իբր զաւակ,
Ես քու տեղդ, խելակորոյս, այդ աչքերն փակեցի…
Եւ սնարին վրայ դրի
Գառնուկներուս ճերմակ ճարպէն
Իր ձեռքերովն անցեալ տարի պատրաստուած
Երկու մոմեր եւ դաւաճան եւ դողահար,
Եւ խնկամանը, որով Ծնունդը կը տօնէինք,
Իր արծաթե մազերուն դէմ, գլխուն վրայ,
Ահաւասիկ որ կը ծխայ…։
Ահ, կը խեղդուիմ, կը խեդդուիմ,
Տունն ամբողջ մահուան բոյրովն ամպոտեցաւ…
Տունն ամբողջ տիեզերք մ՚է մեռելական,
Ուր միմիայն իմ հոգիս կայ կենդանի,
Որ դիակի մը վրան ինկած,
Բարձունքներու մրրկին պէս կը հեծեծէ…։
Մինակ ես ես… տունն ամբողջ ամպոտած է
Մահուան բոյրովն զարհուրելի…
Կէս գիշեր է եւ սոսկումիս մէջ կը գրեմ,
Երբ դրացի, սեւ լաչակով սգաւոր,
Քանի մը կին լացի եկան…
Անոնցմէ մին, այրի կին մը դառնադէմ,
Մեր մեռեալ մօրն անշունչ մարմնոյն վրան ինկած՝
Կտաւի մր կտորէն, յոյսովն երկու մոմերուն…
Անոր պատանքը կը չափէ…
Եւ ժրաջան երկու հարսներ տրտմօրէն,
Մեր մօրկանը վերջին լոգանքը տալու համար,
Շտապելով՝ մեր աղբիւրէն ջուր կը կրեն…։
Վաղն առաւօտ ուռենիէն, որ քու ձեռքէդ է բուսեր,
Երկու ճիւղեր պիտի կտրեմ…
Արտասուքիդ իբր յիշատակ, հողակոյտին տանելու…։
Եւ ես՝ թշուառս, գերեզմանոցէն վաղն առաւօտ պիտի դառնամ
Հին օրերու մեր այս թափուր տնակին…
Երկու թռներն իբր դագաղ,
Ես իմ վրաս, ես իմ վրաս, խենթի մը պէս փակելու…»։
ՄՕՐ ՄԸ ԵՐԱԶԸ
«Երազս քեզ այսօր գրեմ…։ Մեռելոցի կէս գիշերն էր…։
Չորս եղբայրներդ յանկարծակի իմ առջեւս ծունկի ինկան…
Ոչ պատանք կար իրենց վրայ եւ ոչ ալ հետքը մսի,
Խաւարին մէջ սրսփալով եւ աչքերնին մէկ մէկ անդունդ,
Եկան իրենց մօրկանն առջեւ յիշատակներ արտասուելու…։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու արշալոյս…
Այսօր նորէն չորսերնիս մէկ, մեր հողերէն դուրս ելած՝
Մրրկին հետ, քեզի եկանք, տանդ դռնակը բախելու…
Մի սարսափիր, օտարներ չենք, եւ մրափիդ մէջ մենաւոր
Սպասէ, որ մեռելոցի իրիկունով գոնէ քու դէմքդ դիտենք։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու սրբութիւն…
Հողին տակէն, մեր խեղճ գիւղին գերեզմանոց,
Ես քեզ համար իմ սրտիկէս սիրոյ ծաղիկը ծաղկեցուցի…։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու քաղցրութիւն…
Ես քեզ համար իմ աչքերէս՝ երկու սափոր արտասուքի…
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու երջանկութիւն…
Ես քեզ համար իմ հոգիէս՝ յոյսի վարդեր հրավառ։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու հերոսական արիութիւն,
Իսկ ես ալ իմ կրծոսկրէս՝ պաշտպանութեան երկու զրահ…։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու դու աննման գեղեցկութիւն,
Որչափ խորշոմ ճակտիդ վրան, — ըսաւ եղբայրդ երէց…
Ինչպէս կրնաս երդիքիդ տակ միս—մինակդ տառապիլ…
Եօթը տարի, եօթն անգամ տանդ դռնակը ծեծեցինք,
Բայց այս գիշեր միայն բաց էր… Որ ճամբորդին կը սպասես…։
Տես, հիւղակդ դագաղներու կոյտի մը պէս կը շարժի…
Տերեւները, տես, կը թափին ծառերն ի վար, մրրկէն,
Առուակին մէջ աղաւնիներն անմեղութեամբ կը մեռնին,
Ու սեւ օձերն, սեմին վրա, մեր չոր արիւնը դեռ կը լիզեն…։
Պարտէզիդ մէջ ոչ կանաչ կայ, ոչ պտուղ կայ, ոչ տատասկ…
Չորսերնիս մէկ ամբողջ տնակը ժուռ եկանք,
Մեր կոտրած սուրերն, ի տես մեզի, անգամ մըն ալ շողշողացին…
Մառանն արդէն դատարկ էր… եւ գոմին մէջ՝
Ճերմակ գառնուկ մը, մայելով, իր կճղակները կը կրծէր…։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու առատութիւն,
Ինչպէս կ՚ապրիս, ինչպէս կ՚ապրիս տնակիդ մէջը թափուր։
— Մայրիկ, մայրիկ… հին օրերու գուրգուրանք, հին օրերու գթութիւն,
Ինչպէս կ՚ապրիս, ինչպէս կ՚ապրիս տնակիդ մէջը թափուր։
Չորսերնին մէկ լռեցին… բայց անունդ երբ ես տուի,
Երազիս մէջ՝ մրրկին պէս իմ արձակած հեծեծանքէս
Չորսերնին մէկ, գլուխնին կախ, խենթերու պէս սկսան լալ…։
Բայց ձեր եղբայրը դեռ ողջ է… ան, որ ձեր մահը չի տեսաւ,
Ձեր փոքր եղբայրը դեռ ողջ է, անոր համար միայն կ՚ապրիմ…։
Այս խօսքերս որ լսեցին, չորսերնին մէկ, իրենց կողերը կոտրտելով՝,
Մեռելներու սեւ արցունքն ահաւոր, աչքերուս մէջ թափելէն՝
— Եղբայր մ՚ունինք, եղբայր մ՚ունինք, մենք կեանքին մէջ եղբայր մ՚ունինք,
Մայրիկ, մայրիկ… նոր օրերու, նոր յոյսերու թշուառութիւն.
Ինչպէս այլեւս մենք մեր հողին վերադառնանք, ինչպէս դառնանք…»։
ԿԱՂԱՆԴԻ ԻՐԻԿՈՒՆ
Թախիծներու մէջ թաղուած հին օրերու իրիկուն,
Անբուժեյի կարօտներովս կը վերյիշեմ զքեզ այսօր։
Ձիւնն երկինքէն շուշանի պէս անդորրութեամբ կը թորայ
Դեռ իմ ցեղիս արիւններէն եւ աւերէն չի կարմրած հողին վրան,
Ձիւնն աստղերէն եւ Աստուածէն մարգարտի պէս կը հեղեղի,
Եւ բարեացակամ ու զուարթուն ու լուսաբոյր լուսնկան,
Երդիքներուն կամ սպիտակ բարտիներուն կատարէն,
Իր մեծափառ եւ մտերիմ ժպիտովն յուսալից՝
ճոխակեացին եւ անպերճին լուսամուտէն ներս կը նայի…
Մարդերը դեռ երջանիկ են…։ Մարդերը դեռ Բնութեանը բարիքին հետ՝
Մէկզմէկու նայուածքին մէջ իւրաքանչիւրն իր դրախտը կը տեսնէ…
Նոր տարիի իրիկունն է։ Ամէն երդիք իր խրախճանքի ժամն ունի,
Թոնիրին շուրջ, որուն վրայ այգիներուն մրգեղէնները կը բուրեն,
Քառասուն անձ՝ մէկ տան զաւակ, բոլորակի նստեր են։
Ամէն հոգի իր առջեւն ցնծութեամբ մը կը սկսի
Իր արծաթեայ աշտանակին կապոյտ ճրագը վառել,
Որովհետեւ այդ պահուն, երազներու ծաղկեպսակ ճամբաներէն,
Յաւերժահարսը կաթնամարմին, մերկ ոտքերով՝ Յոյսը ձեռքին՝ կը մօտենայ։
Եւ մեծ մայրը կը սկսի տնեցիներն իրենց տնովն օրհնելու.
— Խաղաղութիւն մեր այս տարուայ մեռեալին, խաղաղութիւն ձեր բոլորին,
Խաղաղութիւն աշխարհներու անգութներուն եւ ձեր սիրտը ձեզ ապաւէն։ —
Յետոյ ոտքի՝ մատղաշ կոյսերն ու հարսները համբուրելով, անոնց կ՚ըսէ.
— Վաղն առաւօտ, արեւծագին, կուժն ուսերնուդ ջրի գացէք,
Մէն մի տարի իր առաջին արեւին հետ իր բարիքը կը բերէ,
Որպէսզի ձեր օրերը ջրին նման երկար ըլլան եւ արեւին պէս պայծառ,
Վաղն առաւօտ, մթնշաղին, այգուն երգն երգելով՝
Ջրի գացէք։ Նոր տարիին, աղբիւրներէն, ակնթարթ մը՝ ոսկի է որ կը վազէ…։
Բայց այս օրերն ու երազները մոխրացնող չարիքներէն ի վեր,
Ձիւնն երկինքէն եւ աստղերէն եւ Աստուածէն,
Գերեզմանի քարերուն պէս եղերական, վար կը թափի…
Եւ լուսնկին մահիկը մահուան մանգաղի նման՝
Ինքն իր դէմքն արիւններուն մէջ տեսնելէն զարհուրած,
Կարծես թէ իր մեղքին համար ամպերուն մէջ կը դողդողայ…
Սեւ կաղանդի իրիկունով՝ տնեցիներ՝ տանիքին տակ այս պահուս,
Դագաղի մը վրայ հսկող սգակիրներ են բոլորն ալ,
Երգող չի կայ։ Ժպիտ չի կայ։ Համբոյր չի կայ։ Օրհնութիւնները մարած են։
Հարսին յոյսը մահացեր է եւ աղջիկներն, աղիողորմ կամ գեղանի,
Անկարելի եւ անստոյգ սրտերու է որ կը մտածեն…։
Խեղճ ճրագ մը թոնիրին վրայ, մանկան մը պէս, կը մեռնի…։
Եւ մեծ մօրը հեծեծանքէն ամբողջ սերունդը կը սկսի լալ…։
Հովը դուրսը անհնարին մորմոքներով կը շառաչէ,
Մեռեալներու կարաւաններ կարծես կու գան շար ի շար,
Յիշատակի մը համար, ամէն մէկն իր տնակին գոց դռնակը ծեծելու…։
Յուսահատ մը, ափ մը մոխիր ծունկերուն տակ, դէպի երկինք նայելէն,
Իր բացակայ մերձաւորին մտածելով, դեռ կը սկսի աղօթել…։
Մինչ պատմութեան աղբիւրներն աւերակին տակ կը կոծեն…
Եւ աւանդութեան ոսկիին տեղ՝ մարդերուն դէմ միայն անէծք կը հոսի։
ՍԷՐ
«Արցունքներս որ գորովի գրկին մէջն ես լայի…
Եւ որ հոգիին յանձնէի իմ այս սիրտս դողդոջուն,
Գիշերն ունիմ մորմոքումիս միայն վկայ,
Երբ աստղերուն անդորրութեանը տակ նստած՝
Կը սկսիմ ես փնտռել նայուածքներով խելացնոր
Անթիւներուն թիւին մէջէն Անոր աստղն ինձ անծանօթ,
Որ աստղիս հետ, ապահով եմ, սրտիս համար է ծներ…
Բայց բնութիւնը գարուններուս դէմ բռնաւոր՝
Առաքինի իրանիս շուշաններն այս կուսական
Իր անօրէն օրէնքին կրակներովը կ՚այրէ…։
Միայն յոյսին ես ժպտեցայ, միայն անոր՝ անծանօթին,
Որ պիտի գար տիրանալու շքեղութեանցն իմ մարմինիս…
Մինչեւ այսօր եւ ոչ մէկ ձեռք ինձ չընծայեց
Սիրոյ վարդն այն վարդերէն նուիրական,
Որ երդումներով՝ արեւծագին հետ քաղուած՝ կուծքիս վրան,
Երազիս մէջ, գուրգուրանքիս տակ թառամէր…։
Ոչ մէկ համբոյր ես չի ճանչցայ, որ գար ճակտիս
Դէմ դրոշմել գինովութեան առեղծուածն այն անասելի,
Որուն համար գեղեցկութիւնս, գիտեմ, իրեն խորան պիտի ըլլար…։
Ոչ մէկ ժպիտ, ոչ մէկ նայուածք եւ ոչ մէկ բառ տարփանքի
Դեռ չեն եկած ալեկոծել վճիտ սիրտս սիրածոր…
Եւ այսպէս լուռ, աստղերուն տակ, սարսուռներուս մտածելէն,
Իմ գաղտնիքիս ես անգէտ, սոխակի մը պէս սէրը կ՚երգեմ…։
Նորէն երկինք կը նայիմ, միշտ աստղերը խուզարկելով՝
Եւ երբ տեսնեմ, որ բիւրաւոր այդ ոսկեշող վարդերէն մին,
Յանկարծօրէն, գլխուս վրան, կապոյտին մէջը կը մեռնի…
Զարհուրանքով կը հարցնեմ ես ինծի.
— Ով գիտէ թէ որուն աստղն էր որ մոխրացաւ այս պահուս,
Անորն արդեօք, որ Ճակատագրէն իմ սիրոյս էր սահմանուած, —
Յետոյ այսպէս իմ քաղցրահոս մազերս ուսերէս վար…
Արմուկներս ծունկուըներուս վրայ յենած՝
Եւ իմ երկու ձեռքերուս
Մարմար թասի մը ձեւը տալով,
Հեծեծանքով սիրոյս կայծերն անոր մէջն ես կ՚արտասուեմ…»։
ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐԷՆ ԱՊԱՇԱՒ
«Եռհարիւր հազարաւոր նահատակներս ահաւասիկ,
Արարատեան հողերուն տակ շար ի շար,
Մինչեւ այսօր ձեզ կը սպասենք, դուք, որ կռուէն խուսափեցաք,
Դուք, որ զմեզ կոխոտելով, մեր վրէժին անվրէժ,
Մեր ցասումին անտարբեր,
Մեր արիւնին դէմ առ դէմ, ձեր աչքերը փակելէն,
Մեր մարմինները կիսամեռ, իբր անգութ թշնամիներ,
Ձեր ոտքերովն կոխոտելէն հեռացաք…։
Հռնդիւնները մեր հոգեվարքին չի կրցան ձեր խեղճ խուճապը կասեցնել,
Եւ ձեր սուրերը, վատերու պէս, ձեր ետեւը նետելէն,
Ձեր կործանուող քաղաքներէն խուճապեցիք…։
— Ձեզնէ շատերը մեզ՝ մայրերս բոցերուն մէջը թողուցին…
— Ձեզնէ շատերն իրենց հայրն իսկ կռիւին մէջ ուրացան…
— Ամուսինս ստուերի մը պէս կ՚անհետանար,
Մինչ մեր որդին նորածին, դահիճները տապարներով՝
Իմ մերկացուած ծունկիս վրան,
Կարապի մը պէս կոտորեցին…։
— Ես եղբայր մ՚ունէի, հողին տակէն դեռ կը յիշեմ,
Պատւոյս համար նախ զիս մեռցուց
Եւ յետոյ ինք մարտնչելով մահացաւ…։
— Իմ զաւակս եօթը գիւղեր եօթը գիշեր պաշտպանեց,
Զաւակիս հետ, այդ գիւղերը, կարծեմ, այսօր դեռ կ՚ապրին…։
— Վատերուն մէջ վատն ես եղայ թշնամիին յանդիման,
Երբ գթութիւն պաղատելով ես իմ վիզս երկարեցի…
— Ես իմ հայրս չեմ մոռնար… ես իմ հայրս չեմ մոռնար,
Այդ ալեւոր ծերունին, աւանդական դիւցազնի պէս,
Մօտաւորին, հեռաւորին, անծանօթին սիրոյն համար,
Երկար օրեր մաքառելէն մեծ Գաղափարը լուսաւորեց…
— Տասը տարու տղեկ մը կար մեր քաղքին մէջ.
— Մեռեալ մօրս նման ես, որչափ նման ես անոր, — ըսաւ ինծի,
Եւ իր մարմինը պատնէշ ըրած, ոտքերուս տակն ինկաւ,
Օր մը յետոյ իր դիակն արցունքներուս հետ թաղեցի…։
— Ոչ ոք չեկաւ զիս մեռցնել…
Գեղեցկութիւնս գերմարդկային՝ սոսկում կ՚ազդէր…
Բայց աչքերուս տեսածներէն առաւօտ մը թարշամեցայ…
— Ուր են անոնք, որոնք փախան, իբր տարագիր կամ ստրուկ…
Ազատութեան ձայները մեր ոսկերքը խենթեցուցին…
Գարուններու ծաղիկները այնչափ հոծ են, այնչափ խոր
Կարծես իրենց արմատները մեր սրտերուն կ՚երկարին…
Իրենց բոյրը վար սուզուելով մեր աչքերը կ՚արբեցնէ…
Առուները կը կարկաչեն… ես կը լսեմ…
Եւ ով գիտէ վերը՝ մեր աղբիւրը որչափ ջինջ է,
Գառնուկները ծներ են եւ մեր վրայէն մայելով՝ ճարակելու կը վազեն…
Արձագանգը կ՚իմանաք, տեսէք ինչպէս կ՚ոստոստեն…
— Թռչունները, թռչունները, իմ կարօտէս ես մոխիրի կը վերածուիմ…
— Խնձորենին ծաղկեր է… եւ մէկը կայ, որ ինձ համար,
Իմ աչքերուս սէրէն կուրցած… մինաւորիկը կ՚արտասուէ…
— Ես փրկութեան երգերուն ձայնը վաղուց է որ լսեր եմ…
Ատելութիւնը մոխիրներու տակ մեռեր է…
Բայց ուր են անոնք, որ հեռացան…
Ըսէք ինծի, մենք ենք մեռեալ, թէ անոնք…
— Ծերունիի իմաստութեանս հաւատացէք.
Այն, որ կռիւը չի սիրեց, արժանի չէ այս օրուան…
Մեռելներն անոնք են, որոնց համար մենք մեռանք։
Անմահութիւնն մեզի է եւ ապաշաւն անօգուտ,
Ինչ փոյթ մեզի, եթէ մեր ոսկորներէն կերտուած
Ազատութեան տաճարներու խորանին
Ծնրադրելու դեռ չեկան…։
Ես կը լսեմ ձայները երիտասարդ կամքերուն,
Որոնք ոչ փախուստ են ճանչցեր եւ ոչ ալ երդիքն օտար,
Ապագան ալ անոնցն է, Արշալոյսն ալ Երջանկութեան…
Մեռեալներն անոնք են, որոնց համար մենք մեռանք…»։
ՄԱՅՐԸ ԻՐ ԶԱՒԿԻՆ
«Մաքուր սիրոյս եւ մարմինիս դուն, պտուղն անդրանիկ,
Ես էի որ կողերուս մէջ սրբութեան մը պէս քեզ կրեցի…
Էութենէս քայլ առաւ քու գոյութիւնդ տարագիր,
Եւ ստինքներս երկու գարուն իրենց կաթովը մարգարտէ
Երիտասարդ այդ հասակիդ կտրիճ տեսիլքը տուին։
Ես էի որ իմ կեանքս բերրի պարտեզ մը ըրի,
Ուր քու կեանքդ անմեղօրէն աճեցաւ…։
Իմ արցունքս քեզ ոռոգեց, Ժպիտներս իբրեւ արեւ,
Իմ համբոյրս իբր օծում, շրթունքներս իբր շուշան
Եւ օրօրներս՝ երգիս մէջէն իբր զեփիւռ…
Այս բոլորն ես անխտիր եւ լիուլի քեզ ջամբեցի։
Օրօրոցիդ առջեւ՝ լուսնկին պէս եւ գեղանի եւ արթուն։
Գիշերներու չար ոգիներն քու անուրջիդ վարդաստանէն
Ես էի որ իմ միամիտ աղօթքներովս հալածեցի…։
Ես էի որ քու ծնունդ առած գարունիդ գինովութեանը մէջէն,
Առաջի հեղ, ես էի որ մեր երդիքին վրայ ոտքի՝
Քու առաջին նայուածքդ արեւին դէմը բացի…
Եւ բնութեան այդ հրեղէն հեղեղին տակ,
Քու նորածինի ծիծաղդ այտիդ վրայ՝
Ես էի որ առաջին հեղ Աստուծոյս հետը տեսայ…։
Ահ, դեռ կը յիշեմ մեկնած օրուանդ այդ աշունը անձրեւոտ,
Երբ տերեւները ծառերէն արցունքներուս հետ կ՚իյնային…
Եւ տարիները տարիներու ետեւէն դագաղներու պէս կ՚անցնին.
Բայց ոչ արցունքս դադրեցաւ, ոչ տերեւներն իրենց մահէն…։
Յիշատակէս ես կը սոսկամ… երբ դրանը կը նայիմ,
Չորս սեւադէմ մեռելկիր ճաղ մը իրենց ուսերուն,
Հօրդ մարմինը մինչեւ այսօր, դեռ, կարծես,
Շտապաքայլ իր տնակէն դուրս կը հանեն…։
Այն օրերէն ես իմ գլխուս իմ մոխիրս կը չափեմ,
Ու դուն այդպէս դեռ տարագիր,
Այդ դռնակէն մինչեւ այսօր ներս չի մտար,
Բայց ես կամքիս կրակներովը Աստուծոյս դէմ պիտի կռուիմ…
Կեանքին փարած, յոյսին փարած, եւ արեւիս եւ արեւիդ՝
Մահուանս դէմ, մօր մը ուժովը պիտի կռուիմ…
Ես կեանք կ՚ուզեմ, զաւակս, ապրիլ կ՚ուզեմ, ապրիլ կ՚ուզեմ…։
Իմ մարմինս այս տնակէն գերեզմանոց պիտի չերթայ,
Մինչեւ որ դուն առաւօտ մը նոյն սեմերէն ներս չի մտնես…»։
ԱՌԱՔԵԱԼԸ
«Եղբայրներ, ես՝ ճակատագրիս հաւատարիմ,
Մաքառումին ուղիէն Մտածումին մօտեցայ,
Եւ այն օրերուն ահաւոր, մէն մի սուր, որ կը փշրուէր
Մարտիկներու ոտքերուն տակ,
Մէն մի շղթայ, որ օղակ օղակ
Մեր ուսերէն դէպի հողը կը հոսուէր,
Ես այս նոր օրուան Արշալոյսին, մանկան մը պէս կը ժպտէի…։
Մարտադաշտին վրայ մեռած ընկերներուս քով ծնրադիր,
Անոնց շրթունքն հպարտութեամբ համբուրելէն,
Կ՚օրհնէի ձեզ, զի դուք անոր ծնունդ տուիք…։
Փառք կու տայի ես ձեր ոսկեղէն կողերուն,
Ով հայ մայրեր, որ մեզ ծնաք։
Բայց երբ աւերն ու արցունքը դադրեցան,
Երբ Արդարութիւնը սկսաւ շուշանի մը նման ծաղկիլ,
Երբ Ապագան կը լուսնայ եւ Նոր Կեանքը կը ծնի,
Ինչու համար կը յամենաք Ասպետներու ջահէն յետոյ
Մտածումի եւ մեծութեան ջահերն ալ դուք վառելու…։
Դուք, Արուեստներու եւ Գիտութեանց վարդապետներ,
Արգասաբեր Երազներու կամ Արժէքի ստեղծիչ,
Դուք, Արհեստաւոր, Ճարտարագէտ, Ոստանակերտ կամ Հմուտ,
Դուք, Իմաստութեան տիրապետ կամ Գիւտերու խուզարկու,
Դուք, որ կեանքը կը կորզէք եւ հոծ նիւթէն եւ գաղտնիքէն,
Կռիւէն վերջ՝ որոնումի եւ մտածման դաշտերը ձեզ կը սպասեն…։
Բոլորդ մէկ ձեր ճակատներովը ծանրախոհ,
Հեռուներէն Հայրենիքին վերկենցաղմանը յառաջացէք՝
Դարերու սեւ խաւարէն՝ լոյսի ճամբան արօրելու։
Սերունդներ կան իմաստութեան ծարաւի,
Ուղեղներ կան երիտասարդ՝ սերմնացանին սպասող,
Քաղաքներ կան, որ կը հեծեն աւերին տակ ահարկու,
Եւ հողը կայ դեռ, յղի պերճանքներով բեռնաւոր,
Թաքուն յոյսի եւ հուրերու շտեմարան…։
Ահ, գէթ անգամ մը դուք ձեր սրտին դիմեցէք,
Եւ ձեր միտքը, Մարդկութենէն պտղաւորուած՝
Ձեր սրբազան ճանապարհն իր Լոյսովը պիտի գծէ»։
ՈՐԴԻՆ ԻՐ ՀՕՐԸ
«Հայր իմ, դեռ մինչեւ որ արեգակն ես՝ քու որդիդ, քեզ անծանօթ,
Եւ դուն իբրեւ օտարական պիտի ապրինք…։
Եւ քու արիւնդ երակներուս մէջ թող եռայ,
Թող աչքերուս մէջն ես մինչեւ այսօր ցոլացնեմ
Յիշատակն աչքերուդ,
Թող իմ սիրտս քու սիրոյդ համար ողողուի…։
Թող հասակս սկսի քու հասակիդ յար ու նման
Պարմանիի պայծառութեամբս ուռճանալ…։
Թող երազներս քեզմով լեցուին,
Թող իմ միտքս իր թեւերովն, վայրապար,
Թռիչ առնէ, իր ստեղծիչը որոնելու…
Այս ամէնը ցնորքներ են ինծի համար,
Մինչեւ որ քու շրթունքներդ հայրական
Չի մօտենան, իրենց հուրովն, այս ճակատս սպիտակ,
Չի մօտենան այս ճակատս երազիս մէջ համբուրելու։
Հայր իմ, ես այն ճիւղն եմ զօրաւոր, դալարագեղ այն ծառին,
Որ յոգնութեանդ օրերուն քու նեցուկդ պիտի ըլլայ…։
Ես այն ջուրն եմ, հպարտութեան ապառաժէն դուրս ցայտող,
Որ ծարաւիդ ժամանակ
Բաժակներուդ ադամանդէն պիտի յորդի…
Ես փեթակիդ այն ժիրաժիր մեղուն եմ,
Որ դառնութեան օրերուդ
Պնակիդ մէջ իր ոսկեղէն մեղրը պիտի հիւթէ…
Ես դալարիքդ եմ, ծաղկաստանդ եմ, քու այգիդ եմ…։
Ես այն վայրն եմ, ուր յոգնած հայր մը պէտք է հանգչի…։
Ես այն լարն եմ տիեզերքի այն տաւիղին,
Որ միմիայն որդին գիտէ իր հօրն համար հնչեցնել…։
Ես Ովասիսդ եմ, հովանիդ եմ արեւին տակ,
Ես արեգակդ եմ քու յոյզերու կամ մրրկի օրերուդ…։
Ես էութիւնդ եմ եւ սկիզբն եմ քու վախճանիդ,
Իմ մէջն է որ դուն ինքդ՝ կեանքէդ յետոյ, պիտի ապրիս…։
Ինչ առհաւութիւն, ինչ խորհուրդ, ինչ գաղտնիք…։
Ինծի ըսին, թէ աչքերուս մէջ քու կերպարանքդ կ՚արտացոլայ…
Եւ բիբերուս մէջն ես քու դեմքդ նշխարներու պէս կը պահեմ,
Բայց չեմ ուզեր իմ կարօտէս արցունքներովս պղտորել զայն,
Մինչեւ որ քեզ գրկելով՝ իմ սարսուռէս չարտասուեմ…»։
ԱՅԳԵԿՈՒԹՔ
«Աշունը որչափ առատ եղաւ այս տարի…
Իր արեւներն ու օրհնութիւնը դիւցազնական,
Մեր ցաւերէն, մոխիրներէն ու մահերէն յետոյ՝
Անհունօրէն դաշտ ու հովիտ, գիւղ ու քաղաք
Անքննելի ճոխութիւններով պարուրեր են։
Կը գրեմ քեզ՝ այն տեսիլքն տարօրինակ, զոր ես տեսայ…։
Այգեկութքի արշալոյսն էր այս առաւօտ,
Հին օրերու նոյն աղբիւրն, հնձանին դէմ՝
Մեր մանկութեան հայելին եղած աւազանին մէջը կ՚երգէր
Այնպէս երգ մը, որ միմիայն որբութիւնը կը հասկնայ…։
Այգիներու մէջ, ողկոյզները որթերէն վար,
Տարագրին ճամբաներուն դէմ սպասող՝
Յոյսէն վառուած Արտերուն պէս կ՚այրէին…։
Եւ բիւրաւոր հատիկները ամենօրհնեալ խաղողին,
Հայրենիքիդ կապոյտին տակ վերածաղկող՝
Գիշերներու աստղերուն չափ էին անթիւ…։
Թթենիին կատարէն, կարօտակէզ կռունկներ,
Իրենց կանչը երգելով դէպի արտերը իջան։
Այգիներուն խորերէն ցնծութեան ձայնը կը զեղուր,
Արտերուն մէջ իրենց հնձած ցորեանին շուրջ
Հայ հարսներն կալերուն դէմ ամբողջ օրը պարեցին…։
Այգեկութքի առաւօտն այս՝ մեր առաջին զարթօնքն էր…
Տարիներու մեր սոսկումէն եւ սուգէն ետք
Յարութիւնն էր կարծես այսօր եւ մարդերուն եւ բնութեան…
Այս աշխատանքի եւ գինովութեան օրէն յետոյ,
Երբ գիշերն թաւիշներու նման ինկաւ…
Եւ ոսկեղէն ողկոյզները կը հանգչէին տաշտերուն մէջը բլուր բլուր,
Աղբիւրին քով, ուր դուն ինձմէ, առաւօտ մը, համբոյրով մը բաժնուեցար…։
Ես՝ քու քոյրդ՝ վճիտ աչքով Որբուհի,
Յանկարծօրէն, կարծես մեր վախճանած հայրը տեսայ…։
Ես՝ սարսափէս դողդոջուն… ինք գորովէն զիս գրկելով,
Իր ձեռքերն մազերուս մէջ մխրճելէն…
Ցնծութենէն կամ հին յոյսէն հեծեծելով ըսաւ ինծի.
— Աղջիկ, թերեւս դուն չի կրնաս զիս ճանչնալ…
Բայց իմ հոգուս ու սրտիկիս սուրբ պտուղն ես…
Շատերուն պէս, ես ալ օր մը, ձեր բոլորին համար մեռայ…
Եւ ծնած օրէդ եւ արեւէդ, մինչեւ այսօր,
Այս այն տարին է՝ առաջին,
Ուր հայութեան այգիներուն որթատունկերը կարմիր,
Գրէ եղբօրդ, առանց արեան են ծլեր…։
Հին քաղցրութեանց ստուերն այս՝ յստակ աչքերս թրջեց,
Եւ մութին մէջ, իր պատանքովն աստղերուն տակ հեռանալէն,
Ուրուականը ետ դառնալով՝ — իրաւ արդեօք մեր հայրն էր —
Ուրուականը ետ դառնալով՝ այգեկութքէն դարձողներու թափօրներուն եւս ըսաւ.
— Հին օրերու դրացիներ եւ ուխտաւորներ աշխատանքի,
Օրհնեալ ըլլաք, երգեցէք, օրհնեալ ըլլաք բոլորդ ալ,
Եւ հաւատացէք աւետիսիս, գարուններու ձեր նոր գինին,
Արդարութեան եւ ձեր կամքին օրէնքին տակ,
Այսուհետեւ ձեր սափորէն կամ արծաթէ դաշխուրանէն,
Հաւատացէք, առանց արեան պիտի խմէք…»։
ՀԱՅ ԴԱՇՏԵՐՈՒՆ ՊԱՂԱՏԱՆՔԸ
«Արարատեան աշխարհներէն մինչ հովիտներն Եփրատեան,
Մեր ընդերքներէն բարձրացող պաղատանքն ու պարսաւը ձեզ կ՚ուղղենք,
Կեանքին հանդէպ դրուժաններ, հեռացողներ կամ երկչոտներ,
Հալածական կամ աքսորեալ, դուն, վտարանդի կամ տարագիր,
Ուր էք, եւ ուր են ձեր Բազուկները, որ մեր կողերը կ՚արօրէին…
Ուր էք եւ դուք, հին օրերու անկաշառ եւ անկնճիռ ճակատներ,
Երբ ձեր քրտինքն հուժկու եւ վեհ հողագործի,
Մարգարտի պէս կու գար հոսիլ ծալքերուն մէջը մեր ակօսին,
Հին օրերու ձեռուըներ, ուր էք դուք, ձեռքեր օրհնեալ,
Ձեռքեր անպիղծ, ձեռքեր յուռթի եւ արգաւանդ,
Ձեռքեր բարի եւ բեղմնաւոր, ձեռքեր վսեմ եւ վճռական,
Երբ ցորեանին սրբազան սերմը ձեր ափին մէջ
Հալած ոսկու հեղեղի պէս լայնաբուռն կը ցանէիք… ։
Ու գութանին երգը կ՚երգէիք … եւ ձեր եզներն յաղթամարմին,
Իրենց երկաթը շանթերու պէս մեր ընդերքը մխրճելէն…
Արտավարէ արտավար, հպարտօրէն բառաչելով կը հերկէին…
Ու ներդաշնակ անձրեւներն եւ արեւը, մեծ օրէնքին կշիռներուն համեմատ,
Կ՚իջնէին ձեր հողին յանձնած հատիկները բեղմնաւորել…
Եւ երբ ամառը կը ծնէր կամ աշունին մահէն առաջ՝
Քաղաքներէն եւ գիւղերէն՝ գերանդիով, մանգաղներով բեռնաւոր,
Հազարներով կու գայիք, հայ դաշտերէն Մարդկութեանն իբր ընծայ,
Անխտրական ցորեանին հասուն հասկերն հնձելու… ։
Բայց քանի գարուն եւ աղաչաւոր աշուններ եկան անցան,
Եւ անծաղիկ ու անպտուղ մեր անսահմանը ձեզ կը սպասէ…
Ահ, գթացէք հայրենական եւ հաւատարիմ ձեր հողերուն,
Գթացէք այն այրիներուն եւ վարդի նման որբերուն,
Որ առաւօտէն յուսաբեկ եւ իրիկունէն եղերական,
Իրենց կուրծքերը կոծելով՝ մեր քարացած սեւ կողերէն
Երկու բուռ հունձք, ափ մը ցորեան կը պաղատին… ։
Ու հայ դաշտէն կը հեռանան, կեանքին օրէնքն անիծելով՝
Եւ բնութիւնն ալ, իր բարիքն ալ, իր բերքերն ալ անմատոյց։
Հազարաւոր տարիներու դուք, անարժան ժառանգորդներ,
Օտարութեան եւ մոլութեան ճամբաներէն մեզի դարձէք,
Յոյսէն խաբուած կամ աղէտէն հալածական, բայց չարիքին յաղթահարող
Աշխատողներ, բոլորդ մէկ ձեր բարեգութ բնութեանը գրկին եկէք.
Ամէն բարիք մեր լանջքերէն եւ լեռներէն կը ծնանի…
Ամէն մետաղ մեր խաւին տակ հրաշանիւթ իր գանձն ունի…
Մեզմէ միայն կրնաք կորզել Յոյսին ոսկին եւ գինիներն Երազին…
Յաղթանակները մենք կու տանք պարտութիւնները մեզի են…
Վերադարձէք, որդիներ, ձեր գութանին եւ արօրին ժանգը նորէն սրբելու.
Թող նորէն ձեր հնադարեան հայրենի հողը ծաղկոտի…
Թող ձեր հունձքերն հովտէ հովիտ ծովերուն պէս տարածուին…
Թող կալերն ու որաները, բլուրէն վեր, լուսնկին հետ բարձրանան,
Թող հայ հովիւն, մարգերուն մէջ, իր նախահօրը նման,
Իր սրինգին սարսուռներովը իր հլու հօտը հմայէ…
Ձորին վրայ ջրաղացը խաղաղութեամբ թող շարժի…
Ու առատութիւնը թող նորէն գայ մեր արտերուն վրայ լացող,
Հայկեան ցեղի պղտոր աչքերը լուսավառել…
Ամէն բարիք եւ մարդկային չարիքներու ամէն դարման
Մեր խորհուրդէն, մեր խաւերէն, մեր օրէնքէն պէտք է յուսալ…
Ու այսպէս՝ Ձիթենիին ոստերուն հետ աստուածաբոյս,
Սուրն ալ մեզմէ կը ծնանի, սրբութիւնն ալ Ցորեանին …»։