Համաբարբառ
ՎԱՐՁՈՒ ՍԵՆԵԱԿ
Ամպերը կախեր էին շրթունքներին ու կուլային փողոցներուն մէջ։ Ինչպէս նաեւ Տիգրանի հոգիին մէջ։ Դանդաղաշարժ ամբոխը կը սահէր մայթերէն։ Տիգրան պէտք էր քալէր։ Աւելի շուտ քալէր։ Անոր ոտքերուն առջեւ բազմաթիւ ոտքեր ցանց քաշեր էին։ Ամբողջ ուժը կզակներուն մէջ զետեղած՝ կը հրէր, կը հրմշտկէր, կը սահէր, ի հարկին, ինքնագոհացման պատրուակով քան թէ ճամբայ բանալու համար, ոտքի հարուած մը կը նետէր հոս։ Արագ քալելու նպատակով վատնուած ճիգը իր արդիւնքը չէր բերէր միջոցին մէջ։ Այնպէս որ անոր ուժը կը գործէր իր մեկնակէտին վրայ։ Տիգրան կ՚եփէր ինքն իր մէջ։ Ջիղերը անկանոն պարի մը անձնատուր էին, խորհրդածութիւնը հոն կը փոշիանար։ Ուսովը կը շեղէր մէկը, ոտքով կը զարնէր ուրիշի մը։ Սպառնական նայուածքէ մը «ներողութիւն» կը հայցէր, յանցաւորի շեշտով։ Ու կը շարունակէր յառաջանալ, գլուխը ուսերուն մէջտեղ։ Թաւ յօնքերը կախուեր էին անփայլ նայուածքներուն վրայ, ինչպէս երկնքին ամպերը քաղաքին վրայ։ Ծանրակշիռ լրջութեամբ, ճակատը ամփոփուեր էր յօնքերուն մէջտեղ։ Վիրաւոր սրտերու պէս տերեւները կը թափէին ծառերէն, կը հանգՉէին մէկը՝ ուսի մը վրայ, միւսը փախչող կառքի մը մէջ, եւ կամ կը ճզմուէին ոտքերու, քաուչուէ անիւներու տակ, հազիւ լսելի տրտում խշխշոց մը արձակելով։ Տիգրան նայուածքը տարաւ այդ համեստ ու մեռած տերեւներուն, կմախացած ծառերուն, որոնցմէ թախծութիւն կը հոսէր իր հոգիին մէջ։ Ամբոխին պատճառած ջղայնութիւնը քիչ քիչ տեղի կուտար նոր զգացումի մը« որ թոյլ մեղկ էր, գորովի, գգուելու, շոյելու անհրաժեշտութիւն մը, հոգին իրերու վրան սփռելու, զանոնք տաքցնելու իր մորթին ջերմութեամբ, պաշտպանելու՝ սպառնացող կորուստին դէմ։ Օրերը այնպէս կարճցեր էին։ Նոյեմբերը սկսեր էր հատնիլ։ Օրուան ութը, նոյն իսկ տասը ժամերը կ՚անցնէին գործարանը։ Ու կային գՆումները։ Որովհետեւ Տիգրան ճաշարաններու մէջ չէր վատներ իր այնքան դժուարութեամբ ձեռք անցուցած դրամը։ Խնայողութիւնը իր բոլոր արարքներուն եւ մտածումներուն դատաւորն էր։ Իրիկունը կը պատրաստէր ճաշը։ Յաջորդ օրուան բաժինը կը ծրարէր։ Քիչ անգամ կը նստէր սրճարանի մը անկիւնը։ Եւ ոչ ալ շատերու պէս պարահանդէսներու թմրութիւնը կը փնտռէր։ Կոկիկութիւնը, մաքրութիւնը, կրկին խնայողութեան սիրոյն արդիւնքն էր։ Ինչ չափուած շարժումներով կը հագուէր, կը հանուէր։
Այդ իրիկուն արագ արագ սենեակը հասեր էր։ Հաներ՝ գործաւորի «կապոյտ»ը, հագուեր՝ «կիրակնօրեան» ու նետուեր էր փողոց։ Երբեք Տիգրան մանրամասնութիւններով չէր սպառած իր մտային կամ զգայնական գործունէութիւնը։ Եռանկիւն մը, ամէն բանէ առաջ, տարածութիւն մըն էր։ Ուրիշ ոչինչ։ Իրեն ինչ կողմերը։ Գիծը, տարածութեան մասնիկներու յաջորդականութիւն մը։ Իրեն ինչ մասնիկները։ Կայ տարածութիւնը։ Կարեւորը այն էր՝ որ Տիգրան այդ տարածութեան վրայ չէր կրնար քալել ազատօրէն։ Ամբոխը իրեն նման նպատակով մը կամ աննպատակ շարժող անհատներու ամբողջութիւն մը չէր։ Անիկա արգելքն էր։ Բացարձակ անտարբերութիւն մը իր շուրջիններուն հանդէպ։ Կարծես պատի մը առջեւ ըլլար՝ որուն վրայէն պէտք էր ցատքել։ Չէր ուզեր գիտնալ, թէ այսինչին քիթը տափակ էր, միւսինը՝ ակնոցով զարդարուած։ Ոչ, այդ չէր գլխաւորը։ Գլխաւորը այն էր, որ պէտք էր հասնիլ բնակարան վարձող քաղաքային գրասենեանկը, որ շուտով պիտի գոցէր դուռները։ Անոր տեսողութեան դաշտը միայն բացակայ դէմքով մը գրաւուած էր։ Գլուխ մը իրմէ առաջ կը քալէր, դէմքը իրեն կողմը դարձուցած, ու կը ժպտէր, քրոջական անսպառ գուրգուրանքով։ Հեռաւոր յիշատակ մըն էր այդ տեսիլքը, ընտանեկան լուսանկարէ մը դուրս ելած, որ յաջորդաբար կուգար լուծուիլ ուրիշ լուսանկարի մը մէջ։ Արդէն հասուն աղջիկ մը որբանոցի պարզ գոգնոցով, որուն տակ կնոջական յուզումներով կազմուած, կորացած կուրծք մը։ Խոշոր ու քաղցր նայուածքով աչքեր, ապրելու տենչը զգալի, բայց վախով ու համակերպութեամբ ապրուած կեանքի մը կնիքը վրան։ Լեցուն այտերը բնական կարմիրի մը ներկայութիւնը կը զգացնեն հակառակ լուսանկարին սեւ ու ճերմակին։ Կեանքը զարկեր էր գլուխին, ուսերուն՝ որ ինքզինքնուն վրայ ծռած էին, հաստ արեւարգել տերեւներուն շուքին տակ գլխահակ բուսած մանիշակներու պէս։ Բայց երիտասարդութիւնը, հակառակ բոլոր ճնշումներուն, ինչ սողոսկուն ճամբաներով եկեր հաստատուեր էր կուրծքին ու այտերուն մէջ։
Մէկ խօսքով, անծանօթ մը, որ Տիգրանի հոգիին մէջ ապրելու իրաւունքը կը ստանար, շնորհիւ այն միւս լուսանկարին, մանուկ աղջկան — որ իր քոյրն էր եղած — եւ անոր յարուցած յիշատակներու խուժումին վերակառուցած անվերադարձ անցեալին։ Վարդանուշ… Կը բաւէր միայն արտասանել այդ անունը, շրթունքներու շարժում մը ու թեթեւ հնչիւնը վանկերուն — թեթեւ՝ որպէսզի ոչ ոք իմանար քովէն — ականջներուն մէջ թրթռացում մը, ամբողջ սրտի աշխարհ մը կ՚արթննար, կը վերապրէր ու կը լեցնէր երիտասարդը՝ որուն կեանքը յանկարծ նոր իմաստ մը, նոր ուղղութիւն մը կ՚առնէր։ Ահա այդ պատկերը, որ կ՚երթար իրմէ առաջ, որ ամբոխէն չէր արգիլուեր, որովհետեւ ան կրնար նետուիլ կռնակի մը վրայ ու զայն ջնջել, թափանցկացնել։ Տիգրան, զայն աչքէ կորսնցնելու վախով, կը շտապէր, կը ստիպուէր ընդհարիլ։ Բացակայ պատկերներ կը ծնէին անոր դէմքին շուրջ, փափաքներ ու յիշատակներ կը ներկայանային անոր կամքին անճիգ ըղձանքովը ու կը շարուէին թղթախաղերու պէս, պատրաստ հրամանի։ Նախ եւ առաջ բնակարան մը։ Կը խորհէր, խոհանոց մը կազի փուռով, երկու ննջասենեակ, ելեկտրական կոճակը ճիշդ մահճակալին գլուխը, որպէսզի, գիշերը երբ մարմինը անկողնին մէջ անշարժանայ, երբ օրօրուի քունի եւ արթնութեան մէջտեղ կոհակներուն վրայ, երբ միտքը մտնէ խորհուրդներու տարօրինակ աշխարհը, ձեռքի աննշան շարժումով մը կոճակին վրայ՝ փակէ ցերեկուան աշխարհին դուռը կռնակէն ու նաւէ անարգել, անվերադարձ ճանապարհորդութեան մը անձնատուր։ Եւրոպա գալէն իվեր, աւելի ճիշդը գործարանի մը մէջ կայուն դիրք մը ապահովելէն իվեր, Տիգրանի կեանքը կծկուեր էր ինքն իր վրայ կարծր կծիկի մը պէս։ Եւ յանկարծ կանգ առեր էր ու կը քակուէր։ Այնպէս կանոնաւոր կը քակուէր, որ միւս կողմէն նոր կծիկ մը կը կազմուէր։ Իրիկուն է։ Գործարանին դռները, պատասխանելով սուլոցներուն, կը դառնան իրենց ծխնիներուն վրայ, լայն կը բացուին, փսխելով մարդերու զանգուած մը։ Տիգրան կը մերժէ ընկերներու հրաւէրը։ Ախորժաբերի գաւաթներուն շուրջ անցած արուեստական զուարթութիւնը իրեն համար չէ այլեւս։ Տիգրան ընտանիքի հայր է հիմա։ Արդէն կը բարձրանայ սանդուխներէն, կերակուրի քմպարար հոտը ռունգերուն մէջ։ Քոյրիկը կանգնած է, համեստ պարտէզի մը մէջ բացուած վարդի պէս։ Քոյրիկը կը ժպտի։ Ժպիտը կը լեցնէ բնարարանը իր լոյսով։ Պատերը կը խնդան։ Ու խնդուքին ջերմութիւնը կ՚անցնի բոլոր իրերէն, որ կը փողփողին պահ մը կեանքով։ Բայց ամէն բանէ առաջ՝ Տիգրանի հոգիէն։ «Շուտ, շուտ, կերակուրը կը պաղի…». մինչ ինք՝ աղտոտ ձեռքերը կը մաքրէ, երեսները կը լուայ, աշխատանքի միօրինակ ժամերուն իր մէջ լարած մեքենականութիւնը թօթափելով, ժամանակաւոր ազատութեան մը զգացումը կը խլրտի իր մէջ, կը կայտռէ։ Զուարթ։
Տիգրան, մէկ կողմէն ճամբայ կը բանար, միւս կողմէն այս երջանիկ հեռանկարը իրմէ դուրս կը յորդէր։
—Այո, անպայման՝ երկու սենեակ, մէկ խոհանոց …։
Շրթունքները թեթեւ մը շարժեցան։ Դաւադրական ժողովի նստած դիմագիծերը իսկոյն տարտղնեցան ու կրկին ամրապնդուեցան։ Այս անգամ ցաւագին ու ջլաձիգ կերպարանքը խորունկ ստուեր մը հագաւ։ Թղթախաղերը վերստին ոտքի ելան։ Հոծ ամբոխը հսկայ կրիայի մը նման ծանր֊ծանր կը դառնար շուրջը։ Մտապատկերներու բեռը կը ծանրանար գանկին մէջ, սիրտը մայթերու կշռոյթը կը լարէր ու ոտքերը կ՚ենթարկուէին ընդհանուր շարժումին։ Հիմա մաս կը կազմէր այդ զանգուածին, անկէ քաշուած, կռնակէն քաշելով, ինքը, մնացեալը, որ կ՚ապրէր իր ետեւը։ Կը յիշէր այն օրը, որ նաւ մը զինքը բերաւ նետեց եւրոպական այս մեծ քաղաքը։ Անոր վրայ ձգած առաջին ակնարկը սարսափ մը պտըտցուց իր երակներուն մէջ։ Հրէշ մը, որ մարդերով կը սնանի, երկաթէ ատամներուն տակ ծամելով զանոնք, արձակելով դէպի երկինք իր անյագ սրտին ելեկտրական ճիչերը։ Անմիջապէս որ ինքզինքը գտած էր երկայն, արեւահար պողոտային վրայ, մինակ, պայուսակը ձեռքին, անշարժ ու շշմած, ինչպէս թաթառի բռնուած թռչուն մը, քաղաքին գլխապտոյտ պատճառող արագութեան սահմանագլուխին վրայ, առաջին անգամ ծովը լողացողի պէս կը վարանէր, կը դողդղար։ Ինքնաշարժերը հազիւ կ՚երեւային մէկ ծայրէն, դիւահար արագութեամբ մը, ակնթարթի մը մէջ, խելագարելով օդի ալիքները, հռնդիւններ պայթեցնելով, արդէն կորսուած էին միւս ծայրէն։ Ու այսպէս անդադար։ Մէկը միւսին ետեւէն։ Հանրակառքեր, ինքնաշարժեր, տեղափոխուող լեռներու նմանող բեռնատարերը։ Պայթեցնելով օդը։ Քանի մը օր ետք այդ սարսափելի արագութեան վրայ կայան մը։ Առաջին անգամ երբ ինքզինքը դէմ դիմաց գտաւ աշխատանքին, սիրտը՝ որ դադրած ըլլալ կը թուէր բաբախելէ, որ կ՚ապրէր անբոց, մխացող կրակի պէս, սկսաւ կրկին իր բնականոն զարկը։ Տիգրան ամբողջականութեան զգացումն է, որ ունեցաւ։ Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետեց այդ քանի մը օրերուն վրայ, չկրցաւ, ոչ մէկ կերպով, գտնել իր ցրուած, փոշիացած, անորոշութեան ու անձկութեան հետ կորսուած անձը։ Անծանօթ մը, խոստումներով բեռնաւոր, լռելեայն կը փսփսար ականջին. «Ես աշխատանքն եմ, ապահովութեան եւ ստուգութեան երկինքը, հրաշքները ինձմով միայն կը կատարուին»։ Առանց այլեւայլի հաւատաց ան այդ պատգամին։ Աւելին՝ փարեցաւ անոր իր ամբողջ ուժովը։ Կառչեցաւ անոր արիւնով կարմրած եղունքներով։ Այնպէս որ սկսաւ իր մէջ սնուցանել յամառ զգուշաւորութիւն մը բոլոր այն պատճառներուն հանդէպ, որ կրնային զինքը բաժնել աշխատանքէն։ Խուսափեցաւ ուրիշներու մերձեցումէն։ Դարձաւ կատարեալ սողուն մը իր աստիճանաւորներուն առջեւ, շարունակ պարտաւոր ընդունելու ամէն տեսակի զոհողութիւն։ Եղաւ մենաւոր մարդ մը։ Յաղթական կեցուածք մը առնելով, յիշեց պզտիկ դէպք մը, մեծ հետեւանքներով յղի։ Առաջին ամիսներու «սեւ» աշխատաւորութեան ընթացքին ցոյց տուած հնազանդութեան, նախանձախնդրութեան շնորհիւ, օր մը ան ինքզինք գտաւ մեքենայի մը առջեւ։ Մարդը եւ մեքենան դէմ դիմաց։ Ու Տիգրան աւելի խրեցաւ իր մինակութեան մէջ։ Եւ սակայն, երբեք, մարդ ըլլալու հաճոյքը այդ աստիճան գիտակցական ու զեղուն չէր եղած անոր մէջ։ Այնուհետեւ, ամէն առաւօտ, ան մեքենային առջեւ կ՚անցնէր ողողուած տեսակ մեր ստեղծագործ հոսանքով, որ կը յիշեցնէ այն պահը ուր բանաստեղծն ու ճերմակ թուղթը դէմ դիմաց կը գըտնուին։ Անգամ մը, իրիկուան արձակուրդին, իրիկուան կիսաստուերին մէջէն դէմք մը ցցուեցաւ։ Տիգրան սարսուռ մը զգաց ողնայարին երկայնքին։ Վտանգի մը, գէշ լուրի մը նախազգացումը։ Հազիւ չնշմարել ձեւացնելով քայլերը արագացուցած էր, արդէն մարդը ձեռքը դրած էր անոր ուսին։ «Բարեւ, ընկեր»։ Զգուշաւորութեան ոգին Տիգրանը կծկեց ինքն իր վրայ։ Եւ սակայն նոր զգացում մը կ՚արթննար իր մէջ միաժամանակ։ Ինքնալքում։
Անծանօթին ձեռքը տաք էր իր ուսին վրայ։ «Ընկեր» բառը քաղցր կը հնչէր ականջին, հակառակ ամէն բանի։ Բարեկամ, «Ընկեր» սիրտի մը գաղափարը այնքան անուշ թուեցաւ իրեն, որ առանց դժուարութեան «բարեւ» ըսաւ։ Ու շարունակեց. «Կարծեմ միեւնոյն գործարանը կ՚աշխատիս»։ «Այո, Պարոն Սարսէլի աշխատանոցը, իմացար թէ մեծ գործադուլ մը կը պատրաստուի եղեր»։ Աւելի առաջ չգնաց։ Տիգրանի դէմքը մթագնած էր։ Ոչ մէկ դիմագիծ կը շարժէր։ Նայուածքը սեւեռած միւսին սեւ աչքերուն որոնք հոծ յօնքերու տակ կը փայլէին։ Տիգրան ամբողջովին կլանուած էր մտածումէ մը՝ «Գործադուլը»։ Լռութիւնը առիթ գտած էր խռովիչ կերպով հաստատուելու անոնց միջեւ։ Տիգրանի սրտին մէջ լուրը կը մեծնար գլորուող ձիւնագունդի պէս։ Կը մեծնար։ Իրեն համար, ամէն բանի վերջն էր։ Առանց այդ ամենօրեայ կանոնաւոր կեանքին, անորոշութիւնը պիտի հաստատուէր սրտին մէջ։ «Սրիկաներ» մրմնջեց, առանց գիտնալու թէ շրթունքները բացուեցան, օդին մէջ հնչուն ալիքներ կազմեցին ու իր գաղտնի մտածումը միւսին հաղորդեցին։ «Բայց, ով իրաւունք ունի գործաւորը իր մեքենայէն, իր աշխատանքէն հեռացնելու։ Կը հասկընաս։ Ոչ ոք։ Աշխատանքը սուրբ է ու այս երկիրը ազատութեան երկիր է» ըսաւ Տիգրան վերջապէս, շեշտակի նայելով իր խօսակցին աչքերուն մէջ։ Ձայնով մը, որ իրմէ չէր գար, ձայնով մը, որուն շեշտը կը հասկցնէր թէ դեռ շատ բաներ կրնար ըսել, միւսը պատասխանեց ու հեռացաւ. «Այո, բայց մարդիկ անսուրբ են։ Կը ներես, ընկեր, ես ստիպուած եմ բաժնուիլ։ Ուրիշ առթիւ, չէ, կը տեսնուինք դեռ»։
Տիգրան հետեւեցաւ հեռուէն բանուորին, որ կը կորսուէր կիսամութին, լոյսերուն ու մարդոց բազմութեան մէջ։ Իրիկուան ստուերը կը խոշորցնէր անոր կռնակը։ Իրեն այնպէս թուեցաւ թէ այդ մարդուն հետ արդէն խորհրդաւոր հանդիպում մը ունեցած էր։ Այդ հանդիպումէն քանի մը շաբաթ առաջ էր, հանդերձարանը, ձեռքը գրպանին մէջ թուղթի կտոր մը խշրտացուցած էր։ Ու մէկը, ակնթարթի մը մէջ, ստուերի պէս անհետացած էր։ «Սիրելի ընկեր, կը հրաւիրուիս, այս իրիկուն, ժամը 6, 30ին, Պառ Մարիուսի ետեւի սրահը։ Օրակարգ՝ Սէնտիքայի հայկական հատուածի կազմութիւն»։
Մայթերուն վրայ ցնցում մը տեղի ունեցաւ։ Մտապատկերները թաւալեցան եւ աներեւութացան։ Երկար երազէ մը արթնցողի պէս, աչքերը բացաւ, ապշահար, իրականութեան վրայ։ Ոստիկանին ճերմակ, կլոր ծայրով գաւազանը մոգական նշանով մը շարժման մէջ դրած էր կառքերու անվերջ շարանը։ Մայթերուն բազմութիւնը, իր կարգին, ստիպուեր էր կանգ առնել, փողոցը անցնելու համար։ Այդ ընկրկումը ելեքտրական հոսանքի նման անցեր էր մայթին մէկ ծայրէն միւսը։ Այդ միջոցին կնոջ մը ժպիտը եկաւ լողալ իր աչքերուն մէջ։ Մէկէն, Տիգրան ինքզինք հրճուանքի գագաթնակէտին գտաւ։ Ինչպէս որ երազի մը մէջ յանկարծ մեր քայլերուն առջեւ կը բացուի առասպելական ծաղիկ մը, ձիւնասպիտակ, խոշոր թերթերով, համակ դիւթանք եւ փորձութիւն, եւ որ քաղելու մեկնող մեր ձեռքերուն տակ անդունդի կը փոխուի ու իր մէջ կը գահավիժէ մեզ, Տիգրան նման սարսուռէ մը բռնուեցաւ։ Իրական ուրախութեան ու պատրանքի մը զգայախաբութեան միջեւ, Տիգրան ժպտեցաւ, բայց ինչ ժպիտ … երկչոտ, անհամարձակ, դողդոջ, գրեթէ ակամայ։ Տկարին ժպիտը զօրաւորին առջեւ։
Մայթերը նորէն սկսան հոսիլ։
Տիգրան աչքերը վերցուց անձկութեամբ հետեւելու համար այդ սիրուն գլուխին որ յայտնուեր էր երջանկութեան խոստումով։ Գլուխներու վրայէն կարգապահ ոստիկանին ճպոտը միայն տեսաւ։ Անբաժանելի զանգուածէն գլուխ մը փրթեր էր յատկապէս իրեն համար։ «Ինծի համար …» խորհեցաւ Տիգրան։ Ու եսասէր զգացում մը յորդեցաւ իր մէջ։ Ուռեցաւ։ Մեծ կարեւորութիւն ստացաւ։ Քայլերը ծանրացան։ Ժպտերես գլուխը անյայտացած էր։ Անիկա յայտնուեր էր գլուխներու մակերեսէն վեր ու կրկին մխրճած՝ անոր մէջ։ Ի զուր, նայուածքը կը թափառէր աջէն ձախ։ Արդեօք նորէն տեսիլքի մը տուրք պիտի տար սիրտը։ Բարեբաղդաբար քրոջը նամակը այդ պահուն սողաց անոր մտածումին մէջ ու լեցուց պարապը։ «Սիրելի Տիգրան, դեռ չեմ կրնար հաւատալ թէ տասը օր միայն մեզ իրարմէ կը բաժնէ։ Նամակս օդային ճամբով քանի մը օրէն քեզ պիտի գտնէ։ Ամբողջովին կլանուած եմ մտածումով մը։ Մեր հանդիպումը։ Տասը տարի, երեւակայէ։ Մանչուկ մըն էիր այն ատեն, որ պզտիկ քոյրիկդ կ՚ապշեցնէիր հազար ու մէկ հնարքներովդ։ Գրեթէ աստուած մը, ամենակարող։ Ինծի այնպէս կուգար թէ բան չկայ աշխարհի վրայ, որ չկարենայիր ընել։ Հայրիկէն ալ աւելի»։ Այստեղ կանգ առաւ վերյիշումը։ Մնացեալը ցնդեցաւ մշուշի մէջ, մինչդեռ թուղթին վարը գիրերը խոշորցան, մօտեցան աչքերուն. «քեզ սիրող քոյրդ Վ. Սահակեան»։ Բայց ինչ պէտք ունէր այդ նամակին, պահու մը՝ ուր անծանօթ աղջկան ժպիտը եկած զայն եսասէր, ինքահաւան դարձուցած էր։ Ցաւագինօրէն, Տիգրան զգաց որ յաղթուած մըն էր, ոչ մէկ առընչութեամբ անցեալի այն մանուկին հետ, որ թեւ կ՚առնէր ապագային վրայ։ Բան մը խորտակուած էր այդ վայրկեանէն Տիգրանի մէջ։ Իր ինքնագոհութիւնը։ Ու անսպասելիօրէն սանձարձակ փափաքներ ունեցաւ։ Թռչիլ օդերուն մէջ։ Աշխարհի ամենամեծ նաւը կառուցանել։ Վախցաւ Վարդանուշին երազները պատռելու գաղափարէն։
Հասեր էր փողոցին ծայրը՝ ուրկէ կը սկսի կլոր հրապարակը։ Չորս կողմը քննելով անցաւ հանդիպակաց փողոցը։ Բազմութիւնը ցրուած էր հրապարակէն ճիւղաւորուող փողոցներուն մէջ։ Հիմա աւելի ազատ կը շարժէր։ Ճամբայ բանալու պէտք չունենալով, ջղայնութիւնը հանդարտած էր։ Տիգրան մտքին մէջ փնտռեց երկու կնոջական դէմքերը, գտաւ ու զետեղեց քով քովի հաւկթաձեւ շրջանակի մը մէջ։ Կախեց մտքին պատէն։ Այդ երկու գլուխներուն իր կեանքն ներս մտնելը անոր մէջ արթնցուց ապրելու բնազդը, զօրաւոր, վտանգաւոր։ Կեանքին առջեւ զգացած վախն էր, որ զինքը հնազանդ անասունի մը վերածած էր։
Փողոցը կը բարձրանար ուղղակի իր նպատակակէտին։
—Այո, այո, մեծ վիլլա մը, խորհեցաւ Տիգրան, նոյն իսկ չանդրադառնալով թէ ինչ էր ըսածը։ Փոքրիկ, նեղ բնակարանի մը պատկերը մտքին մէջ, խեղճութեան նողկանքը տուած էր։ Վերջապէս հասաւ մեռելաթաղներու քաղաքային շէնքին առջեւ։ Հոն էր, որ կը գտնուէր վարձու բնակարաններու հանրային գրասենեակը։
Ներս մտաւ:
Յառաջացաւ կիսամութ նրբանցքէն։ Վարանոտ։ Պատերուն վրայ սեւ վարագոյրներ քաշուած էին։ Ցուրտ լռութիւն մը կը տիրէր։ Անմիջապէս խռովեցաւ Տիգրան։ Մտքին պատկերները ցնդեցան եւ անոնց ծնունդ տուող մտազբաղումը լքեց զինքը։ Կը լողար անիմաստ տարտամութեան մը մէջ։ Լռութիւնը, մեռելային ու դժնէ։ Նրբանցքներուն գերեզմանային հոտը պակուցիչ պատկերներ կը նետէր անոր մտքին մէջ։ Ինքզինքը այնքան պզտիկ զգաց այդ ցուրտ մթնոլորտին դէմ։ Անզօր ու մինակ։ Իր քայլերուն շփումը գետնին վրայ սարսափի յայտնութիւններով յղի միջոցը կ՚արթնցնէր։ Ուժգին կը բաբախէր սիրտը։ Բոլոր զգայարանքները լարուած էին արտաքին օգնութեան մը սպասումով։ Պատերուն ետեւ ականջները մարդկային ձայնի փշրանքներ կը փնտռէին, եւ ահա իր սեփական շնչառութեան, սրտին զարկին աղմուկը, աւելի շեշտուած, կը բարձրանար ու հոտառութեան անհամ երեւոյթներուն կը խառնուէր։ Կը քալէր պատերուն տակէն, կարծես անոնց ներկայութեամբ ինքզինքը ապահովելու համար, բայց վարագոյրները կը շարժէին ու կը թափէին իրենցմէ անտեսանելի գոյութիւններու ողկոյզներ։ Սիրտը կը ցնցուէր վարագոյրներու ամէն մէկ ծանր ու դանդաղ շարժումին։ «Տարօրինակ, խորհեցաւ, ինչ խելք. այս մեռելային շէնքին մէջ հաստատել վարձու բնակարաններու գրասենեակը»։ Սանդուխներուն վերեւ ելեքտրական լապտեր մը իբրեւ յոյս երեւցաւ իրեն։ Լապտերին լոյսը վատուժ էր, կարծես թաւշային խաւարը մատնանշող։ Ճառագայթները կը ծառայէին դժնդակ պատկերներու գծագրութեան։ Տիգրան պահ մը խորհեցաւ քաղաքային վարչութեան, որ ուրուականներէ կազմուած պէտք էր ըլլար։ Այսպէս է, որ առաջին անգամ անոր սրտին մէջ ապստամբ նշոյլ մը յայտնուեցաւ։ Բայց դառնութիւնը զինքը գրաւած ըլլալուն, ատելութիւնն էր, որ դիտեց ի մէջ։ Սանդուխին առաջին աստիճանին վրայ դրաւ ոտքը։ Լռութիւնը կը շարունակէր շատցնել ամէն մէկ շարժումի հնչականութիւնը։ Տիգրան սեղմեց շունչը կոկորդին մէջ ու վազեց։ Բարձրացաւ աստիճաններէն, հրդեհէ փախչողի մը պէս։ Առաջին յարկի նրբանցքները ճիւղաւոր էին եւ երկար, խրած մթութեան ծոցը, հոս֊հոն նոյն վատուժ լապտերներով։ Նոյնպէս սեւ թաւիշէ վարագոյրներ կախուած՝ վերէն վար, նրբանցքներու երկայնքին, ծալք֊ծալք։ Իւրաքանչիւր ծալք խորհրդաւոր ուժերու ապաստան կը թուէր։ Տիգրան կը վախնար անոնց հպելէ, արթնցնելէ խորհուրդները՝ որոնք, քնաթաթաւ, անակնկալի եկած կրնային վազվզել նրբանցքներէն խուճապահար։ Կենդանութեան ոչ մէկ հետք։ Անշարժութիւնը, վհատած լռութիւնը կը պեղէին Տիգրանի խռոված ուղեղը։ Զգուշութեամբ կը քալէր նրբանցքին մէջտեղէն, կրունկները զարնելով տախտակամածին։ Յանկարծ վարագոյր մը գլորեցաւ։ Տիգրան, որ կը ջանար հեգնել պատկերներու միմոսութիւնները, իրապէս սոսկաց։
Մարդու մը գլուխը երեւաց վարագոյրին ետեւէն։ Տիգրան շունչ առաւ։
—Ինչ կը փնտռէք, երիտասարդ։
Տիգրան կակազեց։ Չկրցաւ ամբողջացնել նախադասութիւնը։ Իր ձայնին մէջէն օտար մը կը խօսէր։
Զարհուրելի բան …, մարդ իր ձայնին մէջէն ինքզինքը չգտնէ…։ Բարեբախտաբար մարդը հասկցաւ.
—Սխալած էք, վարը, ճիշդ մուտքի դրան քով։
Տիգրան վերադարձաւ սանդուխին։ Վերջին աստիճանին, պարապի մէջ կախուողի պէս, ցնցուեցաւ։ Զգացումները որոնք իր քայլերը առաջնորդէր էին այդ շէնքը՝ իրեն չէին ներկայանար։ Ժպտուն զոյգ դէմքերը մտքին մէջ չէին։ Ինքզինքը աւելորդ բան մը կը զգար։ Վարագոյրները ու դեռ շատ մը առարկաներ զորս չէր նշմարած՝ մեռելի հոտ կ՚արտաշնչէին։ Երբ փողոցին դուռը բացաւ, ամպերը կը վազէին երկինքէն։ Ինքնաշարժերը՝ գետնէն։ Բաց օդին ու խոշոր լապտերներու լոյսին մէջ Տիգրան հառաչեց։ Կուրծքին մէջ մանր ձուկ մը թպրտաց։ Հառաչը սպառեցաւ։
Տիգրան ինքզինքը ողողուած զգաց տարօրինակ խաղաղութեամբ մը։ Ու տեսաւ, որ իր երազին աղջիկը ներս կը մտնէր այն դռնէն՝ ուրկէ դուրս եկած էր ինք։ Աճապարանքով անոր կուրծքին մէջ թպրտացող ձուկը ցատքեց իրմէ դուրս եւ վազեց աղջկան ետեւէն։ Բռնեց ու գրկեց։ Համբոյրի անձրեւ մը տեղացուց անոր այտերուն եւ շրթներուն վրայ։ Աչքերէն հոսող ուրախութեան արցունքները թրջեցին աղջկան երեսները։ Բերանին շուրջ, օդին մէջ, բառերու թաթառ մը կը պտուտքէր, անկապ, անհեթեթ՝ ինչպէս սէրը.
«Ոչ, ոչ, չեմ թողուր որ հեռանաս… ալ պէտք չէ, որ կորսուիս… գիտնայիր… ոստիկանին անիծեալ ճպոտը… որ բաժնեց մեզ… այո, չեմ թողուր… կ՚ընդունիս, չէ… սիրելիս… սիրելիս…»։ Այլեւս պիտի չթողուր։ Ոչ, պիտի չթողուր, որ կորսուի…։
Բայց կը մնար մայթին վրայ՝ անշարժ, վարանոտ, երկդիմի։ Կը վախնար ծիծաղելի երեւալէ։ Սպասեց քիչ մը։ Նայեցաւ երկինքէն փախչող ամպերուն որոնց ծայրերը կրծուած էին յստակ արծաթագոյն լոյսով մը։ Ջիղերը սկսան հանդարտիլ ու անմիջապէս անյայտացող փոթորիկին տեղ կը վերադառնար հին տղան, որ երկչոտ ու անհամարձակ էր։ «Քիչ մը կենամ, թող չկարծէ թէ իր ետեւէն կը վազեմ…»։ Վարձակալութեան գրասենեակը։ Դեղնոտած պատեր, որոնց վրայ հաստատուած են խոշոր քառանկիւն շրջանակներ։ Հասցէները հոն զետեղուած են ըստ տեսակի։ Ձախ կողմը դուռ մը, որ կը տանէր բուն գրասենեակը՝ ուր պաշտօնեան գլուխը ծռած էր սեղանի մը վերեւ։ Պաշտօնեային կողմը դարձած, «Bonsoir, m’sieurs — dames» մը փսփսաց։ Թեթեւ քրտինք մը թրջեց ճակտին վերեւ մազերուն արմատները։ Յօնքերը իջեցուց աչքերուն վրայ, կարճատեսի պէս, կը կարդար գեղագրութիւնները, կրկնելով ինքն իրեն «Երկու սենեակ, մէկ խոհանոց», մինչդեռ ցուցակը, որուն առջեւ կանգ առած էր, կը ներկայացնէր «պառ»երու, «նպարատուն»երու, «բաղնիք»ներու եւ այլնի խմբակ մը, խոշոր խորագրով՝ «Fonds de Commerce»։ Աղջկան նայելու փափաքը անդիմադրելի էր։ Բայց դառնալ անոր հետ խօսելու իսկ գաղափարը, արիւնը գլուխը խուժել կուտար։ Կարծեց թէ պատահմամբ է, որ իրենց նայուածքները իրարու հանդիպեցան։ Աղջկան դէմքին վրայ ժպիտ մը կար։ Ան է, որ յամառօրէն կ՚որոնէր Տիգրանին նայուածքը։ Կը ժպտէր։ Յետոյ անտարբերութիւն կը ձեւացնէր։ Քանի մը քայլ կը նետէր ու նորէն կը բերէր նայուածքը մխրճել իր որսին ապշահար աչքերուն մէջ։ Տիգրանի աչքերուն առջեւ տողերը գիծեր կ՚ըլլային։ Գիծերը՝ կէտեր, մինչեւ որ իր նայուածքին առջեւ ճերմակ խաւաքարտներ գտաւ։ Կինը հասկցած էր թէ անփորձ տղու մը հետ գործ ունէր։ Տեսակ մը զբօսասէր յամառութեամբ կը հալածէր զայն։
Ու օրօրուելով մօտեցաւ իրեն։
—Կ՚երդնում թէ բնակարան կը փնտռէք …
—Անտարակոյս, տիկին. ուրիշ ինչ կարելի է փնտռել հոս։
Տիգրան զգաց թէ ձայնը կը դողար։ Մտածեց նոյն իսկ թէ իրապէս իր ձայնն էր։ Արդեօք ուրիշ մէկը չէր իր տեղը խօսողը։ Մանաւանդ, անոր համար, որ իր նախապէս պատրաստած նախադասութիւնները տարբեր էին։ Ան պիտի ուզէր ըսել, օրինակի համար «Ահ, դուն ես, ինչ երջանկութիւն… մնացիր, մինակ մի ձգեր զիս…» եւ այլն։ Բայց անիծեալ բառերը գամուեր մնացեր էին իր մէջը։ Չէին ուզեր դուրս գալ։ Արտասանած բառերը օտար էին իրեն համար։
—Օրիորդ, ճշդեց կինը, դեռ տիկին ըլլալու պատիւը չեմ ունեցած։
«Դեռ տիկին ըլլալու պատիւը չեմ ունեցած» կրկնեց Տիգրանի սիրտը։ Ու աղաչող շեշտով մը բարձրաձայն՝
—Ներողութիւն… օրիորդ…
—Այն ատեն, ահաւասիկ բնակարաններու ցուցակը, ըսաւ կինը կէս հեգնոտ, կէս զուարճացող շեշտով մը։
Տիգրան նայեցաւ իր առջեւի ցուցակը։ «Պառ», բաղնիք, վաճառատուն, սրճարան եւայլն պարեցին անոր աչքերուն առջեւ։ Անոնք նայեցան իրարու։ Կինը խնդաց։ Տիգրան կարմրեցաւ։ Բայց ներքնապէս գոհ էր, որովհետեւ վստահ էր, որ աղջիկը հասկցած էր իր խռովութեան պատճառը։
Անոնց նայուածքները լռութեամբ շրջեցան պատի գրութիւններուն վրայ ու երբ կրկին իրարու հանդիպեցան, աղջիկը ժպտեցաւ։
—Չեմ համարձակիր, ըսաւ, եկած եմ բնակարան վարձու տալու …
—Ահ… ընդմիջեց Տիգրան։ Բայց ինծի պզտիկ բնակարան մը պէտք է, երկու սենեակնոց եւ մէկ խոհանոցով։
Կինը շեշտակի նայեցաւ Տիգրանի աչքերուն մէջ։ Ժպտեցաւ։
Աշնան բարակ անձրեւ մը իջեր էր, թրջեր սալայատակները ու քաշուեր՝ երկինքին չես գիտեր որ անկիւնը։ Թաց մայթերը կը պլպլային լապտերներուն ցոլքերովը։
Տիգրան քալեց կնոջ կուշտին, ինչպէս երազի մը մէջ։ Կարճ, խորտուբորտ փողոցներ մէկը միւսին մէջ մեռնելով զոյգը բերին գունաթափ պանդոկի մը առջեւ։ «Եկուր», լսուեցաւ աղջկան ձայնը, ցած, վախկոտ։ Տիգրան, իր ներքին երազին պատճառով, կատարեալ automate մը դարձած էր։ Աղջկան հրաւէրը, «եկուր», տրտմութիւն մը նետեց անոր հոգիին մէջ, բայց հետեւեցաւ։ Պանդոկի հասարակ սենեակ մը։ Պատերէն պաղ տպաւորութիւն մը կուգար։ Հիասթափութիւնը շատ դանդաղ եղաւ։ Տակաւին պայծառօրէն չէր ըմբռներ ցուրտի, զզուանքի եւ փախուստի խառն զգայութիւնը։ Իրեն այնպէս կը թուէր թէ բառերը կը փախչէին իրմէ, չէին հնազանդեր իրեն։ Չէր կրնար զանոնք դասաւորել։ Նորէն ինքզինք շատ պզտիկ զգաց։ Ինչպէս երբ մանուկ էր։ Բառերը տարօրինակ մոգութիւն մը կը գործէին իր վրայ։ Կը սոսկար զանոնք արտասանելէ։ Անոնք կրնային քանդել երազը։ Երազը լուռ է, մունջ, անձայն։ Սենեակը միայն մէկ պատուհան ունէր ու փեղկերը փակ էին։ Երբեք բացուած չըլլային, կարծես։ Պատուհանին անմիջապէս մօտը՝ խարխուլ մահճակալ մը, ցած։ Վրան աղտոտ ծածկոց մը։ Շնիկ մը, դունչը ոտքերուն մէջտեղ, աչքերը սեւեռեց տրտմութեամբ ու կրկին քուն ձեւացուց։ Անդին, փայտի ածուխէ կրակարանի մը վրայ աման մը ջուր կը տաքնար յուշիկ յուշիկ։ Կինը հաներ էր վերարկուն, գլխարկը։ Մօտեցաւ Տիգրանին։ Տիգրան չէր շարժեր։ Փախչելու գաղափարն իսկ չէր գար մտքին։ Մէկու մը պէս, որ չի կրնար հեռանալ սիրուած էակի մը մեռելէն, ան փարած էր իր երազին դիակին։ Այդ լռութեան ու անշարժութեան առջեւ աղջիկը պահ մը շփոթեցաւ։ Չկրցաւ, ըստ սովորականին, գործածել իր թեւերը՝ որոնք աւելորդ մասերու պէս կախուած էին ուսերէն։ Յետոյ մօտեցաւ, վերջապէս բարձրացուց թեւերը ու հաստատեց զանոնք Տիգրանի ուսերուն վրայ.
—Օհ, ըսաւ, կը վախնաս ինձմէ։
Երբեք արհեստը իրեն այնքան դժուար եկած չէր։ Քիչ մըն ալ՝ կորսուած կուսութիւնը պիտի վերագտնէր։
—Եկուր… ըրաւ ձայնը, գրեթէ խնդրող։
«Ով իրաւունք տուաւ իրեն հետս եզակի խօսելու» խորհեցաւ Տիգրան ու քայլ մը ետ քաշուեցաւ։
Կինը կրկին փարեցաւ իրեն։ Գգուեց մազերը։ Կրթնեցաւ անոր քսան տարեկանի հասակին։ Տիգրանի նայուածքները դէպի ներս կը նայէին ու անոնք աղջկան այնքան գեղեցիկ կը թուէին որ, պահ մը, իրական տարփանքի ջերմութիւնը գրկեց զինք մէջքէն։
—Ինծի նայէ։
—Հանգիստ ձգեցէք զիս, ձգեցէք, որ մեկնիմ … կը հաճիք … ըսաւ Տիգրան՝ որ այժմ այնքան խաղաղած կը զգար ինքզինքը։
—Ինչպէս թէ մեկնիլ, կը կարծես թէ պարապ տեղը ժամավաճառ եղայ…
Տիգրան ցնցուեցաւ։ Կինը վերջապէս դիմակազերծ եղած էր։ Կատակերգութիւնը կանգ առած էր ու Տիգրանին տուած՝ քաջութիւնը։ Խորունկ զզուանքով մը գրպանէն քսաննոց թղթադրամ մը հանեց, շպրտեց մահճակալին վրայ ու վազեց դէպի դուռ։
Դուրսը, քալեց կարճ փողոցներէն, որոնք իրարու մէջ հոսելով Տիգրանը տարին մեծ պողոտան։ Իրեն այնպէս կուգար թէ, որովհետեւ նայուածքները միշտ դէպի ներս էին, գանկին հորիզոններուն վրայ, այո, այնպէս կը թուէր թէ երկու սիրուած էակները պարունակող հաւկթաձեւ շրջանակը ինկած փշրուած էր ու անոր կոտրտուքներուն վրայէն է, որ կը քալէր։ Պողոտային վրայ՝ վազելու, փախչելու ցանկութիւն մը կը մտրակէր զայն։ Սկսաւ վազել, իր բարկութեան ամբողջ ուժովը։ Բարկութիւնը անոր մէջ վառելանիւթի պէս կը բռնկէր, ոստում մը ընել կուտար Տիգրանին, որ կը վազէր, կը կենար, կը դանդաղէր եւ յանկարծ, յանձնուելով խելառ վազքի մը, սկսաւ փախչիլ. աւելի ինքզինքէն կը փախչէր քան թէ իր շրջապատէն։ Քանի կը վազէր, աւելի կը բարկանար, աւելի կը ջղագրգռուէր, որովհետեւ կ՚ուզէր իր ետեւը ձգել իր այն ընդդիմադիր մասը, որ կը կառչէր իրեն, կը տարածուէր, իր մէջ, կը շատնար, կը ճիւղաւորուէր։ Երկար ատեն ան ինքզինքը անխոցելի հաւատացած էր։ Ու բաւական եղած էր, որ դէմք մը երեւայ, ժպտի, յօնքերը պռստէ, թքնէ երեսին, որպէսզի իր մէջ քուն եղած ձայներ արթննան, աղաղակեն ու խառնափնթոր հոգեվիճակի մը մէջ գահավիժեն զինքը։ Ժամանակը իրմէ աւելի կը վազէր։ Շէնքերը, փողոցները, քաղաքը նմանապէս մրցումի ելած էին։ Փողոցէ փողոց կը մտնէր, կը դառնար մէկ անկիւնէն միւսը, արագ, մեքենական։ Երբ լայն հրապարակի մը վրայ գտաւ ինքզինքը, նայեցաւ շէնքի մը ճակատին. խոշոր ժամացոյց մը մատը տասներկուքին վրայ դրեր էր։ Դէմի սրճարանէն մարդ մը դուրս ելաւ, ձեռքը սակառ մը։ Թուղթէ ծրարներու տեսքին՝ Տիգրան անօթութիւն զգաց։ Յիշեց, դեռ չէր ճաշած։ Սկսաւ ստկել պիստակները եւ ուտել։ Քայլերը ինքնաբերաբար դանդաղեցան։ Այն ատեն քաղաքը գրաւեց իր սկզբնական տեղը, անշարժացաւ որ Տիգրանին երեւցաւ այնպէս ինչպէս որ կը ճանչնար արդէն։ Խաղաղած մտքին մէջ գտաւ իր սենեակին պատկերը։ Ուզեց երթալ պառկիլ, մոռնալ։ Բայց պանդոկին դրան տեսքը, հանրատան պէս ընդմիշտ բաց, նետեց զզուանքը անոր սրտին մէջ։ Սենեակին առօրեայ գործածութեան առարկաներն իսկ զերծ չմնացին այդ զզուանքէն։ Անկողինը՝ որուն մէջ իր մարմինը ոչ մէկ բարերար հպումի կը հանդիպէր, եթէ ոչ, ըստ բախտի, իր սեփական մատներունը՝ որ իր գոյութեան տարտամօրէն հեշտագին զգայութիւնը կուտար իրեն։ Զզուանքը համատարած էր։ Տիգրան վերադարձաւ։ Գնաց ծովեզերք։ Հեռու։ Բայց ոչինչ կրցաւ ցրուել վրդոված մտածումները։ Ամէն ինչ կը դրոշմուէր իր տրամադրութեամբ, կը ստեղծէր միւենոյն անշնչելի մթնոլորտը։ Վերադարձաւ։ Նորէն փողոցներ։ Մայթեր։ Ոստիկաններ։ Կնոջ գեղեցկօրէն շպարուած դէմքեր, որոնց ժպիտը թղթադրամ կը հոտի։ Տիգրան ապշած կը նայէր չորս դին. «Ահ, այո, կը քրթմնջէր, վարձու սենեակ…»։ Տիգրանի սիրտը կը գօտեպնդուէր, կը խլրտէր նոր ուժերով։ Նոր փիւնիկ մը դուրս կուգար անոր մոխիրէն։ «Աղուոր դաս եղաւ» կը խորհէր ու կը քալէր դէպի սենեակը։ Քիչ վերջը արշալոյսը պիտի բացուէր, չորս կողմէն պիտի լսուէին գործարաններու սուլիչները։ Տիգրան ակամայ, ականջները կը ցցէր, օգնութեան սպասող ծովամոյններու պէս։
—Հաւատացէք, պարոն, գրեթէ ողորմութիւն կը մուրամ… անօթութիւնը… հոս… տեղս մօտ է… կը փսփսար կնոջ մը խռպոտ ձայնը։ Տիգրան չիմանալ ձեւացուց։ Քայլերը արագացուց։ Շուտով հասաւ պանդոկ։ Ելաւ սենեակը եւ անմիջապէս մտաւ անկողին։
Վերմակին տակ, մտածումները հանդարտած, բայց դէպքէն մնացած պատկերներու կտորուանքները դեռ կը դիմադրէին։ Քունը չէր գար։ Ամբողջ ուժով կը ճգնէր վարագոյր քաշել այդ աննախընթաց օրուան վրայ։ Շփոթ դէմքեր մտքին մէջ իրարու կը յաջորդէին։ Անծանօթուհիին դէմքը, զանազան արտայայտութիւններով կը պարզուէր ու ծնունդ կուտար խորամանկութեան խաղին։ Ապրելու կռուին։ Պահ մը սիրտը կը լեցուէր կարեկցութեամբ, կրկին տեղի տալու համար հիասթափութեան տաղտուկին։ Փոխադարձաբար։ «Ճիգը, կ՚ըսէր Տիգրան սովորաբար ինքզինքին, ներքին ճիգն է, որ մարդը կը բնորոշէ անասունէն։ Ճիգը մարդուն կռիւն է ինքզինքին հետ»։
Սեղանին վրայ ժամացոյցը ամենայն անտարբերութեամբ երկվայրկեանները կը համրէր ամէն օրուայ պէս։ Տիգրանին այնպէս կուգար թէ ժամացոյցը, որ իր աշխատաւորի կեանքին անբաժան ընկերն էր, այդ ճիգին օգնութեան կը հասնէր։ Անոր թիք֊թաքը սղոցի պէս կ՚երթար կուգար մտապատկերներուն վրայէն ու ինք, գլուխը գանկին երկարած հնազանդ մահապարտին նման, վերջին խաղաղութեան կը սպասէր։ Քունը չէր գար։ Կը դառնար աջ, կը դառնար ձախ։ Գլուխը կը խոթէր բարձին տակ, բայց թիք֊թաքը կ՚արիւնէր զգացումները, ինչպէս չսրուած դանակը աքլորի մը վզին վրայ։ Գիշերային խաւարը, մեկուսացած, միջոցէն անջատուած սենեակին մէջ, զառանցանքներու գործարան մը կ՚ըլլար։ Տիգրան, երեւակայութեան ուժ տալով, սարսափ ունեցաւ։ Ցատքեց անկողնէն։ Դարձուց ելեքտրական կոճակը։ Լոյսը ժայթքեցաւ չորս դիէն։ Լոյսը եւ խաւարը իրարու բաղխեցան աչքերուն մէջ։ Մատներով ճմռթկեց աչքերը, ուժգին, շտապով, շնչատ։ Կարծես մութին մէջ թշնամին խեղդամահ կ՚ընէր։ Ու երբ աչքերը բացաւ, լոյսը ժպտեցաւ իրեն։ Ինքն ալ՝ լոյսին։ Ժամացոյցին զարկը իր ամենօրեայ իմաստը ստացաւ։ Գաւաթ մը ջուր խմեց։ Լոյսը մարեց։ Վերմակին տակէն փախեր էին խռովարար պատկերները։ Խաղաղութիւնը կ՚իջնէր, կը տարածուէր բուրմունքի նման։ Թարթիչներուն մէկ ծայրէն ներս սահեցաւ քրոջը դէմքը։ Մանկութեան յիշատակները մշուշի մը մէջէն տողանցք ըրին։ Տողանցքը յառաջացաւ հեռաւոր ցամաքներէ, լեռներէ, ծովերէ, եւ ահա, խելահաս, հասուն կնոջ մը դէմքը կ՚առաջնորդէր անցեալի կարաւանը ու կանգ կ՚առնէր ներկայի կայարանը։ Տիգրան կեանքը աւելի շօշափելի կը զգար։ Ահաւոր պարապութեան մը զգայութիւնը, իր ետեւ, տեղի կուտար սիւներու՝ որոնք կը կանգնէին հաստատուն բռնելու համար շէնքը։ Երբ Տիգրան իրապէս հասկցաւ ապահովութեան վերադարձը, աւելի կայուն հիմքերով, շրթները մեղմօրէն շարժեց մութին մէջ. «Բայց ինչ արդիւնքի յանգեցնել ճիգը… ինչ կատարի հասցնել…»։
Եւ այս խորհրդածութիւնը հարթեց ներդաշնակեց անոր միտքը, համակեդրոն ծրագիրներու միապաղաղ հոգեմթնոլորտին մէջ։ Քունը վրայ հասաւ, բացաւ թեւերը, փռեց մահճակալին վերեւ… քունը… անուշ քունը… խորունկ… Գիշեր բարի…
ՍԵՒ ՄԱԶԵՐԸ
Տասը տարիէ աւելի պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ կ՚աշխատէր։ Մեծ Պուլվարներու կողքին, լուռ ու խաղաղ անկիւն մը, գրեթէ կղզի մը, պարոն Պէռնարի չորս պանդոկները դէմ դիմաց իրար կը նայէին, մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ։ Բայց անկասկած Իշխանաց Պանդոկը գեղեցկագոյնն էր, ոչ անոր համար, որ Նիք֊նիք գլխաւորաբար հոն զբաղուած էր, պարզապէս անոր համար, որ գեղեցկագոյնն էր։ Կը բաւէր միայն աչք մը նետել ու հաստատել. «Ինչ սիրուն պանդոկ»։ Իշխանաց Պանդոկը միայն ունէր դարձող դուռ մը՝ որուն թեւերուն մէջէն շնորհալի կիսաշրջանով մը դուրս կուգային հիւրերը։ Իսկ կրումները, իրենց պատանիի ոգեւորութեամբ կը դղըրդացնէին այդ թեւերը՝ որոնք, անոնց հեռանալէն ետք, դեռ կը շարունակէին դառնալ բրտօրէն։ Պանդոկին իշխանական խաղաղութիւնը պահ մը կը սրսփար, աչքին մէկը կը բանար՝ գլուխը թաթերուն վրայ հանգչեցուցած շունի մը պէս եւ կրկին կը վերադառնար իր որջը։ Դրան դիմացը սանդուխին վրայ կանգ կ՚առնէր երկայնահասակ նրբակազմ տնօրինուհին, նայուածքը սեւեռած, վարի շրթունքը ակռաներուն մէջ սեղմած, որպէսզի գայթակղութիւնը մնայ կոկորդին մէջ։ Որ անպատկառն էր համարձակած խանգարել իրմէ պարտադրուած եւ այնքան հոգատարութեամբ հսկուած խաղաղութիւնն ու լռութիւնը։ Պարոն Պէռնար, նոյն ինքը, ոտքը Իշխանաց Պանդոկին դռնէն ներս նետելուն, շրթները դանդաղօրէն կը բանար, ձայնը կը քաղցրացնէր, կը ցածցնէր, կը կենար ուղիղ, թեւերը կախած, մեղկութեամբ։
Նիք֊նիքի աշխատութիւնը անորոշ էր։ Օգնական, աւլող, սրբող, մաքրող։ Ան էր, որ նորեկները իրենց աշխատանքին կը վարժեցնէր կամ բաց մնացած տեղ մը կը լեցնէր, բացի խոհանոցէն։
Ահ, այո, բացի խոհանոցէն, որուն քովէն անցնելու անգամ կը զգուշանար։ Ինչ չար ու ինքնահաւան էին այդ «ճերմակ գդակաւոր»ները, մանաւանդ երբ բոլորը միատեղ յօնքերնին կիտած կը ծիծաղէին։ Անոնց քով էր միայն, որ կիներուն մօտ ունեցած իր հեղուկ ժպիտը տեղի կուտար, հաստ շրթունքը կը կախուէր, թախծութիւնը կը պատէր հոգիին մէջ եւ կը կորսնցնէր իր ինքնութիււնը։ Նիք֊նիքի այս վախը Պարոն Պէռնարի չորս պանդոկներուն մէջ աշխատողներուն բոլորին ծանօթ էր։ Ոչ ոք զայն կը յիշեցնէր իրեն, բայց անիկա բոլորին աչքերուն մէջ կը կարծէր կարդալ ու փորձութենէ խուսափողի մը պէս կը զգուշանար նայուածքը անոնց ուղղելէ։ Միշտ ոտքերուն ծայրին նայելով կը քալէր։ Կը նախընտրէր որ դանակին սուր ծայրը փորը մխէին, քան խոհարարներու գոյութիւնը յիշեցնէին իրեն։ Ամենէն առաջ կ՚արգահատէր փոխ֊վարպետին՝ որուն փորը իրմէ առաջ կը քալէր։ Խոհարարին կուրծքէն կախուած այս մսեղէն տոպրակը զինքը քթին տակէն կը խնդացնէր։ Եթէ պատահէր չկարենալ պահել խնդուքը փորին մէջ, մինչեւ աղիքները եւ դուրս տար փոխուքի պէս, կրկին ու կրկին կը պատուիրէր, որ խոհարարին չխօսին այդ մասին։ Օր մը սակայն, բարկութեան մէկ պահուն ինքն իսկ պոռաց անոր երեսին.
—Նախ փորդ խնամէ ու վերջը խօսէ ուրիշներուն վրայ…
Այս համարձակութիւնը սուղի նստաւ իրեն։ Խոհարարը, ձեռքերը մէջքին, քիչ մը դէպի ետեւ հակած, աչքերը իրենց փոսերէն դուրս թափած, սպառնաց կրկնել տալ ըսածը։ Միւսը յամառեցաւ։ Խոհարարը լրջօրէն ինքզինքէն դուրս ելած, իր ամենէն սուր քիթով դանակին ծայրը կրթնցուց անոր պորտին քովերը ու պոռաց ճիւաղային ձայնով մը.
—Պիտի կրկնես թէ ոչ ըսածդ, պիտի կրկնես… պիտի կրկնես, հէ… այնպէս չէ…
Դանակին քիթը հասեր էր մորթին։ Նիք֊նիք կը յամառէր տակաւին։ Լեզուն քար կտրած էր, սիրտը՝ հրդեհ։ Քամուած կը մնար ոտքի մատներուն վրայ, վեր վեր կ՚ոստոստէր քանի մետաղին պաղ ծայրը կը զգար մորթին վրայ։
—Պիտի կրկնես… կը շարունակէր հաստափոր խոհարարը, ակռաները կճրտացնելով ու հարցումին իւրաքանչիւր շեշտին դանակին ծայրը քիչ մը աւելի ներս հրելով։
Յանկարծ՝
—Օ օ օ օ օ… հեթանոս, վայրենի հրէշ, աղաղակեց սեւամորթը։
Անմիջապէս տափատին վերի երկու կոճակները քակեց. շապիկին ծայրը վեր առաւ։ Աչքերը կլոր կլոր կը դառնային իրենց խոռոչներուն մէջ։ Բարկութիւնը սեւ դէմքին վրայ, ծիածաններուն սպիտակութեան մէջ, արտասովոր արտայայտութիւն մը կ՚առնէր։ Պորտէն քիչ մը վար մազի բարակութեամբ ճեղք մը բացուած էր։ Ամէն մէկ ծայրին արիւնը սկսեր էր արցունքոտիլ։ Արիւնին տեսքը տաքցուց զինքը։ Ինքն իր վրայ դարձաւ կատաղօրէն ճչալով, կարծես ելեքտրական հոսանքէ բռնուած։ Տեսարանը արտառոց էր։ Խոհարարները, պնակ լուացողները, բոլորը ներկայ էին, շրջանակ կազմած ու չէին գիտեր թէ պէտք էր խնդալ թէ լալ։ Փոխ վարպետը, ինքն ալ փոխն ի փոխ ու նոյն իսկ միաժամանակ, թէ կը զուարճանար, թէ սրտին մէջ սուր կսկիծ մը կը զգար։ Բայց, յանկարծ, բոլորը մէկ ենթարկուեցան պակուցման սարսուռներուն։ Նիք֊նիք անսպասելի անդրադարձութեամբ ցատքած էր փոխ վարպետին վրայ ու խորունկէն խածած անոր մերկ բազուկը։ Խոհարարին աչքերը վայրկենապէս պոռթկացին։ Ան նայեցաւ բազուկէն հոսող արիւնին, յետոյ խափշիկին եւ այսպէս յաջորդաբար քանի մը անգամ։ Բոլորը կը սպասէին անշարժ ու յափշտակուած, գալիք անհաւասար մենամարտին։ Բայց խոհարարը սեւէն ճերմակ, ճերմակէն սեւ Դառնալով ժայթքեցաւ ճաթած խնդուքով մը։ Ներկաները երկայն շունչ մը քաշեցին, աղէտէ մը ազատուածներու պէս։ Խոհարարը ձախ բազուկը աջ ձեռքին մէջ՝ գնաց, ծիծաղկոտ, ցուցադրել ամենուն ափրիկեցիին արարքը,
Երբ նորեկներ չըլլային եւ կամ աւլտուքը լմնցած ըլլար, Նիք֊նիք օրուան մնացեալ մասը կ՚անցնէր սրահներուն մէջ։ Շրթունքը կախ, մէկ ձեռքը լաթի կտոր մը, միւսը՝ փետուրէ փունջ մը ասդին անդին կ՚երերար, սեղաններուն, աթոռներուն կամ պատերուն քանդակներուն վրայ հանգչած փոշին սրբելով, կատակելով, հալը կամ ընթերցասրահը նստած կիներուն հետ։ Անարդար չըլլալու համար պէտք է ըսել անմիջապէս որ աւելի կիները կը հետաքրքրուէին իրմով։ Անոր տուած միամիտ եւ սակայն կամշոտ պատասխանները կը զուարճացնէին զիրենք։ Իրենց սպիտակ ակռաներուն եւ կարմիր շրթունքներուն մէջէն գուլայ գուլայ դուրս եկող ծխախոտի մուխին ետեւ դէմքերնին յուլօրէն կը ծիծաղկոտէր։ Ցուցամատին ու միջնամատին միջեւ թըրքիշ սիկարեթ մը զոր կը տանէին շրթունքներէն ծունկին, ծունկէն շրթունքներուն։ Մուխը ներս կը քաշէին եւ յետոյ դուրս կը հանէին ուղխօրէն իրենց մանրիկ քթածակերէն։ Ու կիները Նիք֊նիքին դիմացը կողերնուն մէջ ըղձանքի դանդաղ գալարումներ կ՚ունենային։ Օրուան այդ անհատնում կէս օրէ վերջերը Նիք֊նիք ուղղակի ազատութեան աղբիւրէն կը խմէր։ Զինքը նեղողները իր աշխատակիցներն էին։ Հիմա չկային անոնք։ Մինչեւ իրիկուան սպասարկութիւնը։ Սրահէ սրահ ան փոշի կ՚որսար ու եթէ այդ կիներէն մէկը գտնէր իր մէջ զուարճութեան առարկայ մը, ձանձրոյթը փարատելու նպատակով, Նիք֊նիք աշխարհի ամենաերջանիկ մարդն էր։ Կիներուն համար հաստաշուրթն սեւամորթը անվնաս անասուն մըն էր եւ մարդիկ աւելի մտերմութիւն ու պարզութիւն ունին ստորադասի մը հետ։ Անոր խօսքերը տղայամտութեան երկարաձգումը ունէին, բայց կրնային ատով հանդերձ զգացնել սեռային հոտ մը։ Շարժումները ծեքծեքուն էին ու ճապուկ։ Հոտ է հաւանաբար գաղտնիքը։ Ան ամբողջովին տղայ ըլլալով հանդերձ այր ալ էր։ Եւ զգալիօրէն։ Խափշիկին կիներէն սիրուած եւ այրերէն ծաղրուած ըլլալուն պատճառը իր մանկականութիւնն էր։ Եւրոպացին չի գիտեր անգամ իր երբեւիցէ տղայ եղած ըլլալը։ Եւրոպացին չափահաս աշխարհ եկած մարդն է։ Կը պատահէր, որ կիներէն ոմանք, մենաւոր ճամբորդներ, Ամերիկայէն կամ Անգլիայէն, նորատեսակ եւ զգայացունց յուզումներու որսորդուհիներ, անոր հրամցնէին թանկարժէք գլանիկներէն հատ մը, երկու, երեք, մեղրախառն ու օփիոմախառն, որ կը թեթեւցնէին Նիք֊նիքի ուղեղը, կը թուլացնէին անոր սրունքները։
—Նստեցէք, կ՚ըսէին իրեն։
—Օ, մատամ, մատամ… կը բացականչէր ան, կը բազմէր կաշեպատ թիկնաթոռի մը մէջ ու կը դառնար անառակ տղայ մը։
Բայց կար թէլէֆոնիսթը։ Անմիջապէս, որ անոր պատկերը գրաւէր նայուածքը ծայրայեղօրէն կը լրջանար։ Փետուրէ փունջը ձեռքին կը մօտենար անոր, ժպտելով ու քթին տակէն մռլտալով։ Թէլէֆօնիսթին ձիւնասպիտակ մորթը, ոսկեգոյն մազերը անոր մէջ կ՚արթնցնէին զգացումներուն ամենէն տիրականը։ Գրեթէ հեշտանքով կ՚ենթարկուէր այդ ազդեցութեան, վերջին ծայր ամօթխած։ Ձայնը հազիւ ինքզինքին լսելի կ՚ըլլար։ Խօսած ատեն նայուածքը գետնէն վեր չէր առնէր։ Շիկահեր թէլէֆօնիստը, որ եկքանիկի մը պէս սիրուն ու խօսուն էր, մասնաւոր գուրգուրանքով կը վարուէր անոր հետ։ Գրեթէ ակամայօրէն սիրտը երանութեամբ կ՚ողողուէր։ Թաքուն կերպով իր կնոջական եսը կ՚ըմբռնէր սիրուած, պաշտուած ըլլալը։ Իր վերաբերմունքը բոլորովին մայրական էր, որքան սեւամորթինը որդիական՝ իր արտաքնացման մէջ։ Ի հարկէ, ան տարբեր ձեւով կը բացատրէր ինքզինքին, մարդասիրական զգացումներով։ Կնոջական եսասիրութիւնը չի կրնար չենթարկուիլ հզօր ու լռին պաշտամունքի մը, ուրկէ որ գայ ան։ Սեւ դէմքին վրայ սպիտակ աչքերուն տրտմութիւնը անհուն էր ու դիւթիչ, անոր համար, որ լռութիւնը իր ամբողջ ծանրութեամբ կ՚իջնէր աղջկան էութեան խորունկ ծալքերուն մէջ։ Այլամերժ ուժ մը հոն իր ալիքներով կը դիմադրէր այդ տարածուող զգացումին։
—Խեղճ մըն է, կը կրկնէր շարունակ իր պաշտօնակիցներուն. ամէնքն ալ զինքը կը չարչարեն…։
Ու ձեռքը կ՚երկարէր շոյելու համար անոր մազերը։
Կը պատահէր որ Նիք֊նիք խորհէր իր թոշակին։ Ամսագլխուն, երկու հարիւրնոց թղթադրամները ձեռքը, անշարժ, նայուածքը մխրճած անյայտին մէջ, տրտմութիւն մը կ՚իջնէր վրան՝ քրտինքի պէս։ Երկու կտոր թղթադրամները կը կոտրէին անոր համարձակութիւնը, եթէ դեռ քիչ մը մնացած էր անկէ։ Տարիներէ իվեր ամիսը անգամ մը կանոնաւորապէս ունեցած էր այդ զգայութիւնը — պարապի զգայնութիւնը կամ վախի — կեանքին հանդէպ։ Աշխատանքի ժամերը բնաւ չէին պակսէր, ընդհակառակը, մերթ ընդ մերթ կը ստիպուէր հինգ վեց յաւելուածական ժամեր ընել, գիշերը՝ երբ գիշերապահը հիւանդ ըլլար, կամ կինը նոր զաւակ ընծայած ըլլար ամուսինին։ Նման պարագաներ անպակաս էին, կարծես մասնաւոր կերպով ամէն փորձանք Պարոն Պէռնարի հաստատութիւններուն մէջ կը պատահէր, որովհետեւ Նիք֊նիք պահապան հրեշտակը հոն էր։ Կեանքը տարուէ տարի կը սղէր ու հետզհետէ անոր գնելիք պիտոյքները ծրագրային երազկոտ աշխարհի մը զարդերը կ՚ըլլային։ Նիք֊նիքի ուղեղին մէջ ամէն բան «պիտի»ով մը կ՚ընկերանար։ Բայց ան գտած էր մխիթարութեան կարճ ճամբան. «Հապա եթէ բադրոնը չդիմանայ ու գոցէ իր չորս պանդոկներուն դռները…» եւ ուրիշներուն պահանջկոտութիւնը անարդար կը գտնէր։ Եթէ բոլորն ալ իրեն հետեւէին ամենուն հացը ընդ միշտ ապահով կ՚ըլլար։ Նիք֊նիք ունէր նաեւ զանազան մենաշնորհներ ինչ որ ոչ միայն մխիթարութեան եզրերէն ոմանք էին այլ նաեւ իր հպարտութեան գլխաւոր պատճառը։ Բացի աշկերտներէն ոչ ոք բնակութեան իրաւունք ունէր պանդոկին մէջ ու ինք, Նիք֊նիք, լաւագոյն սենեակը ունէր ձեղնահարկին վրայ, տաք եւ պաղ ջուրով լուացարան մը ու աւելին, բացառաբար ինք միայն կրնար հետը «հաւ» մը բերել, հանգիստի օրը, այսինքն կէս օրին։
Եւ սակայն, երբեմն սատանան փորը կը մտնէր. «պիտի ըսեմ բադրոնին, կը մտածէր, ամսականս քիչ մը աւելցնէ։ Ինծի ինչ, եթէ գործերը կը կաղան»։
Կ՚որոշէր քիչ վերջն իսկ երթալ տեսնուիլ բադրոնին հետ։ Այսպէս, քանի անգամներ թեթեւոտն ու շնչատ մօտեցած էր Պարոն Պեռնարի գրասենեակի դրան։ Ուղիղ կանգնած կը մնար, սիրտը տրոփուն, աչքը դրան վրայ։ Իրեն կը թուէր թէ միւս կողմէն ամբողջ բանակ մը սուինները պարզած կը սպասէր։ Դուռը բանալ, անցնիլ սեմէն, ահա ամենէն դժուարը։ Եթէ ինքն ալ բանակի մը գլուխը ըլլար… Ոչ, կատակ չէր։ Այդ խոժոռ, փակ դրան առջեւ Նիք֊նիք ամբողջովին կը գիտակցէր իր տկարութեան, իր ոչնչութեան։ Դանդաղ ու տրտում կը վերադառնար գործին։ Գլուխը լեցուն մշուշային երազանքով մը կ՚աւլէր, կը սրբէր մեքենաբար։ Այդ երազանքէն դուրս կը ցցուէր բարեկամի մը յիշատակը։ Իր միակ բարեկամը, ուրիշ սեւամորթ մը, որ տասնըհինգ տարի լուռ ու մունջ աշխատած էր միեւնոյն տան մէջ։ Օր մը քաջութիւնը ունեցած էր բանալ այդ սարսափելի դուռը։ Այդ օրուընէ ի վեր Նիք֊նիք առանց բարեկամի մնացած էր։ Բայց Նիք֊նիք չէր ուզեր խորհիլ ատոր վրայ, որովհետեւ մտածումը այդ յիշատակով կ՚ուռճանար, կ՚ուռէր, ինչպէս ցորենի հատիկը խոնաւութեան մէջ։
—Quand même, բադրոնները չար են, կ՚եզրակացնէր ու մտածումը կը փաթթէր շիկահեր թէլէֆօնիսթին ժպիտին մէջ։ Արիւնը արագ շրջան մը կ՚ընէր սրտին մէջ։ Գլուխը ծռած, ամչկոտ, երջանիկ, կը ջանար մոռնալ իր անկարողութիւնը։
Նիք֊նիք, ինչպէս ամէն մարդ, մոլութիւն մը ունէր։ Ի հարկէ ըստ իրեն շուրջ կազմուած կարծիքին իր ստախօսութիւնը չէր այդ մոլութիւնը։ Ինչպէս կ՚ըսէ առածը «ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի», Նիք֊նիք կ՚ապաստանէր ստախօսութեան մէջ։
Իրիկուն մը, Պարոն Պեռնարի մօտ ծառայութեան մտած սկիզբները, Իշխանաց Պանդոկը մեծահարուստ անգլուհի մը եկաւ, յիսունը անց այրի կին մը։ Նիք֊նիք գիշերային ծառայութիւնը կ՚ապահովէր գիշերապահին տեղ, որ հիւանդ էր։ Անգլուհին առաջնորդեց գեղեցիկ սենեակ մը, բայց զարմացաւ հաստատելով որ ծունկերը կը դողային։ Կինը շարունակ կը նայէր իրեն խիստ ու նուաստացուցիչ նայուածքով մը։ Նիք֊նիք սաստիկ վիրաւորուած զգաց ինքզինքը։ Ամէն մէկ շարժումը մէյմէկ ձախաւերութիւններ։ Կինը հապճեպով, առանց կարեւորութիւն տալու իր ներկայութեան հանուեցաւ։ Նիք֊նիքի ապշահար սպիտակ նայուածքը անշարժացաւ պահ մը կնոջ մարմնին վրայ ու մատներուն վրայով հեռացաւ։ Ժամ մը չէր անցած երբ զանգակը հնչեց։ Նիք֊նիք վազեց կնոջ սենեակը ու արտասովոր տպաւորութիւն մը ունեցաւ։ Կարասիները տեղափոխուած էին խառնիխուռն, շրջազգեստներ ու ճերմակեղէններ շպրտուած աջ ու ձախ եւ սեղանին, տախտակամածին վրայ բազմաթիւ սրուակներ կային։ Ծխախոտին մուխը լեցուեր էր սենեակին մէջ։ Կինը, ամբողջովին մերկ, երկնցած էր անկողնին վրայ թմրած, ինքնակորոյս վիճակի մէջ։ Ալքոլը դէմքին թառամութիւնը սաստկացուցած էր ու անճոռնի արտայայտութիւն մը կուտար անոր։ Աչքերը չէին բացուեր։ Նիք֊նիք զզուանքով դէմքը դարձուց, բայց աչքերը ինկան անհաւատալիօրէն թարմ մնացած մարմնոյն վրայ։ Բացարձակապէս քսան տարեկան էր մարմնով։
Նիք֊նիք անշարժ ու անխօս կեցեր էր սենեակին մէջտեղը, հովէն գգուըուած եբենոսի ծառի մը պէս։ Կնոջ թեւը շարժեցաւ, գնաց սեղանին վրայ, անգլիական բաունտ մը վերցուց, երկարեց Նիք֊նիքին եւ հրամայեց չոր ու կտրուկ ձայնով մը.
—….
Այս պատմութիւնը տեւեց ամբողջ տասնըհինգ օր։ Կամովին բանտարկուած գիշեր ցորեկ սենեակին մէջ՝ ուր միայն Նիք֊նիք մտնելու իրաւունք ունէր։ Պարոն Պէռնար ամէն օր նորանոր ապսպրանքներ կ՚ընէր, օղի, գոնեակ, գինի, ուիսքի։ Կինը ոչ մէկ անգամ փոխեց իր տեղն ու դիրքը։ Մերկ, երկարած անշարժ կը մնար։ Ամէն անգամ որ Նիք֊նիք սրուակներով բեռնաւոր ներս կը մտնէր սենեակէն, կինը ձեռքը կ՚երկարէր թղթադրամներու տրցակին եւ կ՚արտասանէր իր սովորական հրաւէրը…։ Մինչեւ որ օր մը պատկառելի երիտասարդ անգլիացի մը եկաւ — կնոջ զաւակը ու կինը հետը տարաւ։
Ստախօսութիւնը սկիզբ առաւ այս պատմութենէն, որ ամբողջովին խեղաթիւրուած փոխանցուեցաւ ուրիշներուն։ Մէկէն Նիք֊նիք գտաւ շրջապատէն իր կրած վախը ծածկելու միջոցը։ Անոր առնականութեան բացառիկ քաշողութեան ենթարկուած էր կինը։ Յետագային երբ կիները կը խաղային իր միամտութեան հետ, անիկա թաքուն կերպով կը զգար, առանց ընդվզելու, այդ զուարճացող կիներուն արհամարհանքը իրեն հանդէպ։ Երեւակայութիւնը, որ ստելու հարկադրանքէն հետզհետէ զարմանալի բեղմնաւորութեան մը հասած էր, անմիջապէս նորանոր պատմութիւններ կը հիւսէր։ Աներեւակայելի տարփական գիշերներ՝ անուշահոտութիւններով, ազնիւ ծխախոտի եւ խմիչքի գինովութեամբ, կնոջական գեղեցկագոյն մարմիններով լեցուն։ Այդ պատմութիւններէն կը կարծուէր թէ Իշխանաց Պանդոկը իր սեփական հիւրանոցը ըլլար։
Ճաշերէն վերջ Ժօրժ սենեկապետը դանդաղօրէն կը լեցնէր ծխամորճը, կը վառէր ու կը սկսէր քալել երանութեամբ։ Արմուկը կը դնէր սեղանին.
—Էհ, Նիք֊նիք, ինչպէս կ՚ըսէր պառաւը…
—Հի, հի, կ՚ընէր սեւամորթը, շրթունքը կախ, ու ատամնաշարերը պարզած կ՚արտասանէր, «նիք֊նիք»։
—Սխալ է, կ՚ընդմիջէր վարժապետական շեշտով մը թարգմանը, որ քովը մինակը կը ճաշէր փոքրիկ սեղանի մը վրայ, գերմաներէնի եւ անգլիերէնի միջեւ աղաւաղուած բառ մը կը նետէր։
—Ֆիկ֊ֆիկ… հի, հի, կ՚ընէր սեւամորթը ծեքծեքուն։
Պատմութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ կանգ կ՚առնէր։ Ձախ ուսը վզին զարնելով «աախ» կը ճչար որ կը յիշեցնէր ճիտը կտրուած եզան մը խռկոցը։
Ժօրժ սենեկապանը յօնքերը կիտած կը քաշէր ծխամորճը։ Ծայրայեղ հետաքրքրութեամբ ու հաւատքով մտիկ կ՚ընէր։ Նախ որ զինք հետաքրքրողը պատմութիւնն իսկ էր։ Արդ, իբրեւ պատմութիւն, պէտք չէր զգար անոր ճշմարտանմանութեամբը մտահոգուելու։ Կը բաւէր, որ պատմութիւնը համով ըլլար ու ինքն ալ իր կարգին մտքովը կէս մը իւրացնէր։ Ահա կարեւորը։ Չէ որ ամենէն համեղ մասը նկարագրելէն ետքն էր մանաւանդ, որ Նիք֊նիք ձախ ուսը կը վերցնէր ու կը ճչար «աախ», ի նշան գոհունակութեան, թերեւս պարզ ունակութիւն մը, որ Ժօրժին մտքին — աւելի ճիշդը՝ միսին — մէջ վայելքի պահուն համարժէք արձագանգը կուտար։
Հնարելու տենդէն խորապէս վարակուած, եւ ոչ թէ դիմացինին հակումը շահագործելու ոգիով, իր բացատրութիւններուն մէջ լպիրշը ներմուծելու չէր վախնար։ Նկարագրութիւնը անգամ մը տրուած՝ ստեղծագործական թափը կը կայանար զայն չափազանցուած համեմատութիւններով խոշորցնելուն մէջ։ Ահա այդ ատեն է, որ Նիք֊նիք կը դիմէր կոպիտ ու լպիրշ արտայայտութիւններուն։ Կը ջատագովէր իր առնական կարողութիւնը…։ Իր ներգործութիւնը ենթակային վրայ։
—Չէ, կընէր Ժօրժ սենեկապանը աչքերը եւ բերանը ապշահար բացած։
—Աախ, կ՚ըլլար պատասխանը, ուսը զարնելով վզին, որ կը յիշեցնէր ճիտը մորթուած եզան խռկոցը։
Ժօրժին լուսապայծառ դէմքը դանդաղօրէն մթագնեցաւ։ Դիմագիծերը ամփոփ, գլուխը ծռեց դէպի Նիք֊նիք գաղտնիք մը փոխանցելու ձեւով.
—Բայց, ըսէ, Նիք֊նիք, կիները աղտոտ չեն… Էհ, բնութիւնն է այդպէս ստեղծած։
—Հի, հի, ըրաւ ինքնահաւան Նիք֊նիք՝ որուն համար գաղտնիք չկար այդ նիւթին վերաբերեալ. բարիլոյսի պէս պարզ է։ Անմիջապէս ետք գարեջուր մը կը խմես ու կը միզես։
Խեղճ Ժօրժ։ Վայրկենապէս քրտինք ջուրը մտաւ։ Ասիկա կ՚ապացուցանէ, որ Ժօրժ, հակառակ իր համբաւին, «խեղճուկ» մը չէր։
Այս գլուխը փակելէ առաջ, ճշմարտութեան դէմ գործած չըլլալու համար, պէտք է ըսել, ի նպաստ Նիք֊նիքին, թէ այդ միեւնոյն զգայութիւնը կ՚ունենար ինքը։ Ատիկա կը պատահէր երբ գանգրահեր թէլէֆօնիստը պատրուակով մը ներս կը մտնէր կատուի պէս ու կը կենար երկու մարդոց քով։ Սուտին հրաշալի կառուցուածքը ակնթարթի մը մէջ կը խորտակուէր։ Նիք֊նիք գլուխը կը կախէր։ Կը լռէր։ Այն ատեն կը գիտակցէր իրապէս իր ստախաղին՝ որմէ առաջին խաբուողը ինքն էր։ Ամօթէն գլուխը վեր չէր կրնար առնել։ Տեղէն կը ցատքէր յանկարծ, կը վազէր առանց ետեւը նայելու։
—Ահ, մոռցայ, բադրոնը տեղ մը պիտի ղրկէր զիս։
Նիք֊նիքի մոլութիւնը։ Ահաւասիկ։ Իր սեւ մազերը։ Ածխագոյն ու խիտ մազերը, սեղմօրէն սանտրուած։ Աչքի մէկ ակնարկով յայտնի էր անոնց տրուած բծախնդիր հոգածութիւնը։ Ըսել չէ որ ընդհանրապէս անփոյթ էր հագուածքին մէջ։ Ընդհակառակը, Նիք֊նիք վերջին ծայր բարեկազմ ըլլալով, շատ լաւ կը վայլեցնէր հագուստը։ Անգլիացիի մը պարզութեամբ ու վայելչութեամբ։ Կօշիկները ամէն օր կը ներկէր, հայելիի մը չափ փայլուն։ Բայց եւ այնպէս մասնաւոր հով մը դուրս կուգար այդ ընդհանուր շնորհալի տեսքէն։ Սեւ մազերուն կտրուածքին խնամքը։ Մանաւանդ անոր համար, որ արգիլուած էր անոնց դպչիլը։ Եթէ պատահէր, որ անխոհեմ ձեռք մը իյնար այդ գանկին վրայ, Նիք֊նիքի հոգիին մէջ քնացող բոլոր ուժերը կ՚արթննային ու կը ժայթքէին անոր դէմքին խաւարէն, ինչպէս կայծակները՝ ամառնային փոթորկոտ գիշերուան մէջ։ Կատակեցէք մարդու մը հետ ինչքան որ կ՚ուզէք, բայց «դպէք» անոր արժանապատւութեան, ձեր բազմաթիւ թշնամիներուն թիւին վրայ հատ մըն ալ աւելցուցած կ՚ըլլաք։ Նիք֊նիքի արժանապատուութիւնը իր սեւ մազերն էին։ Կեանքը խլեր էր զինքը իր ծննդավայրէն ու նետեր՝ Եւրոպայի այլամերժ խառնարանին մէջ։ Տասը տարիէ աւելի Նիք֊նիք կ՚աշխատէր Պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ։ Կեանքը միայն ծաղր ու ծանակ շռայլած էր իրեն։ Սկիզբները բան մը իր հոգիին մէջ դիմադրած էր եւ ընկրկած էր ի վերջոյ, ձգելով իր ետեւ պարապը։ Այդ պարապութեան մէջ Նիք֊նիքի շարժումները խամաճիկի անհեթեթ տեսարանը կը պարզէին ուրիշներու աչքին։ Ի հարկէ առանց ցաւի չէ որ համակերպած էր այդ տխուր իրականութեան, բայց պէտք է ապրիլ…. ։
Քիչ քիչ սակայն ան նկատեց որ իր շուրջ մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը կար իր մազերուն համար։ Ըսկիզբները տեսակ մը անասնական հաճոյակատարութեամբ թոյլ տուած էր, որ դպչին, շոյեն իր սեւ, նուրբ բայց կարծր մազերը։ Օր մը անոր մէջ արթընցաւ տեսակ մը զգացում, որ զինքը կանգնեցուցած էր վրնջող ձիու մը պէս։ Անիկա նոյնիսկ զգաց թէ ըմբոստ կայծ մըն է, որ սպրդած էր հոգիին մէջ։ Այդ օրէն ան իր գանկը դապու հռչակեց։
—Խնդրեմ, մի ընէք, մի դպչիք, ուղղակի խենթ կ՚ըլլամ, կը կրկնէր ամենուն ինքզինքէն դուրս ելած։
Ճանճ որսացող շունի մը աչալրջութեամբ կը հսկէր մազերուն վրայ։ Եթէ պատահմամբ մէկը հպէր անոնց, ոստում մը կ՚ընէր, աչքին ճերմակը սպառնական կը յորդէր դէմքին սեւութեան վրայ։ «Ոչինչ» կը պատասխանէր «Ներողութիւն»ի մը, բայց դեռ դէմքին խոժոռութիւնը առկախ ու շեշտակի կը մնար անջրպետին մէջ։ Դիպուած թէ կեղծուած։ Նիք֊նիք կը խոկար։ Որովհետեւ կային, որ սովորութիւն ըրած էին պատահմամբ դպչիլ ու ներողութիւն խնդրել։
Մառի սենեկապանուհին կատարեալ փորձաքար մըն էր Ժօրժին եւ մանաւանդ Նիք֊նիքին համար՝ իր մազերուն պատճառաւ։ Մառին կարճահասակ, լայնալանջ, գիրուկ աղջիկ մըն էր երեսունի մօտ։ Աչքերը անհանդարտ, ինչպէս եւ շարժուձեւերը։ Անոր ձեռքերուն համար արգիլուած տեղ չկար։ Անոնք Մառիէն ստացած էին ազատ անցագիր։ Զուարթ, կատակասէր, «ապրած» աղջիկ մըն էր։ Ոչ մէկ հպում, ոչ մէկ խօսք կրնար կարմիրով գունաւորել անոր այտերը։ Ճաշի ժամերուն ներս կը մտնէր պայթուցիկի մը պէս։ Երկու ձեռքերով կը վազէր ձանձրացնելու համար Նիք֊նիքը, որ կատուի ճարտարութեամբ կը պաշտպանէր ինքզինքը։ Բայց Մառի ճարտար ու խորամանկ էր։ Նիք֊նիք «հի, հի» ընելով կը ծեքծեքէր երբ Մառի ձեռքերը կը տանէր անոր սրունքներուն։ Նիք֊նիք կը կրթնէր աթոռին խըղըտանքէն պարտասած, ու Մառի համբոյր մը կը խլէր անոր կարմիր հաստ շրթունքներէն։ Նիք֊նիք սուղ կը վճարէր իր այդ վաղանցուկ վայելքը, որովհետեւ ատիկա միակ միջոցն էր որով սեւամորթը կը մոռնար մազերուն պաշտպանութիւնը եւ Մառի ձեռքերուն տասը մատները կը մխըրճէր անոնց մէջ։ Շարժանկարը մեզի վարժեցուցած է վագրերու դունչին, որ յանկարծ դուրս կը ցցուի ծառուտքի մը ետեւէն։ Նիք֊նիք կը նմանէր այդ վիճակին մէջ մեզի յայտնուող վագրի մը։
—Հազար անգամ ըսած եմ թէ չեմ ուզեր, որ դպչին մազերուս. խելքս գլխուս մէջ կ՚եփի։
Մատները ջղայնօրէն կը պրկուէին ու բռունցք կը ձեւացնէին վերամբարձ թեւերուն ծայրը։
—Հապա դուն… հէ… դուն կը դպչիս, կը շտապէր պատասխանել Մառի, կնոջական պճրանքով, յանդիմանական ու ներողամիտ խառն շեշտով մը։
Նիք֊նիք կը լռէր վայրկենապէս։
Մառիի հեռանալէն ետք, յաղթական վերադարձող խաչակիրի մը հպարտութեամբ, աչքին մէկը կը քթթէր դէպի Ժօրժը, համով բան մը ուտողի պէս շրթները լզելէն.
—Ըըհ…
Վերջին պատերազմին Նիք֊նիք հերոսի պէս կռուած էր։ Զինուորական համազգեստը հագած եկաւ շրջան մը ընել չորս պանդոկներուն մէջ։ Նոր հագուստ հագած երեխայի մը պէս, որ հոս հոն կը սլքտայ որպէսզի տեսնեն թէ նոր հագուստ ունի, Նիք֊նիք ուղիղ, կուրծքը կարկառուն հանդարտ քայլերով գնաց ամենուն ձեռքը սեղմել։ Թէեւ այդ ցուցամոլութիւնը տղայական էր, բայց Նիք֊նիք իր զգացումները յայտնելու ուրիշ միջոց չունէր։ Ճերմակները անկարող էին սեւ դէմքին վրայ ներքին սեւէ հետք նշմարելու։ Այդ դէմքը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ խաւարը մտած լուսնկայ մը։ Եւ սակայն միլիոններու մէջ անոր սիրտը կը խայտար երկնակապոյտ համազգեստին մէջ։ Պատերազմը վերջապէս կ՚ազատէր զինքը ստորադասի վիճակէն։
Անիկա ինքզինքը հաւասար կը զգար ուրիշներուն։ Զինուորի հանգամանքը, հայրենիքի պաշտպանի դերը իրեն անշուք եւ արհամարհուած անձին կուտար որոշ կարեւորութիւն մը։ Հաւասարութեան եւ կարեւորութեան կրկնակ զգացումը պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Նիք֊նիքը հերոս ըրած էր։ Բադրոնը ուժով սեղմած էր անոր ձեռքը «հայրենիքը քեզի կը կանչէ հիմա, գնա, երբ յաղթական վերադառնաս. հոս քու տունդ է»։ Զինադադարին նոյնպէս, վերադարձին, ան սեղմած էր անոր ձեռքը ժպիտը երեսին, «պռավօ, պռավօ, մեր հերոսը…»։
Երբ իր տխուր պահերուն, այսինքն ընկճուած շրջահայեաց խուլ հալածանքէն, Նիք֊նիք կը խորհէր հեռաւոր այդ երջանիկ օրերուն, սիրտը ուժգին կը բաբախէր։
Կամաց կամաց մոռացութիւնը ծովի ալիքներու նման եկած ընկլուզած էր զինքը։ Բադրոնին դէմքը նոյն անժպիտ դէմքը եղաւ։ Ու Նիք֊նիք, առաջուան պէս վախցաւ անոր խօսք ուղղելէ։ Գոհանալով միայն կրկնելով, «այո պարոն, այո պարոն»։
Վախը այս աշխարհի օրէնքն է։ Ամէն մարդ առաւել կամ նուազ վախով կ՚ապրի։ Բայց Նիք֊նիք ամենէն վախկոտն էր։ Հերոսը վախը արհամարողն է։ Նիք֊նիք հերոս մը չէր։ Անիկա մանաւանդ անոնցմէ էր որոնք պահուելու, ապաստանելու վայր մը չունին երկրի ամբողջ տարածութեան վրայ։ Աւելի զրկուած քան արջը՝ որ որջ մը ունի՝ ուր կրնայ ապաստանիլ երբ վիրաւորուի։ Նիք֊նիք յաւիտեան վիրաւորեալն էր, միայն իր ժպիտը ունէր իբրեւ ապաստան։ Ժպիտ մը, որ սրտէն չէր գար, դուրսէն դիմակի նման անցուցած էր դէմքին։ Դիւրին չէր շինել այդ դիմակը օրը օրին, շերամի խոզակին չափ աշխատանքով ու շերամին նման անգամ մը լրացած կառուցումը՝ քաշուած էր անոր մէջ ու մեռած։ Անգամ մը, ինչպէս խոհարարի դէպքին, այդ դիմակը բզիկ բզիկ եղած ու տակէն յայտնուած էր խափշիկին մարդկային երեսը, շուարած հալածական անասունի մը պէս։ Փարիզի ցուցահանդէսին էր։ Պանդոկին բոլոր աշխատաւորները այդ առիթէն օգտուելով գործադուլ հռչակած էին։ Այցելուներու խումբեր ամէն օր կը լեցնէին Փարիզի փողոցները։ Պանդոկներու, ճաշարաններու առջեւ բանթողներու պահակները կ՚արգիլէին ո եւ է աշխատաւորի մուտքը։ Ոստիկանութեան եւ բանթողներու բաղխիւնները անպակաս էին։ Նիք֊նիք մեծ գործի վրայ էր Իշխանաց պանդոկը։ Բադրոնը, տնօրինուհին եւ ինքը կ՚ապահովէին հիւրերուն սպասարկութիւնը, անկողինի, սենեակի յարդարումը։ «Նիք֊նիք հոս, Նիք֊նիք հոն։ Աչքդ սիրեմ, լաւ հսկէ փորրիճը։ Սուրճը եփ կ՚ելլէ, լաւ նայէ…»։ Նիք֊նիք զմայլած էր այդ մերձաւորութենէն։ Ինչպէս պատերազմի ատեն, բադրոնը դիւրամատչելի դարձած էր, սիրալիր ու հայրական։ Ոչ մէկ ատեն Նիք֊նիք այդքան ախորժակով ու արագութեամբ չէր աշխատած։ Երբեմն պէտք կ՚ըլլար Նիք֊նիքին երթալ միւս պանդոկները։ Գողի նման, դանդաղօրէն եւ զգոյշ դուրս կ՚ելլէր, կը նայէր չորս դին ու մէկ ոստումով կը ցատքէր դիմացի պանդոկը։ Պարոն Պէռնար պահակ կանգնեցուցած էր passageին երկու մուտքերուն։ Ոստիկաններն ալ պակաս չէին ըներ իրենց ներկայութիւնը։ Բայց եւ այնպէս Պարոն Պէռնարի պանդոկներուն մէջ աշխատողներուն թիւը խոշորցած դուրսէն կանչուած ընկերներով, կրցաւ կտրել պահպանութեան շղթան ու անցնիլ passageին ներքին մասը։ Ատիկա պատահեցաւ երբ Նիք֊նիք արդէն տասնըհինգ քսան քայլ ըրած էր։ Ներս խուժողներուն աղաղակը այնքան անմիջական ու խոշոր եղաւ, որ Նիք֊նիք տեղն ու տեղը քամուեցաւ։ Բերանը բաց աչքերուն ճերմակը պոռթկացած դէմքին խաւարէն, որ կարելի չէր ըսել թէ սարսափի թէ վճռական քաջութեան արտայայտութիւնն էր։ Երբ բանթողներու խումբը մօտեցաւ իրեն ու հարցուց «Ինչ կ՚ընես հոս» ինչպէս չըսել թէ մեծ եղաւ Նիք֊նիքին զարմանքը։ Ինչ կ՚ընէր։ Խօսք է։ Կ՚աշխատէր։ Բայց ինչպէս կրնար անամօթաբար շարունակել աշխատիլ երբ իր ընկերները լաւագոյն պայմաններու համար կը կռուէին։ «Գէշ բան մը չեմ ըներ, կ՚աշխատիմ» կը կրկնէր ան։ Այդ պահուն կուշտէն կռուփի հարուած մը տարտղնեց Նիք֊նիքի ուղեղը, որ ամառնային աստղազարդ գիշերուան մը փոխուեցաւ։ Այնքան աստղեր տեսան Նիք֊նիքի աչքերը իր գլխուն մէջ։ Առաջին հարցաքննիչը (որուն աչքերուն առջեւ պարզուող տեսարանը իրապէս աղեկէզ էր, որովհետեւ Նիք֊նիքի լռութեան ու կրաւորականութեան մէջ տառապող սիրտը շառագնում մը եղած էր անոր ձիւնաթոյր ծիածաններուն մէջ, կարծես ցաւին հզօրութենէն բլթակներուն արիւնը աչքերէն դուրս պիտի ժայթքէր) չկրցաւ հանդուրժել այդ անուղղակի կռուփի հարուածին, խստօրէն նայեցաւ դէպի այդ ընկերը եւ իսկոյն աղաղակեց. «Դուն, շուտով կծիկդ ծրարէ, եթէ…»։ Այդ ատեն է որ passageը մէկէն խուճապի մատնուեցաւ։ Ոստիկանները լուր առած վազած էին։ Սալայատակէն քարեր բրցուեցան ու նետուեցան օդին մէջ։ Իրարանցում։ Ու, յանկարծ, passageին կղզիի լռութեան մէջ ատրճանակի հարուած մը թնդաց, արձագանգեց ու դեղնորակ լռութիւն մը պարտադրեց։ Բայց ահա այդ բացառիկ պարագաները անցած, — պարագաներ՝ որոնց ընթացքին Նիք֊նիքի անձը կարեւորութիւն կը ստանար եւ ան, հակառակ կրած նախատինքին, ներքնապէս հպարտութիւն կը զգար — առօրեայ կեանքի միօրինակութիւնը կուգար ծածկել բոլորն ալ հաւասարապէս։ Ու Նիք֊նիք կրկին աւելորդ, ծիծաղելի ու արհամարհուած էակ, փետուրէ փունջը ձեռքին, գլուխը ծռած, սրահէ սրահ փոշիներուն դէմ ոստիկանութիւն կ՚ընէր։ Այդպէս պանդոկէ պանդոկ իր գլխահակ նժդեհութեան ընթացքին, երբ գտնուէր կապտաչուի գանգրահեր թէլէֆօնիսթին դիմաց դէմքը կը լուսնար ու կը բարձրանար դէպի աղջկան ծիծաղկոտ երեսը, ինչպէս բոյսը՝ դէպի արեւ։
Երբեմն, մայրական ու մանկական, բայց եւ այնպէս զուարճասիրութենէ մղուած, թէլէֆօնիսթը իր խարտեաշ գլուխը կը մօտեցնէր Նիք֊նիքի խաւարած լուսնկայի նմանող գլուխին, ցուցամատը խափշիկին կուրծքին վրայի կոճակներէն մէկուն հետ խաղցնելով, կը խօսէր ցած ձայնով, խրատատու, հարցաքննիչ, յանդիմանական շեշտով մը փոխն ի փոխ։ Նիք֊նիք վարին հաստ շրթունքը կախած, ծանր ու մեղրածոր տրտմութիւն մը աչքերուն մէջ, մտիկ կ՚ընէր, առանց ընդմիջելու, միայն թէ կամիրով ներկուած մատնոցանման շրթունքէն ձայնը չդադրէր հոսելէ։ Երիտասարդ աղջկան քնացուցիչ ձայնին ազդեցութեան տակ Նիք֊նիք ինքնալքումի հեշտութիւնը կը վայելէր դանդաղօրէն։ Այդ երջանիկ պահերուն Նիք֊նիք կը վերագտնէր իր կորսնցուցած հոգին, այսինքն՝ իր մէջ խուլ, լպրծուն շարժումներու գոյութիւնը զգալի կ՚ըլլար, իր զգայարանքներուն՝ որոնք փակ պատուհաններ էին իր հոգիին վրայ։ Արիւնին ձայնը կը թրթռար ականջներուն թաղանթին վրայ, մինչ կոճակին հետ խաղացող ցուցամատը կը բարձրանար մինչեւ գլուխը, սեւ մազերուն դիւրազգացութենէն Նիք֊նիքի սիրտը ակնբախի տեւողութեան թունդ կ՚ելլէր, ինչպէս քնացող շուն մը խուսափուկ շշուկէ մը աչքը արագ կը քթթէ, ու հաստատելով տիրող խաղաղութիւնը պերճօրէն կը վերադառնայ իր մրափին, դունչը երկարած թաթերուն վրայ։ Երազ աղջկան փափուկ ձեռքին հպումը ստանալէ առաջ մազերուն վրայ, անոր խորտակուած հոգին կ՚ուզէր նախ ապահովուիլ այդ հպումին դիտաւորութենէն։ Նիք֊նիք այնպէս մը պարուրած էր ինքզինքը իր երանութեան զգայութիւններով, որ չէր իսկ իմանար շուրջը խշրտացող շշուկը, հաւանաբար անոր համար, որ ձեռքին հպումին ըղձանքը աւելի զօրաւոր էր եւ Նիք֊նիքի արժանապատուութիւնը կը գոհանար այդ տարրական հաստատումով։ Ձեռքին հպումը բարի էր։ Այսքան։ Ինչու ականջ տալ շշուկին՝ որուն մէջ էր իրապէս աղջկան գգուանքին դիտաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր մէկ աչքով կողմնակի նայուածքին զոր չէր կրնար նշմարել Նիք֊նիք, գլուխը կուրծքին վրայ հակած ըլլալուն համար։
Մանկութենէն ոսկեծամ թէլէֆօնիսթը բացիկ մը կը ճանչնար։ Նկարի մը վերարտադրութիւն կամ լուսանկարչատան մը մէջ կազմուած պատկեր։ Ամէն պարագայի ալպոմին մէջ այդ շագանակագոյն բացիկը մասնաւորաբար անոր ուշադրութիւնը գրաւած էր։ Ան կը ներկայացնէր աղջնակ մը՝ գանգուր մազերը ճակտին վրայ փոքրիկ ողկոյզներու նման կախուած. լեցուն կլոր այտերուն վերեւ կապոյտ խոշոր աչքեր, որոնց նայուածքը միանգամայն անմեղ ու գիտակից, կը տարածուէր նկարին մթնոլորտին վրայ՝ ուր ան կ՚ընդխառնուէր մեծվայելչութեամբ քովը փռուած առիւծին նայուածքէն ծորող մելամաղձութեան։ Առիւծը թաթերը երկարած էր զոյգ մը մսեղ փափուկ սրունքներու երկայնքին, որոնք աղջնակին սպիտակ շրջազգեստէն դուրս կուգային, նմանելով այն ծաղիկներուն, որոնք զանգակի ձեւ ունին եւ որոնց քղանցքէն դուրս կուգայ բեղմնափոշոտ լեզուակ մը։ Առիւծին գլխուն կեցուածքը, իր փառայեղ բաշով, որ չէր ուրանար իր արքայական ծնունդը քանի որ խիտ անտառը կանգնած էր նկարին խորքը, ինչպէս որ կարելի չէ գուշակել արքայ մը առանց մանկլաւիկի, կը հակասէր իր նայուածքին արտայայտութեանը՝ ծծուած անհուն երազանքէ մը, որ ծնունդ կ՚առնէր թաւշային մորթով զոյգ զիստերու մօտիկութենէն, որովհետեւ, մարդուն նայուածքը կեդրոնացած առիւծին անհունը խուզող դէմքին վրայ, պիտի նշմարէր ռունգերուն մեղկ թրթռացումը։ Հաւանաբար այդ պատկերը շատոնց լքած էր ալպոմին մենաւոր անկիւնը, ուրկէ ան փոխադրուած էր մտային խորհրդաւոր վերարտադրութեամբ մը աղջնակին — որ թէլէֆօնիսթին մանկութիւնն էր եղած — հոգիին մէջ ու գիշեր ցերեկ կառչած կը մնար անոր մտածումէն։
Ի հարկէ ժամանակը անցած էր ու երբեմնի պարմանուհին երիտասարդ աղջիկ էր եղած եւ մոռցած՝ այդ պատկերն ալ իր մանկութեան բոլոր խաղալիքներուն հետ, բայց եւ այնպէս եթէ սպիտակամորթ աղջիկը էգի հպարտութիւնը կը պարտէր գիտակցօրէն իր խարտեաշի մասնայատուկ գեղեցկութեան, ներքուստ, անկանխաբար ատկէ, պատկերը շարունակած էր իր թելադրական խուլ աշխատանքը անոր վերաբերմունքի կազմութեան մէջ։ Նոյնիսկ Նիք֊նիքի տարիներու ներկայութեան ընթացքին, պատկերին յիշատակը թաղուած մնացեր էր գիտակցութեան խաւին տակ, երբ օր մը — թերեւս անոր համար որ Նիք֊նիք բարկութեան մէջ տապլտուքով կը պաշտպանէր ինքզինքը, ինչպէս կրկէսներու վանդակուած գազանները — սեւամորթին դէմ դիմաց նշմարեց անոր դէմքին վրայ բացուած աչքերուն խոնարհութիւնը ու միտքը արագ ոստում մը ըրաւ, գնաց լոյսին բերելու խաւարներուն մէջ թաղուած պատկերը։ Այդ օրէն իվեր անոր վերաբերմունքը Նիք֊նիքի հետ տարբեր ընթացք մը ստացաւ։ Խորամանկ ու փախաքշող՝ ան սկսաւ շողոքորթել, առիթը ստեղծելու եւ առանց զայն խրտչեցնելու, անոր ըմբոստ կամքը հպատակեցնել իր մատներուն շոյանքին։
Նիք֊նիք խենթի պէս կը սիրէր թէլէֆօնիսթը, առանց երբեք համարձակելու ո եւ է խոստովանութեան։ Փոշիները աւլելու պատրուակով ան քայլերը վարանքով կը տանէր հեռախօսի սնտուկին որուն վրայ բազմաթիւ ծակեր կային։ Հոն, իբրեւ թէ հրաշքի մը առջեւ գտնուէր, անոր նայուածքը կը հետեւէր իր սրտին աղջկան ձեռքերուն յեղաշրջումին սնտուկին վրայի մէկ ծակէն միւսը, կարմիր չուանի մը երկու ծայրերէն բռնուած ինչ որ լռութեան նուագի մը փոխակերպուելով Նիք֊նիքի հոգիին մէջ, իր կարգին կը փոխակերպէր շրջապատը՝ որ կ՚ըլլար գարնան ծաղկած դաշտ, կայարանի կամ շոգեկարքի անկիւն կամ շարժանկարի մութ սրահ։ Նիք֊նիք կ՚երազէր։ Երբ, ուզուած հաղորդակցութիւնները լմնցած, թէլէֆօնիսթը գլուխը ետեւ դարձնէր, չէր կրնար զսպել խնդուքը, ձեռքերը ծունկերուն վրայ, պաշտելի վիզը երկարած դէպի վեր։ Նիք֊նիք մանկական ժպիտ մը կ՚ունենար դէմքին վրայ, ժպիտ մը այս անգամ ուղղակի այտերուն մէջէն դուրս կուգար, ուղեղը դեռ կիսովին երազանքին մէջ, միւս կէսը մասամբ՝ իրականութեան։ Մասամբ երազանքին ու իրականութեան մէջտեղ, Նիք֊նիք չէր շարժեր, ուրախ՝ որ իրմով կը զբաղէր իր սիրած կինը, որ յանդիմանութեան արտայայտութիւնը տալով դէմքին կը պոռար.
—Բաւական տեսար զիս հիմա, հօբ, գործիդ։
Նիք֊նիք կը հնազանդէր անմիջապէս, բայց ոչ վշտացած, որովհետեւ ստացած յանդիմանութեան շեշտը հեռու էր վշտացուցիչ ըլլալէ եւ որ աւելի կը նմանէր աղջնակի մը իր պուպրիկին ըրած յանդիմանութեան։ Անիկա կ՚երթար ոչ միայն առանց սիրտը ցաւած զգալու, այլ նաեւ, ամէն անգամին քիչ մը աւելի վստահ՝ սիրուած ըլլալուն։ «Քիչ մը կը սիրէ զիս», կ՚ըսէր ձայնը սրտին մէջ։
Շատերուն զարմանքը կուգար անկէ, որ իրենց երեւակայութիւնը բաղխում մը կ՚ունենար ծայրայեղ գոյներու հակասութենէն, ինչպէս աչքերը կ՚ունենան երբ մութէն յանկարծ վառ լոյսին կը բացուին։ Եւ սակայն ոչինչ այնքան ներդաշնակ է, որքան այն պատկերը, որ կը ներկայանայ գաղափարի մը ձեւին տակ, հետեւաբար՝ գերագոյն համադրութեամբ մը, ինչ որ էր Նիք֊նիքի եւ խարտեաշ աղջկան գլուխներուն մերձեցումը։ Նկարիչի մը երեւակայութիւնը այս տեսարանին առջեւ պիտի մատնուէր երկունքի գալարումներուն ու արհեստանոցի լռութեան մէջ պաստառը պիտի ստանար անոր վրձինէն եկող գոյները, ինչպէս սիրտէ սիրտ հոսող յուզումները. մարդուն աչքին յանձնէր առիւծին ու մատղաշ աղջկան առեղծուածային մտերմութիւնը։ Առիւծը խիտ անտառին խաւարէն պրծած իր գազանային անյագ ախորժակովը, իսկոյն կը խոնարհի, անասուններուն ամենէն համեստէն ալ աւելի համեստ, բայց հպարտ, գլուխը բարձր, բաշը գլխուն վրայ, երկինքի մը պէս ու բիբը՝ տրտում, ինչպէս սէրը, որովհետեւ թարմ ու փափուկ միսով աղջնակը, անտառին եզերքը բացուած սպիտակ ծաղիկ, արեւանոցի պէս պարզած է թեւերը իր իգային վերեւ որ բովանդակ հողին համն ու հոտը կը կրէ իր մէջ։ Մայր հողը։
Բայց ինչ պիտի ըլլար բանաստեղծին երեւակայութիւնը իրիկնամուտի գոյնով ճակատին առջեւ՝ որուն երիզէն կը սկսի սեւ նրբին մազերու լեռը, որ օրօրի պէս օրօրուն, ծառերուն կատարը հովէն օրօրուած, որուն ետեւէն իսկոյն ոսկեգոյն մազերը բոցերու նման կը բարձրանան։ Միթէ այդ ճակատը այն չէ, լեռան այն անկիւնը՝ ուր բանաստեղծը աղաղակած է «Nel mezzo camin della nostra vita» ու ահա էջ առ էջ համերգի մը համբարձումը աշխարհներու ամենէն աղեկէզէն՝ ուր երբեմնի գեղեցկագոյն դէմքերը անգթօրէն կը ծամածռին, կը հալին մոմէ արձաններու նման, ուր մարմիններ կը գալարին կրակին մէջ, կը խանձին, կը նեխին, երբեմնի օգոստափառ մարմինները, որ կը հեծկլտան, կ՚աղաղակեն, կը զղջան, կը ցաւին, կ՚աղաչեն, կը հայցեն, եւ որուն՝ նաեւ արժանացաւ լուսամարմին Ֆրանչէսքա տա Ռէմինի։ Անկարելի է երեւակայել տիեզերական ներդաշնակութիւնը այլապէս քան մարդուն արտայայտութեան զգացումով, որ մարդկութիւնը ժառանգած է եւ կը յագենայ միայն դժոխքին գաղափարով։ Անոնք որ իրենց նմաններուն քրտինքով ու արիւնով հիւսեցին երազի հանգոյն գեղեցիկ կեանքը արեւուն տակ՝ որ կը փայլի ամենուն համար, պիտի լան օր մը։ Ու ամէն սիրտ պիտի լայ օր մը որպէսզի հանգչի յետոյ, ինչպէս խարտեաշ աղջնակին քով ընկողմանած առիւծին բաշին տակ խոհուն ճակատը, որ կը մտմտայ «Ես Առիւծ եմ, ոչ թէ անտառին գազանը…»։
Երբ գարունը բացուեցաւ, բացուեցաւ նաեւ Նիք֊նիքի սիրտը։ Մթնոլորտը խաղաղ ու ժպտուն արեւով մը ողողուած էր ու անձայն բայց բուռն հրաւէր մըն էր ուղղած սրտերուն։ Նիք֊նիքի սրտին մէջ ճնճղուկ մը թափառական կը ճռուողէր։ Նիք֊նիք չէր կրնար այլեւս զսպել իր սիրտը, որ կ՚ուզէր փախչիլ, թեւ տալ ու մտածումը խարտեաշ աղջկան կը դառնար, կը թռվըռար անոր ոսկեգոյն մազերուն շուրջ, բզզալով բան մը՝ անուշ, աղաչական ու գրեթէ երկրպագու։
Այն օրը Նիք֊նիքի հանգիստի օրն էր։ Արդէն ժամը երկուքին լմնցուցած էր աւլտուքը, սրբած մաքրած սրահին աթոռներուն, բազմոցներուն ոտքերը, հայելիները կը փայլէին, ու հիմա իր սենեակը՝ թաւիշի կտորով մը կը փայլեցնէր իր կօշիկները։
Ժամը երեքին դուրս ելաւ ու այնպէս մը ըրաւ, որ թէլէֆօնիսթը զինք լաւ մը տեսնէ, ոտքերէն մինչեւ գլուխը։ Ժպիտ մը, շատ մանկունակ ժպիտ մը ճամբեց անոր եւ ան կնոջական նազանքով մը ըսաւ.
—Օհ, ինչ աղուոր տղայ է…
Ու մէկէն Նիք֊նիք որոշեց սիրտը բանալ անոր։ Այդ իրաւունքը զգաց անիկա։ Բնութեան մէջ ամէն բան այդ իրաւունքը ստացած էր գարունէն։ Ծաղիկները, ծառերուն տերեւները, կատուներուն մլաւիւնը տանիքներուն վրայ, թռչուններուն թեւերը, եւ այլն… Նիք֊նիք, այդ օր, ինքզինք գտաւ շատ հպարտ — օհ, ինչ աղուոր տղայ է — եւ արժանի իր ընելիք առաջարկին։ Ամբողջ օրը մտածեց, ծրագրեց ու շահեցաւ վստահութիւն ինքն իր վրայ։ Եւ որովհետեւ իրեն համար ամէն ինչ կարգադրուած էր, ընդունուած բան մըն էր, կարծեց թէ կը բաւէր միայն, երբ ժամը իննին խարտեաշ աղջիկը գործէն արձակուէր, թեւը դնել անոր թեւին տակ ու քալել քաղաքապետարանին առջեւէն։ Բայց թուխ ամպի ծուէն մը անցաւ սրտին վրայէն։ Ինչպէս պիտի ապրեցնէր կինը իր աննշան թոշակով։ Ու նորէն տնօրինութեան գրասենեակի խոժոռ դուռը ցցուեցաւ երեւակայութեան առջեւ։ Արդ, Նիք֊նիքի պարզ սրտին համար այդ ամպի ծուէնը գարնան երկնակամարին վրայ թափառական անհետեւանք ամպի փշուր մըն էր։ «Ինչ կ՚ըլլայ որ, երկուքս ալ կ՚աշխատինք, կ՚ապրինք» մտածեց։
Քանի ժամը իննին կը մօտենար, անցքին դրան առջեւ, խորունկէն բարձրացող դող մը Նիք֊նիքի սիրտը տակէն կը սղոցէր։ Կը զգար որ յանկարծ սիրտը փրթելով տեղէն պիտի իյնար։
Ատոր համար է, որ երբ աղջիկը եկաւ, իր «բարեւ Զեզէթ»ը «ձեռքերը վեր» սպառնական հրամանին պէս բան մը եղաւ։
—Խենթեցար, ըսաւ աղջիկը սիրտը թունդ ելած, վախցուցիր զիս։
—Օհ, բարտոն, Զեզէթ, եկուր քեզի սինեմա տանիմ։
—Նախ, ըսաւ աղջիկը խուսափելու համար առաջարկէն, իմ անունս Զեզէթ չէ, Լիզէթ է։
—Օհ, Զեզէթ, կրկնեց Նիք֊նիք, քեզի սինեմա տանիմ։
Աղջկան համոզիչ պատրուակները չբաւեցան Նիք֊նիքին, որ անոր թեւէն բռնեց ու ինքզինքը միս մինակ զգաց աղջկան հետ։ Ինչ որ աւելի համարձակութիւն տուաւ իրեն, պնդեց ու նոյնիսկ քիչ մը հրմըշտկեց։
Աղջիկը զայրացաւ։
—Խենթեցար, Նիք, ինչ եղար, ըսաւ ու մեքենաբար, աջ թեւը Նիք֊նիքին ձեռքէն ազատելու համար, ձախ ձեռքով ապտակ մը իջեցուց երեսին։
Նիք֊նիք ձեռքը քաշեց։ Աղջիկը հեռացաւ։ Նիք֊նիք ոտքի վրայ մնաց, անշարժ։ Իրեն թուեցաւ թէ ակռաները թափեցան կոկորդէն վար, թարթիչները փրթան ինկան աչքերուն մէջ, սիրտը, ստամոքսը եւ թոքերը քար կտրեցան։ Ոչ մէկ զգայութիւն կը հաղորդէին ջիղերը։ Ոտքի վրայ մեռել։ Երբ դանդաղօրէն արթնցաւ թմբիրէն, տեսաւ, որ փողոցներէն խուռն բազմութիւն մը կը հոսէր վեր վար։ Ու զգաց դէպքին ամբողջ տարողութիւնը։ Այլեւս ամէն կապ խզուած էր Պարոն Պէռնարի հաստատութիւններուն հետ։ Հոգիին մէջ արթնցաւ հծծիւն մը, սիրտը տրորուեցաւ կուրծքին տակ ու միսերէն ժայթքեցաւ յանկարծ իր վերագտնուած արժանապատուութեան գիտակցութիւնը։ Երկու ձեռքերուն տասը մատները տարաւ գլխուն ու կարծես ներքին ցաւը հանդարտեցնելու համար, այնքան խնամով սանտրուած մազերը խճճեց, ճմրթկեց ափերուն մէջ։
Փարիզ. 1925
ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ՄԸ
Քիւպիզմի մասին Ժանընէի եւ Օզանֆանի գիրքը թեւին տակ անցուց։ Ուսերը ամփոփեց վզին շուրջ ու քալեց։ Քանի մը քայլ անդին ետ դարձաւ։ Բարեկամը, ռումանացի նկարիչը, հալեր էր արդէն մայթին վրայ յարածուփ ամբոխէն։ Աշոտ Նշանեան, հայ նկարիչը, զգաց թէ զգայարանքները կը պաղին։
Յօրանջող գաղջութիւն մը քիչ քիչ կը պարուրէր զինք։ «Քնանալ» խորհեցաւ ան։ Ամիսներ տեւող ծոմապահութիւնն ու անքնութիւնը կը տուայտէին անոր մարմնին մէջ անակնկալ խնջոյքին պատճառով։ Հիմա պողոտային այդ լուսավառ մասը կը նմանէր խրախճանքի գացող նաւու մը՝ որ հորիզոն կը դիմէր։ Ան նայեցաւ առջեւը, մինչեւ Դիտարանի հրապարակը։ Մութը խաւ առ խաւ կամրջացեր էր հոն։ Հակառակ որ պողոտան թեթեւ մը կը բարձրանայ, իրեն այնպէս կը թուէր թէ ան կ՚իջնէր։ «Ի հարկէ, հաստատեց հայ նկարիչը, որ բնաւ չէր կորսնցնէր իր քննական ոգին, քնանալու անզուսպ պէտքը կը թելադրէ նման զգայախաբութիւններ։ Մարդը իր փափաքներուն համեմատ կը վերստեղծէ աշխարհը»։ Իջնող փողոց մը ընդհանրապէս ամայութեան կը տանի։ Վկայ՝ իր մանկութիւնը։ Իր հայրենի գիւղը՝ ուր իջնող ճամբաները հովիտ կամ անտառ կը տանէին։ Փռուիլ կանաչին վրայ. երկնքի կապոյտ կամարին տակ, քնանալ … Քիչ մը մղձաւանջային կը դառնար քնանալու հարկադրանքը։ Կարծես այրող գոլորշիներ աչքերուն կոպերը ներս կը քաշէին։ Ինքն իր մէջ իյնալու պատրանքներ կ՚ունենար։
Մութին մէջէն մարդակերպ մարմին մը մօտեցաւ իրեն։ «Ահ, մինակ չեմ եղեր», խորհեցաւ Աշոտ։
«Բան մը չէք կրնար տալ ինծի», ըսաւ մարդը եւ աւելցուց անմիջապէս, վախնալով թերեւս թէ չհանէ թեւին տակի գիրքը տայ իրեն, «շաբաթէ մը ի վեր ակռայիս տակ բան մը դրած չեմ»։
«Դուք գործազրկութեան հատուցում չէք ստանար», հարցուց Աշոտ։
«Ոչ» պատասխանեց մարդը, համոզիչ։
«Ես ալ», ըսաւ Աշոտ, չոր ու կտրուկ։
Մարդուն գինեբոյր շունչը խուժեց Նշանեանի ռունգերէն ներս։ Ան փղձկում մը ունեցաւ։ Իր ուղեղին մէջ ալ գինիի շոգիները կը սպրդէին, բայց երկուքին հանդիպումը անոր գլխուն մէջ, սրտի վերիվայրում մը պատճառեց։ Մարդը շուքի պէս հեռացեր էր արդէն։ Աշոտ սկսաւ մենախօսել, դանդաղօրէն քալելով հանդերձ. «Յաւիտենական թափառաշրջիկներ՝ որոնց համար գեղեցիկ առիթ մըն է գործազրկութիւնը հանդիպողին երկարելու իրենց նեխած դունչը»։
Պողոտային ծայրի սրճարանը լոյս կը սփռէր փողոցին վրայ։ Կարծես լոյսը անպատեհ ըլլար մտածելու համար։ Աշոտ պահ մը նայեցաւ շուրջը եւ աճապարեց ամբողջացնել միտքը։ «Ոչ, գործազուրկները այս մուրացկանները չեն…»։
Դիտարանի հրապարակին վրայ Աշոտ թեւերը իջեցուց վզէն, շնչեց եւ կարծեց թէ մեծցած էր անհունօրէն։ Պիւլիէի սրահին դուռը կը ժպտէր աղօտ լոյսերուն մէջէն. «Կը յիշես ինծի» կ՚ըսէր։ Ինչպէս թէ, զարմացաւ նկարիչը ու գծեց մտքին մէջ Քաշէնի եւ Պլումի նկարները։ Ձեռք ձեռքի՝ բեմին վրայ։ Այս պատկերը առողջ հակազդեցութիւն ունեցաւ Աշոտի պղտորած մտքին վրայ, մուրացկանին հանդիպումէն ի վեր։ Անոր անարգուած հոգին հազիւ կը ցցուէր՝ երբ կրկին կը սուզուէր ինքն իր մէջ։ Ոչ, ապահովաբար քունն էր, որ կը մխացնէր անոր ուղեղը։ Ծունկերը բամպակ դարձեր էին, թրջուած բամպակ։ Մերթ ընդ մերթ, բուրդէ կակուղ անկողին փռուած կը կարծէի ոտքերուն տակ։ Պառկիլ… երկննալ… յօրանջել… Աշոտին ամբողջ փափաքները կը վերածուէին այս երեք բայերուն։ Յանկարծ սրունքները թուլցան, ծունկերը ծալլուեցան ու կնոջ մը բազուկները իրեն կ՚երկննային։ Այո, այո, յիշեց… չար…։ Լեզու կտրած էր ամբողջ իրիկունը։ Մարդը լեզու կը կտրի երբ իր մէջ կը սկսի սերմնային խտղըտումը, ինչպէս արու թռչուններուն երգը, ծառերուն վրայ, էջ թռչուններու ներկայութեան։ Աշոտ լեցուեցաւ, այդ պահուն, երախտագին զգացումներով՝ էգ թռչուններուն հանդէպ ու այսպէս խօսեցաւ «ազնիւ սիրուն թռչուններ՝ որ օդը լեցնել կուտաք այնքան առինքնող երգերով, գարնան աղուոր առաւօտներուն…»։
Սեղանին վրայ շարունակ վիճաբանեցաւ նկարիչ բարեկամին հետ։ Կտոր կտոր եղաւ ինքնատիպ երեւնալու համար եւ գիտէր թէ խօսքերը ոչ թէ բարեկամին կ՚ուղղէր, այլ անոր գեղեցիկ եւ շնորհալի կնոջը։ Երկու տարի է չէին տեսնուած։ Շատ բաներ ունէին իրարու պատմելիք։ Գերիրապաշտութեան հերոսական օրերուն աղիւսուած իրենց բարեկամութիւնը կը փշրուէր հիմա։ Ափսոս, ալ չէին հասկնար զիրար։ Ինչքան ճիգ պէտք էր։ Իրաւ, որ ինք կը նմանէր մասամբ եօթը դար քնացողներուն եւ որուն կ՚աւելնար գործազրկութեան պատճառած մեկուսացումը։ Ամիսներէ ի վեր Աշոտ ենթարկուած էր ներքին մենախօսութեան մը եւ դանդաղ մխացումով իր ըմբոստութիւնը մարեր էր։ Պառկիլ … իր միակ փափաքը։ Ուրիշ ոչինչ գոյութիւն ունէր իրեն համար։ Երկու֊երեք ժամ առաջ «ուտել»ը անկարելի կ՚ընէր քնանալու ցանկութիւնը։ Հիմա կուշտ էր։ Եւ շատ կուշտ։ «Հէրն անիծած»։ Սէն֊Միշէլի պողոտային սկիզբը նստարանի մը վրայ բազմեցաւ։
Ինքաշարժերը ասֆալթին վրայէն կը գլորէին իրենց հռնդիւնները կարծես բուրդէ անկողիններուն մէջէն ու երազային հրաւէրներ կ՚ընէին։ Փակ աչքերուն կոպերուն պատկերներ կը ծնէին ու կը մեռնէին վայրկենական։ Բայց զոյգ մը աչքեր կը դիմադրէին այդ ձեւափոխութեան (metamorphose)։ Իրեն կը թուէր թէ անոնք ըսել կ՚ուզէին «Խօսեցէք, խօսեցէք»։
Ու Նշանեան կը խօսէր.
—Ինծի համար անժխտելի ճշմարտութիւնները գերիրապաշտ անճոռնի նկարներուն մէջ են։ Անոնք կը նմանին մեր երազներուն, որ միշտ բնական ցանկութիւնները ծաղրելով՝ զանոնք պատշաճութիւններու թաթերէն կ՚ազատեն։ Ինչ փոյթ թէ անոնք կը մեղանչեն նկարչութեան հիմնական օրէնքներուն դէմ։
—Բայց հոդ չէ խնդիրը, յարեց Մանուլէսքօ ռումանացի նկարիչը։ Ըսածներդ նորութիւն մը չեն բերեր ինծի։ Ես ալ լողացեր եմ այդ տեսութիւններուն մէջ, գիտես, եւ դուն օր մը քանդեցիր։ Կը յիշես Մարքսի խօսքը՝ զոր ինծի բերիր առաջին անգամ դուն, «Իմաստասէրները ուրիշ բան չըրին եթէ ոչ մեկնաբանել աշխարհը, արդ, այժմ խնդիրը զայն փոխելուն մէջ է»։
Աշոտ թեթեւ մը կարմրեցաւ ու լռեց։ Անիկա ներքնապէս խոստովանեցաւ ինքզինքին թէ իր բարեկամը բացարձակապէս իրաւունք ունէր։ Բայց ինչու համար մարդիկ այսպէս են։ Ինչու համար ինք ալ այդպէս էր։ Եթէ դադրէր իր սեփական երգը՝ պիտի շարունակէին իրեն նայիլ ընկերուհի Մանուլէսքոյի անուշ աչքերը։ Անոր շրթները պիտի շարժէին առարկութիւն մը ընելու համար՝ երբ ռումանացին մէջ նետուեցաւ։
—Մի մոռնար, որ մենք կ՚ապրինք պատմական փոխանցման շրջան մը։ Որպէսզի այդ փոխանցումը կարելի ըլլայ, պէտք է, որ աշխատաւորութիւնը անկաշկանդ կատարէ իր դերը ընկերային բեմին վրայ՝ որմէ ան սիստեմաթիք կերպով կը զրկուի։
—Այո, համաձայն …
Մանուլէսքօ կարծես վճռած էր խօսքը Աշոտին չտալ։ Կտրուկ կերպով կ՚ընդմիջէր զայն ամէն անգամ, որ կը պատրաստուէր խօսելու։ Ցաւ կը պատճառէր իրեն ընկերոջ դիրքը, որ վհատութենէ մը կը թուէր գալ։
Աշոտ պատուախնդրութեամբ կը պահէր անկէ իր իրական կացութիւնը։ Ամիսէ մը աւելի Փարիզի սալայատակներուն յանձնուած՝ անքուն, անօթի։ Իր աչքին՝ ճշմարիտ «ընչազուրկ»ը ինք կ՚երեւար։ Ստիպուած էր անդադար դէմքէն աւրել նախանձի արտայայտութիւնները։ Ուղղակի կը նեղուէր անոր «երջանկութենէն»։
—Գիտեմ թէ, աւելցուց Մանուլէսքօ ցածցնելով ձայնը՝ ուր կարեկցութիւն կար, քեզ խրտչեցնողը իմ լաւատեսութիւնս է։
—Եւ լաւատեսութիւնը, շտապեց կինը խօսքը ամուսինին բերնէն խլելով, կարծես մղուած անոր հանդէպ անհաւատարիմ գտնուած ըլլալու վախէն, որովհետեւ զգացած էր իր գահավիժելը Աշոտի լռութեան մէջ։ Եւ լաւատեսութիւնը, կրկնեց անբնական դողդոջումով մը, աշխատաւորութեան յեղափոխական միջոցներուն եւ ձգտումներուն արուեստին մէջ փոխադրութիւնն է, արուեստագէտին համար։
Ռումանացիին տունը այս խօսակցութիւնը այնքան բնական կերպով կը վերակազմուէր Աշոտի յիշողութեան մէջ, որ ան պահ մը մոռցած էր փողոցի նստարանի մը վրայ գտնուիլը։ Նախանձախնդրութեամբ ու եռանդով կը շարունակէր պահել եւ խորացնել իր լռութիւնը, մանաւանդ անոր համար, որ կը զգար իրապէս լռութեան մէջ մինակ չըլլալը։ Ուշի ուշով հսկուած կնոջմէն՝ կը թողուր, որ ամուսինը խօսի, երկար, այնքան լաւ՝ ինչքան երկար, որովհետեւ կնոջ մտածումը աւելի ժամանակ պիտի ունենար սուզուելու համար իր լռութեան մէջ։ Ինչպէս կատուն՝ որ անշարժեցուցած է մուկը իր դէմ, կ՚երազէ լռելեայն պատերուն ետեւ գտնուող մուկերուն։ Աշոտ ազատ ընթացքը կուտար իր ներքին մենախօսութեան. «Երբեք, երբեք պիտի չհասկնան անոնք մեր հայու արմատախիլ հոգին։ Ինչպէս բացատրել զայն։ Ինչպէս ըմբռնել ծառը առանց հողին ու մեր հոգին՝ որ տրտնջող խշրտոցն է հովերուն նետուած չոր տերեւին՝ որ կը ցաւի ու կը հեծի ամէն անգամ, որ հովերը փոխեն իրենց ուղղութիւնը …»։ Հոս էր, որ կինը խօսեցաւ յանկարծ, լուղորդի մը ջուրին տակէն վեր բարձրանալուն պէս, խեղդուելու վախէն սարսափած, ինչ որ Աշոտին տուաւ ներքին պատռտուքի մը զգացումը։ Ու ահա նորէն մինակ, միշտ մինակ … ոչ մէկ իրականութիւն՝ որուն վրայ ան փռէր իր անձը։ Մուկը շարժած էր կատուին դէմ։ Պատերուն թափանցկութիւնը իսկոյն չքացած։ Կատուն մինակ էր շարժիլ համարձակող միակ մուկին դէմ։ Մեր գերիրապաշտը օդային ժպիտ մը ունեցաւ գեղեցկօրէն ծիծաղկոտ, իրիկնամուտի գոյնով։
—Հա, հա, բայց ինչքան հետեւակ դարձեր ես…
Աշոտ Նշանեան, հազիւ խօսքը աւարտած, գանելանք զգաց ինքզինքէն։ Մանուկներ կան՝ խաղալիքներ կը կառուցանեն ու կը կոտրեն։ Յետոյ կուլան։ Նոր առարկայի մը տեսիլքն է որ զանոնք կը մղէ այդ քանդումին …։
Ինչքան ժամանակ տուած էր Մանուլէսքօն իր ներհայեցողութիւններէն արթնցնելու համար։
Ու հիմա կրկին այդ վիհերուն մէջ է որ կը նետէր զինքը։ Կինը իր խարտեաշ գլուխը, սպիտակ դէմքով, կախեր էր պարապին մէջ։ Կատուն թաթը վերցուցած էր։ Եւ լաւ …։ «Հա, հա, բայց ինչքան հետեւակ դարձեր էք …»։
—Չչափազանցենք, աւելցուցած էր միւսը բարեացակամ ժպիտով մը, գիտեմ որ քեզ հետաքրքրողը միշտ չյարմարուող, մերժող մտքիդ ըմբոստ պատկերները եղած են, դուն անոնց որսը եղած ես շարունակ ու համոզուած՝ թէ օդը պակսած է քեզ շնչելու համար։ Արդ, ջանա շրջան մը ընել ինքզինքիդ վրայ եւ դիտել ետեւդ։ Փոխանակ երեւոյթներու մէջ լիւղ գալու՝ աչքերդ պիտի բացուին պատճառներու իրականութեան վրայ։ Հաւատա, այն ատեն օդ պիտի ունենաս շնչելու, եւ մաքուր օդ, առատ։ Ճիշդ այդ պատճառներու դէմ տարուած պայքարին միջոցներն են՝ որով աշխատաւորութիւնը ինքզինքը կը հրէ առաջ, վարէն վեր՝ օդին, լոյսին։ Այդ միջոցները արուեստի գործին ընդլայնումին մէջ ներմուծելը յեղափոխական արարք մըն է ու հաղորդակցութիւն մը միանգամայն արուեստագէտին եւ զանգուածներու միջեւ։
Աշոտ գլուխը վերցուց։ Նայուածքները պտտցուց աշխատանոցին չորս պատերուն վրայ։ Ինչպէս մինչեւ այդ չէր տեսած ընկերոջը նոր աշխատանքները։ Պէտք եղաւ նախ, որ ցնցուէր, թօթափէր իր քինախնդրութիւնը աշխարհին դէմ։ Մանուլէսքոյին գործերէն դուրս նետուեր էին գոյները։ Ծայրագոյն պարզութեան վերածուած գծագրութիւններ էին, դէմք, իրան, ծառ։ Յաճախ մարդակազմական սխալ մը՝ որ մտածումին կուտայ ներուժ ու պերճախօս ճշմարտութիւն մը։ Իւրաքանչիւր նկար ակնարկ մըն է, ուս մը, ծունկ մը, արմուկ մը, կուրծք մը, ճիւղ մը կամ կոճղ մը։ Իւրաքանչիւրը ինքզինքէն դուրս կը ձգտի, պատռելով շրջապատը ու, ահա, կարծես պիտի տիեզերականանայ յանկարծ։ Ընդամէնը երեք, չորս, հինգ գծի մէջ՝ ոգեւորուած ներքին անզուսպ բայց համակշիռ շարժականութեամբ մը։
Քաջալերուած Աշոտին աչքերուն զմայլանքէն՝ Մանուլէսքօ վերսկսաւ.
—Կ՚ըմբռնես, չէ, երկերուս գործող անձերը։ Անոնք կուգան հողին ու արտադրութեան կապուած մարդոց համայնքէն՝ որ տալու եւ վայելելու կիրքը ունին միայն եւ ոչ թէ յափրացած ու լխկած մարդկութենէն՝ զբաղած անդադար իր ձեւազուրկ, տգեղ մարմինը պճնելու, որովհետեւ ան կորսնցուցած է իր կեանքով գեղեցկանանալու իրաւունքը։
—Ան որ գեղեցիկ է պիտի դիմանայ, մրթմրթաց Աշոտ ինքնիրեն, բայց բարձրաձայն։
Անկեղծութեան րոպէ մըն էր, որ գլորեցաւ անոր վրայէն։ Պիտի խօսէր, պիտի արտայայտէր իր սքանչացումը, երբ ունկնդիր երկու դէմքերը տեսաւ։ Տիկին Մանուլէսքոյի աչքերը շատ խորունկ էին ու կը նմանէին հորերուն խորքը հանգչող ջուրերու հայելիին։ Աշոտ գնաց ինկաւ անոնց մէջ։ Անոր ցաւագին երեւոյթը յուզած էր ընկերոջ կինը՝ որ այնքան գուրգուրանք կը դնէր իր ակնարկներուն մէջ։ Աշոտ տաքցած այդ գուրգուրանքին ջերմութենէն՝ երթալ անոր կուշտը կկզելու փափաքը ունէր միայն, ինչպէս կրակարանի մը շուրջ կը կկզինք ձմեռը։ Հորի ջուրերուն հայելին տակնուվրայ կ՚ալեծփէր։ Երբ հայ նկարիչը նայուածքները հեռացուց անկէ՝ անկիւն մը դրօշակ մը ներկայացնող նկարի մը վրայ ինկան։ Դրօշակը իր չորս գծերով անսասան ծփանք մըն էր։ Աշոտի հոգին ալ կը ծփար անայլայլ։ Բայց կեցաւ, հանդարտ, նոյն իսկ համեստ։
—Եթէ պէտք է, որ ճիգ ընեմ ինքզինքս բացատրելու, այսինքն ինձ ներկայացող ճամբաներուն խրթին ճիւղաւորումները, կարծեմ թէ սա կերպով կրնամ ձեւաւորել՝ կեանքի վրեժխնդրութիւնը։ Իր մէջ քսան տարուան պարապութիւն կրող սերունդ մըն ենք։ Պատճառները աւելի քան ծանօթ են։ Նկատենք պահ մը սա իրողութիւնը՝ «պարապութեան» շրջան մը կեանքի աճման ընթացքին մէջ՝ ուր մարդուն բնական յեղաշրջումը վիժած է, ուր իղձեր ծնած ու խեղդամահ եղած են, մտածումներ՝ որ չեն կրցած դուրս գալ եւ կրծած են ուղեղը։ Ու այդ սկսած եւ չլրացած կեանքը իր դաժան օրէնքը ունի, ապրելու իրաւունքը, ո եւ է ատեն։ Ան կը խուժէ մերթ ընդ մերթ մեր ներկայ անձնաւորութեան մէջ, զայն կը տապալէ, կ՚ուզէ անով ինքզինքը, կորսուած անցեալը լիացնել։
Իսկ ինչ որ կը վերաբերի յարաբերութեանս՝ գերիրապաշտութեան հետ, պարզապէս անոր այն հանգամանքն է որով ան, իր օթօմաթիզմի ուղիով, ներկայ անձս կը վտարէ հրապարակէն, թոյլ տալով, որ հինը բեմ բարձրանայ եւ կատարէ իր դերը։ Այսպէս պատառ պատառ, իւրաքանչիւր անաւարտ շարժումը, որ անհատականութիւն մըն է, — կը բոլորէ իր շրջագիծը, կը հասնի իր լինելութեան եւ մենք կը վերագտնենք մեր կորսուած անցեալը։
Այս ամէնը լաւ։ Բայց ինչ որ ամբողջացուց Աշոտի գոհունակութիւնը, իր վերջին խաղը եղաւ… խաղը… ահ… պարզապէս խնդալու համար։ Կաթիլ մը զուարթութիւն սփռելու համար ծանրակշիռ մթնոլորտին վրայ… պարզապէս…
Ան աւելցուց.
—Մարդիկ տեւական ճիգ մը կ՚ընեն ինքզինքնին ծպտելու։ Այդ նպատակով ստեղծած են լեզուն։ Երբ մարմինը իր շարժումներով մատնելու վրայ ըլլայ մեր թաքուն զգացումները, լեզուն վրայ կը հասնի, կը ծպտէ զայն, կը խեղաթիւրէ անմիջապէս։ Իմացականութիւնը ունենալով իբրեւ գործիք լեզուն՝ մարդը հաւաքանակութեան մէջ դերասանի կը վերածէ։ Այսինքն ծպտուած իրականութիւնը։ Բուն իրականը ուրիշ է. օրինակի համար առնենք սա խոզի խորովածը, որ այնքան համով է։ Իրական բան է, չէ, խոզին խորովածը համով կ՚ըլլայ, բայց մանաւանդ աւելի համով, երբեմն նոյնիսկ զգլխիչ, որովհետեւ զայն պատրաստող ձեռքերուն մեր սրտին տուած յուզումներուն գումարը կ՚աւելնայ անոր վրայ։ Այս յաւելումով իրականը կը դառնայ գերիրական զոր պիտի կլլենք լեղի դեղահատի մը պէս, եւ լեզուն այսպէս պիտի խօսի «Շնորհաւորելի է, տիկին, խոհանոցային արուեստի ձեր այսքան նրբին ճաշակը»։
Աշոտ Նշանեան հասած էր նպատակին։ Մանուլէսքոյի նայուածքը պղտորած էր։ Կինը, բերանը քիչ մը բաց, իրանը դէպի առաջ, աճապարանքով, իբրեւ թէ մտիկ ըրած չըլլար։
—Մանու, սիրելիս, կտոր մըն ալ խորովածէն …։
Դեռ կառքերը կ՚անցնէին խուլ աղմուկով։ Ու սահեցան դեռ մարդեր ու գոյքեր մայթը շփելով իրենց ոտքերուն տակ։ Ծառերը ստուերի կտորուանքներ թափեցին անձայն, ու վարագոյր նետեցին Աշոտը զբաղեցնող պատկերներուն վրայ։ Թեթեւ մը շարժեցաւ նստարանին վրայ ու ցուրտը մորթէն վեր սահեցաւ եւ զայն սթափեցուց բոլորովին։ Բայց Աշոտ վերադարձաւ իր տաքցուցած տեղին վրայ։ Ճարպոտ դժուարամարս խորովածը մաղձային դարձած էր շնորհիւ գինիի շոգիին, որ չես գիտեր ինչ խորհրդաւոր խողովակներէ կը բարձրանար ոլոր֊ոլոր ստամոքսին։ Աշոտ գլուխը հանգչեցուց ձախ ուսին։ Այդ կողմերը, ոչ շատ հեռուն, տուն մը կար։ Աշոտ զարկաւ դուռը։ Դուռը բացուեցաւ։ «Ուշ եմ» հարցուց երիտասարդ կնոջ՝ որ իրեն կ՚ուղղէր տաք ու թաւշոտ այտ մը։ Սեղանը պատրաստ էր։ Ընթրիքէն վերջ, որ կը բաղկանար խոզի ճարպոտ խորովածէ, գետնախնձորի խիւսէ, յետոյ պանիր, պտուղ, գինի եւ այլն, ան երկնցուց ծանրացած եւ պտղած մարմինը կակուղ բազմոցին վրայ։ Ռունգերը դեռ կը թրթռային խորովածին բոյրէն, երբ մրափը իջաւ ուղեղին վրայ, որ թրջուած սպունգի մը նմանեցաւ։ Ականջներուն մէջ խլրտաց դրան զարնուիլը։ Աշոտ թօթուեց ուսը, կծկուեցաւ ինքն իր վրայ ու կրկին անշարժացաւ։ Այո, լաւ էր այսպէս։ Կինն էր անշուշտ դարձնողը կոճակը անթելին, որ հեռաւոր երկիր մը այս սենեակին մէջ փոխադրած էր։ Նուագը քաղցր էր ու մեղեդիական, որ կաթիլ կաթիլ կը հոսէր, սնդիկի պէս, անոր գլխուն մէջ՝ ուր կը խորասուզուէր քունը։ Բայց կինը կը ցնցէր անոր ծունկը «Ել, բարեկամ մըն է, որ կուգայ»։ Հօբ… ահաւասիկ մոխրագոյն կատուն կը ցատքէ անոր ծունկերուն վրայ, վիզը կը քաշէ թիկունքներուն մէջ ու կը սկսի խորդալ, միապաղաղ։ Կատուին մարմնին ջերմութիւնը կը թափանցէ Աշոտի միսէն ներս։ Կինը կը շարունակէ թօթուել մարդուն ծունկը ափը լայն բացած։ Կատուին ջերմութիւնը աւելի վայելելու համար էր, որ Աշոտ զիստերը մօտեցուց իրանին ու կատուն սահելու վրայ՝ ճանկը մխրճեց անոր միսին մէջ։ Աշոտ քունին մէջէն ցնցուեցաւ։ Բռունցք մը ճամբեց կատուին ուղղութեամբ բայց բռունցքը իրեն ետ չվերադարձաւ։ Այն ատեն յօրանջեց երկար եւ հնչուն։ Միամիտ ժպիտով մը նայեցաւ ոստիկանին, որ դեռ անոր ձեռքը իր ձեռքին մէջ կը շարունակէր պահել։ «Արդեօք երազ կը տեսնեմ» խորհեցաւ։ Բայց պողոտան իր առջեւ էր լուռ ու ամայի։ Ոտքի ելաւ, գիրքը նորէն թեւին տակ անցուց ու սկսաւ իջնել պողոտան, քիթին տակէն մռլտալով՝ «Nom de Dieu, nom de Dieu!».
Յիսուն քայլ անդիէն, խելօքիկ, անցաւ գամերուն մէջէն դիմացի կողմը։ Մութը աննշմարելի սպրդումով կը հոսէր մայթերուն եզերքը։ Գիշեր ատեն Լիւքսէնպուրկի պարտէզը մթութիւններու շտեմարան մըն է։ Ծառերուն տակ վարանքով դուրս կը թափին վանդակապատէն։ Հոն լոյսը կը սպասէ անոնց՝ պայծառ ակռաները բացած։ Ահա թէ ինչու անոնց հանդիպման գիծը կրծուած բանի մը կը նմանի։
Աշոտ կ՚ատէր ստուերները։ Այ, այ… բոլորովին ճիշդ չէր այդ տրամադրութիւնը։ Եթէ այդքան թշնամական դիրք կը բռնէր այդ պահուն մթութեան դէմ, անոր համար, որ քնանալու փափաքը կը ծանրանար անով։ Ու քնանալու համար սենեակ մը եւ անկողին մը պէտք էր։ Հետեւաբար՝ խուսափիլ մութ անկիւններէն։ Խուսափիլ նաեւ լաւ եւ իւղոտ կերակուրներէն։ Առ նուազն մինչեւ այն ատեն երբ սենեակ մը ունենար։ Քալել լուսաւոր փողոցներէն՝ կէս մը գիշերուան գաղափարը միտքէն վտարել է։ Ինչ լաւ պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար ջնջել գիշերը։ Որովհետեւ մարդիկ իրենց փափաքներուն արգելք հանդիսացող պատճառներուն դէմ կռուելով է, որ կը հասնին հանճարեղ գիւտերու, Աշոտ զարտուղի միջոցով մը հասած էր այդ արդիւնքին։ Բնաւ մութին մէջ չգտնուիլ։
Ժամեր կ՚անցնէր լուսավառ ապակեփեղկերուն առջեւ, ձեւացնելով մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը հոն գտնուող առարկաներուն։ Բայց անշարժութիւնը նոյնքան վտանգաւոր էր որքան մութը։ Ու յանկարծ անոր գլուխը կ՚իյնար կուրծքին վրայ։
Անշարժութիւնը արդիւնք էր մտածումին բացակայութեան։ Ու մտածում չի կրնար ըլլալ այնքան ատեն, որ միտքը ընտրութեան մէջ չգտնուի։ Մտածելը ընտրել է։ Փնտռել։ Աշոտ իրիկունները փնտռելով կ՚անցնէր։ Ահա թէ ինչ կը փնտռէր ան։ Անմիջապէս որ քունը իր մերձեցումը զգալի կ՚ընէր, կը մտնէր հանդիպած առաջին սրճարանը։ Նախ կը սպասէր քիչ մը, որ սպասաւորը ազատ ըլլայ, յետոյ կը դիմէր անոր շատ քաղաքավար կերպով «ներողութիւն պարոն, չտեսաք մէկը, որ մէկու մը կը սպասէր, գիրուկ մարդ մը, սեւ մազերով»։ Սպասաւորին անխուսափելի ժխտական պատասխանին՝ կ՚աւելցնէր, միշտ ժամ մը տարբերութեամբ «Ժամը իննին ատենները. ոչ։ Բնականաբար ժամ մը չէր կրնար սպասել ինծի»։
Ու կը շարունակէր ճամբան նորոգուած, սթափած։ Գիշերուան պահերուն համար խորհրդածութեան առարկաները անպակաս էին, պարզ այն պատճառով, որ ամբոխին ստուարանալովը քաղաքը նուազ այլամերժ էր։ Ան կը նուիրուէր ինքն իր վրայ ամփոփուելով ցանցառ անցորդներուն։ Քաղաքը խաղի առարկայ մըն էր իրեն համար։ Մօնփառնասէն կը մեկնէր, հետեւելով միշտ ամենէն աւելի լուսաւոր մայթերէն, կ՚անցնէր Սէն Միշէլէն, Սէվասթափոլէն, ու այսպէս Մեծ Պողոտաներէն մինչեւ Շան զ՚Էլիզէ, եւ Էթուալի հրապարակը։ Հոս արշալոյսը կը բարեւէր իրեն ու կը սկսէր օրուան եռուզեռը։ Ան կրնար ի հարկին նստիլ նստարանի մը վրայ։ Մանաւանդ Շան զ՚Էլիզէի պողոտային եզերքը շարուած աթոռներէն մէկուն վրայ՝ հաշուի կ՚առնէր անցնող ինքնաշարժերուն ծախսած իւղը, առեւտրական տուներու լուսավառ ծանուցումներուն վատնած ելեքտրականութիւնը, Սիթրոէնին տարեկան ծախսը միայն Էյֆէլի աշտարակին տրուած։ Գումարումի, բաժանումի երկար գործողութիւններ կ՚ընէր մտքին աստառին վրայ ու մատիտի մէկ հարուածով գործազրկութեան հարցը կը լուծէր։ Յաճախ այդ գործողութիւնները սարսափի մէջ կը նետէին զինքը։ Աշխարհի հարստութեան ու գործազուրկներու թշուառութեան մէջ խրամատը ահռելիօրէն խոշոր էր։
Հանդիպակաց մայթին վրայ, Լիւքսէնպուրկի կայարանին մօտ, խորունկ ու երկարաձգուող խռկոց մը քերեց Աշոտի սիրտը։ Պատին տակ քուրջերու ծրար մը, որ մարդկային խլեակ մը կը պաշտպանէր աշնան ցուրտէն։ Խխունջ մը միայն ինքզինք այդքան ապահով կը զգայ իր պատեանին մէջ։ Ինչ խաղաղութիւն կար այդ քուրջերուն անշաժութեան ու շնչառատ խռկումին մէջ։
Աշոտ կանգ առաւ։
Բացարձակ անտարբերութիւն մը, որ հեգնութիւն էր իր խռովքին դէմ։ Մտամփոփ դիտեց մարդը։ Հակառակ իրեն՝ սկսաւ խորհիլ։ Մտածումները կարաւանի մը պէս կը մեկնէին իրմէ ու զուգահեռաբար թափառաշրջիկին խռկոցները ուլունքներու նման կը շարուէին իրարու ետեւէ։
Նաւամատոյցին վրայէն՝ մեկնող նաւը դիտողին պէս՝ որ ինքզինքը ճամբորդողը կը զգայ, գլուխն ու սիրտը պտուտակներով լեցուն։ Աշոտ ամբողջովին յանձնուած էր խորհրդածութիւններու։ Իրեն կը թուէր թէ քուրջերու խռկացող ծրարը պսակումն էր երջանկութիւնը փնտռող մարդուն կեանքին։ Անոր միտքը պարտուած էր խորհիլ ըսուած բանէն։ Ինքն էր աշխարհի կեդրոնը եւ աշխարհը կը դառնար անոր շուրջ ափսէի մը պէս, որուն վրայ շարուած էին ապրելու յատուկ եղած բոլոր առարկաները։ Ան աշխարհին տալիք հաշիւ չունէր։ Ընդհակառակը աշխարհն է, որ պարտական կը մնար իրեն ցկեանս։ Իրեն կը մնար միայն երկարել ձեռքը։ Ձեռք երկարել… Հոս սարսափելի ցնցում մը ունեցաւ Աշոտ։ Իրեն այնպէս եկաւ թէ արդէն երկարած էր ձեռքը, որովհետեւ ուսէն սկսած ֆիզիքական անձկութիւն մը սահեցաւ բազուկէն մինչեւ դաստակը։ Անոր մէջ ձեւով մը խարսխուած կը մնար պարտականութեան ըմբռնումը։ Ամբողջ էութիւնը լեցուած էր պատկերաւոր աշխարհով մը՝ որուն դրսեւորումը սրտաբուխ ուժերու գալարումներ ունէին։ «Պէտք է», կ՚ըսէր բան մը իր մէջէն։ Ոչ անզուսպ բայց պարտադրական։
Իր ոտքերուն առջեւ փռուողը ազատ մարդն էր։ Ինք ազատ չէր։ Այսինքն հրաժարած մը։ Հոդ էր ահաւասիկ գլխաւոր թնճուկը ապրելու արուեստին մէջ։ Ատով անհատը կը շինէ իր չափանիշը հաւաքականութեան մէջ ու կեանքին դէմ։ Արտաքին աշխարհը կար — ինչպէս կայ սա ճերմակ թուղթը գրութեանս համար — որ շարունակ կը լեցնէր իր ներքին շտեմարանները։ Հարկ էր իրեն վերադարձնել զանոնք քիչ քիչ, որպէսզի ազատութիւնը ծնէր անկէ եւ ըլլար զգացում։ Այլապէս ազատութիւնը իբրեւ գաղափար պիտի ըլլար այնքան անհեթեթ որքան Աստուծոյ գաղափարը։
Նշանեան անգամ մը եւս նայեցաւ մուրացկանին, որուն դունչը կուրծքին վրայ պահուած կը մնար։ Այդ ծամածուռ դէմքը, բայց զսպօրէն խաղաղ, սոսկալի հեգնութիւն մը կարծեց իր խորհրդածութիւններուն ուղղուած։ Աշոտ հեռացաւ արտորանքով, մարմինը առաջ հրելով, կարծես արգելք մը վտարելու համար։
Եւ սակայն տարօրինակ զգացում մը անոր քայլերը կը դանդաղեցնէր։ Իր մէջ մտերիմ անկիւն մը կապուած կը մնար մուրացկանի պատկերին՝ որուն երանի կուտար, «բայց եւ այնպէս քնանալ»։ Այն ատեն խորհեցաւ իր բարեկամին, սեղանին՝ որուն առատութեան մէկ մասը կը ծանրացնէր փորը, մոռցուած գործողութեան մը ենթակայ, ուղեղին մէջ քունի ալիքներ վազցնել կուտար։
Ու ծանրօրէն բարեկամին դէմ գէշ մտածումներով պոռթկաց։ Իբրեւ թէ չար ոգիի մը հանդիպած ըլլար, որ իրեն դիտմամբ դժոխային դեղահատեր կլլեցուցած էր։ Գիւժաս փողոցին անկիւնը Աշոտ նայուածք մը նետեց փողոցին խորքը։ Մութը հրապուրիչ ազդեցութիւն մը ունեցաւ իր վրայ։ Ոհ, կարենալ կծկուիլ ու քնանալ խռկալով։ Ոչ, ուժը չունեցաւ։ Հազիւ թէ շարժումի մը սկիզբը՝ որ արիւնեցաւ գիտակցութեան հատու շեղբին հանդիպելով։ Երբեք, կը հասկնաք, երբեք։ Աշոտ Նշանեան չպիտի պառկէր փողոցը։ Կարծես ալ բնաւ ոտքի չպիտի կրնար ելլել եւ պիտի դատապարտուէր ընդ միշտ սողալու՝ նայուածքը հողին՝ ընթանալու։ Պիտի դադրէր ուղղահայեաց անասուն մը ըլլալէ։ Ու շարունակեց քալել։ Պէտք էր քալել… Այն ատեն իր մտքին հայելիին մէջ տեսաւ ինքզինքը։ Այնպէս ինչպէս որ է։ Երիտասարդ, բարեձեւ, քիչ մը յոգնած, շշմած, բայց խոհուն դէմքով, լայնաճակատ ու քաղցր նայուածքներ, կրքոտ շրթունքներ։ Կեանքը դեռ շատ ծծելիք հիւթ ունէր անոր մէջ։ Հոդ չէր միակ արգլքը։ Այդ չէր բուն պատճառը՝ որ կեցուցած էր շարժումը՝ հազիւ սկսած։ Անիկա տակաւին կը հպատակէր որոշ հրահանգներու, ինչպէս զինուոր մը կը հնազանդի որքան ատեն, որ կը կրէ իր համազգեստը։ Ան նայեցաւ հագուստը՝ որ իր որոշ պահանջները ունէր։ Իր օրէնքները։ Թափառականին կարծեցեալ հեգնանքը այս անգամ իր բնական բնոյթը ստացաւ։ Հեգնանքը կ՚ըսէր. «Նետէ գիրքը թեւիդ տակէն, հագուէ ցնցոտիներ եւ ամէն բան ինքնին կը քալէ»։
Մուրացիկին արհամարհանքը երեւեցաւ իրեն իր բովանդակ լոյսին տակ, թէեւ ահաւոր, բայց հմայիչ միանգամայն։ Ու «ահաւորը» եւ «հմայիչը» սկսան անհաւասար կռիւ մղել անոր մէջ։ Ան իրապէս այն զգացումը ունեցաւ այդ պահուն թէ իր անձը երկուքի բաժնուած իրարու դէմ կը կռուէին։
Պայքարը անանկ բուռն բնոյթ մը կը ստանար, որ հաւանաբար հանդիսատես Աշոտը չկարենար հաշտութեան եզր մը գտնել, երկու հակառակորդ կողմերուն միջեւ։
Այդ միջոցին պողոտային վրայ ժխոր մըն է բարձրացած։ Աշոտ գլուխը վերցուց։ Հալերու բեռնատար կառաշարն էր, որ ծուխ ու աղմուկ փսխելով կը յառաջանար դանդաղօրէն, վախով, մէկու մը պէս, որ ընդունուած սովորութիւն կը սրբապղծէ։ Աշոտ միշտ ապշութեամբ կը դիտէր հրէշը, որ կը շրջէր աչքի վարժութիւններու համեմատութիւնը։ Զարմանքի այդ լարուած երեւոյը պատճառ մը չէր, որ անոր միտքը չգրաւուէր միեւնոյն ատեն ինքնաբուխ մտածումէն «ահաւասիկ աշխատանքը»։ Ու շարունակեց. «Հրաշք չէ մեր պահանջածը, աշխատանք է, աշխատանք։ Անով միայն կարգ ու կանոն կը մտնէ կեանքին մէջ ու հանգստութիւն՝ մտքին մէջ։ Մեր աշխատանքի պահանջին անմիջապէս կը հետեւի մտածելու իրաւունքը։ Առանց անոր մշտական ու ապահով կայունացման, կեանքը ուրիշ բան չէ եթէ քալել, քալել անդադար, շշմուած, պարպուած ուղեղով»։
Կառաշարը հոգոց տալով հասած էր կամուրջ ու կը դիմէր Շաթլէի հրապարակը։ Այդ հեռանկարին եկաւ խառնուիլ մուրացիկին պատկերը։ Ոչ, Աշոտ երբեք չպիտի համակերպէր քուրջեր կրելու։ Գաղափարը միայն իրեն տուաւ մարմնական ցաւ։ Այն ատեն ըմբռնեց թափառաշրջիկին անկման ահաւորութիւնը։
Ցաւը փոխուեցաւ ցուրտի զգայութեան։ Աշոտ մսեցաւ։ Փողկապը սեղմեց վզին շուրջ։ Քակեց ու կրկին կոճկեց բաճկոնին կոճակները ու շարունակեց ճամբան։
Սէն Միշէլի պողոտան քիչ մը շեղ ըլլալուն Նշանեանին այնպէս եկաւ, որ կը սահէր։ Ուշ էր արդէն ու բազմութիւնը ցանցառ։ Միայն Տիւբօն֊Լադէնի առջեւ պահ մը քունը՝ որ ստուերի պէս կը հետեւէր իրեն, անյայտացաւ, շուտով զինք իր ուռկանին մէջ առնելու համար, քիչ անդին։
Երբ կրթնեցաւ կամուրջին լայնեզր բազրիկին, անխուսափելին տեղի ունեցաւ։ Գլուխը ինկաւ թեւերուն մէջտեղ։ Իսկոյն հրաւէրներ՝ զորս աւելի կը զգար քան թէ կը լսէր, չորս դիէն եկան մեղրի նման ծորիլ անոր հոգիին մէջ։ Ծաղկահիւս կառք մը մօտեցաւ բարքին խճասփիւռ արահետէն։ Թիթեռնիկի թեւերով պարիկներ վայրի ծաղիկներու հիւթէ շինուած դէմքեր ունէին ու թեւերուն թաւիշ սպիտակութեան վրայ յօնքեր ու թարթիչներ գծուած էին։ Անոնց ժպիտը լոյս էր։ Անոնք ծունկի եկան ու Աշոտ հասկցաւ։ Յետոյ բազմեցաւ կառքին մէջ։
Արահետի խճաքարերը խշրտացին կառքին անիւներուն տակ։ Ծառերուն գագաթները վերեւէն զիրար կը գրկէին։ Ճիւղերէն կախուող պտուղները ելեքտրական գունաւոր լապտերներու կը նմանէին ու կը շողային կիսաստուերին վրայ։ Երբ կառքը հասաւ մրգաստանին ծայրը, որ կամար մը կը ձեւացնէր, ան համակուեցաւ անհատնում դաշտերուն աննկարագրելի գեղեցկութեան տեսարանովը։ Ծաղիկներուն բոյրը գրեթէ խուժում մըն էր, որ կատարեց անոր ռունգերուն մէջ։ Ու Աշոտի երակները քաղցրօրէն ընդարմացան խաղաղութեաբ մը՝ նման սիրային զուգաւորման հետեւող անդորրին։
Օդային համբոյր մը այդ պահուն կը փակէր անոր աչքերը երբ կամարին ոտքերուն մօտ նշմարեց երկու պահակները՝ ծիրանեգոյն գօտիներու մէջ պլլուած։ Անոնք ծռեցան մէջքերնուն վրայ, ճամբայ բանալ ձեւացուցին ու աջ ձեռքերնին կուրծքերնուն տարին բացագանչելով.
—Իշխանը։
Անիկա հազիւ ունեցած էր երանութեան մը զգացումը, որ դառնացաւ։ Երկու պահակները իրեն յիշեցուցած էին Սէն Միշէլի պողոտային թափառաշրջիկը։ Բարեբախտաբար զարմանալի երեւոյթ մը եկաւ աւրել այդ տխուր տպաւորութիւնը։ Մեղու մը թռաւ կառքէն։ Աշոտ սքանչացած դիտեց մեղուն, որ լիւղ կուգար արեւու ճառագայթներուն մէջ։ Ոգեւորութենէն թափ տուաւ թեւերը ու ահա ինք ալ, հրաշք, մեղու եղած՝ կը թռչէր։
Ճշմարիտ հրճուանք մըն էր դիտել վերէն վար դաշտերը, որ երկրաչափական ձեւերու կատարեալ համայնապատկեր մըն էին։ Օդը պայծառ է, վճիտ ու բիւրեղեայ։ Արեւին լոյսը անկէ անցնելով աւելի գեղեցկացած՝ գունազարդած էր առուները։ Իշխանին սիրտը կը վերանար կատարելութեան հասած գեղեցկութեան տեսքին առջեւ։
Անոր թռիչքին կ՚ընկերանար երկնային նուագ մը, որ փառաբանութիւնն էր Աստուծոյ եւ իշխանին։ Մեղուներու խումբն էր, որ կը հետեւէր թռիչքին։
Յանկարծ աղմուկ մը լսուեցաւ երբ շքախումբը կը հասնէր կոյս անտառին առաջին ծառերուն։ Իշխանը տխրեցաւ։ Ով կը համարձակէր աղտոտել իր «հրաշքի երկրին» գեղեցկութիւնը։
Բարկացած` իշխանը, նետի արագութեամբ երկրի վրայ իջաւ։ Շքախումբը հետեւած էր իրեն։ Անմիջապէս, որ ինքզինքնին գտան անտառային առաջին ստուերներուն մէջ, անոնք այլեւս մեղուներ չէին։ Կիսաքաղց մարդեր ու կիներ սպառնական դիրք բռնած կը սպասէին։
Բարկութիւնը պրկեր էր մարդոց բազուկները ու շրջազգեստէն դուրս նետած` կիներու ստինքները։ Անոնք համաչափ շարժումով մը վերցուցին ձեռքերնին նախ ծառի մը կոճղին` ուր կապուած էր ըմբոստ մը եւ յետոյ առուակին եզերքը պառկած երիտասարդը։ Իշխանը խիստ ակնարկ մը պտտցուց շուրջը ու լռութիւն տիրեց։ Այն ատեն առուակին կարկաչը, որ խճաքարերուն եւ եզերքի խոտերուն հետ գաղտագողի սիրաբանութիւն մըն էր, իշխանին սիրտը գրաւեց ու թեթեւցուց բարկութեան բեռէն։
—Ով է այս մարդը, հարցուց իշխանը ամբոխին։
—Օտարական մը, Տէր։
—Լաւ, ոտքի ելէք, հրամայեց իշխանը օտարականին։ Բայց այս վերջինը վախկոտ նայուածք մը նետեց ամբոխին ու մնաց իր կռնակին վրայ պառկած դիրքին մէջ։
—Ոտքի ելէք, երիտասարդ, կրկնեց իշխանը։
—Բայց, Տէր, ինծի արգիլուեցաւ ոտքի կենալ ձեր հողին վրայ։ Եւ որովհետեւ կ՚ատեմ փորի վրայ սողալը, ներեցէք այս անպատեհ դիրքս։
Իշխանը քիչ մը զայրացկոտ էր հնազանդուած չըլլալուն համար, բայց քիչ մըն ալ ներքնապէս` գոհ։ Օտարականին յանդգնութիւնը, ձայնին անկաշկանդ շեշտը զմայլեցուցած էին զինքը։
—Ոտքի, բարեկամ, եւ պատմեցէք ձեր ինքնութիւնը։
Երբ օտարականը հնազանդեցաւ պարզապէս քաջալերուելով «բարեկամ» բառէն, իշխանը որ վարժուած էր բոլոր գէշ արարքները «խենթ»ին վերագրել, ծառի բունին կապուած մարդուն նայելով խօսեցաւ իր հպատակներուն.
—Շնորհակալ եմ ձեզի այս մարդը ազատած ըլլալնուդ համար «խենթ»ին ձեռքէն, որուն արժանի պատիժը տուած էք արդէն զայն ծառին կապելով։
Ամբոխը զգայախաբութեան ցնցում մը ունեցաւ։ Օտարականը նոյն պահուն խորհեցաւ թէ արդեօք պատրանքի մը խաղալիք չէր ու հողը պիտի սայթաքէր քիչ վերջ ոտքերուն տակէն։
—Ներեցէք, իշխան, աղաղակեց երիտասարդը, վախնալով թէ լռութիւն պահելով մեղսակից կ՚ըլլար «խենթ»ին տրուած պատիժին։
Գլուխը կախ, անձայն, հեռացաւ ամբոխը։
—Ներեցէք, իշխան, կրկնեց ան։ Ահաւասիկ պատմութիւնը։ Արտօնեցէք, որ այս երիտասարդին կապերը քակուին։ Անոր շնորհիւ ես կրցայ անվնաս դուրս գալ այս ահաւոր անտառէն` ուր ան զբաղած էր որսորդութեամբ …
—Նորէն, աղաղակեց իշխանը, ես ձեզի պատուիրած չէի, որ ալ չդպիք անտառիս բնակիչներուն։
—Ներեցէք, մէջ նետուեցաւ օտարականը, ես իր խոստումը ունիմ, անտառին բնակիչներուն ոչ մէկ վնաս կը սպառնայ այսուհետեւ։
—Շնորհակալ եմ, օտարական, — իշխանին յարգանքը կ՚աւելնար հետզհետէ անոր հանդէպ — կը հաւատամ ձեզի ու արդէն ազատ կ՚արձակեմ զինք։ Հիմա ըսէք, ինչ ակնկալութիւն ունէիք հոս գալով։
Այս ըսած ատեն, իշխանը կը պատրաստուէր ձեռք առնել իր մոգական ճիպոտը, ծածուկ կասկած մը սնուցանելով անոր վրայ որովհետեւ օտարականը երիտասարդ էր եւ թեւաւոր երեւակայութիւն մը ունենալ կը թուէր։
Բայց օտարականը ըսաւ պարզապէս.
—Այն բոլոր երկիրները զորս ձգեցի հոս ապաստանելու համար, կախարդուած այս անտառին բազմազան թռչուններուն գրաւիչ երգերէն, այդ երկիրներուն մէջ թէեւ երգը բնաւ պակաս չէր, բայց անկարելի էր հաց գտնել։ Ու հացի պակասը ամէն տեղ պատճառ եղաւ, որ ես չկարենամ ականջ տալ երգին։ Ահաւասիկ, տէր, խնդրանքս պատառ մը հող է, որ ցորեն մշակեմ, հաց եփեմ, ուտեմ. իրիկունները նստիմ հորիզոնին դէմ եւ մտիկ ընեմ անտառին երգերը ու օրհնեմ Ձեզ։
«Խենթ»ը արձակուած էր արդէն։ Օտարականին խօսքերը մտիկ ընելէ ետք, դէմքը պռստեց, թքաւ գետինը ու հեռացաւ։
Իշխանին դէմքն ալ մթագնեցաւ յանկարծ։ Մտովին պատրաստուած էր օտարականը դասել գեղեցիկ բաներու կարգին ու տակաւ զայն կը զետեղէր իր պալատին մէջ` ուր իր թարմութեամբն ու նայուածքներուն պայծառութեամբը պիտի ծառայէր իր ձանձրոյթի պահերու փարատումին։ Մինչ, ահա, իր յղփացած ականջներուն գէշ հնչող բառերով կը բացուէր անոր բերանը, «հող», «հաց», «ուտել»։
—Ինչ պիտի ըսէիք եթէ ձեզ առնեմ շքախումբիս իբրեւ պետ։
—Ոչ, տէր իշխան, աշխատանք մը չէ, որ կը նուիրէք ինծի։ Ծնած օրէս ի վեր ինծի տրուած չէ երբեք քայլերս հաստատ զգալ հողին վրայ. ամէն տեղ կարծես մարդոց դէմքերը կ՚ըսէին. «Ուշադրութիւն, հողը որուն վրայ կը դնէք ձեր քայլերը, ձեզի չի պատկանիր»։ Երբ աշխատանք կը տրուէր ինծի, ողորմութեան պէս, անոնք կ՚ըսէին նորէն «Գացէք, մեր հացը կը գողնաք»։ Ինչպէս կ՚ուզէք, որ անոնցմէ տարբեր ակնկալութիւններ մշակելու ժամանակը ունեցած ըլլամ։
—Բայց, խնդիրը այն է որ — հոս իշխանը կը կակազէր քիչ մը — իշխանութեանս մէջ մշակելիք կանգուն մը հող չէ մնացած եւ ստիպուած եմ ժողովուրդս լաւ կամ գէշ իմ հաշւոյս ապրեցնել։
—Ահ, ըսաւ օտարականը, ըսել է ձեր իշխանութեան մէջ ալ կը տիրէ ինչ որ կ՚անուանեն անդին «Տագնապը»։
Ու աչքերը դարձնելով անտառին.
—Հապա այդ անտառը, կարելի է զայն քանդել, անոր փայտերով պալատներ շինել ու բացուած հողին վրայ շտեմարաններով ցորեն ցանել։
Իշխանը խստօրէն ձեռքը վերցուց։
—Անէծք, ինչպէս կը համարձակիք։ Միւս «Խենթ»ը չէր բաւեր։ Անտառը Աստուծոյ կալուածն է, անոր ստուերներուն ու տամկութիւններուն մէջ է, որ կը բնակին ոգիները որոնք մարդոց պատգամներ կը ղրկեն, որպէսզի անոնց մէջ տիրէ կարգապահութիւն, ներդաշնակութիւն, օրէնքը։ Անտառը ներշնչարանն է իմ երկրիս բանաստեղծներուն, գիտուններուն։ Քանդել անտառը … հապա Աստուծոյ բարկութիւնը …
Իշխանը ալ չուզեց օտարականին երեսը տեսնել։ Հրամայեց իր մարդերուն, որ անտառին արեւելեան ծայրամասը խոպան մնացած կտոր մը հողը տրուի անոր եւ արգիլուի իր ժողովուրդին կապ ունենալ անոր հետ։
Ամիսներ անցան։ Օտարականը շատ քրտինք թափեց։ Քար քարի վրայ դիզեց, բայց հողը երբեք չյայտնուեցաւ։ Աչքը անտառին վրան` յաճախ անշարժ կը մնար, կրթնած բրիչին կոթին։ Ոչ մէկ այցելութիւն ունեցաւ, բացի «խենթ»էն, որ մէկ երկու անգամ եկած էր անձայն ու դիտած օտարականին նայուածքին ուղղութեամբը։ Անսահման անտառը։
Քիչ քիչ կորսնցուց իր գեղեցկութիւնը։ Անօթութիւնը որդի պէս կպած էր աղիքներուն ու կը կրծէր անդադար։ Բազուկներուն, զիստերուն մկանները հալեցան։ Աչքերը խոռոչացան։ Օր մըն ալ չկրցաւ շարժուիլ ու ձգեց բահն ու բրիչը։ Երկնցաւ գետինը ու նուաղկոտ նայուածքները երկնքին` օրերը կը սահէին անպտուղ։ Սկսաւ նոյնիսկ խորհիլ անցեալին վրայ։ Ու զղջալ նոյն իսկ։ Ինչպէս խաբուած էր սա անտառէն աշխարհի վրայ սփռուող գեղեցիկ երգերէն` որոնք Գեղեցիկն ու Ազատութիւնը կը փառաբանէին։ Զղջումին վրայ աւելցաւ, այսպէսով, նոր զգացում մը. դասալիք մըն էր ինք։
Իրիկուն մը, ուժերը այնքան սպառած էին, որ արեւմուտէն վառող հրաշալի մայրամուտը կը խեղդուէր թարթիչներուն մէջ։ Երբ յանկարծ ամէն ինչ մթագնեցաւ։ Սեւ ամպերու կոյտեր զիրար հրմշտկելով եկան ծածկել երկինքը։ «Ահա աշխարհին վերջը» խորհեցաւ օտարականը։ Ամպակոյտերը բաղխեցան մէկզմէկու ու բացուած ճաթռտուքներուն ետեւ հորիզոնը միշտ հրաշալի էր։ Ամպերը, ածուխի նման սեւ, կը վազէին, կը պտտկէին։ Անծանօթ ձեռք մը կարծես մէկէն անշարժացուց զանոնք։ Զարմանք։ Հորիզոնին լուսողող աստառին վրայ անոնք կազմեցին հսկայական խորհրդանիշ մը։ Ամպերը այլեւս սպառնական չէին եւ ոչ ալ ցրտին։ Օտարականը կարծեց շնչել։ Այնքան հեռու որքան անտառը կը տարածուէր, երկինքին վրայ ամպերը կազմեր էին մուրճի եւ մանգաղի խաչաձեւում մը։ Բայց ուրականի թունաւոր շունչը վրայ հասաւ, տարտղնեց խորհրդանիշը։ Խաւարը պատեց։ Ցուրտ, ցուրտ էր։ Երիտասարդին կզակները դողդղացին, կափկափեցին։ Որոտը ոռնաց ու, շրախկ, տեղատարափը սկսաւ։ Անձրեւը լեցուեցաւ հովիտներուն մէջ, բարձրացաւ սարերը, հասաւ երիտասարդին` որ գրաւուեցաւ խեղդուողի անպատում անձկութեամբը։ Արհաւիրքը հիմա կոկորդին չոքած էր։ Այո, խեղդամահ պիտի ըլլար։ Իր մէջ վերապրող ուժերը, վտիտ ու անկար, անոր էութեան խորքը ընկղմելու վրայ էին, իբր գերագոյն ճիգ մը ամփոփեց զանոնք ու օտարականը կրցաւ բերանը բանալ պատռելու աստիճան։
Սէն Միշէլի կամուրջին վրայ Աշոտի մարմինը շարժեցաւ։ Դիմացը Նոթրը֊Տամի տաճարն էր` որ անձրեւի վարագոյրին ետեւ ուրուականային դարձած էր։ Անձրեւը կ՚իյնար խոշոր կաթիլներով։ Գլուխը բոլորովին թրջուած` մազերու փնջիկ մը ջրմուղի ձեւով ջուրը կը բերէր ծոծրակի խոռոչին` ուրկէ ան կը տարածուէր հագուստներուն տակէն մարմնին չորս կողմը։
Աշնան ցուրտը, ջուրին թացութիւնը թմրեցուցած էին զայն։
Աշոտ երկու քայլ առաւ։ Թօթուեց ինքզինքը, նայեցաւ շուրջը։ Դէմը` դատարանի պողոտան էր, աւելի հեռուն` Շաթլէի հրապարակը, դեռ լուսաւոր։
Այն ատեն միայն ինքզինքը գտաւ ու անտուն գործազուրկի պարտականութիւնը`
Քալել…
Յունուար 1935
ԳԻՆՈՎԸ
Բայց միջոցը կը մերժէ զինքը, երդուած` քայլ մը գծել չտալու իր վրայ գինովէն։ Որովհետեւ ան կը սպառնայ, հոգին ներարկուած չարութեան թոյնով։ Կամքը։ Գերագոյն ճիգ մը եւս։ Ճմրթկած աչքերը կիսովին կը բացուին, սպառիչ զառանցանքէն արթնցողի մը պէս. ու կը չափեն տարածութիւնը։ Տարածութիւնը որ տիեզերքն է, անակնկալի եկած գիշերակերի մը պէս, որկորը բացած, ատամնաշարերը սպառնալիք կը տեղացնեն։ Հոս գինովը պահ մը կանգ կ՚առնէ։ Կը ժողվէ ինքզինքը։ Գլուխը վեր, կուրծքը ցցած, հրամանատարի մը նման։ Իր զգայարանքները կը վարէ, կը հաւասարակշռէ. մարմնին այլամերժ մասերը, որ թշնամական վիճակ յայտարարած էին` որովհետեւ ուղեղը զիրենք կը լքէր, համաձայնութեան կէտի մը կը յանգեցնէ։ Ու իր ծունկերէն մինչեւ վեր ան կը զգայ բարձրանալը հոսանքի մը որ մարմնին մասերը իրար կը յոդաւորէ, կը վարէ, կը կոճկէ, ու գալով սրտին` լայն մը կը փչէ հոն, զով հովի պէս։ Այն ատեն գինովը ինքզինքը կը նկատէ անյաղթ։ Սուր նայուածք մը կ՚ուղղէ մայթին։ Կարծես այդ նայուածքով ուզէր հալեցնել մայթին բարձրութիւնը, հաւասարեցնել իր ոտքերուն մակարդակին։ Ու յանկարծ կը վերցնէ մէկ ոտքը։ Բայց իրականութեան ձեւերը կը ճողոպրին իրմէ հեռանալով, բարձրանալով, կազմելով լեռ մը գինովին քիթն ի վեր։ Ինչպէս մագլցիլ այդ ուղղահայեած զառիվերներէն։ Գինովին դէմքը երկինք դարձած է, կարծես կը չափէ լերան կատարները։ Կը մնայ անշարժ, աղօթքի կեցողի նման։ Ահ, անգամ մը բարձրանար հոն։ Այն ատեն… այն ատեն… բոլոր ճամբաները պիտի հպատակէին իրեն, գետին ջուրերը իրենց ընթացքին։ Յամառութիւնը կը սկսի թթուիլ, քացղիլ անոր մէջ։ Արիւնը կ՚եռայ, կ՚արշաւէ` ինչպէս լաւան։ Կը յարձակի մայթին եզերքին դէմ։ Սանձարձակ յարձակողական մը որ կը վերջանայ գինովին պարտութեամբ։ Անոր վճռարձակ կեդրոնը փաթթուեր է ալքոլի մշուշներուն մէջ ու կը ճամբորդէ կռնակն ի վեր, կռնակն ի վար` ջլատելով անոր կամքի ամբողջականութիւնը։ Սրունքներու ճիգին կ՚ընկերանան թեւերուն շարժումները, ու գինովը պարապին վրայ կը գծէ ծառը ելլողի մը ձեւերը։ Եւ սակայն գինովը համբերութեան աղբիւր մըն է, թէեւ բերնին մէջ բարկութիւնը կը փրփրի։ Փրփուրներէն պղպջակներ կը փախչին։ Պղպջակները կը պայթին, կ՚ըլլան մէյ մէկ բառ։ Բառեր իրար կը բաղխին, օղակ օղակ կը կապուին ու կը խորտակեն քերականութիւնը։ Այդ խորհրդաւոր խօսակցութիւնը կ՚ուղղուի աշխարհի անտեսանելի ուժերուն որոնք, կը կարծէ ինք, թէ իր թեւերն ու ոտքերը կը կապեն։ Անհասկնալի ու անսովոր արտայայտութիւնները գործնականին մէջ ըմբռնելի, իմաստալից յայտնութիւններ են, եթէ ձեւերէն բառերուն մեկնելու ճիգը ընենք։ Անիկա կ՚ըսէ անցորդի մը. «Տուր սա փափշտակալդ»։ Կու տան «փամփշտակալ»ը. օրօրուն` գինովը կը բանայ լուցկիին տուփը, լուցկի մը դուրս կը հանէ, կը վառէ գլանիկը։ Ժամանակին խնդիրը գինովին համար լուծուած հարց է։ Ան գոյութիւն չունի։ Անոր թշնամին անջրպետ է։ Հետեւաբար այս վերջինը միայն գոյութիւն կրնայ ունենալ։ Ան կայ, ինչպէս կայ ինքը։ Յանկարծ գինովը կը նետէ գլանիկը թքնելով, հայհո
Բառերը իմաստասիրական երանգաւորումներ կը հագնին։ Յաջորդաբար յոռետես ու քնարական։ Հազիւ ոտքերուն վրայ ցցուած` կը կրթնի միջոցի անտեսանելի յենարաններուն զորս այս վերջինը կը խլէ անոր տրամադրութենէն։ Գինովը առանց խորհելու, իր հակառակորդին միջոցներով ինքն իր պէտքերը կը հոգայ։ Բայց բնութիւնը կը նմանի չարաճճի տղու մը, կը հրամցնէ աթոռը, երբ նստելու էք, կը քաշէ զայն ու քեզ գետին կը փռէ։ Ահա գինովը, նորէն գետնին վրայ, զգայախաբ։
Ինչպէս դժբախտ է։ Իր խանգարուած յիշողութեան մէջ նոր վհուկներ կը սպրդին։ Եւ այդ փափաքները որքան բուռն են այնքան ծանր կը ճնշեն անոր վրայ։
Ու գիշերը կը բարձրանայ ժամանակին կռնակէն վեր։ Հանդիսատեսներու խումբը կը ցրուի։ Բայց հակառակորդը կանգնած է իր դէմ, անպարտելի։ Ահա, լուսինը դուրս կը ցատկէ դիմացի տան պատուհանէն ու կը բարձրանայ տանիքներու կատարէն։ Ու գինովը կը բարեւէ այդ անառակ տղուն, որ փոխանակ դռնէն դուրս գալու` պատուհանը կ՚ընտրէ իրեն ելք եւ կը քալէ յոխորտալով իր շրջակայքին վրայ։ Ցնցում մը տեղի կ՚ունենայ գինովին մէջ։ Լուսինին օրինակը հակազդեցուցիչ կը հանդիսանայ անոր մտքի ոլորտներու մէջ, մինչ անսպառ երեւակայութիւնը կը գծէ պատուհան մը օդին մէջ։ Խորամանկութիւն մը, որ վայրկենապէս կամքը կը սրէ, կը զինէ։ Եւ գինովը կը քալէ, տեսէք, մէկ տանիքէն միւսը, քիչ մը անհաւասարակշիռ, օրօրուն, ոտքերը զարնելով, տարածութիւնը ճզմելու միտքով քայլերուն տակ։ Կը յառաջանայ առանց ուղղութեան, կոտրած գծի վրայով։ Ոտքերը կը սահին, տանիքներու շեղութիւնը կը քաշէ զինքը, միայն` մէկ ուսը պատին տուած` պահ մը կը դիտէ շուրջբոլորը։ Փողոցները գետերու պէս հոսանուտ են։ Լոյսեր կը վառին հեռանկարներու ծայրը։ Ոչինչ կը պլպլայ սակայն։ Սարսռեցուցիչ մեռելութիւն մը` ուրկէ պէտք է անցնիլ։ Պահ առ պահ սարսափահար, խոկալով, պոռալով օթօ մը կը հասնի, կը փախչի։ Ու ետեւ ձգած լռութիւնը, ամէն անգամ, քիչ մը աւելի ահաբեկիչ է։ Գինովը կը թօթուէ գլուխը, կը հսկէ իր արթնութեան վրայ եւ կը յանձնուի փողոցի մը հոսանքին, որ զինքը կը խրէ դրան մը սեմին վրայ, մութ անկիւն մը։
Իսկոյն խորունկ անդորրութիւն մը կը հոսի անոր երակներուն մէջ։ Ընդմիշտ հրաժարած է իր ըղձանքներէն, կը թափէ զանոնք իրմէ վար, կը պառկի անոնց մեռած մարմիններուն վրայ։ Աչքերը կը գոցուին արտաքին աշխարհին համար ուրկէ ոչ մէկ դրդում կը թափանցէ իր մէջ։ Անոր բջիջները կը լեցուին ու կը յորդին քաղցր ջերմութեամբ մը։ Ան կը զգայ թէ իր թեթեւ ու խարխուլ մարմինը կը ծանրանայ տաքուկ զգայնութիւններով ու լիութեան զգացումը կու տան։ Երկիրը զայն կը հիւրասիրէ բազուկները տարածած։ Բազուկներ` որ գաղջ արգանդներու կը յանգին։ Ու այդպէս կ՚իջնէ, կ՚իջնէ անդադրում երկրին յատակը, պառկած` ելեկտրական վերելակի մը մէջ, գլխապտոյտ տուող արագութեամբ։ Երկինքի համաստեղութիւնները կը մխրճին անհունութեան խորութիւններուն մէջ։ Միջոցը կը քաշուի, կը կծկուի ինքն իր վրայ, կ՚ընկրկի դէպի տիեզերքի որջը։ Բնութիւնը տեղի տուած է, ըսել` յաղթուած է անմիջապէս որ մարդը մերժած է զինքը, ու պայքարը նկատած` անիմաստ։ Գինովը դարձուցած է աչքերը գլխուն ներսը, գլխէն իջած ներքին խորութիւնները։ Դռները կը բացուին իրարու ետեւէ։ Ոչինչ կը դիմադրէ իրեն։ Ան կ՚իջնէ անդադար։ Արտաքին հակառակորդը պարտուած է։ Որովհետեւ իրեն կարեւորութիւն տուող չկայ։ Վայրէջքը կը հադիպի կէտի մը ու կանգ կ՚առնէ յանկարծակի, ինչպէս նաւ մը ովկիանոսին բացը` մեքենաներուն աւրուելովը։ Այն ատեն գինովը կը զգայ իր հորիզոններու անսահմանութիւնը` որուն կեդրոնը ինք կանգնեցուցած է գահը ու կը դիտէ։ Հոգ է, որ իրմէ խոյս տուող բոլոր տարրերը կը մօտենան իրեն կորաքամակ, զսպուած գազաններու պէս հնազանդ։
Աստղերը կ՚իջնեն երկինքէն կամաց կամաց։ Լուսինը կու գայ հաստատուիլ անոր գլխուն տակ` իբրեւ թագ։ Հրաշափառ պարտէզներ` կը լեցուին ամէն կլիմաներու բոյսերով։ Պալատ մը կը կանգնի կանաչութիւններու ծոցը ու աստղերը բացուելով կոկոններու պէս դուրս կը նետեն գեղեցիկ աղջիկներ որոնք կը շրջապատեն զինք։ Ան կ՚երկարէ ձեռքերը, կը շօշափէ անոնց մերկ ուսերը, լանջքերուն կորութիւնները։
Ծաղիկները կը բերեն իրենց նեկտարը բաժակներով, անոր ռունգերուն, եւ իրենց բազմապիսի երանգները կը հիւսեն անոր աչքերուն համար ամէնէն հեշտալի զգայնութիւնները։
Գինով, ահա տիեզերքը կը պարգեւէ քեզ իր բոլոր կարելիութիւնները։ Լզէ ոսկի մատանիդ եւ պիտի գայ արեւելեան հէքեաթներու խափշիկը։ Հրամայէ ու բոլոր տենչանքներդ պիտի կատարուին։
Սթրազպուրկ. Դեկտ. 1931
ԽԽՈՒՆՋԸ
‘Look at the snail, how slow it is ! (Royal Readers)
Միակ մեղադրելին այս պատմութեան մէջ, խխունջն է։ Այո, այդ անմեղ, լպրծուն անասունը զոր բոլորդ ալ կը ճանչնաք։ Այն որ ախոյեանական դանդաղութեամբ կը յառաջանայ խոտերուն, պատերուն վրայէն, ետեւը սպիտակ ժապաւէն մը ձգելով, որ իմաստուններուն համբերատարութեան չափանիշը կրնայ ըլլալ։ Ամէն տղայ խաղացած է անոր հետ ոսկի օղերուն խոստումի խաղը` «Խլեզ մլեզ ականջներդ դուրս հանէ, հայրդ մայրդ քեզի ոսկի օօօօղ պիտի բերէ…»։ Եւ այդ վախկոտ անասունը, պահ մը առաջ կծկուած իր անշարժ պատեանին մէջ, ահա, կամաց կամաց վիզը դուրս կը հանէ։ Ականջները գլխէն դուրս կը ցցուին։ Խորամանկ մանկութեան անուշ ձայնէն հմայուած։ Խաբելու թէ խաբուելու հաճոյք։ Խոստումի պատրանային ներգործութեան կամ հնազանդութեամբ ինքնապաշտպանութեան միջոց։
Եւ սակայն, յաճախ կը զգամ դեռ, կրունկիս տակ ճզմուած խխունջի մը աղեխարշ աղմուկին բարձրանալը սրունքս ի վեր։
Կար նաեւ ամառնավերջի այն զգլխիչ իրիկնամուտը, որ վարդագոյն ու մանիշակագոյն թափանցկութիւն մը կու տայ իրերուն։
Չորս տարի անցեր է անկէ ի վեր։ Մօտաւորապէս տարի մը կայ, որ այդ աննշան դէպքը սկսած է յաճախակիօրէն ժայթքիլ յիշողութեանս մէջ, մատներով խաղալ ուղեղիս հետ եւ փոխել կեանքիս ընթացքը։ Թէեւ առօրեայ կեանքը շատ մը նման պարագաներ պարտութեան կ՚ենթարկէ, այս մէկը, անմղելի դիմադրութեամբ մը, ամէն առիթով կը վերադառնայ, կ՚ամփոփէ ջիղերս ափերուն մէջ ու կը թաւալէ զիս անել ու անափ գոյավիճակի մը մէջ։ Կը բաւէ, որ մէկը խօսակցութեան ընթացքին խ տառը արտասանէ կամ ընթերցանութեանս մէջ նոյն գիրը իյնայ նայուածքիս տակ, որպէսզի այդ անմեղ կենդանին Օնֆլէօռի բլուրին կանաչին վրայ սկսի սահիլ դէպի թմբիի ծառը, Մառի` ծռած դիրքի մէջ, սրունքները լայնօրէն բաց կամուրջ ձեւացնելով անոր ճերմակ հետքին վրայ։
Այս գիշեր, սենեակիս բացարձակ լռութեան մէջ անպաշտպան որսն եմ նորէն այդ յաճախանքին։ Սեղանիս կռթնած կը խորհիմ, կզակս ափերուս մէջ։ Մէկիկ մէկիկ անտեսանելի գոյութիւններ կը շարժին սենեակիս խորանարդ միջոցին մէջ, միմոսութիւններ կ՚ընեն, կը քմծիծաղին, պար կը բռնեն։ Մինակ, անօգնական, սարսափը կը պատէ զիս։ Սենեակիս առարկաները տեղի կու տան Օնֆլէօռի տեսարանին առջեւ։ Խխունջներ կը սահին դանդաղօրէն։ Ես սարսուռով կը հետեւիմ անոնց, որ չեն հեռանար — անպատկառ ու քինախնդիր դանդաղութիւն։— Աչքերս կը խոշորնան, իրենց խորշերէն դուրս կը նետուին։ Վճռական, մատներս կը դառնան ելեքտրական կոճակին վրայ ու խաւարը օգնութեան կը կանչեմ ինծի։
Աւաղ։ Ժանգոտ աչքեր թունաւոր ծաղիկներու պէս կը բացուին մութին մէջ, խխունջներու կը վերածուին, կը սողան, կը սողան… ոչ իսկ անհետանալու տրամադրութեամբ։ Երբ թարթիչներս իրար կը բերեմ ու աչքերս ուժով կը սեղմեմ սենեակիս դէմ, խխունջները կը փոխուին բազմաթիւ Անտրէներու, նոր ոտքի ելած երկու տարեկան ճուացող երեխայի մը, որ խխունջին ձգած շառաւիղէն կը քալէ, զուարթ, գոհ, թեւ տալէն։
Այս իրիկուն բարեկամ մը զիս ստիպման տակ դրաւ չմերժել իր հրաւէրը։
Դէմ դիմաց նստանք սեղանի մը շուրջ։ Ճաշացուցակ մը ձեռքերնիս սկսանք զատել ճաշերը։
—Կ՚ուզես, մէյ մէկ երկվեցեակ խխունջով սկսինք։ Կը սիրես խխունջ ուտել, մանաւանդ այս ճաշարանինները լաւագոյնն են, ալզասեան ձեւով պատրաստուած։
Տարակոյս չկայ, որ եթէ բարեկամս գիտնար ինչ որ դուք գիտէք հիմա, այդ բառը բերանը պիտի չառներ։ Չէր բաւեր արդէն խխունջին պատկերը ճաշացուցակին վերին անկիւնը, «specialites» ներուն մէջ, սիրելի բարեկամս հարկ կը տեսնէր շեշտել սեղանի իր ծանօթութիւններով պարծենալը, մինչեւ այտերը պատռող ժպիտով մը համեմուած.
—Մանաւանդ ալ ՚ալզասիէնը, որ ես կը նախընտրեմ ա լա պուռկինեոնէն։
Ու մեզի բերին խխունջները տասներկու փոսիկներով ալիւմինիումէ պնակներու մէջ։
Արդէն իսկ միտքս վարագոյր քաշած էր իմ եւ շրջապատիս միջեւ։ Այլեւս չէի տեսներ բարեկամս, բայց իր ձայնը վարագոյրին ետեւէն կու գար, մեղմ ու իր չարաբաստիկ խաղովը։
—Ընդհանրապէս Ալզասի մէջ խխունջին հետ նոր գինի կը խմեն։ Բայց ես կը նախընտրեմ գարեջուրը, Ալզասի գարեջուրը, ուժեղ եւ թանձր։ Նոր գինին շատ անուշ է համեմուած կերակուրի հետ խմելու համար, ինչպէս է խխունջը։ Ու յետոյ ցեխի ալ գոյն ունի նոր գինին։ Ասիկա Կռիւպէռ գարեջուրն է։ Ալզասէն դուրս ամէնէն տարածուածը։ Գրեթէ Ֆրանսայի ամէն քաղաք իր Պռասըռի Կռիւպէռը ունի։ ժամանակէ մը ի վեր Վալսհայմն ալ մէջտեղ ելած է։ Զարմանալի է, երկուքն ալ տեղւոյն վրայ ամէնէն քիչ գործածուածն են։ Ինչպէս են, լաւ են խխունջները։
Խխունջները կը սողան պնակիս մէջ։ Դգալն ու փոքրիկ երկճիւղ պատառաքաղը ձեռքս, կը թուի թէ Անտրէին միսն է որ կը ծամեմ։ Պատառները բերնիս մէջ կը շատնան, կը դիզուին ու կը խափանեն կոկորդս։ Գարեջուրով կը ջանամ վար ճամբել։ Պնակիս մէջ, պատառ պատառ, Անտրէին մատղաշ մարմինը կը սպառի։ Խորունկէն, թաւ ու խուլ, ծամուած միսէն աղեկէզ ճիչերը կը խլացնեն ականջներս։ Բարեկամս, քիթը պնակին մէջ, բիբերը փայլակնացայտ, երջանկօրէն կը շարունակէ պարծենալ։ Իր յամառ անտարբերութեան մէջ ծրարուած, բարեկամս կը ստիպէ ինձ քանի մը կծու բառեր արտասանել, որոնք կը վերցնեն անոր նայուածքները։
—Ինչ, արդէն գինովցար երեք տըմիով։ Ինծի համար մէկ խխունջը մէկ տըմի է։ Խխունջը ծարաւ կու տայ։
—Բայց… ես… Գէորգ, սիրելի բարեկամս, պիտի… ահա… հէ… պիտի… փըս… է… Անտրէին միսը…
Տարտամօրէն կը յիշեմ միայն հանդերձապահուհիին դէմքը, հաճոյակատար, համակերպող։ Ան կը մաքրէ հագուստիս վրայի փսխունքը, պաղ ջուր կը խմցնէ ինծի։
Ու հիմա գիշերը կը տիրէ իր ծանր լռութեամբ։ Դուրսը խաղաղութիւն է։ Երբեմն նաւամատոյցէն նաւու մը թաւ ու կերկեր սոյլը կը նետուի միջոցին մէջ։ Կայարանէն մեկնող կառախումբին սուր ճիչը կը նետահարէ գիշերային անդորրը։
Անցեալ տարի գործով մը կրկին Հավր կը գտնուէի։ Ամբողջ կէսօրէ վերջ մը ունէի անցընելիք։ Քաղաքը որեւէ հմայքէ զուրկ էր ինծի համար։ Խոշոր սրճարանները, երկար փողոցները, քարափները ինծի միայն յօրանջելու տրամադրութիւն կու տային։ Սէնթ Ատռէսի ճամբուն վրայ էի երբ յանկարծ Օնֆլէօռ երթալու գաղափարը ունեցայ։ Ի վերջոյ վայրերը արժէք մը կը ստանան շնորհիւ մեր հոն ձգած յիշատակներուն։ Հավրը այդ տեսակէտով ոչինչ կը ներկայացնէր, ոչ իսկ ջերմ ձեռքի մը սեղմումը։ Երբ, օրինակի համար, կ՚ուզեմ իջնել յիշողութեանս մէջ ու ոգեկոչել Ռուանը, իսկոյն կը չքանան Մայր Եկեղեցին, Ժան տ՚Առքի աշտարակը, Պոն Սըքուռը, Սէնի հեռանկարը ու աղջկան մը ժպիտը կը փթթի եւ զիս կը քաշէ փողոցէ փողոց։
Գետին ու ծովուն իրարու խառնուող ջուրերը հանդարտ էին։ Նաւը ուղիղ գիծով կը դիմէր հանդիպակաց նաւամատոյցը, մինչ բոլորովին նոր հոգեվիճակ մը կը ստեղծուէր ներսիդիս։ Տեսակ մը անհամբերութիւն։ Կարծես դիմացի նաւահանգիստը բարեկամ մը ինծի կը սպասէր։ Միեւնոյն արեւն էր, որ կը լուսաւորէր հոս ալ գետինն ու պատերը, բայց երբ մտայ Տօվիլ տանող մեծ ճամբան, արեւը նոր փայլով մը կ՚ապրէր։
Ամառնավերջ էր։ Բլուրին կատարը կանաչը առոյգ էր ու թմբին հոտաւէտ։ Մօտաւոր Սեպտեմբերը սկսեր էր արդէն արթնցնել բնութիւնը։ Վարը, հորիզոնին վրայ, արեւը գունտ ու կլոր նարինջի մը նման ծովը կ՚իյնար։ Թմբիին մօտ ոչ խխունջ, ոչ ալ իր հետքը կար։ Փափաքեցայ որ խխունջը նորէն հոն ըլլար սպիտակ ժապաւէնը ետին ձգած։ Բլուրին վրայ լռութիւն ու ամայութիւն։ Անդին աղջիկ մը խոտին վրայ նստած գիրք կը կարդար, կարծես բացակայ` մխրճուած ընթերցանութեան մէջ ու լռութեան կու տար հանդիսաւոր դրոշմ, գրեթէ քրմային։ Մերթ ընդ մերթ մեծ ճամբայէն ինքնաշարժ մը կ՚անցնէր սուրալով, թափ տալով փոշին, որ շուրջի կանաչութեան վրայ կ՚իջնէր դանդաղօրէն, կառքին անցնելէն ետք։
Այն ատեն զգացի, որ յիշատակը չէր կրնար օգնել արիւնիս նորոգուող կենսունակութեանը։ Զիս մինչեւ Օնֆլէօռ բերող ուժերը սկսան տեղի տալ յամրօրէն, ինչպէս իրիկուան ստուերները կը լքէին երկինքը ու կը լուծէին մայրամուտին բաբախուն գոյները։ Տեսակ մը թմրութեան ենթակայ էի արդէն, երբ մանկական ձայն մը բարձրացաւ մարգագետինէն, օդը ճանկելով։ Երեխաներու այդ առինքնող ճիչը, որ օգնութեան կանչ մըն է, երբ անոնք յանկարծօրէն կ՚անդրադառնան իրենց մինակութեան։ Քանի մը քայլ առեր էի դէպի այդ ձայնը ու գտնուեցայ դէմ դիմաց երիտասարդ կնոջ մը, որ կը յայտնուէր մացառներուն մէջ կիսաթաղ ամայի փոքրիկ եկեղեցիին ետեւէն, ձեռքը վայրի ծաղիկներու փունջ մը։
Իրարմէ քանի մը քայլ հեռու կանգ առինք։ Կինը ծաղկեփունջը ձախ թեւով կուրծքին վրայ սեղմած էր։ Տարօրինակ զգայութիւն որ կը կայանայ փախչիլ ուզել ու չկարենալ փախչելուն մէջ։ Կարծես սիրտ, սրունք, արտաքին ազդեցութեան մը ենթարկուած ըլլան։ Բարեբախտաբար երեւակայութեան ամենապարարտ սնունդը անշարժութիւնն է։ Անցեալը կը յորդի ժամանակի բաժակէն, ազնիւ գինիի մը նման, որուն փրփուրին տակ ներկան կը չքանայ։ Եւ ծառին ու եկեղեցիին հնամենի պատերուն շուքին տակ կը խաղանք միամիտ ու մանկունակ։ Իրիկուան թեթեւ հով մը կը փչէ, կը հովհարէ մեր ճակատները, որոնք մերթ ընդ մերթ իրար կու գան դողալով։ Արեւը կը մերկանայ իր գոյնզգոյն շղարշներէն։ Կը շպրտէ զանոնք, անփոյթ հոմանուհիի մը պէս, աջ ու ձախ ցրիւ` հորիզոնին վրայ ու կը մտնէ իր կանաչաւուն անկողինը, աստեղահիւս կապոյտ վերմակին տակ։ Կամաց կամաց իր մութ ձեռքերով ան կը փակէ մեր աչքերը։
Խոտին վրայէն խխունջը կը յառաջանայ։ Արեւի վերջին ճառագայթ մը ինկեր է անոր ականջներուն վրայ, ինչպէս մոմի մը պատրոյգին մօտեցած լուցկիի մը բոցը։ Ու թաղմանական դանդաղութեամբ խխունջը կը սահի, կը սահի, կը սահի դէպի ծառը…
Երեխան չկայ։ Հիմա խխունջն է նորէն։ Մառի ծռած է անոր վրան, հոս` ուր կուշտի վրայ ինկած եմ ես։ Կարճ շրջազգեստը, այդ դիրքին մէջ, պարզած է անոր սրունքները, ողորկ ու սպիտակ մորթով, որ կլորնալով, լայննալով կը բարձրանան մարմարիոնէ սիւնի մը պէս։
Ձայն մը, անցնելով բլուրին բիւրեղային օդէն, կու գայ արձագանգել հոգիիս մէջ։ Ու միտքս կը ժխտէ, կ՚ուրանայ ներկան, կը պառկի խոտին վրան, աչքերը կը յառէ պիշ֊պիշ, խոշոր, խխունջին վրայ հակած Մառիին, մինչդեռ խխունջը մազ առ մազ կը յառաջանայ դէպի ծառը, գծելով միջոցին կռնակին վրայ անհունին դէմ տարած յաղթանակը, իր էութենէն քամուած մածուցիկ հիւթովը։ Ձիւնաթոյր մորթին տակ կապտաւուն երակները կը դողդղան։ Քանի կը յառաջանայ խխունջը, որ կարծես դիտմամբ կը յամենայ։ Մառի քիչ մը աւելի կը ծռի, շրջազգեստը աւելի վեր կ՚ելլէ, զիստերը աւելի կը լայննան, հոյակապ։ Ձեռքերս կը սկսին դողդոջել։ Աչքերս կէս մը կը գոցուին ու պատկերը այսպէսով աւելի ամփոփ, աւելի հրապուրիչ ու միակ տիրողը կ՚ըլլայ տեսողութեանս դաշտին։
Խխունջը ծառին կողն ի վեր կ՚ելլէ, քիչ մը աւելի արագ եւ տղու մը գլուխը կը սկսի գծուիլ, յետոյ վիզ, ուսեր, թեւեր, իրան, սրունքներ, ոտքեր, որ կը շարժին, կը քալեն… ձայն մը կը կանչէ` «Մամա»։
Ու յիշողութիւնը վարագոյրը ետ կը քաշէ։ Օդը զով էր։ Մառին բացարձակապէս միեւնոյն դիրքին ու միեւնոյն վայրկեանին մէջ կը գտնուէր։ Տղան կը մօտենայ մօրը եւ աչքերը մեծ մը կը բանայ վրաս։ Վայրկեանը դեռ չէր բոլորած որ արդէն անցնող տեսիլքին մէջէն խորապէս փոխակերպուած դուրս եկած էի, մորթ փոխած անասունի պէս։ Ինքնաբերաբար Օնֆլէօռ մնալու վճիռ արձակած էի։
Ի հարկէ ծովեզերեայ խաղաղ գիւղաքաղաքը եւ ոչ ալ իր հոգեզմայլ իրիկնամուտները չէին, որ հիմա զիս կը բռնէին։ Իրաւ որ ձկնորսութեան մեկնող նաւակները համակ քերթուածներ էին` հեռուներու խորհուրդով բեռնաւոր։ Բայց ուղեղին այդ փոսորականութենէն աւելի, մսեղէն շղթայ մը սիրտս կը կապէր ու հեւք կու տար կուրծքիս։
Անկարելի էր ինծի տեսնել այդ կինը տարբեր դիրքի մէջ քան թէ այն որուն ընթացքին բուռն յուզումներ յանգած էին խօլագին պարապնդումի մը։ Խխունջը կը յառաջանայ դանդաղ֊դանդաղ։ Կինը ոտքերը նետած է անոր ետեւ ձգած ճերմակ ճապաւէնին վերեւ, կամուրջ ձեւացնելով։ Որովհետեւ կինը անշարժ է, հարկ կ՚ըլլայ քիչ աւելի ծռիլ, կարենալ հետեւելու համար անասունին ու իրանը վեր կը քաշէ ետեւէն շրջազգեստը, ծունկերը կը պարզուին։ Կապոյտ երակներ կը վազեն ձիւնաթոյր մորթին տակէն։ Ճակատս տաք է ու աւելցած հաճոյքով կը զգամ իրիկուան զովութիւնը։ Կարելի չէ գուշակել գրաւի մը գոյութիւնը խխունջին եւ կնոջ միջեւ, բայց դիւրին է ըմբռնել կնոջ շարժումներուն գիտակցական նպատակը, թէեւ արտաքնապէս այդ շարժումները անպատասխանատու կը թուին։ Պէտք չէ մոռնալ խխունջին սկզբնական մեղսակցութիւնը։ Բայց կ՚ուզէի ընդվզիլ անոր վրէժխնդրութեան դէմ, կ՚ուզէի նոյնիսկ, եթէ կարելի ըլլար, ոսկի օղեր անցնել անոր ականջներուն, մանկութեանս խոստումը յարգած ըլլալու համար։ Խխունջին ականջները պատրանք մըն են, հազիւ մեր աչքը կը հաստատէ անոնց յայտնութիւնը, որ արդէն աներեւութացած են։ Մառիին մատները կան։ Անոնք կը սեղմեն ծաղիկներու փունձ մը իր կուրծքին վրայ ու ես կրնամ պատրանքին տալ իրականութիւն, շնորհիւ մատանիի մը։
Համարձակութիւնը կը ծնի այդ փափաքէն։ Ու կ՚ըսեմ.
—Մառի, ահա եկայ, ներողութիւն…
Մառի թերահաւատ խնդուք մը կ՚ունենայ։
—Բայց, Մառի, այս տղան պէտք ունի իր հօրը։
—Ինչ հայր, ան հայր չունի, կ՚ըլլայ Մառիի պատասխանը կտրուկ։ Ան մայր մը ունի միայն։
Եւ հեգնոտ, մեկուսի` «Հայր»։
—Ինչ է որ մարդը, այրը, կ՚աւելցնէ յետոյ անմիջապէս, պատահար մը, պատճառ մը։ Այսքան։
—Ամէն պատճառ նպատակ մը ունի իր մէջ։
Մառի չի հաճիր նոյնիսկ պատասխանել։ Ընդոստ շարժումով մը կա՚ռնէ տղուն ձեռքը։ Կռնակը կը դարձնէ ինծի, կը սկսի իջնել քաղաք տանող ճամբայէն։
Ես կը մնամ անշարժ ու կարկամ։ Աշխարհը անսահման անապատ մըն է, մենութեան անապատը, որ դանդաղօրէն, այնքան դանդաղ որքան խխունջին յառաջացումը, կը սկսի ընկղմել զիս իր մէջ, մինչեւ գանգիս պատերուն վրայ երերուն պատկերը, հեռուն` ճամբու մը հեռանկարին մէջ, մայր մը ու իր տղան քով քովի։
Մառի չի հաճիր պատասխանել վերջին հարցումիս։ Բայց վարուելակերպը կը հասկցնէ, արդարեւ, որ այդ պատճառը իր մէջ կը պարունակէր նպատակ մը` ՄԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ։
ՆԿԱՐԸ
Այն ատենները անակնկալ անհանգստութիւն մը ծագեցաւ ներսս ու գրաւեց ամբողջ էութիւնս։ Անկարելի դարձաւ մտային որեւէ աշխատանք։ Քունը իր յամառութեամբն իսկ քիչ անգամ կրցաւ տիրել մտքիս։ Աչքերս առաստաղին` գիշերները հոգեվարքի քրտինքներով կը տրորուէի։ Մտածումս թափառական` կը սահէր գաղափարներու կամ իրողութիւններու կուշտէն ու կ՚երթար կորսուիլ խառնաշփոթ պատկերներու հովիտի մը մէջ։ Սենեակիս դրանը առջեւ եկեղեցական թափօր մը շարականներ կը կարդար։ Բայց այդ շարականները փոխանակ սրտապնդիչ խոստումներու` խորհրդաւոր շշունջներու կը վերածուէին ու ահաբեկիչ պատգամներով կը սպառնային էութեանս։ Անմիջապէս որ այդ մռլտուքը լսելի կ՚ըլլար, կը գոցէի աչքես, կը քաշէի վերմակը գլխուս եւ շունչս սեղմած` կը սպասէի անոր հեռանալուն։ Զուր ինքնախաբէութիւն։ Դուռը կը բացուէր կռնակին վրայ ու անվերջ այդ թափօրը կը շրջագայէր սենեակիս մէջ արձակելով խռպոտ հռնդիւններ։ Այդ խուլ, թափանցող ձայնին ազդեցութեան տակ, ատամներս կը մխրճուէին լինդերուս մէջ։ Յետոյ կ՚անհետանար ան ու հեռացող աղմուկը դեռ կը թրթռար ականջներուս մէջ` սղոցի մը հռնդիւնին պէս։ Ու կը մարէր դանդաղօրէն։ Երբեմն այսպէսով քունը թակարդներ կը նետէր վրաս։ Երբեմն ալ կը ձգէի անկողինս, կը փախչէի փողոց։ Այդ պահերուն իրապէս կը հաւատայի թէ ուրուական մըն էի։ Կը թափառէի անձայն, անշշուկ, շուքի մէջ շուք, գոյ եւ անգոյ միանգամայն։ Մանաւանդ երբ ինքզինքս կը գտնէի գերեզմանատունը, մեռելաքարի մը վրայ նստած։ Հոն հեռաւորութիւնները սողոսկելով կը մօտենային ինծի ու ես կը քալէի ձորերուն ծոցը, առուակներուն ներդաշնակ մրմունջէն օրօրուն։ Կատու մը տանիքին վրայ, տխուր շեշտ մը հագած, կը մլաւէր երկար ելեւէջներով։ Յաճախ ժամերով անշարժութեան մատնուած, շիւղի մը ամենամեղմ սօսափիւնը կ՚աւրէր զիս` կաւիճով գծուած պատկերի մը պէս։ Ընդհակառակը, ուրիշ անգամներ գործելու, զբաղելու հրամայական հարկադրանքին տակ կը գտնուէի։ Բայց խնդիրը այդ զբաղումը գտնելն էր։ Կը կարծէի զայն գտած ըլլալ` մինչդեռ աւելի կը պեղուէի տագնապիս մէջ, դէպի խորունկը։ Անհամբերութիւնը կը կրծէր կուրծքս։ Սպասման դիրքի մէջ էի յարատեւօրէն։ Կը սպասէի ու կը սպասէի։ Ինչի… ոչինչ կու գար։ Արտաքին աշխարհի ներկայութիւնը չէր լեցներ ներսի այդ սպասման պարապը։ Մորթիս տակ զգայուն իրականութեան մը պահանջը հետզհետէ կը դառնար աւելի ըմբռնելի։
Ու այդ ներկայութեան առարկան մեծ անծանօթ մը կը թուէր ինծի։ Խորհեցայ փախուստի մը ճամբան փնտռել։ Ահա թէ ինչպէս թեւատարած գացի դաշտերն ու բլուրները, որոնք անապատի մը տարածութեան պէս պարապ կը հնչէին։ Բնութիւնը մեռած էր։ Շունչս չէր կրնար ոգեւորել զայն։ Ես ինքս ոգեւորիչ ու հաւասարակշռող ուժի մը կը կարօտէի։ Ու վերսկսայ նախկին խելագարութիւններս։ Խոստովանիլ սակայն` թէ այս անգամ նոր հեռապատկերովը զինուած։ Գիտակցական միակ վիճակ մը — որ սպասման վիճակ մըն էր — կը վարէր մտածումներս եւ շարժումներս. «պիտի գայ»։ Չորս հինգ ժամը անգամ մը հագուստ փոխել, փողկապ շտկել հայելիին դէմ, սանդուխները իջնել, բարձրանալ։ Տեղ մը երթալու նպատակով դուրս ելլել եւ անմիջապէս վերադառնալ։ «Կրնայ ըլլալ որ հիմա գայ…»։ Յաճախ, կարկանդակ մը ձեռքս, մէկ սենեակէն միւսը կը նաւէի, կարծես փախչող վայրկեաններէն ախորժակ աղերսելու համար։
Օր մըն ալ վճռեցի գիրքերուս վերադառնալ։ Սեղանիս վրայ կիսատ մնացած հատորի մը ձեռք զարկի։ Էջ մը դողաց մատներուս տակ, ու երբ պատկերացաւ «անիկա» նայուածքներուս ներքեւ` տողերը ինքնաբերաբար սրբուեցան։ Դէմք մը ծագեցաւ գիրերուն տեղ։ Ժպիտ մը փթթեցաւ, տարածուեցաւ ու գրաւեց զիս այնպէս` ինչպէս գիշերէն ծնող այգը կը տիրէ երկրին դանդաղօրէն։ Ի զուր ճիգ ըրի կռուելու համար այդ ժպիտին դէմ որ բանակէ մը աւելի հզօր էր։ Կը յիշեմ, գլուխս թեւերուս մէջ գիրքին մէկ էջին վրայ հակիլս։ Ու երբ երկար ժամերէ ետք արթնցայ` արդէն ժպտերես «դէմք»ը անհետացած էր։
Այն ատեն ինծի համար նոր տանջանք մը եղաւ անոր բացակայութիւնը։ Ու կեանքս եղաւ տեսակ մը վազք անյայտին մէջ։ Գլուխս մտասեւեռումէն անշարժացած, անվերջ թափառումներ զիս կը տանէին հեռաւոր ճամբաներու մինակութեան։ Երբեմն տեղի կ՚ունենային մասնակի յայտնութիւններ։ Այսպէս, օրինակի համար, ընթերցանութեան ընթացքին նայուածք մը կը ծնէր գիրքին էջէն, եւ կամ` ականջներուս մէջ ձայնի մը արձագանգը կը կաթէր ծառերու ճիւղերէն։ Աւելին, յանկարծ կզակ մը, ճակատ մը, քիթ մը կը վարագուրէր նայուածքս գրաւող առարկան։ Երեւակայութիւնս արուեստագէտի նման կը հսկէր, առարկայականօրէն կ՚ամբարէր այս մասնիկները, օր մը ինծի ներկայացնելու համար անոնցմէ կերտած իր դիմակը։ Ատիկա կը յայտնաբերէր կնոջ դէմք մը, որ գիծերու, կորութիւններու եւ երանգներու լուսարձակ ներդաշնակութիւն մըն էր։ Կը պատահէր, որ կանգ առնէր մէկէն աղջկան մը առջեւ։ Մտքիս յօրինած տեսլական դիմակը կ՚անցնէր այս իրական դէմքին վրայէն, որ ընդհանրապէս անհամապատասխան էր։ Կեանքը առաջին անգամ ըլլալով կը յայտնուէր ինծի, այսպէս յուսախաբութենէ յուսախաբութիւն տատանող ճամբու մը մէջտեղ։ Բայց կէս֊գիտակցական համոզում մը մէջս կը սրսկէր այն գաղափարը թէ յոյսը իր ամբողջ փառահեղութեամբ պէտք էր բազմած ըլլար տեղ մը։ Իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր յուսախաբութիւն կը պարունակէր մաս մը այդ յոյսէն։ Եթէ այդպէս չըլլար, ինչպէս տանելի պիտի ըլլար անոնց կուտակումը։ Ահա, օր մը, «անիկա» կը քալէր առջեւէս բլուրին գագաթը։ Երբ անակնկալ կերպով ինքզինքս ըսի` «անիկա է», սիրտս փրթաւ ու թեւ տարածելով անհամեմատ տարածութիւններ կտրեց։ Վազեցի, վազեցի սրտիս ետեւէն։ Տարածութիւնները սահման չունին սիրտին համար։ Ու նոյն հեռաւորութիւնը, իմ եւ յայտնութեան միջեւ, կը շարունակէր անխախտ մնալ, հակառակ քայլերուս իրարու վրայ գահավիժումին։ Յանկարծ «անիկա» քովս եկաւ։ Զգացի մեղմ հպումը որ գաղջ էր ու խոնաւ։ Ամիսներով քաղցած մը ինչպէս որ կը յարձակի առաջին պնակին վրայ, այդպէս ալ մարմինս ցնցում մը կը գծէր միջոցին վրայ, գրաւելու համար վերջապէս այդ ինքնամերժ երջանկութիւնը։ Ձեռքս որ մեկնեցաւ դէպի ան` մնաց առկախ օդին մէջ ու չքացաւ տեսիլքը։
Յուսախաբութիւնը խորտակեց մարմինս։ Արդէն սկսեր էր ծերութեան նշաններ ցոյց տալ, քանի որ կը վտարէր ինձմէ անմիջական ամէն խանդավառութիւնները։
Բայց անգամ մը եւս ինծի տրուեցաւ խաբուիլ։ Այո, այս անգամ հանդիպած էի անոր` զոր կը փնտռէի: Անիկա էր։ Պատկերը։ Ու դարձեալ վազեցի իր ետեւէն գիտակցութեանս համար անորոշ երկար պահեր։ Եւ սակայն բնաւ համարձակութիւնը չունեցայ քայլ մը աւելի անցնիլ իրմէ, նայիլ երեսն ի վեր ու ըսել` Դուն», ու կէս շրջան մը ընել ինքզինքիս առանձքին վրայ շատ աւելի դժուար կու գար ինծի` քան թէ երկիրն ու երկինքը մէկզմէկու տեղ փոխանակելը։ Կողմնակի փողոց մը մտայ ու վազեցի։ Ճամբուն ծայրէն յառաջացայ իր ուղղութեամբ ու չեմ գիտեր ինչպէս կանգ առի։ Թաթառի արագութեամբ գլխապտոյտ մը կորսնցնել տուած էր ինծի իրականութեան զգացումը։ Երբ նայուածքս բացուեցաւ անոր մութ աչքերուն վրայ, անիկա պռստեց յօնքերն ու ըսաւ` «Բայց դուք սարսափելի էք…»։
Յաջորդաբար օրերը տառապելի եղան։ Ամէն մէկ մասնիկին հետ ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումէս, փափաքիս անորոշութիւնը հետզհետէ աւելի շօշափելի կը դառնար, ամփոփուելով ինքն իր վրայ ու վերածուելով միակ կորիզի մը։ Բայց քանի այդ կորիզը կը բնորոշուէր ինքզինքով ու կը դառնար թանձրացեալ, նոյն համեմատութեամբ ալ կը կազմակերպուէր կեդրոնախոյս ուժ մը պահանջելով արտաքին մակերես, ատով կարենալ արտացոլալու համար։ Բայց հոն կը տիրէր բացակայութիւնը տեսակ մը ներկայութեան կարճ ցոլացումներով, նման ձուկերուն ջուրէն դուրս ընդոստ երեւումին, որուն առթած հաճոյքը համեմ մըն է ի հաշիւ ձկնորսին վատնած երկարատեւ ժամերուն։
Երեւակայութիւնս, վրձինը ձեռքը, գիշեր ցերեկ կը ձեւէր, կը կերտէր զայն։ Այդ դէմքը։ Ինչպէս, կրնայի սխալիլ եթէ պատահմամբ հանդիպէի տեղ մը, աշխարհի որեւէ մէկ մասին մէջ, իմ կողմէ շունչ ու երակ տրուած այդ ստեղծագործութեան։
Ու պատահեցաւ հրաշքը։ Վայրը պզտիկ խանութ մըն էր։ Ուր… երբ… ինչքան ատեն ետք… ինչքան ատեն առաջ… չեմ գիտեր։ Միայն թէ հանդիպեցայ այդ պզտիկ, աննշան վայրին մէջ երեւակայութեանս կերտուած աղջկան։ Գտայ զայն բանտարկուած ապակեփեղկին ետեւ, փոշոտ բացիկներու, կաւիճներու, տետրակներու եւ միմոսութիւններու խառնակոյտին մէջտեղ։ Դուռը գոց էր, ու ինծի կը պակսէր գողի մը քաջութիւնը ապակին կոտրելու համար։ Սպասեցի, գլուխս կրթնցուցած լուսընկային, որ կ՚իջնէր երկինքէն ու կը ցոլար ապակեփեղկին մէջ։ Նկարը ամենաքաղցր նայուածքը ունէր այս աշխարհին վրայ ու սիրտս լարուած` կը դիտէի։ Հոդ, ամբողջ գիշերը, հետզհետէ հանգստացող անհամբերութեանս մէջէն կը կրկնէր. «Ճոգոնտա… Ճոգոնտա…»։ Խորունկ քուն մը երկար ատեն է որ պակսած էր ինծի, սակայն մնացի կանգնած որպէս հսկումի գիշեր։ Կը յիշեմ, աչքերս բնաւ չգոցուեցան այդ նայուածքին վրայ։ Երբ այգը ծագեցաւ, վարդագոյն կեանքը սկսած էր արդէն բաբախել մէջս, բնականոն կերպով։ Դարերու փորձառութիւնն ու գիտութիւնը կը պարզուէին մտքիս առջեւ։ Աքաղաղներու երգը դադրած էր, երբ պառաւ մը բացաւ խանութին դուռը։ Վճարեցի իր պահանջած չնչին գումարը եւ տիրացայ կեանքի գաղտնիքին։
Պառաւը չգիտցաւ ու պիտի չգիտնայ ալ թէ գանձ մըն էր որ կը նուիրէր ինծի։ Եթէ գիտնար` հարկ պիտի ըլլար ինքզինքս ծախել։ Ու վազեցի տուն, նկարը պինդ սեղմած կուրծքիս վրայ։
Տասնըութը տարեկան էի այն ատեն։
Սկիւտարի աղջիկները այնքան գեղեցիկ էին իրենց լոյսէ դէմքերով ու կղզիները գոհարներու պէս պսպղուն` հեռուն, Մարմարայի գարնան մայրամուտի ջուրերուն վրայ։
ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ
La solitude, c’est la fécondité.
(ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻԻ ՄԸ ՆԱՄԱԿԷՆ)
Ա.
Երբ կռնակս գետնին յանձնած` աչքերս կը գոցեմ աստղերուն դէմ, ականջս կը դնեմ հոգիիս դրան, — ինչպէս բժիշկը հիւանդին կուրծքին — ուշադրութիւնս կ՚ամփոփեմ եւ կ՚ուզեմ ինքզինքս մտիկ ընել։
Հովիտը կը տարածուի շուրջս` ուր առուները անվերջակէտ նախադասութեան մը կէտադրութիւններն են։ Մայրիները կը սողոսկին լեռներն ի վեր ու կը համբուրեն երկինքին կապոյտ երիզները։ Երկինքը կափարիչի նման կը փակուի վրաս։ Ու երբ աչքերս աւելի ուժով սեղմած կը գտնեմ ինքզինքս, ամէն ինչ խոյս կու տայ շուրջէս, համաչափ ընկրկումով, եւ ահա, երկինքի կափարիչին տակ` կը նմանիմ իր պատեանին մէջ մենաւոր շերամին։
Ոհ, ինչպէս ինքզինքս ուրիշներու մէջ կորսնցուցեր էի։ Եւ զուր անձկութեամբ մը փնտռեր եմ ինքզինքս ուրիշներու մէջ` կեանքի բոլոր ճամբաներուն վրայ, բոլոր շէնքերու դռնէն ներս։ Մուրացկանի պէս դուռնէ դուռ ինքզինքս տուած հարցումներուս պատասխանը ուրիշներէ ստացած ըլլալուս։ Երբեք, երբեք ես իմ սեփական Եսիս ձայնը չեմ լսած, ու խորհելով մահուան` որով յղի են վայրկեանները` սարսռացած եմ։
Երաժշտութեան ութնեակներու որ ձայնանիշին կը համապատասխանէ ան, որպէսզի անով հիւսեմ Երգս։
Յանկարծ — երբ դեռ հազիւ մենութեան խաբկանքը ունեցեր եմ — Լուսինը կ՚երկարէ իր ճառագայթէ մատները որոնք կը մերկացնեն զիս։ Կը զգամ մարմնիս մերկութիւնը, տարածուած մարմանդին վրայ։ Սարսուռը գօտի կը կապէ մէջքիս։ Խոտերը մորթիս վրայ կը փսփսան, կ՚ապրին… որդերը կը սահին դանդաղ, միջատները կը համբուրուին։ Փոսուռայ մը կ՚անցնի օդին մէջէն։ Անիկա պիտի ուզէր վէտվէտուն լոյսովը հրդեհել անջրպետը, բայց խաւարը կը կլանէ զինքը։
Եւ ահա շուրջս կը համախմբուին բնութեան անշունչ թէ շնչաւոր տարրերը տիեզերական պարով մը։ Անոնք կը խլեն մտքիս լարուածութիւնը, որ կը մխրճէր խորութիւններուս մէջ։
Հովիտին առուները — որոնք նախադասութեան մը կէտերուն պէս մունջ էին — ձայնանիշեր կ՚ըլլան… Թափօր կը կազմեն միջոցին մէջ։ Բուրգերու պէս անշարժ լեռները անապատէն վերադարձող ուղտերու կարաւանի կը նմանին։ Մայրիներու անտառները դաշնամուրներ են — որոնք աստղերու նրբին մատներուն տակ ցայգերգներու կը փոխուին։ Երկրաչափական կտրուածքներով ածուները պալատներ կ՚ըլլան լոյսին տակ — ուր Պանը, միս֊մինակ, սրինգ կը նուագէ։ Հեռուն` գիւղերը կուրծքեր են` ուռած բազմերանգ եւ բազմապիսի երանգներով։
Զգացումը թէ Բնութեան բանակը կը հալածէ մենութիւնս, ինչպէս եղնիկը որսորդին առջեւէն` կը վերցնեմ սրունքներս ու կը փախչիմ սարսափահար։
Բ.
Դուռս փակ է։
Պատուհանս նոյնպէս։ Փեղկերը քաշած եմ գիշերին դէմ ու տիեզերքի կախարդական համերգը անկարող է անկէ ներս թափանցելու։
Սենեակիս լռութեան մէջ` սարսռահեւ վազքս Կարապին հոգեվարքը կը յիշեցնէ ինծի։ Երեսս բարձին դէմ սեղմած` անկողնիս վրայ երկնցած կը մնամ։
Կրկին մտքիս ականջները կը սրեմ ու կը մօտեցնեմ հոգիիս դրան։ Անոր աչքերը սողնակի ծակէն ներս կը սպրդին։ Հաւատքը ունիմ հոն ինքզինքս գտնելու։ Այնտեղ է որ Եսս ապաստանած պէտք է ըլլայ։ Իմ համեստ Եսս։ Եթէ գտնեմ զայն, այնպէս պիտի սիրեմ, այնպէս պիտի գրկեմ, որ այլեւս պիտի չթողում որ ուրիշները գան կորսնցնելու անոր հետքը։
Ասիկա գերագոյն պահն է` ուր կամաց կամաց կը մօտենամ Եսիս, մինակութեանս գերազանց հաճոյքին։ Բայց ինչպէս մեծ կ՚ըլլայ զարմանքս երբ ականջներուս կը հասնին ներսի շշուկները։ Արդեօք, սխալմամբ, տօնական օրով մըն է, որ կը մօտենամ իրեն։ Ինչ պար է այս… եւ ինչ նուագ… Մտիկ ըրէք, պարուհիներ իրենց ոտքի ծայրերուն վրայ բարձրացած կը դայլայլեն Աստղիկին բուրումներէն գինովցած սոխակներու պէս։ Ես կը դիտեմ հոգիիս դրան սողնակէն, կը տեսնեմ զարմանահրաշ կոչունքը։ Հոն է առհաւութիւնը իր ալեհեր մօրուքով։ Նախնիքներս շիներ են իմ մսեղէն ու հոգիեղէն պալատս, որպէսզի անոր սրահներուն մէջ իւրաքանչիւրը իր գահը պահէ, ինքզինքը տեւել տալու համար աշխարհի վրայ։ Հոն են թափթփած մօրուքներով ծերունի իմաստասիրութիւնները, զոր պարտադրեր են ինծի ճամբուս վրայ։ Մէջտեղը սահուն ու պսպղուն շրջանակի մը մէջ անցած սէրերս պարիկներու պարեր կը պարեն` որպէսզի մուտքս ըլլայ երազուն ու չխռովէ հանգիստը միւսներուն։ Ասդին դափնեզարդ պատուանդանի մը վրայ անիծուած աստուածները նուագախումբը կը կազմեն։ Բանաստեղծները` իրենց աթոռներուն վրայէն վերամբարձ` արտասանութիւններ կ՚ընեն։
Ինչպէս դիմանալ այս տեսարանին… ինքզինքիս փնտռտուքը ինքզինքիս ժխտումին կը տանի զիս։ Ուր եմ ես։ Ինչպէս գտնել ճամբան, որ զիս իմ մենաւոր խուցիս պիտի տանի։
Բոցերու լեզուները կուրծքիս պատերը կը ծեծեն։ Արցունքի գաղջ կաթիլներ կը թրջեն այտերս։ Յանկարծ, պալատին մէջ յեղաշրջում մը կը կատարուի։ Սարսափ։ Փախուստ։ Նուագը կը դադրի։ Դէմքերն իրարու կը զարնուին ու կը փշրուին։ Խուլ հռնդիւն մը։ Ընդհանուր շփոթութեան մէջ օձէ գաւազան մը կը սպրդի կայծակի նման։ Զոյգ մը աչքեր կը սպառնան — անողոք, անգութ — կոր ու սուր մանգաղներու նման յօնքերու ետեւէն։ Հմայողներու ամբոխը կը փախչի ինչպէս թաթառի բռնուած փոշիները։
Ու հոգիս կը նմանի պարահանդէսէ վերջի տակնուվրայ եղած սրահի մը, տխուր ու մելամաղձոտ։ Հոս հոն շրջուած աթոռներ. թուղթէ գոյնզգոյն ժապաւէններ կը կախուին լուսամփոփներէն։ Ճմլուած ու ոտնակոխ քոնֆէթթիները կը փռուին գետինը` պատերազմի դաշտին վրայ ինկած զինուորներու պէս։ Բիւրեղէ գեղաձեւ բաժակներ լքուած հոգիներու կը նմանին։
Գ.
Գիւղին միւս անկիւնը խրճիթ մը կայ, զոր բանադրուած արքայ կարծեցի։ Բայց երբ մօտեցայ իրեն, ճազ֊պանտը բռնեց մէջքէս ու զիս նեսրս տարաւ։
Գիւղին երիտասարդ բնակիչները հոս շաբթուան մը աշխատանքնին կը փսխեն չարլսթոնի կաթսային մէջ։ Զոյգերը` իյնալու վրայ եղող հոլերու կը նմանին։ Ճազը մտրակն է, որ կը փակչի, կը պլլուի անոնց մէջքերուն, կը կսմթտէ զիստերը, ու պարը սիրոյ կռուըտուք մը կ՚ըլլայ։
Պօքիս առջեւ նստած, ականջներուս ծորակները կը բանամ ու կամաց֊կամաց կը լեցուիմ աղջիկներու ճիչերով, ու մսեղէն նուագը ջիղերուս մէջ անոնց համար տեղ կը պատրաստէ։ Ամէնուն պէս ես ալ աղջիկ մը կը սեղմեմ կուրծքիս վրայ եւ իյնալու վրայ եղող հոլի մը նման կը դառնամ։
Ճազը ուղեղիս մէջ փլուզումներ կը կատարէ…
Հիմա որ ամբողջութեամբ խառնուեցայ ամբոխին եւ կամ ընդհանուր խանդավառութիւնը լուծեցի մէջս, պօքիս առջեւ, լուռ, աչքերս փակ, կը զգամ թէ ձուկ մըն է, որ ովկիանոսին անյատակ խորութիւններուն մէջ կը սուզի յամր, յամր։
Մոգական ինչ խաղով մը մարդերու միաձոյլ հոգին կը գրաւէ զիս, կը հաւաքէ մինակութեանս ցրուած մասնիկները, կ՚ամփոփէ զայն, կը ձեւակերպէ, կը վերածէ սերմնահատիկի մը` որուն տամուկ հողը կ՚ըլլայ ինք եւ կ՚ուռի, կ՚ուռճանայ հոն, յորդելով ինքզինքէն դուրս ու ծայրէն գեղուղէշ ծիլեր կ՚արձակէ։
Կը զգամ թէ հոգիս կ՚ուռի, կ՚ուռճանայ… անոր պատերը ընդլայնելով մարմինս շրջապատող մորթին հետ կը շփոթին։ Ես կը դառնամ միաբջիջ անասուն։
Այսպէս եմ զգացեր ինքզինքս մեծ քաղաքներու բազմութեան մէջ։ Միթինկներու մթնոլորտը, սրճարաններու աղմուկը եւ փողոցներու մարդկային հոսանքը եղեր են պարտէզս` ուր հոգիս իբրեւ սերմ ուռեր, ճեղքուեր ու ծիլ է արձակեր։
Ինչպէս մինակութիւնս օդին մէջ ծիլ տար։
Ներքին տեսողութեանս հեռադիտակները կը լարեմ, վարպետութեամբ մը` որ կարենամ տեսնել իմ ներքին ամենահեռաւոր անկիւնները։
Ես կը տեսնեմ ինքզինքս` արգասաւորուած զինքը շրջապատողներէ։
Երբ ոտքի կ՚ելլենք մեկնելու համար, հոգիիս շրթներուն վրայ թրթռացող երգ մը կը լսեմ։ Այդ քաղցր երգը ես եմ, բեղմնաւորուած ծիլը` որ ինքն ալ բազմաթիւ ծիլերու պիտի վերածուի։
Մարսէյլ, 1930
ԱՊՈՒՇԸ
Ցուցափեղկերուն առջեւ յուլօրէն կը կենար։ Յետոյ կը շարունակէր քալել, փոխն ի փոխ` արագ ու դանդաղ։ Գրպանին մէջ ձեռքերը դեռ կը ճմլէր թուղթին կտորը` «Խնդրեմ այսօր անգամ մը մեզմէ անցէք»։
Տիկին տը Պռէվալի պատկերը խորապէս թափանցեր էր անոր մտքին մէջ, բաղեղի նման պլլուեր էր մտածումին։ Երբ հասաւ Տիկ տը Պռէվալի բնակած փողոցին բերանը, նկատեց որ մինչեւ հոդ կոյրի պէս էր քալած։ Յետադարձ ակնարկ մը բաւեց ստուգելու համար, որ դիտած ցուցափեղկերէն բան չէր յիշեր։ Իսկոյն ետ դարձաւ, արագաքայլ ուղղուեցաւ դէպի քաղաքին կեդրոնը ու մտաւ սրճարան մը։ Գաւաթ մը գարեջուրի առջեւ սկսաւ խորհիլ, բայց գաւաթը չխմած ոտքի ելաւ ու վճռական գնաց մատը դրաւ ելեկտրական կոճակին վրայ։ Զանգակին հնչիւնէն սիրտը դողաց ու զըղջումին ամբողջովին դեռ չէր գիտակցած` երբ դրան վրայի լուսամուտը բացուելով` Տիկ. տը Պռէվալի շնորհալի դէմքը երեւաց.
—Ահ, պարոն Արմենեակ, բացագանչեց Տիկ. տը Պռէվալ։
Անմիջապէս որ ներս մտաւ, Արմենակ նորէն ենթարկուեցաւ այն ներքին ոստումին զոր ան կ՚ունենար հակազդելու համար Տիկ. տը Պռէվալի ներկայութեան իրեն պատճառած մանկական երկչոտութեան։ Արմենակ, միւս անգամներու նման, մտաւ պատանիի մը մորթին տակ։
Տիկ. տը Պռէվալ հագած էր ներքին շրջազգեստ մը, որ կ՚իջնէր մինչեւ կրունկները։ Սեւ շղարշը սլացիկ հասակն ի վար կը վէտվիտէր ամէն մէկ քայլին։
—Ուրեմն եթէ երկտողս չստանայիք մեզի բոլորովին պիտի մոռնայիք։
—Օհ, ոչ, բողոքեց Արմենակ, զբաղումներս չներեցին։
Արմենակ սիրտը յանձնեց կնոջ արծաթահունչ ձայնին ու մինչեւ ականջները կարմրեցաւ ըրած ստութենէն։ Յաճախ եկած էր ստոյգ մտադրութեամբ մը, բայց չկարենալով յանգիլ համոզիչ պատրուակի մը, վերադարձած էր գլխիկոր։
—Պրն. տը Պռէվալ հոս չէ, քանի մը օրէ չեմ տեսած զինքը սակարանը։
—Պրն. տը Պռէվալ Անգլիա է… բայց ինչու հոս դրան ետեւը կը մնանք, կը ներէք, որ ստիպուած եմ ձեզի սենեակս ընդունիլ։ Արդուզարդս ընելու վրայ էի երբ դուռը զարկիք։
Թէեւ Արմենակ Սալորեան վարանում մը ունեցաւ, բայց չկրցաւ չհետեւիլ տիկնոջ ու երբ հասան մեծ պատուհանէն ներս թափող միջերկրականեան արեւի ջրվէժին մէջտեղը, Արմենակին աչքերը գոցուեցան սրտին նուաղանքէն։ Սեւ շղարշէ շրջազգեստին տակ Տիկ. տը Պռէվալ մերկ էր։
—Ահաւասիկ, ըսաւ տիկինը թիկնաթոռ մը հրամցնելով, նստեցէք հոս ու բան մը պատմեցէք ինծի, գիտէք, այն արեւելեան աղուոր հէքեաթներէն։
Տիկ. տը Պռէվալ իր անձնական լուացարանին դուռը բացաւ։ Իսկոյն անուշահոտութեան յորձանք մը հոսեցաւ սենեակին մէջ։ Արմենակ կէս գինով էր։ Դրան ետեւէն եկող շարժումներով ընկերացող աղմուկները ձեւ կ՚առնէին անոր աչքերուն մէջ, ամէն մէկ աղմուկ գծելով հոն իրեն համապատասխան պատկերը։ Յամրօրէն սահեցաւ թմբիրային վիճակի մը մէջ։ Ներկան կը բաժնուէր իրմէ խորհրդաւոր հեռացումով մը, ինչպէս որ նաւը կը բաժնուի քարափէն եւ յանկարծ պահը կը դառնայ կիսովին անիրական երազ մը, որ կը դիմէ, ապրելու եւ ուռճանալու ի խնդիր, ամենայն շարժումներու աղբիւրը` դէպի իրականութիւն։
Արմենակ կ՚երազէր իր Ֆրանսա հասած առաջին օրերը։ Հայրը զայն յանձնարարած էր Պրն. տը Պռէվալի, իր առեւտրական գործակալը։ Սկիզբները ատեն մը մնացած էր անոնց տունը։ Իր կեաքին այդ շրջանը գեղեցիկ քերթուածի մը պէս դեռ տպաւորուած էր մտքին մէջ։ Գաղթային Ցուցահանդէսին էր։ Տիկ. տը Պռէվալ ու Արմենակ, թեւ թեւի կ՚երթային ցուցահանդէս` ուր Պրն. տը Պռէվալ կու գար իրիկունը, միշտ ժպտերես ու զուարթ, միասին ընթրելու գեղեցիկ ու անուանի ճաշարանի մը պատշգամը։
Կ՚երազէր երեկոները երբ Տիկ. տը Պռէվալ Միւսէ կը կարդար եւ կամ Տիվուառ, ձմրան երկար գիշերներուն երբ դուրսը հովը կը փչէր ու օճախին մէջ կրակը կը պճլտար։ Ծխնելոյզին մէջ կրակն ու քամին կը փսփսային ու հոգին երկար, երկար կը հառաչէր, վերջակէտի մը հասած, երբ Տիկ. տը Պռէվալ նայուածքը կը վերցնէր գրքէն ու կը հանգչեցնէր անոր աչքերուն մէջ։
Ու յետոյ երբ դեռ, իր սենեակը առանձնացած, երկար ատեն կը մնար մխրճուած թիկնաթոռին մէջ, գիրք մը ձեռքին, ականջ կու տար հոգիին մէջ խլրտացող քերթուածի մը երկունքին, մինչդեռ հայրը զինքը ստիպողաբար սահմանած էր առեւտրական ասպարէզին։ Բայց, առանձնութեան մէջ երկարող անձկագին սպասումները առեւտրական նաւերը կը խրէր ծովեզերքի աւազուտին մէջ եւ կը յուսար իր հոգիին ազատագրումը քերթողութեան հրաշքէն եւ անկէց ալ աւելի երբ վերջապէս, գիշերուան լռութեան մէջ, դուռը թեթեւ մը զարնուելով` մեծվայելուչ Տիկ. տը Պռէվալ կը սպրդէր սենեակէն ներս, իբրեւ մարմնացած քերթուած, սփոփանքի գերագոյն պահը զոր ան կը կարդար ականջներովը Տիկ, տը Պռէվալի շրթունքներուն վրայ։
—«Alors mon petit on ne dort pas encore?
Գաղթը մէկիկ մէկիկ իրեն կը բերէր Պոլիս ձգած դպրոցական ընկերները։ Ընկերներուն ներկայութիւնը քիչ քիչ տարտղնեց Արմենակի հոգիին մէջ թուխս նստած երազը։ Տիկ. տը Պռէվալ սկսաւ նուագ կշռել անոր երեւակայութեան վրայ, մինչեւ որ օր մը, ընկերներէն մէկը, իրապաշտ Գեւորգը, կնոջ տեսիլքէն ապշահար, բացագանչած էր.
—Ծօ Արմենակ, դուն այս կնիկը…
Ի հարկէ եթէ Արմենակ ասպետական շրջանի արտադրութիւն մը եղած ըլլար, մենամարտի հրաւէր պիտի կարդար Գեւորգին, Տիւլսինէն անարգած ըլլալուն համար։ Բայց ան միմիայն ամփոփուեցաւ ինքն իր մէջ, ինչպէս վիրաւորը կը կծկուի իր վէրքին շուրջ։
Թէեւ Գեւորգ բան չգիտցաւ, բայց Արմենակ անվերադարձ ատելութեամբ մը ատեց զայն։
Ժամանակ մը վերջ Գէորգի տգեղ ելոյթը չքացած էր Արմենակի յիշողութեան մէջ, բայց անոր աչքերը հիմա մասնաւոր շահագրգռութեամբ մը սկսան նայիլ Տիկ. տը Պռէվալը, որ իր կարգին որոշապէս կը զգար նայուածքին նորութիւնը։
Գրասենեակը բանալէն վերջ զբաղումներու պատրուակով ձգեց տը Պռէվալ ամոլը։ Այն ատեն է, որ ներքին պայքարը աւելի կիզիչ եղաւ։ Լափլիզող բոցերու սրտին մօտեցած պահերուն է, որ ան կ՚երթար տը Պռէվալներու տան կողմերը, կը դառնար հոս, հոն, կը մնար ցուցափեղկերու առջեւ առանց բան մը տեսնելու անոնց ետին ու պատրուակէ պատրուակ, խոչընդոտէ խոչընդոտ կը փշրէր իր նպատակին յանգելու կամքը։
Հիմա արեւով ու անուշահոտութեամբ գաղջ սենեակը նստած, տիկինին շքեղ ու կակուղ անկողնին դիմաց, մէկ կողմը երկու լայն բացուած պատուհանները եւ դուռ֊պատուհան մը անոնց մէջտեղ, միւս կողմը լուացարանը` ուրկէ Տիկ. տը Պռէվալ դուրս կու գայ գարնան բուրումներովն ու երանգներովը։ Պատուհաններուն դէմ արեւը նորէն փաթթուեցաւ հասակին ու իրեն աչքերուն ընծայուած տեսարանէն, սիրտ թպրտաց ցամաք նետուած ձուկի մը պէս։
—Կ՚ուզէք հիմա քովի սրահը անցնիլ, որպէսզի հագուիմ, ու յետոյ, եթէ կ՚ուզէք, կրնանք պտոյտ մը ընել։
Արմենակ չպատասխանեց անմիջապէս, որովհետեւ նայուածքը յափշտակուած կը մնար դեռ արեւով թափանցկացած շրջազգեստէն։
—Կ՚ուզէք, կրկնեց Տիկ. տը Պռէվալ, ու դէմքը դարձուց երիտասարդին։ Նոյն ատեն անոնց նայուածքները իրար հանդիպեցան ու պղտոր տրամադրութիւն մը երկուստեք վրդովեց։
—Սիրով, ըսաւ Արմենակ։
Բայց երբ ոտքի ելաւ ու կը յառաջանար դէպի դուռը, իրեն կը թուէր թէ մորթը կը կեղպուէր մարմնին վրայէն։ Ահա ինչպէս պատահեցաւ, որ դաշնակին գլուխը նստելուն` Արմենակին մատները ստեղնաշարէն ամենասրտառուչ ձայնանիշերը հանեցին։ Համակ տրտունջ, անոր նուագը կարծես ետ կը կանչէր իր մորթը որ կնոջ սենեակը մնացած էր։ Ու մեղեդին կը բարձրանար, կը գալարուէր, կ՚երկարէր սրտապինդ, մինչեւ որ եկաւ, արդարեւ, այնքան գրաւիչ էր հրաւէրը ու երգը` առինքնող։
Տիկ. տը Պռէվալ եկեր էր բամպակուած քայլերով ու անցեր էր նուագածուին ետեւ, երկար ու սպիտակ բազուկները բարականալով մինչեւ մատներուն վարդագոյն ծայրերը, կը հանգչէին երիտասարդին ուսերուն վրայ, կուրծքը յուզումով լի ու վզին մարմարէն վեր բերանը իբրեւ վարդ, կ՚երգէր վարդերուն երգը`
«Les roses du jardin
«Chaque matin ont du chagrin…
եւ երբ կը ծռէր տետրակին վրայ, անոր մազերուն հուրը երիտասարդին քունքերը կ՚այրէր։ Իր կարգին, Տիկ. տը Պռէվալ նստաւ դաշնամուրին առջեւ, բայց հազիւ թէ կազմած էր քանի մը նախադասութիւն, կուրծքէն հառաչ թռաւ.
—Այնքան յոգնած եմ։
Ոտքի ելաւ, գնաց նստաւ աթոռի մը վրայ, գլուխը թեւին մէջ ու թարթիչները եկան մեղմօրէն փակել աչքերը։
Հիմա լայն ճակատը հոն էր պարզուած դրօշակի մը պէս, դէմքը` որուն վրայ այտերը ցից են ու վարդագոյն, կը վերջանայ երկարող կզակով մը, որ կը շեշտէ հասակին սլացքը։
Տիկ. տը Պռէվալ իրապէս կը մրափէր, հաւանաբար յոգնած սրտին նուաղումէն զոր կը զգայ երկար ժամանակ տաք բաղնիք առնող մը, բայց մրափը զինքը զոհի մը պէս Արմենակին մատռուակող քրմապետն էր կարծես։ Յանկարծ Սալորեան անսանձելի ուժ մը զգացի իր մէջ, որ իրաւունքի զգացումէն անջատ չէր։ Ան ինքզինքը կարծեց կացութեան օրինաւոր տէրը, որ կնոջ ձեռքը առնել իր ձեռքերուն մէջ կամ շոյել անոր խաղաղ ճակատը եւ նոյնիսկ, եթէ ուզէր, համբոյր մը զետեղել բերնին վրայ։ Արդէն Արմենակ ինքզինքը շատ մօտիկ գտաւ կնոջ կուրծքին, երբ այս վերջինին երկար թեւը եկաւ գերեվարել իր գլուխը, որ գնաց խրիլ կախ ստինքին վրայ։ Վայրկեան մը հազիւ տեւած էր գինովութիւնը որով ետ էր եկած Արմենակի արիւնը եւ սիրտը ուժգին կը զարնէր, երբ յանկարծ զգաց խլրտալը իր հոգիին մէջ այն խռովարար ուժի հետքերուն։
Անհետացած էր այլեւս իր մէջէն այն զգացումը, որ զինքը, քիչ առաջ, կնոջ տէրն էր ըրած, կատարելու համար իր առնական դերը եւ ատոր փոխարէն ան կը մնար պաշտելի թեւերուն մէջ այն քնքուշ զգացումով զոր կ՚ունենայ երեխան մօր մը թեւերուն մէջ։
Տիկ. տը Պռէվալի կուրծքը կը զարնէր հեշտալի օրօրումով մը Արմենակի քունքին տակ, մինչդեռ ան կը սեղմուէր անոր իրանին դէմ, աչքերը ուժով մը կը գոցէր փշրելու համար գանկին մէջ դիմադրող պատկերը, բայց ականջներուն մէջ անարգել կը բարձրանար Գեւորգին ձայնը, Գեւորգին խօսքը որ …
Կտրուկ շարժումով մը ձեռքը երկարեց, թեւի ժամացոյցին վրայ նայեցաւ ժամը։ Ցնցումը արթնցուց կինը, որ տեսնելով Արմենակին ժամացոյցը նայիլը, հարցուց միալար ձայնով մը.
—Քանին է ժամը… ահ, ըսել որ դեռ պտոյտի պիտի երթայինք։
Սալորեան ոտքի էր արդէն, դէմքը մտածկոտ։
—Ներեցէք, Տիկ. տը Պռէվալ, կարծեմ թէ պիտի ստիպուինք պտոյտը յետաձգել։ Ժամը հինգին պէտք էի սակարանը ըլլալ շատ կարեւորը գործի մը համար, ու ժամը հինգուկէսն է արդէն։
Առանց պատասխանի ժամանակ տալու, Արմենակ առաւ կնոջ ձեռքը, որուն վրայ բարեպաշտ համբոյր մը դրոշմելէ ետք մեկնեցաւ։
Դուրսը պայծառ էր օդը։ Արեւը` խնդում։ Բայց տրտում էր Արմենակ ու սիրտը` ալեկոծ։ Արցունքի կաթիլ մը ուռեցաւ կոպերուն տակ ու կախուեցաւ թարթիչներէն։ Արցունքի կաթիլը կախուած էր թարթիչներէն ու չէր ուզեր վար իյնալ, կը դողդղար աչքերուն ծայրը ու ճառագայթները կու գային լոյսի զուարթ խաղեր հիւսել հոն։
Կեցուց առաջին հանդիպած ինքնաշարժը եւ հրաման տուաւ.
—Ծովափ։
Անդին, Տիկ. տը Պռէվալ, որ վտանգէ մը ազատողի գոհունակութիւնը ունէր թէեւ, թեւերը կուրծքին վրայ խաչաձեւած գնաց իր առանձնասենեակը։ Մօտեցաւ մահճակալին, միշտ կուրծքը թեւերուն մէջ, դէմքը պրկուած` կարծես կ՚ուզէր ցաւ մը յաղթահարել, բայց մէկէն ջղային ցնցումէ մը բռնուելով, նետուեցաւ անկողնին վրայ, լոյսի պէս ատամներով իր բազուկին փափուկ միսը խածաւ ու պոռաց.
—Ապուշը, ապուշը …
Փետրուար 1941
ՅԱՆՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ
Արարքս տակաւին ինծի անբացատրելի կը մնայ։ Չեմ գիտեր ինչու համար աճապարանքով մը դէպի զինքը ընդառաջ գացի, կարծես վախնալով թէ ուրիշ մը կրնար զիս կանխել։
Առանց այլեւայլի արտասանեցի` «Ինչ պէտք է ծառայել պարոնին…։» Ծերունիին զմայլած արտայայտութենէն կը թուէր թէ ան բնաւ այդքան հոգածութիւն չէր տեսած։
Հազիւ թէ արտաբերած էի նախադասութիւնս, խորունկ դառնութիւն մը գրաւեց զիս։ Մէկէն զղջացած էի այդ աստիճան նուաստանալս։ Յաճախորդին առջեւ պզտիկնալը մաս կը կազմէ առեւտուրին։ Անկարելի է ըմբռնել առեւտուրը առանց նուաստացումի։ Պէտք է որ առեւտրականը ծռէ գլուխը, ստորադասէ ինքզինքը, որովհետեւ շողոքորթութիւնը մարդուն մէջ կը խրախուսէ պատուի մուրացկանը եւ զայն կը վերածէ կանոնաւոր յաճախորդի։ Կարելի չէ սակայն այս պարագան նմանեցնել այդ շատ բնական ընկերային երեւոյթին։ Ասով հանդերձ, ըսել չեմ ուզեր թէ ես զերծ եմ այդ ընդհանուր օրէնքէն։ Օրն ի բուն ըրածս ուրիշ բան չէ եթէ ոչ խոնարհիլ մարդոց առջեւ։ Ես բացառութիւն չեմ կազմեր։ Ոչ ոք բացառութիւն կը կազմէ։ Միայն թէ ինչ բառերով բացատրել հասկցնելու համար, որ ծերունիին հանդէպ ունեցած զգացումս բոլորովին տարբեր էր։ Անակնկալ հանդիպում մը կրնայ նմանօրինակ խռովք մը պատճառել։ Կամ երազի մը յեղակարծ լուծումը մտքին մէջ։
Ծերունին անծանօթ մը չէր քաղաքին մէջ։ Ինչպէս բոլոր քաղաքները, այս քաղաքն ալ ունէր իր կեդրոնական հրապարակը։ Ոչ թէ ամէնէն գեղեցիկը, այլ` ամէնէն բանուկը։ Կը պատահի նոյնիսկ, որ ամէնէն տգեղը ըլլայ ան, բայց իւրաքանչիւր բնակիչ, մեծ թէ փոքր, այր թէ կին, օրական մէկ կամ երկու անգամ պիտի անցնի անկէ։ Անկարելի է, անպայման պիտի անցնի անկէ, մէկ կամ երկու անգամ։ Կը նշանակէ, որ ամէն ոք անկասկած օրական մէկ անգամ տեսած է զինքը, ծերունին։ Ինչ որ տարեկան կ՚ընէ երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ անգամ, առանց հաշուելու նահանջ տարին։
Արդ, կը հետեւցուի, որ ամէն մարդ կը ճանչնար ծերունին, որ օրուան ամէնէն զեռուն պահերուն ներկայ էր հրապարակին վրայ։ Կարելի չէր նոյն իսկ օր մը չխաչաձեւել զայն։ Այդ պահուն, եթէ ընդհարում մը տեղի ունենար, պարապութեան բաղխած ըլլալու զգայնութիւնը կ՚ունենար մարդ։ Շատ դիւրաթեք ըլլալուն` դիւրութեամբ կը սպրդէր բաղխումէն ու մեր զգայնութեան պատրանքի տարօրինակ թիւրիմացութիւններ կ՚առթէր։
Հրապարակէն անցնողները կը տեսնէին զինքը, բայց այս տեսնելը ոչ մէկ առընչութիւն ունի նայելու հետ։ Անոնք կը տեսնէին զայն, ինչ որ ակամայ է, մինչդեռ նայիլը կամաւոր արարք մըն է։ Կարելի է երաժշտական կտոր մը լսել եւ ունկնդրել, առանց որ մէկը միւսին հետ կապ ունենայ։ Ասիկա լաւագոյն ապացոյցն է համոզուելու համար թէ մեր ծերուկը խենթ մը չէր, բան մը որ կարելի է դիւրաւ շփոթել հակառակ այս տողերը գրողին դիտաւորութեան։ Մարդկային մտքին հակումն է խենթի տեղ առնել իրեն չնմանող մարդը։ Նաեւ` ըստ այն սովորութեան, որ հիմնուած է երկար փորձառութեան մը վրայ, թէ ամէն քաղաք իր խենթը ունի, ինչպէս որ ունի իր զանգակատունը։ Ասիկա ենթադրել կու տայ թէ երբ հեղինակ մը մէկ հազուագիւտ տեսակէ անհատը կը նկարագրէ, անպայման այդ խենթն է։ Այս պատճառով է, որ ընթերցողը կը հրաւիրուի մասնաւորապէս ուշադրութիւն դարձնել հոս գրուած բառերուն եւ ոչ թէ իր մտքին կանխակալ տրամադրութեան։
Ընդհանրապէս մարդիկ չեն գոհանար խենթը տեսնելով, այլ կը նային անոր, կը տեսակցին անոր հետ։ Այս հաղորդակցութեան մէջէն մարդը կը քաղէ իր յաւակնոտութեան սնունդը։ Մարդը կը կրկնէ ինքնիրեն` «Խենթը, խենթը», որպէսզի լաւ մը համոզուի թէ ինք «խենթ» չէ, միեւնոյն ատեն կը ջանայ համոզել իր նմանները` «Տեսէք խենթը», ինչ որ կը նշանակէ` «Մենք խելօքներս»։ Ինչու մարդիկ կը խնդան խենթին վրայ իրար նայելով։ Որպէսզի չխնդանք իրենց վրայ։ Իսկ եթէ աշխարհի բոլոր խենթերուն կարծիքը հարցնէք։ Անոնք մեզի խենթի տեղ կ՚առնեն ու կը խնդան վրանիս։
Գինովը մեզի «գինով» կը պոռայ ու կը պոռայ ու կը ծիծաղի վրանիս։ Գացէք հասկցէք, ով է խենթը, ով է գինովը։
Բայց հոդ չէ հարցը։
Հարցը հոն է, որ մեր ծերուկը ոչ մէկ խնամութիւն ունէր մտքի այդ քմայքոտ աշխարհին հետ։ Հեզ, անվնաս մարդու բոլոր յատկանիշերով օժտուած, բնաւ բացառիկ դէմքի մը գաղափարը չէր արթնցներ։
Գալով ինքզինքիս դէմ ունեցած բարկութիւնս, ծերունիին ընդառաջ երթալով արտասանած նախադասութեանս համար, — ինչ անիմաստ նախադասութիւն — արդէն հետեւեալ օրը մոռցած էի։ Անիկա ոչ մէկ յանցանք ունէր։ Ընդհակառակը, բոլորովին անբնական բան մը էր։ Ստիպողական չէր այդ աստիճան քծնիլը։ Ի հարկէ, պաշտօնեայի մը առաջին յատկութիւնը քաղաքավարութիւնն է, որ առեւտրական տան մը որակը կը ցուցնէ։
Գիտեմ, զարմանքը եղած էր դրդապատճառը։ Մանր, ջղուտ մատները երբ տեսայ ապակեփեղկին ետեւ, դրան կոթին վրայ ու գլուխը թեթեւ մը ծռած խաչուած Քրիստոսի նման, ես արդէն ապշահար էի։ Բայց, ըսէք, խնդրեմ, ինչ տեղի կար ապշելու։ Պարզ է, իբրեւ ապրող էակ, ծերունին կը կարօտի որոշ պիտոյքներու զորս կարելի է հայթայթել միայն, սեփականատիրութեան այս կարգերու մէջ, երկրորդ ձեռքէ վաճառողներէն, այսինքն` խանութպաններէն։
Կարելի չէ զուտ օդով եւ ջուրով ապրիլ։ Կեանքը հազարումէկ մանր մունր բաներով կը դիմանայ։
Բայց եւ այնպէս, ով պիտի չզարմանար տեսնելով քահանայ մը, նստած սրճարանը, ինչպէս մենք` աշխարհականներս, ծունկը ծունկին վրայ ու բարձրացնելով խաղաղ օդին մէջ գլանիկի մը թանձր գուլաները։ Եւ դեռ չեմ ուզեր ըսել` աչքին տակէն անցնող կիները համտես ընելով։ Նոյնը` օրինակ, փողոցէն անցնողին համար, որ կը սուլէ։ Պէտք է, որ ան ստահակ մը եղած ըլլայ, քանի որ կրթուած տղայ մը, հասկցէք` «պատուաւոր ընտանիքի» մը զաւակը — ինչպէս սովորութիւն եղած է ըսել ունեւոր ընտանիքի մը համար — զուրկ է նման անկրթութենէ։
Ինծի պատահածը այդ տեսակի ընդունուած սովորութիւններու խեղաթիւրած մտածելակերպի պտուղն էր։ Ապշութեանս պահուն արտասանած նախադասութիւնս ասով ընթեռնելի կ՚ըլլայ։ «Ինչ պէտք է ծառայել պարոնին…»։ Ասիկա, իր քողարկուած արտայայտութեանը տակ, կը պահէր զարմացումս։ Ինչ կրնար ըլլալ, որ ծերունին ոեւէ մահկանացուի պէս խանութ կը մտնէր, գնում կ՚ընէր։
Ահաւասիկ ուրեմն, ինչ տեսակի մտավիճակ մը քծնումի այդ ձեւը առած էր։
Հետեւեալ օրը, կէսօրին, հրապարակին վրայ է նորէն, նոյն տեղը։ Կզակը ցցուն, ձեռքերը կռնակին, կարծես մոռցուած հոտ մը կ՚որոնէր միջոցին մէջ։ Այդ դիրքը մտքով բացակայի մը երեւոյթը կու տար իրեն։ Երբ քովէն անցայ, քնացող դէմքին վրայ ժպիտ մը արթնցաւ, ի նշան բարեւի։
Միջոցին մէջ երկարած դունչը գրեթէ անտեսանելիօրէն երերաց։ Միւս օրը, ժպիտին հետ աչքերն ալ քթթեց։ Յետոյ յօնքերն ալ պռստեցան, որ` «Ինչ լուր» ըսելու պէս բան մըն էր։
Այսպէս, կանոնաւորաբար, պարզ ժպիտը բարդացաւ, ձիւնագնդակի մը պէս, որ ձիւնակոյտի կը վերածուի հովերէն քշուելով ու կը փշրուի հովտին մէջ հանգչող խաղաղ գիւղին առաջին տուներուն վրայ։ Օր մըն ալ այդ ժպիտը, իրեն մաս կազմող բոլոր միւս մասնիկներով բաղադրուած` տուն տուաւ քայլի մը։ Քայլը յառաջացաւ իմ կողմս ու մեքենաբար զիս կեցուց տեղն ու տեղս։ Ձեռքս երկարեցաւ իրեն եւ զգացի իր տամուկ ձեռքը իմ ձեռքիս մէջ։ Եւ որովհետեւ պարագայական բան մը պէտք էր ըսել, «Ինչպէս էք» մը մռլտացի քթիս տակէն։ Յայտնապէս զգալի էր, որ ծերունին ուրախ էր։ Սիրտը գոհ էր։ Տղու մը պէս զոր գովեստով նորեկի մը կը ներկայացնեն` աւելի կը ծեքծեքէր քան թէ կը խօսէր։ Ակռաներուն տակ բառերը մռլտուք մը եղան։ Անոր արտայայտուելու դժուարութիւնը նեղեց զիս։ Մեկնեցայ, ձեռքը սեղմելով։ Մեկնեցայ, որովհետեւ, հակառակ ներկայութեանս իրեն պատճառած ուրախութեան, ուզեցի զինքը փրկել իր սեփական շփոթութենէն։
Պահեր կան, որ անկարելի է մտքին մէջ բնակող հազարաւոր բառերէն հատ մը ընտրել, անել վիճակէ մը ինքզինքնիս դուրս նետելու համար։ Ուրիշ անգամներ, ընդհակառակը, անկոչ պաշտպաններու պէս, անոնք մեզի օգնութեան կը հասնին։
Վերջին պարագան պատահեցաւ մեզի։ Պարզ «բարեւ»ն ու «ինչպէս էք»ը քիչ֊քիչ կատարեալ խօսակցութեան վերածուեցաւ։ Յաճախ տունէն 5֊10 վայրկեան առաջ կը մեկնէի, որպէսզի գործէս ուշ չմնայի, ծերունիին հետ քանի մը վայրկեան անցընելով հանդերձ։ Քանի մը օր չտեւեց, որ կինս կռահած էր աճապարանքս։ Չեմ գիտեր թէ ինչու համար կնոջմէս կը պահէի փութկոտութեանս պատճառը։ Հաւանաբար անոր հեգնութեան առարկայ չըլլալու համար, վասնզի ինչ հարկ կար ինքզինքս նման պարտադրութիւններու տակ դնել։ Միթէ բաւական չէր բարեւ մը տալ ու անցնիլ։ Եւ աճապարանքիս մէջ նոյնիսկ կը մոռնայի սովորական համբոյրը տալ կնոջս։ Անգամ մը վիզը երկարելով ու ժպտերես առարկեց.
—Դուրսի արկածախնդրութիւններդ պատճառ մը չեն, որ մոռնաս համբոյր մը տալ մեկնած պահուդ։
Ակնարկութիւնը, թէեւ առանց քէնի արձակուած, նուազ իմաստալից չէր։ Ինչ որ սաստիկ խռովեց զիս։ Անկարգ շարժումներով գրկեցի զինքը ու պարտութիւնս խնդուքի մը մէջ պարտկելով` համբուրեցի։
Այդ անկանոն կացութենէն դուրս գալու միակ միջոցն էր ճամբաս փոխել։ Բայց այդպիսով դարձեալ քանի մը վայրկեանի տարբերութիւնը անփոփոխ կը մնար։ Պէտք պիտի ըլլար զարտուղի շրջան մը ընել։ Ու կրկին շարունակեցի առաջուան պէս, մեքենաբար, ինչպէս կ՚ըլլան առօրեայ շարժումները։
Բայց կինս, որ աչքին ծայրովը կը հետեւէր շարժումներուս, առիթը չէր փախցներ բառ մը տեղաւորելու, ինչ որ զիս ապշահար կը թողուր եղելութեան առջեւ։ Ի հարկէ, կնոջս բառերը երեւութապէս համեստ էին, թեթեւ հեգնութիւն մը պարզապէս, բայց խորքին մէջ, անոր համար, որ տեսնել գիտէ, ինչքան զգալի էր մտատանջութեան մը գոյութիւնը։
—Կարծես տունը անցուցած պահերդ ձանձրոյթ տային քեզի, ճաշդ կ՚ընես, արագ նայուածք մը լրագրիդ վրայ, դուրս կը նետուիս…
Որովհետեւ ակնարկութիւնը ինծի համար անտեղի էր, չէի հասկնար կնոջս սրտին մէջ կերպարանափոխուող զգացումը։ Անոր ակնարկութիւնները լոկ անդրադարձումի պատճառ կ՚ըլլային ինծի համար ու պահ մը կը մնայի անշարժացած ինքզինքիս հետ դէմ դիմաց եւ կը խորհէի։ Կը խորհէի… ինչ… չէի գիտեր թէ ինչ կը խորհէի։ Գիտէի միայն թէ կամքս ձգած էր զիս։ Դէպքերը տէր ու տիրական դարձեր էին անձիս, ու ծերունին կը սպասէր ինծի, հոն, հրապարակին վրայ։
Օր մը, երբ կինս կրկին իր տրտունջը կը յայտնէր, մէկէն պատմեցի իրականութիւնը։ Անոր դէմքին վրայ ծագող ժպիտէն ու վզիս շուրջ սեղմուող բազուկներէն հասկցայ անսահման հաճոյքը զոր պատճառած էի իրեն։ Ծերուկին վրայ ըրած նկարագրութեանս տպաւորութիւնը իր մէջ տեսակ մը գութի եւ գուրգուրանքի խառն զգացում մը արթնցուց։ Տարակուսանքը փարատած էր այլեւս իր մէջ։ Եւ ես վերջին ծայր երջանիկ եղայ, երբ հեռացաւ անոր վրայէն տխրութիւնը, որ կու գար այն ցաւէն զոր ակամայ ես պատճառած էի իրեն։
Որուն չէ պատահած դրամական նեղութիւն ունենալ։
Մանաւանդ ամսեգլխուն։
Երբ աչքէ անցուցինք, կինս ու ես, մեր ծանօթներու շրջանակը, աւելի յոռետես էինք քան թէ այդ գործողութեան սկիզբը։
—Ամէն մէկուն մէյմէկ առարկութիւն գտար, ըսաւ կինս, աւելի վճռական պէտք է ըլլալ կեանքի մէջ։
Դիւրին է ըսել «ամէն մէկուն մէյ մէկ առարկութիւն գտար»։ Մարդ ըսուածը զարմանալի արարած մըն է։ Երբեք կարելի չէ նախատեսել անոր հակազդեցութիւնները։ Բարեկամ մը կրնայ յանկարծ փոխուիլ երբ խնդրանքը ներկայացնէք իրեն ու անծանօթ մը դառնար ձեզի այնպէս ինչպէս որ էր ձեզ ճանչնալէն առաջ։ Այսինքն` «եկած տեղը վերադառնալ»։ Բարեկամութիւն մը պահել, պահպանել, կնոջ մը հաւատարմութիւնը հսկելու կը նմանի։ Նեղացուցիչը, այս պարագաներու մէջ, նուաստացած ըլլալն է։ Դրամ ուզելը բարեկամէ մը, հօրմէ մը նոյնիսկ, փոխ դրամ ուզելը` — որ մուրալուն մեղմացած ձեւն է — նախ եւ առաջ նուաստանալու հարց մըն է։ Որուն ալ որ դիմէք, անհրաժեշտ է ձայնին մէջ դնել խեղճուկ շեշտ մը։ Այսպէս կամ այնպէս գութ պէտք է շարժել։ Դրամ տուողը մեղքնալու է մեր վրան։ Կարելի չէ ըսել` «Ինծի նայէ, սակէ հարիւրնոց մը ճամբէ տեսնենք»։ Հարկ է շարել պատճառներ` իրականութեան աւելի ցաւալի երեւոյթ մը, աւելի ողբերգական հանգամանք մը տալ, ինչ գիտնամ, մինչեւ որ սիրտը չշարժի, ձեռքը գրպանը չի մտներ։
Բանաստեղծ մը ըսած է. «Ապրիլը նուաստանալ է»։ Ինչ ընել, հրաժարիլ։ Քանի որ ապրիլ կայ, շարունակենք նուաստանալ։
Կինս նստած էր սեղանին միւս կողմը։ Ինչ կ՚ընէր։ Ինչ կրնայ ընել կինը իրիկուան լամբարին լոյսին տակ, սեղանին շուրջ։ Իրեն ամէնէն աւելի հաճոյք պատճառող բանը` ամուսնին գուլպաները կարկտել։ Բայց տեսայ, որ դադրեցուցած էր կարը, ասեղը մէկ ձեռքը, գուլպան` միւսը։
—Եթէ սա, քու ծերունիէդ…
«Կարծեմ թէ ելքը գտանք» խորհեցայ։ Ու աչքիս երեւաց անմիջապէս հրապարակը, երկինքին տակ, գորշ ու ցցուն տանիքներով շրջապատուած, ինքնաշարժ կառքերու շարանները ու… ծերունին` փոքրիկ քուրջի ծրարի մը պէս անկիւն մը նետուած, կը դիտէր կեանքի այս յարաշարժ խենթութիւնը։ Որքան շարժում ու վազք ապրելու համար… Ու տեսայ նաեւ ինքզինքս` որ քաշքշող քալուածքով մը կը մօտենայի իրեն։
Չեմ յիշեր թէ ինչ պատճառաբանութիւն տուած էի շփոթութեանս մէջ։ Մօտեցայ ուղղակի իրեն, շատ հակիրճ նախաբանով մը խնդրանքս ներկայացուցի։ Աննկարագրելի էր ծերունիին խանդավառութիւնը։ Կցկտուր, շեշտ կանչերով, ծամածռութեամբ ու ցատկռտուքով արտայայտեց իր հաւանութիւնը, ճիշդ կապիկի մը պէս։ Կարծես ես ըլլայի երկու հարիւր Ֆրանք փոխ տուողը։ Միակ բառերը զորս ըմբռնելի եղան ինծի, այդ պահուն, գործէ վերադարձիս տուած ժամադրութիւնն էր։
Իրիկուան, զարմանքս մեծ եղաւ երբ զինքը չգտայ իր սովորական տեղը։ Աւելորդ պիտի ըլլար պատմել հոս զարմանազան յուզումներս, որովհետեւ կարեւորը այն է, որ եկաւ, վազելով ու հեւալով, տասներկու տարեկան լակոտի մը ճկունութեամբ` որուն լուրջ յանձնարարութիւն մը ըրած են տունէն։ Հեռուէն, իր վազքէն անկարելի էր ենթադրել, որ ծերունի մըն էր ան։ Փոքրիկ սրունքները մանկական քայլեր կ՚առնէին իրմէ առաջ, մանաւանդ ձեռքին մէկը, կռուփը պինդ սեղմած` ուղիղ կը կախուէր առանց շարժելու, ուսին խրած գաւազանի մը պէս։ Այդ գոց կռուփին մէջէն հանեց երկու հարիւրնոց թղթադրամ ու ինծի երկարեց։
—Ահա, ըսաւ, առ։
Երկու հարիւրնոցները ձեռքիս մէջ` յանցանք գործողի մը զգացումը տուին ինծի։ Ահ, եթէ կարելի ըլլար վերադարձնել, առանց վրդովելու իր զուարթութիւնը, առանց ցաւ պատճառելու իրեն։ Որովհետեւ երկար ժպիտով մըն է որ — ժպիտ մը` որ աղտոտ քուրջի կը նմանէր դէմքին վրայ — դունչը վերցուցած` «ցտեսութիւն» ըսաւ ու սեղմեց ձեռքս։ Երբ գլխուս շարժումէն հասկցաւ շնորհակալութիւն յայտնելու պատրաստուիլս.
—Ոչ, ոչ, շնորհակալութեան պէտք չկայ, ըսաւ, մատներուն ծայրովը ձեռքին թափ տալով։
Հազիւ կռնակս դարձուցած էի, երբ իր ձայնը զիս կը կանչէր` «Հէյ»։
—Կ՚աղաչեմ, չնեղուիս, ըսաւ յստակացած ձայնով մը այս անգամ իր ծեքծեքումներուն մէջէն, կը վերադարձնես երբ որ կրնաս։
—Խօսքս խօսք է, ամսեգլխուն։
—Կ՚աղաչեմ, կ՚աղաչեմ, ըսաւ մեղսակցի շեշտով մը ու մէկէն ձայնը բարձրացուց.
—Կնոջդ առողջութեան մաղթանքներս։
Ալ չմնացի։ Փախայ գրեթէ։ Քրտինքը ճակատս թրջած էր։ Ինչու այդ մաղթանքները։ Կինս հիւանդ չէր։ Այդ մասին խօսք անգամ չէր եղած։
Արդեօք…
Երկար մենախօսութենէ մը ետք եզրակացուցի թէ մեր պարտապահանջը, գթալու համար, այդ շարժառիթը հնարած էր։ Արտասանած բառերուս վերաքաղը ըրի, այդ տեսակ սուտի մը վերաբերող ոչ մէկ հետք գտայ։
Հրապարակին մէկ անկիւնէն մարդկութեան վրայ նետած կողմնակի ակնարկը ուրիշ ձեւով չէր բացատրուէր, եթէ ոչ գթալու այն անհուն պահանջը` առանց որուն իր սիրտը ոչ մէկ յուզումի այցելութիւնը պիտի ունենար։ Ուրիշ բան է տածել խղճմտանքի զգացում մը ընդհանրապէս վերացական մարդկութեան, ուրիշ բան` ուղղակի ապրող, շօշափելի էակի մը վրայ փոխադրել զայն։ Զգալի կերպով յայտնի էր, որ ծերունին կորսնցուցած էր իր նախկին անդորրը։
Ամէն անգամ զինքը կը գտնէի ենթակայ անհանգըստութեան մը։ Հարցումներու ճշմարիտ ռմբակոծում մըն է, որ կը դիմաւորէր զիս իւրաքանչիւր հանդիպումիս։ Արդեօք մօտալուտ ծննդաբերութեան մը կը պարտէր կինս իր հիւանդութիւնը։ Անարիւնութիւն։ Հետեւաբար` սնունդի անաբաւարարութիւն։ Անոր հարցուփորձերուն մէջ աչքի զարնողը միշտ մարդիկ թշուառութեան մէջ երեւակայելու յամառութիւնն էր։
Արդեօք պաղառութիւն էր։ Յանկարծ կը ցցուէր ոտքերուն վրայ։ Կը նշանակէ, որ ըստ բաւականի չենք տաքցներ մեր բնակարանը։ Եւ նորէն խրատներու անհատնում շարքը կը սկսէր.
—Պէտք է լաւ մը տաքցնել, դրամը չէ կարեւորը, կարեւորը առողջութիւնն է, կը հասակնաս, մի խնայեր, լեցուր ածուխը վառարանին մէջ, պաղը տաքով կը մեռցնեն…։
Քանի որ այդ էր իր սրտին երազը, չուզեցի այլեւս ընդմիջել մեղանչումներովս կամ բացատրութիւններովս։ Ընդհակառակը ձգեցի, որ երազը լաւ մը տեղաւորուի իր մէջ, թուխս նստի, նամանաւանդ որ բերանս բանալուս պէս խիստ շեշտով մը գոցել կու տար.
—Լռէ, մտիկ ըրէ։
Ուրեմն ինծի կը մնար միայն ցանցառել հանդիպումներս, պատրուակ բռնելով կնոջս կարծեցեալ հիւանդութիւնը։ Բայց այդ հազուադէպ հանդիպումներուս հաստատեցի, որ իր կացութիւնը կատարեալ մտատանջութեան մը փոխուած էր. «Ինչ կայ, ինչ պատահեցաւ, բժիշկ բերել տուիք…», եւայլն, եւայլն։
Օր մըն ալ մանկական դողդոջուն մատներով գրուած նամակ մը։ Գրութենէն յայտնի էր, որ ծերունին խուճապի մատնուած. շպրտած էր թուղթին վրայ այդ քանի մը տողերը։ Այսուհանդերձ նուազ անել վիճակի մը չէ, որ կը մատնէր մեզի։ Կինս ու ես իրար երես նայեցանք։ Մինչեւ ամսեգլուխ տասնըհինգ օր եւս կար։ Նամակին շեշտին նայելով, ծերուկը երկու շաբաթ սպասելու ի վիճակի չէր։ «Անակնկալ կերպով ձեզի փոխ տուած դրամիս անմիջական պէտք պիտի ունենամ… Ես ալ ձեզի նման աղքատ եմ, որեւէ աշխատանքի անկարող, եթէ չըլլար քմահաճ հօրաքրոջ մը բարի կամեցողութիւնը…», քանի մը տողեր եւս` ուր կը ծանրակշռէր իր անձուկ կացութիւնը, ինքզինքը կը դնէր Յոբ երանելիի մը անբաղձալի դրութեան մէջ եւ վերջապէս սպառնական ու վերջին յորդող նախադասութիւն մը որ «եթէ»ով մը կը սկսէր։
Ուրիշ ելք չկար։
Որոշեցինք գործատէրէս ամսականիս վրայէն երկու հարիւր ֆրանքի առ հաշիւ մը խնդրել։ Բան մը` որուն երբեք չէի տրամադրուած։
Հետեւեալ առաւօտ մեզ մտատանջութեան մատնած նամակը ստորագրողը ճամբուս վրայ կը սպասէր։ Զիս տեսնելուն, սագի օրօրուն քայլերով մօտեցաւ ինծի։ «Բարի լոյս» մը մռլտաց ու առանց պատասխանի սպասելու շարունակեց.
—Ինչպէս է կինդ, աղէկ է։ Գէշ երազներ տեսայ այս գիշեր, վախցայ, որ բան մը պատահած ըլլայ։ Վազեցի եկայ, Աստուած իմ, բան մը պատահած չըլլար։
Բնականաբար, հանգստացուցի զինքը։ Ըսի որ շատ աղէկ էինք երկուքով, թէ կինս եւ թէ ես։ Գալով իր նամակին… բայց չձգեց, որ շարունակեմ։
—Կ՚աղաչեմ, ոչ մէկ բառ։ Ես դրամի պէտք չունիմ։ Դրամը ինչ է։ Գլխէս վեր դրամ ունիմ։ Նայեցէք, ահա, կ՚ուզէք, առէք, առէք պէտք եղածը։
Գրպանէն տրցակ մը հարիւրնոց թղթադրամ հանած, դողդղացող ձեռքերուն մէջ, աչքիս առջեւ կը պարզէր կատարեալ անտարբերութեամբ։
Տասը օր անցած էր առաջին նամակէն ի վեր, երբ նամակ մը եւս ստացայ։ Բարեբախտաբար տեսած էի հարիւրնոցներու տրցակը, այլապէս նախորդ նամակին պատճառած տագնապը պիտի վերսկսէր։ Նամակին շեշտը ծայրայեղօրէն յուզիչ էր: Մէկ ծայրայեղութենէն միւսը կը թաւալէր։ Մեզի ըրած օգնութիւնը կը յիշէր, յետոյ գէշ վարձատրուած ըլլալը եւ յանկարծ զղջումը` որ չափազանցուած անձնուիրութեան կը յանգէր։
Երեք օր վերջը, նոյնպէս առաւօտուն, ճամբան ինծի կը սպասէր։ Գանգատեցաւ մեր անտարբերութենէն, իր կեանքէն` որ զուրկ էր ամենատարրական գուրգուրանքէ, բարեկամութենէ, սէրէ եւ յարգանքէ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ ըրած յայտնութիւնը զիս վերջին ծայր յուզեց։ Ան կը սպասէր, որ իր բարութիւնը սիրով փոխարինէինք։ Առանձնութեան մէջ ծներ ու մեծցեր էր, սրտին մէկ անկիւնը սիրուելու բուռն կիրքով մը։ Մինչդեռ կը դիմէի գործատեղիս, սիրտս կը տրտմէր ծերունիին անուրանալի խեղճութեան վրայ։ Միտքս կ՚երթար այն մեծ տառապանքներուն որոնք մարդկութեան վերեւ արձակեցին իրենց սիրուելու աղաղակը։ Խեղճ Յիսուս մը կը յայտնուէր պարտատիրոջս յոգնած դիմագծերուն տակէն, ոչ թէ իբրեւ սքանչելի դէմք մը, այլ գթալի, տրտմեցնող, հիւանդ` սիրուելու, պաշտուելու ի խնդիր, մինչեւ խաչին արիւնող գամերուն համակերպելով։
Այդպէս, հիւանդ Յիսուսի աղաղակը ականջներուս` «Սիրեցէք զիս եւ պիտի ազատուիք», ամսեգլուխ եկաւ։
Կէսօրին կինս ընկերացաւ ինծի։ Կ՚ուզէր անպայման ճանչնալ զինքը։ Երբ հրապարակ հասանք, ծերունին զուարթ ու կայտառ ընդառաջեց մեզի։ Ուժով սեղմեց ձեռքերնիս։
—Ահ, ահ, աս է տիկինդ, ուրախ եմ, ուրախ եմ, լաւ, առողջ դէմք ունիք, տիկին, այնքան հիւանդութենէ ետք, կարծէք բնաւ հիւանդ եղած չըլլայիք։ Աղուոր գոյն, լեցուն այտեր։ Ահ, ինչքան աղէկութիւն կը պատճառէք ինծի ձեր առողջութեամբը։ Այնքան մտահոգ էինք, ձեր ամուսինը եւ ես։ Այո, այո, ես ալ, չէ որ ձեր բարեկամն եմ ես ալ։ Բայց… ըրաւ պահ մը` մտածկոտ ու լռեց։
Յետոյ վերսկսաւ.
—Բայց ինչու համար զատ զատ բնակիլ, երկու սենեակի համար զատէն վարձք տալ, փոխանակ բնակարան մը փնտռելու, թէ աւելորդ ծախս չըլլար եւ թէ իրարմով աւելի լաւ կրնաք զբաղուիլ։
Կնոջս աչքերը զարմանքով լեցուեցան։ Նշան ըրի, որ լռէ։ Ծերունիին ալ ըսի, որ արդէն կարգադրուած է, գտած ենք համեստ, բայց կոկիկ բնակարան մը։ Կարգը եկաւ երկու հարիւր ֆրանքը վերադարձնելուն։ Ծերունին պնդեց, որ այդ գումարը պահենք իբրեւ նուէր։ Բարեբախտաբար կինս մէջ մտաւ ու իր կանացի ձայնը աւելի ազդեց զինքը համոզելու համար։
—Բարեբախտաբար հետս եկար, ըսի կնոջս, երբ բաժնուեցանք, որովհետեւ իմ հաճոյակատարութիւնս պատճառ պիտի ըլլար, որ այս կատակերգութիւնը շարունակուէր, սնունդ տալով միշտ ծերունիին տառապելու պահանջին։
Այդ պահուն, կինս կանգ առաւ։ Ետ դարձաւ։ Մատը խածնելով երազունակ բացագանչեց.
—Անկարելի է, աչքերուս չեմ կրնար հաւատալ… Սէբըլը… Սէբըլը… մեր գիւղին ամէնէն հարուստ ընտանիքին մէկ հատիկ զաւակը, հազիւ քսան տարեկան…։
Սթրազպուրկ, 1937