ԼԵՌԱՆ ԱՂՋԻԿԸ

Համաբարբառ


ԼԵՌԱՆ ԱՂՋԻԿԸ

ՆՈՒԱԳ ԱՌԱՋԻՆ

Վիպերգ
ԴԷՊԻ ԳԵՂԱՐԴԻ ՕՊԱՆ [1]


***

Լեռներ, սէգ լեռներ, ես կսիրեմ ձեզ,
Կսիրեմ բուռըն ու անզուսպ սիրով.
Հպարտ գագթնիդ՝ հսկաներ կարծես՝
Ուժ կներշնչեն, թարմութիւն, կորով։

Հոդ ամէն մէկ բան սրտիս կժպտի,
Վիշտն ու թախիծը կվանէ մեկդի.
Հոդ զովիկ հով մը դէմս կփութայ
Եւ կուրծքս Ազատ շունչ կառնէ կուտայ։

Իսկ անդընդախոր ձորի հատակին,
Երբ իր պատերը պատռել քնիելով՝
Ժայռերու դէմքին փրփուր թքնելով՝
Կուռի կոլըրի ջուրը գետակին,

Սիրտս ալ, գետին պէս, կը խայտայ վետևվետ,
Եռալ փրփրիլ կուզեմ իրեն հետ։

Լեռներ, վեհ լեռներ, ձեզ գրել կուզեմ
Ոգեւորութեան այս տենդերուս մէջ.
Թող ձեր ճակատը միշտ բաց, միշտ վսեմ՝
Դառնայ գործերուս իդեալն անշէջ։

Դուն, լեռան աղջիկ, երգել կուզեմ քեզ,
Եւ թող երգիս հետ դուրս հոսի կրծքէս
Հոն երկար ատեն ծածկուած անյուշ
Թրթիռը սրտիս ու յոյզերս անուշ։

Եւ երնեկ երգս ալ պարզ ըլլայ, յստակ,
Ինչպէս ամէն բան լեռներուն վրայ.
Ինչպէս աղբիւրը, որ դուրս կծորայ
Մամռոտ ժայռեռու զով խոռոչին տակ.

Ինչպէս լեռնային երկինքը վճիտ.
Ինչպէս լեռան կոյս, թնդիւնը լանջիդ։

***
Խոր ու թեք ձորի պատռտած կողէն
Պարզուկ գմբեթ մը երկինք կմիտի,
Սուրևսուր սլախ մը լարուած աղեղէն,
Որ, ըսես, հիմա վեր թռչի պիտի։

Վարը Ազատը ժայռերու գրկին,
Դէմ կուտայ անոնց քարէ գգուանքին,
Խաղով, հեգնանքով, քմահաճորէն,
Դուրս սողալ կուզէ Գեղամ սարերէն։

Բայց այդ ի վազքին մէջն իսկ խելագր,
Երբ կհանդիպի սուր սուրբ գմբեթին
Պատկառած քիչ մը կքաշուի մեկդին,
Որ մենաստանին չդառնայ խանգար։

Հա, հմայք ունի բնութեան ծոցին
Հին ու կիսավեր վանք մը առանձին։

***

Օհ, որքան քաղցր է ձմռան բանտէն վերջ՝
Բնութեան գիրկը խենթի պէս նետուիլ.
Ու խորհրդաւոր, սիրուն ձորին մէջ
Եւ սքանչանալ, եւ ոգեւորուիլ։

Տաք իրիկուն էր, երբ սայլն առաւ կանգ։
Վերջին ոլոր մÿալ, ու ձորը մտանք։
Գետն իր խու լերգով դէմերնիս փութաց,
Պագաւ երեսնիս իր շնչովը թաց։

Ճոխ ուռիներու թաւուտ ճիւղերէն
Սուր դայլայլիկներ կտրուկ, թրթըռուն
Հանկարծ անձրեւեց մեր խոնջած գլխուն.
Մինչ գաղտնի ձայներ, որ մարդ կծաղրեն,

Ձորի այն բարձր անձաւներէն կոյս
Նոյնը կկրկնէր թովուած ականջնուս։

***
Նրբամէջ ձորը դիւթել կուզէր մեզ՝
Վառ ծաղիկներով պճնած դէմքն ու լանջ.
Փարթամ բնութեան իբրեւ նուրբ բեհեզ
Նետէր էր ուսին կրկնոց մը կանանչ.

Սակայն վախնալով, որ հովն անպատկառ
Ծածկոյթը մարմնէն կատակով բանար,
Անփոյթ դիրքով մը փաթթէր էր մէջքին
Փրփուրէ գետի արծաթէ գօտին։

Եւ շլացանք մենք այդ կոյս, ամօթխած
Ու թամր, գրգըռիչ գեղեցկութենէն.
Մոռցանք դպրոցը, իր ժխորն ամէն՝
Նոր հրապոյրին անձնատուր եղած։

Եւ հաճոյալից խուսափուկ օրեր
Մեր անհոգ կեանքի օրոցքը կօրրէր։

***
Սակայն հոսուն են, վաղանց, քմածին
Ու դիւրափոփոխ իղձերը մարդուն.
Ինչպէս ամառուան վառ վերջալոյսին
Նրբին, գունանգեղ ամպերն անկայուն։

Լրիւ ամիս մը դեռ հազիւ անցաւ,
Երբ ամենուս ալ զգալի դարձաւ,
Որ հնչուն գետը ու ձորը գողտրիկ
Ծարաւ սրտերնուս ալ չէր գար հերիք.

Ազատ երկնքի կզգայինք պահանջ.
Ծերուկ սարերուն տեսքը ալեհեր
Կարծես կքաշէր մեզ լեռներն ի վեր՝
Հոն, ուր հարթակ էր փռուած գեղալանջ։

Եւ մենք վճռեցինք շաբաթ մըևերկու
Լեռներուն վրայ երթանք ապրելու։

***
Գիրք ու անկողին՝ պետքերնիս բոլոր՝
Իր թիկունքն առաւ մէկ նիհար, սեւ եզ.
Դե, օպա կերթանք մենք ոլորևմոլոր,
Մանուկ հոտաղ մը առաջնորդ է մեզ։

Դժուար էր ճամփան, նեղ, սեծ ու անանց,
Շուտով գիշերն ալ հասաւ անթափանց.
Երբ հանկարծ մօտէն խուլ որոտումներ
Դղրդեցուցին թէ անդունդ, թէ լեռ.

Եւ հոծ ամպերու թանձրութեան խորէն
Դուրս սողաց շանթը ճայթումով վայրագ,
Մինչդեռ փայլակը դողդոջ ու արագ
Մահատիպ լոյս մը կթափէր վերէն։

Իսկ մենք կելլենք միշտ լուռ ու շնչարգել
Մութին մէջ կորած այդ շաւիղն անել։

***

Ահ, այդ գիշերը ո՞վ մոռնալ կրնայ.
Կատղած բնութեան ցասկէն դողահար՝
Միայնակ նետուած լեռներուն վրայ,
Երբ երկնքէն վար դժոխք կտեղար։

Չէ, ես կպաշտեմ այդ աղմուկն անսանձ,
Այդ ակնախըտիղ փայլը կարճակեաց,
Այդ կայծակները, երբ վազքերնուն տակ
Կպատռեն ամպերն այն կուտակևոկւատկ.

Բնութեան ահեղ այդ կըռուին հուժկու
Ես կերկրպագեմ ըափշտակութեամբ.
Ան իմ թարմ սրտիս կուտայ իղձ ու թափ
Մեր կարճ կեանքին մէջ անդուզլ կռուելու.

Եւ մարդ ուժ կզգայ այդ վեհ վայրկեանին
ուխտել բիւր ցնորք ու ա նկարելին□

***
Բայց թունդ աղմուկին քիչևքիչ յաջորդեց
Առատ անձրեւի զարկերն ու շառաչ.
Եւ մենք ուժասպառ, գավազաննուս հեց՝
Եզին հեքովը կերթանք միշտ առաջ։

«Հասանք», կավետէ մեզ առաջնորդնիս.
Ես սթափելով կնայիմ չորս դիս։
Մութին մէջ բան մը հազիւ նշմարած՝
Այն կողմ կշտապենք եզը զանց ըրած։

Բայց հաղթ, հովուական խոշոր շներու
Հաչն ու կլանչը մեզ ետ կվանեն.
մինչ հովիվները կելլեն վրանէն
Ապշած նայելով անկոչ հիւրերուն,

Որ գոռ փոթորկին, այդ սեւ գիշերին
իրենց այցի գալ մտածեր էին։

***
Դեռ փոթորիկը դուրսը կաղմկէ,
Եւ հորդ անձրեւն ալ կծեծէ անդուլ
Պարզուկ վրանին ծածկը թաղիքէ՝
Կազմելով երգ մը միակերպ ու խուլ։

Եւ այդ թացութեան երգը տխրագին
Օրոր կկարդայ մեր հոգնած մտքին.
Եւ մենք ուժաթափ, մրսած ու քնատ,
Անրձեւէն թռջած ու հովէն գունատ՝

Կննջենք խորունկ մանկական քնով։
Քունն ինչ անուշ է լեռներուն վրայ,
Երբ փոթորիկն ալ դուրսը կգոռայ,
Երբ խեղճ վրանըդ կղոդայ ահով,

Եւ անկողնիդ մէջ երբ բնազդաբար
Կծիկ կդառնաս տաքնալու համար։

ՆՈՒԱԳ ԵՐԿՐՈՐԴ

ԼԵՌՆԱԴԱՇՏԸ

***
Պայծառ արեւ էր, երբ աչքըս բացի,
Ընկերներըս խոր կննջէին դեռ։
Վրանին առջեւ երկու արձակ ձի
Ցօղաթուրմ խոտը ախորժով կուտէր։

Հսկայ ծերուկ մը երկու քայլ անդին
Նստեր կխորհէր ձեռքը ծնոտին։
Դուրսէն բիւր ձայներ, ճռվողիւն, դայլայլ
Եւ սուր բզզիւն մը անվերջ, անյայլալ

Համանուագ մը կդաշնակէին։
Ես չդիմացայ, ցա տկեցի տեղէս.
Աղբիւրն հարցուցի ծերուկ տանտերէս.
Ան քանի մը բառ պոռաց անմէկին

Ու աղջիկ մը նեսր վազեց կարմըրած,
«Գնա ետեւէն»՝ ծերը մռմըռաց։

***
Ինչ սիրուն օր էր, ինչ կապոյտ եթեր.
Շուրջըս շող ու ցօղ, թարմութիւն ու զով.
Հոն բնութիւնը կարծես լըուացուէր՝
Չորցուիլ կուզէր զեփիւռի շնչով։

Ես կքալէի արբշիռ ու արագ՝
Լեռան ջինջ օդը ծծելով անհագ.
Աղջիկը թեթեւ առջեւէս կերթա
Մանրիկ, ոստոստուն քայլուածքով կայտառ։

Ա, իր նուրբ ճկուն մէջքը կանացի.
Եւ թիկունքէն վար սեւ գիսակը ճոխ՝
Օձի պէս սողուն ու աչքի կառչող։
Զուր հետը խօսիլ հեղ մը ջանացի.

Գլուխը հակեց շարժումով մը վես,
Ցնցում մը ըրաւ, թըռաւ առջեւէս։

***

Եւ ես խելահեղ ինկայ ետեւէն,
Կարծես գրգռուած իր վազքէն համառ.
ՀԱսայ ու ամուր բռնեցի թեւէն,
Առանց գիտնալու, թէ ինչու համար։

Անոր արեւոտ այտերը սիրուն
Հազիւ էր պագեր տասնըհինգ գարուն.
Եւ ինչ թարմ մարմին, եւ ինչ հրապոյր,
Ինչպէս նրբակազմ, ինչպէս կենսաբոյր։

Ես պահ մը անթարթ նայեցայ իրեն,
Մինչ ինքն ամչկոտ հայեացքը անուժ
Հառեց աչքերուս վարանքով անուշ,
«Անունըդ», ըսի. ժպտեցաւ նորեն.

Եւ հանկարծ խլեց թեւը ձեռքերես
Ու փախաւ լեռան երէի մը պէս։

***
Անհետ եղաւ ան ժայռերու ետեւ,
Իսկ ես միայնակ մնացի շուար.
Կրծքիս տակ բան մը կճմլէր թեթեւ,
Անկանոն շունչըս արագ կհեւար.

Ու սիրտըս ամուր մուրճի մը նման,
Զարկ կուտար պինդևպինդ. խենթեցեր էր ան։
Անշուշտ անսովոր իմ շտապ վազքէս
Այսպէս շնչասպառ, հուզուած էի ես։

Մտքիս մէկ խորշէն կըսէին սակայն,
մոր ոյդ բնական պատճառէն տարբեր
ուրիշ նոր բան մը հոգիս էր թափեր,
Նոր բան մը ճմլող, թարմ ու դուրեկան□

Մինչեւ որ թուլցան զարկերը սրտիս
ու ես հոգեզմայլ նայցեայ չորս դիս։

***Նոր էր ամէն բան հոն ինծի համար.
Այդ չքնաղ վայրի բնութիւնն ազդու,
Այդ շուրջանակի լեռներն անհամար,
Որոնք թեւևթեւի հենած իրարու

Սկսիլ կուզեն շուրջպար մը հսկայ,
որ համրատատան կերթայ ու կուգայ.
մեր նեղ, ցից սարը, որ դաշտին դիմաց
Բեմ մը կկարծես կանանչով գորգած։

Դիւցազնի բեմ մը, որուն բարձունքէն
Ամէն առաւօտ վարդ արշալոյսին
Բիւրաւոր զուարթ ձայներ միասին
Բնութեան գեղը կճառեն կերգեն։

Ինչ հիացումով եւ յոյզով եռուն
Ներկայ եմ եղեր այդ ներբողներուն։

***
Լեռնային վայրի բնութեան նման,
Նոր էր ու բուռըն վարած կեանքերնիս.
Անցեալի յուշեր, եկէք օգնութեան,
Երգենք միասին ինչ քաղցր էր սրտիս։

Երբ առաւօտը գաղտուկ ժպտալէն՝
Լեռան ու երկնի համբոյրի վայրէն՝
Ցոյց տար դալկահար, քնատ աստղերուն
Քունէն կարմըրած այտերն իր սիրուն,

Երբ Արագածի չորսևճիւղ գագաթին
Թուխևթուխ ամպերը խորունկ հորանջով
Ճերմակ մահիճնուն ելլէին նազով.
Եւ երբ արթննար օդը հանդարտին

Թռչուններու սուր առաջին երգէն,
Մենք ալ կելլէինք հովուի վրանէն։

***
Մեր ուրախ, անզուսպ բարձր երգերուն
Աղբիւրն իր հեզիկ ձայնը կխառնէր,
մինչ իր սառնորակ հոսանքը ծիծղուն
Քունի համբոյրը այտէս վար կառնէր։

Հեռուն լեռներէն հտպիտն արձագանք
Ճշտիւ կկրկնէր իւրաքանչիւր վանկ։
Մենք, արբած լեռան մաքուր, գաղջ օդէն,
Հողի ու ծաղկի գրըռիչ հոտէն,

Շարջելու տենչ մը կզգայինք հանկարծ։
Դէ, շիտակ այն սեպ, ժայռոտ բլրէն վեր.
Ետեւնուս հող, քար վար կգլտորվէր
Խուլ թնդիւնով մը, թափով մը անդարձ,

Մինչ խումբը հեւքով շեշտ առաջ կերթա
Գագաթը միայն առնելու դադար։

***
Ապա կերթայինք ու ջոկին մէջէն
Շուտ կթամբէինք մեր նախընտրած ձին.
Եւ դալարագեղ լեռան թեք լանջղն
Ձին ճամփայ կիյնար միշտ հլու սանձին։

Ախ, երբ ան կատղած, բերնին հորդ փրփուր,
Ճոխ բաշը հովին, աչքերուն մէջ հուր,
Պինչերուն շոգի, շեշտ կսլանար
Ոտքերն ու կորւծքը գետնին հավասար,

Կարթըննար մէջըս վայրի բնազդներ.
Կուզէի բան մը, որ փշրեմ ջարդեմ,
Կուզէի կռվիմ սուլող հովին դէմ,
Որ ականջիս տակ ծաղրըս կհանէր։

Այն պահուն ձիէս, չէ, տարբեր չէի,
Ես ալ, իրեն պէս, կվրնջէի։

***
Կամ իրիկունը, երբ թոյլ ցոլքերով
Արեւը երկրիս հրաժեշտ կուտար,
Եւ երբ լեռները իրենց ստուերով
Պինդ կփաթթէին հովիտը դալար.

Երբ հովիւները փչելով շուին՝
Դէպի վրանը ետ կքշէին
Մայող, բառաչող հոտերն ու տավար,
Մենք՝ թմրութիւննիս վանելու համար՝

Դէպի վտակը կերթայինք շտապ.
Լեռան ցատկռտող ջուրերը հստակ
Ալ կփրփըրէր մեր զարկերուն տակ.
Մինչ մենք դեռ երկար, թէեւ ուժաթափ,

Իր հոսանքին դէմ կուտայինք պայքար,
Որ կարկաչելով վրանիս կուգար։

***
Վտակին մօտիկ ժայռ մը կայ ցցուած,
որուն դէմ հովը իզուր կսպառնայ.
Լողանալէ վերջ՝ զով ու թարմացած
Հոդ կժողւուինք՝ այդ ժայռին վրայ։

Ճիշտ մեր ձախ կողմէն մասիսն ամեհի
Լեռան մը ուսէն շեշտ մեզ կնայի.
Աջէն Արագած՝ հակած Արային՝
Ով գիտէ, ինչեր կպատմէ հինևհին։

Այրարատ դաշտը կփռուի մեր դէմ,
Որ պինդ պարուրուած իր գորշ ծածկոցով
Քուն մտնել կուզէ. ինչ մշուշի ծով։
Ետիս ալ ձորի մութն է ձառադէմ,

ուր Ազատ խոր, խուլ, անձաւներուն մէջ
Կկռուի անդուլ իր կռիւն անվերջ։

***
Եւ մենք անձնատուր մեզ շրջապատող
Դարերու վկայ այդ արձաններուն,
Կմնանք անշարժ, լուռ ու սրտադող՝
Մութին մէջ գամած աչքերնիս հեռուն։

Հին, հոգնած դարեր, ծեր ուխտերու պէս,
Կուգան ու դանդաղ կանցնին առջեւէս։
Բայց, տեսար, վէճ մը մեր մէջ կփրթի՝
Անմիտ յորդում մը տենչայոյզ սրտի.

Գալիք օրերու քողը կպատռի
Մեր անփորձ մտքի հանդուգըն ճիգէն.
Ինչ պատկեր, ինչ կեանք կժպտի տակէն,
Եւ ալ՝ վարդերանգ յոյսերու գերի՝

Պինդևպինդ կհավտանք, սուր հպարտութիւն,
Թէ պիտի չացնին մեր կեանքն ապարդիւն։


ՆՈՒԱԳ ԵՐՐՈՐԴ

ԼԵՌՆՈՒՀԻՆ

***
Այս կեանքը սրտիս նոր էր ճշմարիտ,
Նոր իր լեռնական պարզութեամբը վեհ,
Նոր իր ինքնաբուխ յոյզերովն անմիտ,
Նոր իր գեղովը, որ մարդ կթովէ։

Նաեւ հոն մեզի նոր էր ծերունին,
որ անշարժ նստած կխորէր ինքնին
Աշխոյժ տարիքին իր ուժն ու գործեր
Եւ կռիւները, որ ան վարած էր

Քաջ թշնամուն դէմ երես առ երես,
«Չէ, ան ատենը ուրիշ էր աշխարհ»,
ու խոր թախիծէն ծերը կդողար։
Էհ, ինծի համար նոր էր վերջապէս

Այն լեռան վարդը՝ վայրի ու չքնաղ՝
Իր աղքատ, պարզուկ ձորձերուն մէջն ալ։

***
Բայց քիչևքիչ վարժիլ սկսանք նորեն
Վսեմ բնութեան գոյն ու ձեւերուն.
Կապոյտը երկնի, կանաչը դապտէն,
Ոսկի դեղինը ամէն իրիկուն

Եւ արշալոյսի երկինքը բոսոր
Մոլոր աչքերնուս ալ չէր անսովոր։
Դեռ չորս հեղ արեւ գլխնուս չանցած
Հոն մեզ անծանօթ տեղ չէր մնացած։

Կաթէ ջրվեժը պաղ, փրփըրադեզ,
Դաշտակի ծայրի գոս ժայռը խոժոռ,
Հարեւան բլրի գլուխը խոշոր,
Նոյնիսկ մամռապատ քարերը դեզևդեզ,

Որ մտերմօրէն վար կնայէին,
Ահ, որքան, որքան սրտիս մօտ էին։

***
Հովուի վրանն ալ արդէն օտար չէր,
Կարծես հին ծանօթ էինք մենք իրար.
Լեռան աղջիկը ալ դուրս չէր փախչէր
Ու մեր հարցերուն պատասխան կուտար։

Երբ իր ամըչկոտ ձայնը երերուն
Գար երազանքիս հիւսվեր թելերուն՝
Կդիտէի ես գորովով անանց
Իր մութ աչքերուն խաւարն անթափանց,

Իր խիտ խոնքերուն կամարը կրկին,
Որ մացառներ են կարծես ձորափէն
Ու ձորին վրայ ստուեր կթփեն
Եւ թուխ այտերը, որ կբռնկին,

Եւ վարդ շրթունքին զոյգ թերթերը թաց,
Ուր չար համբոյր մը կար միշտ պահվըտած։

***
Ահ, այն ատենը տասնըութ տարուան
Բոց մը կշրջէր երակներուս մէջ.
Դեռ ամբողջ կեանքս էր սպասում միայն
ու էութիւնըս՝ երազանք ու տենչ։

Եւ երբ պատահէր, որ թռչնակն անմեղ
Թափէր ծառերէն սիրայորդ գեղգեղ,
Ընկերուհիին շուրջը հածելով
ոստոստէր, երգէր իր սէրն ու գորով,

Ես կրծքիս խորը՝ նախանձէն ուռած,
Կզգայի բուռըն՝ ու յուզիչ իղձեր.
Հովը ականջիս լոկ սէր կհծծէր.
Եւ ես լալու չափ յուզուած, գրգռուած

Կուզէի սիրուիմ, կուզէի սիրեմ
Ու թռչնակին պէս, ոստոստեմ երգեմ։

***
Կզգայի սիրտըս լի էր ու զեղուն՝
Լի յորդելու չափ իր շրթունքներէն՝
Ինչպէս անապակ գինին փրփըրուն,
որ դուրս կթափի իր ներքին եռէն։

Ու գանգիս տենդոտ անուրջներուն մէջ
Սիրոյ պատկերներ կուգային անվերջ.
Պատկերներ օդէ, պատիր, մանկական,
Բայց անբիծ, անգին ու իդեական։

Այդ անուրջները հոգիս կօրրէին,
Երբ բախտըս ինծի գլորեց շիտակ
Լեռան աղըկան պարզ վրանին տակ.
Այ, այդ աղջիկը՝ քնքուշ լեռնուհին՝

Որ ինչպէս իր սեպ սարերն հարազատ,
Պարզ էր, գեղանի, խրոխտ ու Ազատ։

***
ու կմնայի ես հաճախ մինակ
Լեռներու դստեր հրապոյրին քով.
Լուռ կնստէի հին վրանին տակ
Ընթերցանութեան նուրբ պատրուակով։

Բայց ի՞նչ ընթերցում. ո՞վ է այն տղան,
Որ լուրջ զբաղի, երբ բոց կտեղան
Զոյգ մը կանացի աչքեր հմայիչ
ու հայացքըդ վեր կքաշեն քիչևքիչ։

«Լիր արքան» ծունկիս կնիրհէր անուշ,
Անտարբեր ձեռքով ես հազիւ երբեք
Սուտ կշրջէի թերթերը մէկևմէկ։
Չէ. կկարդայի ժողոված խելքս ու ուշ,

Բայց ոչ խեղճ գրքիս տողերն անկենդան,
Այլ սեւ, կախարդիչ աչքերն աղջըկան։

***
Եւ ինքը գիտէր, կշիկնէր հանկարծ,
Վրանէն կելլէր, կդառնար նորեն,
Եւ իմ հալածող հայեացքէս գերուած՝
Ժպիտ կթափէր նուրբ շրթունքներէն։

Մերթ ալ նստելով իր աշխատանքին
Մեր գորշ վրանի լայն մուտքի կողքին՝
Երգ մը կսկսէր, ձիգ երգ մը սարի,
Ինքն ալ, իր երգն ալ շատ պարզ ու վայրի։

Իր անուշ ձայնը մերթ խուլ կորոտար,
Ինչ լեռան վայրագ, փոթոռկոտ հովեր,
Մերթ կթրթըռար հնչուն ու երեր,
Ըսես, զեփիւռը ձորէն ձայն կուտար.

Հանկարծ կժայթքէր, ջրվեժ մը կարծես,
Մէկ ալ կմարէր, յոյսի լոյսին պէս։


***
Նիւթն ալ ու երգն ալ տխուր էր, քինոտ.
«Բուռըն ջերմ սիրով կսիրէ Մարոն
Դրացի լեռան ամէնէն սրտոտ,
Ամենէն կտրիճ տղան մրահոն։

Բայց այդ սուրբ սէրը պէտք է խոր պահուի.
Երկու ցեղերն են իրար թշնամի։
Մարոն չգիտէ. դեռ լուսաբացին
Անգլուխ դի մը գետէն հանեցին

Հօտի պահապան գամփռներն հուժկու։
Վարձկան հովիւը չճանչցաւ այդ դին,
Մարոյի հայրը ճանչցաւ իր որդին.
Եւ կատղած երդում կերաւ ահարկու,

Թէ պիտի լուայ բազկովը կթոտ
Իր հարազատին վատ մահն ու ամօթ։

***
Դեռ իր աչքերը ուժ ունին այնքան,
Որ իր վրէժի նշանը գտնեն.
Ու ծեր ձեռքերը պիտի չդողան,
Երբ հրացանի բլթակը քաշեն։

Նա. ժայռի տակէն գնդակը թռաւ,
Այն ինչ կտրիճ էր, որ թաւալ ինկաւ։
Ետ կուգայ ծերը խեթ, դաժան ու քեն,
Արիւնոտ բան մը կախուած է ձեռքէն։

Մարոն հորը դէմ կվազէ արգա՝
Գեշ բնազդով մը սիրտը թունդ ելած,
Եւ սարսափահար կանգ կառնէ հանկարծ
Դէմքը մահատիպ, աչքերը վայրագ։

Մազերէն կախուած հորը ձեռքէն ցած
Իր սիրականի դէմքըն է ճանչցած»։

***
Այսպէս կերգէր ան նստած քովնդի՝
Գողտրիկ գլուխը ցնցելով աշխոյժ.
Ու ճակտին տակէն նայուածք մը գաղտնի
Դէպ իմ անկիւնս նետելով զգոյշ։

Դիւթելու իղձը ան ո՞ւր էր ուսէր.
Եւ ինչո՞ւ գերել, գրաւել կուզէր։
Բայց ո՞ւրկէ ուսան աստղերը խայտալ,
Մեզի աչք ընել, պչրիլ ու խնդալ.

Ո՞ւրկէ սորվեցաւ գետակը զուարթ
Փրփուրէ քող մը ձգել իր վրայ.
ան ինչո՞ւ կեռայ, ինչո՞ւ կգոռայ,
Ինչո՞ւ կքծնի ափերուն հպարտ.

Ծիածանն ինչո՞ւ կամար կկապէ,
Երբ երկինք գոհար ու շող կթափէ։

***
Մենք իրարու հետ քիչ կխօսէինք.
Հարց մը կամ կատակ, միշտ ալ ժպտերես.
Մերթ ցոյց կուտայի ես մէկիկևմէկիկ
Քանի մը սիրուն պատկեր գրքերէս։

Ու մօտը նստած ծունկըս իր ծունկին՝
Լի հեշտանքով մը անուշ, անմեկին՝
Պատկերին միտքը կբացատրէի,
Ա, ես այդ պահուն բանաստեղծ էի։

Ան դէմքէս կախուած՝ կունկնդրէր անձայն.
Ու գոհ, միամիտ ժպիտ մը հանկարծ
Կելլէր շրթունքին, կարծես, իբրեւ վարձ
Իմ այդ սրտագին գւերութեան։

Եւ այդ ժպիտն էր քնքուշ ու գոհար,
Որ խօսքիս նոր ուժ ու հումոր կուտար։

***
Եւ քիչևքիչ զգալ սկըսայ շուտով,
որ իմ գերութեան անտեղեակ հոգիս
Արդեն կապուած էր աննիւթ շղթայով.
եւ կապանք մը որ՝ թեւ տուտար կեանքիս։

Նոր բան մը ըկաճէր սրտիս մէջ արագ՝
Հորդ ու թրթըռուն հուզում մը կրակ
Եւ խուժ ալիք մը կեանքի խորունկէն
Զգացումներըս զրկած էր ամէն։

Ու հարց կուտայի վարանքով համակ,
Թէ արդեօք ա՞ս էր, որ կանվանեն սէր,
Որուն խեղճ սրիտըս անժուժ կսպասէր,
որով գինովնալ կըղձայի անհագ։

Հարցիս պատասխան գլուխըս չէր տար,
Միայն ալ ուժգին սիրտըս կթնդար։

***
Ու կհոսէին օրերը զուարթ
Գոհար հուզումով ու ոսկի կեանքով.
Մինչդեռ լեռնային բնութիւնն հպարտ
Կգգուէր մեզի խանդաղատանքով։

Էհ, թող չմոռնամ այն օրերն անդարձ,
Երբ պատանեկան սիրտըս կեանք առած
Բնութեան, սիրոյ ծոցին մէջ անհուն՝
Գալիք կեանքի մը յոյսերով զեղուն՝

Կթափահարէր լանջիս տակ ուռած.
Երբ գործ տեսնելու անհագուրդ տենչէս,
Բիւր նպատակներ կստեղծէի ես.
Երբ այդ հյոյզերուս բովին մէջ զտուած՝

Սոսկալի անէծք կուտայի իմ դէմ,
Սկզբունքներըս թէ երբեք դաւեմ։

ՆՈՒԱԳ ՉՈՐՐՈՐԴ
ԼԵՌՆԱՂԲԻՒՐԻՆ ՔՈՎ

***
Էհ, այդ օրերը շատ արագ անցան
Ժիր, պատանեկան կեանքիս վրայէն.
Ինչպէս ամպերուն մէջէն ցիրուցան
Կանցնի ասուպը դէմքիդ ժպտալէն։

Միայն վառ յուշեր անուշ ու քնքուշ
Կրծքիս խորքերը ծածկած եմ զգոյշ. ^
Ճիշտ այդպէս տղան կապէ իր քով
Յարի մէկ ընծան անհուն գգուանքով։

Ուր է Գեղարդը իր լեռներուն հետ
Եւ ուր իմ արդի անկիւնս անկենդան.
Բայց միշտ, երբ գրչէս հանգերը խոյս տան
Ու խոնջ հայեացքըս՝ կարօտով հաւէտ՝

Արդի հարեւան լեռներուն գամուի,
Ես ձեզ կխորհիմ, լեռներ հայրենի□

***
Վայրկեանի մը պէս, թռեր էր արդեն
Երկու շաբաթուան միջոցը սիրուն.
Ու վճռուեցաւ, որ երկու օրէն
Տանք հրաժեպտնիս այդ պերճ լեռներուն։

Մեկնելու վրայ ես չէի խորհէր,
Ուրիշ նոր հարց մը իմ միտքըս կօրրէր.
Արդեօք աղջիկն ալ կըմպէ՞ր սիրտը դող
Այս երբեցնող յուզումէս հորդող։

Ժպիտն էր դիւթիչ, բայց միշտանթափանց,
Աչքերն ալ մութևմութ, վար քաշող ու խոր,
Ինչպէս անահտակ անդունդն ահաւոր,
Ուր միայն խելքըդ կդառնայ անսանձ։

Եւ այս անորոշ ծփումն ու յոյսեր
Ալ կհրահրէր թէ հուրքըս, թէ սէր։

***
Չէ. չէի կրնար հանդուրժել բնաւ,
Որ սէգ լեռնուհին մընար անտարբեր.
Պահանջոտ էի, գուցէ անիրաւ,
Բայց հպարտ հոգիս մերժում չէր տանէր։

Եւ գիտէի ալ, որ այդ աղկըան
Քունը կտրած էր, իմ քունիս նման.
Գիտնալը բաւ չէր, եւ պատրաստ էի
Կեանքիս օրերէն փունջ մը փետտէի,
միայն լսէի իր իսկ շրթունքէն,
Թէ իր միամիտ, անբիծ, կոյս սրտին
Իմ նայուածքներըս խռովք կազդէին՝
Խռովք եւ անուրջ՝ որ կեանք կբերեն,

Թէ երբ ծունկ ծունկի մինակ մնայինք՝
Խորին հեշտանք մը ու դող կզգար ինք□

***
Վերջին օրն էր, ան, վերջին իրիկոն.
Աղբիւրին վրայ ժայռի մը հենած՝
Նստէր էի ես մինակ ու նկուն,
Մասիսի խօսուն ակնարկին դիմաց։

Մօր գիրկը վազող գունդը ոսկեհեր
Իր մարող լոյսի ցօլքերով երեր
Կթափէր գոհար, մարգըրիտ անգին,
Մասիսի ծերուկ, ալեզարդ գանգին։

Արեւմուտքն ամբողջ արիւն էր կտրած,
Ուր կլողային դեղնորակ բոցեր.
Հոգնած արեւը դէմքը կգոցէր.
Ես կդիտէի մտացիր, կոտրած

Բնութեան պայծառ երանգներն այն պերճ,
Որ աչքերուս դէմ կփոխուէր անվերջ։

***
Հանկարծ մօտիկէն շրշիւն մը թեթեւ
ուր իր խորքրերէն կյուզուի հոգիս։
Աշխոյժ շարժումով կդառանմ ետեւ
ու ջերմութիւն մը կվառի դէմքիս։

Ճանչցած էի ես քայլերը կոյսին.
Աղբիւրը կուգար հին կուժ մը ուսին։
Լուռ սպասեցի լարումով անհուն,
Մինչեւ ան կուժը լեցուց, ու խոհուն

Թեք տուաւ զգոյշ լեզ կապած քարին,
Ու, այծեամի պէս, ճարպիկ ու արագ
Դէպի այն ժայռը նետուեցաւ շիտակ,
Ուր նստած էի անշարժ ու լռին։

Եւ նազանքով մը անմեղ ու գող տրիկ
Ժպտեցաւ դէմքիս, նստեցաւ մօտիկ։

***
Կամաց մը վրաս ծռելով քովէս
Բաց մոռցած գիրքըս սկսաւ թերթել,
Լացող ուռենու թամր ոստերուն պէս՝
Գրիկըս թափեցան վարսերը թելևթել։

Աչքերուս դիմաց կեռար խռովքով
Կէս մը սքողուած կուրծքը կուրծքիս քով։
Ու կխօսէինք, բայց ի՞նչ՝ չգիտեմ։
Էհ, ի՞նչ կխօսին նստած իրար դէմ

Զոյգ աղբիւրները անվերջ կարկաչով.
Միայն կզգայի, որ շունչըս նորէն
Ետ կուգա անոր մազերուն խորէն
Ու շրթունքներըս կայրէր իր տենչով□

Չգիտեմ ինչպէս՝ հանկարծ ծռեցայ,
Դողդող շրթունքով այտին հարեցայ։

***
Ցնցում մը ըրաւ ու անշարժ մնաց.
Դէմքին վրայէն սիւքի մը նման
Սահեր էր անցեր համբոյրըս կամաց.
Կարծես հմայուէր, քարացեր էր ան։

Իսկ ես խելահեղ, ու բնազդորէն,
Իսպառ բորբոքուած վայելքի հուրէն,
Ուզեցի մէջքը շղթայեմ ամուր
Զոյգ բազուկներուս շղթայովը կուռ.

Բայց ան դիւրաթք, ճկուն օձի պէս,
Թեւերուս մէջէն դուրս սողաց հանկարծ.
Կէս մը բարկացած, կէս մը սիրարծարծ
Թախծոտ հայեացքը սահեցուց դէմքէս՝

Անհետ ըլլալով ժայռերու ետին.
Ապուշ անձկութեամբ նետուեցայ գետին□

ՆՈՒԱԳ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ
ԼԵՌՆ Ի ՎԱՐ

***Վրանին մութը կուրծքըս կճնշէր,
Եւ հուր կշնդէր բարձը այտերուս.
Կայրէի. տոկալ՝ ալ կարելի չէր.
Ցատկեցի տեղէս ու վրանէն դուրս։

Ու կշրջէի քայլելով մոլոր.
Առջեւըս հօտը փռուած էր բոլոր.
Ոչխարներն անհոգ մտեր էին քուն
Խռնած իրարու՝ պառկածու կանգուն։

Եւ հանկարծ մէկը խորունկ շունչ կառնեէր
Խուլ հառաչանք մը, որ դուրս կպոռըկար
Վշտոտ, ճնշուած կուրծքէ մը տկար։
Հօտի չորս կողմն ալ հսկայ գամփռներ

Միշտ իրենց պարտքին պատրաստ աչալուրջ՝
Նստած էին լուռ, միշտ արթուն, միշտ լուրջ։


***
Հեռուն ձայն չկայ. անշշունջ, հանդարտ։
Հոն մելամաղձոտ պայծառ լուսնին տակ
Վեհ Արագածի տխուր, ալեզարդ
Մտածկոտ դէմքը կերեւայ հստակ։

Դեռատի լեռներ երուկ սարին քով.
Մրադկային ձեւեր առած կատակով,
Հազիւ պահուտած կղս ստուերին մէջ՝
Իրար են գրկեր գգուանքով անվերջ։

Մինչ հովտին թանձըր մթութեան մէջէն
Բիրտ, անրջային դէ մքեր այլանդակ՝
Միշտ փոփոխուելով հազար ձեւի տակ
Իրար տհրեն, իրար կկանչեն

ու նախանձաբեկ կծաղրեն հտպիտ
Ջահիլ լեռներուն սէրը միամիտ։

***
Բայց մ էկէն դադրեց հոգիս դիտելէն.
Ու նորէնևնորէն մտաբերեցի.
Աղջկըան վերջին նայուածքը խորէն,
որ կարծես ընդմիշտ հառած էր ինծի։

Եւ զգացի, որ մանուկ էի դեռ,
Մինչ գիտէ՞ք կոյսին արժանին ո՞վ էր,
Ոչ թէ ինծի պէս երազող տղայ,
Այլ լեռնցի մը, ուրկէ կդողայ

Երեն անտառէն, արջը խոր ձորէն,
Որ կեսգիշերին ցգլուխ զինուած՝
Հովի պէս թեթեւ նժոյգը սանձած՝
Կուգայ սիրուհին կառնէ վրանէն

ու կրծքին սեղմած կտանի հեռուն.
Եւ մարդոց աչքին իր կինն է առտուն։

***
Նուաստութեան մը զգացումն ահեղ
Սկսաւ սիրտըս որդի պէս կրծել.
Էհ, շնչին մարդու տեղը չէր այնտեղ,
Հոն ուժ, գործ պէտք էր, եւ ոչ երազել։

Բայց մերթ ալ ինծի այնպէս կթուէր,
Թէ այդ նայուածքը սէրն էր կարեվր.
Այդպէս կնայի եղնիկն անկասկած
Որսորդի նետէն վիրավոր ինկած։

Այդ նայուածքը լուռ, կարծես, կաղաչէր,
Որ չխաղայի իր հետ այդ քնքուշ,
Բայց վտանգաւոր կատակն անզգոյշ.
Եւ արդեօք իրաւ սա կատակ մը չէ՞ր.

Ցօղի կատակ մը վարդի վառ կրծքին,
Որ շուտ կցնդի արեւածագին։

***
Այդ նայուածքը, ահ, ինծմէ գոկթ կուզէր.
Գթալ իր անհոգ անդորրը կեանքին
Ու չներշնչել ապարդիւն յոյզեր,
Որոնք ծաղկէ զուրկ լոկ փուիշ կծլին։

Եւ ես վարանած այդ հայեացքին դէմ
Կփռուիմ գետին հողը կդիտեմ։
Լալու փափագ մը կոկորդըս կուգայ,
ու սիրտըս կրծող կսկիծ մը կզգայ։

Հանկարծ արցունքը կհորդի աչքէս,
Լարումս ալ թուլնալ կսկսի քիչևքիչ.
Մեղմիկ անխռով նիրհ մը ամոքիչ
Կուգայ կկախուի թաց թերթերունքէս.

Եւ խոր կննջեմ՝ ցօղով արցունքով
Թրջած խոտին մէջ, ոչխարներուն քով։

***
Մեղմ ու գեղգեղուն ձայն մը սրինգի
Հայթեց սկանջըս եւ ես արթնցայ.
Հովը երեսըս շոյեց մեղմակի՝
Ընդոստ շարժումով ելայ նստեցայ։

Լուսինը արդէն անհետ էր եղեր.
Ճերմակ, կապտագոյն նուրբ ժապաւեններ
ձիգևնեղ շերտերով փռուեր էր երկար,
ուր լոյսի առջի ցօլքը կերերար։

Հովիւը ելած՝ սրինգը բերնին
Արօտ կքշէր հօքը արթնցած,
Որ կխլրտէր ու կամացևկամաց
Սուր մայուններով կեանք կուտա օդին։

Հեռուն կլսուէր խուլ ձայն մը կերկեր.
Լոյսը բացուելու արդէն մօտիկ էր։

***
Շուտ ընկերներս ալ ցատկեցին ոտքի.
Ամէն բան կապած պատրաստ էր արդէն.
Արեւը չելած իջնէինք պիտի
Այդ թարմ ու դալար մեր սարահարթէն։

Հապճեպ հըրաժեշտ տուինք աղմըկուն՝
Հիւրասէր ծերին եւ իրեններուն.
Եւ վերջին անգամ, երբ ես կարկամած
Աղջկըան դէմքին նայեցայ կամաց,

Մեր հայեացքները իրարու զարկին,
ինչպէս խորունկ էր ու ինչպէս յուզիչ
Իր ջերմ ակնարկը, իր ժպիտը ջինջ.
Կարծես կգգուէր, ու կըսէր մէկին.

«Է, թող. ամէն մարդ իր ճամփով, եղբայր.
Բաժնուինք սիրով ու յիշենք իրար»։

***
Ու բաժնուեցանք, ան կեցած էր լուռ։
Արահետը ձախ ծռեցաւ հանկարծ.
Վերջին նայուածք մը նետեցի տխուր
Եւ աղջիկն աչքէս կորուսի անդարձ։

Սուր խայթ մը ու ցաւ կզգայի ներսէս.
Ալ կասկած չկար, սիրած էի ես։
Բայց հազիւ հպած այդ սուրբ փորձութեան,
Թողեր կերթայի, անջատ յաւիտեան։

Իսկ այդ անջատման լեղի բաժակէն
Դուք ձեր կեանքին մէջ ըմպա՞ծ էք երբեք.
Հեռացա՞ծ էք դուք ծանր, սրտաբեկ
Այն սիրուն, կանանչ, գողտրիկ բլրակէն,

Ուրկէ մէկը լուռ կհետեւի ձեզ
Եւ երբ ձեր սիրտը կպայթի կարծես□

***
Էհ, քանի տարի անցած է հիմա
Այդ անհոգ կեանքիս երազ օրերէն.
Եւ որքան հեռու կապրիմ ակամայ
Իմ սրտիս մօտիկ չքնաղ վայրերէն։

Բայց գիշերները նեղ սենեակիս մէջ՝
Երկար հոգնելէս կամ ձանձրոյթէս վերջ՝
Հաճախ կերազեմ Գեղարդի օպան,
Կյիշեմ հատևհատ ամէն չնչին բան։

Ու աչքերուս դէմ կծնի պայծառ
Լեռան աղջըկան պատկերն անարատ,
Իմ անբիծ սրտիս յոյզերն այն առատ
Եւ վայրի սիրուս բերկրանքը անճառ,

Էհ, քաղցր վայրեր, վայրկեաններ անգին
Իմ պատանեկան անրջոտ կեանքին□


________________________________________
[1] Օպա կը կոչուի լեռներուն վրայ հովիւներու զարկած քանի մը վրաններուն խումբը՝ ուրկապրին իրենք եւ
որուն շուրջը հօտը կը գիշերէ։