Համաբարբառ
ԱՐՄՏԱՆ
ԿՈՍՏԱՆԸ
Ամու… ամու… Կոստան ամու…
Աղա ամու… աղա ամու… Կոստան ամու…
Հայրիկ… Կոստան հայրիկ…
— Մօրքրորդի, մօրքրորդի, քեզի եմ, մօրքրորդի, կը քնանաս, աչքերդ բաց, արթնցիր…
Խանպակենց Աղջիկը, ինչպէս կ՚ըսէին Դպրենց հարսին` Դշխուին, իր երկու տղաքը, ներոջը Բրաբիոնին երկու տղաքը, աղջիկներէն մեծը` Բուբուլը առաւ, երկու էշերը առաջքնին Կարմիր Հողերու այգիները իջան` թութ ժողվելու: Իր մարդը` Կոստանը, ուրբաթէն ի վեր այգիները կը պառկէր: Իրենց ջուրի կարգն էր, այգիները պիտի ջրէր, պարապ պահերուն ալ ծառերէն թափած թութերը պիտի ժողվէր, մինչեւ որ կիրակի իրենք գային գիւղէն, բոլոր ծառերը թոթուէին ու բերքը տիկերը լեցնէին, տուն տանէին:
Շիտակը եթէ կ՚ուզէք` իրենցմէ գոնէ մէկը այգիները պառկելու էր: Երեք այգի էին, գիշեր-ցերեկ հոն եղող մը, ամէն օր ծառերուն թութերը ժողվող մը ունենալու էին, բայց չէր ըլլար: Տղաքը պզտիկ էին, անոնց չէր վստահուեր, իրենց մեծերուն ալ ընելիք գործերը շատ էին, չէին կրնար գալ` այգիները մնալ: Հերկի, խոտի ամիս էր, արտերը պիտի հերկուէին, լեռներուն խոտերը պիտի քաղուէին, ով պիտի ընէր: Անանկ մէկ հոգիով, երկու, երեք հոգիով գլուխ ելլուելիք բաներ չէին: Եւ եթէ Վարդավառի ամսուն չվերջացնէին, ու այգիները հեղ մը որ ճերմկնային, գարեքաղը, ետեւէն արտքաղը մէկ մը որ սկսէր, այնուհետեւ բնաւ չէին կ՚ըրնար ընել: Նախ որ` լեռները խոտ չէր մնար: Խոլորձները, դմակ դեղինները, յոտոցիկները, աղուէսի պոչիկները, մկան ակռիկները, բռան ծաղիկները կը չորնային, կը թափէին գետինները: Մարագը ինչով պիտի լեցնէին, ձմեռը չորս ամիս ինչ պիտի կերցնէին այնչափ ոչխարին ըռզակին: Նմանապէս ալ հերկը: Լեռան արտերուն կէսը դեռ չէին հերկած: Եթէ այս մէկ-երկու շաբթուան մէջ երկու եղբայր չհերկէին, ալ անկէ ետքը թէ ժամանակ չէր մնար եւ թէ խոփը չէր բաներ հողերը: Ինչ բերք կը սպասուէր չհերկուած, ներքեւի հողերը վրան չհանուած, սէզերէն չմաքրուած ու արեւին մէջ չհանգչած արտէ մը: Իրենց գործը մինակ գետափերու այգիներուն հետ չէր, իրենց տունը մինակ այգիով չէր պահուէր: Խոտը, արտը այգիէն առաջ էին:
Խանպակենց Աղջիկը, տղոցը հետ խումբով, այգիին առաջքը հասաւ, փշատիի ձողերով ճաղէ դուռը չբացած, զարմացաւ՝
— Մրիկ…— ըսաւ ինքնիրեն, ինչպէս կ՚ըսէին կիները` չյուսացուած բանի մը դէմ դիմաց որ գային: Այգին ջրուած չէր: Առուները չոբ չոր էին: Ծառերուն, որթատունկերուն տակը նոյնպէս չոր էին: Տախդեղներուն, լոլիկներուն, սոխերուն մաշըրաները արեւահար եղեր էին: Թութերը թափեր էին մէկ մէկու վրայ, իրարու վրայ, առուներուն մէջ, ագուգաներուն վրայ, պատերուն երկայնքին, այգիին երեսը մինչեւ գետափին աւազները, ուր նայէիր` ճերմակ, անկուտ թութ էր, զոյգ զոյգ, իրարու փակած, ինկած տեղերնին հասունութենէն փշրուէր էին, անուշութիւննին դուրս հոսեր էին, ու թութ մը վերցուած չէր:
Ինչ ըրեր էր այս մարդը Ուրբաթ, Շաբաթ ու այսօր` Կիրակի, այս երեք օրուան մէջ: Այս այգին որ չէր ջրեր, միւս երկուքը ջրեր էր, կամ գետը անցեր, Մասուր ձորի առուոյտնոցը ջուր կապեր էր կ՚ըսես: Ինչ որ է, թութերը թող ժողված չըլլար: Տղոցը հետ ինք կը ժողվէր: Գիտէր, որ էրիկ մարդ ըսածդ նեղու չի գար, կնիկներու պէս չեն: Իրենց պէս չեն կրնար մէջքերնին ծռել, ծունկերնին կոտրել ու մէկիկ մէկիկ թութ ժողվելով տոտիկ տոտիկ առաջանալ տասը-տասնըհինգ ծառին տակէն: Աղաչես. «Ինչ կ՚ըլլայ` դուն ալ քիչ մը ժողվէ, որ ժամ մը առաջ լմնցնենք» ըսես, երկուք մը կը ժողվեն, քչիկ մը որ նեղու գան` կը ձանձրանան. «էյ… հիմա ձեր թութին ալ կ՚ըսեմ, ձեզի ալ…», ճիկարայ մը կը փաթթեն, կը հայհոյեն, գլուխնին կ՚առնեն, կ՚երթան: Տղաքն ալ հօրերնուն պէս չեն: Երկուք մը կը ժողվեն, կը ձգեն, կը փախին, գետեզերքը կ՚երթան` գետին հետ կը խաղան, ձուկ կը բռնեն, աղջիկ զաւակներու պէս չեն, որ իրենց մօրերնուն քովէն չեն հեռանար, իրենց հետ մինչեւ իրիկուն կը բանին: Բայց ուտելու որ գայ` իրենք իրենցմէ շատ կ՚ուտեն: Ձմեռը թութին ուրուպը ափսէով սեղան որ գայ, թանձրացած, շաքարոտած, ծլած ալ կ՚ըլլայ, անոնք անանկ հացը կը թաղէն ու կ՚առնեն մէջէն, որ իրենց երեք անգամէն երեք պատառով կերածը անոնք մէկ պատառով կը վերցնեն ու բերաննին կը կոխեն, անանկ կ՚ուտեն, որ ներսերնին կ՚այրի, վրայն աղի տախդեղ, կծու սոխ կ՚ուտեն, թթուի ջուր կը խմեն, որ նորէն ուտեն: Ընկուզմէջով չոր թութը նոյնպէս իրենցմէ շատ կ՚ուտեն: Հապա օղին: Թութէն պատրաստուած օղին ով կը խմէ: Կնիկ մարդիկը օղի կը խմեն, իրենք կը խմեն:
Թութերը չէր ժողվէր, բայց այգիները ինչու չէր ջրէր, ինչ պիտի ընէին հիմա իրենք: Շաբաթ մը դարձեալ պիտի սպասէին, մինչեւ որ նորէն իրենց ջուրին կարգը գար: Որթատունկերուն ջուր չտային ալ կ՚ըլլար, խաղողները հասնելու վրայ էին, բայց թութին, տանձին, դեղձին, ծիրանին կամ պահենի խնձորին ծառերը մինչեւ այն ատեն ինչ կ՚ըլլային, կը դիմանային, լոլիկները, տախդեղները, ազատքեղները պիտի չորնային: Ով իր հերթը իրենց կուտար:
Ուր էր: Եգին ալ չկար: Եգետունը գոց էր: Դռանը փայտէ սողնակին բազուկը մինչեւ վերջաւորութիւնը մտած էր պատին մէջի իր ընդունարանը: Ներսը պառկէր էր արդեօք:
Չէր կրնար կանչել: Չէր վայլեր իրեն «Կոստան» պոռալը, անունը կանչելը: Տղոցը ամէնէն մեծին, ներոջը մեծ տղուն՝ Եսայի էր անունը, Եսօ կ՚ըսէին`
— Եսօ, մէկ մը պոռա ամուիդ, նայինք ներսն է:
— Ամու… ամու… Կոստան ամու… պոռաց Եսօն:
Սպասեցին: Պատասխանող չեղաւ:
— Կեցիք, ես պոռամ, ես աւելի ուժով կը պոռամ, — ըսաւ ներոջը երկրորդ տղան, Մովսէս էր անունը, Մոսօ կը կանչէին: Եսոյէն երկու տարի մը պզտիկ էր, անոր պէս կապուտաչուի, ծունկերը հասնող կարճ կապոյտ շալուարով մը:
— Աղա ամու… աղա ամու… Կոստան ամու…
Պոռաց այնչափ բարձրաձայն, որ Կարմիր Հողերու հանդէն չէ միայն, գետին միւս ափին Մասուր ձորի, Գողուն ձորի հանդերէն ալ լսեցին:
Սպասեցին, նորէն պատասխանող չեղաւ: Էշերուն բեռները վար առին, թութերուն պարապ տիկերը հանեցին մէջէն:
Իր տղան, տանը տղոցը ամէնէն պզտիկը, թիզ մը հասակովը, բայց ամէնէն ալ ճինիվիզը, ինքնիրմէն, ըսող մը չեղաւ իրեն, բերանը դրանը սողնակին տուաւ ու
— Հայրիկ… Կոստան հայրիկ, — պոռաց:
Ձայն չելաւ ներսէն:
Ամենէն առաջ Ապուշ Հարսիկը իմացաւ ու քովերնին եկաւ: Ապուշտացի էր, Ապուշտացի Հարսիկ`երկայն կուգար, Ապուշ Հարսիկ կը կանչէին: Խելացի, յարգելի կին էր:
— Ինչ է ադ, իրար անցէր էք, Խանպակ, — ըսաւ:
Քրորդիիդ ենք, Ապուշ Հարսիկ, քրորդիդ կը կանչենք, — պատասխանեց: Քրորդին չէր, բայց այդպէս ըսել կը վայլէր: Տարէց էր, անունը տալ կամ` մարդս, էրիկս` կ՚ըսուէր:
— Նայինք եգետունն է, — ըսաւ:
Ես ալ չգիտեմ, Ապուշ Հարսիկ, ներսն է, ներսը չէ, — պատասխանեց, — հերկին դարէն եկաւ, որ եգիները տի ջրէր, թութերը տի ժողվէր, ան ալ չէ ըրեր, ան ալ երեք օր կ՚ընէ` հոս է: Մէջտեղն ալ չկայ, միտքս հարիւր դի կ՚երթայ, փորձանք մը եկաւ գլխուն:
— Միտքդ մի պտտցնէր, Խանպակ, ուր որ է նը` հիմա մէջտեղ կ՚ելլէ, գիտէ, որ Կիրակի է, գեղէն դուք կուգաք, — յորդորեց Ապուշ հարսիկը:
Բայց իր ըսածին ինք ալ չհաւատաց: Երեք օր էգին կ՚ըլլայ ու ոչ ծառերը, մաշըրաները կ՚ջրէ, ոչ թութերը կ՚ժողվէ, մէջտեղն ալ չկայ. մեռած չըլլայ խորհեցաւ, բայց Խանպակենց Աղջկանը չըսաւ, անշուշտ:
Ետեւ ետեւի Քարամ մամը, Ելպակ մամը, Այլա հարսիկը, Զիմառցի հարսիկը, Արխան նենէն, անոնց ետեւէն` էրիկ մարդիկը եկան ու այգին լեցուեցաւ ժողովուրդով, եւ երբ Խարիծակէն Արխնենց Համբարձումը, վարի հանդէն Խանըմենց Պօղոսը եկան «Խանպակ, դուն ուր ես, մարդդ ուր է» ըսին ու պատմեցին, թէ եգինին չոր մնացեր են, ծառերուն թութերը ժողվող չկայ` ամէնքը մտատանջուեցան: Ըսել է` անոնք ալ Կոստանէն լուր չունին: Փորձանք մը եկած է, անպատճառ գլխուն: Գալենց Ակոբը ինտոր Բերդհովիտի ապառաժներէն ոտքը չբռնեց, մինչեւ գետվրայի քարերը գահավիժեցաւ, գանգը փշրուեցաւ, Մինաս քեռիին առած երրորդ կինը` Տանձեցին, ինտոր Կապաններէն պիտի ելլեմ ըսելով` ձեռքը քարին տուաւ, քարը խախուտ էր, միասին մինչեւ անդունդը ինկան, ատոնց նման բան մը պատահած ըլլալու է: Եւ կամ` գետը մտաւ, Խանըմին Կոլը, կամ` Ամըրքարի Եզնոցը Կոլը եւ կամ` Ֆըռաթը գնաց ու լոգնամ ըսաւ ու խեղդուեցաւ: Աշխարհի վրայ չեղած բան չկայ, եթէ ոչ` ինչու երեք օր է մէջտեղը չկայ: Բայց ամէն մարդ զգուշացաւ մտքէն անցածը ըսելու:
— Ակը գացած չըլլայ, կամ` Զիմառա, ես կ՚ըսեմ` կամ Ակը, կամ Զիմառա գացած է, — ըսաւ Ճորտենց Օհաննեսը:
— Ինչու երթայ, աղբար, — ըսին այս ու այն կողմէն, — եգիները կ՚ձգէ երեսի վրայ ու կ՚ելլէ Ակը կ՚երթայ, Զիմառա կ՚երթայ:
Ծերերը` եգի պահողները` Հայնենց Մղտեսի Գրիգորը, որ շիլ էր, մէկ աչքովը քեզի նայելու ըլլար, միւսովը քովդ կեցողին կը նայէր, որ աշնան թութի չոր տերեւները կը մանրէր, ծխախոտի փոշիներուն կը խառներ ու լիւլէովը կը ծխէր, ըստ իրեն սրտացաւ ունէր, ցաւը կ՚ամոքէր, Կորչայենց Մեսրոպ ամուին հետ պահանջեցին, որ եգետունը բանային, նայէին թէ` հոն էր, հոն չէր, ու մէկ մը յոյսերնին կտրէին հոնկէ: Երկուքն ալ կը հաւատային, թէ ան անպատճառ ներսն էր, եւ մեռած էր, թէեւ չէին ըսեր, կը պահէին:
Բայց էգետունը գոց էր, բանալի չկար: Ուրիշներու բանալիովն ալ անոնց դուռը չէր բացուէր: Ամէնունը չորս կամ հինգ ակռայով էին, անոնցինը, Դպրենց պապաները, Եղիկ պապան, Գասպար պապան` չգիտէք, անոնց ամէն ունեցածը զատ պիտի ըլլային: Կերճանիսի Մագտերէի քրդերու գեղերէն անոնց տոսախի ծառերէն կտրեր, բերեր ու շիներ էին բանալին` եօթը ակռայով: Սողնակին բազուկն ալ` դաստակէն հաստ էր: Դռներնին Կերճանիսի Տումանլուին կամի տախտակէ էր, կարծր էր, երկու մատի չափ հաստ, կացին չէր բաներ:
Հանդը սղոց մը ըլլար` բազուկը կը սղոցէին, կը մտնէին: Սղոց չկար: Միակ ճարը` չարդախին պատուհանը ապակի չունէր, հոնկէ ներս ցատկելն էր, բայց սանդուխ մը կ՚ուզեր, որ ելլէին, իսկ պատին վրայ բռնելիք տեղ մը չկար, որ շուլլուէին: Սանդուխ` վարի հանդին Փիլիկին ջաղացքը կամ Եղիակի Խաշմանենց ջաղացքը կային, անոնք ալ գոց էին, ամառը ջաղացքները բաց կ՚ըլլային:
— Կեցիք, իմ մտածածս ընենք, տղաք, — ըսաւ Մանուկանց Ակոբը: – Ես ու Վահանը պատին տակը կայնինք, Դաւիթ, դուն բարակ մարմինով ու թեթեւ հոգի ես, մեր ուսերուն վրայ ելիր ու կայնէ, պատուհանէն ներս ցատկէ, կայ թէ չկայ` կը հասկնանք:
Ըրին: Դաւիթ պատուհանը ելաւ ու ներս նայեցաւ: Կոստանը ամբողջ հասակովը փորին վրայ բերսկի վար պառկեր էր:
— Հոս է, հոս, բերսկի վար պառկեր է: Կը քնանայ, ինչ կ՚ընէ, երեսը չեմ տեսնէր` որ ըսեմ, — ձայնեց վարը կայնողներուն, որ իրեն կը նայէին. դուք ըսէք հարիւր հոգի, ես աւելի ըսեմ, որ մինչեւ Եղիակին, Լեղիակին, պատերուն, Քարի եգիներու, Թեղի էգիներուն, երկու գեղերու տասներկու հանդերու էգիներէն իմացեր ու եկեր էին:
Ու պատուհանէն Կոստանին`
— Մօրքրորդի, մօրքրորդի, քեզի եմ, Կոստան, մորքրորդի, կը քնանաս, աչքերդ բաց, ելիր, – պոռաց:
Կոստանը չերերաց, չշարժեցաւ, չպատասխանեց: Մեռած էր:
— Իմ սիրտս վկայեց, ես հասկցայ, որ մեռած է, վայ ինծի, վայ իմ գլխուս, չորս տղոցմովդ իս անտէր ձգեցիր ու գացիր, — գոչեց Խանպակենց Աղջիկը, լաչակը քակեց, աչքերուն վրայ ձգեց ու պատռտուեցաւ, փղձկեցաւ, լաց մըն է բրթցուց:
Բոլոր կիները լաչակնին քակեցին, հերարձակ ու աչքերնին գոց, ու մէկ ձայն`
— Կոստան, Կոստան, տղաքդ անտէր ձգեցիր ու կէնճ արեւդ առիր ու գացիր, Կոստան, — պոռացին ու լացին:
— Ծօ, աղբար, – գոչեցին այրերը Դաւիթին, – ինչ կայնեցար, մնացիր պատուհանը, ներս ցատկէ, վար իջիր, դուռը բաց, որ ներս գանք:
Դաւիթ ներս ցատկեց, Կոստանին մօտեցաւ ու զարմացաւ: Կը շնչէր: Գլուխը վերցուց որ շտկէ, Կոստան աչքերը բացաւ, ելաւ, նստաւ ու.
— Ինչ կայ, ինչ կ՚ուզես, — ըսաւ:
Դաւիթ պատուհանը վազեց ու պոռաց վերէն`
— Աչքերնիդ լուս, Կոստանը մեռած չէ, ողջ է, ելաւ նստաւ, կը խօսի հետս, մի լաք, մի լաք:
Ու եօթը ակռայով երկայն փայտէ բանալին, որ Կոստանին քովն էր, վար նետեց:
Այգիին բազմութիւնը իրար անցաւ նորէն: Աչքերուն արցունքները ուրախութեան փոխուեցան:
Այրերը Կոստանը վար բերին:
— Ծօ աղբար, երկու գեղին հանդերուն ժողովուրդը ոտքի հանեցիր: Ծօ, տղոցդ կանչածներէն, Դաւիթը պատուհանը եկաւ` մօրքրորդի պոռալէն, այս չափ ժողովուրդի ձայներէն, կնիկ-մարդոցը լացերէն` հեչ ականջդ չհասան, ինտոր չարթնացար:
— Անգամ մը ականջիս ձայն մը գիտես քի` եկաւ, — պատասխանեց Կոստան:
— Աղէկ, հայտի մեր ձայները չառիր, ըսենք, Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի, այսօր երեք օր կ՚ըլլայ` կը քնանաս, հեչ չարթնցար, չանօթեցար, չծարաւցար… ծօ, ջուր թափելդ ալ չեկաւ, – հարցուցին այրերը:
— Անգամ մը արթնցայ որ` գիշեր էր, — պատասխանեց, — Ուրբաթ թէ Շաբաթ գիշեր էր, չեմ գիտէր, ելայ նստայ. Ճուհարքարտակի աղբիւրին գորտերը կռռռ… կռռռ… կը կանչէին, հանդը ձայն ձուն չկար, քիչ մը հաց պանիր կար` կերայ, պռկաւորը ջուր կար` խմեցի, ինչ ընեմ` նստիմ ըսի, նորէն պառկեցայ: Անգամ մըն ալ արթնցայ, Շաբաթ առտու էր, Կիրակի առտու էր, չեմ գիտէր, եգիները ձայն ձուն չկար, գորտերը նորէն կռռ… կռռ… կը կանչէին, լուսուն աստղը Թեբթայի Քարին վրայ եկեր էր, ինչ նստիմ` ըսի, նորէն պառկեցայ:
— Հէյ քեզի պէս մարդուն, մեզ վախցուցիր, — ըսին, ու կնոջը դառնալով, — աղջի Խանպակ, աղջի Խանպակենց Աղջիկ, աղջի Դշխու, աղջի Դպրենց հարս, աչքդ լուս, անցած ըլլայ, — ըսին:
Ու երբ ամէնքը գացին, իրենք իրենց մնացին եգին, Կոստանը`
— Խանպակ, — ըսաւ կնոջը, — ես անօթի եմ, ներսիդիս կը մարի, ինչ ունիս:
Մայրը Բուբուլը ղրկեց` հացին վալան բերաւ, մէջը պանիր ընկոյզ, աղի տախդեղ, աղի բեմկի կար. Կոստան նստաւ, կերաւ, տղաքը` Եսօն, Մոսօն, Օննօն ու Խազուկը, Բուբուլը իրենց մօրը` Խանպակին հետ թութ ժողվեցին:
ԲԻՐԻՏԷՏԷՑԻ ՏԻՄԻԹԸ
Այս պատմութիւնս գաւառէն մեկնելէս տարի մը առաջէն է, 1913էն: Այդ թուականին Շապին Գարահիսարէն գիւղս երթալ մը ունիմ, որ ջորեպանի ոտքով երեք օրուայ ճամբայ մըն էր: Եւ որովհետեւ Ածպտեր ալ պիտի հանդիպէի ու հոն պիտի գիշերէի, չորս օրէն գիւղս պիտի կրնայի հասնիլ:
Առտուն քաղաքին տակի զառիվարը իջայ, մարդ մը, պարաններով երկու թեւերէն անցուցած սնտուկ մը շալակը, ետեւէս հասաւ ու`
— Բարի ճանապարհ, — ըսաւ ինծի թուրքերէն:
— Բարի եկար, քեզի ալ բարի ճանապարհ, — ըսի:
Միասին քալեցինք: Խոշորակազմ յոյն մըն էր, Տիմիթ էր անունը, Բիրիտետէէն, մենէ օր մը, ցերեկ մը հեռաւորութիւնով, Չիթէն` Ալիշան պեկին տղուն` Մուսթաֆայ փաշային գաւառին գիւղերէն: Տանը ջորին Գարահիսար տարեր, հազար ղուրուշի ծախեր էր, այդ դրամէն եօթը հարիւր ղուրուշով զոյգ մը եզ պիտի գներ, որովհետեւ նախորդ տարին գիւղին եզերուն մէջ հիւանդութիւն մը ծագէր էր, իրենց երկու եզերն ալ, վարակուելով, մեռէր էին ու առանց եզի մնացեր էին: «Իսկ եզը, — շարունակեց, — տան մը համար ջորիէն առաջ է, առանց ջորիի կ՚ըլլանք, առանց եզի չենք ըլլար: Ինչու որ` մենք ձեզի պէս չենք, մեր ամէն գործը սայլով, եզով կ՚ըլլայ: Լեռան փայտը սայլով կը բերենք, արօտին խոտը, արտին որան սայլով կը փոխադրենք: Արտը եզը պիտի հերկէ, կալը եզը պիտի կամնէ: Մնացած երեք հարիւր ղուրուշով ալ, — աւելցուց, — խրիթ, այսինքն` փերեզակի ապրանք, ներկ, ուլունք, հայելի, եւ այլն առի, գիւղերը տանելու, ծախելու համար»:
— Խրիթճութիւն ինչու կ՚ընես: Հողագործութիւն չէք ըներ, ոչխար չէք պահեր, — ըսի:
— Մեր արտերը քիչ են, կալէ կալ հանած ցորեննիս մինչեւ յաջորդ ամառ չի տանիր մեզ: Կթաննիս` ոչխարնիս, կովերնիս ալ շատ չէ: Երկու եղբայր ենք, շատուոր ենք, մամ ունինք, պապ ունինք, հայր ունինք, մայր ունինք, մենք կանք, մեր զաւակները կան, տասնըչորս հոգի ենք, խրիթճութիւն ալ կ՚ընենք, որ ապրինք:
Իր գիւղը` Բիրիտէտէն գացած չէի, որովհետեւ մեր Կիրասոն կամ Գարահիսար գնալիք ճամբուն վրայ չէր, արեւմուտք կ՚իյնար, բայց իր գիւղացիներէն կամ գացող եկողներէն գիտէի, թէ քուրդերուն մէջ մեն-մինակ յոյն գիւղ մըն էր Բիրիտէտէն: Իրենցինին պէս, յոյն գիւղ մը ըլլալով, երկրորդ մըն ալ Կերճանիս կար` Ղատիքէօյը: Շատ տարիներ առաջ իրենց շուրջը ուրիշ յոյն գիւղեր ալ կան եղեր: Չորս ժամ հարաւը ջաղացք մը կայ, Ուրում Ողլուին ջաղացքը` կ՚ըսեն, յոյն մը կը բանեցնէ եղեր, աւերակները մինչեւ այսօր կը մնան, առու մը լեռնէն` Չենկելլիէն, ամառ, ձմեռ կը վազէ պարապը` փլատակներուն մէջէն: Քիչ վարը Տարըսեքին կայ, որ նոյնպէս յոյն գիւղ մըն էր, քուրդերը հիմա հին կը բնակին: Դէպի հիւսիս, Աղղայայէն Ղզըլղալէէն վեր Կոնդոսին, Պռասդիկը կան, ասոնք ալ յոյն գիւղեր են եղեր: Գետը` Մաթին, անունը անգամ դեռ կը մնայ, յունական գետ մը եղեր է, որ Բախդիարէն եկող գետին կուգայ ու կը միանայ, Այս յոյները երբ եւ ուր գաղթեր են, չենք գիտէր:
Մուսթաֆայ փաշան իրենց գիւղը հող կամ մարապա ունէր, չունէր, լաւ չեմ գիտէր, բայց կը կարծեմ թէ` չունէր: Անշուշտ թէ` յոյն էին, յոյնի անուններով էին, եկեղեցի ունէին, բայց իրենց լեզուն կոշտ ու ծանր շեշտով էր, յունարէն գիտցողները գրեթէ չէին հասկնար: Քուրդերուն հետ ապրելով` քրդացեր էին: Հողագործ էին, ոչխար ունէին, բայց իրենց չէր բաւէր իրենց արդիւնաբերութիւնը: Ջուրը կը վազէ առաջքէն, քուրդերուն պէս անկէ օգտուելու, ծառ մը, պտուղ մը, բանջարեղէն մը հասցնելու վրայ չէին խորհեր: Սոխն ալ բան մըն է, սոխ մը անգամ չունին: Մեր Թեղուտցոնց տղաքը կը պատմեն, թէ կուժ, բզուկ ծախելու կ՚երթան իրենց գիւղը, անգամ մը, ինչպէս կ՚ըլլայ, իրենցմէ մէկուն հացին տոպրակէն չոր սոխ մը գետին կ՚իյնայ, գիւղին տէրտէրը իսկոյն կը վերցնէ, ակռաներովը փուրերը կը մաքրէ, կը խածնէ կ՚ուտէ, քովինին կուտայ, ան ալ կը խածնէ կ՚ուտէ, երրորդին կ՚ուտայ, երրորդն ալ` չորրորդի մը, չորս հոգին գլուխ մը սոխը կուտեն, այնքան որ սոխ մը չունին, ախը կը քաշեն:
Մեր կողմերը շատ կ՚ուգան, արօրձող, մաճ կը բերեն կը ծախեն կամ ժամուն դուռը իրենց փերեզակի ապրանքը կը ցուցադրեն: Մեր կիները, աղջիկները, որոնք աւելի փայլուն բաներ տեսած չեն, կը թափին վրան, կը հիանան այդ տասը, քսան փարանոց օղերուն, մատանիներուն, հայելիներուն վրայ ու չեն բաժնուիր, մինչեւ որ չգնեն: Ձաւարի, կորկոտի կամ ցորենի հետ ալ կը փոխանակեն:
Չեն ածիլուիր, մազ չեն կտրէր, կամ տարին, երկու տարին անգամ մը կը պատահի, որ ընեն: Մեզի բնաւ չեն նմանիր, թուրքի, քուրդի ալ չեն նմանիր: Բնիկ չեն, յայտնապէս` եկուոր են, օտար ցեղէ մըն են, ծովու գոյն աչքեր ունին, դեղին բոցի գոյն մազեր, ու կը տարուիս կարծելու, թէ Քսենոփոնի նահանջ բիւրոցի զինուորներու սերունդէն են արդեօք, որ հոս մնացեր են, չեն վերադարձեր: Տարազնին ալ մերիններէն չէ: Մենք` այրերս, կապոյտ կտաւէ շալվար ու սալթա կը հագնինք, եթէ Պոլիսէն բերած տաբատ, բաճկոն չունինք, մեր կիներն ալ` սուրիական երկայն էնթարիներ, երկայն ճիւպպէ կը հագնին, հարաւի գաւառներու կարմիր կամ կապոյտ գոյներով. անոնք ըսես` ծխախոտի գոյն ներկած իրենց բամպակէ կոշտ շալվարն ու սալթան կը հագնին:
Իրենց գիւղը գացած չըլլալով` իրենց կիներուն տարազը չեմ տեսած, բայց տեսնելու ինչ պէտք կայ: Շապին Գարահիսարի` Թամզարայէ վեր, Էկրիպէլին տակը Ասարճուխը կայ, յոյն գիւղը: Ղուլաղ Ղայայի, Կիրասոնի ձորերու, գահավէժներու յոյն գիւղերը կան, իրարմէ հեռու տուներով, այնքան իրարմէ բաց են, որ ըսենք թէ, օրինակ, մեր տունը Թագսիմ է, երկրորդը` Աղաճամի, երրորդը` Աղահամամ է, ու պատահի, որ իրարմէ լուցկի մը, կամ քիչ մը աղ ուզելու, ըլլան, դուռը կ՚ելլեն, ինչքան ձայն ունին` կը պոռան իրենց յունարէնովը «Սոֆիա… լուցկի ունիս… լուցկի… լուցկի…, կամ` «Աթինա… աղ ունիս… աղ… աղ…» ան ալ նոյնպէս պոռալով «ունիմ… ունիմ…» կամ` «չունիմ… չունիմ…» կը պատասխանէ: Իմ ճամբորդութիւններուս ընթացքին ադ կիներուն տարազը չեմ տեսած, ապահովաբար` Բիրիտէտէցի կիներունն ալ նոյնն է. — գլուխնին կանանչ գծերով սեւ ապարօշ, նոյն գոյներով կարճ ֆիստան` մինչեւ փորերնին լայն գօտիներով, ոմանք` բոպիկ, ուրիշներ տրեխով:
Ածպտերը, ուր պիտի երթայի, երբ յանկարծ երեւցաւ մեր ճամբուն ձախը, Ղզլտաղի ստորոտի բլուրներու երկայնքին` իր տափարակ հողատներով, ես խօսակցութիւնս ընդհատեցի, զատուեցայ Տիմիթէն: Երկու գիշեր մնացի, երրորդ առտուն կանուխ մեկնեցայ: Աշխարովայով չգացի, Արղաւիսէն չանցայ, գետերով փայլփլուն, ու հեռաւորութիւններու մէջ երկարելով հալող հովիտը վարը մնաց, ինծի բացատրուած ճամբով, լեռան փէշերէն Իւզէնկին Տիւզին հասայ: Ալ անկէ անդին իմ գիտցած տեղերս էին: Իսկ Իւզէնկին Տիւզին ալ` ձախդ լեռ, աջդ ձոր, անդադար կը դառնար, քալէ, քալէ` չհատնիր: Երզնկայի դաշտին կը նմանի: Սուրբնգորի լեռներուն տակը քաղաքը կ՚երեւայ, գնայ ու գնայ դաշտը չվերջանար, քաղաքը ուր որ է հոն է:
Ղարաքիւթիւկի անտառը մտայ, գագաթը ելայ, ու երբ, հորիզոնի Հապէշի լեռներուն նայելով, Հաճիպեկին Ղոնախէն Չիթի դաշտը կ՚իջնայի, մեր Վարիգեղի տղաքը` Սամուէլը, Գուրգէնը, որ Գարահիսար խան կը բանեցնեն, դէմս ելան:
— Ճամբադ կտրող չեղաւ, — հարցուցին:
— Ով ճամբաս պիտի կտրէ, ինչ կ՚ըսէք, — հարցուցի:
— Մարդու չհանդիպեցար, անտառը աւազակներ կային, քեզ չկեցուցին:
— Չէ, — պատասխանեցի, անտեղեակ ամէն բանէ:
Աղէկ որ հանդիպող չէ եղեր քեզի, — ըսին, — քանի մը օր առաջ Արաբկիրցիներու քերվան մը կողոպտեցին, առջի օրն ալ բիրիտէտէցի Տիմիթին ճամբան կտրեցին, վրան դրամ կայ եղեր, դրամը, քաղաքէն ապրանք առէր էր, ատոնք, ինչ ունի-չունի` կողոպտէր էին:
— Ինչ կ՚ըսէք, — բացականչեցի, — Տիմիթին հետ էի ես, քաղաքէն մէկտեղ ճամբայ ելանք, զատուեցայ, Ածպտեր գացի, եւ երկու գիշեր հոն մնացի, ըսել է հետը եթէ ըլլայի, զիս ալ պիտի կողոպտէին, չէ:
— Բախտաւոր ես, — ըսին, — Ածպտեր երթալդ քեզ ազատեց:
Սամուէլը ընդմիջեց Գուրգէնին.
— Գացած են, ես քեզի չըսի, ալ չեն կրնար կենալ. Թամզարայի ձորը քերվանը զարնելէն ասդին մեր Գարահիսարի տղաքը ոտնուորեցան, լուր ղրկեցին` «այս տեղերէն եթէ չքաշուիք, չերթաք, այս անգամ ձեր հաշիւը տեսնելու կարգը մերն է, ձեր վրայ մենք պիտի գանք»: Մեր Գարահիսարի տղաքը կ՚ընեն: Սուրէնը, Միհրանը, Աշխարովացի Աբէթը մը կան, որ վախը ինչ է` չեն գիտէր, կը նետուին առաջ: Ղարաբաբախ էին, Կարսի կողմերէն էին, բայց ով կ՚ուզէին` ըլլային:
Բաժնուեցանք: Ճամբան առաջքէս եզան սայլեր կ՚երթային, քսան, երեսուն մը կային, երկայն շարան մը, բոպիկ ոտքերով Չիթի քուրդերն էին, որոնք Ղզըլլըրմաքի գետակունքի լեռնէն գերաններ, կտրուած ամբողջական ծառեր կ՚իջեցնէին: Տիմիթն ալ ջորին քաղաքը ծախեց ու ադ դրամով զոյգ մը եզ պիտի առնէր, ասոնց պէս իր սայլին լծելու, եթէ աւազակները չկողոպտէին զինքը: Մէկ մը ըսի` Բարիտէտէ հանդիպեմ, Տիմիթը տեսնեմ, ետքն ալ ըսի` ինչի պիտի ծառայէր երթալս:
ՄԵՐ ԿԱՐՄԻՐ ԵԶԸ
Իրիկունը մեր դրսի տունը նստեր կը ճաշէինք, պապս`
— Ակոբ, — ըսաւ, — գիշերը երազս մեր կարմիր եզը տեսայ լեռը, քովս եկաւ, երեսները երեսիս քսեց, լզեց, չըլլայ թէ գլխուն փորձանք մը գայ, վաղ առտու մօրդ հետ եզնոցը դարը ելիք գացէք, նայեցէք մէկ մը մեր եզնիքը:
— Հա, — ըսի, — երազն ալ բան է, երազին ալ կը հաւատացուի, ամէն մարդ շատ տեսակ երազ կը տեսնէ գիշերը, իրաւ կ՚ելլեն: Երազի մը համար մինչեւ Ղարա Սըրթը` եզնոցը դարը, ելլենք երթանք:
Պապս ձայնը բարձրացուց.
— Ակոբ, հեչ անասունի վրայ գութ չունիս, հեչ մալի, տաւարի սէր, փափաք չունիս. կորսուեր են, գլորէր են, տեղ մը կոտրեր է, հիւանդցեր են` հոգդ չէ. ծօ մեր ապրուստը անոնցմէ է, եզը որ չըլլայ` արտը ով պիտի վարէ, կալը ով պիտի կամնէ. եզան վաստակն է, որ կ՚ուտենք, կովն ու ոչխարը որ չըլլան, կաթը, մածունը ուրկէ պիտի գտնենք, չըսես:
Մայրս, որ նստեր էր թոռներուն, այսինքն տղոցս կարգը, կինս, որ ունկվրայով ներսի տունէն թանապուր բերաւ, լռեցին:
Մամս` Տէրտիրանց Աղջիկը, որ սեղանին վերի գլուխը պապուս քով նստեր էր, եղբօրը` Տէր Պօղոսին բնաւորութիւնը ունէր, խիստ էր, երկրորդեց.
— Պապդ ինչ կ՚ըսէ` մտիկ չընես, չելլես երթաս: Մօրդ հետ գացէք, նայեցէք ու եկէք: Երազները կ՚ելլեն: Տանը տղան դուն ես: Ով պիտի երթայ: Ինչ ընենք, հարսը ղրկենք:
Ալ չըսի, թէ եզնիքը նոյն տեղերը չեն մնար, ամէն օր տեղ կը փոխեն, Համիէն, Քեշիշ Տիւզիէն մինչեւ Տոստալի տակը, Եփրատը, Ղարայ Սըրթի լեռն է, Եզնոցը Դարն է, ութը, ինը գիւղի եզնիքը կ՚արածին, մեր գիւղինները ով գիտէ` որ կողմն են:
— Աղէկ, աղէկ, վաղը առտու կ՚երթանք, — ըսի:
Առտուն մութին մօրս հետ ճամբայ ելանք: Այնքան կանուխ, որ գիւղին դէմի Սուրբ Եղիայի բլուրը դարձանք, Պանտրծակ կ՚ըսենք, անկէ վար Խաչքարի դարվարին իջանք, անկէ անդին ճամբան կը շտկուի, ճերմակ ալիւրի փոշիի պէս Պարանհողքը կայ, դիմացը ժայռերէն հոսող աշխարհի ամէնէն անուշ ջուրերէն` Մամասալի ջրվէժը, աւելի վար, մեր աջը, նորէն ժայռերուն տակէն բխող Աղիջրակը եկանք, մուսմութ էր: Հոնկէ դարվեր ելանք, խորունկ ձորերուն վրայ նայող երկու կապանները կան, անոնցմէ ալ անցանք ու նորէն դարվար իջանք, այգիներուն գետը Ղարապուտախը, անոր վրայի կամուրջէն Անծեղկայի հանդը եկանք. ին-ճին չկար: Իսկ գետին ձայնը աշխարհքը բռնէր էր: Նորէն դարվեր ելանք, բարձունքը, մեր աջը` շատ վարը Թեղը, Թեղին այգիներր, միւս կողմը, մեր ձախը` գրչիկներու առուն, որ Քաջտանի քարերէն կուգայ մինչեւ հոդ որ եկանք` լաւ մը լուսցաւ, առտու եղաւ: Վարը, պաղլեղի գոյն գետին ջուրերը, Սուլթան Մաղարային, Քարին, Պատերուն, Եղիակին այգիները հատ հատ տեսնուեցան: Եւ երբ Քարնետած եկանք, ուրկէ վարէն նշան առնելով քար կը նետեն, ինկած տեղը սահելուն կամ մնալուն համեմատ` յղիները աղջիկ, թէ մանչ պիտի ծնին` կը գիտցուի, արեւը կարմրցուց Սուրբ Գէորգին ճերմակ մատուռը, Լուսաղբիւրը, բռինչները, Ղասօյին ու Մախսօյին հանդիպակաց փարախները: Ղասօյին տղաքը այծերուն հօտը կը քշէին լեռն ի վեր:
Լուր մը առնելու համար ձորէն մինչեւ փարախները ելանք: Ղընէն` Ղասօյին կնիկը, նստեր էր դուռը, աղբակոյտերուն դիմացը, երկու հարսները` Զուլալն ու Կոհառը, քուրդերն ալ, մեզի պէս, Գոհար անունը ունին, ներսէն դուրս եկան, չգիտենք` ըսին:
— Միայն` երկու շաբաթ եղաւ` ձեր գեղին եզնիքը Բերդհովիտի ետեւներն էին, ետքը ուր գացին` ով գիտէ: Անգամ մըն ալ ձեր եզնոցը հովիւը` Իպօն, Պեկտաղի գացեր էր, եկաւ նստաւ, Ղասօյին հետ խօսեցան, — ըսին:
Հարսները քրդական գօտիով ու քունքէ քունք պղնձէ կարմիր դրամներ շարած ճակատներով, մօրս հագած Շամու գինեգոյն էնթէրին ու կապոյտ չուխա սալթան շօշափեցին, «ղըզ, նէ կիւզել տըր» ըսին ու հիացան:
Ալ չկեցանք: Լեռան միւս կողմը վեց տուննոց ղզլպաշի գիւղ մը կար, Խել — մը — կայ կ՚ըսեն, հոն չգացինք: Ինչ լուր պիտի կրնայինք առնել, նորէն ձորը իջանք: Ու Կարմիր Կապաններու կարմիր ժայռերու մէջէն` Հասան Թանառ ելանք, Ղարայ Սըրթի կապարագոյն մասը: Այս տեղերը մեր գիւղին փայտի դարն էր, վառելափայտին լեռը, Կաղնեստաններու մէջէն ու եզերքէն քալեցինք, որոնք բացաստաններով կ՚ընդհատուէին ու նորէն կը շարունակուէին: Հեռաւոր հորիզոններով աշխարհ մը կար մեր առջեւը: Բինկեանը երեւցաւ Սոսեկի լեռներուն փէշը, աւելի ճիշտը` գոգը, կապտաւուն մշուշի մը մէջ, դիմացը` գետին միւս կողմը, գիւղին այգիներն էին:
Դեղնուկի լանջքերուն տակ Զիմառան տեսանք, պարտէզներու ինչ հոծ կանաչութիւնով մը շրջանակուած: Ու Եփրատի հովիտը, ու Արջուկին Խանը, ու Քերուան Եոռանի ճամբան, որ կը ձգուէր ու կը ձգուէր: Մարդ չկար, բայց վախ ալ չկար, ով պիտի համարձակէր ծուռ նայելու մեզի, մեր գիւղին լեռներն էին, մենք ու խաշնարած քուրդերը կային, որոնք ձմեռը իրենց հօտերով Ղարապուտախի ու Եփրատի քարայրները կը ձմեռէին, իսկ ամառը Ղարա Սըրթի այս արօտները կը բարձրանային:
Գագաթի մը վրայ, որ երկնքին կը դպէր կարծես, միակ կին մը կայնէր էր հօտի մը մէջտեղը, որոնք իր շուրջը կ՚արածէին: Քրդուհի մըն էր: Մինչեւ իր քովը չելանք, վարէն պոռացի,
- Էյ…Կաճճէ…
Կինը մեզի դարձաւ:
- Մեր Պզտիկ Արմտանին եզնոցը տեղը գիտես… Մեր Պզտիկ Արմտանին… Մեր Պզտիկ Արմտանին… Մեր Պզտիկ Արմտանին… եզնոցը տեղը… եզնոցը տեղը… եզնոցը տեղը… գիտես, գիտես — գիտես…
Իւրաքանչիւր մասը խօսքիս` երեքական անգամ կրկնեցի, ինչպէս կ՚ըսենք մենք` հեռուէն հեռու, լեռնէ լեռ երբ խօսելու ըլլանք: Ձայնս Ղարա Սըրթը բռնեց:
— Ինչ կ՚ըսես, — պատասխանեց:
— Կ՚ըսեմ թէ… կ՚ըսեմ թէ… կ՚ըսեմ թէ…— պոռացի ու նորէն, որքան ձայն ունէի, իւրաքանչիւր խօսքս երեքական անգամ կրկնեցի.
- Նըզանըմ — նըզանմ — նըզանըմ, — պատասխանեց։
— Չեմ գիտէր` ըսաւ: Ալ ինչ պիտի ընես:
Տոստալ հասանք, որ նոյնպէս Ղզըլպաշի գիւղ մըն էր: Հողէ տուները այնքան ցած էին, որ` փողոցէն տանիք ելիր, եթէ կ՚ուզես: Այծերը արօտ ղրկեր էին, կիները բաց դուռներուն մէջ մածուն կը հարէին խնոցիներով: Բակերը, փողոցները, ամէնուրեք այծի սպլտուր ու մէզ էին, արեւին տաքութենէն աղբ կը հոտէր գիւղը: Մքայէլ քեռիիս տոսթերն էին տոստալցիները, շատ կուգային քեռիիս տունը, մայրս որ տեսան` խնոցիները հարելը կեցուցին, թափեցան վրան: Քիպարային ու Սալմանին կնիկները մեր թեւերէն քաշեցին, որ իրենցը երթայինք, բայց մենք մերժեցինք, մեր եզնիքը տեսնել եկեր ենք` ըսինք: Մեր Մեծ գիւղին եզնոցը գիշերած ձորը մեզ ղրկեցին, անպատճառ Եփրատին ափերը պիտի ըլլան, — յարեցին, — հովիւներէն կը հասկնաք ձերիններուն տեղը:
Գտանք, ինչպէս բացատրեցին` խորունկ ու ջուրով ձորի մը միւս կողմը, գետահայեաց արօտավայրի մը վրայ ցրուած, կ՚արածէին: Բաղաշտաշի դիմացը եկած էինք, մեր դէմի ափն էին տուները: Հովիւները` Վահանն ու Դանիէլն էին:
- Ետ դարձէք, ետ, ետ, ետ, — պոռացին մեզի իրենց տեղէն, մեր հարցումներին պատասխանելով, — Իպօն` ձեր հովիւը, ձեր եզնիքը Ղարապուտախի միւս ափը անցուց, միւս ափը… միւս ափը… միւս ափը, — Ղափլան Ղայասիէն Ինըսունըիննէն գետը իջէք, գետը… գետը… գետը, — Ամըրքարի դարվերներէն Ճերմակ Քարտակ ելէք… Ճերմակ Քարտակ — Ճերմակ Քարտակ, Խորան աղբիւրին կամ Դեղջուրին երեսները պիտի ըլլան, Խորան աղբիւրին… Դեղջուրին… Խորան աղբիւրին… Դեղջուրին… – հասկցաք… հասկցաք… հասկցաք…
Խորան աղբիւրէն տեսանք: Դեղջուրի ձորին երկու երեսները կ՚արածէին: Հասանք ու մտանք իրենց մէջ: Հովիւը` Իպօն, չկար, աղջիկը Նըզառէն կար, որ Թեփթացի երկու աղջիկներու հետ բոլորուեր, նստեր քար կը խաղային. տղոցմէն կրտսերը` Ասսօն կար, որ Կախմխցոնց տղոցը հետ հովիւներուն լեռը խաղցած տեսակի չալուկ կը խաղային: Նըզառէն մեզ տեսաւ ու վազեց, եկաւ:
— Եզնիքը տեսնել եկանք, — ըսինք ու շրջեցանք, ամէն եզին քովէն անցնելով ու նայելով: Մեր երեք եզները տեսանք, նոյնպէս կնոջս Մարանցինները, Կորջայենցիները, Քեռոնցինները, որոնք խոտերը փրթցնելով ու ուտելով, կ՚ընթանային: Լեռը ու գիշեր-ցերեկ երեք ամսուան բացօթեան ինչպէս գեղեցկացուցեր էին զիրենք: Սեւերը աւելի սեւցեր, ճերմակները աւելի ճերմակցեր, գորշերը աւելի գորշացեր էին: Ամէնուն կոտոշները կը փայլէին: Եզ մը կար, մանաւանդ, նայեցանք ու նայեցանք, ու հիացանք: Արեւէն կը շողային աչքերը, շուրթերը, ճակատը, թարթիչները, մազերը: Ինչ հոյակապ էր, բարձր սրունքներով: Մազերուն գոյնը մեր կարմիր եզինին կը մօտենար, բայց ասորինը կարմիր ալ չէր, կրակի, բոցի, արեւի գոյն մըն էր: Եւ յետոյ` մերինին երկու անգամն էր:
— Արու եզն է, — հարցուցինք Նըզառէին:
Շրթները վերցուց:
— Աղջի, մարդու պէս չխօսիս, որունն է, — յանդիմանեց մայրս:
— Ինչ գիտնամ, Նանէ հարսիկ, պապաս գիտէ:
Մօրս Նանէ հարսիկ կը կանչէր:
Ասսօն ալ չէր գիտէր: Մեծ եղբայրը` Տիապը ըլլար, գիտէր, թէ որունն է, ըսաւ:
Բայց մեր կարմիր եզը չտեսանք, չկար: Նախապէս չկասկածեցանք, որեւէ կողմ մը կ՚արածի` խորհեցանք, բայց աւելի վերջը, երբ երկու ձորերուն յետին անկիւնները ժուռ եկանք ու փնտրեցինք, իրար անցանք: Չկար:
Առտուն պապաս համրեց` լման էին, — պնդեց Նըզառէն:
— Էներուն նայինք մէկ մըն ալ, — ըսաւ մայրս, — չըլլայ, թէ լեռը մազերնուն գոյնը փոխէ ու չճանչնանք:
Որունին, որ եզուն նայեցանք, մեր տան էները չունէին:
Եզներու մէջ ամենագեղեցիկին, բարձրասրունքին, արեւափայլ մազերովին մօտեցայ: Չխրտչեցաւ, թողուց:
Ու մէկէն չհաւատացի, ապշեցայ: Մեր էներն էին: Աջ ականջին տակը իմ նշաններս էին, իրարմէ բաց, երեք հատ: Մեր եզն էր: Այս ինչ էր ըրեր լեռը, ինչ արեւաշող թարթիչներով, արեւաշող ճակատով ու աչքերով եզան մը փոխեր, պայծառակերպէր էր: Ամենէն անուանի արձանագործը եզան մը արձանը շինելու ըլլար, այս աչքերս խտղող, այս արու գեղեցկութիւնը պիտի չկրնար տալ: Երազին մէջ պապուս երեսները լզածին պէս` երեսներս լզեց:
Իրիկունը՝ մեր ընթրիքի ամենօրեայ պահուն, ինչպէս միշտ` լուսաչօք, երբ սեղան նստանք ճաշելու, մի առ մի պատմեցի:
ԻՄ ՏՂԱՅՈՒԹԵԱՆՍ
Իմ տղայութեանս իմ գաւառիս, ինչպէս իմ գիւղիս, մէջ փոքր տարիքով տղաքը կարգելը յաճախադէպ էր: Իմ երկրացիներս շատ բնական կը գտնէին այս կարգի ամուսնութիւնները, երբեմն նոյնիսկ հօրմէն, մօրմէն աւելի` իրենք կ՚ըլլային ստիպողը, տղան կարգողը: Մերերոնց Աղան ըսեմ, որ իմ գերդաստանէս էր, մենէ բաժնուած մեր միւս տունէն էր: Տասը տարեկան էր, որ կարգեցին: Ու երբ թագւորութեան՝ այսինքն` փեսայութեան, ծիրանի պինիշը հագցուցին, ժամ տարին պսակելու, այնքան երկայն եկաւ իրեն, որ հարսնեւորները ծայրերը վերցուցին: Հարսը հասակով ու տարիքով իր երկուքն էր: Բայց ինչու այդչափ պզտիկ կարգեցին: Կարգողները մօրմէն աւելի մերերը` մեր Տեմուրճենց երկու տուները եղան: Ինչ ընէին, տունը աշխատող չկար: Հայրը` Մարտիրոս պապս, Ըսդանպոլ էր, կը պանդխտէր: Ճանօն` եղբայրը, իրմէ երեք տարի պզտիկ էր, իսկ տունը մէկ կնիկով մը, մինակ մօրով մը կը դառնար: Տանը եփին, թափին, ախոռին, ոչխարին նայէր, թէ դուրսի արտին, խոտին, եգիին հասնէր: Հարսը ինչու կ՚առնեն: Ամէն մարդ ինչու հարս կ՚ուզէ: Աշխատելու համար: Տունը, ախոռը աւլէ, աղբը շալկէ, տանի աղբընոցը թափէ, տունը ջուր չկայ` կուժը շալկէ ջուր մը բերէ: Լեռը խոտ քաղող, դաշտը արտքաղոց, եգին փորող, բահող մը ունենալ։ Հարս ըսածդ` ասոնց համար է: Զաւակ բերելը երբ ըլլայ` կ՚ըլլայ: Թող տղան մեծնայ, էրիկ մարդ ըլլայ ու զաւակ ունենայ: Հիմա իրմէ զաւակ սպասող չկայ:
Խնկենց Աղան ինչքան մըն էր, որ կարգեցին։ Մերերոնց Աղայէն ալ տարի մը պզտիկ էր։ Մերերոնց Աղային պէս` անոր ալ բուն անունը չէր: Իմ երկրացիներս Աղա, Ճանօ, կամ Աղուոր, Պեկոյ կը դնէին տղոցը անունը, մեռած սիրելիի մը, կամ` մեռած հօր, եղբօրը անունը տանը մէջ յաւերժացնելու համար, ու բուն անուն չէին կանչեր, չյուզուելու, սրտերնին վեր չելլելու համար: Խնկենց Աղան շուտ մը կարգեցին, որովհետեւ տանը մինակ արուն էր, պապերը, հայրը, հօրեղբայրները, ամէնքը մեռած էին, ու` որպէսզի սերունդը չանցնէր, տունը շարունակուէր: Յետոյ, նոյնքան ալ երկրորդ պատճառ մը։ Տունը կնիկ շատ կար, մամեր, հարսիկներ ունէր, ամէնքն ալ այրի ու պառաւ էին, արտը, լեռը գացող չէին: Մինակ մայրը` Արխանը, կար բանող: Մինակ անով կ՚ըլլար: Հարս մը պէտք էր: Աղան ալ չըլլար, մամերը, հարսիկները ուրիշ բան մը պիտի ընէին: Գիւղին մէջէն, կամ դուրսի գիւղէ մը` տղայ մը, աղջիկ մը պիտի առնէին, Խնկենք պիտի ընէին: Խանըմենց Մքօն անանկ չեղաւ: Տաղլուենց Վարդօյին առին` Տաղլուենց Մքօ եղաւ: Մաղեկանց Գարեգինը մեռաւ, Մաղիկ Մաման ալ մեռաւ, տունը մարդ չմնաց: Գիւղացիները Հասան ավայէն Պալենց Ահարոնը բերին, գեղէն ալ Տէրտիրանց Մարօն առին, կարգեցին, Մաղեկանց Ահարոն, Մաղեկանց Մարօ եղան, իրենց առջի մականունները մոռցուեցան: Գիւղին համար կարեւորը հարազատութիւնը չէր, տանը անունին շարունակութիւնը, տունը չգոցուիլը, օճախը չմարիլն էր:
Գալենց Րահաթ Մամային թոռը` Աղուորը, ինչ էր: Քանի մըն էր: Ինք ծնած չէր, որ հայրը մեռեր էր` կը պատմէին: Ան ինձմէ ալ պզտիկ էր: Ես Մայրենի Լեզու կը կարդայի, ան հեգարան կը կարդար, երբ մամը, հօրքուրները, մորքուրները, ժողվուըեցան ու կարգեցին:
Մեր մարագին պատկից Հայան Հարսիկին Մուշէն չըսեմ, որ տարեկից էր ինծի, նոյն օրը, նոյն աւազանը մկրտուեր էինք երկուքս ալ: Հայան Հարսիկը միշտ գիշերը կը դառնար տունը էշովը` եգիէն կամ լեռնէն, արտէն: Էշը ախոռը կը տանէր, օճախը պիտի վառէր, բան մը պիտի եփէր, որ Մուշէին հետ ուտէին: Այդչափ ուշ ինչ կ՚եփուէր: Եթէ պահք էր, ձաւար պիտի խաշէր, տախդեղով, սխտորով ընկոյզ պիտի ծեծեր, վրան անցընէր, ժուր պիտի պատրաստէր, եթէ ուտիք էր` դգալին ծայրիկովը եղին կճիկէն եղ պիտի հալեցնէր, քանի մը հաւկիթ պիտի կոտրէր, ջուրով ու կարմիր տախդեղով ջրվրայ մը պիտի եփէր: Աս կը քաշուէր ամէն օր: Մերերոնց վարի տունէն Գոբբալ մամս. «Հարս, աս տղադ չկարգես» կ՚ըսէր ամէն օր: «Ինչ ընեմ, Գոբբալ հարսիկ, շատ պզտիկ է, խելքը չհասնիր, կարգուիլը ինչ է չի գիտէր» կը պատասխանէր: «Թող չգիտնայ, թող պզտիկ ըլլայ, — կը բարկանար մամս, — մինակ թէ հարսը մեծ ըլլայ, քեզի հարսը պէտք է, հարսը տղուդ պիտի չառնես, տանդ համար պիտի առնես» «Մուշէ, ծօ, — կ՚ըսէի Մուշէին, իր վրայ խօսուածները լսելով, — Գոբբալ մամս քեզ պիտի կարգէ»: «Գնայ, ծօ, թող ըսեն, ես չեմ կարգուիր, կարգուիլը ինչ պիտի ընեմ», — կը պատասխանէր:
Մուշէն որ պսակեցին, իմ խելքս ինչքան կը հասնէր կարգուելուն, ես ինչ գիտէի: Անգամ մը պատմած եմ ձեզի` Բարիկանց Նանօյին վրայ: Ամառը գրեթէ ամէն օր ես անոր հետ էի: Մայրը` Թումասը, անունը Հայոց էր, Թումասենց աղջիկ ըլլալուն` Թումաս կ՚ըսէին, մեր անուշ ջուրին աղբիւրը կը ղրկէր մեզ: Շատ քիչ վազելուն` Նանօյին հետ կուժ կը պահէինք: Միշտ եօթը ութը կուժ մերինը կ՚ըլլար, այնչափ մըն ալ` անոնցինը: Ամէն օր հարիւրներով կուժ կը շարուէին աղբիւրին շուրջը: Արտուորը, խոտուորը, կալուորը ջուր կ՚ուզեր: Յաճախ մինչեւ մթնելը մեր կարգին կը սպասէինք: Թումասը, որ մօրս հետ պաճըլըխ էին, ամէն անգամ «Ակոբին հետ եղիր, տեղ մը չերթաք, չզատուիք, կարգերնիդ չփախցնէք» կ՚ըսէր Նանօյին: Ցերեկուան ճաշելու հաց ու պանիր կը բերէր, մերերն ալ մեր տունէն կը բերէին: Նանօն խորունկ ունկվրայի մը մէջ, մինչեւ պզպզուն ըլլար, ջուր կը լեցնէր, չախուն կը հանէր գրպանէն, որ բարակ շղթայով մը գօտիին կապած էր, մեր աղջիկները առանց չախուի` զմելիի, չէին ըլլար, պանիրները կը մանրէր ջուրին մէջ, ես ալ, Նանօն ալ` մեր հացերը կը կոխէինք ջուրը, մեր մատներովը պաղ պաղ պանիրները կը հանէինք, կ՚ուտէինք: Ետքն ալ, երբ գիտէինք, թէ մեր հերթին դեռ շատ կար, կը պառկէինք, կը քնանայինք հողերուն վրայ: Նանօյին երեսները կլոր չէին, քիչ մը երկայն էին, երկու երեսներուն ճիշտ մէջտեղերը կարմրուկ էին: Գարունները, Զատիկէն ետքը ես մեր ուլերը, գառները, ան ալ` իրենցինները, մօտակայ Ավազանի ձորին բլուրները կը տանէինք` արածելու: Ինչ արածել: Ծծկեր էին ամէնքն ալ, իրենց մայրերը կը ծծէին, խոտ ուտել չգիտէին: Խոտերը կը փրթցնէին, իրենց քթիկներովը բըռթ… կ՚ընէին կը նետէին ու կը վազէին Պեկիշենց ձորին կողմը, Մեղուընոցին կողմը, Կաքվուկի քարին ուղղութիւնովը, ես ու Նանօն ալ` արեւներէն չորցած, կռնծած տրեխներով, երբեմն ալ կ՚ելլէր մեր ոտքերէն, անոնց ետեւէն, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, մինչեւ որ առջեւնին կտրէինք, ետ դարձնէինք: Իրենց մայրերէն զատելու համար էր, որ կը պտտցնէինք: Եթէ թողէինք, որ անոնց հետ արօտ երթային ու մինչեւ իրիկուն քանի ուզէին` ծծէին, քուրջ կը դարձնէին այծերուն, մաքիներուն պտուկները, պտիկ մը կաթ չէին ձգէր մեզի, որ կթէինք ու մենք ուտէինք: Մեր երեք տուներուն հօրքուրներս ու մորքուրներս` «Ակոբ, Նանօն քեզի առնենք», Նանօյին մօրը` «Թումաս, Նանօն Ակոբին նշանենք» կ՚ըսէին: «Գնայ, պէ…— կը բարկանայի ես, — ես չեմ կարգուիր, կարգուիլը ինչ պիտի ընեմ» կ՚ըսէի: Քիչ մը գիտէի կարգուիլը ինչ է, բայց չէի ուզէր, միայն շատ կ՚ախորժէի Նանօյին երկու երեսներուն երկու կարմրուկներէն. անուշ զգայնութիւններ կ՚ունենայի:
Մեր բոլորտիքը ինը գիւղեր կային, Կոստըկայ կըսէինք միայն ան թուրք էր, միւսները քրդու ու ղզլպաշի գիւղեր էին: Անոնք ալ մեր Աղային, Մուշէին տարիքը տղաքը կը կարգէին: Քուրդ Կախմըխիի Ղանպեր աղան, որ ամէնէն ունեւորն էր գաւառին մէջ, միշտ նոփ նոր կապոյտ չուխայէ սալթա, կապոյտ չուխայէ շալվար կը հագնէր, մինչեւ փորը մօրուք մը ունէր, թոռը` Զեյնօն, որ կարգեց` քանի մըն էր: Կախմըխցոնց տղաքը, որ Կապուտ Կապների արտերը կուգային` գերի կը խաղայինք, չալուկ կը խաղայինք, Զեյնօն ամէնքէս պզտիկ էր։ Չէինք խաղցնէր, կը նստէր, կը դիտէր, չալուկը հեռուն որ թռէր` կ՚երթար կը բերէր:
Գինանու արտերն ու մերինները խառն էին: Գինանցիք ղզլպաշ էին: Գինանփողներու մեր տանը շատ մը արտերը Սէլիմ աղային արտերուն կից էին: Երբ Սէլիմ աղան իր թոռը` Օշիկը, որ կարգեց` մեզ ալ հարսնիք հրաւիրեց: Մամս իր կողմէն մայրս ղրկեց: Լացի, պոռացի: Մայրս զիս ալ տարաւ հետը: Հարսը բերելու թափօրին հետ մենք ալ գացինք հարսին գիւղը` Թափուռը, որ Թեղուտի Ապուզտայի լեռան ետեւը երեսուն տուննոց գիւղ մըն էր, Օրանիկի լեռներուն կը նայէր: Ձի հեծցուցինք ու թէ աղջկան, թէ փեսին հարսնեւորներովը Գինանա բերինք, Օշիկին հետ կարգեցին: Օշիկը ղզլպաշներու սիրական գոյներով դեղին, կարմիր գլխի փուշիին, նոր մինթանին, կապոյտ չուխայ շալվարին մէջ աւելի պզտիկ երեւցաւ ինծի: Իսկ հարսը բարակ, երկայն աղջիկ մըն էր: Արտքաղերուն Կաւին Դարը իրենց արտերն որ կուգային, ղզլպաշ կիներու մինչեւ կրունկները հասնող կարմիր քօղը կռնակը կը նետէր, ինչ արագութիւնով ու կշռոյթով արտ մը կը քաղէր, մանգաղ կը շարժէր: Գեղեցիկ էր: «Օշիկին` ինչին, պապը` Սէլիմ աղան, հարուստ էր, անոր հարստութեանը տուին Թափուռցի աղջիկը», կ՚ըսէին:
Զնզնուտցիք ալ ղզլպաշ էին: Ալի էֆենտիին Ատր Կիւզելը երբ կարգեցին, ճղճիմ տղայ մըն էր: Մէլէքը առին անոր, որ մէկ մը կարգուած ու էրիկը մեռած էր: Մէլէքը ըսես` ըմբիշի մը թեւերը ու մարմինը ունէր: Ատը Կիւզելը Մէլէքին քով կը կայնէր` մէջքի գօտիին անգամ չէր հասնէր գլուխը, իրենց ջորին չէր կրնար հեծնել: Մէլէքը կը գրկէր ու կը հեծցնէր: Մէլէքը հօրենական տունէն շատ արտեր ժառանգած էր, իր արտերուն միացնելով սեփականացնելու համար իր տղուն առաւ ու իր հարսը ըրաւ Ալի էֆենտին:
Բայց երբ իմ գիւղիս Առքենց Պեկօն որ կարգեցին, աս պատմածներուս մէջէն ամէնէն պզտիկն էր: Անոր տարիքը տղայ մը կարգուած չէր ոչ միայն իմ, այլեւ շրջակայ բոլոր գաւառներուն մէջ: Ամէնքը զարմացան, երբ լսեցին, որ Պեկօն կը կարգէին: Մամը, Տիւկէ Մամա կ՚ըսէինք, ան կարգեց: Հայր չունէր, մօրը փորն էր, որ մեռաւ: Մայրը, մամը ու ինք էին: Տիւկէ Մամա կ՚ըսէինք մամուն, որովհետեւ տիւկէի` երինջի ճակատ մը ու աչքերը ունէր, ախոռէն դուրս հանուած երինջի մը պէս կը նայէր դռնէն անցնողներուն: Մամը չանսաց ոչ մէկուն ըսածին, Քեմախի ու Կերճանիսի գիւղերէն` Թորդանէն աղջիկ մը առաւ Պեկօյին: Թորդանցի աղջիկն ալ, փոքր տարիքով բոլոր տղոցը առած աղջիկներուն նման, Պեկօյին երկուքն էր: Ուժեղ ալ էր, մեր աղջիկներուն մէջ անոր չափ կարշնեղը չկար: Մեր Մեծ գիւղին Առաջնորդ վարդապետին յատուկ աթոռին վրայ կայնեցուցին ու հարսին հետ պսակեցին: Ու երբ հարսնիքը վերջացաւ, գիշեր եղաւ, կարգը եկաւ հարսին հետ պառկելու, այնչափ տղայ էր եւ խելքը չէր հասնէր, որ իր մայրը զատ համոզեց, մամը զատ համոզեց, Առքենց միւս տունէն Խուրնաւուլցի Մաման զատ, «Հարսին հետ պիտի պառկիս, հայտի գնայ պառկէ անոր հետ», ըսին, «ես անոր հետ չեմ պառկիր» ըսաւ: Ինչ ըրին` չգնաց, ամէն գիշերուան պէս` մօրը հետ պառկեցաւ: Լման երկու տարի հարսը մինակ պառկեցաւ: Չարքաշ ալ էր: Ամէն առտու իրիկուն ներսը, դուրսը, ախոռը, բակը կ՚աւըլէր, աղբը կը տանէր աղբանոցը կը թափէր, ոչխարը, կովը կը կթէր` արօր կը ղրկէր, կուժը կը շալկէր` ջուր կը բերէր, արտ կը քաղէր, խոտ կը քաղէր, ու գիշերը մինակ կը պառկէր: Պեկօն ալ մօրը ծոցը: Ետքը ինչպէս եղաւ, չհասկցուեցաւ, հարսը համոզեց, թէ ինքը վարժուեցաւ, ալ մօրը ծոցը չգնաց, հարսին հետ կը պառկէր:
ԹԱՄԱՄ ՄԱՄԱՅԻՆ ԱՐՄԱՆՔՆ ՈԻ ԶԱՐՄԱՆՔԸ
Գալենց Մեծ Տանը Թամամ Մաման` լուսհոգի Բարնակ աղային կնիկը, հացատուն մտաւ հաց առնելու համար: Մշակին առտուան ճաշը պիտի դնէր, որպէսզի ուտէր, եզնիքը ախոռէն հանէր, արտը աշնցանի երթար: Հացատունն ալ ըսես` երեք օր առաջ թոնիրը վառեր, ամսուան մը հացը եփէր էին, անցնելիք, դառնալիք տեղ չկար կախուած հացերուն մէջէն:
Թամամ Մաման մինչեւ ձողերը, կտցանները չգնաց, ամէնէն առաջքի տարծոցէն եօթ հաց առաւ, միասին ունկվրայ մը ջուր, ու խոշոր սալայով մը դրսի տունը եկաւ: Հաշիւը ըրած էր. ամէն առտու Ովակին չորս թերթ կը թրջէր, երկուքը` տունը ուտելու, երկուքը` հետը արտը տանելու: Այդ օրը ան չկար, իր տունը գացեր էր, տեղը հայրը եկեր էր, երկու հացով, կարելի է, չէր կշտանար` երեքական ըրաւ, մէկ մըն ալ իրմէ աւելի դրաւ, թող եօթը ըլլար, աւելի գար, պակաս չգար, աւելին նետելու չէր, հարկաւ, խորհելով: Ու մէկ մէկ ունկվրային վրայ բռնեց, ափովը իւրաքանչիւրին երկու երեսը ջուր ցանեց, սալային մէջ իրարու վրայ պառկեցուց, վալայով ալ ծածկեց, որ կակուղնային:
Պապուճանը` Ովակին հայրը, որուն մազն ու մօրուքը երկնցեր էին, տարին անգամ մը` Զատկէ Զատիկ ածիլուելուն, կապերտով տոշկուած հողատախտին վրայ նստեր էր, Թամամ Մամային կը նայէր, որ մեծածաւալ լաչակով գլխով ու կարճ հասակովը կ՚երթար կուգար, սեղան կը պատրաստէր իրեն: Նախ` աթոռակով սինին բերաւ ու հաստատեց առաջքը, յետոյ հացին սալան մօտեցուց: Հացերը կակուղցէր էին, երեք հատ հանեց, երկնցուց սինիին վրայ: Ետեւէն, ինչպէս ամէն առտու կ՚ընէր, պղնձէ ափսէ մը առաւ, մառան մտաւ, նոր բացուած կճիկին մէջ դգալը կոխեց, շատ ըլլայ, քիչ չըլլայ` ըսելով, ուրուպով մինչեւ ալ չառնելու աստիճան լեցուց ամանը ու սինին բերաւ: Երկրորդ ափսէ մը առաւ, այս անգամ` ամէնէն խորունկներէն, ապուրիններէն, ու, ինչպէս բոլոր պղնձեղէններուն` ասոր վրայ ալ «Գալենց Բարնակ» փորագրուած, թթվնոց մտաւ: Ամէն տեսակէն խառն թթուին բզուկին գլուխը անցաւ, տոլը կոխեց մէջը, մինչեւ շրթերը լեցուց լօլիկով, տախդեղով, ազատքեղով, ստեպղինով ու, նոյնպէս սինին բերաւ: Պանիրին բզուկէն չորս մեծկակ լեսպ պանիր հանեց, չորս գլուխ ալ չոր սոխ, ատոնք ալ բերաւ ու, ամէնէն վերջը, մեծփոր լօշիկով մը պզպզուն ջուր դրաւ՝
— Հրամմէ, դուն կեր, Պապուճան աղբար, — ըսաւ:
Յետոյ, աւելցուց,
— Դուն մինչեւ փորդ կշտացնես, ես երթամ ախոռը, գոմը աւլեմ, աղբերը աղբընոցը տանիմ ու գամ: Առտուն կանուխ, հարս-աղջիկ, ամէնքը Ճերմակ Քարտակի եգին ղրկեցի, տունը մինակ ես եմ:
Ու ախոռին կողմը գնաց: Բացի երկու եզներէն, ոչխար-ըռզակ` արօտ գացեր էին, դռները բաց ձգեր էին, թէ ախոռներուն, թէ երկու բակերուն նէրսը, դուրսը գիշերուան մէզերով, աղբերով ծածկուած էին: Թամամ Մաման ցախաւելով ամէն կողմ աւըլեց: Այծի սեւ սպլտուր մը անգամ չթողուց աղքարերուն տակը, նորէն աղ ցանեց անոնց վրայ, որ իրիկունը դարձին գան ու լզեն, մսուրներուն կերերէն աւելցածները, հողը, խիճերը թափեց, մաքրեց, չոր աղբը թացէն զատեց, մսուրներուն ներքեւ տըւաւ, գիշերը նորէն փռելու համար, որպէսզի սալարկուած կարծր յատակին վրայ չնստին ու որոճան, մէզերուն թացութիւնը չորցուց, յետոյ ալ աւըլածները կողով կողով շալկեց, գեղեզերքի իրենց աղբնոցը տարաւ ու պարպեց:
Պապուճանը, մինակ մնալով, նայեցաւ սինիին վրայ իր առաջքը դրուածներուն: Տանձին կային ասոնք: Առտուն, շատ շատ կորկոտէ խոշուք ապուր մը պիտի դնէին, որ ուտէր ու երթար: Ամենէն առաջ սա ափսէին ուրուպը, որուն, ինչպէս գիտէք, նոր եփուածը սեւ ու ջրուտ կ՚ըլլայ, ամիսներու ընթացքին է, որ կը դեղնի, կը թանձրանայ, կը շաքարոտի: Թամամ Մամային բերածը հելուայ դարձեր էր, ուր է` շաքարով, իւղով ալիւրէ հելվայ կը շինեն, ան հելվան, կամ` հելվայ ալ չըսեմ, մեղր ըսեմ, որ մեղրը, ուր է` բջիջներէն կը պարպուի, առանց չեչի, առանց մեղրամոմի, զուտ մեղրը կը մնայ, ադ մեղրը դարձեր էր: Իր գիւղը ուրուպ կար: Թութ կար, թթենի կար, որ ուրուպ ըլլար: Ըլլար նոյնիսկ, ով պիտի շահանցըներ, Տանձեցոնց կնիկները: Հա Տանձեցոնց կնիկները, հա բոշայի կնիկները. անոնց պէս կարմիր, փոշեցանով կէտկիտուած երեսներով, կարելի է եթէ անոնցմէ ալ են` ով գիտէ: Անոնք աղուոր պտուկ շինել գիտեն, իրենց գիւղի սեւորակ հողն ալ մէկ հատիկ է ատոր համար, ինչպէս Թեղուտցոնց կնիկները իրենց կարմիր հողովը կուժ, բղուկ, պռկաւոր կը շինեն: Անոնց շինած պտուկներուն մէջ, մենք` հերիսայ կ՚ըսենք, դուք քեշկեկ կ՚ըսէք, մենք` խաշ կ՚ըսենք, դուք` բաչա կ՚ըսէք, ով թոնիր վառեր, հաց եփէր է, կը տանինք, ակիշներով երկու ունկերէն մէջը կ՚իջեցնենք, խուփերով կը խփնենք, թոնիրին վրայ ալ կը ծածկենք, մինչեւ առտու կ՚եփին, եթէ թոնիրը եփուած հերիսայ կամ խաշ կերած չէք, չէք կրնար գիտնալ ինչպէս համով, հոտով կ՚ըլլան:
Թթու ունէին: Այն աղով դրուածները, այն աղիտախդեղի, տոլտախդեղի թթուները, որ քանի բերանդ այրեն` ուֆ, ուֆ կ՚ըսես, հետը կռիւ ընելու պէս` նորէն կ՚ուտես. կամ` լոլիկի, կաղամբի, ստեպղինի թթուները։ Տուներուն կիցը ածուք` բանջարանոց չունէին, որ բանջարեղէն մշակէին: Ունեցածնին` արտերուն մէկ ծայրը, քանի մը տուներու իբր թէ տասը տասնըհինգ կաղամբները կ՚երեւան, ատոնք են, հաստ, կապոյտ տերեւներով սեւ կաղամբ ըսուած տեսակէն են, կորկոտի, ձաւարի հետ եփելով` ապուր կ՚ընեն, կը գդալեն: Թամամ Մամային շինած կաղամբի թթուն ճերմակ-ճերմակ տերեւներով, Տանձեցիք իրենց կեանքին մէջ տեսած ունին: Անոր ջուրը միայն ըլլայ ու խմես` կը բաւէ. ինչպէս ներսիդիդ կը բացուի, կ՚ոգեւորուիս: Հապա ապուրի ուսկուռա թասով բերած տախդեղով, լոլիկով, ստեպղինով խառն թթուն: Անոր կարմիր, նռնագոյն, գինեգոյն ջուրին մէջ հացդ թաթխես, ադ հացը ուտես, հետը տախդեղ մը, ստեպղին մը, վրայէն ալ ջուրը խմես, դեղը ինչ պիտի ընես, դեղը աս է, համադեղ է: Բոլորտիքի գիւղերէն այլազգի կնիկները կուգան, աման աման կը տանին իրենց հիւանդներուն. «Խեսթէ իչին, իչի եանիոր» ըսելով, «օճանը իսոթ իսթիոր» (տախդեղին, այսինքն` պղպեղին, իսոթ կ՚ըսեն), «Ճանը լոլիկ իսթիոր» (անոնք ալ լոլիկ կ՚ըսեն լոլիկին)… «Ճանը մաղտանոս, բեզիկ, փիռչիքլի իսթիոր» (ճակնդեղին` բեզիկ, ստեպղինին` փիռչիքլի կ՚ըսեն)… ամէն խնդրանքի ալ` «էօլուլերինիզին ճանը իչին» կ՚աւելցնեն: Ետքն ալ կուգան, կ՚աւէտեն, «Իսոթը եէտի, փիռչիքլիի եէտի, սույունու տա վէրտիք, իչթի, կեօզիւնու աչտը, էյլէ էյի օլտու քի, չոխ չոխ տուա էթթի սիզէ»
Պապուճանը, չէք գիտէր` ինտոր կերաւ Թամամ Մամային բերած ճաշը: Ուրուպէն սկսաւ: Կերաւ ու կերաւ: Մէկ մը, մէկ մըն ալ, մէկ մը, մէկ մըն ալ: Թունդ անուշը այրեց ներսը, հոգին թթուէն ուզեց: Հացը թաթխեց ջուրը, ստեպղինով մը, դեղին տախդեղով մը կերաւ: Կծու էր: Աւելի լաւ: Թող կծու ըլլար: Չգոհացաւ: Նորէն հաց մը թաթխեց ջուրը: Հոգին լոլիկ մը ուզեց: Լման լոլիկ մը: Թաղեց բերնին մէջ, ակռաներով սեղմեց, լոլիկին ջուրր մրմուռ-մրմուռ պարպուեցաւ, լեցուն, զովացուց բերանը, հոգին նորէն ուրուպէն ուզեց: Հացով վերսկսաւ ուտել: Մէկ մը, մէկ մըն ալ: Առջեւի երեք հացերը հատան: Սալայէն, հետը արտը տանելիք հացերէն` չորրորդն ալ հատցուց: Ափսէին ուրուպն ալ հատնելու մօտ էր: Բայց ներսը նորէն այրեց: Հոգին սոխ մը ուզեց: Նախ միջուկը, ծիլը կերաւ, չգոհացաւ, ամբողջը կերաւ հացով: Հացը թթուին ջուրը կոխեց, հացը լխպիկցաւ, ստեպղին մը կերաւ հետը, երկրորդ մըն ալ, տախդեղ մը կերաւ, երկրորդ մըն ալ, փունջ մը ազատքեղէն կերաւ, երկրորդ մը եւս: Հետը տանելիք սալային հինգերորդ հացին սկսաւ: Ուրուպի վերջին մնացորդն ալ հացով սրբեց ու կերաւ: Հոգին ջուր ուզեց: Լոշիկը վերցուց բերնին: Խմեց, կէս ըրաւ ջուրը: Ներսը զովացաւ: Հոգին պանիր ուզեց, պանիրին դարձաւ: Սոխով միասին կերաւ։ Դեռ սալան երկու լման հաց կար, կէս հաց մը, կէսի մըն ալ կէսը: Երեք լեսպ պանիր, երեք հատ ալ սոխ: Շարունակեց հացով միասին սոխ ու պանիրը ուտել: Պանիրը աղի էր, թող աղի ըլլար: Սոխը կծու էր: Թող կծու ըլլար: Աւելի գրգռեցին ախորժակը: Հացին կտորը, յետոյ, կէս մը կար` ան, յետոյ վեցերորդ հացը երկու լեսպ պանիրին հետ կերաւ: Արտը հետը տանելիքներէն վերջին սոխ մը, վերջին լեսպ մը պանիրը, վերջին լման հաց մը, թթուին մէջ տախդեղ մը, լոլիկ մը մնացին: Անոնք ալ կերաւ. թթուին ջուրէն քչիկ մը մնացեր էր, ան ալ բերնին վերցուց, լոշիկը դեռ ջուր կար, ան ալ խմեց, հատցուց։ Ու ոտքի ելաւ, ախոռ գնաց, եզները դուրս հանելու:
Թամամ Մամ ան ալ ախոռներէն տուն մտաւ սինին վերցնելու, ճաշէն աւելնալիք սոխը, հացերը, պանիրը, արտը տանելիք տոպրակը դնելու Պապուճանին տալու, որ հետը տանէր:
Ու արմնցաւ, զարմացաւ, կայնած մնաց: Սինին, հացին սալան պարապ էին: Եօթը լման հացէն` հաց չկար, չորս լեսպ պանիրէն պանիր չկար, չորս գլուխ սոխէն սոխ չկար:
— Մրիկ… ամէնքը կերեր է, — ըսաւ իւրովի, ու չհաւատաց, հաւատալը չեկաւ:
Բակը գնաց որ` Պապուճանը, ասորի տէրտէրի մը պէս` մազով մօրուքով, երկայն մաստան ձեռքը, եզները դուրս հաներ էր, կը սպասէր:
— Ինչ ըրիր, Պապուճան աղբար, ամէնքը կերար, — հարցուց:
— Կերայ, ամէնքը կերայ, — պատասխանեց, կերի սպասող գահ եզի մը քովնտի նայուածքով իրեն նայելով:
Ինչ ըսէր:
— Քանի հաց դնեմ հետդ արտ տանելու, երեք հացը կ՚օգտէ, հերիք է:
— Չորս հաց մը դիր, դուն գիտես, ըսաւ:
— Պանիր, սոխ քանի հատ դնեմ:
— Երեք լեսպ պանիր, երեք հատ ալ սոխ, — ըսաւ:
ԱՀԱՐՈՆԻՆ, ՄԱՐՈՅԻՆ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆԸ
Մուշէենց պէս` Ահարոնենք ալ մեզի պատկից էին: Մուշէենց տունը մեր մարագին ու ախոռին, Ահարոնինը` մեր բակին հետ, պատ պատի էինք: Մուշէենք չարդախ մըն ալ ունէին իրենց երդիքը, մէջը օճախով մը, ամառը մինչեւ աշնան ետքի Խոյի, Ավըրայի ամիսները հոն կ՚եփէին, կը թափէին, հոն կը պառկէին, կ՚ելլէին, հաց եփելէ հաց եփել միայն իրենց վարի տունը կ՚իջնային ու թոնիրը կը վառէին, որ ըսել է` ամիսը անգամ մը միայն, որովհետեւ մենք ամիսը անգամ մը ամսուան մը բաւելու չափ հաց կ՚եփէինք ու տարծոցը պարաններէն կը կախէինք, որպէսզի չորնային, ետքն ալ, ամէն ճաշի` որչափ պէտք էր, ջուր կը ջրցքնէինք, սալային մէջ իրարու վրայ կը շարէինք ու վալայով մը կը ծածկէինք, բամբակի պէս կը կակուղնային, սեղան կը բերէինք: Ալ ուրիշ գործ չունէինք` ամէն օր մենք թոնիր պիտի վառէինք ու հաց պիտի եփէինք:
Ահարոնենք երդիքը չարդախ չունէին, բայց պէտք ալ չունէին: Տունն ու բակը կը բաւէր իրենց: Բակին ետեւը ախոռ ու մարագ ունէին` կովը, էշը կապելու, յարդ ու խոտ լեցնելու, տունն ալ ալիւրի, ցորենի անպար ու կրակ վառելու օճախ կային: Հաց եփելու թոնիր ալ ունէին: Լաց ալ չեփէին, չուլերով, կապերտով լաւ մը կը տոշկէին ու կը նստէին: Ձմեռներն ալ փայտ կը վառէին մէջը, քիւրսիւ կը դնէին վրան ու բոլորուելով կը տաքնային: Պատուհանը պզտիկ ըլլալով` չէր լուսաւորուէր, մութ կ՚ըլլար տունը, բայց շատ լոյսը ինչ պիտի ընէին, այդքանով ալ իրար կը տեսնէին: Ուզելու ըլլային` դուռը կը բանային, լուբլուս կ՚ըլլար ներսը: Ամառները արդէն ներսը ով կը նստէր, բակը բաց տեղը կը նստէին, բակը կ՚ուտէին, բակը կը պառկէին:
Ահարոնը չեկած, Մարոյին հետ չկարգուած, Մաղիկ Մաման ու տղան Գարեգինը կային: Տունը անոնք կը բնակէին, անոնցն էր. Գալենք կ՚ըսէին, Գալենց` իրարմէ զատուած տասներկու տուներէն մէկն էր: Գարեգինին հայրը, մենք չգիտէինք երբ մեռած էր, մօրն ալ, Մաղիկանց աղջիկ ըլլալով, Մաղիկ Մամա կը կանչէինք: Մօրը բուն անունը Իսկուհի էր, երեք վանկով ու երկայն ըլլալով` Ուսկութ Մամա կ՚ըսէին, բայց Մաղիկ Մամա կանչելը մեզի աւելի դիւրին կուգար: Անոնք Մուշէենց տանը ետեւը երկրորդ տուն մըն ալ ունէին, բայց չգիտէինք ինչու մէջը չէին բնակէր, խոտ, յարդ ու աւելորդ բաներ կը լեցնէին: Մենք ալ, տղաքս, անոնց այդ երդիքը մեր բոլորտիքի երդստաններուն բերդը, այսինքն մեր «Գերի Առնել», «Կաղն ի Կրունկ», «Գալ ի Պարան», «Խարազան» խաղերուն կեդրոնը ըրեր էինք: Ետքն ալ այդ երդիքը, այսինքն տանիքը, չոքեցաւ, արգիլեցին մեզ հոն խաղալու: Ատոր ալ պատճառը տանը չնայուիլը եղաւ: Գարեգինը հիւանդոտ էր, մայրը` Մաղիկ Մաման ալ առողջ մը չէր, ով պիտի նայէր: Մեր երդիքները շատ հաստատուն էին, ինչու որ` շատ հաստ սիւներու վրայ կեցուցուած էին, սիւներուն վրայ, քանի տեղ հեծան, անոնց վրայ` պատէ պատ գերաններ, գերաններուն միջեւ` դարձեկներ, մարդակներ երկնցուած, ու այնքան կը կպցնէին իրարու, որ փակածի պէս կ՚երեւնային. անոնց վրայ որթոտով, չոր սէզերով կը ծածկէին, սէզերուն վրայ հաստ ծեփ մը կը քաշէին ու այս ամէնուն վրայ ծնկաթաղ մը հող կը լեցնէին, ձիւն մը տեղար` անմիջապէս կ՚ելլէին, կը քերէին, կ՚աւլէին, անձրեւ մը գար ետեւէն, նորէն անմիջապէս կ՚ելլէին մրեղ, այսինքն` յարդափոշի մը կը ցանէին ու կը լողէին, ալ ադ երդիքները ինչ կ՚ըլլային: Շաբաթ մը, գիշեր-ցերեկ, անձրեւ տեղար` մեր տուները չէին կաթեր, ջուրերը կը հոսէին, կ՚երթային: Հարսնիքները երդստանը կ՚ընէինք, այնքան հարսնեւորները լման շաբաթ մը կը ցատկէին, կը խաղային, կը պարէին, տունը ամենեւին չէր երերար, հող մը, փոշի մը չէր իյնար, տակը եղողները խորունկէն զուռնային, տաւուլին ձայնը կը լսէին միայն: Բայց երբ ձիւնը իջնայ չքերուի ու հալի վրան, անձրեւը գայ ու ջուրերը լճանան, լողող չըլլայ ու տարիներով շարունակուի, այդ տունը ինչ կ՚ըլլայ. կը փլի, մեր արմտաներէնի մէջ աւերակին բապպոս կ՚ըսենք, բապպոս կ՚ըլլայ, ինչպէս որ եղաւ:
Մեր քովի տունը աղէկ էր, բան մը չունէր, ինչու որ կը նայուէր: Մուշէին մայրը` Հայան հարսիկը, իրենց ձիւնը քերելու ըլլար, անոնցինն ալ կը քերէր, իր երդիքը լողելու ըլլար, անոնցինն ալ կը լողէր` իրենցինին հետ միակտուր ըլլալուն: Բայց տունը մինչեւ երբ այսպէս պիտի երթար. չարքաշ հարս մը, բան բանող մը, տունը դարձնող մը կ՚ուզէր: Մաղիկ Մաման չէր կրնար, դրացիները հաւաքուեցան, գիւղին աղջիկներուն մէջէն Մարօն յարմար գտան ու Գարեգինին առին: Ու… տնէ, դռնէ հեռու ընէ ասանկ դժբախտութիւնները. պսակէն երկու շաբաթ ետքը Գարեգինը հիւանդացաւ, չաղէկցաւ, մեռաւ, վրայէն երեք ամիս մը անցաւ, Մեծ Պահքի Աւագ Շաբթուն Մաղիկ Մաման ալ մեռաւ: Մարօն, երկու շաբաթուան նոր հարս, դռանը ետին այրի ու անտէր մնաց: Ուրիշ տեղեր կին մը, նման կացութեան մը մէջ, մօրը տունը կը վերադառնայ, մեր գաւառը աղջիկ մը հարս երթայ ու պատահի, որ ամուսինը մեռնի ու այրիանայ, չի դառնար, կամ` եղած բան չէ, որ իր հօրենական տունը դառնայ, անզաւակ անգամ ըլլայ, մինչեւ իր մահը` կեսրոջը տունը կը մնայ, եթէ ուզող մը, առնող մը չելլէ:
Գալենց Գարեգինին դուռը չգոցուելու, տունը նորէն շարունակուելու համար, գիւղը, ինչպէս ամէն վերջացող տանը կ՚ընէ, Հասանավայեն տղայ մը` Ահարոնը, բերաւ ու Մարոյին հետ պսակեց: Ու, ինչպէս` աղջիկ մը իր մականունը կը թողու, իր ամուսինին` իր առած տղունը կ՚ընդունի, ու ատոր հակառակը, ինչպէս ամէն տնփեսայ գացող, մեր մէջ իր փեսայացած տան մականունովը կը կանչուի, Ահարոնն ու Մարօն Գալենց Ահարոնն ու Մարօն եղան: Կարեւորը մեզի համար սերունդին շարունակութիւնը չէր, տունն էր, օճախը չմարիլը, մէջը մարդ ըլլալը, անունը չկորսուիլն էր:
Մարօն ալ, գիտէք ով էր, մամուս պէս` Տէրտիրանց աղջիկ էր, մամուս հօրքուր կ՚ըսէր, մօրս` հարսիկ, ինծի ալ աղբար: Մամուս աղբրորդին էր, Տէրտիրանց Տէր Պօղոս քեռիիս եղբօրը` Մինաս քեռիին առած հինգ կնիկներէն` երկրորդէն ծնածը: Պատմած էի ձեզի, արդէն, Մինաս քեռիիս հինգ կնիկները. ինչպէս` առաջինը գիւղէն էր, Պեկիշենցմէ, անկէ երկու աղջիկ ունեցաւ, մայրերնին մեռաւ, երկրորդը Մարոյին մայրն էր, Լիճքէն էր` Լճացին, անկէ Մարոյով երեք աղջիկ ունեցաւ, ծանրաշարժ մը, ծոյլ մը, ան ալ մեռաւ, երրորդը` Տանձիէն էր՝ Տանձեցին, չարքաշ, բան բանող, Կապանին գահավէժներէն վեր ելլելուն` գլորելով գլուխը ջախջախուեցաւ. չորրորդը Թեղուտէն էր, անոր չափ երկայնահասակ կին չկար մեր գաւառը, անունը Խեյրաթ էր, Խեյրօ քեռկին կը կանչէինք, զիս աչ շատ կը սիրէր, բայց շատ կծծի էր, աղը տասնըհինգ փարայ էր, փարայով աղ չառնելու համար Զեհմերիի մէջ երկու ժամուան ճամբայ` Սիմայի աղջուրի աղբիւրը աղջուր բերելու գնաց, սառէցաւ: Բերին ախոռը, աղբը թաղեցին, չաղէկցաւ մեռաւ: Հինգերորդը Մեծ Գեղէն Ոսկեկ քեռկինս էր. աս ամուսնութեանը Տէր Պօղոս քեռիս շատ ընդդիմացաւ, «չեմ պսակէր, — ըսաւ, — գաւառին մէջ քեզի պէս մըն ալ կայ, չես ամչնար դուն, հինգ անգամ կարգուող մարդ կ՚ըլլայ»: Մինաս քեռիս պնդեց. «դուն քու տէրտէրութեանդ խառնուէ, իմ գործիս մի խաոնուիր, չես պսակէր նը` մի պսակէր, ես ալ աս քովի գիւղերէն ալ չէ, մինչեւ Աշխարովայի գիւղերը կ՚երթամ, Քրդանոցի տէրտէրէն կը պսակվիմ, ան ալ չըլլայ` Մշակնոցի տէրտէրէն, ան ալ չըլլայ` Ալամոնիկի տէրտէրէն, ես առանց կնիկի չեմ ըլլար» ըսաւ, մինչեւ որ պապս` փեսանին, մամս` քոյրերնին ըլլալով, միջամտեցին: Ժամ ալ չգացին, մեր չարդախը երկուքը իրար քով կեցուց, գլուխ գլխի ալ չմօտեցուց, Հայր Մեր մը ըսաւ` այնքան շուտ ու լպռտելով, որ ըսածը Հայր Մեր էր, թէ կը հայհոյէր` չէր հասկցուեր: Արդէն Տէր Պօղոս քեռիս, երբ բարկացած ըլլար` ժամէն կը հասկնայինք։ Ժամերգութիւն ըլլար, թէ կնունք, պատարագ` ժանիքով կ՚ընէր, յօնքերը կիտելով. «կինէ Տէր Պապան ասօր որու սրդողած է, ով գիտէ» կ՚ըսէինք: Բայց Մինաս քեռիիս` իրար խառնուած Հայր Մերն ալ կը բաւէր: Ոսկեկ Մաման առաւ ու այգիները իջաւ: «Մինաս աղբար, ոտքդ ամուր բռնէ, աս անգամ մեռնելուն կարգը քուկդ է» կ՚ըսէին աս ու ան: «Պելլու չըլլար», կը պատասխանէր կուշտ-կուշտ շեշտով մը, որ կ՚ըսես աս հինգերորդն ալ կը թաղէ, նորէն կը կարգուի:
Մարօն աս Մինաս քեռիիս աղջիկն էր: Մայրը երեք զաւակ բերաւ ու մեռաւ: Չենք գիտէր` որքան պիտի բերէր, մեռնելու չըլլար: Իսկ ինք Գալենց տունը լեցուց տղոցմով: Երկու տարին` երեք չէր ընէր, տղան ծիծէ կտրելուն պէս` նորէն կը ծոցուորէր: Մաղիկանց Բրոնը դարձաւ. Բրաբիոն էր, մենք Բրոն կ՚ըսէինք` երեք վանկով երկար ըլլալուն: Երիտասարդները կնոջը ամէն տղաբերքին կը կատակէին. «Աչքդ լուս, Մաղաքեան» կ՚ըսէին, «Ծօ տղաք, մի խնդաք, — կ՚ըսէր, — այնչափ ալ ինքզինքս կը զսպեմ, քուրու աղբոր պէս կը պառկինք, ըլլայ որ` գիշեր մը քուներնուս մէջ իրարու դպինք ու խալթենանք, սուտի մը, մահանայի մը կ՚ընայի, հեմէն կը բռնէ»:
Կուրծքերուն կաթն ալ առատ էր: Գիւղը որու տղու մայրը տեղ մը կացած ըլլար անոր կը բերէին, որ ծծցնէր, այնչափ որ կ՚աւելնար իրեններէն: Մէկը իմ երրորդ տղաս` Խաչօն էր: Հեռու տեղ մը, կամ մինչեւ իրիկուն տեւելիք գործ մը ըլլար, կինս հետը կը տանէր: Բայց կուժը շալկէր ու Ավըզնին ձորը ջուրը երթար ու ուշանար, ու ուտելու ժումին պահը գար, կը պատռտուէր, ինչ ընէր, ան ալ հետը տանէր: Մօրը կաթէն զատ, բերանը ինչ տայիր` չէր առնէր, ամուր մը կը սեղմէր, դգալը խոթէիր բերնէն ներս` «բըռթ» կ՚ընէր, դուրս կը նետէր ու կուլար: Մարոն ամէն ատեն տղամար էր, կը տանէինք, որ ծծցնէր ու ձայնը կտրէր:
Կալոցը աչքի ցաւի կը բռնուէինք թեղերը հոսելէն, ցորենը յարդէն զատելէն բարձրացող յարդափոշիէն աչքերնիս կը ծեփուէին: Տարի մը ինչ ըրի` չանցաւ: Դեղ ջուրի աղբիւրը աչքի ցաւի աղէկ էր, քանի անգամ գացի, լուացի, չաղէկցան: Կնոջ կաթն ալ աղէկ է, կը բուժէ։ Մարոյին ըսինք, որ գայ, կաթ կթէ աչքերուս: «Ես կը խպնիմ, ես աղբօրս առջեւ ծիծերս չեմ բանար» ըսաւ: Մինչեւ որ համոզեցինք ու առտու իրիկուն, հինգ վեց անգամ եկաւ, ես կը պառկէի կռնակիս վրայ, հասակովս, ան ծունկի գալով կը հակէր վրաս, մեծղի կուրծքը լաթով մը գոցելով, պտուկին տակէն կը սեղմէր, մենք` տղաքս, չաթնուկէն, այսինքն` թանթրուենիի ճիւղերէն ջրնետիչ, այսինքն` գռեխ կը շինենք. ջրնետիչի պէս կաթը կը ցայտեցնէր աչքերուս: Աղէկցան:
Ինչ կ՚ուտէր, որ կը յորդէին կաթերը: Միս չէր, միսը ուրկէ պիտի գտնէր: Կաթ ալ չէր: Տղաքը ինչ պիտի ուտէին: Կաթը խմելու համար չէր, մենք արդէն կաթ չէինք խմէր առտուները: Կաթը պանիր, մածուն, թան, չորթան, չոքալ, թարխանա պիտի ըլլար: Կերածը ժուր, ապուր, աղցանի, չոր սլիկի, չոր բակլայի ջուր: Որչափ կոնտ պիտի ըլլար ամանը: Ափիկ մը, միւսը ամբողջ ջուր էր: Այդ ջուրին մէջը հացը պիտի փշրէին, տղաքը, վրանին մաղտանոս ցանես` կը բուսնի, աղտ կապած մատներով, եղունգներով պիտի մտնէին ու ելլէին մէջը, կերածն ալ ատ էր: Կամ թէ տղաքը ալ պիտի չուտէին, տակը ջուրը պիտի աւելնար, գլխուն պիտի վերցնէր. ան ալ` տրեխները թրջոց կը դնեն, որ կակուղնան ու հագնին, ան ջուրէն ալ սեւ կ՚ըլլար:
Ահա ձեզի Ահարոնին ու Մարոյին պատմութիւնը: Տղաքն ալ քանի հատ են, հասկնալ կ՚ուզէիք. պառկած ըլլալու էին, որ չուլերուն տակէն գլուխները համրէիք: Ամենէն մեծը աղջիկ էր` Կըզտանը, բուն անունը իմ ալ միտքս չէ, քովինը մանչ էր` Եսայի էր, Էսօ կ՚ըսէին, երրորդը` նորէն մանչ էր, Մովսէս էր, Մոսօ կ՚ըսէին, շարունակեցէք համրանքը. չորս, հինգ, վեց, միւս կողմէն սկսենք համրել, որ մէկն ալ մթելին տակը թաղած են գլուխնին` անոք ալ ետքէն կ՚աւելցնէք:
ՏԱՂԼՈԻԵՆՑ ՄԱՐՕՆ
Քանի մը օր առաջ Գուլէտիպի իմ երկրացիներուս` Ղուռուչայցի կիներու հանդիպեցայ, որոնք դռնապանութիւնը կ՚ընեն այս հրէական փողոցներու ափարթմաններուն մէջ:
— Ղոնշու, — ըսին, — Մարոյը կէօրտիւն մի, եանընայ կիթթին մի, — դրացի ըսին, — Մարօն տեսար, քովը գացիր:
Չհասկցայ, իրենց նայեցայ:
— Սիզին` Քիւչիւք Քէօյին Մարօյը, — կրկնեցին, — հանի քիւրտ Կեամխուլու Պեկօյը ալտը, օ Մարօյը, քիւրդ Մարօյը— Ձեր` Պզտիկ Գեղի Մարօն, ուր է` Կախմխցի Պեկօն առաւ, ան Մարօն, քուրդ Մարօն: Իմ գիւղիս Պզտիկ Գիւղ կ՚ըսէին, երկու Արմտաններէն պզտիկը ըլլալուն:
— Իրաւ կ՚ըսէք, ուր է, ուր կը գտնուի, — հարցուցի:.
Իրենցմէ երկուքը. «բայց` ան հոս չէ, գնաց», ըսին: Միւսները. «ոչ, ոչ, դեռ չգնաց, հոս է», պնդեցին ու փողոցը, տեղը բացատրեցին:
— Թոփհանէ, Պողազքեսէն պողոտային աջ կողմը, ետեւի փողոցը մզկիթ մը կայ, անոր կիցը կանանչ ներկուած փայտաշէն տուն մը կայ, միայարկ, հոն է, տղան կը նստի, հարս մը ունի ու երկու թոռներ, անոնց քովն է:
– Ով գիտէ, լաւ մը ծերացած է հիմա, ինձմէ ալ տասը տարի մեծ է, – աւելցուցի:
— Եոք, եոք, եոք ղոնշու, — ըսին, — օ պիզտէն տէ կէնճ, կիւճլիւ, Կեամխունուն քիւրդ ղառըլարը կիպի` սաչլարը տա ղընայ ղոյմուշ. — Ոչ, ոչ, ոչ դրացի, — ըսին, — մենէ ալ երիտասարդ ու հուժկու է, Կախմխիի քուրդ կնիկներուն պէս` մազերուն ալ հինա է դրեր:
Մեր Տաղլուենց Մարօյին համար էին: Չըսի, թէ Մարօն իմ ինչս էր. քոյրս էր, ինչու ըսէի, պէտք չկար: Քոյրս որ կ՚ըսեմ իրաւէն քոյրս չէր, ան Տաղլուենց աղջիկ էր, ես Տեմուրճենց տղայ եմ, բայց մենք` երկու տուներս, մէկ տունէ ենք, իրարմէ զատուեր ենք: Երկուքիս նախնիքը Վարդան` պապն ու Գրիգոր պապը, երկու եղբայրներ են, Տէրսիմի հիմակուան Թունճէլլի Օվաճուխէն անդին, Ղարաչոռէն եկեր են, մենք ալ չենք գիտէր երբ, գիւղին կալերուն ետեւը Փոսուն Բուռը նստեր են: Գիւղին բնիկները եօթը տուն եղեր են, մեր պապերը հրաւիրեր, բնակութեան տեղ ու արտեր տուեր են, որ ցանեն, քաղեն ու ուտեն, գիւղն ալ շէննայ, բազմանայ: Լեռնէն եկած ըլլալուն` Տաղլուենք ըսէր են, մենք Գրիգոր պապուն թոռները, զատուեր, զատ տուն եղեր են, երկաթագործ ըլլալուն` Տեմուրճենք ըսէր են, մենք Գրիգոր պապուն թոռներն ենք: Ադ է, աս է, մեր գերդաստանի արենակցութիւնը կը շարունակէինք, քոյր, եղբայր կը կանչէինք իրարու:
Մարօյին քրդու կնիկ ըլլալը Առաջին Թալանին տարին եղաւ: Ըսեմ, թէ առաջին ու երկրորդ երկու թալաններուն խուժանը մեր գիւղերը չմտան: Առաջինին` դռներուն ետեւը քարէ պատեր որմեցինք, տանիքները եփնտեփ ջուր, տաք մոխիր, կծու կարմիր փոշի պղպեղ պատրաստեցինք ու պահեցինք խուժանին գլուխներուն ու աչքերուն նետելու, որ չկարէնային մօտենալ ու փախէին: Տէրսիմի քուրդերէն Բախդիարցիներն ու Ղուռէշանցիները կայծքարաւոր հրացաններով, կեռ սուրերով, Եփրատի եզերքը եկան, նստան: Ընծաներ տարինք անոնց պետերուն` Ալիշեր ու Կակկօ աղաներուն ու հետեւորդներուն, երեսուն արծաթ մէճիտիյէ, րուպիյէ, մահմուտիէ զարդոսկիներ, կտաւ, կերպաս, հինա, ապրշում, անոնք ալ խուժանը վանեցին, մինչեւ որ Երզնկայէն հեծելազօրքը հասաւ: Յաջորդ աշունը, երկրորդ թալանին, Ակը, Բինկեանը զարկին, մեր հինգ գիւղերուն նորէն չկրցան դպիլ, որովհետեւ մեր գայմագամը` Ահմէտ պեկը, որ չերքեզ էր ու չորրորդ բանակի հրամանատար միւշիւր Զեքի փաշային հետ կաթնեղբայրներ էին, նախօրօք հեծելազօրք բերել տուաւ:
Մարօյի քրդանալուն պատասխանատուն մայրը` Եղսիկ նէնէն ու մշակը` Մուսթաֆան են: Մարօյին հայրը գիւղը չէր, Պոլիս էր, կը պանդխտէր, տունը կառավարողը մայրն ու Մուսթաֆան էին, որ քուրդ էր, կախմխցի էր: Թալանին, ապահովութեան համար, Մուսթաֆան Մարօն Կախմխի ղրկեց, իր տունը: Մերերը զիս ալ Կախմխի ղրկեցին: Ես ութը տարեկան էի, էնթերին նոր ձգէր էի, կապոյտ կտաւէն կտրեցին, շալվար կը հագնէի: Մեր գիւղը թուրք չկար, թուրքերէն բառ մը անգամ չգիտէի, քիչ մը քրդերէն ու շատ մը քրդերէն հայհոյութիւններ գիտէի, քուրդերուն տղոցմէն սովրեր էի: Մարօն ալ տասնըութը տարեկան էր, Մարօյին` գեղանի է կ՚ըսէին, բայց ես այդ տարիքիս մէջ աղջկան մը գեղեցկութենէն չէի ազդուեր: Աղջիկ մը գեղեցիկ կամ տգեղ ըլլար, նոյնն էր ինծի համար: Աղջիկ… գիւղը աղջիկ շատ, քանի մը կ՚ուզես: Կեցիք, որ ըսեմ: Բարիկանց Նանոյին վրայ պիտի ըսեմ: Անոր հետ մենք մէկ տարիք էինք, անոր ալ` շատ գեղեցիկ է կ՚ըսէին. թող ըլլար, ինծի ինչ: Ես ու ան, մէկտեղ, մեր Նորաղբիւրը ամառները ջուր կը պահէինք: Փողրակէն, ըսես, մախաթի մը չափ անգամ չկար՝ ջուր կը վազէր, ատով գուռը պիտի լենար, մենք ալ հոնկէ թասով կուժերը պիտի լեցնէինք, ու արտուորին, խոտուորին կամ կալուորին ջուր պիտի հասցնէինք: Անոնք ըսես` օրը հարիւր անգամ ջուր կը խմէին, քիչ ալ չէ, մէկ անգամէն պղնձէ լոշիկ մը պսպղուն ջուրը գլուխնուն կը վերցնէին, կը հատցնէին, ջուր կը դիմանար ատոր: Մեր առաջքը, երկու պատերուն երկայնքով երեսուն, քառասուն կուժ շարուած կ՚ըլլար միշտ, մինչեւ որ կարգը մեզի գար պիտի սպասէինք, իսկ մեր կուժերն ալ շատ մեծափոր ու խոշոր էին, մեր պորտերէն վեր, մինչեւ մեր կուրծքերը կը հասնէին: Ամէն օր Նանոյին հետ կը ճաշէինք։ Մայրը Թումասն ալ` Թումասենց աղջիկ ըլլալուն` Թումաս կը կանչէին, կ՚ուզեր, որ ես վիրա Նանոյին հետ ըլլայի, ինչու, ես ալ չգիտէի: Տունէն կերթայինք հաց, պանիր կը բերէինք, մենք պանիրը ջուրով կ՚ուտէինք, Նանոն պանիրը կը ջարդէր ջուրին մէջ, պատառնիս ջուրին մէջ կը խոթէինք, պանիրով կը հանէինք, կ՚ուտէինք: Նանոն բիլաւ եփել ալ գիտէր, դէմ դիմաց կը նստէինք, կը դգալէինք: Ետքն ալ գետինը, հողերուն վրայ երես երեսի կը պառկէինք, կը քնանայինք: Երբեմն աչքերս կը բանայի, անոր կը նայէի, ան աչքերը գոց կը քնանար, բան մը չէի զգար, ես ալ աչքերս կը գոցէի, նորէն կը քնանայի. Նանոն որեւէ աղջիկ մըն էր ինծի համար: Այդքան:
Երբ թալանին վախը անցաւ, ամէնքս ալ Կախմխիէն մեր տուները դարձանք: Մարօն մնաց: Մերերը վրդովուեցան:
— Մարօն ուր է, ան ինչու չեկաւ, — ըսին ինծի:
— Է, ինչ ընեմ, չեկաւ, — ըսի:
Մօրը բարկացան:
— Չէրթաս, չքաշես, բերես աղջիկը, — ըսին:
— Մսթաֆան կ՚ըսէ, թէ` թող մնայ:
Մերերը յանդիմանեցին.
— Մսթաֆային հրամանովը պիտի քալես, ըսել է` ինչ ըսէ, ան պիտի ընես, — ըսաւ մեր Խորուկալի տան Արութ պապուս կնիկը` Գոբբալ մամս:
— Կնիկ պիտի ըլլաս` կը նկտի քեզի պէս կնիկը, մար պիտի ըլլաս` մարմրի քեզի պէս մարը. աղջիկը քուրդերուն մէջ ձգէր է, հոգը անգամ չէ, կ՚ուզես որ ճահէլ աղջկանը գլուխը փորձանք մըն ալ բերեն, — չեխեց Գասպար պապուս կնիկը` Հոռմիկ մամս, որ Ակէն` Հայ-հոռոմ Ձորակ գեղի աղջիկ ըլլալով, Հոռմիկ մամա կը կանչէինք:
Կրնար մամերուս պատասխանել, գնաց, Մարօն առաւ բերաւ, բայց մամերուս կասկածածները իրականացան: Քուրդերը աղջիկը իրենց կողմը դարձուցեր էին, համոզէր, խելքը առէր էին, երկու օր մնաց մօրը տունը, երրորդ առտուն ելանք որ` Մարօն փախեր է ըսին, չկայ, գիշերը տանը ետեւի բակին կողմի դուռը բացեր է, Կախմխցիները ձի բերէր են, հեծցուցեր, տարեր են: Աշնան անձրեւով առտու մըն էր, գիւղով իրար անցանք, Մելքոն պապս Ղուռուչայ գնաց, ղայմախամին դիմեց, այն ատեն դատաւոր չկար, ղատի կար մեր գաւառը, ղատիին ներկայութեանը բերին. «բռնի չէ, իմ ուզելովս, իմ կամքովս Պեկօն առի» պատասխանեց, ալ ինչ կրնայինք ընել, ակռանիս կրճրտելէն զատ:
Անկէ ետքը գիւղով ատեցինք: Մեր արտերը, ձորերը Կախմխիի արտերուն, ձորերուն խառնուած էին, ամառը հերկին, խոտքաղին, արտքաղին ամէն օր կը տեսնէինք, քրդու Ղութնի էնթերիով մինթանով, պղնձէ կարմիր դրամները քունքէ քունք թաղիքէ սեւ գլխարկին կարած, չէինք խօսէր, գլուխնիս կը փարտէինք, կը հայհոյէինք:
Տասը տարի Պոլիս մնացի, գացի որ` հին ատելութիւնները մարեր էին, ամէն մարդ կը խօսէր հետը, միայն մարանքը` հայրը, մայրը եւ մեր երեք տուները չէին հաշտուէր: Ես ալ խօսեցայ հետը, թէեւ ատոր համար մերերը բարկացան ինծի:
Երբեմն, երբ խօսած ատենը ինծի աղբար կ՚ըսէր, կ՚ընդմիջէի.
— Ինչու քու աղբարդ կ՚ըլլամ, ես` հայ, դուն` քուրդ, դուն քուրդ չես, — կ՚ըսէի:
— Իրարմէ զատուած չենք, ես Տաղլուենց աղջիկ չեմ, — կը պատասխանէր:
— Տաղլուենց աղջիկ որ ըլլայիր` հայու տղայ մը չկար, հայու տղայ մը կ՚առնէիր, քուրդ մը չէիր առնէր, շան ձագ, — կ՚ըսէի:
Իմ հայհոյութիւններէս չէր առնուէր:
— Եղաւ մէկ մը, ինչ ըսես` իրաւունք ունիս, — կը պատասխանէր, — ամա ես հայ եմ, Աստուած վկայ` հայ եմ, տղոցս, աղջկանս հայերէն սորուեցուցի, հետս հայերէն կը խօսին, գիշերները խաչս չհանած, Հայր մերս չըսած չեմ պառկիր, էրիկս կը թողու, որ ընեմ:
Տաղլուենց Սարօյին պատմութիւնն է աս… ու հիմա, իմ քոյրս եղող, ինծի աղբար կանչող այս Մարօն եկեր էր, հոս էր: Դռնապան կնիկներէն զատուեցայ չզատուեցայ, Գուլէտիպիէն շիտակ Թոփհանէ գացի, ալ կը կենայի, երթալու, տեղեկանալու համար իմ գիւղերէս, աքսորէն, աքսոր եղածներէն, հիմա որոնք կան, որոնք կը նստին հոն: Ժամերով խօսեցնէի` պիտի չհատնէին հարցումներս:
Գտայ տունը, դուռը զարկի, սեւ, բարակ պեխերով երիտասարդ մը բացաւ դուռը:
— Կախմխցի էզիզոյին տունը աս է, մայրը Մարօն հոս է, — ըսի:
— Գեղ գնաց, երէկ գիշեր թրէն նստաւ` Հայտար Փաշայեն, — ըսաւ:
— Եա… չեղաւ, — ըսի, չգտնելուս ցաւ զգալով:
— Մարօն իմ մայրս է, Էզիզօն ես եմ, դուն ուր տեղացի ես, ով ես, — հարցուց:
— Ես արմտանցի եմ, Պզտիկ Գեղէն եմ, դուն չես գիտէր, մօրդ եղբայրն եմ, Տեմուրճենցմէ եմ, անունս Ակոբ է, — ըսի:
— Ակոբ քեռին դուն ես, հա, — գոչեց հայերէն: — Մայրս քանի մը քու վրադ կը խօսէր, կ՚ըսէր` «ան աքսորին գեղը չէր, Պոլիս էր, ուր մնաց, ինչ եղաւ, աճէպ»: Քեզ շատ կը սիրէր:
Ու ձեռքս պագաւ, ներս` սենեակ տարաւ, կինը, տղաքը կանչեց, եկան, ձեռքս պագին, սուրճ բերին:
— Ես Ղալաթիայ պանքաները` հրեայ իթխալաթճի վաճառականներու քով եմ, սենեկապան եմ, մայրս որչափ փնտրել տուաւ քեզ, քանի մարդու հարցուցինք: Տեմուրճենց Ակոբը` ըսինք, չենք գիտէր` ըսին, ետքն ալ, ըսինք, կարելի է դուրս գացեր է, հոս չէ:
— Ասոր, անոր հարցնելուն, թող Պեյօղլու, Պալըխ փազար, հայուն ժամը գայիք, հարցնէինք, ես հոն էի, ես ամէն օր հոն եմ, — ըսի:
— Ադ հէչ խելք չըրինք, — ըսաւ, — վախ, վախ, վախ… Մօրս պիտի գրեմ: Որ իմանայ նը` որչափ պիտի ուրախանայ, հէմ չկենար, կ՚ելլէ կուգայ` քեզ տեսնելու, թրէնը դիմացնիս է, Լիճքն է, վաթսուն քանի ոսկիով կուգայ, վաթսուն քանի ոսկիով կ՚երթայ, հէմ` երկրորդ կարգ, շատ փարա մըն է, հէմ` ես փարան պիտի ղրկեմ, որ գայ, — աւելցուց, — մինչեւ հիմա ալ, ամէն գիշեր, խաչը չհանած, աղօթքը չըրած չի պառկիր, քեռի, մայրս:
ՂՈԻՌՈԻՉԱՅՑԻՆԵՐԸ
Գուլէտիպիէն, Շիշհանէէն մինչեւ Պանքաները, կամ Եիւքսէք Գալտըրըմէն մինչեւ Թոփհանէ` հրէական թաղերու բոլոր գիշերապահները, ջրկիրները, դռնապանները իմ գաւառէս են, ղուռուչայցի են: Ես գրեթէ ամէնքն ալ կը ճանչնամ, անոնք ալ զիս կը ճանչնան: «Ղոնշու», «հէմիշէրի», այսինքն` «դրացի», «հայրենակից» կ՚ըսենք իրարու, կամ անոնք իմ գիւղիս անունովը` Արմտանցի, ես ալ իրենց գիւղերուն անունովը` Սիմերի, Սիդիմեցի, Էռհեմեցի կը կանչեմ: Կիներուն ալ խաթուն, խանըմ չեմ ըսէր, տարէց ըլլան, թէ երիտասարդ, գաւառի վարժութիւնով` «ղըզ» կ՚ըսեմ, այսինքն` «աղջիկ», «ղըզ Պաստանացի…» «ղըզ Խենեկեցի», «ղըզ Կանկըռըտցի»…
Ասոնց մէջ իմ գաւառիս քուրդ գիւղերէն Կեամխուէն, Պանտըրայէն, կամ Ղզլպաշ գիւղերէն, օրինակ` Դարգլոխէն, Նորտունէն մէկ հոգի անգամ չկայ, անոնք այս կողմերը չեն աշխատիր, հոս եղողները ամէնքն ալ թուրք են: Շատերը ափարթմաններու դռնապան են, ու, մէկ-երկուքէն զատ, ամէնքն ալ իրենց կիները գաւառէն բերած են: Ներսի մաքրութիւնը գետինները, սանդուխները, բազրիքները սրբել կամ լուալը, աղբամանները յարկերէն իջեցնել, աղբակառքերուն տալը, փայտը, ածուխը ածխանոցէն վեր հանելը իրենց կիները կ՚ընեն, իրենք ալ կիներուն չկըրցածները կ՚ընեն: Շատ մը խանութպաններէն, արհեստաւորներէն լաւ է իրենց գործը: Մէկ մը որ` բնակութեան, լոյսի, ջեռուցումի ծախք չունին, ափարթմանը կը վճարէ, իրենց ալ` գետնայարկը պառկելու, նստելու սենեակ մը, խոհանոց մը յատկացուած են: Վրայ-գլուխի` հագուստի, կօշիկի ալ մեծ ծախք մը չունին, վարձակալները ողջ ըլլան` իրենց գործածածները անոնց կուտան: Ուտելիքը` նմանապէս: Ես ու դուն հրեաներուն եփածները չենք ուտեր, անոնք ըսես` յարկերէն աւելցած կերակուրները, ծանր հոտող ձէթով խմորեղէնները, մսեղէն կամ ձկնեղէնները, կամ ինչ ըլլայ` կուտեն: Այնպէս, որ շահած փարանին իրենց քովը կը մնայ:
Առտուները երկու, երեք ժամ կը տեւէ, չի տեւէր` աշխատութիւն մը ունին, եւ եթէ վարձակալի մը փուռէն հաց մը, ազատքեղ մը, կամ նպարավաճառէն նպարեղէն ուզուիլը չըլլայ, ամբողջ օրը բան մը չընելով` իրիկուն կ՚ընեն: Իրենց էրիկները դուրս կ՚ելլեն, սրճարան կ՚երթան թուղթ կը խաղան, եւ կամ պոյպէկիի պէս` կը պտտին: Իրենք` կիներն ալ, գաւառին տարազովն ու բերանակալները մինչեւ քիթերնին քաշած, գիւղը աղբիւրին գլուխը խօսածներուն տեսակէն` կը շաղակրատեն փողոցը` դուռներուն առաջքը, մինչեւ օրը մթնէ:
Թէ այրերը, թէ կիները տարեցութիւնս կը յարգեն, կատակներէս, հեգնութիւններէս չեն առնուիր, ես ալ ամէն իրենց առաջքէն անցնելուս գաւառի խօսքերէն խօսք մը կ՚ընեմ.
— Օղլան եէր` օյընա կիտէր, չորպան եէր` գոյընա կիտէր:
Եւ կամ`
— Էքմէք` Մըտըրըն, բէնիր` Խըտըրըն, եէյին տէ` ղուտուրուն, — կ՚ըսեմ:
Գիտեն, թէ ինչի կ՚ակնարկեմ, հասկցնել կ՚ուզեմ, թէ` կ՚ուտեն, կը խմեն, ըրածնին ինչ է: Կը խնդան եւ`
— Է, նէ էյլէյէլըմ, ղոնշու, — կը պատասխանեն կիները, երկնցնելով բառերուն արտասանութիւնը:
Յաճախ իրենց էրիկներն ալ իրենց քովը կ՚ըլլան: Կը չքմեղացնեմ, իրաւացի կը գտնեմ զիրենք.
— Այո, — կ՚ըսեմ, — Ըստանպոլ է հոս, գիւղը չէ, առտուն ախոռը մտնել` կովերը կթել, բակը անցնիլ` ոչխարը կթել չկայ: Օճախին վրայ կաթը եփ հանել, կովերը` կովերուն չոպանին, ոչխարը, այծերը` ոչխարին չոպանին տանիլ, յանձնել չկայ: Ախոռը աւըլել, աղբերը աղբին քթոցը լեցնել, շալակ շալակ տանիլ, աղբանոցը թափել չկայ: Եւ կամ` փողոցը խօսքի բռնուիք, կաթը օճախին վրայ մոռնաք, տակը առնէ, փրփրի, դուրս յորդի, կեսուրնիդ գայ ձեզ չեխէ, մէկ մըն ալ գլուխնուդ զարնէ` ատ ալ չկայ: Դարձեալ, ըլլայ որ աղբընոցին չդառնաք, ուշանաք, տունը պուտ մը ջուր չկայ` կեսուրնիդ գայ պոռայ ու կանչէ, կուժը շալկէք, վազէք, աղբիւրը երթաք, ասոնք հոս կան, ասոնցմէ որը Ըստանպոլ կ՚ըլլայ, որ ընէք:
Երբեմն ցերեկուան սաստիկ տաքին հինգ վեց կնիկ շուք մը նստած կ՚ըլլան, ես ալ կանցնիմ`
— Օխ… սանքի հարս պիտի ըլլաք, ձեռքերնիդ պիտի հինայենք.
Ղընայայ կէլ, ղընայա,
Վէր էլինի ղընայա:
Անասը կէլմէյինճէ,
Պապասը կէլմէյինճէ,
Վեր էլինի տէմէյինճէ`
Վէրմէզ էլի ղընայայ:
Կեանք ալ է նէ` աս է, ղուռուչայցիներ, շուքը նստեցէք ու արեւը սէյիր ըրէք, – կ՚ըսեմ: – Արտքաղի ամիս է, հիմա Ղուռուչայի ձորերուն, լեռներուն վրայ արեւը կրակ կը տեղայ: Հիմա հոն եղած ըլլայիք, պիտի թողնէին որ նստէիք, հա: Արտ պիտի քաղէիք, մանգաղ պիտի փարտէիք: Գլուխնուդ ամէն մէկ մազին տակէն քրտինք պիտի բխէր: Աչքերնուդ թարթիչները իրարու պիտի փակէին: Չէ: Ըսէք թէ չէ:
Բայց յաճախ ալ շեշտս կը փոխեմ, հաճելի խօսքեր չեմ ընէր, կը վիճաբանեմ, իրենց ծուլութիւնը կ՚այպանեմ:
— Չէ, – կ՚ըսեմ, – այս երկիրը երեսուն միլիոն չէ, հարիւր միլիոն մարդ կ՚ապրեցնէ: Մենք ցորենը դուրսէն պիտի չառնենք, ցորեն պիտի ծախենք, բայց ասոր պատճառը` ծուլութիւնն է, դուք էք: Ես գաւառը ըլլայի` իմ արտերուս բերքովը քանի մը տարիէն ափարթման մը կը կայնեցնէի: Մեր ատենը մեր հանած ցորենը առնող չկար: Ակնցիներուն տալու կ՚ըլլայինք` քիլէն, որ այն ատեն 160 հին օխա էր, 50 ղուրուշ կ՚ըսէինք, չէին առնէր, կ՚երթային: Թրէն չկար, ճամբայ չկար, ուր տանէինք: Հիմա թրէնը ձեր դիմացէն կ՚անցնի, Լիճքէն: Թօփրաք Օֆիսը ոտքերնիդ է, քիլօ մը ցորենը 70-80 ղուրուշի` փարան կ՚համրէ, կ՚առնէ: Ալ ինչ կ՚ուզէք: Ինչու ցորեն չէք հաներ:
— Հիմա ձեր օրերուն պէրէքէթը չկայ, ղոնշու, — կը պատասխանեն, — հիմա մեր տուներուն տարեկան ուտելիքը չենք կրնար հանել: Հիմա մէկ եզը հազար ոսկի է:
— Ձգեցէք ադ պէրէքէթի խօսքը, — կ՚ըսեմ, — միշտ ատ կը կրկնէք. արտերը նորէն այն արտերը չեն: Եւ թէ ինչու եզը փարայով պիտի առնէք, դուք եզ չէք կրնար հասցնել ձեր կովերէն: Պատճառը ձեր ըսածը չէ: Ծոյլ էք, չէք աշխատիր: Գիտէք, Հուրիէթին տարին ղայմախամ մը եկաւ, բոլոր գիւղերուն աղաները կանչեց, մենք ալ գացինք: Երիտասարդ մըն էր։ Գիտէք ինչ ըսաւ ձեր աղաներուն: «Ես, — ըսաւ, — ձեր ու հայերուն արտերը դէմէն, մէկ նայելով կը զատեմ: Ձեր արտերուն ցորենները քարերէն, փուշերէն, գէշ խոտերէն խեղդուած են, հայերուն արտերուն մէջ մէկ քար, մէկ փուշ, մէկ տատասկ չես տեսնէր: Ինչ բերք կը սպասէք ձեր արտերէն»: Դուք հիմա Ըստանպոլը դիւրին փարայ վաստկիլը սորվեցաք, ալ գեղը կը կենաք, կը վազէք հոս կուգաք: Ինչու: Ամէն օր ձեր ձեռքը փարայ կ՚անցնի, անոր համար: Գեղը ուր տեսեր էիք այդչափ փարայ: Համիտիէի երկու ջուր կը կրէք, ափարթմանին սուտի-մուտի բան մը կ՚ընէք, բան մը ձեզի առնել կուտան, տեղ մը կը ղրկեն ձեզ, երկուքուկէս ոսկի, հինգ ոսկի ափերնիդ կը կոխեն: Ալ փափաք կ՚ընէք արտը երթալ` աշխատելու, բերք հանելու: Մեր Ղուռուչայը ինչքան պարապ, չմշակուած տեղեր կան: Երկու գետեր ունիք, մէկը մեր կողմը` Ղարապուտախը, որ շատ վերէն` Համիի կարմիր աղերու աղահանքերէն ու Բախտիարի ձորերէն կուգայ, Եփրատը կը թափի, միւսը, Սինիպէլիի տակէն, Ղոնճիտերէէն ու Քեռեկէի կողմերէն կուգայ, նոյնպէս Եփրատը կը թափի: Ժամերով, ժամերով ձի վազեցուր, կամ քալէ երկու գետերու երկու ափերէն: Ինչ կը տեսնես, ինչ կը հասցնէք այդքան տեղերուն վրայ, լոլիկ մը, ազատքեղ մը անգամ չունիք, իսկ մեր հինգ գիւղերուն այգիները գիտէք, կամ լսած էք` խաղողի, թութի, ընկոյզի, դեղձի, ծիրանի ինչ բերք կուտային: Դուք ինչու պարապ կը ձգէք այդքան տարածութիւնները:
Ես ձեզ Ղայղանայ Բուխարը գիտեմ, ղոնշու, — կ՚ընդմիջէ կին մը: Մեր Ձըվազեղ Աղբիւրին համար է: Չերենճիրցի է, մենք Չորանկըճեր կ՚ըսենք: Ձուազեղին` ղայղանայ կ՚ըսեն, աղբիւրին` բուխար: Բընար ըսես` չեն հասկնար, բընարը ինչ է` կը ծաղրեն քեզ, կը մարին խնդալէն, բուխար չըսես, որ հասկնանք, կ՚ըսեն:
Ես ալ ձեր Ջրխորոսի Եազին արտ քաղած եմ, — կ՚ըսէ տարէց կին մը, որ Կանկըռըտցի է, Խենեկէին դիմացը: — Ձեր Վերնաղբորիկէն ջուր խմեցի, տեհայ, ըսին, անոնց Կապոտ Լոսը, Կապոտ կապանը, Երեւանը: Մեր Ջրկորուսի դաշտին, լեռան աղբիւրին՝ Վերնաղբիւրիկին, Կապոյտ Լուսին, Կապոյտ Կապանին, Երեւանի բարձունքներուն կ՚ըսէ:
Յուշերս կը պատմեմ իրենց:
— Աղէն կուգայինք, Քեմախի Գոմերու աղահանքերէն, — կ՚ըսեմ: – Վեց ջորիով, աղ բեռցած, վեցս ալ հեծած` պարկերուն վրայ: Գորգոբէն անցանք, դրան մը առաջքը խնոց կը հարէին, Խալկին մը լեփլեցուն թան կար: Մեր Շրջիկ հօրքուրարը` «տղաք, տեղը աղ կուտանք ըսենք, խաբենք, խմենք ու փախինք», ըսաւ: Կիները ընդունեցին: «Ամենուն խմածին աղը ես պիտի տամ» ըսաւ անոնց: Խմողս ջորին քալեցուցինք, գացինք: Ինք ալ խմեց: Իր ջորին ալ մըռըզ էր: Գիտէք, որ հայրը ձի, մայրը ձիէն` ձի կը ծնի, հայրը էշ, մայրը ձիէն` ջորի կը ծնի, հայրը ձի, մայրը էշէն` մըռըզ ջորի կը ծնի, որ շատ տոկուն, բեռընտար, նոյնքան ալ խենթ, դիւրաբորբոք կ՚ըլլան, մարդ չի մօտեցնէր, մանաւանդ: Շրջիկ հօրքուրարինը, որ թանը խմեց ու մէկ մը որ չպուխեց, թռաւ, ետեւի ոտքերով կիցեր նետելով. ով կրնար բռնել, ով կրնար քովը երթալ: Գորգոբցի կնիկները` «Կեաւուռլար, զըխխըմ օլսուն, … զէհիր ու զըխխըմ օլսուն իչտիկինիզ… պիզի ալտաթտընըզ տէ ղաչտընըզ, կէպէրէսընըզ, էվինիզէ ղավուշմայասընըզ, կեաւուռլար» պոռացին ու պոռացին մեր ետեւէն:
Երկրորդ մը կը պատմեմ: Կերճանիս կ՚երթայինք, ճամբանիս կարճեցնելու համար` Կուլանին մէջէն անցանք: Ադ Կուլանն ալ ամայի լեռան մը ետեւը գիւղ մըն է: Մեզ որ տեսան «կեաւուռները կ՚անցնին» ըսին կնիկները իրարու: Իրենցմէ նոր հարս մըն ալ, մեզի նայելով, բերանը բաց մնաց, զարմացաւ: Լսեցինք, որ քովիններուն կ՚ըսէ. «Ղըզ անայ… կեաւուռլար տա պիզիմ կիպի իմիշ… ատամ իմիշ…»:
Ասոնք որ կը պատմեմ` կիները շուրթերնին կը սեղմեն, չեն կրնար զսպել, կը խնդան:
ԱՂԱՃԱՆ ԱՄՈՒԻՆ ԷԼՄԱՍԸ
Թեղուտի Եզեկենց Աղաճանը, Չոլլիկին ու Գասպարին հայրը, առտուն աղը դրուած բեմկին վրայեն ալ թութի ծլած պէքմէզը, գլոխ մը չոր սոխին հետ, թրջած հացով կերաւ, աղի բեմկին, ծլած պեքմեզը ներսիդիդ կ՚այրեն` թաս մըն ալ պաղ ջուր խմեց, բերանը սրբեց, բիրը առաւ ու դուրս ելաւ, որու դուռը նստեր էին, ինք ալ մէջերնին էրթալու, նստելու, ժամանակ անցընելու համար, երբ ժամուն անկիւնէն երկու միասին պտըտողները, երկու քէնեկալները` Արութն ու Մքայէլը երեւցան:
— Աղաճան Ամու, Աղաճան Ամու…— կանչեցին, — կեցիր, Մ՚երթար…
Ու քովը եկան:
— Վերիգեղցի Էլմասը եկեր է, Սլոյենցն է, — ըսին իրեն:
Աղաճան ամուն, որ տղոցը` Չոլլիկին ու Գասպարին ընդդիմութիւններուն հակառակ, յիսունըհինգէն ետքը երկրորդ անգամ կարգուելու ելեր էր, վերիգեղցի Էլմասը առնել կ՚ուզեր, Արութն ու Մքայէլն ալ ադ գործը յաջողցնելը իրենց վրայ առած էին, բացագանչեց.
— Ինչ կ՚ըսէք, իրաւ կ՚ըսէք տղաք.. է, է…:
Ուրախութենէն խոշոր աչքերը բանալով, երկու քէնեկալներուն նայեցաւ ու սպասեց, որ շարունակէին:
— Ես ալ չգիտէի, — սկսաւ Մքայէլը, — Մայամ քրոջս աղջիկը` մեր Զմրութը աղբուրէն կուգար, ան ըսաւ, — իրկունը եկեր է, Սլոյենցը մտայ որ` հոն է, նստեր էին, առտուան ճաշը կ՚ընէին:
— Ետքն ալ, Աւետենցը աչքի լուսի պիտի երթային: Նշանին կնիկը տղայ մը չբերաւ, Նշանն ալ Էլմասին հօրքրոջը տղան չէ:
Արութը` Մքայէլին.
— Իմ ըսածս է, պաճօ, քեզի ես ինչ ըսի, աչքի լուսի գալը մահանայ է: Քէնիս` Նազէնը Վերի գեղը չգնաց, «Աղաճան ամուն քեզ կ՚ուզէ, կ՚առնես» լուրը չտարաւ իրեն. եկաւ, որ հասկնար` ով է, ինտոր մարդ է, ինչ ունի:
— Գիտեմ, գիտեմ, ես ալ ատոր կուտամ գալը, — պատասխանեց Մքայէլը:
— Թող հասկնայ, Աղաճան ամուն հիմա ինքը կ՚առնէ ու ինք ալ կեցէր է, նազ կ՚ընէ, — ըսաւ Արութը:
Աղաճանը չհամբերեց.
— Տանս մեծը պիտի ընեմ, ունեցածներս, իմ փարաներս, լուսհոգի կնկանս ոսկիները, մալերս որունն է, իրենն է: Կրնայ, որ հարսներս, տղոցմէ մէկը հնազանդութիւն չընէ իրեն, երես դարձնէ… հը… հը… բերանը կը պատռեմ:
Գլուխը շարժեց ու ծխատուփը երկարելով երկու քէնեկալներուն.
— Մքայէլ, Արութ, ճիկառա փաթթեցէք, — ըսաւ:
— Հիմա էր նետեցինք, Աղաճան ամու, – ըսին: Բայց երկուքն ալ նորէն մէկ մէկ հատ փաթթեցին:
Վախնամ թէ մէկին, մէկալին ըսածներուն համոզուի ու իս չառնէ, — շարունակեց Աղաճանը, — ամա, Աստուծով ու ետքն ալ ձեր ջանքերովը խսմէթ ըլլայ ու առնեմ, տունս բերեմ, Արութ, Մքայէլ, Աստուած վկայ, ձեր կնիկներուն, երկու քուրերուն, Նանոյին ու Նազէնին մէկ մէկ րուպիյէ ոսկի, մէկ մէկ ջուխտ ալ Ակէն Հալէպի գործ` կնիկ մարդու դեղին չետուկ բերել պիտի տամ, ձեր երկուքիդ ալ, ես Եզեկենց տղայ եմ, խօսքէս չեմ դառնար, մէկ-մէկ օսմնցու կարմիր ոսկի պիտի տամ, Երզնկայէն ալ Տրապզոնի գործ` մէկ մէկ ջուխտ եմենի բերել պիտի տամ:
Արութ Աղաճանին խօսքերը ընդհատեց.
— Կ՚ըլլայ, կ՚ըլլայ, Աղաճան ամու, ամէն փափագիդ կը հասնիս. Մենք չենք քնանար, մենք կայնած ենք, — ըսաւ, ու Մքայէլին դառնալով, — պաճօ, մեր խօսելիքները ետքէն ալ կը խօսինք, երթանք Եշտենց կալին պատին վրայ նստինք, հիմա ուր որ է Էլմասը մօրքրոջը հետ Աւետենցը, կը նայիս, կ՚երթայ, մեր առաջքէն պիտի անցնի, խօսքի կը բռնենք, կը կեցնենք, Էլմասն ու Աղաճան ամուն թող իրար աղէկ մը տեսնեն, չըլլար:
Աղաճանը վարանեցաւ:
— Տղաք, դուք խօսեցէք, ես չեմ խօսիր, ես որքան որ քանի մը անգամ տեսած եմ, հետը հէչ չեմ խօսած, ես կը քաշուիմ, ես մինակ կը նստիմ:
— Դուն մի խօսիր, նստէ, — ըսին, — մինակ թէ` մէջքդ չծռես, կռնակդ շիբշիտակ բռնէ, որ ծեր չերեւնաս, մէկ մըն ալ` պըյըխներդ ոլրէ, ծայրերը վեր դարձուր, մարդու մը էրիկմարդութիւնը ցուցնողը պըյըխներն են:
Արութին ըսածը ելաւ: Ժամ բռնէր էր, կ՚ըսես: Կալը գացին, պատին վրայ նստան, ոտքերնին կախեցին, չկախեցին, դէմի կարգի փողոցին գլխէն Սլոյենց դուռը բացուեցաւ, Էլմասը, մօրքրոջը հետ, դուրս ելաւ, ու իրենց կողմը շտկուեցան: Իրենց, առջեւէն որ պիտի անցնէին, Արութն ու Մքայէլը մէկ բերան.
— Բարի ես եկեր, Էլմաս, բարի երթաս, — ըսին:
— Բարի տեսանք, բարին արեւնուդ, բարին ձեր որդոցը արեւուն, - պատասխանեց Էլմաս, հեզ ձայնով մը, ու կեցաւ:
Իր վրայ ըսուածներուն չափ կար: Գեղանի էր, դեղին թարթիչներով: Քառասունըհինգ մը կար, կամ ըլլալու էր, որովհետեւ, քսանըհինգ, քսանըվեց տարեկան կարգած տղայ ու թոռներ ունէր, բայց չէր ցուցներ: Հասակին գծերը դեռ չէին աւրուած, գոյնը երեսներէն դեռ գացած չէր: Այն կնիկներէն էր, որ իրենց աղջիկներէն աղուոր կ՚ըլլան. աղջիկը չես առներ, մայրը կ՚առնես, ինչպէս կ՚ըսեն: Արմտաններու բոլոր կիներուն պէս` կապոյտ չուխայէ ճիւպպէ մը հագեր էր, փայլփլուն քեօսթէկով մը բռնուած ետեւը, տակէն գինեգոյն կեռմեւուտ էնթարի մը, ծունկերէն վար քովնտի չաքերով: Եզերքը վարդագոյն փունջերով վարդագոյն լաչակ մը կապեր էր գլուխը, իսկ ամէնէն աւելի տպաւորողը իր զուսպ ու պարկեշտ արտայայտութիւնն էր:
Արութն ու Մքայէլը չթողուցին, որ երթար:
— Վերիգեղը ինչ կայ չկայ, Էլմաս, — հարցուցին, — տագրդ Մանուկ աղան ինչ կ՚ընէ, տղաքդ` Գրիգորը, Նշանը:
— Ինչ ընեն, աղէկ են, խաթրնիդ կը հարցնեն, — պատասխանեց:
— Հարսդ, թոռներդ:
— Ձեռքերնիդ կը պագնեն, — ըսաւ:
— Մնաք բարով, — ըսաւ:
— Երթաք բարով, — ըսին:
Աղաճանը գլուխը չվերցուց: Բիր կ՚ըլլեր էր, կ՚ըսես, կռնակը շիբշիտակ բռնէր, երկու սրունքները միացուցեր, պեխերուն ծայրերը պլորեր ու վեր դարձուցեր, պռկըները ուժով մը սեղմեր, անթարթ գետինին հողերուն նայեցաւ, մինչեւ որ գացին: Եւ երբ հեռացան, գլուխը վերցուց.
— Տղաք, Էլմասը ինծի ալ նայեցաւ, — հարցուց:
— Նայեցաւ, նայեցաւ, մեր հետը կը խօսէր, աչքն ալ վիրա քեզի էր, — ըսին, ու աւելցուցին Աղաճանին.
— Ալ ինչ ընենք` հոս նստինք, երթանք: Մենք ետքէն կը հասկընանք` Նշանին տունը ինչ ըրեր, ինչ որ խօսեր են, ու լուրը քեզի կը բերենք:
Ու բաժնուեցան:
Աղաճանը քիչ մը Կեռսենց դուռը նստաւ, խնամիին հետ խօսեցաւ, հոնկէ ելաւ խել մըն ալ տէրտիրոջը դուռը նստողներուն հետ խօսեցաւ, հոնկէ ալ տուն գնաց: Մեծ հարսը, Չոլլիկին կինը, որ կեսրոջը մահէն ասդին տունը դարձնողն էր, աղցան ու թանով ապուր եփեր էր: Զատիկէն ետք ուրիշ ինչ կ՚ուտուի, ամէն տուն ինչ կ՚ուտէ, թանին, մածունին, աղցաններուն ամէնէն առատ ատենն է: Սինին դրին, ունկվրային մէջը հացը բրդեցին, թանով ապուրը լեցուցին վրան, հարսներով, տղոցմով, ամէնքը բոլորուեցան, դգալեցին: Չոլլիկն ու Գասպարը չկային, վարի այգիները գացեր էին` պատ որմելու: Նորէն ունկվրայի մը մէջ հաց բրդեցին, տապակ մը հաւկիթով աղցանը վրան լեցուցին, ան ալ կերան: Աղաճան ամուն երկնցաւ, ճաշքուն մը ըրաւ, ետքն ալ ելաւ, դպրոցին քովի Եշտենց կալը գնաց: Անոր տակը երկրորդ կալ մը կար, որ Եշտենց մէկալ տանն էր, անկէ վար ալ ձորն ու ջաղացքն էին, ու դիմացն ալ` սուրբ Վառվառին լեռան մատուռին դարվերիները:
Գիւղին էրիկմարդոցը կէսը հոն էր: Գիւղը կառավարող աղաները, ծերերը, երիտասարդները խումբ-խումբ եղեր էին, գետինները տաք ու չոր ըլլալով` շատերը նստեր էին, շատերն ալ ոտքի վրայ կը խօսէին: Աւելի անդիի կալերը տղաքը չալուկ կը խաղային: Ինչ պիտի ընէին, ընելիք գործ չկար: Գարնցանները` վիկը, գարին, ոսպը ցանէր էին, այգիները յօտեր, սարփներ էին, պարտէզները բահեր էին: Փայտ բերել մը կար լեռնէն, ան ալ` ամէն տունէն երիտասարդը ով էր, ան կ՚երթար ու մինչեւ ցերեկ կուգար: Յունիսին կէսը պիտի անցնէր, ամառնամուտը պիտի գար, որ հերկը, խոտքաղը սկսէր:
Աղաճանը, որոնց մէջ խառնուելու համար, մէկ խումբէն միւսին կը նայէր, երբ Արութն ու Մքայէլը եկան:
— Կը տեսնես դուն եղածը, — ըսին, — Էլմասը ճամբու դրին, չթողին, որ մնար, ու ղրկեցին: Կնիկը աղէկ մը կակուղցած էր, քեզի պիտի առնէր, աղէկը գիտենք: Մեր Նազէնին ըսած էր: «մէկ մը գամ, տեսնեմ, կ՚առնեմ`» ըսեր էր: Վերիգեղէն մինչեւ Թեղուտ ինչու եկաւ: Աչքիլուսի գալը մահանայ ըրաւ, խօսք տալու եկաւ: Կնիկը համոզեցին, խրատեցին, ետ դարձուցին: Աս գործին մէջ տղաքդ ալ կան` Էլմասը քու առնելդ չուզող: Մէկ մըն` ալ Նշանը, Աւետենց Նշանը: «Խենթ ես դուն, Աղաճանը կ՚առնես, վաղը անոր տղաքը, հարսները քեզի համ ու հոտ պիտի տան». գլխուն թափեցան ու ըսին: Ըմա մենք չենք քնանար, նորէն նորէն կ՚ըսենք. մենք գիտենք` ով պիտի ղրկենք ու պիտի համոզենք: Դուն հեչ հոգ Մ՚ըներ, Աղաճան ամու: Մեր ձեռքէն բան չազատիր:
Երկու քէնեկալները զատուեցան կալէն, գացին:
Նշանն ալ կալ մտաւ, Աղաճանին առջեւէն անցաւ:
— Բարեւ, Աղաճան Ամու, ինչ կ՚ընես, Աղաճան Ամու, – ըսաւ:
Աղաճանը Նշանը տեսաւ, չտեսաւ` մազերը տնկուեցան: Ընելիքը, ըսել է, ըրաւ, Էլմասը ճամբու դրաւ, հիմա ալ եկաւ ճաթեցնելու զինքը, հա: Ակռաները կճրտեց, բերանը փրփրեցաւ, ալ անկէ ետքը` ինչ հայհոյութիւն, որ եկաւ ներսէն` դուրս տուաւ:
— Քեզի, քեզի, քեզի…
Նորէն.
— Քեզի, քեզի, քեզի… շուն… շանձագ… շանձգնած… քու կաթդ ու մակարդդ… քու օխտը պորտդ…
Նշան նախ չհասկցաւ այս հայհոյութիւններուն տարափին պատճառը:
— Խենթեցար, խելքիդ եկաւ, Աղաճան Ամու, մէկէն ի մէկ ինչ եղաւ, — հարցուց:
— Խենթեցայ, հա, խենթեցայ, ճիվերիս տղան, Էլմասը խրատեցիր, ղրկեցիր, հիմա ալ վրաս խնդալու եկար, գիտես, թէ ես լուրը չառի: Ու այն Աղաճանը, որ աման, մարդ չգիտնայ, մինչեւ յաջողի` ըսելով, Էլմասին հետ քաշուեցաւ խօսելու ու գլուխը չվերցուց, որ կնկանը երեսին նայէր, փոխուեցաւ մէկէն, ամչնալը ձգեց, ինչքան ձայն ունէր, որպէսզի կալ մը ժողովուրդը լսէր.
— Ծօ, ես ան Էլմասը պիտի առնեմ, ինչ ալ ընես` ես ան կնիկը պիտի առնեմ, ունեցած մալերս, մուլքերս անոր վրայ պիտի գրեմ, տղոցս ալ պիտի չտամ, — պոռաց:
— Առ, մալերդ ալ անոր տուր, ինչ կ՚ուզես` ըրէ, ինծի ինչ, Աղաճան Ամու, մի պոռար, — ըսաւ Նշան:
— Ալ մէկ մըն ալ ամու մի կանչեր ինծի, քեղի պէս շանը ես ամու չեմ, — պոռալով պատասխանեց:
Իզուր Նշանը.
— Ես Էլմասին խրատ չտուի, մի առնէր չըսի, ինք` «հարս ունիմ, երկու տղայ ունիմ, թոռներ ունիմ, ես չեմ կարգուիր, չվայլէր ինծի» ըսաւ, ես ասոր մէջ ինչով յանցաւոր եմ` ինծի կը բարկանաս, — պատասխանեց»
Աղաճանը մտիկ իսկ չըրաւ, աւելի բորբոքեցաւ, բիրը վերցուց, որ զարնէր Նշանին, զուռնաճի Մոսիկը վազեց, մէջ մտաւ, բիրը Նշանը ուտելուն` Մոսիկին եկաւ, քիչ մնաց` աչքին պիտի գար:
Գիւղին աղաները` Մելքոն աղան, Մաթօս աղան, Գասպար էֆենտին հասան, իրարմէ զատեցին:
Մինչեւ իրիկուն Աղաճանին բարկութիւնը չիջաւ: Գիւղին բոլորտիքի ճամբաներուն վրայ պտըտեցաւ: Արտերուն մէջ ցորենները իրենք զիրենք գետնէն ազատեր էին: Կանուխ ցանուածները ծունկթաղ մը եղեր էին, աւելի կանուխ ցանուածները` տարեկանները, ծունկթաղն ալ անցեր էին: Մթնելուն մօտ տուն մտաւ որ` Չոլլիկն ու Գասպարը եկեր էին, սունկ բերէր էին, մեծ հարսը` Չոլլիկին կնիկը, սունկով եղինձ եփէր էր, իւղին մէջ կարմրած սոխրացին, եղինձին ու սունկերուն անուշ հոտը բռնէր էր տունը: Սինին դրեր էր, տղաքը նստեցուցեր էր, տղոցը փորը կը կշտացնէր: Պզտիկ հարսը` Գասպարին առածը, Քարսաղբիւրի բլուրներէն լեռան կանկառ բերէր էր, նստեր էր, մկրատով փուշերը կ՚առնէր, որ հաւկիթով, իւղով պիտի եփէին:
Աղաճանը, ժանիքը կախած, մռթըներէն ինկողը քառսուն կտոր կ՚ըլլար, չարդախին անկիւնը` իր ամենօրեայ տոշակին վրայ նստաւ ու պըզտիկներուն կերածին հետեւեցաւ: Մեծ հարսին` Թէրզոնց Աղջկանը աղջիկն ու պզտիկ հարսին` Կեռոյենց Աղջկանը տղան, որոնք քով քովի նստեր էին, չհասկցուեցաւ պատճառը, ուտելը ձգեցին, ան` անոր, ան` անոր, իրար ծեծեցին: Մեծ հարսը երկուքին ալ բարկացաւ, երկուքն ալ մերժեցին ուտելը, ձգեցին դգալները:
— Չիտի ուտենք մենք ալ, — ըսին երկուքն ալ.
— Մ՚ուտէք, ճիվերս կերէք, հայդի գացէք պառկեցէք, իս չի տի քաշէք եա, հարերնիդ, մարերնիդ տի քաշէք, — պոռաց Աղաճանը երկուքին ալ:
Ալ ատոր վրայ կնքուած բերանը բացուեցաւ Աղաճանին: Մինչեւ պռկըները լեցուած էր, պիտի պայթէր` ներսը պահելու ըլլար, պարպուելու էր, ու, թթու թթու Չոլլիկին ու Գասպարին նայելով, որոնք տրեխնին հանէր էին, մինչեւ ծունկերնին քաշած հաստ գուլպաներով նստեր էին իրենց ամէն օրուան տեղերը, կը սպասէին, որ հարսները տղաքը պառկեցնէին, գային նորէն սինին դնէին, սեղան պատրաստէին.
— Ինծի նայեցէք, ծօ, — գոռաց տղոցը, — դուք ով կ՚ըլլաք, որ իմ կարգուելուս վրայ կը խօսիք, Նշանին հետ կ՚ըլլաք, չէք ուզէր, որ ես Վերիգեղցի Էլմասը առնեմ:
Այո, կը խօսինք, չենք ուզէր, որ առնես, — պատասխանեց Չոլլիկը` Գաբօն, մեծ տղան: — Մօրերնուս մեռնելը տասնըհինգ տարի եղաւ, կեցար, կեցար, հիմա կարգուելու ելար: Կը վայլէ քեզի, Վերիգեղցի Էլմասը առնես: Քու մեծ հարսիդ տարիքն է: Կեռսենց տունը հարս ըրած աղջիկդ, Նախօ քուրս անկէ մեծ է: Դուն ինքզինքդ յիսունըհինգ տարեկանի տեղ դրեր ես, դուն վաթսունըհինգ տարեկան ես, գնայ Տէր Գենարին, թող ժամուն տետրակը բանայ ու նայի: Երկու կարգած տղայ, երկու կարգած աղջիկ, երկու հարս, ութը թոռ ունեցող մարդն այ նորէն կը կարգուի:
— Ինչ կ՚ուզէ ըլլայ, պիտի առնեմ, պիտի կարգուիմ, ձեզի պիտի հարցնեմ, ձենէ հրաման պիտի առնեմ, ծօ, — սպառնաց հայրը տղոցը:
— Առ, ով կ՚ուզես առ, կ՚ուզես` թոռիդ տարիքը աղջիկ մը առ, դուն աղէկ մը դախլեցար, — պատասխանեց Չոլլիկը:
Աղաճան ամուին աչքերը բոլորովին դուրս ելան իրենց տեղերէն, իսկ Էլմասին աչքին երիտասարդ երեւնալու համար ոլորելով ծայրերը վեր դարձուցած պեխերը դեռ կը պահէին իրենց ձիգութիւնը:
— Շատ լեզուիդ մի տար, տունս, մալերս, արտերս Էլմասին վրայ կը գրէմ, ձեզ երկուքդ ալ տունես կը նետեմ, ուր կ՚ուզէք` գացէք, — կոկորդը պատռելով պոռաց:
Գասպարը ըմբոստացաւ հօրը.
— Ով կը հանես, կը նետես տունէն, — ըսաւ, — տունը ինչէն քուկդ կ՚ըլլայ, արտերը, էգստանը, մալերը, մուլքերը ինչէն քուկդ են. մեր պապերուն, ով գիտէ` քանի հարիւր տարի առաջուան մեր որ պապերը ձգած են մեզի, սանքի կ՚ըսես` դուն վաստակեր ես ու առեր ես:
Եշտենց մեծ տանը Աղապապան, Նաղաշենց Մելքոն աղային հայրը` Օհան աղան, Պետենց մեծ տանը Խուռնավուլցի Մաման իրարու ետեւէ ներս մտան, չթողին, որ կռիւը շարունակուի, ստիպեցին ու հաշտեցուցին հայրն ու տղաքը: Խուռնավուլցի Մաման, որ Տուժիկի լեռներուն քուրդերուն մազերնին հինայուած մեծղի կնիկներուն կը նմանէր, բարկացաւ Աղաճանին: Աղաճանը կրնար պատասխանել անոր: Բերնին էր ինկեր: Ան երկու անգամ, Հալէպի վրայով, Երուսաղէմ գացեր, եկեր էր, հաճի եղեր էր: Ան ղայմախամը կը կեցնէր խօսքովը:
Ասոնք տուն բերողը պզտիկ հարսը եղաւ: Գասպարին առածը, Կեռոյենց Աղջիկը, Նարվերցի Մամուն թոռը: Ինչ եաման էր: Երբ կռիւը սաստկացաւ հօր ու տղոցը միջեւ, կանկառը ձգեց, վազեց, գնաց, գիւղ մը մեծերը ոտքի հանեց:
Պարըշուեցան: Հաւկիթով կանկառը եփելը վաղուան ձգեցին, սունկով եղինձը միայն կերան ու ամէնքը իրենց տեղերը գացին, պառկեցան: Աղաճանը յոյսը չկտրեց Արութէն ու Մքայէլէն: Մէկ մէկ օսմնցու ոսկի եւս խոստացաւ, անոնք ալ, անունը չէին տար, գիտէին` որ կնիկը պիտի ղրկէին, որուն Էլմասը «չէ» պիտի չըսէր, խօսքի պիտի գար:
ԵՍ Կ՚ԸՍԵՄ` ԱՍ ՄԱՐԴԸ ՀԱՅ Չէ
Թեղուտի գզիր Մուհարրէմը այս պատմութիւնը պատմեց ինծի:
Ամառ մը, արտքաղի ամսու մը, Քեմախի Բագառիջներէն կուգայի, — ըսաւ, — գիշերը Մեղկեպ պառկեցայ, առտուն կանուխ ճամբայ ելայ, որ իրիկունը արեւը չմարած տունս հասնէի: Մէկ մը մինչեւ ցերեկ Հասանավայ որ ըլլայի, ալ անկէ անդին ինչ կը մնար, կը խորհէի:
Շեյթան Մաղարայով չերթամ, ըսի ես ինծի, ու Պաղարսաղ Տերէին առուն ձեռք առի: Իրաւ, այս կողմէն դարվերին շատ էր, բայց միւսին պէս ալ ոլորուն չէր, ու անկէ աւելի կարճ էր: Ես ալ, չգիտես` ինչպէս, կը քալէի, ոտքերս մէկի տեղ` երկու կը բանայի, դարվերի, դարվարի` աչքիս չէին երեւնար: Հոտկէ եկած ես, չեմ գիտէր, ճամբան առուին մէկ մը ձախը, մէկ մը աջը կ՚անցնէր, ես ալ ամէն անգամ առուին վրայէն մէկ մը ձախը, մէկ մը աջը կը ցատկէի:
Ճամբուս առաջին մասը` դէմէ դէմ ցատկելս, վերջացաւ: Առուէն բաժնուեցայ, լեռը ելլել սկսայ, ու ելայ ու ելայ, ելայ ու ելայ գագաթը չերեւցաւ: Ինչ անհատնում ելլել եղաւ, մինչդեռ ես ալ կը հաւատայի, թէ ցերեկ չեղած Հասանավա կը հասնէի: Ուրիշ անգամ նորէն հոսկէ լեռը ելած էի, այսչափ երկայն չէր եկած ինծի, այսօր ինչ եղաւ: Սխալ կ՚երթայի արդեօք: Մէկու մըն ալ չհանդիպեցայ, որ հարցնէի: Շուրջս, աչքս կտրելու չափ տարածութեան մը վրայ կաղնեստան, գիաստան, ոզուռիի, վայրի կաղամախիի, ճերմակ ցախաւելի, կաղնիի ու գիի ծառեր, որոնք տեղ-տեղ բացաստաններով կ՚ընդհատուէին, յետոյ նորէն կը շարունակուէին: Շոքքէի, Սիդեմիի լեռներուն գագաթները կ՚երեւնային հորիզոնին երկայնքին, բայց ինչքան հեռացեր էի անոնցմէ: Խելքովս կը հետեւցնէի, թէ այս տեսած ծառաստաններս Պոյալրխի, Էռհէմիի, Կանկռուտի, Խենեկէի փայտի լեռն էր, եւ թէ յայտնի էր, որ արգիլուած մաս ըրեր էին անցած տեղերը, որովհետեւ ծառերուն բնաւ կացին դպած չէր, ամէնքն ալ թարմ ու մատաղատի էին: Ես ինչ անխելքութիւն ըրի, մեղադրեցի ես զիս: Աւելի լաւ չէր ըլլար, որ Ուխտիկներու զոյգ գիւղերէն դառնայի, գիշերը Շոքքէ պառկէի, առտուն Սիդեմի բռնել տայի, հոնկէ ու հինգ աղբիւրներէն ի վար Ղուռուչայ իջնայի: Ալ եղաւ անգամ մը:
Կաղամախիի մը տակ շուք մը կ՚երեւար: Իմ տեղէս լաւ չէր զանազանուէր` մարդ էր, թէ թուփ էր, բայց քանի մօտեցայ, ստուգեցի, թէ մարդ էր, եւ երբ քովը գացի, մէկէն սոսկացի…: Ծոցը բաց, թեւերը մերկ մէկը նստեր էր, գիտես թէ ուլի մը, այծի մը մորթը առէր էր վրան, մարմինին մազերը կը կախուէին թեւերէն, կուրծքերէն: Ինքզինքս ժողվեցի, ու.
— Սէլամն ալէյքիւմ, էմի, — ըսի:
— Ալէյքում սէլամ, — պատասխանեց: Ու, իմ շուարումս տեսնելով, աւելցուց.
— Վախցար ինձմէ, իմ մազոտութենէս: Աստուած իս ասանկ ստեղծեց, ինչ կրնամ ընել: Յետոյ մտերմացաւ, ըսաւ, թէ անունը Ապուզեր էր, լեռը կը պահէր, որ ուրիշ գիւղերէն չգային, ծառերը կտրէին:
— Իսկ դուն ուր կ՚երթաս, — հարցուց, — այս ճամբան Պաստանա կը տանի քեզ, Ղոնճիտէրէի գիւղերը:
Ուր երթալս հասկնալով, ոտքի ելաւ ու իմ գնալիք ուղղութիւնս ցուցուց:
Հոտկէ մինչեւ որ Հասանավայի Եազին հասայ` աստղերը փայլեցան, գիշեր եղաւ: Եազին դաշտը ըսածնին գիշերուան մութին մէջ կ՚երկարէր մինչեւ ուր` ես ալ չէի գիտէր: Արտքաղի մէջ էին, բայց մարդ չկար, ձգէր, գացեր էին: Ասոնք մեզի պէս արտերը չէին պառկէր: Պատմուածէն շատ աւելի էր այս տեղերուն տաքը, քրտինքներս կը վազէին քունքերէս, ճակատէս, իսկ ծղրիթները, բիւր բիւրերով, ճռռ, ճռռ, ճռռ, ճռռ, կենալ չունէին, կը կանչէին, կը խլացնէին ականջներս:
Ուրախացայ, երբ երկու մարդ նշմարեցի: Արտի մը, որ դեռ քաղուած չէր, թումբէն անցնելով շտկուեցայ, քովերնին գացի: Խորհեցայ, որ թրքութիւնս պահեմ: Ես հայերու մէջ մեծցեր եմ, չեմ ճանչնար հայերը: «Հայ եմ» ըսելու ըլլաս, եղբօր պէս կը տաքնան վրադ, կը սիրեն քեզ, կը բացուին քեզի:
Էրիկ մը, կնիկ մըն էին: Արտը քաղեր էին, խուրձերը կը բեռնային իշուն: Կնիկը կարճահասակ էր, բայց ինչ աշխոյժ կ՚երեւար. մանգաղները կը տեղաւորէր, խուրձերուն մէջ կոխելով:
— Բարիկուն աղբար, բարիկուն քուրս, Աստուած բարով ուտել տայ, Աստուած կարողութիւն տայ, — ըսի:
— Բարի եկար, — պատասխանեցին երկուքը միասին, ինծի դառնալով:
— Ուշ մնացեր էք, ամէնքը գացեր են, եազին մարդ չէ մնացեր, — ըսի:
— Կտոր մը կար քաղելիք, ան ալ լմնցնենք ըսինք, ուշացանք, — պատասխանեց կինը էրիկէն առաջ, ու աւելցուց, – դուն ուր տեղացի ես աղբար, ուրկէ կուգաս ու ուր կ՚երթաս:
Թեղուտցի ըլլալս չըսի, կրնայ ըլլալ, որ կը գիտնային, հեռուէ մը.
— Խուռնավուլցի եմ, ես ալ ձեզի պէս հայ քրիստոնեայ եմ, Խուռնավուլ գացեր էք, — ըսի:
— Չէ, չենք գացեր, աղբար, — ըսին:
Պալենց տունէն եմ: Սարգիս կ՚ըսեն ինձի, Քեմախի Բագառիջներէն կուգամ, ճամբաս կորսնցուցի, ուշ մնացի, ձեր անունը ինչ է, ամօթ չըլլայ հարցնելս:
— Իմ անունս Արսէն է, – պատասխանեց էրիկը, – անոր անունն ալ Անթառամ է, մենք Թառօ կ՚ըսենք:
Ձեր գլուխը կը ցաւցնեմ, Արսէն աղբար, Թառօ քուր, — ըսի, — աս գիշեր պառկելու համար ձեր գիւղը տեղ մը կայ, դպրոցին դուռին ետեւը ըլլայ, ժամը` մասին օտան ըլլայ, գիշերը մնամ, առտուն ճամբաս երթամ:
Էրիկ կնիկ բողոքեցին:
— Մեղայ, ատանկ բան կ՚ըլլայ, — ըսին, — հայ աղբար մըն ես ու քեզ դուրսը պիտի ձգենք, վրանիս Աստուած կայ, մենք հէչ մէկու մը աղէկութիւն չպիտի ընենք. հետերնիս մերը կը տանինք, մերը կը մնաս, երեք աղջիկ ունէինք, կարգեցինք անոնք, մենք մինակ ենք, երկուքս ենք:
— Երկուքիդ ալ օրերը շատ ըլլան, մէկ օրերնիդ հազար ըլլայ, – ըսի:
Քալեցինք: Անանկ շատ հեռու ալ չէր գիւղը, կամ ինծի անանկ եկաւ, առաջ գիւղի տակի գետը երեւցաւ, ետքը` գիւղին տուները, պարտէզներուն ձորը: Կալերը գացինք, իշուն բեռը իրենց կալը փլցուցինք, գիւղ մտանք:
Մեր գիւղիններուն պէս տուներ էին, էրիկմարդիկը` զատ, կնիկները` զատ, դռները նստեր էին ու կը խօսէին:
— Մենք հացերնիս կերանք, դռները նստեր ենք, նոր կուգաք դուք, Արսէն, աղջի Թառօ, – ըսին էրիկմարդիկը, մեզ երեքս տեսնելով:
— Քիչ մը տեղ կար, քաղենք ըսինք, ուշացանք, – ըսաւ Արսէնը:
— Աս բարեկամը ով է, — հարցուցին:
— Հայ է, Սարգիս է անունը, Խուռնավուլցի է, Բագառիջներէն կուգայ, ուշ մնացեր էր, արտը քովերնիս եկաւ, մենք ալ առինք մերը կը տանինք, – ըսաւ Արսէնը:
— Քրորդի, - ըսաւ կին մը Թառօյին, – թող մերը գայ, մերը փորը կշտացնէ, պառկի, առտուն ելլէ, երթայ, մարդը ճամբէ եկեր է, անօթի է, դուն տահայ նոր պիտի երթաս, կրակ շինես, ճաշ պատրաստես: Թառօն բողոքեց.
— Մեղայ, ատանկ բան կ՚ըլլայ, մորքուր, — ըսաւ, — մեզի եկած հիւրը ձերը ղրկենք. կրակ մը շինելը, ջրվրայ մը եփելն ալ բան մըն է, ես հիմա կ՚ընեմ:
Ճրագը վառեցին, ներսէ ներս շուաքէ մը անցուցին զիս, ընդարձակ ներքնատուն մը մտանք: Մէկ անկիւնը ձմեռուան քիւրսիւն դնելիք, նստելիք տեղն էր, յայտնի էր: Թառօն տոշակ մը, կապերտ մը փռեց չոր գետինին վրայ, ես ու Արսէն աղբարը նստանք:
— Ես հիմա, հիմա ճաշը կը պատրաստեմ, Սարգիս աղբար, — ըսաւ Թառօն ու ըսածին պէս ալ ըրաւ, աչքիս առջեւը, օճախին վրայ:
Ուռիի չոր ճիւղերով կրակ մը վառեց, տապակի մը մէջ իւղ հալեցուց, մինչեւ շուրթերը ջուր լեցուց ու եռացուց, քանի հաւկիթ էր` կոտրեց, աղ ու առատ կարմիր տախդեղով եփեց, քանի մը հաց թրջելով, սինիով մը դրաւ առաջքնիս, ես ու Արսէնը հացը բրդեցինք ունկվրային մէջ, Թառօն ամբողջութեամբ տապակը պարպեց վրան, ու՝
— Հրամէ, Սարգիս աղբար, — ըսաւ ինծի:
Հայ ըլլալս ես հաստատելու համար` խաչս հանեցի, խաչակնքեցի երեսս, անոնք ալ ինծի հետեւելով` խաչակնքեցին, էրիկ կնիկ պիտի սկսէին ուտել.
— Աղօթքս չըրած, «Հայր Մեր»ս չըսած, սովորութիւնս է, չեմ սկսիր, — ըսի, — ու մեր Թեղուտի Մինաս Պատուելին ինտոր տղոցը հատիկ հատիկ աղօթքը ըսելու կը վարժեցնէր, ես ալ անոնց պէս «Օրհնեալ Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս, Յանուն Հօր եւ Որդուոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ, ամէն: Հայր մեր, որ յերկինս ես…» սկսայ ու «զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն» ըսի ու վերջացուցի, սկսանք ուտել:
Տղայ մը, փողոցէն, «երբ կուգայ գարուն, Սոխակը սիրուն, Վարդի թուփի տակ, Հայրիկճան, կ՚երգէ Հայրենիք» եղանակելով անցաւ:
— «Հայրիկճան»–ը կը կանչէ, մեր տղաքն ալ շատ կը կանչեն, Հէյ կիտի Հայրիկ, լուս իջնէ գերեզմանդ, — ըսի ու առանց երգելու աւելցուցի, — «Վասպուրականի երիտասարդներ, եւ օրիորդներ, Հայրիկճան, սեւեր են հագէր»:
Կերանք, կը շտացանք, նորէն երեսս խաչակնքեցի, ու՝
— Սեղաննիդ շէն ըլլայ, Աստուած իրարմէ չզատէ ձեզ, տուներնուդ համը չաւրուի, — ըսի:
Թառօն, որ սեղանը վերցուցած էր, ներքնատան ետեւի հացատունէն դուրս ելլելով.
Սարգիս աղբար, — ըսաւ, — դուն ճամբէ եկած ես, յոգնած ես, անպարին առջեւը պառկելիք տեղդ շինեցի, գնայ, պառկէ դուն, ճամբու պաշար ալ դրի քովդ, դուն առտուն կանուխ կ՚ելլես, առ ու գնայ:
Գիշեր բարի, երկուքիդ ալ արեւը շատ ըլլայ, — ըսի, գացի հանուեցայ եւ պառկեցայ:
Աւելի ետքը ճրագը մարեցին, էրիկ կնիկ իրենք ալ պառկեցան: Աչքերս գոցեցի, բայց ինչ ըրի, քունս չտարաւ: Պատին ետեւէն ձայներնին կը լսէի:
— Վաղը ես մինչեւ ոչխարը կթեմ, արօտ ղրկեմ, կաթը մակրդեմ ու գամ, դուն արտ կ՚երթաս, մնացած խուրձերը կալ կը բերես, էշը կ՚առնես, Խաչին արտը կ՚երթաս, չըլլար, – ըսաւ Թառօն էրկանը:
Կ՚ըլլայ, կ՚ըլլայ, — պատասխանեց էրիկը: Շատ չանցաւ, Թառօն նորէն. Հա, — ըսաւ էրկանը:
— Ինչ է, — պատասխանեց էրիկը:
— Ես կ՚ըսեմ` աս մարդը հայ չէ, ներսը պառկողը:
— Հայտի ծօ, — պատասխանեց էրիկը, - դուն հայ ես, ան հայ չէ եղեր, քու գեղիդ մէջ ժուռ գաս, անանկ հայ մը կը գտնես, դուն ինչ կը հասկնաս` հայը ով է, դդում գլուխ, դուն անոր կիսուն չափ հայերէն գիտես. Հայր Մեր մը ըսաւ, ես անգամ չեմ կրնար անոր պէս ըսել, «Հայրիկճան»–ը գիտէ, դուն գիտես:
— Ինծի անանկ կուգայ, – կրկնեց կինը:
Էրիկը յանդիմանեց.
— Տգէտ, տգէտ, գիտես չգիտես` մի խօսիր, հէմ ալ ձայնդ կտրէ, ես պիտի քնանամ, քունս եկաւ:
Լռեցին, իմ ալ քունս տարաւ:
Առտուն անոնցմէ առաջ արթնցայ, ինծի համար պատրաստած հացի պաշարը անմիջապէս առի, ալ չկեցայ, դուրս ելայ, գիւղին տակի գետը անցայ, դարվերին ելայ, քուրդ Կախմխիի Ձուազեղ Աղբիւրը նստայ, պաշարը բացի, կերայ, ու` Թառօյին ըսածին վրայ զարմացայ: Մինչեւ այսօր ալ կը զարմանամ, աս կնիկը ինչէն հասկցաւ իմ հայ չըլլալս. խօսելս ըսես` ես անկէ աղէկ հայերէն խօսեցայ: Հայր Մերը ըսես` նորէն անանկ:
ՄԵՐ ՎԵՐԻԳԵՂԻՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԸ
Մեր Վերիգեղի Տէր Պօղոսը չէր հիւանդանար: Ոչ միայն մենք` երիտասարդներս, ծերերը, իր տարեկիցներն ալ օր մը հիւանդանալը չէին յիշէր:
Մանաւանդ` մենք հիւանդութիւն մը ունէինք, ինչ գիտնամ, կար մէկը, որ գոնէ քանի մը տարին անգամ մը անկէ չբռնուէր: Ջերմը` մալարիան. մենք անոր` դողցնել կ՚ըսէինք: Արտքաղին ետվրտուքը, մեր բարձրաւանդակի արտերէն իջնալով կալ կամնելու սկսած եղանակին կը յայտնուէր: Ամէն տունէ` երկու երեք հոգի, անկողին կ՚իյնայինք: Մեր խելքովը պատճառը մեր ամառուան անզգուշութիւններուն, լեռը, ձորը ուր ըլլայ մեր պառկիլ, քնանալուն, ամէն տեսակ ջուր խմելուն, ապուռ-ճուպուռ ուտելուն կուտայինք: Մեզ կը հանուեցնէին, սխտոր մածունով ընկոյզի, ուռիի թարմ տերեւներու մէջ կը պառկեցնէին, կաթնուկ կ՚ըսէինք` լեղի էր, արտերը կը բուսնէին, անոր կաթը չորցնելով` կը խմցնէին, ամէնէն ուժատու ուտելիքները կը բերէին մեզի, կը ստիպէին, կ՚աղաչէին, որ ուտէինք. «կեր, — կ՚ըսէին, — ուտելով պիտի աղէկնաս, ուտելով մարդ ուժ կ՚առնէ, կ՚ըռընտնայ»: Բայց ջերմը չէր երթար մեր վրայէն, չէինք ըռընտնար: Զընկր զընկր կը դողայինք, ետեւէն ալ` կը կրակւորէինք: Տոշակնիս, վերմակնիս խխում կը դառնային, կը դեղնէինք, կը հայէինք: Միայն Տէր Պօղոսը չէր բռնուէր մեր հիւանդութենէն, օր մը անոր ջերմ բռնելը, դողցնելը չտեսանք:
Ամէն կալի` աչքի ցաւ մը ունէինք: Մեր աչքերը կը ճպռոտէին, կը ցաւէին: Կալերու փոշիներէն, մեր աչքերը, քիթերը ծեփող մրեղներէն կ՚ըլլայ, կ՚ըսէինք: Ղռլանղըճ Ուշաղիները կային, որոնք վարէն` հարաւէն կուգային, ձիաւոր էին, գիւղէ գիւղ, կալէ կալ շրջելով, աչքի ցաւերը կդարմանէին: Արծաթ ղրուշնոց մը կուտայինք, մեզ կը կեցնէին իրենց ձիերուն առաջքը, աչքերնիս կը բանայինք, իրենց նստած տեղէն, ձիին վրայէն, դեղին հեղուկ մը կը կաթեցնէին, աչքերնիս դեփղեղին կ՚ըլլար: Դեղջուր կ՚ըսէինք, աղբիւր մը ունէինք ձորի մը մէջ, կ՚երթայինք անոր ջուրովը կը լուայինք: Ջերմ չբռնելուն, չդողցնելուն պէս, մեր Վերիգեղին մէջ մինակ Տէր Պօղոսը աչքի ցաւ չէր ըլլար, հակառակ որ` ամէն օր մեզի նման կալի փոշիներուն մէջ էր, ամէնուն կալը կալօրհնէքի կ՚երթար, ցորենի շեղջերը կ՚օրհնէր:
Գիւղին ծերերը, ամէն աշնան, ամէն ձմռան վերջաւորութեանը, եղանակի փոփոխութենէն էր, ով գիտէ, կը թուլնային: Մենք աշունթուլ, ձմեռթուլ կ՚ըսէինք ատոր: Պառկելիք հիւանդութիւն մը չէր, ոտքի վրայ կ՚անցընէին, բայց շաբաթներով աղէկ չէին զգար իրենք զիրենք: Տէր Պօղոսը ըսես, որ նոյնպէս ծեր էր, աւելի կը ձիգնար, կարծես: Ամէն օր Ավըզնի Ձորը կ՚երթար, որ գիւղին անմիջապէս քովն էր: Հոն հով չէր բաներ, ձմեռը անգամ` տաք կ՚ընէր: Երկու կողմի լեռները ջուրի ամբարանոց է կ՚ըսէիր, շատ չէ, ուր լեռը քիչ մը փորէիր, ջուր կը բխէր: Ջուրն ալ` լուբիայի, բակլայի, ոսպի համար մէկ հատիկ էր, շատ աղէկ կուգար, երկու եփ մը ելլէին, մալեզ կը դառնային: Թթուներուն համար ալ: Անկէ էր, որ մեր տախդեղի թթուն, բազկեթթուն, կաղամբի թթուն անուանի էին գաւառին մէջ: Մանաւանդ մեր լոլիկի, ստեպղինի, ազատքեղի, տախդեղի, այսինքն պղպեղի խառն թթուն, կեր ու կեր, կարմիր ալ ջուր մը ունէր, հացդ թաթխէ մէջը, դգալովդ խմէ, կերածդ կը մարսեցնէր շուտով: Առանց քացախի էին, միայն աղով: Տէր Պօղոսը հոդ` Ավըզնի Ձորը, աղբիւր կը շինէր կամ կը նորոգէր: Խելքը աղբիւրին էր: Մէկ մը շինէր էր, երկրորդ մըն ալ շինեց, ինքը, մինակը: Կռնակի կապոյտ ճիւպպէն կը հանէր, կապոյտ էնթարիին փէշերը գօտին կը կոխէր ու կ՚աշխատէր: Յետոյ երրորդ մըն ալ շինեց: Ու երբ Կերճանիսի քուրդերուն ապսպրած գուռը բերին, տեղաւորեցին, լեռնէն ջուրը գուռը վազեց, լեցուեցաւ, պզպզան եղաւ, դուրս հոսեցաւ ու ձորին առուին միացաւ, ամբողջ գաւառը իրեն տային` Տէր Պօղոսը այդքան չէր ուրախանար: Ձորին բոլոր ուռիները, բարդիներն ալ ինք տնկած էր, ամէն տարի ալ նորէն կը տնկէր: Երբ երթայիր, իր աղբիւրը չըլլար, ծառերուն տակը պիտի ըլլար: Մէկ տարեկանէն բռնէ` մինչեւ քսան, քսանհինգ տարեկան բարդիներ ունէր, որոնք սիւներու պէս ուղղաձիգ ելեր էին, ուր որ է` լեռան գագաթի Կաքաւներու Քարերուն պիտի հասնէին:
Տէր Պօղոսին չհիւանդանալէն` չկարծէք, թէ իրեն շատ կը նայէր: Բրեն բնաւ չէր նայեր: Գիւղը ամէնքը Տրապիզոնի ծխախոտը կը ծխէին, լազերուն բերածը: Շատ բարակ կտրուած, բաց դեղին, աւելի դեղին, ոսկեգոյն դեղին: Ինք մինակը քուրդերուն բերած Բիրվենքի ծխախոտը կը ծըխէր, որ թէօնպէքիի կը նմանէր, անոր պէս հաստ ու կարճ կտրուած, ու սեւ: Խումը ըսես երկու անգամ ներս քաշէիր` գլուխդ կը դառնար:
— Տէրտէր, աս կը խմուի, ծօ, աղբար, ինտոր կը խմես, — կ՚ըսէին իր տարեկիցները իրեն:
— Տէր պապ, ինտոր կը խմես դուն, — կը հարցնէին երիտասարդները:
— Աղէկ է, թիւթիւնը աս է, դուք ինչ կը հասկնաք թիւթիւնէն, ձեր խմածը խոտ է, խոտ պիտի խմեմ, — կը պատասխանէր:
Մեր չորս-հինգ գիւղերուն մէջ ամէնէն շատ գինի լեցնողը ինք էր, իր տունն էր: Հանդերուն մէջ ամէնէն մեծ այգին իրենցն էր: Ամէն տարի տասնչորս կարաս գինի կը լեցնէր: Բայց իրենց կիսուն չափ, կէսէն ալ պակաս գինի լեցնողները մինչեւ զատիկ գինի կ՚ունենային, Տէր Պօղոսը ըսես` բարեկենդանին վերջին գիշերը գինի չէր ունենար: Ամէն ճաշի առանց գինիի սեղանէն չէր ելլեր: Ամէն կերակուրի գինի կը խմուի: Մերինները, արդէն շատը կերակուր չէին, ապուր էին: Ըսենք, որ ժուրը սխտորով է, ծեծուած ընկոյզ, ձաւար, կարմիր տախդեղ, անոր հետը գինի կ՚երթայ: Խաշին հետ ալ կ՚երթայ, մենք փաչային խաշ կ՚ըսէինք: Չոր միսով, այսինքն գավուրմայով հաւկիթին հետ ալ կ՚երթայ, քալաճոշին հետ ալ կ՚երթայ, որ չորթան — թան, սխտոր, սոխ, չոր միս, իւղ, տախդեղ, աննուխէ էր: Լուբիային, բակլային հետ ալ կ՚երթայ: Բայց ասոնք ամէն օրուան կերածնիս չէին: Ամէն օրուանը, առտու, ցերեկ, իրիկուն ապուր էին. հացը մէջը պիտի փշրէինք, ալ այնչափ, որ մէջը դգալ պիտի չկրնայինք կոխել ու պիտի ուտէինք: Թանէ թարխանայի, շիրայ թարխնայի, բասկըթանին ծնիկին բխբխին կամ սերմուկի ապուրներուն հետ կը խմուէր: Տէր Պօղոսը, սակայն, կը խմէր: Իսկ երբ դուրսէն հիւրեր ունենար, կամ իր անուան տօնախմբութեանը, կամ կաղանդին, ծնունդին, երբ մինչեւ իրիկուն իր սենեակը կը լեցուէր ու կը պարպուէր վարի գիւղացիներով, թեղուտցիներով, ձեռք պագնելու եկողներով, տանը կնիկներուն կամ իր քրորդիին` Պօղոսին, որ ինծի ալ մօրքրորդի էր, Մանուկ մօրքուրարին, Պայծառ մօրքուրին տղան էր, հոգինին կ՚ելլէր` վարի տունէն վեր գինի կրելով: Կուգային, դուրս կը կանչէին, կ՚ըսէին, թէ ալ չմնաց, կէս կարաս մնաց. «բերէք» կը պոռար նորէն, մինչեւ որ գային, ականջին ըսէին, թէ հատաւ:
Օդի կը խմէր: Մեր օղիները թութի էին, թութ շատ ունէինք, խաղողէ չէինք հաներ: Առտու, ցերեկ, իրիկուն, ամէն ճաշի երկու, երեք գաւաթ, հիւր ունենար` ալ աւելի կը խմէր: Ձմեռը թէյի պէս կ՚եռացնէր ու կը խմէր: Քովը նստելու եկողները, ծերերը, որոնք հետը միասին մեծցեր էին.
— Ծօ, աղբար, ինտոր կը խմես` տաք-տաք, — կ՚ըսէին:
Կը խնդար:
— Շատ աղուոր կ՚ըլլայ, — կը պատասխանէր, — գաւաթ մը լեցնեմ, խմեցէք:
Կը մերժէին:
— Չէ, չէ, պակաս ըլլայ ատոր աղուորութիւնը, — կ՚ըսէին:
Հետն ալ աղի տախդեղ, կամ աղը դրած բողիկ կ՚ուտէր: Այդ բողիկը բողկը չէր. ջուրէն, այսինքն` Եփրատէն անդին, դէմի լեռները կը բուսնէին, քուրդերը կը բերէին: Ես ալ անոր հոտէն չէի ախորժէր: Մեր Քաջտանի Քարերը բուսնող վայրի սխտորին հոտը ունէր:
Գինիին պէս, օղին ալ ինչքան խմէր, չէր գինովնար, ինքզինքը չէր կորսնցնէր, աւելի կը փայլէր, կը շեննար: Տղոցը` երիտասարդներուն հետ ալ աղէկ էր: Գիւղական գործեր ունէինք: Ըսենք թէ` Կզնակի աղբիւրը կամ Վերնաղբիւրիկը աւրուեր է, ոչխար ըռզակը ծարաւ կը մնային: Կապանը նորէն փլէր էր: Ուրկէ պիտի երթային Անծղկայի այգիները, կամ լեռը` փայտ բերելու: Վարի հանդին գետին վրայ կամուրջ կապել կ՚ուզէր, ոչխարը ինչպէս դիմաց պիտի անցնէր` արածելու համար: Տղոցը հետ ինք ալ կ՚երթար բանելու: Փակեղը, ճիւպպէն կը հանէր, էնթարին մէջքը կը ժողվէր, մօրուքը կուրծքին փռած` կ՚աշխատէր, ինչքան ալ տղաքր` «Տեր պապ, դուն նստէ, մենք կ՚ընենք» ըսէին իրեն: Գիւղէն ձաւար, լուբիայ տարած էին, օղի առած էին: Կ՚եփուէր, ճաշի կը նստէին, օղի կը խմուէր:
— Տէր պապ, հրամմէ, — կ՚ըսէին, օղի կուտային Տէր Պօղոսին:
— Տէր պապ, կենացդ, — կ՚ըսէին, իրենք ալ կը խմէին: Տէր Պօղոսը կ՚ոգեւորուէր:
— Տղաք, — կ՚ըսէր, — հոս քանի տղայ էք, ամէնքդ ալ ես կարգեր, ես պսակէր եմ, անանկ չէ:
— Այո, Տէր պապ, — կը պատասխանէին, գետափի աւազին վրայ բոլորակ նստած:
—Ես ձեզ ամէնքդ կարգեր եմ, այսչափ մարդ էք ու մէկ իս չէք կրնար կարգել, — կ՚ըսէր:
Երէցկին չունէր: Մեռած էր, շատ կանուխէն, մենք ծնած չէինք դեռ:
— Տէր պապ, մենք քեզ կը կարգենք, — կը պատասխանէին տղաքը մէկ բերան, զոռլու կնիկ մը գտնենք քեզի. Զառա, Զիմառա, Թամզառա, իլլէ Թամզառա, այս տեղերուն կնիկները աղուոր կ՚ըլլան, տղաք, Թամզառա երթանք, պոյով պոսով կնիկ մը բերենք, որ Տէր պապուն աչքը կնիկ մը տեսնէ:
Տէր Պօղոսը կը խնդար: Գիտէր, որ ըլլալիք բան մը չէր:
— Ես հայու կնիկ չեմ ուզէր, քրդու, ղզլպաշի ըլլայ, — կ՚ըսէր:
— Տէր պապ, Գիւլիւմին հարսը, Հենին առնենք քեզի… Ալաճահաճեցի Ջնդոյին Գոհարը… Էրտէմշեցի Զառէն… ասոնցմէ որը կ՚ուզես, կամ ղզլպաշի կնիկ կ՚ուզես, Ուրանիկցի Զուլալը, Զնզնուտցի Մելեքը…
Ու տղաքը կը շարէին շրջակայ գիւղերու էրիկները մեռած կնիկներուն անունները, ու երբ Գինանայի Սէլիմին հարսին` Սիւլիւնին անունը կուտար տղոցմէ մէկը, ու միւսները, «ծօ, ան Տէր պապուն աղջիկէն ալ պզտիկ է, — կը պոռային, — թոռանը տեղն է, ինչ ընէ Տէր պապը ան»։
— Կ՚առնեմ, կ՚առնեմ, որն ալ որ բերէք` կ՚առնեմ, — կը պատասխանէր Տէր Պօղոս:
Ադ տարի, ձմեռը, սուրբ Սարգիսի պահքին շաբթուն մէջն էր, մէկ մըն ալ ըսին, թէ Տէր պապան մէկէն ի մէկ աւրուէր էր, շունչ չէր կրնար առնել, վիճակէն կը վախցուէր: Զարմացեր էին, որ ատ իրիկուն ժամ ալ եկած չէր: Գիշեր էր, ես ալ հանուէր էի, պիտի պառկէի: Ձեզի պատմած եմ, եթէ մտքերնիդ մնացած էր, եղբօրը` «Մինաս Քեռիին հինգ կնիկները» պատմութեանս մէջ, թէ` մամս իրենց տանէն, Տէրտիրանց աղջիկ ըլլալով, մամուս եղբայր, ինծի քեռի էր:
Հագուեցայ, վազեցի, գացի: Իր սենեակը չէր պառկեր, երդիքին վրայ մէկ հոգիի հոլիկ մը շիներ էր, հոն կը պառկէր: Երդիքը ելայ, որ հոլիկ ըսածիս դուռը բաց էր, անկողինը պարապ էր: Երդիքին ձիւնն ալ քերած չէին: Ուր գացեր էր: Պատին ետեւը դարձայ որ` վարտիք շապիկով մը, կուրծքը բացեր, նստեր էր ձիւնին վրայ: Կը հեւար, քրտինքներու մէջ էր: Պեխերը, մօրուքը իրար անցեր, չէր, կրնար շնչել:
— Տէր քեռի, անկողինդ տանիմ քեզ, անկողինդ պառկէ, ձիւնին վրայ նստեր ես, պաղ հովին մէջ, գէշ կ՚ըլլաս, կը մեռնիս, — ըսի:
— Ձգէ… գնա դուն, ձգէ, որ ես պաղշկիմ, — ըսաւ:
Չթողուց, որ անկողինը տանիմ: Տղաքը` Գառնիկը, Տիգրանը, Կարապետը, Պօղոսը եկան: Ինչ ըրինք, չգնաց ներս: Կը հեւար: Չէր կրնար խօսիլ, մինակ`
— Ձգեցէք, որ պաղշկիմ, — կ՚ըսէր:
— Խելքին եկած է, խենթեցեր է, — յոյսերնիս կտրեցինք, — աս գիշեր աս տէրտէրը կը մեռնի, — ըսինք իրարու ու տուներնիս գացինք:
Քունս տարեր էր, ուշ արթնցայ: Կինս, կուժը շալակը, ներս մտաւ, աղբիւրէն կուգար, Տէր քեռին հարցուցի, սպասելով, որ` «մեռեր է» պիտի ըսէր:
— Տէր քեռին աղեկցեր է, ժամ եկեր է առտուն, ժամը ըրեր է, ժամէն ելլողները ըսին, — պատասխանեց: Ապշեցայ:
— Իրաւ կ՚ըսես:
— Իրաւ կ՚ըսեմ, — ըսաւ:
ԽԻՊԸ
Մեր քովի տունին Մարօն ներս մտաւ որ` նստեր էինք մեր չարդախը: Մայրս օճախը ցերեկուան ապուրը կ՚եփէր, պիտի ուտէինք, ու կիները արտերը քաղնելու, ես ու Ովակն ալ` ջաղացքին առաջքի պարտէզը բահելու պիտի երթայինք:
— Հօրքուր, — ըսաւ մամուս (ինք ալ` մամուս պէս, Տէրտիրանց աղջիկ ըլլալով` հօրքուր կը կանչէր, մօրս ալ` իրմէ մեծ ըլլալուն, «հարսիկ» կ՚ըսէր, որ մենք մեր մօրը տարիքով կիներուն ադ անունը կուտայինք),
— Ձեր մշակին` Ովակին կնիկը եկեր է, մերը նստեր է:
— Մերը ինչու չէ եկեր, քեզի եկեր է, – ըսաւ մամս:
Կը խպնիմ` կ՚ըսէ: Ես ալ չգիտէի` ով ըլլալը: Դուրս ելայ որ` ոտքերը չարըխով, դեղին լաչակով քիթը-բերանը գոցած կնիկ մը կայնէր է ձեր բակին դուռը: Քուրդ գիտցայ: Քովը գացի, ով ես դուն, ինչ կ՚ուզես` հարցուցի: Տանձեցի եմ, ասոնց մշակին` Ովակին կնիկն եմ, ըսաւ: Ինչու կեցէր ես, ներս չերթաս, ըսի: Կը խպնիմ` ըսաւ: Մերը տարի, դուն հոս նստէ, ես երթամ, իմացնեմ` ըսի:
Մամս, մայրս զարմացան:
— Խպնելու ինչ կայ, ինչու կը խպնի, – ըսաւ մամս: – Որ եկեր է, ձեզի մնալու չէ, էրիկը մեր տունն է, մեզի պիտի գայ, գնայ առ ու բեր հետդ, Մարօ:
— Ինչ ըրի չեկաւ, հօրքուր, – կրկնեց Մարօն: Ես կը խպնիմ` կ՚ըսէ, կը կենայ:
— Խենթ է, ինչ է, — ձայնը բարձրացուց մայրս օճախին առաջքէն: — Որ պիտի խպնէր` ինչու եկաւ: Կարմիր մոմ ղրկեցինք: Ինտոր ընենք, ձուազեղ մը եփենք, երես մը սէր քաշենք, առաջքը երթանք, հրամէ մերը` ըսենք:
— Ինչ գիտնամ, հարսիկ, — ըսաւ Մարօն մօրս:
— Հարս, դուն գնայ` առ ու բեր, — ըսաւ մայրս կնոջս:
Կինս գնաց որ նստեր էր Մարոյենցը: Ներս մտնելուն` ոտքի ելաւ, թէեւ ինք տարիքով մեծ ըլլալուն իրեն ոտքի ելլելը պատշաճ չէր, հարկաւ:
— Մերը ինչու չես եկեր, հոս նստեր ես, — ըսաւ կինս: — Ելիր մերը երթանք: Մենք մեզի ենք: Դուրսէն օտար մարդ չկայ: Ես, կեսուրս, մեծ կեսուրս, ու մէկ մըն ալ աղբարդ ենք:
«Աղբարդ» ըսածը` ինծի համար էր: Անշուշտ վայելուչ չէր, որ «էրիկս» ըսէր:
— Ես կը խպնիմ, քուրու, ես չեմ գար, — ըսաւ հազիւ լսելի ձայնով ու վար նայելով:
Կնոջս ստիպումներուն վրայ զգաց, որ աւելի յամառիլը չէր ըլլար, միասին եկան: Առաջ մամուս, ետքը օճախը գնաց` մօրս, ետքը` ինծի մօտեցաւ, իմ ձեռքս բերանակալին տանելով` պագաւ, չարդախին մէջտեղի սիւնին առաջքը քաշուեցաւ, նոր հարսի մը պէս բարեւ բռնեց ու կեցաւ:
— Ինտոր էք, — հարցուց մամս, — պարնտատդ, կեսուրդ, տագրդ, ներըդ, տղաքը:
Մունջ էր:
— Ըֆֆ… — շշաց, գլխովը հասկցնելով, թէ աղէկ էին:
— Որու հետ եկար, ով բերաւ քեզ:
Կնոջս մօտեցաւ, անոր ականջին ըսաւ:
— Մօրաքրոջը հետ եկեր է, մօրքուրը ըսէր է` եկուր քեզ հետս տանիմ, առէր բերէր է, — պատասխանեց կինս:
— Անունդ ինչ է, — հարցուց մամս նորէն:
— Սարօ է, — պատասխանեց կինս անոր տեղը:
— Աղէկ, աղէկ, — ըսին մերերը, ու ուզեցի, որ ոտքի վրայ չմնար, գար քովերնին նստեր, բայց չանսաց, իր գիտցածը ըրաւ, անկրթութիւն համարելով խաթուններուն քով նստիլը:
— Ովակն ալ հոս է, ջաղացքին առաջքի ածուքը կը բահէ, հիմա ուր որ է` կուգայ ճաշելու, — ըսաւ մամս:
Անտարբեր մնաց: Անվայել էր մեծերուն ներկայութեանը իր էրիկովը հետաքրքրուելը, որպէսզի մտքերնուն չանցընեն, թէ իր մարդը տեսնել եկեր էր:
Ովակն ալ ներս մտաւ: Տեսաւ կնիկը, որ չարդախը կայներ էր, նայեցաւ մինակ, ու շիտակ բղուկին գլուխը գնաց, պղնձէ լոշիկը կոխեց, ջուր առաւ ու խմեց:
Մայրս`
— Խորեաթ, — ըսաւ, — կնիկդ եկեր է, քովը չերթաս, բարի ես եկեր մը` չըսես, չհարցնես տունը ինչ կայ, չկայ, տղաքը, հարըդ, մարըդ:
— Ինչը պիտի հարցնեմ, ինչ կայ, որ եկեր է, — պատասխանեց չոր ձայնով մը:
— Կնիկդ չէ, քովդ եկեր է, – կրկնեց մայրս:
— Ինչ ընեմ` կնիկս է նը, թող չգար:
Մամս խօսակցութիւնը փոխեց`
— Մինչեւ ուր բահեցիր, — հարցաց Ովակին:
Մինչեւ Մաղիկանց պատին մասուրները:
— Առտուընէ ի վեր մինչեւ հոդ բահեցիր. հէչ բան մը չես ըրեր:
— Ինչ ընէի, հողը կաղճին է, կը փակի, բահը չբանիր, սէզերը գոցեր են, անանկ ալ խորունկ բուսեր են, որ բահը կը կոխեմ ուժով, չեն ելլէր նորէն:
— Հայտի, հարս, — ըսաւ մայրս կնոջս, — ապուրը եփեցաւ, վար առի, թանը խառնեցի, ելիր հաց թրջէ, սինին դիր:
Կինս տապակով ջուր բերաւ, Սարօյին կեցած տեղին քով: Հացատան տարծոցէն, քանի հոգի էինք` այնչափ թերթ չոր հաց, բերաւ, ափովը ջուր ցանեց վրանին, սալային մէջը պառկեցուց, վալայով ծածկեց, որ փափկնային: Աթոռակին վրայ սինին հաստատեց, պապս ու տղաքն ալ եկան, Սարօն ալ հետերնիս, բոլորուեցանք ծնկածալ: Կինս ամէնուս դգալ ու հաց բաժնեց. օճախէն մեծ ունկվրայով թանապուր բերաւ, մինչեւ շրթները պզպզուն որ` հը-հը-հը, պիտի թափէր բերած տեղը: Պապս, մամս չհամբերեցին: «Աս հարսն ալ քիչ լեցնել չգիտեր, հազար ըսէ` ան նորէն լէմպէլէմպ, պզպզուն պիտի լեցնէ, որ թափի, հոս Կորջայենց տունը չէ, մարանքդ մոռցիր, Տեմուրճենց տունն է հոս» ըսին: Լացը փշրեցինք մէջը, գդալեցինք, կերանք: Ունկվրայ մըն ալ լեցուց, բերաւ, ան ալ հատցուցինք: Զատկէն ետքը մինչեւ նոր բերքերը ելլեն, ուրիշ ինչ կայ ուտելիք. կաթ, մածուն, թան, թանով ապուր: Առտուն թանով ապուր, ցերեկը թանով ապուր, իրիկունը թանով ապուր: Եւ կամ` փիլաւ, ջըրվրայ, արտերէն բերուած աղցան:
Ամենէն առաջ Ովակը ոտքի ելաւ: Ետեւէն` ես: Մենք պարտէզը բահել գացինք: Կիները սեղանը վերցուցին, ամանները լուացին, Սարօն տունը խաթուն ընել նստեցնելու չէին հարկաւ, ան ալ հետերնին առին, Երկու Քարուկի, Կապուտ կապաններու արտերուն խոտերը փետտելու՝ քաղնելու գացին: Իրկունը մենք` բահելէն, անոնք ալ` քաղնելէն, դարձան: Մայրս հաւկիթ կոտրեց, ջրվրայ եփեց, չմթնած, լուս աչքով, կերանք: Կինս ու Սարօն ախոռ մտան, կովերուն ու եզնոցը կերը տուին, վեր եկան ու անկողինները փռեցին: Գիշեր եղաւ, ամէն մարդ իր տեղը, Ովակն ալ վերի երդիքը փիլաներուն` չոր խոտերուն վրայ իր անկողինը գնաց պառկելու: Սարօն ու կինս մնացին ոտքի վրայ:
— Ամէնքը պառկեցան, հայտի դուն ալ ելիր մարդուդ քով գնայ, պառկէ, — ըսաւ կինս Սարօյին:
— Քուրու, ես կը խպնիմ, էս ձեր տունը անոր հետ չեմ պառկիր, — ըսաւ:
Էրկանդ հետ չես պառկիր, քեզ ուր պառկեցնենք, — ըսաւ կինս: — Տոշակնիդ լայն ալ է, երկուքդ ալ կ՚ըլլաք մէջը: Մարդ մարդասանք չկայ վերը: Չոր փիլաներուն վրայ կը պառկիք: Էրիկէդ ալ կը խպնիս, երեք տղու մար ես, մարդ իր էրիկէն ալ կը խպնի:
Ինչ ըրաւ` խօսքի չեկաւ:
— Ես կը խպնիմ, քուրու, ես ձեր տունը անոր հետ չեմ պառկիր, — ոտք կոխեց, կեցաւ:
Կինս շուարեցաւ:
— Է, ինչ պիտի ընենք հիմա, ան ըսէ, ասանկ ոտքի վրայ պիտի կենանք: Քեզի կը հարցնեմ, — ըսաւ կինս:
— Դուն գնայ պառկէ, քուրու, — պատասխանեց,: - Դուն:
— Ես կը նստիմ հոս:
— Մինչեւ առտու:
— Մինչեւ առտու կը նստիմ:
Մայրս պառկած տեղէն տեսաւ, որ ճրագը կը վառէր` ելաւ քովերնին եկաւ:
— Ինչու կեցէր էք, ճրագը չէք մարեր ու տեղերնիդ երթար, — հարցուց:
— Էրկանդ քով գնայ, պառկէ` կ՚ըսեմ, ես կը խպնիմ` կ՚ըսէ, չերթար, — ըսաւ կինս:
— Չերթար, չպառկիր, ինչ պիտի ընէ հոս:
— Դուն գնայ, ես կը նստիմ` կ՚ըսէ:
— Խենթ է, ինչ է, չգիտեմ որ ըսեմ, աղջի չելլես, չերթաս` էրկանդ քով պառկիս, –– յանդիմանեց մայրս:
Քարը կը խօսի : Քար դարձաւ: Մայրս բերանը բացաւ.
— Աղջի, շունշանորդի կնիկ, իս ալ մեղքը կը խոթես գիշերով, չէիր գիտէր, որ մեր տունը գայիր նը` էրկանդ ծոցը պիտի պառկէիր: Ինչ ընենք: Մեր ծոցը առնենք քեզ, պառկեցնենք: Զատ տոշակ ձգենք: Որ կը խպնէիր նը` ինչու եկար:
Չշարժեցաւ կայնած տեղէն: Լռեց: Մայրս, ճարահատ, կնոջս`
— Աղջի հարս, առ վարի տունը տար, անպարներուն առաջքը, մթել, մը, տոշակ մը տուր, թող պառկի հոն, — ըսաւ:
Կինս մօրս ըսածին պէս ըրաւ, վեր եկաւ:
Առտուն լուսցաւ, չլուսցաւ` հաց, պանիր, ուրուպ դրինք իր ու Ովակին առաջքը, կերան, Ովակը առաւ տարաւ կինը:
ՔՈԻՆԳԼՈԻԽ
Յակոբ Մարթաեանին իր գործին
դիմաց հիացումովս
Առտու ըլլալու դեռ շատ կար, երբ Օղիկին Արութը աղօնին մնացած բեռները երկու էշերուն բեռցաւ ու ջաղացքէն բաժնուեցաւ: Գետը, որ արդէն աղէկ մը ցամքէր էր, անցաւ, ու քարէ քար կոխելով դէմի ափը ելաւ: Քնատ էր: Աղալու կարգը իրը ըլլալուն, երկու օր է` ոտքի վրայ եղած էր, չէր քնացեր: Լեղիակի ձորը քունը բոլորովին ծանրացաւ կոպերուն, աչքերը չէին բացուէր: Մեծ իշուն պոչէն բռնեց, որ չիյնար ու թողուց, որ տանէ զինքը: Ատկէ ետքը ալ ուր երթալը չգիտցաւ: Ձորին մէջ մաղուած ալիւրի պէս աւազ մը կար եւ այնքան շատ, որ էշերուն քայլերը թաղուեցան ու ելան: Արութն ալ անոնց պէս իջաւ ու ելաւ, ու աչքերը գոց, անոնց ետեւէն քալեց: Ձորը վերջացաւ: Զառիվերին ոլորապտոյտները յաջորդեցին: Էշերը, լեռան ոլորումներուն հետեւելով, գագաթը հասան: Երկու ճամբայ կային իրենց առջեւը: Մէկը Ապուշտայի բարձունքներուն տակէն, միւսը` սուրբ Եղիայի ուղղութիւնով կ՚երկննային: Էշերը գիտէին իրենց երթալիք կողմը, ու առանց վարանելու` թեքուեցան իրենց աջին: Արտերու մէջէն ալիւրի բեռներով գացին, գացին, ինք ալ իշուն պոչը թող չտալով գնաց, գնաց անոնց ետեւէն: Երկու անգամ կամուրջներն անցան. էշերը կը տեսնէին, թէ վարը ձորեր կային, ջուրերը կը վազէին: Արութ ասոնք չգիտցաւ անգամ: Գիւղ մտան: Էշերը ընկուզենիներու տակի Մաղիկանց փողոցը չդարձան: Սուրբ Թորոսի քովէն, Թումասենց բակին ու տան աոաջքի սալայատակը ելան: Հոնկէ վար իջնելուն իշուն ոտքը գայթեցաւ: Մազ մնաց` ալիւրի բեռնով-մեռնով պիտի իյնար, շուտ ինքզինքը բռնեց ու շտկուեցաւ: Արութն ալ իշուն վրայ պիտի իյնար, բայց չպատահեցաւ ատ, կզակը իշուն քամակին զարնուեցաւ: Աչքերը չբացաւ անգամ: Էշերը իրենց աջակողմի Կոչենց փողոցը չմտան: Ոչ ալ աւելի առաջ Կորջայենց, ու ձախի Թեւոյին նեղ փողոցը դարձան: Ճիշտ իրենց տան առջեւը կեցան: Ալ քայլ չնետեցին: Սպասեցին, որ դուռը բացուի, գան ու իրենց կռնակի բեռները վար առնեն: Արութն ալ էշերուն հետ սպասեց, աչքերը միշտ գոց:
Էշը հազաց:
Չարդախէն, ուր տղաքը, մամերնին, մայրերնին կը քնանային իրենց անկողիններուն մէջ, չարթնցան: Ամենէն վերջը տղոցը մայրը` Բարիկանց Աղջիկը արթնցաւ, կեսրոջը`
— Խաթումար, - ըսաւ, — գիտես թէ` բեռները եկան:
Կեսուրը գլուխը չվերցուց: Պառկած տեղէն պատասխանեց.
— Ուր է եկան, Արութը ըլլար` չէր կանչեր, թէ վար եկէք: Քունիդ մէջ` քեզի անանկ եկաւ:
Տղաքը կը քնանային: Հարս ու կեսուր լռեցին: Էշը տեղ փոխեց: Մանուկանց պատին կռնակը դարձուց ու կեցաւ: Արութն ալ հետը դարձաւ, իշուն պոչը ամուր մը ափը, ու նորէն գլուխը իշուն քամակին վրայ կախած, քնացաւ: Էշը երկրորդ անգամ մըն ալ հազաց, պայտը գետին քարին զարկաւ ու ձայն հանեց:
— Խաթումար, — կրկնեց հարսը կեսրոջը, — ջաղացքէն իրաւ եկած են, էշը հազաց: Նալը գետինի քարին զարկաւ, չլսեցիր:
— Եկեր են նը` վար իջիր, դուռը բաց, նայէ, ինչ ընեմ, — պատասխանեց կեսուրը, չհաւատալով հարսին:
Բարիկանց Աղջիկը վար իջաւ, դուռը բացաւ որ բեռները իրաւ եկեր էին, Արութն ալ գլուխը կախէր էր իշուն քամակին վրայ:
— Եկեր ես, ձայն ալ չես ընէր: Չկանչես, թէ եկանք, վար իջէք, — յանդիմանեց կինը էրիկը:
Արութ չպատասխանեց: Կինը քովը գնաց:
— Աչքերդ ալ գոցեր ես: Իշուն ագին ամուր մը բռնէր ես: Մտքի վրայ կը քնանաս, ինչ կ՚ընես, — ըսաւ, էրկանը թեւին զարնելով:
Հը…— ըրաւ Արութ:
Բեռները վար առնենք, ներս տանինք տէ, գնայ, պառկէ, — ըսաւ կինը: — Ջաղացքէն մինչեւ հոս ինտոր քուն գլոխով քալեցիր: Աչքերդ բաց:
— Հը…— ըրաւ Արութ:
— Հըն ինչ է: Չխօսիս: Աչքերդ չբանաս։ Գինով ես, ինչ ես: Գինիի, ճերմակ ջուրի հոտ ալ չգար բերնեդ:
Լուսցաւ, առտու եղաւ: Գալենց Ակոբը` Ռահաթին տղան, որ Բարիկանց Աղջկանը` Մարոյին քոյրը առած քեռայրն էր, տրեխւորեր էր ու իրենց Առվտակի արտը վարելու կ՚երթար, քովերնին եկաւ: Երկուքը ինչ ըրին, չկրցան արթնցնել Արութը: Իզուր տասն անգամ «պաճօ», «Արութ» կանչեց Ակոբ:
— Հը…— կ՚ընէր: Միայն, անգամ մը.
— Գացէք, մի դպիք ինծի, — ըսաւ ու նորէն աչքերը չբացաւ:
— Երկու տարի առաջ ալ ասանկ ըրաւ, ըմը, արթնեցուցինք ետքը, հիմա ինչ կ՚ընեմ` չարթննար, էնիշտա, – ըսաւ Մարօն:
Քէնի ու քեռայր, ուրիշ ճար չգտնելով, դռան ետեւը, շուաքը, մթել մը փռեցին, թեւէն քաշելով, քաշքշելով պառկեցուցին, բեռերը վար առին, էշերը ախոռները, իրենց մսուրները կապեցին: Տղաքը` Սերօն, Օննօն, Հեղնուկը ձայներէն արթնցան, զարմացան իրենց հօրը շուաքը պառկիլը տեսնելով:
— Ինչու տեղը չէ պառկէր, հոս պառկէր է հայրիկը, — հարցուցին:
— Լաթերն ալ չէ հանէր, — նկատեց Հեղնօն:
Մայրերնին սաստեց զիրենք:
— Հայտի, — պոռաց, — ոտքերս մի պլլուիք, դուրս գացէք, խաղցէք, մի կենաք բոլորտիքս: Անօթի էք նը` գացէք, հացին տարծոցէն հաց առէք ու դուրս ելէք:
Շեխկնիկին հարսը` Թուրանը, կաթը կթոցովը ներս մտաւ: Իրիկուան ու առտուան կթած կաթերուն խապը բերաւ: Չորս խապ պարտք ունէր: Մարօն կաթը չափեց ուռիի փայտիկովը, նշած չորս խազերէն երկուքը տաշեց զմելիովը, երկուքը թողուց:
— Երկուք մնաց, — ըսաւ:
— Մարդդ ինչու շուաքը պառկեցուցեր ես, Բարիկանց Աղջիկ: — հարցուց:
— Գիշերը ջաղացքէն եկաւ, ինչ ըրի` տեղը չելաւ պառկելու. յոգներ եմ, քնատ եմ` ըսաւ, ես ալ հոս մթել ձգեցի, քնացաւ, — պատասխանեց, չուզելով աւելի մանրամասնութիւն տալ:
Մանուկանց երկու տուներու երկու հարսները` Դշխուն ու Հայկանոյշը իրենց խապերը բերին: Կթոցներով ուղղակի ներս գացին, ուր Մարօն ծռէր էր, օճախին կրակները կը փչէր, փայտերը բռնկեցնելու համար: Կաթերը չափեց, զմելիով փայտիկներուն վրայ խազերը նշեց: Դշխուն մէկ, Հայկանոյշը երկու խազ առնելիքւոր էին:
— Մարդդ ինչու հոս պառկէր է, պաճըլըխ, — հարցուցին երկու ներերը:
— Ինչ ըրի` վեր չելաւ: Ջաղացքը երկու օր է` չէր քնացեր, քնատ էր, հոս պառկեցաւ, — պատասխանեց Մարօն:
Նարվերցի Նէնէն եկաւ: Ան ալ խապկից էր, բայց խապը չէր բերէր: Ներս չմտաւ: Դռնէն ըսաւ.
— Կաթի Մ՚սպասէր, Բարիկանց Աղջիկ: Հարսերնիս տղայ մը, աղջիկ մը բերաւ, երկուքն ալ մէկզմէկէ սիրտ հատցնող: Անչափ աղաչեցի, եկէք սա ածին կոտոշներէն բռնեցէք, չեկան, չբռնեցին, ճիվովը անանկ զարկաւ, որ կթոց մը կաթը թափեց: Տղտղկի անանկ տղան, աղջղջի անանկ աղջիկը, իլլէ աղջիկը. ջուրի վար տամ, ջուրի վեր ժուռ գամ, ծախողը տի ծախէ, ըմը` վայ առնողին գլոխին, ատանկ խօսք մտիկ չընող զաւակներ են, Բարիկանց Աղջիկ:
Ապուշ հարսիկը իր խապը բերաւ: Տեսաւ, որ Արութը պառկէր էր շուաքը, կթոցը գետինը դրաւ.
— Աս ինչ է, Բարիկանց Աղջիկ, — ըսաւ:
— Վեր չելաւ, Ապուշ հարսիկ, ինչ ընեմ, հոս քնացաւ, ես ալ վրան ծածկեցի, — պատասխանեց:
Բուն անունը Նունիկ էր: Ապուշտացի ըլլալուն` կը կարճեցնէին, Ապուշ հարսիկ կամ Ապուշ մօրքուր կը կանչէին:
— Արութ, քեզի եմ, չելլես, տեղդ պառկիս, — ձայնեց, վստահ ըլլալով, որ իր մէկ խօսքը երկու չէր ընէր, կը քաշուէր իրմէ:
Արութ լսեց, չլսեց, յայտնի չէր: Պառկուածքը փոխեց, երեսը պատին դարձուց:
— Սիրտդ մի հատցնէր, Ապուշ հարսիկ, չարթննար, — ըսաւ Բարիկանց Աղջիկը:
Կաթը տալով, դուրս ելլելէ առաջ`
— Բարիկանց Աղջիկ, գիշերը ճամբան վախցած չըլլայ Արութը: Աշխարհքը չեղած բան չկայ, — ըսաւ Ապուշ հարսիկը, — Հողվրտիէն, սուրբ Թորոսի դռնէն մինչեւ հոս, եկած ճամբէն պարան մը պտտցուր, տէրտիրոջը ըսէ, թող գայ, կարդալիք մը ընէ:
Փայտերը բռնկեցան: Բարիկանց Աղջիկը իրենց ու խապկիցներու բերած կաթը օճախին վրայ դրաւ` եռալու: Տղաքը քանի չկային, տան ներսերը ջրցքեց, աւըլեց մինչեւ որ կաթը եփեցաւ, դուրս թափիլ սկսաւ: Կաթին անուշ բոյրը ու շոգին տարածուեցան տանը ամէն կողմը: Կեսուրը` Օղիկ Մաման, սխտորգուշը բերաւ, նստաւ եւ ընկոյզ ծեծեց, աղով, սխտորով, կարմիր տախդեղով, մինչեւ որ ժուր եղաւ: Մեծ տապակ մը ձաւար եփեց: Ցերեկ էր ժուր պիտի ուտէին: Ուրիշ ինչ պիտի ուտէին: Փայտէ աթոռակին վրայ սինին դրին, հացը փշրեցին պղնձէ ունկվրային մէջը, ձաւարը, եղած ջուրովը, պարպեցին վրան, հացերը լխպիկ եղան, թանձր ժուրը անցուցին երեսը, հարսով, կեսուրով, տղոցմով շարուեցան սինիին բոլորտիքը:
— Արութ, ալ հերիք է քնանաս, իրիկուընէ ի վեր անօթի ես, ելիր, որ ճաշես, — ըսաւ Օղիկ Մաման` մայրը:
— Հը…— ըրաւ Արութը:
Բարիկանց Աղջիկը չեխեց Սերոն.
— Ադ ինչ աղտոտ ձեռքեր են, ըդ ինչ աղտ են, մաղտընոս ցանես` կը բուսնին, ըդ մատներդ ժուրին մէջ պիտի խոթէս, հանես, մենք ալ հետդ պիտի ուտենք, հա, գնայ լուայ:
Սերոն լուաց ձեռքերը, նստաւ տեղը, Արութ չշարժեցաւ անգամ, իրենք ճաշեցին:
Ճաշէն ելան տղաքը, անյայտացան, ով գիտէ` ուր գացին, հարս ու կեսուր, չլուացուած բուրդ ու մազ ունէին, քանի ատենէ ի վեր կը մնար, առին, Խաչիդարի առուն տարին: Բարիկանց Աղջիկը մինչեւ ծունկերը մերկացաւ, առուն մտաւ, առաջ բուրդերը, ետքն ալ` այծերու մազերը չորս անգամ ջուրը կոխեց, թրջեց, հանեց, թակով ծեծեց, նորէն ջուրը կոխեց, նորէն հանեց ու ճմլեց, ու փռեցին, որ ցամքէին: Վաղը, արեւէն, աղէկ մը որ չորնային, բուրդերը ինչպէս ճեփճերմակ, մազերը ինչպէս սեփսեւ պիտի փայլէին:
Իրիկուն եղաւ: Հիմա ուր որ էր` Կապուտ Կապանի կողերը պիտի սեւնային: Ոչխար, ըռզակ, գիւղ պիտի իջնային: Օղիկ Մաման Լեղաղբիւրի կողմը քալեց, ժամ երթալու համար: Բարիկանց Աղջիկը բուրդ ու մազը շալկած` տուն եկաւ, որ` Արութը նստեր էր դուրսը:
— Ելար, - ըսաւ էրկանը, – գիշերուընէ ի վեր բան չմնաց, որ չընէի` քեզի արթնցնելու համար: Վար իջայ, որ բեռները եկեր էին: Դուն ալ ոտքի վրայ կը քնանաս: Ակոբը` պաճանախդ, ինչ ըրաւ` աչքերդ չբացիր: Նայեցանք, որ չըլլար, բերինք շուաքը պառկեցուցինք քեզ։ Խաշմանենց ջաղաց քէն մինչեւ տուն, անչափ ճամբան ինտոր քունգլոխ քալեցիր: Քալելով մարդ կը քնանայ: Չնայիս, աչքերդ կոկան-կոկան են եղեր:
Արութ բարկացաւ.
— Կը քնանամ… քնացայ… բան մը եղաւ… Որու ինչ եղաւ, ծօ…— ըսաւ կնոջը ու աւելցուց.
— Հայտի, հայտի, շատ խօսեցար, հերիք խօսիս, առ թապախաս, առ, թիւթիւն լեցուր ու բեր:
Ու ծխատուփը երկարեց:
ՄԻՆԱՍ ՔԵՌԻԻՆ ՀԻՆԳ ԿՆԻԿՆԵՐԸ
Տէրտիրանց Մինասը` Տէր Պօղոսին եղբայրը, չորս անգամ ամուսնացաւ: Որը որ առաւ` մեռաւ: Կիները իրենց էրիկներէն աւելի կապրին, բայց ինչէն էր` չգիտես, Տէրտիրանց տանը կնիկները չէին ապրեր:
Ամենէն առաջին առածը գիւղէն էր, Պեկիշենցմէ, Ճուհար կ՚ըսէին: Պզտիկ դէմքով կնիկ մըն էր: Վիզը միշտ ձախին կը բռնէր, թէեւ շատ թեթեւ, հազիւ թէ յայտնի կ՚ընէր: Երկու զաւակ բերաւ, երկուքն ալ` աղջիկ: Խելօքիկ, ձայն ձուն չունէր: Ուր ղրկէին` կ՚երթար, ինչ ըսէին` կ՚ընէր: Մինակ թէ` գործ տուր. տունի, ախոռի ըլլայ, թէ դուրսի` արտի, խոտի ըլլայ, գլուխը կը կախէր, կը բանէր, մինչեւ որ մեղքնային, ըսէին.
— Հարսնուկ, հերիք է, ձգէ, մնացածը վաղը կ՚ընես:
Իրիկուն մը տաքութիւններու մէջ կ՚այրէր, տուն եկաւ, պառկեցուցին: Ալ անկէ ետքը օրէ օր վիճակը ծանրացաւ: Ջերմ չէր: Անանկ ջերմ չէր ըլլար. նայեցան, որ չէր աղէկնար, սխտորով մածունի մէջ թաթխուած ուռիի թարմ տերեւներու վրայ, մօրէ մերկ, պառկեցուցին, ատ տերեւներով ալ ծածկեցին ամէն կողմը: Ան չեղաւ, ընկոյզի տերեւները աւելի ազդու է ըսին, նորէն սխտորով մածունով, ընկոյզի տերեւներու մէջ պառկեցուցին, նորէն ամէն կողմը ծածկեցին, չազատեցաւ վերջապէս:
Ետեւէն Լճացին առաւ: Դէմի Կաչայէն էր, այսինքն Եփրատի դէմի ափեն` Լիճքէն: Լճացի կը կանչէին, անունը չէին տար: Որբըվարի էր: Մեռնող կնկան մը տեղը խումայ եկող մը հարկաւ աղջիկ չպիտի ըլլար, որբըվարի պիտի ըլլար, ով իր աղջիկը կուտար կնիկը մեռած էրիկմարդու մը: Խոշոր մարմինով կնիկ մըն էր: Վերիգեղի կնիկներուն մէջ իրեն պէս մը չկար, բացառութիւն մըն էր: Գեղին կնիկներուն հոգին բերաննին կուգար բանելէն: Աշունը տուն կը մտնէին սեւ դարձած չոր մորթով, փայտի պէս մատներով մը, ոսկորնին կը համրուէր. վրանին միս կը մնար, եղ կը մնար: Իսկ ան չէր բաներ որ հալէր, կուրծքեր մը ունէր մինչեւ փորը կ՚իջնային: Աղուոր` ոտքերը փռել նստիլ, անցնողին դարձողին հետ խօսիլը գիտէր: Տեղէն ելլելը չէր գար, որ կուժը շալկէր, Լեղաղբիւրէն կամ Խասաղբիւրէն ջուր բերէր: Երկու բզուկներն ալ միշտ ջուր չէին ըլլար: Գեղին մէջ մարդ մարդէ ջուր կ՚ուզէ, կը մուրայ, տեսնուած բան է: Մեռած խումային մատ մը աղջիկները կը ղրկէր, որ Խնկենց, Սեմերենց, Ապլայենց տուներէն ջուր բերէին: Երեք փոր զաւակ բերաւ, երեք անգամ տղամար եղաւ, առաջինը աղջիկ, երկրորդը աղջիկ, երրորդը աղջիկ: Գիւղով` պատճառը Մինասին կուտային: Ինք ասոր մէջ յանցանք չունէր, արտը ինչ ցանես, ան կը քաղես: Ինքը Լիճքը երկու զաւակ բերած էր, երկուքն ալ տղայ:
— Մինաս աղբար, — կ՚ըսէին գիւղացիները, որոնք Շեխենց կամ Մանուկանց դռները նստած, կամ ոտքի կեցած կ՚ըլլային, — առջի կնիկէդ` երկու աղջիկ, Լճացին առիր, անկէ ալ` երեք, աղջիկ եղան, տղայ զաւակ մը չշինես:
— Խօսք է ըրածնիդ, — կը պատասխանէր կուշտ-կուշտ, ետին դառնալով ու ըսողներուն նայելով, — ատանկ մարիֆէթ մը դուք գիտէք նը` ինծի ալ ըսէք:
Մոզեմար կովերուն պէս, որոնք ամառ-ձմեռ կաթ կուտան, կաթէն չեն կտրիր, երեք տղամարութեանն ալ կաթը այնքան առատ էր, որ երկերկու տարի ու աւելի ծծցուց աղջիկներր: Ջուր խմէր` կաթ կ՚ըլլար: Իրենները չէին կրնար հատցնել, ասոր, անոր տուներէն կը կանչէին, որ երթար իրենց նորածինները ծծցնէր, որովհետեւ մայրերնին Քարնփոսի արտէն կամ Գողունձորի այգիէն եկած չէր դեռ: Ուրիշ անգամներ ալ` պտուկները սեղմելով, կաթը դուրս կը հոսեցնէր, որպէսզի կուրծքերը պարպուէր ու հանգստանար: Երրորդ տղամարութեանը, երրորդ տարին, փորը երթալով ուռեցաւ: «Աչքի եկած է» ըսին բոլոր խելահասները, որովհետեւ ուժեղ, առողջ կնիկ էր, տեղ մը չէր ցաւեր, ինչէն պիտի հիւանդանար, պատճառ մը չկար: «Աչքը քարը կը ճաթեցնէ, ուր մնաց` մարդը»: Գիւղին` անուննին ելած բոլոր չար աչք ունեցողներուն շեմերը գիշերով տաշեցին, տաշեղները անկողինին քովը վառեցին, մուխը պտըտցուցին վրան, աղօթեցին, օգուտ չըրաւ չաղէկցաւ:
Աս պատմածներս իմ օրովս չէին եղած, ես դեռ չէի ծնած, տունը խօսուածներէն գիտեմ: Արդէն դեռ չըսի ձեզի, թէ Տէրտիրանք ինծի քեռի էին: Մամս Տէրտիրանց տնէն էր: Տէր Պօղոսին ու Մինասին հետ երկու եղբօր զաւակներ էին: Ատկէ իրենց` քեռի, ու տանը կնիկներուն ալ` քեռկին կը կանչէի:
Ես Տէր Պօղոս քեռիիս երէցկինն աչ չգիտեմ: Ան ալ, ես չեղած, մեռէր էր, ուրկէ պիտի գիտնայի: Իսկ Մինաս քեռիին առած երրորդ կնոջը` Տանձեցի քեռկինին, խելքս աղէկ մը տեղ կ՚ընէր: Կարմիր մորթով, բոցի գոյն կարմիր մազերով, ճակատը, երեսները մեծ մեծ ցաներով կնիկ մըն էր: Էշերով, վրաններով մեր Խաչի դարի առուեզերքը հաստատուող, մաղ, կալմաղ, քարկալմաղ, շարմաղ շինող բոշա կնիկներուն շատ կը նմանէր: Լճացիին պէս որբըվարի էր: Մինաս քէռին Տանձիէն առէր էր: Գեղով կը գովէին զինքը: Փնտրես` երկրորդ կնիկ մը չկար կնիկներուն մէջ իրեն պէսը, անանկ բանող է, կ՚ըսէին: Առտուն չլուսցած` ոտքի վրայ էր: Ախոռը` եզնոցը, կովերուն, ըռզակին տակը կ՚աւըլէր, աղբը քթոցը կը լեցնէր, շալակ-շալակ աղբընոցը կը տանէր, կը թափէր, մսուրները ամէն մէկին կերը կուտար, վեր կ՚ելլէր, տունը կը ջրցքէր, կ՚աւըլէր ներս-դուրս, խասիջուրին, լեղիջուրին բղուկները պզպզուն ըլլալու աստիճան կը լեցնէր, օճախը կը վառէր, ժամուն կոչնակը դեռ զարկած չէր ըլլար, կամ նոր կը զարնէր: Մինաս քեռին չէ, «էրիկմարդ եմ» ըսող, պարծեցողներուն քանի հատը ճիվերը կը պլլէր: Անանկ մանգաղ մը կը զարնէր, արտ մը, խոտ մը կը քաղէր, կամ ճիվը բեռան վանդակին կուտար ու բեռ մը կը բեռնար, պարան մը կը քաշէր:
Ադ եռանդն ալ իր գլուխը կերաւ: Կապանի այգիէն շուտ տուն դառնալու համար, շիտակ ճամբէն ելլելու տեղ, գահավէժներէն վեր ելլել ուզէր էր, տրեխները չէր կրցեր բռնել տալ, բարձունքէն ժայռէ ժայռ նետուէր էր, գանկը ջախջախուէր էր:
Աղջիկները հարս գացին, տունը կնիկմարդ չմնաց ըսելով, Մինաս քեռին, չորրորդ անգամ ըլլալով, նորէն ամուսնացաւ: Թեղուտցի կին մը առաւ: Ուղտի մը հասակը ունէր: Հօրը Աղքատ Կարապետ կ՚ըսէին, անոր աղջիկն էր: Խեյըրաթ էր անունը, Խեյըրաթ կանչելը երկայն կուգար մեր լեզուին, Խեյրօ քեռկին կը կանչէինք: Զիս ալ շատ կը սիրէր: Էնթարիին գրպանը ինչ ունենար` ինծի պիտի տար: Գիւղացի կիները շատ խնայասէր կ՚ըլլային, մի նայիք` որ հիմա Ըստանպոլ եկան, Ըստանպոլցները անցան: Ժամուն պնակները ձգուելիք մէկ փարանոցներէն ինչ կ՚ելլէ, Պեկիշենց Օհաննես պապան թիթեղներէ կտրեր էր, ադ մէկ փարանոցին վրայ կը դողար, չէին խարճեր: Եկած օրէն` աղի փարայ չուզեց տալ: Շաֆախցի քուրդ ջորեպան Ղըմըլը տղուն` Եզօյին հետ Թուզոզիի աղահանքէն տասնվեց փարայի աղին լման օխան կ՚առնէր, տասնըութը փարայի կը ձախէր: Ինչու առնէր: Սիմայի Աղջուրի ակը մէջքի պէս կը հոսէր, պարապը կը վազէր առաջքի գետը: Ինչու անկէ չբերէր: Ատ տարին, աշնան վերջերը երեք կնիկ, մէկ մըն ալ ինք` չորս, էշերը բեռցան ու Աղջուրը գացին: Երկու մեծ վարով կուժ, երկու ալ մեծ փորով պռկաւոր բեռցեր էին: Մենք սափորներուն պռկաւոր կ՚ըսէինք, բերնիդ վերցնելով պռկունքէն խմուելուն համար: Աղջուրերը կը լեցնեն, կ՚ելլեն, որ պիտի գան, կը բոպկընան, Տանձիի գետը որ կանցնին` ձիւնախառն անձրեւի մը կը բռնուին: Սառի պէս պաղ: Հոնկէ Վերիգեղը երկուքուկէս ժամ է: Պալտրպաղի զառիվերը, հոնկէ Ջրկորուսի դաշտը, Հորը, Երից աղբիւր, Երկանագի, Գլհոր, գիւղը, ճամբան քար մը չկայ, որ ապաստանին: Էշերը ըսես` չեն քալէր: էշերուն հետ ճամբայ գացած ունիք, չեմ գիտէր: Ականջներէն ներս ջուր չերթայ: Երթայ ու մէկ մը որ թրջին, հոգինիդ բերաննիդ կը բերեն։ Կը կենան, ոտք չեն նետեր, կոկորդնիդ պատռեցէք, ուզածնուդ չափ` «չօ… չօ…» պոռացէք, կարծես իրենց չէք պոռար, լեռներուն կը պոռաք, ինձմէ, քէնէ աղէկ գիտեն, որ իրենց կ՚ըսէք, սուտ չլսել կը ձեւանան, մինչեւ որ տուն կը մտնեն` կը լմննան, մինչեւ ոսկորնին խխում կ՚ըլլան: Ախոռը կը տանին, եզնոցը, կովերուն մէջ, տաք տեղը տաք ջուրով կը լողցնեն, ինչ կ՚ուզէք` ըսէք, ճամբան պաղեցաւ, ախոռը պաղեցաւ, ինկաւ անկողին, ոտքի չելաւ: Հետը երեք կնիկ ալ կային, ինչու անոնց բան մը չեղաւ: Էճելը, ժամը չգայ մարդուն, մահանայ մը կ՚ըլլայ:
Չորս կնիկ թաղելէն ետքը ալ չկարգուիր Մինասը` ըսաւ ամէն մարդ, ու ամէնուն ափը բերանը մնաց, երբ լսեց, որ նորէն կարգուելու ելեր էր, կնիկ կը փնտռէր: Չէին կրնար չզարմանալ, թէ կնիկները ինչուն խօսք կուտային աս մարդուն. երիտասարդութեանը, աղուորութեանը, թէ թնթռկած երեսներուն, թաթարական աչքերուն, քթախոտէն աղտոտած պեխերուն:
Գտածն ալ ով ըլլայ: Ապուշտացի Խնկօն, Ոսկեկ ալ կ՚ըսէին, չորս տղոցը մայրը: «Կառնեմ քեզ, կուգամ» ըսէր էր: Եղբայրը` Տէր Պօղոսը, ոտք կոխեց, ընդդիմացաւ.
— Չպիտի առնես: Տուն չպիտի բերես: Չպիտի ձգեմ: Չես խպնիր, ալ ասկէ ետքը կնիկը ինչ ընես: Մարդ մը հինգ անգամ կը կարգուի, ծօ:
— Պիտի առնեմ, պիտի բերեմ: Ես առանց կնիկի չեմ ըլլար: Դուն քու տէրտէրութեանդ խառնուէ, — պատասխանեց:
Օրը քանի մը անգամ պապուս, մամուս կուգար: Եղբօրը կ՚ակնարկէր.
— Ատոր ըսէք` թող ինատ չընէ, ես Խնկօն պիտի առնեմ, տուն պիտի բերեմ, ինք չպսակեր, թող չպսակէ: Թեղուտի տէրտէրին կ՚երթանք, ան ալ չպսակէ` Բագառիչները կ՚երթանք, հոն ալ չըլլայ` մինչեւ Ապուչեխ, Կամրկապ կ՚երթանք, կը պսակուինք, կուգանք:
Կակուղցուցին, համոզեցին:
— Ժամը չեմ պսակէր, — ըսաւ: Ձեր տունը գլուխ գլխի կուտամ: Հայր մեր մը մինակ կ՚ըսեմ: Ան անգամ շատ է: Մեղքը շըլլին:
Ընդունեց Մինաս քեռին:
Մեր չարդախը գլուխ-գլխի տուին: Պսակ չէր ըսուէր ատոր: Հայր Մեր մը ըսաւ: Հայր մերն ալ` Հայր Մերի չէր նմանէր: Ուր է մարդ մը երբ նեղանայ, դիմացինին երեսը անգամ տեսնել չուզեր, գետին կը նայի, աչքերը կէս-գոց, քթին առջեւ մրմռաց: Թող ըլլար: Ատ ալ կը բաւէր Մինաս քեռիին: Պսակ շատ եղեր էր: Չորս անգամ: Պսակը ինչ պիտի ընէր:
Մենք տունով ներկայ եղանք: Մանուկ մօրքուրարը, Պայծառ մօրքուրը, Մերերոնց Մարտիրոս պապս, նէնէս ալ կային:
Երեք, չորս տարի մը ապրեցան միասին: Զարմանալի ախորժակ մը ունէր Խնկօ քեռկինը: Խնկաբեր էր, մենք Խնկօ կ՚ըսէինք: Ակռաները լման ալ չէին: Ամանին տակի լխպիկ հացերը, ամէն մարդ երեք մատով, ան հինգ մատովը կը ժողվէր, խոշոր պատառ մը կ՚ընէր: Չոր բաները` աղը դրուած սամիթը, բեմկին՝ պանիրը, սոխին հետ հացին մէջ կը դնէր, մատներովը խոշոր կլորիկ մը կը շինէր, թխմելով կը խոթէր բերանը` մարագին մուղէն ներս խոտ կոխելու պէս: Անանկ ալ կը շփացնէր, որ լուացքի ձայնին պէս կուգար դուրսէն անցնողին: Շատ կ՚ուտէր:
Ատ տարին դեղնութիւն մը եկաւ Մինաս քեռիին վրայ: Այս անգամ կարգը Մինասինն է ըսին: Անանկ ալ եղաւ: Ինք մեռաւ, Խնկօ քեռկինը ապրեցաւ:
ԷՄԻՐԿԵԱՆԻ ՓՈԻՌԸ ԳՆԱՑ
Մեծ գեղի Նահապետեանը իր Անծղկայի այգին խնճոյք մը տուաւ: Անանկ խնճոյք մը տեսնուած չէր գաւառին այգիները, տրուածները ամէնքն ալ հասարակ կերուխումներ էին: Աղաները կամ երիտասարդները իրենց տարեկիցներով կը հաւաքուէին, որձ ուլեր կամ գառներ կը գնէին, օղի, գինի, ձաւար կամ ուրիշ ինչ որ ուզէին` կը տանէին իրենց տուներէն կ՚եփէին հոն, կ՚ուտէին, կը խմէին` մինչեւ գինովնային, յետոյ տուն կը դառնային: Այս գինարբուքները, միշտ ալ, Զատիկէն ետքը, գարունները կ՚ըլլային:
Նահապետեանինը` ամառուան կիսուն, Վարդավառին ու Աստուածածնին մէջտեղի կիրակին եղաւ: Ինչեր չըրաւ: Ան, ոչ միայն երկու գիւղերուն, գաւառին եօթը գիւղերու իր բարեկամները, ծանօթները հրաւիրեց: Լման թուր մը` այսինքն երկու հարիւր յիսուն հաց եփեց ու ղրկեց իր տունէն: Կուժերով օղի, կուժերով գինի, պտուկներով իւղ, պարկով ձաւար գնաց: Իր ոչխարներէն ամէնէն պարարտներէն կտրուեցան: Լիճքը ապսպրեց` Եփրատի քարայրներու առաջքէն երեք, չորս օխանոց ծածաններ բռնուեցան: Ապուշտայի տղոցը լուր ղրկեց երկու եղնիկ զարկին ու բերին Ապուշտայի Քարերէն:
Ըսին, թէ նախանձը Նահապետեանին ընել տուաւ այս խնճոյքը: Ուզեց Ելպակեանը գերազանցել: Նախանձեցաւ, որ քսան ջորիի բեռներով Ըստանպոլէն հայրենիք եկաւ, այդ գիշեր, մինչեւ առտու, կարաւանին զանգակներուն ճանկըրը… ճանկըրը… ձայները չթողուցին, որ զոյգ գիւղերուն տուները քնանային, տղուն հարսանիքին եօթը օր, եօթը գիշեր գինի հոսեցուց, հարսին ու տղուն պսակի թափօրին վրայ ոսկի տեղացուց: Անոր ըրածը աւելիով ինք չէր կրնար ընել: Ան եթէ Ելպակեան էր, ինք ալ Նահապետեան էր: Ան եթէ Գարաքէօյի, Ալաճահամամի փուռին ու ջաղացքին տէրն էր, իր Էմիրկեանի փուռն ու ջաղացքը անորինեն ալ անուանի էին: Պողազիչիի երկու ափերուն բոլոր փուռերուն ցորենը ինք կ՚աղար, ալիւրը ինք կը հայթայթէր: Իր կնոջ զարդոսկիները անորինին երկու անգամն էին: Իրենին ճակատը, երկու այտերն ի վար մինչեւ պարանոցը, պարանոցէն վար մինչեւ երկու կուրծքը րուպիէի, մահմուտիէի, ազիզիէի, եօթնաստեղեան հինգըմեկնոց ոսկիներու տարափ մը կ՚իջնար: Շամու գինեգոյն, երկայն էնթարիով: Հալէպու կարմիր մորթէ կօշիկներով, հմայեկաձեւ երկայն թեզանիքներով, որոնք դաստակներէն կը կախուէին, թող ուրիշները ըսէին` որը որմէ կ՚անցնէր, որը աւելի կը վայլեցնէր, Ելպակեանին Դշխոն, թէ Նահապետեանին Մարօն: Յետոյ` ինք անկէ երիտասարդ էր: Գաւառին մէջ, եթէ երկու անուանի ձի հեծնող, նշանառու կային, մէկը ինք էր: Ոտքը ասպանդակին որ դնէր, ձին չէր վազեր, կը թռէին միասին: Էրզրումէն հրացան մը բերած էր, պեռտան մը, վրիպելը չէր եղած, կը զարնէր, ուր դրուած ըլլար նշանը: Երկու գիւղերու ձիարշաւին առաջինը ինք ու իր ձին եղան: Լիճքի Երեւման վանքի ուխտագնացութեան, Բեկցի տղան դիմացը կայնեցուց, ֆէսին նշան առաւ, տղան չգիտցաւ անգամ.
— Կեցցէս, Նահապետեան, ձին ալ կը վայլէ քեզի, կնիկն ալ, զէնքն ալ, — ուխտաւորները գոչեցին մէկ բերան:
Խնճոյքին հրաւիրուած եօթը գիւղերու աղաները, ցերեկ չեղած, եկան: Այս եօթ գիւղերը` Կասման, Զիմառան, Բինկեանը, Լիճքը, Հասանովան, Թեղուտը, Ապուշտան էին: Շատերը երկայն տալֆէսերով էին, ուրիշներ` սպիտակ մետաքսէ փուշիով, արաբական սրմալը ակիլով: Բեկցիներէն զատ, որոնք տաբատ բաճկոնով էին, Նահապետեանէն զատ, որ նունպէս տաբատ բաճկոնով ու սպիտակ օսլայուած շապիկով էր, միւս բոլորը գաւառին տարազովն էին, չուխայ սալթա ու շալվարով կամ Ակնցիներուն, Արաբկիրցիներուն պէս սալթայով ու երկայն էնթարիով: Բացի Բեկցիները, որոնք հացագործ չէին, սեղանաւոր էին, Հասանովացիները, որոնք չէին պանդխտէր, մեծամասնութիւնը փռապան էր: Ըստանպոլ փուռ կը բանեցնէին: Ասոնք Ըստանպոլ չէին հաստատուեր, չէին ուզեր, տուն մը քանի ոսկի էր, մէկ չէ, տասը տուն կրնային գնել, բայց կը պանդխտէին, ու նորէն երկիր կը վերադառնային, իրենց տեղը իրենց եղբայրը, հայրը, զաւակը դնելով: Հայրենի գիւղը, պապերուն տունը, արտերը, այգիները թողնելով գաղթելը կ՚այպանէին: Անողին հետ յարաբերութիւնները կը դադրեցնէին: Իրարու իրենց մականուններովը կը կանչէին, անուն շատ քիչ կը գործածէին, գաւառին ընդհանրացած սովորութիւնովը:
Խնճոյքը սկսաւ: Կարճ էնթարիներով կապանցի սազանդարները սազերը զարկին, դափ չալողները ընկերացան, երգողները, ձայներնին ձգելով երգեցին: Հայերէն կ՚ըսես, թուրքերէն կ՚ըսես, քրդերէն կ՚ըսես, Ուրֆայի երգեր, Խարբերդի երգեր, Ակնայ երգեր կ՚ըսես: Ղարապուտախի գետը` Ղարապուտախի գետ եղեր էր, Եփրատը` Եփրատ եղեր էր, Անծըղկայի այգիները` այգի եղեր էին, Արմտանցիները, Կասմացին, Զիմառցին, Բեկցին, Լճացին, Հասանովացին, Թեղուտցին, Ապուշտացին այդ հասակը եկեր էին, այդ ջիղերը գինովցնող, մարդը նստած տեղէն մէկէն ոտքի հանող, թեւերը մէկէն վերցնող, մատները մէկէն շաչեցնող, մարդը` քերթուած, չափ, յանգ շինող եղանակները, երգերը չէին լսէր, այդ դափերը օդին մէջ նետել, նորէն բռնել-չալելները չէին տեսեր:
Երաժշտութիւնը մարդը կը գինովցնէ, ինքզինքէն կը հանէ, կը խենթեցնէ, ուզածը ընել կուտայ: Կ՚ընէ, կուտայ: Օղի խմեցին, տապկուած ու սխտորով, քացախով համեմուած ձուկեր կերան, եղնիկի միսէն կերան, ու ալ` ով նայեցաւ ուտելուն, խմելուն. պարերը սկսան, թեւանցուկ, թեւերը իրարու ուսի, թեւերը բարձրացած, մատները իրարու ագուցուած, բոլորապարերը կ՚ըսես, ինք իր վրայ դառնալով մենապարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց` մէկ մէկ հոգիով պարերը կ՚ըսես, դէմ դիմաց երեքական հոգիով, իրարու մօտենալով, իրարու ծափ զարնելով, նորէն ետ ետ երթալով` Թամզարայի պարերը կ՚ըսես, ամէնքը քաշուելով, մինակը մէկ հոգիով, սրունքներու ցնորեցնող արագութիւնով, մինչեւ երկու չէ, մէկ սրունք երեւալով, հարայ-հրոցի պարերը կ՚ըսես, իրարմէ անջատ բոլորակ մը կազմելով, նախ շատ կամաց, շատ յամր, յետոյ հետզհետէ արագանալով, ափերը դէմ դիմաց իրարու զարնելով ու դառնալով, ափերը հետզհետէ կարմրելով, ալ չդիմանալու աստիճանին հասցնելով` քաջապարերը կ՚ըսես:
Խնճոյքին երկրորդ մասը` ճաշը սկսաւ: Փիլաւ կերան, միսի շերտերով, հալած մեղրի մէջ թաթխուած պիշի կերան, գինի խմեցին, «Կենացդ»–նէր տեղացուցին Նահապետեանին, որ այգիներու պահապան Մեվլուտին հետ գետնատարած սեղաններէն մէկէն միւսը կը փութար, կը սպասարկէր իր հրաւիրեալներուն, հակառակ միահամուռ բողոքներուն, որպէսզի նստէր, ծառայութիւնը Մեվլուտին ու երիտասարդներուն թողուր: Գինիին մակընթացութիւնը անդադար բարձրացաւ: Հրացանաձգութիւններն ալ միասին: Եղիակին, Լեղիակին, Պատերուն, Սուլթան Մաղարային, Խարիծակին, Ջերմային քարայրները քարայր ըլլալէն ի վեր այսքան հրացանաձգութիւններ չէին արձագանգեր: Ղարապուտախը ալ չվազեց, Եփրատին միանալու համար: Տեսնուած է, որ գետը կենայ: Կեցաւ: Բերդհովիտի, Քաջտանի, Կապանի, Մաշաթի, Իննըսունըիննի լեռները սկսան ելլել ու իջնալ, իջնալ ու ելլել: Լսուած է, որ լեռները իջնան ու ելլեն: Իջան ու ելան:
Յանկարծ, Նահապետեանը իր ֆէսը Մեվլուտին գլուխը դրաւ, գետափը տարաւ, մոշիներուն մէջ կայնեցուց, ու ետ դարձաւ, պեռտանին փողը ուղղելով,
— Մեվլուտ, նշան կ՚առնեմ, մէկ գնդակէն ֆէսը պիտի թռցնեմ, — ըսաւ: — Եթէ սիրտդ կը նետէ, կը վախնաս, ըսէ: Չեմ ընէր, չեմ քաշեր բլթակը: Քեզի հինգըմեկնոց մը պարգեւ պիտի տամ:
— Չեմ վախնար, աղա, քաշէ, — պատասխանեց Մեվլուտ:
Աղաները իրար անցան.
— Նահապետեան, խենթեցար, գինին գլխիդ զարկաւ, — գոչեց Արխանեանը, որ իր քէնեկալն էր. Զիմառու Պօղոսեանին աղջիկները` երկու քոյրեր առած էին, ու Սկիւտարի Շաթըրի, Ենիչէշմէի, Ղըզլարաղասիի, Թէքքէգափուի փուռերուն տէրն էր:
Խելքս գլուխս է, գինով չեմ, Արխանեան, Նահապետեանն եմ, Նահապետենց տղայ եմ, իմ պեռտանս չի սխալիր, Մեվլուտը չպիտի հասկընայ անգամ, — պատասխանեց Նահապետեանը:
Յունապենիներու տակի սեղանէն, Մեվլեվիհանէ-Գաբուսուի փուռին վարպետը` Թելեանը, չհամբերեց.
— Տղաք, անոր ըսելուն մի նայիք, — պոռաց, — զէնքին հետ չի խաղցուիր, զէնքը մարդուն թէ բարեկամ է, թէ թշնամի է: Գլխուն ելլելիք մը կայ, զէնքը ձեռքէն առէք:
Հարազատեանը` Թօփհանէին, Չեբիճեանը` Էսիրպազարիին փուռերուն վարպետները մինչեւ որ ցատկեցին` չթողելու, Նահապետեանը բլթակը քաշեց:
Անկէ ետքի մանրամասնութիւնները չպատմեմ: Մեվլուտը ինկաւ աւազներուն վրայ, մոշիներուն մէջ: Ինչպէս: Չսպասուածը եղաւ: Ալ ով նայեցաւ խնճոյքին: Հանդերու այգիներէն պահապաններուն բերած ամէնէն հասուն ծիրանները, տանձերը, խնձորները, սալորները, բերանդ, տանէիր բերնիդ մէջ կը հալէին, մնացին փռոցներուն վրայ:
Էմիրկեանի փուռը գնաց: Կնոջը` Զիմառցիին շիվերուն, ճակատին, պարանոցին րուպիէները, գրամիցները, հինգըմեկնոց ոսկիներն ալ գացին: Նորէն ալ պարտական մնացին Ակին Ժամկոչեանին, Տիվրիկցի Հայրանեանին: Նահապետեանը ազատ արձակուեցաւ, բանտը չպառկեցաւ:
Այդ փուռին, ջաղացքին տեղն ալ յայտնի չէ հիմա: Ուր է հիմա թէյ խմելու կ՚երթանք Էմիրկեան, թէյարանէն խել մը վեր էր, խել մը ըսածս շատ ալ վեր չէր, բայց բուն տեղը, ճիշտ ուր ըլլալը ես ալ կը շփոթեմ:
ԿԱՒԻՆ ԴԱՐԸ
Կաւին դարին իրարանցումը առաջին անգամ Պեկիշենց Մանուկը տեսաւ: Մաղիկանց Արութին, կամ ինչպէս կը կանչէին` Մաղաքեանին, հետ երկուքը միասին գիւղ կուգային: Հերկին արտը Մանուկին արօրձողը կոտրեր էր, տուն կ՚երթար` նոր մը տանելու, Մաղաքեանն ալ Սիմայի Աղջուրի Ակէն էշովը աղջուր բերելու գացեր էր, վերադարձին Երկանագիի նեղ տեղը իրարու հանդիպէր էին:
Կալերուն գլուխը, Խաչի Դար որ եկան, Մանուկ, թէեւ պատճառ մը չկար, բայց մարդ չէր, մարդ երբեմն ետին չդառնար, չնայիր, Սուրբ Սարգիսի լեռան կողերուն նայեցաւ: Կաւի տեղերուն կապոյտ հողերուն վրայէն մէկը կը վազէր դարվեր: Կնիկմարդ ըլլալու էր: Կաւի հանքերէն լուացքի, գլուխ լուալու կաւ հանելու համար էրիկմարդ կ՚երթայ: Կնիկմարդու գործ է: Ետեւէն երկրորդ մըն ալ վազեց: Անոր ալ ետեւէն քիչ վարը հերկուոր մը, որ արտ կը հերկէր, եզնիքը կեցուց, ան ալ վազեց ու կնիկներուն հասաւ:
Զարմանալի բան: Խելք չէր հասցուեր: Ինչու իրարու ետեւէ վազեցին ասանկ: Բան մը կար հոն:
— Մաղաքեան, — ըսաւ Մանուկ, — Սուրբ Սարգիսի կողերուն, Կաւի Տեղերուն նայէ, բան մը կայ հոն, բան մը ըլլալու է, ինչ կ՚ըսես:
Մաղաքեան, որուն աջ ոտքին տրեխը ոտքէն կ՚իյնար, կապերը քակուեր էին, ծռէր էր ու կը կապէր, շտկուեցաւ, էշը կեցուց, որ չերթայ` կուժերը տեղի մը զարնէ ու փշրէ, մօրուքը միջոցին մէջ, զննեց: Մանուկին տեսածները ան ալ տեսաւ:
— Բան մը կենալը` կայ, ամա եղածը ինչ է, հոսկէ հոն ինչպէս կը հասկցուի, — ըսաւ:
Նոյն պահուն Գինան Փողերէն հերկուոր մըն ալ հերկը ձգեց, ան ալ լեռն ի վեր վազեց ու հասաւ միւսներուն: Լեռը գացողները շատցան:
— Ժողվըւելնուն որ նայելու ըլլաս, ատ մէկ տեղն է ինչ որ եղած է, — ըսաւ Մաղաքեան ու Մանուկին հետ անթարթ դիտեցին:
Դէպքին տեղէն երկու հոգի զատուեցան ու, դարվար քալելով, Սարդըխի աղբիւրին հաւասարութեանը եղան ու կ՚եցան: Դպրենց Զաքարն ու Մանուկանց Նշանը, եզնիքը առաջքնին, կը հերկէին Դպրենց աղբիւրին արտը: Յայտնի է, թէ անոնց բաներ մը ըսին ու նորէն լեռը ելան: Զաքարն ու Նշանն ալ իրենց դիմացի Ճախինը Կոչենց վիկին արտը վիկ քաղողներուն հաղորդեցին: Պոռալու ձայները հասան Մանուկին ու Մաղաքեանին, բայց չէին հասկցուէր ըսուածները:
Մանուկ չհամբերեց, խոշոր ոտքերովը մինչեւ Կզնակի ուռիներուն տակը վազեց: Հոտկէ վիկ քաղողները մօտ էին, անոնց հարցուց.
— Կաւին Դարը ինչ կայ, ինչ է եղեր:
Անոնք ալ պոռալով պատասխանեցին.
— Տեմուրճենց հարսը մեռեր է… Կաւին լեռը վար իջեր է, տակը մնացեր է, հասկցար:
— Հասկցայ… հասկցայ…
— Հաներ են… հաներ… մեռեր է:
Վիկ քաղողները նորէն շարուեցան արտին վիկը քաղելու: Ալ կը կայնուէր: Պէտք էր գիւղը լուրը տանէր: Կալերուն գլուխը չելաւ, ճամբան կ՚երկննար: Շուտ, շատ շուտ երթալու համար ջաղացքին առջեւէն` առուին վրայէն ցատկեց, Մանուկանց, Բարիկանց պարտէզներուն վրայի ճամբէն, հոնկէ Արխնենց արտին տակէն, հոնկէ Լեղաղբիւրէն, Քնարենց դռնէն, Գալուստին տան առաջքէն դառնալով, Շեխենց տան առջեւը հասաւ: Ցերեկուան սաստիկ տաքը սկսած էր: Շուք ըլլալով` հողէ սեթերուն վրայ արտը, հերկը չգացողները, գիւղին մեծերը, տարեցները նստեր էին: Մանուկին մինթանը քակուած, կուրծքը մինչեւ փորը բաց, քրտինքը թարթիչներէն կը վազէր, ու ամիսներէ ի վեր չսափրուած կերպարանքը տեսնելով` Հայնենց Կարապետ աղան յանդիմանեց զինքը. «Ծօ, Մանուկ, ատ ինչ հալ է, մազդ մօրուքդ աղէկ մը իրար անցէր, երթալով թեղուտցի Գարեգինը կը դառնաս»` ըսաւ: Բայց Մանուկ չթողուց, որ խօսքը աւարտէր ու լուրը հաղորդեց.
— Տեմուրճենց հարսը, Կաւին Դարը մեռեր է, լեռը վրան փլեր է, տակը մնացեր է, — ըսաւ:
Յանկարծակիի եկան ամէնքը: Կարապետ աղային խօսքը բերանը մնաց:
— Եա… ատ չեղաւ… կը տեսնէք հիմա եղածը, — ըսին իրարու, — Հիմա Տեմուրճենց տունը տակնուվրայ պիտի ըլլայ: Տուներնին էրիկ մարդ ալ չիկայ, ոչ պարնտատը, ոչ էրիկը: Կեսուրն ու տղաքն են: Ինտոր հիմա լուրը պիտի տանք, ով պիտի երթայ լուրը տայ:
Ամէնքը իրենց մտածածները ըսին: Քանի տարին անգամ մը` փորձանքը պակաս չէ աս Կաւին Դարէն: Վիրայ կը փլի: Աս անգամ մահ ալ եղաւ: Ամա կաւը չերթան, կաւը չի ղրկենք` ինչ պիտի ընենք, ինչով մեծ պզտիկ գլուխնին, ծամերնին պիտի լուան, ամէն առտու աղբիւրը ինչ պիտի տանին` տղոցը շորերը մաքրելու համար: Սապոնով հուն կ՚ելլուի: Տանտէրը` Շեխ կնիկը, որ դուրսը էրիկմարդոցը խօսածները իմացաւ, դուռը եկաւ ու ափսոսաց. «Վախ, վախ, վախ… վախ…, — ըսաւ, — տահա աս առտու էր` կուժը շալակը մեր դռնէն անցաւ… ծոցաւոր ալ էր, ետքի ամիսին մէջ ալ էր… երկու հոգի մէկէն մեռան, մարն ալ, բերելիք զաւակն ալ»: Էրիկմարդիկը բարկացան իրեն. «Շեխկնիկ, դուն ալ ելեր ես` բերելիք զաւակը կը մեղքնաս: Թող մարը ազատէր տէ, զաւակն ալ թող աշխարհք չգար: Երիտասարդ էր, մարը թող մէկ մըն ալ բերէր» ըսին: Հոն եղող երիտասարդներուն` Գառնիկին, Կարապետին դարձան ու` «Տղաք, խոտը չէք երթար, հերկը չէք երթար, գործերը ձգէր էք տանը կնիկմարդոցը վրայ, պոյպեկիի պէս կը պտտիք գիւղը: Պոյ մը մինչեւ Կաւի Դարը երթայիք, աղէկ մը հասկնայիք` ինչ որ եղեր է, ինչ եղեր ու մեռեր է, լուր մը բերէիք մեզի» ըսին:
Տղաքը գացին, կարելի է` դեռ Կզնակի աղբիւրը չհասած, Քորճայենց Առաքելը եկաւ հերկին դարեն, հերկուորի տրեխներով, ու
— Ինչ է նէ, ինչ է նէ, – ըսաւ, — ամէնուս ալ անցած ըլլայ: Տեմուրճենց հարսը Կաւին լեռը հողերուն տակէն ազատեցինք, ջորիով տուն, բերինք, եկայ ձեզի լուր տալու:
— Ինչ կ՚ըսես, աղբար, — պատասխանեցին էրիկմարդիկը ամէն կողմէ, որունիդ ըսածին հաւտանք, Պեկիշենց Մանուկը եկաւ ըսաւ, թէ մեռեր է, դուն կ՚ըսես տուն բերինք:
— Մանուկը ինչ գիտէ, լուրը ես տուի Սարդըխը արտ հերկողներուն, «մեռած չէ» ըսի: Ալ չեմ գիտէր, ով սխալ լսէր է, «մեռած է» իմացեր է: Ինծի չէք հավտար նէ, գացէք Տեմուրճենցը` աչքովնիդ տեսէք: Ամա` մազ մը մնացեր էր մեռնելուն, չհասնելու որ ըլլայինք: Ապրելիք օր ունի եղեր: Լեռան շատը իր վրայ չէր քալէր: Մէկ մըն ալ որ` էնթարիին փէշը դուրս մնացեր էր: Չէ նէ ինտոր պիտի գտնէինք ուր ըլլալը»:
* * *
Այս պատմածներս պատմուածք շինելու համար ստեղծագործութիւն մը չէ: Կաւին Դարը հողին տակը մնացողը` Տեմուրճենց հարսը, իմ մայրս է: Ինձմով իր վերջին ամսուան մէջ յղի եղեր էր: Դէպքէն քսանըհինգ օր վերջը ես աշխարհ եկեր եմ: Բառ առ բառ իմ պատմութիւնս է աս:
ՃԵՐՄԱԿ ՑԱԽԱՒԵԼԻ ԹՈԻՓԵՐԸ
Գիշեր մը Խոյի տղոցը պատահածը կը պատմեմ:
Ատ գիշերը Պալենց Գալոսը լեռը փայտը երթալու համար ջորին ախոռէն հանեց, հետը տանելիքները` կացինը, յօտոցը, պարանները ամուրցուց համետին, ցատկեց վրան, հեծաւ ու ճամբայ ելաւ: Տրամադրութիւնները աղէկ էին, ինչպէս կ՚ըլլան երբ մարդու մը ամէն ինչը կարգին է: Միտքը դրած էր, թէ լեռան որ տեղէն պիտի զատուէր փայտուորէն, թէ աչքովը որոշած որ կաղնիները պիտի կտրէր: Ամենէն քիչը` երեք օրուան տունը կրելիք փայտ պիտի հանէր ատ ծառերէն, ամէն մէկը իր ուզածին պէս բեռներ ընելով: Մէկու մը չպիտի ըսէր իր մտքինը: Ատ գիշեր նորէն առաջին փայտուորը ինք էր:
Ծխել մը եկաւ մէջէն, ինչպէս կուգայ, երբ գոհունակութիւն մը կը զգանք` լաւ բան ըրեր ենք, կամ պիտի ընենք: Ջորին կեցուց, ճիկառա մը փաթթեց, վառեց ու Լեռբենդեր եկաւ: Անանկ ալ լուսինով գիշեր մըն էր, որ գետինը, հողերուն մէջ ասեղ մը ըլլար` կը փայլէր, ու ոչ միայն ճամբուն երկու եզերքի բեմկիի, գինձի ոչխարներէ կրծուած գաճաճ ծառերը, ոչ միայն լեռան կողերուն աղուէսի էին, խլուրդի էին, օձի էին` կլոր ծակերը, այլ որչափ հեռու էին Քաջտանին Քարերը, Աւերակ բերդը, անոնք անգամ` հատ-հատ կ՚որոշուէին:
Մաշաթի կիրճը մտաւ, ու երբ ամէնէն նեղ տեղը եկաւ, մէկեն թօթուըւեցաւ վախէն ու, սանձը քաշելով, ջորին կեցուց: Ճամբուն չաթը երկու արջեր, իրարու դիմաց` դունչ դունչի տուած, կը քնանային: Ասանկ ահաւոր արջեր Գալօս կեանքին մէջ տեսած չէր: Իրենց լեռները իրեն հանդիպածները քոթոթ անգամ չէին ասոնց քովը: Ինչ մազոտ գլուխներ ունէին, ինչ խոշոր ականջներ: Ուրկէ եկած էին արդեօք ասոնք: Գէշը հոն էր, որ ճամբան ալ փակեր էին: Ինչպէս պիտի երթար: Վրանին կոխելով անցնիլը պէտք էր:
Անշարժ մնաց ջորիին վրայ: Ինչ ընելու էր: Շատ մինակ էր: Թող որ մինակ չըլլար, երկու հոգի ըլլային, ինչ կրնային ընել: Երկու չէ, չորս ըլլային, ութը ըլլային, ինչ կրնային: «Մեր վրայ գալու ըլլան, մեր չորսը, հինգը մէկ թաթով գետին կը փռեն, մեզ իրենց տակը կ՚առնեն» մտածեց: Սպասեց, մինչեւ որ տղաքը գային, միասին կարելի է` խելք մը խորհէին: Ամենէն առաջ Շատենց Թորոսը եկաւ, կարճահասակը, լայներեսը, իր իշուն վրայ նստած:
— Ինչու կեցէր ես, չես երթար, — հարցուց:
Գալօս մատը բերնին վրայ դրաւ: Թորոս հասկցաւ, թէ «մի խօսիր» ըսել կ՚ուզեր: Էշէն իջաւ ու քովը փութաց:
— Ինչ կայ, ինչու մի խօսիր կ՚ըսես, — հետաքրքրուեցաւ:
Գալօս քնացող արջերը ցուցուց մատովը, ու հակառակ որ գազանները խել մը հեռու էին իրենցմէ ու կը քնանային, Թորոսին ականջին ծռեցաւ`
— Կը տեսնես, կը քնանան, թող չարթննան, — փսփսաց:
Թորոս ինքն ալ տեսաւ ու ստուգեց: Այո, ճիշդ էր, երկու արջերը կը քնանային:
— է, հիմա ինչ պիտի ընենք, Գալօս աղբար, ինչ կ՚ըսես դուն, — ըսաւ ու Գալոսէն խելք մը սպասեց:
Գալօս չպատասխանեց, շրթերը սեղմեց, ինք ալ չէր գիտէր: Թորոսին հասակին նայեցաւ միայն:
Իր ջորիին վրայ նստած, երկու սրունքները երկու կողմէն կախած, ինքնիրեն հարէն կանչելով, ցանոտ երեսներով, կարմիր մորթով Տանձեցի Ովակը կիրճը մտաւ: Ջորին իրը չէր, Դաւթենցն էր, անոնց տունը մշակ էր, անոնց փայտը կը բերէր: «Աղջիկ կարմիր, վարդ ինչ ես կորուսէր»ը կը կանչէր, Զատկուան կալերը կանչուած երգերէն: Ուր է աղջիկը կ՚ըսէ. «Մատիս մատնին եմ կորուսէր, կուլամ, կուլամ, ժուռ կուգամ»: Տղան կ՚ըսէ. «Եկ իմ ձիս, եկ իմ ձիս, ձիակ, ձիակ եկ ժուռ գանք»: Աղջիկը կ՚ըսէ. «Ես աղջիկ, դուն տղայ, ինտոր քու ձիդ գամ»: Ձայնը կը լեցնէր կիրճը:
Գալօս բարկացաւ: Արջերը պիտի արթնցնէր հիմա: Թորոսին ականջին փսփսաց`
— Ծօ, աղբար, գնայ սա Տանձեցի աղուն, Ովակ է, ինչ է, ըսէ` ձայնը կտրէ: «Աղջիկ կարմիրին» ալ քֆրել պիտի տայ ինծի, «Մատիս մատնիին» ալ, կրնայ որ գազանները արթնցնէ, մեր վրայ դարձնէ:
Թորոս վազելով գնաց, Ովակին ջորին կեցուց ու հասկրցուց: Ովակ եկաւ, ինք ալ տեսաւ արջերը ու շուարեցաւ:
— Վայ մարիկ ու տատիկ, խելքիս պիտի գայ, — ըսաւ ցած ձայնով: — Ծօ աս ինչ արջեր են, ծօ ասոնք մարդու վրայ գալու ըլլան` մարդ կը դիմանայ ասոնց: Մեր լեռները ասանկ արջեր չկան, ուրկէ եկեր են, կ՚ըսէք, ասոնք: Ծօ, ինչ խոշոր գլուխներ, ինչմեծ կռնակներ ունին: Նայեցէք, նայեցէք:
Փայտուորը Լեռբենդերի գագաթէն երեւցաւ: Մէկ-մէկ իջան, էշերով, ջորիներով, ոմանք քալելով, ուրիշներ համետներուն վրայ նստած: Փայտի ճամբան, ամէն գիշերուան պէս, ոգեւորուեցաւ նորէն: Չկար երգ, որ չերգէին: Խաղ կ՚ըսես, հարէն կ՚ըսես, շէր կ՚ըսես, մանի կ՚ըսես: Լեռ ու ձոր երգ կտրեցաւ:
Գալօս ինքզինքը կերաւ. աս տղաքը պիտի արթնցնէին, ոտքի հանէին արջերը: Թորոսն ու Ովակը ղրկեց տղոցը առջեւը: Եւ իրաւ ալ` երգերը մէկէն լռեցին:
Տղաքը եկան, իրենք ալ տեսան արջերը: Պեկիշենց Յովսէփը նոյնիսկ արջին մէկուն արթնցած ըլլալը, ելլելն ու նստիլը ստուգեց: Խանըմենց Պօղոսը միւս արջին` գլուխը վերցնելով, իրենց կողմը նայելուն վրայ պնդեց:
— Հիմա ինչ կ՚ըսէք, տղաք, ինչ պիտի ընենք, ինտոր պիտի փախցնենք ու անցնինք աս տեղէն, — ըսին իրարու:
Խանըմենց Պօղոսը առաջարկեց, որ տուն դառնային: Մէկբերան մերժեցին: Իրենց արժանապատուութիւնը կար։ «Որ գիւղացիները ետքը իրենց վրայ խնդային»: Ակնցոնց Պօղոսը «տղաք, քարօտենք, խոշոր քարեր, կոկաններ, գլլաներ նետելով փախցնենք» ըսաւ: «Որ դառնան մեզի, մեր վրայ վազեն, բռնածնին բզքտեն, հա» — պատասխանեցին: Թեւոյին Կարօն` «Մէկ ձայն պոռանք, շուներու պէս հաջենք, վախցնենք» ըսաւ: Ատ խելքի մօտ գտան: Արջերուն դառնալով «վուհ, վուհ, վուհ, վուհ… վահ, վահ, վահ վահ» հաջեցին: Այդչափ հաջելնուն` արջերը իրենց տեղերէն չշարժեցան անգամ: Լորամուին Արութին ըսածը ամէնէն բանաւորը գտան: «Տասնըչորս հոգի ենք, — ըսաւ, — տասնըչորս ալ էշ, ջորի կան: Եկէք էշերը, ջորիները առջեւնիս ձգենք, մենք ալ կացինով ետեւնուն քալենք: Արջերը ջորիներուն, էշերուն որ յարձակին, մենք ալ մեր կացիններովը անոնց վրայ յարձակինք, սպաննենք»:
Եւ ըրին: Կացիններուն բերանը պատրաստ, «լուսին չկար, մութ գիշեր էր» երգելով, քալեցին ջորոցը ետեւէն:
Արջ-մարջ չկար:
Արջը ուրկէ պիտի ըլլար հոդ:
Եղածը ճերմակ ցախաւելի երկու թուփեր էին: Հաստ ցօղունները կտրէր, տարեր, ճերմակ թուփերը ճամբուն վրայ նետեր էին: Ով: Ով գիտէ` ով: Խոյի փայտուորը վախցնելու համար խաղ մը ըրեր էին: Ոչ անշուշտ, բայց լուսունկի լոյսին մէջ թուփերը, որոնք մեծկակ ալ էին, արջեր երեւցեր էին իրենց:
Գիւղին մէջ զիրենք չծաղրող չմնաց, երբ իմացան պատահածը,
— Ծօ, ինչ ճիվերիս էրիկմարդիկն էիք, որ ցախաւելի ճերմակ խոտերը արջ գիտցաք ու վախցաք. ծօ, մարդ քիչ մը կը մօտենայ, կքննէ, թէ` ինչուն ինչն է, — ըսին:
Իսկ շրջակայ գիւղերուն մէջ`
— Խոյի տղոցը պէս թուփերնուդ մի հաջէք, գիտէք, չգիտէք` կը խօսիք, — կ՚ըսէին իրարու ամէն անգամ, որ վէճ մը կը ծագէր ու առանց ստուգելու թեր ու դէմ կը վիճաբանէին:
ԳԻՇԵՐ ՄԸ ԿՈՉԵՆՑ ԽՈՐԷՆԻՆ ՊԱՏԱՀԱԾԸ
Գիշեր մը դեղին թարթիչներով Կոչենց Խորէնը յանկարծ աչքերը բացաւ որ քունը աղէկ մը առեր էր։ Իրեն այնպէս եկաւ որ ուշ մնացեր էր։ «Աս ինչքան քնացեր եմ, ըսաւ ինքնիրեն, տղաքը ուր որ է հիմա գետը անցան, ես ըսես պառկեր եմ»։ Կինը՝ Բեկցին որ ոտքերը ժողվեր կռնակը էրկանը կռնակին տուեր էր ու կը քնանար՝ նոյնպէս արթնցաւ.
— Մրիկ…, — ըսաւ, ինչպէս մեր կիները կ՚ըսեն, — Մրիկ… ինչու արթնցար, տահա իրիկուն է, նոր պառկեցանք, քանի մը եղաւ` քնանալնիս, որ աչքերդ բացիր:
Խորէն, որ ուշացած ըլլալուն համոզուած էր, հէրսոտեցաւ կնոջը.
— Հայտէ, ծօ… ես ուշացայ, քունս տարեր է կ՚ըսեմ, դուն տահա` քանի մը եղաւ պառկելնիս, կ՚ըսես: Ժամը, ժամանակը գիտես չգիտես, կը զրուցես: Հէմ` դուն քնացիր, դուն ելլես` ինչ պիտի ընեմ քեզ, — ըսաւ ու ոտքի ցատկեց:
Ամէն լեռը փայտի գացողներուն պէս, իրիկուընէ իր ալ տրեխները թրջուած էին, յօտոցը, բետատը, փայտին պարանները, հացին տոպրակը պատրաստ էին: Չլուացուեցաւ, խորհելով, թէ աւելի պիտի ուշանար, հագուեցաւ, ջորին ախոռէն դուրս քաշեց, համետը սարքեց, հեծաւ ու Կորջայենց, Ազվըտերոնց, Հայնենց դռներէն դաշտին ճամբաներուն չաթը, Պահիկանց կալը հասաւ: Ոչ իսկ շշուկ մը: Մարդ չկար: Անանկ ալ լուսին մը ցաթեր էր, որ գիշեր չէր, ցերեկ էր, կ՚ըսէիր, ամէն դի: Պահիկեանը, իր կալը, չուլի մը տակ կը քնանար: Ամէն մարդ, քանի շաբաթ կ՚ըլլայ իր կալը լմնցուցեր, լեռը փայտը կ՚երթար, ան դեռ կը կամնէր: Անոր գործերը անանկ էին, ամէնէն ետքը պիտի մնար:
Փայտուոր տղոցը հասնելու համար, որոնք անպատճառ իր առջեւը ըլլալու էին, Խորէն ջորիին կողերուն զարկաւ ու Սուրբ Եղիայի բլուրին փէշերէն մինչեւ Պանտրծակ վազեցուց, բայց դարձեալ մարդ չտեսաւ: Ուրիշ օրեր Ապլայենց Սարգիսը, Ապլայենց Երամը, Բաբիկանց Պետիկը, Այլայենց Եարըմ աղան ճամբտին կ՚ըլլային: Փայտուորին ետուըտուքն էին անոնք: Տղաքը փայտերնին կը կտրէին, ետ կը դառնային, անոնք դեռ նոր կ՚երթային, բայց անոնցմէ ալ այսօր երեւցող չկար: Ըսել է, թէ որքան ուշ էր ժամանակը:
Մամասալ իջաւ: Աղբիւրին ջուրերը սաւանի մը տարածութիւնով միակտուր ժայռերէն կը թափէին ստորոտի աւազներուն մէջ: Անոնց վրայ նայելով, մարդուն խմելը կուգար, բայց Խորէն ոչ իսկ ջորիէն իջաւ:
Յանկարծ խօսակցութիւն մը լսեց: Գիւղին տղաքը ըլլալու էին: Անոնց խօսածներուն կը նմանէին: Երեքը, չորսը միասին կը խօսէին: Մէջերնին մէկինը Մանուկանց Գասպարին ձայնն էր: Ջորին կեցուց, չթողուց, Որ քալէր, ու լաւ մը ականջ տուաւ: Այո: Անոր ձայնն էր: Ուրախացաւ: Միայն խելք չկրցաւ հասցնել, թէ հոդ ինչու հաւաքուէր էին, ինչու փայտը չէին գացեր: Բայց երբ Աղիջրակի զառիթափին գագաթը հասաւ, բերանը բաց մնաց, զարմացաւ: Մարդ չկար: Ճերմակ ցախաւելի, մոշիի թուփերը կային ու Աղիջրակի առուն, որ կը փայլէր լուսնի լոյսին մէջ: «Աս տղաքը ուր էին, ուր տեղէն կը խօսէին» ըսաւ ինքնիրեն:
— Գասպար… Մանուկանց Գասպար… ուր էք ծօ, ուրկէ կը խօսիք, — պոռաց բոլոր ուժովը:
Լռեցին: Պատասխանող չեղաւ: Յետոյ, գիտես թէ` երեքը, չորսը մէկ բերան՝
— Հոս ենք, — ըսին: Բայց տղոցը ադ ըսածնին ալ զարմանալի ու տեսակ մը եկաւ իրեն:
— Չեմ հասկնար, ծօ: Աղէկ ու շնորհքով չըսէք: Ամէնքդ մէկ ինչու կ՚ըսէք: Ուր էք, որ ես ձեզ չեմ տեսնէր, — պոռաց:
Երեքը, չորսը միասին խնդացին: Խնդալուն ձայները վարէն` Կապանին գահավէժներէն կուգային: Նոր ինքզինքին եկաւ, թէ այս ձայները տղոցը ձայներուն չէին նմանէր: Եւ յետոյ` մարդ ցերեկները անգամ Կապանի գահավէժներէն չէր համարձակէր իջնալ, գիշերը ատ գէշ տեղերը ով կրնար ըլլալ: Ասոնք մարդ չէին, ով գիտէ` ինչեր էին: Ալ` կ՚ըսէին, մենէ աղէկները` կ՚ըսէին, անոնք էին արդեօք: Սոսկաց: Սիրտը ուժով ուժով նետել սկսաւ: Մարմինը փուշ-փուշ եղաւ: Կը դողար:
Ջորիին կողերուն զարկաւ բոլոր ուժովը, ջորին վազեցուց, որքան որ կրնար, փախելու, հեռանալու համար այդ ձորերէն: Ետին չէ, երկու կողմը անգամ չնայեցաւ: Յանկարծ ուժեղ ձեռք մը ծանրացաւ ուսին վրայ, պրկեց միսերը: Փորձեց ազատիլ, չկրցաւ, այնքան ուժեղ բռնած էր. չկրցաւ պոռալ, կոկորդը գոցուեցաւ, լեզուն բռնուեցաւ:
Այգիները երեւցան։
Գետը՝
Ջերման՝
Դիմացը` Մասուրձորի այգիները…։
Ու, լիալուսնի մէջ, ինչ խաղաղութիւնով:
Միակ մտածում մը կար գլխին մէջ: Ջերմա իջնել, Տէրտէրանց եգետունը: Ջորիին գլուխը դարձուց դէպի վար: Ու դուռը հասաւ չհասաւ, ինքզինքը վար ձգեց, գետինը:
Մինաս պապան, որ նոր քնացեր էր, աղմուկէն արթննալով, բոբիկ, վարտիք-շապիկով դուռը վազեց, բացաւ ու Խորէնը տեսնելով.
— Ծօ, աս ինչ վիճակ է, երեսդ գոյն չէ մնացեր, բռհող է դարձեր: Ծօ, աս ինչ զընկր զընկր դողալ է, ինչ եղար, ինչ եկաւ գլուխդ, չըսես, — հարցուց, իր ցցուած այտոսկրներուն մէջէն, խորը թաղուած պզտիկ աչքերովը զննելով:
— Ը — ը — ը…— ըրաւ, Կապանին բարձունքներուն ու գահավէժներուն նայելով:
— Ան կողմը կը նայիս` ան կողմը եկող չկայ, մարդ չկայ, — ըսաւ Մինաս պապան, — լեզուդ ալ բռնուէր է, չես կրնար խօսիլ, որ հասկնամ, թէ ինչ է եղած: Ետեւէդ եկող չկայ, դուն մի վախնար: Հայտի քեզ ներս տանիմ, որ պառկիս, քնանաս: Աս ժամուն մարդ լեռը փայտը կ՚երթայ, որ դուն ճամբայ ելեր ես: Ես ալ նոր պառկեցայ: Ամենէն քիչը հինգ ժամ կայ առտուան:
Մինաս պապան ներս տարաւ, այգետունը, տոշակի մը վրայ պառկեցուց, վրան հաստ մթել մը ձգեց: Ջորին ալ ներս առաւ ու, իր տեղը դառնալով, նոյնպէս պառկեցաւ:
Երկու անգամ ելաւ, նայեցաւ, որ կը քնանար: Երրորդին ելաւ որ` Քէրվան Ղռանը Խարիծակի այգիներուն հաւասարութեանը եկեր էր, Լուսուն Աստղը կը փայլէր Ինըսունը իննի լեռան բարձունքէն: Կապաններէն տղոցը ձայները կուգային, որոնք ջորիներով, էշերով լեռը փայտի կ՚երթային: Ու նորէն պառկեցաւ:
Չարթնցուց: Մինչեւ ցերեկ թողուց, որ քնանար, մինչեւ որ ինքնիրեն աչքերը բացաւ ու ելաւ, նստաւ:
— Ծօ, ինչ եղաւ քեզի, — հարցուց Մինաս պապան:
Խորէն մի առ մի պատմեց պատահածը: Մինաս պապան յանդիմանեց:
— Դուն քեզ վախցուցեր ես: Ծօ, իրիկուընէ ալ մարդ ճամբայ կ՚ելլէ` լեռը երթալու: Ըսենք, թէ տունով կը քնանային, չգիտցան ելլելդ, ծօ, ծոցի կնիկդ ալ չարթնցաւ, չըսաւ, թէ աս ատեն ուր կ՚երթաս:
— Ըսաւ, ու ես մտիկ չըրի, չեխեցի, — պատասխանեց Խորէն:
«ՆՈՆԻԿ ՄԱՄԱՆԸՆ ՕՂԼՈՒՆԸՆ ՏԻՒՔԵԱՆԸ»
(ՆԱՆԻԿ ՄԱՄԱՅԻՆ ՏՂՈՒՆ ԽԱՆՈՒԹԸ)
Քորճայենց Նանիկ Մամային Նշանը, որ Ըստանպոլ համետագործ էր, գիւղ եկաւ, տարի մը մնաց ու նորէն Ըստանպոլ որ դարձաւ` գիւղին եզնոցը չոպանը, եզարածը, Նշանին տարեկիցն ու տղայութենէն ի վեր բարեկամը Սլոն «ես ալ Ըստանպոլ պիտի երթամ, Նշանին քով պիտի երթամ» մը գլխին մէջ դրաւ ու ամէնուն ըսաւ:
Բայց չոպան Սլոն Ըստանպոլ պիտի երթար` ինչ պիտի ընէր: Ըստանպոլ գացողները փարա վաստկելու, տունը փարայ ղրկելու համար կ՚երթային: Ան փարա կրնար վաստկիր։ Փարա վաստկելու համար ամէնէն քիչը` երեք տարի մը պէտք էր մնար հոն: Ադ երեք տարին պէտք էր չարաչար աշխատէր: Ինչ գործ տային իրեն` «չեմ ընէր» չպիտի ըսէր: Գիշերը, ցերեկը հարամ պիտի ընէր, չպիտի ուտէր, չպիտի ծախսէր, կարմիր ոսկի ու արծաթ մեճիտիէ պիտի վաստկէր, որպէսզի երկիր դառնար:
Սլօ կը համակերպէր պանդխտութեան, ձեռքը կը յարմարէր, խելքը կը պառկէր ասոնց: Ան չոպան էր, չոպանութիւնը, եզարածութիւնը գիտէր: Քառասուն տարի եղաւ, նոյնիսկ` քառասուն տարին ալ անցաւ, Վերիգեղէն էր, կնիկովը, տղոցմովը Վերիգեղցի կը սեպուէր, արտ վարել մը, արօրին մաճը բռնել մը չսովրեցաւ: Ինք չսովրեցաւ, կնիկը, աղջիկը, տղաքն ալ երկրագործութիւնը չսովրեցան: Աղջիկը Տոստալ հարս տուաւ, տղոցմէն մեծը գիւղին ոչխարները կ՚արածէր, ոչխարին հովիւն էր. անկէ պզտիկը կովերը կ՚արածէր, կովերուն հովիւն էր, ինք ալ եզնիքը կ՚արածէր, եզնոցը հովիւն էր: Շաֆախէն ինչպէս քուրդ եկան, այնպէս քուրդ մնացին գիւղին մէջ: Շաֆախցիի լեզունին անգամ չշտկեցին։ Ամէն առտու ոչխարինը` ոչխարին կալը, կովերունը` կովերուն կալը, ինք ալ` եզնոցը կալը կը կենար, երբ ալ բերող չէր ըլլար, կով, ոչխար, եզ կը խառնէին առաջնին իրենց հօտերը արածելու կը տանէին, իրիկուններն ալ գիւղ կը բերէին: Վերիգիւղին լեռները, ձորերը, չողանները, խոտերը իրենց գիտէին, իրենք ալ` զանոնք: Ուր երթային` կը լըվռցնէին իրենց քրդերէնը, ու այծերուն, կովերուն, եզնոցը արձակած իրենց բացականչութիւններովը կը լեցնէին կալերն ու Վերիգեղին դարվերիները:
Սլօ քաղաք ըլլալով` Երզնկա մը գիտէր: Պուղտա Մեյտանին, Գոց Շուկան պտըտէր էր: Ըստանպոլը Երզնկայէն քսան անգամ մեծ էր, ըսէր էին իրեն: Ծովն ու նաւով ճամբորդութիւնը տեսած չէր, ատոնք կը տեսնէր: Գետնէն երկինքը որչափ է, այնչափ խորունկ է ծովուն տակը, առաջին անգամ կը վախնաս, ետքը աչքդ կը պառկի, պատմէր էին: Սլօ Նշանին «Դուն գնայ, ես ալ ետեւէդ պիտի գամ» ըսած էր: Ան ալ «դուն ինտոր պիտի գաս» ըսած էր: Մէկ մը երթար, որ տեսնէր թէ` ինչպէս եկաւ: Բայց չպիտի մնար: Մէկ օր մը պիտի կենար ու նորէն ետ պիտի դառնար:
Գիւղացիներուն ժամուն, դպրոցին առջեւ խմբուող երիտասարդներով, Շեխենց դուռը նստող տարեցներուն, Խորուկալի տուներուն շեմերը նստող կիներուն առջեւէն ամէն անցնելուն, դառնալուն` «ես ալ Ըստանպոլ պիտի երթամ» ըսածը Նշանին մօրը` Նանիկ Մամային ալ կ՚ըսէր: Անոնք իրենց վարի տունը չէին նստեր, վերի տունը կը նստէին: Վերի տան դուռը իրենց ախոռին երդիքին վրայ կը բացուէր: Սլօ ամէն իրիկուն, եզնիքը գիւղ բերելէն ետքը, Նանիկ Մամային ախոռին երդիքը կ՚երթար, դրանը քովը ոտքերը կը փռէր, կը նստէր ու` Նանիկ Մամա չէր ըսէր, Նոնիկ Մամա կ՚ըսէր:
— Նոնիկ Մամա, ես ալ Ըստանպոլ ղարտաշլխիս` Նշանին քով պիտի երթամ, իրաւ կ՚ըսեմ, Նոնիկ Մամա:
Նանիկ Մաման, որ մեծածաւալ դեղին, կէտկիտուն լաչակովը օճախին գլուխը կ՚ըլլար, դուռը կուգար.
— Հայտէ, դուն ալ Սլօ, դուն ինտոր ղարտաշլխիդ պիտի երթաս, դուն քու եզնոցդ չոպանութիւնը ըրէ:
Սլոն կ՚առնուէր:
— Ինչու, — կը հարցնէր, — ինչու, Նոնիկ Մամա:
— Ըստանպոլը աշխարհքին մէկալ ծայրն է: Ու հայերէնի դարձնելով, խօսելիքը` հարսներուն իրենց ծծկերները քնացնելու համար իրենց էրիկներուն համար կանչած օրրերգը կ՚ըսէր` «Ըստանպոլ մի գովէք, երկրի վար է, լեռները մշուշ են, ճամբտին քար է»:
— Ես ինչու չեմ կրնար երթալ, — կը կրկնէր Սլօ: — Մատ մը տղաքը կ՚երթան, Նոնիկ Մամա:
Ու կ՚աւելցնէր,
— Կը տեսնես դուն, Նոնիկ Մամա:
— Հեմ գեղին եզնիքը որու կը ձգես ու կ՚երթաս Սլօ, — կ՚ըսէր Նանիկ Մաման:
— Ֆեթթոյին գործը ինչ է, — կը պատասխանէր Սլօ, — թող Զեյնոյին հետ արծեն: Հեմ ես հոն չպիտի մնամ: Օր մը, շատ շատ երկու օր մը կը մնամ, Նոնիկ Մամա:
Այս շաֆախցիները շատ կասկածամիտ կ՚ըլլային, խնդիր մը որ ունենային, քառասուն մարդու կը հարցնէին, քառասուն հոգիի խորհուրդին կը դիմէին. առուծախի հաշիւ մը որ ունենային, որու հանդիպէին` ճամբան` կը կեցնէին, հաշուել կուտային: Մէկու մը ըրածովը չէին գոհանար, երկրորդի մը, երրորդի մը եւս քննել կուտային: Ըլլար որ այծ մը բերէին իրենց հօտերէն, կամ գոմերէն, աղ կամ` Մալաթիայէն բեռ մը չամիչ բերէին ու ծախէին, տուած դրամդ, մէճիտիէդ, չէյրէկդ կը նայէին ու կը նայէին վրան: Վայ թէ գրի մը ծայրը, գիծ մը, կամ որեւէ տեղ մը քիչ մը սրբուած ըլլար, կամ գետինը քարին զարնէին ու ձայնը իրենց ականջին աղէկ չհնչէր, ետ կուտային «էհէ, ճոնըմ, ղուրպան օլայըմ, պու չորիկ ղալպտըր, էյիսինի վեր» կ՚ըսէին: Դուն որքան շունչ ունիս` հատցուր թէ` աղէկ է, ղալպ չէ չորիկը, այսինքն` չէյրէկը, հինգ ղուրուշնոցը. չէին առնէր, ետ կը դարձնէին:
Սլօ ամէն օր իր ճամփորդութեան վրայ խորհեցաւ: Միայն երթալու, գալու նաւուն դրամը կար: Ատ պիտի վճարէր: Ճամբորդութիւնը քալելով պիտի երթար, քալելով պիտի գար: Ուտելիքը, ճամբու պաշարը Ֆեթթօն պիտի պատրաստէր: Մինչեւ Ըստանպոլ բաւելիք իւղով թրուած քեօմպէ եւ պաճլըմաճ շինել պիտի տար:
Առտու մը, շատ կանուխ, տասնըմէկ օրուան ճամբորդութենէ մը ետքը, Սլօ նաւէն Նեղուցին երկու ափերը դիտելով` Ըստանպոլ հասաւ ու բոլոր ճամբորդներուն հետ Ղալաթիոյ քարափը ելաւ: Ամէնքը ցրուեցան, մինակ ինք մնաց, իսկ ինք գիտէր, թէ ինչպէս պիտի գտնէր Նշանին խանութը: Չէ որ հարցնելով, հարցնելով մարդ Պաղտատ կը հասնէր… ինք ալ «Նոնիկըն օղլընըն տիւքանը» պիտի հարցնէր: Պիտի ցուցնէին, անշուշտ: Շիտակ խանութին առջեւը պիտի երթար տնկուէր: Թող Նշանը զարմանար, թէ Սլօն ինչպէս կը գտնէր զինքը:
Առտուան այն պահն էր, երբ Ղալաթիոյ քարափը գիշերուան ամայութիւնը դեռ կը շարունակէր: Վարէն վեր մարդ չէր երեւնար: Շատ վերջը մէկը յայտնուեցաւ: Սլօ, որ գետինը նստած էր, ոտքի ելաւ, ու մարդուն առջեւը կտրեց: Մարդն ալ վախցաւ Շաֆախցիներու` մինչեւ ծունկերը հասնող կարճ էնթարիով ու մինչեւ կրունկները գոցող ճերմակ վարտիքով Սլոյին կերպարանքէն:
— Աղա, Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ, կ՚ըսես` որ կողմըն է, – ըսաւ:
Մարդը չհասկցաւ:
— Ինչ, – պատասխանեց: Սլօ կրկնեց:
Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ, աղա ճոնըմ: Մարդը նորէն չհասկցաւ, շարունակելով նայիլ Սլոյին վրան,
— Ինչ կ՚ըսես, չեմ հասկնար, — ըսաւ:
Սլօ երրորդ անգամ կրկնեց: Խորհեցաւ թէ չկրնալ հասկցնելուն պատճառը ինք էր: Շտկեց:
— Աղա, Նանիկ Մամանըն օղլընըն տիւքեանը կը հարցնեմ: Քորճակիլըն Նանիկ Մամանըն օղլընըն` Նշանըն տիւքեանը:
Մարդը լսածներէն նորէն բան մը չհասկցաւ: Օձիքը Սլոյէն ազատելու համար ամէնէն կարճ ճամբան`
— Չեմ գիտէր, — ըսաւ ու քալեց:
Սլօ ապշեցաւ, որ այսքան պարզ հարցում մը չհասկցաւ մարդը:
Երկրորդ մը կուգար: Եկողը ուռած փորով մարդ մըն էր: Բաճկոնակին կոճակները քակեր էր ու թաշկինակովը երեսին քրտինքը կը սրբէր: Սլօ զարմացաւ, թէ արեւը նոր կը ծագէր, առտուն այդքան կանուխ քրտնելու պատճառ մը չկար, շատ հեռուէն կուգար արդեօք:
Մարդուն առաջքը կտրեց:
— Աղա, Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը ցուցունես որ կողմն է:
Շուտով անդրադարձաւ թէ աղէկ չհարցուց:
— Քորճակիլըն Նոնիկ Մամանըն օղլընըն տիւքեանը, ղուրպան օլայըմ:
Մարդը քրտինքը շարունակելով սրբել
— Չեմ գիտէր, — ըսաւ ու գնաց:
— Ինչ մարդիկ են այս ըստանպոլցիները, — խորհեցաւ, — իրաւ չեն գիտէր Նշանին խանութը, թէ գիտեն ու կը խաբեն: Կենամ նայիմ, հարկաւ ամէնքն ալ գէշ չեն ասոնց, մեջերնին աղէկն ալ կը գտնուի, — ըսաւ ինքնիրեն:
Անցան երեք, չորս վայրկեաններ: Մարդ չերեւցաւ: Յանկարծ երեք երիտասարդներ կողմնակի փողոցէ մը դուրս եկան: Երեքն ալ բարակ պեխերով: Մէկինին պեխը դեղին էր, բաճկոնը հանէր էր, թեւին վրայ կը կրէր: Սլօ առջեւնին վազեց.
— Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը ուր է, աղաներ, կ՚ըսէք, — հարցուց:
Երիտասարդները խնդացին: Սլօ խորհեցաւ, թէ գիտէին, անոր համար խնդացին: Սեւ պեխաւորները դեղինը ցուցուցին.
— Աս աղէկ գիտէ, անոր հարցուր, — ըսին:
— Դուք չգիտէք, դուք չըսէք, — ըսաւ:
Իրարու վրայ ձգեցին պատասխանելը: Սլօ կախուած մնաց երիտասարդներուն բերաններէն ու սպասեց, որ շիտակ պատասխան մը առնէր: Քարափը հետզհետէ եկող գացողներով լեցուեցաւ, աշիրէթի տարազով Սլօն տեսնելով` շատեր հետաքրքրուեցան ու կանգ առին: Ոստիկան մը ալ եկաւ ու`
— Ուրտեղացի ես, — հարցուց:
— Շաֆախցի եմ, չոպան եմ, պէկ, – պատասխանեց Սլօ:
— Ուր է ատ Շաֆախ ըսածդ:
Խոստա Պելիէն անդին, պեկ:
Ոստիկանը գլուխը շարժեց, առանց հասկնալու ըսածը տեղին ուր ըլլալը, ու երբ տեղեկացաւ թէ` Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը կը փնտռէր, յանդիմանեց զինքը:
— Դուն հէչ խելք չունիս, գոճայ հերիֆ, հոս քու լեռներդ են, — ըսաւ, – Նոնիկըն օղլընըն տիւքեանը հարցնելով, փողոցը չես գիտէր, թաղը չես գիտէր, մարդ կը գտնուի Ըստանպոլի մէջ` ատանկ:
Ամէնքը խնդացին: Մինչեւ վիզը կոճկուած սեւ հագուստով, ճերմակ մօրուքով էֆէնտի մը`
— Կեցիք նայիմ, – ըսաւ բազմութեանը ու Սլոյին խօսքը ուղղելով, - ատ փնտռածդ ինչ գործ կ՚ընէ, տղաս, գիտես, ըսէ ինձի:
— Սեմերճի է, պէկ, — պատասխանեց Սլոյ:
— Հիմա հասկցայ, – ըսաւ էֆենտին, – հիմա ինչ որ ըսեմ, ըրէ: Սեմերճի էսնաֆը Աթպազարը կ՚ըլլայ: Հոն կը գտնես Նոնիկըն օղլը ըսածդ: Աղէկ մտիկ ըրէ: Պալըգպազարը կ՚ըսես, հոնկէ Ունգաբանը կը հարցնես, հոնկէ Ֆաթիհը, Ֆաթիհէն ալ Աթպազարը ժամ մը, ժամուկէս պիտի քալես:
Բազմութիւնը ցրուեցաւ: Սլօ մինչեւ Աթպազար քալեց, սեմերճիի մը խանութ տեսաւ, ուր գլուխը կախած, թեւերը սոթտած մէկը, խոշոր մախաթով մը համետի մը մէջի թաղիքը կը կարէր:
— Քերամ ըրէ աղա, – ըսաւ Սլօ, խանութին առաջքը կենալով, ու պատրաստուեցաւ, որ Նոնիկըն օղլընը պիտի հարցնէր, մարդը գլուխը վեր առաւ, ու… ով ըլլար` Նանիկ Մամային տղան, Նշանը ինքն էր, որ Սլօն տեսնելով, ապշեցաւ մնաց: Չհաւատալը եկաւ:
— Սլօ, դուն ես, իրաւ դուն ես: Սլօ ինտոր Ըստանպոլ եկար ու Աթպազարը գտար, — ըսաւ:
Սլօ, խոշոր ակռաները ցուցադրելով, խնդաց: Նշան համետը կարելը ընդհատեց, մախաթը վար դրաւ, թաւ պեխերը շտկեց, Սլօն ներս առաւ: Ու ըսաւ:
— Դուն ինտոր եկար:
Սլօ շարունակ կը խնդար: Ան մոռցաւ քաշած դժուարութիւնները, յոգնութիւնները: Նշանն ալ շարունակ հարցուց.
— Ալ ինչ կայ, չկայ գեղը: Մարըս` Նանիկ Մաման ինչ կ՚ընէ: Մեր քէյվանին` մեր Տեմարճենց աղջիկը, մեր տղաքը: Անդրադարձաւ թէ Սլօն անօթի ըլլալու էր:
— Դուն հիմա անօթի ես, — ըսաւ, — ես առտուն կանուխ լովասը եփեցի մանղալին վրայ, դեղինին պէս: Սոխով, կարմիր տախդեղով: Եկուր, որ հետդ ուտենք:
Նշան լուբիան պարպեց ամանին մէջ, որ շատ եփելով` մալեզ եղեր էր, Սլօ չթողուց, որ ձէթ լեցնէր, հոտէն չախորժեցաւ, առանց իւղի լուբիան` դէմ դիմաց գետինը նստան ու կերան, բերաննին այրելով, կարմիր տախդեղը աւելի փախած ըլլալով: Սլօ չհաւնեցաւ Ըստանպոլցիներուն: «Մարդկութիւն չունին աս Ըստանպոլցիներդ, Նշան ղարտաշլխ, — ըսաւ, — խանութդ կը հարցնեմ, գիտեն ու չեն ըսէր: Մեզի մէկը տեղ մը հարցնէ` անանկ կ՚ընենք։ Պերեքեթ` էֆէնտիի մը, որ թարիֆ ըրաւ»:
Հետեւեալ առտու Նշան Սլօն Սկիւտար տարաւ: Այնտեղի շուկային փուռերը Վերիգեղցիները բանեցնելուն, երբ լուր առին, թէ Սլօն եկեր է, որչափ գիւղացիներ կային` քովը եկան: Չհարցուցածնին չմնաց: Մինակ իրենց ընտանիքները չհարցուցին: Եզ, կով, ոչխար, ինչ որ ունէին: «Մեր եզանր ճիվերը ինտոր եղաւ, որ կոտրեցան» հարցուց Մանկանց հաճի Համբարձումը: «Մաղիկանց սուր կոտոշներով եզը ղոչեց: Գարեգուրի գոռչանին վրայ կ՚արծէին: Ձեր եզը չկրցաւ ինքզինքը բռնել, վերէն վար նետուեցաւ, երկու ճիվերն ալ կոտրեցան: Մորթեցինք, հաճի աղա, քիրվայ»:
— «Մեր ալաճայ մոզին պիտի լծէին, լծեցին, Սլօ» հարցուց Օղիկին Ակոբը: «Ձեր մոզին եզ մը եղաւ, որ, Ակոբ քիրվայ, տեսնես, վըլլահի, չես ճանչնար: Աս գարունը լծեցին» պատասխանեց Սլօ:
Սլօ երկու օր մնաց Աթպազարը, Նշանին խանութը: «Ալ չեմ կենար, Նշան ղարտաշլխ, կ՚երթամ» ըսաւ, երրորդ օրը նաւ նստաւ, երկիր դարձաւ:
Շեխենց դռան սեթերը նստող աղաները, տարեցները, ժամուն դպրոցին կէտիկները կայնող երիտասարդները, Խորուկալի շեմերը նըստող կիները, Նանիկ Մաման Սլոյին գիւղ հասած օրը հարցուցին,
— Սլօ քիրվայ, հաւնեցար Ըստանպոլին, աղուոր տեղ էր:
— Վըլլահի, պիլլահի, անխելքութիւն էր իմ ըրածս, — իր ծանր, եղանակաւոր արտասանութիւնովը պատասխան տուաւ ամէնուն, — իմ եազիներս, իմ տէրեներս, իմ սարերս ամէն տեղէն աղէկ են, հոսկէ ելիր հունա նստէ ըսող չկայ ինծի, հրաման ընող չկայ, չի բատիշահ, չի վէզիր, ոչ բատիշահ կայ, ոչ վէզիր կայ, հաճի Գեւորգ աղա, հաճի Մելքոն աղա, Քէշիշ էֆենտի, Դաւիթ պապա, Գառնիկ, Տիգրան, Նախունթ պաճի, Գոբբալ պաճի, Նանիկ Մամա, վըլլահի տէ պիլլահի: Աս Ըստանպոլցիները մարդ չեն, ես չհաւնեցայ:
ՀԱՅԱՆ ՀԱՐՍԻԿԻՆ ՄՈԻՇԷՆ
Մենք ու Մուշէենք պատկից էինք իրարու: Անոնց տունը փոքր էր, մերինին կուշտին փակած տնակի մը պէս կ՚երեւար, բայց, արդէն, աւելի մեծը ինչ պիտի ընէին: Մայր մը, տղայ մըն էին: Այսինքն` Հայանը ու Մուշէն: Մուշէն հայր ունէր թէեւ, բայց տեսած չէր: Իմ տարիքիս տղոցմէն ոչ մէկերնիս Մուշէին հայրը գիտէինք: Մեր ծնելէն առաջ ան Ըստանպոլ գացեր էր, ու ատ գնալն էր, չէր դարձեր: Կ՚ըսէին, թէ ողջ էր: Բայց ինչ օգուտ Մուշէին ու մօրը` անոր ողջ ըլլալէն, երբ քանի գացեր էր, անոր մէկ փարան առած չէին, կամ տող մը գիր չէր ղրկեր, չէր հարցուցեր, թէ կնիկ մը ունիմ, տղայ մը ունիմ, կ՚ապրին, թէ մեռան:
Մուշէին մայրը էրկանը ոչ նամակին, ոչ ալ տուն դառնալուն կը սպասէր: Յոյսը կտրեր էր: Գիտէր, որ չէր գար: Ես հարսիկ կը կանչէի անոր, Հայան հարսիկ: Ափի մը չափ փոքր դէմք մը ունէր, նեղ ու բարակ մարմին մը: Շատ քիչ կը խօսէր: Բան մը հարցնելու ըլլայիր, այնչափ մը կը պատասխանէր, որ խօսիլ չէր ըսուեր ատոր: Կը զարմանայիր: Նոր հարսնութիւն կ՚ընէր, մունջ էր, արդեօք կը խորհէիր, բայց այդ տարիքով նոր հարս կ՚ըլլար: Մուշէին մեծնալուն կը սպասէր, որ էրիկմարդ ըլլար, իրենց տունն ալ նորէն շէննար: Ադ ալ երբ: Մուշէն իմ տարիքս էր: Մեզի միշտ կ՚ըսէին, թէ ես, Մուշէն, Բեկցի Մամուն Կարօն, մէկ մէկ օր տարբերութիւնով, նոյն շաբթուն մէջ ծներ էինք: Դարձեալ` երեքս միասին, միեւնոյն օր մը մկրտուեր էինք: Մենք էրիկմարդ մը ըլլալու ինչքան կ՚ուզէինք: Քանի մը եղաւ` փէշով էնթարիի տեղ տիզլիկ հագնելնիս. չլչլի տեղ Երզնկու եմենի ոտքերնիս անցնելնիս: Այդ աշունը նոր տասներեքնիս պիտի մտնէինք:
Խոշոր գլուխով էր Մուշէն: Ծաղկախտէն փոս-փոս եղած էին ճակատն ու երկու երեսները: Դպրոցով բռնուեցանք ամէնքս ալ, բայց Մուշէինը ամէնէն սաստիկը եղաւ: Նոյնիսկ աչքին մէջ ծաղիկ հանեց: Կ՚ըսէին, թէ Հայանը օրերով լացաւ: Էրիկը չէր փնտրեր զինքը: Մուշէն ալ որ մեռնէր` ինք ինչ պիտի ընէր: Երթար, ինքզինքը Ֆռաթը նետեր, անանկ ապրելէն աւելի աղէկ էր: Ետքը մէկեն աղէկի դարձաւ Մուշէն ու ոտքի ելաւ:
Կարդալու բնաւ սէր չունէր: Մեր հին դպրոցը, ուր պատերուն երկայնքին, գետինը, այծու մորթերու վրայ կարգով կը նստէինք ամէնքս, Մայրենի Լեզուին երրորդ գիրք մենք աւարտեցինք, ան առաջինին վրայ մնաց: Չէր սորվեր, որ փոխէին: Բայց ան ալ ձայն մը ունէր, որ երկու գիւղին ոչ մէկ տղան ունէր: Ինչքան երգ, հարէն կար մեր գաւառին մէջ` գոց գիտէր: Ով որ հարսնիք ընէր` Մուշէն կը տանէր: Ամէն մարդ կ՚ըսէր, թէ անոր կանչածները կը դպէին իրեն: Ուխտագնացութիւններուն, Արակայ ըլլար, թէ Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Երեւում, ուր է` կիները էրիկմարդոցը համար ծառերուն տակը փռոցնէր կը տարածէին, ուր անոնք օղի, գինի կը խըմէին, Մուշէն կ՚առնէին մէջերնին, որ Ակնայ պանդուխտի երգերը, անտունիները կանչէր իրենց։ Ադ տարին, մեր նոր գայմագամը` Ահմետ պեկը, որ Երզնկայի չորրորդ բանակին միւշիւր Զեքի փաշային կաթնեղբայրն էր, երբ մեր երկու գիւղերը այցելեց, Մուշէն երգեց անոր ի պատիւ Քոսայենց Քերոբ պատուելիին շինած` «Մեր գաւառակին մեծ գայմագամին, Արդարակորով քաջ Ահմետ պեկին, եկէք, որ երգենք` երգ ուրախութեան, արեւշատութեան համար աղօթենք» սկզբնաւորութիւնով երգը:
Մենք ալ, դիմաւորելու համար տարուած երկու դպրոցներու աշակերտներս, մէկբերան` «Տիւնեալար տուրտուգճա` թախթը ալի, պախթը օսմանի, պերտեվամ պույուրսուն, ամին» պոռացինք: Ահմետ պեկը շատ հաւնեցաւ Մուշէին ձայնին, ու այնքան մարդոց առջեւ իր ձիին վրայէն, իր նստած տեղէն` քովը կանչեց, «շատ ապրիս» ըսաւ: Մուշեն ալ անոր ձեռքը համբուրեց:
Հայեան հարսիկը մինակը կ՚աշխատէր: Մուշէն ալ հետը կը տանէր, բայց Մուշէին աշխատանք կ՚ըլլար: Ամէնուն պէս` անոնք ալ, թէ ցանին թէ արօսին մէջ արտեր ունէին, ու գետին երկու կողմը` երկու այգիներ: Արտերուն ցանելը, քաղելը, կամնելը նորէն այնքան չէին, այգիներունը շատ տեսակ էին: Գարնանէ մինչեւ աշնան վերջը, մինչեւ Յիսնակ այգիները իջնալ պէտք էր: Ամէնուն պէս` Մուշէենք ալ պտուղներուն, բանջարեղէններուն բոլոր տեսակները ունէին: Շատ տաք ընելուն` չորս օրը անգամ մը գետին ջուրովը ջրել պէտք էր ծառերուն արմատները, բանջարեղէններուն մաշըրաները, մինչեւ շրթերը ջուրով լեցնելով: Յետոյ` պէտք էր այնչափ թթենիներուն տակը թափած թութերը ժողվել, որոնք ամէնէն աւելի ձեռք կը բռնէին: Յետոյ` պտուղները, բանջարեղէնները հաւաքելու, ձմռան համար աւազներու վրայ փռելու էին, որ չորնային: Խաղողները կթելու, թնթելու էին, որ գինի, նարտենկ, շիրայէ թարխանայ, թութերը եփելու էին, որ ուրուպ, պաստեղ, բլիթ պատրաստէին: Ամենէն վերջն ալ տուն կրէին ասոնք:
Ամէն գիշեր, ամէնուն պառկելու պատրաստուած պահերուն, մայր ու տղայ, բեռնով էշը առաջքնին, յոգնած, բերաննին բաց, այգիներէն կուգային: Միասին հապիկան վրայ կ՚առնէին, տուն կը կրէին, ու ատկէ ետքն էր, որ մայրը կրակ պիտի վառէր եւ բան մը եփէր, որ ուտէին: Ինչ կ՚եփուէր այդ ժամէն ետքը: Հաւկիթ, ջրվրայ: Հացը պիտի փշրէին ամանին տակը, ջրվրան պիտի լեցնէին վրան եւ պիտի ճաշէին: Մուշէին աչքերը կը գոցուէին, կը քնանար, թէ` կ՚ուտէր, չէիր հասկնար, կամ, աւելի ճիշտը` քնանալով կ՚ուտէր, Հայան հարսիկին բուռ մը երեսը, ըսես, աւելի կը պզտիկնար, բռնակ մը կը դառնար, գիտես թէ` աչքերը չկային, ծնօտ մը կ՚ելլէր ու կ՚իջնար բակին անկիւնէն մխացող ճրագին աղօտ լոյսին մէջ:
Քովի տուներէն կնիկները կուգային ու կը նստէին դիմացը:
— Պահիկանց աղջիկ, — կ՚ըսէին անոնք Հայան հարսիկին ու Մուշէին նայելով, — ամէն օր ալ աս կը քաշուի: Կէս գիշերին պիտի գաս, օճախ պիտի վառես ու ճաշ պատրաստես: Օր մը առաջ տղադ կարգէ, հարս մը առ ու ազատէ աս նաչարութենէն: Երկու կուժ ջուր բերող մը, ախոռդ աւըլող մը, այծերդ կթող մը ունենաս նը` շահ մըն է քեզի:
— Այո, — կը պատասխանէր:
Երբեմն ալ.
— Ատանկ է, իրաւ էք, — կ՚ըսէր:
— Ինտոր ընեմ, պզտիկ է Մուշէն, — կ՚աւելցնէր:
— «Պզտիկ» մը առեր ես` կ՚երթաս, «ինտոր ընեմ» մը առեր ես, կ՚երթաս, Պահիկանց աղջիկ, — կը յանդիմանէր այս խօսքին վրայ Ղարաչոռցի մամս, որ իմ բուն մամս չէր, մեր Տեմուրճենց չորս տուներէն Արութ պապուս կնիկն էր: Ան մեր Արմտաններուն կնիկներուն բնաւ չէր նմանէր: Մուխի գոյն դէմք մը ունէր, աչքերը բոցի գոյն կը փայլէին ու իրենց տեղը քուրդ շատ ըլլալուն, քուրդի պէս քրդերէն կը խօսէր: — Գիտես, թէ հէչ մէկը պզտիկ տարիքով տղայ չէ կարգեր: Մինակ դուն ես, — ու օրինակներ կը թուէր: — Խաշմանենց Աղան, Նաղաշենց Թադոսը, Վեվէենց Պեկոն, Կախմխցի Ղանպերին թոռը` Ճեմօն: Ալ ըսեմ: Դուն չես լսէր, որ նաչար մայրը չորս տարուան տղան կարգեր է:
— Գիտեմ, Ղարաչոռցի Նենէ, — կը պատասխանէր Հայան հարսիկը: Կը քաշուէր անկէ:
Անգամ մը մայրս ալ խօսքի մէջ մտաւ, քաջալերելու համար Հայանը.
— Հայան, ինչ պիտի ընես աս ու ան, աղուոր աղջիկ մը գտիր, որ Մուշէն կարգենք, – ըսաւ:
Ղարաչոռցի մամս բարկացաւ.
— Մեր հարսին` մեր Գալենց աղջկանը ըսածին մի նայիր, Պահիկանց աղջիկ, ըսաւ: – «Աղուոր» մը առէր են, կ՚երթան: Աղուոր ինչ ըսել է։ Աղջկան աղուորը ինչի պէտք կ՚ըլլայ: Տան ճակատը պիտի նստեցնես, երեսին պիտի նայիս: Աղուոր: Ատ աղուոր ըսածդ չպիտի ծերանայ: Անանկ պիտի մնայ: Չպիտի թնթռկի: Բան բանողը նայինք:
Մայրս ըսածին զղջաց ու լռեց. բերնին ինկեր էր, որ պատասխանէր։
— Հեմ Հայան, Պահիկանց աղջիկ, դուն ինծի նայէ, — կ՚ըսէր:
— Կը նայիմ, Գոբբալ հարսիկ, — կը պատասխանէր Հայանը: Շատ խոշորակազմ ըլլալուն` Գոբբալ հարսիկ ալ կը կանչէին, որ խոշոր ըսել էր:
— Չըլլայ, որ պզտիկ աղջիկ առնես: Թող տղէդ վեց, եօթը տարու մեծ ըլլայ: Քանի մը մեծ ըլլայ, այնքան քեզի համար աղէկ է, պզտիկ հարսը ինչ պիտի ընես, ինչի օգուտ ունի: Օրոցքը պիտի դնես ու օրօրես: Թող տղադ պզտիկ ըլլայ: Հարսդ կը սորվեցնէ անոր չգիտցածները: Մեծ տարիքովը ու ուժովը առ, որ ամիսը անգամ մը` վայ փորս կը ցաւի, վայ մէջքս կը ցաւի` չըսէ ու քիթը կախէ: Աղբիւրն որ երթայ, կուժը լեցնէ, մէկ անգամէն շալակը նետէ ու քալէ: Երկու թեւերը բանայ, պարկը մէկեն գըրկէ, վերցնէ ու իշուն բեռնայ մինակը:
— Հեմ իս նայեցէք, կնիկ մարդիկ, ձեզի եմ, — հետզհետէ ոգեւորուելով կը շարունակէր, ամէնուն ուղղելով խօսքը, — հարս մը, ամէնէն առաջ տան մալն է, ետքը` էրկանը: Գիշերէ գիշեր ձեր տղուն ծոցը պիտի պառկի, էրկանը կնիկն է, անկէ անդին անորը չէ, տանը հարսն է, գերդաստանին մալն է:
— Մուշէ, ծօ, քեզ պիտի կարգեն, — կ՚ըսէի Մուշէին, աս խօսուածներուն հետեւեալ օրերը, երբ մենք մեզի մնայինք ու պտտելով, մինչեւ դաշտին ուռիներուն տակը երթայինք, կամ, թումբերուն ալոճները աղէկ մը դեղնէր էին, ալոճներուն վրայ ելլէինք` թոթուելու համար: Եւ կամ` երբ գիւղին մէկ պարտէզէն միւսը անցնէինք, ընկուզենիներէն թափած ընկոյզներ ժողվէինք, երկերկու տափակ քար գտնելով` դէմ դիմաց նըստէինք, թէ կոտրէինք, թէ միջուկները հանէինք, հանէինք ու ուտէինք:
— Հայտի, ծօ, - կը պատասխանէր շեշտով մը, որ կարծես ես կը յերիւրէի, իրենց բակը իր վրայ ըսուածները ինք չէր լսեր, ես միայն կը լսէի:
— Հեմ քէնէ մեծ տարիքով աղջիկ մը պիտի առնեն քեզի: Ղարաչոռցի մամս չըսաւ, չլսեցիր:
— Հայտէ, ծօ, ես չեմ կարգուիր, — կը կրկնէր:
— Հա, քեզի պիտի հարցնեն քու կարգուիլդ: Մարդ, մամոնքդ ինտոր ուզեն նը` անանկ պիտի ըլլայ: Անոնք որ աղջիկը ուզեն նը` ան կ՚առնեն:
Մեծ Խաչը անցաւ, Վարագայ Խաչին Կիրակին մէկ մըն ալ տարաձայնուեցաւ, թէ Մուշէն նշանէր էին: Քամախի Մարեկը չկայ, հոնկէ է` ըսին, աղջիկը: Մենք` տղաքս ձգենք, Մուշէն ալ լուր չունէր իր նշանուելէն: Ան ալ չէր գիտեր:
Աշունը ես Իսթանպուլ գացի: Եօթը տարի մնացի, յետոյ նորէն գիւղ դարձայ: Ադ օրը, ինչպէս միշտ կ՚ըլլար ամէն պանդխտութենէ եկողին, մեր տունը մինչեւ երեկոյ լեցուեցաւ ու պարպուեցաւ ինծի «բարի ես եկեր» ըսող կիներով, այրերով: Տարեցները գրեթէ նոյնը մնացեր էին, կամ շատ քիչ փոխուեր էին, բայց իմ տարեկիցներս հասակ նետեր. երիտասարդներ եղեր էին: Ամէնքն ալ կարգուեր ու զաւակներ ունեցեր էին: Չկարգուած` ես մնացեր էի: Հայան հարսիկն ալ փոխուէր էր: Ուր է ես ափի մը չափ երես մը, նեղ, բարակ մարմին ունէր գիտէի, հիմա երեսները լայնցեր էին, գեր չէր ըսուեր, բայց հաստըցեր էր: Մուշէն փնտրեցի: «Ամենքը եկան, Մուշէն ուր է» հարցուցի: Քանի մը հոգի միասին պատասխանեցին. «Խոշկիրի Մուսթաֆայ փաշային ղոնաղը գնաց» ըսին: Թոռը` Ալիշան պեկը կը կարգէ փաշան, քեման չալելու, խաղ կանչելու տարին: Մուշէն սազանտար է հիմա: Հարուստներու, պեկերու հարսնիքներուն կը կանչեն: Քանի մը օրէն կուգայ»:
Միւս օրը Մուշէին կնիկը տեսայ: Առտուն կանուխ աղբիւրը ցորեն լուալէն կուգար, շալակը լեցուն պարկով մը: Երդիքը հանեց, ցորենը տարածեց, որ արեւին չորնայ: Հայան հարսիկը մամուս խրատը բռնէր էր: Առած հարսը մարմինին հաստութենէն, թաւ յօնքերէն յայտնի էր, որ Մուշէէն շատ մեծ էր: Աս ըսեմ, որ անանկ պզտիկ, բարկուկ ու շարկուկ հարս մըն ալ` ան պարկ մը լեցուն ցորենը չէր կրնար շալկել ու երդիքը հանել: Իմ աչքս անգամ չկտրեց:
ԱԳՌԱՒՆԵՐԸ
Մեր գաւառներուն ագռաւները ճերմակ էին, սեւ թեւերով: Անոնք այնքան վարժուած էին մեզի` գիւղացիներուս, որ մենք ուր որ ըլլայինք, մեր բոլորտիքէն չէին հեռանար։ Օրը քանի մը անգամ մեր երդիքները կ՚իջնային, «ղա…» կը կանչէին ու մեզի կը նայէին նայուածքով մը, որ մարդկայինին կը նմանէր: Յաճախ, քանի մը հատը միասին, պատի մը վրայ կը շարուէին, ու բան մը հասկնալու պէս` հետաքրքրութիւնով կը հետեւէին վարի բակին մէջ մեր տնային աշխատութիւններուն, մենէ մէկուն, որ էշը ախոռէն հաներ էր, համետը կը կապեր, հարսի մը, որ բակը կ՚աւըլէր կամ, աղբին կողովը շալակը, դուրս կ՚ելլէր, աղջկան մը, որ աղբիւրէն կը դառնար` կուժովը:
Իմ տունս գիւղին ամէնէն վերի ծայրը, պարտէզներով շրջապատուած ըլլալուն, ագռաւներուն ամէնէն շատ եղած տեղն էր. անոնք ամէն վայրկեան իմ աչքերուս առջեւն էին, ամէն օր ես ականատես կ՚ըլլայի իրենց բարքերուն:
Ամառները, երեք-չորս ամիս մը, չէին երեւնար: Ատ ամիսներուն մենք գիւղացիներս, միշտ դուրսն էինք, այգիները, արտերը: Մեծով, պզտիկով շաբաթներով թութ կը ժողվէինք, կ՚եփէինք, րուպ կը պատրաստէինք, շիրային թանձր հոտը կը բռնէր հանդը: Ծիրանները, դեղձերը կը հաւաքէինք, արեւոտ աւազներուն վրայ կը չորցնէինք: Կը հանուէինք ու կիսամերկ գետին ջուրը ծառերուն, ածուներուն, որթատունկերուն կը կապէինք: Յետոյ` ձորերը խոտ կը քաղէինք: Անոր ետեւէն, լման ամիսուկէս, երկու ամիս գարիները, ցորենները կը քաղէինք, կը կամնէինք, կը հոսէինք, բերքը ներս կ՚առնէինք, ագռաւ մը չէր տեսնուէր: Կը զարմանայինք, եթէ մէկ հատի մը հանդիպէինք: Անոր ալ` ուր, մեր ծառերուն վրայ չէ: Աչքը ցաւող մը պիտի ըլլար, Դեղջուր պիտի երթար` աչքերը լուալու, կամ օր մը առաջ մէկուն այծը գիւղ դարձած չպիտի ըլլար, ձորէ ձոր փնտրելու պիտի ելլէր, ու հեռաւորութեան մը վրայ տապակի կոթի չափ երկայն պոչ մը աչքին պիտի դպէր, կամ գլուխ մը, որ ագռաւի մըն էր, որ ծռէր էր, ինչ գտեր էր ու կ՚ուտէր, եւ որ մարդ տեսնելուն պէս` ահաբեկած կը թռէր Եփրատն ի վար, ինչ գիտես` որ կողմ:
Խաչվերացին, այսինքն Սեպտեմբերի կիսուն, ընկոյզները վար առնուելէն, խաղողները կթուելէն ետքը, նորէն կը յայտնուէին մեր ծառերուն վրայ: «Ղա…» կը կանչէին ու կը շրջապատէին մեզ, կ՚ոստոստէին մեր չորսդին, միջոցը կը լեցուէր իրենց կանչերով: Բայց իրենց ուրախութիւնը մեզ տեսնելէն չէր, մեր երդիքները չորնալու համար տարածուած պտուղներով նայելէն կ՚ուգար: Ուտելիք ինչեր չէին տեսնէր: Ընկոյզ կ՚ըսես, բլիթ, պաստեղ կ՚ըսես, շարոց, չորթան, խաղողի թարխնայ, թանէ թարխնայ. կամ ձաւար, կորկոտ կ՚ըսես: Քանի անոնց վրայ կը նայէին, բերաննուն ջուրերը կը վազէին, աչքերնուն մէջ լոյսեր կը վառէին: Երդիքներու եզերքները կուգային, խելօք խելօք կը պտտէին, իբր թէ` բան մը ընելու չէին, բայց կը կեղծէին, սուտէն կ՚ընէին: Ու, յանկարծ, կը յարձակէր իրենցմէ մէկը, ընկոյզ մը կը գողնար, ուրիշ մը` թարխնայէն, բլիթէն փսոր մը կը փրցնէր, ու մինչեւ աղջիկը, որ կը հսկէր, ձեռքի երկայն ձողը անոնց ուղղութիւնովը փարտելով` «լէ… լէ… լէ… լէ… լէ…» պոռար, իրենք կը թռէին: Աւարը կը տանէին, կ՚ուտէին, նորէն կը դառնային, նորէն անտարբեր կամ անմեղ անմեղ մեզ մօտ կուգային ու կը սպասէին, որ աղջիկը ձանձրանար, կամ ոտքի ելլէր, ուրիշ աղջկան մը քովը երթար, դէմ դիմաց նստէին, քար խաղալու տային իրենք զիրենք, շարոցէն կ՚ըլլար, կամ չորթանէն, կտոր մը առնէին ու փախէին: Երբեմն խաղեր ալ կ՚ընէին: Երդիքը սանտր մը, մատնի մը, կաւի, օճառի կտոր մը ինկած կ՚ըլլար, կը յափշտակէին, արտի մը մէջ կը ձգէին: Մենք մեր ուտեստեղէնները, էրթմէները կը մթերէինք: Այս էրթմէները տանիքներու վրայ յաւելուածական մասեր էին, կաղնիի, ուռիի ճիւղերէ հիւսուած պատերով: Ամառ գիշերները, հոն զով ըլլալուն, կը պառկէինք նաեւ: Ագռաւներուն ամէնէն սիրած տեղերն էին: Լաւ ծեփուած չըլլալուն` եթէ յաջողէին ծակ մը բանալ իրենց կտուցներովը, կը կրէին, ինչ որ բացը գտնէին: Տարի մը, մեր էրթմէին պատն ալ ծակեր էին, օրերով չգիտցանք, օր մըն ալ ներս մտանք ու ինչ տեսնենք, կերեր, ծեծկեր, գետինը թափեր էին պատէն կախուած ընկոյզէ շարոցները, ու չորթանները կրէր էին:
Շուներն ալ հանգիստ չէին ձգեր: Օրը երեք ժում մեր կերածներէն աւելցածները տանը դուռը կամ բակը շուներուն կուտայինք: Կը բաւէր, որ տեսնէին բարտիի գագաթէն, վար կը թռէին ու կը շրջապատէին շունը: Իրենցմէ մէկը կը մօտենար: Շունը անշուշտ չէր ախորժեր, թէ կ՚ուտէր, թէ կը զայրանար, կը հաչէր: Ագռաւը գիտէր ատ, թող զայրանար, ան աւելի կը մօտենար, մինչեւ բերանը մտնելու աստիճան: Շունը, աներես ագռաւը բզկտելը կուգար, պատառը կը ձգէր, կը վազէր, որ բռնէր, ուր պիտի բռնէր, իսկ միւսները` ինչ կար` կը յափշտակէին ու կը փախէին: Աս խաղը միշտ կը կրկնուէր: Շուները խաբելը բան մըն էր անոնց համար: Մեզ կը խաբէին, ուր կը մնային շուները:
Ամէն գարուն, դուրսի գործերը կը բացուէին: Այգիներէն կը սկսէինք: Կ՚աւըլէինք, փլած պատերը կ՚որմէինք, առու կը բանայինք, այգիները կը բահէինք: Աւելի շատ կիներուն ընելիք գործերն էին ասոնք: Հետերնին ցերեկուան ճաշ կը տանէին: Անպայման վալա մը հաց պիտի ըլլար: Մենք շատ հաց կ՚ուտէինք: Մեր վալան խոշոր սփռոց մըն էր: Մեր հացերը երկայն լաւաշներ էին, միշտ ամիսը անգամ մը կ՚եփէինք, անոր համար չոր էին: Կը թրջէինք, կը կակուղնար, այնպէս կը շարէինք վալան: Եթէ պահք էր` ընկոյզ, աղածոյ սամիթ, բեմկի, պղպեղ կ՚ըլլար, ուտելիքներուն` պանիր, հաւկիթ: Վալան պատի մը կամ ծառի մը տակ կը դնէին, աշխատանքի կը դրուէին: Կիները, գիտէք, շատախօս են, թէ կ՚աշխատին եւ թէ չկար բան, որ չպատմէին իրարու: Ագռաւները, որ կը լրտեսէին զիրենք, կը մօտենային, իրենց կտուցներովը, ճանկերովը կը քակէին հանգոյցը, աղածոները կը թողէին, միւսները կը կրէին:
— Աղջի, Հարսիկ…– կը պոռար աղջիկ մը, որ կ՚երթար ու վալան կը տեսնէր քրքրուած վիճակի մէջ, — անծեղները վալան բացեր ու տարեր են ճաշը, բան չեն ձգէր, հիմա ինչ պիտի ուտենք:
Մեր` այրերուս ալ օձիքը չէին ձգեր: Արտերը վիգ, գարի, ցորեն ցանել կ՚երթայինք: Արար վարողը իր ճաշը ծառի տակ կը դնէր, կորի մը կը գծէր, սերմը կը ցանէր կորիին մէջ ու մաճէն բռնած` կը վարէր եզները: Ագռաւ մը, հեռուէն, հերիք էր, որ նշմարէր վալան, կ՚իջնար մօտակայ արտ մը, մէկ մը վեր, մէկ մը վար ման կուգար, եւ որպէսզի չգիտցուի այդ արտ վարողէն, մարդու մը, գողի մը պէս` բոլոր զգուշութիւնները ընելով, կծկուելով կը մօտենար, կը քակէր հանգոյցը, ու շուտ-շուտ կը կրէր, ինչ որ կար իրեն ուտելիք:
Քանի մը անգամ ալ ինծի պատահեցաւ, իմ ճաշս գողցան: Անգամ մը, գարուն էր, Մեծ Պահքի մը Աւագ երկուշաբթի մը: Տունով այգի յօտել գացինք: Շատուոր էինք, մերերոնք ալ կային: Ես ինծի համար, ծրարով մը հաւկիթ ու չորմիս, այսինքն` քաւուրմա առէր էի: Ես պահք չէի բռներ: Իմ ծրարս վալայէն հանեցի, բռնչենիին ճիւղէն կախեցի, ու, աղէկ մը ապահովուելէ ետքը, մեր վարի այգին գացի` որթերը յօտելու: Ցերեկին ինչ ախորժակով եկայ, որ պիտի եփէի ու ուտէի: Ու ինչ տեսայ: Գետինի վալային չէին դպեր: Ծառին ճիւղէն, կտուցներովը ծեծկելով, հանգոյցը քակեր, իմ ծրարս վար ձգեր, հաւկիթները կոտրեր կերեր էին, կճեպները թողեր էին, միսն ալ տարեր էին։ Պարապ ծրարս ալ տարեր, երկու այգի անդին, Լուսնիկանց եգետանը առաջքը ձգէր էին:
Վերջին տարիները մայրս հնարք մը յղացաւ: Չորս բզուկ կը դնէինք երդիքին անկիւնը, սեւ բուրգի կծիկի մը թելով խոշոր քառակուսի մը կը կապէինք: Պահպանելու համար մարդու պէտք չկար այլեւս: Ինչ ունէինք` կը դնէինք մէջը: Կը զարմանայինք: Ագռաւները երդիքը կուգային, կը դառնային բոլորտիքը, կը նայէին ու քառակուսին մտնելու կը զգուշանային թակարդ կարծելով:
Բայց ամէնէն շատ իմ զարմացածս` իրենց ժողովներն էին, մեր պատգամաւորական նիստերուն այնքան նմանութիւնովը: Ձմրան ցուրտ գիշերները կը գումարուէին մեր մարագին երդիքին կից, Շեխենց ընկուզենիներուն վրայ: Անմիջապէս որ կը մթնէր` հեռաւորութենէ մը, յանկարծ, ագռաւ մը կուգար, պատգամաբերի մը պէս, ու ընկուզենիին գագաթը կը տեղաւորուէր: Երկու ագռաւներ կը հետեւէին իրեն ու իրմէ վար` իր աջն ու ձախը կը գրաւէին: Ու յետոյ, երկերկու, երեքական խումբերով, հետզհետէ կը հասնէին գիշերին ամէն դիերէն եկողները: Ընկուզենիին կը ծածկուէր ագռաւներով: Ուշացողները երկրորդ ընկուզենիին վրայ կ՚իջնային: Ու կը սկսէր իրենց միավանկերով փոխասացութիւնը: Մէկը կ՚ըսէր, ուրիշ մը կը պատասխանէր: Երբեմն, երկու, երեքը կ՚ըսէին, ուրիշ երկու, երեքները կը պատասխանէին: Երբեմն, յանկարծ, բոլոր ճիւղերէն, բոլոր ագռաւները կը մասնակցէին: Ժխորը, կանչերը կը սաստկանային: Իզուր` գագաթի ագռաւը, իր երկու օգնականներով, կը միջամտէր, հանդարտեցնելու համար կողմերը: Այն ատեն, ուրիշ տեսարան մը կը յաջորդէր: Ագռաւներէն մէկ երրորդը, երբեմն աւելին, կը թռչէին ընկուզենիէն, հանդիպակաց բարդիներու գագաթները կը խմբուէին, ու միասին ու միահամուռ կը պատասխանէին ընկուզենիներու իրենց ընկերներուն: Ես կը կապտէի ցուրտէն: Տուն կը մտնէի: Կը ճաշէինք: Կը պառկէի, կը քնանայի, առտուան դէմ կ՚ըլլար, քունս կ՚առնէի, դուրս կ՚ելլէի, ու մեր ախոռին, մարագին տանիքներուն վրայէն կը քալէի, կ՚երթայի հոն, ուր քունէն արթնցող մը կ՚երթայ, յետոյ կը դառնայի անկողին, կը մտնէի վերմակին տակը, ու անոնք, համատարած ձիւնի բեւեռային սպիտակութեան գիշերին մէջ, ինչպէս էին այն ժամանակները մեր գաւառներուն ձմեռները, աստղեր ըլլային, չըլլային, զերոյէն վար քանի աստիճան պաղով, վերէն սառ, ձիւն, եղեամ կը տեղար, կը շարունակէին իրենց ընդդիմախօսութիւնները: Շաբաթը երեք, չորս գիշեր կը կրկնուէր: Ինչ կ՚ըսէին, ինչ կը պահանջէին իրարմէ: Ես իրենց ագռաւերէնը չեմ կրնար վերարտադրել. բայց ինչ որ կ՚ընէին, ապահովաբար նշանակութիւն մը ունէր: Ուրիշ ինչպէս մեկնել տեսարանը: Ինչ որ կ՚ընէին, զուարճանալու համար չէր, անշուշտ:
ՄՕԼԼԱ ԷՕՄԷՐԻՆ ԷՇԸ
Իմ երկրիս մէջ սայլ չկար: Մերինը էշ էր, սայլի տեղ մենք էշ կը գործածէինք: Ատոր ալ պատճառը այն էր, որ մեր ամէն կողմը լեռ ու ձոր էր, դաշտ չունէինք, գիւղին թէ արտերուն ճամբաներէն սայլ չէր բաներ: Այգիներունը, մանաւանդ գիւղիններէն ալ գէշ էին: Թէ մամռուտ էին եւ թէ զառիվար էին: Սայլ կրնար իջնալ այս տեղերէն: Էշը միայն կը յարմարէր մեր ճամբաներուն, մէկ մըն ալ ջորին:
Իմ գիւղիս մէջ էշ չունեցող տուն չկար: Միայն ջորի ունեցողներ ալ կային: Կային որ երկուքն ալ ունէին: Մենք ալ երկուքէն ալ ունէինք, որովհետեւ մինակ մէկով չէինք կրնար ըլլալ, բայց ի վերջոյ ջորին ծախեցինք, ինչու որ` պապս, հայրս, յետոյ ալ ես, պանդխտութեան ելանք, Իսթանպուլ եկանք, տունը այր մարդ չմնաց, կնիկմարդիկը մնացին. իսկ անոնք կրնային ջորի գործածել: Ջորին քերիչով ամէն օր ամէն կողմը մաքրել կ՚ուզեր, մազէ ձեռնոցով փորը, կռնակը, սրունքները շփել կ՚ուզեր: Կից մը զարնէր` սաստել, խուսափիլ պէտք էր: Յետոյ` համետը վրան զետեղել, բեռը գրկել, վերցնել ու բեռնալ, պարանները երկու կողմերէն քաշելով կապել, ամրացնել կ՚ուզէր: Կնիկներուն ընելիք գործերն էին ասոնք: Ետքն ալ, պանդխտութենէն որ եկանք, չուզեցինք ջորի մը գնել: Էշերը ջուխտել, երկրորդ մը առնել աւելի յարմար գտանք: Վարիգեղցի Թոսունենց Կողիկին ըսինք, որ մեր Ղուռուչայի ու Կերճանիսի գիւղերը կ՚ըլլար միշտ, այդ կողմերը էշ մը փնտռէր մեզի, Թեղուտցի Լեռնոյին ըսինք, որ Պախթիար ջաղացպան էր, աղօնի եկողներուն հարցնէր, Կոստըկայի Մօլլա Էօմերին ըսինք, որ Ղուզղշլա հատ մը կայ, կը ծախէ` ըսաւ, ու, յանկարծ, ցերեկ մըն ալ ըսած էշը բերաւ ու մեր բակը կայնեցուց:
Դուռը ելանք: Քովի Մերերոնց Մարտիրոս պապս, վարի Մերերոնց Գիրգոր հօրեղբայրս ալ կային: Ես զարմացայ, չհամբերեցի, ամէնէն առաջ ես խօսեցայ:
— Ծօ աս ինտոր էշ է, ասանկ էշ կ՚ըլլայ, աս է ըսած էշը, — բացականչեցի:
Պզտիկ էշ տեսեր էինք, բայց այսքան պզտիկ չէինք տեսեր։ Քուռակ մը քեզի: Սա ուր է` Չայլուին քուռակները կան, Չայլուցիները քած էշ շատ կը պահեն, որոնք կը թափառին իրենց դուռները, երկուքը, երեքը միասին, պոչերնին կը տնկեն, կը վազեն մինչեւ գետը, ետ կը դառնան, կը վազեն մինչեւ իրենց արտերը, կամ Ապուշտայի Կետիկը ելլէք` Ապուշտացոնց քուռակները, անոնք ալ շատ քածէշ ունին, գիւղին առաջքի իրենց եազին, գլուխնին կախած, իրենց մայրերուն քով կ՚արածին, խոտ կուտեն, թէ ինչ կ՚ընեն` չես հասկնար։ Ինքարինատ, այն քուռակներուն չափ բան մըն էր: Մեր իշուն քով կայնեցնէինք` մինչեւ փորը կը հասնէր:
Ծօ, աս իշութիւն պիտի ընէր մեզի, աս մեր բեռները, մեր լեռներուն խոտը, մեր արտերուն խուրձերը պիտի կրէր: Աւելի չէ, երկու վանդակ խոտ դնէինք ասոր վրայ` մեր Էհերքարէն, մեր Քարնփոսէն բերելու, բեռանը տակը կը ճզմուէր: Քանի խուրձ կրնար տանիր։ Հինգ խուրձն ալ չէր կրնար: Ըսենք թէ` տարաւ: Մեր Ուրտէն, մեր Օձունարտերէն մինչեւ Երկուքարուկ գար, խուրձերը գետիններուն քսելով` հասկերը ցորեն չպիտի մնար, պիտի թափէին, պարպուած հասկերով, առանց ցորենի խուրձերը կալը պիտի տանէր:
Գոյնն ալ գոյն չէր, էշ ըսածդ` սեւ կամ մոխրագոյն կ՚ըլլայ ընդհանրապէս: Երբեմն ալ` խառնորակ: Աս, ըսես, ճերմակ էր, եւ ինչպէս ճերմակ, աչքերդ կ՚առնէր, շատ նայելու ըլլայիր: Ճերմակ մազերով էշ տեսած էք: Ուրկէ առէր էր ասիկա ասոր մայրը: Մարզուանի էշէ էր ըսես` Մարզուանէն ասանկ էշ չելլէր: Մսրի էր, արդեօք: Քիթը, բերանը, աչքերը ըսես` կորսուած էին մազերուն մէջ: Բոշաները կային, որոնք մէկ տարին չգային, երկրորդ տարին անպատճառ կուգային, տեղերնին ալ միշտ մեր Ածվտակի ուռիներուն տակն էին, հայերէն կը խօսէին, իբր թէ, մեզի հետ, հայերէն էր, քրդերէն էր, թէ արաբերէն, կէսը կը հասկնայինք, կէսը չէինք հասկնար, մաղ կը շինէին, շարմաղ, քարմաղ, կալմաղ կը ծախէին մեզի, աման կը կլայեկէին, անոնց քուռակները մեր աղբանոցներուն մոխիրներուն մէջ կուգային տապլտկելու, կ՚ելլէին որ` գլուխնին, աչքերնին, կռնակնին մոխիրներու մէջ թաթխուեր, արտառոց արարածներ դարձեր էին: Քանի նալէիր աս բերած իշուն վրայ` բոշաներուն քուռակները կը յիշէիր:
— Մելքոն չորպաճի, Իգնատիոս չորպաճի, — ըսաւ Մոլա Էօմերը պապուս, հօրս, — Ասղիկ Խաթուն, Նանօ Խաթուն, — դարձաւ մամուս ու մօրս, — դուք Ակոբին ըսածներուն մի նայիք, դուք առէք աս էշը, ես ձեզի բերի, չէք խաբուիր: Ըլլալիք բան է, որ ես ձեզ խաբեմ: Այսչափ ատեն ձեր հացը կերեր եմ: Ալ իրարու երես չպիտի նայինք:
Յետոյ աւելցուց.
— Այո, պզտիկ է, բայց հասակին մի նայիք, պիտի տեսնէք ինտոր բեռնատար է: Ինչքան բեռ կ՚ուզես` բեռցիր, աչքովս տեսած եմ, կը տանի: Նալ ալ չուզէր: Ծնածէն ի վեր նալ զարնուած չէ ոտքերը: Դուք ալ մի նալէք:
— Թող մեր կարմիր կապանը, մեր Ինըսունըիննին լեռը փայտի երթայ, մեր եգիներուն դարվերիները ելլէ, նայէ` ինտոր ճամբան կը մնայ, — ըսի:
— Իմ խօսքս մտիկ ըրէք, մի նալէք, — պնդեց Մօլլա Էօմերը, — ես ձեր ճամբաները չեմ գիտէր: Պաստանայի Քարը ձեր Քաջտանի Քարէն պակաս է միթէ, ուր կոխես` չախմախ քար է: Սիլիրը, Սինիպելին նորէն` անանկ։ Ղոնճիտէրէյէն մինչեւ Քեռեկէ, հոնկէ մինչեւ Ֆրաթին կամուրջը հող կայ: Քռաներուն, քարերուն մէջ մեծցած է աս էշը: Քարը կը մաշի, անոր ոտքերը չեն մաշիր:
— Հինգ մեճիտիէ, այսինքն` հարիւր ղրուշ ուզեց Մօլլա Էօմերը: Շատ էր, պապս չմօտեցաւ: Չորսի իջաւ, նորէն չընդունեցինք, «ասոր ինչուն չորս մեճիտիէ պիտի տանք» ըսինք, վերջին գին` Մօլլա Էօմերը երեք մեճիտիէ՝ այսինքն վաթսուն ղուրուշ ըսաւ ու իշուն գլուխը դարձնելու, դուրս ելլելու, մեկնելու շարժում մը ըրաւ:
— Վաթսուն ղուրուշը ինչ է, այծի մը գին է, ինչ կ՚առնէք աղբար, — միջամտեցին Մարտիրոս պապս ու Գիրգոր հօրեղբայրս, չթողին որ տանէր: Ալ մեզի խօսք չձգեցին, էշը ախոռը քաշեցինք: Մեր իշուն տեղը փոխեցինք, ջորիին տեղը կապեցինք, Մօլլա Էօմերինն ալ` մերինին մսուրը:
Մօլլա Էօմերը չճաշած կ՚երթար: Հաց թրջեցինք, սալայով քովը դրինք, աման մը լեցուն թութի ուրուպ` նոյնպէս առաջքը դրինք: Մեր ուրուպները շատ թանձր ու շատ անուշ կ՚ըլլային, ներսիդիդ կ՚այրէին: Երկու գլուխ սոխ ու աղ ալ տուինք: Մօլլայ Էօմերը ուրուպը պլորեց հացին, հետն ալ սոխը աղը թաթխելով, առտուն տունէն չճաշած ելեր էր, կերաւ ու կերաւ: Վրայէն ալ մեր պղնձէ մեծ թասով լեցուն ջուր խմեց, մօրուքին վրայ թափելով, հին կարմիր բուրդէ հապիկան նորէն ուսը նետեց, բիրը առաւ, գնաց:
Տանը հարսը` կինս, անունը Ողըտայ էր, բայց ես անունովը չէի կանչեր, իմ երկրիս մէջ` մեր կիները որու տան աղջիկ ու որ գիւղէն են, գիւղին, կամ տանը անունովը կը կանչէինք, մեր Կորջայենց Աղջիկը, խորհելով, թէ էշը ճամբէ եկած էր, անօթի կ՚ըլլայ, մաղ մը լման խոտ ու յարդ, դաբիկ մըն ալ գարի լեցուցեր էր մսուրը. իրիկունը` գիշերուան համար, երբ նորէն ըռզակին կեր տալու գացեր էր, զարմացեր էր` այնչափ կերը կերած ըլլալուն համար: «Կ՚երեւայ թէ անօթի թողեր են, ով գիտէ` քանի օրէ ի վեր չեն տուած» ըսէր էր ինքնիրեն, երկու լման կալմաղ խոտ լեցուցեր էր մսուրը, մեր իշուն տուածին երկու անգամը, նորէն դաբիկ մըն ալ, այսինքն չափ մըն ալ գարի «թող աղէկ մը աչքը կշտանայ» ըսելով: Առտուն գացեր էր, որ նորէն կեր տար: Գիտէք, եզները ըլլան, կովերը, երինջները ըլլան, կամ էշը, ձին, ջորին, ինչ տաս` չեն ուտեր, հակառակ մեր կարծածին` կը զատեն: Եւ անանկ աղուոր կը զատեն, որ յարդին փոշին` մրեղը, խիճերը, ոսպի չափ պզտիկ քարերը, հողերը, յարդերու կարծր մասերը` կոթինքը, խոտերուն կարծր կոթերը չեն ուտեր, կը ձգեն: Ամէնուն մսուրը մաքրէր էր մնացորդներէն, Մօլլայ Էօմերին իշուն, ինչպէս կը կանչէինք, մսուրը մասմաքուր գտեր էր: Ոչ կոթինք, ոչ հող, ոչ խիճ, ամէնքը կերեր էր, լզեր էր: Երբ եկաւ ու ըսաւ, «շատ անօթի ձգեր են, որ հողով մողով կերեր է, մէկ մը աչքը կշտանալու ըլլայ, անկէ ետքը ասանկ չմնար» ըսինք:
Բայց ինչ ասանկ չպիտի մնար ու աչքը պիտի կշտանար: Կշտանալ չունէր: Կշտանալը ինչ է` չէր գիտեր: Առտու, իրիկուն, օրը երկու ժում, ամէնուն մէկ մէկ կալմաղ, անոր մսուրը կալմաղ ալ չէ, երկու քարկալմաղ, որ սովորական կալմաղներէն ալ մեծ է, խոտ ու յարդ, վրան ալ դաբիկ մը գարի կը լեցնէր, ու ամէն անգամ, երբ կ՚երթար մսուրները մաքրելու, նոր կեր տալու, անորինը հող կամ չկերուած մնացորդ չէր գտներ: Մենէ ով ախոռը մտնէր, անտարբեր կը մնար, բայց երբ կինս` Կորջայենց աղջիկը մտնէր, իսկոյն կը սթափէր, կը քսկռտկար: Նոր հարս էր, գլուխը սրմալը, սաչախլը լաչակով, միշտ կարմիր ու ալլու փուլլու հագուելէն չէր: Գիտէր, որ կեր տուողը ան էր, արդեօք մարագին դուռը բանալու, կեր տալու եկած էր: Սովորաբար կեր բաշխելը եզերէն կը սկսէինք, որովհետեւ ախոռին ամէնէն վերի ու մարագին կից անկիւնը անոնք կապուած էին: Միշտ կովերէն, երինջներէն ետքը կարգը էշերուն կուգար: Մօլլա Էօմերին էշը անհամբերութենէն ինքզինքը կ՚ուտէր, կապը պիտի փրցնէր, եթէ առաջին անգամ իրեն չտային: Անմիջապէս կը հանդարտէր, երբ իրմէ սկսուէր: Ինչպէս ուտելը, անանկ ալ թրքելն էր: Ամէն օր աղբի կողով մը մինակ անոր թրիքը կ՚ըլլար:
Ալ վարժուեցանք իր շատակերութեանը: Բայց մինակ աս չէր: Ամէն օր հոգի կը հանէր, մինչեւ որ ախոռէն կը հանէինք, կամ ներս մտցնէինք: Ցերեկէ ցերեկ աղբիւրը ջրելու կը տանէինք ախոռին կենդանիները: Ամէնքը կ՚երթային, ան սեմին վրայէն չէր անցներ, կը կենար: Կը հրէինք, կը ծեծէինք, «պրէ, չօ» կը պոռայինք, մինչեւ որ կը ստիպուէր առուի մը վրայէն ցատկելու պէս նետել ինքզինքը սեմէն անդին, բակը: Աղբիւրէն դարձին նորէն կը յամառէր, մինչեւ որ ախոռ կոխէինք: Աղբիւրին գուռէն ալ կը խրտչէր: Ամէնքը կը շարուէին գուռերուն վրայ, իրենց ջուրը կը խմէին: Մինչդեռ ան ինքզինքէն կ՚ելլէր, կը խենթենար, իր ականջներն որ ջուրին մէջ տեսնէր: Տղու մը, ինչպէս երբեմն` չքալէր փողոցին մէջ, թեւէն քաշելով, քաշկռտելով կը քալեցնես, չըրածնիս չէր մնար, մինչեւ որ անոր ալ ջուր խմցնէինք, ջաղացքին առուն տանելու ըլլայինք հոն կը խմէր, որովհետեւ առուին մէջ իր ականջներուն կամ ուռիի ճիւղերուն պատկերները չկային, բայց ամէն անգամ բոլոր միւսները` կովերը, եզները, երինջները ձգէ, տար այնչափ տեղը, որ ինք ջուր խմէր` ատ չէինք ընէր, ով ըլլար, դուք ըլլայիք` կ՚ընէիք:
Ճամբան ինչ տեսնէր` կը սոսկար: Առաջքը օձ մը, ոզնի մը, ծառի ճիւղ մը, լաթ մը, տրեխ մը, տաշտիկ մը (մենք կրիային տաշտիկ կ՚ըսէինք) կովուրծուծ մը (մենք կանանչ մորթով մեծ մողէզներուն կովուրծուծ կ՚ըսէինք) ասոնցմէ որը դէմը ելլէր` կը սահմռկէր: Քարի մը վրայ հոսհոսիկի մը սողալը նշմարէր, հոսհոսիկէն ալ մարդ կը վախնայ (մենք պզտիկ մողէզներուն` հոսհոսիկ կ՚ըսէինք) կ՚այլակերպէր, կը թոթուըւէր: Գորտէն կը վախցուի: Հապա գլթոշէն (մենք խխունջին գլթոշ կ՚ըսէինք) խոտի մը վրայ եղջիւրները դուրս հանելու ըլլար` լեղապատառ կ՚ըլլար:
Չարքաշութեանը, բեռնատարութեանը ըսելիք չունէինք: Մօլլա Էօմերին պատուիրածին պէս չպայտեցինք, առանց պայտի վրան խոտ, խուրձ, ինչքան կ՚ուզես բեռցիր՝ կը տանէր, անանկ ալ շուտ շուտ մեր լեռներէն կ՚իջնար, որ առաջքը մարդ չէր ձգէր, որ կենար: Բայց վայ եկեր էր, որ կոտրելիք բան մը բեռնայիր: Ձմեռը ձիւնի ջուր չխմելու համար Մամասալէն էշերով ջուր կը բերէինք: Քանի կուժ կոտրեց: Արտերը արտուորին թան, թանապուր կամ ոսպ, լուբիա կը ղրկէինք: Մեր ամանները հողէ էին: Էխելները, կճիկները սարեկով կը սարեկէինք, հապիկային աչքերը կը տեղաւորէինք, պատճառ մը չունէր ծառի մը, քարի մը կամ ուրիշ իշու մը քսուելու, բայց ան, կարծես, դիտմամբ կ՚ընէր, կ՚երթար կը զարնուէր անոնց, կը ճաթեցնէր, եղածը կը թափէր ճամբաներուն վրայ: Միւս էշը այնքան խոհուն, ծանր գլուխ էր, այնքան խոհեմութեամբ կը քալէր, Մօլլա Էօմերինն ալ` ճիշտ հակառակն էր, այնքան խօսք չհասկցող, խրատ վրան չառնող էր:
Ախղայարէն մեղր բերի: Թող որ` ասոր պատճառը մեր Կորջայենց Աղջիկն ու մայրս եղան: Համոզեցին զիս: «Ինչ կայ, բան մը չընէր» ըսին: Մինչեւ գետը աղէկ եկաւ: Սովորութիւնն էր` գետին մէջ կենալ ու միզելը: Սպասեցի ու միզեց: Դիմաց անցանք: Մինչեւ Տավշան Եողուշին տակը նորէն աղուոր եկանք: Մէկ գուռով աղբիւրին ջուր մը կը վազէ, ինչքան ըսեմ` մախաթի մը չափ կայ չկայ, որ քիչ մը վարը հողին մէջ կը կորսուի: Խոտերուն մէջ ջուրը կը փայլփլէր: Ինչ կարծեց: Առու կարծեց, գետ կարծեց, անանկ նետուեցաւ կանանչութեան վրայէն, որ ես ալ յանկարծակիի եկայ, ու այդ ոստումով զարնուեցաւ ժայռի մը, որ, եղբայր, մեր ճամբուն վրայ ալ չէր, խել մը վեր էր: Փորձանքը տեսար ինտոր կուգայ: Շուարեցայ: «Հէյ, Զիմառու Աստուած, — կանչեցի, — դուն վար եկուր, դուն ըսէ` ինտոր պիտի ելլեմ ասոր մէջէն»: «Ծօ, բղուկը ճաթեցաւ, մեղրը սկսաւ վազել, ուր երթամ»: Մինչեւ Չայլու, առանց շունչ առնելու, վազեցի: «Հնորվալու պաճի…. Զնզնուտցի պաճի… Որանիկլու Նենէ…» պոռացի: Ղզլպաշի կնիկները դուրս թափեցան: Պատմեցի: Բղուկ մը առին, վազեցին հետս: Չայլուցոնց տղաքն ալ` մեր ետեւէն: Հապիկան վար առինք, մեղրը նոր բղուկը լեցուցինք, նորէն բեռցանք, աղբիւրին ջուրովը լուացինք ձեռքերնիս, տղաքն ալ հողով մողով կերան թափած մեղրերը. ես ճամբայ ելայ: Այս անգամ մինչեւ տուն` ինտոր մեղրը տարի, ես գիտեմ: Տոտիկ, տոտիկ, հապիկային փակած, հարս կը տանէի, կ՚ըսես: Ճամբան ինքզինքս կերայ: Քանի մէկ հայհոյեցի մեր Կորջայենց Աղջկանը: «Ծօ, մարդ կնկանը խելքովն ալ ճամբայ կ՚ելլէ» ըսի ու ըսի ինծի:
Սիմայէն աղջուր բերի: Մենք աղի տեղ աղջուր կը գործածենք որ աղէն ուժով է: Մեր կիները գիտեն գործածութեան չափերը: Աղջուրը ձրի է, մէջքի պէս կը բխի լեռան կողէն ու գետը կը թափի: Մէկալ էշը չկար, Արաբկիր տարեր էին հայրս ու քեռիս, տունը աղջուրը հատեր էր, նորէն Մօլլա Էօմերին իշուն ինկաւ բերելը: Վախէս քովէն բնաւ չզատուեցայ, մինչեւ տուն եկանք, բակը: Մեր տունը ու ախոռին դռները իրարու քով են: Կանչեցի մեր Կորջայենց Աղջկանը, որ գար, կուժերը իջեցնէինք: Ուրախ էի, որ անվնաս, առանց կոտրելու տուն բերի: Բայց քանի մը տեւեց ուրախութիւնս: Մէկէն մեր առջեւէն սեւ բան մը քալեց: Ես ալ աղէկ չհասկցայ` պլոճ էր, բզէզ էր, մուկ էր: Մեծ ալ չէր, պզտիկ բան մըն էր: Բայց անանկ էշը խրտչեցաւ ու ինքզինքը ախոռը նետեց, որ` ուր էր` ան սեմէն անցնիլը վախցողը: Դուռն ալ նեղ եկաւ այդչափ բեռովը: Երկու կողմը երկու կուժ բեռցեր էի, երկու քովերէն ալ մէկ մէկ մեծ պռկաւոր կախեր էի (մենք սափորին պռկաւոր կ՚ըսէինք, պռկունքէն խմելուն համար, աւելի պզտիկին ալ` պռկիկ) ամէնքը ջարդուփշուր եղան ու աղջուրերը սեմին վրայ, ախոռին մէջ պարպուեցան: Գլխուս թասը նետեց: Մէկ բան միտքս դրի: Քաշել սպաննել: Ինչ կ՚ուզեր ըլլար: Տուն ցատկեցի: Ատրճանակս առի: Վեց աչքին մէջ ալ փամփուշտները պատրաստ էին: Իրարու ետեւէ պիտի արձակէի, պիտի սատկեցնէի: Մեր Կորջայենց Աղջիկը գրկեց զիս: Հրեցի անդին: Եղբայր, չգիտէք դուք: Գլուխնուդ գալու էր, որ գիտնայիք: Գիւղէն մինչեւ Երկանագին` մէկ, մինչեւ Երից Աղբիւրը` երկու, մինչեւ Մաղաքեանի Արութին ձորը` երեք (ուր է` լրագիր կարդալով իշուն ետեւէն կը քալէր, առջեւը չնայեցաւ, ոտքը պարապին կոխեց, ձորը գլորեցաւ ու սրունքը կոտրեց) հոնկէ ալ մինչեւ Սիմա, Աղջուրին Ակը, չորս: Այս տեղերուն ամէն մէկը կէսկէսական ժամէն աւելի կը տեւէ: Այդչափ ճամբաներէն բերեմ աղջուրը, բերեմ ու` տանը դուռը ասանկ թափի:
Ով որ լսեց, վազեց, եկաւ: Ատրճանակս ձեռքէս առին, չձգեցին որ սպաննէի: «Խենթ ես, խելառ ես, Ակոբ, — յորդորեցին ինծի, — ինչ ընենք, անասուն է, ըրածը գիտէ ան» ըսին: «Ողըտան թող գայ կուժ մը լեցնէ մեր բղուկէն ու բերէ, քանի որ վաղը հաց պիտի եփէք, աղջուրնիդ հատեր է» ըսաւ կնոջս մայրը, զոքանչս: «Մենէ ալ եկէք առէք» ըսին ուրիշներ ալ:
Ալ անկէ ետքը կոտրելիք բան չբեռցանք Մօլլա Էօմերին իշուն: