ԼՈՒՌ ՑԱՒԵՐ

Համաբարբառ
Լուռ ցաւեր

ԱՆԴՐՇԻՐՄԻ ՍԷՐ

Ա.

Սեւ շրջանակով պարուրուած, սովորական ու ռամիկ պիտակն էր փակցուած հոդ պատին, վրան աւանդական տապանովը որուն քով ծունկ չոքած՝ կին մը կ՚աղօթէ. վարի դին՝ ազգականներու թուումը, ու թուղթին ճիշդ մէջտեղը՝ հոն ուր նայուածքները կ՚երթան իսկոյն, անուն մը, կարծես յատկապէս իմ չհաւտացող աչքերուս համար ահաւոր կերպով մեծցած, ամբողջ հորիզոնը գրաւելու չափ խոշորցած տառերով գրուած անունը.



ՏԻԿԻՆ***



Մէկու մը վրայ ունեցած յիշատակներդ ու զգացումներդ՝ որքան ալ մոռցուած ու անհետացած ըլլան, այդ անձին մահը իմանալուդ, մէկէն կը վերադառնան ու կեանք կ՚առնեն՝ ճիշդ ինչպէս ճերմակ թիթեղը լուսանկարին՝ քիմիական բաղադրութեան մը տակ յանկարծ պատկեր մը ի յայտ կը բերէ քեզի։

Այս բոլորովին անակնկալ մահը միեւնոյն ներգործումը կ՚ընէր վրաս, ու մեղմիւ՝ անցեալ մը կը կազմուէր չնչին հանդիպումներէ, հաւնելներէ, անոր անցնիլ երթալէն վերջը դեռ ետեւէն երթալու պէս նայիլներէ կազմուած անցեալ, որ, պահուած տեղէ մը դուրս ելլելու պէս, յանկարծ կ՚ելլէր ահա, մտքիս առջեւ, ԻՐ տարտամ ու վարանոտ գիծերը կը թօթափէր վար, այս կնոջ համար որոշ ու մէկին զմայլանք մը ըլլալը բացէ ի բաց խոստովանելու համար։

Ժողվելով, հաւաքելով այդ մանր մունր տպաւորութիւնները, բերելով քով քովի՝ սիրելի դատ մը ապացուցանելու համար զօրաւոր փաստի զանգուած մը շինելու պէս, պայծառ կերպով կը տեսնէի ինքզինքս հեռուէն, միշտ հեռուէն, քանի որ ներկայացած չէի այս կնոջ եւ հետը խօսած չէի բնաւ, երկրպագումի մը պէս դիրքի մը մէջ, մունջ հիացումով համակուած, ամեն հեղ երբ Կղզի գացող շոգենաւին վրայ կամ Բերա Մեծ Փողոցին մէջ եւ կամ խանութէ մը բան մը գնած պահուն կը տեսնէի զինքը։

Միշտ արտորացող բան մը ունէր վրան որ հիմա, ԻՐ վաղահաս մահուան առջեւ կեցած պահուս, ահեղ խորհրդանշանը կ՚երեւայ ինծի՝ արտորանքով կարճըցած երիտասարդութեանը։

Կապոյտը կը սիրէր ան. ոտքէն մինչեւ գլուխը կապոյտներու մէջ պլլուած, համակ կապուտագեղ կին, որ ԻՐ աճապարող փութացումին մէջ՝ «շուտ երեսս նայեցէք, վայելեցէք զիս, վասն զի վայրկեան մը վերջը ալ չկամ» ըսելու պէս բան մը ունենալ կը թուէր, երբոր կ՚անցնէր քովէդ։

Նրբահասակ ու նրբամարմին էր թափանցիկ կաթնաթոյր մորթով ու եղջերուի մեծ մեծ բացուած աչքերով որուն մէջ ճերմակը կ՚աղտանար, կը հատնէր, այնքան կ՚իշխէր մէջտեղի սեւին ցոլացումը ու կը վարագուրուէր երկար բիբերուն ձգած ստուերովը։

Խօսուն աչքեր, ժպտուն աչքեր, անմեղ ու մեղաւոր աչքեր՝ որոնք տիեզերքին երանութիւնը իրենց ծոցին մէջ կը պահեն։


Բ

Քովէս, ինծի պէս այս մահազդին առջեւ կեցողներ կը խօսակցէին, իրենց գաղափարները կը փոխանակէին մեռնողին վրայ, հիմա որ ո եւ է նկատում ու ակնկալութիւն չէր մնացած, արտասանելով իրենց խղճին թելադրած անկախ վճիռը անոր մասին։

Այսպէս կ՚ըլլայ միշտ մեռնողներուն համար. մարդիկ՝ դերասաններու պէս, որոնց թատերախաղը վերջացած է, իրենց լեզուն ու դիրքը կը փոխեն, գոհունակութեան շունչ մը առնելով, երկարատեւ ծպտում մը, լեզուի ու վարքի ծպտումը թօթափող մարդու ազատ շնչառութիւնը։

— *** Հիւպատոսին կինն էր. բայց ԻՐ անկարգութեանը համար էրիկը ձգեց զինքը։

— Գիտեմ, դատարանին առջեւ հաստատուեցաւ կնոջը գէշ վարքը ու երեք ամիս կայ որ զաւկըները ձեռքէն առին։

— Այո, ճամբէն ելած կին մըն էր։

Ու բարոյականի տոպրակնին բացած, այս անցորդները, որ դեռ քանի մը օր առաջ այս կնոջ մէկ ակնարկին արժանանալու համար կը քծնէին անոր ճամբուն վրայ, իրենց մաղձոտ չարախօսութիւնները դուրս կը թափէին։

— Ինչէն մեռաւ, հարցուց առաջին խօսքը բացողը։

— Թոքատապէն։

Ոչ, ըսի մտքովս պատասխանելով անոնց, զաւկըներուն ցաւէն մեռած է այս կնիկը։ Եւ իսկոյն ներսէս պաշտպան կանգնեցայ անոր, երբ աշխարհ խօսք մէկ կ՚ընէր զինքը դատապարտելու համար։ ԻՐ շնորհին, ԻՐ երիտասարդութեանը վայելուչը՝ արատով մը չգոցուիլն էր ԻՐ դագաղին։ Ինչ որ ալ եղած ըլլար ԻՐ կեանքը, սիրտս կ՚ըսէր որ ծաղիկ մը նետելու է անոր վրայ եւ ոչ աղբի դէզ մը, ինչպէս կ՚ընէին սա մարդիկը։

Վարանոտ կեցեր էի մայթին վրայ անցորդներուն պատմած ուղիղ կամ սուտ զրոյցներուն ակամայ ունկնդիր, երբոր հեռուէն տեսայ մեռելը զոր մեր կողմը կը բերէին։

Առջեւէն խաչալեմները բարձրացուցեր էին երեք գիծի վրայ, որոնց երկու ծայրերունը՝ քահանաներու դասին ու մէջտեղինը դագաղը տանող կառքին առջեւ կ՚իյնար. համակ ընկուզենիէ էր ան, տեղ տեղ արծաթ դրուագներով զարդարուած։ Աղեբեկ մազերով ծերունի մը, հայրը, դագաղին անմիջապէս ետեւէն կուգար։ Ու անոր ետեւէն, յուղարկաւորներու ցանցառ թիւ մը, որուն մէջ Բերայի յոյն հասարակութենէն քանի մը ծանօթ դէմքեր կը նշմարէի։

Մեռելին երեսը բաց էր, ինչպէս սովորութիւն է Յունաց մէջ, այնպէս որ կեցած տեղէս կրցայ թափօրին ծանր ծանր քալուածքէն օգտուելով, լաւ մը դիտել զայն։

Անհաւատալի բան, միշտ իմ ճանչցած գեղեցիկ կինս էր հոդ պառկողը, կարծես թէ կենդանի, աչքերը գոց, քիչ մը տժգոյն, քիչ մըն ալ նիհար երեսով։ Հասակը որ դագաղին բոլոր երկայնութիւնը կը գրաւէր, ամենէն վեհաշուք բայց ամփոփ ու պարկեշտ պառկուածքի մը շնորհքովը կը շքեղանար, ԻՐ վրդովուած կեանքին կարծես թէ զղջումը բերելով զինքը դատող մարդոց։ Այս դիրքին մէջ կուրծքը՝ ԻՐ լայնածիր պարոյրովը տրոփելու մօտ կը թուէր. ճերմակ բեհեզէ շրջազգեստին ծայրէն, դագաղին նեղութեանը մէջ ճմռթկած, ու համագոյն բեհեզէ մուճակներուն մէջէն, հարսի մուճակներ, ոտքերը, մանրիկ երեխայի ոտքեր, իրենց կորնթիքովը կը յայտնէին որ գեղջուկ կամ ռամիկ աղուորութիւն մը չէր այս կնոջ գեղեցկութիւնը. եւ ոտքին պճեղը տոհմիկ ու ազնուական գիծերու սկզբնաւորութիւնը կուտար ԻՐ նրբութեամբը։

Մեռելը զարդարողները անոր ոսկի մազերուն ստուար խուրձը, աղջկան մը մազերուն պէս, քակեր ու ձգեր էին ուսերուն վրայ. յետին պչրանքը այս աղուորութեան որ ոչնչանալու կ՚երթար ահա. ու այսպէս, ԻՐ լուսաւոր դէմքը վերջին պահուն կը փայլէր երկու դիէն ծփացող դեղին կոհակներուն մէջ. դեղնութիւն որ շատ անգամ կը տեսնուի երբոր արեւը այգուն կը ծագի ծովին վրայ։


Գ

Չեմ գիտեր լաւ մը թէ ինչպէս եղաւ որ մեռելին ետեւէն գացողներուն խառնուեցայ ես, ու ինքնակոչ յուղարկաւոր՝ մինչեւ Թաքսիմ ընկերացայ անոնց։ Միեւնոյն ատեն մտքովս, — գիտէք իմ հիւանդագին միտքս, — իսկոյն երկու քայլափոխի մէջ, վէպ մը սկսայ պատրաստել ԻՐ վրայ, ջատագովիչ վէպը, բոլորովին տարբեր անկէ որ մահազդին առջեւ կանգ առնող անցորդներու կցկտուր խօսքերէն կը կազմուէր։

Կը խորհէի ինքնիրենս որ զոհ մը ըլլալ կը վայլէր այս գեղանի մեռելին եւ ոչ այն անարգ ու հերատուկ կինը զոր վայրկեան մը առաջ դատափետեր էին։ Չճանչցուած էակը ըլլալ, զոր ԻՐ ամուսինը, ԻՐ անհասկացողութեամբը թերեւս, խորտակած էր առջի ձեռք դպցնելուն, այն քնքուշ, դիւրաբեկ ու նրբարուեստ առարկաներուն պէս որոնց խիստ հպում մը՝ մահը ու խորտակումը կ՚ըլլայ իսկոյն։

Ես իմ վէպիս առաջին գլուխն էի դեռ, էրկանը դաժան, գրեթէ բարբարոս նկարագիրը կը շինէի մտքովս, երբոր յուղարկաւորները, գերեզմանատուն տանող կառքէն մէկուն մէջ հրամցուցին զիս։ Ով էի ես, ինչ ընելու եկեր էի հոս։ Այս բաները չխորհեցայ այդ պահուն. ներս մտայ Յոյնի մը հետ որ, բարեբաղդ դիպուածով մը, ճանչուոր ելաւ ինծի։

Մինչեւ գերեզմանատուն եկողները շատուոր չէինք, ութը տասը հոգի ամենքս։

Միւսներէն, որոնք ազգականները ըլլալու էին հարկաւ, ես քիչ մը ետեւ կեցեր էի՝ աչքի չզարնելու տարտամ ջանքով մը։ Բայց երբոր թաղման արարողութիւնը սկսան, այնքան այլայլեր էի արդէն որ հեկեկալով կուլայի առանց ալ մէկը սեպելու, իբրեւ թէ ես տէրը ըլլայի ննջեցեալին, ու արցունքներուս մէջէն, երբ փոսը կը դնէին մեռելը, դեռ կը հիանայի վրան։

Երբեք մահը, ոչ ոք այդ աստիճան գեղեցկացուցած էր։ Ոչ այն աշխարհիկ ցանկազարթոյց աղուորութիւնը որ այս կնոջ աղուորութիւնը եղած էր ԻՐ առողջութեանը, այլ դէմքին վրայ չքնաղ ու անմեղունակ արտայայտութիւն մը նախ, վճիտ ու պայծառ խղճմտանքի մը ցոլացումին պէս։ Ով ըսաւ որ յանցաւոր ու պարտազանց մէկն էր անիկա. ամենէն մեծ արուեստագէտին երեւակայելիք շնորհը ու վայելչութիւնը սփռուած էր այս մարմնին վրայ, բայց մռայլ ու սրբազան վերարկու մը ձգածի պէս պատկառանք միայն տարածելով անոր շուրջը։

Ու հիմա՝ քահանային աղօթքին հետ համընթաց՝ փոսին երկու դիէն բահերով նետուած հողերուն տակ հեծեծող դագաղը հետզհետէ կը ծածկուէր ու ծովին մէջ ընկղմող նաւի մը պէս աչքէ կ՚անհայտանար։ Մեռելաթաղները հողի զանգուածները կը կոտրեն, կը շտկեն, կը կոկեն ու ահա ոչինչ՝ բացի այն ուռեցուորած թարմ ու կարմիր հողէն որ նեղ ու երկար ձուաձեւ մը կը կազմէ այդտեղ։

Յուղարկաւորները կարգով կը մօտենան ծերունի հօրը ու վշտակցութիւննին կը յայտնեն, ու էն վերջը ես կը մօտենամ անոր ձեռքը թօթուելու համար, երբոր, տարօրինակ բան, ես պէտք ունիմ որ իմ ձեռքս սեղմեն։

Մտերմութեան ինչ անբաղդատելի օղակ մը կը հաստատուի յանկարծ, վայրկեան մը առաջ իրարու անծանօթ երկու հոգիի մէջ. ինչպէս կ՚ըլլայ որ մէկ վայրկեանի մէջ զգացուած կսկիծ մը՝ տարիներով միասին զգացուած, բաժնուած ուրախութիւններէ աւելի սերտ մերձաւորութիւն կազմէ, ամուր ու պինդ շաղախ որ սիրտերը իրարու կը կապէ իրապէս անմեկնելի կերպով։


Դ

Անկէ վերջ բարեւ մը կը փոխանակէինք անոր հետ, իրարու հանդիպելնուս։ Չհարցուց բնաւ թէ ով էի ես եւ թէ ինչ իրաւունքով ԻՐ սուգին մասնակցեր էի։

Վեց ամիս վերջը։ Լիւքսամպուրի սրճարանը կ՚երթար անիկա պռիչի բառդի մը ընելու համար, իրեն պէս գործէ քաշուած քանի մը մարդոց հետ։ Հոն գտնուեցայ ես ալ ու միասին կը խաղայինք շատ հեղ։ Ինքը վարպետ մըն էր ու ինծի պէս համբակի մը խաղէն մեծ հաճոյք չէր կրնար առնել. բայց չեմ գիտեր ինչու ան ալ իմ ընկերութիւնս կը փնտռէր։

Ու միասին, խաղին բառդին լմննալէն ետքը, իրիկուան դէմ քով քովի պզտիկ պտոյտ մը կ՚ընէինք մինչեւ Թաքսիմի Պարտէզը եւ նոյնպէս միասին կ՚ընէինք վերադարձը, հօր ու զաւկի պէս։

Ինչ էր այն անպատմելի բանը որ այս ծերունիին մօտ գտնուելուս՝ զիս ցնծութեամբ կը լեցնէր, ամենէն երջանիկ արարածը կ՚ընէր զիս։ Փոխադարձ համակրութիւնը, զոր այս մարդը ինծի ցոյց կուտար, ԻՐ աղջիկէն եկածի պէս տպաւորութիւն կ՚ընէր վրաս։ Ինքը ԻՐ աղջկան յիշատակովը կ՚ապրէր. ես ալ։

Անոր մահուանը տարեդարձին՝ երկուքնիս ալ մէյմէկ շքեղ պսակ դրինք գերեզմանին վրայ։ Գարունը ցնծութեամբ կը լեցնէր այս սուգի տեղը. ծառերը, ծաղիկները կը խայտային. ու գերեզմանին վերի դին բացուող եղրեւանի մը ԻՐ կապոյտ ծաղիկներու մեհեւանդներովը եւ անոր սիրած գոյնովը այդ փոսը կը զարդարէր դեռ։ Վերադարձին հայրը ԻՐ տունը հրաւիրեց զիս. անհուն երանութիւն մը զգացի ոտք կոխելով այն տունը ուր ապրած էր Սերաֆիթան։

Այս էր տարօրինակ ու աղուոր անունը այս կնոջ որուն մեռնելէն վերջը մտերիմը եղեր էի ինքնիրենս։

Անկէ վերջը միշտ գացի հոն. օրին մէկն ալ հայրը անոր խուցը տարաւ զիս։ Անոր աղջիկնութեան հոտերովը լեցուն սենեակ մը, որ զինքը գրկող, պատող, շրջապատող առարկաներով լեցուն էր. վարագոյրները գոց էին միշտ, խորհրդաւոր ստուերի մը մէջ պահելով զայն. աջ կողմի անկիւնը բռնող թիկնաթոռին մէջ փետուրով լեցուած բարձիկը անոր մարմնին թողած գոգը կը պահէր դեռ, թռչունի մը բոյնին պէս՝ ու քովի մահոնէ նրբակերտ սեղանին վրայ` Պուռժէի, Մօբասանի մէկ երկու հատորները. քառորդ ժամուան մը համար միայն կարծես դուրս ելած էր այս սենեակին տիրուհին, եւ քիչ մը վերջը պիտի դառնար հոս իմ քովս, ԻՐ կապոյտ արդուզարդովը, վազելով, արտորալով՝ ինչպէս ԻՐ սովորութիւնն էր, կարմրած քրտնած ու համբոյրով մը ներողութիւն խնդրելով զիս սպասցնելուն համար։

Սովորաբար նարտ խաղալու կուգայի անոր հօրը հետ եւ ականջէս Սերաֆիթան, ինձմէ ուրիշին աննշմարելի, դեպի ինծի ծռած, գողտր ու դողդոջուն ցօղունի մը ծռելուն պէս, կամաց մը շնորհակալութիւն կը յայտնէր ԻՐ հէք հօրը մասին ցուցուցած խնամքներուս համար։

Ե

Ես երջանիկ էի, մունջ ու անխառն երջանկութեամբ մը։

Սերաֆիթան, ԻՐ աշխարհային կապերը ու պակասութիւնները թօթափած վրայէն, երազաշէն ու միանգամայն իրական կին մըն էր ինծի համար։ Անոր մահը՝ հալոցն էր, մերկացնող, զատող, հարազատող այս ոսկին՝ խառնուրդէն, ազնուական մետաղը պահելով միայն։ Միայն բան մը չէր կրցած հեռացնել անկէ, պչրանքը. թերեւս անոր համար որ առանց անոր՝ Սերաֆիթան կին մը ըլլալէ պիտի դադրէր հրեշտակ մը դառնալու համար։

Գլուխ գլխի կ՚ապրէի անոր հետ. հիմա ինէ զատ ոչ ոք ունէր անիկա. պզտիկ նախանձ մը սակայն. երբ ԻՐ վռթկած աղջկան ձեւերը կը տեսնէի ԻՐ քալուածքին, ԻՐ ժպտելուն, ԻՐ գլուխը ծռելուն մէջ։

Հայրը ամեն օր մէյմէկ պատմութիւն ունէր անոր վրայ պատմելիք ինծի. ես՝ տպաւորութիւններ միայն եւ հեռուէն նշմարուած բաներ որոնք մօտը ապրող մարդուն համար նորութիւններ են միշտ։

Մանրամասն գիտէի ալ իմ սիրած կնոջս մանկութիւնը ու երիտասարդութիւնը։ Այս խօսակցութիւններուն մէջ անոր ամուսնութեան դժբաղդ պատմութիւնը կուգար երբեմն. բաժանումը, ամուսնալուծման դատը, որուն մէջ էրկանը փաստաբանները այս կնոջ թեթեւ մէկ շարժումը՝ քրէական յանցանքի մը պէս ցուցնելու յաջողեր էին. վերջապէս գայթակղութիւնը որ ծամոցը եղած էր ամենուն բերնին։

Հայրը տաք ու պաղ տեսած ու երիտասարդութեանը մէջ շատ մը հոգեկան տագնապներ անցուցած մարդ՝ կանուխէն յանգած էր ներողամիտ վարդապետութեան մը որուն մէջ աղջիկը արդարացնելու դիտում մը չունէր։

— Ես ալ, ըսաւ օր մը ինծի, շատ տառապեցայ սկիզբը իմ կնոջս երեսէն. ճիշդ Սերաֆիթան էր ան. անոր գեղեցկութեամբը, անոր ուրոյնութեամբը ու անոր զարտուղութեամբը։ Քսանըհինգ տարու էի երբոր սիրեցինք իրար. ԻՐ ընտանիքը մեր ամուսնութեան ընդդիմանալուն համար՝ առեւանգեցի զայն ու ամուսնացանք հեռու տեղ մը, գիւղի մը մէջ։ Երբոր գործերս յաջող կերպարանք մը առին, ամեն ոք զիս ծափահարեց. աներս եւ զոքանչս հոգի տալ սկսան վրաս. աշխարհքը, այն անիրաւ ու ապուշ աշխարհքը, որ յաջողութիւններուն դարպաս կ՚ընէ միայն, իմ շուրջս բոլորուեցաւ։

«Բերայի մէջ մեր երեկոյթները ամենէն փնտռուածներն էին, ու կինս՝ կիներու ամենէն շնորհալին։ Բայց ԻՐ գեղեցկութեանը չափ անհաստատ ու թեթեւ էակն էր զոր գովեստներն ու ականջն ի վար փսփսացուած սիրոյ խօսքերը կը յաջողէին ատեն ատեն գինովցնել։ Սկիզբները շատ տառապեցայ ու կը խոստովանիմ որ դժնդակ բան մը եղաւ ինծի այն եզրակացութիւնը որուն հասայ եւ որ հիմա կը ճանչնամ թէ ամենէն ուղիղն է։

«Ամեն չքնաղ առարկայի բաղդն է ձեռքէ ձեռք խլուիլ. գիտակցութիւնը չէ, որ կը մղէ զայն, այլ իրմէ անկախ բան մը՝ ճակատագիրը. զինքը պատասխանատու բռնելուն մէջ արդարութիւն չի կրնար ըլլալ։

«Աստղ մը ԻՐ շաւիղը պիտի գծէ, թիթեռնիկը պիտի ոստոստէ, գետը պիտի վազէ երթայ ու աղուոր կնիկը պիտի ժպտի ասոր անոր. կը կարծեմ որ տխուր բան մը պիտի ըլլայ եթէ խոժոռած ճակատ ու սրդողած աչքեր դնենք գեղեցիկ կնկան մը երեսին վրայ։ Կան որ փողոցին մէջ կ՚անցնին միշտ խոժոռած ու գետին նայելով եւ, դիպուածով, եթէ երեսդ ալ նային, զայրացած կերպարանք մը կ՚առնեն. չեմ ախորժիր ատոնցմէ. լկրտած խնդուք մը՝ ամենէն պարկեշտ բայց կախ երեսէն նախամեծար կը սեպեմ ես։

«Իմ կինս, պչրասէր քիչ մը, միշտ իմս մնաց, անոր համար որ չունեցայ ԻՐ թեթեւութիւններուն դէմ այդ ծանր ու դաժան վարմունքը որ ամենէն ջերմ սէրերը կը պաղեցնէ։ Չորս տարի առաջ կորսնցուցի զինքը»։

Յետոյ՝ աղջիկը միտքը իյնալուն՝ հառաչեց քիչ մը.

— Սերաֆիթաս ճիշդ ԻՐ մայրն էր. բայց էրիկը իմ ներողամտութիւնս չունէր. խիստ ու անգութ եղաւ ԻՐ կնոջը դէմ. կ՚երեւայ թէ ասով պատուաւոր մարդ հռչակուեցաւ աշխարհի առջեւ։

— Ես, պատասխանեցի իրեն, պատիւը շատ աւելի բարձր, շատ աւելի մեծ բաներու մէջ պահուած կը նկատեմ. կնոջ մը՝ էրկանը հանդէպ հաւատարիմ ըլլալը կամ ոչ՝ չեմ նկատեր իբրեւ իրական պատուոյ խնդիր մը, այլ այն եսական պահանջումներէն մէկը որոնք առնական բնազդի ու կիրքի մը գոհացում կուտան։ Սեփականութեան խնդիրն է աս որ անշունչ նիւթերէն անցնելով՝ մինչեւ կնոջ վրայ կը ծանրանայ։

«Ես պատիւը մարդոց իրարու օգտակարութեան մէջ կը տեսնեմ միայն. այն մարդը որ ԻՐ նմաններուն ամենէն աւելի օգտակարն է՝ ամենէն պատուաւոր մարդն է ինծի համար»։

Հիմա, ամբողջ օրեր միասին կ՚անցընէինք խօսելով Սերաֆիթային վրայ, եւ այնպէս մը որ իբրեւ թէ դեռ ողջ եղած ըլլայ անիկա. այս կամովին պատիր ու շինծու բանը հաճելի էր մեզի։ Բայց ծերունին երթալով կը տկարանար ու գոհ էր այդպէս հատնելուն համար։ Ձմեռը չկրցաւ տունէն ելլել. ամեն առթիւ բան մը կը գտնէր ԻՐ աղջիկը յիշելու համար։

— Թէ որ ճանչցած ըլլայիր զայն՝ պիտի սիրէիր զինքը, ըսաւ ինծի օր մը։

— Արդէն կը սիրեմ զինքը։

— Գիտեմ։

Առաջին անգամն էր որ երեսիս կ՚ըսէր այս խօսքը, թէեւ շատոնց հասկցած ըլլալու էր իմ սէրս։

Ապրիլ ամսուան մէջ ԻՐ վիճակը ծանրացաւ բոլորովին. բժիշկը ըսաւ ինծի որ հազիւ քանի մը ժամուան կեանքը մնացած էր։

Խելքը գլուխն էր մինչեւ վերջը ու հոգեվարքի մէջ էր արդէն երբոր նշան ըրաւ ինծի որպէս զի աւելի մօտենամ իրեն. երբոր քովը գացի, իրեն քաշեց զիս ու ճակատս համբուրելով մրմնջեց հազիւ հազ լսելի ձայնով մը որ ԻՐ վերջին բառը ու վերջին օրհնէնքը եղաւ.

— Փեսաս …։


ԼՈՒՍԱՀՈԳԻՆ

Ա.

Գէորգեան Նիկողոս աղան բանը գործը տեղը խույումճի մըն էր։ Յիսունին մօտ՝ ամուրի մնացեր էր, աշխարհ չմտած ԻՐ երկու քոյրերը, Բէմպէ ու Նեկտար հանըմները կարգելու սպասումին մէջ։ Շատ թախանձեր էին իրեն, բայց չէր յօժարած ոտնակոխ ընելու կանոնը որ կը տրամադրէ թէ եղբայր մը ԻՐ քոյրերը ամուսնացնելէ վերջը միայն կրնայ ինքը ամուսնանալ։ Իսկապէս կանոնի ու աւանդութեան մարդ էր, հաւտացող անոնց սրբութեանը ու օգտակարութեանը։

Իրմէ տարիքով պզտիկ եղբայր մը, որ իրեն չափ խղճահարութեան տէր մէկը չէր, ամուսնացեր էր. բայց ձախորդութիւնը ետեւէն հասեր էր իսկոյն։ Քանի մը տարուան մէջ դրամագլուխը փճացեր ու սրտին ցաւէն մեռեր էր մարդը, Նիկողոս աղային վրայ ձգելով ԻՐ այրին ու մանչ զաւակ մը։

Նիկողոս աղան ազդարարութիւն մը տեսեր էր այս վախճանին մէջ։

Պզտիկ տարիքէն հնազանդելու վարժութիւն ունէր, դաժան հօր մը՝ Գէորգ աղային — հռչակաւոր բոլոր Չարշըին մէջ — անդիմադրելի կամքին տակ ճզմուելով շարունակ։ Այս հայրը, հիմա գերեզմանին անդիէն, տասը տարուան անցեալի մը անջրպետէն դեռ կ՚իշխէր ԻՐ վրայ, ամեն խնդրի մէջ ԻՐ կարծիքը, լաւ եւս է ասել, ԻՐ հրամանը կ՚արձակէր ու Նիկողոս աղան կը հնազանդէր անոր։

Տարակոյս վերցնող ամեն բանի մէջ խույումճին ԻՐ հօրը կոչում կ՚ընէր եւ չէր ուշանար պատասխանը առնելու. ինչ որ ալ ըլլար այդ պատասխանը, Նիկողոս աղան կը հետեւէր անոր, խիղճը թեթեւցած, նոյն իսկ եթէ ԻՐ գործելիքը մարդասպանութիւն մը ըլլար։

Ամեն անհատականութենէ զուրկ այս մարդը գոհ էր այսպէս ըլլալուն համար։ Տրուած պատուէրի մը ետին ապաստանելով՝ ԻՐ գոյութիւնը ամեն փորձանքէ եւ ամեն դատափետութենէ զերծ պահելու գաղտնիքը գտեր էր։

Գատըգիւղ՝ Մէօհիւրտարի կողմը կը բնակէր ան ու, առանց բացառութեան, ամենուն յարգանքը կը վայելէր ԻՐ գեղին մէջ։

Իրենց տունը, էսնաֆի աւանդական տուն էր։ Միջին յարկին վրայ էր ամենաւուր սենեակը. սէտիրը ծայրէ ծայր կը գրաւէր անոր ճակատը ու երկու դիէն պատերու շրջանը կ՚ընէր ամբողջ, Ո տառը ձեւացնելով. մաքուր, ձիւնի պէս ճերմակ մատամբօլ ծածկոց մը այդ սէտիրին ու բարձերուն տամասկօն նախանձոտ զգուշութեամբ եւ ծայրայեղ խնամքով մը ամեն աչքէ կը պահէր եւ նոյնչափ մաքուր մատամբօլէ վարագոյրներ, իրենց երկուքի ճեղքուած թերթերովը, պատուհանները կը գոցէին։ Ձախ դին պատին յենած պռօին վրայ՝ հին օրերէ մնացած մեծկակ ժամացոյցը շատոնց չէր բաներ, բայց երկու ծայրանաձեւ փոքրիկ սիւներով բռնուած բոլորակը անթարթ կերպով բացուած աչքի մը պէս կը կենար, Գէորգ աղային աչքը կարծես։ Անոր երկու դիէն ապակիէ ծածկոյթի տակ նոյն տեսակ զոյգ մը ծածկոյթներու տակ ալ հին արհեստական ծաղիկներէ շինուած պզտիկ զարդարանքներ. ասոնց ճիշդ առջին շիշ մը ջուր ու երկու դին շարուած երկու գաւաթներ ծուփ ծուփ ծփալով քռօշէէ շինուած պզտիկ ափսէներուն վրայ։

Ու իրիկունները, Նիկողոս աղան, ԻՐ յատուկ անկիւնը նստած մտիկ կ՚ընէր օրուան լուրերուն զորս ԻՐ քոյրերը կը հաւաքէին լուացարար Մարիամեն որ ամեն տուն մտնել ելլելուն համար՝ ամեն բանի տեղեակ էր։

— Գիտես, Նիկողոս աղա, Պօյաճեաններուն աղջիկը կը կարգուի կոր։

Միշտ ամուսնութեան լուրով մը կ՚սկսէր շարքը, զոր Նեկտար հանըմ իրեն տունը մնալուն անիրաւութիւնը շեշտելու նպատակով առաջ կը նետէր։

Յետոյ, տղուն եւ աղջկան տարիքին խնդիրը կուգար, ու հոս՝ վէճը կը դառնանար։

— Ես սանկ աղջիկ մըն էի, կ՚ըսէր Նեկտար՝ ձեռքը տախտակամածէն թիզ մը վեր բռնելով, անիկա ալ ինծի մօտ բան մըն էր։

Նիկողոս աղան չէր կրնար համբերել ասոր.

— Խենթ ես ինչ ես Նեկտար հանըմ, ան պզտիկ աղջիկ մըն է, քսան տարու կայ չկայ։

Ու պառւած աղջիկը կը զայրանար, Բէմպէ հանըմը վկայութեան կը կանչէր։

Խօսակցութիւնը կը կենար հոս, յետոյ կը վերսկսէր.

— Նշանիկ աղային կնիկն ալ ԻՐ սիրողէն զատուեր է, տանը ծախքին մեծ մասը, կնկան լաթերը մարդուն ստակովն է եղեր։

Ու գոհունակութեան հառաչանքով կ՚աւելցնէր.

— Հիմա ամեն բան հասկցուեցաւ, ես ադ կնկան հագուելուն խելք չէի հասցներ կոր։

Նեկտար հանըմը այսպէս ամբողջ գեղին շրջանը կ՚ընէր, դուռ դուռ պտըտցնելով ԻՐ քինախնդիր հոգիին ատելութիւնները, մէկու մը չխնայելով։

Ամեն գիշեր մինչեւ չորսը կը տեւէր ասիկա եւ հետոյ ամեն ոք ԻՐ սենեակը կ՚առանձնանար։


Բ

Նիկողոս աղան Բերա չէր երթար. բայց շաբաթը գիշեր մը բացակայ կը մնար տունէն։ Այսպէս էր տարիներէ ի վեր։ Նիկողոս աղային բոլոր պատմութիւնն էր ասիկա։

Դեռ քսան տարու տղայ մըն էր, երբոր Չարշը ելաւ ստակ վաստկելու։ Այն ամառը նոր դրացի մը եկաւ իրենց մօտը։ Այրի կնօջմէ մը ու երկու աղջիկ զաւակներէ կը բաղկանար այս ընտանիքը. ունեւոր էին, խոհարար մը եւ սպասուհի մը կը պահէին ասոնք. մայրը երեսունըհինգի մօտ, մեծակառոյց աղուորութիւն մը ունէր եւ զուարճութիւնը կը սիրէր. իրենց գալէն երկու ամիս ետքը արդէն բոլոր դրացիներուն հետ մտերմացած էր ու ամեն իրիկուն հիւրեր անպակաս էին անոնց տունէն։ Տարին մէկ երկու անգամ երեկոյթներ ալ կուտային։ Նիկողոս աղայի ծնողքին համար ճշմարիտ գայթակղութիւն մը եղաւ այս դրացնութիւնը. նախ մանրամասն հարցուցին փընտռեցին անոնց որի կին, որի զաւակ ըլլալնին, ուրկէ գալերնին, նիւթական կարողութիւննին։ Անոնց զուարթ ու խօլ կեանքը ճիշդ իրենց քիթին տակը, իրենց անմռունչ ու մռայլամած կենցաղին դէմ անճահ հեգնութիւն մը թուեցաւ. յետոյ կինը որ եկող գացող հիւրին ձեռքը կը թօթուէր ու ժպիտը պակաս չէր ըներ շրթունքին վրայէն, աղջիկները որ իրենց մօրը վարքը ունէին, այս ամենը վտանգաւոր մերձաւորութիւն մը կը կազմէին եւ զգոյշ կենալու պարտքը կը դնէին Գէորգ աղայենց վրայ։ Մէկ երկու հեղ հազիւ այցելութեան գացին. Բէմպէն ու Նեկտարը այս խնդումերես ընտանիքէն բան չհասկցան. Նիկողոսին համար՝ այդ տունը երջանկութեան կոչումի պէս անդիմադրելի բան մը ունէր. անոնց անդրանիկ աղջիկը, Սօֆիկը, ԻՐ բարձր ու նուրբ հասակովը, ԻՐ կապոյտ եւ անոյշ աչքերովը, ոսկի մազերուն ծփացող, վէտվէտող մետաքսովը զինքը բոլորովին գրաւեց. ինքն ալ աղուոր երիտասարդ մըն էր, հազիւ վերի շրթունքը պերեւեշտով մը մրոտած. երկուքն ալ իսկոյն իրար սիրեցին, բայց Գէորգ աղային խոժոռ դէմքը շուտով այս լուսաւոր պատկերը նսեմացուց։ Անիկա նախ սա իմացեր էր որ նորեկ այրի կինը շատ զուրցուած կնիկ մըն է, միջոց մըն ալ ԻՐ էրկնէն զատուեր էր անոր կենդանութեանը միջոցին. յետոյ ունեցած ստակն ալ չնչին բան մըն էր ու անոր հարուստի վայելող մսխումը՝ աղջիկները ամուսնացնելու ունայն ճիգ մը միայն։ Այս վերջին տեղեկութիւնը մանաւանդ Գէորգ աղային մնացած ակնածութիւնները փճացուց. էսնաֆները միշտ վարժուած են խոնարհելու իրենցմէ հարուստներուն առջեւ ու ամբարտաւան ըլլալ՝ իրենցմէ նուազ ունեւորներուն դէմ. Գէորգ աղան հիմա, գուշակելով կարծես Նիկողոսին սէրը, դէմը ելլողին կ՚ըսէր.

— Ես զաւկըներուս՝ զուրցուած կնկան աղջիկ չեմ առներ։

Նիկողոս այս կտրուկ ու զարհուրելի վճռին առջեւ ընկճուած մնաց. բայց շատ ուշ էր արդէն. երիտասարդը մեռնիլը աւելի դիւրին գտաւ քան թէ հօրը կամքին դիմադրելը. հիւանդացաւ. քիչ մը վերջը իրենց դրացիներն ալ հեռու փողոց մը՝ Գուշ Տիլիի կողմերը գացին։ Ատեն անցաւ վրայէն, բայց երիտասարդը աղէկնալուն պէս վազեց Սօֆիկին քով նորէն։ Հիմա գաղտնի, գիշեր ատեն, պարտէզին դրան քով իրար կը գտնէին։ Յետոյ՝ տեսնելով որ Սօֆիկի մայրը նեղութեան մէջ էր՝ Նիկողոս յօժարութեամբ ձեռնտու եղաւ, անոր ապրուստին օգնեց։ Ալ դրան առջեւ չէր սլքտար, տուներնին կ՚երթար հօրմէն գաղտնի միշտ. անոնց բոլոր հոգերը կը ստանձնէր ու անձնուիրութեամբը ինքզինքը ալ աւելի կը սիրցնէր։ Երկու տարի տեւեց ասիկա, օր մըն ալ Սօֆիկին մայրը անկողին ինկաւ մէյ մըն ալ չելլելու համար. սաստիկ թոքատապ մը ութ օրուան մէջ գերեզման տարաւ զինքը։ Նիկողոս ամեն օր միջոց գտաւ հիւանդին տունը երթալու, խնամելու զինքը, բանի մը կարօտը չզգացնելով անոր։

Հոգեվարքին մէջն էր՝ երբոր հիւանդը ԻՐ զաւակներուն մտածեց.

— Ես կեցեր եմ, ըսաւ Նիկողոս։

Այս սփոփանքով մեռաւ հիւանդը։


Գ

Ամուսնութեան մը պէս ու ամուսնութենէ աւելի բան մը եղաւ ասիկա երիտասարդին համար. ԻՐ գաղտնի սիրոյն ու խոստումին տէրը մնաց. Սօֆիկէն զատ ուրիշ կին չճանչցաւ աշխարհի վրայ. ուխտ մը ասկէ աւելի սրբութեամբ չպիտի պահուէր։

Ասանկով՝ ԻՐ դատողութեան անձուկ շրջանակին մէջ կը հաշտեցնէր ԻՐ սէրը՝ հօրը դէմ ունեցած հնազանդութեան հարկին հետ. հայրը ԻՐ ամուսնութիւնը չէր ուզեր այս աղջկան հետ. ինք ալ չէր ամուսնացած ահաւասիկ. բայց կրնար հարկաւ, հիմա որ կատարեալ երիտասարդ՝ գրեթէ չափահաս մարդ էր, կին մը սիրել. եւ այս իրաւունքով Սօֆիկէն չզատուեցաւ։

ԻՐ վաստակէն մաս մը, այնչափ միայն որ հօրը մանրազնին հաշիւներէն ճարտարութեամբ կը փախցնէր, անոր եւ քրոջը ապրուստին յատկացուցած էր։ Յետոյ ուրիշ նախապաշարում մըն ալ կապեր էր զինքը այս կնոջ. ԻՐ գործը, առուտուրը օր օրի աւելի յաջող, աւելի շահաւոր դարձեր էին. մինչդեռ ԻՐ արհեստակիցներէն շատեր հետզհետէ կ՚աղքատանային, կը փճանային։ Մեռնող կնոջ հանդէպ ստանձնած յանձնառութեան դէմ՝ նախախնամութեան կողմէ եկած փոխարինութիւն մը կը նկատէր այս բաղդաւորութիւնը։

Օր մը միայն, եւ այդ օրը շարունակ կը յիշէր, Սօֆիկ ԻՐ ծոցւոր ըլլալը իմացուց իրեն. զաւկի մը մերձաւոր ծնունդը տեսակ մը հրապարակային հանգամանք կուտար ԻՐ այնքան խնամով գաղտնի պահած սիրոյն։ Այն ատեն ԻՐ շուարումին մէջ այդ զաւակը չքացնելու համար դեղ ու դերման փնտռեց, բայց բնութիւնը անոր բոլոր հնարքները ի դերեւ հանեց, ու երբոր օրին մէկը զաւակը ծնաւ, ուրախացաւ ԻՐ հնարքներուն ապարդիւն մնալուն։ Բայց այս ուրախութիւնն ալ խիստ վաղանցուկ բան մը եղաւ. ԻՐ կեանքը հետզհետէ նոր շփոթութիւններով, նոր դառնութիւններով կը լեցուէր։ Երեխային կնունքը մեծ գործ մը եղաւ. ուրկէ կնքահայր գտնել, որուն խոստովանիլ ԻՐ գաղտնիքը. վերջապէս մկրտութիւնը եղաւ եւ իրիկունը անոր մայրը ըսաւ իրեն թէ իրենց փոքրիկ Արամը արձանագրուեցաւ ժամուն տոմարներուն մէջ իբրեւ «եկեղեցւոյ զաւակ»։

Երբոր ԻՐ հայրը, Գէորգ աղան, օր մը յանկարծ մեռաւ սրտի կաթուածէ, Նիկողոս աղան արդէն մէկզմէկէ աղուոր երկու զաւկի հայր էր ինքն ալ։

Որքան ալ գաղտնի պահած կարծէր ԻՐ կենակցութիւնը, շատերը իմացեր էին ասիկա։ Այն վրան գլուխը շնորհքով մարդը որ ատեն մը ցերեկները միայն եւ վերջն ալ շաբաթը գիշեր մը Սկիւտար կուգար Սօֆիկ հանըմին տունը, նախ ազգական մը կարծուեր էր դրացիներէն. բայց այս ենթադրութիւնը շուտով մէկդի եղած էր։ Քանի մը ընտանիքներ Սօֆիկ հանըմին երթալ գալը դադրեցուցեր էին՝ չզիջանելով պահծու կնկան մը հետ տեսնուիլ։ Անիկա սակայն ԻՐ զաւակները խնամելու, մեծցնելու ետեւէն էր միայն. ԻՐ չքացած կեանքին վրայ ափսոսալով չէր դառնացած սիրտը. շատեր ԻՐ գեղեցիկ կնոջ հրապոյրներուն հետամուտ եղած էին առանց յաջողելու. հարկաւ կը փափաքէր որ այդ մարդուն հետ, որ վերջապէս ԻՐ ճշմարիտ էրիկն էր Աստուծոյ առջեւ, Եկեղեցւոյ պսակովն ալ ամուսնանար, գոնէ ԻՐ զաւակներուն առջեւ ամօթահար չմնալու համար, գոնէ անոնց անուն մը ձգելու համար։ Բայց Նիկողոս աղան միշտ խուսափեր էր ասկէ։ Դպրոցին մէջ ԻՐ տղաքը՝ Արամը եւ Գէորգը՝ մօրերնուն մականունովը յիշուեր էին։ Երբոր խելամուտ ըլլալ սկսան անոնք, ուրիշ հոգ մը ԻՐ մայրական մտմտուքներուն վրայ աւելցաւ. պէտք էր ԻՐ տղոցը առջեւ անուն մը տալ այն մարդուն որ շաբաթը մէյ մը իրենց տունը կուգար։ Նիկողոս աղան մօրեղբայր մը եղաւ ուրեմն, եւ քիչ մը ատենի համար այս հնարքը յաջողեցաւ։ Յետոյ, ուրիշ կսկիծներ եկան. օրին մէկը Արամ դպրոցէն լալով տուն դարձաւ. կռիւի մը միջոցին տղաքը բիճ բիճ պոռացեր էին ԻՐ երեսին ու հալածեր էին զինքը։ Անկէ վերջը այդ նախատինքը տեսակ մը սովորական մակդիր եղած էր Արամին, այնքան որ ստիպուեր էին զինքը դպրոցէն հանել։


Դ

Հօրը մեռնելուն՝ Նիկողոս աղան քառասունը անցուկ էր արդէն, դպրոցական տղու մը հնազանդ ու կրաւորական դերին մէջ փճացած։ Մայրերն ու հայրերը «շնորհքով», «խօսք մտիկ ընող» զաւկի օրինակ ցոյց կուտային այս աղեբեկ մազերով մարդը, միշտ սեւ կամ մութ գոյն զգեստներ հագած, ամառ ձմեռ չհանելով կռնակէն բառտըսիւն զոր ԻՐ տարիքէն եղող մարդու մը համար անհրաժեշտ կը կարծէր։ Օձիքը վար դարձած ճերմակ շապիկին սեւ քրավաթը երբեք չէր փոխուեր։ ԻՐ առուտուր ըրած խանութէն գիտէին անոր հաստատատիպ ճաշակը, ու ներս մտնելուն, սովորաբար Ծնունդէն կամ Զատկէն քանի մը օր առաջ, առանց հարցնելու կը պատրաստէին ԻՐ ուզածը, հոս ԻՐ զգեստները, հոն վեց ձեռք շապիկ, երկու քրավաթ, ձմեռը երեք հատ լաւ տեսակ բուրդէ ֆանելա եւ վեց հատ գուլպայ, ամառը բամբակէ։ Նոր լաթ հագնող տղու մը պէս կը հրճուէր այս ամենը գնելով, միակ ուրախութիւնը ԻՐ բովանդակ կեանքին որ անխափան կերպով տարին երկու անգամ կը կրկնուէր։

Գէորգ աղային մեռնելէն ի վեր, տանը մէջ անոր տեղը բռնելու կոչուելուն՝ նախ բոլորովին շուարեր մնացեր էր ու ապարդիւն ջանքեր ըրած էր ԻՐ հլու ու ծռած ողնաշարը շտկելու համար։

Միջոց մը կարգուելու գաղափարը մտքէն անցաւ։ Սօֆիկ հանըմ այնքան շատցուցեր էր թախանձանքը որ Նիկողոս աղան պահ մը համոզուեցաւ պսակուելու հետը։ ԻՐ խոստովանահայրը՝ մաքուր ու պարզասիրտ քահանայ մը՝ ան ալ խրատեց Նիկողոս աղան։ Բայց տունը խօսքը բանալուն՝ ամեն բան տակնուվրայ եղաւ։

Նեկտար հանըմ մեղմ ու հեզ ձայնով մը զգացուց որ հօրը անէծքը պիտի հասնէր անոր վրան, թէ որ ատանկ բան մը ընէր. յետոյ, դեռ ԻՐ քոյրերը չկարգած ինքը կարգուելու ելլելը չտեսնուած բան մըն էր. միւս եղբայրը կարգուեր էր ահա եւ գլխուն եկածը տեսեր էին. նորէն ինքը գիտէր. հարկաւ կարգուելուն պէս՝ գալիք հարսը պիտի վռնտէր զիրենք տունէն եւ երկու խեղճերը պիտի մուրային կամ Հիւանդանոց պիտի երթային. բայց տանը մեծն էր ինքը եւ անոր հրամանին հնազանդելու պարտաւոր էին իրենք։

Նիկողոս աղան այս խօսքերուն դէմ պատասխանելու բան մը չկրցաւ գտնել. հօրը խոժոռ դէմքը պատկերացաւ ԻՐ աչքին առջեւ, հայրը նստած սա դէմի անկիւնը, ճիշդ դէմը. ու այս վերյուշումով չկրցաւ խոստովանիլ ոչ ԻՐ հին սէրը, ոչ ԻՐ զաւակներուն գոյութիւնը։ Ներսիդիէն իրաւունք տուաւ ԻՐ քրոջ ու՝ ամեն վարանամիտ մարդու պէս՝ յարմարագոյն ժամանակի մը թողուց այս անել վիճակին կարգադրութիւնը։

Նիկողոս աղային գործերը ալ աւելի աղէկցեր էին հիմա. Չարշըին մէջ խույումճիներուն էն հարուստներէն մէկն էր. Լօնճայի մէջ անդամ, ԻՐ գեղին Թաղական Խորհուրդին մէջ գանձապետ էր։

ԻՐ եղբօրորդին, չափահաս պատանի մը, ԻՐ առուտուրին մէջն էր։ Որքան երջանիկ պիտի ըլլար թէ որ ԻՐ բուն զաւակները, հիմա երկու հրեշտակի պէս տղաքներ, ԻՐ քովը ըլլային. բայց կը խորհէր որ բարոյականի դէմ պիտի ըլլար ասանկ բան մը ընելը։ Ու Նիկողոս աղան ԻՐ վարանումին մէջ մնաց։


Ե

Հօրը պէս ինքն ալ օր մը յանկարծակի, սրտի կաթուածէն, ժառանգական ախտէն մեռաւ։

Եկեղեցին ու ժողովուրդը տակնուվրայ եղան այս մարդուն յուղարկաւորութիւնը ընելու համար։

Յուլիսի մէջ՝ կիրակի ցերեկ մըն էր։ Ժամուն բոլոր ջահերը ու մոմերը վառեցին, վարդապետները ու տէրտէրները հրաւիրուեցան ու եպիսկոպոս մը գտնուեցաւ որ պատուաւոր մարդու իբրեւ տիպար մէկը ներկայացուց ննջեցեալը։ Ապաքէն ժողովուրդին կարծիքն է որ պատիւը՝ ոչ այնքան կարգէ ու կանոնէ իրօք չշեղելու, քան թէ շեղումները չցուցնելու, պարտկելու մէջն է։

Ոչ ոք աշխարհիս վրայ Նիկողոս աղայէն աւելի կեանքին մէջ ԻՐ թերացումները պահած էր. ամբողջ ընտանիք մը քայքայեր, ԻՐ հարազատ զաւակներուն ոչ միայն ապրելու նիւթական միջոցները՝ այլ անուն մը ձգելու չէր յօժարեր. ատոր համար ու ԻՐ յանցանքը ատ տղոց վրայ ձգելով փախեր էր աշխարհէն։ Ընկերական նախապաշարեալ կարծիքը ոչինչ կրնար ուզել իրմէ ասկէ աւելի։

Հանրութեան առջեւ ԻՐ վայելած յարգանքէն բան մը պակսած չտեսնելու համար շարժած էր միշտ անիկա, ԻՐ բովանդակ կեանքին մէջ. ԻՐ կամքէ զուրկ մարդու նկարագիրն ալ մնացածը ըրեր էր։

Կամաց կամաց կը տանէին դագաղը այս մարդուն որ ԻՐ յանցանքին բոլոր ահաւորութեամբը կարծես թէ ծանրացած էր այս պահուս։

Յետոյ, մեռելակիր մարդիկ քօլօնեի ջուր սրսկել սկսան դագաղին վրայ. անոր շատ մօտէն գացողները թաշկինակնին քիթերնուն տարին. դիակին նեխումը սկսած ըլլալու էր, վասն զի գարշելի հոտ մը, ամեն ջանքերու հակառակ, կը ծաւալէր, դուրս կ՚ելլէր գոց սնտուկին չորս դիէն։

Ու այս ապականութիւնը, զոր կարելի չէր ըլլար ահաւասիկ պարտկել, այս մարդուն վախճանին խորհրդանշանը կը թուէր, ամեն եսասէր կեանքի վերջանալուն խորհրդանշանը, իսկոյն ժայթքելով դուրս, գերեզմանի մը մինչեւ մուտքը հասնելուն իսկ չսպասելով։

Հիմա գարշահոտութիւնը կը սաստկանար, այս աղուոր կիրակի օրը աղտոտելով. ապահովապէս ներքին արիւնահոսութիւն մը պատահած ըլլալու էր. մեռելին տէրերը ինչ ընելիքնին չէին գիտեր ալ. եկեղեցին առաջին կարգի թաւիշէ ծածկոցը՝ ԻՐ արծաթափայլ լայն խաչովը փռուած այս դիակին վրայ՝ բոլոր համակրութիւնները որ այս մարդուն կ՚ուղղուէին, չէին յաջողեր այս թարախի ու շարաւի կոյտին պղծութիւնը նուազեցնել։

Ցերեկուան մաքուր ու պայծառ արեւը վերէն կ՚իջնէր ամենուն վրայ, ԻՐ ճշմարտութեան յստակ լոյսովը ողողելով այս պատիր մարդոց տղայական շարժումները, հեգնելով անոնց մութ ու շինծու խղճմտանքին կարգն ու սարքը։

Ընտրեալ բազմութիւն մը ետեւէն կ՚երթար. ամենքը միաբերան անոր գովեստը կուտային. չարախօս մը որ անպակաս է ասանկ հաւաքումներու մէջ, փսփսաց որ լուսահոգին երկու զաւակ ունէր, երկու զաւակ զորս չէր ճանչցած. ամենքը լսեցին ասիկա. բայց այդ բազմութեան աչքին՝ ճիշդ այդ զաւակները չճանչնալուն մէջ կը կայանար այս մարդուն պատուաւորութիւնը. երես չտուին ու ծուռ նայեցան այդ շատզրուցին։



Կը յիշեմ յետոյ դատը որ ծագեցաւ այս մարդուն մահուընէն վերջը։

Սօֆիկ հանըմ ԻՐ սուգը պահեց, բայց զաւակներուն իրաւունքները պահպանելու մէջ չթերացաւ. նախ Թաղ. Խորհուրդին, յետոյ Պատրիարքարան գնաց, ԻՐ զաւակներուն ինչ ըլլալիքը հարցուց. ամեն տեղ ԻՐ լրբութեանը վրայ զարմացան. ինչպէս Ս. Պսակը չտեսնող կին մը՝ ամուսնական եւ մայրական իրաւունքներու թեկնածու կ՚ըլլայ. վռնտեցին զինքը. ճարը հատած՝ այս մայրը Նեկտար հանըմին լուր ղրկեց. անոր եղբայրը ԻՐ զաւակներուն հայրն էր ու մեծ հարստութիւն մը ձգած էր. այդ զաւակներուն համար օգնութիւն մը ուզեց։

Նեկտար հանըմ խօսքը ուրիշէն փոխ չէր առներ. պատասխան տուաւ որ անոր բիճերը նայելու պարտք չունէր. այն ատեն Սօֆիկ հանըմ դատարան դիմելու ելաւ։ Ժողովները ու դիւանները իրար անցան իսկոյն, պահպանելու համար ամուսնութեան նուիրականութիւնը որ վտանգի տակ ինկած կ՚երեւար իրենց աչքերուն։

Բայց արդարութիւնը այս կնոջական վայնասուններուն առջեւ տեղի չտուաւ։



Դիպուածով ներկայ գտնուեցայ Մեծ Չարշիի դուռը, երբ Շէրիի պաշտօնեաներ հանգուցեալին սենեակը կը կնքէին. իրիկուան ուշ ատեն էր ու մութը կ՚իջնէր տակաւ, քարակոփ կամարներուն տակ կը թանձրանար. խույումճիները եկեր հաւաքուեր էին այնտեղ։

Նեկտար հանըմը իմացեր, վազեր հասեր էր հոն՝ լեզու ու բերան կտրած. բոլոր էսնաֆութիւնը ԻՐ աւանդական մոլոր վարդապետութիւններովը, կեղծիքով ու շահով շինուած բարոյականովը, այս պառւած աղջիկով կը ներկայանար, հայերէն-տաճկերէն խառն ի խուռն յիշոցներով լեցուն լեզուագարութեամբը։ Կը խօսէր ան, պաշտօնեաները համոզել կը ջանար. ու անոնց անկարեկիր ու անտարբեր դէմքէն չկրնալով քաջալերութիւն գտնել, հոն ժողվուած արհեստաւորներուն կը դառնար, վկայ կոչելով զանոնք ԻՐ դատին արդարութեանը, քրտնաթոր, լեզուն դուրս ինկած, գրեթէ հեկեկալով.

— Ես Նիկողոս աղային հարազատ, էօզ քուրն եմ. կը ճանչնաք խույումճի Նիկողոս աղան։

Բազմութիւնը կը մօտենար, հետաքրքիր կռիւ մը դիտելու, վէճի ունկնդրելու համար։

— Հօրմէս մնացած է այս բոլորը, կը պոռար անիկա, Գէորգ աղայէն. եկեր ախպօրս սենեակը կը կնքեն. ինչ իրաւունքով. ես ու քուրս, մէյ մըն ալ եղբօրս զաւակը ժառանգորդ ենք. այս է օրէնքը. հիմա ելեր սուտ զաւակներ կը հնարեն կոր. աս ինչ անպատուութիւն իմ ախպօրս. լուսահոգին աղա մարդ էր, անանկ բան չէր ընդուներ։

Հետզհետէ ծանրացող մթութեան մէջ՝ դէմքը չէր տեսնուեր, բայց ձայնը՝ հեղձամղձուկ, խղդուող, անհետացող մոլորանքի մը պէս, վերջին անգամ նոր ոյժով մը լռութեան մէջ կը թնդար, կամարէ կամար կը թռչտէր։

Հոն եկողներէն մէկը խօսքի խառնուեցաւ.

— Ես աղէկ գիտեմ որ Նիկողոս աղան երկու զաւակ ունի։

— Զաւակ մի ունի, բիճեր չըսէք սըւոնց. ով կը ճանչնայ ատոնք…

Յուզմունքէն՝ ձայնը կը դողար ու պաշտօնեաներու ձեռքէն կը բռնէր կնքելու գործողութեան դիմադրելու համար։ Մեղմիւ, մարդիկը մէկդի կ՚ընէին զինքը, համոզելով որ իրենց պարտքը կը կատարէին ամեն բան կնիքի տակ դնելովնին, թէ այդ գործողութիւնը մէկու մը իրաւունքին վնաս չէր տար։

Բայց Նեկտար հանըմ կը յամառէր, կ՚ընդվզէր՝ ԻՐ կամքը ո եւ է կերպով քալեցնելու վարժութեանը մէջ վիրաւորուած, ու ԻՐ գէր ու կարճ հասակովը պատուարի մը պէս կենալով երկաթէ դրան առջեւ, անոր մուտքը արգիլելու գերմարդկային ջանքով մը ու ցասմնակոծ ատելութիւնը դարձնելով անոնց որ այս դատը կ՚ընէին իրեն դէմ.

— Այո, բիճեր, պարզ բիճեր անոնք…

Յետոյ մարելիք մը եկաւ վրան, երեսը կապուտցաւ, ծռմրտկեցաւ. ջուր զարկին ու աթոռի մը վրայ նստեցուցին զինքը. աչքերը գոց էին, բայց շրթունքը դեռ քիչ մը ատեն երերացին՝ շարունակելով թոթովել նախատինքը, մինչեւ որ գոցուեցան։

— Իջուածք է, ըսին հոն գտնուողները։

Ու նորէն ժառանգութիւնն էր, ախտի ժառանգութիւնը այս անգամ, որ ստացուածքի ժառանգութիւնը այդքան սաստկութեամբ պահանջող այս կինը միանգամ ընդմիշտ գոհացուց։


ՄԱՄԱՅԻԴ ԲԱՐԵՒ ԸՐԷ

Ա

Թարգմանչաց վարժարանին յիշատակներէս ամենէն քաղցրը՝ պատուհան մըն է, Թաշ Վէրտիվէնէն պատուհան մը։

Փողոցի դրան քովէն եղրեւանի մը կը բարձրանար կը տարածուէր տանը երեսին, հինցած տախտակներուն գունաթափ ներկին վրայ, հազար ու մէկ ճիւղերով որոնք հետզհետէ հեռուն երթալով կը նրբանային, իրենց ելեւէջներուն, գիրկընդխառնումներուն հետ պտըտցնելով կանանչ տերեւներու եւ կապոյտ ծաղիկներու կոհակներ։

Մենք այդ ծաղկի ու տերեւի, գարնան ու երջանկութեան շրջանակին մէջէն կը տեսնէինք միշտ ԻՐ հիանալի դէմքը, մազերը՝ ցիրուցան ԻՐ եղրեւանիին պէս, եւ սեւ սիրուն աչուըները՝ որոնք կը ժպտէին մեզի՝ երբ իրիկուան արձակուրդին կ՚անցնէինք փողոցէն, դասի տետրակները թեւերնուս տակ, ապագայի յիմար երազները գլխնուս եւ որ աւելին է՝ սրտերնուս մէջ։

Կը ժպտէր մեզի, մեր դպրոցականի հետաքրքիր ու պահանջող ակնարկին փոխարէն, կը խնդար փողոցին այս պատանի անցորդներուն որոնք ալ մտերիմները, պաշտողներն էին իրեն։

Սորված էինք անունը՝ գեղեցիկ, տարօրինակ, ԻՐ դէմքին պէս. կը յիշեմ որ մեր բանաստեղծական առջի փորձերուն մէջ ինքը եղած էր խռովիչ մտատիպարնիս։

Հայր Արսէնի ազատ մեծաչափ տողերէն սկսած մինչեւ հինգ ոտքով անձուկ ոտանաւորներու մէջ սիրեցինք ու երգեցինք զինքը, սիրահարական գրագիտութիւն մը որուն մէջ Թէրզեանի դասերը ԻՐ անուշ նայուածքին կը խառնուէին ամեն ատեն։

Հիմա այդ պատուհանը փակ է, այդ տունը կիսակործան ու թափուր՝ մեր սրտերուն պէս։

Միայն՝ եղրեւանին կ՚աճի, կ՚ստուարանայ միշտ, ծառ մըն է հիմա. ամուր ու հաստատ բունին կռթնած՝ մինչեւ տանիքը հասցուցած է տերեւներուն կանանչ սաղարթները ու ծաղիկներու գլխահակ գանգուրները. ԻՐ ճիւղերն ու ընձիւղները՝ անհուն տարփանքի մը, ջիղերու մշտնջենական երիտասարդութեան մը գալարումները, պրկումները ունին, եւ ծերութիւնը, այս ծառին մէջ, ամեն գարնան՝ մոլեգին, ախտավարակ ծլումներով, ծաղկումներով աչքի կը զարնէ։


Բ

Սերվինազ մէկունը կամ միւսինը չէր. յայտնի կ՚երեւար որ կը սիրէր մեր Դ. կարգը ԻՐ հոգիին պէս. հարկ է ըսել որ ինքն ալ մեր Դ. կարգին պաշտեցեալ հոգին եղաւ միշտ։

ԻՐ ժպիտը՝ ամենուս վրայ բաժնուելով չէր տկարանար, պզտիկնար, անբաւական դառնալով առանձինն ամեն մէկերնուս. ոչ. այլ կերպով մը ԻՐ զաւակներն էինք որոնց վրայ հաւասարապէս կը տարածուէին ԻՐ գորովը ու խանդաղատանքը՝ վառ ամենուս համար ալ։

Թերեւս մեր անձերը չէր սիրեր այլ մեր պատանութիւնը, մեր թիւը, մեր զարտուղութիւնը։

Երբեք իրարմէ չնախանձեցանք զինքը. ոչ ալ ԻՐ ընտանիքը ընդմիջեց մեր անմեղուկ տարփանքին քաղցրութիւնը. տասերեք տասնըչորս տարու պատանիներ՝ լուրջ թեկնածուներ կամ վախնալու տարփաւորներ չէին անշուշտ. բայց կրնամ վստահութեամբ ըսել որ ամենքնիս ալ այդ պահուն յօժարափոյթ պիտի ամուսնանայինք իրեն հետ, թէեւ ութը, տասը տարու մեծ եղած ըլլար մեզմէ։

Այս սէրը՝ Դ. կարգին ուսման ծրագրին մասը կը կազմէր, քաղցրացնելով անհատնում դասախօսութիւններով լեցուն օրերնիս. ԻՐ հրապուրիչ դէմքը՝ կառավարչին ժանտ ու թթուած երեսին դառնութիւնը կը մոռցնէր։

Այսպէս հեշտիւ բոլորեցաւ տարեշրջան մը որ չպիտի վերսկսէր, Թարգմանչաց վարժարանի խանգարմամբը։ Դ. կարգը՝ այնքան հոծ, այնքան սերտիւ կապուած, մէկ սիրտ, մէկ հոգի չմնաց. ամենքը ցրուեցան հոս հոն, ամբողջացնելու համար կիսկատար ուսումնին. ապագայ մը շինելու, ընկերական գոյութիւն մը պատրաստելու հետամուտ։ Անհունական հաշիւներու ֆօրմիւլներուն եւ Քեբլեռի օրէնքներուն մեջ մոռցանք Սերվինազն ու ԻՐ եղրեւանիով գոցուած պատուհանը։


Գ

Ինքը չմոռցաւ մեզ. հինգ տարի վերջը, երկրաչափի վկայականս առնելէ ետքը, տօնախմբութեան երեկոյթի մը մէջ հանդիպեցայ իրեն. նոյնը մնացեր էր ԻՐ հրաշալի գեղեցկութիւնը, եւ բազմութեան մէջ ԻՐ գլխու շնորհալի շարժումէն անմիջապէս ճանչցայ Սերվինազը. պարողներու կրկին շղթայով մը շրջապատուած էր. ես՝ արդէն հեռու աշխարհիկ երիտասարդ մը ըլլալէ, աւելի վայրենացած իմ չափի ու հաշուի մարդու վերացումիս մէջ, արհամարհանքով կը նայէի այդ փերեւետիկ տղոց, հեռուէն կ՚ունկնդրէի այն փուճ ու սնոտի խօսակցութեանց որոնցմով օրիորդին քով ամեն ոք ԻՐ նրբամտութեան չափը կուտար։

Ակամայ միտքս կը հաշուէր (հաշուի մարդու ունակութիւն մը) արժէքը այդ տղոց, այդ ծեքծեքումը, այդ սեթեւեթ շարժումները, եւ գումարս՝ անհունապէս փոքրի, զրոյի, ոչնչութեան կուգար կը յանգէր։

Սրահին լոյսերուն մէջ Սերվինազ կը ճառագայթէր, մաքուր հագուած, ձեռնոց դնող երիտասարդներու թեւը մտած. որչափ կը փափաքէի խօսիլ հետը. ինչ պիտի ըսէի եթէ երբեք համարձակէի մօտենալ իրեն. հինգ տարի առաջուան մեր պատուհանի մտերմութիւնը կը բաւէր յանկարծ քովը երթալու, հոս այս մարդոց մէջ, իբրեւ թէ ընդհատուած խօսակցութիւն մը շարունակելու ձեւով։

Սերվինազը դիտելով ԻՐ գեղեցկութեան յաղթանակին մէջ, կը յիշէի Թաշ Վէրտիվէնի պատուհանը, եղրեւանիի կապոյտ խոպոպները եւ մեր անմոռանալի Դ. կարգը, որուն մնացորդն ու ներկայացուցիչն էի այստեղ. եւ այս պահուս միտքս կուգային մեր քերթուածներէն տուներ, ամբողջ հաւաքածոյ մը, որուն մէջ ԻՐ անունը կը կրկնուէր միշտ անուշ արձագանգի մը նման եւ զորս ներշնչող աստուածուհին ահա դէմս է, հոդ, այդ ապերախտը՝ որ զիս չի ճանչնար հիմա։

Սրահը կը թողում սենեակի մը անկիւնը քաշուելու համար եւ ահա շրջազգեստի շրշիւն մը կը լսեմ ետիս. ինքն է. աճապարանքով կը մօտենայ ինծի. կ՚երեւայ թէ շատ ատեն չունի կենալու։

— Ինչպէս ես, աղէկ ես։

Կը սիրեմ այս պարզ ու եզակի ձեւը որ պաշտօնականի չի վերածեր մեր տեսութիւնը. կ՚զգամ որ միշտ մեր Դ. կարգին Սերվինազն է։

Լրջաթոյր ձեռնոցին թաթիկներովը կը շոյէ երեսս։

— Մեծցեր ես։

Ինքը ապահովապէս աւելի երիտասարդացած էր։

Յետոյ, մտերմաբար, տասը տարուան բարեկամի մը պէս, շարժելով ԻՐ աղուորիկ գլուխը, ու վեր առնելով սաթի պէս փայլուն մազերէն մաս մը որ ճակտին վրայ կ՚իյնար, շուրջը կը դիտէ անգամ մը, գողունի նայուածքով, կարծես նախանձոտ աչքերէ գաղտուկ՝ սիրոյ ապացոյց մը տալու համար ինծի. ոչ ոք. այն ատեն գոհ սիրտով ինծի կը դառնայ.

— Ծխելու համար հոս եկայ. մարդ չտեսնայ, շուտ, սիկառ մը տուր։


Դ

Այդ գիշերէն զատ մէյ մըն ալ չտեսայ զինքը։

Այն միայն իմ դասընկերներէս, որ միշտ հետեւեցաւ իրեն՝ ինձմէ տարիքով ու սրտով մեծ երիտասարդ մըն է։

Երկուքն ալ ձախորդութեանց զուգահեռական գիծով մը շարունակեցին ճամբանին. Զարեհ չմտաւ երբեք այն ուղին ուրկէ խղճահարութիւններէ զուրկ ապիկարութիւնները կը յառաջդիմեն. գործի մարդ չեղաւ բնաւ. ԻՐ հոգին՝ մաքուր, միամիտ ու երիտասարդ մնաց։ Դպրոցէն ելլելուն՝ վաճառականի գրագիր եղաւ եւ գրագիր մնաց մինչեւ վերջը. դպրոցին մէջ ամենէս յառաջադէմն էր, բանաստեղծ մըն էր. հոս՝ վաճառատան ահագին մաշտոցներուն դէմը՝ ապշած, օրն ի բուն կքելով, խոնարհելով անբանի մը աշխատութեան տակ, դեռ ատեն կը գտնէր ԻՐ գրական փորձերը, պատրանքները շարունակելու։

Չօրպաճին Արեւելքի մէջ կարդալով Զարեհի ստորագրութիւնը, կը զարմանար, կը նախանձէր ԻՐ եազըճիին գրական կարողութեան եւ համբաւին վրայ. գրպանը ստակ մը չունեցող մէկը զոր ամեն ոք կը ճանչնար, մինչդեռ ինքը՝ էֆէնտին, հարուստ ըլլալով հանդերձ, անծանօթ կը մնար. եւ յաջորդ օրը Զարեհին դէմ կը դառնար ԻՐ զայրոյթը, կը դիտէր սեղանին վրայ ծռած գրագիրը, ջանալով աչքին պոչովը գուշակել անոր գրութեան նիւթը, վախնալով որ ԻՐ վճարած աշխատութեան մէջէն մաս մը չգողնայ. եւ այս հեռատեսութեամբ առաջուց կը յանդիմանէր զայն.

— Արեւելքին զըր զըր յօդուած գրելուդ, սա սօն պիլանչօն լմնցուր։

Այս հաշիւներուն մէջ Սերվինազի պատկերը, դպրոցական օրերուն սէրը, անբաժան կը մնար ԻՐ սրտէն, որուն վրայ կարծես հիմա պատատուկ տունկի մը պէս երթալով կը փաթթուէր։

Չէր վշտացեր Սերվինազի ամուսնութեան լուրը առնելուն. թերեւս երջանիկ ըլլար այդ ամուսնութեամբ. Զարեհի սէրը անձնուրացութեան կը մօտենար հիմա. բայց այս ամուսնութիւնն ալ ահա աղէտաւոր ու դժբաղդ միութիւն մը եղած էր. հիւանդութեան, չքաւորութեան շրջան մը։

Հիմա երիտասարդը ալ աւելի կը յամառէր, անդրդուելի կը մնար ԻՐ սիրոյն մէջ։ Տարօրինակ տեսարան մըն էր այս տղուն կեանքը, որ ԻՐ տումարներուն մէջ թաղուած, հաւատարիմ ԻՐ առջի սիրոյն, դեռ այս կինը կ՚երազէր ու անոր կը ցանկար ամեն վայրկեան. ոչ ամուսնութիւնը, ոչ չքաւորութիւնը, ոչ գեղեցկութեան կորուստը մազի չափ չէին դղրդած եւ տկարացուցած ԻՐ սիրոյն հաստատուն ու զօրաւոր շէնքը։

Վեհանձնութեան, ասպետական հաւատարմութեան պարտք մը կը համարէր ձախորդութեան, անկման ժամանակ չլքել ԻՐ սիրոյն առարկան. ընդհակառակը՝ վաճառատան մէջ զինքը չորս կողմէն շրջապատող ապշեցուցիչ թուանշաններուն մէջ՝ ԻՐ բանաստեղծի երեւակայութիւնը կը գրգռուէր։

Գրչին տակն էին այն մեծամեծ գումարները որոնք վայելքներու աշխարհներ կը նշանակէին. հարիւր հազարաւորներ իրարու վրայ բարդելով կամ իրարմէ զեղչելով ոսկիի դէզեր կը խառնէր ԻՐ տումարներուն մէջ, ինչպէս Միջին Դարու ալշիմիսթ մը ԻՐ ատրաշէկ հալոցին մէջ։ Օրն ի բուն գրչի մէկ հարուծով կը հարստացնէր կամ կը փճացնէր այն հէք արարածները, զորս ինք ստեղծած ու կնքած էր Մայր-Հաշիւին ամեն մէկ էջին գլուխը, Ընդհ. Ապրանք, Սնտուկ, եւ որոնց վրայ, ամենահզօր նախախնամութեան մը նման, կը խրոխտար։

Ինչ կ՚ըլլար եթէ այս բոլոր հիացուցիչ գումարները որոնք ԻՐ գրչին տակէն կ՚անցնէին շարունակ, մարմին առնէին յանկարծ, չքաւորութեան մատնուող սիրուհիի մը ընծայելու արժանի կեանք մը շինելու համար։


Ե

Թարլա Պաշըի անձուկ ցեխոտ փողոցներէն մէկը. քարուկիր տուներու խիտ ու հոծ շարք մը, կարգով կեցող դպրոցականներու գիծի մը կամ քով քովի սեղմուող մսկոտ հաւերու երամի մը նման. հազիւ հինգ կանգուն լայնքով տուն մը, որ ԻՐ երկու քովի պատերուն մէջ ճզմուելուն համար կարծես վեր վեր կ՚ելլէ շարունակ. բաց դուռնէն՝ կերակուր եփելու հոտ մը կը ծաւալի դուրսը, ներսը, բակին մէջ, սանդուխին վրայ, որ մութին մէջ կը կորսուի։

Դէմ դէմի երկու սենեակ առաջին յարկը կը կազմեն. այսպէս ալ բոլոր միւս յարկերը. իրական սէֆէր թասի մըն է այս տունը. ու կ՚ելլես վեր, յարկ մըն ալ վեր, եւ ուրիշ յարկ մըն ալ, առանց յաջողելու կատարը հասնիլ. Պ. Փափազեանի «Վերելքն յԱրարատ»ը։

Ամեն սանդուխին վերջանալուն՝ որ սահմանագլուխ մը կը նշանակէ, լեզուները, դէմքերը կը փոխուին. յունարէնով կ՚սկսիս՝ գերմաներէնէ, ֆրանսերէնէ, տաճկերէնէ անցնելէ յետոյ հայերէնին քով շունչ առնելու համար։ Հոս՝ ծեր հելլենուհի մը, հոդ՝ մանկամարդ հայ հռոմէական կին մը, ամեն տարիքներ ու ամեն տարազներ, որոնցմէ կ՚անցնիս անսայթաք, հոն վերը, Սերվինազի սենեակը մտնելու ջանքով։

Այդ սենեակը պէտք է տանիքին անմիջապէս տակը գտնուի. բայց որքան ալ բարձրանաս երբեք բացարձակ վստահութիւն չկայ հոս, վրադ դեռ ուրիշ յարկ մը չունենալուդ։

Երկու պատուհաններէն կը տեսնուի Թաթավլան Բերայէն բաժնող ձորը, որուն զառիվայրի տուներուն երկարող կարգերը հետզհետէ իջնող լայն սանդուխ մը կը ձեւացնեն։

Սերվինազ՝ էրկնէն բաժնուած՝ հոս կը բնակի ԻՐ ութ տարու տղուն, Լեւոնին հետ. երեսունըհինգի մօտ կին մըն է, անցեալ գեղեցկութեանը գիտակցութիւնը, արժէքը զգալով հոս, այս պօռսաին մէջ որ Բերա կը կոչուի. հիմա ալ, ԻՐ սեւ սաթի մազերը առատ ու գեղեցիկ են առաջուան պէս. հասակը նուրբ, բարեձեւ մնացած է, երեսին մորթը կծկած քիչ մը. շրթունքը՝ հեգնութեան պրկում մը ունի, որ դէմքը կը տգեղցնէ, բայց ակռաները մաքուր եւ ամբողջ են. վերջին հիւանդութենէն նիհարցած՝ ուսին տախտակները կը ցցուին դուրս։

Զարեհին հետ խօսած ատեն կը բացատրէ որ չէ կրցած աղէկ մը վրայ գալ. պզտիկ օդափոխութիւն մը, քիչ մը աղէկ գինի, եւ առջինէն աղէկ միս պիտի կապէ, միս, այո, վասն զի, անանկ չէ, էրիկ մարդիկ միսէ կ՚ախորժին։

Կը խօսի խնդալով, կը խոստովանի ԻՐ հրապոյրներուն պակսիլը, ինչպէս յանցանք մը պիտի խոստովանէր ակամայ. եւ արդարացնել կ՚ուզէ ինքզինքը, պատճառները թուելով. քաշած նեղութիւնը, գէշ էրիկ մը, հիւանդութիւնները։ Յետոյ երիտասարդը իսպառ չյուսահատեցնելու համար ԻՐ վայելչութեանը վերադարձէն, կ՚աւելցնէ որ ամեն բան կրնայ դարմանուիլ քիչ մը հանգստութեան երես տեսնելով։ Անցեալը ապագային երաշխաւորութեան կը կոչէ, երաշխաւորութիւններու ամենէն անհիմնը։

— Ատեն մը, գիտես, ինչպէս պլըխ պլըխ էի. հիմա չորցայ։

Եւ կը ժպտէր տխուր ժպիտով մը որ ալ աւելի կը տգեղցնէր զինքը։

Շուրջը կը նայէր, սեղանին վրայ, անկիւնները փնտռտուքի կ՚ելլէր ու կը դառնար երիտասարդին։

— Թիւթիւն չունիմ որ հրամցնեմ։

Քիչ մը վերջը ԻՐ կեանքէն կը գանգատէր.

— Աղէկ օրի երես չտեսայ, հազար հոգի բէշիս կը պտըտէր, դուն աղէկ գիտես։

Կը շարունակէր, բաղդատութիւն մը ընելով մտքէն.

— Իմ կէսս չարժողները…

Եւ, հաւանական պատասխանի մը առաջքը առնելով,

— Չեմ ըսէր որ ես գեղեցիկ եմ. առաջ՝ ուրիշ խօսք։

Ամեն ոտքի ելլելուն ակնարկ մը կը նետէ դէմի հայելիին. սեւ, հինցած շրջանակով հայելի մը որուն վրայ ոսկի քանդակները կեցած են դեռ. մէկ նայուածքով ԻՐ մարմնին, կեցուածքին, հագուստին դիմացինին վրայ ընելիք տպաւորութիւնը կը հարցնէ անոր եւ շրջազգեստին մէկ փոթը կամ մազին մէկ ոլորքը կը շտկէ շուտով։

Փողոց ելած ատեն՝ ուշադիր, հետաքրքիր, կը դիտէ կիները որոնք կառքերով կ՚անցնին սրարշաւ, ժամանակ չձգելով իրեն դատաստանը ամբողջացնելու. անաչառ արուեստագէտի մը պէս կը տեսնէ, կը ցուցնէ ամենուն պակասութիւնը, չքաշուելով բնաւ տեսած կատարելութիւններուն վրայ ալ հիանալէ.

— Սա անցնողը, նայէ, աղուորիկ է, ըսելիք չունիմ։


Զ

Սերվինազ կը գիրնար. միս կը կապէր վերջապէս, տանտիկնութեան միսը. եւ երիտասարդը կը շարունակէր գալ, ամրացած ԻՐ տոմարակալութեան պաշտօնին եւ այս կնոջ համար ունեցած սիրոյն մէջ, ամուրի մնացած էր հակառակ ԻՐ մօրը ջանքերուն, երբեմն գեղեցկութեանը, երբեմն տգեղութեանը համար չկրնալով զատուիլ Սերվինազէն եւ անոր կեանքին մօտ մնալու սովորութիւնը չկրնալով մէկդի թողուլ, մէկդի թողուլ ԻՐ բոլոր հաւատքը։

Այս տան մէջ, ուր բոլոր վարձակալները կը ճանչնային զինքը, կուգար ժամերով մնալ. երբեմն վերը կ՚սպասէր մինակ որպէս զի Սերվինազը վարը խոհանոցին մէջ ԻՐ կերակուրի պատրաստութիւնները աւարտէ ու գայ դէմը նստի. երբեք հետը դուրս չէր ելլեր, վախնալով որ արատ չբերէ անոր անունին։

Վերջերը ալ տունէն էր գրեթէ, ազգական մը Սերվինազին համար, որ անոր ներկայութեանը ԻՐ սենեակը կը մաքրէր, անկողինը կը շտկէր. երբեմն դէմի սենեակին դրացուհին կուգար, կաթոլիկ Հայուհին, իրենց հետ խօսակցելու, ան ալ ամուսինէն բաժնուած կին մը, աւելի մանկամարդ, պզտիկ քոյր մը Սերվինազին, եւ բարեկամ մըն ալ կը բերէր մէկտեղ, ան ալ ԻՐ ազգականը անշուշտ։

Սերվինազ կ՚սկսէր ճանչցուիլ, հիւրեր կուգային. ինքը կը սորվէր Բերայի խօսելու յատուկ շեշտերը, վարուելու եղանակները։

Զարեհ կատակ կ՚ընէր այս հիւրերուն վրայ. երբեմն կը հարցուփորձէր.

— Ով էր սա առջի օրուան մարդը։

— Ինչ, ատկէ ալ կը նախանձիս, ես մնացի մնացի ատանկին մնացի։

Յետոյ՝

— Ես մարդու նայելու սիրտ ունիմ, ասկէ ետքը։

Օր մըն ալ ելաւ խորհուրդ հարցնելու Զարեհին։

— Ինչ կ՚ըսես, Պէքեար փողոցը աժան տուն մը կայ, վարձու բռնեմ՝ բանսիօնէռ առնելու համար։

Երիտասարդը համակարծիք չէր. այս պզտիկ սենեակէն գոհ էր ինք, թէեւ ատեն ատեն արմունկովը՝ ներս մտնողի մը կամ դուրս ելլողի մը զարնուէր մութ սանդուխին վրայ։

Վայրկեան մը չէր կասկածեր այն կեղակարծ պարկեշտութեան երեւոյթին վրայ որ այս տան մէջ կը տիրէր, այս էրիկնէն զատուող կիներուն, այս երիտասարդ ազգականներուն ալէվլուկ բարքերուն վրայ, որ կը լեցուէին հոն, ԻՐ սէրէն դուրս հետաքրքիր ըլլալու պէտքը չզգալով բնաւ եւ յաւերժացնելով մեր միամիտ Դ. կարգը։


Է

Ամառուան իրիկուն մըն է. Մեծ Փողոցին մէջէն կը քալէր դիտելով վաճառատուններու ապակիներուն պարզած պերճութիւնները, հանդարտ ու ստոյիկ, երբոր Կալաթա Սարայի մօտ Լեւոնը տեսաւ, ձեռքը օղիի շիշ մը բռնած, թուղթի մը փաթթուած աղանդերի տեսակներով։

Կեցաւ. հարցուց որի տանիլը այդ ամենը. հիւր կար տունը. հիւր. ինչ հիւր. օղիի փոքրիկ շիշը կը պատասխանէր իրեն. այս գլուխ գլխի զուարճութեան պատրաստութիւնները՝ փոքրիկ տղուն ձեռքին մէջ՝ պերճախօս ու ահռելի կը թուին յանկարծ. սթափում մը կ՚ունենայ. փոքրիկ մանրամասնութիւններ որ ԻՐ աչքէն կը վրիպէին, հիմա կուգան հատիկ հատիկ ամբաստանութեան ահագին զանգուած մը ձեւացնելու. իրաւ է արդեօք. այո, առջի անուղղայ աղջիկն է այս կինը, այն զոր Թաշ Վէրտիվէնի պատուհանէն կը տեսնէր, եղրեւանիին կապոյտներուն մէջէն, եւ որ հիմա այդ ծառին պէս ապաժաման ծաղկումներով կ՚արթննար՝ տարիքը առնելուն հետ ուշ մնացողի մը պէս՝ աւելի բուռն տենչանքներու կատարը բարձրանալու մրցումով։

Եւ կը խորհի ԻՐ ալ կեանքին, ամուլ, անօգուտ ու աննպատակ, ամբողջ տառապանքի, սպասումի կեանք մը որ ընդքարշ գացած է միշտ այդ կնոջ ետեւէն, բոլոր պատանութիւնը ու բոլոր երիտասարդութիւնը կապուած, քամուած այս կնոջ խոստմնատու նայուածքին, որոնք այս վայրկեանիս անկէ բաժնուելով ո եւ է յենակէտ մը չեն կրնար գտնել։

ԻՐ պատրանքներուն այս քայքայման մէջ կ՚զգայ որ Մեծ Փողոցի շէնքերը կ՚երերան, ԻՐ վրայ կը փլչին. կառք մը՝ զոր չի տեսներ՝ զինքը խորտակել կ՚սպառնայ. թեւէն կը քաշեն, անցորդները այս ապշած դէմքը դիտելով կ՚զբօսնուն. Սբօնէքի խանութին առջեւ, օղիին շիշը բռնող փոքրիկ տղուն քով կեցած կը խորհի, կը վճռէ. պիտի ձգէ, պիտի թողու այդ կինը որ այս վայրկեանէն ալ գոյութիւն չունի իրեն համար. կը չափէ ԻՐ որոշման առաջ բերելիք սրտայուզութիւնը ու կ՚ուրախանայ. հիմա, շուտով, լուր մը, մահացու կապարի մը պէս անոր ճիշդ սրտին. հասկնայ որ ալ տեղեակ է ամեն անցած դարձածին։

Լեւոնին թեւէն կը բռնէ.

— Ինծի նայէ, մամայիդ բարեւ ըրէ ինձմէ։

Ու շեշտելով տղուն ԻՐ ապսպրած բարեւին ահագին նշանակութիւնը.

— Չմոռնաս հա, ինձմէ մամայիդ բարեւ ըրէ։


ՄԻՒՍԸ


Ա

Էմման հայ հռոմէական կին մըն էր, Եւրոպացիի մը հետ ամուսնացած. գեղեցիկ, չեմ գիտեր շիտակը. ոչ գեղեցիկ չէր ան, գէթ արուեստագէտներուն սահմանած գեղեցկութեամբը։

Թուխ դէմքով սեւաչուի մը, հոյաշէն կառուցում մը որուն լանջքին ու բարձերուն զեղծանող, շռայլուող կարկառները պակասութիւն մը պիտի ձեւացնէին եթէ հասակին բարձրութիւնը չըլլար։

Հոն՝ ուր ԻՐ մասնաւոր պչրանքը կը դնէր այս կինը, ԻՐ ոտքերն էին, միշտ նոր պօթերու մէջ ամփոփուած ոտքեր, որոնց նրբաւարտ մատներուն ծայրերէն մինչեւ սրունքին դնդղուց միսը բարձրացող ու գրկող նուրբ կաշին երեւան կը հանէր ան, անպատկառ հրճուանքով մը, փողոցի փոշիէն կամ ցեխէն չաղտոտելու համար, պէտք եղածէն աւելի վեր՝ շատ աւելի վեր հանգրիճելով ԻՐ շրջազգեստը։

Այս ոտքերը բանաստեղծներուն երգած փոքրիկ ու մանկական խաղալիկները չէին, այլ ԻՐ մարմնեղ ու հասուն կնոջ — ըսի միթէ որ երեսունը անցուկ էր անիկա — համեմատութիւններուն կը պատշաճէին, իրենց գիծերուն զմայլելի ներդաշնակութեանը մէջ միայն յայտնելով իրենց ուրոյնութիւնը։

Էմմային դէմքը վերլուծող մը, այն յատուկ գիտութեան կանոններուն համեմատ որոնցմով կ՚ըսեն թէ մարդկային հոգւոյն մինչեւ խորը կը թափանցեն, վախէն պիտի կենար. այնքան պակուցիչ ու ահաւոր բան մը պիտի գտնէր այս անմեղ ու մանկունակ երեսին վրայ։

Աղջիկ ատենը Օրթագիւղի մէջ շատ տեսած էի զինքը. հիմա, շատ մը տարիներ անցնելէն վերջը, երբեմն Բերայի Շիտակ Ճամբուն վրայ կը հանդիպէի իրեն. ամառները Թարապիա կամ Բրինքիբօի մէջ ուր կուգար միշտ էրկանը հետ. կը տեսնուէր եւ աներեւոյթ կ՚ըլլար իսկոյն։

Էմմա անոնցմէ չէր որ ամիսներով տեղ մը կը կենան, այնպէս որ զինքը տեսնելու ստուգութիւնը ունենաս։ Այլ այն վաղակորոյս եւ ճիշդ ատոր համար փնտռուած հետաքրքրող ու երբեք չգոհացնող կնոջական տեսիլքներէն մէկն էր որոնց էրիկ մարդիկ անձկաբեկ կ՚սպասեն։ Հորիզոնին վրայ անակնկալ կերպով ծագող ու անհետացող լոյսերէն մէկը՝ որոնց շաւիղը Լը Վէռիէ մը, աշխարհիս բոլոր անհունական հաշիւները մէկտեղ բերելով, չէ կրցած դեռ ճշդել։

Ես որ դիմագուշակ հարցուկի հովեր կ՚առնեմ երբեմն, ամեն հեղ իրեն հանդիպելուս կը ջանայի, ինքնիրենս, ԻՐ գոյութեան առեղծուածը, ԻՐ աղիտաբեր արարածի կեանքին ալքերը պրպտել։ Տեղ մը իրեն հանդիպելուս, հետը տեսնուելու համար հնարք մը չստեղծած դեռ, կը ձգէր կ՚երթար ան, կարծես շատ իսկ սեպելով, ԻՐ վրայ հիացողներուն համար, ԻՐ տեսքին քանի մը ժամուան վայելքը։


Էմման ամուսնացած էր, շատ երիտասարդ ամուսնացած, քանի որ ԻՐ զաւկըներուն էն մեծը հազիւ տասերեք տարեկան կար հիմա, թխադէմ տղայ մը, ճիշդ մօրը աչքերով։

ԻՐ ամուսնութեան պատմութիւնը հետաքրքրական ու մասնաւոր բան մը չունէր։ Աղուորութեանը համար միայն առեր էր զինքը էրիկը, նիհար ու հիւանդկախ մարդ մը, ժանգոտած պղինձի դէմքով, որ չյափրացող ցանկութեան մը վայելքը փնտռած էր միայն այս ամուսնութեան մէջ։ Էմմա, իբր ճշմարիտ հայ հռոմէական աղջիկ մը, Եւրոպացիի հետ ամուսնանալովը ԻՐ եւ ԻՐ ընտանիքին բաղձանքներուն կատարը հասած էր։

Ճշմարիտ սիրով մը կապուած էր էրկանը հետ, տարիներով ու անձնուիրութեամբ խնամելով զայն Գթութեան քրոջ մը պէս, առանց տրտնջալու եւ ուղիղ բանի քիչ մը անհամաձայն թուող այս հաւատարմութեան յարուցած ընդհանուր զարմանքին վրայ զուարճանալով։

Շատոնց ըսեր էին բժիշկները որ էրիկը երկար չապրիր, մինչդեռ մարդը հաճոյք կ՚զգար ի դերեւ հանելով այս գուշակութիւնները ու ԻՐ հէք ոսկորներուն կմախաձեւ շէնքը, ԻՐ կանչըցած երեսը պտըտցնելով կնոջը պարարտ հրապոյրներուն քովը։

Ոչ վէճ եւ ոչ կռիւ իրենց մէջը, ինչ որ քիչ զարմանք պատճառած չէր իրենց բարեկամներուն որոնք, ամեն բարեկամներու պէս, գայթակղութիւններու ակնկալութեամբը կ՚ապրին։ Անակնկալ համերաշխութիւնը այս ամոլին՝ զրկանքի պէս բան մը կ՚ըլլար անոնց որ ամուսնութեան յաջորդ օրուան համար գժտում, երկպառակութիւն նախատեսեր էին։

Եւ անոնք որ ջանացեր էին ԻՐ հոմանիները ըլլալ, հիմա մէկիկ մէկիկ քաշուեր էին, չծածկելով իրենց զայրոյթը։

Մէկը միայն յամառեր ու գամուեր էր անոր հրապոյրներուն։

Օրթագիւղի իմ դպրոցական ընկերներէս էր, ան ալ հեռուանց ծանօթ մը Էմմային, հիմա երեսունի մօտ, բայց դիւրահաւատ ու միամիտ սրտով տղայ մը, որուն հոգւոյն ազնիւ մետաղը ԻՐ նոր թափծուի փայլին մէջն էր տակաւին եւ զոր ձախորդութեանց շունչը չէր եկած նսեմացնել։

Մաքուր հագուած, առանց սեթեւեթի սակայն, միշտ կարդալու գիրք մը բռնած ձեռքը, ընթերցումը ըլլալով ԻՐ մեծաքոյն զբաղմունքը, ճերմակ թաշկինակովը՝ ԻՐ կարճատեսի ակնոցը մաքրելու զբաղած շարունակ։

Ամեն աղմուկէ, չափազանցութենէ հեռացող ԻՐ կեանքը՝ իրաւամբ մեզ ամենուս օրինակ ցուցուցած էին միշտ։ Երկրաչափական ձեւերու ճշդութեամբը կազմուած էր ԻՐ գոյութիւնը։ Հօրը մօրը մէկ հատիկը, աչքերնուն լոյսն ու պարծանքն էր. զինքը ամուսնացնելու կարօտէն զատ ԻՐ ծնողքը մտմտուք չունէին։ Նշանատուութեան պզտիկ խօսքեր զուրցուելու վրայ էին իրենց դրացիներէն մէկուն աղջկան համար որուն տունը շատ կ՚երթար ինքը։

Պանքային մէջ, ուր լեցուն ամսականով պաշտօն մը ունէր, ԻՐ մեծերը կը սիրէին անոր հաւատարիմ ու աշխատասէր բնաւորութիւնը. մեծ ապագայ մը վերապահուած էր իրեն, գրեթէ խոստացուած։

Դպրոցէն դուրս՝ միշտ բարեկամ, մանաւանդ թէ մտերիմ մնացեր էինք, ինչ որ շատ չի պատահիր. կ՚ըլլար սակայն որ ամիսներով, երբեմն տարի մը իրար չտեսնէինք, բայց առջի հեղ իրար գտնելնուս, փոխադարձ քաղուածքը կ՚ընէինք իրարմէ հեռու անցուցած օրերնուս, մեր ուրախութիւններուն եւ մանաւանդ մեր յուսախաբութիւններուն, առանց անտեղի հպարտութեամբ մը իրարմէ բան պահելու. եւ այս խոստովանութիւններով մեր ընդհատուած մտերմութիւնը ալ աւելի կ՚ամրանար։ Չէր հաւներ ան իմ ապրելու եղանակիս ու խրատելու կ՚ելլէր զիս.

— Երջանկութիւնը՝ երջանկութիւն չփնտռելուն մէջն է, կ՚ըսէր ինծի, երբեմն։

Եւ ԻՐ անդորր կեանքը նետելով երեսիս, ԻՐ ըսածը կը հաստատէր։


Գ

Ինծի համար, բոլոր զինքը ճանչցողներուն համար, ամենէն ապշեցուցիչ անակնկալը եղաւ Էմմային համար ունեցած ԻՐ տարփանքին գայթակղութիւնը։ Գիտէի քիչ մը այս կնոջ համար ունեցած ԻՐ համակրութիւնը, բայց այս վերջաւորութիւնը մտքէս չէի անցըներ բնաւ։

Ուսկից ուր այս անփորձ ու միամիտ երիտասարդը կրցեր էր Էմմային պէս կնկան մը սիրտը գրաւել. ինչպէս մանաւանդ, ինքը՝ հանրային կարծիքին այնքան ուշադիր մը, պայմանադրական բարոյականէն մազի չափ չշեղող մը՝ ոտքի հարուածով մը մէկդի ըրեր էր ԻՐ ծնած օրէն զինքը մեծցնող, չորս դիէն պաշարող կեանքի կարգն ու սարքը, ընտանեկան աւանդութիւնները, ատոնց բոլորին վրայ ելեր նստեր էր, ամուսնացած եւ զաւկի տէր կին մը առեւանգելու ու անոր հետ ապրելու չափ առաջ երթալու համար։

Երբոր այս լուրը առի, վեղարը ու սքեմը նետող վանականի մը նմանցուցի զինքը, այնքան աւելի յոխորտ ԻՐ ըմբոստութեանը մէջ՝ որքան խստակրօն եղած էր ԻՐ հաւատքի ժամերուն։

Բնութիւններ կան որոնք ջուրին թոյլ ու մեղկ հնազանդութեան երեւոյթը կ՚ընծայեն. բայց ջուրին կաթիլներուն միօրինակ ու անփոփոխ աշխատութիւնը լռելեայն կը կատարեն անոնք, մեղմիւ, հեշտօրէն մաշեցնելով զիրենք շրջապատող քարերը ու ժայռերը եւ ծակ մը, անցք մը բացուելուն՝ հեղեղի մը պէս դուրս կը թափին։

Այս երիտասարդինը այդ կարգէն էր ահա. ինքնիրենս այս խորհրդածութիւնները ըրի միայն։ Այս առեւանգութիւնը սակայն ընդհանուր խօսակցութեան նիւթը եղաւ. կիները իրենց մաղձոտ չարախօսութիւնները դուրս թափեցին. այս կնոջ՝ էրկանը դէմ ցուցուցած անհաւատարմութիւնը քարկոծեցին. զինքը ձեռքէ ձեռք յափշտակել ուզող էրիկ մարդոց ճաշակին վրայ ալ շատ մը խնդացին. գոնէ գեղեցիկ կին մը ըլլար անիկա. սեւ ու նուաղուն աչքեր ունէր ան. ով սեւ աչք չունի Պոլսոյ մէջ. ԻՐ միսի աղուորութիւնը, ԻՐ արդուզարդին շքեղութիւնը, ասոնք էին բոլոր հրապոյրները, որոնց առջեւ ահա մարդիկ կանգ կ՚առնէին։

Երիտասարդին մասին էրիկ մարդոց դատավճիռը նուազ խիստ չէր։ Հանրային կարծիքը այն ատեն մանաւանդ կ՚որոտայ ու շանթեր կը տեղայ երբոր ԻՐ ամենէն խարխուլ ու կեղծիքով միայն ոտքի վրայ կեցող սկզբունքներէն մէկուն դէմ է մեղանչումը։

Իմ բարեկամս, մէկ օրէն միւսը, ամենէն անշնորհ ու անառակ երիտասարդի հռչակը ստացաւ. ԻՐ անհատական կեանքը քրքրուեցաւ ծայրէ ծայր ու լեցուն գտնուեցաւ արատներով։

Պանքային մէջ անգամ ԻՐ խղճամիտ պաշտօնեայի դիրքը կորսնցուց. յառաջդիմութեան յոյսերը մարեցան եւ մտերմական բարեւները գլխու հարեւանցի շարժումներու փոխուեցան։

Ես առիթ չունեցայ զինքը տեսնելու բոլոր այն ամառը. իմացայ սակայն որ ԻՐ ծնողքէն զատուելէն վերջը Էմմայի հետ միջոց մը Եագաճըգի կողմերը գացեր էր. յետոյ, տեղի տալով ԻՐ սիրած կնոջ յարափոփոխ պահանջումներուն, վերսկսեր էր անոր հետ աստանդական կեանք մը գիւղագնացութեան, ութ օր հոս՝ հինգ օր հոն եւ այսպէս մինչեւ աշունը պտըտելէ վերջ Բերա եկեր էին ձմեռը անցընելու։


Դ

Օր մը, բնաւ մտքէս չանցած մէկ վայրկեանիս, գրասենեակէս ներս մտաւ ան. տիրաբար, չսպասելով գրագրիս հրամցնելուն, երկար ճամբու մը յոգնութենէն պարտասած մէկու մը պէս աթոռի մը մէջ ինկաւ. յետոյ՝ դեռ ինծի բան մը չըսած՝ խահուէ մը ապսպրեց ինքզինքին եւ սիկառէթ մը վառեց։

— Քենէ ուրիշ մէկը չունիմ իմ սիրտս բանալիք, ըսաւ ինծի դողդոջուն ձայնով մը. այն վայրկեանին ուր ամեն ինչ կ՚երերայ ու փլչելու մօտ կ՚երեւայ շուրջս, անխախտ՝ քու բարեկամութիւնդ միայն կը տեսնեմ ու քեզի կ՚ապաւինիմ։

Այս ձայնը զարմացուց զիս. երեսը նայեցայ աղէկ մը. որքան փոփոխութիւն. քանի մը ամսուան մէջ նիհարցեր ու վատեր էր. տենդի կարմրութիւնը ԻՐ այտերը կը շառագունէր։

— Ինծի պատահածները հարկաւ գիտես, շարունակեց անիկա, ատեն չկայ որ երկար բարակ պատմեմ քեզի զանոնք. Էմման էրկէն զատուեցաւ, այր ու կնոջ մէջ փոխադարձ յօժարութեան գործ մը եղաւ ասիկա, իրենց ամուսնութեանը պէս. իրենց շահերը, իրաւունքները, ամեն ինչ ճշդած, որոշած են, զաւկըները իրենց հօրը քով կը մնան ու մայրը իրաւունք ունի ուզած օրը զանոնք տեսնելու առանձին։ Դատարան մը ասկէ աղէկ չպիտի վճռէր։

Ուրեմն իմ բաղձանքիս լրումին մէջն եմ հիմա. ասոր համար արդեօք աշխարհիս ամենէն ապերջանիկ մարդն եմ։ Ինչ տարօրինակ սէր է իմինս որուն վայելքը զրկանքին չափ կը տառապեցնէ։

Ահաւասիկ բոլոր խնդիրը։

Էմման իմս է, իմս բոլորովին, բայց զայն կորսնցնելու վախն է որ ամեն վայրկեան կը պաշարէ զիս։

Եթէ օր մը ձգէ զիս երթայ, Աստուած իմ։ Այս ահուդողին մէջ ոչ գիշեր, ոչ ցերեկ ունիմ ես. քաջառողջ մարդիկ կան որոնք թոքախտ ըլլալու սարսափով իրենց կեանքը կը դառնացնեն. ես անոնցմէ եմ արդեօք, թէ ոչ նախազգացումը, մերձաւոր կորուստին նախազգացումն է որ զիս կը խռովէ։ Ճշմարտութեան ասիկա աւելի մօտ է. երջանկութիւնս այնքան մեծ է, այնքան անհաւատալի, որ վայրկեաններ կան ուր անոր ստուգութեան վրայ կ՚սկսիմ տարակուսիլ. քնաշրջիկի մը պէս կ՚անցնիմ կեանքին մէջէն. երազաշէն աշխարհի մը շրջանը ընելով, որչափ օրուան մէջ… եւ երբ պիտի ըլլայ զարթնումը։

Տեսնելով իմ անհամբերութիւնս այս անկապ ու անյարիր խօսքերուն դէմ,

— Երջանկութենէ երես առած մէկը չեմ, աւելցուց բարեկամս, մէկը անոնցմէ որոնք իրենց եզական բաղդաւորութիւնը ուրիշի մը վկայութեամբը հաստատելու հաճոյքին համար՝ անոր կը պատմեն զայն՝ յատկապէս խել մը դժգոհանքի պատճառներու մէջ պարուրելով։

Ոչ. ես իրական անձկութեան մը մատնուած եմ, վախի մէջ թէ ուրիշ մը Էմման ձեռքէս պիտի յափշտակէ։ Ով է այդ միւսը, մէջտեղ ելած է արդէն, թէ երեւան պիտի ելլէ. մութ հարցեր ինծի համար. բայց այդ միւսը կայ. կասկած չունիմ ատոր նկատմամբ։ Գիտես, երբեմն սենեակիդ մէջ գիրք մը կարդացած պահուդ, կամ պատուհանէն փողոցը դիտած մէկ վայրկեանիդ, առանց ոտնաձայն մը լսած ըլլալու կ՚զգաս իսկոյն որ մէկը ներս մտած է. չես տեսած դեռ զինքը, բայց ապահով ես, ստուգութիւնը ունիս որ գլուխդ վեր առնելուդ գիրքիդ վրայէն, կամ ետիդ դարձնելուդ, մարդը պիտի տեսնես, եւ իրօք զայն կը տեսնես ալ։ Ես ալ ատոր պէս՝ իմ երջանկութեանս մէջ ոտք կոխող ինէ ուրիշի մը գոյութեան ահաւոր ստուգութիւնը ունիմ։ Ինչ կ՚ըսես դուն ասոր։

Այս հարցումին վրայ նոր սիկառէթ մը վառեց անիկա։


Ե

— Դուն նախ պատմէ ինծի, ինչպէս ճանչցար, ինչպէս ձեռք ձգեցիր այս կինը, պատասխանեցի իրեն. միայն մտմտուքներդ ըսելու եկար հոս. ինչպէս եւ ինչու կը սիրես զինքը. ես որ երբեք սիրած չեմ, հետաքրքիր եմ ատոր։

— Սիրեցի զինքը անոր համար գուցէ որ հազարումէկ պատճառ ունէի չսիրելու համար. այո, հազարումէկ. իմ կեանքս, իմ սկզբունքներս, իմ ընտանեկան վիճակս, ասոնք բոլորը մէկ կողմէն, այս կնոջ բոլոր կեանքը միւսէն, իրեն մօտենալն անգամ կ՚արգիլէին ինծի։

Բրինքիբօի մէջ հանդիպեցայ անոր, միեւնոյն պանդոկը գտնուեցանք դիպուածով, ու դրացի իրարու։ Պզտիկուց գիտէի Էմման, բայց բոլորովին մոռցեր էի զինքը. որչափ գեղեցկացեր էր մեծնալով։ Առջի տեսած վայրկեանէս ամենէն բուռն տպաւորութիւնը ըրաւ վրաս։

Իրիկունը, ճաշէն ելլելնուս, — անիկա էրկանը ու տղոցը հետ մասնաւոր սեղանի մը վրայ կ՚ընէր ճաշը, — պարտէզին մէջ մինակը կը պտըտէր. վարանոտ քալուածք մը ունէր, ու ձեռքի անգիտակից շարժումով, որ վարժութիւն եղած է ալ իրեն համար, ԻՐ սանտրած մազերուն կարգէն կանոնէն փախչելով ճակտին վրայ իյնող պզտիկ գանգուրները կը շտկէր։

Մինակը ծառերուն տակ շրջագայած ատեն անթափանցելի խորհուրդներու մէջ ընկղմած կը թուէր. տրտմութեան քօղք մը, այն ամառ գիշերին ստուերներուն պէս թափանցիկ, ոտքէն գլուխը կը պարուրէր այս աղուոր կինը. ինչու համար տխուր էր արդեօք. ինքնիրենս ըրի այս հարցումը. քովէս անցնելուն՝ մեր նայուածքները իրարու հանդիպեցան. կարծեմ թէ բացայայտ զմայլանք մը կարդաց իմինիս մէջ. ո եւ է զարմանք կամ ուրախութիւն չցուցուց ասոր փոխարէն. միայն հանդարտ ուշադրութեամբ մը եւ առանց քաշուելու ինքն ալ զիս դիտեց. անկէ վերջը՝ ամեն անգամ իրարու պատահելնուս՝ այս նայուածքը չպակսեցուց վրայէս, անթարթ կերպով սեւեռած ու տրտում նայուածք մը, մինչեւ սրտիս խորը իջնելու ակներեւ մտադրութեամբ։

Ես՝ ներսէս՝ այս անտեղի սիրոյն հետեւանքները կը հաշուէի ու իմ բոլոր արիութեանս կոչում կ՚ընէի ազատելու համար անոր հմայքէն. անիկա, կարծես զգալով խուլ պայքարը որ կը մղուէր հոգւոյս մէջ, ալ աւելի լուռ պչրանքով կը սեւեռէր ԻՐ նայուածքը վրաս, մարելու մօտ կանթեղի մը մէջ իւղ թափելու պէս։

Այս եղաւ մեր սիրոյն սկիզբը։ Էրիկը սակայն հիւանդ էր միշտ. կանոնաւոր կերպով շաբթուան մէջ օր մը կամ երկուք ԻՐ սենեակը մնալու ստիպուած էր ցաւին սաստկացած միջոցին եւ ԻՐ կինը քովը կը հսկէր, թողլով ԻՐ զաւակները սպասաւորի մը հսկողութեան։

Չէի սիրէր այդ մարդը։

Աննկարագիր, անպատկառ ու ամեն բան հեգնող մարդոցմէ մէկն էր, որոնց առջեւ ամեն ընկալեալ կանոններ միամտութիւններ կը համարուին։

Լուսնի գիշեր մը որոշուեցաւ որ պանդոկին բոլոր հիւրերս Կղզիին շրջանը ընենք։ Ոմանք կառքով՝ ոմանք էշ հեծած ճամբայ ելան։

Բրինքիբօն զինքը շրջապատող կապոյտ ծովին վրայ կը ցոլացնէր ԻՐ սաղարթախիտ բլուրները, ԻՐ վիլլաներուն գոյնզգոյն երեսները, ԻՐ պարտէզներուն երփնագեղ կանանչութիւնները։ Ու անհուն հայելիին մէջ որ այս աննման կապոյտէն կը ձեւանար, այս բոլորը կը դողար, կը սարսռէր ալեակի մը վեհերոտ տատանումին հետ։

Աջէն ու ձախէն բարձրացող երգերու ժխորովը Տիասքէլօ հասանք։ Հոս լուսինը ԻՐ բոլոր պայծառութեամբը կ՚ողողէր պզտիկ սարահարթը. Բէնտիքի եզերքէն՝ ուրկէ կը բարձրանար, աննշմարելի վերելքով մը, ադամանդի կոտրտուքներով յարդարուած լուսեղէն պողոտայ մը ծովուն վրայ կ՚երկննար, կը փալփլէր, կը լայննար, կը նեղնար շարունակ։

Բազմութեան մէջ տեսայ Էմման որ վար իջած կառքէն, Խրիսթօս տանող մեծ ճամբուն կողմը կ՚երթար մինակը. այս ժամուն բոլորովին ամայի էր այդ տեղը, նոճիներուն շուքովը պատսպարուած։

Գիտես որ ձեռներէց մէկը չեմ ես, բայց ութ օրէ ի վեր այս կինը այնքան լուռ պչրանքով պաշարեր էր հոգիս, որ իրեն հետ խօսելու փափաքին դիմադրելու անկարող էի ալ։

Հոդ, այդ ճամբուն վրայ, զոր կարծես ինքն ալ յարմարագոյն վայրը դատեր էր, խօսեցայ հետը առջի անգամ։

Սեւ մետաքսէ քօռսաժ մը ունէր, այս օրուան պէս միտքս է, եւ վեր ժողված ճերմակ պատմուճանին ժիւբէն տանթէլներու եռեւեփը ու փրփուրը դուրս կը ժայթքէր։ Ինքը կ՚ունկնդրէր ինծի՝ շարունակելով ժողուըտուքը ԻՐ ճակտին անհնազանդ մազերուն, մատը բերնին դնելով երբեմն, խոհեմութիւն պատուիրելու դիրքով, բայց որոշ ու մեկին պատասխան մը չտալով երբեք։

Այսպէս ԻՐ վրդովիչ կնկան դերին մէջ էր զոր Սէնքիեւիչ, իրաւամբ, Բիզայի աշտարակին կը նմանցնէ, ծռելով միշտ՝ բայց չիյնալով բնաւ։

ԻՐ ձեռքը զոր համբոյրներով ծածկեր էի, քաշեց յանկարծ ոյժով. մեր կողմը եկող ոտնաձայն մը լսեր էր. վայրկեան մը սպասելէ ետքը մեր վախը ի դերեւ ելաւ. վարէն՝ միայն երգի եղանակներ կը հասնէին մեզի։

Հոս, անտառին խորը, գիշերը ԻՐ վճիտ անդորրութեանը մէջ շքեղ էր, բիւրեղի մը ջինջ պայծառութիւնը հագցնելով ամեն առարկաներուն։

Ծառերու երկար շարքը՝ իրենց պոչերուն վրայ յանկարծ կանգնած անհամար օձերու բանակ մը կը պատկերացնէր, խայտաբղէտ շապիկներով վիշապներ, մեր սէրը, մեր երջանկութիւնը դիտող նախանձոտ աչքերու պէս, պաշարելով մեզ չորս դիէն։ Գետինը ծածկող տերեւներուն խշրտուքէն զատ ոչինչ կը խռովէր մեր կարճատեւ առանձնութիւնը։

Էմման ինքը սթափեցուց զիս ըսելով.

— Դառնանք։

Յաջորդ, վաղայաջորդ ու միւս օրերը Էմման ԻՐ էրկանը հետ ալ աւելի սիրով, ալ աւելի մտերիմ եւ ինծի դէմ աւելի անտարբեր ու սառն գտնուեցաւ։

Հնարք մըն էր աս՝ էրկանը կասկածները չարթնցնելու համար։


Զ

Գիտես թէ ինչ ծանր զոհողութիւններու պարտաւորեց զիս այս սէրը։ Եթէ ոչ պատուոյ, գէթ խղճմտանքի դէմ շատ մը մեղանչումներու առաջնորդեց զիս. ոչ ոք ինէ աւելի խստութեամբ կը դատէ իմ արարքս. ծնողքս՝ որոնց բոլոր համոզումները, ակնկալութիւնները, շոյած երազները ոտնակոխ կ՚ընէի. այն սիրուն աղջիկը՝ որուն սիրտը վաստկեր էի այնքան անարժանութեամբ եւ որ քիչ մնաց նշանածս պիտի ըլլար. ասոնց լուռ կշտամբանքը կ՚զգայի սրտիս մէջ. ամուսնացած, զաւկըներու տէր կին մը հրապուրելու ձեռնարկը ոչ նուազ անարգ ու անարժան գործ մը կ՚երեւար ինծի. ու այս ամենը կոխելով անցնելով, ալ աւելի ոյժով կապուած կ՚զգայի ինքզինքս Էմմային հետ, իմ բոլոր յանցանքիս մեծութեամբը կապուած։

Էմման ինքը զիս ընդուներ էր նախ անոր համար որ իմ ցուցուցած անսահման սիրոյս պէս սէր մը տեսած չունէր. յետոյ, գեղեցիկ կին մը միշտ պէտք ունի որ մէկը ԻՐ գեղեցկութիւնը երեսին ըսէ. հոմանին տեսակ մը խօսուն հայելի է, կանանց արդուզարդի սպասին մասը կազմող։ Շատ վերջը միայն, կարծեմ, ինք ալ փոխադարձ համակրութիւն մը զգաց ինծի համար։ Այդ միջոցին էր որ յանկարծ, ինքնաբերաբար, շատոնց որոշուած վճռուած բանի մը պէս, յայտնեց ինծի թէ պատրաստ է զատուելու ԻՐ էրկընէն՝ ինծի հետ ապրելու համար։ Էմմային այս արիութիւնը բոլորովին զիս կապեց իրեն. ահա թէ ինչու ես ալ իմ ծեր հայրս ու մայրս թողուցի։

Անկեղծութիւնը կը մեծարեմ նոյն իսկ եթէ յանցանքի մը մէջ ի հանդէս կուգայ։ Չեմ սիրեր մանուածապատ ձեւերը որոնց տակ Մեղքը կը պահուըտի ու կը շարունակէ Առաքինութեան յատուկ մրցանակները քաղել։ Ըսողներ կան որ բարոյականի կեղծիքն ալ բարոյական մըն է. ես այս բանաձեւը գարշելի կը համարեմ։ Բոլոր խնդիրը ԻՐ ըրածին պատասխանատուութիւնը ընդունելու եւ չընդունելու վրան է։ Մէկը՝ թողլով ամուսնական յարկը, ինքզինքը չի պաշտպաներ այն հարուածներէն որոնց արժանի է թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց որոնց ապահովապէս կ՚ենթարկուի։ Միւսը՝ դիմածածուկ կինը՝ պարկեշտ ամուսնի պատրուակը երեսին վրայ, բարեւներու ու մեծարանքներու եւ մաքուր կնոջ տիտղոսի կողոպտումին մէջ կը զայրացնէ զիս։

Ու դառնալով ԻՐ մտատանջութեանը, բարեկամս աւելցուց.

— Ըսի որ հիմա Էմմային սիրտը կորսնցնելէ զատ ո եւ է վախ չսպառնար ինծի, մտացածին սարսափ որ հիւանդ երեւակայութեան ծնունդն է. այսպէս չէ սակայն, ես այն հազարումէկ չնչին նշաններուն անձկութեամբ կը հետեւիմ, որոնք մօտալուտ կը ցուցնեն ասիկա։ Նախ Էմման մտամոլար ու շուարած բան մը ունի. շատ հեղ խօսակցութեան մէջ մտքով բացակայ է ու հազիւ հազ մէկ խօսքը կրկնելուս կ՚ուշաբերի. գէշ նշան. յետոյ ԻՐ արդուզարդին միշտ խնամոտ, հիմա մանաւանդ ծայրայեղ մարմնապաշտութեամբ մը ԻՐ բնական շնորհներուն ուշադրութիւն կ՚ընէ. աւելի գէշ նշան. ինծի հետ՝ ԻՐ սովորութեան հակառակ՝ քծնող ու ներողութիւն խնդրելու պէս ձեւեր մը ունի միշտ. ասոնք լիովին կ՚ապացուցանեն ինծի ներկայութիւնը այն միւսին որ ինէ երջանկութիւնս կը յափշտակէ։

Կը խորհիմ մանաւանդ որ Էմման՝ ինծի համար ԻՐ էրիկը ձգելէն վերջը՝ կարող է զիս ալ, ուրիշի մը սիրոյն, ձգել։ Թող ձգէ զիս. բայց պիտի գտնուի մէկը որ ինծի պէս ու ինծի չափ գիտնայ սիրել զինքը. դիւրին ու դժուարին բան միանգամայն. անիկա ինծի համար միայն գեղեցիկ կինը չէր որուն կը տենչան, այլ մարմնացումը ամեն մարդկային երազներու, կը հասկնաս։ Ով ինէ զատ այս ըմբռնումով պիտի ծնրադրէ ԻՐ առջեւ. ռամիկ հեթանոսներ էին միայն որ ատենով կուռքերը կը պաշտէին իբրեւ նիւթ. միւսները երկրպագած են անոր միայն՝ իբրեւ խորհրդանշանը գերագոյն զօրութեան մը։ Այսպէս ալ ես Էմմային դէմը։


Է

Ես սրտապնդեցի հէք տղան. ԻՐ խանգարած երեւակայութիւնը հանդարտեցուցի։

— Որովհետեւ Էմման ատեն ատեն մտմտուքներ ունի եղեր՝ չի հետեւիր ատկէ որ անպատճառ նոր հոմանի մը ունեցած ըլլայ. քեզի համար ԻՐ ըրած զոհողութիւնները ամեն տարակոյս վանելու չափ մեծ բաներ են. անխելքութիւն է ուրեմն միտքդ չարչարել անգոյ ոսոխի մը կսկիծովը. բայց այդ վիճակդ էապէս երջանկութեան յատուկ վիճակն է, այն է՝ չկարենալ անխառն վայելել զայն։ Սիրէ Էմմադ եւ ուրիշին վրայ մի խորհիր։ Մի խորհիր միւսին վրայ։

Համոզուեցաւ քիչ մը. յետոյ.

— Խրատ մը կ՚ուզեմ քենէ, քանի որ յատկապէս ատոր համար եկայ գործի օր մը այսպէս ժամերդ գրաւել. կ՚ուզեմ այս կասկածի մթնոլորտէն դուրս ելլել, եւ եթէ կարելի է հասկնալ իմ ենթադրութիւններուս անճիշդ ըլլալը։

— Խրատը, պատասխանեցի իրեն, հարցումիդ մէջն է. դժուար բան մը չէ Էմմային պէս կնոջ մը ուր երթալ գալը հասկնալ։

Չկեցաւ ալ քովս. ձեռքս թօթուեց ու գնաց։

Տասնըհինգ օր հազիւ անցեր էր, իրիկուան մը դէմ եկաւ նորէն. բերանը կղպուած էր։

— Ինչ կայ, ինչ ունիս նորէն։

Ան ատեն խորունկ ու ցած ձայնով կամաց կամաց սկսաւ պատմել.

— Քանի մը օր շարունակ լրտեսեցի զինքը. Էմման շաբաթը երկու անգամ առնուազն զաւակները տեսնելու կ՚երթար էրկանը տունը ու ժամերով կը մնար հոն. բան մը չկար ստգտանելի այս վարմունքին մէջ։ Ատկէ դուրս՝ պզտիկ գնումներուն համար՝ Բերայի վաճառատունները կը մտնէր, ու ոչինչ ատոնցմէ զատ. ԻՐ կեանքը յստակ կանոնաւորութեամբ կը ճշդուէր, եւ խիստ մօտ էի հիւանդոտ երեւակայութեանս վրայ ծիծաղելու, երբոր շաբաթ մը առաջ տեսայ Էմման ԻՐ տղոցը տունէն դուրս ելլելուն. տժգոյն այտերը կարմրած ու երեսին վրայ այն չեմ գիտեր ինչ արտայայտութիւնը կար որ յանցաւոր կինը կը մատնէ։

Կասկած մը, փայլակի մը արագութեամբ, անցաւ մտքիս մէջէն. թերեւս հոս, այս տանը մէջ, ուր էրիկը բացակայ էր ցերեկ ատեն, կը տեսակցէր ԻՐ սիրած մարդուն հետ. սպասաւորները որ վերջապէս ԻՐ առջի ծառաներն էին, կրնային դրամի համար աչք գոցել եղածին։

Այսօր, երկու ժամ կայ, Էմման նորէն գնաց հոն. ես որոշումս տուեր էի արդէն։ Քիչ մը ատեն անցնելէ վերջը դուռը զարկի. սպասաւոր մը դիմաւորեց զիս. պատրուակ մը պէտք էր այս տան մէջ մուտքս արդարացնելու համար. տանտիրոջ անունը տուի։

Վերն է, պատասխանեց սպասաւորը, իմաց տամ։

Ապշեցայ. Էրիկը տունն էր այս ժամուն. յետոյ սանդուխներէն վեր նետուեցայ. սպասաւորը հազիւ ետեւէս կրնար հասնիլ, ի զուր ջանալով խօսք հասկցնել ինծի, կեցնել զիս։ Ոչ ոք կար տան մէջ. միայն էն վերի յարկը ուր հասեր էի ահա. ննջասենեակի մը կիսաբաց դուռնէն անոյշ ձայն մը, Էմմային ձայնը, ականջիս դպաւ, ու զգուշութեամբ մօտենալով կրցայ որոշ կերպով տեսնել զինքը ԻՐ ամուսնին թեւերուն մէջ մարմնակործան։


ԶԱԲՈՒՂՈՆ

Ա

Մարդ մը, որուն երեսը երբեք չէինք տեսած, խաւարի մէջ ապրող դիւային էակ մը. գոյութիւն ունէր իրօք, թէ առասպել մըն էր որ բերնէ բերան կրկնուելով, տարածուելով` վերջնական ձեւ ու վաւերացում կը ստանայ, իրողութեան կարգ կ՚անցնի:

Գող մըն էր Զաբուղոն մեր գեղին մէջ. ոչ այն ռամիկ գողը, որ կը բռնուի շարունակ, կը ծաղրուի ու բանտերու մէջ կը փճանայ. ոչ ալ այն ահարկու աւազակը որուն գողօնին արիւն կը խառնուի ատեն ատեն:

ԻՐ մեծ արժանիքը ճարպիկութեանը մէջ էր. օդի պէս անօսր, ոգիի մը պէս աներեւոյթ, տեղ մը չէ ու ամեն տեղ է միանգամայն:

Ամենէն աւելի ամուր փակուած դուռը, ամենէն բարձր պատը` մտնելէ չեն արգիլեր զինքը. բանալիին ծակէն, տախտակներուն ճեղքերէն ներս կը սպրդի կարծես, անշշուկ ստուերի մը պէս:

Ամեն բան գիտէ, ամեն խօսք կը լսէ ու դռնփակ նիստերը իրեն համար չեն. իրեն համար պատրաստուած ծուղակներուն մէջէն յաջողութեամբ դուրս կ՚ելլէ միշտ, վարպետ ձեռնածուի մը պէս զարմանքի մէջ թողլով զինքը բռնելու պատրաստուող միամիտները:

Երեսը շիտակ տեսնող չկար. բայց կը պատմուէր — ով, կամ ինչպես, չեմ գիտեր — թէ երիտասարդ մըն էր այս տղան, նկնահասակ, թխադէմ ու վատոյժ տղայ մը. երկաթագործի քով աշկերտութենէ եկած էր ու կղպանքներու արուեստը պէտք եղածէն աւելի սորված էր:

Հիմա արուեստասէրի մը պէս կ՚ապրէր, գողնալով թալլելով շարունակ, աւելի սնապարծութենէ քան թէ իրական չարութենէ մղուած: Կը բաւէր որ ԻՐ ճարտարութեան փորձը տար ամենէն անմատչելի կարծուած տուները կողոպտելով, ու յօժարութեամբ ետ պիտի տար գողօնը թէ որ բռնուելու վախը չըլլար:

Կամաց կամաց մտերմութիւն մը հաստատուած էր գիւղացւոց ու այս գողին մէջ. ի հարկէ ստիպեալ` վարժուեր էինք ԻՐ ներկայութեան. այս խորհրդաւոր ու անմեկնելի գոյութիւնը, հալածական մարդու այս աստանդական կեանքը` սրտերնիս կը շարժէր, ու քիչ մըն ալ թէ որ երթայինք առաջ, պիտի սիրէինք զինքը:


Բ

Զաբուղոն նշանուած էր. կը զարմանաք:

Նշանտուքը Պատրիարքարանի մեծ դահլիճը կատարուած չէր հարկաւ: Փոխանորդ Հայրը օրհնած չէր զայն, ոչ ալ լրագիրները ծանուցեր էին:

Պարզապէս, յաւիտեան իրար սիրելու խօսք տուած էին, գիշեր մը, ծառի մը տակ, աստղերը ունենալով իրենց վկայ. եւ աշխարհիս ամենէն մեծահանդէս նշանտուքը եղած էր իրենցը:

Ամենքնիս կը ճանչնայինք Վասիլիկը, այն վտիտ դէմքով ու թնջուկ մազերով աղջիկը, որ գոյնզգոյն պատմուճաններով, արտակարգ արդուզարդերով` վերը, լեռը կուգար պտըտելու մինակը, շաբաթ իրիկունները:

Ոչ ոք կը համարձակէր աչք նետել կամ դարպաս ընել անոր. Կեսարի խօսեցեալն էր անիկա. ԻՐ բացակայ նշանածին տարածած սարսափին մէջ պլլուած` աներկիւղ կը պտըտէր ամեն տեղ. ու զինքը պահպանող այս վախը կը վայլէր իրեն. անմատչելի ըլլալը` հրապուրիչ կ՚ընէր զինքը: Մասամբ մըն ալ նշանածին փառքը ԻՐ վրայ կ՚անդրադառնար. անոր արկածալից կեանքին կապուող այս աղջիկը սովորական մէկը չէր կրնար ըլլալ. աշխարհքէն դուրս ապրող մարդուն նշանածն ալ աշխարհքէն դուրս արարած մըն էր. ու տեսակ մը պատկառանքի խառնուած ըղձանքով մը կը նայէին իրեն, ամեն անգամ որ այս լուացարարի աղջիկը, վէս ու արհամարհոտ դիցուհիի ձեւերով, ԻՐ շաբաթական պտոյտը ընելու կուգար մեր կողմերը:

Վասիլիկ` ինքը գոհ կը թուէր այս կեանքէն. մարդ մը կար մութին մէջ որ զինքը կը պաշտէր, Ռիւյ Պլասի ըսածին պէս, առանց երեւան ելլելու, առանց ԻՐ քովը գալու հրապարակաւ:

Ու մութը` իրական մութն էր հոս. կեանքը` գիշերը կ՚սկսէր իրեն համար ու գիշերը կը վերջանար. վասն զի նշանածը մութին կրնար գալ, ամենէն անակնկալ մէկ պահուն, մտքէ չանցած ծպտումի մը տակ, որուն գրկաբաց կ՚սպասէր:

Ուրիշներ կրնային ըսել որ «այսքան օր» ապրեցան. ինքը պիտի ըսէր «այսքան գիշեր»:

Լուսինին պէս խաւար պէտք էր որպէս զի փայլէր. էապէս աղջամուղջի դշխոն էր այս աղջիկը:

Ու գողը, ԻՐ յարափոփոխ այլակերպութիւններովը, ամեն գիշեր նոր սիրահար մը կը թուէր ԻՐ աչքին, եւ այսպէս ամեն հասակները ու ամեն գոյները կարգով կը ծնրադրէին ԻՐ առջեւ, դիւթական անուրջ մը շինելով ամեն ատեն:


Գ

Սկիզբները Վասիլիկ երջանիկ եղաւ այսպէս. Բաղդին չէր նմանէր քիչ մը այս անտեսանելի սիրահարը որ աշխարհքը կը կողոպտէր զինքը յափրացնելու համար ամեն ճոխութիւններով:

Օր մը սակայն այս ամենը ծաղրելի թուեցան ԻՐ աչքին: ԻՐ գաղտագողի ու թաքուն երջանկութիւնը բան մը կը կորսնցնէր այսպէս ծածուկ մնալով ու չկրնալով ուրիշներուն ցուցուիլ: Երեւակայեցէք մեծագին ադամանդ մը որ յաւիտեան տուփի մը մէջ փակուած մնալու դատապարտուած ըլլայ ու չկրնաք օր մը կուրծքերնուդ վրայ դնելով դիմացիննիդ շլացնել:

ԻՐ բոլոր վայելքները, ԻՐ բոլոր ունեցածը այս գոցուած ադամանդին տպաւորութիւնը կը թողէին: Ինքը մանաւանդ, ցուցամոլ էակ, չէր կրնար գոհանալ կեանքի այն ներքին ու լռին ներդաշնակութեամբը որ ահա ԻՐ ձեռքին տակն էր եւ որ դուրսը արձագանգ չէր ձգեր. մարդիկ կան որ դերասաններ են աշխարհիս վրայ. իրենց սեփական կեանք ու գոյութիւն չունին եւ ուրիշներուն համար կ՚ապրին միայն. հանդիսատեսներ պէտք է ասոնցպէսներուն, ու կեանքը հրապոյր չունի եթէ զիրենք դիտողներ պակսին. դերասաններ` որ յանձն չեն կրնար առնել թափուր սրահի մը առջեւ ներկայացում տալ։

Այսպէս էր Վասիլիկ. ԻՐ մեկուսացումը` լքում կը նշանակէր. ոչ ոք ԻՐ երեսը կը նայէր փողոց ելած ատեն. գեղին բոլոր երիտասարդները ԻՐ հրապոյրներէն կը դողային: Հիմա պչրանքի արուեստը կը փորձէր անոնց դէմ, թոյլ ու երերուն քալուածք մը առած էր որ նուրբ մարմինին ամեն խաղերը կը մատնէր, եւ այսպէս ցանկութեան տաք հով մը կը տարածէր շուրջը ու օձի նայուածք մը` որուն հանդիպողը կը կախարդուէր:

Օր մը տղուն մէկը կապուեցաւ անոր ու հետը ամուսնանալ առաջարկեց. այն վայրկեանէն գողին սէրը անտանելի լուծ մը դարձաւ իրեն: Ալ չկրցաւ սպասել անոր, գիշերները լուսցնել, ժամադրութիւններուն գտնուիլ, սա պարտէզին մէջ, կամ ան լերան վրայ. ամեն առթիւ գանգատեցաւ, բողոքեց, ու լացաւ. միւսը կը զարմանար. ինչու այս արցունքը, չէ մի որ առաջուան պէս կը սիրէին իրար. ինչ փոյթ մնացածը. Զաբուղոն ԻՐ առանձնացած կեանքովը, միամիտ մարդու յատուկ անծալք գաղափարները կը պարզէր:

— Ինչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, կը հարցնէր աղջիկը:

Ասոր վերջը. Զաբուղոն երբեք չէր խորհած ատոր. ընդհակառակը կը փափագէր որ վերջը չգայ:

Այն ատեն յուսահատած` յօժարութեամբ բաժանում ձեռք բերելէ այս նշանտուքէն, որ օրհնուած պսակէ աւելի ամուր ու հաստատ կ՚երեւար, դիւային խորհուրդ մը անցաւ մտքէն. գիշեր մը ոստիկանները կանչեց ու ձերբակալել տուաւ Զաբուղոնը:


ՌԵՀԱՆ

Ա

Ան ատենն ալ առատ մազերը կը սիրէի ու քովընտի նստած` կը դիտէի ձիւնասպիտակ ծոծրակին վրայ ժողվուած սեւ թումբը` պարտէզին մէջ տեղ տեղ դրուած կազի լապտերներու լոյսերուն տակ, շքեղ ու անբարբառ ցոլացումով, որուն աչքերս յառած կը մնային:

Ինչեր չէին ըսեր ինծի այդ մազերը. իրենց անմռունչ կեցուածքը` հոդ, այդ բարձունքին վրայ, պարկեշտ ու վրդովիչ բան մը ունէր:

Հեռուէն` նայուածքս կը հետեւէր անոնց շնորհալի շրջագիծին, կամակ ելեւէջներուն, ըմբոստ պզտիկ թելերուն, — ըմբոստ` որպէս են ամեն պզտիկները, — որոնք սանտրէն փախչելով կը դառնային կ՚իյնային վար, զսպանակի գալարումներով:

Քիչ քիչ, մտերմութիւն կը հաստատէի անոնց հետ. կը ճանչնայի զանոնք, գրեթէ կը խօսէի հետերնին:

Ամենէն հաճոյալի անակնկալը եղաւ երբ ինծի դարձաւ ԻՐ դէմքը. գեղեցիկ. ոչ հարկաւ. բայց տարօրինակ կերպով սրտի մօտ ու համակրելի պատկեր մը, յոգնած ու տրտում նայուածքով, որ ինկած տեղը կանգ առնելու պէս բան մը ունէր կարծես:

Անոր համար երկար ատեն սեւեռած մնաց վրաս. չեմ գիտեր. բայց ինծի այնպէս թուեցաւ, որ այդ նայուածքը մանրամասն հետախուզեց զիս. չափեց, ձեւեց, տեսաւ մանաւանդ զմայլած ու քիչ մը ապշած արտայայտութիւնը աչքերուս: Գոհ երեւցաւ անշուշտ այս քննութենէն, վասն զի ժպիտ մը գծագրուիլը ու աներեւութանալը մէկ եղաւ երեսին սաստիկ կարմրութեանը մէջ, այն վերջալոյսի տարտամ շառաւիղներուն նման որոնք արեւմուտքին մէջ կը հալին` համասփիւռ շէկութիւն մը ձգելով հորիզոնին վրայ:


Բ

Որչափ որ կեցանք այնտեղ` անխօս մտերմութեան մը կապերով միացած զգացինք սրտերնիս: Տարէց մարդիկ կային ԻՐ շուրջը, հայրը, հօրեղբայրները թերեւս, ու անոնց առջեւ, մանաւանդ այն չարահայեաց բազմութեան մէջ, որ այս Մէօհիւրտարի պարտէզը կը լեցնէր հիմա, զգուշաւոր դիրք մը պահելու ստիպուած` չէր կրնար ուզածին չափ ստէպ ինծի դառնալ. բայց զինքը տոչորող յայտնի անհամբերութիւնը կը կարդայի երեսին վրայ, ամեն անգամ որ առիթը գտնէր իմ կողմս նայելու:

Պատանութեան անուրջներուն մէջ երազուած, ըղձացուած էակն էր դէմս, խորհրդանշանը իմ բոլոր փափաքներուս, որ հոդ նստած էր, ԻՐ անվերլուծելի ձգողութեանը մէջ:

Ազատ էր ան երեսս չնայելու ու չխնդալու ինծի. ինչ փոյթ. նորէն պիտի սիրէի զինքը, պիտի հետեւէի իրեն ու կապուէի ԻՐ յիշատակին. ԻՐ Կուռքի անտարբերութիւնը` մազի չափ չպիտի խախտէր իմ հաւատքս:

Իսկ հիմա աւելի բաղդաւոր էի. կ՚զգայի ստոյգ կերպով որ անուշադիր չէր ինծի, ու զիս վրդովող խորհրդածութիւնները` ԻՐ մտքէն ալ կ՚անցնէին:

Երազող ու մտամոլոր կերպարանք մը առած էր անիկա եւ անդադար կը դիտէր ծովը` հանդարտ, անծալք սփռոցի մը պէս պարզուած, որուն վրայ լուսինը` ԻՐ լրումի առատութեանը մէջ` ադամանդէ ոստոստուն գոհարներ կը թափէր, մինչդեռ ամառ գիշերին անդորրութեանը մէջ, ծառերը կը կենային մեր շուրջը անշարժ` մինչեւ իրենց դողացող սաղարթները: Օդին մէջ` ամբողջ անուրջի, վերացումի հրաւէր մը կար կարծես, որուն երկուքս ալ անձնատուր կ՚ըլլայինք ժամերով:


Գ

Կէս գիշերին մօտ էր երբոր բազմութիւնը ցրուիլ սկսաւ. լուսինը անհետացեր էր. անոնք ալ ոտքի ելան. գլխու աննշմարելի շարժում մը` որ երկուքիս միայն հասկնալի ըլլալուն համար այնքան աւելի քաղցր բարեւ մը ձեւացուց:

Հեռուէն ուղեկից եղայ իրենց, ու ճամբուն վրայ, մութին մէջ տեսայ ԻՐ նազելի գլուխը` որ ետին կը դառնար մէկը փնտռելու համար կարծես:

Յամր ու դանդաղ քալուածքով մը կ՚երթային ու հօրը ձայնը կ՚իմանայի մեզ շրջապատող անդորր լռութեան մէջ, խիստ ու հրամայող ձայն մը որ հնազանդութիւն կը պատուիրէր:

Արդէն կը մեղքնայի զինքը. ինչ կը քաշէր արդեօք խստասիրտ հօր մը ճնշումին տակ. մեծ ծառի մը անքոյթ հովանիին ներքեւ փթթած ծաղիկ` որ քամիի հարուածներուն դէմ պաշտպանուած է անշուշտ, բայց ուզածին չափ արեւին երեսը չի տեսներ. անդին, ուրիշներ կան, բաց օդին, ձիւնին ու բուքին ձգուածներ, որոնց` վտանգները ու վայելքները հաւասարապէս շռայլուած են. որն է բաղդաւորը ասոնցմէ:

Կ՚զգամ որ իմս վանդակներու ետին պահուըտող աղջիկ մըն է. ԻՐ վեհերոտ ձեւը այս համոզումը կուտայ ինծի: Ով է ինքը. ուր կը բնակի. այս հարցումները այնքան աւելի կը յուզեն միտքս որքան ահա քիչ քիչ կը մօտենան հարկաւ իրենց տունին:

Կանգ առին վերջապէս Ֆրէրներու դպրոցին կողմը, նոր շինուած տան մը առջեւ. պզտիկ սպասուհի մը` կանթեղ մը բռնած ձեռքը, դուռը բացաւ. ես քայլ մըն ալ առի մօտենալու ու վերջին անգամ մը տեսնելու համար զինքը. հայրը մտաւ նախ, վերջը միւսները, տարիքի կարգով. էն վերջը մտաւ անիկա ու ես մինակ մնացի տասը քայլ հեռուն, փողոցին մթութեանը մէջ:

Ան ատեն ուզածիս պէս դիտեցի տունը. դէպի Գուշ-Տիլի իջնող զառիվայրին ու հոն վազող վտակին կը նայէր երեսը. գեղջուկ ու սիրուն բան մը ունէր. աջ կողմը` անկիւնի սենեակը, էն աղուորը դիրքով, լոյս մը երեւցաւ յանկարծ ու փողոցէն կրցայ տեսնել զայն, մազերը թափած հիմա, որ բաց պատուհանին առջեւ եկաւ կանգ առնելու վայրկեան մը ու դիտելու Մօտայի ծոցը` ԻՐ սեղմուած հողէ լանջքերուն մէջ:

Յետոյ լոյսը մարեցաւ ու ամեն բան խաւարի մէջը ինկաւ յանկարծ:


Դ

Ինչ կը խորհիս դուն, ձեռքդ գլխուդ այդպէս, պատուհանիդ առջեւ նստած. թեթեւ քամին մեղմիւ կը շոյէ մազերդ ու ես կը նշմարեմ հոսկէ անոնց վրայ վազող սարսուռը:

Այս իրիկուան դէմդ ելլող տղուն կը մտածես դուն ալ. սպասուած, օր մը չէ նէ օր մը գտնուած անծանօթին` որ հին բարեկամի մը պէս առջի ժամեն մտերիմ կ՚երեւայ քեզի, ինչպէս որ ես ահա, փողոցին մէջ պատի մը տակ կեցած, քեզի կը մտածեմ:

Յետոյ, ձանձրացած այս միակերպ անշարժութենէն, փողոցին մէջ կը քալեմ, աչքս վեր այդ պատուհանին սեւեռած. ինչ կ՚ակնկալեմ քեզմէ, բառ մը, անուշ խօսք մը, որ շօշափելի ապացոյցը ըլլայ մեզ միացնող համակրութեան:

Մութին մէջ՝ չեմ կրնար որոշել դէմքը, զոր ծնօտին դրուած ձեռքը կը գոցէ, բայց սեւ մազերուն ժողվուածքը կը տեսնեմ յստակ. մունջ կեցած է հոն, չհամարձակելով առջի բառը ինքը արտասանել:

Եւ ես, իրմէ ոչ նուազ վեհերոտ, չեմ խօսիր, վախնալով որ չխռովեմ այս գեղեցիկ երազը ու ձեռքէ չհանեմ զայն:

Հիմա, զովութիւնը կ՚աւելնայ. աջ ու ձախ երկարող փողոցներուն մէջ կը լսեմ գիշերապահին ճոկանը որ կը հնչէ ու կ՚իմացնէ թէ ժամը եօթն է:

Վերը անշարժ կ՚սպասէ ան ԻՐ արձանի դիրքին մէջ, ու ես վարէն, զինքը դիտելով միայն երջանիկ եմ ահա: Հորիզոնին վրայ պլպլացող լոյսերը կը տժգունին քիչ քիչ. գիշերը աւելի յստակ, վճիտ ու թափանցիկ կ՚ըլլայ, ու հեռուն` ծովին մութ կապոյտը, ԻՐ առջի փայլը կորսնցուցած` սեւ ծածկոցի մը պէս կը տարածուի իբրեւ թէ անհուն դագաղի մը վրայ:

Շուրջս տիրող վեհութեան ու խաղաղութեան մէջ ինքզինքս ուրիշ աշխարհ մը փոխադրուած կ՚զգամ. մաքուր ու խաղաղ երկիր մը, որ իզմէ ու իրմէ զատ բնակիչ չունի. ամբողջ տիեզերքը մեր երկուքիս ձգուած:

Աքաղաղները կը խօսին. արեւելքէն լոյսի հոսում մը կ՚սկսի. գեղեցիկ մազերը վերն են միշտ, պատուհանին առջեւ, իրենց առջի դիրքին մէջ. հովը կը գգուէ զանոնք, անոնց պզտիկ թելերը կը դողացնէ. դէմէն` լոյսը կ՚աւելնայ, կը զեղու, կը շռայլուի. արշալոյսն է:

Վաստակաբեկ, ժամերով հոս անքուն անցընելուս համար չեմ գանգատիր. դէմս է անիկա, ԻՐ պատուհանին առջեւ ինծի պէս անքուն, ինծի պէս երազող:

Քիչ մըն ալ կը կենամ այսպէս. յանկարծ սեւ մազերու կոհակը կը ճշդուի աչքիս առջեւ. ռեհանի պզտիկ թումբ մը, ԻՐ մութ կարմիր թաղարին վրայ կեցած, առտուան զեփիւռէն կը սարսռայ:

Ան էր բաց պատուհանին առջեւ ինծի սպասողը մինչեւ լոյս. կը զարմանամ. ինչպէս չտեսայ. ծաղրելի կը գտնեմ ինքզինքս. կը բարկանամ պզտիկ իյնալուս համար:


Ե

Հիմա, որ տարիներ անցան անկէ ի վեր, հիմա կ՚օրհնեմ քեզի, ով ռեհանի պզտիկ փունջ, որ ամեն սրտի մօտ բարեկամէ աւելի երջանիկ ըրիր զիս գիշեր մը ողջոյն:

Աղջկան մը դէմք առիր պատրելու համար զիս. աղէկ ըրիր. այն բոլոր խանդակաթ գորովին համար` զոր թափեցի պզտիկ թերթերուդ վրայ, չեմ զղջար:

Առաւօտը թող գայ ուզածին չափ ԻՐ հոսած լոյսին անողոք ստուգութիւնը թօթափելու չորս դիս:

Դուն իմ աչքիս` առատ գեղեցիկ մազերն ես միշտ անոր:


ԱՌՋԻ ՍԷՐ ԱՌՋԻ ԲԱՐԻ


Ա

Թագուկ տուտուն իմ դրացիս է. չամուսնացած բարի պառաւ մը որ տունը մնացած աղջիկներու անհամբոյր ու դառնացեալ սիրտը չունի։ ԻՐ անուշ լեզուն, զուարթ խօսակցութիւնը կը յիշեցնեն ինծի այն չքաղուած խաղողի հատիկը որ կեցած տեղը, բիրտ հպումներէ հեռու, թոռմելով աւելի եւս կը քաղցրանայ, չամիչի կը վերածուի։

Թագուկ տուտուն անբասիր անցեալի մը համբաւը ունենալով հանդերձ, ներողամիտ է երիտասարդներուն, ու յօժարակամ ամեն ոք ԻՐ ցաւը կը խոստովանի անոր ու խորհուրդ կը խնդրէ իրմէ։

Ամեն իրիկուն, կանոնաւոր կերպով, պատուհանը նստած կը տեսնեմ զինքը, մաքուր հագուելու վարժուած կնկան մը անսեթեւեթ պաճուճանքին մէջ. այս արդուզարդը հին օրերու տարազը անփոփոխ ու անայլայլ կը պահէ. նրբագեղ ասեղնագործութիւններով զարդարուած սեւ եազմաին տակ՝ ալեւոր մազերուն ցոլացումը կը փոխանցուի դուրս, մութ գիշերուան մէջ՝ ձիւնապատ դաշտի մը փողփողումին պէս։ Դէմքը՝ ճերմակ, անարիւն, խորշոմներով լեցուն հիմակ, կաթնապուրին երեսը ծածկող պարուտակին կը նմանի, մաքուր ու փոթ փոթ։

Ձմեռ գիշերները ԻՐ շուրջը կը ժողվուինք ամենքնիս, զինուելով ԻՐ հեզ ու համբերող բնաւորութեանը դէմ, կատակներ տեղալով ԻՐ տարիքին, առանց գործածութեան մնացած ԻՐ հրապոյրներուն, ԻՐ եազմաին հաստատատիպ հանգոյցին եւ այն անվերջ, անհատնում օյաի մանուածահիւս դրասանգներուն վրայ՝ զորս, ակնոցը աչքին՝ Թագուկ տուտու օրն իրիկուն կը շինէ, կը բանի, ճշմարիտ արուեստագէտի մը երանութեամբը համակուած։

Բոլոր արդուզարդէն՝ գլխուն օյան կը փոխուի երբեմն, հանդիսաւոր օրերու մէջ, Ծնունդին, Զատիկին, Խաչին, եւ որուն անակնկալը, անոր նուրբ գծագրութեան նորութեանը մէջ կը կայանայ։

Հիմակուան ժանեակներու կոշտ ու ճաշակէ զուրկ ձեւերուն վրայ արգահատելով, Թագուկ տուտուն՝ ԻՐ ձեռագործին աննման կատարելութիւնովը կը խրոխտայ ու յաղթանակը կը տանի, ծերացած դողդոջուն մատներուն, անլոյս ու տկար աչքերուն յաղթանակը։


Բ

Ոմանք անողորմներ, գլուխը հաւաքուած՝ կտակը կը շինեն խեղճ պառաւին. բռնի, ակամայ կտակ մը, ԻՐ ներկայութեան, ԻՐ աչքին առջեւ, ի կենդանւոյն ժառանգութիւնը բաժնելու համար մէջերնիս, քանի որ էրիկ չունի, զաւակ չունի, մարդ ու մարդասանք չունի բացի մենէ որ ահա ԻՐ շուրջը բոլորուած, ԻՐ լքուած առանձնութիւնը մեր զուարճախօսութիւններովը կը կենդանացնենք ու կ՚ոգեւորենք։

Օր մըն ալ ունեցածը չունեցածը տեսնելու փափաքը ունեցանք. ադամանդ չունէր, քոնսօլիտ ալ չունէր, ինչ ունէր ուրեմն այս Թագուկ տուտուն, մեզի արժանի ինչ ժառանգութիւն ցոյց պիտի կարենար տալ օր մը եթէ մեռնէր, անպիտան շորերէ զատ որոնք դուրսը անկիւն մը ընկուզենիէ շինուած պարկեշտ սնտուկի մը մէջ պահուած էին։

— Սնտուկը նայինք մէյ մը՝ ըսաւ վարի քովի տան տղան։

Թագուկ տուտուն բողոքեց, պոռաց, չէ մի որ մահուընէն ետքը մերն էր այդ սնտուկը, ինչ հարկ հիմակուց խառնշտկել ԻՐ բոլոր գոյքը. ԻՐ իրաւացի բողոքը խեղդուեցաւ մեր յարուցած ժխորին մէջ։

— Սնտուկը, պոռացին ամեն կողմէ։

Բռնի առինք բանալին ձեռքէն ու ներս բերելով սնտուկը, ծանրացած դագաղի մը պէս, վրան վազեցինք դիակեր ագռաւներու երամի մը նման։

Հիմա Թագուկ տուտուն ԻՐ նստած անկիւնէն կը դիտէր մեզ առանց նեղանալու. ակնոցը հաներ աչքէն ու բարձին վրայ դրեր էր ձեռքի ասեղնագործութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր պարագաներու մէջ միայն կը պատահէր։

ԻՐ բոլոր կեանքը, կարգով կանոնով այդ սնտուկին խորը խնամով զետեղուած, շարուած, դուրս կ՚ելլէր հետզհետէ, երկար շղթայի օղակներուն նման որուն ծայրը՝ ծովին յատակը նետուած երկաթին պէս, մինչեւ ԻՐ երիտասարդութեան կ՚երթար կը յանգէր։ Եւ որքան կ՚իջնէինք խորը, կը մօտենայինք յատակին, օդէ ու լոյսէ զուրկ մնացող այդ բոլոր նիւթերուն հոտը սաստիկ ու կծու կուգար մեզի, քառասուն տարի առաջուընէ պահուած հոտ մը։

Յարութեան ու վերակենդանութեան կոչուած այս ամեն առարկաները սեղմուած թանգարանի տպաւորութիւնը կը ձգէին վրանիս. ու գովեստները չէինք զլանար տնօրէնին, ԻՐ ճաշակին նրբութեան ապացոյցը հոս ալ տեսնելով։

Ամբողջ շարք մը կ՚սկսէր, ցուցահանդէս մը հին ատեններու պերճանքին, մեծարժէք կերպասներու, վառ ու պոռոտ գոյներով, որոնք հիմա գործածական չեն, էնթարի շալվարներ Պրուսայի կազէ շինուած, գոյնզգոյն տիատէմներ, հաքիք մատնիներ, սանտրեր, գլխու ասեղներ, բաղնիքի թաս մը. ու յետոյ, չգիտցողին հասկցնելու համար Թագուկ տուտուին ջերմեռանդ հռոմէական մը ըլլալը, — ինչ որ մենք գիտէինք արդէն, — ամբողջ ու կատարեալ հաւաքածոյ մը հոն՝ Յիսուսի, Աստուածածնի փոքրիկ գունաւոր պատկերներու, համրիչներու ու Վենետիկ տպուած փոքրակազմ աղօթագիրքերու։

Մեզի պէս ինք ալ հետաքրքիր աչքով կը հետեւէր այս ի տես հանումին, իբրեւ թէ օտարոտի ըլլային իրեն այդ ամենը, որոնք՝ այս վայրկեանիս, ԻՐ առջի օրերը ետ կը բերէին, անփոփոխ իրենց ձեւով, գոյնով ու բոյրով, գրքի մը էջերուն մէջ զետեղուած ծաղիկներու, տերեւներու նման տափակցած ու փոշիացած քիչ մը։

Ու առանց վէճի, ինչ որ հազուագիւտ է իրական ժառանգորդներու մէջ, մեր մէջէն ամեն ոք ԻՐ բաժինը կ՚որոշէր, իրեն պէտք եղածը կը նշանակէր, մէկդի կը դնէր։

Հիմա բոլորովին խորն էինք սնտուկին. ձեռագործներ կը հանէինք դուրս, գունաւոր մետաքսէ հիւսուած անհաւատալի նրբութեամբ, եւ սքանչացած՝ կը դառնայինք պառաւին որ կը ժպտէր համեստութեամբ։

— Մեր ատենի աղջիկները բոլորն ալ գիտէին ասոնք։

Ու էն վերջը, կապոյտ մետաքսէ պզտիկ պահարանի մը մէջ, որ ինքնին արուեստագիտական հրաշակերտ մըն էր, պզտիկ փունջ մը … խարտեաշ մազերու։


Գ

Կռիւը այս հէք մազերուն վրայ փրթաւ. ուսկից էին, որունն էին այս մազերը. եւ առանց ԻՐ պատասխանին սպասելու, անհամբեր, մեր վճիռը կուտայինք. սիրահարի մը գլխուն մազերն էին ասոնք, Թագուկ տուտուին սիրահարը. ու անմիջապէս կ՚երեւակայէինք այդ սիրահարը, կը պատկերացնէինք զինքը, մարմին ու հոգի կուտայինք իրեն. միջակ հասակով, ոչ. ուրեմն բարձրահասակ։ Թագուկ տուտու մասնաւոր տկարութիւն մը ունենալու էր շքեղ հասակներու ու բարակ մետաքսէ պեխերու. գոնէ երջանիկ եղած էր այս մարդուն հետ։ Ու կը յարձակէինք Թագուկ տուտուին վրայ, կը դատապարտէինք զինքը. այս սուրբ կինը, այս աղջիկը որ մինչեւ ետքը էրիկ մարդոցմէ ԻՐ հեռացումը պահեր էր, կեղծաւորին մէկն էր. ԻՐ յանցանքին խոստովանութենէն բան մը ունէինք ձեռքերնիս, դրական ապացոյց մը։ Կատակները կը վերսկսէին ամեն գլխէ մէյմէկ ձայնով, անլուր ժխորի մը ներդաշնակութեան մէջ։

— Թագուկ տուտու, բռնեցինք քեզի։

— Խարտեաշներէն կ՚ախորժի եղեր, չըսէիր մինչեւ հիմա։

— Ով է խարտեաշը մէջէրնիս, թող առաջ անցնի։

Պառաւը պատասխանելու ատեն չունէր, բայց ԻՐ սովորական անարիւն երեսը կը գունաւորուէր ահա, փոքրիկ խաժուկ աչքերը արտասովոր փայլով կը ճառագայթէին՝ սեւեռած այդ մազի փունջին վրայ, չկրնալով զատուիլ այդ անխօսուկ յիշատակէն. ու տակաւ առ տակաւ կը թրջէին, ծիրանի գօտիի մը տակ տեղացող անձրեւի մը նմանութիւնը բերելով։

— Ատիկա մարդու չեմ տար. ինծի հետ գերեզման պիտի դրուի։

Ինչու համար. բացատրութիւն կ՚ուզենք, աղուոր սրտաշարժ պատմութիւն մը, անոնցմէ՝ զորս Թագուկ տուտուն համով հոտով ըսելու արուեստին մէջ նմանը չունի։

Եւ տեսնելով որ ծաղրածութիւնները կը վիրաւորեն զինքը, լուրջ կերպարանք մը կ՚առնենք, կ՚աղաչենք.

— Քուզում Թագուկ տուտու։

Եւ սնտուկը պարպուած կը թողունք սենեակին մէջտեղը. բազմոցին ու աթոռին վրայ ալ անոր պարունակած այլազան առարկաները, անցեալ կեանքի մը բեկորները. պառաւին բոլորը կը հաւաքուինք, ուշադիր, խելօք կեցած տղոց նման որոնց մասալ մը խոստացուած է։


Դ

Մանկութենէն հօրմէ ու մօրմէ որբ, Թագուհին հոգեզաւակ էր Բերա ընտանիքի մը մէջ, որ մանչ զաւակ մը ունէր միայն եւ աղջիկ զաւկի կարօտ կը քաշէր։

Այս տղաքը քոյր ու եղբօր պէս մեծցան, քով քովի, երկուստէք մոռնալով այն տարբերութիւնը որ ճակատագիրը դրած էր իրենց մէջ. մանկական խաղերէն, կռիւներէն, ծեծկուուքներէն ու համբոյրով մը կնքուած հաշտութիւններէն վերջը՝ պատանութիւնը եկաւ անծանօթ վրդովումներով, չհասկցուած տրտմութիւններով, ուրախութիւններով խառնուած. եւ վերջէն, երիտասարդութիւնը՝ ճշդելով ու հաստատելով ընդնշմարուած սրտի անքակտելի կապերը, ինչպէս քիմիական բաղադրութիւն մը որ յստակօրէն ի յայտ կը բերէ լուսանկարի փոքրիկ տախտակին վրայ դրոշմուած աներեւոյթ պատկերը։

Այն ատեն իրենք ալ վախցան, աղջիկը մանաւանդ սարսափեցաւ, հոգեզաւակ մը ինքը, ընկեցիկ աղջիկ մը որ տան տիրոջ զաւկին վրայ աչք նետած էր։ Յետոյ քոյր ու եղբայր կոչուած էին միշտ. այս պայմանադրական ազգականութիւնն ալ ԻՐ սրբութիւնը ունէր։ Ինչ պիտի ըսէին մանաւանդ իրենց ծնողքը. ԻՐ տեսած խնամքներուն փոխարէն չէր կրնար վիշտ ու կսկիծ ցանել այս տանը մէջ, ուր սիրով հիւրընկալեր, խնամեր, մեծցուցեր էին զինքը։

Քսան տարու էր ու խորհրդածութիւնը կուգար, հատու դանակի մը պէս, այդ անմեղուկ սէրը սրտէն կտրել նետելու հարկը զգացնելով. պահ մը կը դիմադրէր, ինքզինքը կը պաշտպանէր անձնազոհութեան դէմ. յետոյ քիչ քիչ տեղի կուտար նորէն, վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելու պէս. այոի ոչի անընդհատ անցուդարձին առջեւ կը կենար ժամերով վարանած, ԻՐ իրաւանց ու պարտուց զուգակշիռը ընելով, անդունդի մը խորը չափելու յիմար աշխատութեանը մէջ յամառելով շարունակ. ութ օր այսպէս անցուց, սենեակը քաշուած. առանձնացած էր հիմա սեւ ու մութ սենեակին անկիւնը։


Ե

Վերջապէս որոշումը տուաւ. ԻՐ միամիտ սրտին մէջ ԻՐ դատաստանը ըրաւ ու անիրաւ գտաւ ինքզինքը. ուր էր թէ այդ մարդասիրութիւնը տեսած չըլլար այս տանը մէջ ու երախտիքի մը պարտքին տակ չճնշուէր հիմա. փողոցի աղջիկ մը ըլլար, անոք ու անտէր, մազերը թափած ու ոտքը բոպիկ մուրացիկ մը, սիրելու ազատութիւնը պահելով։

Ու անմիջապէս դադրեցուց ԻՐ մտերմութիւնները, մէկ հարուածով կծկեց այս փոքրիկ ամփոփուկ ծաղիկը որ ԻՐ հոգւոյն մէջ դողալով կը փթթէր, մինչդեռ դէմը երիտասարդը կը զայրանար ու կը նախատէր զինքը։ Անոր դէմ կեղծաւոր անտարբերութիւն մը ձեւացնել հարկ էր, էն դժնդակը ԻՐ պարտաւորութեանցը. ամեն նախատինքի հանդուրժեց ու ամեն աղաչանքի դէմ անդրդուելի մնաց. հառաչանք մը դուրս չթռաւ ԻՐ խեղդուկ սրտէն, բայց որքան լացաւ ԻՐ բարձին վրայ։

Ամսուան մը մէջ երիտասարդին քով ոչինչ մնաց առջի սէրէն՝ մահացու ատելութենէ մը զատ. հիմա ամեն առթիւ ԻՐ յայտնի թշնամին էր տանը մէջ, այնքան որ մայրը կը միջամտէր ԻՐ տղուն անիրաւութեանը համար, ու առանձին մնացած ատեն Թագուկը կ՚սփոփէր։

— Հոգդ մ՚ըներ, աղջիկս, էրիկ մարդիկ բարկացած ժամեր ունին։

Այդ միջոցին էր որ տղան հիւանդացաւ. այն ատեն քրոջ մը անձնուիրութեամբ խնամեց զինքը, օրերով անքուն հսկեց անկողնին քով, մօրը հետ միասին փոխնիփոխ բաժնելով մէջերնին յոգնութիւնը ու կսկիծը. ու երբ հիւանդին վիճակը ծանրացաւ ու տենդը ցնորանք բերաւ, այն ատեն ԻՐ վարանումները վերստին սկսան. ինչ շահած էր այս բոլոր մահացումներէն. եւ հիւանդին սնարին քով, կանթեղին արձակած առկայծ ու դողդոջուն լոյսին պէս, ԻՐ համոզումները ու տուած որոշումները երերալ սկսան։

Այն ատեն փափաք մը ունեցաւ յիշատակ մը գոնէ պահելու ԻՐ ողորմելի սէրէն. մկրատ մը գտաւ փոքրիկ, որով հիւանդին երկարած մազերէն փունջ մը կտրեց առաւ, գողի պէս չորս դին նայելով։

Հիւանդը առողջացաւ, բայց ԻՐ երեսը չնայեցաւ. ոչ իսկ յիշեց զինքը. ծնողքը ամուսնացուցին զաւակնին ու Թագուկ հարսնիքին զուարթ ու խնդումերես երեւցաւ։

Անկէ ետքը, ԻՐ պարտքը կատարած մէկու մը խղճի հանդարտութիւնը ունեցաւ. ԻՐ սէրը կը պահէր սակայն սրտին մէջ, յանցանքի մը պէս որ թողութիւն ստացած է, պարտքի մուրհակ զոր հատուցած էր ԻՐ բոլոր երջանկութիւնը տալով, եւ զոր իրաւունք ունէր ալ քովը պահելու։

Այսպէս պահեց ահա տարիներով փոքրիկ մազի փունջը ու ինքը չամուսնացաւ։

Հիմա, երեսուն տարի ետքը, կեանքի հազար փոփոխումներէ վերջ, հաշտուած էր նախկին բարեկամին հետ. եղբայրութեան կապը վերստին կը միացնէր զիրենք ահագին անջրպետի մը վրայէն։ Անիկա թոռան տէր ծերուկ մըն էր կորաքամակ, մազերը ճերմկած, մինչ ԻՐ քովինները ահա այդպէս թարմ ու դեղին կը մնային, ու ատոնց պէս ԻՐ սիրտն ալ երիտասարդ ու աշխոյժ մնացած էր, իբրեւ թէ յանկարծ դադրած ըլլար բաբախելէ այն օրը՝ ուր ԻՐ սիրածէն բաժնուելու ցաւը զգացեր էր. այդ օրէն ի վեր ԻՐ սիրտը ապրած չէր ու ծերացած ալ չէր, մինչդեռ մարմինը կ՚իյնար, կը տկարանար հետզհետէ։


Զ

Եւ ձեռքէ ձեռք կը պտըտցնէինք այս մազերու փունջը, ջանալով գտնել անոր մէջ պատմուած կսկիծներուն հետքը։ Այդ մազերը կը պահէին իրենց սեւցած ոսկիի փայլը եւ երիտասարդի թարմութիւնը։ Տարօրինակ բան. իրենց գոյութեան մէջ մկրատին տուած ընդհատումը փրկած էր զիրենք. չէին ծերացեր ալ. իրենց տարեկից բոլոր ուրիշ մազերը ալեւորած, թափած, չքացած էին, եւ իրենք միայն անխախտ ու անդղրդելի կը մնային քսան տարու՝ խոպոպիքի զուարթութեանը մէջ ու պիտի մնային այսուհետեւ։ Մէկ ցաւ մը ունեցեր էին, մկրատին հատու ցաւը, բայց այդ ցաւը որքան կսկիծներէ, անկումներէ փրկեր էր զիրենք, մշտնջենական երիտասարդութիւնը շնորհելով, այն՝ զոր Թագուկ տուտուի սրտին մէջ կը գտնէինք։


ԿԱՏԱԿ

Ա

Արտորալով կ՚անցնէր փողոցէն, տենդոտ ձեռքովը ուժգին սեղմելով կլորցած թուղթի պզտիկ գլաններ որոնք ԻՐ տալիք դաշնակի դասերուն տետրակներն էին։

Մտազբաղ, ակնարկը մոլորած, անհասկնալի եղանակներ մրմնջելով քիթին տակէն, կ՚անցնէր զմայլած ու զուարթ դէմքով որ ԻՐ հոգեկան երանութեան ճշմարիտ ցոլացումն էր։

Միւսիւ Սէֆէրեան այն իրապէս երջանիկ մարդն էր զոր յոռետեսները կը փնտռեն ու չեն գտներ։ Երջանկ. ինչու չըլլար. աղքատ կօշկակարի զաւակ, ինքնօգնութեամբ, ձրի աշակերտներու վերապահուած զրկումներով մեծցած, առաջ եկած տղայ՝ որուն հոգիին անեղծանելի ու ազնուական մետաղը չէր աւրուած ճղճիմ ու ողորմելի կեանքի տագնապներէն։

ԻՐ աչքին… բայց ԻՐ աչքը դարձած էր երբեք իրական կեանքի վրայ, անջատուելով այն հորիզոններէն ուր սեւեռած էր միշտ. ԻՐ գոյութիւնը մշտնջենական պատրանք մը եղած չէր. սիրոյ, անձնուիրութեան, առաքինութեան, ամեն կերպ ազնիւ զգացումներու գիրկընդխառնում մը չէր կեանքը, վսեմ նուագներու բօբուրի մը. գէթ այսպէս ըմբռնած էր ինք կեանքը եւ չէր զղջացեր։

Ուսկից ուր, ազգային վարժարաններու մէջ ստացած թերի ուսումէն անցեր էր դաշնակի սէր տալու. ինչ աներեւոյթ թելով ԻՐ անձուկ միտքը, ԻՐ անդորր հոգին երաժշտութեան անսահման ու վրդովեալ երազներուն կապուած էր։

Բիրտ ու կոպիտ գիծերէն, որոնցմով ԻՐ մանկութիւնը, ԻՐ պատանութիւնը կը ձեւանար, հիմակուան գեղարուեստի, բանաստեղծութեան շնորհալի շրջագիծը շինուած էր որ ԻՐ հեզ ու համակերպիկ դէմքը կը պարուրէր. այն թուփի ու մացառի չորաբեկ ու վտիտ ճիւղերուն պէս որոնցմով յօրինուած շրջանակ մը երփներանգ ծաղկեպսակէ մը աւելի պճնագեղ կ՚ըլլայ երբեմն։

Բ

Երաժշտութիւնը զինքը գրաւող առաջին հուրին եղաւ, անկայուն ու յարափոփոխ դէմքով կին որ ուզուած, ըղձացուած պատկերը կ՚զգենու ամեն վայրկեան, տեսակ մը մանանայ որ փափաքուած ամեն համը, ամեն հաճոյքը կուտայ։

ԻՐ դիւրահաւան սիրտը շուտ մը կը կապուէր այս երաժշտութեան նուագներուն մէջէն ԻՐ աչքին երեւցող կիներուն, համոզումով ու անկեղծութեամբ ինքնիրեն փեսայ ըլլալով շարունակ, անուշ խօսքի մը կամ սիրուն ժպիտի մը տպաւորութիւնը պահելով, սնուցանելով, մեծցնելով ԻՐ հէք սրտին մէջ, հնչուն ու կոյս քարանձաւի մը պէս որուն մէջ ինկող յետին մրմունջը՝ յարուցած անհամեմատ արձագանգովը կ՚երկարաձգուի ու կը բազմապատկուի։

Գթացողներ ու ծիծաղողներ միայն կային ԻՐ շուրջը. ինչ ծաղու նիւթ քան այս տարօրինակ երջանիկը. հպարտ չքաւոր մը չէր արդեօք որ ԻՐ ողորմելի վիճակը՝ յայտնի սնափառութեամբ՝ քօղարկել կ՚ուզէ։

Ու դաշնակցութիւն մը կ՚սկսէր ԻՐ բոլորտիքը. կատակի, խաղի, ծաղրի դաշնակցութիւնը որ այս մարդուն միամիտ սիրահարի ձեւերովը պիտի զբօսնուր։

Վախցուելու մէկը չէր որուն ներելի չէ խաղ ու կատակ ընել, այլ այն անտրտունջ վշտատեսներէն մէկը՝ որոնք կարծես հազուագիւտ խաղալիկներ, զուարճութեան առարկաներ ըլլալու սահմանուած են։


Գ

Ինքը՝ բնաւ մտքէն չէր անցըներ որ կրնան ծաղրել զինքը. ամենէն անակնկալ ու անհաւատալի լուրն անգամ չէր կրնար մերժուիլ ԻՐ պարզ ու դիւրախաբ սրտէն. այնպէս որ, երբ օր մը, ԻՐ հարուստ աշակերտուհիներէն մէկը, Զարուհին, ԻՐ սրտին ազնուութիւնը գովեց, այս պարզ խօսքը սիրոյ յայտարարութեան մը պէս յուզեց զինքը. այս աղջկան նայուածքը ԻՐ հոգւոյն խորը կը թափանցէր հիմա եւ հրապուրիչ կնոջ խռովանքը կը ձգէր հոն։ Այդ օրը դաշնակի դասին մէջ շփոթեցաւ. տիէզները եւ պէմօլները ոստոստացին ձայնագրութեան տետրակին վրայ, ինչպէս որ բոլոր տունը ու բոլոր աշխարհք ալ այս պահուս կը դառնար, յիմար երջանկութեան մը խօլ հոլովումովը միակ լուսաւոր ու կայուն կեդրոնի մը շուրջը, այս աղջկան։ Տանը մէջ՝ անոր վրդոված դէմքը տեսնելով զուարճացան. ինչպէս ասանկ մէկ բառով սիրահար կը դառնար այս տղան։

Բերայէն, այդ տունէն, դարձաւ խռոված մինչեւ ԻՐ սրտին խոր յատակը. բոլոր գիշերը չքնացաւ. բանաստեղծ մըն էր այս տղան ու ԻՐ լքուած ամուրիի սենեակին մէջ ոտանաւոր գրելով անցուց գիշերը։

Այն ատեն խաղը բոլորովին զուարճալի հանգամանք մը առաւ. ոտանաւորը ձեռքէ ձեռք պտըտեցաւ ու հաւնուեցաւ. այս բիանիսթը, իրաւ որ չգտնուած մարդ էր։ Լուրը տարածուեցաւ տունէ տուն, գեղէ գեղ, եւ ամեն տեղ միեւնոյն խնդուքը պատճառեց։

— Բիանիսթ Սէֆէրեանը Զարուհիին սիրահարեր է։

Իրաւ. ամենքը այս հարցումը կ՚ընէին, չկրնալով իրենց քրքիջը զսպել. պակաս էր քիչ մը խեղճ տղան։

Անկէ ետքը խաղը կատարեալ ընելու բաղձանքներ յայտնուեցան. ներկայացումը ամբողջ ըլլալու էր. ու Զարուհիին եղբայրը գիւտ մը ըրաւ. ԻՐ պաշտպանութեանը տակ առաւ երիտասարդ ուսուցչին սէրը. թղթակցութիւնը ԻՐ միջոցով պիտի ըլլար։

Այն ատեն նամակները սկսան, միեւնոյն յիմար սիրոյն խոստովանութիւնը որ դրացիներու, բարեկամներու օրական զուարճալիքը կը հայթայթէր ու զուարթ ժամեր անցընել կուտար։ Քանի մը մտերիմներ միջամտեցին այս անողորմ կատակին դէմ. զգուշացուցին ու արթնցնել ուզեցին զինքը։

— Մի խաբուիր, Սէֆէրեան։

Խաբուէր. ԻՐ բարեկամներուն սիրտը հանդարտեցուց. Զարուհին կը սիրէր զինքը։ Ի զուր խրատ ու խորհուրդ տուին իրեն. ասոնք ամենքը նախանձոտներ էին ԻՐ սիրոյն. ով ըսաւ որ հարուստի աղջիկ մը աղքատ մը սիրելու անկարող է. կ՚ուզէին որ Զարուհիէն ստացած նամակները կարդար մէկիկ մէկիկ. գիրը. եղբօրն էր անշուշտ. Զարուհին չէր կրնար ԻՐ գրովը այդ նամակները յանձնել, բայց ան տուն տուած էր անշուշտ եղբօրը։ Դարձեալ չէին հաւտար. հոգը. ինք կը հաւտար ու այս կը բաւէր իրեն։

Եւ ճամբուն վրայ անցնողները կանգ կ՚առնէին, դիտելու համար այս մտազբաղ մարդը որ ԻՐ աճապարող քալուածքով ու շուրջին անուշադիր ձեւովը ստոյգ երջանկութեան մը ետեւէն վազողի մը կը նմանէր։


Դ

Օր մըն ալ Զարուհիին եղբայրը ձանձրացաւ. կատակը կ՚անհամնար. դասատուն Զարուհիին ամուսնութեան ուզելու կ՚ելլէր, ԻՐ սիրոյն, ԻՐ իրաւունքներուն վրայ խօսիլ կ՚սկսէր. ու բամբասող բերանները, որ անպակաս են, այս անիմաստ կատակը մատերնին կ՚սկսէին փաթթել։ Այն ատեն կոշտ ու ստորին բառերով հասկցուցին իրեն որ այդպիսի աղջիկ մը չէր կրնար իրեն հետ ամուսնանալ. խելքը գլուխը կանչելու էր, ասանկ այլանդակ առաջարկութիւն մը ընելէ առաջ։

Ու երբ յամառեցաւ, պինդ գլուխ մարդու ձեւեր առաւ, ճամբու դրին զինքը. ոչ. շատ աներես մէկն է եղեր այս տղան որ առջի դէմը ելլող աղջկան հետ կարգուելու կ՚ելլէր։

Անկէ ետքը անոր երեսը չցուցուցին իրեն. հերքումներ տեղացին դասատուին գլուխը. կատակ մը, կը հասկնար, պարզ կատակ մը ըրած էր աղջկան եղբայրը, խնդալու համար ԻՐ վրայ. այդ նամակներուն գոյութիւնն իսկ չէր գիտեր Զարուհին։

ԻՐ բարեկամները նորէն բոլորուեցան ԻՐ շուրջը, համոզելու համար զինքը ու բառնալու համար սրտէն այդ յիմար սէրը որ անբուժելի ախտ մը ըլլալ ու զինքը յաւիտեան դժբաղդ ընել կ՚սպառնար։ Չյաջողեցան. ԻՐ ուղիղ ու պարկեշտ սիրտը չընդունեց որ իրեն յայտնուած սէրը ծաղր ու կատակ մը եղած ըլլայ միայն. այս էր որ այլանդակ, անհնար ու եղեռնական կը թուէր ԻՐ աչքին ու Զարուհիին բարի սրտին անհամաձայն։

Տարիներ անցան ու դիպուածով Զարուհին չամուսնացաւ. եւ ասիկա պէտք եղածէն աւելի էր անեղծ ու անկորուստ պահելու սէրը ԻՐ հէք ու ողորմելի սրտին մէջ։ Մարդիկ կը միաբանէին ԻՐ իրական դժբաղդութիւնը զգացնելու իրեն ու չէին յաջողեր. ԻՐ պատրանքը այն մշուշէ շենքերէն չէր որ արշալոյսի առաջին նշոյլին առջեւ ծուիկ ծուիկ կը բզքտին, կ՚անհետանան։

Իրեն հետ զբօսնելու համար, ԻՐ դիւրահաւան սրտին խաղ խաղալու մտքով յօրինուած կատակը՝ հիմա մշտնջենական ու անվանելի ստուերի մը պէս ամեն տեղ կը հալածէր զինքը։


Ե

Գիշերը փողոցին մէջը կը սլքտկայ. ջութակի մը աղեղին պէս տրտնջող եւ անդուլ երթեւեկ մը. երբեմն կանգ առնելով, ունկնդրելով ապարանքի մը պատուհանին տակ որուն գոց վարագոյրին ետին կանթեղի մը լոյսը կ՚ընդնշմարուի, առկայծ ու պլպլացող լոյս՝ մութի սահմանակից, որ յանցանք մը գործելէ առաջ վարանող խղճմտանքի մը կը նմանի։

Այդ սենեակին մէջ է հիւանդը, Զարուհին, հիւծուած ու մաշած, պահելով դեռ գեղեցիկ աղջկան ախտաբոյր վայելչութիւնը։

Զինքը սպառող հիւանդութիւնը անուն չունի. բարոյական երկարատեւ տառապանք մըն է աւելի քան թէ մարմնական ցաւ մը, տառապանք՝ որ ամենէն սաստիկ խոնջէնքէն շուտ քանդած է ԻՐ առողջութիւնը։ ԻՐ երբեմնի դասատուին անընդհատ հալածանքն է որ կ՚սպաննէ զինքը, հոդ, այդ անկողնին մէջ. այդ ծաղրելի սէրն է որուն ենթական եղած է այսքան տարիէ ի վեր՝ առանց փրկութիւն մը գտնելու։ Այդ մարդը հետապնդած իրեն շարունակ՝ հաւատարիմ ուղտին պէս, որ ԻՐ անշահասէր ու ծաղրելի անձնուիրութեամբը Թարթարէնին ետեւէն կ՚երթար Ափրիկէէն մինչեւ Թարասքօն։

Ամեն միջոց ի դերեւ ելած է համոզելու համար այդ մարդը թէ չսիրեր եւ երբեք չէ սիրած զինքը. ու ամօթահար այդ ապուշի սէրէն, ջղային անհանգստութիւն մը ունեցած է որ, քիչ քիչ տարիներու շրջանին մէջ, ջուրին թուլիկ այլ յամառ գործունէութեանը պէս քայքայած է ԻՐ առողջութիւնը։ Այս սրտի ախոնդանքէն՝ կեանքը արդէն զզուելի թուելու մօտ է ԻՐ աչքին. մինչդեռ վարը, փողոցին մէջ, անգիտակից մարդասպանը կը թափառի դեռ ԻՐ սիրոյ անուրջներուն մէջ մոլորած. ուրախ ու երջանիկ է ան, այս կանխահաս մահուան մէջ նոր ու գերագոյն ապացոյց մը գտնելուն համար, ԻՐ սիրուած ըլլալուն ապացոյցը այս աղջիկէն, երբ աշխարհ խօսք մէկ ըրեր էր կարծես Զարուհին իբրեւ խաբեբայ եւ անսիրտ էակ մը ցոյց տալու ԻՐ աչքին։

Այս մխիթարութիւնը կը ցոլայ հիմա ԻՐ աւերեալ դէմքին վրայ. այս հաւաստիքով՝ ԻՐ կսկիծը երջանկութեան կը փոխուի նորէն, ու չկրնալով դուռնէն ներս մտնել, հոդ կենալու դատապարտուած, փողոցին մէջ կը շարունակէ երթեւեկել, իբրեւ թէ մտադրած տեղ մը ունենար, անուրջի մէջ քալող մարդու մը պէս։


Զ

Զարուհիին մեռնելէն ետքը ամենքը բոլորովին յուսահատ ու դժբաղդ կարծեցին զինքը։ Իրօք, առջի երջանիկ ու երանեալ մարդն էր։ Հիմա ոչ դաս, ոչ դրամ եւ ոչ յարգ ունէր ալ. մտերիմները այս սեւեռեալ մտածումի, այս զակատեալ մարդէն կը հեռանային քիչ քիչ։

Հագուստները կը հիննային ու չէր կնար նորեր գնել տեղը. բնակած փոքրիկ սենեակին վարձքը կը դիզուէր ու տանուտէրը կ՚սպառնար դուրս նետել զինքը ու դաշնակը գրաւել. դաշնակը. երբեք չհաւատաց որ այդ բանը կարելի է, ու վայրկեան մը մտահոգ չեղաւ։

Ու կը շարունակէր փողոցները թափառիլ աննպատակ, պահելով ԻՐ առջի երանեալ մարդու դէմքը զմայլած պատկերի մը առջեւ, որ ամենուն աներեւոյթ՝ ԻՐ աչքին դէմն էր սակայն։ ԻՐ սիրելիին մահը, սրտմաշուք ցաւէ մը առաջ եկած, հատնումը ու սպառումը այս քաջառողջ աղջկան՝ իրմէ զատուելէն ետքը, ԻՐ սէրը ու հաւատքը նուիրագործեր, ու իրեն խաղ մը խաղցուցած ըլլալու կարելիութիւնը հերքեր էր։ Ապաքէն երբեք չէր տարակուսած անոր սիրոյն վրայ։ Այսպէս հեռուէն, լռիկ մնջիկ, տարիներով սպասեր էր առանց անձկութեան, եւ առանց կասկածի թունաւորումը զգալու ԻՐ մաքուր սրտին մէջ, ու ծերացեր էր գրեթէ։

Հիմա ալ, մահը կուգար ԻՐ ձեռքէն յափշտակելու համար զայն. ու ան ալ չէր յաջողեր. սիրելին հոն է միշտ, ԻՐ դէմը, ԻՐ աչքին առջեւը, այն առջի օրուան անուշ ու տրտում նայուածքովը որ չի գրուիր, չի զուրցուիր ու չի մոռցուիր։


ՖՈՒՐԹՈՒՆԱ

Ա

Ֆուրթունան իմ դրացիս էր Գանտիլլի բնակած տարիս. հին ու փտած մակոյկը որուն մէջ կը թիավարէր օրն ի բուն, գիշերները մեր քովի ծովեզերքը կը պահէր։

Մարդ ու մարդասանք չունէր. ընկեցիկ մէկն էր գեղին մէջ. ամառը՝ բաց օդին ու ձմեռը՝ հաստ պատի մը կողին մէջ բացուած պատուհանաձեւ խորշը կը քնանար ամեն իրիկուն, երբ գինետունէն, օրուան վաստակը վճարելէ ետքը, դուրս ընէին զինքը. առանց տրտնջալու, խանութպանին անվիճելի իրաւունքը ճանչցողի մը պէս կը հնազանդէր, դիմացինը ամչցնելով գրեթէ իրեն դէմ ցոյց տրուած խստութեանը համար, ու պատէ պատ, քարէ քար զարնուելով, ԻՐ տեղը, ԻՐ ողորմելի խշտեակը կը գտնէր միշտ։

Օղին ԻՐ միակ մոլութիւնն էր, ԻՐ միակ ըմբռնումը կեանքի, ԻՐ միակ իմաստասիրութիւնը. որքան ատենէ ի վեր կը խմէր այս մարդը. ոչ ոք պիտի կրնար ճշդիւ զուրցել. բայց ԻՐ կարմրած ու թմթրկած այտերէն, ԻՐ միշտ կիսափակ ու նուաղած աչքերէն, ԻՐ երերուն ու օրօրուող քալուածքէն դատելով, որուն մէջ յաւիտենական գինովը ու ծովի վրայ մեծցող նաւաստին իրար կ՚ամբողջացնէին, նոր բան մը ըլլալու չէր։ Հագուստ չունէր. ԻՐ գրգլեակը մարած, նուաղած, մեռած երանգներու խառնուրդ մըն էր, աղքատութեան ծիրանի գօտին, զոր Նեւտոն չէր գտած դեռ։ Անհամար կարկտաններու հակառակ՝ արմուկները դուրսն էին միշտ, եւ չգոցուող կուրծքէն, լանջը՝ ուռած, կախուած գորշ մսակոյտ մը՝ աչքի կը զարնէր, արգահատանք կը հրաւիրէր այս մարդուն վրայ։


Բ

Ատենով էն վայելչասէր նաւավարն էր, մէկը անոնցմէ որոնք անգիտակից արուեստագէտի մը ճաշակը ցոյց կուտան իրենց ռամիկ գործին մէջն ալ. անարատ պիւրինճիկ շապիկով, կապոյտ թաւիշէ պզտիկ բաճկոնակով, ձիւնսպիտակ մաքուր շալվարով կը պտըտէր միշտ. ԻՐ նաւակը, նուրբ հիւծախտաւոր տոհմիկ աղջկան մը նրբութեամբ, սրընթաց նետի մը աշխոյժը ունէր. կը դողար, կը գուրգուրար այս նաւակին վրայ, կը շոյէր կը սիրէր զայն զաւկի մը պէս. յաճախորդները կը գանգատէին այն չափազանց զգուշութենէն, զոր իրենցմէ նաւավարը կը պահանջէր, կոխած կամ նստած ատեննին. ինքզինքը կ՚արդարացնէր. գիտէր որ մէյ մըն ալ ասանկ ձեւաւոր նաւակ մը չպիտի կրնար շինել տալ։ Ոչ. ասիկա մասնաւոր շնորհք մը ունէր, անբացատրելի բան մը. ԻՐ տեսակին կատարելութիւնն էր. օր չէր ըլլար որ տախտակները չսրբէր, արոյրէ կազմածքը չմաքրէր, չփայլեցնէր ոսկիի պէս։

Գէշ օդերուն, անձրեւին, ծովը չէր իջեցներ. ագահի մը՝ հարստութեան համար ունեցած սէրը ու տառապանքը ունէր ինքն ալ։

Այն ատեն երիտասարդ մըն էր. նշանուած էր ու պիտի ամուսնանար. երեւակայեցէք նաւավար Էտմօն Տանթէս մը։


Գ

Ամառ օր մը, Պէշիկթաշի առջեւ փոթորիկի բռնուեցաւ. յանկարծուստ պայթող մրրիկ մըն էր, սեւ թաթառի մը պէս խոյանալով ԻՐ վրայ։ Միս մինակ էր ծովուն բացը. ԻՐ անձին չմտածեց այնքան որքան ԻՐ խեղճ նաւակին. շփոթեցաւ, կորսուեցաւ. ու երբ ողողող աղի ջուրերէն դուրս հանեցին զինքը, ԻՐ պրկուած ձեռքին մէջ թի մը կար, վերջին բեկորը ԻՐ ընկղմած նաւակին։ Երբոր խելքը գլուխը եկաւ, չհաւտաց, փնտռելու ելաւ, անկարելի էր որ անհետ կորած ըլլար ԻՐ նաւակը. տեղ մըն էր պահուած ուր պիտի երթար գտնէր զայն, մաքուր, փայլուն կազմածքովը, ժպտուն հարսի մը պէս։

Յետոյ հարկ եղաւ համոզուիլ. բայց անկէ վերջը երեսը չխնդաց. ԻՐ կսկիծը ճշմարիտ սուգի մը համեմատութիւնները առաւ. ետ ձգեց հարսնիքը, ու ատեն մը չաշխատեցաւ։

Յաջորդ ամառ նոր մը շինել տալու ձեռնարկեց ու շինուածին չհաւնեցաւ. ետ ձգեց՝ ուրիշ մը ապսպրելու համար ու անկէ ալ գոհ չեղաւ. ԻՐ նաւակին ճիշդ նմանը կը պահանջէր, չափը կուտար, ձեւը կը բացատրէր. բայց ոչ. էն վարպետները այդ անանուն փափկութիւնը անգամ մըն ալ չյաջողեցան տալ։ Ու ԻՐ հաւաքած դրամները այսպէսով վատնեց. քիչ մըն ալ գինետունները սկսաւ երթալ, օղիին, այս լուռ խօսակցին, ԻՐ ուզածը, ԻՐ բացատրել չկրցած խնդիրքը հասկցնելու։

Դ

Անկէ վերջը անկումը եկաւ, մեղմ, թոյլ, աննշմարելի բայց ստոյգ փճացումը։ Նշանածը, սպասելէ ձանձրացած, ուրիշի մը հետ ամուսնացաւ. եւ ինքը շարունակեց նաւակ փոխել, անտեսանելի տիպարի մը յամառութեամբ դեռ հետամտելով. ԻՐ նաւակը, ԻՐ ամուսնութիւնը, ԻՐ վիճակը հարցնողներուն մէկ բառով մը կը պատասխանէր, որ ԻՐ ամբողջ պատմութիւնը կը պարունակէր.

— Ֆուրթունա։

Թախծալից ու տրտում ձայնով մը կուտար պատասխանը, միշտ միեւնոյնը, բառ մը միայն կտրուկ.

— Ֆուրթունա։

Ըսին որ խենթեցաւ. գինովութիւնը ապուշի ձեւ մը տուաւ իրեն. սկսան վրան ծիծաղիլ։

Անկէ մնաց Ֆուրթունա անունը, մինչդեռ ինքը, գինետան անկիւնը, օղիի սրուակին առջեւ, ԻՐ նաւակը կ՚երազէր դեռ, դիւթական գիծերով շինուած։

Իրօք, աղքատութեան մէջ ԻՐ հինցած նաւակը ալ չէր կրնար փոխել. նորոգել կուտար հիմա, կոկելով անոր ծռած տախտակները, մաշած ու կոտրած թիակները. ամառները կը ներկէր, հինէն մնացող վայելչասիրութեան դրդումով։

Բայց օղիին աւերումներուն տակ ԻՐ կամքի ու կարողութեան մնացորդները կ՚սպառէին։ Ֆուրթունան յաճախորդ չունէր ալ, բացի անցորդ մանրավաճառներէ ու խաբեբայ մուրացիկներէ զորս չնչին գնով մը տակաւին կը փոխադրէր հոսկէ հոն, կուպրով ծեփուած մակոյկին մէջ, նստուկ գացողի մը պէս՝ անգիտակցաբար կարծես շարժելով թիերը։

Ու պատուհանէս կը դիտէի զինքը, ամեն անգամ որ անցնէր դառնար։ Դանդաղօրէն ջուրը մխուող թիերուն ճողփիւնը ԻՐ մշտնջենական երազը օրօրող երգը կը թուէր ինծի։

Ատով կը շարունակէր գալ, ամեն օր կանուխ, պատրաստ կենալով ԻՐ մակոյկին նստարանին վրայ կորաքամակ, քիթը կորսուած կունտ ու կակուղ այտերուն մէջ, անփոյթ անվհատ սպասելով, եւ ամառը տաքուն՝ եզերքին խոտին վրայ, արեւին տաք ճառագայթներուն տակ քնանալով, հանդարտ ու անմեղ քունով մը, մեզի ցոյց տալով ԻՐ եղկելի ու կիսամերկ մարմինը՝ համարձակ գետին թաւալած։

Ե

Մարդ չէր ճանչնար. ոչ զիս որ տարի մը շարունակ ԻՐ դրացին էի, ոչ ԻՐ գեղացիները՝ որոնց մէջ ապրած էր այնքան ատեն. մարդ չէր ճանչնար. մարդկային ամեն ձայն, ամեն աղմուկ ու ամեն դէմք մշուշի մը մէջ կը խառնուէին, կը շփոթուէին մէկը միւսին հետ։ Մէկ հոգի մը կը զանազանէր դեռ. ջատուկ պառաւ մըն էր որ կուգար առտուները ԻՐ երկու աղջիկներուն հետ եազմա լուալու իմ տանս մօտ։ Ֆուրթունայի նշանածն էր. ու զայն՝ տեսնելուն ԻՐ արբեցութիւնէն կարմրած դէմքը կը թալկանար, մահատիպ գոյն մը կ՚առնէր։ Նստարանին վրայ շտկուելու ուղիղ դիրք մը առնելու ջանքեր կ՚ընէր, ԻՐ ցնցոտի բալթօին օձիքը կը դարձնէր մերկ կուրծքը պարտկելու համար, բնազդական ըղձանքով մը, որ այս կործանած իմացականութեան մէջ դեռ կենդանութեան անորոշ նշան մը կուտար, վերջին տկար շառաւիղը այս մարած հոգիին աղջամուղջին մէջ։

Ադկէ զատ օղին ունէր միայն իրիկուան. խենթի պէս կը վազէր վեր, գեղը, հոն ուր գինետունները կը վխտան. ամենքն ալ իրենն էին, ամենքն ալ. արբեցութեան մէջ ԻՐ գոյութիւնը կ՚սկսէր, ոչ հիմակուան ողորմելի կեանքը, այլ առջի երիտասարդութեան օրերը, իրենց յուսալից ու խնդում երեսովնին։ ԻՐ նաւակը նախ, նրբամարմին թռչունի ձեւով որ ծովը հազիւ թէ կը շօշափէ ԻՐ վազքին մէջ. յետոյ նաւավարը՝ ԻՐ շքեղ արդուզարդովը, ֆէսը ծռած, որուն կապոյտ ծոպին ծայրը ուսին վրայ կ՚իյնայ. ու նաւակին մէջ ԻՐ նշանածը, այն գեղեցիկ յոյնի աղջիկը զոր սիրած էր։

Եւ այս աղօտ հեռանկարը, օղիի սրուակներու յաջորդութեանը մէջ, կը ճշդուէր, յայտնի, պայծառ, կը կենդանանար, ու Ֆուրթունան ամեն իրիկուն անով կ՚ապրէր ժամերով, ժամերով մինչեւ որ գինետունէն դուրս ընէին զինքը։

Այս արբեցութիւնը Ֆարիայի գանձը չէր միթէ այս ողորմելի մարդուն ձեռքը, ամենազօր կարողութիւնը որ վրէժները կը լուծէ, մարդոց ու դիպուածներու դէմ անխտիր։


ՄԵՂԱՅ ՏԷՐ

Ա

Առտուան ժամերգութիւնը նոր կ՚սկսէր, մթութեան մէջ կորսուած դեկտեմբերի առտու մը, ցուրտ ու խոնաւ. կոչնակը օդին ու բուքին մէջ կ՚արձակէր ԻՐ ընդհատուող վայիւնը, մինչդեռ թափուր եկեղեցին պանդուխտ քահանային ձայնովը կ՚արթննար, կը սարսռար ԻՐ քարակոփ պատերուն ու կամարներուն մէջ:

Տէրտէրը կ՚երկնցնէր ԻՐ աղօթքը, սպասելով բարեպաշտներուն որոնք չէին գար. վասն զի ով կուգար եկեղեցի, ձմեռ ու լուր օր մը, այս չլուսցող առտուանցով:

Քահանան շուրջառը ուսին ԻՐ ժամերգութիւնը կը շարունակէր.

— Տէր, զի բազում եղեն մեղք իմ եւ բազում անօրէնութիւնք իմ:

Խուլ ու տարտամ ձայնով մը որ տիրող կէս մթութեան կը յարմարէր, անտարբեր ԻՐ շուրջի միայնութեան, եւ անզգայ ձայնագրի մը պէս արտասանելով աղօթքին տուները. իրեն համար քսան տարուան սովորութիւն մը:

Յետոյ երկրորդ ստուեր մը տեսնուեցաւ ԻՐ քովը. լուսարարն էր, այս որմերուն պահապանը, անոնց պէս ամուր ԻՐ անտանելի պաշտօնին մէջ, սիրելով այս ստուերները, այս լքումը եւ կամարներէն կախուած, կամ սուրբերու պատկերներուն առջեւ հաստատուած կանթեղները, որոնք ԻՐ հիւանդագին զաւակներն էին գրեթէ, փութալով անոնց քով, մէկէն միւսին, անոնց շարունակ սպառելու մօտ կեանքը արծարծելով:

Քիչ քիչ մէկ երկու հոգի ալ երեւցան, ժամկոչը, յետոյ մուրացիկ ծերուկ մը ԻՐ փայտէ գաւազանին կռթնած. ու յետոյ երկու պանդուխտ որմնադիրներ, հազիւ քուներնուն արթնցած: Հիմա առտուն կը ճշդուէր. կանուխ գործի գացող բանուորներ կուգային խաչ մը հանելու դրան մօտ եւ յաջողութիւն խնդրելու. ժամուն սովորական աղօթողները ասոնք:


Բ

Սարաֆը ուշ եկաւ եկեղեցի այն առտու. Առաւօտ լուսոյին կէսին միայն հասաւ, ինք որ ամեն օր զայն ծայրէ ծայր ըսելուն կը պարծենար:

Դուրսը տիրող ցուրտին հակառակ, քրտնաթոր մտաւ ներս, ծանրաշարժ ու պարարտ մարմնին բեռան տակ շնչասպառ. երեսը խաչակնքեց, ծնրադրեց, ֆէսը վար առած, ցոյց տալով իւղոտ ու հերաթափ գանկ մը. յետոյ բարձրաձայն հառաչանք մը ելաւ կուրծքին խորէն, խորէն.

— Մեղայ Տէր:

Երբեք մեղայ բառը այսքան ստոյգ անձկութեամբ, այսքան անկեղծ ապաշաւի մը արտայայտութեան ձեւով լսուած չէր:

Դասին մէջ չոքած սարաֆին կլոր մարմինը, ծռած գլուխը, կիսափակ աչքերը, ողորմելի ու գթութեան արժանի պատկեր մը կը ձեւացնէին աստուածային զայրոյթին տրամադրութեան տակ դրուած. եւ ինք յանցանքին մեծութեանը չափ այսպէս անկեղծ զղջումի մը գալով միայն թողութիւն կ՚ակնկալէր կարծես, երբ հետզհետէ կը կրկնէր մարող, սպառող ձայնով մը, առանց քաշուելու զինքը լսողներէն.

— Մեղայ Տէր, մեղայ Տէր:

Յետոյ, թեթեւցած, ոտքի ելաւ ու ԻՐ հաստ ձայնը` տէրտէրին ձայնին միացաւ. ու լուռ եկեղեցին կ՚ապշէր, կը խռովէր` ունկնդրելով այս մարդուն:

Ինքը` ԻՐ տանը մէջ ըլլալ կը թուէր. դասը, գաւիթը, խորանը բոլորովին իրն էին անշուշտ. ինք կ՚ըսէր աղօթքը միայնակ, քահանայէն առաջ, բառերը հատիկ հատիկ, ամեն պարբերութեան նշանակութիւնն ու սրբութիւնը շեշտելով. պահ մը կը յոգնէր, շունչ առնելու կ՚ստիպուէր, ու վայրկեան մը վերջը նորէն կ՚սկսէր, ընդմիջելով քահանային անորոշ մրմունջը եւ ծուռ ծուռ նայելով անոր երեսը, երբ սխալ մը սպրդէր կամ վարանում մը տեսնէր նոր տուն մը սկսելու ատեն:

Վայրկեան մը նորէն կը մասնաւորուէր ԻՐ աղօթքը, անհամար ծնրադրութիւններու խառնուած, համբուրելով գետնի աղտն ու փոշին, ու լալագին եւ սրտաշարժ ձայնով մը վերադառնալով ԻՐ անձին.

— Մեղայ Տէր:

Գ

Մարտիրոս աղան այսպէս էր ամեն առտու, անպակաս եկեղեցիէն, ԻՐ ներկայութեամբը ապահովելով եկեղեցիին բոլոր ծէսն ու արարողութեանց կանոնաւորութիւնը, եւ ոչ մէկուն փախուստի ճամբայ չձգելով շարականներէն բառ մը պակաս կարդալու համար:

Քահանան այս աշխարհականին բարեպաշտութենէն կը դողար. քարոզիչն ու թաղական խորհուրդը կ՚ակնածէին իրմէ եւ գիւղացին կը մեծարէր այս հաւատացեալ աղան որ ԻՐ բոլոր հարստութեան հակառակ աղքատի մը պէս խոնարհ ու աստուածավախ կը թուէր:

Պոլիս, ԻՐ խանութին մէջ, Մարտիրոս աղա մեծազօր մարդ մըն էր: Հայր մայր չունէր, այլ հօրեղբայրներու ու հօրեղբօր որդիներու անհատնում շարք մը որոնք փոխն ի փոխ կու գային ԻՐ քով, սորվելու դրամ շահելու արհեստը, յաճախորդներու հետ վարուելու կերպերը, բայց գիշերները տունը սարաֆին հետ Եկեսցէի կենալը աչք առնելով: Այսպէս անոր մէյմէկ մանրանկարները կը դառնային, Աստուածասիրութիւնը Դրամասիրութեան հետ հաշտեցնելու գաղտնիքը գտնելով:

Բայց անոնցմէ ոչ մէկը աղային չափ հարստանալու հնարը կը տեսնէր:

Իրենց ժառանգական վաշխառուի բոլոր ճարտարութեամբը, ստակ փոխ տալու ձեւով աշխարհ կողոպտելու բոլոր խորամանկութեամբը, ոչ, այդ հարստութեան չէին կրցած տիրանալ, եւ ինքնիրեննին, երբ իրենց մեծաւորին քով կեղծաւորութիւն ընելէ ու սպասաւորի դիրք մը ունենալէ տաղտկացած բերաննին բանային, կը հասկցուէր որ իրենց խելացի ազգականը ինչպիսի դէպքերէ կրցած էր օգուտ քաղել:


Դ

Հայրենիքէն գբեթէ բոպիկ եկաւ Պոլիս, նիհար ու վատուժ պատանի որ խաներու, քարուկիր սենեակներու խոնաւութեան մէջ ծառայութեամբ հաւաքած հինգ հարիւր ղրուշով բացաւ ԻՐ սարաֆի տօլապը, ճշմարիտ «տօլապ» մը զոր մինչեւ այն օրը ոչ ոք իրեն չափ վարպետութեամբ դարձուցած էր: ԻՐ հայրենի քաղքին մէջ զոր Մարտիրոս մեր երկիրը կը կոչէր, տիրացութիւն ըրած ու ժամասիրութիւն ժառանգած էր ադկէ:

ԻՐ աղքատութեան, որբութեան բոլոր թշուառութիւնները տիրացուի զգեստը հագնելով կը մոռնար, եւ Աստուծոյ առջեւ, Աստուծոյ տան մէջ, ԻՐ անկեալ դիրքէն կը բարձրանար յանկարծ ուրիշներու հաւասար ըլլալու եւ ԻՐ ջերմեռանդութեամբը զանոնք գերազանցելու չափ: — Եւ ինչպէս չսիրէր եկեղեցին ուր ոչ հարուստ ըլլալու, ոչ բախտաւոր ըլլալու պէտք կար Աստուծոյ աչքին: Այսպէս երջանիկ ապրեցաւ քանի մը տարի. մտածեց որ երկինքին թագաւորութիւնը տնանկներու յատկացուած է ու մխիթարուեցաւ ԻՐ ներկայ չքաւորութենէն: — Բայց երբ տասնըութը տարին թեւակոխեց, բռնի Պոլիս ղրկեցին զինքը մարդ ըլլալու համար, իբրեւ թէ աղքատ ըլլալուն համար մարդ եղած չըլլար մինչեւ այդ ժամուն:

ԻՐ տաժանելի ուղեւորութեան միջոցին, յետոյ շոգենաւին մէջ եւ մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, ԻՐ համոզումները, սփոփանքները անբաւական մնացին:

Ոչ, այս մայրաքաղաքը երկրին չէր նմաներ բնաւ. Ակնայ տնակներուն երդիքը, գիւղացւոց շալվարը, կիներու աղտոտ լաչակը չտեսաւ հոս. նոր աշխարհ մը` նոր գաղափարներ արթնցուց. վայելքի պէտքը դրամի պէտքը ցուցուց: ԻՐ բարեպաշտութիւնը որ մինչեւ այն ատեն անշահասէր էր, պահանջող, ուզան բերան դարձաւ:

Մայր եկեղեցւոյ մէկ անկիւնին մէջ քաշուած` անհատնում աղօթքներու ու շարականներու քաղուածքով ստակ եւ դարձեալ ստակ ուզեց Աստուծմէ, եւ ԻՐ աշխատութեան փոխարէն առած չնչին գումարները որոնք զինքը կը շլացնէին, աստուածային պարգեւներ կը համարէր եւ ԻՐ աղօթքներուն վարձատրութիւնը:

Այսպէս ԻՐ առեւտուրը աստուածասիրութեան հետ խառնուած մնաց. այն բոլոր առիթները ուսկից դրամ շահելու կարելիութիւնը նշմարեց, ԻՐ օգտին համար Աստուծոյ կողմէ յատկապէս կարգադրուած նկատեց ու բան մը չհարցուց ալ ԻՐ խղճին: Աստուած ԻՐ ըրածը չէր գիտեր միթէ:


Ե

Անգամ մը միայն տարակուսեցաւ, վարանում մը զգաց: Անոր բարեպաշտ մարդու համբաւէն խաբուած, ԻՐ մահամերձ բարեկամներէն մէկը մեծ, շատ մեծ, ԻՐ չտեսածին չափ մեծ գումար մը աւանդ յանձնեց իրեն, մահուընէն վերջը այդ գումարը ազգին ու ԻՐ ազգականներուն մէջ բաժնելու խնդիրքով. Մարտիրոս աղա նախ չհաւատաց այս անակնկալ վստահութեան. հիւանդին անկողնին քով նստած, սենեակին դուռը գոց, նախ անդիմադրելի մարմաջ մը զգաց տեսնելով այդ գումարը զոր հիւանդը փոքրիկ սնտուկէ մը կը հանէր. յետոյ հիւանդը հոն խղդելու եւ ստակները յափշտակելով փախչելու գաղափար մը ունեցաւ, յիմարի գաղափար մը. բայց այս փորձութեանց դիմադրեց. ինչ հարկ անոնց. միթէ Աստուած ԻՐ դէմը հանած չէր այս հիւանդը. ու Աստուծոյ թողուց որ ԻՐ ուզածին պէս տնօրինէ ամեն բան: — Մարտիրոս աղա նախ դիմադրեց, չուզեց ընդունիլ այս աւանդը, ցած ձայնով, վախնալով, որ դրան մօտ սպասող մէկը չըլլար ու իմանար այս աւանդի խնդիրը. յետոյ քիչ քիչ տկարացաւ, աւանդին պայմանները հարցուց. նախ էն գլխաւորը, տոկոս պիտի տար. ոչ, ըսաւ հիւանդը, այն ատեն ալ անձնատուր եղաւ, ստացաւ աւանդը, եւ Աստուածաշունչէն հատուածներ բերաւ մահամերձին ազգասիրութիւնը գովելու համար:

Հիւանդը մեռաւ եւ յուղարկաւորներուն մէջ Մարտիրոս աղա ԻՐ արցունքներովը, անկեղծ ու անսահման կսկիծով մը ննջեցեալին ամենէն սրտակից բարեկամը համարուեցաւ:

Յուղարկաւորութեան տեւած բոլոր միջոցին ամբողջ ճամբուն երկայնութեամբը այս մեռած մտերիմին վրայ խօսեցաւ, անոր բարեմասնութիւնները, պարկեշտութիւնը գովեց, անոր կեանքէն մասնաւոր դէպքեր պատմեց եւ լացաւ, մինչդեռ ուրիշներ, դագաղին ընկերանալով հանդերձ, իրենց քամիալին, քօնէշիմէնթօին, բիացաին խօսքերը կ՚ընէին. Մարտիրոս աղա զայրացաւ ու իբրեւ թէ ինքը ըլլար այս անճահ խօսակցութիւնը ընող, կսկծալի ձայնով մը գոչեց.

— Մեղայ Տէր:

Մարդիկը լռեցին վայրկեան մը, քանի մը քայլ ալ ըրին լռութեամբ. յետոյ մէկը, պասմաի վաճառական մը, շարունակեց ԻՐ խօսքը.

— Աճէմներուն պէրաթները ձեռքէ հանելու է:


Զ

Մարտիրոս աղա անկէ վերջը ԻՐ բարերարը նկատեց ննջեցեալը. թող չտուաւ որ մէկը գէշ ըսէ անոր վրայ. միթէ այս մեծ հարստութիւնը անոր չէր պարտեր. ոչ, ապերախտ մարդ չէր. յետոյ այդ աւանդը իւրացնելու համար խորհեցաւ ամիսներով. նախ ըսաւ որ իրաւունք չունէր ուրիշին ինչքը գողնալու. վերջը ինքնիրեն հարցուց թէ ինչու Աստուած իրեն յանձնել տուաւ այդ աւանդը եւ ոչ ուրիշի մը. այս հարցումը ԻՐ տարակոյսները վանեց. Աստուած այս առիթը կը ներկայացնէր իրեն հարստանալու համար, եւ ինք` իբրեւ խելացի մարդ` առիթէն օգուտ կը քաղէր, մինչդեռ անխելք մը այդ բանը չպիտի մտածէր. այսպէս բացատրեց Աստուծոյ կամքը եւ ճշմարիտ գոհունակութեամբ մը աւելցուց.

— Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի:

Անդին` ննջեցեալին ազգականները կարօտութեան, չքաւորութեան մէջ կը մնային. անոր այրին Մարտիրոս աղային կը դիմէր պզտիկ օգնութիւն մը հայցելու համար, իբրեւ ԻՐ ամուսնին սրտակից բարեկամէն:

Մարտիրոս աղա չզլացաւ այդ օգնութիւնը, բայց այս դիմումը ԻՐ տարակոյսները նորէն արթնցուց. պահ մը խորհեցաւ որ ըրածը ճշմարիտ գողութիւն մըն էր. բայց որ մեղքը թողութիւն չստանար եթէ մարդս մեղայի գայ. ու այս յոյսով, սարաֆը թախանձագին ներում մը խնդրեց.

— Մեղայ Տէր:

Պահ մըն ալ ըսաւ որ ազգականներուն դրամը տայ բայց ազգին դրամը պահէ. ինչ է վերջապէս ազգին դրամը. չէ մի որ ուրիշ մը պիտի ուտէր:

Այս վարանումներով կը պահէր, այսինքն կը գործածէր ստակը որ ԻՐ ճարպիկ ձեռքերուն մէջ արդիւնաբեր կը դառնար, բարեբախտ դէպքերով կը կրկնապատկուէր, այնքան որ այս յաջողութիւնը ԻՐ գողութեան արդարացումը կ՚ըլլար եւ ԻՐ զղջման ընդունելի եղած ըլլալուն ապացոյց, զղջում մը զոր սովոր էր ալ յայտնելու ամեն առթիւ, խորունկ հաւատքի ձայնով մը.

— Մեղայ Տէր:


ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԸ

Ա

Ձեղունին ապակեայ լուսամուտէն նրբանցքներուն վրայ բացուող պզտիկ պատուհաններէն, առտուան լոյսը թատրոնէն ներս կը սպրդէր, — ցրտին ու դողահար լոյս մը, դուրսը տեղացող ձիւնին սպիտակ ցոլացումը գոգցես, որ սրահին շիկորակ լոյսերուն քով՝ կը տժգունէր, կը մարէր։

Ներսը կը պարէին, երաժշտութեան ոգեւոր շեշտերէն մղուած, յորձեռանդն ու տենդայոյզ, ուշադրութիւն չընելով այս կանխահաս առտուան, ու սրահին տաք ու աղմկալից մթնոլորտին մէջ երկարելով այս ձմեռ գիշերուան զբօսանքն ու հաճոյքը։

Երեսները ալ կը բացուէին. առջի զգուշութիւնը՝ սեւաթոյր կամ վարդերանգ մետաքսէ դիմակներուն հետ մէկդի կը նետէին ամենքը, այս պահուս մտերիմ դարձած իրարու։ Կէս գիշերէն ի վեր անընդհատ տեւող պարերուն յարուցած փոշին, այրերու սեւ զգեստներու ու ձիւնաթոյր փողկապներուն, կիներու արդուզարդին եւ նուրբ շպարին վրայ կը տեսնուէր։

Յոգնած, յուլացած, դեռ կը շարժէին, հանդարտելու մօտ եղող ծովի մը վերջին կոհակներուն պէս։ Քիչ քիչ, առտուան լոյսը կը զօրանար, անկիւններուն ու անցքերուն մէջէն մթութիւնը կը վանէր, ու սրահին մէջ կ՚սկսէր տարածուիլ՝ ԻՐ շլացուցիչ ճերմկութեամբը շեշտելով կազերուն դեղին ցոլքը։

Եւ ակամայ կը ձգէին պարասրահը. տակաւ առ տակաւ բազմութիւնը կը պակսէր. կը մեկնէին խումբ խումբ, դրան մօտ հաւաքուած, պատմուճակէն ետ առնելով ցուրտին դէմ պատսպարուելու համար բերած զգեստնին. զոյգ զոյգ, թեւ թեւի կ՚ելլէին դուրս, ձիւնին անբիծ ու միապաղաղ մակարդակը կոխոտելով կը հեռանային, այրերը իրենց վերարկուին օձիքը վեր առած, կիները դիպակէ մեկնոցներնուն մէջ փաթթուած, իրենց հետ տանելով երաժշտութեան եղանակներուն արձագանգը, մինչդեռ դրացի տուներու պատուհաններէն՝ կանուխ արթնցող հետաքրքիրներ թմթռկած աչուըներով կը դիտէին ձիւնին անշարժ ծածկոյթին վրայէն սահող այս ստուերները։

Քիչ մը վերջը ոչ ոք կը մնար պարողներէն. թատրոնին լոյսերը կը մարէին, եւ երաժիշտները իրենց կարգին կը մեկնէին, գործիքներնին լաթէ ծածկոցներու մէջ փաթթած թեւերնուն տակ, պարասրահը ԻՐ սովորական կէս-խաւարին ու լուռ անդորրութեանը յանձնելով։


Բ

Ինքը վերջին մեկնողներէն մեկն էր պարահանդէսին. ամայի ու անձայն փողոցին մէջ կը քալէր, երկար ու կոճկուած բալթօին տակ պահելով ԻՐ պարողի սեւ զգեստները, շապիկին բաց կուրծքը, որ հիմա այս լուր օրին ու ցրտագին առտուան չէր յարմարեր բնաւ։

Առջի գիշերուան լոյսերու փողփողումներէն, Օթեակներուն մերկ ուսերէն ու շպարուած դէմքերէն, սրահին խօսակցութեանց եւ երաժշտութեան ձայներուն թոհ ու բոհէն տարօրինակ խառնուրդ մը ԻՐ յոգնած երեւակայութեան մէջ կը մնար ու կ՚ընկերանար իրեն։

Ճամբուն վրայ հազուադէպ անցորդները կը դիտէին այս դալուկ դէմքը ու քնաշրջիկի քալուածքը. ինքը կը շարունակէր ճամբան, ուղիղ փողոցի մը մէջէն, սառոյցէ սահուն քարայատակին վրայ. տուն կը դառնար։

Եւ ամեն մէկ քայլափոխին՝ ոտքերին տակ ճմլուող ձիւնին միօրինակ խշրտուքը պարի եղանակներ կ՚արթնցնէր մտքին մէջ, վալսը՝ ԻՐ թախծալից բանաստեղծութեամբը, մազուրքան՝ ԻՐ ընդհատուած նուագներով։

Վաստակաբեկ ու դանդաղ քայլերուն հետ քաղուածք մը կ՚ընէր ԻՐ երեկոյթէն. եւ երաժշտութեան, պարի, գոյներու, ծանօթ ու անծանօթ դէմքերու մէջէն, կնոջ պատկեր մը միայն կը մնար, վէս, խռովիչ ու ամբարտաւան դէմք մը, որուն արհամարհոտ եւ բարձրաձայն ծիծաղը կը հնչէր ԻՐ ականջին մէջ, ԻՐ հոգւոյն խորը։

Առջի տեսնելուն կանգ առած էր այդ տիկնոջ քով որ պարահանդէսին մտերմական ու ընտանեկան ձեւին համար անշուշտ ԻՐ օթեակը ձգելով պարասրահը կ՚իջնէր, ձախ ձեռքովը հանգրիճած ԻՐ վարդագոյն բեհեզէ շրջազգեստը, ծանօթներու, մտերիմներու բաժնելով ԻՐ ժպիտը ու գլխու թեթեւ բարեւ մը։

Այդ վայրկեանէն չէր կրցած հեռանալ անոր քովերէն, ժամ մը ամբողջ լրտեսելով խօսակցութիւնը, շարժումը, ակնարկը, նախանձելով զայն բոլոր քովը մօտեցող մարդոցմէ, մեծ մասամբ տարիքոտ դրամատէրեր որոնց ալեւոր գլուխը երիտասարդ կնոջ սեւաթոյր մազերուն կը քսուէր։

Փոխն ի փոխ անոնց թեւն էր, սրահին շրջանը ընելով ու պարծենալով կարծես մեծ անձերու իրեն դէմ ցոյց տուած քծնող ու ցաւատանջ ցանկութեան համար։ Պահ մը ուշադրութեամբ դիտած էր զինքը, ԻՐ յամառ ու շրջապատող նայուածքին պատճառը հասկնալու համար. յետոյ դառնալով ԻՐ քովի անձին՝ ցոյց տուած էր զինքը. անունը կը հարցնէր թերեւս. ծանօթ մէկը չէր, ըսած էին։

Ու ինքը հեռուն անշարժ կը կենար, դիտելով անոր գեղաշնորհ հասակը ու լեցուն ուսերուն շրջագիծը որ երկուստեք մէջքը կ՚ամփոփէր, կը սեղմէր։

Այսպէս պիտի տեւէր մինչեւ լոյս, եթէ բարեկամ մը չհանդիպէր ու յանձնառու չըլլար այս տիկնոջ մօտ առաջնորդելու զինքը։ Դպրոցական դասընկեր մըն էր ատենով, հիմա կարեւոր դիրքի տէր երիտասարդ վաճառական մը, քօմիսէրի ժապաւէնը կուրծքին, որ ամենքը կը ճանչնար այստեղ եւ յարմար ու պատշաճ խօսքով մը ներկայացուց զինքը.

— Տիկին, տաղանդաւոր բանաստեղծ մը, Յակոբ Դաւիթեան, գիտեմ որ բանաստեղծութիւնները կը սիրէք եւ համարձակեցայ ձեր մօտ բերել զինքը։

Ու երիտասարդին դառնալով՝

— Տիկին Յովսէփեան։

Տիկինը դիտեց զինքը՝ ուշադիր ու հետաքրքիր՝ ոտքէն մինչեւ գլուխը, փողկապը, կօշիկները, ձեռնոցը, սթամպուլինը, որոնք բանաստեղծի մը համար, բաւական շնորհքով թուեցան։ Միւսը թողուց զիրենք։

Իրենց խօսակցութիւնը պարահանդէսի սովորական բանաձեւով սկսաւ։

— Աղէկ բազմութիւն կայ այս գիշեր։

— Այո, Տիկին։

Երջանկութեան սրտադողին մէջ չկրցաւ բառ մը աւելցնել, վախնալով որ ապուշ խօսքով մը ԻՐ բանաստեղծի ենթադրեալ նրբամտութիւնը ի դերեւ չհանէ։

Լռութիւնը կը շարունակէր ու ծաղրելի կը դառնար։

Տիկին Յովսէփեան սկսաւ նորէն.

— Գիւղը կը նստիք։

— Ոչ, տիկին, Բերա կը բնակիմ։

Կը թոթովէր. անիմաստ խօսքեր պիտի ըսէր անշուշտ։

— Լսած եմ ձեր անունը, աւելցուց վարանելով, իբրեւ թէ խոստովանութիւն մը ընէր, ձեր գրութիւնները միշտ կը կարդամ ու միշտ հաճոյքով։

Երիտասարդը ԻՐ գրագէտի ամենէն դիւրազգաց թելին մէջ արթնցաւ։

— Իմ գրութիւններս ինձմէ երջանիկ են ուրեմն։

Այս քօնբլիմանը առաջինն էր զոր ըրաւ սրտատրոփ ու դողդոջուն, աղէկ մը չգիտնալով թէ տեղն էր արդեօք։

Բօլքա մը կը զարնէր երաժշտութիւնը. պարի հրաւիրեց ու պարեցին. թոյլ, յոգնած կը թուէր ԻՐ ընկերուհին. մարմնեղ կին մըն էր ու երիտասարդը կ՚զգար ԻՐ սրտին վրայ անոր ինքնամատոյց լանջերուն յարոյցքը. յետոյ պարի շրջաններէն, սրահին տաք օդէն ու իրեն յենող մարմնին այս ջերմութենէն գլուխը դարձած, մոռցաւ որ հազիւ կէս ժամէ ի վեր կը ճանչնար այս կինը. յանկարծ ԻՐ յանդուգն ու ձեռնարկող իղձերուն բոլոր սաստկութեամբը շրջապատեց այս մարմինը. չբողոքեց. բօլքան՝ վերջանալու մօտ՝ ալ աւելի կը շտապէր հիմա, ԻՐ ուժգին նուագներովը, եւ կը դառնային ջահերուն ցոլացումներուն մէջ, գրեթէ չդպչելով գետնի տախտակամածին, եթերային պար մը. ընկերուհին ԻՐ լռութիւնը կը պահէր. բայց երկար արտեւանունքին տակէն ակնարկը կը խօսղէ յստակ ու պայծառ, ակնարկ մը որուն մէջ կը դնէր ԻՐ անձնատուր ու հաճոյքէ նուաղելու պատրաստ ոգին։

Երաժշտութիւնը դադրեցաւ, ու ստիպուած կանգ առին ալ, հազիւ կարենալով ուղիղ կենալ ոտքի վրայ. Տիկին Յովսէփեան իրեն կը յենուր բոլորովին վաստակաբեկ ու մեղկացած, իբրեւ թէ այս պարին հեշտութեամբը խորտակուած ըլլար. եւ ԻՐ թեւովը կը սեղմէր երիտասարդին բազուկը, այս պարով վայելած հաճոյքներուն իբրեւ մէկ մնացորդը եւ ԻՐ տարփոտ կնոջ հպումովը սփոփելով անոր սիրատենչ պահանջումները։

Յետոյ ուրիշ երիտասարդներ հրաւիրեցին զինքը, ու Դաւիթեան հեռուէն, պարողներու ու դիմակաւորներու բազմութեան մէջ, շարունակեց դիտել զինքը եւ զարմացաւ որ ուրիշներու հետ պարած ատենն ալ միեւնոյն սիրահալ նուաղումներով, մարմնի միեւնոյն ընծայումներով կը վարուէր։



Առտուն, փողոցին մէջ, այս էր դեռ ԻՐ միտքը զբաղեցնող պատկերը որ հիմա յետադարձ նախանձով մը սիրտը կը կեղեքէր, մինչդեռ ձիւնը կը շարունակէր գալ գորշ ու ամպամած երկինքէն, դանդաղ, վարանոտ, ծայրանաձեւ գիծերով. եւ երկինքի այս ձիւնաթոյր սպիտակութիւնը սիրայօժար կուգար տարածուելու հողին վրայ եւ ԻՐ սպիտակ կուրծքը յանձնելու անցորդի մը գարշապարին. ոչ ցեխը եւ ոչ աղտը չէր կեցներ զինքը. ու հաճոյք կ՚զգար կարծես այսպէս ոտքերու տակ տղմաթաթաւ հեծեծելուն ու ճզմուելուն մէջ։


Գ


Ուսուցիչ ու բանաստեղծ էր միանգամայն, գաւառացի նիհար ու վատառողջ տղայ մը, այս Դաւիթեանը, որ կասկածոտ, յամառ ու խնայող մարդու կենցաղովը ԻՐ դրսեցիի ծագումը կը պահէր։

Բերա, Գալիօնճու-Գուլլուքի տուներէն մէկուն մէջ, ուր իրեն պէս դեռ քանի մը ամուրի երիտասարդներ կը բնակէին, սենեակ մը վարձած էր, ԻՐ բոլոր տունն ու տեղը. եւ ԻՐ մայրենի լեզուի դասախօսութիւններէն զզուած, քերականութեան կանոնները հազարերորդ անգամ աւանդելէ ձանձրացած, գրգռուած, յուսահատ, կը դառնար ԻՐ սենեակը ու ԻՐ հաւաքած փոքրիկ դրամագլխովը ուրիշ գործ մը փնտռելու, ապագայ մը պատրաստելու մտադիր. այս ակնկալութեամբ, առանձին մնացած ժամերուն, քերթուածներ գրելով կ՚անցընէր ատենը։

Բերան կը սիրէր՝ ԻՐ մարդաշատ տուներուն, Մեծ Փողոցին, քարուկիր ու բազմայարկ շէնքերուն, աղմկալից կեանքին համար. այս բազմութենէն ու ժխորէն կ՚ախորժէր. ու իրիկունները ԻՐ սովորութիւնն էր, ելլել դուրս, եղէգնեայ փոքրիկ գաւազանը ձեռքը, ԻՐ բանաստեղծի լայն ճակատը բացած, Կալաթա Սէրայէն մինչեւ Թաքսիմ շրջան մը ընելու, ման գալու, ինչպէս կ՚ըսէր ինք, ու կիներու այս մեծ շուկային տեսքը, այս վաճառիկ հրապոյրները վայելելու։

Այս հարուստ արուարձանը հազար ներշնչումներով լեցուն էր ԻՐ աչքին. եւ կ՚ուսումնասիրէր զայն ԻՐ դուրսի զուարճութեան երեւոյթին տակ եւ ներսի մոլութեան ու ապականութեան սարսուռներուն մէջ։

Օր մը, յանկարծ, հրատարակութեան տուաւ ԻՐ քերթուածները. ԻՐ Վերջալոյսի ցոլքերը նորութիւն մըն էր. ոչ ծաղկի խօսք կար հոն, ոչ արեւի ու ոչ սոխակի. այս ցոլքերու լոյսովը ինքը ցոյց կուտար մեծ քաղաքի մը ստուերամած փողոցները, այդտեղի կեանքը ԻՐ յարափոփոխ միօրինակութեան մէջ։ Բնապաշտ քերթող մը եղաւ ու յաջողեցաւ. հայ տիկինները որոնք գրականութեամբ կ՚զբաղէին, հետաքրքրուեցան, տեսնել ուզեցին զինքը, մինչդեռ ԻՐ դասախօսած դպրոցներու պասմաճի հոգաբարձուները յանդիմանեցին զինքը։

— Միւսիւ Դաւիթեան, ձեր գրութիւնները բարոյականի դէմ են. թող որ բան մը չի հասկցուիր այդ քերթուածներէն։

— Հակասութեան մէջ էք, էֆէնտի, թէ որ բան մը չի հասկցուիր այդ գիրքէն, ինչպէս գիտցաք որ բարոյականի դէմ էր։

Հոգաբարձուն պզտիկ մնաց. բայց յաջորդ դասին աւանդական ու մահաբոյր բանաձեւը հասաւ իրեն.

— Դադարեալ էք։

Դադարեալ. դասատուները գիտեն միայն այս անցեալ դերբային ահարկու նշանակութիւնը. այս բառը կը նշանակէ նախ որ ամսական թոշակէ մը զրկուած են, եւ մինչեւ որ նոր գործ մը գտնեն պէտք է ալ աւելի չափաւորեն իրենց արդէն խնայող կեանքը. յետոյ այս բառը ԻՐ պատճառներուն մէջ կը նշանակէ որ դասատուն յարգական կերպով չէ բարեւած Հոգաբարձուն՝ փողոցը հանդիպած ատեն, բէշը բէշին, տասնեակ մատները իրարու կցած, ճշդելով անցորդներուն առջեւ ԻՐ ակնկալու դիրքը եւ սպասելով որ նախ միւսը բարեւէ բարձրաձայն.

— Ինչպէս ես, Պ. Դաւիթեան։

Եւ շարունակէ ճամբան առանց պատասխանի սպասելու։

Բանաստեղծը այս քրէական յանցանքներով արդէն նշանակուած էր հոգաբարձութեան մտքին մէջ. Մեծ Փողոցին մէջ անոր գաւազանը ճօճելով անցուդարձը, զիրենք չտեսնելու զարնելը, երբեմն մտերմաբար քովերնին մօտենալ ու խօսիլը, այս անբարոյական քերթուածներուն լոյս տեսնելուն միանալով, շատ իսկ էին դադարման այդ որոշումը արդարացնելու։

Ինքը, ճշմարիտ դրսեցի, յամառ ու ամբարտաւան ԻՐ անկման մէջ, պարզապէս ծիծաղեցաւ լսելով այս որոշումը, զոր կառավարիչը կը հաղորդէր իրեն։

— Խայտառակներ, գոչեց բարձրաձայն։

Մինչդեռ կառավարիչը ԻՐ ականջը կը գոցէր չլսելու համար այս անլուր հայհոյութիւնը ու ԻՐ ներկայութեամբը մեղսակից չդառնալու համար։

Հիմա դաս տալէ տարբեր հոգ ու մտածում ունէր երիտասարդը. ուրիշ ատեն ԻՐ դրամ շահելու հետամուտ ոգին պիտի զայրանար. այս վայրկեանիս գրեթէ նախախնամական բան մը եղաւ այդ դադարումը, որ միջոց կը թողուր իրեն ծոյլ ու երազող բանաստեղծի անուրջներու։

Դ

Վերջապէս միջոց մը գտած էր երթալու Յովսէփեաններուն տունը, Տիկնոջ չորեքշաբթի օրուան երեկոյթներուն, որոնց սովորական հիւրերը զարմացած կը նայէին այս նորեկին երեսն ի վեր։

Այս տանը մէջ երիտասարդը ուսուցիչէ աւելի բանաստեղծ մըն էր. եւ բանաստեղծէ աւելի՝ ոսկեհեր մազերով, խանդավառ խօսուածքով տղայ մը որ ԻՐ սիրահարի ձեւերը չէր գիտեր ծածկել նախանձոտ աչքերէ։

— Վարժապետ մը, կ՚ըսէին տիկնոջ մտերիմները։

— Ինչ փոյթ, կը բաւէ որ սիրուն տղայ մըն է։

Տիկին Յովսէփեան, իրեն շուրջը դարձող պէյերէն ու էֆէնտիներէն ձանձրացած կը թուէր ու նոր պատմութիւն մը կ՚սկսէր։ Ապաքէն միշտ սիրած էր նոր պատմութիւնները։ Համբաւաւոր ընտանիքի մը կը պատկանէր, վերջերս ինկած՝ բայց պահող միշտ ճոխ ու փարթամ կեանքի վարժութիւնը։

Իրենց հաստատութեան սպառելուն հետ ԻՐ ամուսնութեան համար երազած փառատենչ ակնկալութիւնները պակսած էին. դեսպան մը, պետական բարձր պաշտօնեայ մը փափաքած էր ամուսին ունենալ. յետոյ առաջին քարտուղարով մը պիտի գոհանար. վերջ ի վերջոյ Յովսէփեան Պօղոս էֆէնտիին հետ ամուսնացած էր, հարուստ երիտասարդ մը, հօրը մէկ հատիկ որդին որ աֆիօնի ու բամպակի առեւտուրով կ՚զբաղէր. մեծ դժուարութիւններ քաշեց համակերպելու համար ԻՐ նոր դիրքին. վաճառականը ԻՐ հաշուի, տետրակի, աֆիօնի խօսակցութեամբը, ԻՐ մաղազայի մարդու կենցաղովը գռեհիկ ու ստորին երեւոյթ մը ունէր. առջի օրէն՝ փեսացուին մեկնելէն վերջը՝ ԻՐ տպաւորութիւնը չէր ծածկած բնաւ։

— Ուսկից գտաք այս այվազը։

Վերջը համոզուեցաւ. բարեկամուհիներ խրատեր էին զինքը։

— Հոգդ, թող այվազ ըլլայ, դուն նորէն սիրտիդ սիրածը գտիր։

Ամուսնացաւ ու այս հարսնիքը երկար ատեն խօսուեցաւ Պոլսոյ մէջ. մինակ առտուան սուբէին երկու հարիւր ոսկի ծախսուած էր։ Յետոյ զատ տուն տեղ ըլլալ հարկ եղաւ. Բերա բնակիլ կ՚ուզէր. ԻՐ խօսքը եղաւ։ Միսք փողոցը տարին 120 ոսկի վարձքով տուն մը վարձեցին ու կահաւորեցին. հարսը ԻՐ եւրոպական կրթութեան համեմատ ապրելու եղանակ մը հաստատեց. իրեն յատուկ սրահ, սենեակ ու ննջասենեակ ունէր, զորս ԻՐ ճաշակով զարդարած էր բլիւշի, աթլասի կերպասներով, ուր լոյսը կ՚արգիլուէր երիցս վարագուրեալ պատուհաններէն։

Վաճառականը բան մը չէր հասկնար այս անօգուտ շռայլութենէն, պատերուն, աթոռակներու վրայ դրուած Չինի ու Հնդկաչինի հազար մանրակերտ նիւթերէն որոնց ոսկեզօծ նկարները այս մութ սենեակներուն մէջ կը փայլէին. նուիրական տեղ մը մտնելու պէս կուգար հոս, ուր ոտք կոխելու տեղ չկար, եւ ուր մթնոլորտը հարսին գործածած էքսթռէներուն բուրումովը թանձրացած էր, մինչդեռ պատերը ու տախտակամածը ծածկող օթոցները ամեն ձայն ու աղմուկ կը խեղդէին։

Յետոյ երեկոյթներու եւ ընդունելութեանց շարքը սկսաւ. ամեն կողմէ կը հրաւիրուէին իրենք եւ պարտաւոր էին հրաւիրելու. էրիկը, հլու եւ հնազանդ, չէր կրնար դիմադրել. իրենց դիրքը կը պահանջէր, եւ տարին երեք չորս հեղ Տիկին Յովսէփեան Բերայի հայ եւ օտարազգի մեծ ընտանիքները ԻՐ տունը կը հաւաքէր՝ ճշմարիտ պարահանդէսներ տալով։

Կ՚զբօսնուր, թողլով որ ամեն տեղ էրիկը ԻՐ բամպակի, աֆիօնի արտադրութեան, մաքսի, պալեաի խնդիրները պտտցնէ ուզածին պէս։

Ամառը Բրինքիբօ կ՚երթային օդափոխութեան. չէին կրնար էսնաֆի պէս ամբողջ տարին միեւնոյն տունը բնակիլ. հոն ալ հիւրերը պակաս չէին եւ այս կեանքը կը շարունակուէր, ապահով ու ստոյգ կործանման առաջնորդելով ԻՐ էրիկը. ինքը այդ անդունդին կը նայէր անտարբեր, գրեթէ հաճոյքով, հետաքրքիր՝ հասկնալու համար անոր հետեւութիւնները։

Չորս տարուան ընթացքի մը մէջ բոլորովին զզուած էրկանը առեւտրական խօսակցութենէն, հետզհետէ կը զղջար ԻՐ ամուսնութեան վրայ որ շղթայակապ դատապարտութիւն մը կը դառնար, ու հազար անգամ պատրաստ էր փոխելու այս աֆիօնով խառնուած հարստութիւնը, սրտի մօտ մարդու մը բարեկամութեանը հետ։

Ոչ կիրք եւ ոչ ցանկութիւն ունէր ԻՐ ամուսինը եւ կինը ԻՐ տենդաբորբ հիւծումներովը կ՚սպառէր, կը հիւանդանար. բժիշկը՝ գաղտնապահ ու շնորհալի տօքթօր մը՝ կուգար եթէ ոչ առողջացնելու, գէթ սփոփելու համար հիւանդը. Տիկին Յովսէփեան ԻՐ քնատութենէն կը գանգատէր. բժիշկը կը զարմանար. այսչափ աֆիօնի մօտ մարդու մը կինը քնատութենէ գանգատէր եւ ԻՐ քլօռալներուն պէտք ունենար։

Ճշմարիտ էր սակայն որ Տիկին Յովսէփեան շատ գիշեր կը լուսցնէր, տենդոտ ու երազամոլ. եւ առտուն՝ գեղեցիկ աչքերուն կտրած կոպէն, տժգունած երեսէն գիշերուան տագնապները կը կարդացուէին դէմքին վրայ։

ԻՐ դժգոհութիւնը էրկանը դէմ կը դառնար եւ կը զայրանար այն օրինաւոր հարստութեան դէմ զոր անոր երեսէն կը վայելէր ու յիմարական կարգադրութիւններ կ՚ընէր մտքովը, ԻՐ էրկանը կործանման ակնդէտ սպասելով։

ԻՐ արդուզարդերը կը մտադրէր պատրաստել ԻՐ մտերիմներուն ընծաներէն. հագուստը բոլոր յարաբերութեանցը ամփոփումը պիտի ըլլար, տեսակ մը քառնէ ուր ամեն ոք ԻՐ անունը պիտի արձանագրէր։

Եւ ոչ ոք կար ԻՐ մօտը խրատելու համար զինքը եւ դարմանելու ԻՐ հիւանդ հոգին։

Այդ միջոցին աֆիօնի գիները մեծ անկում մը ունեցեր էին եւ ահագին քանակութեամբ ապրանք կար էրկանը ձեռքը, որ հիմա շուարած ապշած կը մնար այս մեծ կորուստներուն վրայ, զորս դարմանելու անկարող կ՚զգար ինքզինքը։

Կինը, քինախնդիր ու ոխերիմ ԻՐ ատելութեանը մէջ, կը յանդիմանէր անոր ապիկար ձեռնարկութիւնները։

— Հօրդ հարստութիւնը ստակ չըներ, էրիկ մարդ ըսածդ ինքը վաստկելու է, դուն կորսնցնելէ ուրիշ բան ըրած չունիս։

Ստոյգ էր. երեք տարուան միջոցի մը մէջ՝ ԻՐ դրամագլխին կէսը կորսնցուցած էր այս թմրեցուցիչ դեղին վրայ կատարած շահադիտութենէն. էրիկը ԻՐ յանցանքը կը խոստովանէր, մեղմիւ, քիթին տակէն.

— Սա աֆիօնը…

— Օխ, տասն անգամ ըսի քեզի, դուն գործի մարդ չես. ես քեզմէ տասն անգամ աղէկ եմ, ուզածիս չափ դրամ կրնամ շահիլ։

Չէր բացատրեր ինչ կերպով. բայց էրիկը կը հաւատար, ու կինը յաղթական ոտքի կ՚ելլէր, կարմրած, գունագեղ ու պաշտելի ԻՐ ոխակալ ամբարտաւանութեանը մէջ. միւսը ինքզինքը պաշտպանել կը ջանար լուրջ ձեւ մը առնել ուզելով.

— Կ՚աղաչեմ Նարդիկ։

Կնոջը քրքիջը ԻՐ ձայնը կը խափանէր. խնդալէն կը մարէր էրկանը ապշած ձեւերը ու անիմաստ խօսքերը կրկնելով, ճարտարութեամբ ձայնը նմանցնելով խորէն, անդունդէն եկող խուլ, սնանկանալու մօտ վաճառականի մը ձայնը.

— Կ՚աղաչեմ Նարդիկ…

Ու վայրկեան մը վերջը կ՚աւելցնէր արգահատութեամբ դիտելով զինքը.

— Բէք շիրին ես։


Ե

ԻՐ թեկնածուներուն մէջ զարտուղութիւն մը եղաւ բանաստեղծը ԻՐ առատ ու դպրոցականի մը երկուքի ճեղքուած, սանտրուած մազերովը։ Երիտասարդը ԻՐ իտէալի հակամէտ տրամադրութեամբը բոլորովին վերացական հեշտութեամբ մը կը համակուէր ԻՐ քովը. եւ այս դրական կինը երազացնոր հրեշտակի մը կերպերը կ՚զգենուր. ԻՐ սրահին մէջ անկիւն մը, գլուխ գլխի, անոր ուսին վրայ հակելով ԻՐ ժպտուն դէմքը, կարմիր լուսագելին տակէն արձակուող մեղմ նշոյլներուն մէջ, Տիկին Յովսէփեան բանաստեղծին կ՚ունկնդրէր։

Անդին կը փսփսային հիւրերը, դժգոհ այս բացառիկ շնորհէն զոր նորեկը կը վայելէր, բայց կ՚ստիպուէին տեղի տալ, գիտնալով որ տիկնոջ այս հովուերգութիւնը չէր կրնար շարունակիլ։

Յետոյ այս ուսուցիչ սիրահարին անունը կը տարածուէր բերնէ բերան, տունէ տուն. կը քննադատէին, կը գովէին, կը խնդային. ինչ բաղդաւոր էր այս երգիչը ԻՐ քնացուցիչ քերթուածներովը. յայտնի էր որ Տիկին Յովսէփեանին ճակատագիրն էր թմրեցուցիչներու մէջ տարուբերիլը. այս դիտողութիւնը կը ծափահարուէր այն տուներուն մէջ որոնց տիրուհիները չէին երբեք հանդուրժեր անոր գերազանցութեանը։

Նարդիկ թող կուտար որ ըսէին. ներքին գոհունակութիւն մը կ՚ունենար լսելով ԻՐ հանած աղմուկին արձագանգը. այո, բանաստեղծ մը կը սիրէր որ գեղեցիկ երիտասարդ մը ըլլալու առաւելութիւնը ունէր. ճշմարիտ ու անկեղծ սէր մը փնտռած ու գտած էր։

Երիտասարդը միայն շուարած կը մնար ԻՐ անակնկալ յաջողութեան առջեւ. ԻՐ ձեռքն էր ամեն գոհացում ստանալ. զօրապետներ կան որոնք իրենց տարած յաղթութեան օգուտը քաղել չեն գիտեր, ուսուցիչը անոնցմէ էր։

Երջանիկ էր հիմա Տիկին Յովսէփեանի սրահին մէջ. այս ճոխութիւնը, փակ վարագոյրները, աթոռներու կակուղ կերպասը, ամեն ինչ մեղկութեան ու երանութեան կոչում կ՚ընէին իրեն. եւ այս ամենուն մէջ հեշտաբոյր հոտ մը, տիրուհիին հոտը կուգար ԻՐ ատեն ատեն սպասելու համար անցուցած ժամանակը մոռցնելու. յետոյ դռնէն կ՚երեւար Տիկինը՝ միշտ թարմ, միշտ նոր հրապոյրով. դերերը կը փոխուէին. ուսուցիչը աշակերտ կը դառնար։ Ու յանկարծ քմահաճոյք մը կ՚ունենար, երիտասարդը ԻՐ ճաշակովը հագուեցնելու կ՚ելլէր, հրահանգներ կուտար զգեստներուն համար, փողկապի ու շապիկի համար Քէօնի վաճառատունը կը յանձնարարէր, եւ ութ օր վերջը երիտասարդը կուգար ԻՐ նոր հագուստներով, զորս վայելչապէս կը կրէր, եւ որոնց համար, ատենով Քռէտի Լիօնէի քով ձգած ստակէն՝ շունչ ու կեանք սպասելով հաւաքած դրամէն՝ մաս մը ետ առնելու ստիպուած էր։

Երբեմն Տիկինը թատրոն կ՚երթար եւ կը փափաքէր որ հոն գտնուէր ինքն ալ. կը հնազանդէր. ու այսպէս քիչ քիչ կը պարտաւորուէր յանձնառու ըլլալ այն անվերջ ծախքերուն որոնք այս կերպ կեանքի մը պէտք են. ԻՐ գաւառացիի խնայող սովորութիւնը կը բողոքէր այս ընթացքին դէմ. դրամի ու կնոջ սէրը կը մաքառէին ԻՐ մտքին մէջ. կամաց կամաց թողած էր ԻՐ բոլոր դասերը. սիրոյ ժամադրութիւններուն պատճառաւ ոչ մէկ տեղ կրցած էր կանոնաւորապէս շարունակել ԻՐ պաշտօնը. հոգը չէր. Տիկին Յովսէփեանի մէկ ժպիտը. մէկ ձեռքի սեղմումը կը փոխարինէր այս կորուստը. բայց Քռէտի Լիօնէի ստակը կը հատնէր ծաղկեփունջերու ու պզտիկ նուէրներու յատկանալով, վասն զի հիմա գիտէր այս աշխարհիկ սովորութիւնները. միայն թէ այս ամենուն եզրակացութիւնը կ՚ուշանար եւ Տիկին Յովսէփեան կը ձանձրանար։

Զ

Սիրոյ համար ձանձրոյթէ աւելի մահացու բան չկայ. Տիկին Յովսէփեան յուսաց, սպասեց, բայց վերջապէս ձանձրացաւ, մինչդեռ երիտասարդը ԻՐ սիրոյ մոլեգին ու անյագուրդ ցանկութեամբ կը տառապէր. երբեք պատշաճ առիթ մը չկրցաւ գտնել ոչ իսկ համբոյր մը առնելու այն սիրատենչ շրթունքներէն։

Յետոյ ստակի նեղութիւնը՝ ԻՐ հեռաւորութիւնը ու ստորնութիւնը եկաւ յիշեցնել. այս վիհը, անյատակ ու ահարկու, երեւցաւ ԻՐ սարսափած աչքին. հիմա ալ ոչ դաս կար եւ ոչ ստակ. շաբաթ մը առաջ ԻՐ վերջին դրամը առած էր պանքայէն. պարտքեր ըրած էր, ինքը որ ամեն ամիս տասը փարա պարտական մնալ չէր գիտեր. ուր գացեր էին ԻՐ դրամները. սենեակին մէջ ձեռնոցներու տուփը աչքին դպաւ՝ գոյնզգոյն հաւաքածոյով. ու ԻՐ գաւառացիի լուրջ միտքը արթնցաւ։ Չհամարձակեցաւ ապագայի վրայ խորհիլ. իրեն սփոփանք մը կը մնար, Տիկին Յովսէփեանը՝ ԻՐ անձնուէր ու հաւատարիմ կնոջ սիրովը. եւ սակայն, ԻՐ անկման եւ աղքատութեան մէջ, ալ չպիտի կարենար ներկայանալ անոր տունը, եւ հեռուէն միայն, ուրիշներու հետ պտըտած, ժպտած ատեն պիտի կարենար տեսնել Նարդիկը, ինչպէս պարահանդէսի գիշերը դիտած էր անկիւն մը քաշուած։

Այս մտածումներուն մէջ ԻՐ աղքատիկ սենեակը չարաշուք գոյն մը ստացաւ, անձնասպանութեան գաղափարը փայլակի մը պէս անցաւ ԻՐ մտքին մէջէն։

Այն գիշեր դուրս չելաւ ԻՐ սովորութեանը հակառակ ու մինակը ԻՐ կեանքին հաշիւը փնտռեց. գաւառը, Պոլիս գալը, պանդուխտ դպրոցականի կեանքը, դասատուի նուաստ անցեալը, բոլորը ողբալի պատկեր մը կը կազմէին, եւ այս ամենուն վրայ արեւ մը կը ծագէր լուսաւոր, պայծառ, կնոջ մը ակնարկը որ ԻՐ բոլոր թշուառութիւնները համակրելի կը դարձնէր. կէս գիշեր էր. հագուեցաւ առանց գիտնալու ինչ ընելիքը, դուրս ելաւ, փողոցը, որ կողմ երթալիքը չգիտնալով։ Մեծ Փողոցին մէջ ուշադրութեան արժանի բան մը չգտաւ, եւ գիշերը՝ մութին կը թափառէր աննպատակ, երբ յանկարծ ծանօթ տան մը առջեւ տեսաւ ինքզինքը. Յովսէփեաններու տունն էր, լոյս կար, բազմութիւն կար, խնդալու ձայները մինչեւ փողոց կը հասնէին։

Է


Միացեալ Ընկերութեանց Տնօրէն Խորհուրդին կ՚անդամակցէի. կարող պաշտօնեաներ կը փնտռէինք մեր լուսաւորութեան գործին ծառայելու, անձնազոհ ու համեստ մարդեր որոնք իրենց միտքն ու հոգին նուիրեն առանց աղմուկի, պարտականութիւն մը միայն կատարող մարդոց պէս. կը փնտռէինք ու չէինք գտնէր։

Երիտասարդ մը ներկայացաւ մեր ժողովին. Դաւիթեանն էր։

Պաշտօն խնդրելու կուգար Ընկերութեան վարժարաններուն մէջ. ԻՐ վրդոված դէմքէն կրած տառապանքը կը հասկցուէր. նիհարցեր, աչքերը հորը ինկեր էին. յանձնարարեցի զինքը ու յարմար պաշտօն մը փնտռեցինք. Ալաշկերտի վարժարանին տնօրէնութիւնը բաց էր. ընդունեց, աղաչելով միայն որ կարելի եղածին շուտով ճամբայ ելլէ։

Ժողովէն վերջը առանձին տեսնուեցայ հետը. ԻՐ կսկծալի պատմութիւնը ըրաւ ինծի. կորսնցուցած դիրքը, երկու հարիւր ոսկիի չափ դրամին հատնիլը, չքաւորութիւնը աչքի առջեւ, եւ սրտին մէջ այս յաւէտ սիրեցեալ կնոջ պատկերը։

Վերջերը ալ սկսեր էր ԻՐ երեսը չնայիլ. ուրիշներ, աւելի փորձ ու ճարտար սիրոյ արուեստին մէջ, վայելած էին զայն եւ ինքը ԻՐ չքաւոր բանաստեղծի սիրոյն ու պարկեշտութեանը մէջ մոռցուած էր։

Տիկին Յովսէփեան Բերայի ամենէն ըղձալի կինը կը մնար. իրեն անգամ մը մօտեցողները տարփանքով ախտացեալ ու վարակեալ կը հեռանային։

Ապաքէն ոչ ոք ԻՐ հրապոյրներուն մենաշնորհը ունէր. ամենունը ըլլալ կը բաղձար այս կինը քանի որ ԻՐ էրկանը չէր. նոր անկում մը ԻՐ տարփանքին վայելքը ու սաստկութիւնը կ՚աւելցնէր։

Շաբաթ օրը աւստրիական թղթատարը կը մեկնէր եւ ուսուցիչը նոյն օրը ճամբայ ելլել որոշած էր. խոստացեր էի ուղեկից երթալ իրեն մինչեւ շոգենաւ ու խոստումս պահեցի։

Իրիկուան ժամը իննին մեկնեցանք ընկերութեան գրասենեակէն. բեռնակիր մը առջեւնուս կը տանէր ուղեւորին համեստ սնտուկը. ձիւնը կը տեղար հանդարտ օդով մը ու ծուլութեամբ կը տարածուէր, կը փռուէր ցեխոտ մայթերուն վրայ. ամեն անձ ու ամեն տարիք կը կոխէր կ՚անցնէր անոր կաթնաթոյր երեսին վրայէն, հոն թողլով ԻՐ գարշապարին աղտոտ դրոշմը. ձիւնը կուգար կը հանգչէր, երջանիկ այս կոխոտումներուն տակ։

Բաղդատութիւն մը եկաւ միտքս այս կնոջ եւ այս ձիւնին միջեւ. ապաքէն երկուքն ալ միեւնոյն ճակատագիրը ունէին։

Մաքսատան մէջ ճամբորդները կը լեցուէին անհամբեր, հակերու, սնտուկներու, ծրարներու մէջերէն քալելով։ Քարափին վրայ, այս եզերքէն ուրկէ ուղեւորութիւնը կ՚սկսէր ալ, վերջին անգամ արտասանեց մեղմիւ Տիկին Յովսէփեանի անունը.

— Նարդիկը չպիտի տեսնեմ ալ։

Լացաւ. յետոյ ԻՐ գաւառացիի տոկուն բնաւորութիւնը յաղթեց։

— Այս քաղաքին մէջ բոլորովին թուլասիրտ մէկը դարձեր եմ։

Շոգենաւին մէջ շատ չկրցանք խօսիլ ու ինքը մտազբաղ կը դիտէր այս ցուրտ օդը, ու բամպակի գուզերու պէս տեղացող ձիւնը որ կը յիշեցնէր ԻՐ պարահանդէսէն ելած առտուն, ճիշդ տարի մը առաջ։ Ճշմարիտ վաղորդայնը այս ուղեւորութիւնն էր ահա որ գաւառացի տղան կը խզէր ախտացեալ մայրաքաղաքին մոլութիւններէն՝ ԻՐ պարտականութեան առաջնորդելու համար։


ԿԱՊԻԿԸ

Ա.

Գառագեղ մը չէր աս, ոչ ալ առիւծ մը մէջինը: Մարդու հասակի բարձրութեամբ վանդակ մը որուն երկաթէ ցանցին մէջ զետեղուած թառին վրայ` բարակ շղթայով կապուած կապիկ մը կը խաղայ առտուընէ մինչեւ իրիկուն. դէմն ալ թռչունի փոքրիկ վանդակի մը մէջ թութակ մը, որուն խնդալէ ճաթող մարդու քահքահը փողոցի անցորդները կը կեցնէ ու դրացի տղաքը դրան առջեւ կը հաւաքէ ամեն օր:

Ամեն անգամ որ այցելութեան կ՚երթամ տանտիրոջ` որուն իշխանավայել հիւրասիրութիւնը, ազնուական Օսմանցիի վարքը` զինքը ճանչցողները կը գրաւէ, վայրկեան մը կանգ կ՚առնեմ պարտէզին մէջ, ներս մտնելէ առաջ, եւ թութակին աղմկալից խնդուքը, այս անհիմն ու անտեղի ուրախութիւնը, մարդոց շատերուն ուրախութեանը պէս, ինծի մտածել կուտայ:

Վայրկեան մըն ալ կը կենամ կապիկին մօտ, ԻՐ ճարտար լարախաղացի մարզանքներուն կը հետեւիմ աչքովս, սուր եւ խելացի ակնարկը կը դիտեմ. ԻՐ ջղային, գերազանցապէս ջղային արարածի տագնապներուն վրայ կ՚զմայլիմ: Հարկաւ բան մը կը պակսի անոր` կատարեալ մարդ ըլլալու համար. ինչ արդեօք. ամեն պարագայի մէջ, պակսածը զգացումը չէ:

Եւ ամեն անգամ որ ծանօթներու, հետաքրքիրներու հետ կ՚անցնինք կը դառնանք քովէն, միշտ բառ մը կը փոխանակենք ԻՐ վրան, որը` այն օրուան հնարած անոր մէկ խաղը կամ չարութիւնը կը պատմէ. որը` խելքին կամ զգացումին նոր մէկ փորձին վրայ կը խօսի. օրուան... մարդն էր այս կապիկը Բրինքիբօի մէջ:


Բ

Տանը ծառաներէն զինքը խնամողներուն մէջ ԻՐ նախընտրածը սպասուհի մըն էր. persona grata [1] ն այս դժուարահաճ ու անհամբոյր կենդանիին. պէտք էր արդեօք աւելցնել իսկոյն որ եկող գացող հիւրերուն ալ հաճելի էր այս ոյժով լուսով աղջիկը որ Արշիպեղագոսի կղզեակէն մէկտեղ բերած էր` դրսեցիի առոյգ ու աննենգ աղուորութեանը հետ` նայեադի մը վրդովիչ հրապոյրը:

Ծանօթներէս նրբամիտ Թուրք օրագրող մը որ ինծի հետ այս տունը կը յաճախէր, ու ինծի չափ այս կապիկին կեանքովը կը հետաքրքրուէր, տարօրինակ բաներ կը պատմէր անոր վրայ:

— Կը հաւտաս, կ՚ըսէր ինծի օր մը` խնդալով, որ այս հէք կապիկը սիրահարած է տանը սպասուհիին. ապացոյց` որ ճաշակի մէջ ալ մենէ ետ չի մնար այս կենդանին. խել մը գիրքերու մէջ կարդացած եմ որ Ամերիկայի օրանկութանները, հին ատեններու ասպետներուն պէս, ճշմարիտ առեւանգութիւններ եւ անվաւեր ամուսնութիւններ կատարած են իրենց սիրած կիներով. չեմ զարմանար ուրեմն թէ որ մեր կապիկն ալ Մարիղօն սիրէ:

Եւ իմ տարակուսական ձեւիս վրայ`

— Հաւտա, կ՚աւելցնէր բարեկամս, որ իրողութիւն մըն է ըսածս. ես այս կենդանին ուսումնասիրելու վրայ եմ. յիմար ու բուռն սիրոյ մը ապացոյցները ունիմ, Ռօմէօ եւ Ժիւլիէթի սէր մը:

Իրօք, ամեն անգամ որ Մարիղօն կը մօտենար կապիկին, դող կ՚ելլէր անիկա, հրճուանքի սարսուռ մը կը վազէր ԻՐ մազոտ մորթին վրայ, աչքերը կը փայլէին. ցնորած, երջանկութենէ արբշիռ էակի մը անկարգ ու անկապ բաները կ՚ընէր, վայրկենական կերպով հլու եւ հնազանդ կը դառնար, եւ սպասուհիին ձեռքին տակ կը դնէր փոքրիկ գլուխը որ այնքան չարութեամբ լեցուն էր ուրիշներուն համար. ԻՐ նիհար թաթիկը փայփայանքի մը մեղմութեամբ ու անհուն հեշտութեան մը դողովը աղջկան դպցնել կ՚ուզէր միշտ: Ասոնք եւ ասոնց նման հազար մանր ու չնչին բաներ այս սիրոյ տառապանքը կը մատնէին, մինչդեռ թութակը, դէմէն, ծաղրանքի խլացուցիչ քրքիջով մը կը ծիծաղէր, ԻՐ յաւիտենական հեգնութիւնը կը դնէր ԻՐ չզգացած այս ցաւին ու կսկիծին վրայ:




Գ

Քիչ քիչ ճշմարիտ գայթակղութեան մը համեմատութիւնները առաւ այս տարփանքը: Կապիկը կը նախանձէր եւ սուր ակռաները կը կճրտեցնէր Մարիղօին մօտեցող ու խօսող էրիկ մարդոց դէմ: ԻՐ փոքրիկ բանտին վիզին փակչող նուրբ բայց անփշրելի շղթային արտօնածին չափ` ցասմնակոծ ատելութիւն մը կը յայտնէր ԻՐ բոլոր ոսոխներուն դէմ եւ վախ կ՚ազդէր: Այնքան որ յոյն սպասուհին, ԻՐ կանացի բնազդովը, այս կաշկանդուած անասունին վրայ առաջ բերած տպաւորութենէն կ՚ամչնար, կը պահուըտէր, եւ միւս ծառաները կը տանէին կերակուրը, որուն, կապիկը սրդողած հիմա, հազիւ կը դպցնէր ԻՐ շրթունքը. եւ այսպէս օրերով ԻՐ զրկանքը այնքան յօժարութեամբ յանձն կ՚առնէր որ տէրը անոր անօթութենէ մեռնելէն կը վախնար:

ԻՐ խօլ խաղերը, ԻՐ յիմար ոստումները դադրեր էին. ժամերով անկիւն մը սմքած կը կենար ան որ հանգիստ ու դադար չէր գիտեր: Միայն` երբոր աղջիկը դիպուածով անցնէր ԻՐ վանդակին քովէն, անսահման բերկրանքի խանդով մը կը ցատկէր տեղէն, կը քաշէր շղթան, կը դառնար, կ՚ելեւէջէր ԻՐ փոքրիկ տնակին մէջ:

Օր մըն ալ Մարիղօն ձգեց գնաց բոլորովին եւ փոքրիկ կենդանին ալ ի զուր սպասեց տեսնել` ԻՐ կապուած, գամուած անկիւնէն` զգացուած էակը, վայելքի պատկերը որուն իրաւունք ունենալ կը կարծէր:

Դ

Թղթախաղերուս էն տաք մէկ վայրկեանին էր երբոր լուրը բերին. ամենքնիս իսկոյն ձգեցինք ելանք խաղը, սա անհաւատալի բանը աչքով տեսնելու համար:

Փայտէ թառին վրայ ոլորուած շղթային ծայրէն, որ այսպէս կարճըցած հիմա` մինչեւ գետին չէր հասներ ալ, կապիկը կախուած էր ուղղաձիգ եւ անշարժ. ԻՐ աջ թաթիկովը ույժով մը կը սեղմէր դեռ, կարծես թէ կը փայփայէր շղթան որ ԻՐ սրտայօժար մահուան գործիքը եղած էր. աչուըները գոց էին ու բոլոր դէմքին վրայ, յարափոփոխ ու ծաղրածու դէմքին վրայ, չեմ գիտեր ինչ ծանր ու լուրջ բան մը որ այս մեռելի մանկական երեսին` ազատագրութեան մը` վերջնական փրկութեան ու հանգիստի մը վեհութիւնը կուտար:

Ինչպէս, երբ պատահեր էր ասիկա. պարզ դիպուած արդեօք. եւ կապիկը, այնքան փորձ ու ճարտար, կարելի էր որ մէկանց այնքան ապիկար եղած ըլլար` ԻՐ շղթային ոլորումներուն մէջ շնչահեղձ մնալու չափ:

Ծառաները, որոնք սակայն ամենէն աղէկ կը ճանչնային այս կապիկը, հաւաստեցին թէ անիկա կամովին սպաննած էր ինքզինքը, մարդոց շատերէն աւելի մեծ արհամարհանք մը ցուցանելով կեանքին:

Ու ես, զարմացած, դեռ կարծես կը դիտեմ սա շղթային ծայրէն կախուած փոքրիկ մարմինը, ԻՐ վար ծռած գլխովը, ու սա փոքրիկ թաթը որ վար չիյնալու համար շղթան բռներ է:

Ժամերով պիտի կենայի ասանկ, թէ որ թութակը յանկարծ ԻՐ խնդալէ մարելու մօտ մարդու քահքահովը, որ կեանքն ու մահը չի զանազաներ, չգար զիս սթափեցնել:



ԶՄԱՐԱՂՏԱ

Ա

Երբոր կարգը իրեն եկաւ բան մը պատմելու, բարեկամս Էլմասեան, հարուստ ու գեղեցիկ երիտասարդ մը, որուն սիրային արկածները շատ զրուցուած են Բերայի մէջ, այսպէս խօսեցաւ:



Գեղջուկ աղուորութիւն մըն էր այն յոյն սպասուհիին աղուորութիւնը որ անցեալ տարի մեր տունն էր:

Մեր փողոցին մէջ, ուր սպասուհիները կը վխտան, մէկ հատիկ էր ինքը. բոլոր խոհարարներուն, ծառաներուն ու նպարավաճառի տղոց երազած աննման աղջիկը:

Անցորդները կը կենային զինքը դիտելու համար, երբոր շաբաթ առտուները, մերկոտն ու վար ծռած, դրան սեմի քարերը մաքրելու կ՚զբաղէր՝ ինչպէս որ սովորութիւն էր մեր տանը մէջ:

Այս շինականի ոտքերը պզտիկութեամբ կամ փափկութեամբ չէին կրնար պարծենալ հարկաւ. բայց իրենց աշխատասէր բրտութեանը մէջ աղուոր գիծերու ու վարդ գարշապարի մը շնորհը ունէին:

Այս դիրքով՝ արձակուած ոսկի մազերուն հարուստ խուրձը, հրդեհի մը պէս, ԻՐ պարանոցին ճերմակութիւնը կ՚այրէր ու երկու կողմէն վար կը թափէր:

Խաժ աչքերը, հակառակ ԻՐ գեղացիի ամօթխած նայուածքին, կամ թերեւս ատոր համար, թովիչ բան մը ունէին երբոր յառէին վրադ, սաստիկ, զգլխիչ բուրումի մը պէս որ կը փակչի քեզի եւ ուրկէ չես կրնար եւ չես ուզեր փախչիլ:

Ամենքը կարծեցին որ կրցայ ԻՐ շնորհները վայելել. սխալեցան:

Զմարաղտան չհաճեցաւ երեսս նայիլ. սակաւախօս աղջիկ մըն էր, ինչպէս կ՚ըլլան անոնք որոնց ոյժը իրենց լռութեանը մէջն է:

Օր մը սակայն վրայ հասայ երբոր կէս գիշերին, դրան մօտ կը սիրաբանէր մէկու մը հետ. ուզեցի իմ բախտաւոր ոսոխս ճանչնալ. այնպէս մը շարժեցայ որ չկրցաւ անիկա խոյս տալ, առանց դէմ դէմի գալու ինծի հետ. իմ ախոյեանս պարզապէս անկիւնի մսավաճառին մանչն էր. քսան տարեկան անշահ տղայ մը, աղտոտ, իւղոտ, միսի, ճարպի հոտերով ծեփուած գանելիք մը:

Ինծի տեսնելուն՝ Զմարաղտան պահուըտեցաւ, բայց միտքս դրի այս ախտավարակ հաճոյքին գաղտնիքը հասկնալ. գիտէք որ կանացի հոգեբանութիւնը իմ մեծագոյն զուարճալիքս է. անծանօթ, անմատչելի բեւեռն է ան, որ Հիւսիսինէն ալ աւելի յամառութեամբ կը պահէ ԻՐ թաքուն հրաշալիքները:

Յաջորդ օրը կանչեցի Զմարաղտան իմ սենեակս. կարծեց որ բան մը պիտի ապսպրեմ ու վազեց եկաւ. այն ատեն նստեցուցի զինքը դէմս, բռնի, աթոռի մը վրայ, յանցաւորի մը պէս՝ որուն դատաւորը կ՚ենթադրէի ինքզինքս այդ վայրկեանին:

Ապշութեամբ երեսս կը նայէր ու քիչ մըն ալ կ՚ըմբռնէր որ առջի գիշերուան հանդիպումը իմ հանդիսաւոր ձեւերուս հետ կապակցութիւն մը ունենալու էր:

Բ

Ու երբոր տեսայ զինքը այսպէս մինակը,

— Աղջիկս, ըսի անոր, չեմ կրնար պահանջել որ զիս հաճելի գտնես անպատճառ. ճաշակները կը տարբերին. բայց հետաքրքիր եմ քու ըմբռնումդ հասկնալու. դուն, այդչափ շնորհալի մէկը, ինչպէս երէկ գիշերուան անշնորհք էակին սիրտ կուտաս:

Մտիկ ըրաւ ինծի. ԻՐ դէմքին վրայ գծագրուած անձկութիւնը անհետացաւ տակաւ, և անփոյթ, գրեթէ անպատկառ ձեւով մը պատասխանեց.

— Դուն, ըսաւ ինծի, իրաւ անկուշտ էակն ես եղեր. հարուստի, չտեսի, չյափրացողի տիպարն ես. ինչ պէտք ունիս հարցնելու իմ պատճառներս. անոնք չնչին ու անհասկնալի պիտի երեւան քեզի. ինծի համար նուիրական են:

Ով ես դուն որ ինծի պէս խեղճ ու աղքատ աղջիկ մը կը հետապնդես. կը պակսին քեզ սիրողներ. չեմ տեսներ ամեն օր սենեակիդ մէջ լուսանկարները բազմաթիւ սիրուհիներուդ որոնք հոն իրար կը գտնեն առանց իրար ճանչցած ըլլալու. տիկիններ ու վարձկաններ, ամեն տեսակէն ալ ունիս. ոչինչ կը պակսի քեզի:

Բաղդը քեզի ամեն վայելքը լիուլի շռայլեր է անիրաւ առատաձեռնութեամբը, եւ ատիկա՝ ուրիշներու զրկանքովը շինուած է:

Այն հէք պատանին որ ԻՐ աշկերտի աղտոտ ու բիրտ գրգլեակին վրայ կը պտըտցնէ խանութին բոլոր թանձրացած հոտերը, իբր թէ ԻՐ դժբաղդ ճակատագիրը տանէր հետը ամեն տեղ, օրն ի բուն ամենէն նկուն աշխատութեան մը դատապարտեալն է. ԻՐ տաժանքին փոխարէն ստացած չնչին ու ողորմելի ամսական վարձքը, հայրենիքը, հոն, հեռուն, — այս բանը դուն չես գիտեր, — սպասող հօր մը, մօր մը վերջին տարիներու զրկանքը թեթեւցնելու պիտի երթայ. այդ ամսականը քու մէկ վայրկեանի հաճոյքիդ գինն է: Հոս, ԻՐ երկրէն անջատուած, նետուած այդ տղան՝ ինչ ունի զինքը շրջապատող այս մեծ մայրաքաղաքին ի հանդէս բերած վայելքներէն: Անիկա զիս գտաւ միայն վիճակակից մը իրեն, զիս որ ԻՐ ազատ տարիներուն տառապանքին գիտակիցն եմ. ԻՐ բարեկամուհին եղայ, չեմ պահեր քենէ. այդ գեղջուկ տղան ձեր մայրաքաղաքէն բան մը չգողցաւ, բան մը չպակսեցուց ձեր վայելքի իրաւունքներէն. տիկինները ձերն են ու ձերը թող ըլլան. բայց գեղջուկ աղջիկը իրն է ու իրը պէտք է որ մնայ:


Գ

Հետզհետէ, քանի որ կը խօսէր, Զմարաղտային այտերը կարմրեր էին. վերջի բառերուն՝ ոտքի ելեր էր. ԻՐ սրտմտած աղուորութիւնը, սրտաբուղխ պերճախօսութեամբը բոլորովին հմայող բան մը դարձեր էր. վէս ու ամբարտաւան դիրքով մը կանգներ էր դէմս, ասպարէզ կարդալով կարծես ինծի՝ որ ԻՐ խօսքերուն ունկնդրելէ աւելի լանջքին յարոյցքը կը դիտէի: Եւ յաղթուած ընկճուած ԻՐ դէմը, հիմակ ալ աւելի զայրագին իղձով մը լեցուեր էի. հլու, քամակս ծռած ԻՐ դիմացը, եւ պաղատագին ձեւով մը՝ իբր ճշմարիտ քաղաքացի, անմիտ ու թուլ արարած, փոխանակ վիճելու հետը՝ մօտենալ ուզեցի իրեն. բիրտ ոյժով մը ետ հրեց իրեն կարկառուող ձեռքերս՝ աղտոտ ու գարշ բանի մը հպումը արգիլելու պէս, եւ դուրս փախաւ:


ՄԱՐԱՊԵՏԸ

Ա

Հազար ութ հարիւր ութսունըչորսի սկիզբները վիրաբուժական պզտիկ գործողութեան մը համար Բերայի Գերմանական Հիւանդանոցը տարին զիս: Տասնըհինգ օրի չափ պիտի մնայի հոն. այսպէս հաւաստեցին ինծի զիս տարած ատեննին: Իրօք, երեք ամիս մնացի այն տեղը: Մաս մը հիւանդութիւնս պատճառ եղաւ ասոր, մաս մըն ալ հոնկէ դուրս ելլելու դժկամակութիւնս: Լսուած բան է հիւանդի մը, բժշկուելէն ետքը, հիւանդանոցին մէջ ապրելու փափաքը: Տղայութեան ատեն` դպրոց չերթալու համար սուտ հիւանդ ըլլողներ շատ են. բայց քաջառողջ երիտասարդի մը` ազատ ու աղուոր օդը ձգելով, անկողնի մը մէջ ամիսներով մնալու յօժարիլը շատ չի պատահիր:

Իմս այս տեսակէն էր. վերջ ի վերջոյ երեւան ելաւ իմ հիւանդութեանս կեղծիքը. բազկերակիս կանոնաւոր զարկը, կարմիր երեսներս ու գլխաւորապէս զօրեղ ստամոքսի մը պահանջումները խօսք մէկ ըրին իմ հնարքս երեւան հանելու համար. բայց ասոնցմէ աւելի կարծեմ թէ թուլբերանութիւնս էր, որ ամեն բան յայտնի ըրաւ: Այնպէս որ օրին մէկը ըսին ինծի թէ հիւանդանոցին մէջ մնալու պատճառ մը չունէի այլեւս եւ թէ հիւանդանոցը պանդոկ մը չէր:


Բ

Հիւանդանոց մտնելուս չորրորդ օրը, կարծեմ, վիրաբուժական գործողութիւնը կատարեր էին. քլօրօֆօրմին պարգեւած անզգայութեան տակ` դանակի յօշոտումները չիմացայ: Խելքս գլուխս եկած ատեն` երկարատեւ ընդարմացումէ մը ելլող մարդու խոնջէնքէն, վարանումէն զատ բան մը չկար վրաս: Եթէ վէրքս կապող ճերմակ լաթերը չըլլային, եթէ քովս հսկող Գթութեան Քրոջ` շարժում չընելու պատուէրը չլսէի, հիւանդանոց մտած օրէս ի վեր վրաս փոփոխութիւն մը կատարուած ըլլալուն չպիտի հաւատայի բնաւ:

Զգայութեանս վերադարձին հետ սակայն պզտիկ ու խորունկ անհանգստութիւն մը որ տակաւ ցաւի կը փոխուի, կտրուած պատռուած միսերուս, ջիղերուս ցաւը, սուր ու զայրագին բան մը, որ հետզհետէ սաստկանալով` հիմա անկողնէն դուրս նետուելու կը մղէ զիս: Կ՚երեւայ թէ ասիկա նախատեսուած է արդէն, վասն զի Գթութեան Քոյրը, որ քովէս չէ բաժնուեր վայրկեան մը, կը սրտապնդէ զիս.

— Հիմա կ՚անցնի, համբերէ, տղաս, տեղէդ մ՚երերար, որովհետեւ վէրքդ կը քակուի եւ շատ գէշ կ՚ըլլայ վերջը:

Ցաւիս աւելնալէն` հեծեծանքս սենեակս կը լեցնէ, այնչափ որ գտնուած տեղս չսեպելով` ձայնս ալ կը բարձրանայ ճիչերով ու աղաղակներով:

Սնարիս քով փայտէ աթոռակի մը վրայ Քոյրը նստած է, շարունակելով ԻՐ սփոփիչ խօսքերը, վարժ բերնով մը, գրեթէ գոց եղած պարբերութիւններ զորս հարկաւ, մինչեւ ինծի գալով, հարիւրաւորներու ալ կրկնած է շարունակ.

— Հիմա պիտի անցնի, բան մը չէ ասիկա, ալ բոլորովին աղէկցած ես:

Աղէկցած. ինչպէս, երբոր ցաւերս վայրագ ու ահարկու բան մը կ՚ըլլային այս պահուս, այն աստիճան, որ անդիմադրելի փափաք մը կ՚զգայի քակելու նետելու վէրքիս կապերը, ու մարմնիս խորէն, չեմ գիտեր որտեղէն, քաշելու փրցնելու` զիս չարչարող միսերը ու գործարանները բոլոր: Անկողնին մէջէն պզտիկ մը երերալուս Քոյրը ուշադիր կը սրդողէր:

— Մի շարժիր, ոչ, այդ բանը չըլլար, կ՚ըսէր ոտքի ելլելով, կը սրդողիմ:

Գ

Երեսը նայեցայ շիտակ մը` այս «կը սրդողիմ»ին վրայ. խենթ էր, ինչ էր այս կինը, որ տառապանքիս զարհուրանքը չէր հասկնար բնաւ: Անհաւատալի բան. ԻՐ մեղրամոմի հատնումովը հատած, տժգունած դէմքին վրայ տեսածս` կարեկցութիւն մը չէր, այլ հրճուանք մը կարծես. ԻՐ պզտիկ, ամփոփ եւ երկու դիէն վեր առնուած բերնին ու շուրթերուն վրայ ժպիտ մը, յայտնի ուրախութեան մը ժպիտը, կը գծագրուէր ու կ՚աղուորցնէր զինքը:

Ցաւիս տագնապներուն մէջ ու պոռալս շարունակելով հանդերձ, ուշադրութեամբ կը դիտէի զինքը ԻՐ կեցուածքին մէջ. այնքան տարօրինակ եւ անհարկի կը գտնէի այս ցնծութիւնը իմ գլխուս վրայ: Նրբացողուն ծաղիկի մը կը նմանէր. բարձրահասակ ու քիչ մը նիհարկեկ, վայրահակ սիրուն գլուխով մը` որուն վրայ մարապետներուն ճերմակ գլխանոցը երկու թեւերը բաց աղաւնիի մը թառիլը կը յիշեցնէր: Յստակ ու խոշոր աչքերուն մէջ թոնուտ երկինքի մը կապոյտը կար: ԻՐ մութ կանանչ չուխայէ շրջազգեստը հարկաւ ո եւ է պերճութիւն չունէր, բայց անոր հասակին շքեղութեանը կը վայլէր այս պարզութիւնը եւ, քօռսէ չդնելուն հակառակ, մէջքին նրբութիւնը աչքի կը զարնէր դարձեալ:

Պէտք է հաւատալ թէ ցաւիս սաստկութիւնը քիչ մը մեղմացած ըլլալու էր, քանի որ այսքան մանրամասն կրնայի այս կնոջ պատկերը վերլուծել: Դէմքին վրայ սակայն` ծաւալող դեղնութեանը հետ` չափահասութեան տարիներու աննշմարելի հպումը կար: Ամենէն աւելի ԻՐ ուրախութենէն աղուորցած դէմքին արտայայտութիւնը զիս կը գրաւէր ու քիչ մը կը զայրացնէր:

Ցաւ մը ունեցած պահուդ կ՚ուզես որ դէմի մարդդ ալ ցաւի ու կսկիծի մէջ ըլլայ. վիշտը միակ ինչքն է զոր մարդս կը յօժարի, մինչեւ անգամ կը պահանջէ, որ ուրիշին հետ բաժնէ: Եւ ահա իմ քովս կին մը որ իմ տառապանքիս առջեւ հրճուելու, ակնդէտ սպասուած հաճոյք մը ըմբոշխնելու երեւոյթ մը ունի: Զիս քաջալերելու համար լեզու թափած միջոցին ներքին ցնծութեանը ցոլացումը կը տեսնեմ այդ թալուկ երեսին վրայ, ինչպէս կանթեղի մը ապակիին գոյնը որ ներսի լոյսին վառելովը յայտնի կ՚ըլլայ:

Սկիզբները այս տպաւորութիւնս վերագրեցի իմ եսասիրութեանս. դիմացինիս ինծի համավիշտ չըլլալէն առաջ եկած դժգոհութիւն թերեւս: Ստոյգը սա է որ անիկա ԻՐ խնամոտ հոգածութիւնը անպակաս կ՚ընէր վրայէս. վէրքիս պատանքը փոխուած օրերուն ներկայ էր միշտ, ու ԻՐ ձեռքով կը կատարէր դարմաններս: Օր օրի վէրքս կը գոցուէր ու առողջութիւնս տակաւ կը վերադառնար. բայց այդ համեմատութեամբ ալ մարապետին երեսէն անոյշ ժպիտը կը պակսէր, իրիկուն եղած ատեն լեռներուն ետին պահուըտող արեւու ճառագայթի մը պէս: Հիմա առաջուան պէս չէր կենար քովս եւ կը վազէր ուրիշներուն քով, անոնց որոնց ցաւագին աղաղակները, պատերուն հաստութիւնը ճեղքելով, մինչեւ ականջս կը հասնէին երբեմն: Ու վերադարձին իմ մօտս, ուրախութեան եւ հրճուանքի ժպիտը, այն` որ իմ ցաւերուս ամենէն զայրագին միջոցին կ՚ընդնշմարէի ԻՐ դէմքին վրայ, կարծես թէ շուրթերուն վրայ էր, մարելու աներեւութանալու կոչուած ժպիտը` երբոր ինծի կը մօտենար:

Դ

Քոյր Էմիլիէն, զիս խնամող մարապետը, քաջասիրտ հիւանդապահի համբաւը ունի. բժիշկները մէկհատիկ հռչակած են զինքը. ամենէն սարսափելի վիրահատութեանց ներկայ է ան, առանց խռովելու կատարելով ԻՐ պարտքը արեան ճահիճներու, միսերու, ջիղերու յօշոտմանց մէջ: Ցաւագին աղաղակներու, պաղատանքներու դիցուհին է ան կարծես: Հիւանդ չկայ որուն կսկիծի, անէծքի հեծեծանքը ունկնդրած չըլլայ: Ամեն տեղ է անիկա, ուրկէ հեծեծանք մը կուգայ. բայց գլխաւորաբար էրիկ մարդոց մօտն է ԻՐ պաշտօնը, պահապան հրեշտակի պաշտօն զոր անվրդով արիութեամբ մը կը վարէ:

Այս անվհատ տոկունութիւնը ինչպէս մտած է այս էապէս տկար ու աւշային կազմուածքին մէջ, որուն` երեսին թափանցիկ ու անգոյն ճերմակութիւնը, սպիտակ գլխարկէն երբեմն դուրս սպրդող մազերուն դեղին ոսկին` յայտարար նշաններն են:

Ապաքինութիւնս կանոնաւոր կերպով առաջ կ՚երթար եւ իրեն հետ երկար խօսակցութիւններու պատեհութիւնը կուտար ինծի: Կը թուէր թէ ինքն ալ կ՚ախորժէր քիչ մը իմ յախուռն վճիռներէս, որոնց մէջ եթէ դատողութիւնը միշտ ուղիղ չէր, գէթ համոզումի անկեղծութիւնը կար, եւ ճշմարտազանցութիւններուս ներողամիտ լռութեամբ մը կ՚ունկնդրէր: Երբեմն ընկերական խնդիրներու, հոգեկան փորձութիւններու, մարդոց ապագային վրայ կը ճառէի, եւ այն ատեն լուրջ խօսակից մը կը գտնէի դէմս: Ուսեալ ու զարգացած մտքի տէր կին մըն էր, եւ այդ պահուն մարապետի կարգը ու սարքը կը թօթափէր մէկդի, ԻՐ կարծիքը ազատ ու համարձակ յայտնելու համար:

Խօսակցութեան մէջ յայտնեց որ Միւնիխցի ազնուական ընտանիքի մը զաւակ էր. նկարել ու երգել ալ գիտէր, խնամուած դաստիարակութեան մը ուրիշ բոլոր առաւելութիւններէն զատ: Ու զարմանքս կ՚աւելնար գտնելով զինքը հոս` Պոլսոյ հիւանդանոցի մը մէջ` սպասաւորելու, վէրքերը կապելու, ցավեր դարմանելու ապերախտ աշխատութեան մը մէջ, երբ իրեն պէս շնորհագեղ էակ մը ամեն կերպ երջանիկ օրերու արդար ակնկալութիւնը կրնար ունենալ. ու ճշմարիտ դիւցազնութեան մը հմայքը կ՚աւելնար ԻՐ հազար տեսակ հրապոյրներուն վրայ:

Ինքզինքս պզտիկ ու շատ պզտիկ կ՚զգայի անոր քով. հիմա իմ մեծաբանութիւններս կը չափաւորէի, եւ խորունկէն, սրտէս բղխող մեծարանքով մը կ՚ողջունէի ԻՐ մուտքը իմ սենեակէս: ԻՐ ճերմակ ձիւնաթոյր գլխանոցը լուսաւոր պսակ մը կ՚երեւար աչքիս, եւ մտքովս կը տեսնէի անոր տակ ոսկի մազերուն ճաճանչները:

Հիմա բոլոր մտածմանս առարկան ան էր: Հեռուէն` նրբանցքներուն մէջ քալելուն` ԻՐ թեթեւ ոտնաձայնը կը ճանչնայի: Սենեակէս ներս մտնելուն դող կ՚ելլէի բոլոր մարմնովս ու երջանիկ էի միանգամայն:

Առջի խօսուն կատակասէր տղան չէի ալ, այլ թոթովախօս մանուկ մը եւ երբեմն ցնորակոծ սաւառնումներով բանաստեղծ մը, երկու ծայրայեղութիւններ որոնց, իրօք, ճիշդ մէջտեղն է իմ տափակ նկարագիրս:

Իմ խնդիրքիս վրայ` գիրքեր կը բերէր ինծի կարդալու համար. մէկ հատը Շոբէնհաուէրի հատոր մըն էր, եւ այդ հատորին մէջէն սա պարբերութիւնը ցոյց տուաւ ինծի.



Աշխատիլ եւ տառապիլ՝ ապրելու համար: Ապրիլ` աշխատելու եւ տառապելու համար:



Այս էր բովանդակ կեանքը:

Սենեակս ձգել երթալուն, լոյսը ու օդը կը պակսէր հոնկէ: Ընդարմացած, մրափի մը մէջ կը թաղուէի. կեանքս կը դադրէր կարծես ԻՐ բացակայութեամբը. եւ ժամերով իրեն վերադառնալուն կ՚սպասէի, հատնումով մը, ուրիշ ո եւ է կամք ու իղձ չունենալով աշխարհիս վրայ: Պատուհանէս, որ Մարմարայի բոլոր տեսքը կը վայելէր, նայուածքս աննպատակ ու անտարբեր կը սեւեռէր դուրսի աշխարհին վրայ. իմ բոլոր ուզածս, սիրածս հիւանդի սենեակս էր, ԻՐ ճերմակ` գրեթէ աղքատիկ պատերովը, ԻՐ թափուր մերկութեանը մէջ: Այս կնոջ մօտ ապրիլ. այս էր բոլոր կեանքիս ըղձանքը:

Բժիշկները իմ առողջացած ըլլալս կը հաստատէին. իրօք աղէկցեր էի, եթէ հոգիիս քայքայումը չսկսէր, նոր հիւանդութիւն մը զոր Քոյր Էմիլիէն ԻՐ թափանցող նայուածքովը պայծառ կերպով կը տեսնէր:

— Տղաս, կ՚ըսէր քովս գալով, պէտք է դուրս ելլել, քիչ մը օդ առնել, պտըտիլ:

Ես` յամառութեամբ կը փակուէի սենեակիս մէջ, չուզելով մէկուն երեսը նայիլ, խօսքի բռնուիլ ասոր կամ անոր հետ, ժամանակս վատնել զուր տեղը, երբոր կրնայի զայն իմ միակ երազիս յատկացնել:

Ներսիդիէս հիմա կը խոստովանէի թէ յիմարի պէս կը սիրէի այս կինը որ հիւանդապահս էր, որուն ազգը, տարիքը, կրօնաւորուհիի կոչումը, ամեն բան վերջապէս կ՚արգիլէին զիս ո եւ է յոյս ունենալէ սրտիս մէջ: Այս անկարելիութիւնը ալ աւելի կը սաստկացնէր սէրս: Անջրպետին խորութեանը չափ` հոն նետուելու փափաքս` կ՚աւելնար, վիհերու ձգողութեանը, անոնց տուած գլխու պտոյտին պէս:


Ե

Այնչափ ատենուան մէջ օր մըն ալ միտքէս չանցաւ բառ մը, ամենաչնչին ակնարկութիւն մը ընել իրեն` սրտիս մէջ արթնցուցած զգացումներուն վրայ: Առվէռին երգը ճիշդ իմ վրաս էր. բայց անիկա, Առվէռի սիրած կնոջմէն աւելի սրատես, քաջութեամբ խօսքը բացաւ ինծի.

— Տղաս, ըսաւ ինծի ցերեկ մը, երբ կը ստիպէի զինքը վայրկեան մը աւելի քովս նստիլ, ես քու վիճակդ հասկցած եմ, յիմար ու անկարելի երազով մը կը տառապիս…

Յանցաւոր տղու մը պէս շուարեր էի:

— Ես մարապետ մըն եմ հոս ու դուն երիտասարդ մը որ, փառք Աստուծոյ, բոլորովին աղէկցած ես եւ պէտք է որ ալ չկենաս այս տեղը եւ մանաւանդ միտքէդ հանես տղայական փափաքները, որոնցմով զուր տեղը կը տանջուիս…

Յանկարծ մէկդի ըրի ամեն վեհերոտութիւն.

— Ոչ թէ մտքէս, այլ սրտէս պէտք է որ քաշեմ հանեմ իմ երազներս, պատասխանեցի անոր:

Եւ իբր թէ այս մէկ խօսքովս ամեն բան յայտնած ըլլայի, պզտիկ մը ծակուելով վէրքի մը բոլոր արիւնը պոռթկալու պէս` բոլոր տառապանքս դուրս թափեցի:

— Ինչու այդքան կատարելութիւն ունիս վրադ, ըսի իրեն, եթէ քու վրադ հիանալը, զքեզ սիրելը արգիլուած է: Ինչ պիտի վաստկիս ամփոփուած մնալով քու մինակութեանդ մէջ որ լքումի մը կը նմանի: Իմ ուզելովս էր որ սիրեցի զքեզ. երբեք. եւ հիմա որ կը զգամ թէ շատ աւելի ծանր հիւանդ մըն եմ քան թէ հոս եկած օրս, հիմա կը վռնտես զիս, առանց գթութեան բառ մը ըսելու ինծի: Պիտի ըսես եւ պիտի համրես ինծի բոլոր անպատեհութիւնները կամ անպատշաճութիւնները իմ սիրոյս. այս բոլորը հազար անգամ ես ինքզինքիս թուած եմ. կ՚երդնում որ ես բան մը, բան մը չեմ ուզեր քենէ. հիւանդ էի եւ հիւանդ եմ միշտ, ձգէ որ քու քովդ ապրիմ հոս, առանց աղէկնալու յոյսի, բայց գոնէ առանց ալ մեռնելու հաստատ ստուգութեան մը:




Զ


— Մեռնելու, ինէ հեռու մնալուդ համար պիտի մեռնիս, պատասխանեց ինծի ժպտելով, ժպիտ մը` որուն մէջ դառնութիւն մը կար: Չես մեռնիր, ապահով եղիր. հոսկէ դուրս ելլելուդ` երեք օր պիտի նեղուիս, ութ տաս օր ալ վրաս պիտի մտածես, տասնըհինգ օրէն բաւական սփոփուած պիտի ըլլաս արդէն, եւ ամիսէ մը` յիշատակ մը, անուշ ու աղօտ յիշատակ մը պիտի մնամ մտքիդ մէջ. գալ տարի դուն ալ պիտի զարմանաս զիս սիրած ըլլալուդ:

Իմ ժխտական շարժումիս վրայ`

— Ես այդ սիրոյ արբեցութիւնները գիտեմ, շամբանիայի փրփուրին պէս շուտով կը սմքին:

Եւ յանկարծ այլափոխուելով, կարծես մերկանալով ԻՐ մարապետի խոժոռ երեւոյթը, ԻՐ ծանր ու լուրջ ասացուածքը, ամենէն հրապուրիչ, մոլորեցուցիչ կինը դառնալու համար եւ ամենէն դաշն ու վրդովիչ շեշտը դնելով ԻՐ ձայնին մէջ`

— Որովհետեւ վաղը պէտք է որ ձգես երթաս հոսկէ ու պիտի երթաս. եւ որովհետեւ համակրելի ու սրտի տէր մէկն ես կամ այնպէս երեւցար, քեզի կրնամ ըսել, որ չեմ հաւատար քու սիրոյդ եւ ձեր բոլոր էրիկ մարդոց սէրերուն: Ես իմ անունս, ընտանիքս, հարստութիւնս, իմ քսան տարու երիտասարդուհիի բոլոր իրաւունքներս զոհած մէկն եմ երիտասարդի մը, որ, քեզի պէս, մեռնելու չափ սիրելու երդումներով խաբեց զիս: Զիս ամուսնութեան ուզող շատ մը ազնուականներու առաջարկութիւնները մերժեցի, ծնողքիս թախանձանքին մտիկ չըրի ու փախստական գողի մը պէս` գիշեր մը փախայ հայրենի տունէս, սիրականիս մօտ երթալու համար: Ընտանիքս ուրացաւ զիս, ինչ որ ԻՐ իրաւունքն էր: Ես փոյթ չըրի ասիկա. երջանիկ էի զիս սիրող երիտասարդին քովիկը։ Անիկա պզտիկ մը մտահոգ էր. իմ սիրոյս կուրութեանը մէջ` սկիզբները ո եւ է կասկած չթունաւորեց սիրտս, բայց վերջը տեսայ, ձանձրութեան եւ զղջումի պէս բան մը տեսայ անոր վրայ, ինծի հետ միացած ըլլալու զղջումը:

Զգացած ես երբեք բարձր ու ամուր պատի մը փլչիլը վրադ, քարերուն հարուածները գլխուդ ու մարմնիդ վրայ, զգայազիրկ ու անկենդան մնալդ անոր տակ: Այսպէս եղաւ իմ զարթնումս: Օր մըն ալ, մէկդի ընելով ամեն կեղծիք, իմ սիրած տղաս ըսաւ ինծի.

— Պէտք է որ հաշտուիս ծնողքիդ հետ, այս աղքատութիւնը չի քաշուիր ալ:

Տարուան մը չքաւորութիւնը՝ բաւական եղած էր հատցնելու համար այն անսպառ սէրը որ մինչեւ գերեզման պիտի տեւէր:

Այն ատեն վերջին վարանումներս անհետացան. ԻՐ քովէն ձգեցի փախայ, ինչպէս տարի մը առաջ փախեր էի հայրենի տունէս, իրեն վերադարձուցի ԻՐ ազատութիւնը, սուտ ու փուճ խօսքերով ուրիշ կիներ խաբելու ազատութիւնը: Բայց այդ վայրկեանէն ապառաժի մը պէս քարացաւ սիրտս. կսկիծն էր թէ վրէժի գաղափարը որ հոգիս ամրացուց. ուխտ ըրի աշխարհքիս վայելքները ուրանալու. մարապետ եղայ: Աղքատի մը ուրիշին ողորմութիւն ելլել տալուն պէս` ցավեր ու վիշտեր սփոփելու տուի ինքզինքս, երբ ես այնքան կարօտ էի սփոփանքի. քանի որ ինծի տրուած չէր աշխարհքը վայելել, ջանացի որ ուրիշներ լիովին, առանց ցաւի վայելէն զայն. իմ զրկումովս ուրիշներուն վայելքը շինեցի:

Բայց ասոնց ամէնուն վրայ ներքին ուրախութիւն մը ունեցայ. մէկ հատ մը, բայց գերագոյն ուրախութիւնը, զոր խոստովանելու արիութիւնը պիտի ունենամ. չեմ ուզեր ինքզինքս լաւագոյն ցուցնել քան ինչ որ եմ իրօք: Յատկապէս ուզեցի որ իմ պաշտօնս վիրահատներուն մօտ ըլլայ, եւ այնպէս ալ եղաւ. ես կ՚օգնեմ, կ՚սպասաւորեմ իրենց եւ այսպէս հանդիսատես կ՚ըլլամ մարդոց, այսինքն ձեր բոլոր տառապանքին, գալարումներուն. ձեր աղաղակներէն շինուած այս ահարկու երաժշտութեան ու նուագահանդէսին ունկնդիր ըլլալու վայելքը ունիմ օրուան ամեն ժամուն: Էրիկ մարդոց ցաւատանջ գոռում գոչումները մտիկ ընելով` իմ սրտիս զսպուած ու անմռունչ ցաւերը գոհացում կ՚ստանան, կը մեղմանան: Կ՚ընդունիմ որ անգութ ու ոխերիմ գոհացում մըն է աս: Ձեր ճիչերը, վայնասունները լսելու համար ուրեմն քիչ մը հոս եկած եմ. ուրիշ հիւանդապահ կին մը ինծի չափ անվրդով արիութիւն չպիտի կրնար ցոյց տալ. ամենքը կը շնորհաւորեն զիս: Ես, երբոր մինակ մնամ խղճմտանքիս հետ...

Հոս, Քոյր Էմիլիէնի ձայնը մարելու պէս եղաւ:

— Ինքզինքս կ՚ատեմ: Ահա այս տառապանքին հրճուանքովն է որ, դեռ հազիւ երեսուն տարեկան, ծերացած եմ:

Վայրկեան մը դադարէ ետքը, տեսնելով իմ լռութիւնս`

— Տեսար որ քու երեւակայած բարձր հոգիդ չունիմ ես. որքան հեռու եմ անկէ, ճիշդ հակառակը գուցէ անոր: Սիրուելու մէկը չեմ ես, այլ ճակատագրին բեռը տանող ոխակալ կին մը:

— Այս բոլոր ըսածներդ բան մը չեն պակսեցներ իմ պաշտումէս, ըսի իրեն, ամենէն ըղձալի էակն ես աչքիս, ու կը վախնամ որ յաւիտեան այդպէս պիտի մնաս:

— Տղայ, — ըսաւ ինծի:

Յետոյ անուշութեամբ ու թող տալով որ ձեռքը բռնեմ ու շրթունքս մօտեցնեմ անոր`

— Վաղը դուրս ելիր ասկէ, հաւատա որ քիչ օրէն կ՚անցնի այս բոլորը. քրոջ մը պէս դարմանեցի քեզի, ենթադրէ որ քոյրդ եմ միշտ: Ու եթէ երբեք տարին մէյ մը քայլերդ այս կողմը առաջնորդեն քեզ, եկու երբեմն զիս հարցնելու:


Է


Սենեակէս ելլելէն վերջը ինչ գնաց ըսաւ հիւանդանոցին մեծաւոր մարապետին: Սա գիտեմ միայն որ հետեւեալ օրը անդարձ կերպով որոշեցին իմ մեկնումս. դուրս ելլելու պատրաստութիւններս երկարցուցի, սպասելով որ վերջին անգամ տեսնեմ զինքը. բայց չկրցայ տեսնել: Եւ, տարօրինակ բան, ԻՐ բոլոր գուշակածները ելան. զինքը տեսնելու կարօտս մարեցաւ տակաւ. օրական զբաղումները, կեանքի պայքարը, սրտիս ամեն ծաղիկներուն պէս, ճզմեց չորցուց եւ փոշի ըրաւ այս երազս ալ:

Բայց Քոյր Էմիլիէի յիշատակը մնաց մտքիս մէջ, գրքի մը էջերուն մէջ մոռցուած տերեւի մը պէս քիչ մը տժգունած:

Միայն, ինչպէս որ ապսպրած էր ինծի, տարի մը վերջը, Թաքսիմի կողմերը պտըտած մէկ օրս, Հիւանդանոց գացի զինքը հարցնելու համար:

Հազիւ ամիս մըն էր որ տարափոխիկ հիւանդութիւն մը` ութ օրուան մէջ` առեր տարեր էր զինքը:

— Անոր պէս հիւանդապահ մը չի գար մէյ մըն ալ, ըսաւ մեծաւոր մարապետը գլուխը երերցնելով:

Այս եղաւ ԻՐ բոլոր դամբանականը:




ԽՆԴՈՒՔԸ


Երբոր ներս կը մտնեմ սենեակին դուռնէն, ինչ սուտ զուրցեմ, սիրտս ոյժով կը բաբախէ։

Իրաւ է որ տասը երկար տարիներ զիս այս տունէն կը բաժնեն, բայց երէկուան պէս աչքիս առջեւն է սա հեռաւոր անցեալը։ Բոլորը երկու ամսուան կեանք մը այս տունին շուրջը, բայց էն տագնապեալը, էն դժբաղդը որ անցուցած եմ պատանութեանս մէջ, էն մեծ վրդովումը հիմակուան խաղաղութեանս ուղղուելէ առաջ։

Ու ահա այս տանը դուռը ոտք կոխելուս, մտովին ամբողջ վերադարձ մը կը կատարուի հոգիիս մէջ. կ՚երիտասարդանամ յանկարծ. կ՚զգամ որ հիմակուան գիրուկ ու կարճուկ մարդը չեմ, որուն խորշոմած ճակտին վրայ կեանքի պայքարները իրենց քով քովի շարուած զուգահեռականները ձգած ու գացած են, խղճամիտ ձեռքով ակօսուած արտի մը պէս, այլ երէկի տղան՝ նիհար, հպարտ ու ճչող. կերպով մը այլափոխումը Ֆաուսթին, որուն մէջ սատանան դուրսէն չէ, իմ յիշատակներս են միայն։

Թեթեւ քայլերով ուրեմն կը մտնեմ ներս, իբրեւ թէ այն մեծ ժամանակի անջրպետը յանկարծ բարձուած ըլլար մէջերնուս։

Ամեն ինչ, շուրջս, այս պատրանքս հաստատելու խօսք մէկ ըրած է կարծես։ Նորէն տասը տարուան առջի սրահն է, անփոփոխ, անայլայլ. մութ կարմիր թաւիշէ քանաբէն ԻՐ բազմոցներով, անկիւնը դրուած դաշնակը՝ բաց ձգուած ու չորս դին երաժշտութեան նօթաները ցիրուցան. պատերուն վրայ՝ իրենց ամեն ատենի տեղը հաստատ՝ նոյն պատկերները ու լուսանկարները որոնց ամենէն զմայլելին սա դաշնակին վրայ դրուածն է, երիտասարդ կնոջ մը դիմագիծը զոր քաջ կը ճանչնամ։

Այդ լուսանկարին իրականը դէմս է ահա։

ԻՐ սովորական տեղն է՝ պատուհանին քովը, բազմոցին վրայ նստած, ու մեղմիւ ահա ոտքի կ՚ելլէ եւ քայլ մը առաջ կուգայ։

Ան է։

Տեսէք անգամ մը, ԻՐ աղուոր հասակը բնաւ փոխուած չէ. ԻՐ սեւ աչքերը առջի տրտում ու խորունկ նայուածքը ունին. ԻՐ ձեռքերը միշտ նոյն մանկական թաթիկներն են. իսկ մատուըները աւելի նրբացած են քիչ մը։

Բայց պզտիկ մը գիրցած է, տարիքի բերմունք. ու ԻՐ ածուքի կոտրուածքի պէս փայլոտ մազերուն մէջ ճերմակ թելեր սպրդած են. փայլակին գծած լուսաւոր շաւիղները մութ գիշերուան մը մէջ։

ԻՐ երեսին վարդ գունաւորումը չէ մնացած. անոր տեղ փղոսկրին տժգոյն ճերմակութիւնը միօրինակ ԻՐ երեսին վրայ ծաւալած է, մեղրամոմի ճերմակութիւնը։

Այս դէմքին լրջութիւնը աղէկ կը ճանչնամ, արձանի անխռով լրջութիւնը զոր աշխարհիս ամեն աղերսները ու պաղատանքները չեն կրցած երբեք այլայլել։

Խնդալ ու ժպտիլ չէր գիտեր այս կինը. ԻՐ անտարբեր երեսը օր մը անուշ ու զուարթ ճառագայթով մը չփայլեցաւ. ԻՐ կեանքի կանոնն էր աս։

Ու առջի յիշատակներս, առջի կսկիծներս քուներնուն կ՚ելլեն. ինչու այս խռովիչ աղուորութիւնը եւ ինչու այս խոժոռ ու անժպիտ դէմքը որ միեւնոյնն է տասը տարի վերջը. մարդկային տկարութիւններու գլուխ չդարձնող դիցուհիի վէսութիւնը, ԻՐ արհամարհոտ կնկան բոլոր սառնութիւնը, հոդ, յայտնի, ընթեռնելի կերպով գրուած են այդ դէմքին վրայ։

Ու ես կրկին փորձութիւնը կ՚զգամ սրտիս մէջ պոռալու ԻՐ երեսին.

— Մէկդի դիր այդ անտարբեր ու սրդողած երեսը, Աստուծոյ սիրոյն. անգամ մը գոնէ խնդա ինծի, ով աղուոր կին։

Հազիւ երկու բառ փոխանակեր էինք, երբ ԻՐ աղջիկը ներս մտաւ. տասնըվեց տարու պարմանուհի մը, վարդէ ու լոյսէ խմորուած էակ մը, նազանքով ու ժպիտով մօտեցաւ ինծի։ Ու աղէկ մը չեմ գիտեր ինչ խօսքի առթիւ — կ՚երեւայ թէ կրցայ տիկինին հաճելի կամ զուարճալի բան մը ըսել — ԻՐ սովորական անփոյթ ու նեղացած դէմքը մեղմացաւ, անուշցաւ, ու, զարմանալի բան, թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ նախ, յետոյ հաստատուեցաւ այս աղուոր դէմքին վրայ, արշալոյսին ծագելուն պէս որ քիչ քիչ որոշ ու աննահանջելի առաւօտի մը կը վերածուի։

Որքան գեղեցիկ էր այսպէս. երբեք չէի գիտեր որ այսչափ պիտի աղուորնար. բայց ժպիտը աւելի շեշտուեցաւ, ու քիչ քիչ, կամացուկ մը խնդալ սկսաւ։

Աստուած իմ, առջի անգամ ահա ճշմարիտ կինը երեւան կուգար այս անզգայ աղուորութեան մէջ։ Կը խնդար, երջանիկ էր ուրեմն, եւ ես իրմով երջանիկ էի։

Ինքը՝ կը շարունակէր խնդալ, երթալով աւելի շատ եւ աւելի ոյժով, անվերջ քահքահ մը հիմակ, որով ձեղունը կը թնդար, մինչդեռ ես ԻՐ մէկ՝ ժպիտին ակնկալուն՝ ապշած զմայլած կը դիտէի զինքը եւ այս գեղեցիկ ուրախութիւնը, այսքան չնչին պատճառով մը։

Երեւակայեցէք դէմերնիդ կծծի ու ագահ էակ մը որ յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ, ամենէն մսխող ու շռայլ մարդը դառնայ։

Ու շուարումիս մէջ ան կը խնդար հիմա, այնքան սաստիկ որ քօռսէն նեղ կուգար ԻՐ հարուստ իրանին, ու բազմոցին կռնակին կը կռթնէր, չկրնալով ուղիղ նստիլ ԻՐ տեղը։

— Հա, հա, հա …

Այն ատեն աղջիկը մօտեցաւ ինծի ամչնալով, տրտմութեան քօղով մը դէմքը վարագուրուած, ու անուշ ձայնով մը՝

— Ներեցէք, ըսաւ ինծի, այսպէս է ահա խեղճ մայրիկս ԻՐ վերջին հիւանդութենէն ի վեր, ոչինչ պատճառով մը կ՚սկսի խնդալ ժամերով. կ՚երեւայ որ ջղային բան մըն է։

Եւ իրօք, քահքահը՝ զուարթ, պոռչտող քահքահ մը՝ գրեթէ տգեղցնելով ԻՐ սիրուն դէմքը, անսովոր ու դառն ուրախութեամբ մը կը լեցնէր սենեակը, մինչդեռ աղջիկը՝ մօրը քով ծունկ չոքած՝ անոր ձեռքերը կը սեղմէր։

Խորհեցայ որ տասը տարի առաջ իմ փնտռածս այս աղուոր երեսին վրայ՝ սա պոռացող, անգիտակից ու անիմաստ խնդուքը չէր, այլ այն պզտիկ, գրեթէ աննշմարելի ժպիտը, այն խորհրդաւոր ու չնչին բանը, որ ամեն խոստումները ու ամեն վերապահումները, ամեն մերժումները ու ամեն անձնատուութիւնները, ամեն տարակոյսները ու ամեն յայտնութիւնները ԻՐ մէջը կը պահէ։

Խորհեցայ մանաւանդ տարօրինակ ճակատագրին այս կնկանը որ ԻՐ մէկ ժպիտը այնքան ժլատ, ագահ յամառութեամբ ամենուն զլանալէ ետքը, ահա զուր ու փուճ տեղը ԻՐ անսպառ խնդուքը կը թափէր ԻՐ շուրջը, առանց որ մէկը գտնուէր ու ծռէր զանոնք գետնէն ժողվելու համար։