ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ

ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ

Օշականի ամենասուրբ գերեզման,
Հանճարի հող՝ ուրկեց այսօր,
Տասն եւ հինգ մրրիկեան դարերու
Պատմութիւն մը պերճաշուք,
Արեւելքէն Արեւմուտք, երկու Հայքն բովանդակ
Դէպի զՔեզ, ազատօրէն կը շարժէ…

Օշականի անհուն մեռեալ,
Դուն՝ բիւրաւոր ճիւղերով
Ոսկեհոս գետ գիտութեան,
Մտքի Փրկիչ, յոյսի Հսկայ, կեանքի Կեդրոն,
Դուն՝ անվախճան փոշիացեալ,
Դուն՝ ջահերու անկարելի շտեմարան,
Ուրկեց ուղեղս, մանկութեանս օրերուն,
Ես աղքատօրէն եկայ վառել…։

Օշականի վսեմական վարդապետ,
Դուն՝ վեհիմաստ վանական եւ Աստծոյ բաժակ,
Դուն՝ Յիսուսի բազմաբուրեան պատմուճան,
Խօսքի աղբիւր, բանի բարձունք,
Կարողութեանց անվերջ կատար,
Դուն՝ իմաստի աւազան եւ աղօթքի կապոյտ անձրեւ,
Ափ մը հողէդ ամբողջ երկինք մը դեռ կը բուրէ…

Օշականի Դուն՝ անկորուստ կրօնական,
Անապատին մէջ մխրճուող ճգնաւոր,
Դուն՝ անբասիր եւ մեհենական մենակեաց,
Խունկի անտառ, կնդրուկներու բուրաստան,
Քրիստոսի ազնիւ խօսքին դուն՝ տիրական տարածիչ,
Եւ կրանիթեայ ուղղափառ սիւն,
Եւ մտքի գմբէթ եւ հոգիի անծայրածիր հորիզոն,
Դուն՝ շնորհքի աշնանային շատրուան,
Քու հաւատքէդ հաւատացեալ՝ ես ալ լացի…։

Օշականի մէջ անմահօրէն մահացեալ,
Անճառելի եւ անդրանիկ դաստիարակ,
Ես՝ երազային երախայ մը վեցամեայ,
Այբբենարանդ ի ձեռին, անմեղօրէն զայն հեգելով,
Առաջին խաչը, ճակտէս սրտիս,
Հաւատա ինձ, ով հայութիւն…
Պատկերիդ դէմ է որ հաներ եմ…
Եւ լսէ այսօր, թոթովախօս ծաղկոցի
Շուշանմարմին մանուկներէն
Մինչեւ ծերերն հողաբոյր,
Քու Սուրբ անունդ կ՚օրհներգեն…։
Օշականի հանճարանիստ հողակոյտ,
Եկեղեցւոյ խորանին քով անշուքօրէն մրափող՝
Եւ Եհովայի պատգամախօս մեծ Մատեանին
Դուն՝ սրբագիր թարգմանիչ,
Ոսկեդարու ադամանդեայ բանալի,
Դուն՝ հայ դպրութեանց անշրջանակ լուսամուտ,
Դուն՝ ճեմարան մարմարային մտածումի,
Ներէ որ քու աշակերտդ արբեցեալ
Տասն եւ հինգ դարեր յետոյ զքեզ պաշտէ…։

Օշականէն մեզի հսկող Մտքի Աստուած,
Դուն՝ հասողութեան հիմնաքար,
Աստղերէն մեզ լոյս լեցնող ոսկեհասակ աշտարակ,
Ուր մեր ուղեղը մեզ կը ժպտի…
Դուն՝ մտածման ծարաւներու արծաթեայ ծով,
Դուն՝ Տարօնածին հսկայ Մովսէս,
Դուն՝ անհպելի մատենագիր մայր—բարբառի,
Թող իմ գանկս, վերջալոյսին,
Քնարիս հետ, մոխիրովս առլցուն,
Յուղարկաւորներս՝ խնկատուփի մը փոխարէն
Հողակոյտիդ վրայ վառեն…։


ՍՈՒՐԲԻՆ ԱՂՕԹՔԸ
«Լոյս տուր ինծի, Աստուած անհերքելի,
Տիեզերքի անմեկնելի ճարտարապետ,
Ճակատագրի եւ ճանաչման ստեղծիչ,
Շունչի մրրիկ, կեդրոնական կարողութիւն,
Սուրբ Սեղանիդ սարկաւագն Մեսրոպ՝
Իր մշուշապատ մեծ երազին՝
Քու ձեռքերէդ յստակութիւն կ՚աղերսէ…։

Օգնէ ինծի, մեծապարգեւ իմաստութիւն,
Ես՝ անցուպ հովիւ մեծ քարոզիդ,
Ես՝ եղկելի մահկանացու, ես տժգոյն տնտես
Հայկազնեան ահեղ ցեղին…
Ես՝ տգէտ դպիր եւ անվաւեր վարդապետ,
Ես՝ անծածան դրօշ հաւատացեալ ամբոխներուդ,
Ես՝ անօժիտ վերծանող եւ անանձրեւ այգեպան,
Ես՝ կոյր աղբիւր եւ կորաքամակ փառքիդ,
Իմ անդպիր հօտիս համար լոյս կ՚աղերսեմ…։

Օգնէ ինծի, Աստուած բիւրեղ…
Ես՝ ողորմելի որոնիչ եւ անհետեւանք խուզարկու,
Ես՝ անքանքար քննիչ եւ անբերրի հիւլէ,
Ես՝ անաստիճան ճգնաւոր եւ անթռիչ հռետոր,
Դառնաժպիտ թափառական եւ աշակերտ անբանիբուն,
Երազատես Մոլորեալ եւ անտաղանդ անրջող,
Ես՝ սահմանափակ պատուհան եւ փակեալ դուռ,
Ես՝ իմ հոգիիս հանդէպ փշրուող երկաթ ալիք,
Ես՝ գերեզմանի պահապան եւ մեռելոց հաշուակալ,
Ես՝ հրեղէն հացիդ կարօտ ցորենաքաղ…
Ես՝ աներդիք գիշերող եւ անսափոր ծարաւի,
Ես՝ մենաւոր մշակ տատասկներու մէջ կորուսեալ,
Ես՝ անճառագայթ աղջամուղջ, ես՝ անլար քնար,
Դեռ անբարբառ Հայկազնեանց հոգիին
Բացատրութեան Բանալի մը կ՚աղերսեմ…

Օգնէ ինծի, Տարրերու հայր,
Ես՝ աչք աղօտ եւ տեսողութիւն անթափանց,
Ունայնամիտ ունկնդիր եւ չարալուր ականջ,
Աններդաշնակ երաժիշտ եւ մեղմաձայն երգիչ…։
Ես՝ անհողագործ դաշտորայ, շտեմարան գինեբաշխ,
Ես՝ անկոչ հրաւիրեալ Յիսուսական հարսանիքին,
Ես՝ անձէթ լուսարար եւ անմատեան մտածող,
Եւ անգորով գգուիչ եւ սիրազուրկ սիրահար,
Ես՝ անհրապոյր քարոզիչ եւ քարկոծեալ քրիստոնեայ,
Օժիտաբեր աղքատ եւ անոսկի հարուստ…
Ես՝ անհամբոյր շրթունք եւ հոգեզուրկ հեծեծող,
Ես՝ սիրտ անսէր եւ կուսութիւն անկատար,
Ես՝ անբեւեռ քալող եւ երերուն ուղեւոր…
Քու փրկութեան փարոսներէդ կաթիլ մը լոյս տուր ինծի…
Եւ երկնային դուռներուդ հետ հոգեկան
Կեանքին դուռները դրախտին պէս թող բացուին…։

Օգնէ ինծի, անծիր Աստուած…
Ես՝ անկարկաչ առուակ եւ խափանեալ ջրվէժ…
Ես՝ ուսուցիչ անուս եւ վարանեալ վարդապետ,
Ես՝ դպրութեանց դեռ անպսակ տնօրէն,
Ես՝ խիղճերու հանդէպ ինկող վարագոյր…
Ես՝ որմ մթաշէն, գեհենական բանտարկեալ,
Ես՝ շիւղ կորուսեալ, հունտ անպարգեւ…
Մացառապատ կածան, օձապտոյտ գետնուղի…
Ես՝ անհիւրընկալ օթեւան եւ անբազմոց մահամերձ…
Լապտերիդ լոյսը մի մերժեր ինձ…։

Օգնէ ինծի, համագումար Սկզբունք,
Մկրտութեան ես՝ անմիւռոն աւազան,
Ես՝ աղօթքի կիսակործան գաւիթ,
Ես՝ արօրազուրկ հողագործ, անգերանդի հնձող,
Ես՝ անբոյր օծանող եւ դառնահամ իւղ,
Ես՝ անբալասան բժիշկ եւ անբեհեզ վիրակապ,
Ես՝ կոտրած կանթեղ եւ պապակեալ պատրոյգ,
Ես՝ հողմակոծ անտառ եւ արտասուաթոր ուռենի…
Ես՝ անտաշ ատաղձ եւ բորբոսեալ գերան,
Ես՝ հողաշէն բուրվառ եւ անծխելի խունկ,
Ես՝ անողկոյզ որթատունկ եւ վարակեալ վարսակ,
Ես՝ անճշմարիտ ճակատ եւ անուղիղ ձեռք,
Ես՝ անկարող կարգաւոր եւ աննշխար քահանայ,
Ես՝ մենութեանս մէջ մխացող անկարաւան անապատ,
Այցելութիւն տուր ինծի…։
Օգնէ ինծի, ով անբաղդատ օրէնք,
Ես՝ վարանոտ մարդ եւ յուսահատ անձ…
Ես՝ ահաբեկ անհատ եւ շուարած շնչաւոր,
Ես՝ տարակոյսին մէջ տատանող հողմահալած,
Անլսելի աղաղակ եւ անարձագանգ շեփոր…
Ես՝ գօս տերեւ՝ աշուններէն վար ինկող…
Ես՝ չորացեալ ճիւղ եւ անհոտաւէտ վարդենի,
Ես՝ ուշիմութեան ուրուական,
Ես՝ կարճիմաստ իմացական եւ խոնարհած խելք,
Եկեղեցիիդ կամարներուն տակ հեծեծող
Քրիստոնեայ ժողովուրդիդ դէմ յանդիման
Ես՝ Աստուածաշունչ մեծ Մատեանիդ
Օտարալեզու ընթերցող եւ անհարազատ թարգմանիչ

Օգնէ ինծի, անծայրածիր Ծանօթութիւն,
Գերազօր Տէր, անհուն հնարիչ,
Լոյսի զենիթ, անկնճիռ իմաստ,
Ջուր երկնային, անանջրպետ հոգի,
Անհաշիւ բաշխող, երազներու սահանք,
Ճանաչումի քու ծածկոցդ լուսեղէն
Իմ կործանեալ ուսիս վրան թող ծածանի,
Եւ՝ հսկումներու, հեծեծանքի, աղօթքներու
Այս իրիկուան, քառասներորդ գիշերին՝
Աստուած անյեղլի, Աստուած անափունք,
Արարչագործ ձեռքդ իմ ուղեղիս երկարէ
Հոն իմ գիւտս խմորելու…»։


ՏԵՍԻԼՔԸ
Ով հրաշալիք, ով հաւատքի աննիւթական հուր,
Ով զարմանագործ զօրութիւն,
Ով բոցեղէն բժժանք, ով անլոյծ խորհուրդ,
Ահաւասիկ Քերովբէ մը՝ մրափին մէջ Մեսրոպին,
Իր աջ ձեռքովն լուսագիծ՝
Ակնթարթ մը՝ մենաստանին որմին վրայ
Հայկազնեան Այբբենարանը տառագրեց…։
Յանկարծ՝ Սուրբը, մեծ Տեսիլքէն ցնորաշարժ,
Մեռեալի մը պէս ընդոստ ոտքի,
Փետուր գրիչն եւ տախտակն ի ձեռին,
Հրաշքին տակ արտասուելով,
Որմին առջեւ անհունօրէն ծնրադրեց…։
ԳԻՒՏԻՆ ՓԱՌՔԸ
Մեսրոպ, հայ դարերուն դիմաց կեցող
Դուն՝ ադամանդեայ ապառաժ,
Դուն՝ մանուկներու մերկ ուղեղէն
Մինչեւ հանճարը ցոլքեր ցանող
Գիտակցութեանց անգիւտ փարոս…
Դուն, որուն կոփիւնը կռանին,
Ժամերուն պէս, րոպէին հետ անդադար,
Իմացական թանգարանին արձանները մեզ կը ձուլէ…
Դուն՝ աննինջ հսկող, դուն՝ տիտանեան Տեսանող,
Դուն՝ Օրօրոցէն մինչ գերեզման,
Մեր մէկ մի խօսքին, մէկ մի շունչին
Գեղեցկաձայն բացատրիչ…
Դուն՝ բարբառի արարիչ, Բանի իշխան,
Դուն՝ անբաւ բաւիղ տեւողութեան,
Դուն՝ գոյացութեան արգաւանդ հայր,
Դուն՝ հայրենի հողին վրայ մրրկին պէս բարձրացող
Անտառ անհուն, անտառ սրտի,
Որուն մէն մի հաստատաբուն ծառերն հսկայ
Մէկ մէկ քնար, մէկ մէկ փանդիռ են մեր շունչին…
Մէկ մէկ շեփոր մեր հագագին ռազմական,
Մէկ մէկ պատնէշ ճակատագրի պատուհասին…
Դուն՝ անվատնելի ցորեանի դաշտ, դուն՝ ձրի հաց,
Դուն՝ հունձք հարուստ եւ դուն՝ հնձան հրաշէկ,
Դուն՝ արբեցութեան եւ գինիի աւազան,
Որուն մէջ ես ալ ոսկի սափորս եմ մխրճեր…
Արեւներու ծարաւէս խենթ…

Դուն՝ մեծաթափանց նայուածքներով առաքեալ,
Դուն էիր որ զքեզ երգող ցեղդ այսօրուան,
Հելլէններէն եւ հանճարեղ եւ հրավառ
Ու աշխարհակալ մեծ Հռովմի որդիներէն
Ու հրապաշտ պարսիկներէն դրացի,
Մայր—բարբառիդ հիմնաքարովն յակինթ,
Հայկազունեաց մեր շառաւիղն ազատեցիր…։
Դուն՝ երկրորդ Աստուած
Եւ մտածման Դուն՝ առաջին արարիչ…։
Դուն՝ բեղուն բարիք, սրտի աղբիւր,
Գոյներու գանձ, գթութեանց գահ,
Դուն՝ թոչող դարերն մէկզմէկու կամարող
Կամուրջ անգիծ, ուրկեց ցեղդ միլիոններով՝
Կամ պերճօրէն, կամ վատաբար
Կեանքէն ի մահ կու գայ կ՚անցնի…։

Դուն՝ Հելլէններէն հռչակուած,
Մեծատիտղոս Ակումիտ,
Ով մենակեաց, ով Մագիստրոս, ահաւասիկ
Երկու Հայքերն «Ովսաննայ քեզ» կը գոռան…
Եւ Ովսաննայ Վաղարշապատի Հայրապետին՝
Սահակ Պարթեւ զուգակշիւռ արբանեակիդ,
Եւ Վռամշապուհ Արքային,
Որովհետեւ քու մեծ գիւտիդ զօրավիգ,
Մէկն իր Խաչի, միւսն իր Սուրին համազօր
Քու քայլերուդ հետ քալելով՝
Արարատեան արշալոյսին,
Դպրութեանց դուռը մեզ բացին…։

Ահ, ամբողջ արիւնը Քու ուղեղիդ,
Ինչ տենդերէ որպիսի տենդ,
Եւ սարսուռներէ ինչ սարսուռ,
Ինչ գեհենական գալարումէ գալարում,
Եւ վարանքէ վարանք եւ վարկածէ ի վարկած,
Եւ ծովային ծփանքներէ ի ծփանք,
Այլակերպիչ նժարէ մը ուրիշ նժար,
Եւ կշիռէ ի կշիռ, զքեզ տարաւ…
Ու մէն մի հիւլէն քու հոգիիդ,
Մէն մի ճաճանչը քու աչքերուդ,
Մէն մի կաթիլը քու հանճարիդ կայծերուն,
Հողմային հեւքդ եւ խօլ թափը թռիչներուդ,
Աղօթքներուդ յորձանքներն հրեղէն,
Քառասուն օր՝ տիւ եւ գիշեր,
Մենութեանդ մէջ, մեռեալի մը պէս մենաւոր,
Զքեզ դէպի Տեսիլքդ տարին…։
Եւ անուրջին մէջ ծնանող ծաղկի ծիլէն
Ու բողբոջէն դեռ անբոյս,
Դուն մարող յոյսէն, դուն տեսլական ստուերէն,
Անգոյն գիծէն եւ երազի վսեմ վարդէն,
Դուն ոլորտէն, անձայն շեշտէն, անգոյն բառէն,
Դուն ծածանող եւ անարմատ ծուէններէն
Դաշնակութեանց Ալփաբետան ստեղծեցիր…
Եւ Չորրորդ դարու Ոսկի Սեմէն
Մինչեւ մեր օրը, մեր արիւնովը մթին՝
Ահաւասիկ Հայ Հանճարը բազմալար,
Քու ձեւերուդ մէջ կը ձուլուի…
Ով անլուծելի առեղծուած,
Ով ջղերու կայծակէ խուրձ,
Արեան հնոց, անուրջներու անբիծ ծաւալ,
Ով զարմանալի եւ տեւական զգայախաբ,
Քնարական ահեղաբիբ քիմեռատես,
Դուն՝ Աստուածագիծ ծիածան…
Հաշտութեան հուրը մեզ բերող,
Դուն՝ տարակոյսին են տարտամին տիրապետ,
Դուն՝ տարօրինակ եւ տարագիծ գմբէթ…
Դուն՝ մեծ կրքերու կրօնաւոր,
Այր Աստուծոյ, մտքի եղբայր, քնարի քոյր,
Քու բաժակէդ թոյլ տուր, որ ես ալ ըմպեմ…։

Եւ այսօր, քու սրբութեամբդ սնած՝
Ես՝ ապաժաման քնարահար
Եւ անվճար ու անարժան երախտագէտ,
Ես քու ցեղիդ հոգիին հայելին քեզ կը բերեմ…
Աչքերուս մէջ անոր աչքէն հուր առի…
Ու իմ խօսքերս անոր սրտէն եմ քաղեր,
Եւ ինչ որ կարդաս ճակտիս վրան,
Ինչ որ կարդաս ժպիտիս մէջ,
Անոր Յոյսովն եմ ես գրած…
Եւ թոյլ տուր այսօր, ով Մեսրոպ,
Որ Հայոց հողէն մինչեւ աստղերը հասնող
Քու ոսկիէ սանդուխէդ վեր բարձրանամ
Եւ հաստատաքայլ, աստիճանէ աստիճան
Ու պսակէ ի պսակ եւ լոյսէ ի լոյս,
Իբր զաւակ մը մտածումիդ,
Ես ի քեզ գամ իմ այս երգս երգելու…։

1912