ՆԱՀԱՆՋԸ ԱՌԱՆՑ ԵՐԳԻ

Համաբարբառ
ՆԱՀԱՆՋԸ ԱՌԱՆՑ ԵՐԳԻ

ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻՆ


Եւ ամենայն ժողովուրդքն քո

եկեալ էին, եւ տեսանէին զտեսիլն զայն՝

եւ զգործ, բախէին զկուրծս՝

եւ դառնային։

Ղուկ. ԻԳ 48

Եւ ասէ (Յիսուս) ցնոսա. զի

խռովեալ էք. եւ ընդէր խորհուրդք

ելանեն ի սիրտս ձեր։

Տեսէք զձեռս իմ եւ զոտս,

զի ես նոյնն եմ. շոշափեցէք զիս

եւ տեսէք. զի ոգի՝ մարմին եւ

ոսկերս ոչ ունի, որպէս զիսս

տեսանէք զի ունիմ։

Եւ զայս ասացեալ՝ եցոյց նոցա

զձեռս եւ զոտս։


Ղուկ. ԻԳ 38, 39, 40





ՄՈՒՏՔ
Հասունցած տղայ մըն էր սակայն. ապացոյց, որ չկրցաւ բոզ ու Աստուած բառերուն սահմանում մը տալ: Աղջիկը գրկած էր ետեւի կողմեն, թեւերը անութներէն անցուցած, ու իր քիթը հետզհետէ աւելի կը մխրճուէր անոր ականջին ետեւ, զմայլելի անուշահոտութեամբ մը գլխէ ելած: Իրապէս հարուստ աղջիկ մըն էր ան. ապացոյց, որ իր կուրծքերը տղուն ափերուն խորութիւնը ունէին ճիշտ:

Հակառակ սակայն այդ մի սին, հակառակ այդ երկնային բոյրին, ոչ բոզը, ոչ ալ Աստուածը կրցաւ սահմանել եւ երբոր իրենց ճիշտ դէմը գտնուող հայելիին մէջ տեսաւ անոր Ժպիտը ու իր դիմագիծը, աջ ձեռքը ազատելով` պատին վրայի հայելին հակառակ կողմը դարձուց, իբրեւ միակ բացատրութիւն: Բոզն ու Աստուածը անհետացան անմիջապէս, որ տղուն ձեռքը խորութիւնը ջնջեց: Այն ատեն երիտասարդ աղջիկը ծռեցաւ հագուստը կռնակէն քաշելու համար եւ հագուստին հետ սրունքները բարձրացան ճիշտ այն գիծերով, ինչպէս որ դիտող աչքերը զանոնք երեւակայած էին: Վարդագոյն մետաքսէ գուլպաներ հագած էր, որոնք երկու կարմիր կրունկներէ մեկնելով բարձրացան վեր, գեղեցիկ զուգաւորումի մը մէջ միսերը սեղմած, գրկած: Անոնց կլորութեանը վրայ մետաքսին ստացած փայլերը լուսեղէն լեզուներու պէս սողոսկեցան վեր, մինչեւ ազդրերուն բարձրը, ծծելով ու լիզելով, հակառակ իրենց թեթեւ քմայքին: Նմանապէս վարդագոյն էր այդ կարճ ներքնաշապիկը, խիստ պարզ, առանց աւելորդ ժանեակներու: Անոր ու գուլպաներուն միջեւ միսը կ՚երեւէր պզտիկ բացուածքէ մը, որ կը լայննար կամ կը նեղնար ամէն անգամ, որ աղջիկը ծռէր ու ցցուէր այժմ շտկուած հայելիին մէջ, բերնին վրայ սիրտ մը գծելու համար: Պզտիկ ծալքեր կային, ուղիղ ծալքեր, երկու կէտերու շուրջ հաւաքուած կուրծքին վրայ: Քանի կէտերը տեղ փոխեցին մետաքսին ետեւ, ծալքերն ալ իրենց հետ դարձան, դողալով, գունաթափուելով:

— Ecoute, Chouchou!, — ըսաւ այդ սրտոտ բերանը` հայելիին մէջ երիտասարդին ակնարկը փնտռելով, — այս հինգշաբթի Mayol կսկսիմ հրաշալի դերով մը, պիտի գաս զիս տեսնելու, այնպէս չէ:

— Դեռ ասկէ աւելի բան մը ունիս ինծի ցուցնելիք, — պատասխանեց միւսը` աջ ափը աղջկան միսին վրայ հնչեցնելով:

— Ինչ, ինչ, դուն ալ աւստրիացիի մը պէս կը կարծես, թէ միայն մեր սրունքները եւ կուրծքերը ցուցնելու համար է, որ բեմ կ՚ելլենք: music-hallի դերասանուհի ըլլալնուս համար արուեստագիտուհի չենք: Այո, սիրելիս, մի խնդար, ես ողբերգակ դերասանուհի մը ըլլալու սահմանուած էի, բայց…

— Խնդիր չէ, ողբերգութեան եւ չարլսթօնին մէջ մեծ տարբերութիւն մը չկայ. երկուքն ալ մարդս կցնցեն…

Աղջիկը պատասխանելու ատեն չունեցաւ, Chouchouն ձեռքէն նետելով դերասանուհիին փոքրիկ անդրավարտիքը, որուն հետ կը խաղար, յանկարծական ոստումով մը խոյացած էր դռան մը վրայ, ճչալով: Այդ դուռը կը պատկանէր պզտիկ սենեակի մը, որուն նմանը կը գըտնուի ամէն լուսանկարչատան մէջ, գործողութեան սրահին ճիշտ մօտ: Այդ սենեակները, աւելի խուց, քան թէ սենեակ, chassisները լեցնելու կը ծառայեն, որով կ՚ըլլան մութ ու քիչ մըն ալ կը հոտին` միշտ գոց պահուելուն համար:

Տղան շուտով դուրս ելաւ անկէ քաշելով երկու փառաւոր պեխեր, որոնք խոշոր խոշոր բացուած ռնգունքներու յանդիմանական ակնարկին տակ քանի մը գոյն էին եղած: Այդ պեխերը Կոստանինն էին` խանութին ծառան: Երիտասարդը արագօրէն ընկրկելով յառաջացաւ սրահին մէջ եւ կեցաւ միայն այն պահուն, երբոր զգաց, թէ բանի մը կը զարնուէր, բայց չդադրեցաւ բնաւ պոռալէ, ճչալէ, բացականչութիւններ արձակելէ, մինչ իր սրունքները անգոյ պարի մը ձեւերը կը փորձէին: Ծառային մարմինը կը կորանար, վիզը կ՚երկարէր, ականջները կը կարմրէին: Բազուկները տարածած` խրտուիլակի մը թեւերուն պէս հորիզոնական, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ` փետրաւելը տակաւ կը դողար: Երիտասարդը շարունակեց չափազանցուած զուարթութեամբ մը, երբոր դերասանուհին, վարագոյրը մէկդի ըսելով, իրենց միացաւ, մետաքսին ետեւ իր սարսափած ծիծերով.

— Կը տեսնես, կը տեսնես սա մերին Կոստանը, մերին պտլիկ Կոստանը, տարիքին չես ձգէր, հէ. եթէ գիտնաս, թէ ինչ հանած-վարած է, ինչ «կանաչ» է… Գետինը մաքրելու պատրուակին տակ ժամ մըն է, որ բանտարկուէր էր այդ ծակին մէջ կիսաբաց դռնէն մերկ մարմինդ տեսնելու: Ա, Կոստան, Կոստան, պիտի ըսեմ դռնապանին, ամէն մարդու պիտի պատմեմ. կը խնդաս, հէ. սա վառող աչքերուն նայեցէք, ով կը հաւատայ, որ յիսունըհինգ տարեկան է: Ահա, ահա, կը ներկայացնեմ ձեզ Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներուն էն կրակոտը: Ինչ կրակներ է մարած եւ ինչ հրդեհներ վառած սպասուհիներու սրտին մէջ: Անանկ չէ, հակառակը ըսէ նայիմ, դուն չէիր պատմողը, թէ երիտասարդութեանդ դռանդ առջեւ bonicheները կարգի կը սպասէին եւ, թէ աւելի վերջը, գաղթավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովդ, խափշիկ կիները կատղեցուցիր ցուլերու պէս…

Դերասանուհին մինչեւ բազմոցը հրեց ծառան որ փետրաւելին հետ ինկաւ հոն, յամառելով անշարժ պահել իր կարմրած դէմքին վրայ խնդացող բերանը: Ահա այդ խնդուքին մէջ է, որ աղջկան խնամուած մատները կարկանդակներ մխրճեցին Portoի ուժով, մինչ ձայնագիրը մէկէն չարլսթօն մը կը նետէր օդին: Տիրող զուարթութեան մէջ դերասանուհին ուսերէն վար սահեցուց շապիկը, գլխի արագ շարժումով մը իր կարճ մազերը յարդարեց ու սկսաւ պարել, պարել փետրաւելէն դուրս ցցուող խոշոր աչքերու առջեւ, որպէս գինով, խելագար, վերնոտ: Պարեց ամբողջութեամբ մերկ, սեղմուած միայն աղուոր կօշիկներու ու բարձր գուլպաներու մէջ, բաներ՝ որոնք մերկ մարմին մը աւելի կը մերկացնեն:

Հակառակ Սէն Ժէռմեն տէ Փռէի եկեղեցիին ճիշտ դէմը ըլլալնուն, անկարելի էր իրենց օրուան մէջ ժամերը լսել: Իրիկուան այդ պահուն է, որ միայն, երբոր փողոցի աղմուկները բաղդատաբար կը նուազին, կարելի կ՚ըլլար զանգակատան ու հանրակառքի զարկերը չշփոթել իրարու հետ: Եօթն էր. պաշտօնեաները շատոնց է որ մեկնէր էին: Երիտասարդը յարդարեց փողկապը, մազերը, խոզանակուեցաւ, լոյսերը մարեց ու իջաւ սանդուղներէն: Բուն խանութը վարն էր, երկու փողոցներու անկիւնը, խիստ լուսաւոր՝ շնորհիւ իր ապակիէ ճակատներուն եւ թէեւ ոչ շատ արդիականութեամբ, բայց եւ այնպէս ճաշակաւոր դրամագլխով մը յարդարուած: Ինչպէս ամէն լուսանկարչատուն, այս ալ ծայրայեղօրէն խճողուած էր ամէն տեսակ նկարներով, շրջանակներով, գունաւոր անգոյն գլուխներով, ուր իրար կը հրմշտկէին զինուորականները, կուրծքէր, տղաք, պատուանշաններ, սրունքներ, մօրուքներ, ժպիտ, ժպիտ: Մէկդի ըրաւ վարագոյրը հոդ մտնելու համար, երբոր սանդուխները աւարտեցան: Մէկէն կեցաւ, սակայն անորոշ, ուզեց ձգել վարագոյրը, չկրցաւ. ուզեց չնայիլ, նորէն չկրցաւ: Սաստիկ խռովուած էր. յիշեց քիչ մը առաջուան դերասանուհին, որ զինքը չէր յուզած իր ամբողջ մերկութեամբը, մինչդեռ հոս… աղուոր մը դիտեց ամբողջ իր մարմնով, աչքերը խոշոր-խոշոր բացած: Հոն, լոյսերուն մէջ, դրամարկղին առջեւ, կին մը աջ ոտքը բարձրացուցած էր աթոռի մը վրայ ծնրակապը յարդարելու դիրքով ու բնականաբար արդեն-իսկ կարճ քղանցքը աւելի վեր ելած` կը ցուցնէր երկու զմայլելի սրունքներ: Այդ սրունքները մատամ Ժանն կը կոչուէին:

………………………………………………

— Դուն ես, Փիէռ, աբբան ինչ եղաւ:

— Ջուրին մէջն է, շաքարավաճառին աղջկանը հետ:

— Շաքարավաճառին աղջկանը հետ. չըսես, որ գլխէ պիտի հանէ…։ Երկուշաբթի, չմոռնաս, առաջին գործերնիս ըլլայ. խեղճը տասն անգամ աղաչեց, որ շուտով պատրաստենք, որովհետեւ այս շաբաթ պիտի ամուսնանայ:

— Աբբան:

— Mais non!, շաքարավաճառին աղջիկը:

Փիէռ գլխարկը գլուխը դրաւ. հանեց. մէկ աթոռէն միւսը գնաց. քակեց շրջանակ մը, որ բնաւ ալ ծռած չէր. նայեցաւ պատկերի մը անանկ հետաքրքրութեամբ, որ կարծես, թէ առաջին անգամն է որ կը տեսնէր. նորէն փողկապը շտկեց. քիթը խնչեց բազմաթիւ անգամներ ու վերջապէս դէպի դուռը գնաց, ըսելով. «Ես կը մեկնիմ»: Ու չմեկնեցաւ: Կինը գլխարկը մէկ կողմ դրաւ տեսնելով, որ ան դռնէն կը վերադառնար. յայտնապէս կ՚երեւէր, որ բան մը ունէր ըսելիք: Փիէռ մօտեցաւ, աչքերը խոնարհեցուց չկորսուելու համար այդ աղուոր ակնարկին մէջ, ամբողջ ճիգը ըրաւ իր ձայնին սովորական դրոշմը պահելու եւ սկսաւ իր նախադասութիւնը այնքան ատենէ ի վեր պատրաստուած, այնքան անգամներ սրբագրուած:

— Մատամ Ժանն, նախ ներողութիւն պիտի խնդրեմ ձեզմէ, որ չեմ կրնար կոր կատարել պարտականութիւնս. պարտականութիւնս ձեզ ատենին իմաց տալ էր. կ՚ուզէի ըսել ձեզ առաջուընէ, որպէսզի չնեղուիք, բայց կարելի չեղաւ, մի մեղադրէք զիս, գիտէք թէ անհոգ չեմ, բայց չեղաւ… պէտք է որ… գիտէք, թէ ես ձեզի դէմ թշնամութիւն մը չունէի…

— Enfin! Ինչ ըսել կ՚ուզէք:

— Ես երկուշաբթի չպիտի գամ:

— Երկուշաբթի չպիտի գաս. բարեկամդ դեռ հիւանդ է… թէ ոչ դուն բան մը ունիս. ըսէ, ինչ ունիս:

— Ոչ, այդպէս չէ, ըսել կ՚ուզեմ, թէ ալ չպիտի գամ հոս աշխատելու:

Մատամ Ժանն վայրկեան մը կեցաւ, յօնքերը պռստեց. խորհեցաւ ու մէկէն աւելցուց.

— Օհ, անպատճառ մէկը աւելի խոստացաւ վճարել, այդ չէ, բայց կրնայիր բացէ ի բաց ըսել. գիտես թէ…

— Ոչ, ոչ, բնաւ այդ չէ. միշտ գոհ ձգած էք զիս այդ տեսակէտով, բայց եթէ կ՚ուզէք պատճառը գիտնալ. ահաւասիկ. — ես ալ ձանձրացայ, ալ գանեցայ մենաւորի այս կ՚եանքէն, ճաշարաններէն, պանդոկներէն, առանձնութենէն, կ՚ուզեմ իմ տեղս երթալ, կ՚ուզեմ ծնողքիս քով վերադառնալ:

Լռեցին երկուքն ալ, երկար պահ մը: Կինը, ակնարկը հեռուն, կարծես բան մը կը փնտրէր. աջ յօնքը մտածում էր եղած. մէկէն ըսաւ.

— Բայց դուն չէիր, որ օր մը երկարօրէն կը պատմէիր, թէ քու ալ Պոլիս դարձդ կարելի չէ, թէ հայերը ալ Թուրքիայ չեն կրնար մտնել, թէ զինուորութենէ փախած ես…

— Այո, բայց այդ երկրին մէջ դրամով ամէն բան կ՚ըլլայ:

— Ըսել է, ամէն ինչ պատրաստ է, ու վաղն իսկ կը մեկնիս:

— Ոչ դեռ, բայց պիտի աշխատիմ…

— Չէ, Փիէռ, չէ, այդ չէ պատճառը. ճշմարտութիւնը չես ըսէր. կրնայիր մինչեւ վերջին օրը աշխատիլ, կրնայիր ինձ իմացնել, շատ լաւ կրնայիր…

…………………………………………………

Մատամ Ժանն կասկարմիր էր եղած. Փիէռի ջղայնոտած մատներուն մէջ գլխարկը անդադար կը դառնար: Քանի անգամներ փողկապը շտկած էր, քանի անգամներ երկուքն ալ աթոռ ու նստարան էին փոխած. ալ ոտքի էին, կարելի չէր նստիլ։ Որքան ատեն է, որ կը վիճէին այսպէս: Փիէռի ձայնը փոխուած էր քիչ մը, բայց ալ չէր վախնար անոր ակնարկէն: Միայն դէմի պատին կնոջ մեծ լուսանկարն է, որ քիչ մը կը նեղէր զինքը. այդ կինը իր մօրը կը նմանէր: Ըսաւ.

— Լաւ. պիտի ըսեմ, քանի որ այդքան կը պնդէք. բայց աւելցնեմ որ ինչ որ ընէք` անօգուտ է, ալ անկարելի է որ հոս մնամ. բառ մը աւելի չպիտի պահանջէք ինձմէ ու երբոր խօսքս աւարտեմ, պիտի թողուք որ մեկնիմ: Ահա. ես տղայ չեմ. գիտէք, թէ ես բնաւ տղայ չեմ, բայց եթէ օր մը աւելի մնամ հոս, ըրածս տղայութիւն պիտի ըլլայ: Երկարօրէն խորհած եմ եւ գիտեմ, թէ որքան անօգուտ է ունեցած զգացումս, թէ բանի մը չի կրնար յանգիլ եւ թե… թէ միայն զիս տառապեցնելու պիտի ծառայէ. պէտք է մեկնիմ, որքան որ ուշ չէ: Կարծեմ հասկցաք, թէ ինչ կը զգամ ձեզի հանդէպ:

Մատամ Ժանն ձգեց որ մարմինը իյնայ թիկնաթոռի մը մէջ, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ: Փիէռ մօտեցաւ դուռին, թեւերը կախ, գիծերը անշարժ, մօտեցաւ դուռին, ձեռքը երկարեց… բայց մէկէն ետ քաշեց զայն: Սարսափելի խնդուք մը պայթած էր ետեւէն, արտակարգ խնդուք մը, քրքիջ մը, որ կարծես ապակիները կը դողացնէր:

— Կ՚արգիլեմ, կ՚արգիլեմ ձեզ ծաղրելէ. ես ձեզի սիրային յայտարարութիւն մը չըրի, ես ձեզմէ բան մը չպահանջեցի, դուք էք որ պնդեցիք, որ ըսեմ, եւ հիմա խնդալ եւ հիմա ծաղրել…

Երբոր ժպիտի վերջին մնացորդն ալ կորսուեցաւ շրթներէն, ոտքի ելաւ, լրջացաւ, ու կեցան դէմ դէմի, աչք աչքի, լռեցին: Լռութեան այդ պահուն, որ կ՚երկարէր, մէկէն որոշակի լսուեցաւ ապակիի ձայն մը: Երկուքն ալ գլուխնին այն կողմ դարձուցին: Այն անկիւնը, այն միակ անկիւնը, ուրկէ փողոցը կ՚երեւար, որ չէր ծածկուած ցուցափեղկերու վարագոյրովը, աղջիկ մըն էր եկեր, պզտիկ, նուրբ աղջիկ մը որ քիթը փակցուցած ապակիին, մատովը կը թմբկահարէր: Փիէռ ոստումով մը խլեց պատկերակալի մը վրայէն մեծ խաւաքարտ մը որուն վրայ զառամած կրօնաւոր մը կար, ու հաստատեց ապակիին առջեւ, աղջկան դէմքը խորշոմներով ծածկելով:

— Փիէռ, Փիէռ, անգութ ես, տղայ ես դուն… Բայց… ան կը սիրէ կոր քեզ. ինչու զայն ձգել ու այդպիսի անկարելի ցանկութիւններ ունենալ. բայց դուն չես գիտէր, որ… բայց դուն չես գիտէր, որ ես ազատ չեմ… չէ, չէ, հոս եկուր, քովս. կ՚ուզեմ, որ քովս նստիս… ա, որքան պիտի խնդայի, եթէ այսքան լրջութեամբ չըսէիր… Allons, ատանկ արտայայտութիւն մի առնէր, գիտեմ, որ դիտմամբ ըսիր, հէ, ճիշտ չէ… ըսէ, մոռնամ… մոռնամ…

Այս անգամ աղմկողը հեռաձայնն էր: Կրկին ու կրկին ճչաց: Վերջապէս Ժանն ոտքի ելաւ, անցաւ դրամարկղին ետեւ, ձեռքը գործիքին վրայ մնաց պահ մը անշարժ, գլուխը դանդաղօրէն ետեւ դարձուց՝ կարծես թէ բան մը ըսելու նպատակով… մէկէն գործիքը վերցուց: Ու ձայնին իր էն զուարթ շեշտը տալով պատասխանեց. — Այո… այո… ինչու չէ… իրաւ, ինչպէս անցաւ, պատմէ նայիմ, շատ հետաքրքիր եմ իմանալ… առանձին էիր, անպիտան… ես ալ կը փափագէի այս գիշեր «Կապոյտ կովին» երթալ, այս աղէկ յարմարեցաւ… եկուր ինծի առ, հոս կը սպասեմ քեզի… անպայման…

Երբոր ետին դարձաւ, մարդ չկար. փողոցին դուռը բաց էր. դրան մէջ եկեր էր անշարժանալ ծիծաղելիօրէն պզտիկ շնիկ մը, որ իրեն կը նայէր իր երկու աչքերով, աններելի համարձակութեամբ մը:


ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍ

1
Մաքսատան մէկ դրան առջեւ կեցող պահակը իր զէնքովը բարեւեց. պղինձէ գործիքէ մը նօթեր պայթեցան, ու բեռնակիրները դադրեցան իրենց կողովներով վազվռտելէ: Զօրքերը լռեցին. այդ կապոյտ տղաքը չուզեցին այլեւս աղմկել, վերէն վար իրենց մնացող ընկերներուն անունները պոռալով, կարծես ի յարգանս անոնց որոնք կը մեկնէին վիշտով, կը բաժնուէին մեծ, անսահման վիշտով: Քարափին վրայ մնացողները սկսան հետզհետէ աւելի ու աւելի պզտիկնալ, խօսքերը կարճցան, շէնքերու թիւը աւելցաւ, ու նաւը սուլեց: Թաւ, խորունկ, դողացնող սոյլ մը. շոգին անձրեւի պէս ինկաւ բազմութեան վրայ, շուն մը փախաւ, ու արեւը ջուրի այդ կայլակներու մէջ ծիրանի մը գծեց: Մինչեւ վերջին վայրկեանը շատերու պէս մնացին հոն, այդ երկու տարեցները, հայր մը, մայր մը, իրենց կիրակնօրեայ մաքուր հագուստներուն մէջ, աչքերնին խոշոր-խոշոր բացած: Անոնք բնաւ թաշկինակ չկրցան շարժել: Մեծ հաց մը կուրծքին սեղմած` քարացեր էր նաւուն եզերքը, ու իր բացուած աչքերը կը թրջէին կարծես հովէն, կարծես պաղէն. հակառակ ատոր կրցաւ դեռ երկար ատեն տեսնել իր կարմիր, իր ծոպաւոր ֆէսը, հօրը մատներէն կախուած: Դեռ քիչ մը առաջ է, որ նաւ բարձրանալու միջոցին վերջնականապէս գլխէն քաշեր էր զայն ու տուեր իրեններուն, յանձնարարելով, որ մուճակ շինեն անով: Ուզեր էր խնդալ, ուզեր էր կատակել, այո, իրաւ, բնաւ չէին լացած, բնաւ, ինչպէս որ խոստացեր էին. արդէն միայն այդ պայմանով է, որ ձգեր էր անոնց մինչեւ նաւ գալը. բայց ինչու չէին խօսած, ինչու բառ մը իսկ չէին ըսած: Ամէն բան սկսաւ պղտորիլ, ամէն բան. կը հեռանային: Նաւ մը անցաւ իրենց քովէն` սուլելով. ով չէր ճանչնար «Սէյրը Սէֆային»ի այդ նաւը, «Գըրլանկըճ»-ը իր յատկանշական սոյլով զոր վերջին անգամ մըն ալ կը լսէր: Հրեայ տղաք սկսան պոռալ. «Եէրէ պաթ Ստամպուլ, եէրէ պաթ». պզտիկ շունէր կան, որոնք հեռանալէ վերջ միայն կը հաչեն: Սարայ Պուրնիի քարափին վրայ կեցած էշ մը գլուխը դարձուց եւ իրեն նայեցաւ երկարօրէն. թրքական թաղն էր, որ իր «երթաս բարով»ը կ՚ըսէր: Ահա «Հայ կղզի»ն. բնաւ չէր նշմարած, որ անոր ետեւը ատանկ լերկ է ու կարմիր, կապիկի մը յատակին պէս: Յիշեց այն պզտիկ աղջիկը, զոր սիրած էր հոն եւ որ իրեն այնքան կապկութիւններ էր ըրած: Նաւուն ետեւի կողմն էր. իր եւ Պոլսոյ միջեւ ֆրանսական դրօշակը կար հիմա. աւելի վերջ, երբոր այդ երեք գոյները իջեցուցին, Պոլիսը կորսուած էր, ինչպէս կը կորսուի աճպարարի մը թաշկինակին տակ առասպելական դրամ մը:

Հոս կեանք մը կ՚աւարտի:

Հոս կ՚աւարտի պետութիւն մը, ու վերջնականապէս կը թուլնայ թաթը տղուն պատկանած ազգին: Մեկնող երիտասարդը իր երակներուն մէջ կը տանի միայն արիւն մը մաքուր ու առողջ, ինչպէս այն երկինքը, որուն տակ իր առաջին շրջանն էր սկսեր: Միակ զաւակը համեստ ու աշխատասէր զոյգի մը, իր մանկութեան տարիները բոլորեց կիսովին եւրոպականացած Պոլսոյ այդ արուարձանին մէջ: Ահա իրենց փայտաշէն տունը` մեծ հայրիկէն մնացած, պարտէզը՝ որուն խորն էր հաւնոցը, ինչպէս որ հորին խորն էր իր ինքնահոս գրիչը, դրացիները` հանըմներով, աղաներով, սերկեւիլի ու թութի ծառերով: Ազգային դպրոց, ֆրանսական վարժարան, հանդէս, դափնի: Պզտիկ սէրեր, ընթերցանութեամբ եւ լուսնկայի ցոլքով խոշորցուած, ատելութիւն, վրէժ, զինադադարեան համազգային գինովութիւն…

Դպրոցական նստարաններէն վերջ` իր ընգգրկած արհեստը լուսանկարչութիւնը եղաւ, սորվուած ու յետոյ կիրարկուած նոյն խանութին մէջ, Բերա, ծանօթ հայու մը քով: Ահա այդ լուսանկարչատան մէջ է, որ ստացաւ Թուրքին յաղթական մոյկի հարուածը, որ զինքը նետեց Փարիզ:

Փարիզ:

Gare de Lyonէն դուրս ելած պահուն տեղատարափը սկսաւ իյնալ. բաւական վերջ, համբերութիւնը սպառելով` սկսաւ վազել որպէսզի չթրջի: Ահա այդպէս ամէն գաղթական Փարիզ հասնելուն առաջին րոպէին իսկ կը վազէ, կը վազէ: Նախ Փարիզի կեդրոնը` Saint Michel. յետոյ հայոց եկեղեցին. «Châteletէն changer կ՚ընես, եթէ changer ընել չես գիտէր, մինչեւ Châtelet կը քալես»: «Անի» ճաշարան. «Հորաք, մի հատ մորթադել. էյ, սուասօն փլաքի չմնաց ըսինք եա»: Հիացում փայտէ սալայատակներու, հիացում հացագործի խանութներու, հիացում սրունքներու, հիացում թղթատարի եւ ոստիկաններու: «Ինձի չես ճանչնար կոր ծօ Պետրոս, մէկ մահալլէի տղաք ենք»: Այո, նոյն թաղէն էին, միայն թէ ան փողոցները բանջարեղէն կը ծախէր: «Métro մտած ատենդ երրորդ կարգի տոմսակ մի ուզեր եւ երթալիք տեղիդ անունը մի տար»: Carte d՚identité. «Ծօ աստեղը հիչ ամօթ չկայ, փողոցները կը պագտուին կոր, հէմ պերնէ». Cordon s՚il vous plaît: «Հիչ տէրտ չընես ա Պետրոս, contremaîtreս շէքէրի պէս մարդ է. վաղը դուն խութի մը լոխում բեր, եւ մնացածը ինծի ձգէ»: Տուփ մը լոխումը տարաւ եւ մնացածը ձգեց Աստուծոյ:

FABRIQUE,

FABRIQUE,

FABRIQUE,

Syphilitiques, fous, rois, pantins, ventriloques,
Qu՚est-ce que cela peut faire à la putaine Paris,
Vos âmes et vos corps, vos poisons et vos loques?
Elle se secouera de vous, hargneux, pourris:

Պատէն կախուած իմ ջութակը ինկաւ փշրուեց… Une plateforme en arrière et c՚est complet!: Եօթուկէս, տիւտիւկը, ծօ, Պետրոս տիւտիւկը… Chopine, cantine, չհասաւ — pointage, bleue, vas-y! Ուր ես, մայր իմ, ուր ես, մայր իմ, ուր ես, մայր իմ, ուր ես, մայր իմ, ուր ես, մայր իմ… Ծօ ես այս թուղթէն բան մը չեմ հասկնար կոր. piéce-ներուն իլէն. ժամերուն հաշիւը ինտոր պիտի ընենք, 76, 547 բաժնուած 441 ֆր. 75 սանտիմով, որուն խորանարդը հաւասար պէտք է ըլլայ 871. 666-ի քառակուսի արմատին. Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է… Ջուր, ջուր, ծօ ասիկայ կը մարի կոր, ծօ ասիկայ մարեցաւ, Պետրոս, Պետրոս, բան մը չկայ, բան մը չկայ, ինչ ըսեմ ես անոնց, քի ասանկ թիւլպէնտի կտոր տղաքը ֆաբրիկաները նետեցին, ծօ չէ, մեռնողը հայ չէր, Ալճերիացի էր, էյ, ինչ ընենք, մեռաւ` մեռաւ: Նախ լաթ մը նետեցին վրան ու յետոյ տարին: Հանգանակութիւն: Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է, Աստուած մեծ է…

Աւելի վերջ, երբոր քիչ մը ինքզինքը գտաւ, երբոր վարժուեցաւ տեղին, միջավայրին, կրցաւ փափագածը ստանալ: Grands Boulevardsները մեծ լուսանկարիչի մը քով, ուր մնաց աւելի քան երկու տարի: Հոդ է, որ կատարելագործեց իր արհեստը, սորուելով նրբութիւններ, պզտիկ խաղեր, որոնց շնորհիւ լուսանկարիչ մը կը հաւակնի արուեստագէտ եղած ըլլալ:

Նախապէս բոզանոցի մը նմանցուցած էր իրենց խանութը, գայթակղած ու զարհուրած կիներու այդ արտասովոր համարձակութիւնէն, լպրշութիւնէն, ներկէն, հագուստներէն: Իրեն խորթ թուեցաւ փարիզուհիներու մօտ ամօթխածութեան այդ պակասը, բայց յետոյ սկսաւ կամաց-կամաց վարժուիլ եւ առաջին օրերու այն հետաքրքրութիւնը, որով կը հետեւէր հագուստներու եւ ներքնաշապիկներու անկումին, նուազեցաւ: Եւ խորհելով, որ հոս բոզ չկայ, քանի որ բոլոր կիները իրարու կը նմանին, առանց խորունկը փնտրելու, իրենց լուսանկարչատունը նմանցուց բաղնիքի: Ամէն օր, եւ գրեթէ ամբողջ օրը մերկութիւններու հետ էր իր գործը: Բայց ալ աչքերը չբացաւ, ձեռքերը չդողացին, ենթակային կրցաւ պէտք եղածին պէս մօտենալ, ափերով բռնել զայն անհրաժեշտ դիրքը տալու համար եւ իզուր ցանկաg մէկը սիրել: Կուրծքերը, պորտերը, սրունքները շփոթուեցան իրարու հետ ու մտքին մէջ մնաց միայն կատարելութեան մը պատկերը, ճարտար մազայարդարի մը հասցէով. Փարիզը անոր վրայ ալ դրաւ իր արտաքին վայելչութեան դրոշմը ու տարիները անցան, այդ կիներուն պէս մերկ, անսէր:

Իրիկուն մը գործէն ելած պահուն դռան առջեւ մէօսիէօ Լեսքիւռը գտաւ: Մէօսիէօ Լեսքիւռը շաբաթը անգամ մը իրենց կուգար իր թերթին համար զանազան տեսակ լուսանկարներ գնելու: Ըստ իր սովորութեան, Պետրոս, որուն անունը շուտով Փիէռ եղած էր, անոր ալ մակդիր մը դրած էր, զայն Troisiéme Empire կոչելով: Իրաւ ալ կարծես այդ շրջանէն մնացած տիպար մըն էր, միշտ մեծ խնամքով հագուած, լամբակին ծաղիկ մը, մազերը ներկուած, արծաթէ կոթով գաւազան, ոտքին «կեթռ»եր, մատներուն մատանի, պեղերուն օծանելիք (cosmétique): Խիստ յատկանշական դիմագիծ մը ունէր ան եւ իրապէս տարօրինակ մորթի գոյն մը: Վաւաշոտ շրթունքներ, կանաչորակ աչքեր, որոնք կարծես կեղծ են ու խարդախ, բայց որոնք գիտեն այնքան լաւ ծածկուիլ չափազանցուած ծեքծեքումի մը տակ: Այդ իրիկուն Troisiéme Empire-ը առաջարկեց Փիէռին սրճարան մը երթալ, ուր երկարօրէն խօսեցաւ, անդադար գաւազանին կոթին հետ խաղալով: Ըսաւ, թէ հայերուն վրայ մեծ հաւատք ունէր, ունէր նաեւ խանութ մը. կ՚ուզեր զայն վարելու հոգը իրեն յանձնել: Շատ գեղեցիկ աշխատանոց մըն էր, մեծ պողոտայի մը վրայ, բաղձալի դիրքով եւ որ, սակայն, գետին ձախ եզերքը ըլլալու միակ անպատեհութենէն կը տուժէր: Առայժմ շատ գործ չունէին այն հիմնական պատճառաւ, որ իրենց գլխաւոր պաշտօնեան հին դպրոցի լուսանկարիչ մը ըլլալուն` անկարող էր նրբաճաշակներ գոհացնելու: Կը փափագէր, որ Փիէռը անոր տեղը անցնի ու իր նորագոյն արհեստովը գործը յառաջացնէ: Ամէն դիւրութիւն պիտի տրուէր իրեն, պահանջածը պիտի վճարուէր եւ թէ խանութին երկրորդ տէրը, կին մը, իր վրայէն պիտի առնէր առեւտրական բաժնին հոգը:

Եւ երբոր Փիէռը ընդունեց, եւ երբոր ժամադրութիւնը որոշեցին, Troisiéme Empireը դեռ երկարօրէն խօսեցաւ գաւազանին կոթին հետ, ծանրակշռութեամբ: Մեկնելէ առաջ չմոռցաւ սակայն անգամ մը եւս կրկնել, թէ Թուրքերուն վրայ մեծ հաւատք ունէր:

2
Կեցաւ նախ, զարմացած տիրող լռութիւնէն, ինք, որ ալ վարժուած էր քաղաքի կեդրոնի թոհուբոհին: Սիրեց այդ լուսաւոր, մաքուր ու կոկիկ խանութը եւ նայեցաւ պատի լուսանկարներուն, կարասիներուն, հեռաձայնի գործիքին, մէկու մը պէս, որ կը պատրաստուի շրջանակի մը մտերմանալ: Ձեռք մը վարագոյրը մէկդի ըրաւ, դռան զանգակէն կանչուած: Եկողը ծառայ մըն էր, կապոյտ աչքերով, տարէց, երկար շապիկով, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ փետրաւելը դեռ կը դողար: Անմիջապէս հեռացաւ սակայն, առանց բառ մը ըսելու, իր ներկայութիւնը աւելորդ նկատելով, քանի որ նոյն պահուն իսկ դուռը կրկին կը հնչէր, ձգելով, որ կայծակի պէս ներս նետուի կին մը:

Բաց գոյն, խիստ ճաշակաւոր գլխարկ մը, որուն գաղտնիքը միայն ասոնք ունին, համարձակ, համարձակ ակնարկ աչքերուն, ծանօթ կատուի գոյնով թաւիշէ վերարկու մը սեղմուած իրանին ու ազդրերուն վրայ, մուշտակի լայն երիզներ քղանցքին, թեզանիքներուն ու վզին շուրջ, անթերի կաղապարումը մետաքսէ գուլպաներուն, եւ տոտիկներ եւ բոյր եւ գոյն: Անփութօրէն սեղանի մը վրայ թողուց ձեռքի ծաղիկներուն փունջը, քաշեց աջ մատներուն ծայրէն ձեռնոցը ու նայեցաւ երիտասարդին:

Այս այն պահն է, կարճ, խիստ կարճ պահը, որու միջոցին մարդիկ, միասին ապրելու սահմանուած, կը ջանան դիմացիննին դատել, կշռել, բացատրութիւն մը տալ դիմագիծերու եւ ակնարկի, անձնապէս համոզում գոյացնել յայտնուած կարծիքին ու գուշակել ինչ որ չըսուեցաւ, պահ մը՝ ուր համակրութիւններ կը ծնին, իրարու կը կապուին, եւ կամ թէ բնաւ չեն ծնիր, եւ կամ թէ բնաւ չեն կապուիր, բայց պահ մը՝ որու միջոցին անպայման ժամացոյց մը կը զարնէ: Եւ պատի ժամացոյցը երեք հարուածներ իջեցուց. ժամը առաւօտեան տասն էր:

Մէկզմէկու ինքնութիւն գուշակած` աղուոր մը նայեցան իրարու, նախ աչք աչքի, յետոյ վերէն վար ժպիտ մը եկաւ կնոջ շրթներուն, գիտակից, խնամուած ժպիտ մը, որ այդ աղուոր բերանը ձուաձեւ ըրաւ: Եւ ձեռքը երկարած` դէպի երիտասարդը ուղղուեցաւ ան, հարցնելով`

— Monsieur Pierre?

Մէօսիէօ Փիէռ մէկէն իր վրայ նետուեցաւ բազուկներուն ամբողջ ուժովը զայն գրկելով սեղմ, սեղմ: Այլապէս երեսի վրայ գետին ինկած պիտի ըլլար մատամ Ժանն անխուսափելիօրէն: Այդ սայթաքումին եւ իրարանցումին մէջ բացուէր էր կնոջ վերարկուն, ու Փիէռի աջ ափը կը սեղմեր անոր կուրծքերէն մին: Այսպէս իրար պլլուած մնացին պահ մը անշարժ— ինչ աղուոր կը բուրէր— մինչեւ որ ֆրանսուհին կրցաւ շտկուիլ, հաւասարակշռութիւնը գտնել սրունքներուն վրայ, բաժնուեցան իրարմէ ու գետին նայեցան: Գետինը գորգին հետ կը շփոթուէր կրիայ մը: Կրիայ մը, այո, կրիայ մը: Բացականչութիւն, խնդուք, քահքահ: Թաւիշէ վերարկուն ինկաւ աթոռի մը վրայ. Ժանն բթամատը քիթն ի վեր սահեցնելով գլխարկը քաշեց քասքէթի մը պէս, պոռալով:

— Կոստան, Կոստան, Կոստան:

Անմիջապէս որ ծառան երեւցաւ վարագոյրին առջեւ, Ժանն իր բարկութեամբ սեղմուած կռուփներով սկսաւ արագ-արագ անոր ուսերուն զարնել, ոտքերն ալ գետնին: Պահ մը նոյնիսկ կից մըն ալ իջեցուց, մարդուկին լայն ժպիտէն կատաղած:

— Կրիայ, այսօր ալ կրիայ, երէկ ճագար էր, առջի օր ճերմակ մուկ, այսօր ալ կրիայ… դուն խանութս կենդանաբանական պարտէզ կարծեցիր ինչ, խօսէ նայիմ, պատասխան չտաս, ինչ պիտի ընէիր, եթէ մէկ տեղս կոտրէր, հազար անգամ չըսի քեզի որ սիրելի բարեկամներդ տունդ պահես: Մէօսիէօ Փիէռ, միայն դուք չէիք ճանչնար, դուք ալ ճանչցէք, մենք արդէն ամէն օր իր կենսագրութիւնը կը լսենք. — Համբաւաւոր կենդանասէր Մէօսիէօ Կոստան, Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներէն էն կրակոտը: Ինչ կրակներ է մարած եւ ինչ հրդեհներ վառած սպասուհիներու սրտերուն մէջ: Յիսուն տարեկան ըլլալուն հակառակ դեռ նշանաւոր կնամոլ. անանկ չէ, դուն չէիր պատմողը թէ երիտասարդութեանդ դրանդ առջեւ bonicheերը կարգի կը սպասէին, եւ թէ աւելի վերջը, գաղթավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովդ խափշիկ կիները կատղեցուցիր ցուլերու պէս…

Վերջապէս գացին երկուքը առանձնանալ խանութին խորը, հողմարգելի մը ետեւ: Փիէռին ով ըլլալը, նիստ ու կացը, պահանջելիքը, ապագայի ծրագիրներ, գնուելիք անհրաժեշտ իրեր, աշխատանոցին պակասութիւններն ու առաւելութիւնները, վերջապէս բաներ որոնց վրայ պէտք էր որ խօսէին: Քով քովի canapéին վրայ նստած` երկարօրէն զիրար դիտեցին: Ժանն իրապէս գեղեցիկ էր, աղուոր էր, բայց շատ աղուոր էր: Քանի տարեկան կրնար ըլլալ. աւելի քան երեսուն. չէր ցուցնէր. փայլուն մազեր, համակ ոսկի, անթերի խարտեաշ մը. յայտնի էր, թէ ծոծրակը նոր էր ածիլեր: Ճաշակաւոր հագուստ մը, վարդագոյն ձեռքեր, հաճելի՝ նաեւ այն շարժումը, որով կը ջանար միշտ հագուստովը ծունկերը ծածկել: Փիէռ դեռ չէր համարձակած պէտք եղածին պէս անոր աչքերուն նայիլ. մինչդեռ Ժանն ազատ համարձակ երիտասարդը կը դիտէր: Իր քսանհինգ տարիներէն քիչ մը աւելի կը ցուցնէր ան, ըլլալով հասակաւոր ու յաղթանդամ: Լայն ուսեր, նոր ու վայելուչ costumeի մը մէջ սեղմուած, խնամով ետեւ սանտրուած մազեր, թաւ յօնքեր ու սեւ, անկեղծ աչքեր. — հայկական գեղեցկութիւն:

Խօսակցութիւնը երկարեցաւ ու մտերիմ շեշտ մը ստացաւ շնորհիւ անստգիւտ կրիային. առեւտրական կեանքի վրայ նետուած նախադասութիւն մը կտրուեցաւ ժպիտով, զոր ծածկելու համար Ժանն ի զուր հագուստը ծունկերուն վրայ քաշեց, եւ Փիէռ շարունակեց խորհիլ. — «Առաջին հանդիպումին իսկ գիրկընդխառնում»: Անգամ մը նոյնիսկ աջ ափին մէջ նայեցաւ, զայն գոցելու համար դանդաղօրէն…

Քիչ վերջ կրկին եկաւ իրենց առջեւ ցցուիլ Կոստանի հասակը. այս անգամ դժգոհութիւն եւ ծամածռում կար դէմքին վրայ, մէկ ձեռքէն կը կախուէր քարայծի մը դեղին մորթը, իսկ միւսին մէջ փետրաւելը միշտ կը դողար:

— Մատամ Ժանն, Մատամ Ժանն, ան չկայ, դուք զիս խօսքի բռնեցիք եւ հիմա ան չկայ, ան գացեր է, ան քալէր է… mais oui! la tortue, la tortue, ça marche!

………………………………………………………………

Ինչ որ պահանջեց Փիէռ` գնեցին. զետեղեցին նոր լոյսեր, լուսարձակներ, փոխեցին ցուցափեղկերը, fondերը, պատերուն վրայէն մօրուքներ ածիլուեցան, բարձրացան քղանցքներ եւ հուպիկանը հոս ալ իր բոյրովը տիրապետեց: Հիմա այլեւս առաջուան պէս դուրս գործ տալու չպիտի ստիպուէին, քանի որ Փիէռ պիտի կարենար թէ ռըթուշը ընել եւ թէ լուսանկարել: Սուրիայէն նոր եկած չափահաս որբ մը գտաւ, ուշիմ ու ժիր, տպագրութեան ու մութ սենեակի այլ աշխատութիւններու համար: Սկսան գործի:

Մատամ Ժանն նոր սէր մըն էր տուած խանութին: Ալ առաջուան պէս շաբաթը երկու անգամ չէ որ կու գար, այլ ամէն առաւօտ տասնին հոն էր, ծաղիկի իր անխուսափելի փունջովը: Գրի մեքենայ մը գնեց, որպէսզի առեւտրական նամակները անով գրէ եւ այդ առթիւ նամականի մըն ալ առաւ: Անհրաժեշտ տեսաւ իր վերարկուն կախելու համար մասնաւոր տեղ մը շինել եւ գնեց ու կոտրեց ծաղկամաններ: Օր մը, մասնաւորապէս մինչեւ Կալըրի Լաֆայէթ գնաց` ինք իր ձեռքով ընտրելու համար Կոստանի նոր շապիկը ու վերադարձին ըսաւ. — «Tu comprends, mon vieux, ալ ասկէ վերջ ամէն օր պիտի ածիլուիս, ամէն օր»: Իրաւունք ունէր. խանութին յաճախորդները փոխուած էին: Լեսքիւռ չմոռցաւ խոստումը յարգէլ։ Այս մարդը չես գիտէր ինչպէս առիթը ունեցած էր այդքան ծանօթութիւն հաստատելու, այդքան յարաբերութիւն ստեղծելու, այդքան տեղ մտնել ելլելու: Ինք է, որ յաջողցուց քանի մը պայմանագրութիւններ թատրոններու հետ, ու Փիէռի համար «մերկ օրեր»ը վերսկսան:

Կիսաշխարհիկ կիներու ամբողջ լեգէոն մը կայ, սնոտի, ունայնամիտ, որ էն նորելուկ լուսանկարիչին կը վազէ ամէն անգամ, որ փոխէ սիրահարը, ներքնաշապիկը, իր կամ իր շնիկին մազայարդարումը, ամէն անգամ որ մոռցուած հօրաքոյր մը մեռնի կամ խիստ գէշ օդ ընէ, ամէն անգամ, որ գաղտնի ժամադրութիւն ունենայ: Ձայնագիրը սկսաւ իր խօլական արշաւին, Ամերիկան հոս ալ իր յիմարութիւնները թափեց, եւ Կոստանը աւելի ու աւելի կարմրեցաւ, կատղեցաւ, մանաւանդ «ֆայվ օքլօգ»ին համար, քանի-քանի անգամներ բորթոյի գաւաթները կոտրեց, եւ աննախընթաց պարագայ՝ փետրաւելը դրուած տեղը մոռցաւ:

Ժանն խիստ գոհ էր: Յուսացածէն աւելի էր եղած. ամբողջ օրը կը վազվզէր, Փիէռ պոռալով. իր հագուստներով զբաղելու իսկ ատեն չունէր շատ անգամ. այդ պատճառաւ է, որ մէկ տարուան մէջ ստիպուեցաւ վեց կարուհի փոխել:

Փիէռ սկսաւ կամաց-կամաց ճանչնալ շուրջինները: Այդպէս է որ տեղեկացաւ խանութին բարեկամներէն, թէ Ժանն իրականին մէջ բնաւ մատամ չէր, քանի որ երբեք չէր ամուսնացած: Բայց երկար ատենէ ի վեր Լեսքիւռի հետ ըլլալուն, աւելի պատշաճ կը նկատէր ինքզինքը այդպէս կոչել: Տասնըութ տարեկանին ճանչցած էր զայն եւ հեռատես աղջիկ` միշտ կարելին ըրած էր դրամ խնայելու, մինչեւ խանութ մը գնելը: Որով որեւէ իրաւունք չունէր այդ խանութին մէջ Լեսքիւռ: Թէ այս մարդը ով էր, Փիէռ պէտք եղածին պէս չէր կրցած հասկնալ: Գիտէր, թէ նախապէս շրջուն լուսանկարիչ եղած էր եւ հիմա վրան բաց թերթ մը կը հրատարակէր, լեցուն մերկութեան պատկերներով, որուն կ՚աշխատակցէին շատ մը ծածկանուններ, գիտէր, թե… սակայն այդ ծանօթութիւնները իրեն գոհացում չէին տուած: Ինք այն հաւատքը ունէր, որ այս մարդը պղտոր գործեր կը տեսնայ եւ թէ… Բայց Փիէռ կը նախնտրէր Ժաննին հետ պարել ձայնագրի նոր սկաւառակները փորձելու պատրուակով, զայն սեղմել բազուկներուն մէջ, ուժով, ուժով, գլուխը ծռել անոր ծոծրակին, բոյրը ծծելու համար անաղմուկ ու յետոյ երթալ, բօռթոյով քիչ մը տաքցած նստիլ քով քովի, ծունկ ծունկի: Օրուան պարտաւորութիւններէն ազատած՝ երեկոյի այդ պահերը լաւագոյններն էին, երբոր երկուքն ալ իրարու դէմ կը վերստանային իրենց մտերիմ շեշտը, կը սկսէին խօսիլ, խնդալ, կատակել, կնոջ բերանը կրկին կը ստանար իր այն աղուոր, անկեղծ ժպիտը, իր գեղեցիկ ձուաձեւը, մէկէն լրջանալով երբոր կ՚ըսէր — Tu sais, Pierrot?. Քանի անգամներ պատահեցաւ, որ այդպէս սկսուած նախադասութիւն մը թերաւարտ մնաց, երբոր Ժանն ակնարկը բարձրացուցած ատեն կը հանդիպէր երիտասարդին բացուած աչքերուն, կը հասկնար, ինքզինքը կը ձգէր վայրկեան մը անոնց մէջ, յետոյ շուտով հեռանալու համար: Այդպէս է, որ…

Եւ ահա այսօր ալ, մէկէն, Փիէռ կը մեկնէր:
3
Զուարթութիւնը շուտով կորսուեցաւ: Խիստ կարճ պահ մը տեւած էր միայն, պատճառ ըլլալով, որ քայլերը ակամայ արագացնէ, երբոր մեկնէր էր ճաշարանէն: Իրաւ ալ նախ պէտք էր խնդալ այդ պզտիկ կատակերգութեան վրայ: Սմսեղուկի մը երեւոյթը չէր ստացած ամենայն պաղարիւնութեամբ յայտարարելով թէ ալ չէր ուզէր գալ աշխատիլ որովհետեւ կը սիրէր զայն: Օ, ինչպէս խնդացած էր. կատակ կարծեց, չէ. բայց շուտով լրջացաւ. ուզեց կրկին համոզել, անգամ մը եւս ըսել ինչ որ ինք շատ լաւ գիտէր երկար ատենէ ի վեր, յետոյ կարմրեցաւ, բարկացաւ, որքան աղուորցաւ: Հապա ինք. անճրկէր էր, ձախաւեր ու անփորձ ուսանողի մը երեւոյթն էր ստացեր, խօսքերը կտրատուէր էին, նախադասութիւնը չէր կրցած պէտք եղածին պէս աւարտել, մէկ խօսքը քանի մը անգամներ կրկներ էր, մինչեւ փրկարար ընդմիջումը հեռաձայնին: Որու հոգ. ինք այդպէս էր, բոլորովին անկարող բեմադրութիւն մը պատրաստելու այդ կարգի յայտարարութեան մը համար: Պէտք էր ըսել, եւ ըսաւ. կրցաւ ինքզինքը հասկցնել, հոգ չէ թէ ոչ լաւագոյն ձեւով: Այն խորունկ համոզումը ունէր ինք, թէ բոլորովին աւելորդ բան է կնոջ մը սիրային յայտարարութիւն ընելը:

Չկայ բան, որ կին մը աւելի շուտ հասկնայ, աւելի շուտ զգայ, քան իր սիրուիլը, երբոր զայն ծածկելու հոգը չենք ընէր երբեք: Եւ Ժանն մէկ տարուան մէջ շատ լաւ հասկցած էր, թէ ան կը սիրէ զինքը, թէ իրապէս կը սիրէ, բայց ոչ մէկ օր առիթը տուած էր, որպէսզի աւելի առաջ երթայ, ոչ մէկ օր ուզած էր արարքով մը տալ երիտասարդին պակսող համարձակութիւնը:

Բնաւ չուզեց բարեկամութեան սահմաններէն անդին անցնիլ։ Առաջին օրերէն իսկ շուտով մտերմացան իրարու հետ, նկատեցին, որ բազմաթիւ նախասիրութիւններով ու ճաշակներով կը նմանին իրարու, գործին բերմամբ կեանքերնին խառնուեցաւ, ցերեկները շատ անգամ գացին միասին ճաշել ու կատակել, կամ իրիկունները խմբովին թատրոն մը երթալ, զուարճանալ: Փիէռ ի զուր ջանաց կեանքին հանդարտութիւնը չխռովել, մարել կամ գոնէ մեղմել զգացում մը, որ չէր կրնար ցանկալի արդիւնքի մը հասնիլ: Ժանն միշտ հագուստ հագաւ, Ժանն միշտ գլխարկ դրաւ, ձայնագրի նոր սկաւառակներ գնեց, Ժանն միշտ խօսեցաւ եւ ամենէն աւելի կատղելիք բանը` Ժանն միշտ ժպտեցաւ: Եւ յետոյ օրըստօրէ սաստկացող այն զգացումը, զոր կրցաւ վերջապէս ճանչնալ, նախանձը: Լեսքիւռ խանութ կու գար յաճախ, ընդհանրապէս իրիկունները, աղուոր մը կը համբուրէր զայն առանց երիտասարդէն քաշուելու, պեղերը կ՚ոլորէր, լամբակին ծաղիկը կը շտկէր եւ ամենէն անտանելի բանը՝ ձեռքի կատակներ կ՚ընէր Ժաննին:

Քայլերը բնազդաբար իջեր էին այդ պզտիկ զառիվարը, որ Քէ տէ Կռան զ՚Օկիւսթէնէն ստորին քարափները կը տանի, ջուրին մօտ: Նկարիչներուն սիրական այդ վայրը ամայի էր հիմա, ու վերի լոյսերը տարօրինակ պայծառութիւն մը կ՚անձրեւէին: Նստաւ հաստ ցիցի մը վրայ, ուրկէ նաւ մըն էր կախուած երկար շղթայով ու դիտեց կամուրջին լոյսերը, գունաւոր գամերու պէս ջուրին մէջ մխրճուած: «Չէ, — խորհեցաւ, — ինչ որ ալ ըլլայ` չպիտի վերադառնամ աշխատելու: Այսչափ տարի է հոգիս հանեցի առանց օր մը դադար ընելու. լաւ վաստկեցայ, շատ աղէկ կրնամ քանի մը ամիս հանգիստ ընել. եկածը ամառ է, վերջը ուր որ ալ ըլլայ` գործ կգտնեմ»: Պահ մը վերջ շարունակեց. «Նայինք անոնք ինչ պիտի ընեն. չհաւատաց, հէ. կատակ կարծեց, յուսաց, որ միշտ պիտի կարենայ զիս այսպէս խաղացնել. չպիտի կարենամ բաժնուիլ. տեսնենք` երկուշաբթի ինչ պիտի ընէ… պիտի գայ արդեօք զիս փնտրելու… անշուշտ. թերեւս տեղի ալ տայ գործին սիրուն. թերեւս յուսացածէս աւելի ըլլայ. ան ատեն… ան ատեն… Օ, խենդ եմ»:

Ու արագ-արագ սկսաւ բարձրանալ սանդուխներէն` Սէն Միշել ելլելու համար: Նոյն պահուն վերէն աղջիկ մը անկիւնը դարձաւ ու վազելով քանի մը աստիճան իջաւ: Ակնոցաւոր կաղ տղայ մը հասաւ ետեւէն ու գրկեց զայն` հարցնելով. «Ինչու, ինչու, ըսէ, ինչու»: «Ոչ, ոչ, — պատասխանեց աղջիկը, — պէտք չէր որ առաջարկէիր, պէտք չէր, որ առաջին գիշերն իսկ առաջարկէիր»: Երկուքն ալ կը խնդային:

Երբոր սենեակ հասաւ, տրամաբանութիւնը կամաց մը տեղի տուաւ զգացումին առջեւ: Վերջին մեկնումն էր այս խանութէն, ալ չպիտի վերադառնար հոն աշխատելու, ալ պէտք չէ վերադառնար այդքան հաստատամիտ յայտարարութիւնէ մը վերջ, ուրեմն նաեւ ալ Նէնէթը չպիտի տեսնէր

ալ չպիտի տեսնէր,

ալ բնաւ:

Մեծցաւ, մեծցաւ, ծանրացաւ, մտալլկումը պաշարեց զինքը, սիգառէթը նետեց բազմաթիւ անգամներ, ուզեց չխորհիլ, չկրցաւ, ուզեց պառկիլ, չկրցաւ, ուզեց գրել, նորէն չկրցաւ, առաւ վերջապէս գիրք մը, բացաւ զայն, գոցեց. լոյսը մէկէն մարեցաւ, սկսաւ դառնալ մութին մէջ. ինչպէս չկարենալ ատանկ գիշերներու վանել տառապեցնող մտածումը — Նէնէթ — ինչպէս չկարենալ ցածցող առաստաղին տակ — Նէնէթ — ջնջել ժպտող նոյն դիմագիծը — Նէնէթ — ստել ինքզինքին — Նէնէթ, Նէնէթ, Նէնէթ: Դուռը մէկէն բացաւ. պիտի խեղդուէր: Սանդուխներուն վրայ լոյս կար. սենեակներունն է, որ միայն մարեր էր, «Արդեօք դեռ երկար պիտի տեւէ», — ըսաւ, բան մը ըսած ըլլալու համար, երիտասարդի մը, որ սանդուխին գլուխը կեցած գիրք մը կը կարդար: Ան ոչինչ պատասխանեց. աւելի ջղայնոտեցաւ. բայց չկրցաւ սենեակ վերադառնալ. մութին մէջ շատ շուտով առանձին պիտի ըլլար ինքզինքին եւ իր մտածումին հետ: Եւ երբոր երկրորդ հարցումին ալ պատասխան չստացաւ բարկացած աւելցուց. «Բայց պարոն, կը հասկնաք, թէ ինչ կ՚ըսեմ»: Ան պատասխանեց անգլիացիի արտառոց շեշտով մը.

— Փա փարլէ ֆրանսէ:

— Եու ար ինգլիշ:

— Այ էմ Գանատիըն:

Կարմրէր ու ամչցեր էր տղան: Քսան տարեկան ուսանողի մը երեւոյթ ունէր ու Քէմպրիճ տպագրուած բառարան մը կը կարդար: Քանի մը նախադասութենէ վերջ Փիէռ հարցուց դժուարութեամբ, ինքն իսկ ամչնալով իր տկար ու գէշ անգլիերէնէն:

— Գրամեքենայի մը աղմուկը կ՚առնեմ միշտ. արդեօք դուք էք, որ կը գրէք գիշերները մինչեւ շատ ուշ. այո. եւ ինչ կը գրէք անդադար. բանաստեղծութիւն, բանաստեղծութուն կը գրէք մեքենայով եւ այդքան արագ եւ ամէն օր…

Հակառակ իր ճիգին, խնդուքը մինչեւ շրթները բարձրացաւ: Այդ երազատես պատանին գրականութեամբ, բայց մանաւանդ բանաստեղծութեամբ տարուած, սկսաւ արագօրէն խօսիլ իրեն այդ սիրելի նիւթին վրայ, առանց ուշադրութիւն ընելու, որ Հայը շատ հեռու էր իր բոլոր ըսածները հասկնալէ: Շարժումներ ըրաւ, մազերը խառնեց, ոգեւորուեցաւ, աստուածացուց քանի մը բանաստեղծներ, ուրիշներ մէկ բառով ջախջախեց (Քէմպրիճը ձեռք են ինկաւ) եւ ուզեց մանաւանդ իր գրածները արտասանել: Փիէռ ուրախացաւ զուարթութիւնը վերագտնելով: Օ, մութը, մութը, առանձնութիւնը. երրորդի մը ներկայութիւնն է, որ միայն կրնար այսպէս զինքը փրկել իր մտալլկումէն: Հաճոյքով ընդունեց երիտասարդին հրաւէրը, երբոր բաց թողուած դռները լուսաւորուեցան: Անոր սենեակը իրենինէն տարբերութիւն չունէր, պատին վրայ միայն գեղեցիկ աղջկան մը խոշոր լուսանկարը կար եւ վրան, թեւերը թիթեռնիկի մը պէս բացած, վարդագոյն սութիէն-կորժ մը:

Կանատացին առաւ դէզ մը թուղթ եւ, առանց այլեւս դադար տալու, սկսաւ իր բանաստեղծութիւններուն անվերջ ընթերցումը: Փիէռ թիկնաթոռին մէջ ընկղմած հետեւեցաւ այդ լեզուին, անգլիերէնին, որ այնքան լաւ կը պատշաճի բանաստեղծութեան իր երաժշտութեամբը, եւ զգացումներու կախօրրանին անձնատուր` թողուց, որ հոգին օրօրուի երկարօրէն, լայնօրէն օրօրուի այդ ներդաշնակութեամբ, այդ երգով, մինչեւ որ կարենար ըսել ինքզինքին. «Բարձրագոյն բանաստեղծութիւնը ան է, որ չի հասկցուիր: Կը բաւէ, որ երաժշտութիւն ըլլայ, կը բաւէ, որ գոնէ «սէր» բառը ծանօթ ըլլայ ինծի, կը բաւէ, որ սէր ունենամ ես ու սիգառէթիս ծուխերուն մէջէն դէմի պատին աղջիկը հետզհետէ աւելի ու աւելի նմանի Նէնէթիս, եւ ես պիտի ապրիմ գերագոյն, աստուածային բանաստեղծութիւնը: Հաւատա Նէնէթ, սիրական Նէնէթ, հաւատա, էշու կտոր Գանատացի»:
4
Բանալին չոր աղմուկ մը հանեց կղպանքին մէջ, եւ դուռը իր ծխնիներուն վրայ զգուշութեամբ դարձաւ: Նախ գլուխ մը ներս անցաւ բացուածքէն, շուրջը դիտեց վարանումով ու երբոր տեսաւ, թէ ոչ ոք կայ, դուռը ամբողջութեամբ հրեց: Վարէն բան մը չէր ըսուած իրեն, բանալին հոս էր, ինչպէս նաեւ Փիէռին գլխարկն ու վերարկուն: Դուրս ելած չէր կրնար ըլլալ ան. մօտաւոր սենեակ մըն էր թերեւս, բարեկամի մը: Նէնէթ կեցաւ պահ մը դռան մէջ ու յետոյ յուսահատ՝ ներս անցաւ ու դուռը գոցեց: Վերջին յարկի սենեակներէն մէկն էր այս օդաւէտ ու լուսաւոր, կանաչ միագոյն գորգ մըն էր պատած զայն, ու ամէն ինչ մաքրութիւն կը բուրէր: Աջ կողմի անկիւնը լայն անկողին մը կար իր տանձով ու զարթուցիչով, դէմը` լոգասեղանին յախճապակիէ սպիտակութիւնը, բարակ ու հաստ կոկորդներով, իսկ վրան ապակիի երկար կտոր մը՝ ուր արդուզարդի պիտոյքներ կային քառանկիւն հայելիի մը առջեւ: Ուրիշ անկիւն մը` բարձր հանդերձարան մը՝ որուն քով պզտիկ վարագոյր մըն էր` քաշուած հագուստ մը ծածկելու համար: Կեդրոնը սեղան մը կը կլորնար ներկուած փայլուն տախտակէ, կրելով խել մը գիրքեր, որոնք երկու փիղերու մէջտեղ սեղմուած էին: Փիղերէն մէկը կը նայէր մոխրամանին, իսկ երկրորդը` իր պատիճը պատին էր ցցած: Նէնէթն ալ ակնարկը այն կողմ դարձուց, նայեցաւ պահ մը անշարժ, դժգոհութեան շարժում մը ըրաւ, բայց ժպիտը հայելիները տեսան: Յետոյ դէպի լուսամուտը ուղղուեցաւ: Պատուհան-դուռ մըն էր այս, որ պզտիկ պատշգամի մը վրայ կը բացուէր. արեւը ողողէր էր զայն. գարնան զմայլելի առաւօտ մըն էր. առողջ ու մաքուր առաւօտ մը, որ ճաշի կ՚երթար պզտիկ աղմուկներով: Նէնէթ սկսաւ անհամբերել. վերադարձաւ սեղանին առջեւ, գիրք մը առաւ ու նստաւ, ակնարկը ծանօթի մը` Փիէռի գլխարկին: Մէկէն նշմարեց, որ ճիշտ առջեւը սեղանին պզտիկ դարակը կիսաբաց է. քաշեց զայն եւ, հաստ տետրակ մը ուշադրութիւնը գրաւելով, առաւ:

Այո, ապահով էր: Քիչ մը յուզուած, չես գիտէր ինչու սկսաւ դանդաղօրէն դարձնել այղ էջերը. ֆրանսուհիին հետաքրքրութիւնը կրկնապատկուեցաւ. օրագրութիւն մըն էր: Աչքերը յառած այդ խառնափնթոր գիրերուն, կ՚ուզեր գտնել, կ՚ուզեր անպայման ճանչնալ իսկական Պետրոսը, երիտասարդը, արեւելքցին: Ինչեր կը պատմէին այդ էջերը, մտերիմ ինչ յոյզեր, մտածում ու տենչանք կը պարունակէին այդ տողերը, որոնցմէ բան մը չէր կրնար հասկնալ: Հայերէն այդ տառերը բեւեռագրեր էին իրեն համար, «սեւ ու ճերմակ»՝ ինչպէս կ՚ըսէր ինք: Ու անկարող իրականութիւնը տեսնելու, աւելի ինքն իր մէջ կը ջանար անծանօթը գուշակել: Ֆրանսերէն բառ մը մէկէն իր ակնարկը կեցուց. «մէրսի». կարծես սենեակին մէջ էր Փիէռ, հոն, իր մօտը եւ իրեն ուղղած աոաջին բառը կ՚ըլլար` մերսի: Շնորհակալութիւն Նէնէթին, որ եկեր էր զինքը տեսնել, որ զինքը չէր մոռցեր, չէր մոռցեր իր պզտիկ Փիէռոն… Յաջորդ էջերուն մէջ ֆրանսերէն բառերը սկսան շատնալ: Ալ մեծ ուշադրութեամբ ամէն տողի մէջ փնտրեց զանոնք ու իր մտածումը անոնց հետ յառաջացաւ: Ատիէօ փուր թուժուր. Մեսաժերի Մարիթիմ. Մատոննա, Պիրէոն, Պէյրութ, Աղեքսանդրիա, Մարսել: Յետոյ Փարիզի մէջ հասցէ մը ու գործարանի մը անուն: Ֆրանսերէն ասութիւններ արտառոց հայհոյութիւններ, քովը փակագիծով՝ բացատրութիւնը անշուշտ, թատրոններ ու պտոյտի զանազան վայրեր: Ամիսները կ՚անցնէին: Դերասանուհի մը եւ լուսանկարչական քանի մը բառ ըսին, թէ Փիէռ ալ Կռան Պուլվարները հասած է: Մէկէն` նախադասութիւն մը. «Ահա այսօր. Պետրոս, յիմարութիւններ չ՚ուզեր»: Նէնէթ սեղանին վրայ դրաւ տետրակը, երկու արմուկներուն մէջտեղ ու հետաքրքրութեամբ եւ աճող անհամբերութեամբ սկսաւ կարդալ:

«Աղուոր կիրակի մը: Հրաչին հետ երկու աղջիկ բռնեցինք Լիւքսէմպուրկի պարտէզը. անորինը պզտիկ ու կլոր. իմինս նուրբ ու հասակաւոր. զմայլելի սրունքներ. խալ մը աջ այտին ու անտանելի հօրաքոյր մը` Ռիւ Մատամ. շատ կը սիրէ այս ծառուղին, հոգի կուտայ պարի համար. կը վախնայ հիւանդութենէ։ Ռիւ Քիւժաս Սուրէնին նախկին պանդոկը գացինք, 7 թիւ սենեակը. կուրծքը ինծի համար յայտնութիւն մը եղաւ. սեւ նշաններուն համար ըսաւ, թէ Մէթրոյին մէջ կսմթէր են. քովէն պատը զարկին. յանցանքը աղջկան էր»:

Նէնէթ գլխարկը քաշեց գլխէն, նետեց սեղանին վրայ ու էջը դարձուց:

«Ռէօմիւռէն նստաւ, պտըլիկ, անուշիկ, դոնդոշիկ, նայեցաւ անգամ մը ինծի ու եկաւ ճիշդ առջեւս կենալ. երեկոյեան այս ժամուն միշտ այսպէս բազմութիւն կ՚ըլլայ Մէթրոյի մէջ. փակչելու աստիճան սեղմուեր ենք մէկզմէկու. ես ձեռնոցներս հանեցի. ինք ձեռքի տուփը քիչ մը անդին տարաւ. (հայերէն), Շաթըլէ իջաւ` փոխելու. միացայ իրեն. առաջարկեցի դուրս ելլել ու տաքսի մը առնել. ընդունեց. կառքին լոյսը մարեցի ու վարագոյրը քաշեցի. Մարսիլիացիի շեշտ մը խօսուածքին, ու «Ռըփրիզ»` ծունկերուն. մէկէն շարժումս կեցնելով ըսաւ. «Կ՚աղաչեմ, ուշադրութիւն ըրէք, որ ոտքովնիդ տուփս չկոտրէք. հակառակ իմ ալ փափագիս` կարծեմ նորէն վնասուեցաւ, «մոն շեռի»ն արտասանեց փայտէ սալարկում ունեցող փողոց մը: Երկրորդ անգամուան մը համար ժամադրութիւն տալ չուզեց. նշանուած է, ես ալ չպնդեցի. քիչ մը շատ լուրջ աղջիկ կերեւար»:

Քանի մը էջ անդին.

«Մադամ Լանպէռը ուրիշ է. ոչ մէկ կին ինծի այնքան հաճոյք պատճառաձ է, որքան ան. արդեօք անոր համար, որ արդէն իսկ հասունցած մանչ մը ունի ու զիս «մոն կոս» կը կոչէ. հասակաւոր, մարմնեղ, ազնուականութիւն ու հպարտութիւն կուրծքին, քայլուածքին ու խօսուածքին մէջ. շատ կը սիրեմ իր ոսկորէ սպիտակ ապարանջանն ու սեղմիրանը. կ՚ուզեմ, որ չհանէ. դժբախտաբար կարելի չէ. ճանչցած կիներէս աոաջինն է, որ կրօնասէր ու ճշտապահ է: Երբեմն կը խնդամ ինքզինքիս վրայ, այն օրէն ի վեր, որ գիտեմ, թէ իր ամուսինը առաջնակարգ թաւջութակահար մըն է, կնոջ հեւքին մէջ, որ ճիչով մը կ՚աւարտի, կը կարծեմ թաւջութակի մը դրոշմը լսել. ինչ խենթ եմ, գոնէ երաժշտութենէ հասկնամ»:

Ուրիշ հատուած մը` մադամ Լամպէռի վրայ.

«Ամուսինին պատկերը բերէր է, որպէսզի ակրանտիսըման մը շինեմ: Շատ շնորհքով ճաղատ մը կը թուի ըլլալ. խելօք մը կեցեր է քառդ փօստալին վրայ: Այդպէս իր կլոր թաւջութակին քովը` ճիշդ clef de solի մը երեւոյթը ունի: Ամենայն լրջութեամբ ըսի. — «Սիրով, միայն թէ գլխուն վրայ անպայման եղջիւրներ պիտի աւելցնեմ»: Սարսափած պատասխանեց. — «Փիէռ, չընես, չընես, խենդութիւն չ՚ուզեր»: Յետոյ աւելցուց, քիչ մը ժպիտ` ձայնին. — Այդ աշխատութիւնը ինծի ձգէ, ես աւելի լաւը կրնամ ընել… (հայերէն)… ամբողջ հաճոյքս այս է. կ՚ուզեմ, որ շատ դանդաղօրէն հանուի. կ՚ուզեմ, որ ես զինքը հանուեցնեմ (հայերէն) անակնկալ. այս անգամ իր կէս մէջքէն սկսող սեղմիրանը, ծնկակապերով, սեփ-սեւ մետաքսէ էր. ներքնաշապիկը նմանապէս. տուած պատճառաբանութիւնը ճիշդ չէր անշուշտ. երբեք չէի երեւակայած, որ… (հայերէն): Շատոնց է, որ պատրաստուած է, բայց դեռ չի մեկնիր. քով քովի նստեր ենք անկողինին եզերքը. ինք ըսաւ. — Մենք պէտք չէ, որ բաժնուինք իրարմէ: Գիտեմ, թէ քեզ վերջնականապէս ինձ կապելու համար պէտք եղած երիտասարդութիւնը չունիմ, գիտեմ, թէ շատ գեղեցիկ չեմ, եւ դուն տաքարիւն ես, եւ դուն անառակ ես, բայց մտիկ ըրէ ինձ, Փիէռ, անոնց ետեւէն մի վազեր, երիտասարդ աղջիկներուն հետ մի ըլլար: Անոնք մարմնական հաճոյքէն զատ ու անկէ աւելի զօրաւոր ուրիշ տենչանք մը ունին, զոր կը գոհացնեն ի վնաս տղոց: Իրենց հպարտութիւնն է այդ, քեզի պէս երիտասարդ մը նուաճած ըլլալու ինքնագոհութիւնը: Ես վստահ եմ, որ դուն դեռ փարիզուհիները չես ճանչնար. անոնք քեզիպէսներու սէր կը կեղծեն ու յետոյ շուտով կը հեռանան, անմիջապէս, որ նշմարեն, թէ դուն կը տառապիս… քմահաճոյք է, որ կ՚անցնի… մենք պէտք չէ բաժնուենք իրարմէ. միայն գորովի պէտք ունիս դուն, եւ գիտես, թէ ես որքան…»

«Պառաւ», պոռաց Նէնէթ կատաղութեամբ ու էջը վանեց։ Յաջորդող ամիսները անցան` ամբողջութեամբ հայերէն: Կին չկար: Գրուածքները միմիայն ներքին ապրումներ կը թուէին ըլլալ: Առաջուան պէս ալ մէջը նետուած ֆրանսերէն նախադասութիւն մը դիւրաւ չէր կրնար քօղազերծել գրողին միտքը: Մէկ անգամ մը միայն հանդիպեցաւ սեռակիցի մը անուան` Լիզ, եւ զարմացաւ, որ աւելի չէր յիշուած այդ պզտիկ աղջիկը, զոր ինքը կը ճանչնար: Փիէռի վերջին բարեկամուհին էր ան, տասնեւութ տարեկան կարուհի մը, որ իր ականջներուն գնդաձեւ կեղծ մարգարիտներէն ու շագանակագոյն աչքերուն անմեղութենէն զատ ոչ մէկ բացառիկ գեղեցկութիւն ունէր: Լա փըթիթ Լիզը սակայն անկեղծօրէն կը թուէր իր սիրտը տուած ըլլալ երիտասարդին, ու կը հանդուրժէր ամէն բանի, պայմանաւ, որ թոյլատրէր իրեն ատենը անգամ մը գալ Փիէռօն վայելելու: Անկեղծութեան դէմ Հայը չէր կրցած շնական կամ բիրտ ըլլալ, որով նաեւ անկարող՝ այս ալ նախորդներուն պէս դիւրութեամբ լքելու: Այն յիշատակելի շաբաթ իրիկունն էր, որ միայն այնքան կոպիտ վերաբերմունք մը ունեցաւ աղջկան հանդէպ, դէմքին մեծ խաւաքարտ մը նետելով, երբոր ան դուրսէն մատովը կը թմբկահարէր, քիթը ապակիին փակցուցած: Եւ ըսել, թէ դռան առջեւ այնքան սպասէր էր ան…

Երկար պահ մը Նէնէթին երկու մատներէն առկախ մնաց այս էջը, որուն վրայ սակայն միայն երկու բառ կրցած էր կարդալ. Փըթիթ Լիզ:

Եւ ահա վերջապէս մէօսիէօ Լեսքիւռ, Կոստան, մատամ Ժանն: Ոչ, Նէնէթին յոյսը ի դերեւ ելաւ. բան մը չկար իր մասին. ոչինչ, ոչինչ: Օրագրութիւնը կեցած էր: Նայեցաւ թուականներուն, անոնք Փարիզ գալէն ի վեր ֆրանսերէն էին եղած, եւ տեսաւ, թէ քանի մը ամսուան ընդմիջումէ մը վերջ է, որ միայն կը վերսկսէր թուղթեր անդին. այս անգամ երկար էջերով: Այն կարճ, լակոնական հատուածները չկային ալ, բայց Նէնէթ ոչինչ կը հասկնար ասոնցմէ: Վերջապէս հատ մը գտաւ.

«Հրաչին շինած անթելը երբեմն կը բանի: Սաղաւարտը գլխիս` գիշերուան առանձնութեան պահերս կ՚անցընեմ անշարժ, սեղանիս առջեւ: Երկար ժամեր կ՚երազեմ, կը մտածեմ Նէնէթին, մերիններուն, գսրծիս, լճակի մը կամ յեղափոխութեան վրայ: Մօտաւոր սենեակէ մը եկող գրամեքենային աղմուկը երեւակայած գնդակահարումի մէկ տեսիլքս կ՚ամբողջացնէ: Մէկէն անթելը կը խանգարուի, յեղափոխութիւնը, ինչպէս միշտ, կրկին կը ձախողի. ամէն բան կ՚անհետի, ամէն բան: Միայն Նէնէթը կը մնայ. ինչու միայն ան. կը մօտենայ, աւելի, աւելի, աղուոր մը կը ժպտի, բայց բան մը չ՚ըսէր, բառ մը չ՚արտասանէր: Ինչպէս կ՚ուզես, որ խօսի, երբոր ես չեմ գիտէր, թէ ինք ինծի հանդէպ ինչ կը զգայ»:

Էջեր անդին.

«Ուզեցի գիտնալ, թէ արդեօք պիտի նախանձի: Դիպուածը օգնեց: Ժամերով վերի գործողութեան սրահը մնացինք Ճիքիսը եւ ես: Այս դերասանուհին անբաղդատելի մարմին մը ունի. գլուխգործոց մը: Քիչ մը գինով ըլլալուն— հաշիշամոլ է— անդադար կատակեց, խնդաց ու պարեց, ես ալ հետը: Նէնէթը վեր իսկ չելաւ նայելու, թէ ինչ կ՚ընենք. ձայնը անգամ չառի: Վար իջայ: Մեկնէր էր: Արդեօք… Եւ յաջորդ առաւօտը, այսօր, հաճոյքի կատարեալ տօն մը եղաւ ինծի համար: Երկար ատեն է, որ խոստացած էի Կոստանին զինքը լուսանկարել, եւ այս առաւօտ խանութ մտնելուս` զարմանքով տեսայ, թէ փետրաւելը եւ քարայծի մորթը ձեռքը չեն:

«Մաքրուեր, ածիլուեր ու սրբուեր է, փողկապին վրայի ադամանդն ու իր նոր հագուստը զինքը կիրակի են շինէր: Պատուանշանը կախեց եւ ցիցի մը պէս անշարժ կեցաւ գործիքիս դիմաց: Խնդուքս հազիւ թէ կրնայի զսպել. եթէ գիտնաս, թէ որքան զուարթախօս, կատակաբան ու անուշ մարդ է: Բայց կեցիր, էն կարեւորը կայ. այս նախկին զինուորը, երկար ատեն գաղթավայրերու մէջ ապրած ըլլալուն, անդիմադրելի սէրը ունի կենդանիներու: Այս անգամ ալ հետը բերէր է իր պաշտելի Brigadier-ն: Այդ տասնապետը լուսաճաճանչ գոյներով զմայլելի թութակ մըն է: Եւ ճիշտ այն պահուն, որ տանձը ձեռքիս մէջ պիտի ճզմուէր, քլաք… դուռն է: Սաստիկ վախ մը կեղծեցի, իբրեւ թէ Նէնէթէն խիստ գաղտնի կ՚ուզէի պահել ըրածս, գործիքը անմիջապէս ծածկեցի եւ մէկդի հրեցի նախկին ենթասպան: Ան այլայլած ու շփոթած էր. հիմա վեր պիտի գար տիրուհին եւ Կոստանին հետ նորէն կենդանի մը պիտի տեսներ… նորէն կենդանի մը… ծառան հազիւ ատեն ունեցաւ ինք զինքը քովի մութ սենեակը նետելու, եւ թութակը այդ իրարանցումին մէջ` թռաւ: Ա… ահա երէկուան ըրածիս արդիւնքը… տեսնես ինտոր աղուորցեր է. զմայլելի, զմայլելի ճանիկ մըն է եղեր. երբեք զինքը այսքան գեղեցիկ չէի գտած. մէկէն ինչ եղայ, չեմ գիտէր, բայց ուզեցի, ախ, այնքան ուզեցի, որ (հայերէն)»։ Նէնէթ կռուփը սեղանին զարկաւ գոչելով. — բայց չշարունակես: «Դէմս եկաւ պչրանքով, նազանքով, ոտքին մատներուն վրայ պզտիկ շրջան մը ըրաւ, ժպիտը միշտ ինծի— որպէսզի լաւ տեսնեմ, ու յետոյ հարցուց. «Վայլեր է»: Կօշիկէն մինչեւ գլխարկը նորոգուեր էր, այս քանիերորդ անգամը ըլլալով, եւ իր արդուզարդին բոլոր երանգները կատարեալ ներդաշնակութեամբ մը կը պատշաճէին իրարու: Գոյնին անունը չեմ գիտէր, որ ըսեմ, ամէն պարագայի, քեզի ինչ. գիտցիր, որ զմայլելի էր այնքան: Եւ երբոր հիացած ուզեցի ամբողջութեամբ բանալ վերարկուն, չթողուց. բայց… բայց… նոյն պահուն ձայն մը պոռաց «Ouvre, Nestorr, ouvre»: Հը, ինչպէս… Նէնէթ անմիջապէս յօնքերը պռստեց, ակնարկը ամէն կողմ դարձընելով: Ես գուշակած էի. ամբողջ ուժովս պլլուեցայ անոր եւ սկսայ բարձրաձայն, բարձրաձայն խնդալ, մինչ վերը վարագոյրներու թելերուն վրայ թառած թութակը կը պոռար. «Rrrigole, Brrigadier, Rrrigole Brrigadier…»։ Պատուանշանը դուրս նետուեցաւ իր թաքստոցէն: Նէնէթը կատղած էր. առաւ այն երկար եղէգը, որով վարագոյրները կը յարդարենք ու սկսաւ կենդանին հալածել. ան մէկ թելէն միւսը ցատկելով կը շարունակէր ճչալ «Rrrigole, Brrigadier, Rrrigole... !»:

— Mauvais sujet, — ըսաւ Նէնէթ դէմքը հաւաքած ու անցաւ:

«Տիրուհիին ինքնաշարժը կառատուն տարած ատեն Կոստանը շուն մըն է կոխոտեր. եւ ինչ շուն, աստուած իմ, կենդանապաշտպան միութեան պատկանող շուն մը: Ատոր համար երկու օր է, որ խենդի պէս է. վառարանը այնքան է լեցուցեր որ կարելի չէ շնչել. սաստիկ յոգնած եմ. սպանացի պարուհին այդ ինչ ծանր անուշահոտութիւն մը ձգեց. ապակէ որմին վրայ անձրեւին թպրտուքը կը նմանի Չէխօսլովաքի մը կարդացած գրաբարին: Երբոր Նէնէթ վեր եկաւ, աշխատութիւնս աւարտեցի: Ձեռքը ծրար մը կար եւ կը ժպտէր. յայտնի է, թէ բան մը ունի ըսելիք, բան մըն է պատրաստած. ինչու այդպէս կը նայի: Ծրարը բացաւ… սկաւառակ մը հանեց. չառաջարկեց, սակայն, որ պարէնք. գիտէր թէ` կրկին պիտի մերժէի: Վերջեն է որ իմացայ, թէ Սուրէնն է բերեր այդ սկաւառակը, կէսօրին, որպէսզի ինձ անակնկալ մը ընեն: Ձայնագիրը ճամփայ հանելուն պէս ոստումով մը քովս եկաւ բազմոցին վրայ, ձեռքերը` ուսերուս, աչքերը` իմիններուս մէջ, լայն ու գինովցնող ժպիտով մը: Աստուած իմ, ինչ կրնար ըլլալ, ինչ կուզէր աչքերէս. բան մը չէի հասկնար: Եւ ահա, որ յանկարծ… ահագնադղորդ ձայն մը, որ կը պոռայ. «Եանկընվար… Իսկիւտար տա, Պիւլպիւլ տէրէտէ…»։ Հէ, ինչպէս… էյ միայն այս էր պակաս: Զուարթութիւնս պոռթկաց, պոռթկաց, նամանաւանդ Նէնէթին սոսկումին ի տես: Ան կը յուսար, անշուշտ, արեւելեան մեղեդի մը լսել եւ ոչ թէ այսպէս ոռնոց մը: Օհ, կ՚արժէր իր արտայայտութիւնը վայելել, վախեցած փիսիկի մը երեւոյթն ունէր եւ ես առաջին անգամ ըլլալով քիթս մխրճեցի իր վզին մէջ, աչքերս ուժով մը գոցեցի, որպէսզի չտեսնեմ հեռաւոր կամուրջին լոյսերը, ջրհանկիրներուն անցքը, բոցերուն պարը, որպէսզի… բայց Նէնէթ զիս վանեց… ահա՝ այդպէս է, որ հաշտուեցանք: Հիմա ալ անդադար կը պոռայ երեսիս. «Եանկին վաաա, տա տա տա, տէ, տէ, տե…»:

«Նօրէն Լեսքիւռը եկաւ: Սաստիկ կատղեցայ: Առանց «գիշեր բարի» ըսելու ելայ դուրս: Չէի կրնար ինքզինքս զսպել. անպայման, անպայման կին մը կ՚ուզէի, կարծես Նէնէթի դէմ անհաւատարմութիւն մը գործելու համար, կարծես վրէժս լուծելու համար: Չկրցի ժամանցի տուն մը երթալ ու խենդի պէս ինկայ սենեակ: Աղջիկ մը դէմի դուռը կը զարնէր առանց պատասխան ստանալու: Առաջարկեցի, որ իմ սենեակս գայ եւ սպասէ: Հրաւէրս ընդունեց: Բաւական գեղեցիկ, վայելուչ եւ «հաւ»: Գանատացիի մը ընկերուհին է եղեր. կ՚ըսէ, թէ բանաստեղծ է ան, բայց բերին հոտը քիչ մը կը վնասէ այդ պարոնին բանաստեղծութեան: Իր մեծագոյն փափագն է ամուսնանալ ու բոյն կազմել, քանի որ, կ՚ըսէ, լուրջ աղջիկ է ինք: Ատոր համար թողուց, որ ուզածս ընեմ: Միայն թէ վերջին պահուն դիմադրեց. չուզեց տեղի տալ: Ըսի թէ` կը նողկամ ամուսնութիւնէն ու բանաստեղծութիւնէն: Ճամբեցի: Նէնէթը յաղթանակած էր իր արձակով»:

Եւ ահա, երկար մթութիւններէ յետոյ, վերջին էջը օրագրութեան.

«Ալ որոշումս վճռական է: Եթէ երբեք դեռ վարանումներ ունէի, զանոնք բոլորը երէկ գիշերուան սինէման վանեց: Առաջին առթիւ իսկ պիտի մեկնիմ առանց այլեւայլի, անվերադարձ կերպով: Հիմա այլեւս բացարձակապէս ապահով եմ, թէ այդ աղջիկը քիթիս կը խնդայ: Գիտէ թէ իրեն հանդէպ զօրաւոր համակրութիւն մը ունիմ, եւ պարզապէս կը շահագործէ այդ զգացումս, երբոր ես ամբողջ նուիրում կ՚ըլլամ…»:

Նէնէթ կեցաւ յանկարծ: Նախազգացում էր թէ չէ, իրապէս ճանչցաւ ոտնաձայնը…

Այո, կը մօտենար ան: Հազիւ ատեն ունեցաւ տետրակը գոցելով` դարակին մէջ նետելու, բայց չհամարձակեցաւ հրել զայն, վախնալով, որ կը ճռնչէ, եւ փախաւ: Ճիշտ ատենն էր: Դուռը բացուեցաւ. կից մը գոցեց զայն: Փիէռ մահճակալին վրայ նետեց ձեռքի ծրարը ու, կզակը օդին՝ երկարօրէն արտաշնչեց. սանդուխներէն շատ արագ բարձրացեր էր, կը հեւար: Անձեռոց մը քաշելով գլուխը կրկին չորցուց ու հայելիին դիմաց սանտրուեցաւ: Սկսաւ քիթին տակէն երգել. «Ես սիրել եմ մի զոյգ աչեր, նման փայլուն աստղերին»: Հանդերձարանին տակի դարակը քաշեց ու տեսաւ, որ «Նրանք խորն են որպէս եթեր, նման յուզւող ջըրերին…»: Ճերմակեղէններ առնելով, դարձաւ «ջրերին»— ու ժաքէթը նետեց: Հայելիին մէջ ինքնագոհ ժպիտով մը ինքզինքին վրայ հիացաւ, մինչ մերկ իրանին շուրջ դեռ քիչ մը շոգի կը դառնար, եւ կուրծքի պզտիկ մազերուն մէջ քրտինքի կաթիլներ կը փայլէին: Քիչ մը առաջուան վարը առած լոգանքը դնդերներուն կարծես աւելի ուժ էր տուեր: «Նրանք խորն են որպէս եթեր, նման յուզւող ջըըը…»: «Flûte, flûte» պոռաց յանկարծ, բանաստեղծութիւնը արձակի վերածելով: Պատահածը սարսափելի բան մըն էր. աղէտ մը պարզապէս: Թռիքոյին վրայ կոճակ չէր մնացած: Օ, այս կոճակի խնդիրը. մղձաւանջը մենաւոր տղոց։ Օ, դաւաճանութիւնը կոճակներուն, որոնք ամէն շաբաթ երեկոյ կմեկնին անվերադարձ. ինչպէս կարել զանոնք. հոգի քակել, կոճակ կարել: Ճերմակ դերձան գտաւ, բայց ասեղ չկար. ուր կորեր էր խայտառակը, ուր դրած կրնար ըլլալ: Փիէռ փնտրեց զայն նախ մոխրամանին մէջ, յետոյ հագուստներուն վրայ, բառարանին այն էջը, ուր aiguille գրուած է: Չկար, չկար: Թռիքոն ձեռքը` սենեակի շրջանը կ՚ընէր, մէկէն պատին վրայի լուսանկարներուն առջեւ կենալով ըսաւ. «Նէնէթ, Նէնէթ, դուն ըսէ, ուր է ասեղս» եւ յանկարծ յիշեց. դրան վրայ խոթած էր զայն, էն վերը: Ծայրը ժանգոտած էր, բայց խնդիր չէ. սկսաւ կարել մահճակալին եզերքը նստած: «Նրանք խորն են, որպէս եթեր…»: Շնչեց, նորէն շնչեց, ասեղը անշարժացաւ օդին մէջ, ու Փիէռ, բերանը կղպած, ամբողջ ուժովը ներս քաշեց օդը: Աչքերը խոշոր-խոշոր բացաւ: Ուրկէ կու գար այս բոյրը. Նէնէթեն էր, Նէնէթին բոյրն էր, շատ աղէկ կը ճանչնար զայն: Այլեւս ասեղ չէր փնտրածը. ատոր համար աչքերը այդպիսի փայլ մը ստացան ու սկսան արագ-արագ դառնալ: Ինք քարացեր էր, սակայն, վախնալով, որ զինքը շրջապատող անուշահոտութիւնը կը թռցնէ: Եւ ահա ակնարկը գամուեցաւ, ժպիտը մեծցաւ դէմքին վրայ, ու ծունկերն ի վար սահող թռիքօն հետը տարաւ ասեղ ու դերձան: Հանդերձարանին քովի վարագոյրին տակ կ՚երեւէին զոյգ մը տոտիկներ եւ սրունքներ: Այդ սրունքները ալ միայն Նէնէթ կը կոչուէին: Ձեռքերը բարձրացուցած մօտեցաւ անշշուկ. ինչ ընել, ինչ ըսել, ինչպէս սկսիլ… ու երկու ձեռքերովը նետուեցաւ վարագոյրին վրայի այն կէտերուն, ուր կ՚ենթադրէր ուսերուն վրայ պարապին հանդիպիլ։ Եւ պաստառը կաղապարուեցաւ այդ սիրական դէմքի վրայ. ահա քիթիկը, ահա այտերը, ահա թուշը… կը խնդար… Փիէռ իր հոգիէն պոռաց.

— Նէննէթ, Նէննէթ շեռի…

— Ինչ, ինչ, սա նայեցէք, սա պարոնին նայեցէք, ինծի այդպէս մերկ կ՚ընդունիս: Շուտ, հագուէ տեսնեմ:

Երկուքն ալ կը խնդային: Փիէռ վերջապէս գտաւ ժաքէթը ու հագաւ, մինչ Նէնէթ կը շարունակէր գետնի թրիքօն ցոյց տալով.

— Աս ալ վերցուր անմիջապէս, վերջը նորէն ժամերով պիտի փնտրես ու Նէնէթ պոռաս: Ըսէ տեսնեմ, եթէ ես հոս չըլլայի, ասեղդ ինչպէս պիտի գտնայիր…

— Բայց հիմա որ գտայ, ալ չպիտի կորսնցնեմ, ալ կարելի չէ, որ կորսնցնեմ, հիմա որ Նէնէթս գտայ…

— Նէնէթդ գտար, Նենեթդ… Ախ, ինչ համարձակութիւն… նախ որ խնդիրը Նէնէթին վրայ չէ. ես ասեղ չեմ եւ յետոյ Նէնէթ գոյութիւն չունի: Եթէ այդպիսի մէկը կայ, ան մատամ Ժանն կը կոչուի եւ բնաւ Նէնէթ:

— Բայց միայն ինծի համար…

— Լռէ, փորձանք տղա…

Փորձանք տղան լռեց: Ուրկէ այսքան պայծառութիւն սենեակին. Նէնէթին բաց գոյն tailleurն էր պատճառը, թէ չէ տեղ մը սաւաններ էին փռուած: Երիտասարդը պահ մը վերջ շարունակեց, աղջկան տատամսումէն օգտուելով, քմծիծաղ մը շրթներուն, սրած ակնարկը չարաճճիութեամբ լի.

— Գալով բուն խնդրին, իմ ասեղս բնաւ չեմ կորսնցնէր ես: (Ինչ ստախօս): Երբեմն այսպէս կ՚անհետի ան, օրերով զինքը չեմ տեսնէր ու կը խորհիմ, որ ալ կորսուած է ինձ համար: Եւ ահա յանկարծ պահու մը, երբ էն քիչը կը սպասէի իրեն, (ինչ ստախօս) մէկէն դէմս կ՚ելլէ դռան մը ետեւ կամ վարագոյրի մը ետեւ կամ վարագոյրի մը վրայ… իրաւ է, որ սակայն այդ հանդիպումը երբեմն մէկ տեղս կ՚արիւնէ…

— Էյ բաւական է, լռէ ըսի. ես հոս չեկա քու bonimentներդ լսելու ու հետդ կատակելու: Հէ, չես հարցնէր անգամ, թէ ինչու այս պահուս դէմդ եմ. այնպէս չէ, ա գիտես յանցանքդ. շուտ, ըսէ տեսնեմ, ինչու իմ երկու նամակներուս չպատասխանեցիր, ինչու չհաճեցար գոնէ երկտող մը գրել ինձ, գոնէ բառ մը ըսել… ըսել է քաղաքավարութիւնդ ալ մոռցար. ինծի հանդէպ ունեցած յարգանքդ ալ մէկդի նետեցիր… ալ Նէնէթ չկայ, այլ Նէնէթ չկայ…

Փիէռ շատ կ՚ախորժէր անոր այդ արտայայտութենէն. երբոր այսպէս կը կարմրի, յօնքերը կը պռստէ, բառերը արագօրէն ու բարձրաձայն կը յաջորդեն իրարու, կարծես ստեղծելու համար քիչ մը տիրականութիւն եւ իսկական բարկութիւն, երբոր գլխի ու ձեռքերու պզտիկ շարժումներ կ՚ընէ… Սակայն երիտասարդը պատասխանեց լրջութեամբ ու պարզ.

— Չպատասխանեցի. որովհետեւ ըսելիք մը չունէի. ինչ որ պէտք էր` ըսի շաբաթ երեկոյ: Ալ կարելի չէ, որ խանութ վերադառնամ աշխատելու. ես յամառ եմ: Գիտեմ, թէ այն գիշեր պէտք եղած բացատրութիւնը չունեցանք, բայց երկար բառերու պէտք չկար բնաւ. վստահ եմ, որ հասկնալի դարձայ: Աւելորդ է անգամ մը եւս անդրադառնալ…

— Ես ատանկ բան չեմ գիտեր. վաղն իսկ, կ՚իմանաս, վաղն առաւօտ իսկ գործիդ գլուխը պիտի ըլլաս: Երբոր գամ, պէտք է, որ… ինչ, ինչ, մեզի այսպէս լքել ճիշտ գործի եղանակին, առանց նոյնիսկ առաջուընէ իմաց տալու, առանց գոնէ…

— Եւ խորհեցայ, որ եթէ Փարիզ մնամ, չպիտի կարենամ երթալ Նէնէթս տեսնելու փափագիս դիմադրել… որով պատրաստութիւններս տեսած եմ եւ երկու օրէն պիտի մեկնիմ Տինառ: Հոն պիտի անցընեմ արձակուրդի ամիսս ու վերջնականապէս հաստատուիմ…

— Պիտի մեկնիս, երկու օրէն պիտի մեկնիս…

Լռեցին: Փիէռ ակնարկը գամեց նախ մահճակալի երկաթէ ձողին, յետոյ դռան վրայ ասեղին ձգած ծակին, աւելի ծակին, քան թէ ձողին: Ժանն գլուխը խոնարհեցուց: Անոր ակնարկը քանի մը շրջան ըրաւ մոխրամանին շուրջ եւ յետոյ բարձրացաւ պատիճին վրայ: Բայց որովհետեւ այս վերջինը պատին էր ցցուած, ինք ալ գլուխը այն կողմ դարձուց ու, վերագտնելով իր ինքնավստահութիւնը, վերադարձաւ քիչ մը առաջուան կիսատ մնացած յարձակողականին, նոյն բարկաճայթ շեշտով.

— Հապա ասոնք, հապա ասոնք, ով քեզի իրաւունք տուաւ, որ զիս այսպէս ուզած տեղդ ցուցադրես, ինչ իրաւասութեամբ, ըսէ տեսնեմ, bébé rose, enfant terrible! եւ քանի հատ, մէկ Նէնէթ, երկու Նէնէթ, երեք Նէնէթ…

Պատին վրայ քով քովի շարուած էին երիտասարդ կնոջ դիմանկարները, բոլորն ալ Հայուն կողմէ լուսանկարուած, ժպիտով, անժպիտ, ամէնքն ալ լուսաճաճանչ: Փիէռ իր խորհուրդը փոխանակեց զուարթութեամբ եւ, քանի մը քայլ մօտենալով ըսաւ` ձեռքը պատին երկարած, առանց հոգ ընելու, որ բացուող ժաքէթին տակ մերկ կուրծքը կը լայննար.

— Այս Նէնէթը առի, որովհետեւ կը սիրէի. այն Նէնէթը առի, որովհետեւ կը սիրէի, այն Նէնէթը առի…

— Լռէ, ես ատւնք շատ աղէկ գիտեմ…

Ու այս խօսքը արտասանած պահուն ակամայ ձեռքի շարժումով մը սեղանին կիսաբաց դարակը ցուցուց: Փիէռ հոն նայեցաւ, ժպիտը ինկաւ, աչքերը բացուեցան: Արտայայտութիւնը այս անգամ անկեղծ էր: Նէնէթ անմիջապէս անդրադարձաւ սխալին՝ բայց ուշ. չհամարձակեցաւ բառ մը աւելցնել ու անշարժ կեցաւ: Թողուց, որ ան երթայ սենեակին միւս անկիւնը, պատուհանին առջեւ եւ սիգառէթ մը վառէ: Քիչ մը վերջ պզտիկ քայլերով մօտեցաւ իրեն, մեղմութեամբ սիգառէթը շրթներէն առաւ, նետեց ու թեւէն քաշելով` մահճակալին վրայ տարաւ.

— La! Խելօքիկ մը քովս նստէ եւ լրջօրէն խօսինք, ալ հիմա շատ լրջօրէն պիտի խօսինք… Այո, իրաւունք ունիս, ես գիտեմ, ես շատ լաւ հասկցած եմ, թէ ինծի հանդէպ ինչ զգացում կը տածես… բայց դուն չես գիտէր, որ Լեսքիւռր կայ…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը, դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր. «Մի ըսէր, կ՚աղաչեմ, ես գիտեմ արդեն»:

Անշուշտ թէ այս պահուս Պուլոեի լիճին վրայ կարապները կրկին ակօսներ կը շինեն, անշուշտ թէ տեղ մը յստակ ու վճիտ գետ մը կայ, որուն վրայէն հանդարտօրէն ու անտարբեր խցաններ կ՚իջնեն, բայց անշուշտ թէ այդ թռչունը զմայլելի անկիւնադարձներ կ՚ընէ ծառուղիներու վերջաւորութեան…

— Նոյնիսկ եթէ երբեք ես ալ համակրութիւն մը ունենամ քեզի հանդէպ, ինչպէս կ՚ուզես, որ…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը, դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր. «Մի ըսէր, կ՚աղաչեմ, ես գիտեմ արդեն»:

Փիղերէն մէկը կը նայէր մոխրամանին, լքուած սիգառէթի կապտորակ ծուխին, մինչ երկու ստուերներ պատերու տակէ գաղտագողի բան մը կը հետապնդէին… Նուագածուները եկան, երգեցին ու գացին, մինչ երկու գաղտնի ոստիկաններ պատերու տակէն արեւի ճառագայթ մը կը հետապնդէին… Դուրսը շատցող աղմուկները կ՚ըսէին, թէ առաւօտը ճաշի էր գացած, բայց անշուշտ թէ, անշուշտ թէ տեղ մը մեծ սաւաններ էին փռուած…

— Կարելի բան է որ կարենանք, միայն սէրով, դուն եւ ես…

Արագօրէն ձեռքովը ծածկեց աղջկան բերանը դիմախաղով մը, որ կը նշանակէր…

— O la barbe!, — պոռաց Նէնէթ ոտքի նետուելով, — պիտի չձգես, որ բան մը ըսեմ: Յետոյ եկաւ կրկին նստաւ տղուն քովը ու լռեց:

Մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հին, շատ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, մեղեդի մը, որ կուզէր աւելի երկրորդ յարկինը յուզել, քան չորրորդինը, որ ալ պարտասած երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հին, շատ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ.

— Tu Sais, Pierrot, դուն այսպէս պիտի մսիս…

Եւ երբոր պատասխան չստացաւ, տարաւ իր ձեռքը ժաքէթին տակ, տղուն մերկ կուրծքին վրայ: Փիէռ անմիջապէս անշարժացուց զայն իր դաստակէն ու այդպէս պահեց այնքան, որքան որ ուզեց: Յետոյ հարցուց իր կարգին. «Հապայ դուն»: Նէնէթ խուսափումի շարժում մը ըրաւ, բայց անշարժացուց տղուն ձեռքը իր դաստակէն եւ այդպէս պահեց զայն այնքան, որքան որ կրցաւ: Մանեակին հատիկները սկսան դողալ երիտասարդին յուզուած մատներուն վրայ, որոնք աջ կուրծքին սպիտակ մետաքսը կը ճզմէին: Միւս եռքովը գրկած` զայն իրեն քաշեց, սեղմուեցաւ, աւելի, աւելի, շնչառութիւնը կարճցաւ, ու շրթունքները դողացին: Նէնէթ քանի մը անգամ աջ ու ձախ դարձուց գլուխը բերանը փախցնելու համար եւ յետոյ մէկէն յանձնուեցաւ այն անվերջանալի համբոյրին: Եւ երբ զգաց, թէ տղուն կուրծքն ի վեր հեկեկանքով մըն է, որ տենչանքը կը բարձրանայ, աչքերը գոցեց ու ամբողջ ուժովը ծծեց զայն:
5
Փիէռ իր միսին վրայ զգաց կայտռումը ժպիտներու: Իրեն սեղմուող այդ փորին մէջ պզտիկ գնդակներու պէս, եռացող ջուրի մը խոշոր կայլակներուն նման խնդուքներ կը ցատկռտէին առանց դուրս ելլել ուզելու:

Աչքերը ժպիտով բացաւ: Կաս-կարմիր էր եղեր Նէնէթ, ու անոր ալ քունքերուն վրայ քրտինքի կաթիլներ կային. չէր ուզէր աչքերը բանալ եւ միայն կը ժպտէր: «Ըսէ, Նէնէթ, ինչու, ինչու…» Ան ուժով մը համբուրեց երիտասարդը առաջին հանդիպած տեղեն ու ըսաւ… «Rrrigole Brrigadier, Rrrigole Brrigadier»: Երբոր դադրեցան այդքան բարձրաձայն խնդալէ, երբոր խայտանքը մեղմացաւ, Նէնէթ աւելցուց աչքերը խոշոր խոշոր բացած, անօրինակելի չարաճճիութեամբ մը. «Եանկին վաա…»։ Շատ իրաւացի էր. սաստիկ տաքցած էին:

Ծիծեր, երկու ծիծեր ատրճանակներու պէս օդին:

— Անշուշտ, թէ դուն տակաւին պէպէք ես… չէ, մի ընէր, Փիէռօ, ես շատ շուտ կը խտղտիմ, հաւատա… հաւա… ւա… Ուրախ եմ, սակայն, որ օրագրութիւնդ կարդացի. ան ալ իր դերը ունեցաւ: Լաւ է, որ դուն ալ քիչ մը ապրեր ես: Ես ալ ապրած եմ: Բնաւ պիտի չուզէի մայրիկի մը քով մեծցած տղու մը հետ գործ ունենալ: Այսպէս աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենանք իրար հասկնալ, եւ ստեղծուած համակրութիւնը այլապէս արժէքաւոր պիտի ըլլայ:

— Այդքան ախորժեցար. այն ատեն կեցիր, որ քու վրադ ալ գրեմ նոյն այն լակոնական, այն շնական ոճով, ըսեմ օրինակի համար, թէ ինչպէս…

— Ինչ, ինչ, եթէ համարձակիս, եթէ համարձակիս, Փիէռ, կ՚երդնում, որ…

— Ինչ կ՚ընես որ, եթէ համարձակիմ:

— Ինչ կ՚ընեմ մի, ինչ կ՚ընեմ մի…— փնտրեց, փնտրեց, մէկէն ըսաւ, — Վաղն իսկ, կ՚իմանաս, վաղն առաւօտ իսկ Տինառ կը մեկնիմ՝ արձակուրդի ամիսս հոն անցընելու եւ… եւ…։ Ու մինչ Փիէռ սաստիկ կը խնդար, իր երկու ձեռքերուն մէջ սեղմեց երիտասարդին գլուխը, իրեն քաշեց ու քիթը քիթին փակցուցած աւելցուց. — Չերթաս, չերթաս, հոս ինչ գործ ունիս, ըսէ տեսնեմ, անպիտան… պարոնը չի կրնար սպասել, պարոնը վաղն իսկ պիտի մեկնի. հէ, չպատասխանես…

— Դուն չես գիտէր, որ բոլոր անոնք, որոնց ակնարկը միշտ վերն է, բոլոր անոնք, որոնք միայն երկինք գիտեն նայիլ, ինչպէս սուրբերը, ինչպէս իսկական հաւատացեալները, անոնք բնաւ չեն կրնար ճամփորդել, անոնք երբեք տեղ չեն կրնար փոխել… Եւ ես կը նայէի եւ ես հաւատացի քու աչքերուդ երկնքին…

Գլուխը ցից, ակնարկը սուր եւ յօնքերը պռստած մտիկ կ՚ընէր Նէնէթ: Հակառակ պիտի ըլլայ, քիթին ծայրը սովորականէն քիչ մը աւելի օդին էր ցցուած: Պատասխանը գտաւ սակայն.

— Հապա եթէ երբեք երկինքը ճամփորդէ:

— Ես ալ հետը կ՚ըլլամ անպայման, եթէ առաջին կարգ չառնէ:

— Ոչ, առաջին կարգով պիտի ճամփորդէ. ես այնպէս կ՚ուզեմ, առաջին կարգով:

— Բայց սպասէ, ամէն բան կարգով…

Եւ երկիր, եւ երկինք, եւ հաւատացեալ կուռք, չշեղեցան անշեղելի կարգէն:
6
— Բնաւ մտքէդ չ՚անցընես, թէ քեզ գեղեցկութեանդ համար սիրեցի: Օհ, գեղեցկութիւն… ինծի համար արժէք չունի. բնաւ, բնաւ… Եւ յետոյ այնքան ալ աստուածային գեղեցկութիւն մի չունիս…

Այո, ծոծրակիդ գիծը բաւական ներդաշնակ է, սակայն պէտք է քովնտի նայիլ… ժպիտդ գէշ չէ, պայմանաւ, որ ժպտիս: Իսկ դունչիդ տակը, ակնարկդ եւ մազերուդ փայլը, որոնց այնքան յարգ կ՚ընծայես դուն, դիմացի տունէն դիտող մը բնաւ չպիտի կարենայ գնահատել. ինչ հասկցանք… Այո, կը կրկնեմ, ես քեզի սիրեցի ոչ թէ գեղեցկութեանդ, այլ քու գէշ բնաւորութեանդ համար: Սարսափելի, աղտոտ ու զզուելի բնաւորութիւն ունիս: Յամառ ես, ինքնահաւան ես, քմայասէր ու փոփոխամիտ ես, բայց դուն իմին Նէնէթս ես:

Վառվռուն, զուարթ Նէնէթս ես, իմին տաքուկ հոգիս ես… այո, շիրին ես դուն, իքի խավուրմիշ ես, միսիր պույտայ ես… ոչ, քեզի չի վերաբերիր. միսիր պույտայ ես, միսիր պույտայ ես… չէ, չեմ թարգմաներ… չեմ կրնար թարգմանել… Օ, ինչպէս կ՚ուզես, որ հիմա քեզի բացատրեմ… այ, այ, քիթս… Էյ, բերանս ձգէ, որ խօսիմ… ահաւասիկ, կը սկսիմ կոր — Միսիր պույտայ կը կոչուի այն ուտելիքը, որ… էյ, կարելի բան չէ, որ մէջէն ելլամ… այսպէս ուրեմն, մեր տեղը, այսինքն Պոլիս, ձմեռ երկար գիշերները երբոր հաւաքուին, կրակարանին վրայ կ՚եփեն եգիպտացորենը, մանաւանդ պզտիկներուն զուարճութիւն պատճառելու համար, եւ զայն տաք տաք կ՚ուտեն: Ոչ, քու գիտցած ձեւովդ չէ. կ՚առնեն բոլորակաձեւ փայտէ աման մը, որ ճիշտ թմբուկի մը ձեւը ունի, բայց որուն երկու երեսները փոխանակ կաշիի, թել է քաշուած: Մէջը կը դնեն եգիպտացորենը եւ զայն կը բռնեն կրակին վրա… բայց ոչ, ամբողջ չեն դնէր, այլ հատիկներու կը վերածեն… զայն կը բռնեն կրակի վրայ… բայց ոչ, թելին ծակերը պզտիկ են, վար չեն իյնար… կրակին վրայ… բայց ոչ, փայտէ ածուխ է… եւ կը սկսին երերցնել… բայց ոչ, կոթ ունի, կոթէն կը բռնեն, ճիշտ այսպէս… նայէ, նայէ որ սորվիս…

Դէմ դէմի նստեր էին անկողնին վրայ: Նէնէթ կը ժպտէր, զմայլելիօրէն կը ժպտէր: Կարծես յոգնէր էր քիչ մը. իր լայն ու լեցուն կոպերը երբեմն կ՚իջնէին պարտասած, նուաղանօք, արբշիռ… Յամառ տղեկի մը պէս կը շարունակէր ակռաներուն մէջէն Փիէռը գրգռող բառ մը արձակել եւ միւս ձեռքովը տղուն ծոծրակը ճմլել, ճմլել: Երիտասարդը, լաւ բացատրելու իր մարմաջէն տարուած` երկու ձեռքերը կը շարժէր անդադար պարապին մէջ, կնոջ ծալուած ծունկերուն վրայ: Եւ Նէնէթին այդ հրաշալի մերկութունը, լեցուն ազդրերը, զիստերը, բումբերը կարծես կրակ մը կ՚ըլլային հրակէզ, որուն վրայ տղան կեփէր, կեփեր…

— …Եւ այն ատեն եգիպտացորենները կը սկսին պայթիլ, չաթ, փաթ, չաթ, փաթ…

— Ոչ, չեն պայթիր:

— Ինչպէս թէ չեն պայթիր, անշուշտ թէ կը պայթին:

— Ոչ, չեն պայթիր:

— Կը պայթին:

— Չեն պայթիր:

— Կը պայթին. բայց դուն միսիր պույտային ինչ ըլլալը ինչ գիտես. կը պայթին, կը պայթին…

— Դուն ինչ գիտես ինչ ըլլալը. անիկայ տաք տաք կ՚ուտեն… իսկ դուն ժամ մըն է պարապ խօսք կ՚ընես եւ կը ձգես, որ պաղի…

Ժպիտը անսահմանօրէն մեծցաւ Փիէռի հոգիին մէջ: Ան իր ամբողջ ուժովը պլլուեցաւ իր Նէնէթին, պլլուեցաւ իր Նէնէթին ու տապալուեցան բարձերուն մէջ.

Տաք-տաք կերան:



Ահա այսպէս կու գայ վայրկեան մը, երբ ալ կ՚ուզենք ըսել այն, որ մեր արիւնին ու ոսկորին մէջն է եւ որ չի թարգմանուիր: Որովհետեւ միայն մայրենի լեզուն է, որ բառերուն կրնայ տալ այն անկեղծ ու պարզ շեշտը, որ բնաւ մտածում չի պահանջէր: Եւ սիրտը երբոր կը խօսի, պէտք չէ մտածել: Ահա թէ ինչու Փիէռ ըսաւ մեղմաձայն, կարծես միայն ինքզինքին համար. «Ուտտեմ ես քեզի, իմին Նէնէթս, կռծեմ ես քեզի»: Նէնէթ մտիկ ըրաւ զայն ժպիտով, կրկնել տուաւ, թերեւս հասկցաւ, բայց, ինչ որ աւելին է` կարծես զգաց: Փիէռ նետուեցաւ մահճակալէն վար, կեցաւ սենեակին ճիշտ մէջտեղը, թողլով, որ արեւի լեզու մը իր ոտքերուն հետ խաղայ, եւ այդպէս ամբողջութեամբ մերկ, սրունքներն ու թեւերը բացած սկսաւ արտասանել պոռթկացող հրճուանքով, յորդող երջանկութեամբ.


«Ով աստուածն իմ հայրերուս,
Կը մօտենամ ահա բագնիդ
Եւ խամութէն քաշելով կը բերեմ էգ մ՚
Աշխարհներէն տռփանքի:
Տես, պարարտ է զոհս իմին,
Միսերուն մէջ կաթնաթոյր»
Ցեղին ամբողջ կեանքը կայ…»

Անկողնին մէջ նստած, ցուցամատը օդին, ինքզինքին վարժուհիի մը երեւոյթը տալով Նէնէթ ըսաւ.

— C՚est bien, c՚est trés bien, mais ce n՚est pas tout à fait cela, il y a une faute!

— Oh, Nenette, Nenette chérie! ըսէ, ինչէն հասկցար, ինչէն հասկցար, որ ճիշդ չէ… Բայց ես դիտմամբ ըրի, ես դիտմամբ փոխեցի…

Փիէռ մէկէն լռեց սակայն: Նէնէթը թողլով` ցցուեցաւ անկողնին եզերքը ու ականջ տուաւ: Այո, չէր սխալած. աղմուկը կը մօտենար: Ալ որոշակի լսեց Սուրէնին ձայնը, որ կ՚ըսէր. «Եւ այն ատեն Հայկական Յեղափոխութիւնը կը լողաար արիւնի ծովու մը մէջէն…»: Երբոր ոտնաձայները սանդուխը աւարտեցին, Հրաչին ձայնը ըսաւ. «Բացէք զդուռն արքայութեան». թաք, թաք, թաք: Նէնէթ ցաւցնելու աստիճան սեղմեց երիտասարդին թեւը, մինչ ան նշան կ՚ընէր, որ չաղմկէ: Արքայութեան մէջ աղմուկ: Սուրէն շարունակեց. «Եւ այն ատեն Հայկական Յեղափոխութիւնը կը զարնէր բոլոր գոg դռները»: Թաք, թաք, թաք: Այդ զարկին լռութեան երկար պահ մը յաջորդեց. յաջորդող այդ երկար պահը միշտ այսպէս ճնշիչ ու սմքեցնող կ՚ըլլայ, ամէն անգամ, որ Յեղափոխութիւն մը ան բարեհաճ բարձրագոյն դուռ մը զարնէ.

— Առիր հիմա փայդ. աս նորէն հոս չէ: Էյ, մէյ մըն ալ հոս եկողը Արապ ըլլայ…

— Խելքս չի հասնիր, ճանըմ, մէկը աղջիկ ունի` տունը չէ, միւսը տանսինկի սիրահար է, տունը չէ, ասդիինը Օփէրա-Քոմիքին բռնուած է, տունը չէ, էյ աս ինչ է…

Անկողնին վրայ իրարու սեղմուած մնացեր էին անշարժ, ականջնին ցցուած, մէյ մէկ լայն ժպիտ դէմքերնուն: Նէնէթ աւելի իրեն քաշեց տղան, բերանը ականջին մօտեցուց կարծես բան մը ըսելու համար, բայց պարզապէս խածաւ զայն իր բլթակէն:

— Էյ ինչ կ՚ընենք կոր…

— Mon vieux, ես տեղ մըն ալ չեմ երթար. արդէն ականջս կը ցաւի կոր: Քանի որ բանալին վարը չէր, ըսել է հեռու չէ գացած եւ շուտով պիտի գայ: Բաց սա պատուհանը, նայէ, Նօթրը-Տամը կ՚երեւայ, զմայլելի տեսարան, օդաւէտ դիրք, ասանկ հրաշալի կիրակիով ով սենեակը կը փակուի. պանդոկը վերէն վար պարապ է: Մէկն ալ մինչեւ հինգերորդ յարկ չի բարձրանար մեզ խանգարելու: Հոս կ՚ուտենք, լմնցաւ գնաց:

Պզտիկ աղմուկներ կ՚ըսէին, թէ թուղթեր կը բացուէին, գետին կը դրուէին ծրարներ, հաց, շիշեր եւ յետոյ երկու յետոյք:

— Մեղք, մեղք, քէյֆէրնիս հարամ եղաւ, սա նայէ, իւղերը կը վազեն կոր. էն աղէկ filet de harengը առած էի:

— Բաg սա լրագիրը. բաg կ՚ըսեմ կոր քեզի, այսօր ալ խմբագրական կարդացած մի ըլլար: Եթէ կ՚ուզես` գոց ըսեմ. կիրակի օրերը միշտ այլասերման վտանգին վրայ գրուած կ՚ըլլայ:

Սկսան ուտել: Բաւական երկար տեւեց ճաշը, որու միջոցին չդադրեցան, նոյնիսկ բերաննին լեցուն, աղջկան պատմութիւններ պատմելէ, խնդալէ, կատակելէ: Հրաչ սաստիկ կը գանգատէր Միսաքէն, զայն իր սիրային վերջին անյաջողութիւններուն պատճառը նկատելով: Այո, անկասկած, քանի որ բերնին ոսկիէ ակռան շինելու համար տգեղ հայ աղջկան մը ետ եղած նշանտուքի մատանին գործածած էր: Դաւաճանը…: Հրաչ մէկէն հարցուց.

— Ծօ, չըլլայ աս տղան ներսը աղջիկ նետած ըլլայ:

— Չէ, ճանըմ, — պատասխանեց Սուրէն, — ան այս միջոցին բնաւ այն կողմերը չէ. սաստիկ լրջացած է. Լիզը անգամ ճամփեց.

— Իրաւ. բայց ան անուշիկ բան էր. ինչու չըսիր, որ ինծի անցընէր:

Ձայնին դրոշմը փոխելով, Սուրէն շարունակեց.

— Կարծեմ Պետրոսը լրջօրէն իր փաթրոնին բռնուած է… ըրածը սխալ է սակայն. ես բնաւ համակարծիք չեմ… պէտք չէր, որ այդքան լրջութեամբ մօտենար խնդրին… ըրածը հայկական սիրաբանութիւն է. Աստուած տունէ տեղէ հեռու ընէ…

— Ինչպէս է. աղուոր կին է:

— Աղուոր է մի, աղուոր է մի…— Փիէռ այդ պահին Նէնէթի ծոծրակին պզտիկ մազերուն հետ կը խաղար. մատը անշարժացուց եւ անհամբեր սպասեց պատասխանին, որ պա յթեցաւ. — Քայյմաք, mon cher, քայմաք…

«Քայմաք»ը երբեք չհասկցաւ, թէ ինչու Փիէռ մէկէն զինքը այդքան ուժով սեղմեց, այդքան ուժով, ամբողջ ուժով:

— Պետրոս ըսածդ արդէն ասանկ է. սուսիկ փուսիկ գործը կը տեսնայ: Վայ Պետրոս, վայ, օր մը ինչ ըրաւ գիտես. էյ, նշանաւոր բան մը պատմեմ, նայէ: Կիրակի մը ութ տասը տղայ ժողովարան ենք գացեր: Այն ատեն ժողովարան երթալը Պոլիս մոդա էր: Պրոֆէսէօր Լալկանեան մը ելաւ խօսելու. — Սրբէ սա թուղթը, ես ալ չպիտի ուտեմ, — սկսաւ մեզի ուղտին առակը պատմել: «Եւ այն ատեն, — սրբէ կ՚ըսեմ կոր, ես կշտացայ, — եւ այն ատեն ուղտապան մը Նազարէթ կը մտնէր: Ուղտապանը իր ետեւէն կը քաշէր իր ուղտը…»: Կ՚ուզես մի Պետրոս մէկէն սկսի երգել, մենք ալ հետը` բարձրաձայն. «Չէք, տէվէլչի, տէվէլէրին, սուլանսըն աման…»:

Բարեբախտաբար անկողնին ճռինչը կորսուեցաւ խնդուքներու մէջ: Սաստիկ ոգեւորուած էին. Հրաչ սկսաւ երգել. «Աճապա շէն մի սին, քէտէրին վար մը…»

— Կու լայ կոր, ըսաւ Նէնէթ:

— Սուս, չի լար կոր:

«Ույուսամ, կէօքսիւնին իւսթիւնտէ պիր եէրին վար մը. նէքատար եօրկունըմ հապէրին վար մը…»

— Նէնէթ, Նէնէթ… ուր որ ալ ըլլաս, ինչպէս որ ալ ըլլաս, ով որ ալ սիրես… եթէ անունս իսկ մոռնաս…

«…Նէքադար տիւշկիւն իմ հապերին վար մը…»:

Մէկէն լսուեցաւ մօտաւոր դրան մը բացուիլն ու գոցուիլը: Երգը կտրուեցաւ անմիջապէս, եւ Հրաչ բացականչեց.

— Օ, պօնժուռ, մատըմուազել, այս որքան ատեն է զիրար չենք տեսեր, այս ինչ բարեբախտութիւն, Աստուած իմ, ես, որ այն գիշերուընէ ի վեր չեմ դադրած ձեզ փնտռելէ, ձեզ երազելէ…

— Բայց դուք զիս չէք ճանչնար, պարոն:

— Ինչպէս, ինչպէս, արդէն իսկ մոռցաք ձեր պզտիկ Ռումանացին, որուն հետ ամբողջ գիշեր մը պարեցիք Սալ Պիւլիէ եւ կամ թէ Վակռամ, լաւ չեմ յիշեր… այն որ քանի անգամներ ըսաւ ձեզի…

— Հայտէ, քեզ տեսնեմ, Հրաչ, համոզէ սա խայտառակը անտառ տանինք:

— Դուք, որ այդքան գրաւիչ գեղեցկութիւն մը ունիք, այդքան խենթացնող աչքեր ունիք, դուք, որ այդքան…

— Բայց կը չափազանցէք, պարոն…

— Ոհ, հաւատացէք, օրիորդ, որ ես միայն եւ միմիայն ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ: Մի մոռնաք սակայն, որ ճշմարտութիւնները քանի մը տեսակ են. կան բացարձակ ճշմարտութիւններ, կան յարաբերական ճշմարտութիւններ, կան տակաւին ճշմարտութիւններ…

Եւ ճշմարտութիւնները հատ-հատ իջան սանդուխներէն: Մէկ հատ մը միայն մնաց գոց դռան ետեւ: Մեծ մը:

7
Դրան զարնելու իր եղանակէն անմիջապէս ճանչցաւ զայն: Այդպիսի վայրկեաններու յատուկ արագութեամբ մը իրողութիւնը իր մտածումը պատռեց: Ապուշ էր, յիմար էր, օ, իրաւ, որ յիմար էր. ինչպէս մոռցեր էր զայն, ինչպէս կրցեր էր մոռնալ: Դեռ այս առաւօտ ստացեր էր Լիզին նամակը. գրպանն էր. տակաւին չէր համարձակած այդ անկեղծութիւնը պատռել: Հազիւ թէ քիչ մը յանդիմանութիւն կար հոն, կատակի ձեւով… ծածկուած վիշտ մը… գրեթէ աղաչանք: Նամակին վերջը կ՚ըսէր, թէ պիտի գար զինքը տեսնել շաբաթ երեկոյ, այսինքն այս գիշեր: Եւ Փիէռ մոռցեր էր տուն չգալ, մոռցեր էր կրկին վար իջնալ եւ բանալին կախել իր տեղը, որպէսզի դուրս ելած կարծէ ու մինչեւ հոս չբարձրանայ… Չէր կրնար գոնէ լոյսը մարել ու մութին մէջ երազել իր Նէնէթին, մութին մէջ վերապրիլ ցերեկուան գինովութիւնը…

Դրան վրայ հարուածները կրկնուեցան: Ընդհատուած արագ շարժումի մը մէջ պիրկ երիտասարդը իր շունչը կը բռնէր աղմկելէ վախնալով: Երկվայրկեանները այս որքան կ՚երկարէին եւ ինչու ան դեռ կը համառէր: Փիէռ չհամարձակեցաւ դրան նայիլ, իրեն այնպէս կը թուէր, թէ ան անկարող պիտի ըլլար զինքը ծածկելու եւ երբ աչքերը բարձրացնէր՝ պիտի հանդիպէր Լիզի ակնարկին: Դէմի սենեակէն Underwood-ը անօրինակ արագութեամբ մը կը բանաստեղծէր։ Լիզի ակնարկին:

Երկար պահ մը վերջ հարուած մը եւս ինկաւ դրան, այս անգամ միայն մէկ հատ մը, խիստ թեթեւ, հազիւ թէ լսելի: Շշուկ. թուղթի ձայն. բան մը կը գրէր. թուղթ մը ճմռթկուեցաւ. թուղթ մը եւս ճմռթկուեցաւ. վերջապէս Փիէռ լսեց, որ բանալիին ծակին մէջ բան մը կը մտնէր: Ու յանկարծ Լիզի մէկ ձայնը` զոր երբեք չէր լսած.

— Մի բանար, խնդիր չէ… բայց երբոր մեկնիլս լսես, ելիր եւ ձգած թուղթս առ… աղէկ կարդայ զայն:

Ու դանդաղօրէն ոտնաձայները մտան բանաստեղծութեան մէջ:

Underwood and Underwood.



Նայեցաւ, կրկին նայեցաւ, մատներուն մէջ քանի մը անգամ դարձուց այդ պզտիկ թուղթը. բան չկար. բառ մը իսկ չէր գրուած, ոչ այս կողմը, ոչ այն կողմը: Երբոր գլուխը բարձրացուց, ակնարկը հանդիպեցաւ յանկարծ նրբանցքին միւս անկիւնը նետուած երկու սպիտակութիւններու… Հաւաքեց զանոնք. ճմռթկուած թուղթերն էին: Մէկուն վրայ գրուած էր. «Լուսանկարիչի խանութ չունիմ ես». իսկ միւսին՝ «Ինչ որ ըրիր դուն ինծի, նոյնը պիտի ընէ քեզ, ան»: Երկուքն ալ նետեց Փիէռ: Ձեռքին մէջ մնաց միայն այն վերջինը, որուն վրայ բան չկար, որուն վրայ բառ մը իսկ չէր գրուած, ոչ այս կողմը, ոչ այն կողմը:

Ինչ վայրենի մարդիկ կան, վարի յարկի տղան ամէն գիշեր այսպէս բրտօրէն կը գոցէ իր դուռը:
8
Բալի գոյն թալպօ մը, վեց ձի, conduite intérieure: Ուղղիչ անիւին առջեւ ցից ու անշարժ, Նէնէթ արմուկը կռթնցուցէր էր դռնակին բաց պատուհանին վրայ եւ միւս ձեռքովը վայրկեանը անգամ մը ճչարձակը կը սեղմէր` Փիէռը վար կանչելու համար:

Փիէռ փողոց հասած էր արդէն, բայց պանդոկի մուտքի դրան մէջ կեցած` իր լայն ժպիտովն ու երջանկութեամբ լեցուն աչքերովը կը լափէր ու արագօրէն եւ անդադար կը համբուրէր իր Նէնէթը, անոր երեւցած բոլոր մասերէն: Կիրակի առտուան արէին մէջ որքան աղուորցեր էր ան. բոլորովին նոր հագուստ մըն էր հագածը, նորէն բաց գոյն, լազուարթ ու կարմիր խաղերով, թեւերը գոց, «քառէ»ն համարձակ ու նորէն գլխարկ մը։ Ճչարձակը կը շարունակէր «Փիէռ» պոռալ, մինչ Նէնէթ կը դիտէր լայնածաւալ կին մը, որ կզակը վեցերորդ յարկերուն` կը կրկներ. «Ֆէէէրայլ ա վանտր… շիիիֆօն… շիֆօն…»:

— Ինչպէս, եկեր ես ու ձայն անգամ չես հանէր, զիս դիտմամբ ժամերով կը սպասեցնես… շուտ, քովս անցիր տեսնեմ: Ոչ, ոչ… կ՚արգիլեմ քեզ իբրեւ պատիժ… մէկ հատ մը միայն… ատկէ չէ, ասկե… Dis-donc, այսօր աղուորցեր ես. միշտ չէ. այսօր բացառաբար… քեզի չի վերաբերիր. ես աւելի համբուրելու իրաւունք ունիմ. ես քեզմէ մեծ եմ. ինծի յարգանք կը պարտիս… ձեռքդ քաշէ, շուտ… գիշերը լաւ անցուցիր, խելօք կեցար… թաթերը վար… զիս երազեgիր… ոչ, ես երբեք չեմ երազեր, կ՚ապրիմ: Ալ հետս մի խօսիր եւ անմիջապէս ճամփայ ելլենք: Միայն նայէ, որ Նէնէթդ կառք մը վարել գիտէ թէ ոչ: Քայլ առաջ, օն:

Նախ գլխարկը հանեց ու արձակեց ետեւի նստարանին վրայ, արդէն մինչեւ հիմա գլխուն վրայ պահելուն նպատակը զայն Փիէռին ցուցնել էր, յետոյ թեթեւ վզնոց մը նետեց վիզին, ձեռնոցները անցուց ու սլացաւ առաջ:

Այնքան արտասովոր արագութեամբ մը անկիւնը դարձաւ, որ Տիտըռօն իր փետուրէ գրիչը վար առաւ Համայնագիտարանէն եւ երկարօրէն նայեցաւ ետեւնուն, բառը կորսնցուցած: Արեւը ողողէր էր ամբողջ Ռիւ տը Ռէնը. հանրակառքի գիծերը կը փայլէին. հեռուն, Մոնփառնասի կայարանին եռանկիւնը լոյսին մէջ կը հալէր: Արագութիւնը չնուազեցնելու համար Նէնէթ ստիպուեցաւ օձապտոյտ գիծով մը յառաջանալ եւ անդադար աղմկել: Անցաւ միւս կառքերը, շրջանը ըրաւ 29 թիւ հանրակառքին ու ինկաւ Vին առջեւ: Յուզում: Այդ հսկայ կրիայն ականջ պատռող աղմուկով մը անշարժացաւ, մինչ վարիչը թեւերը բացած կը հայհոյէր: Փախուստ:

— Dis donc, mon vieux, դուն դեռ աջէն քալել չսորուեցար, կ՚ուզես, որ ամէն օր քեզ engueuler ընեմ:

Յանդիմանութիւնը ստացողը հաստափոր մսագործ մըն էր` իր արիւնոտած կառքին վրայ, բանան մը ուտելու զբաղած: Արմուկը ցցեց վզնոցին ուղղութեամբ եւ բառերը կերաւ` բանանի համով: Փաստէօռի արձանին մօտ Նէնէթ մեքենան կեցուց` ծառերուն տակ ամայի անկիւն մը.

— Հասկցայ, դուն այս առաւօտ զիս հանգիստ չպիտի ձգես, կատղէր ես, ուրիշ բան չէ… ինչ սոված տղայ է, Աստուած իմ… վստահ եմ, որ այս առաւօտ նախաճաշ չըրիր…

Ու, ետեւէն ծրար մը առնելով, քակեց կապոյտ ժապաւէնը եւ կարկանդակներ դուրս հանեց: Փիէռ մերժեց. Նէնէթ պնդեց. Փիէռ կրկին մերժեց. Նէնէթ սպառնաց Փաստէօռը կանչել, անօգուտ, անօգուտ: Այն ատեն երիտասարդ կինը երկար կարկանդակ մը առաւ, խածաւ մէկ ծայրէն ու գլուխը երկարեց տղուն: Ան անմիջապէս իր երկու ձեռքերուն մէջ գրկեց այդ ոսկի գլուխը եւ սկսաւ ուտել անյագօրէն, անյագօրէն… երբոր հասաւ շրթներուն, աւելի յամառեցաւ. անոնք աւելի անուշցեր էին: Նէնէթ լեզուին ծայրովը դուրս ըրաւ բերանը մնացած մասը եւ այն ատեն է, որ Փիէռ զգաց, թէ իրապէս անօթի էր. ահա թէ ինչու աւելին ուզեց, աւելին… Եւ Նէնէթ տուաւ ինչ որ բերնին մէջ կար, իր լեզուն: Ան քաղցրացեր էր անուշին հպումով: Երբեք, երբեք այսպիսի նախաճաշ մը չէր ըրած. հաւատա Նէնէթ, հաւատա Փաստէօռ, պաշտելի Փաստէօռ:

Երբոր Բոռդ դը Վէրսայլը հասան, թեւերը բացած իր ամբողջ ուժովը ճչաց Նէնէթ. — Cordon, s՚il vous plaît։ Կանաչ համազգեստով պաշտօնեան մօտեցաւ վերջապէս իրենց, տուաւ ելքի թուղթը եւ թալպօն նետուեցաւ լայն ճամփուն մէջ: Մէկիկ մէկիկ ետեւ թողուցին արուարձանները, որոնք հեռանալով գացին կրկին տեղ գրաւել քարտէսին վրայ: Փարիզի յետին ցոլքերն ալ հալեցան վերջապէս, ու երեւցաւ անվերջանայ լի ուղին, այն որ կը կոչուի «Ազգային Ուղի»:

Երկար ատեն չխօսեցան. երկար ատեն բառ մը չփոխանակեցին իրարու մէջ: Այս անվերջ գնացքը հոգեկան նոր վիճակի մը մէջ նետեց Փիէռը: Շատ երջանիկ էր, շատ էր այս երջանկութիւնը: Անոր մէջ սուզուած, անով թաթախուած, իրեն այնպէս կը թուէր, թէ կը թուլնար ինք, կը կակուղնար, սաստիկ կը տկարանար: Տղայ էր դարձեր, պզտիկ բանէ մը պիտի պարտուէր, ոչինչ բանով մը պիտի յուզուէր: Հապա եթէ կորսնցնէր Նէնէթը: Վախցաւ: Անմիջապէս պլլուեցաւ անոր, վար քաշեց վերարկուին մուշտակը եւ գլուխը թաղեց անոր ծոծրակին մէջ: Եւ այնքան մօտէն դիտեց այդ միսը, իրեն միսը: Կը խորհէր ան, չէ, կը տեսնէր, կը զգար, անշուշտ թէ կը զգար: Երկարօրէն հոտոտեց ու շնչեց զայն, սկսաւ արթննալ. աւելի սեղմուեցաւ: Նէնէթ պզտիկ շարժումներ կ՚ընէր. անհանգիստ էր: Երբեմն գլուխը ծռելով կը սեղմէր երիտասարդին դէմքին վրայ, յետոյ անմիջապէս կը ցցուէր` մօտեցող ծառերէն վախցած: Կառքին գնացքը արագացուց հետզհետէ աւելի ու աւելի, եւ անհատնում ճամփան զարհուրելի արագութեամբ մը լափելով գնաց պլորուիլ կառքին ետեւ: Խելայեղ փախուստ մը կազմակերպեցին եզերքի ծառերը եւ իրենց հետ տարին արածող կենդանիներ, դաշտեր, խաղալիք-տնակներ: Ատենը անգամ մը կոճղերուն մէջտեղէն շոգեկառքի մը գոլորշին կը փախչէր կամ թռչունի մը աղեղը ճիւղեր կը միացնէր իրարու: Երկուքն ալ գինովցան: Նէնէթ պատուհանը բացաւ ու աչքերը պզտիկցուց: Հովը սկսաւ խաղալ անոր մազերուն ոսկի վէտվէտումին հետ, եւ վզնոցը` ծածանիլ: Ան այդպէս օդին՝ գեղեցիկ ստորագրութեան մը տակ նետուած գիծին կը նմանէր: Փիէռ քանի մը անգամներ ըսաւ, յետոյ խնդրեց, աղաչեց, որ մեղմացնէ արագութիւնը, թէ ըրածը պարզապէս խենթութիւն է, արկած մը պիտի պատահի: Նէնէթ պատասխանեց. «Այն ատեն քաշէ ձեռքերդ…»: Եւ երբոր հպատակեցաւ, գլուխը դարձուց, ու սարսափելի ակնարկ մը գամեց անոր աչքերուն:

Այդ ակնարկին իմաստը անմիջապէս չհասկցաւ տղան: Նէնէթին ջղայնոտած մատներուն մէջ ուղղիչ անիւը կիսաշրջանակ մը ըրաւ, եւ կառքը, երկու ծառերու մէջտեղէն անցնելով, գնաց նետուիլ դաշտի մը մէջ: Հոն երկար մնաց:

Արածող կովերէն մէկը մօտեցաւ կառքին, գլուխը վեր առաւ եւ իր թաց ու խոշոր աչքերով նայեցաւ: Ետեւի պզտիկ պատուհանին մէջ կախուած չինական պուպրիկը անդադար կը դողար: Կարծես կը դողար ի տես կովին: Կովը հեռացաւ անտարբեր:

Տեղատարափը դադրեցաւ: Պատռուածք մը հորիզոնին` ու մեռնող օրուան վերջին ժպիտը ատենուան մը համար կանխահաս մթութիւնը վանեց: Հորիզոնին վրայ երկնցած այդ երեկոն քնանալէ առաջ ինչ աղուոր աչք մը ըրաւ:

Օդին մէջ դեռ անձրեւի պզտիկ կաթիլներ կը դառնային, եւ աղմուկին յաջորդող սա պարապին մէջ որոշ կերպով կը լսուէր նուագը հոսող ջուրերուն:

Հովը սուլելով կոչնակը պարի կը հրաւիրէր:

Մօտաւոր երդիքէ մը աղաւնիներու սիրոյ վանկերը լսուեցան, երբոր պարը կը սկսէր:

Ճիշտ զանգակատան քովէն կը քակուէին քանի մը կարմիր ժապաւէններ, բարտիները անցնելով երթալ լազուարթի փոխելու համար: Պատռուածքը կամաց-կամաց կը կարուէր:

Դեռ լեցուն երկնքին տակ երեկոյի այս լոյսը անբացատրելի խորհուրդ մը կը ստանար, կապարագոյն, թերեւս կարմրորակ, հաւանաբար nչ մէկը, ոչ միւսը, բայց յուզող, համակող, լոյս մը, որ այնքան դիւրութեամբ կը թափանցէր իրերու եւ հոգիներու խորքին, խորհուրդին, որ, մէկէն, անծանօթ դռներ կը բանար լոյսերու վրայ, լոյս մը, որ բառերը կը կեցնէր ի սէր մութին: Ինչ աղուոր աչք մը ըրաւ:

Նախ առաստաղին հաստ գերանները լուսաւորուեցան, յետոյ` քանի մը դեղնած լուսանկար բուխերիկին վրայ. երկար սուր մը պատին` երկու փրկիչներու մէջտեղ, Յիսուս ու մարաջախտ: Լայն թիկնաթոռի մը մէջ ընկղմեր էին երկուքն ալ. իրարու փարած, գլուխնին մէկզմէկու վզին մէջ, երկար ատենէ ի վեր լուռ ու անշարժ:

Հովը սուլելով կոչնակը պարէն կը բերէր: Աւելի սաստկացաւ ու ճռինչով ու աղմուկով պատուհանին փեղկը գոցեց, յետոյ բացաւ: Անոնք բնաւ չշարժեցան, ձգեցին, որ հովը ուզածն ընէ: Տղուն ուսին վրայ Նէնէթին մատանին կը վառէր ու կը մարէր, նորէն կը նայէր, աչքը կրկին գոցելու համար: — Տինկ, տանկ, դուն, ես, դուն, ես, դուն, ես, դուն, ես:

Անծանօթ ձեռք մը անդադար փեղկը դարձուց մեծ գրքի մը էջին պէս, բացաւ, գոցեց, անոր երկու երեսին վրայ ալ կարդալու համար: Եւ երբոր հասկցաւ, մէկէն տերեւ մը բերաւ փակցուց պատուհանին թաց ապակիին վրայ, դրոշմաթուղթի մը պէս: — Դուն, ես, դուն, ես, դուն, ես:



ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

1
Լոյսը ետեւէն, շատ բարձրէն կու գար: Լոյսը կու գար վարդաձեւ պատուհանէ մը, ուր գունաւոր ապակիի կտորուանքներ էին նետած: Այո, լոյսը անպայման տեղէ մը կու գար: Բարձր, շատ բարձր սիւներուն ու գոթական աճին մէջ խորհուրդ կար: Պարապութիւններուն մէջ ալ խորհուրդ կար: Անհամար, խուռներամ բազմութիւն. մարդ չէր երեւէր, բայց անկասկած հոծ բազմութիւն կար: Խորան, խաչ ու մոմեր. մոմերուն վրայ աւելորդ բոցեր. քանդակուած կաղնեփայտէ երկար գահաւորակ մը, կաղնեգոյն, որուն վրայ քով քովի կրօնաւորներ էին շարուած նման զգեստաւորումով եւ շիկակարմիր գդակներով: Կզակները լաւ մը ածիլուած՝ բոլորն ալ իրեն կը նայէին. աչքերնին չէր երեւեր, բայց ինչպէս իրեն կը նայէին: Շփոթած էր ինք. կարմիր փէշ մը ու սպիտակ ժանեկաւոր շապիկ մը կը կրէր, լայն թեզանիքներով: Ոտքերուն շատ մեծ հողաթափներ կային: Մարիամի արձանին առջեւ կը բուրվառէր: Մարիամը թեւերուն մէջ էր բռնած Մանուկը, առ ի քաղաքավարութիւն: Ինչ պէտք եկեղեցիին մէջ խանձարուր դնել. արդէն եկեղեցին մեծ օրօրոց մըն է, կ՚ըսեն, առ ի քաղաքավարութիւն: Եւ ահա ճանճ մը եկաւ փակչիլ Մարիամի քիթին. մեծ, դեղին, զզուելի ճանճ մը, երկար մազոտ ոտքերով ու երակաւոր թեւերով գարշատեսիլ բան մը: Իշու ճանճ, ձիու ճանճ: Ամէն մարդ իրեն կը նայէր, բոլոր ներկայութիւնները զինքը կ՚ամբաստանէին եւ ինք անկարող էր շարժելու, բան մը ընելու, ճանճը վանելու: Ըսի, թէ ոտքերուն մեծ հողաթափներ կային: Որքան յանդիմանութիւն՝ իր էն մօտը գտնուող սա կրօնաւորին ակնարկին մէջ: Այդ գլուխը հետզհետէ աւելի կը նմանէր Սելէսթէնին, Սելէսթէնը` ճաշարանը իրենց սպասարկող ծառան: Շփոթութիւնը մեծցաւ, եղաւ յուզում ու յետոյ տագնապ, բարկութիւն: Ամբողջ ուժովը կը բուրվառէր, կ՚ուզեր պոռալ, կ՚ուզեր փչել, առջեւ նետուիլ: Դեղին ճանճը անշարժ էր հոն, քիթին վրայ: Քիթը չէր երեւէր, բայց անշուշտ, թէ քիթին վրայ…

Արթնցաւ: Ցցուեցաւ անկողնին մէջ, աչքերը շփեց, քերեց ծոծրակը եւ ըսաւ. «Խենթիս երազը»: Տժգոյն առաւօտ մըն էր. հարբուխ եղած առաւօտ մը, քովի սենեակները դեռ կը քնանային: Ձայն չկար, աղմուկ չկար, կեանք չկար այդ մելամաղձոտ անկիւնին մէջ: Լսելի կ՚ըլլար միայն սպասուհիին աւելին աղմուկը, որ սանդուխները կ՚իջնէր՝ քունը աչքերուն: Անկողնին եզերքը նստած, մէկ սրունքը տաբատին մէջ` Փիէռ աւելցուց. «Խենթիս երազը»: Յետոյ սակայն հետզհետէ կորսուող աւելին աղմուկը կարծես քշեց ու տարաւ թմրութիւնը մտքի: Այո, երիտասարդի մը տեսած երազին խենթը չ՚ըլլար, երբոր այդ երազին մէջ կին մը կայ: Թերեւս ադոր մօտիկ բան մը կ՚ըլլար, բայց ոչ ճիշտ այդ: Դուռ մը բացուեցաւ: Սուրբ կոյս Մարիամ, սուրբ կոյս Մարիամ. Նէնէթէն զատ որ կինը կրնար նշանակել։ Անշուշտ Նէնէթն էր: Իսկ մանուկ մը միշտ բեռ, մտատանջութիւն ըսել է. անշուշտ, թէ Նէնէթ մտատանջութիւն մը ունէր. մեծ բեռ մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Փիէռին իրեն պատճառած հոգը: Եւ ճանճը, անոր մազերուն գոյնը ունեցող այդ դեղին ճանճը, Նէնէթին հոգին էր: Այն խարդախ, աղտոտ, զզուելի հոգին, որուն դիմաց ի զուր իր սէրն էր բուրվառեր, ի զուր իր գորովն ու տենչանքն էր ծխեր:

Ուզեր էր շարժէլ զայն, նետուիլ անոր, նոյնիսկ բռնութեամբ ցնցել այդ սիրտը, որ հետզհետէ աւելի կը դեղնէր հոն, քիթին վրայ, հպարտութեան վրայ: Հապա Սելէսթէնը, ճաշարանը իրեն սպասարկող ծառան. Լեսքիւռն էր: Ոչ, ոչ, Սելէսթէնը բան մը չի նշանակէր. ճաշարանի ծառայ մը բան մըն ալ ըսել չէ: Եզրակացութիւն: Յանկարծական որոշում մը` եւ սեղանը իր բեռներէն թեթեւցուց, անցաւ անոր առջեւ ու անշարժ մնաց գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ, տխուր, գրեթէ անյոյս: Այս առաւօտ ամէն աշխատութիւն անկարելի պիտի ըլլար: Առաջին անգամն է, որ Փիէռ ինքզինքը այսքան ընկճուած զգաց եւ հասկցաւ, թէ տարբեր, բացառիկ ճիգ մը պէտք է ընէ պաղարիւնութիւնն ու իր անձին տիրականութիւնը պահել կարենալու համար: Վանեց նախորդ օրերուն ու երէկ գիշերուան յիշատակը եւ մտածումը տարաւ աւելի ետեւ, գարնան առաջին արեւներուն, կորսուած առաջին արեւին:

Ինչպիսի արեւ մը կը ծագէր ամէն անգամ, որ ներս մտնելուն քաշէր գլխարկը գլխէն, եւ իր ոսկի մազերը լայննային, բացուէին, ու գլխի ցնցումով բազմապատկուէին ճառագայթները ժպիտի: Ինչպիսի արեւ մը կը բացուէր իր սրտին, երբոր անոր վերարկուն կը բանար, թեւերը կ՚անցնէր անութներէն եւ բազուկներուն ամբողջ ուժին մէջ կը սեղմէր զայն ուժով, ուժով, մինչեւ որ ան ճչար, մինչեւ որ ինք ճչար. Նենեթ, շեռի! Յետոյ… Օ, միշտ այսպէս էր, միշտ կը կռուէին: Նէնէթ խիստ հակառակասէր էր, ամէն բանի կ՚ուզեր ընդդիմանալ, քիթը ցցել օդին, յօնքերը պռստել. «Այո, ոչ, անշուշտ, երբեք». մինչեւ որ երկուքէն մէկը նեղսրտութիւն կեղծէր: Երիտասարդը միշտ կը խնդար անոր բարկանալու կերպին վրայ, գիտնալով, որ սիրոյ բարկութիւն մըն է պարզապէս: Նէնէթ բնաւ չէր ուզէր, որ իր բարկացած ատենը ան խնդայ. կը պնդէր, թէ ինք միայն լրջօրէն բարկանալ գիտէ, եւ կ՚երթար գլուխը մխրճել բարձերուն մէջ, երբոր Փիէռի գիծերը կախուէին: Յետոյ մէկէն կը ցցուէր Նէնէթ, բերանը կը տեղաւորէր անոր բերնին շուրջ, աչքերը կը քթթէր ու կը խածնէր. — Հասկցար. հիմա կը սորվիս, թէ ինչ ըսել է ամէն բանի հակառակը պնդել: Յետոյ կը ձգէր, որ Փիէռ ուզածը ընէ, ուզածին պէս իր հետը խաղայ: Կը յանձնուէր, կը թուլնար, մէկէն սաստիկ ուժովնալու համար. — հասկցար. հիմա կը սորվիս, թէ ինչ ըսել է ամէն բանի հակառակը պնդել: Եւ այսպէս անցան օրեր, շաբաթներ, ամիս: Փարիզի առաջին գեղեցիկ գարունն էր. սենեակը լեցուեցաւ խայտանքով, սէրով, վայելքով ու երջանկութեամբ: — Հապա, օր մը Նէնէթը կլթիկ ունէր: Ըսաւ, թէ ամբողջ օրը նեղուեր է. Փիէռ ուժով մը համբուրեց զայն. Փիէռ այնքան ուժով ծծեց անոր բերանը, որ կլթիկը իրեն անցաւ. հապա, իրեն անցաւ: Իր սովորական ժամուն մուրացիկը կու գար քովի բակը, եւ ջութակը կրկին կը մագլցէր ջուրի խողովակներէն, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, ու կը լսէին այդ հին, շատ հին մեղեդին բոլորին ծանօթ… Օ, միշտ այսպէս էր. ամէն անգամուն Փիէռ կ՚որոշէր, ամբողջ կամքովը կը մտադրէր դիտել զայն հանուած պահուն, բաց աչքերով նայիլ անոր, երբոր հագուստը վրայէն նետել պատրաստուի, վայելել այդ լաւագոյն պահը, գիտնալ թէ ինչ արտայայտութիւն պիտի առնէ, ինչ դիրք պիտի բռնէ: Եւ ամէն անգամուն չէր ըլլար. ամէն անգամուն զայն կը գտնէր անկողնին մէջ, արդէն իսկ հանուած. չէր ըլլար… Հապա, առաջին օրը, ցերեկուան գինովութեան յաջորդող գիշերը, երբոր Փիէռ ալ վերջապէս անկողին մտաւ, բարձր տակաւին Նէնէթ կը բուրէր: Ուժով մը գրկեց զայն, քիթը մխրճեց անոր մէջ եւ այդպէս քնացաւ: Հապա, չքնացաւ: — Յետոյ, ամառուան առաջին օրերուն, տասնըհինգ օրուան համար գիւղ մը քաշուեցան: Հեռաւոր հովիտի մը անտառներուն մէջ կորսուած անկիւն մը: Կեանքին մէջ առաջին անգամն էր, որ Փիէռ գիւղ եւ քաղաքապետի հրովարտակ կը տեսնէր: Խիստ բարձր անկողին մը ունէին եւ վերի յարդանոցին մէջ մուկեր ամբողջ գիշերը հալածեցին զիրար: Նէնէթ վախցաւ ու կծկտեցաւ երիտասարդին կուրծքին մէջ: Այդպէս քնացաւ ու առաւօտուն Փիէռ զայն նոյն դիրքով գտաւ, գիւղական աներեւակայելի լռութեամբ խուլցած: Ոչխարներ անցան. «Կաթ կ՚ուզեմ, ես ալ կաթ կուզեմ», ըսաւ Փիէռ տղու մը պէս զայն սեղմելով, «Ագահ, ագահ» ու Նէնէթ անկողնին մէջ շտկուեցաւ, մինչ ան, երջանիկ՝ գլուխը կը թաղէր աճապարանօք: — Երկանիւները կը ձգէին հոդ, արահետին եզերքը, ու զառիվերը կը բարձրանային ծառերուն մէջէն, մարգարտածաղիկներ ճզմելով: Բացաստանէն — գիւղին հովիւը ամէն անգամ Ռոբէսփիէռի վրայ կը խօսէր ակնարկը շունին — բացաստանէն օդանաւ մը կը փախչէր երկու ամպերու հետ, մինչ սկիւռները գեղագրութիւն կ՚ընէին: Ձեռք ձեռքի կը բարձրանային մինչեւ վեր սարահարթին վրայ, իրենց սիրական անկիւնը: Հոն, խոտերուն մէջ կը շրջէր զայն ու կը համբուրէր. մինչ վարը գեղագրութիւն կ՚ընէին:

Փիէռ ոտքի ցցուեցաւ յանկարծ` աչքերը խոշոր մը բացած, ցաւագին արտայայտութեամբ մը: Քովի բակին ջութակը սկսած էր: Աթոռը մէկդի նետեց, քանի մը շրջան ըրաւ սենեակին մէջ, ուզեց մեկնիլ նուագը չլսելու համար, բայց անկարող՝ մօտեցաւ պատուհանին ու վարագոյրը քաշեց:

Տասնըհինգ օրը աւարտելուն` բաժնուեցան իրարմէ: Ինք վերադարձաւ Փարիզ, իսկ ան Լեսքիւռին հետ գնաց ծովափ` ամառուան երկու ամիսները անցընելու: Առանձին մնալուն պէս Փիէռ խորհեցաւ: Նախ գործի: Լուսանկարչական կարեւոր տունէ մը սկսաւ ապակի առնել ու սենեակը ռըթուշ ընել զանոնք, սպասելով բարեկամուհիին դարձին, երբ վերջնականապէս պիտի որոշուէր ընելիքը: Անշուշտ Լեսքիւռը պիտի թողուր Նէնէթ, եւ միասին պիտի ապրէին հոս կամ ուրիշ քաղաք մը, իրենց սեփական աշխատանոցը հաստատելով: Անշուշտ։ Փիէռ կը ցաւէր Ժաննէն վերջնական խօսք մը առած չըլլալուն, բնաւ լրջօրէն չէին խօսած ապագային վրայ, ու բան մը չէր որոշուած: Եւ արդէն կարելի էր միթէ սա առաջին շրջանին: Երկու ամիսները սաստիկ երկարեցան: Երբոր սեպտեմբերը վերջապէս հասաւ, խիստ բարկացած էր Պետրոս. երկու բացիկ միայն ստացեր էր իրմէ, ամբողջ ամառուան ընթացքին (եւ մէկը միայն գունաւոր: Միւսին վրայ կով մը կար. իրաւ, ուրիշ բաներ ալ կային, բայց մանաւանդ կով մը կար):

Ու Ժաննի Փարիզ դարձը շաբաթ մը վերջ միայն լսեց: Համբուրուեցան: Մորթը արեւէն այրեր էր: Շատ մը պատկերներ ցուցուց. պնդավարտիքով` ջուրերու եւ անծանօթ երիտասարդներու մէջ, ժպտուն ու երջանիկ` կովերու եւ պարող զոյգերու մէջ: Խօսեցան: Յոգնած էր: Բաժնուեցան:

Պետրոս արագ-արագ կը դառնար սենեակին մէջ, ինչպէս դէպքերը իր մտածումին մէջ: Ասկէ անդին այլեւս զանոնք կանոնաւոր շարքով մը չէր կրնար վերյիշել: Իրողութիւնը շուտով ըմբռնելու համար բաւականաչափ կը ճանչնար Փարիզի դիմագիծը եւ առաջին օրերէն իսկ հասկցած էր, թէ Ժանն չէր ուզէր իրեն հետ նախկին կեանքը վերսկսիլ, որովհետեւ վերսկսած էր իր կեանքին, զոր պահ մը վրայէն նետեր էր Փիէռին առջեւ: Հայը այնքան չբարկացաւ, այնքան չկատղեցաւ իր նախատեսած բաժանումի հեռապատկերին դիմաց որ օրըստօրէ իրողութիւն մը կը դառնար, որքան երբոր ճանչցաւ Ժաննին վարած կեանքը: Այդ կինը աշխատութիւնը նախընտրող ֆրանսուհիներու դասակարգին չէր պատկաներ: Եւ եթէ երբեք բաւական երկար ատեն, գրեթէ կանոնաւորաբար եկած էր խանութ, պատճառը երիտասարդին ներկայութիւնը կրնար ըլլալ միայն, քանի որ հիմա ալ նոյնը չէր: Աշխատանոցը ձգուած էր երրորդի մը, ուրկէ շաբաթը անգամ մը երթալ հաշիւը առնելով կը գոհանար Ժանն: Իսկ վարած կեանքը: Պետրոս նախ չհաւատաց. կարծեց, թէ պարզապէս զինքը հեռացնելու, զինքը գանեցնելու համար կ՚ընէ այդ բոլորը, գիտէ, թէ իրապէս սիրելուն չպիտի ուզէ շուտով հեռանալ, եւ այդ միջոցին դիմած է Ժանն, բայց վերջը տեսաւ որ… ոչ, բան մըն ալ չկրցաւ տեսնել եւ նախամեծար համարեց չկորսուիլ խրթնութիւններու, մանուածապատ ենթադրութիւններու մէջ ու իրողութիւնը առնել այնպէս, ինչպէս որ կը ներկայանայ: Խիստ հազուադէպօրէն միայն կարելի էր Ժաննը տունը գտնել. գրեթէ միշտ կ՚երթար գիշերել Լեսքիւռին յարկաբաժինը, ուր, կ՚ըսէր, իր մասնաւոր սենեակը ունի: Ինչպէս կ՚անցընէր կէսօրէ վերջերը. որոնք էին այդ բարեկամուհիներն ու բարեկամները, որոնք այդքան շատ զինքը կը զբաղեցնէին. նոր սէր մըն էր սկսած ուրիշի հետ: Ինչ օգուտ կար ասոնց ու ասոնց նման շատ մը հարցումներուն ճիշտ պատասխանը ունենալուն մէջ: Պետրոս գիտէր, թէ ան թեթեւ ու շուայտ կեանք մը կ՚ապրի, ամէն օր ժամանցի եւ զուարճութիւններու ետեւէ է, կ՚երթայ, կու գայ, շարժանկարի մը, գուշակ կնոջ, նոր վաճառատան մը բացումին, կարուհիի այն անվերջանալի փորձերուն, մազայարդարին եւ ամէն երեկոյ թալբօն կը քշէ անտառ, խումբ մը ծանօթներու հետ ժամը հինգի թէյը առնելու ու պարելու: Գիշերները Լեսքիւռին կ՚ընկերանար անխուսափելիօրէն եւ միասին կ՚երթային Փարիզի անհամար cabaretներէն ու boîte de nuitներէն մէկը, ուր արարածներ կը խմեն, կ՚երգեն, կը պարէն ու կը շնանան:

Եւ ըսել, թէ ինք այնքան բարձր դասեր էր իր Նէնէթը… Անոր մասին որքան հիմնովին տարբեր մտապատկեր մըն էր կազմած: Հակառակ երիտասարդ կնոջ գեղեցկութեան, բարեկեցիկ դիրքին եւ ազատութեան, չէր կրցեր ուրիշներու կարգին դասել ան ալ, շփոթել հեշտասէրներու մէկ տեսակին հետ. դէպք մը չէր եկեր տարակուսանք ու կասկած տալ անակնկալներու վարժուած իր մտածումին ու ինք գերուեր, տարուեր էր անոր անկեղծութեան եւ նուիրումի զգացումներէն: Հասարակ խաբկանքը անփորձառու մէկու մը: Եթէ այո, արդարանալի էր մասամբ. քանի որ Պետրոս բնաւ առիթը չունեցաւ իր սիրուհին մտերիմ կեանքի մէջ, իր միջավայրին մէջ տեսնելու, ոչինչ գիտցաւ անոր անցեալէն, ծնունդէն, անցուցած գիշերներէն եւ բնական բերումով մը իր սիրածը եղաւ խանութին Նէնէթը. Նէնէթը այնքան (գեղեցիկ) շէնշող, պարզ, անկեղծ (գեղեցիկ) եւ այնքան բարեացակամ ու գորովոտ իրեն հանդէպ, այնքան… (գեղեցիկ): Եւ սակայն ոչ, կարծուածին չափ ալ չէր սխալած. իրաւ է, թէ իր Հայու ըմբռնումով քիչ մը շատ պարզացուց զայն, սիրով կուրցած` ուզեց այդ էակը այդպէս տեսնել, ինքզինքը խաբեց նոյնիսկ ու կամովին մոռցաւ ֆրանսուհիներու հանդէպ կազմած իր գաղափարը, բայց եւ այնպէս ամէն ինչ խաբկանք չէր բնաւ: Ոչ, Troisiéme Empireը միայն իր հաճոյքին համար չէ, որ այդ կեանքը կը վարէր ու Ժաննը կը քաշէր իր ետեւէն: Պետրոս ալ աւելի քան երբեք կը հաւատար, թէ այս թիփը գաղտնիք մը ունի: Ինչ գաղտնիք: Նախ որ իր հրատարակած «Փարիզեան» թերթին համար ստիպուած է այդպիսի շրջանակներու մէջ ըլլալ, թեթեւաբարոյ նիւթեր հաւաքել, մտնել այն վոհմակին մէջ, ուր կիներ` պարուհիի, երգչուհիի կամ շարժանկարի «աստղ»ի պիտակին տակ կեանքերնին շինել կը ջանան, ստիպուած է մօտենալ անոնցմէ այն երջանիկին, որ հարուստ մըն է ձեռք անցուցած, եւ թերթին մէջ անոր մարմինը ցուցադրել կարելի եղածին չափ մերկ… Այսքան միայն: Ոչ, ատիկա երեւցածն էր, արտաքինն էր, ատիկա դիմակն էր: Այդ կանաչ, աղտոտ աչքերուն, կեղծաւոր նուրբ շրթունքներուն եւ հինգ ֆրանքնոցի մը պէս ճմռթկուած դէմքին ետեւ բան մը կար պահուած: Այդպիսի հաճոյքի տուներու մէջ սովորական եղող «գոգային»ի առուտուր կ՚ընէր արդեօք. դրան ետեւ բարեկամին ձեռքը սեղմած ատեն պիտի տար ծալուած պզտիկ թուղթը. լուցկիին տուփը սա կնոջ երկարելը միջոց մը չէր միթէ. ինչու ատենը անգամ մը ձեռք լուալու կ՚երթար ու վարագոյրին ետեւ այսքան երկար կը խօսէր սա խայտառակին հետ: Անգամ մը բառ մը հասաւ Պետրոսի ականջին. — Պուէնոս Այրէս. — եւ մէկէն` հետեւութիւն մը. «Արդեօք բոզարած է»: Ինչու չէ, ճանչցած կիները բոլորն ալ բոզեր են, եւ անոնցմէ շատեր հետը եզակի կը խօսին. նոյնիսկ դեռ անցեալ օր հատ մը… սակայն բոզարած մը ճամփորդող կ՚ըլլայ, մինչդեռ Լեսքիւռ…

Առաջին շաբաթներու խուսափումներէն յետոյ, երբոր Փիէռ աւելի կտրուկ եղաւ իր պահանջքին մէջ, Ժանն ստիպուեցաւ բացայայտ կերպով վերջակէտել իր մերժումը: Նախ պզտիկ բառերով սկսան. Փիէռ ըսաւ, թէ սաստիկ կարօտցած էր զայն, թէ իրապէս կը տառապէր, երբեք չէր կրնար խզումի գաղափարն իսկ տանիլ… այո, այսպէս պզտիկ խօսքերով սկսան եւ յետոյ… կայ վէճ մը, որ այնքան շուտ բուռն հանգամանք ստանայ, որքան սիրային բաժանումի մը վէճը, երբոր երկու բոցերը միաժամանակ չեն նուաղած:

Փիէռ շուտով կատղեցաւ, ուզեց զայն վերաշահիլ ի գին ամէն բանի, ջանաg համոզել, փաղաքշել, յետոյ սպառնաց. փրփրեցաւ: Ֆրանսուհիին գործելու եղանակը խուսափիլն էր. գէշ գործելակերպ մը: Նամակներուն ուշ կը պատասխանէր, իսկ հեռաձայնի հարուածի մը կ՚ըսէր օրինակի համար. «Ա, դուն ես… այս գիշեր «Սեւ կով»ին պիտի ըլլամ. եկուր զիս տես, եթէ կը փափաքիս… թող որ Լեսքիւռն ալ հոն պիտի ըլլայ… ոչ, ոչ… բայց այնտեղի ճազը շատ աղուոր է, անոր համար…»: Ուրիշ միջոց չկար. Փիէռ ստիպուած կռնակը կ՚անցընէր սմոքինկը եւ կ՚երթար: Արտաքուստ բան մը յայտնի չէր սակայն, միշտ սիրալիր էին իրեն հանդէպ. զինքը իրենց սեղանը կ՚առնէին, Նէնէթ միշտ կատակներ կ՚ընէր, իսկ Լեսքիւռ ամէն անգամ նոր բարեկամ մը ունէր իրեն ներկայացնելիք եւ նոր «մարսիլիական պատմութիւն» մը՝ ծամծմելիք: Բայց երբոր Փիէռ ու Նէնէթ կ՚ելլէին պարել, երիտասարդը կարծես հեւքն է որ կ՚արձակէր կնոջ ծոծրակն ի վար. «Այո, այո ըսէ, Նէնէթ, այո ըսէ…»: Նէնէթին «այո»ն երբեք չէր լսուեր, յանցանքը ճազինը չէր. շատ աղուոր ճազ մըն էր: Իրենց ունեցած վիճաբանութիւններուն ընթացքին կնոջ գործածած լեզուն էապէս կարելի է պարզել. «Ես կարծածիդ նման քմահաճոյքէ մը մղուած չէ, որ մօտեցայ քեզի, միայն մարմնական հաճոյքի որոնումին մէջ չէի, քեզի հանդէպ ունեցածս անկեղծ էր. բայց եթէ երբեք առաջին օրերուն իսկ քու զգացումիդ ընդառաջ չեկայ, պատճառը այն էր, որ գիտէի, թէ դուն ալ անկեղծ էիր, լուրջ էիր եւ մեր կեանքերուն միացումը անկարելի ըլլալով, օր մը բաժանումի այս ցաւը անխուսափելի պիտի դառնար: Նոյն բանը կ՚ուզէի ըսել քեզ, երբոր առաջին անգամ սենեակդ եկայ, բայց չուզեցիր զիս լսել: Եւ ես տեղի տուի: Պէտք չէր, որ տեղի տայի, գիտեմ, մեծագոյն յանցանքս եղաւ. ինքզինքիս երբեք չպիտի ներեմ, բայց… ըսի թէ ես ալ քեզի հանդէպ զգացում մը ունէի: Ինչ ընեմ, ազատ չեմ, շատ մը կապերով միացած եմ Լէսքիւռին. անկարելի է, որ կարենամ զինքը ձգել: Միամտութիւնը չունենաս կարծելու, թէ ան մեր երկուքին յարաբերութիւնները չէր գիտէր. ան ամէն բան գիտէ. ըսաւ ինձ` երբոր ամառը քեզմէ բաժնուելէ վերջ գացի իրեն միանալ Տօվիլ: Աւելի ուշ` բաժանումնիս շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ թէ քեզի եւ թէ ինծի համար… այո, այո, ոչ մի ըսէր. լաւ բարեկամներ մնանք միայն, դուն նորէն իմ Փիէռօս եղիր…»:

Ոչ, առաջարկուած այդ բարեկամութիւնը Փիէռ չէր կրնար ընդունիլ: Մնաց միայն քաղաքավարութիւնը։ Ան ալ շուտով պիտի կորսուէր: Վէրջին անգամ, երբոր առիթը ունեցաւ Ժաննը առանձին գտնելու, իրենց տեսակցութունը խիստ դժնդակ եղաւ: Փիէռ շուտ ինքնիրմէն ելաւ, կորսնցուց նոյնիսկ կշիռը արտասանած խօսքերուն, յետոյ պարտուած, խորտակուած, ակնարկը պղտորեցաւ, յուզումը զինքը պաշարեց, կառչեցաւ անոր յոյսի դեռ պզտիկ նշոյլով մը. «այո, այո…»: Ամէն բան վերջացաւ: «Օհ, ալ թող աւարտի, թող ալ աւարտի…»: Սակայն անցնող յուզումը կատաղութիւնը սաստկացուց: Փիէռ տակաւին ուզեց զայն տեսնել, դեռ պոռալ անոր երեսին, ամբողջ նողկանքը շպրտել դէմքն ի վեր: Դեռ ըսելիք ինչեր կային: Փիէռ ուզեց ցաւցնել զայն, վրէժ լուծել: Գիտէր թէ այս գիշեր ուր կրնար անոր հանդիպիլ. պէտք էր զայն տեսնել, պէտք էր: Պատրաստուեցաւ, գնաց:

Գիշեր. Troisiéme édition d՚Intran. սին, սին անձրեւ. փայլուն ասուալթ, երկարող ցոլքեր. կանաչ (կեցուր), կապոյտ, (նամակ), կարմիր (կը կենայ). Rochechouart 23 37 G 7 պողոտայ. թրջած լոյս, գունաւոր կայծակներ՝ գիրի ձեւ ունեցող ապակիէ խողովակներու մէջ քոնսէրվայի պէս պահուած. Concorde կոթողին ծայրէն ահեղ ձեռք մը բռնած՝ հրապարակը արագօրէն կը դարձնէ ափսէի մը պէս. Champs Elysées. լապտերներու տողանցք` զօրավար «երրորդ արագութեան» կողմէ. ինքնաշարժներու մէջ սրունքներ, ծունկերու վրայ ձեռքեր: Restaurant Volterre. Rue Balzacին անկիւնը. պզտիկ խափշիկ, հսկայ հովանոց, մարաջախտ-դռնապան: Փիէռ խիստ վայելչակազմ ու բարեձեւ է. անթերի սմոքինկ մը, լուսթռին կօշիկներ. մազերը կը փայլին, բերնին անկիւնները թեթեւ մը վար են քաշուած եւ կարծես դէմքին դժգունութիւն մը կայ: Հայելիներ ամէն կողմ, լոյսեր` հայելիներուն, առաստաղին ու սեղաններուն վրայ: Ձեղնաջահ եւ լուսարձակ: Նուագախմբի կազմ ունեցող երկու աղմկախումբ, մէկը փարիզեան, միւսը արժանթինեան: Սրունքներու մէջ սրունքներ, աչքերու մէջ խոնաւութիւն, մերկ կարելիութիւններ: Կին շիկերէ, աննկարագրելի գեղեցկութեամբ, սրտակեր` ակնարկով ու երախով, երկար ատենէ ի վեր սովալլուկ: Չարլսթոն: Նէնէթին ուսերն ու բազուկները մերկ են, կռնակն ալ. իր մարգարտափայլ զգեստը մինչեւ ծունկերուն իջնելով տարտամօրէն մանիշակագոյն կ՚ըլլայ. կուրծքերուն վրայ` սպիտակախայտ: Քովի երիտասարդին հետ անդադար կը խօսի ան, կը խնդայ, բաժակը շրթներուն կը տանի, կը ծխէ: Պարեցին, չպարեցին, աղմուկը շատցաւ, սեղաններու վրայ գտնուող սառը դոյլերուն մէջ շիշերը փոխուեցան։ Փիէռն ալ փոխուեցաւ յանկարծ, աղջիկ մը գտաւ ու անդադար ու արագօրէն պարեց: Ունքըլլէյլի: Փիէռ սովորականէն աւելի խմեց: Ունքըլլէյլի: Փիէռ շրջուած էր. ոտքերը վեր, գլուխը վար էին. վար դարձած գլուխը հաստատուած էր դաշնակի պտուտակաւոր աթոռի մը վրայ, որ անդադար կը քակուէր: Մօտեցաւ Նէնէթին. ան նախ անշարժ մնաց, յետոյ մէկէն ոտքի ցցուեցաւ. քովի տղայադէմ երիտասարդը դէմքը ծածկեց ժպիտի մը մէջ եւ սիկառին ծուխը դուրս արձակելու համար մէկ աչքը գոցեց: Նէնէթ շառագունեցաւ. Փիէռ ինչ ըսաւ. Troisiéme Empire-ը հեռուէն ակնարկով կը հետեւէր. Փիէռ ինչու այդքան բրտօրէն կնոջ դաստակը սեղմեց. Լէսքիւռ մօտեցաւ ու լսեց միայն վերջին նախադասութիւնը. «Ֆրանսացի պիտի չըլլայիր, եթէ բnզ չըլլայիր», ձեռքը ինկաւ Հայուն ուսին. ան ետեւ դարձաւ անմիջապէս, դէմքին սադայէլական ժպիտ մը եկաւ, շրթներուն անկիւնները դողացին, աչքերը արտակարգ փայլ մը ստացան. ինչ ըսաւ. ինչու այդքան ուժգին ըսաւ. Լէսքիւռ անմիջապէս ապտակ մը իջեցուց, արագ, շատ արագ, խարազանի հարուածի մը պէս:

(ՎԱՐԱԳՈՒՐ)

Փողոցին անկիւնը հովի ուժգին յորձանք մը զինքը կեցուց: Գլխարկը հանեց եւ դէմքը այդպէս հովին ու անձրեւին` թոքերուն ամբողջ խորութեամբը ներշնչեց: Լիզող ցուրտ հովը եւ այտերն ի վար իջնող կաթիլները անկարող էին սակայն իր ջերմը մեղմելու, տենդը քունքերէն վանելու: Զգաց, որ յոգներ էր. անշուշտ ժամեր կային, որ փողոցէ փողոց կը շրջէր այսպէս, կատաղութեամբը հալածուած: Ուր էր. դիտեց շուրջը, չճանչցաւ. կարդաց անկիւնի նշանատախտակը. տասնըհինգերորդ թաղամաս. ըսել է գետը անցէր էր, բնաւ չյիշեց։ Նորէն սկսաւ դէպքը կրկնել ինքզինքին, ծայրէն, այս անգամ իրապէս էն ծայրէն: Երբոր ապտակին հասաւ, քայլերը արագացան ակամայ: Ինչպէս կրցին այդքան շուտ միջամտել եւ բաժնել զիրենք. ինչպէս չկրցաւ պատասխանել այդ հարուածին, կոկորդին նետուիլ, բան մը ընել, գոնէ… եթէ զինքը այդքան շուտ դուրս չառաջնորդէին… չուզեց գայթակղութիւն հանել… Հապա այն խօսքը, այն խօսքը հապա, զոր Լէսքիւռ անմիջապէս վերջը աւելցուց. «Այս խնդիրը այսպէս կ՚աւարտի»: Կ՚աւարտի…: Դեռ բաւական քալել պէտք եղաւ մինչեւ ծանօթ պողոտայ մը հասնիլը: Անձրեւը միշտ կը շարունակուէր, եւ փողոցները մարդ չկար: Ատենը անգամ մը հեծելանուորդ ոստիկաններ կ՚անցնէին զոյգ զոյգ, անձայն, անխօս: Փողոցին միւս անկիւնը տակաւին մարմնեղ, բայց լղրճուած ու որդնոտած աչքերով պոռնիկ մըն էր կեցած մայթին կասկարայաձեւ այն մասին վրայ, ուրկէ ընդերկրեայ էլեկտրաշարժի գետնուղին կ՚արտաշնչէ: Սրունքները բացած` ան կը թողուր, որ այդ նեխոտ, բայց տաք օդը պլլուի իր բումբերուն, գգուէ, շոյէ զանոնք, բարձրանայ վեր, ծունկերէն, զիստերէն, ազդրերէն, գաղջութեամբը լիզէ իր մերկ միսերը, յոգնած, ճանկռտուած: Ատենը անգամ մը կը հազար, կը թքնէր, յետոյ փորին վրայէն հագուստը բռնելով կը քաշէր, տեղ տալու համար ջերմութեան, որ պորտին վրայէն սողոսկի, բարձրանայ կուրծքերուն, մինչեւ որ լղրճուած ու որդնոտած աչքերը գոցուին հեշտանքով, ալ կորսուած այն հին հեշտանքով:

Երբոր Փիէռ զայն նշմարեց, կանչեց հեռուէն.

— Բսսդ: Նէնէթ…

— Mon chéri!

Երիտասարդը բառ մը աւելի չկրցաւ ըսել սակայն, եւ թողուց, Որ հանրութիւնը թեւը մտնայ ու զինքը տանի:

շ
Թէրէզն է, որ դուռը բացաւ. ժպիտի մը հետ պզտիկ բացականչութիւն մը արձակեց ու զինքը ընդունեց սիրալիր: Ոչ, Լէսքիւռը հոն չէր, բայց շուտով պիտի գար, իսկ Ժաննը երկու օրէ ի վեր բնաւ չէր երեւցած: Երկու օրէ ի վեր. ըսել է ապտակին գիշերուընէն ի վեր…

Թէրէզը Լէսքիւռին միակ սպասուհին է: Սպասուհիէ աւելի բան մը անշուշտ, քանի որ այդ մարդուն ծառայութեանը մէջ է անցուցած գրեթէ իր ամբողջ կեանքը եւ հաւատարիմ կենդանիի մը պէս չէ լքած զայն նոյնիսկ դժուարին շրջաններ: Ինչպէս որ կը պատահի այսպիսի պարագաներու, տարիներու բոլորումով կամաց-կամաց ելած է` ան իր ծառայի հանգամանքէն` ամուրիին սա պարապ տանը մէջ կիսկատար տանտիրուհի մը դառնալու համար: Կարճ հասակի մէջ անորոշ տարիք, ներս քաշուած պզտիկ աչքեր, սուր քիթ, անարժէք բերան: Գլխուն եւ կուրծքին միջեւ ճաշակի տարակարծութիւն. մէկուն վրայ շլնիք` անցեալ նորաձեւութիւն, կուրծքը տափակ` ներկայ նորաձեւութիւն: Փիէռ պուլվար Սէն Ժէռմէն եղած ատենը անգամ մը լուսանկարեց այս կինը, յետոյ զայն տեսաւ հոս ըրած քանի մը այցելութիւններուն ընթացքին, մինչեւ որ դէպք մը եկաւ տեսակ մը մօտիկութիւն ստեղծելու իրենց միջեւ: Անցնող վերջին շաբաթներուն Փիէռն է, որ առաւօտեան դէմ մինչեւ հոս, իր տան դուռը ընկերացեր էր Լէսքիւռին, երբոր ան գինով, սանդուխներուն վրայ կը տատանէր:

Հիւրասենեակին մէջ առանձին մնալուն պէս, Փիէռ ոտքի ցցուեցաւ թիկնաթոռէն, գլխարկը արձակեց մէջտեղի սեղանին վրայ, ու դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ: Ճիգ մը ընելու պէտք չկար բնաւ` նախկին տրամադրութիւնը գտնելու համար: Հոգեկան այդ վիճակը երկու օրէ ի վեր իր պատուախնդիր երիտասարդի եսը կը դաշունահարէր, կը խեղդէր: Պէտք էր վերջանար այս տառապանքը, եւ մէկ անգամէն: Դադրեցաւ սեղանին շուրջ դառնալէ, կեցաւ շըմինէին առջեւ, ինքզինքը դիտեց հայելիին մէջ: Դեղնած էր ու անքնութիւնը աչքերէն մէկուն մէջ քիչ մը կարմիր էր ձգած: Հիմա պիտի գար անշուշտ Լէսքիւռը եւ նորէն պիտի ըլլային դէմ դէմի, ալ այս անգամ բոլորովին առանձին. բան մը պիտի չըսէր, բառ մը պիտի չարտասանէր, որոշած էր. ահա կռուփը, այս կռուփը, ուղիղ` քիթին բերնին: Այս խնդիրը այսպէս կ՚աւարտի: Իսկապէս Հայ էր ան այս պահուս. բան մը չէր մնացած մեծ ոստանին իրեն պարտադրած կեղծ քաղաքավարութիւնէն, ծեքծեքանքէն, ձեւակերպութիւններէն: Արիւնը քանի մը վայրկեան զսպուած ըլլալուն համար կարծես աւելի կ՚եփէր երակներուն մէջ, ու արթնցած շիղերը կը թրթռային: Փիէռ անզսպելի կատաղութիւնը ունէր խածնելու, ճանկռտելու, բզքտելու: Սարսափելի արագութեամբ բան մը կը դառնար ու կը սպառէր կուրծքին տակ եւ որ պիտի լռէր անկասկած, եւ որ պիտի գոհանար միայն այն րոպէին, երբոր իր թեւը բարձրանար: Ինչ պիտի ըլլար Troisiéme Empireին այդ կարկտանուած դիմագիծը, ինչպէս պիտի տատանէր արդեօք իր անուժ սրունքներուն վրայ, ինչպէս հարուածին տակ պիտի պարպուէր հպարտութենէ պայթած բալոնի մը պէս… Օ, Փիէռին այնպէս կու գար, որ այդ պահուն Նէնէթին արհամարհանքն է, որ պիտի տատանէր, անոր աւերող ժպիտն է որ պիտի լռէր: Ոչ, ոչ, Նէնէթին բան մը կարելի չէ ընել, բայց ասոր, այս արարածին: Այո, որոշումը վճռական է, ահա կռուփը, այս կռուփը, ուղիղ` քիթին բերնին: Լէսքիւռ կ՚ուշանար սակայն, եւ իր համբերութիւնը շուտով սպառեցաւ: Սպասուհին ստեց արդեօք: Յանձնարարուած էր, ծանօթ էր դէպքին եւ զինքը դիտմամբ առաջնորդեց հոս, որպէսզի իր տէրը միւս կողմէն մեկնի: Աղմուկ մը լսեց. իր անցած դռնէն զատ սենեակը երկու դուռ եւս ունէր: Մէկուն առջեւ լայն վարագոյր մը կար, գիտէր, թէ ան ննջասենեակ մը կ՚առաջնորդէ, իսկ միւսը, ձախ կողմինը, ամբողջութեամբ չէր գոցուած:

Հրեց զայն: Կարճ նրբանցքի մը ծայրը կը նշմարուէր գրասենեակ մը: Փիէռ երկու քայլով հոն հասաւ. մարդ չկար. կեցաւ, շուրջը դիտեց, անվախ, համարձակ, յարձակողական: Պատուհանին առջեւի կապոյտ լամբով գրասեղանը ծանրաբեռնուած էր տետրակներով, թուղթերով, գրիչներով. այդ սեղանին վրայէն շատ աշխատութիւն էր անցած: Բացաւ տետրակ մը, ուզեց պրպտել, հասկնալ, բայց այդ անուններով ու հաշիւներով զբաղելու ի վիճակի չէր երբեք: Գոցեց, հեռացաւ: Երկու գրադարաններ կային գրասեղանին ետեւ, բարձր, թեթեւ, գեղակազմ: Պիտի մօտենար Փիէռ, երբոր ակնարկը մէկէն կառչեցաւ պատին` շրջանակի մը: Վայ… խայտառակ… գեղեցիկ է… շատ գեղեցիկ է… Մօտեցաւ, կեցաւ ճիշդ դէմը ու դիտեց աչքերը բաց: Բաւական մեծ շրջանակ մըն էր, փայլուն կաղնեփայտէ, ուր Նէնէթ կը ժպտէր զմայլելիօրէն, իր էն կենդանի, էն յատկանշական ժպիտով: Խիստ յաջող իւղաներկ մըն էր, անշուշտ լուսանկարի մը վրայէն պատրաստուած, ակադեմիական կատարելութեամբ մը: Նէնէթ իր մերկ ուսերը հաւաքած մուշտակի մը մէջ, գլուխը թեթեւ մը կը հակէր քիչ մը առաջ եւ, ակնարկին խորութեանը համար, եւ երկու լուսարձակներու մէջտեղ մազերուն վէտվէտումները կը սպառէին ամբողջ ոսկեգոյն երանգապնակէն: Պատկերին առջեւ Հայը կը տատանէր, կը տատանէր: Մէկէն հեռացաւ, գնաց պատուհանին վարագոյրները քաշել` սենեակը աւելի լուսաւորելու համար: Փափաքեցաւ նկարը առնել, հետը տանիլ, բայց ինչպէս, ուր պահել որպէսզի դուրս ելած պահուն չնշմարուի: Առանց որոշում մը տուած ըլլալու, բարձրացաւ աթոռի մը վրայ եւ շրջանակը հանեց իր կեռէն: Անմիջապէս իր բարձրութենէն վար նետուեցաւ սակայն, շփոթած, շլմորած: Անակնկալի յայտնութեան առջեւ կարծես անմիտ` վիզը ցցելով` կը նայէր իր դէմը, առանց ըմբռնելու, իւղաներկը սեղմած կուրծքին: Շրջանակը բռնող կեռը իր բեռէն թեթեւնալուն պէս չոր աղմուկով մը նետուած էր վեր ու պատը անմիջապէս շարժած: Բացուողը գաղտնի դռնակ մըն էր, գոց վիճակին մէջ բոլորովին աննշմարելի` պատի թուղթին խաբող գիծերուն տակ: Փիէռ մօտեցաւ անցած դրան, ականջ տուաւ. ձայն չէր լսուէր. այո անգամ ուժ ստացած` կրցաւ որոշում մը տալ եւ շրջանակը գետին դնելով դէպի դռնակը յառաջացաւ: Խիստ պարզ կառուցուածք մը ունէր ան. վերէն կեռն էր բռնողը, որ ազատուելուն պէս տակը հաստատուած զսպանակին կը թոյլատրէր դռնակը հրել: Քաշեց ու բացաւ զայն ամբողջութեամբ: Մեծ ու խորունկ որմնախորշ մըն է մէջտեղ ելած, որուն բազմաթիւ դարակները ամբողջութեամբ բեռնաւորուած էին տուփերով: Փիէռ անմիջապէս ճանչցաւ Guilleminotին այդ կապոյտ տուփերը, որոնց մտերմութեանը մէջ էր ապրած երկար ատեն: Զարմացաւ սակայն, որ անոնց վրայ թիւեր չէին դրուած, ինչպէս որ կ՚ընէր ինք եւ ինչպէս սովոր է ընել ամէն լուսանկարիչ: Մէյմէկ տառ կար միայն պզտիկ թիւի մը առջեւ, որ տասնաւորը չէր անցնէր: Քաշեց ըստ բախտի տուփ մը, մօտեցաւ պատուհանին, դրաւ գրասեղանին վրայ ու բացաւ:

Աչքերուն առջեւ բարձր բռնած ապակին սկսաւ դողալ մատներուն մէջ, եւ որպէսզի վար չիյնայ, տղան ձեռքը իջեցուց: Յայտնութեամբ մը լուսաւորուած իր ակնարկը կը շարունակէր նայիլ դիմաց, անծանօթին մէջ, այս անգամ իրապէս ծանօթին մէջ: Զարմացումի րոպէն շատ շուտով անցաւ: Փիէռ անմիջապէս ըմբռնած էր: Ապակին կրկին բարձրացուց ու նայեցաւ, այր մը եւ կին մը, ամբողջութեամբ մերկ, մարդկային, այսինքն աւելի քան կենդանային դիրքով մը: Ապակիներու վարժուած մէկու մը ճարտարութեամբ պարպեց տուփը ափին մէջ, սկսաւ արագ-արագ նայիլ ամէնքն ալ: Մէկ շարք մըն էր, նոյն ցած անկողնին առջեւ առնուած, նոյն դերակատարներով, անոնց դիրքերն է, որ միայն ամէն անգամ կը փոխուէին: Փիէռ թողուց յանկարծ բոլորը, վերադարձաւ որմնախորշին եւ երկրորդ տուփ մը առաւ, յետոյ երրորդ մը, չորրորդ մը: Տեսաւ, որ պիտի շփոթէր. ճիգ մը ըրաւ միտքը հաւաքելու, նայեցաւ տուփերուն որոշելու համար այն տառերը, զորս տեսած էր ու զբաղեցաւ միւսներով: Ոչ, առանձին սովորական մերկութիւններ գրեթէ չկային. այլ միայն մարմնական յարաբերութիւններու բոլոր ձեւերը, դիրքերը, եղանակները պատկերացնող տեսիլներ: Միշտ զոյգ մը, ուրկէ սակայն շուտով այրը հեռացաւ: Հակառակ ամէն բանի Փիէռ չկրցաւ բնաւ այդ երկու կիներուն հետեւիլ. իսկ երկու այրերը իր նողկանքն ու կատաղութիւնը աննախընթաց աստիճանի մը հասցուցին: Ապակի մը օդին բարձրացուցած, Հայը ըսաւ խուլ ձայնով մը. «Troisiéme Empire, Troisiéme Empire, ահա քու Սըտանդ»: Իր յուզումին, արտորանքին եւ անհամբերութեանը մէջ ձեռքերը կը ղողային ու անկարելի պիտի ըլլար նայիլ յաջորդներն ալ, ուր դերակատարներուն թիւը երեքի կը բարձրանար: Ակնարկ մըն ալ սակայն ամենէն վարիններուն, ուր այրը մօրուք ունի եւ գլխարկը կ՚ըսէ, թէ կրօնաւոր մըն է, իսկ կինը իր սպիտակ գլխանոցով ու մերկ կուրծքին վրայի խաչով, իբրեւ թէ կրօնաւորուհիի ծպտում է ստացած: Շարք մըն ալ, ուր կը սկսի աներեւակայելի տողանցումը կապանքներու տակ տանջանքի ենթարկուած կիներու, զմայլելի, հպարտ գեղեցկութիւններու… Մէկէն ամէն բան դարակները… Ոչ, հատ մը գոնէ պէտք է առնել իբրեւ օրինակ, իբրեւ ապացոյց: Փիէռ առաւ հատ մը, յետոյ ձեռքը խոթեց աւելի ետեւ որմախորշին մէջ, տպագրուած օրինակներ գտնելու յոյսով: Անոնց փոխադրութիւնը աւելի դիւրին պիտի ըլլար: Մատները տուփի մը հանդիպեցան. փոշեպատ էր ան եւ առանց թիւի. բացաւ ու տեսաւ, որ շատ հին ապակիներ էին, քիչ մը դեղնած, ուր առանձին աղջիկ մը կերեւար… ոտնաձայն: Փիէռ չկրցաւ տուփը գոցել, մատները մէջ մէջի անցան եւ արտորանքին մէջ աղմուկը աւելցուց, շփոթեցաւ… մէկէն կրցաւ պաղարիւնութիւնը գտնել սակայն ու ցցուեցաւ ոտքի: Թէրէզը դրան մէջ էր հասած արդէն, ձեռքը խնձորին վրայ անշարժացած, աչքերը անհաւատալիօրէն լայն ու մեծ: Թէրէզը այդ պահուն միայն աչք ունէր: Բայց ինչ, ինչ պիտի ընէր. յայտնի էր, թէ անսպասելիին առջեւ չէր կրնար որոշում մը տալ, մտածումը կը տատանէր, եւ բաց մնացած բերանը անկարող էր բառ մը արտասանելու: Պիտի փախչէր, մէկէն դուռը վրայէն կղպելով, պիտի նետուէր սենեակին մէջ: Փիէռ մեծ ճիգ մը ըրաւ քիչ մը ժպտելու եւ, կարելի եղածին չափ սովորական ու զուարթ դրոշմ մը տալով խօսքին, ըսաւ.

— Այդ ինչ զարմացում է, Թէրէզ, այդ ինչ վախ է… անհոգ եղիր, ես անծանօթ չեմ, ես ալ իրենցմէ եմ, եթէ այդպէս չըլլար, կրնայի այսքան դիւրութեամբ գաղտնի որմախորշը գտնել… Կ՚ուզէի դեռ սպասել, բայց հաւանաբար մէօսիէօ Լէսքիւռը տակաւին պիտի ուշանայ…

Խօսելով հանդերձ` գոցեց դռնակը, Ժաննին դիմանկարը կրկին կախեց իր գամէն եւ զատած ապակին գրպանը դրաւ: Նոյն պահուն նշմարեց, որ վերջին փոշեպատ տուփէն դեղնած ապակի մը եւս մնացած էր դուրսը, ան ալ առաւ ստիպուած, դռնակը բանալու աշխատութիւնը չվերսկսելու համար: Իր շարժումներն ու խօսքերուն շեշտը հեռու էին սակայն կատարեալ հանդարտութիւն մը արտայայտելէ, ու Թէրէզ բնաւ համոզուած չէր թուեր: Ան քարացած էր միշտ դրան մէջ եւ կարծես մտադրած` տղուն ելքը արգիլելու: Փիէռ ըսաւ.

— Թող որ փնտռածս չկրցի գտնել: Աւելի լաւ է, որ անմիջապէս հեռաձայնեմ Ժաննին. այդպէսով դուն ալ ապահովուած կ՚ըլլաս ու կ՚ազատիս մտատանջութենէդ: Կարծեմ Ժաննը խանութն է ըսիր, այնպէս չէ…

Խաղը յաջողեցաւ: Արագ քայլերով անցան հիւրասենեակ, ուր Փիէռ անմիջապէս վերցուց հեռաձայնի գործիքը: Ալ հոս ամէն բան յայտնի պիտի ըլլար սակայն եւ անակնկալի մը չգալու համար տղան ակնարկը չէր հեռացնէր սպասուհիէն, որ կրկին անշարժացած էր ելքի դրան առջեւ, նոյն անորոշ ու մտահոգ արտայայտութեամբ:

— Ալօ, ալօ… Ժանն. ես եմ, Փիէռ: Հիմա դուրս ելայ Լէսքիւռին տունէն ու անմիջապէս կը հեռաձայնեմ քեզ ըսելու համար հետեւեալը. —

— Նկարագրածիդ համաձայն շատ դիւրութեամբ գտայ գաղտնի որմախորշը եւ քանի մը ապակի առի… լռէ եւ միայն մտիկ ըրէ… այդ ապակիները գրպանս են այս պահուս, եւ ես անմիջապէս պանդոկս կը վերադառնամ: Եթէ երբեք ճիշդ կէս ժամէն չգաս զիս հոն գտնել, ուղղակի ոստիկանատուն պիտի երթամ… լռէ կ՚ըսեմ, խենթը ես չեմ… շատ վճռական եմ այս պահուս ու ամէն բան աչքս առած: Վերջին անգամ մըն ալ կը կրկնեմ. եթէ ճիշդ կէս ժամէն սենեակս չըլլաս ու չյանձնուիս, պիտի մատնեմ…

Մինչ այս` դրան զանգակը հնչած էր եւ Թէրէզ խենթի մը պէս նետուած դուրս: Քանի մը նախադասութիւն` նախասենեակին մէջ իրարու ետեւէ արձակուած, արագ, շատ արագ, խեղդուած ձայնով մը: Եւ Լէսքիւռ սենեակ մտաւ ճիշտ այն պահուն, երբոր Փիէռ հեռաձայնի գործիքը կրկին կը կախէր կեռէն: Հովի յորձանքի մը պէս մէկ դռնէն մտնելով կորսուեցաւ միւսին մէջ, բայց գրեթէ նոյնքան շուտով վերադարձաւ իր գրասենեակէն ու սկսաւ Փիէռին առջեւ երթեւեկել պզտիկ, զսպուած քայլերով, որոնք ջղագրգռութիւնը կը ջանային սանձել: Գերագոյն ճիգ մը կ՚ընէր պաղարիւնութիւնը վերագտնելու եւ հետզհետէ կը յաջողէր ալ կարծես, բայց դէմքին գոյնը եւ աչքերուն փայլը զինքը կը մատնէին բարձրաձայն: Փողկապը շտկեց բազմաթիւ անգամներ` վիզը երկարելով, ժաքէթին կոճակները կոճկեց ու քակեց, մատները շարժումներ ըրին անդադար եւ կրկնեց երկու անգամ նոյն միավանկը. «Էյ, ինչ»: Երիտասարդը, ձեռքերը քիչ մը բանալով, գլխի թեթեւ շարժում մը ըրաւ ծաղրական ժպիտի մը ընկերացող յօնքերու անթերի խաղով մը: Այն ատեն է, որ միայն Լէսքիւռ անդրադարձաւ ու գլխարկը հանելով գաւազանին հետ դրաւ մէջտեղի սեղանին վրայ: Փիէռ վերցուց գաւազանը եւ սկսաւ խաղալ անոր հետ մարդուկին ինքնայատուկ եղող շարժուձեւերով, կռնակը տուած շըմինէին: Լպիրշ, արհամարհական, հրապարակ կարդացող կեցուածք մը, որուն կու գար միանալ տակաւին դիմագծերուն յաղթական ու ծաղրող արտայայտութիւնը: Բառ մը չէր արտասաներ, բան մը չէր ըսեր, գիտնալով, որ փրկութիւն մը պիտի ըլլար այդ մարդուկին համար, որ կատարելապէս մութին մէջն էր այս պահուս, անծանօթ կացութեան, մտադրութիւններու, որ չէր գիտեր ինչպէս սկսիլ, ինչ դիրք բռնել, ինչ ձեւով մօտենալ տղուն: Երկար պահ մը վայելելէ վերջ այն փոթորիկը, որ անելի մը մէջ ինկած այդ մարդուն մտածումը կը տապալէր գետնէ գետին, որ գիծերը ուզածին պէս կը քաշկռտէր դէմքին վրայ, կը պզտիկցնէր, կը մեծցնէր, կը պաղեցնէր անոր աչքերը, Փիէռ վերջապէս արտասանեց իր երկար նախադասութիւնը, բառերը հատ-հատ հնչեցնելով ու անոնց տալով դասական կեղծ ծեքծեքանք մը, զսպուած կատաղութեան մը մէջ:

— Ընդունեցէք, մեծայարգ եւ արժանապատիւ տիար, իմ խորին, խորին յարգանացս հաւաստին… ընդունեցէք զանոնք, ով բարձրատաղանդ ու մաքրամաքուր պարոն պոռնկագիր…

Յետոյ ձայնին շեշտը մէկէն փոխելով` բարձրաձայն.

— Կ՚ուզեմ, որ նախ ներողութիւն խնդրես: Կ՚ուզեմ, որ հիմա, անմիջապէս ներողութիւն խնդրես առջի գիշերուան ըրածիդ համար:

Լէսքիւռ ինքզինքը գտաւ: Պատասխանին համար չաճապարեց բնաւ. թողուց, որ նախ երկար պահ մը անցնի: Յետոյ թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծեց շրթներուն ծայրերը, կզակը քաշեց ետեւ ու այնքան հաշտարար, որքան տակաւին տիրական ձեւով մը պատասխանեց.

— Եղածը ինչ էր, որ: Եթէ էրիկ մարդ մը ըլլայիր, պիտի գիտնայիր, թէ բառով մը ներուելիք յանցանքները յանցանք չեն համարուիր…

— Իրաւ: — Ու Փիէռ քայլ մը առաջ նետուեցաւ գաւազանը օդին` շրթունքները ուժով մի կատաղութիւնը խածած: Այդպէս մնաց սակայն անշարժ— շարժանկարի տեսիլի մը պէս, որ գործիքի յանկարծական խանգարում է ունեցած— բոլորովին անտարբեր առած դիրքին: Յետոյ աչքերը պզտիկցուց, յաղթական ժպիտի մը նմանող ծամածռութիւն մը պարզեց եւ, բարձր բռնած գաւազանը մատներուն մէջ խաղցնելով, ըսաւ.

— Շնորհակալութիւն՝ ձեր խորհուրդին համար: Այո, պէտք չէ ներեմ. այդպէսով ինքզինքս աւելի ազատ պիտի կարենամ զգալ արարքիս գործադրութեան մէջ:

Եւ սակայն պոռնկագիրը իրմէ առաջ հասաւ դրան առջեւ:

— Ուր, Փիէռ, ուր կ՚երթաս, կեցիր տեսնենք, ինչ կայ, ինչ եղար, իրար հասկնանք, ինչու այդքան կատղէր ես, դուն տակաւին տղայ ես եղեր, ես քեզ հասունցած մէկը կը կարծէի, նստէ նախ խօսինք…

— Ես ըսելիք մը չունիմ:

— Բայց ես ունիմ, չեմ ուզէր, որ ինծի դէմ այդպէս բարկացած մեկնիս. պէտք է հասկացողութեան մը գանք, ես միշտ համակրութիւն ունեցած եմ քեզի հանդէպ. շատ լաւ գիտես, թէ համակրութենէ աւելի բան մը ունեցած եմ քեզի հանդէպ, Ժաննը կրնայ վկայել… պէտք է, որ խօսինք…

— Կարճ ըսէ:

— Այսինքն թէ այո, խիստ անպատշաճ բան մըն էր նախորդ գիշեր պատահածը, որուն մէջ յանցաւորը միայն ես չէի անշուշտ. դուն ալ պատասխանատուութեան բաժինդ ունիս, սակայն ես ամբողջ կարելիս պիտի ընեմ դարմանելու համար, ես ամբողջ կարելիս պիտի ընեմ, որպէսզի այդ գէշ յիշատակը ջնջուի մտքէդ: Կ՚ուզեմ, որ ներես ինձ… ես քեզմէ տարէց եմ, տես… այդպիսի պարագաներու, մղուած չես գիտէր ինչ ուժերէ, զորս միջավայրն ու ծանօթներու ներկայութիւնը…

Փիէռ կեցուց զայն չոր ու կտրուկ.

— Կ՚ուզես, որ ներեմ. լաւ, ներեցի: Ու աւելցուց.

— Եւ հիմա, թող որ մեկնիմ:

Լէսքիւռ վարանեցաւ պահ մը, բայց կրցաւ վերսկսիլ աւելի ուժգին, աւելի արագ.

— Ոչ, Փիէռ, ոչ, ճշմարտութիւնը չես ըսէր, աչքերուդ մէջ կը տեսնամ, որ անկեղծ չես այս պահուս. ես քեզ այսպէս չեմ ճանչցած. եթէ այդ խօսքը սրտէդ գար, պիտի չվարանէիր ապացոյցը անմիջապէս տալու:

— Ինչ ապացոյց:

— Ապացոյցը, որ ինծի դէմ ալ բան մը չունիս, թէ կ՚ուզես, որ կրկին լաւ բարեկամներ մնանք: Տուր այդ ապացոյցը ինձ, — ու ձայնը ցածցնելով, — վերադարձուր ներսէն առած ապակիներդ:

Փիէռ քայլ մը ընկրկեցաւ անմիջապէս եւ արտառոց քահ-քահ մը արձակեց. բարձր ու կեղծ քահ-քահ մը, որ կարծես մարմարէ աստիճանէ կ՚իջնէր մետաղէ պարապ տակառի մը. «Հա, հա, հա…: Ririgole, Brrigadier, Rrrigole Brrigadier…» եւ ձեռքը միշտ գրպանին վրայ` շարունակեց. — Զզուելի արարած, զիս այնքան միամիտ կարծեցիր, որ քու այդ քանի մը զարդարուն նախադասութիւններէդ խաբուիմ, այնքան մանուկ՝ որ տեղի տամ այսքան դիւրութեամբ, հիմա, որ վերջապէս կրցի ձեր վրայ գերակշռութիւն մը ձեռք անցընել, ձեզ ունենալ այսպէս ափիս մէջ, հիմա որ ալ իմ կամքէս ու քմահաճոյքէս է կախուած ձեր ամբողջ ճակատագիրը…

— Ինչ պիտի ընես…

— Ինչ պիտի ընեմ: Օհ, անհոգ եղիր, ամենէն առաջ դուն պիտի լսես ըրածս. ամենէն առաջ քեզի պիտի գան իմացնել անհրաժեշտ բոլոր ձեւակերպութիւններով…

— Պիտի մատնէս զիս…

— Հապա կը սպասէիր, որ պաշտպանեմ քեզի պէս աղտեղութիւն մը, կղկղանք մը, մէկը որ բարոյականին ինչ ըլլալն ալ չի գիտէր: — Օ, այդպիսի շարժում մի ընէր, գիտեմ, որ այդ բառը քեզի համար իմաստ չունի, բայց ինծի համար ունի: Դուն, որ ամբողջ հարստութիւնդ եւ դիրքդ ուրիշներուն թշուառութեամբ, խեղճ ու տկար կամքերու շահագործումով ես դիզեր, միտքեր ու մարմիններ ես քանդեր, փշրեր… Ասկէ աւելի մեծ ոճիր ինչ կայ, երբոր տարիքներով աշխարհի վրայ կը նետես համակ թոյն եղող այդ զարհուրելի պատկերներդ… Sadique... !

Դաս մը արտասանելու պէս պոռնկագիրը պատասխանեց հատ հատ.

— Անբարոյականութիւնը չի փոխանցուիր: Ան զգացում մըն է, որ կրնայ զօրանալ կամ տկարանալ, բայց չի ծնիր, բայց չի մեռնիր: Ճիշտ մեր` Աստծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին պէս:

— Դժբախտաբար ես շատ Արեւելքցի եմ եւ շատ Հայ, այլ խօսքին իմաստը կարենալ ըմբռնելու համար: Ես քեզ առիթը պիտի տամ, որ դուն զայն կրկնես քու ազգակիցներուդ: Տեսնենք ոստիկանութիւնն ալ համակարծիք պիտի գտնուի քեզի: Առ այդ…

— Ինչ, ինչ, ըսել է խնդիրը լուրջ է. պիտի մատնէս զիս, պիտի մատնէս զիս… բայց ես քեզի ինչ ըրի, թշուաւռական, ես քեզի ինչ ըրի: Ատանկ ոչինչ բանի մը համար կ՚ուզես իմ տունս քանդել, կ՚ըմբռնես ըրածիդ ահաւորութիւնը. պիտի կործանիմ, պիտի փճանամ, բան մը չպիտի մնայ, ես բանտերը պիտի մեռնիմ, պիտի առնեն ապակիներս… ապակիներս… Փարիզի էն կատարեալ հաւաքածոն է… ասկէ լաւը չկա… ինչ ըրի ես քեզի, ըսէ, ինչ ըրի, թշուառական…

Այս անգամ իր երկու ձեռքերուն ամբողջ ուժովը կառչած էր տղուն, ալ բոլորովին անտարբեր` իր կեցուածքին: Տարեց անդամները կը դողային ըրած այդ անսովոր ճիգին ու ջղագրգռութեանը մէջ. ինչպէս կը դողար վարի կախ շրթունքը, աչքերուն պէս թաց: Տարօրինակ գոյն մը ստացած էր դէմքը, եւ գլխուն վրայի քառասունըեօթը մազերէն ոմանք ոտքի կանգնած կը նայէին: Փիէռ բան մը չէր ըսէր ալ ու ակնարկը յառած կը մնար Լէսքիւռի ոտքին, որ դրան դէմ էր դրուած:

Troisiéme Empireին աչքերը մէկէն փայլեցան սակայն կարծես յայտնութեան մը առջեւ, ու նոյն հատանուած շարժումներով գրպանէն բան մը հանեց: Փիէռ անմիջապէս ճանչցաւ չէքի տետրակը, խլեց զայն եւ նետեց սենեակին միւս անկիւնը: Մէկէն կատաղի ու անդիմադրելի ուժ մը բարձրացաւ տղուն մէջ, խորունկ եւ մեծ ալիքի մը նման: Յանկարծական եւ ուժգին շարժումով մը թեւերը ազատեց, ու նետուեցաւ դիմացինին վրայ: Իր ուժեղ ձեռքերուն մէջ առաւ անոր գլուխը, եւ բթամատերուն ամբողջ զօրութեամբը սկսաւ ճնշել ականջներուն տակի փափուկ կէտին վրայ: Վիրաւորուած կենդանիի նման գէշ ճիչ մը արձակեց Լէսքիւռ, թեւերուն կապը թուլցուց ու ծրարի մը պէս գնաց իյնալ պատին` աթոռ մը տապալելով: Փիէռ անմիջապէս զղջաց սակայն: Հակառակ իր ամբողջ կատաղութեան, հակառակ մեկնիլ ուզելու իր փափաքին՝ մարդուն այդ խղճալի տեսքը կարծես արգիլեց, որ կարենայ անմիջապէս փախչիլ։ Մնաց, ու նոյն պահուն իսկ դուռը բացուեցաւ մէկէն, ու կրկին երեւցաւ Թէրէզ, սարսափած, դողդոջուն: Ոտնաձայն չէր լսուած բնաւ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ դրան ետեւն էր ան ու ամէն բան մտիկ կ՚ընէր:

— Կորսուէ, — գոչեց Լէսքիւռ, — դուն խոհանոցդ կորսուէ, ցնդած պառաւ:

Դուռը կրկին գոցուեցաւ, ու սպասուհիին կիսակօշիկները փախան նախասենեակէն: Եւ մինչ Ֆրանսացին ոտքի կանգնած փողկապն ու մազերը կը յարդարէր, Հայը տկարացաւ: Մտածումէն դէպի զգացում սահեցաւ ան: Չկրցաւ աւելի երկար դիմադրել զինքը տառապեցնող նիւթին մօտենալու փափաքին: Երեւակայութեան պաստառը ամբողջութեամբ ստացաւ սրտէն քակուող ժապաւէնը, եւ արագօրէն, շատ արագօրէն եկան ու անցան Նէնէթներ, Նէնէթի գլուխներ, ժպտուն, անժպիտ, անտարբեր, մերժող, բայց մանաւանդ մերժող: Քիչ մը մօտեցաւ Լէսքիւռին ու անանկ ձայնով մը ըսաւ.

— Ինչու Ժաննը ձեռքէս առիր, ըսէ, ինչու առիր…

Խաղը չէր կորսուած բնաւ ու կարելի փրկութեան մը յոյսը պոռնկագիրին կուրծքը ուռեցուց: Ան վերստին անցուց ամբարտաւան, շնական մարդու իր դիմակը, որ հիմա աւելի անհանդուրժելի էր դարձած հարուածին տակ ստացուած ծամածռութեամբ: Գլուխը դարձնել իսկ չբարեհաճեցաւ ու քովնտի ակնարկով մը պատասխանեց.

— Պէտք էր պահել գիտնայիր…

— Unւտ ես, յանցաւորը ես չեմ բնաւ. ոչինչով կրնամ ինքզինքս մեղադրել. գիտէի թէ ինչ միջոց պէտք էր զայն վերջապէս ինծի կապելու համար, բայց այդ միջոցը կը պակսէր ինձ: Դրամ չունէի: Միայն այդ չունէի եւ բնականաբար ամէն բան կորսուեցաւ: Միտքէս իսկ չանցուցի քեզի պէս ապօրինի ու ոճրային միջոցներու դիմել, հակառակ անոր, որ գիտեմ, թէ ձեր այս կիները բոլորն ալ կը գնուին պարզապէս… Այո, կը գնուին, երբոր չեն ծախուիր…

— Այդ որքան քիչ ես ճանչցեր Ժանէթը… Ուրիշներու համար թերեւս, բայց ան…

— Ինչպէս, ինչպէս… Քիչ մը վերջ իրողութիւնը պիտի գայ հաստատել, թէ երկուքէս որը չի սխալիր: Ես հեռաձայնեցի իրեն, յայտնեցի նպատակս, սպառնացի: Գիտէ, թէ ոչինչ կրնայ արգիլել իմ այսօր ոստիկանատուն երթալս: Եւ դուն կ՚ըսես, թէ ան միայն սրտին անսացող աղջիկ է… եւ դուն գիտես նմանապէս, որ ալ ոչինչ կայ անոր ու իմ միջեւ, թէ Նէնէթը ալ բնաւ զիս չի սիրեր… Որով ես ազատ եմ, ուզածս պիտի ընեմ, քանի որ այդ հաշուով հաւանական չէ, որ տեղի տայ, գայ յանձնուի ինծի…— Ոչ, լռէ, կը բաւէ որքան որ ատեն կորսնցուցի հոս: Գիտես, թէ ժամադրութիւն ունիմ. պէտք է որ մեկնիմ:

— Լաւ, լաւ, մեկնէ, բայց ալ ձգէ ապակիները. այլեւս անոնց պէտք չանիս դուն: Հիմա, որ զիրար հասկցանք, հիմա, որ պայմանիդ տեղեկացայ, ալ խնդիրը դիւրացած է:

— Վայ…

— Այսինքն` թե… ըսել կ՚ուզեմ, որ աւելի պարզացած է… Ամէն պարագայի մէջ, առնուազն քանի մը օրուան պէտք կայ: Անհրաժեշտ է, որ նախ ես Ժանէթը տեսնեմ, զրոյց մը ունենանք, շօշափեմ իր տրամադրութիւնները…

— Եւ միւս կողմէ ամէն բան փախցնես ասկէ ու ճիրաններէս պրծիս… գորտի ձագ: Այսօր իսկ. կ՚իմանաս, այսօր իսկ պէտք է ամէն ինչ աւարտի, պէտք է, որ գայ…

— Բայց համբերէ, կու գայ, անշուշտ թէ կու գայ:

— Անշուշտ թե…

— Էյ. — գոչեց Լէսքիւռ նեղսրտութեամբ, դիմակը կրկին կորսնցուց. — ինչ կ՚ուզէք ան ըրէք, ինծի ինչ… բայց զիս հանգիստ ձգեgէք, զիս հանգիստ ձգեցեք…— Ոչ, ոչ, սպասէ… օր մը, գոնէ օր մը միջոց տուր…

Երկուքն ալ անշարժացան յանկարծ դրան առջեւ, ականջները ցցելով: Ջղայնոտ մատ մը դուրսի դռան ելեկտրական կոճակը կը սեղմէր անդադար: Երբոր ծառան գնաց բանալ, անմիջապէս ճանչցաւ այդ ջղայնոտ մատը, իր ձայնէն: Նէնէթն էր: «Լուռ, — ըսաւ Փիէռ` մատը շրթներուն տանելով, — ես միւս կողմէն կը մեկնիմ»— ու նետուեցաւ աջ կողմի դրան մէջ, որ ննջասենեակ կ՚առաջնորդէ եւ որուն առջեւ կանաչ լայն վարագոյր մը կար կախուած: Անոր ետեւ կեցաւ սակայն պահ մը եւ սպասեց: Լսեց դրան բացուիլն ու կանացի ներբաններուն կճռտուքը: Բառ չէր արտասանէր: Վերջապէս Լէսքիւռի մէկ ձայնը աղերսեց. — «Ժանէթ, Ժանէթ… փրկէ զիս»: «Օհ, մի դպիր, մի դպիր»— ըսաւ Նէնէթ: Երիտասարդը ոտքի ծայրերուն վրայէն կտրեց անցաւ ննջախուցը, միւս կողմէն հասաւ նախասենեակ, եւ երբ կը պատրաստուէր զգուշութեամբ քաշել ելքի դուռը, իմացաւ Նէնէթին ձայնը, որ կը պոռար.

— Շուտ, Թէրէզ, լազուարթ «թայեէօր»ս, նոր կօշիկներս, միւս գլխարկս, շուտ, շուտ…

* * *

Զարկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ, թէ, զարկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ, թէ, զարկ, Կովկաս, թէեւ գիտեմ թէ… Դարձաւ, դարձաւ, դարձաւ… ծխնելոյզներու վրայ կեցած հրշէջ զինուորներու պէս, վայրկեանները տեղ-քայլ ըրին անդադար… ախ, ըլլայի, ըլլայի, դա դա դա դա դա դա դա, ան մէկ բանը ըլլայի, սպասումիս եւ յոյսիս հետ այն գիշեր, սպասումիս եւ յոյսիս… եւ յոյսիս… Եւ ինք դարձաւ, դարձաւ: Որքան որ սեղանին շուրջ քայլերը արագացուց, ժամացոյցին սլաքները այնքան իրենց գնացքը դանդաղեցուցին: Գերմանական զարթուցիչները բոլորն ալ խոտոր համեմատութեան կանոնը գիտեն:

Ու պարտուած` ալ նստաւ: Աթոռը տապալէր էր անկիւն մը եւ ինք համբերութիւնը չունէր մինչեւ մահճակալը յառաջանալու. ահա թէ ինչու գետինն է, որ նստաւ Փիէռ, գրեթէ ինկաւ: Ձեռքերը կապեց ծալուած ծունկերուն շուրջ եւ այս անգամ ճշմարիտ ճիգով մը սկսաւ մտածումները դասաւորել: Նախ պէտք էր ժամը նայիլ. սեղանին վրայ չորս ժամ կար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երեքն է, քանի որ ժամ մը առաջ տարած էր զարթուցիչը: Ուրեմն… ուրեմն ժամանակամիջոցը լրացած է լիովին, եւ Նէնէթը հոս չէ այս պահուս… հոս չէ այս պահուս, քանի որ չեկաւ: «Վայ, չեկար հա, այդպէս ուրեմն, չես գար, չես գար… բայց այն ատեն ինչու նոր հագուստները ուզեց. մանաւանդ լազուարթ «թայեէօր»ը… լազուարթ «թայեէօր»ը, էն սիրելին… իրաւ է, թէ կիները շուտով չեն կրնար հագուիլ. ալ ատիկա առածի կարգ անցած բան մըն է… եւ սակայն թալբօն վարն էր, դրան առջեւը… Ճիշտ ժամ մը առաջ տարած էի, այնպէս չէ… Վայ, չեկար, հա, չեկար, հա…»:

Մտածումները յորձանապտոյտ կը դառնային: Երիտասարդը զգաց, որ խաղը վերջնականապէս կը խուսափէր մատներէն, եւ իր անհամբերութիւնը յուզումի փոխուեցաւ:

Այրող, խարանող ցաւ մը, որոշում չկարենալ տալու մտալլկումը եւ քանի մը ժամէ ի վեր այսքան սաստկացած յուզումը տղան ճմռթկեցին չգանձուելիք մուրհակի մը պէս: Ինք ապահով էր իր յաղթանակին, բացարձակ վստահութիւնն ունէր, թէ Լէսքիւռ եւ Ժանն տեղի պիտի տան սպառնալիքին առջեւ ու բնաւ անկեղծօրէն չէր խորհած մատնութեան. ոստիկանապետին պատկերը երբեք մտածումէն չէր անցած: Մատնել, բայց ինք շատ լաւ կ՚ըմբռնէր, թէ ինչ հետեւանք պիտի ունենայ այդքան անխորհուրդ արարք մը: Անոնք վայրկենապէս պիտի փճանային, այո, բայց ինչ պիտի շահէր ինք: Նէնէթը պիտի կորսնցնէր վերջնապէս, վերջնապէս… Յաջորդող խղճի խայթը հապա: Եւ ըսել, թէ միայն այսօր է, որ գործելու կարելիութիւնն ունի, եւ վաղը արդէն իսկ ամէն ինչ ուշ պիտի ըլլայ: Օ, եթէ գոնէ խորհելու ժամանակ ունենար, անդրադառնար աւելի վերջ, հանդարտ միտքով…

Բայց ինչու, ինչու չեկաւ: Ըսել է Լէսքիւռ իր կարծածին չափ տկար ու վախկոտ մէկը չէր բնաւ. կրցաւ վերջին րոպէին հակառակ ոստում մը ընել եւ արհամարհել սպառնալիքը, կրցաւ չճկիլ, չխոնարհիլ, ինքզինքը պարտուած չյայտարարել: Եւ չթոյլատրեց… բայց ուրեմն ինչ բանի է վստահած. ինչու զինքը կը մղեն գործելու. ինչու աղէտը անխուսափելի կը դարձնեն: Քիչ մը տկարութիւն, քիչ մը աղերս ու գորով պիտի կարենային…

Սանդուխներուն վրայ ոտնաձայն լսելուն պէս, Փիէռ նետուեցաւ ոտքի եւ դուռը բացաւ: Վեր ելլողը պանդոկին սպասուհին էր, աւելներով ու ջնջոցներով ծանրաբեռն: Երիտասարդին տեսքը զայն կեցուց աստիճանի մը վրայ:

— Դուք հոս էք դեռ, — ըսաւ զարմացած, — ձեր բարեկամուհին վարը ձեզի կը սպասէ… եւ երկար ատենէ ի վեր: Կառքովը եկաւ, նայեցաւ, թէ բանալին իր տեղը չէ ու գնաց նորէն կառքին մէջ նստիլ։ Կը կարծէի, որ ժամադրութիւն ունիք եւ տեղեակ էք, որ…

Փիէռ չլսեց վերջին բառերը: Սենեակ վերադառնալով բոլորովին շփոթեցաւ: Ուրեմն իր կարծածին պէս չէր եղած. եկած էր ան, սակայն զինքը կը փորձէր, գիտնալու համար, թէ որոշուած ժամուն պիտի երթայ մատնէ, թէ ոչ: Եւ եթէ չերթայ… Ըսել է Նէնէթը պիտի մեկնի ապահով, առանց վեր ելլելու, առանց տեղի տալու, առանց յանձնուելու… Անզուսպ ջղագրգռութեան մը նշաւակ երիտասարդը չէր գիտէր ինչ ընել: Արդեօք սպասել քիչ մըն ալ, մինչեւ որ ան վեր բարձրանայ: Հապա եթէ մեկնի անտարբեր, հապա եթէ մեկնած է արդէն իսկ… Վերջնական որոշումով մը երիտասարդը խլեց գլխարկը ու նետուեցաւ սանդուխներէն վար:

Հակառակ այն կողմ չնայելուն, տեսաւ բալի գոյն թալպօն, լսեց Նէնէթին կանչը, սակայն բոլորովին անտարբեր` սկսաւ յառաջանալ գլուխը կախ, արագ, շատ արագ քայլերով:

Չոր աղմուկով մը կառքին դռնակը բացուեցաւ անմիջապէս, եւ Նէնէթ զինքը կեցուց քանի մը քայլ անդին, մարմնովը ճամփան խափանելով: Եւ առանց րոպէ մը ատեն տալու, սկսաւ բառերը իրարու ետեւէ արձակել արագօրէն, խիստ արագօրէն, գոց ձայնով մը… Միավանկեր, բացականչութիւններ, խօսքեր, որոնց իմաստին հետեւելու պէտք չունէր տղան` ըսածը ըմբռնելու համար: Իր յուզումին մէջ բոլորովին անկարող էր բան մը ընելու, պատասխանելու, զայն լռեցնելու, եւ հիմա իրապէս անկեղծօրէն կը փափաքէր երթալ իր նպատակին, մէկդի նետել այդ արգելքը եւ յառաջանալ: Խափանուած ճամփան զինքը աւելի կը մղէր գործելու, իրեն քիչ մը աւելի ուժ կու տար եւ սիրուհին արհամարհելու չափ կատաղութիւնը կը սրէր: Ու իր թեւերուն կառչած կանացի այդ ձեռնոցներէն յաջողելով վերջապէս զսպել, անշարժացնել, կը պատրաստուէր փախչիլ սրունքներուն ամբողջ ուժգնութեամբը, երբոր խօսք մը մէկէն զինքը կեցուց: Նէնէթ տղուն փարելէն ի վեր չէր դադրած ձեռքերը անոր մարմնին վրայ պտտցնելէ, բոլոր գրպանները դուրսէն խուզարկելէ, եւ հիմա կ՚ըսէր.

— Վրադ չեն ապակիները, չես առէր զանոնք: Օհ, ես վստահ էի… ես վստահ էի, որ այդպիսի բան մը չպիտի ընես, անկարող ես դուն այդ արարքին, անանկ չէ, Փիէռօ… չէ Փիէռօ… ըսէ, անցաւ բարկութիւնդ, ալ նեղացած չես ինծի դէմ… թող, որ ալ հանգիստ սրտով մեկնիմ… այո, այո, մեկնիմ…

— Ինչ, ինչ, դեռ դուն կատակ կը կարծես, դեռ կը վարանիս հաւատալու եւ կ՚ուզես անմիջապէս մեկնիլ զիս կրկին մայթին վրայ լքելով… բայց ես. ես երդուընցայ քեզ տառապեցնել, քեզ ցաւցնել, փչացնել քեզ, եւ ես… Օհ, մի կարծէր, թէ պարկեշտութիւնս կամ սէրս է, որ արգիլեց. մոռցայ պարզապէս… Սպասէ, վայրկեանի մը գործ է, մոռցայ պարզապէս…

Եւ վազելով վերադարձաւ պանդոկ:

Երբոր մահճակալին տակ պահուած ապակին առնելով ցցուեցաւ ոտքի, Նէնէթը ետեւէն հասած էր արդէն: Ներս մտաւ ան, սենեակին դուռը գոցեց, կղպեց ու բանալին առաւ: Երկուքը մնացին դէմ դէմի, անշարժ: Այս վերելքը քիչ մը շատ արագ էր եղած ֆրանսուհիին համար, որ կարմրեր էր եւ որուն կուրծքին ելեւէջները որոշ կերպով կը տեսնուէին: Ան պատրաստուեցաւ գլխարկը գլխէն քաշել, բայց բարձրացող ձեռքը ինկաւ յանկարծ եւ մնաց կողն ի վար կախ, անշարժ: Նէնէթը գլուխը ցցեց ու իր բացուող աչքերուն էն լեցուն ակնարկը, լայնօրէն, առատօրէն ու դանդաղօրէն պտտցուց սենեակին մէջ, մէկ անկիւնէն միւսը, մահճակալէն մինչեւ պատերը, լայնօրէն, դանդաղօրէն: Փիէռ չկրցաւ շարժում մը զսպել, երբոր ըմբռնեց իմաստը այն ակնարկին, որ իր շրջանակը կը վերագտներ, որ վայրկեան մը գոնէ կը յուզուէր կարծես ի տես այն իրերուն, որոնց մտերմութեանը մէջ ապրէր էին օրեր, օրեր…

Պահ մը:

Երիտասարդ կինը դանդաղօրէն յառաջացաւ քանի մը քայլ ու ակնարկը մերկ պատին` ըսաւ.

— Ուր են իմ լուսանկարներս…

Այդքան դժուարութեամբ Նէնէթին ձեւաւորած այդ րոպէն իր վերջալուսային խորհուրդը կորսնցուց, երբոր տղան հայհոյութիւն մը արձակելու շեշտով պոռաց. — «Դերասան»: Յետոյ գլխարկը քաշեց յօնքին վրայ, ապակին թուղթի կտորի մը մէջ փաթթելով տեղաւորեց գրպանը, մօտեցաւ կնոջ ու ըսաւ.

— Եւ հիմա, տուր սա բանալին:

— Երբեք:

— Գիտես, թէ կրնամ առնել, եթէ ուզեմ: Տուր սա:

— Երբեք:

— Հէ, երբեք, երբեք, ըսել է զիս իմ սենեակիս մէջ բանտարկել է միտքդ, զիս լռութեան դատապարտելու միակ միջոցդ այդ է… Մի ստիպեր զիս. գիտես, թէ քեզմէ ուժով եմ. տուր:

— Երբեք. չպիտի համարձակիս:

— Պիտի չհամարձակիմ, պիտի չհամարձակիմ վրադ բռնանալ… ես… Լաւ, շատ լաւ… նայէ կրնամ պանդոկապետը վեր կանչել, թէ ոչ:

— Ոչ, Փիէռ, չեմ ձգեր… չեմ ձգեր…

— Մի մոռնար, որ Հայ եմ. գիտես յամառ ըլլալս, բայց չես գիտէր, թէ մենք որքան ոխակալ ենք, աններող ենք: Ըսի թէ պիտի երթամ, եւ պիտի երթամ:

Չկրցաւ սակայն պատուհանը բանալ: Նէնէթ իրեն պլլուեցաւ ամբողջ ուժովը եւ իրական աղէտին դիմաց վերջապէս վտանգը ըմբռնելով, սկսաւ աղերսարկու դառնալ, ձայնին շեշտը փոխել ու մարմինը սեղմել տղուն:

— Կը յուզուիս, վայ, կը յուզուիս… վերջապէս: Բայց յիմար աղջիկ, դուն չկրցար խորհիլ, որ այսպիսի պահու մը ուժով չէ, որ կրնաս ինծի յաղթել, այլ տկարութեամբ… Ես, որ լքուած ու պարտուած մը ըլլալու վիշտը ունիմ, քու կրաւորականութեանդ, կանացի աղապատանքիդ եւ տկար շեշտիդ առջեւ միայն կրնայի տեղի տալ, մինչդեռ դուն իմինիս հաւասար ուժով մը կը ներկայանաս ինծի: Փոխանակ անմիջապէս գալ յանձնուելու, անկարողութիւնդ խոստովանելու, դեռ զիս կ՚ուզես փորձել, կը սպասես վարը, բոլորովին անտարբեր իմ տառապանքիս, եւ երբոր կը ստիպուիս վեր բարձրանալ, այս հրամայական շեշտը կ՚ուգայ միայն շրթներուդ… Դեռ կը կռուիս: Գիտցիր, որ ալ շատ ուշ է սակայն. այլեւս ոչինչ, ոչինչ պիտի կարենայ արգիլել զիս…

— Չէ, Փիէռօս, չէ, պիտի չընես, եթէ զիս կը սիրես…

— Եթէ քեզ կը սիրեմ… Օհ, հեռու ալ ինձմէ, հեռու… Բայց ըսէ տեսնեմ, դուն չէիր ինծի սորվեցնողը, թէ իմ սիրելս արժէք չունի բնաւ… Դուն զիս չես սիրէր եւ երբեք ալ չսիրեցիր: Եկար նետուեցար անկողնիս վրայ քմահաճոյքիդ, տռփանքիդ համար միայն. խաղացիր հետս, այո, տռփանքիդ համար միայն, «հաւ»ու մը պէս…

— Կ՚արգիլեմ, Փիէռ, կ՚արգիլեմ: Սուտ ես. գիտես, թէ ես քեզ անկեղծօրէն սիրեցի եւ կը սիրեմ ալ միշտ…

— Այն ատեն աւելի լաւ. քանի որ ուժը ձեռքս է այս պահուս, պէտք է որ ջախջախեմ, փշրեմ, անհետացնեմ այն միւսը, պէտք է որ վերջապէս կորսուի «թուքի ամանը» եւ դուն իմս ըլլաս ամբողջութեամբ:

— Չեմ ձգէր, որ անոր դպիս:

— Չես ձգէր. կը պաշտպանես զայն եւ կ՚ուզես, որ ես ալ պաշտպանեմ այդպիսի աղտեղութիւն մը, կղկղանք մը… Օհ, եթէ իմ սիրած Նէնէթս ըլլայիր, պէտք էր զարհուրէիր այդ պատկերներուն առջեւ, միայն նողկանք ու գարշանք պէտք էր ազդէր ան քեզի, թքնելով ու պոռալով պէտք էր փախչէիր քովէն: Եւ փոխանակ ատոր, կը պաշտպանես զայն. մէկը, որ իր ամբողջ հարստութիւնն ու դիրքը ուրիշներուն թշուառութեամբ, խեղճ ու տկար կամքերու շահագործումով է դիզեր, միտքեր եւ մարմիններ է քանդեր, փշրեր… Ասկէ աւելի մեծ ոճիր ինչ կայ, երբոր մարդ տարիներով ու տարիներով աշխարհի վրայ կը նետէ այդ զարհուրելի թուղթի կտորները, համակ թոյն:

Գոց մը արտասանելու պէս Նէնէթ ըսաւ.

— Անբարոյականութիւնը չի փոխանցուիր. ան զգացում մըն է, որ կրնայ զօրանալ կամ տկարանալ, բայց չի ծնիր, բայց չի մեռնիր: Ճիշդ մեր` Աստծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքին պէս:

— Դուն ալ… Ճիշդ անոր խօսքերը… դուն ալ: Եւ սակայն աւելի լաւ. գոհ եմ ես. ատիկայ կը նշանակէ, որ այս ըսածներուս արդէն անդրադարձեր ու կրկներ ես իրեն: Հոս գալէդ ի վեր արտասանած խօսքերուդ միակը եղաւ, որ քեզի նպաստաւոր է: Ուրեմն ինչու, ինչու կը պաշտպանես զայն… Ա, սպասէ… հիմա շատ լաւ կ՚ըմբռնեմ… ալ գաղտնիքները կը պարզուին ինծի համար. յստակօրէն կը տեսնեմ քեզ, քու գործունէութիւնդ, մեղսակցութիւնդ…

— Ոչ, ես անոր մեղսակիցը չեմ:

— Բայց սպասէ, դուն չէիր, որ ամէն անգամուն մեր պէտք ունեցած են երկու անգամ աւելի թուղթ ու քարտ փոստալ կը յանձնարարէիր Ժէվայէռթ-ին, դուն չէիր… նոյնիսկ օր մը միամտաբար զարմացումս յայտնեցի, ըսելով, թէ մենք այդքան բանի պէտք չունինք եւ դուն պատասխանեցիր ինձ… «Ուրիշին համար է»: Իրաւ ալ ամէն անգամուն թուղթի այդ ծրարները նոյն գիշերն իսկ մեկնած, անհետացած կ՚ըլլային… Ա, որպէսզի զեղչէն օգտուիք, որպէսզի ան միշտ մութին մէջ մնայ, կասկածի չենթարկուի եւ չբռնուի… Այս մեղսակցութիւն չէ: Ըսէ նայիմ, ինչ դրամագլխով գնեցիր խանութդ, ինչով ապրեցար:

— Ճիշդ չէ, ճիշդ չէ…

— …Եւ հիմա, եթէ մատնեմ, դուն ալ պիտի ձերբակալուիս Լէսքիւռին հետ, դուն ալ պիտի դատապարտուիս… Ատոր համար այդքան շատ կը պաշտպանես զայն, ատոր համար գոյնդ կը նետես ու կը դողաս… Ա, մօտեցիր, նայէ անգամ մը հայելիին մէջ, գանէ ինքզինքիդ վրայ, աղտոտ Նէնէթ… Ես որ, ես որ… ով պիտի կարենար կասկածիլ այս զմայլելի գեղեցկութեանդ առջեւ… ես, որ սա պժգալի…

Եւ մէկէն լռեց:

Յուզումի այդ բարձրութեան վրայ չկըրցաւ բառ մը եւu աւելցնել եւ մնացին երկուքը դէմ դէմի, անխօս: Տղան արհամարհող, հայհոյող ակնարկը զզուանքով կ՚իյնար կնոջ վրայ, զայն կը չափէր գլխէն մինչեւ ոտքերը, կը դառնար կուրծքերուն, մնալու համար փորին սատափ կոճակէն կախուած: Տղան զգաց, որ Նէնէթին համար աւելի ճնշիչ էին լռութեան այս պահերը եւ կարծես զղջաց իր երկար նախադասութիւններուն վրայ, ուր սիրոյ ճշմարիտ տառապանքը պատճառ եղած էր որ մտածումները չափազանցուին: Փիէռ ակնապիշ կը նայէր անոր, անոր, որուն թրջած աչքերը արտակարգօրէն կը փայլէին, կը սպառէին եւ որ կ՚ուզէր մօտենալ, կ՚ուզէր խօսիլ, կ՚ուզէր շնչել…

— Փիէռ, եթէ ընես՝ պիտի ատեմ, պիտի ատեմ քեզ… Հաւատա, որ պիտի անիծեմ քեզ:

Եւ երբոր տեսաւ, թէ տղան իր վրայ կու գայ, նահանջեց քանի մը քայլ եւ կռնակը դուռին տուաւ, ձեռքերը պահելով: Գլխարկը նետած էր գլխէն ու իր ոսկէ մազերուն փունջը այն օրերուն պէս բացուեր էր կրկին: Վեր խուժող արիւնը եկեր էր գունաւորել ամբողջ վիզը, թուշը, այտերը եւ ժաքէթին քակուած կոճակներուն տակ կուրծքը կ՚ուռեր: Փիէռ չնայեցաւ, չուզեց նայիլ ու միշտ առանց բառ մը արտասանելու, բռնեց զայն թեւերէն, դաստակը գտաւ, քաշեց…

Կարծես պատնէշ մըն է, որ քանդուեցաւ, վարագոյր մը, որ աղմուկով պատռեցաւ վերէն վար: Նէնէթ նետուեցաւ տղուն վիզին եւ այս անգամ բարձրաձայն, բարձրաձայն, մանուկի մը պէս, պատժուած աղջնակի մը պէս սկսաւ աղերսել, խնդրել, այլեւս առանց հպարտութեան, առանց ձեւականութիւններու, երիտասարդին վրայ մինչեւ այդ պահը ցոյց տուած իր գերազանցութիւնը նետելով մէկդի: Իր բազուկներուն եւ ձեռքերուն հեւքին մէջ տղան կը ջանար մղել ետեւ, առանց սակայն բառերու իր տարափը դադրեցնելու, առանց բնաւ անոնց շարքը կորսնցնելու.

— Գիտեմ, գիտեմ, որ անարժան եղայ քեզի, քեզի ցաւցուցի, տառապեցուցի, ըրէ ինչ որ կ՚ուզես ինձ, բայց խորհէ, որ ինծի հետ ուրիշ մըն ալ պիտի հարուածես… Չեմ ուզէր այդ, չեմ ուզեր… Ես շատ տառապանք տեսած եմ, գիտեմ թէ ինչ կ՚արժէ դժբախտ մանկութիւն մը, եւ չպիտի թողում, որ զայն դժբախտ ընես… Անմեղ է ան. չպիտի ընես Պիպիին համար, միակ զաւկիս համար:

Նախադասութիւնը սխալ ըմբռնեց Փիէռ եւ քայլ մը ընկրկելով, նայեցաւ կնոջ մարմնին զարմացած:

— Ոչ, այդպէս չէ… Մեծ, մեծ մանչուկ մըն է ան հիմա. ալ ութ տարեկան պիտի ըլլայ… պահեցի քեզմէ. չուզեցի ըսել. քու քովդ շատ մեծ պիտի երեւայի. վախցայ, որ նուազ կը սիրես զիս. չուզեցի ըսել… բայց հիմա, որ գիտես մայր ըլլալս… Տեսնես ինչ անուշիկ մանչուկ մըն է. ան ալ խարտեաշ է. ճիշտ ինծի կը նմանի… Ամէն մարդ կ՚ըսէ, թէ ճիշտ ինծի կը նմանի…

Փիէռ մտիկ կ՚ընէր անշարժ, ակնարկը պատուհանէն անդին, հեռուն, շատ հեռուն, խարտեաշ անհամար լակոտներու:

— Փիէռօ, իմին պզտիկ Փիէռօս, ալ մոռցիր ամէն բան, ալ ինքզինքդ մի տանջէր: Տեսնես հիմա որքան երջանիկ պիտի ըլլանք մենք. առաջուընէ աւելի, անշուշտ շատ աւելի:

— Սուտ ես, — գոռաց մէկէն Փիէռ անոր դառնալով, — այդ զաւկի պատմութիւնը ամբողջութեամբ հնարեցիր դուն, unւտ ես:

— Կ՚երդնում, որ չէ, կ՚երդնում: Եւ Ժանն, սեղանին վրայէն պայուսակը առնելով, բացաւ ու մէջէն պատկեր մը դուրս հանեց: Եւ մինչ կ՚երկարէր զայն երիտասարդին, ան զարկաւ ձեռքովը, պատկերը գետին նետեց ու պոռաց.

— Զաւակ, փիճ մը ըսէ սաւոր, փիճ… խօսէ նայիմ, որմէ է. Լէսքիւռէն… ոչ, ոչ… Հապա որմէ, չըսես։

Նէնէթ պատասխանեց ուսերու շարժումով մը, որ կը նշանակէր. «ինչ օգուտ»:

— Թէ չէ դուն ալ չես գիտեր որմէ ըլլալը, դուն ալ չես գիտեր…

Յետոյ սակայն տեսաւ ինքզինքը մեծ հայելիին մէջ եւ ստացած դիմագիծէն դժգոհ` կեղծ ձայնով մը խնդաց ու աւելցուց.

— Ինչ խենթ եմ, կարծես թէ առաջին անգամն է, որ այսպիսի պատմութիւն մը կ՚իմանամ: Կատարեալ ֆրանսացի է, ինչ պիտի ըլլայ…: — Եւ սակայն… եւ սակայն զայն կրել իր անձին վրայ, այդ կեանքը տեսնել իր սիրածին վրա…

Գնաց նստիլ մահճակալին եզերքը:

Երկար, երկար, երկար լռութիւն:



Բաւական վերջն է որ միայն, երբոր տակաւին կը շարունակուէր թիքթաքներու անվերջանայի պարապը, Նէնէթ զգաց, թէ տղան իր բարկութեան վիճակը կորսնցուցած էր ալ: Պզտիկ ու անձայն քայլերով մօտեցաւ անոր: Կեցաւ Փիէռին ճիշդ քովը, ձեռքը դանդաղօրէն բարձրացուց անոր հակած գլխին վրայ, մատները մօտեցուց մազերուն, բայց չհամարձակուեցաւ դպիլ անոնց (թիքթաքներու անվերջանալի պարապը). կրկին փորձեց, այս անգամ միջնամատովը միայն եւ նորէն չկրցաւ: Այն ատեն լռիկ մը նստաւ մահճակալին վրայ, տղուն քով: Անոր պահած լռութիւնն ու անշարժութիւնը կամաց-կամաց համարձակութիւն տուին իրեն, եւ Նէնէթ աւելի մօտեցաւ, աւելի, քիչիկ մը աւելի: Նախ երիտասարդին ուսին վրայէն մազ մը վերցուց, յետոյ մատներովը շօշափեց ժաքէթին կերպասը, խաղաց պզտիկ կոճակներուն հետ եւ վերջապէս թեւը նետեց վիզին: Փիէռ լուռ էր միշտ, կարծես պարպուած, կարծես անզգայ: Յոգնած եւ ընկճուած այդ վիճակին մէջ շարժում մը չէր ընէր բնաւ զայն վանելու, սակայն իր մորթին վրայ կնոջ մատներուն հպումը ներքին խռովքը կ՚աւելցնէր: Պիտի ուզէր, օհ, այնքան պիտի ուզէր, որ այդ պահուն, երբոր ալ իր հոգին որբացած է, իր Նէնէթը քովը ըլլար, ճիշտ քովիկը եւ ինք գլուխը թաղէր անոր կուրծքին մէջ, գլուխը թաղէր անոր վիզին մէջ ու լռէր, լռէր, ալ չխօսէր: Ան միւսը տղուն առանձնութիւնը չկրցաւ զգալ: Չկրցաւ զգալ եւ շարունակեց խաղալ անոր միսին հետ: Շոյեց, գգուեց, սիրեց, հոտոտեց, հետզհետէ աւելի: Ժամացոյցին սլաքները սկսան իրենց գնացքը դանդաղեցնել կրկին, ու անցաւ, անցաւ, անցաւ: «Այնպէս չէ, Փիէռօ, պիտի սիրես դուն զիս նորէն. առաջուընէ քիչ մըն ալ աւելի պիտի սիրես, չէ: Ալ միշտ կանոնաւորաբար պիտի գամ հոս. պիտի տեսնես, այլեւս ան չպիտի կարենայ մեզ բաժնել: Տեսնես, Փիէռօ, որքան ընկճուած է ան, հաւատա, որ սաստիկ ընկճուած է: Բայց այսպէս աւելի լաւ եղաւ. այլապէս չպիտի կարենայի օձիքս իրմէ ազատել: Օ, դուն չես ճանչնար զայն, դուն անոր օձի գոյն կանաչ աչքերը չես տեսած. սարսափելի մարդ է, սարսափելի: Զիս կապած, կաշկանդած է իր կամքին տակ. դուն չես ճանչնար զայն: Այո, այո, Փիէռօ… ըսէ, նորէն կլթիկս պիտի ծծես… պիտի փչես նորէն ականջիս մէջ… ըսէ, ըսէ տեսնեմ — Nenette, Nenette chérie: Ու շոյեց, գգուեց, սիրեց, հոտոտեց, հետզհետէ աւելի:

Արթնցաւ երիտասարդին միսը եւ փարեցաւ կնոջ: Փիէռ գլուխը թաղեց անոր կուրծքին մէջ, գլուխը թաղեց անոր վիզին մէջ ու լռեց: Եւ անցաւ, անցաւ, անցաւ: Հծծանքով մըն է, որ յետոյ մխրճուեցաւ կիրքին ծոցը: Նորէն իր բազուկները, ձեռքերը, ափերը անբաւական եղան ու շրթունքները անյագօրէն պտտցուց անոր դէմքին վրայ, կոպերուն, այտերուն, բերնին, յետոյ կզակին տակերը, ականջներուն, ծոծրակին մէջ: Ակսաւ խածնել, ծծել ու համբուրել կատաղօրէն: Կարօտն առնելէն աւելի, կարծես կը յանդիմանէր, կը պատժէր, կը ծեծէր իր Նէնէթը: Մատները կը ճմլէին ու կը ցաւցնէին անոր միսը, եւ կնոջ ինքնապաշտպանութեան շարժումները իր խենթութիւնը կ՚աւելցնէին: Կը փարէր մանաւանդ անոր տաք շրթներուն խորունկ ներշնչումէ մը յետոյ ու կը սպասէր, որ անոր շունչը սպառի, բռնուած թռչունի մը պէս տապլտկի բազուկներուն մէջ, արիւնը խուժէ այտերուն եւ ճիչ մը գայ կոկորդը ուռեցնել: Օհ, այդ բոյրը, այդ բոյրը: Կատաղօրէն համբուրեց: Աչքերը գոցած էր ուժով մը, բայց անոնք հազիւ թէ կը տեսնէին նոյնիսկ, երբոր մնային կիսաբաց: Իր հանդարտութեան կարճ րոպէներուն այտը կը դնէր անոր այտին ու ջերմութեանը հետ հծծանքը կը բարձրանար ալիքի մը պէս:

Այդպէս հանդարտութեան պահու մըն է որ, երբ Փիէռ քաշեց ձեռքերը անոր միսերէն դուրս, Նէնէթ ցցուեցաւ ոտքի ու հագուստը կռնակէն նետեց: Հագուստը կռնակէն նետեց արագօրէն, շատ վարժ շարժումով մը: Սակայն Փիէռ տեսաւ: Այս անգամ Փիէռ իրապէս, բաց աչքերով տեսաւ անոր հանուիլը, տեսաւ անոր արտորանքը: Հագուստէն վերջ Նէնէթ ուսերէն սահեցուց ներքնաշապիկն ալ ու մնաց մերկ: Մետաքսէ վարդագոյն գուլպաները զմայլելիօրէն կը գրկէին ազդրերը, կը փայլէին երկար գիծերով, եւ կնոջ կուրծքին վրայ մնացած լանջակալը (soutien gorge) ամբողջ մերկութիւն մը կ՚ապրեցնէր:

Ու նետուեցաւ մահճակալին վրայ:

Բայց այն պահուն, որ իր ձեռքերը պիտի կապուէին տղուն կռնակին` Փիէռ մէկէն ծունկերուն վրայ ցցուեցաւ ու այդ յանձնուող ոսկի գլուխը երկու ափերուն մէջ սեղմած` բարձրացուց վեր, իր դէմքին մօտիկ, մօտիկ, ամբողջ ուժովը թքաւ անոր քիթին բերնին եւ զայն կրկին նետեց վար, անշահ իրի մը պէս, բրտօրէն:



Շապիկով էր եւ առանց օձիքի: Կը նայէր պատուհանէն դուրս` անշարժ: Պատուհանէն դուրս բան չէր երեւէր: Ձախ ձեռքը տաբատին գրպանը մխրճած բան մը կը սեղմէր մատներուն ամբողջ ուժով, կարծես սրունքները զսպելու համար: Անոնք կը զարնուէին սակայն իրարու, երբեմն գետնին, ջիղերը պրկուած: Կը ծխէր արագ-արագ, սիգառէթը կը կոտրէր մատներուն մէջ ու կը վառէր միշտ նոր մը:

Հեկեկանք մը սկսաւ: Պատուհանէն դուրս բան մը չէր երեւէր: Հեկեկանքը սաստկացաւ — բան չէր երեւէր — ու յորդեցաւ լացով: Ան լացաւ դառնօրէն, — չէր ուզէր այն կողմ նայիլ — դառնօրէն — հետզհետէ ինքզինքը կորսնցուց — դառնօրէն — բայց ինչու հոս բան չէր երեւեր: Պատառոտող, աղեկտուր այդ լացին աղմուկը սենեակը լեցուց, եւ տղան ետեւ դարձաւ: Գրպանին մէջ ուժով մը կը սեղմէր լուցկիին տուփը, ակնարկը գամած սեղանին վրայի լուցկիի տուփին: Անկեղծ, խորունկ, անդիմադրելի լաց մը: Ամբողջ մարմնովը կը ցնցուէր Նէնէթ, ջղային նոպայի մը մէջ: Նստեր էր մահճակալին էն վարի ծայրը. եզերքին: Մերկ էր միշտ եւ ծունկերուն վրայ էր վարդագոյն ներքնաշապիկը: Ուժերը կը հատնէին, ձայնը կը սպառէր ու ճիչեր եկան խեղդուիլ կոկորդին մէջ: Շնչառութիւնը դժուարացաւ, դժուարացաւ, ձայնը դարձաւ խռպոտ… Փիէռ վախցաւ, որ պիտի մարի: Մօտեցաւ, հեռացաւ շփոթած, կրկին մօտեցաւ, անձեռոցը թրջեց, ջուր ըրաւ երեսին: Անօգուտ, պիտի մարէր: Սաստիկ շփոթեցաւ, բայց գտաւ Eau de Cologneի շիշը, որ ձեռքին մէջն էր: Ափը լեցուկ այդ հեղուկով ու սկսաւ շփել դաստակները, յետոյ վիզը, ճակատը, քունքերը: Տեսաւ, որ անոր քիթին քով իր թուքէն քիչ մը մնացած էր տակաւին: Անձեռոցովը սրբեց զգուշութեամբ, անոր աչքերուն էն խորունկը նայեցաւ, առանց յայտնի ընելու եւ ափովը նորէն Eau de Cologne տուաւ, որպէսզի շնչէ:

Կամաց-կամաց հանդարտեցաւ Նէնէթ: Փիէռ նստաւ քովը եւ շարունակեց անոր մարմինը շփել: Երբոր կինը աչքերը կրցաւ բանալ, գլուխը դարձուց ու նայեցաւ Փիէռին: Անոր սրուակը բռնող աջ ձեռքը կը դողար օդին մէջ, եւ դիմագիծը ան չէր: Նէնէթ հեկեկանքին տակ ցնցուող ուսերուն մէջ յօնքերը վեր քաշած նայեցաւ անոր աչքերուն, էն խորունկը նայեցաւ, սուզուեցաւ, ակնապիշ ու ըսաւ միայն. «Դուն»: Յետոյ կարծես իր մերկութենէն ամչնալով ուզեց հագուիլ, սակայն ուժ չունէր: Տղան կնոջ գլուխը առաւ իր կուրծքին, որպէսզի ալ չհեկեկայ: Ան կը շարունակէր կրկնել կտրտուած վանկերով. «Դուն, դուն, իմին Փիէռօս…»: Կը դողդղար, կը թրթռար, միշտ թրջող աչքերը կը չորցնէր տղան լաւ տեսնելու համար եւ չէր դադրէր կրկնելէ նոյն բառերը. «Իմին Փիէռօս, իմին… Փիէռօս…»:

— Բայց ինչու, ինչու այս բոլորը պատահէր… Ըսէ, ինչու զիս լքեցիր, ինչու անկեղծ չեղար ինծի հանդէպ: Եթէ զիս իրապէս կը սիրէիր, պէտք էր գոնէ ամէն ինչ պատմէիր ինձ, գաղտնիք չպահէիր, որպէսզի իմ սէրս այսպէս օր մը չմեռնի, չսպաննուի: Նայէ, այս ամէնը չէր բաւեր, հիմա ալ զաւակ մը մէջտեղ ելաւ. հիմա ալ ուրիշ մէկը մէջտեղ ելաւ: Բայց ըսէ, ով ես, ինչ ես, ինչպես ապրէր ես… նա, հիմա աչքիդ առջեւ կոտրեմ սա անիծուած ապակին ու լմննայ երթայ:

Փիէռ կեցած էր կնոջ ճիշտ դիմացը, քիչ մը առջեւ հակած, ձախ ձեռքը ծունկին վրայ, իսկ աջը` օդին մէջ բարձր` ապակիին հետ: Երկար պահ մը լուռ մնաց Նէնէթ, գլուխը կուրծքին վրայ հակած, ձեռքերը ծունկերուն մէջտեղ: Յետոյ պատասխանեց նոյն կտրատուած բառերով, հեկեկալով, կարծես բոլորովին անտարբեր ըլլալիքին, որպէս մթին երազի մը մէջ:

— Je… je… je suis une pu… pille de la nation… pupille de la nation…

Օդին մէջ բարձր բռնուած ապակին սահեցաւ մատներէն ու ինկաւ, փշրուեցաւ: Ձեռքը մնաց սակայն օդին` բարձր, անշարժ:

— Մայր… հայր… ով… չկայ… մայրիկս զիս լքէր է. անունն անգամ չէ ձգեր… յետոյ մանկութիւն… յետոյ պատանեկութիւն… սեւ գոգնոց… Pupille de la nation…

Մեքենագիր էի, երբոր պատերազմը ծագեցաւ: Անգործ մնացի… մէկը չունէի շուրջս, մարդ չկար: Եւ շատ մեծսիրտ էի, որովհետեւ գեղեցիկ էի ու թշուառ… անգործ մնացի: Ես ալ ուրիշներու պէս պիտի սայթաքէի անկասկած… երբեք, երբեք… Անձրեւոտ գիշեր մըն էր, Լէսքիւռին հանդիպեցայ… ան զիս սիրեց, վստահ եմ… մոլեգնօրէն սիրեց… Տեսայ, որ վտանգը չունէի լքուելու… կը սոսկայի ատկէ, միշտ նոր պաշտպան մը փնտրելէ… Այդ էր պատճառը, որ միացայ իրեն… Ան զինուոր չեղաւ ֆիզիքական թերութեանը շնորհիւ… Շրջուն լուսանկարիչ էր. բանակատեղիներն ու զօրանոցները կ՚երթար, լաւ կ՚աշխատէր: Օր մը… Օր մը Ճոնի մը իրմէ մերկ կնոջ պատկեր է ուզէր. պատրաստեց… Այդպէս սկսաւ… շատ շահեցաւ… վերջը ալ գրեթէ բնաւ լուսանկարով չէր զբաղեր. ձեւակերպութեան համար միայն տուփը կ՚առնէր միասին… Խափշիկներուն, Սենեկալցիներուն, վայրենիներուն հետ շատ գործ չըրինք, բայց մաքրակրօն Անգլիացիներն ու Ամերիկացիները: Ես ու Թերեզը իրեն կ՚օգնէինք… շատ: Վերջը ես ուզեցի բաժնուիլ ու իմ բաժինս պահանջեցի, որովհետեւ նկարներուն սեռը փոխեց, սկսաւ խումբերու… Մեծ խնդիր ելաւ: Լէսքիւռ չէր ուզէր համակերպիլ ոչ թէ դրամին համար, այլ որովհետեւ այդպիսով պիտի կորսնցնէր զիս: Ես կ՚ուզէի մեկնիլ, կ՚ուզէի մեկնիլ… Սպառնաց, ըսաւ, որ պիտի մատնէ, պիտի փչացնէ ինքզինքը, զիս ալ կորստեան տալու համար: Չէի ուզէր կառավարութեան հետ գործ ունենալ. pupille de la nation.

«Եւ փախայ, հիւանդապահուհի եղայ. որբանոցը սորվեցուցած էին մեզ: Մառնի երկրորդ ճակատամարտին էր, հիւանդանոցի վերածուած եկեղեցիի մը մէջ էի, վիրաւորի մը քով. մահամերձ էր ան. նոյն գիշեր պէտք էր, որ մահճակալը պարպուէր: Զարհուրելի գիշեր… եկեղեցիին գունաւոր մեծ պատուհանները կը լուսաւորուէին անդադար պայթումներու բոցով: Չեմ գիտէր ինչու լացի, լացի… Մէկէն տեսայ, որ մահամերձը ցցուէր էր արմուկին վրայ եւ ինծի կը նայէր մեծ, խոշոր, երկնքի գոյն աչքերով: Սիրեցի այդ անմեղ, բարի աչքերը, որոնք ինծի կը նայէին: Չմեռաւ ան. խիստ բարի մարդուկ մըն էր. իմ գերիս, իմ հաւատարիմ շունս եղաւ: Կը ճանչնաս զինքը, Կոստանն է: Ան է, որ հետս տարի Լէսքիւռին, եւ երբոր այս վերջինը կրկին մերժեց, ատրճանակը քաշեց Կոստան: Օհ, եթէ Brigadier-ի այն կապոյտ աչքերը տեսնէիր այդ պահուն, պիտի համբուրէիր զանոնք անմիջապէս: Դրամները առի եւ բացի խանութս: Հաշտուեցանք Լէսքիւռին հետ… հաշտուեցանք. դեռ շատ պէտք ունէի իրեն: Յետոյ… յետոյ…

Գլուխը ցցէր էր Նէնէթը, դէմքը վեր, ճակատը բաց, աչքերը հեռուն: Հաւաքեց իր ակնարկը ու զայն տուաւ Փիէռին: Ան ինկեր էր աթոռին վրայ, մտածումը երկու ձեռքերուն մէջ մեծցած:

— Եւ յետոյ… յետոյ, իմին Փիէռօս… իմին պզտիկ Փիէռօս: Չկրցի քեզ պահել, չգիտցայ քեզ պահել: Ալ առաջուան պէս պիտի չսիրես զիս: Գոնէ այսօր պէտք չէր, որ յանձնուէի… պէտք չէր: Դուն զիս գէշ դատեցիր, սխալ դատեցիր: Բայց հաւատա, հաւատա, Փիէռօս, որ ես քեզ սիրեցի, անկեղծօրէն սիրեցի: Չար աղջիկ չեմ… բայց դուն: Տարէց մէկը պիտի կարենար ըմբռնել. դուն սակայն չես ներեր ինծի… չես ներեր: Ըսէ, ալ չես ուզէր զիս, չես ուզէր, լմնցաւ…

Երիտասարդը ոչինչ պատասխանեց: Ելաւ նստած տեղէն, գնաց պատուհանին առջեւ ու կռթնեցաւ հոն, կռնակը դարձուցած: Նէնէթ սկսաւ յագուիլ դանդաղօրէն, պարտուած, խորտակուած:

Երբոր գլխարկը դրաւ, մօտեցաւ քիչ մը տղուն եւ ըսաւ.

— Կը ձգես որ մեկնիմ, այսպէս… բան մը չես ըսէր, չես ուզէր, որ… ըսել է իրապէս լմնցաւ ալ, լմնցաւ… վերջին անգամ մը չես համբուրէր զիս, Նէնէթիդ անգամ մը…

Տղան մնաց անշարժ ու անխօս: Այն ատեն Նէնէթ դէպի դուռը յառաջացաւ, բանալին անցուց կղպանքին մէջ, դարձուց, կրկին փորձեց ու մանկունակ շեշտով մը ըսաւ.

— Չի բացուիր կոր, դուռը չի բացուիր կոր…

Փիէռ մօտեցաւ, բացաւ դուռը ու կրկին հեռացաւ:

Իրիկուան տկար նշոյլները կը հաւաքուէին պատուհանին մէջ, ու սենեակը կը լեցուէր ստուերներով: Մութը կը բարձրանար անկիւններէն, կարասիներու տակերէն ու կը մեծցնէր ամէն ինչ: Հազիւ նշմարելի կ՚ըլլար Նէնէթ, դռան գորշ քառակուսիին մէջ կորսուած, ձեռքը խնձորին վրայ անշարժ՝ դեռ անկարող մեկնելու:

Մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հին, շատ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, մեղեդի մը որ կ՚ուզեր աւելի երկրորդինը յուզել քան չորրորդ յարկինը, որ ալ պարտասած, երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հին, շատ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ…

………………………………………………………

Փիէռ նետուեցաւ պարապ դռան վրայ, ուզեց, չուզեց, բայց ոչ, չուզեց զայն, գոցեց զայն, այսինքն դուռը, վերջին դուռը:

Օհ, այլեւս այսպէս չխորհիլ, չմտածել, գտնել ուրիշ բան, նորը, ինչ որ կ՚ուզէ ըլլայ, միայն թէ կարենայ մտածումը հանել ոտքի, անոր ողնասիւնը շտկելու, փախցնելու հեռու, անդին:

Ինկած էր սեղանին վրայ ու գիրքերուն առջեւ պահարան մը նշմարեց: Թրքական դրոշմաթուղթ կար վրան եւ գոց էր դեռ: Մոռցուէր էր նոյնիսկ ան: Բացաւ, սկսաւ կարդալ… Եւ հակառակ անոր, որ հեկեկանքը առաջին բառերէն իսկ կուրծքը ուռեցուց, պոռթկալէ առաջ տղուն թոյլատրեց քանի մը նախադասութիւն արտասանել, հոգ չէ թէ ինչ ձայնով.

«Անուշիկ չօճուխս իմին… Տեսնես պարտէզնիս ինչ աղուորցեր է. խասըմ չիչէյիները ամէնքն ալ բացուեր են. ճիշտ եղանակն է… Առջի օր կատունիս մեռաւ. գիտեմ, պիտի ցաւիս. դուն Մինէն շատ կը սիրէիր… Քեզի համար մասնաւոր տոկուն կերպասէ բաղնիքի քեսէ մը կարեցի, չէվիրմէյի անուշին հետ կը ղրկեմ… Իմին փաշա մանչս, իմին…»
3
…Խափշիկները մեզ յանկարծ լքելով փախան ու պահուըտեցան չես գիտէր ուր: Ընկերս կը դողար իր բոլոր անդամներով եւ վախէն ակռաները իրարու կը զարնուէին: Եւ այն ատեն — մացառներուն մէջէն յովազը ոստումով մը նետուեցաւ դուրս, ճիշտ մեր դիմացը, թաթերը օդին, երախը` բաց, աչքերը` սարսափելի… Օհ, սարսափելի, ահաւոր… Եւ այն ատեն… բայց մտիկ չէք ընէր կոր, պարոն Փիէռ…

— Si, si, շարունակէ:

— Եւ այն ատեն, առանց պաղարիւնութիւնս կորսնցնելու, նշան առի, կրակեցի… Եւ այն ատեն, կենդանին ինքն իր վրայ դարձաւ, գետին ինկաւ, սկսաւ տապլտկիլ ու մռնչալ… սարսափելի, ահաւոր… Ես վրան նետուեցայ, հրացանիս կոթը մխրճեցի անոր երախին մէջ, այսպէս, որպէսզի չխածնէ եւ պոչէն քաշելով զայն տարի ծառի մը տակ. ճիշդ այսպէս: Խոշոր, հսկայ ծառ մըն էր, թերեւս պաօպապ մը:

Ուրիշ ծառեր ալ կային հեռուն, որոնք անվերջանալի տողանցումով մը կը յառաջանային, ճամփան աղեղները եզերելով: Ատենը անգամ մը ինքնաշարժ մը կը փախչէր բուներուն մէջէն եւ տերեւաթափ ճիւղերը կը սուլէին: Ընդարձակ, անհատնում դաշտեր, լերկ ու պարապ: Աշնանավերջ է եւ հողը ալ կը հանգչի թրջած տերեւներու վերմակով: Անձրեւէն լուացուած տուներ իրենց կիրն ու աղիւսը կը փայլեցնեն ջրակոյտերու մէջ եւ գորշ, հնամենի ագարակներ, ուրիշ դարէ մը մնացած, հանդարտօրէն կը մխան, անգործ մշակի մը ծխամորճին պէս: Ճահիճները մեծցեր են հիմա եւ բադերու ու սագերու անիմաստ կանչը ունին միայն, իսկ ջուրի ճամփաները լեցուն են կարծես սպիտակ փետուրով: Հեռագրի փախչող ձողեր վայրկեանները նշանագրեցին անվերջանալիօրէն եւ թելերը իջան ու ելան, իջան ու ելան: Նորմանդին կը սկսէր:

Դէմ դէմի են պատուհանի առջեւ Փիէռ ու Կոստան: Սա համաչափ ու միօրինակ ցնցումը շոգեկառքին տեսակ մը թմրութիւն կու տայ իրենց եւ մելամաղձոտութիւնը կ՚աւելնայ վագոնին կիսաստուերներէն ու դուրսի ցած, աղտոտ երկինքէն: Տեղատարափը Փարիզ մնաց, բայց դեռ պզտիկ կաթիլներ կը դողան ապակիներուն վրայ: Փարիզ շատ բան մնաց, սակայն զուգահեռական սա երկար գիծերուն տակաւին կ՚ընկերակցէին ծանր ու գորշ ամպեր, ինչպէս նաեւ զանազան խմիչքի ազդեր: Կոստանը կը շարունակէր իր սպանած յովազին պոչէն քաշել, այսպէս, զայն տանելու համար պաօպապին տակ, եւ Փիէռին մտածումը կը ցատկէ խրճիթէ խրճիթ, տանիքէ տանիք, կը յառաջանայ շոգեկառքէն շատ աւելի արագ, հասնելու համար Պիպիին: Ահա Պիպին, ահա անոր խարտեաշ գլուխը, կապոյտ աչքերը, շարժումներն ու խօսելու ձեւը, անառակութիւնը: Եւ Փիէռին մտածումը կը փախչի մէկէն ետեւ, կ՚իյնայ Փարիզ, կ՚իյնայ Նէնէթին, շուտով վերսկսելու համար այս ճամփան` դէպի Սէն-ժորժ: Իրաւ, այս երրորդ անգամն է, բայց այլեւս վերջին անգամը պիտի ըլլայ: Այլեւս չպիտի երթայ այդ գիւղը, Նէնէթէն բան մը փնտրելու. այլեւս պէտք պիտի չունենայ: Գնացքին անիւներուն միօրինակ աղմուկը կարծես ըսել կ՚ուզեր. «Չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի»:

Փիէռ մտիկ չէր ընէր դիմացինը, Փիէռ մտիկ չէր ընէր ոչ իսկ իր անձը: Ներքին յաւիտենական տրամախօսութիւնը լռած էր կարծես: Պարապ էջեր՝ որոնք կ՚անցնէին: Պէտք է անոնք շատ արագ անցնէին: Ան այս վիճակին մէջ կը նմանի վատուժ, սպառած հիւանդի մը, որուն երակներէն արիւնը պահ մը խոյս կու տայ ամբողջութեամբ, եւ դիտող աչքերը անկարող կ՚ըլլան իրենք զիրենք տեսնել հայելիին մէջ: Ապաքինութեան շրջանը պիտի սկսի անշուշտ եւ երբոր ամպի պէս սա վարագոյրը կամաց կամաց փարատի, երիտասարդին աչքերը կրկին պիտի տեսնեն նոյն ժպիտը, սիրական Նէնէթին դէմքը լուսաւորող: Պիտի տեսնեն զայն ներքին հայելիին մէջ իսկ, պիտի վերադառնայ ան անշուշտ իր Փիէռոյին, դարձեալ պիտի նետուի իր բազուկներուն, ինչպէս որ նախորդ անգամուն եկաւ, եկաւ ճիշդ առջեւս, արիւններուն մէջ, դաշոյն մը մինչեւ երախակալը մխրճուած անոր զմայլելի ծիծերուն մէջտեղ…

— Հե… ինչ, ով…

— Բայց զիս մտիկ չէք ընէր կոր, պարոն Փիէռ…

Որքան յուսահատութեամբ արտասանեց Կոստան իր այս նախադասութիւնը: Յետոյ սմքած ու տխուր քաշուեցաւ իր անկիւնը եւ լռեց: Սաստիկ առնուած էր: Երկար պահ մը վերջ Փիէռ ըսաւ.

— Նորէն կը կրկնեմ, Կոստան, տիրուհիդ բան մը պէտք չէ գիտնայ: Չեմ ուզէր, որ իրեն ըսես, թէ Պիպին տեսնելու գացի:

Բաց՝ ինչպէս կ՚ըլլայ ամէն մաքուր աչք, նախկին ենթասպայի կապոյտ աչքերը աւելի լայնցան եւ ուսերու ու ձեռքի շարժումի մը հետ իրենց զարմացումը յայտնեցին: Ոչ, պէտք չէր տարակուսիլ, պէտք չէր կասկածիլ Կոստանի վրայ: Ան սովորական՝ համակրութենէ աւելի մեծ զգացում մը կը տածէր երիտասարդին հանդէպ, որ հակառակ որսորդութեան պատմութիւններէ ախորժող մը չըլլալուն… այո, հակառակ իր պատմութեանը էն անուշ կէտին ընդմիջած ըլլալուն, սովորական համակրութենէ աւելի մեծ զգացում մը կը տածէր իրեն հանդէպ:

Երբոր պարապ ու երկար րոպէները սկսան աւելնալ, եւ նոյն անձին շուրջ երկուքին կողմէ ալ չարտասանուած նախադասութիւնները եղան ճնշող, երբոր վերջապէս դուրս ելան փապուղիի մը մթութենէն, Կոնստան լռութիւնը խզեց ձայնով մը, որ իր նոր զգեստներուն պէս պաշտօնական պարագաներու միայն կը գործածէր, ըսաւ.

— Մատամ Ժաննը ես շատ կը սիրեմ, զաւակի մը պէս: Ես զինքը շատ կը յարգեմ: Եւ սակայն կը խոստովանիմ, որ ձեզի հանդէպ պէտք եղած վարմունքը չունեցաւ… Ոչ, պարոն Փիէռ, ձեզի հետ լաւ չվերաբերուեցաւ: Գալով Պիպիին, օհ, շատ, շատ սխալ կ՚ընէ. պիտի զղջայ օր մը: Մօր սրտի գործ է այսպիսի մանչուկ մը գիւղերը ձգել: Ամէն ամիս զիս կը ղրկէ, որպէսզի դրամ տանիմ եւ պէտքերը հոգամ:

«Ես ինչ կ՚արժեմ, ես ինչ կրնամ ընել… պէտք է, որ ինք… Եւ ինք տարին երկու անգամ երթալ տեսնելով կը բաւականանայ: Ոչ, ոչ, պիտի զղջայ օր մը, տղան իր դէմը պիտի ելլէ, ես կը խոստովանիմ բացէ ի բաց»:

…Չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի…

Հաղորդ կայարանէն մարդուկ մը բարձրացաւ իրենց վագոնը: Հաստ, կլոր եւ կարմիր դէմքով մէկն էր ան ու կը հեւար: Ծրարները մեծ դժուարութեամբ զետեղեց վերի ցանցին մէջ, ամէն մէկ շարժումի բացականչութիւն մը ու քանի մը խօսք արձակելով: Ոհ, այս մէկը հարաւի ծնունդ էր, ատոր կասկած չկայ: Անմիջապէս խօսակցութեան մտաւ Կոստանի հետ, ու երկու տարեցները շուտով մտերմացան:

Հեռագրաձողի գումարտակներ անցան:

Բաւական վերջ, երբոր ալ հանգրուանին կը մօտենային, Փիէռ սթափեցաւ իր վշտոտ մարդու թմրութենէն, ծրարները իջեցուց, գլխարկը դրաւ եւ սկսաւ շարժումներ ընել, ընդարմացած անդամներում քիչ մը առուգութիւն տալու համար: Տեսաւ, որ Կոստանը դէմը չէր: Ձայնը կը լսուէր սակայն: Այն միւս մարդուկին հետ ետեւի նստարանը անցէր էին, զինքը չնեղելու գովելի փափկանկատութեամբ, ու Կոստանը կը պատմէր.

— …Ես վախէս կը դողայի իմ բոլոր անդամներովս, ու ակռաներս իրարու կը զարնուէին: Սակայն ընկերս առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու նետուեցաւ վրայ, հրացանին կոթը մխրճեց անոր երախին մէջ ու պոչէն քաշելով տարաւ ծառի մը տակ: Կարծեմ պաօպապ մըն էր:

………………………………………………………………

Մօրը կատարեալ մանրանկարը:

Դիմագիծերու, խօսուածքի, շարժումներու, նոյնիսկ քայլուածքի բացարձակ նմանութիւն: Նոյն ոսկի մազերը եւ մորթի գոյնը: Պիպիին աչքերն են, որ միայն կը տարբերին: Կապոյտ են անոնք, խիստ գեղեցիկ, գոց կապոյտ մը՝ որ մազերու փայլին հետ աննման ներդաշնակութիւն մը կը կազմէ: Գիւղին ամենէն գեղեցիկն է եւ ամենէն ալ անառակը: Համարձակ՝ կարծես մօրմէն ալ աւելի, համարձակութիւն մը, որ այս տարիքի տղոց քով շատ շատ անգամ լրբութեան ալ կ՚երթայ, մանաւանդ երբոր ծնողքէ զուրկ ըլլալով ակնածանք ազդող մէկը չունենան իրենց քով: Խիստ ծեր, բայց դեռ վազվզող պառաւ մըն է զինքը մեծցնող կինը, Թաթան: Նորմանտուհիի մը պէս ագահ ու գծուծ, սակայն վերջին ծայր տկարամիտ, անխելք: Այնպէս որ տունին տէրն է եղած կարծես Պիպին, որ իր արտակարգ սրամտութեամբ, տարիքը գերազանցնող խելացութեամբ, ուզածին պէս կը կառավարէ պառաւը: Տան միւս երկու այր անդամները, նմանապէս տարէց, դաշտերն ու պարտեզները կ՚անցընեն իրենց բոլոր պահերը եւ անկարող են օրուան անվերջանալի դէպքերուն միջամտել: Բանէ մը վախն ալ չի գիտէր չարաճճին, երբէք չընդունիր պարտուած ըլլալը, եւ նոյնիսկ բացորոշ յանցանք մը գործած պարագաներուն — բան մը, որ յաճախ կը պատահի — ինքն է, որ կարծես կ՚ուզէ դիմացինը յանդիմանել: Լացը իրեն համար գոյութիւն չունի: Քաղաքի ծնունդ եղող տղու իր ուշիմութեամբ ուզած ձեւովը կը վարէ սա պզտիկ գիւղին կիսով կենդանի մանուկները: Վերը, հեռուն, երկու հովիտներու մէջ կորսուած գիւղ մըն է Սէն-ժորժը, որ քաղաքին կէս ժամով մը կը միանայ, ինքնաշարժի արագութեամբ:

Կատարեալ փոթորիկ մը փրթած էր, երբոր Փիէռ ու Կոստան ներս մտան տնակէն: Դրացի մը եկեր էր քիչ մը խիստ ու ծանր բառերով գանգատիլ Պիպիին ըրած մէկ անառակութեանը համար: Դեռ մարդուն պոռչտուքին տպաւորութեանը տակ` Պիպին կեցեր էր սենեակին մէկ անկիւնը անշարժ, աչքերը խոշոր մը բացած: Թաթան վերջին ծայր շուարած, բոլորովին ապուշցած էր. դէպքը Փիէռին կը պատմէր անգործածելի ձայնով մը, մեծ սենեակին մէկ անկիւնէն միւսը երթալով, խիստ բարկացած, բայց անկարող բան մը ընելու, յուզումէն դողդոջուն:

Փիէռ անզուսպ փափաք մը ունէր խնդալու, սակայն պատշաճութիւնը յարգելու համար բարկացած մէկու մը դիմագիծը առաւ ու գոչեց բարձրաձայն.

— Պիպի, հոս եկուր տեսնեմ, շուտ, հոս, առջեւս… Ըսէ նայիմ, ինչու պարոն Ֆաթուին էշը ներկեցիր:

— Պարոն Ֆաթու…ին:

— Այո, էշը:

— Պարոն Ֆաթուին է…շը:

— Այո, այո, պարոն Ֆաթուին էշը: Ինչու ներկեցիր…

— Բայց ես ամբողջութեամբ չներկեցի…

— Ինչ, ինչ, հապա ամբողջութեամբ պիտի ներկէիր: Սա անպիտանին նայեցէք, ըսել է կ՚ուզէիր ամբողջ էշը ներկել: Չորս ոտքով, երկու ականջով, մէկ քիթով, մէկ պոչով այդ խոշոր էշը, եւ միայն երկու ոտքերը ներկած ըլլալդ արդարացում կը նկատես… թէ ոչ քիթիս կը խնդաս կոր, հէ, քիթիս կը խնդաս կոր… ամբողջ էշը ներկել…

— Բայց արդէն ներկը չէր բաւէր, որ…

Փիէռ անմիջապէս ետեւ դարձաւ խնդուքը ծածկելու համար, իսկ Կոստան աթոռի մը վրայ իյնալով սկսաւ կարմրիլ ու մարմրիլ բարձրաձայն, բարձրաձայն: Թաթան ալ չկրնալով բարկութիւնը զսպել, սկսաւ լալ, հանգստեան կոչուած ձայնով մը, եւ ձեռքին պղինձէ մեծ սանը` բոլորովին շուարեցաւ:

— Ըսէք տեսնեմ, սիրելի պարոնս, ասոր հետ ես ինչպէս գլուխ ելլեմ… Դեռ այս բան մը չէ, կ՚երթամ էշը կը լուամ ու ամէն բան կ՚աւարտի. այս բան մը չէ: Առջի օր ուրիշ փորձանք մը իջեցուց գլխիս, հին հովանոցիս թելերովը աղեղ մը եւ նետ մը շինէր է, քաշելուն պէս աքաղաղին աչքը հանեց… Հապա, աչքը տեղէն հանեց…

— Ինչ, ինչ, — գոռաց Փիէռ նորէն սաստիկ բարկանալով, — ան, դուն, հոս եկուր տեսնեմ, հոս, առջեւս, քեզի պիտի սորուեցնեմ, թէ ես ով եմ, թէ անառակ տղաքը ինչպէս կը պատժեմ: Ըսէ նայիմ, ինչու աքաղաղին աչքը հանեցիր…

— Աքաղաղին…

— Այո, աչքը:

— Աքաղաղին աչ…քը…

— Էյ, նորէն չհասկնալու մի գար. այո, աքաղաղին աչքը, ինչու տեղէն հանեցիր:

— Բայց ես չհանեցի, ան ինքնիրենը մէկ աչքը գոցեր է…

— Oh, Jésus Marie! Oh! Jésus Marie. այս ինչ ստախօս. մի հաւատաք, պարոն Փիէռ, մի հաւատաք, ամբողջ սուտ է: Ուրիշ անգամ մըն ալ հաւու մը ոտքը կոտրեց եւ ըսաւ, որ կենդանին ոտքը վեր է քաշեր… օհ, մի հաւատաք, ես ալ պիտի չհաւատամ…

Փիէռ նուէրներ էր բերած պզտիկ Նէնէթին: Շաքար, շոկոլա, մանկական պատկերազարդ գրքոյկներ եւ մայթանիւ մը (trotinette): Պիպին ձգեց ամէն բան ու միայն մայթանիւը առնելով` ելաւ դուրս: Ճկուն եւ արագաշարժ` սկսաւ երկար ճամփուն մէկ ծայրէն միւսը վազվզել, երջանիկ: Գիւղին տղաքը հաւաքուած կը նայէին հիացումով: Երբոր փափագն ու հպարտութիւնը գոհացուց, սկսաւ իր պզտիկ առուտուրին: Մայթանիւով մինչեւ եկեղեցի երթ ու դարձ` մէկ քարեգնդակ, մէկ շոկոլայի պատկեր եւ կամ ուրիշ բան մը: Ճչարձակը սեղմելն ալ ձրի…

Մօրը կատարեալ մանրանկարը:

………………………………………………………………

Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս վերջ ազատ արձակեցին Պէռթան, մեծ ընկուզենիին տակ կապուած սեւ շունը եւ Պիպին պտոյտի տարաւ իր Փիէռ «զարմիկը»: Մեծ շրջան մը ըրին գիւղին շուրջ: Առջեւէն կը վազէր շունը, միշտ կորսուելով ու վերերեւնալով, ետեւէն կու գար Պիպին եւ ամենէն վերջը Փիէռ՝ որ հազիւ կը հասնէր երկու անզսպելի արարածներուն: Շատ մը տեղերէ անցան, բարձրացան զառիվեր մը, իջան կրկին. Հայը մտիկ ըրաւ պատմութիւններ, հին դէպքեր, ստիպուեցաւ նայիլ ժայռի մը խոռոչին մէջ, ուր «մարդու հաստութեամբ օձեր կային», ստիպուեցաւ քարկոծել խեղճ թռչուն մը, որ «անգղ մըն էր շատ վնասակար»: Ամէն դաշտի կամ տնակի քովէ անցնելուն, Պիպին տուաւ տիրոջ անունը, մինչեւ որ եղեւիններու անտառը հասան: Վերը, բլուրին վրայ, քարէ մեծ խաչին քով, Փիէռ ուզեց քիչ մը հանգչիլ, առջեւը տարածուող լայն հորիզոնին դիմաց, բայց կարելի չեղաւ: Պէտք էր տեսնել դեռ ան ալ, դեռ աս ալ. հոն Պառթէլենց խնձորենին կար, որուն մէկ ճիւղը տանձենի էր, ասդին, գետակը կը լայննար եւ մէջը պզտիկ ձուկեր կ՚երեւէին. իսկ այն միւս հորին մէջ էր ինկած իր վէգը: Հապա, ինք վէգ ներկել ալ գիտէ, հաւատա, Փիէռ զարմիկ, հաւատա…

Փիէռ մէկէն գրկեց տղան, բազուկներուն մէջ ուժով մը սեղմած նստաւ ճամփան եզերքը կոճղի մը վրայ եւ սկսաւ խենթի մը պէս համբուրել զայն, արագ-արագ, խենթի մը պէս: Մանչուկը նախ թողուց, որ ան ուզածն ընէ, բայդ յետոյ երբոր տեսաւ, թէ անոր աչքերը կը թրջին, ուրիշ կերպով մը կը նայի իրեն եւ շնչառութիւնը կը փոխուի, կարծես վախցաւ եւ ուզեց ազատիլ անոր գիրկընդխառնումէն: Այն ատեն աչքերը գոցեց Փիէռ ու անոր պզտիկ գլուխը իր այտին սեղմած` մնաց անշարժ, սակայն թրթռուն: Յետոյ արագ, շատ արագ քայլերով տուն վերա դարձաւ, Պիպին միշտ գրկին մէջ: Շունը առջեւէն կը վազէր հաջելով:

Երբոր Թաթան լաւ մը սրբեց ու մաքրեց պզտիկը իր ստացած gեխերէն, փոխեց կօշիկները եւ գոգնոցը հանելով նոր հագուստները հագցուց, միւս սենեակը անցան: Ամէն գիւղական տան մէջ այսպէս մասնաւոր սենեակ մը կայ, կէս մը ննջարան, կէս մը հիւրանոց: Կիրով ճերմկցուած պատեր, քանդակուած կաղնեփայտէ բարձր ու լայնածաւալ մահճակալ մը, նուրբ եւ արժէքաւոր ձեռագործ ծածկոյթով: Թաւիշէ մեծ եւ պզտիկ շրջանակներ, կեղծ ծաղիկներով բեռնաւոր, շըմինէին վրայ ապակիէ զանգակի մը տակ զմռսուած բու մը, քովը փայլուն խեփորներ, պզտիկ սուրբեր, դեղնած պատկերներ, զարդեր, որոնցմէ ամենէն նորը 1900ի ցուցահանդեսէն է մնացած: Եւ սակայն, հակառակ այս բոլոր անճաշակութիւններուն, անքննադատելի մաքրութիւն մը՝ եւ կարգ ու կանոն դնելու սէրը: Սեւ խաչ մը իր բարձունքէն կը հսկէ բոլորին:

Փիէռ ծունկերուն վրայ առաւ պզտիկը, որուն այտերը կարմրէր էին տաք ջուրի շփումին տակ եւ որ բոլորովին տարբեր պուպրիկ մըն էր եղած իր գեղեցիկ զգեստին մէջ: Յոգնած էր ան եւ ատոր համար է, որ այսպէս խելօք մը նստաւ երիտասարդին գիրկը: Փիէռ սիրեց, գգուեց, շոյեց ու համբուրեց զայն, երբեմն ուժով, երբեմն ալ խիստ թեթեւ հպանցումով մը: Կարծես Նէնէթին մէկ թաթիկն է, որ կը համբուրէր:

— Զիս կը սիրես, Պիպի:

— Այո:

— Որքան կը սիրես:

— Շատ:

— Ինչու համար զիս շատ կը սիրես:

— Անոր համար…

Եւ գիտնալով, որ սիրող աչքեր զինքը կը դիտեն, ծամածռութիւն մը ըրաւ, յետոյ միմոսութիւններ, բաներ մը փնտրեց կարծես ու իր պզտիկ ձեռքերով երիտասարդին գլուխը սկսաւ շոյել, աւելցնելով…

— Աղուոր տղայ ես դուն. շատ մաքուր ես… մաքուր ես…

Ըսաւ, թէ Կոստանն ալ կը սիրէ, Պէռթան ալ: Իսկ Թաթան… այո, ինչու չէ… միայն թէ շատ ծեր է ան ու տգեղ: Ինք կը սիրէ մանաւանդ Կի հօրեղբայրը: Ինչպէս, չես ճանչնար Կի հօրեղբայրը: Ծեր կինը սենեակ մտած էր այդ պահուն եւ, վերջին բառը լսելով, աւելցուց.

— Օհ, դրացի մըն է. ինք հօրեղբայր կը կանչէ: Արդէն իր սիրած բոլոր մարդիկ հօրեղբայր են իրեն համար:

Երբոր պառաւը հեռացաւ, Փիէռ հարցուց վերջապէս.

— Հապա մայրիկդ… մայրիկդ չես սիրէր:

Տղան չպատասխանեց բնաւ: Անշարժ մնաց, ակնարկը պատուհանէն դուրս, դիմագիծը պաղ, խոհուն: Պէտք եղաւ, որ Փիէռ կրկնէ իր հարցումը. սակայն ան կրկին չպատասխանեց ու գոհացաւ միայն կախ սրունքները օդին մէջ ճօճելով: Յետոյ մէկէն ծունկերէն վար ցատկեց, աթոռի մը վրայ բարձրանալով, պզտիկ պատկեր մը առաւ շըմինէին վրայէն եւ բերաւ Փիէռին: Նէնէթն էր. ուրիշ Նէնէթ մը: Աւելի նուրբ ու կարծես աւելի հասակաւոր, թեթեւ երիտասարդ, երկար, բայց սեղմ հագուստով մը՝ ուրկէ յայտնի կ՚ըլլար, թէ պատերազմին սկիզբները առնուած լուսանկար մըն էր, անոր մայրութիւնէն առաջ։ Փիէռ երկարօրէն նայեցաւ պատկերին, մինչ մանչուկը, կրկին ծունկերուն վրայ ելլելով` կ՚ըսէր դանդաղօրէն, հատ-հատ բառերով.

— Maman n՚est pas gentille… Elle n՚est pas gentille.

Բարեբախտաբար շուտով պահը փոխեցին: Սակայն անկարող` նիւթէն ամբողջութեամբ հեռանալու, անցան պզտիկ սեղանին առջեւ, որպէսզի Պիպին մօրը երկտող մը գրէ: Փիէռ թուղթ ու մատիտ տուաւ եւ դիմացը անցնելով երկարօրէն դիտեց զայն, կզակը երկու ափերուն մէջ: Զառիթափեր իջաւ. անգոյն, սակայն լպրծուն զառիթափեր: Ինկաւ ջերմիկ դոնդողէ օրացոյցի մը մէջ: Ինկաւ անկողնի նմանող մեծ օրացոյցի մը մէջ: Մխրճուեցաւ, մխրճուեցաւ, հոն պիտի խեղդուէր: «Պզտիկ սիրական մայրիկս». տակը` «Պզտիկ սիրական մայրիկս». տակը «Պզտիկ սիրական մայրիկս»: Յետոյ Պիպին օդանաւ մը գծեց, չուզելով նամակը շարունակել: Օդանաւէն վերջ` ճագար մը, քահանայ մը, աքաղաղ մը եւ դեռ ուրիշ բաներ, որոնք պէտք էր գուշակել: Բայց երբոր տեսաւ, թէ երիտասարդը սեղանէն ելլելով կը հեռանայ, մեծ ցանկութեամբ նայեցաւ ձեռքի գեղեցիկ մատիտին զոր Փիէռ իրեն փոխ էր տուած, նայեցաւ լաւ մը եւ անմիջապէս տաբատին գրպանը մխրճեց զայն: Փիէռ շըմինէին առջեւն էր այդ պահուն ու առանց յայտնի ընելու ժաքէթին ներսի գրպանը կը սահեցնէր Նէնէթին լուսանկարը: Երբոր երկու դէմքերը իրարու դարձան, առանց որ մէկը միւսին գողութիւնէն տեղեկութիւն ունենայ, երկուքն ալ ժպտեցան, եւ Պիպին եկաւ երիտասարդին գիրկը նետուիլ: Իրենց էն անկեղծ համբոյրը եղաւ: Երկուքն ալ երջանիկ էին:

………………………………………………………………

Մինչեւ վերջին վայրկեանը չսպասեց Պիպին: Կառքէն վար նետուելով գնաց քակել Պէռթային շղթան ու երկուքը մէկ ծառերուն մէջ կորսուեցան վազելով: Բարձրացան ցից մրգաստանը, հովիւին տնակին ետեւէն դարձան, իրենց շունչը սպառեցաւ հաճարի դաշտը կտրելով, մինչեւ որ սկսան սահիլ եղեւիններու տակ: Բարձր ու ցից գագաթ մըն էին հասած, որուն երկու կողերն ի վար կ՚իջնէր սոյլը մշտադալար եղեւիններուն: Ճիշդ մէջտեղը ժայռ մը կը կորանար կրիայի մը պատեանին պէս, որուն վրայ բարձրացաւ Պիպին: Երկար շրջան մը ընելէ վերջ, ինքնաշարժը իր առջեւէն պիտի անցնէր, վարէն, ճիշտ դիմացէն: Բայց երբոր երեւցաւ ան, Պիպին տեսաւ, որ մէջքի գօտիին անցուցած սպիտակ մեծ թաշկինակը չկար: Մասնաւորաբար հետը առէր էր, որպէսզի նշան ընէ, եւ հիմա չկար. ինկեր էր, քանի որ չկար: Պիտի ճչար անշուշտ բարկութենէն, երբոր մէկէն նշմարեց, որ Պէռթային բերանն է: Շունը հաւաքէր էր:

Մայրամուտին մէջ, ուր այլեւս եղեւնիներուն տակ կը մթնէր, ու կանաչները հորիզոնին լուսեղէն գիծերուն հետ ուրիշ համերգի մը կը սկսէին, պզտիկ տղան ձեռքը դեռ բարձր մնաց, թաշկինակին հետ, որ մազերուն պէս կը տատանէր հովին, սոյլին: Տղուն ճիշտ քով իր յետոյքին վրայ նստած շունը կը նայէր մէյ մը կառքին կորսուած կէտին, մէյ մը անշարժ պզտիկին: Կը հաջէր, կը հաջէր:

4
Ժամանակը զանոնք բաժնեց իրարմէ: Աղէտին առաջին ամիսները անսահման սէրով ու գորովով իրարու սեղմուած, իրարու կապուած էին Փարիզի մայթերը նետուած երիտասարդները, մեծ մասամբ տակաւին մանուկ: Ծննդավայրէ, ընտանիքէ, ապագայէ խլուած հայ տղաքը այդ օրերուն մէկզմէկու կառչեցան ուղեկորոյս, մինչեւ որ ատեն անցաւ, կրցին քայլ նետել, մինչեւ որ պեխեր բուսան: Թաւալող տարիները հետզհետէ բաժնեցին սակայն զանոնք իրարմէ: Կազմուող նկարագիրները հեռացան զատուող ճամփաներու հովահարով, եւ դժուարին կենսաշահութիւնը, կեանքի պահանջքները, մանաւանդ սա եռուզեռ կեանքը փչեցին այդ տկար խումբին վրայ ու ցրուեցին. փետուրներ թռան: Մառիանն իր անդիմադրելի հմայքով մօտեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին եւ քաշելով տարաւ հոն, տարաւ հոս: Հոն թէ հոս, յաղթանակը միշտ նոյնը մնաց. միշտ նոյն Նէնէթը, Մանոններու, Նինոններու, Նանաներու թոռնուհին: Ոմանք ամուսնացան, շատեր ապրեցան բարեկամուհիներով, պարպուեցաւ Հայոց եկեղեցին, մեկնող նամակներու թիւը նուազեցաւ եւ, անշուշտ, հեռուն մայրեր լացին:

Հիմա կը մնան միայն պզտիկ խումբեր, կազմուած ճշմարիտ, անկեղծ բարեկամներէ, որոնց հոգիներու միացումին մէջ տակաւին կը պլպլայ հայութիւնը, շիջումի զառիթափին վրայ սա յորձանքէն դժգունած: Ան կը պլպլայ, մինչեւ որ մարի:

Ահա այսպիսի խումբ մըն են կազմած սա հինգերը, որոնց ապահովաբար վերջին հաւաքոյթն է այսօրուանը: Վերջինը՝ քանի որ Միսաք պիտի մեկնի: Օրապահիկը շահելով հանդերձ ան հետեւեցաւ մեծ զոհաբերութիւններով ատամնաբուժական վարժարանի դասընթացքին ու կրցաւ վերջապէս վկայականը շահիլ։ Հիմա ալ կ՚երթայ Մարսեյլ, ուր պիտի աշխատի հօրեղբօր հետ, որ հոն կօշկակար է: Պիտի մեկնի նաեւ Պետրոս: Երբ, ուր, ինչ ընելու: Ոչ մէկ բացատրութիւն: Պետրոս անշուշտ պիտի չզիջեր խոստովանիլ, ոչ իսկ իր ընկերներուն, թէ պիտի վազէ Նէնէթին ետեւէն: Այո, դէպքին յաջորդ օրուընէ ի վեր Պետրոս կը սպասէ հետզհետէ շատցող անհամբերութեամբ մը, Նէնէթին մօտեցող քայլերուն, Նէնէթին մօտեցող բոյրին: Սպասեց, սպասեց, հեւքով, տառապանքով, սիրով, բայց ան չեկաւ, ան բնաւ չվերադարձաւ: Եւ հետզհետէ աւելի ձեւ, գոյն ու բոյր ստացող կարօտը բացակայ այն ոսկի գլուխին, դիւրութեամբ ցրուեց անպաշտպան մտածումներ: Ահա այդպէս, երկրորդ նպատակի մը ծառայելու համար խոշորցուած ու չափազանցուած խորհրդածութիւնները հեռանալով, երիտասարդը ձգեցին առանձին ինքզինքին հետ, իր սէրին հետ, իր սիրական Նէնէթին հետ: Հիմա ալ սպառած են ուժերը, հիմա ալ սպառած է հպարտութիւնը, եւ ան պիտի վազէ միւսին աւելցող ջերմութեան: Ինչ պիտի ընեն: Հրաչը շատ լաւ արեւելեան կերակուրներ պատրաստել գիտէ, առատ իւղով, քանի մը ֆրանկով, խեղկատակութիւններով: Իրաւ, իր սա երկու սենեակնոց յարկաբաժինին մէջ ամէն ինչ կնոջ մը բացակայութիւնը կը պոռայ, սակայն այր մարդու մը համար խիստ գովելի կոկիկութեամբ մըն էր յարդարած ճաշասեղանը, որ հիմա աւերակոյտի մը երեւոյթն ունի: Պնակներ, կերակուրի մնացորդներ, իրար խառնուած աղանդերներ, կէս մը լեցուն գաւաթներ, փրցուած հացի կտորներ եւ գետինը, ոտքերու տակ թաւալող գինիի շիշէր:

Կերան, կը շտացան, խմեցին, յղփացան: Սեղանին շուրջ մարմինները ցցուեցան այլեւս, աթոռները ճռնչեցին ու գլանիկներու ծուխը բարձրացաւ: Ամէն անգամ, որ այդպէս հաւաքուին Հրաչին սենեակը, նախ կը խօսին «տուն»է եկած նամակներու եւ գործի վրայ, իրարու կը պատմեն աղջկան դէպքեր, սիրարկածներ, յետոյ երկարօրէն կը վիճին պատահած վերջին փարիզեան ոճիրներուն եւ դատավարութիւններուն շուրջ, զանոնք աւարտելու համար երգով: Գինիի առաջին գաւաթներուն յաջորդողը երգը կ՚ըլլայ. «Ես սիրեցի մի զոյգ աչեր»ը ու այղ խռպոտ համերգը կ՚աւարտուի «Հէր եէր գարանլըք»-ով: Հիմա լուռ են ալ: Սուրէնն է, որ պիտի խօսի: Անոր պզտիկցած աչքերը կը փայլին արտակարգօրէն եւ մատները մազերուն մէջ թաղելու այդ ձեւը իր վիճակը կը մատնէ: Հինգին մէջէն ամենէն աւելի բարձր, իմացականութեան տէր երիտասարդն է ան: Ընկերները տեսակ մը ակնածանք ու հիացում ունին անոր մտաւորական լայն պաշարին հանդէպ, որ իր անծանօթով կարծես կ՚իշխէ այդ պարզ տղոց ակնարկներուն վրայ: Կատարեալ գրագէտ մը ըլլալու սահմանուած մէկն է ան, որ սակայն չի գրեր, որովհետեւ կը կարդայ եւ կը ժպտի: Խիստ հազուադէպօրէն կ՚արտայայտուի այս ընկերութեան մէջ, ուր մտաւորական յարաբերութիւններէ տարբեր դրացնութեան մը գոհացում տալու կու գայ միայն: Սակայն գինին կարծես տկարցուց զինքը եւ զարմանալի անկեղծութիւն մը տուաւ իր խօսքին: Սանձարձակ արձակեց մտածումները, թափ տուաւ անոնց, արադացուց եւ թողուց, որ ջերմութեան տակ շեշտուին, սաստկանան:

Սուրէն շեղակի նայեցաւ Պետրոսին ու ըսաւ.

— Դուն ալ մարդ չեղար… թուհ… Լուսանկարիչ, լուսանկարիչ… տասնոց չ՚արժէր: Մենք ամէն երկիր ունեցած ենք եւ ունինք լաւ լուսանկարիչներ, կաղապարի վարպետներ, սակայն ուր է էականը, բարձրագոյնը, գեղեցիկը: Դուն ալ կատարեալ մարմնացումն ես հայութեան: Հայը ունի լաւ նկարիչներ, բայց ոչ նկարչութիւն. Հայը ունի լաւ դերասաններ՝ բայց ոչ թատրերգութիւն. յոգնիլ չգիտցող ճամբորդներ՝ բնաւ նաւապետ. Հայը ունի զմայլելի բանաստեղծներ, բայց ոչ գրականութիւն. Աստուածներ՝ ոչ դիցաբանութիւն. խնկելի յեղափոխականներ՝ բայց ոչ չեղափոխութիւն. Հայը ունեցած է ազատութիւններ, երբեք՝ անկախութիւն։

Յետոյ գինիի գաւաթը մէկ ումպով պարպելով շարունակեց արագօրէն, առանց շրթունքները չորցնելու.

— Հայը ամուլ է, անծին, անպտուղ։ Հայը դատարկ է, փուճ, ունայն, սնոտի։

«Ապրելու իրաւունք չունի ան, քանի որ չէ ծնած»։

«Բէօհ, օր մը թերեւս ծնի, եւ մեր յուսացածէն տարբեր գոյնով մը. կարմիր, դեղին կամ թէ սեւ։ Սակայն մենք հայութեան այս թեւը, դատապարտուած ենք կորստեան:

Մենք չենք ծնած: — Boy, Cocktail!»

Գաւաթը լեցուցին ու պարպուեցաւ:

— Կ՚ըսեմ ձեզ, վստահ թէ հասկնալի պիտի դառնամ, քանի որ դուք ամէնքդ ալ դժբախտ սէր մը ունեցած էք ձեր ատենին:

«Սիրահար մը, մանաւանդ դժբախտ եւ զգայնոտ սիրահար մը, գոնէ մէկ անգամ մահուան պիտի խորհի անխուսափելիօրէն: Պիտի ուզէ տապալիլ սիրուհիին ոտքերուն առջեւ, մահուամբ հարուածուած իյնալ անոր բազուկներուն մէջ ու ոգեվարիլ: Պիտի ուզէ տեսնել եւ վայելել այդ անտարբեր աղջկան յուզումն ու անձկութիւնը: Ինչ գոհունակութեամբ պիտի հետեւի անոր լացին, աղերսանքին, փրկութեան ճիգերուն… Սակայն անօգուտ, անօգուտ. ուշ է ալ, եւ մանչը պիտի մեռնի, աչքերը հետզհետէ պիտի գոցուին, պիտի երթայ, պիտի մեկնի: Եւ անշուշտ իր այդ մահէն վերջն ալ պիտի վայելէ սիրուհիին ցաւը: Անշուշտ:

«Եւ մենք, եւ ես, ահա, նոյն այդ անգութ հրճուանքը ունիմ, անսահման հրճուանք մը, ժանտահոտ, թոյներով պատրաստուած գինովութեան մը պէս: Վրէժ եմ լուծելու, ուրիշին ցաւին ու տառապանքին վրայէն հեշտանք գողնալու ամենաբարբարոս ծամածռութիւն մը: Թող ան հիմա լայ, ակռաները կրճտէ, ձեռքերը գալարէ, ան, մեր ազգը, Հայը: Թող մեր պետերը գրեն, ըսեն, հաւաքոյթներու մէջ պոռան, ճչան, անօգուտ, անօգուտ: Պիտի այլասերինք ամէնքս ալ, պիտի կորսուինք բոլորս ալ:

«Ուրիշներու պէս մենք ալ մեր կրօնքը ու հաւատքը թաղեցինք պատերազմի ընթացքին: Անկախութեան մը յոյսը հալեցաւ, կորսուեցաւ յանձնուած բերդաքաղաքին հետ։ Ու հիմա կը հարուածուի մեզ վրայ բռնող մեծագոյն եւ հիմնական սիւնը` ընտանիքը: Հայ աղջիկը մնաց հեռուն, մնաց լքուած, ան, որ անհրաժեշտ էր մեր արիւնին, հակառակ իր տգեղութեան, իր չոր հպարտութեան եւ անմիջապէս մայրանալու ու ծերանալու հակամիտութեան: Ասոնք առաւելութիւններ են ուրիշի մը համար, մինչ երիտասարդ մը…

«Այն երիտասարդը տեսաւ ֆրանսացի աղջիկը, Գերմանացին, Իտալացին, Յոյնը, Ռուսը, օր մը անոր բոյրը ծծեց, օր մը միւսը, գիշեր մը այս պանդոկը մնաց, ուրիշ առաւօտ մը տարբեր սանդուխներէ իջաւ, սիրուեցաւ քանի մը անգամներ, մինչեւ որ ինք ալ սիրեց օր մը, դուռ մը ետեւէն գոցելով:

«Այժմ հայուհին իր յիշողութեանը կը ներկայանար միայն երկու հաստ սրունքով ու քիչ մը պեխով:

«Ինչ փոյթ, ինչ փոյթ»։

«Ներքինիներ են մեր բոլոր պապերը. անոնք ոչինչ կրցեր են քանդակել միսին վրայ, անոնք ոչինչ կրցեր են քանդակել միսով: Մեր մէջ մեծ պակաս մը կայ, զոր պէտք էր լեցնել գիտնային: Մենք Հայաստան չենք ապրած, անոր հողն ու օդը անծանօթ են մեզի. անոր բարքերն ու սովորութիւնները մեզ չեն կռած եւ բնական է, որ մենք սիրենք մեր ծննդավայրը միայն, այսինքն երկինք մը օտար: Մեր նախնիքներուն իրարու յաջորդող անվերջանալի սերունդները չեն կրցեր մեզ փրկել, չեն կրցեր մեզ այն մեծ սէրը տալ: Պոռոտախօսութիւնները կը ցնդին բոլորն ալ. ճշմարիտ հայրենասիրութիւնը կարօտ է — մանաւանդ մեր պարագային — անցեալի մը, մեծութեան, օրինակներու:

«Ըսի, հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ գարշապար մըն է:

«Հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ հերոս մըն է:

«Հայրենիքի մը գաղափարը շատ անգամ աւանդավէպ մըն է:

«Այդ մեծ սուտին տեղ մենք դրեր ենք կեղծիքը — Մեր ամբողջ պատմութիւնը ապացոյց։

«Հերոսին տեղ դրեր ենք մշակներ — Մեր պարապ եղունգները ապացոյց։

«Հաւաքական ճիգին տեղ դրեր ենք հայդուկներ — մեր բոլոր վանքերը ապացոյց:

«Աղիքներու ճիչին տեղ դրեր ենք արցունքներ — մեր բոլոր բանաստեղծները ապացոյց:

«Աստուածային կիրքին տեղ դրեր ենք հարսներ — մեր բոլոր արախչինները ապացոյց:

«Գաղափարականին տեղ դրեր ենք կաղապարներ — Մեր բոլոր գիրքերը ապացոյց։

«Պայքարին տեղ դրեր ենք կռուազանութիւն — մեր բոլոր կուսակցութիւնները ապացոյց»:

«Անոր տեղ դրեր ենք այո — մեր հոգին ապացոյց»:

«Ձուլուեցէք, ձուլուեցէք, ձուլուեցէք, — Boy, Cocktail!»։

Լեցուցին ու խմեց: Միսաք ըսաւ.

— Աղէկ, որ այդ խօսքերդ ուրիշին չես ըսէր. քեզ անմիջապէս դաւաճան, ազգուրաց, վատասերած պիտի անուանէն: Յանցանքը քուկդ չէ սակայն. գինիինն է: Կարծեմ քիչ մը շատ փախաւ…

— Անհոգ եղիր, ան գինով չէ, — պատասխանեց Պետրոս իր լաւագոյն լրջութեամբ. — գինովի կամ դաւաճանի խօսքեր չեն ասոնք: Ընդհակառակն, ես պիտի ուզէի, որ մեր աղաները իմանային այս ըսածները եւ փոխանակ հաջելու կամ հայհոյելու, վերջապէս ըմբռնէին տիրող մթնոլորտին ծանրութիւնը, ըմբռնէին աղէտը եւ դարմանին խորհէին եթէ կարելիութիւնը կայ… եթէ կարելիութիւնը կայ…

Հրաչ՝ որ իր խառնուածքով հակառակ է սովորականէն քիչ մը բարձր նիւթեր խորացնելու, որ անընդունակ է չափազանցուած ճշմարտութիւն մը ըմբռնելու, սկսաւ նեղուիլ: Պէտք էր, որ իր Հայու հանգամանքով վարժուած ըլլար այսպիսի նախադասութիւններու ուռուցիկ շեշտին, սեւ յոռետեսութեան եւ Ազգ մը քանի մը նախադասութիւնով դատելու սովորութեան, սակայն սկսաւ նեղուիլ եւ ուզեց նիւթը փոխել` գոչելով մանուկի մը պէս.

— Հա-յաս-տանի պատ-կեր-նէ, պան մը տուէք, նա-յե-ցէք: Հա-յաս-տանի պատ-կեր-նէ: Բան մը տուէք, նայե-ցէք. Հա-յաս-տանի պատկերնէ…

Լռեցուցին զայն, եւ Սուրէն շարունակեց.

— Հայաստանի պատկերն է, ոհ, նայեցէք, տուէք ինչ որ ունիք, բայց նայեցէք, որովհետեւ ձեզմէ ոչ ոք տեսած է զայն եւ դեռ պիտի չտեսնայ… Քանի-քանի անգամներ փորձութիւնը ունեցած եմ կերտելու այդ մեծ պատկերը, այնպէս, ինչպէս որ պէտք է, այնպէս, ինչպէս որ ես պէտքը կը զգամ… Ծայրէն սկսիլ մեր պատմութիւնը, գոնէ միայն ինծի համար, գոնէ միայն իմ նմաններուս համար:

«Որքան որ մտածումս ետեւ տանիմ, Հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր: Պզտիկ, գաճաճ, տխեղծ։ Իւրաքանչիւրը անդիմադրելի պաշտամունքը ունի իր կաշիին, իր մորթին։ Եսամոլ, անձնասէր, անմիաբան, նպարավաճառ… մինչեւ այն օրը, երբոր չեմ գիտէր, որ հարսնիքին, երկնքէն ոսկի, արծաթ ու մարգրիտ տեղաց ամբողջ օր մը եւ գիշերն ողջոյն… ոսկի, արծաթ, մարգրիտ. Boy Cocktail!

«Հոն, ուր ահագին հարստութիւն կայ, հոն ծայրայեղ թշուառութիւն կայ»:

«Այն երկիրը ուր խոր թշուառութիւն կայ, հոն ազատութիւն կու գայ»։

«Եւ եղաւ ազատ, եւ եղաւ ազատ»։

«Մեր այն թագաւորը, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, հաւաքեց իր երկրին բոլոր այն անձերը, որոնց համար կ՚ըսէին, թէ խելացի են, իմաստուն, պայծառատես եւ լուսամիտ: Հաւաքեց բոլորն ու ջարդեց: Հայը շատ իմաստուն մարդ ունէր. ատոր համար օրեր, օրեր, օրեր ջարդեց — cocktail!: Յետոյ պահանջեց, որ Ազգային Երգ մը գրուի: Ամէն ոք եկաւ ու երգեց իր երգը. չհաւնեցաւ ոչ մէկին, որովհետեւ խուլ ըլլալուն լաւագոյն հասկացողութիւնը ունէր: Այն ատեն մղեց անվերջանալի պատերազմներ, թշուառացուց, տառապեցուց եւ արիւնեց իր ազգը երկար, երկար տարիներ, մինչեւ որ օր մը մեծ Երգը պայթեցաւ բոլոր բերաններէն նոյն զմայլելի, վսեմագոյն վանկերով: Այսինքն մէկ վանկով — «ՄԵՆՔ»:

«Յաջորդ թագաւորը, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, կոյր էր: Ան կը բնակէր բարձր սարահարթի մը վրայ կառուցուած մեծ պալատը, որուն առջեւ իր մայրաքաղաքը կը խորանար երկու լեռնաշղթաներու կազմած հովիտին մէջ: Երբոր արշալոյսը ծիրանի կ՚ուտար լեռներու շրջագիծին, հովիտը կը լեցուէր մշուշով, սպիտակ, թանձր, անթափանց մշուշով մը, որ կարծես բամբակի ծով մը ըլլար: Պալատին մարմար սանդուխներէն իջնելով` թագաւորը իր արօրը կը լծէր ու կը մտնէր այդ դաշտին մէջ: Երկար, երկար ակօսներ կը բանար մշուշին վրայ, եւ ճակատը արշալոյսին` բուռ բուռ կը ցանէր ձիւն ակօսներուն մէջ ներքին ձայներ եւ լռութիւն… Վարը դեռ քնացող իր զաւակներուն համար բուռ բուռ ձայներ, ներքին ձայներ եւ լռութիւն:

«Ըսի թէ կոյր էր ան. եւ որպէսզի լաւ տեսնէ, իր ամբողջ գահակալութեանը ընթացքին թռչնիկի մը երկու պզտիկ թեւեր անցուց իր ականջներուն»:

«Իր որդին սակայն, որ կը կոչուէր Աբգար, Գագիկ կամ Խոսրով, սիրեց Գեղեցիկը: Հրամայեց, որ իր մարդիկը մտնեն ամէն տունէ, ամէն օջախէ ներս եւ սպաննեն այդ ընտանիքին էն սիրական անձը, հայր, մայր թէ որդի: Ամբողջ երկիրը եղաւ սգաւոր, զմայլելի, վեհ, ազնուադրոշմ: Մաքրութիւն, մաքրութիւն: Ծնան հանճարներ, ծնան մարդիկ: Այդպէս է, որ մէկը հայկական տառերը մոռցաւ, եւ այդպէս է, որ մէկը թագուհիին ծնրակապը փրցուց իր ակռաներով:

«Թագաւորը չհաւնեցաւ իր քաղաքներուն, անոնց բթամատներուն, շուրջի ակնարկներուն, հրամայեց, որ անմիջապէս նորոգութիւններ սկսին ամպերու վրայ»:

«Հրամայեց, որ ամէն ոք իր ամենօրեայ աղօթքը պոռայ կանացի գուլպաներու մէջ միայն»:

«Հրամայեց, որ կարաւանները հանգրուանի մը մօտեցած ատեն իրենց գնացքը արագացնեն, որպէսզի ոչ մէկ ճամփորդ հասնի իրենց»:

«Հրամայեց, որ իր հպատակներէն ոչ մէկը նայի երջանկութեան յետոյքին»:

«Հրամայեց, որ նաւերը մեկնելով հոսկէ հասնին հոն, սակայն կայմերու վրայ միայն առագաստ պարզուի»:

«Հրամայեց, որ մարդիկ պտըտին խցհաններով եւ չնստին բնաւ սանդուխներու վրա»:

«Հրամայեց, որ կիները ծնին զաւակներ, սակայն այդ զաւակները աշխարհ մտած ատեն չիյնան իրենց ծունկերուն վրայ»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք չսկսի հաշուել հարիւրմէկէն մեկնելով»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք ամպ մը չդնէ լուսնին շուրջ եւ չլայ, եւ չխնդայ»:

«Այլ միայն, բայց միայն… Boy, boy!…

Խոկումի երկար պահէ մը վերջ Միսաք ըսաւ.

— Սուրէն, պէտք է, որ գրես այդ ըսածներդ. պէտք է, որ ալ լրջօրէն աշխատիս եւ արտադրես: Քիչ մը առաջ կ՚այպանէիր Պետրոսը, սակայն դուն ալ նոյն արիւնէն ես: Մի մնար «անծին, անպտուղ»: Ինչու կը շարունակես խորհիլ ուրիշներու պէս, թէ վատնելիք ճիգդ բանի մը պիտի չծառայէ, անօգուտ է եւ թէ պարզ սպառում մը պիտի ըլլայ: Մի ըլլար այդքան դիւրազգաց եւ քանի մը տխմարներու կարծիքով մի ուժաթափուիր, մի յուսալքուիր: Հայոց կարծիքը մի փնտրեր, մանաւանդ թերթերուն մէջ, եւ խորհէ, որ թերեւս օր մը…

Լռեց սակայն, Սուրէնին արձակած ակնարկէն ըմբռնելով, որ մտածումը սխալ ճամփու մը մէջ էր: Իսկ Հրաչ, որ չէր անդրադարձած, ուրախութեամբ ճչաց.

— Էյ, խըեախ կ՚ըլլայ. անունն ալ կը դնենք «Թէ ինչպէս կորաւ մեր ազգին գահը»…

— Դուն լռէ. խնդիրը երբոր սիրաբանութեան վրայ չէ, դուն կարծիք չունիս:

— Ինչ ըսիր, mon chéri!

— Անշուշտ, չես հասկնար, որ ճիշտ հակառակը ըսել կ՚ուզէ, թէ ալ բան մը պիտի չկորսուի, քանի որ կին կայ, եւ սէր, եւ մերկութիւն, եւ լռութիւն…

Սուրէն, որ սկսած էր ժպտիլ իր այն մութ ժպիտով, նիւթը հեռացնելու համար ըսաւ.

— Այն նաւը, որուն վրայ կնոջ պաշտամունք կայ, այն նաւը չի կորսուիր նոյնիսկ, երբոյ ընկղմի:

Այս խօսքէն ուժ առած` Հրաչ վերսկսաւ իր հանկերգը նոյն մանկապարտիզեան շեշտով.

— Հա-յաս-տա-նի պատ-կեր-նէ. պան մը տուէք, նա-յե-ցէք. Հա-յաս-տա-նի պատ-կեր-նէ. պան մը տուէք, նա-յե-ցէք…

— Էյ, Աստուծոյ սիրուն, ցուցուր սա պատկերդ, լմննայ երթայ:

Հրաչ ոտքի ելաւ, սակայն վարանեցաւ, չուզեց ցուցնել եւ կարծես զղջաց ըրած առաջարկին համար: Բայց երբոր ամէնն ալ պնդեցին, զուարճալիք նիւթ մը գտած ըլլալու յոյսով, սկսաւ ամօթխած աղջկան մը ձեւերը առնել եւ իր էն անգիտակից խնդուքովը փթթիլ։ Մէկէն ձիթապտուղի կուտ մը ինկաւ իր բաց բերնին մէջ, փթթումը ընդհատելով: Այն ատեն Հրաչ գոցեց բերանը եւ բացաւ դարանը: Մէջէն մեծ խաւաքարտ մը վերցուց ու զայն կուրծքին սեղմած դարձաւ տղոց, կրկին խնդաց «հի, հի, հի» եւ թեթեւսոլիկ շեշտով մը ըսաւ.

— Միայն թէ տակաւին պէտք եղածին պէս չէ աւարտուած… Պետրոսին ձեռքը կը համբուրէ… սանկ պզտիկ retouche մը…

Երբոր խաւաքարտը իր երեսը դարձուց սեղանին, չորս բերաններէն միաժամանակ նոյն բացականչութիւնը թռաւ:

Բաւական մեծ agrandissement մըն էր, որ կը ներկայացնէր երիտասարդ աղջիկ մը, ոտքի, դասական ծեքծեքուն կեցուածքով, թեւերը քիչ մը բաց, ժպիտը դէմքին եւ ամբողջութեամբ մերկ:

Տղաքը կը պատրաստուէին մէյ մէկ ածական նետել կնամոլ Հրաչի երեսին, երբոր Փիէռ վեր նետուեցաւ իր աթոռէն ու պատկերը խլեց առաւ:

— Ծօ դուն ուրտեղէն առիր աս…

— Քու սենեակէդ:

— Իմ սենեակէս…

Փիէռ այնպիսի շեշտով մը արձակեց իր բառը, որ ոչ ոք տարակոյս ունեցաւ սխալ մը պատահած ըլլալուն մասին: Հրաչ նախ զարմացաւ ու յետոյ շփոթեցաւ, վախնալով, որ թերեւս անդարմանելի վիշտ մը կը պատճառէր իր ընկերոջ. եւ դէպքերուն անծանօթ՝ չգիտնալով ինչ դիրք բռնել գոնէ իր պատասխանատուութիւնը փրկելու մտադրութեամբ, աւելցուց մեքենաբար.

— Քու սենեակէդ… Չես յիշէր ինծի խոստացած էիր մերկ կնոջ պատկեր բերել… այն գիշեր երբոր կօշիկներդ բերի, լուսթռին կօշիկներդ, որ Տիկնանցի պարահանդէսին համար փոխ էի առած քեզմէ, մահճակալին տակը դրած ատենս գտայ… Հոն նետեր էիր ապակին:

Երկու ձեռքերուն մէջ բռնած, Փիէռ նայեցաւ այդ պատկերին, նայեցաւ… Ի զուր Միսաք ջանաg զուարթութիւնը կատակներով շարունակել. բոլորը մէկ լռեցին: Քանի անգամ, որ Հրաչը համարձակեցաւ ակնարկը բարձրացնել Փիէռի դիմագիծին, զղջումը եւ շփոթութիւնը աւելցաւ:

— Էյ, ինչ ընենք, Պետրոս, ատոր համար մի նեղանար… կը պատռենք կը լմննայ… Ես ինչ գիտնամ, ապակիին վրայ ալ «անգործածելի» գրուած էր… Ես ինչ գիտնամ…

Բայց յանկարծ Պետրոս շառագունեցաւ: Արիւնը այնպիսի ուժգնութեամբ մը խուժեց այտերուն, գլխին, ականջներուն, որ Միսաք վախնալով ուզեց պատկերը ձեռքէն առնել. չկրցաւ բնաւ: Պետրոս գամուած էր կեցած տեղը եւ ձեռքերը կը դողային: Յետոյ նոյնքան շուտով դեղնեցաւ, եղաւ տժգոյն, սպիտակ… ուզեց բան մը ըսել, սակայն ֆրանսերէնը խառնուեցաւ հայերէնին հետ եւ հայհոյութենէ մը զատ բան մը չհասկցուեցաւ: Երբոր գլուխը բարձրացուց, ակնարկը ինկաւ Սուրէնին վրայ, որ կզակը մէկ ափին մէջ, պատառաքաղովը ձուկի մը պոչի հետ կը խաղար: Փիէռ փախաւ խենթի մը պէս:

Երբոր փողոց հասաւ, չուզեց իր աչքերուն հաւատալ. կրկին նայեցաւ պատկերին, բայց միշտ չուզեց հաւատալ:

Յետոյ վազեց, վազեց, անձրեւին տակ, հովանոցնէրու զարնուելով: Ամէն վայրկեան կ՚ուզեր նայիլ, չէր համարձակէր. շատ անցորդ կար. չէր համարձակեր… Յանկարծ գտաւ միջոցը. միզարան. հոն առանձին պիտի ըլլար: Անդադար փողոց դարձաւ, մինչեւ որ գտաւ հատ մը. ներս մտաւ, նայեցաւ, նայեցաւ… ձեռքը տարաւ գրպանին բան մը առնելու համար, բայց… երբոր դուրս ելաւ, իրեն այնպէս թուեցաւ որ մարմնին սեղմած խաւաքարտը պէտք եղածին պէս չէր կրնար ծածկել եւ անցորդները կը տեսնէին: Կոտրեց զայն ծունկին վրայ եւ վազեց, վազեց:

Սենեակ հասնելուն պէս, հանեց գրպանէն այն պզտիկ պատկերը, որ Նէնէթին երիտասարդութիւնը կը ներկայացնէր եւ զոր գողցեր էր Սէն-ժորժ ըրած վերջին այցելութեան ընթացքին: Հիմա այլեւս կասկած չկար, թէ մերկ աղջիկը Նէնէթն էր. կասկած չկար Նէնէթն էր: Եթէ երբեք առաջին օրն իսկ Փիէռ չէր ճանչցած զայն ապակիին վրայ, պատճառը արտակարգ retoucheն էր, այդպիսի աշխատութիւններու համար անհրաժեշտ: Մինչդեռ հոս, ամբողջութեամբ լուացեր էին զայն, միսին բոլոր մանրամասնութիւնները ունենալու համար անեղծ: Օհ, Հրաչ, Հրաչ… ինչպէս, այո, Տիկնանց, լուսթռին կօշիկներ, ձուկին պոչը, «անգործածելի»: Բայց այն ատեն ինչու Լէսքիւռ պահէր էր այդ դեղնած ապակիներուն տուփը. միշտ Նէնէթին կարենալ սպառնալու համար… «անգործածելի», Նէնէթը, Նէնէթը… Բայց ան ստիպուած էր. դրամագլուխ չունէին առաջին ամիսները, երբոր Ճոնին մերկ կնոջ պատկեր ուզեց. եւ քանի որ չունէին, ինք եղաւ ենթական… Միշտ այդպէս… այդպէս առանձին լուսանկարուեցաւ. թէ յետո… Ոհ, երբեք, երբեք ան միւսները… «Խափշիկներուն եւ Սենեկալցիներուն հետ, յետոյ Ամերիկացիները», զինուորներ, զինուորներ, կոպիտ, քաղցած, անասնական կիրքեր, սպաննուածներու վրայ Նէնէթի պատկերներ, ծածկուած եւ արիւնոտ Նէնէթներ… անոնք, որոնք խրամին մէջ անկիւն մը պիտի գոհանան… որոնք գոհացան Նէնէթով…

Նէնէթով… իր Նէնէթով…

Ինկած էր մահճակալին վրայ իր ամբողջ երկայնքին ու կը ցնցուէր, կը ցնցուէր, կը ցնցուեր…

Դեռ այսպէս պիտի անձրեւէ երկար մթնշաղներ, եւ դեռ այսպէս պիտի անձրեւէ երկար, անվերջանալի տեսիլներ:
5
Դժուարին ոստում մը ընկրկում կը պահանջէ։ Պէտք է նախ խօսիլ, անդադար, անվերջանալիօրէն խօսիլ որեւէ մէկուն հետ, որպէսզի յետոյ լռութեան առջեւ մեր խօսքերը մենք չիմանանք:

Կարծես ճիշդ ատոր համար է, որ Փիէռ դէպի Նէնէթը ընելիք իր ոստումին կարենալ պատրաստուելու համար, փախած էր իր պանդոկէն: Երեք գիշեր Միսաքին սենեակը անցուց, այդ սիրելի ընկերոջ մտերմութեան մէջ մոռնալու համար անցեալ օրերու տառապանքը եւ գողնալու քիչ մը ժպիտ՝ Մոնմառթրեան շէնշող բարձունքներէն: Տանիքի մը քմահաճոյքներուն մէջ սեղմուած ծառայի սենեակ մըն էր այն, աստղաբաշխութեան մօտիկ, Միսաքին անսպառ զուարթութեամբը ու գաջէ ակռաներովը լեցուն: Հոդ անցուցած անվերջանալի եւ անմոռանալի երեք գիշերներուն գործը անմիջապէս քանդուեցաւ, կորսուեցաւ, չքացաւ սակայն, երբոր երէկուան իրենց ընկերական հաւաքոյթին Հրաչ կնոջ մերկ պատկեր ցուցուց: Պետրոս կրկին ինկաւ բրտօրէն իր պատեանին, իր ցաւին մէջ, իրականութեան մէջ: Երբոր կը խոյանար սանդուխներէն վեր, մտածումէն հալածուած ու բազրիքը դողացնելով, չլսեց բնաւ պանդոկապետին կանչը, որ ծրար մը ձեռքին` իր անունը կը պոռար: Խաւաքարտէ այդ չարաշուք շերտին հետ առանձնանալու տենչանքը կուրօրէն կրկին իր խուցը կը նետէր, քանի մը օրուան բացակայութենէ յետոյ, նորէն առանց Նէնէթի, նորէն Նէնէթով:

Դժուարին գիշերը անցաւ: Յաջորդ առաւօտուն կանուխ պանդոկին սպասուհին անձամբ մինչեւ վերը բերաւ այդ ծրարը, պահարանով մը միասին: Չուանը փրցնելէ վերջ, Պետրոս զարմացումով նայեցաւ ծրարին պարունակութեան, առանց բան մը հասկնալու: Յետոյ աճապարանքով սկսաւ նամակը կարդալ: Քանի մը տող՝ եւ արդէն իսկ բառերը դանդաղեցան, շրթունքներու ակամայ շարժումը հալեցաւ, եւ տղուն ակնարկը գնաց իյնալ փիղերէն մէկուն կռնակին: Հոն օրօրուեցաւ, տատանեցաւ, ցնցուեցաւ, մինչեւ որ այդ ցնցումներէն մէկը զինքը վար նետեց: Մեծ զգուշութեամբ, կարծես վախով դարձուց թերթը ու նայեցաւ այդ ստորագրութեան… այն ստորագրութեան, որ այնքան անգամներ բարձրացեր էր սա սանդուխներէն, որ այնքան անգամներ եկեր էր հոս, իր առջեւ, իր, որ նոյնիսկ գիշեր մը բախեր էր գոց դռան… Պետրոս նայեցաւ այդ պզտիկ, շատ պզտիկ ստորագրութեան, ինչպէս ճերմակ ու անարիւն թաթիկի մը, որ կ՚ըսէ. — Փըթիթ Լիզ:

«…Հապա Փիէռօ, մեր տարեդարձն է այսօր: Չես յիշէր, երկու տարի առաջ ճիշդ այսօր է, որ առաջին անգամ… այն գիշեր ժանգի գոյն հագուստ մը հագած էի եւ միշտ քեզի հետ պարեցի, թէեւ այն ատեն դեռ լաւ պարել չէիր գիտէր: Միտքդ է, որքան ոտքերուս վրայ կոխեցիր… Հաւատա, Փիէռօս, ես քեզի սիրեցի ամբողջ իմ… Միշտ յուսացի, որ պիտի վերադառնաս ինձ, քու փըթիթ Լիզդ չպիտի մոռնաս… անկեղծ եմ, չէ, Փիէռօ… Կ՚ըսէիր, թէ իմ գլուխս պզտլիկ է եւ սիրտս մեծ… Յուսացի… Խնայողութիւններ ըրի, որպէսզի մեր տարեդարձին բան մը նուիրեմ քեզ, պզտիկ յիշատակ մը: Երբոր զիս լքեցիր, շարունակեցի խնայել, որովհետեւ վստահ էի, թէ պիտի վերադառնաս… յուսացի… չկրցայ ուրիշ բանի ծախսել. այդ դրամը քեզի համար էր… Յիշէ զիս… նոյնիսկ եթէ հիմա ալ չգաս, վստահ եղիր, որ լաւագոյն եւ անմոռանալի յիշատակով մըն է, որ…»:

Մազերը խառնիխուռն, աչքերը անքնութեամբ ուռած եւ տակաւին գրեթէ մերկ, Պետրոս ինկած էր աթոռին վրայ, նամակը մէկ ձեռքին, քակուած ծրարը ծունկերուն: Երկարօրէն կը նայէր պաղած աչքերով այդ Pull overին զոր կարենալ գնելու համար ով գիտէ որքան անասելի զոհողութիւններ էր ըրած խեղճ աղջիկը, ով գիտէ որքան զրկումներու էին ենթարկուած իր պտըլիկ ձեռքերը, ով գիտէ որքան էր քալած…

Աղուոր, աղուոր Pull over մը, իսկական մետաքսի փայլով, իր ամենէն աւելի սիրած գոյնով… բայց ինչու, ինչու Փըթիթ Լիզ, ինչու «պզտիկ գլխով ու մեծ սիրտով» փըթիթ Լիզ… Հարուածին յաջորդող այս գաղջ շունչը, տառապանքէն անմիջապէս վերջ եկող փայփայանքը գորովի, միամիտ սիրոյ, զինքը խորապէս կը խոցէր, վէրքը աւելի կը բանար, կը խորացնէր եւ սրտին սաստկացող սեղմումները մտածումները կը ճմռթկէին անդիմադրելի ուժով:

Դող մը երիտասարդին ուսերը ցնցեց: Փիէռ ոտքի նետուեցաւ անմիջապէս եւ սկսաւ յագուիլ, կարծես անտեսանելի ներկայութեան մը հաւատացնելու համար, թէ այդ դողը ցուրտին արդիւնքն էր: Հապճեպով, մեծ հապճեպով սկսաւ հագուիլ, որպէս թէ անմիջապէս բան մը ընել որոշած ըլլար, որպէս թէ իր աչքերը նշմարած ըլլային հեռուն քիչ մը ջուր, կամ պատուհան մը չգամուած: Երբ աւարտեց, մնաց սակայն անորոշ, երկբայական: Անդադար դարձաւ սենեակին մէջ, ակնարկը սեղանին վրայի բաց ծրարին, ակնարկը սեղանին վրայի բաց, ամբողջութեամբ բաց սիրտին:

Հակընդդէմ ալիքներու պէս երկու տարբեր կիներէ մեկնող ակնարկներ, երկու տարբեր ժպիտներ կը բախէին իրարու, մէկը միւսը ծածկելով, մէկը միւսը յանդիմանելով փոխնիփոխ:

Փիէռ կրկին նամակը կարդաց, եւ Լիզին նուիրուած անցեալ օրերու յիշատակը մտածումին ներկայացաւ անսպասելի երանգաւորումով մը: Պարասրահի մը մէջ էին հանդիպեր իրարու. ան նուրբ էր, թեթեւ, փոքրակազմ եւ իր անվերջ ժպիտովը եկաւ կծկուիլ երիտասարդին բազուկներուն մէջ: Հայը անդադար կոխեց անոր տոտիկներուն վրայ, մինչ Լիզ («ոչ, զիս կը կոչեն Փըթիթ Լիզ») մինչ Լիզ կը շարունակէր ժպտիլ ու կը կարմրէր, կը շառագունէր, որպէս թէ կոխողը ինք ըլլար: Ըսաւ, թէ ինք Փարիզի մէջ… ոչ, ըսաւ, թէ առաջին օրը այդպիսի հարցում չեն ուղղէր, այլ միայն կը ժպտին եւ կը ջանան հաճելի ըլլալ… Օրեր վերջ ըսաւ, թէ ինք Փարիզի մէջ առանձին էր, թէ գլխարկ կը շինէր, թէ մեծ, այո, շատ մեծ աշխատանոցի մը մէջ կ՚աշխատէր, եւ թե…։ Ժանգի գոյն հագուստը Փիէռ ուրիշ անգամ մը բնաւ չտեսաւ Լիզին վրայ: Անոր ընկերուհիներէն մէկն է, որ միշտ կը հագնէր զայն. Լիզ այդ օրը փոխ էր առած: Ով չի ճանչնար Փարիզի միտինէթներուն կեանքը. կամ ով իրապէս, ամբողջութեամբ կրնայ գիտնալ այդ ճնճղուկներով լեցուն աշխատանոցներուն առասպելը: Այդքան խեղճ ամսականով մը ինչպէս, ինչպէս կրնար ապրիլ տասնեւութ տարեկան սա պուպրիկը, միշտ ժպտուն, միշտ թարմ, միշտ թեթեւ, գետնէն գտնուած կոճակի մը պէս:

Իրենց բարեկամութեան սկզբի շրջանին էր, երբ օր մը յանկարծ Փիէռ մեծագոյն անակնկալը գործեց երթալ զինքը առնելով: Ճիշդ կէսօրին ճշմարիտ թռչնիկներու պէս խումբ խումբ դուրս նետուեցան միտինէթները աշխատանոցին ետեւի մեծ դռնէն: Լիզ, զինքը նշմարելով, զարմացումէն եւ երջանկութենէն անշարժացաւ յանկարծ, կարմրեցաւ ու յետոյ վազելով եկաւ նետուիլ վիզին: Համբոյրէն վերջ ետեւ դարձաւ, ժպիտ մը արձակեց ընկերուհիներուն, կարծես ըսել ուզելով. «Կը տեսնէք իմինս»: Նոյնիսկ անոնք, որոնք շրթունքնին ներկելու էին զբաղած, նոյնիսկ անոնք, որոնց քիթին վրայ էր այդ պահուն բրնձափոշիին աշխատութիւնը, անոնք անգամ վեր առին իրենց գլուխները եւ ժպիտով մը նպաստաւոր կարծիք տուին, չմոռնալով ճչալ, ճռվռալ: Նախ բացարձակապէս մերժեց Լիզ, յետոյ պնդեց, նորէն պնդեց եւ երբոր տեսաւ, թէ չպիտի յաջողի, սկսաւ աղաչել, որպէսզի հոն չերթան, որպէսզի Փիէռ զինքը այդ ճաշարանը չտանի, թէ հարուստի տեղ է, մեծվայելուչ է, թէ ինք պէտք եղածին պէս չէ հագուած, թէ իրապէս կ՚ամչընայ: Փիէռ անդրդուելի մնաց իր արեւելքցիի կնահաճութեանը մէջ եւ գրեթէ բռնի Լիզը ուզած ճաշարանը տարաւ: Զմայլելի ճաշ մը ըրին. շուտով զուարթացան երկու երիտասարդները եւ սկսան կատակել, սիրոյ քօղարկուած խօսքերու ետեւէ սրամտութիւններ արձակել, երբեմն իրարու ձեռք սեղմել երկարօրէն… Երիտասարդ աղջիկը ընտանեբար պատրաստեց աղցանը, ինքն իրեն տանտիկինի հովեր տալով եւ դեռ ընելով այսպէս, եւ դեռ ընելով այնպէս… Փիէռ, որ տաքցած էր ընկերուհիին նման այդ զօրաւոր գինիին ազդեցութեանը տակ, մէկէն քմահաճոյքն ունեցաւ աղջկան պայուսակը խառնելու: Ինչ կրնար պարունակել, — շրթունքներու կարմիր ներկը, անխուսափելի վարդագոյն բրնձափոշին, ժանեկազարդ նուրբ թաշկինակ մը, քանի մը նամակներ: Ոչ, Լիզ չթողուց որ նայի. սակայն Փիէռ, որ պայուսակին մէկ անկիւնէն բռնած էր, յամառեցաւ իր տղայական հետաքրքրութեանը մէջ: Անմիջապէս լրջացաւ Լիզ եւ ուզեց անպայման, անպայման փրկել պայուսակը: Հայը բերանը ամբողջութեամբ բացած՝ տխմարօրէն կը խնդար առանց աղջկան դիմագիծը կարդալու եւ կը պնդէր, նոյնիսկ գրաւի կու գար, թէ ան լեցուն է սիրային նամակներով: Ու մէկէն շատ ուժով, գրեթէ բիրտ շարժումով մը խլեց առաւ կանացի այդ առարկան աղջկան պզտիկ ձեռքերէն: Այդ շարժումին մէջ պայուսակը բացուեցաւ սակայն, ու մէջէն գետին ինկաւ պզտիկ հաց մը եւ կտոր մը շոքոլա…

…Սեւ, սեփ-սեւ կատու մը սեղանին տակ կ՚ուտէր հացի այդ կտորը, մինչ անդին երկրորդ մը, այս անգամ ճերմակ, ճեփ-ճերմակ, թաթիկովը կը խաղար շոքոլայի կտորին հետ…

Եւ հիմա ինչու, ինչու, Փըթիթ Լիզ, ինչու «պզտիկ գլխով եւ մեծ սիրտով» Փըթիթ Լիզ… Օհ, կարելի չէր, երբեք կարելի չէր, որ այժմ այս նուէրը ընդունէր անկէ. պէտք էր վերադարձնել անմիջապէս: Եւ ըսել, որ երեք օրեր անցած են արդէն իսկ եւ ան կը կարծէ իրաւամբ, թէ պատասխանելու փափկանկատութիւնն իսկ չունեցաւ ինք: Երկար, երկար որոնումներէ յետոյ, Փիէռ վերջապէս որոշեց նամակով մը Լիզին պանդոկը տանիլ ձգել այդ առարկան: Բայց երբոր անցաւ թուղթին սպիտակութեան առջեւ, ուրիշ արգելքի մը բախուեցաւ: Գորովալից, քնքուշ եւ ցաւոտ տողերուն զառիթափը անխուսափելիօրէն տարաւ Նէնէթին: Այն ոսկի գլուխն է, որ եկաւ մտածումին առջեւ, ամէն անգամ, որ ուզեց սիրոյ խօսք մը ըսել, եւ ակամայ տողերը եղան տկար, պէտք եղածէն շատ աւելի տկար: Պատռեց:

Աչքերը արցունքով լեցուելու աստիճան յուզուած էր, սիրոյ այս հազիւ թէ քօղարկուած հեկեկանքին դէմ եւ իր առաջին մտածումն էր եղած անմիջապէս Լիզը գտնել, պլլուիլ անոր, ուժով մը, իր ամբողջ ուժովը պլլուիլ անոր, ըսել, ըսել… Թէ ինք տառապեցաւ, զարհուրելիօրէն ապրեցաւ սիրոյ ցաւը, խաբուեցաւ կեղծ, մութ, երկդիմի սէրերէ, թէ արժանի է կարեկցութեան, խղճահարութեան, թէ հիմա միայն կրնայ ըմբռնել եւ իր ամբողջ գերարժանիքին մէջ տեսնել պզտիկ Լիզին անխարդախ, պարզ ու մեծ հոգին: Կարօտն ունի անոր հեզութեան, անոր փափկութեան եւ բացարձակ անշահախնդիր նուիրումին: Այո, միայն ան է, որ պիտի կրնայ իրեն մոռցնել Նէնէթը, այն անիծուած նենեթը: Օ, ինչպէս պիտի նախանձի այս վերջինը, եթէ գիտնայ, եթէ տեսնէ իրենց վերածնող բարեկամութիւնը: Փիէռ իր ամբողջ կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Նէնէթ իր աչքերով տեսնէ, թէ ինք ինչպէս… որքան պիտի կատղի արդեօք, քանի որ իր Փիէռօն կը սիրէ դեռ… ըսաւ, թէ իր Փիէռօն կը սիրէ, եւ Նէնէթը չի ստեր. ոչ ան չի ստեր: Միայն թէ… միայն թէ ոչ անմիջապէս. դեռ յիշատակները շատ թարմ են կարենալ այսքան շուտ նետուելու համար Լիզին: Ոչ, քիչ մը ատեն պէտք է անցնի, պէտք է աստիճան մը գոնէ իր միսը պաղի: Ահա թէ ինչու Փիէռ իր գորովալից նամակին մէջ ըսաւ թէ… ոչ, վճռական բան մը չըսաւ: Նախադասութիւնները թողուց երկդիմի, կարելիութիւններով եւ հաւանականութիւններով լեցուն, երբեմն անորոշ, սակայն ոչ առանց սիրոյ: Երբոր այդ անհաւասար տառերով ու առատ կէտադրութեամբ էջերը աւարտեց, ծրարին հետ նետուեցաւ դուրս աճապարանքով:

Պանթէոնէն անդին, Ռիւ Մուֆտարի կողմերը կը բնակէր Լիզ: Երիտասարդը ոչ փողոցին անունը կը յիշէր. ոչ ալ շէնքին թիւը, սակայն քանի մը անգամներ մինչեւ իր պանդոկին դուռը բարեկամուհիին ընկերացած ըլլալով, շուտով պիտի կարենար գտնել զայն: Փիէռ արագ քայլերով կը բարձրանար այդտեղ, դարձդարձիկ ու աղտոտ փողոցներէ որոնք պարսպաձեւ շէնքերու մէջտեղէն կը մագլցին վեր եւ որոնց իւրաքանչիւրին անկիւնը մարդ կը կարծէ յանկարծ ծովի պատառ մը նշմարել: Իրաւ ալ նաւահանգստի մը բազմամբոխ ու խեղճ մէկ թաղին տպաւորութիւնը կը թողու Փարիզի այդ անկիւնը, ուր սակայն ամէն փողոցի վերջաւորութեան ծովուն տեղ թշուառութիւնն է որ կը բացուի իր անսահմանութեամբ եւ ուր տակաւին կը խաղան ու պիտի խաղան Հիւկոյի հերոսները «Թշուառներ»էն քանի մը տեսիլ: Կապելաներ, կրպակներ, նորէն կապելաներ, շէնքեր նեղ, ծռած, կքած, որոնք կը քրտնին անդադար եւ որոնց պատուհանները այնքան շատ կը նմանին հիւանդի աչքերու։ Այստեղի շեղ մայթերը լիզող ջուրը անվերջանալի տրտունջ մը կը տանի մինչեւ վար, վառած ու մարած լուցկիներով, ըսուած ու չլսուած խօսքերով:

Յանկարծ նետուեցաւ:

Յանկարծ նետուեցաւ դռան մը մէջ:

Բնազդական, որով նաեւ շատ արագ ոստումով մը Փիէռ նետուեցաւ յանկարծ դռան մը մթութեան մէջ ու հոն մնաց անշարժ, պատին հետ նոյնացած: Քանի մը քայլ միայն մնացեր էր պանդոկը հասնելուն եւ ահա որ անկէ աղջկան մը դուրս ելլելը կը նշմարէր: Լիզն էր: Շունչը բռնած, րոպէ մը այդպէս քարանալէ վերջ, երիտասարդը ուզեց դուրս ելլել իր մութ թաքստոցէն — մտածումները զինքը կը հրէին: Այո, այդ աղջիկը Լիզը չէր. անշուշտ, թէ Լիզը չէր. նմանցուցած էր ինք պարզապէս: Եւ արդէն հեռուէն մէկ ակնարկով ինչպէս կարելի է չսխալիլ. եւ արդէն Լիզը այս ժամուս հոս գործ չունի. պէտք է աշխատանոցը ըլլայ… Նոյնիսկ եթէ ան էր, ինչու փախչիլ այսպէս: Ինչ արդարացում, եթէ իրապէս ան էր եւ տեսաւ իր պահը… մութ դռան լուսեղէն քառանկիւնին մէջէն եկաւ ու անցաւ այդ աղջիկը: Այս անգամ կարելի չէր տարակուսիլ. Լիզն էր:

Մութ կանաչ պզտիկ գլխարկ մը եւ popelineէ խեղճ վերարկու մը` երկուքն ալ անծանօթ իրեն: Հովանոցին կոթն է, որ միայն կը ճանչնայ, ինչպէս նաեւ աղջկան նուրբ ու կանոնաւոր սրունքները: Մեծ, բաւական մեծ ծրար մը կը տանի Լիզ, որուն ծանրութիւնը քիչ մը կը բեկանէ իր նուրբ մարմինը եւ քայլերը կ՚արագացնէ զառիթափին վրայ: Ինչու Փիէռ անմիջապէս չմօտեցաւ անոր։ Որովհետեւ… որովհետեւ ըսելիք չունէր, բառերը չէր պատրաստած, չէր նախատեսած այսպիսի հանդիպում մը: Լաւ է, որ մէկէն դէմ դիմաց չգտնուեցան եւ հիմա տղան պիտի կարենայ գոնէ քանի մը նախադասութիւն կազմ ու պատրաստ ունենալ լեզուին տակ, գոնէ անգամ մը բեմադրութիւնը փորձել մտքին մէջ: Ինչ պիտի ըսէ. ինչպէս պիտի մօտենայ: Այո, շատ պարզ կերպով, թեթեւ ու մելամաղձոտ ժպիտով մը եւ պիտի ըսէ, թե… խօսքերը ամէնը մէկ փախան: Իր որոնումովը մտազբաղ` քայլերը դանդաղեցուցեր էր ակամայ եւ մէկէն նշմարեց, որ աղջիկը կորսուէր էր իր տեսողութիւնէն: Այո, ահաւասիկ հոն է. պէտք է մօտենալ, պէտք է անպատճառ մօտենալ, գոնէ ծրարը առնել ձեռքէն եւ բան մը ըսել, հոգ չէ, թէ ինչպէս, հոգ չէ թէ ինչպէս…

Բայց ինչ: Քանի տղան կը խորհէր ծագելիք խօսակցութեան, (Նէնէթ) այնքան դժուարին ու դժնդակ կ՚երեւար ան իր մտածումին: Այո, դժնդակ՝ քանի որ անկասկած պիտի պատասխանէր իր ըսածներուն, պիտի ըսէր, թէ շատ տառապեցաւ, թէ արժանի չէր այսպէս լքուելու, թէ պէտք է միանան (Նէնէթ) անմիջապէս: — Կարծես թէ նիհարցեր է քիչ մը եւ բոլոր հագուստները փոխուեր են իր վրայ: Գուլպաներու ետեւի repriseներն են, որ միայն նոյնն են մնացեր… Խեղճ Լիզ, խեղճ Լիզ… Հապա եթէ յանկարծ գլուխը ետեւ դարձնէ ու զինքը նշմարէ: Նորէն Փիէռ քայլերը դանդաղեցուց: Մանաւանդ որ պիտի չուզէ իր նուէրը ետ առնել. այդ անկարելի է, անկարելի է: Եւ յետոյ տղան պիտի չկարենայ նամակը տալ: Հապա եթէ ըսէ պարզապէս մէջի գրածները: Դարձեալ անկարելի է. ամէն գրութիւն չ՚արտասանուիր, ինչպէս որ ամէն խօսք չի գրուիր:

Փիէռ կ՚ուզեր մէկէն ետեւ դառնալ ու փախչիլ, կորսուիլ, սակայն անկարող էր եւ կը հետեւէր միշտ անոր, երբեմն մօտիկէն, ճիշտ ետեւէն, երբեմն ընդհակառակն` անջրպետը բանալով: Երկու կավռոշիկներ, որոնք կ՚անցնէին իրենց սիկառէթներուն հետ, կարծեցին թէ Փիէռ կնորսութեան է ելած, սակայն դեռ համբակ ու ամչկոտ` չի համարձակիր մօտենալ աղջկան:

Տղաքը սկսան վրան խնդալ, կատակել, եւ քանի մը քայլ հեռանալէ վերջ իրենցմէ մէկը պոռաց. — «Va-s-y Toto, va-s-y!»։ Երիտասարդը սաստիկ ամչցաւ ու մայթը փոխեց: Բայց երբոր Սէն-Միշէլի հրապարակը հասան, Լիզ մէկէն անհետացաւ բազմութեան մէջ: Մեթրօ մտաւ, հանրակառք առաւ, թէ անկիւն մը դարձաւ կրկին: Հայը չուզեց փնտրել, ընդհակառակն գոհ եղաւ այս արդիւնքէն եւ նոյնիսկ ատոր մէջ ինքնարդարացում մը գտնելու համարձակութիւնը ունեցաւ, երբոր աղջկան պանդոկը դառնալու համար անգամ մը եւս Սէնթ-Ժընըվիէւի բարձունքը կ՚ելլէր նախկին ծրագիրը գործադրելու:

Նրբանցքին խորը, սանդուղներուն տակ էր կծկտած պանդոկին գրասենեակը: Պանդոկապետուհին այդ պահուն դեղձանիկին ջուրը փոխելով էր զբաղած: Անշնչելիօրէն հաստ, տձեւ ու խափանիչ գիրութեամբ կին մըն էր ան: Իր մէկ աչքը այնքան մեծ էր, ուռած, գորտի աչքի մը պէս դուրս ցցուած եւ գրպանիկներով, որ բնաւ պէտք չէր զարմանալ միւս աչքին պայթած ըլլալուն: Դեղձանիկը իրեն պէս միականի չէր անշուշտ, սակայն երկուքն ալ իրենց մէյմէկ աչքով նայեցան Փիէռին, ծրարին ու պահարանին: Այդ երկու դիտողներէն մէկը ըսաւ.

— Քիչ մը ուշ մնացիք, պարոն, պէտք չէր, որ վայրկեան մը առաջ գայիք:

— Խնդիր չէ, կ՚ուզեմ միայն այս ծրարը…

— Ինչպէս թէ խնդիր չէ. ան գնաց, մեկնեցաւ…

— Գիտեմ, տեսայ զինքը, բայց մասնաւոր ըսելիք մը չունէի: Կ՚ուզեմ միայն այս ծրարը…

— Ես ալ կ՚ըսեմ, որ այդ ծրարը հիմա ալ կարելի չէ…

— Կարեւորութիւն չունի, թող իրիկունը ըլլայ…

— Օհօօ, իրար չենք հասկնար կոր… բայց սիրելի պարոնս, ձեզի կ՚ըսեմ, որ ան հիմա մեկնեցաւ պանդոկէն, մեկնեցաւ Փարիզէն, իր քաղաքը պիտի երթայ…

— Ինչպէս, ինչպէս, բայց հիմա… քիչ մը առաջ է, որ…

— Այո, այո, հիմա, քիչ մը առաջ… կայարան գնաց, 10. 30-ի շոգեկառքը պիտի առնէ. Աստուած իմ, այս ինչ դժուար բան է եղեր չինարէն խօսիլը…

Ու խափանիչ գիրութիւնը այնքան գոհ մնաց իր այս սրամտութենէն, որ մէկ աչքը աւելի բացաւ, եւ կարծես բազմաթիւ գորտեր նայեցան Փիէռին: Ան այդ պահուն կը նմանէր մէկու մը, որ իր ակնարկը կը սուզէ բնանկարի անհուն խորութեանը մէջ, եւ երբ յանկարծ, չես գիտէր ինչ ուժով մը այդ «թապլօ»ն կ՚իյնայ իր կեռէն, դիտողին ակնարկը կ՚երթայ փշրուիլ պատին դատարկ սպիտակութեանը վրայ: Մինչ երիտասարդը այդպէս քարացած կը մնար ծրարին ու պահարանին հետ, շատախօսներու շառաւիղը շարունակեց.

— Տեսէք, իր կոտրած հին պայուսակն ալ հոն է. պէտք է, որ ելլեմ ու նետեմ զայն: Կարծես թէ ես ուրիշ ընելիք բան չունիմ… Կարծեմ Թուլօնի կողմերէն է, այնպէս չէ, դուք ինձմէ լաւ պէտք է գիտնաք… Շատ աղէկ ըրաւ մեկնելով. շատ լաւ ըրաւ: Ես իրեն հարիւր անգամ ըսի, որ հոս բժշկուելիք բան չէ, ունեցածը թեթեւ բան մը չ՚երեւար կոր, հանգիստ կ՚ուզէ, օդ կ՚ուզէ. շատ լաւ ըրաւ մեկնելով: Արդէն տասնհինգ օր է, որ անկարող էր աշխատելու… Ելլեմ սա պայուսակը նետեմ. կարծես թէ ես ուրիշ ընելիք բան չունիմ…

Եւ որովհետեւ ուրիշ ընելիք չունէր, սկսաւ երկնային ձայնով մը քնքուշ խօսքեր ըսել դեղձանիկին:

Սեւ, սեփ-սեւ կատու մը սեղանին տակ բան մը կ՚ուտէր, մինչ անդին…
6
Յաջորդ օրերը ուրուականի մը պէս անցան: Փիէռ փախաւ խելացնոր այդ յորձանքին տակ, որ կ՚աւլէր, կը քշէր, կ՚անհետացնէր ամէն ինչ: Ամէն ինչ կը պղտորէր ու կը հեռանար երիտասարդին առջեւ, որ կեանքին մէջ առաջին անգամն է, որ այսքան սոսկումով մը կը նայէր շուրջը մեծցող պարապին, զինքը լքող բազուկներուն, անոնց ջերմութեան, եւ հակառակ իր կատաղի ու դաժան ակնարկներուն, կը սարսափէր, կը սարսափէր անկէ, առանձնութենէն: Առանձին… միս մինակ էր ալ, կողերուն շուրջ բան չկար, բան չէր մնացած: Իր սիրոյ առարկան է, որ միայն չկար, եւ կը կարծէր ամէն ինչ կորսնցուցած ըլլար անդարձ: «Ահա, — կը գոչէր ինքզինքին, — ահա սրահ մը լեցուն բազմութեամբ, ահա բեմը իր բաց վարագոյրով, ահա հոն են դերասանները իրենց տարազներով, իրենց շպարով… լոյսն է, որ միայն մարեցաւ, միայն ան է, որ շիջաւ ու ալ բան չկա»: Եւ սակայն հակառակ ատոր, մութին մէջէն դերասան մը շարունակեց: Դերասան մը շարունակեց լալ, լալ եւ յետոյ հազիւ թէ լսելի ձայնով մը դանդաղօրէն վերադարձաւ իր պատմութեան: — Փիէռ տուաւ ինչ որ ունէր իր Նէնէթին: Անոր յանձնեց իր սիրտը ամբողջութեամբ: Եւ դեռ տուաւ իր մտածումները, իր հոգին, իր ամբողջ էութիւնը, առանց խորհելու, որ այդ աղջիկը կրնար օր մը մեկնիլ, եւ այդ բոլորը առնել ու հետը տանիլ: Չխորհեցաւ, որ ինք այն ատեն պիտի մնար պարպուած, անղեկ, անկայմ ու անլոյս: Եւ որովհետեւ չխորհեցաւ, հիմա պիտի կորսուէր անխուսափելիօրէն: Դերասանը սակայն խօսեցաւ: Այո, Փիէռին միայն այդ կը մնար ընելիք: Պէտք էր կրկին նետուիլ կեանքին մէջ, պէտք էր կրկին մաքառիլ կեանքի կռիւին մէջ, հոգւով մարմնով լծուիլ աշխատութեան, յոգնեցուցիչ, սպառող, չարաչար տքնութեան: Անոր միօրինակութեանը մէջ թմրիլ ու մոռնալ ինքզինքը, Նէնէթը, անցեալը, բոլորը, բոլորը անխտիր: Անվերջանալի ամիսներէ ի վեր տեւող իր գրեթէ անգործ վիճակը պատճառ եղած էր, որ անդադար զբաղի իր սիրտով միայն եւ սաստկացող տառապանքին տակ ըլլայ հեղգ ու տկար: Եւ յետոյ մանաւանդ, որ իր դրամը սպառած էր գրեթէ ամբողջութեամբ: Նիւթական վիճակովը չէր զբաղած բնաւ, որովհետեւ կեանքը ապահովելու չափ դրամ շահիլը խիստ դիւրին կը թուէր իրեն: Այլեւս մտերիմն էր Փարիզին, կատարելապէս տէրն էր արհեստի մը եւ վաղն իսկ պիտի կարենար լուսանկարչատան մը մէջ կրկին գործ գտնել: Լուսանկարչատան մը մէջ. ինչպէս, դարձեալ լուսանկարչատան մը մէջ:

Փիէռին մտածումը անշարժացաւ մէկէն այդ հեռապատկերին առջեւ: Նոյն վայրկեանին իր դիմագիծը կարդացող մը պիտի կարենար ըմբռնել ամբողջ կատաղութիւնն ու նողկանքը այդ զարնուած հոգիին, պիտի կարենար ըմբռնել մեծութիւնը տառապանքի մը՝ որ անգամ մը եւս կը ցցուէր իր ամբողջ ծաւալով: Ոչ, պարզ անկիւնադարձ մը չէր կատարուելիքը. սովորական ճամբորդ մը չէր ինք, որ կենդանին յոգնած ըլլալուն ցատքէ երկրորդի մը վրայ ու չանդրադառնայ իսկ փոփոխութեան եւ կամ թէ ալիքներուն դէմ մաքառելէ ուժաթափ` սկսի այս անգամ ալ կռնակի վրայ յառաջանալ ինքզինքը լքած, թոյլ ու անհոգ: Պէտք էր փախչիլ, փախչիլ ամէն բանէ, մանաւանդ ինքզինքէն, եւ պէտք էր, որ այդ փախուստը ըլլար կատարեալ, ամբողջական, վերջնական: Չէր բաւէր միայն փոշիները թօթափելով գոհանալ ու կրկին քայլ առնել աջով թէ ձախով. չէր բաւեր բնաւ միայն շապիկ փոխել: Պէտք էր այդ տարազը վրայէն հանել քաշկռտելով, պատռտելով, եւ դեռ փոխել մորթն ալ, կաշին ալ, մինչեւ որ կարելի ըլլար մարել կամ գոնէ մեղմել ինչ որ կայ հոգիին մէջ:

Ինչպէս, կրկին վերադառնալ աշխատանոց, ուր ամէն ինչ իր կորսնցուցած Նէնէթը պիտի յիշեցնէ, ուր ամէն ինչ նախկին օրերը պիտի վերակոչէ: Վերադառնալ աշխատանոg, այն կեանքին, որ զինքը այս կէտին էր հասցուցած: Երբեք, երբէք կարելի չէր, որ վերստանձնէր իր կաւատի դերը, նախկին ծեքծեքանքը, զարգացած կեղծիքը, վճարուած ժպիտը, բոլոր գարշանքը այդ մթնոլորտին: Ալ երբեք կարելի չէր որ կարենար յանդուրժել ներկայութեանը այն կիներու, որոնց բարոյականի երանգները կ՚ուզեր այլեւս անգիտանալ եւ զանոնք կը խմբէր մէկ բառի մը տակ — «Պոռնիկ»: Ալ չպիտի կարենար լուսանկարել անոնց քմահաճոյքները, անհանդարտ ծունկերը, բոյրերը, եւ պիտի չկարենար սրամիտ խօսք մը ըսել շնիկին. ոչ ալ ժպտիլ այրերու կիրթ սրիկայութեան, կատարելագործուած շնականութեան, գնուած արժանիքին: Օհ, չտեսնել անկումը հագուստներու ու ներքնաշապիկներու, ալ չծծել գինովցնող բոյրեր. չլսել, օհ, չլսել անվերջանալի ոռնոցը չարլսթօններու:

Կը մեծնար, փոթորիկի մը պէս նողկանքը կը մեծնար երիտասարդին մէջ: Ան կը նմանէր բոզանոցէ մը դուրս ելլող պատանիի մը, որ կը թքնէ, անվերջանալիօրէն կը թքնէ։ Անշուշտ Փիէռ կը չափազանցէր ամէն բան: Շատ դիւրաւ կարելի էր այս կացութեան լուծում մը գտնել, պարզապէս հեռանալով մեծվայելուչ աշխատանոցներէն: Պէտք էր հեռաւոր ժողովրդական թաղերը կամ արուարձանները երթալ, ուրտեղի լուսանկարչատուններուն մէջ այս կեանքէն ոչինչ կարելի է գտնէր։ Եւ սակայն զգացումները չափազանցել, ծայրայեղութեան մղել ու զանոնք իրականութեան չկարենալ պատշաճեցնելը երիտասարդութեան յատկանիշն իսկ է: Առարկայ մը պէտք էր Հայուն սիրոյ տառապանքովը կազմուած կատաղութեանը արժանի. բան մը, որուն վրայ կարենար իր լորձունքը սպառել: Այդ առարկան իր ապրած կեանքը եղաւ: Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ մինչեւ այս պահը բանտարկուէր էր պարկի մը մէջ: Իրաւ, հիւսկերէն ներանցնող աղօտ լոյսով նշմարած էր շուրջը, սակայն սիրովը կուրցած` ստիպուէր էր հաճոյքով տանիլ ամէն բան: Հիմա դուրս կը նետուէր անկէ. բայց որովհետեւ տակաւին կառչած կը մնար բանի մը, պատճառ կ՚ըլլար որ պարկը շրջուի, մէջը դուրս դառնայ: Արեւի լոյսին տակ ինչ աղտեղութիւն: Օ, փախչիլ, փախչիլ ինքզինքէն, վերադառնալ այն վիճակին, ուր կը գտնուէր երբոր ինկաւ Փարիզ, ըլլալ նախկին Հայը, իր կոշտութեանը մէջ գեղեցիկ, իր պարզութեանը մէջ վսեմ: Բայց ինչպէս, ինչպէս:

Եւ երբոր Փիէռ նշմարեց փրկութեան ուղին, իրեն այնպէս թուեցաւ, որ սրունքներուն վրայ կը մեծնար, անհունօրէն կը մեծնար ու կը մաքրուէր: Հպարտութեամբ նայեցաւ բազուկներուն, երկարօրէն դիտեց իր դիմագիծը հայելիին մէջ ու ժպտեցաւ տարտամօրէն: Գրեթէ երջանիկ էր:

Երկու օրը բաւական եղաւ, որ Փիէռ հաշիւը մաքրէ սենեակի առարկաներուն: Ծախեց ինչ որ կրցաւ. սմոքինկը, լուսթռին, կօշիկները, քիչ մը շատ վայելուչ վերարկու մը ու խել մը գիրքեր: Եւ նետեց ինչ որ չկրցաւ ծախել: Փիէռ շատ բան նետեց: Յետոյ հեռացաւ Փարիզէն ու պանդոկէն` իր միակ պայուսակին հետ, առանց նոր հասցէն ձգելու: Տխուր առտուան մը մշուշը զինքը նորէն գտաւ Պիյէանքուռ, Ռընոյի մետաղէ մեծ դուռին առջեւ. քասքէթը քաշած էր մինչեւ յօնքերուն եւ մօրուքով սեւցած: Երբ իր կարգը եկաւ, ներկայացուց նախկին վկայագիրները, Tourneur!: Ընդունուեցաւ: «Պլէօ»ները հագաւ ու հետեւեցաւ շէֆին: Երբոր անցաւ մեքենային առջեւ…

Այսպէս է, որ ուրիշները կը խոնարհին խաչելութեան մը դիմաց:

***

«Հայերը գիրք մը ունին։ Անոնց ամէնագէշ, զզուելի, ամենասխալ, վատառողջ, եւ ամէնէն աւելի անբարոյական գիրքն է ան — Նարեկը։ Կ՚ամբաստանեմ զայն իբրեւ ամենամեծ թշնամի հայութեան, կ՚ամբաստանեմ այն թշուառականը որ անոր տողերը թքաւ։ Եւ ըսել թէ որքան փառահեղ ճակատագիր մը ունեցաւ այդ թունաւորիչ հատորը։ Հայերը զայն ընդունեցին, իւրացուցին, ընդգրկեցին։ Ոչ մէկ սերունդ խորհեցաւ զայն ջնջել, որովհետեւ անոր լեզուական եւ բանաստեղծական ինչ ինչ յատկութիւններէն խաբուելով ծածկուած թոյնը չնշմարեց։ Ընդհակառակն փոխանցեցին որդիէ որդի, արիւնէ արիւն, ու ան եկաւ մինչեւ մեզ։ Թունաւորուեցանք, ազգովին թունաւորուեցանք։ Ահա թէ ինչու պարտուածներ ենք։ Պարտուածներ ենք որովհետեւ այն վանականին հաշմանդամ հոգիին պէս արհամարհեցինք ու անգիտացանք գոյութիւնը մեր եսին, մեր ուժին, կամքին, անհատականութեան. — չկռուեցանք, չխածինք, չմաքառեցանք։ Քրիստոնէական վարդապետութեան անոր սխալ ու թերի մեկնութիւնը ընդունելով եղանք անմտօրէն կրաւորական, համակերպող, աղերսարկու, անգիտակից։ Մենք մեր անձէն դուրս չելանք, չունեցանք նպատակ. խմբովին չսլացանք դէպի կարելիութիւնը անկարելին եւ մեծ իտէալ մը մեզ բոլորս իր ճանկերուն մէջ չշաղուեց։ Կ՚ամբաստանեմ այն թշուառականը որ…»։

Պոռնկագրութեան վրայ խօսած ատեն, օր մը, Սուրէն այսպէս կ՚արտայայտուէր Փիէռին:

Եւ խորհրդածութիւններու այդ զառիթափին վրայ նետուած պահուն ըրած իր այս առաջին բոմբիւնէն յետոյ, ձայնին կրակը մեղմելով կը շարունակէր` իմացականութեան պայծառութիւնը վերստին գտած.

— «Որքան ալ տարօրինակ թուի ազգի մը տկարութեան պատճառները բացատրելու այս եղանակս, պէտք չէ ուրանալ հոն ծածկուած ճշմարտութիւնը։ Նարեկացին սկզբնապատճառ նկատուի թէ ոչ, իրողութիւն է որ շատ մը բաներ կու գան լիովին կ՚արդարացնեն իմ յախուռն մտածումս, որ իր ազգասէրի տառապանքին մէջ կ՚ուզէ անպայման մէկը նետել ամբաստանեալի աթոռին վրայ։ Ամէն Ազգ, ամէն դարու, ամէն ժամանակաշրջանի, գիւղացի, անտաշ եւ անգրագէտ ամբոխէն զատ ունեցած է «պզտիկ» մարդեր, «ընտրեալ» կոչուած դասակարգին մէջ իսկ։ Սակայն Հայոց մօտ անոնց թիւը ջախջախիչ, գերապատիկ, յուսահատական համեմատութիւն կը ստանայ։ Ահա թէ ինչու, ես, Սուրէն, կ՚ուզեմ անգիտանալ փոքր խումբը բացառութիւններու, եւ ամբողջ հայութիւնը կը նկատեմ Նարեկով թուանաւորուածներ, հաշմանդամներ։ Եւ սակայն այո, կը բաւէ որ գիտնանք մեր շուրջը նայիլ, կը բաւէ որ նայինք ապրող սերունդին եւ անոր մէջ պիտի հանդիպինք ակնարկի մը որուն համարձակօրէն պիտի կարենանք պոռալ. — անհաւատ։ Հաւատքը չունի ան. հաւատքը՝ կիրքին կարմիր մոլեգնութեամբը գրուած. հաւատքը՝ որ մեծ հոգիները կը կերտէ, որ բարձրագոյնին տենչանքը ոււնեցող ազգերէն կը ծնի։ Այս Հայը բան մը իր իտէալը չ՚ըներ եւ չի պայքարիր անոր համար։ Հոգւով մարմնով չի նուիրուիր գաղափարի մը իրագործման, աւելին տալու շտապին մէջ ինքզինքէն դուրսչ՚ելլեր խենթութեամբ եւ իր էութիւնը յարատեւ բարձրացումի մը չի հպատակիր։ Աստուածային կիրքը բացակայ է իր մտածումներէն եւ զգացումներէն, որոնք անվերջանալի միօրինակութեան մը մէջ կը մրափեն։ Խելացի, ուշիմ եւ գործունեայ ցեղի մը զաւակը ըլլալուն հակառակ, այդ յատկութիւնները ի սպաս կը դնէ միայն իր կաշիին շահերուն։ Հաւաքականութեան հանդէպ պահած իր անտարբերութիւնը թանձր ու անթափանց կեղեւի մը պէս կու գայ իր հոգին կը չէզոքացնէ, կը բթացնէ։ Ինչ անհանդուրժելի նեխութիւն, երբ մանաւանդ զարգացում մըն է ստացած. դպրոցէն հեռանալուն պէս դասարանի ու փողոցի կեանքերը բաժնող մեծ անդունդը կը տեսնէ եւ իր առաջին հոգը կ՚ըլլայ մոռնալ ինչ որ սորված էր, իբրեւ անտեղի, աւելորդ, անհեթեթ։ Եթէ կրցաւ մոռնալ, անոր տեղ բան մը չի դներ բնաւ. միայն կը ջանայ իր պարապութիւնը ոսկեզօծել։ Թողէք զայն, ոսկերիչ պիտի ըլլայ։ Եթէ չմոռցաւ, դեռ պիտի շարունակէ կարդալ, հետաքրքրուիլ, առանց սակայն իր չէզոքի դերէն հրաժարելու։ Թողէք այս ալ. նորէն խարդախ ոսկերիչ՝ այս անգամ բառի»։

«Վհատ, թոյլ ու ողողումէն առաջ իսկ կղզիացած սա հոգին, ամբողջ հայութիւնը հիմնովին սարսող դէպքերէ վերջ երկու գիծով միայն կը տարբերի նախորդ սերունդներէն։ Աւելի քիչ կը հաւատայ անկախութեան, եւ նուազ կ՚ատէ Թուրքը։ Նուազ կ՚ատէ, որովհետեւ կը ճանչնայ մարդկային մտքին բոլոր կարեւոր արտայայտութիւնները, զանոնք միշտ դատելով իր մեկուսացած պզտիկութենէն, առանց ճիչի, առանց գիրկընդխառնումի, առանց ճակատագրական մեկնումի։ Ինք կը ճանչնայ բոլոր իմաստասէրները եւ բոլոր վարդապետութիւնները. մէկ քանին կարդացած է։ Սակայն անոնցմէ ոչ մէկուն առջեւ ըսած չէ. «ահա ես եմ, ահա այսպէս»։ Գիտէ թէ Աստուած եւ կրօնք ըմբռնումներ են, երբեմն սփոփարար ուժեր են որոնք մարդկութեան հետ պիտի մեռնին։ Գիտէ թէ հայրենիքը ներկայ օրերու միջազգայնական գաղափարներուն առջեւ գէշ արգելք մըն է, իսկ իր հայրենիքը՝ գորդեան հանգոյց մը անլուծելի։ Գիտէ թէ բարի, չար, տգեղ, գեղեցիկ, բարոյական, անբարոյական բոլորն ալ յարաբերական բաներ են, թէ արուեստը միայն մեծ ազգերու առանձնաշնորհն է, քանի որ բարձր միջավայրի եւ երկար ժամանակի կը կարօտի։ Վերջապէս գիտէ նաեւ թէ սէրը փորձանք մըն է, կինը դրամ է, իսկ դրամը ամէն ինչ է։ Հիացում եւ առատ ներբող ունի օտարին բոլոր արժէքներուն, արժանիքներուն, մեծութիւններուն։ Շատ անգամ կուրօրէն կը փառաբանէ զանոնք. սակայն երբոր հաճի ակնարկը դարձնել իր ազգին, անմիջապէս տարակոյսով եւ թերահաւատութեամբ լեցուն քննադատի մը կը ձեւափոխուի։ Կը խորշի, կը կը սոսկայ հպատակութեան գաղափարէն. պզտիկութիւն կը համարէ ուրիշի մը մտածումը բաժնելով միաբանիլ եւ գործակցիլ անոր, երբոր հրամայողը ինք չէ։ Ինք ինք է եւ ինք բան չէ»։

«Ինչ պէտք, ինչ պէտք սակայն ըսել այս բոլորը, որ արդէն իսկ այնքան անգամներ կրկնուած ըլլալու դժգունութիւնը ունի: Ինչ պէտք մանաւանդ զբաղիլ պարագաներով, որոնց լաւագոյն դարմանը բառերուն եւ խօսքերուն ուժը չի կրնար կազմել բնաւ: Այո, այս տիպարը պատահական չէ, միայն ժամանակի մը ծնունդ չէ. սակայն մինչդեռ անցեալի մէջ կարելի էր մասամբ զինքը անտեսել, իր վատառողջ մեղկացումը չէզոքացնել, թողլով որ ազգին թիւը բազմապատկելու իր միակ դերը կատարէ, հիմա անկարելի կը դառնայ իրեն հանդէպ անտարբեր մնալ։ Ոչ թէ որովհետեւ այժմ պատերազմ կայ ու կռիւ, ոչ թէ որովհետեւ այժմ ճակատամարտ կայ ու կենսապայքար, այլ որովհետեւ կայ բան մը աւելի ճակատագրական, աւելի աններող, կայ բան մը ահեղ, անդիմադրելի, որ իր անունը կ՚ոռնայ բոլոր քառուղիներէն. նահանջն է ան: Նահանջը, նահանջը հայերուն: Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ Ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ: Բայց նահանջը հոգիներու, գլխի պտոյտ տուող զառիթափին վրայ սա նահանջը կը ջնջէ, կը ձուլէ, կ՚անհետացնէ ամէն բան: Իրաւ, բազմաթիւ չեն այսպիսի զարգացած անտարբերներ, սակայն անդին կամ ամբոխները անտաշ, անմիտ եւ ուծացած մարդոց, որոնք կարծես բնազդաբար, կարծես արիւնով ու ծուծով ճիշտ նման են նախորդին: Անոր պէս առաջինը կ՚ըլլան ընկրկող, մոռացող, ուրացող: Եւ կը կազմուի ահեղ զանգուածը անոնց, որոնք կը նահանջեն ու այդ մեծ հոսանքին մէջ կը քշեն կտանին միւսներն ալ, ցանցառ բացառութիւններն ալ:

«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղայ, մեղայ Արարատին:

«Եղան Հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան Ազգ ու լեզու, եւ հերոսներ՝ որ տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մենք, կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին` մանուկներ, որոնք կրնային մեծնալ, ապագայի սերունդներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար, բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ, մեղայ, մեղայ Արարատին»:

***

Ահա այսպիսի նահանջող ազգակիցներու մէջ ինկաւ Փիէռ: Ոչ սակայն անմիջապէս: Այն առաջին խուճապէն ի վեր տարիներ անցէր էին եւ հիմա, այս աշխարհ-գործարանը պարպուէր էր հայ պատահական բանուորներէն: Անոնք մեծ մասամբ տեղին, միջավայրին ու լեզուին մտերմանալով, կամաց-կամաց կրցեր էին փախչիլ մեքենաներու կենսակուլ երախէն եւ նուիրուիլ աւելի նպատակայարմար արհեստներու, պաշտօններու: Կը մնային բացառութիւններ: Փիէռին աշխատած անկիւնը ոչ մէկ Հայ կար. ձախ կողմինը քառասուննոց ճաղատ մարդուկ մըն էր, որ ամառ կիրակիները գետեզերք կ՚երթար ձուկ որսալու, իսկ ամբողջ ձմեռը այդ ձկնորսութեան պատմութիւնները ընելով կ՚անցընէր: Մեքենաները իր լրացուցիչն էին, ինք անոնց մէկ մասն էր, եւ երկաթի այդ առեղծուածէն հեռանալուն պէս կը դադրէր արժէք մը ունենալէ: Ատոր համար է, որ ձուկ չէր կրնար բռնել եւ այնքան շատ բան կ՚ունենար պատմելիք: Իսկ աջ կողմինը առաջին օրն իսկ մտերմացաւ Փիէռին ու անոր սիգառէթներուն: Այս շիկահեր եւ յաղթանդամ երիտասարդը, որ անխոնջ ընթերցող մըն էր մարզական օրաթերթերու, Փիէռին արտաքինէն դատելով` կարծեց գաղափարակից մը գտած ըլլալ, եւ ամէն օր սկսաւ գրաւի գալ սա կամ նա մարզիկին յաղթութեանը ի նպաստ: Բայց երբոր տեսաւ, թէ ամէն օր ալ կորսնցնողը ինքն է, հասկցաւ, որ Փիէռ բնաւ մարզական թերթ չէր կարդար եւ չէր հետաքրքրուէր այդպիսի բաներով: Անմիջապէս իր բարեկամութիւնը կիսով խզեց: Կիսով միայն` քանի որ շարունակեց դեռ բարեկամ մնալ սիգառէթներուն:

Խաղաղութիւն խաղաղութիւնը հոգիի: Փիէռ այն հաստատ համոզումն ունէր, թէ պիտի կարենայ զայն գտնել հոս, պիտի կարենայ տիրանալ անոր այս կեանքին մէջ, որ հակառակ յոգնեցուցիչ ըլլալուն, միօրինակ էր, անփոփոխ ու անվերջանալիք։ Այդ փափաքին հասնելէ առաջ սակայն, նախ երեք փուլերէ անցաւ: Առաջին այն քանի մը օրերը սահեցան կատարելապէս անգիտակից, անբան եւ անզգայ տպաւորութեան մը տակ: Փարիզէն իր փախուստը, կրկին մութ ու նեխոտ պանդոկ մը իյնալը, գործ փնտրելը եւ անոր անգամ մը եւս վարժուելու ճիգը, անդրադարձումի ամէն կարողութիւն ջնջեցին իրմէ: Անմիջապէս յետոյ ինկաւ անսահման, անզուսպ կատաղութեան մը մէջ. օրերը, գիշերները, իր բոլոր պահերը անէծքով, ատելութեամբ ու թոյնով լեցուեցան: Կ՚ատէր, սարսափելիօրէն կ՚ատէր իր Նէնէթը, ակռաներուն մէջէն անէծքը անվերջ կը սուլէր, այլեւս առանց ինքզինքը զսպելու: Դեռ սաստիկ, սաստիկ կը տառապէր: Գիշերները ճաշէն վերջ անկարող կ՚ըլլար սենեակ վերադառնալ եւ այն մութ ու անծայր փողոցներու երկայնքին ցուրտին հետ կը տանէր իր տենդը, գրեթէ բարձրաձայն կրկնելով. «Անիծուիս, անիծուիս դուն, Նէնէթ. տառապիս դուն, կ՚ուզեմ, որ տանջուիս եւ փնտրես զիս. ինչպէս, ինչպէս տարուեցայ ես, խաբուեցայ անկէ: Ինչ էր որ, միւսներուն պէս «հաւ» մըն ալ ինք. բացառիկ ինչ ունէր որ. ոչինչ: Նախ որ ինձմէ շատ տարէց էր. քանի մը տարիէն ալ պիտի ծերանայ. արդէն խարտեաշները շուտով կը խամրին: Որքան տղայ եմ եղեր, չկրցայ բաց աչքերով իրականութիւնը տեսնել, հմայուեցայ իր շպարէն, վայելչութենէն, գեղեցիկ զգեստներէն, նուրբ ճերմակեղէններէն: Իրաւունք ունին եղեր Ֆրանսացիները զանոնք կոչելու. «Կնոջ ծանր հրետանին»: Այո, հով ունէր, արտաքին տեսք մը ունէր, բայք արդէն կիրքը ինչ է որ. անճկելի հպարտութիւն մը բռնաբարել է. զօրաւոր անհատականութեան մը տիրանալ ու տիրապետել է. կիրքը կարող է ուշիմ դաստակներ անշարժեցնել, կապել է. խելացի գլուխ մը թմրեցնել, ցաւի եւ հեշտութեան արտայայտութիւնը անոր վրայ վայելելն է. այո, կիրքը կեցուածք մը բռնաբարել է: Խեղճ Լիզ, խեղճ Լիզ, ինչպէս քեզի չճանչցայ… անիծուիս դուն, այո, քեզի եմ, Նէնէթ, քեզի…»:

Եւ օրերը դարձան, դարձան: Մեքենաները անկապ բառեր եւ թերի նախադասութիւններ կրկնեցին իրեն անվերջ, որոնք բացատրութիւն մը կամ երբեմն ալ պատասխան մը գտնելու իր ճիգին մէջ երիտասարդը մոլորեցաւ, ինկաւ հակասութիւններու գիրկը, մինչեւ որ լռեց: Հեռաւոր խարտոց մը կը ֆշշար իր ականջին. — «Խօլ շուայտ, խօլ շուայտ, խօլ շուայտ, խօլ շուայտ…» Կամ ասդին, աղմկարար մեքենայ մը իր բոժոժները կը հնչեցնէր կրկնելով. — «Ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք, ինչու չըրինք չարիք …»: Փիէռ լռեց, որովհետեւ նախ աւելորդ ու անօգուտ գտաւ ատելութիւնը, որ միայն իր հոգին մրոտելու պիտի ծառայէր, իսկ ուրիշ պահու մը վախցաւ անկէ, որպէս թէ անէծքին ազդեցութիւնը անխուսափելի ըլլար: Ինք իր անէծքէն վախցաւ ու հեռանալով գոհացաւ արտասանել մեղմաձայն. աղօթքի մը պէս.


Grands yeux dans ce visage,
Qui vous a placés là?
De quel vaisseau sans mâts
Etes-vous l՚équipage?
Depuis quel abordage
Attendez vous ainsi
Ouverts toute la nuit?

Եւ երբոր Նէնէթին անուան անմիջապէս յաջորդող այն երկու բառերը, «Chérie» եւ «Անիծուիս», դադրեցան արտասանուելէ, երիտասարդը էապէս փոխուեցաւ:

Նոր հանգրուան մը կը հասնէր: Կարծես ան կը հաւաքուէր ինքն իր վրայ, կը կծկուէր, կը խտանար: Կզակը եղաւ բռունցք եւ ակնարկը սլացաւ հեռուն, տարածուեցաւ, զօրակոչի մը պէս: Երիտասարդին մէջ մարդն է, որ կը կազմուէր, կը կաղապարուէր, մարդոցմէ եւ ընկերութիւններէ հեռու: Պատանի մը ոգեւորող պզտիկ երգերը, սիրուն եւ քնքուշ աւելորդութիւնները դադրեցան զինքը հետաքրքրելէ եւ զգաց, որ կեանքին ու իրերուն կը նայէր արհամարհանքով, սակայն բարձրէն, բոլորովին նոր ակնարկով մը: Կը կարծէր թէ հիմա կը քալէ առանց քշուելու, կ՚ապրի առանց կառչելու:

Ահա այս շրջանին է, որ հայերուն խառնուեցաւ: Անոնք կէսօրները մօտակայ ճաշարան մը կը հաւաքուէին, յետոյ խմբովին երթալ գրաւելու համար սրճարանի մը նոյն անկիւնը: Անոնց մէջ կային նախ յաւիտենական մանուկները, թեթեւսօլիկներն ու կնամոլները, որոնք աշխատութենէն վերջ տաբատ կը փոխեն եւ կը նետուին պարասրահ: Կային իրենց պատեանին մէջ կծկտած, անտանելի գծուծները եւ քանի մը տարէց գաւառացիներ: Անոնց մէկը, հակառակ Ֆրանսացիի մը եւ անոր կնոջ հետ «երեքնոց ընտանիք» մը կազմած ըլլալուն, գլուխը կախ կը խորհէր, կը խորհէր, անթափանց կնճիռներ ճակտին: Կարծես թէ աղիւսակը արձակի կը վերածէր: Ուրիշ տարէցի մը շուրջ տղաքը դեղին շրջագիծ մըն էին քաշած: Մեծ նախազգուշութեամբ կը մօտենային անոր. այսինքն` բնաւ չէին մօտենար: Ատենը անգամ մը կ՚ըսէր. «Նօրէն կնիկէս նամակ եկաւ, հոս գալ կ՚ուզէ կոր: Ես ինտոր բերել տամ…»: Պատճառը չէին հարցնէր բնաւ. ամէնքն ալ գիտէին, թէ խեղճ մարդը ահաւոր ախտէ մըն է վարակուած: Կային դեռ երկու նախկին վարժապետներ, հազիւ երեսուննոց, որոնց մէկը դեռ կը համառէր յանգեր գտնել իր գիւղին հարսներուն, եւ ոտքեր` եզներուն: Իսկ երկրորդը անդադար նամակ ու խնդրագիր կը տեղացնէր ամէն կողմ, աղաչելով, որ զինքը շուտով փրկեն այս դիարանէն, ապա թէ ոչ անձնասպան պիտի ըլլայ. այո, անձնասպան պիտի ըլլայ:

Պետրոս կրցաւ բարեկամանալ — անշուշտ պոլսահայերու նոյն ընկերային խաւին պատկանելուն — նուրբ, տկարակազմ, քիչ մըն ալ բծախնդիր սկիւտարցիի մը` Խնտամեանին հետ: Այս վերջինը սաստիկ կը տառապէր, կը չարչարուէր, կը խաչուէր իր ընկերային դիրքը կորսնցնելով գործարանի մը աղտեղութեան մէջ ինկած ըլլալուն համար: Կ՚ըսէր. — «Ես քիչ մը դրամով եկայ Փարիզ. ընկերոջ մը հետ փաստըրմայի մը գործ սկսանք. վիճակս լաւ էր այն ատեն. տակ գացինք. տասնոց չմնաց. եւ հիմա… բայց իրաւունք ունիմ դժգոհ ըլլալու, իրաւունք ունիմ այս կեանքը ատելու. անիկա ամէն երեսով իմ խառնուածքիս ճիշտ հակոտնեան է: Ես կը սիրեմ լռութիւնը, երկար լռութիւնը եւ այդ լռութեան մէջ խորունկ ձայները. զանգակը, էզանը, գորտերը, էշը… Եւ ես կը սիրեմ բնութիւնը, զմայլելի արշալոյսները, որոնց մէջ թլփատուած լակոտ մը իր եալէյը կը նետէ: Ես կը սիրեմ վարդ միսերը կնոջ, մաքուր, շուշան կուրծքերը, բոյրերը, գեղեցիկ ճերմակեղէնները… ինչ աղէկ է ան փաստըրմայի գործը, մեղք, մեղք…»:

Սակայն կար ուրիշ մը, զոր Պետրոս անմիջապէս սիրեց: Սիրեց` առանց սակայն անոր շատ մօտենալու, առանց մտերմութեան ազդանշանը տալու, ոչ թէ որովհետեւ աւելի կարեկցութիւն եւ արգահատանք կար այդ զգացումին մէջ, այլ որովհետեւ այդ տղուն բուռն եւ արտասովոր նկարագիրը շատ հեռու էր դիւրահաղորդ ըլլալէ: Նախկին կեդրոնականցի մըն էր, քահանայի տղայ, եւ զինքը կը կոչէին լօխում: Անոր դասընկեր Խնտամեանը կը պատմէր, թէ մանուկ եղած ատեն ճեփ-ճերմակ միս, կակուղ նկարագիր եւ քաղցր բնաւորութիւն մը ունենալուն` զայն այդպէս են անուանէր: Խիստ անխնամ արտաքին մը, միշտ ծխող բարակ շրթունքներ, պզտիկ, աղտոտ ակռաներ, իսկ խարտեաշ ու գանգուր մազերուն շրջագիծը՝ հարցական նշաններով, փակագիծերով, կախման կէտերով: Ինչ հակասութիւն սակայն իր կրած մակդիրին հետ: Հիւանդագին ըլլալու աստիճան չափազանցուած ջղայնոտութեան մը կը թրթռացնէր զինքը: Չէր խօսէր, այլ կը փրփրէր, կ՚ոռնար, կը կռուէր: Արդէն միայն կռիւի արժանի նիւթերով կը զբաղէր, իր նախադասութիւնները հայհոյութեամբ ստորագծելով: Պետրոս անգամ մը ներկայ եղաւ անոր այսպիսի մէկ յորդումին:

— «Ինչ, ինչ, — կը գոռար ան, — նորէն ֆրանսերէն թերթ, նորէն ֆրանսական թատրոն. ատոնց հայերէնը չկայ : Պիտի չըլլայ, որ դուք սանկ մէյ մը ցնցուիք, գիտակցիք մեր վիճակին. պիտի չըլլայ որ կռուիք, մաքառիք ձուլումին ու այլասերումին դէմ: Մարած մոխիրներ բոլորդ ալ, կաշիի վաճառականներ բոլորդ ալ. միայն ձեր պզտիկ շահերուն կը նայիք, միայն ձեր մատներուն վրայ կը դողաք: Մենք ալ հայրենիք մը ունինք. պէտք է պատրաստ կենանք հոն երթալու: Զբաղեցէք անով. պէտք է, որ ճահիճները չորցնենք, պէտք է, որ ջրանցքներ բանանք, որպէսզի… Վատեր, թոյլեր… Պոլիս ալ այսպէս էիք, ձեր հայրերն ալ այսպէս էին: Երբոր հոն մէկը փողոցեն կ՚անցնէր վազելով, սարսափի ու ցաւի արտայայտութիւնը դէմքին գիտէի՝ թէ մէկը չէ սպաննուած, խաբուած ամուսին մը իր հակառակորդը չէ բզքտած, կին մը իր մանուկները չէ խեղդած, սիրահարներ անձնասպան չեն եղած ինչպէս որ հոս կ՚ըլլայ, այլ պարզապէս արեւելքցի մը գետինն է ինկած՝ կաթուածահար: Հարիւրին իննսուն այսպէս կը մեռնէին. փտածութեամբ, անշարժութեամբ: Իսկ դուք, հոս… ինչպէս ձեզմէ կայծ պիտի հանենք, երբոր ժամը հնչէ, դուք, որ մարած մոխիրներ էք հիմա: Ուրկէ կրակ պիտի գտնենք երթալու համար կռիւի. որովհետեւ, այո, կռիւ պիտի ունենանք մենք, որքան ատեն, որ տակաւին ոտքի կաթողիկէ մը ըլլայ եւ ձիւնազարդ գագաթ մը լեռան, որքան ատեն, որ մեր երակներուն մէջ արիւնին հետ եռացող «Մեր հայրենիք» մը ըլլայ, որքան ատեն, որ մեր հայրենիքը չըլլայ…»:

Պետրոս կը լռէր: Իսկ անոնք, որ կը նեղուէին եւ կը բարկանային. լաւագոյն կը համարէին մեկնիլ, անգամ մը եւս տեղի չտալու համար ասկէ առաջ պատահած այնքան ցաւալի վէճերու, կռիւներու: Այս խօսքերուն պատճառած անբացատրելի անհանգստութենէն զատ, Պետրոս խորունկ ցաւ մը կը զգար ի տես այն տառապանքին, որ խարտեաշ տղան կը ցնցէր ամբողջ էութեանը մէջ, անոր ամբողջ մանկական պարզութեանը եւ միամտութեանը մէջ: Պոռացած ատեն ձեռքերը կը դողային ու իր ակնարկը կարծես կու գար երկու խոշորացոյցներու ետեւէ: Երկրորդ Սուրէն մըն էր այս, բայց նուազ գիտուն, նուազ դերասան, նուազ արուեստագէտ:

Այս օրուընէն շաբաթներ յետոյ Պետրոս կարծեց հազ մը ճանչնալ գիշերուան մը մութին մէջ: Սիգառէթներու երկու կարմիր կտուցները մօտեցան իրարու: Լոխումն էր: Հազիւ թէ քանի մը քայլ յառաջացած էին յոգնած ու լուռ, երբոր նորէն Լոխում փրփրեցաւ եւ սկսաւ գոռալ.

— «Ծօ այս ինչ անաստուածային, հակամարդկային, հրէշական, բարբարոս օրէնք է. որ անիծուած ձեռքը արձանագրեր է զայն, որ չորնալիք ուղեղը պարտադրեր է մեր գլխին: Ես հայր մը ունիմ. ես հայր մը ունիմ, ինչու անոնցմէ հեռու մնամ, ինչու անոնք իմ կարօտովս հիւծին, եւ ես չկարենամ վայելել անոնց մօտիկութիւնը: Մենք ասոնց պէս չենք. մեզի համար ծնողքէ աւելի մեծ ու նուիրական ինչ կայ. որ սէրն է, որ մայրական սիրոյն տեղը կրնայ բռնել. մայր, մայր… ամէն բան է ան ինծի համար: Ես ինչու չկարենամ Պոլիս երթալ. ով եմ ես, ինչ եմ, որ պետութիւնը զբաղուի ինձմով, մեզմով: Բոլոր իմաստասէրները, բոլոր բարոյագէտները, բոլոր մարդասերները եւ նոյնիսկ կենդանապաշտպանները պէտք է թողուն ամէն ինչ ու զբաղին միայն ասով, միմիայն այս զուլումով…»:

Նոյն գիշեր իսկ Պետրոս որոշեց այլեւս բնաւ այս տղուն չմօտենալ: Խօսքեր կան, զորս չենք ուզէր լսել. ցաւեր կան, որոնց չենք ուզէր անդրադառնալ. կը փախչինք անոնցմէ, որովհետեւ իրապէս մեծ են: Կարօտի անսահման կսկիծով սենեակ ինկաւ Պետրոս եւ հայհոյեց նոյնիսկ ան տղուն դէմ, որ այնքան մանկութեամբ իր սիրտն էր պատռեր, երկու սիրտ էր պատռեր: Նախկին լուսանկարիչը պէտք չունեցաւ սակայն մօտիկութենէ մը խուսափելու, որովհետեւ Լոխումն է, որ անհետացաւ մէկէն, Ռընոյի իր պաշտօնը ձգելով: Ան Խնտամեանին պանդոկը բնակելուն կարելի եղաւ օրեր յետոյ պատահածները լսել: Ռուսական դեսպանատուն է գացեր Լոխում, պահանջելով, որ Հայաստան երթալու համար իրեն անցագիր տան: Մերժէր են: Ըսէր է, թէ կ՚ուզէ իր հայրենիքը ապրիլ. մերժէր են: Ըսէր է, թէ կ՚ուզէ ճահիճներու չորացումին եւ ջրանցքներու բացումին համար իր բազուկները տանիլ. մերժէր են: Ըսէր է նոյնիսկ, թէ կ՚ուզէ Արարատը տեսնել ու շնչել զայն. նորէն մերժէր են: Այս անգամ վազեր է թրքական հիւպատոսարան: Մահիկաւոր դրօշը, անոնց գիրերը եւ թուրք գլուխները տեսնելով բոլորովին կատղէր է. պահանջէր է, որ անմիջապէս, անմիջապէս անցագիր տան իրեն… թէ մայրը մահամերձ է, պիտի մեռնի, թէ ինքն ալ հիւանդ է, ջղային նոպաներ ունի, թէ պէտք չէ, որ իր ապագան խորտակեն. իր տեղը հոս «ֆաբրիկա»ներուն մէջը չէ, թէ պէտք չէ, որ… Սկսէր է հայհոյել, ոռնալ, անիծել: Ստիպուէր են քանի մը հոգի մէկէն վրան իյնալ զինքը դուրս կարենալ նետելու համար:

Խաղաղութիւն, խաղաղութիւնը հոգիի: Քանի օրերու շարքը երկարեցաւ, Փիէռ այնքան աւելի վազեց այդ խաղաղութեան ետեւէն: Չհասաւ բնաւ: Զգաց եւ ըմբռնեց, թէ անգամ մը եւս սխալած էր: Գործարանը իրեն կրցաւ տալ հպարտութիւն, մաքրութիւն եւ մասամբ ալ կարծեցեալ ազատութիւն, սակայն ոչ այն, զոր ինք կը ցանկար: Որովհետեւ հակառակ իր կազմուած եւ ուժեղ էութեան, այս կեանքին միօրինակութիւնն իսկ պատճառ կ՚ըլլար, որ բոլորովին առանձին մնայ ինքն իրեն հետ եւ ներքին տրամախօսութիւնը վերսկսի: Կ՚ըսեն թէ որքան որ յաճախակի ըլլայ յիշատակներու վերակոչումը, այնքան շուտ անցեալը կը ձեւափոխուի, որովհետեւ ամէն անգամուն յիշատակներուն վրայ կ՚աւելցնենք սուտ ու կեղծ տարր մը, որ կը մնայ: Այդպէս ալ Փիէռին համար ճշմարիտ տառապանք մըն էր այժմ իր սիրոյ վերջին օրերը վերապրիլը: Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ երկար ատեն Նէնէթին հետ շնչած էր հեղձուցիչ, գրեթէ ոճրային մթնոլորտ մը: Իրաւ է թէ կը յաջողէր այս մթին մտածումներէն հեռանալ, բայց կ՚ըմբռնէր, որ հոգիի խաղաղութիւնը պիտի գտնէ միայն այն ատեն, երբոր սա միօրինակութիւնը աւարտի, կեանքը վերսկսի, եւ նոր ապրումներ գան անցեալը քօղարկեն: Փիէռ կ՚ուզեր անգամ մը եւս փախչիլ: Կ՚ուզեր եւ վճռեց: Եւ սակայն նախորդ անգամուանին պէս պարզ փախուստ մը չպիտի ըլլար այս, այլ արշաւ մը, խոյանք մը, արդէն իսկ գծուած ճամփու մը մէջ: Պիտի սլանար նպատակի մը, իդէալի մը, պատճառի մը: Բայց անունը ատոր:

Իր ճանչցած հայ բանուորները բոլորն ալ, բացի Լոխումէն, նահանջողներ էին: Եւ սակայն, եթէ կայ տարր մը, որ ազգին հանդէպ ընկրկելուն համար էն քիչը արժանի է մեղադրանքի, ան ալ սա գործաւոր դասակարգն է: Ով որ կը ճանչնայ անոր տաժանքը, բնաւ չպիտի համարձակի այպանել: Եւ այդ լուռ ու ներողամիտ ակնարկով է, որ Փիէռ կը նայէր տղոց եւ ինքզինքին, քանի որ ինք ալ նահանջող մըն էր: Բայց հիմնական բանով մը կը տարբերէր իր բոլոր ընկերներենէն։ Կը տարբերէր՝ որովհետեւ ոչ միայն անշահախնդիր էր եւ բարձրագոյն լինելութեան մը գիտակցութիւնը ունենալուն կրցաւ իր դիւրակեցութիւնը արհամարհել, այլ որովհետեւ ուժ մը կար իր մէջ, ուժ մը, որ կը խտանար, կը սաստկանար, կ՚ուզեր ինքզինքին գիտակցիլ, եւ որ պատրաստ էր նուիրումի, զոհաբերումի: Ան գետին մը, գործունէութեան դաշտ մը փնտրեց. ուղի մը, որ վեր ըլլար առօրեայ պզտիկութիւններէն, որուն վրայ ամէն սրունք չզօրէր վազել, եւ ուր կարենար ըսել ինքզինքին —«Ես, իմ անցեալէս բարձր»:

Բնականաբար Պետրոսին առաջին մտածումը գնաց իր ազգին: Պիտի նուիրուէր ազգային գործունէութեան: Խորհեցաւ, խորհեցաւ: Պատասխանը եղաւ ժխտական: Պետրոս կ՚ըսէր հեռաւոր խօսք մը վերյիշելով. — «Մարդկութիւնը կազմուած է ողջերէ եւ մեռելներէ: Մեռելները անհամեմատօրէն աւելի բազմաթիւ են, քան մենք: Եւ անոնք աւելի զօրաւոր են իրենց կատարած աշխատութիւններուն գումարով: Անոնք մեր տէրն են ու կը կառավարեն մեզ: Կը բնակինք այն շէնքը, զոր հանգուցեալ ճարտարապետ մը շինեց, կը յուզուինք այնպէս, ինչպէս ան միւս գրագէտը յուզուեցաւ, կ՚ապրինք առածի կարգ անցած այն նախադասութիւնները, զոր օր մը օտար հայրենասէրը ճառեց եւ կ՚ըլլանք այն, ինչ որ անոնք մեզ կ՚ընեն:

«Հապայ ուրեմն ինչպէս մենք պիտի մնանք հայ, երբոր մեր մեռելներն ալ չունինք, երբոր մեր մեռելները հետերնիս չբերինք: Ինչպէս մենք պիտի չըլլանք օտար, երբոր այս մեռելը այնքան լաւ ճառեց…» Եւ կը կրկներ Սուրէնին խօսքերը. «Պիտի ձուլուինք, բոլորս ալ պիտի ձուլուինք. դարման չկայ ատոր: Այո, գիտեմ, թէ կարելի է սերունդ մը փոխել, նոյնիսկ ամբողջ Ազգ մը ուզուած կաղապարի մը մէջ թափել, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ է, որ այդ ամբոխը մեր թաթերուն մէջ ըլլայ եւ ստիպուի մեզ հպատակիլ։ Պոլիս կարելի էր, սակայն հոս, գոնէ ինծիպէսներու համար ազգային գործունէութեան կարելիութիւն չկայ, քանի որ ոչ գրագէտ եմ, ոչ ալ բեմբասաց: Պէտք է, որ առնուազն կուսակցական ըլլամ, ինչ որ բնաւ չեմ փափագիր: Օհ, ուրիշ բան, ուրիշ, բայց ոչ այս»:

Տրամաբանելու այս եղանակը պէտք չէ իր հոգեկան վիճակին հակասումը նկատել: Իր վիճակը ունեցող երիտասարդ մը շատ աւելի սիրով ու կամեցողութեամբ կը նետուի անծանօթին մէջ, քան ծանօթ ուղիին: Շատ աւելի հրճուանքով կ՚երթայ նոյնիսկ երբեմն իր խառնուածքին, իր արիւնին հակոտնեայ գործունէութեան մը, որ նոր է, քան թէ ճանապարհի մը, որուն կրցեր է ծանօթանալ գիտակցութեան գալէն ի վեր, որուն վրայ շատ անգամ քայլ առ քայլ հետեւեր է ուրիշներու յառաջխաղացումին, եւ ուր կը խորհի` թէ աւելի տիղմ կայ քան ուրիշ բան:

Անմիջապէս յետոյ Պետրոս մտածէց իր ծնողքին, իր մօրը: «Ապրելու համար մօրդ պէտք ունիս — տղայ ես դեռ…» ու հեռացաւ: Ցատկեց կրօնքին վրայէն եւ նայեցաւ գիրքերուն: Գրական եւ զուտ երեւակայական գործերը սիրած էր ատենօք, բայց հիմա չէր կրնար հանդուրժել անոնց: Եւ որովհետեւ անկարելի էր նմանապէս զբաղիլ սիրոյ պատմութիւններով, կը մնային իմաստասիրական երկերը: Պետրոս զանոնք կրելու ոչ պատրաստութիւնը ունէր, ոչ ալ սէրը: Կը պատկանէր այն բազմաթիւ մարդոց դասակարգին, որ կը խորհի. «Կեանքին հանդէպ յայտնուած բոլոր կարծիքներու մէջ, ես կը նախընտրեմ կեանքը»:

Երիտասարդ հայուն այս մտային դեգերումները եւ անփափաքելի նպատակէ մը խուսափելու համար գործածած թերի պատճառաբանութիւնները խռովեցին իր հոգին եւ մտածումը, որ ի լինելութեան էր: Կրկին ինկաւ տագնապի մը մէջ, եւ իր անանուն տենչանքները զինքը մղեցին անկարելի հորիզոններու: Մտածեց որեւէ պաշտօն մը գտնել նաւու մը վրայ եւ երթալ երկիրներէ, ծովերէ ու քարափներէ անդին. երթալ հիւսիսի սառոյցներուն, խարտեաշ եւ հասակաւոր գեղուհիներուն, կամ դէպի հարաւ, սեւաչուի լեցուն ողկոյզներուն. երթալ հասարակած, մինչեւ վայրենիներուն մէջ, ուր անշուշտ պիտի կարենար կիները ցանկալ: Երեւակայութեանը առջեւ բերաւ վայրի գեղուհի մը հաստ շրթունքներով, ցից կուրծքերով եւ անթիւ ապարանջաններով: «Այո, — ըսաւ, — կամ պէտք է այդպէս անբան կին մը վայելել, եւ կամ բնաւ կին չվայելել: Որովհետեւ այն վայրենիին անասնական պարզութիւնը աւելի կ՚արժէ, քան մեր կիներուն երկդիմի, անմիտ ու դատարկ վարուելակերպը: Եւ յետոյ, թերեւս հոն ես բռնի պիտի տիրանամ այդ մեծ օղերով կնոջ: Ահա այդ է, որ արժէք ունի եւ ոչ թէ փոխադարձ հաւանութեամբ ստացուած սէրը: Պէտք է բռնութեամբ, անոր կամքին հակառակ տիրանալ ցանկալի էակին: Ահա այդ ուժեղ դիմադրութեան որոնումին մէջ չեն անոնք, որ կ՚երթան ընկերութիւնէն արգիլուած համբոյրներու»:

Եւ հայուն մտածումը կը զարնուէր պատէ պատ, կը դառնար կապուած ձիու մը պէս, կը շրջէր, կը տապլտկէր, կ՚ըլլար սպառող, անսանձելի: Այս անգամ Պետրոս բոլորովին տարբեր գետնի մը վրայ ինկաւ, ուզեց նուիրուիլ ոգեհարցութեան, հոգեփոխութեան եւ այլ մութ սենեակի որոնումներու: Օր մը վերջ փափաքեցաւ քովի խարտեաշ ֆրանսացիին օրինակին հետեւիլ եւ ըլլալ մարզիկ: Հազիւ թէ ակնարկ մը նետած էր մարզական թերթի մը վրայ երբ որ ծրագիրը փոխեց, ուզեց ձիարշաւներու երթալ, խաղալ բախտին հետ, ահագին դրամ շահիլ: Նոյնիսկ գաղափարի ունեցաւ դրոշմաթուղթ հաւաքելու, ալբոմ կազմելու, եւ… պոռաց, պոռաց…

Վերջապէս կրցաւ որոշում մը տալ: Անդրադարձաւ որ իր այս տագնապին պատճառը առանձնութիւնն էր, թէ պէտք էր վերադառնար Փարիզ եւ խառնուէր իր մտերիմ ընկերներուն: Ինչու կը փախչէր բոլորէն. ինչու լքած էր նոյնիսկ Սուրէնն ու Հրաչը: Եւ սակայն իր Փարիզ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ բոլորովին տարբեր պարագաներու տակ: Ռընոյի բանուոր-վարժապետներէն մէկը, այն, որ ամէն կողմ նամակ կը տեղացնէր ըսելով թէ պէտք է զինքը շուտով փրկեն, այլապէս անձնասպան պիտի ըլլայ, ահա այդ վարժապետը քահանայ պիտի ձեռնադրուէր կիրակի օր: Այդ խեղճը անկարող էր անձնասպանութեան ուրիշ կերպ մը երեւակայելու: Ռընոյի բոլոր Հայերը որոշեցին խմբովին ներկայ ըլլալ այդ արարողութեան: Պետրոս Պիյեանքուռէն կիրակի առաւօտ ճամփայ ելաւ ութ հոգինոց խումբով մը, որուն պարագլուխը եղաւ անմիջապէս, ու իր չափազանցուած, բռնազբօսիկ, եւ սակայն խիստ հաճելի զուարթութիւնը անմիջապէս շուրջիններուն փոխանցեց: Երգելով, կատակելով, պոռպռալով հասան վերջապէս եկեղեցի, ուր տարի կար որ Պետրոս ոտքը չէր դրած: Ռիւ Ժան Կուժոն, դեռ դռան առջեւի բազմութեան չխառնուած` կեցնել տուաւ իր ընկերները զինուորական անշարժութեան մը մէջ եւ քանի մը քայլ հեռանալով հրամայեց.

— Շունչ… առ:

Ութը մէկէն մեծ աղմուկով իրենց քիթերը վեր քաշեցին:

— Խունկի հոտ առիք, — հարցուց Պետրոս:

— Ինչ խունկի հոտ, ես փաստըրմայի հոտ առի, mon vieux, փաստըրմայի…

Խօսողը, աւելորդ է ըսել, Խնտամեանն էր, նախկին փաստըրմայի վաճառականը, որ անմիջապէս կորսուեցաւ բազմութեան մէջ: Իրաւ ալ եկեղեցիին առջեւ կը ծախէին բոկեղ, բակլաւա, ապուխտ, դդումի կուտ եւ այլ օգտակար ու հաճելի բաներ: Շուտով Խնտամեան դուրս ելաւ բազմութենէն, չորցած միսի կտորի մը հետ, եւ տղաքը կրկին խմբուելով` գացին դէմի պզտիկ սրճարանը, ձեր բոլորին ծանօթ: Փաստըրմային հետ անշուշտ պէտք էր օղի խմէին եւ խմեցին: Նոյնիսկ պահ մը խորհեցան երթալ դէմէն կանչել իրենց քահանայ ընտրուելիք ընկերը, սակայն անդրադարձան, որ անպատշաճ է: Որով, ի բացակայութեան, զայն «օծեցին, ջրեցին, կնքեցին, օրհնեցին, թաղեցին», եւ խմեցին: Երբոր դուրս ելան երթալ արարողութեան ներկայ ըլլալու եկեղեցին շատոնց աւարտած էր: Դդումի կուտ մը իսկ չէր մնացած: Ինչ փոյթ սակայն. մեր տղաքը կրկին վերադարձան Պիյեանքուռ եւ խմեցին, երգեցին, պոռացին:

Այդ օրը ճակատագրական եղաւ Պետրոսին համար: Երբոր սենեակ դարձաւ, կէս գիշերեն վերջ, կատարելապէս գինով էր: Սկսաւ խօսիլ Նէնէթին հետ: Անոր պատկերը դէմը առաւ, եւ պատմեց, կատակեց, խնդաց, եւ… եւ մէկէն սկսաւ լալ տղու մը պէս:

Այո, անգամ մըն ալ երբեք այսպիսի բան չպատահեցաւ, սակայն Պետրոս շարունակեց խմել: Դեռ շաբաթ մը չէր անցած այն կիրակիէն ի վեր եւ արդէն իսկ ան ամէն գիշեր տուն կու գար ճշմարտապէս գինով: Շուտով բարեկամացաւ Ֆրանսացիներու, շուտով սորվեցաւ խմիչքի անուններ, եւ խմեց յօժարութեամբ: Շատ անգամ առաւօտները չէր հասներ եօթ ու կէսին ետեւէն, եւ այլեւս իր վաստակը բաւական չէր գար ծախքերուն: Ինչ փոյթ սակայն. կը բաւէ, որ ամէն գիշեր կ՚օրօրուէր ալիքներու վրայ: «Օհօօ, — կ՚ըսէր անդադար ինքզինքին, — վստահ եմ, որ հեռուէն զիս դիտող մը պիտի կարծէ, թէ սայթաքեցայ, ղեկս կորսնցուցի, Կարսը յանձնեցի. չեն գիտէր, թէ ես կը խմեմ պարզապէս տեսնելու, դիտելու, կեանքը ճանչնալու համար: Ես ուզած պահուս կրնամ վերստանալ նախկին վիճակս, բայց կը կրկնեմ, բաւական չէ…»:

Այո, ալ բաւական չէր ոչ գինին, ոչ օղին, որով փնտրեց արբեցնող աւելի ուժեղ տարրեր:

Անձրեւ, ցեխ, մութ փողոցնէր: Բաւական քալեցին երկուքը անխօս, մինչեւ որ հասան սա զուտ գործաւորական արուարձանին չինական թաղը: Թաղերուն ամենէն աղտոտը, ամենաթշուառը, ամենագարշելին: Վերջապէս իրենց քայլերը դանդաղեցուցին պզտիկ խրճիթի մը առջեւ, որուն փեղկերուն մէկ ճեղքէն տկար լոյս մը կ՚անձրեւէր: Ֆրանսացին երկու անգամ զարկաւ փեղկին եւ, ճամփան շարունակելով, մտաւ քովի անելին մէջ, ուր պզտիկ դուռ մը բացուեցաւ իրենց առջեւ: Նստան երկու կարմիր գաւաթներու դիմաց եւ բաւական մը սպասեցին: Ֆրանսացին բաներ մը ըսաւ տիրոջ, եւ երբոր ուրիշներ մեկնեցան, սենեակին խորը գտնուող վարագոյրը մէկդի ընելով երկուքը մէկ իջան սանդուղներէն ու մտան գետնափոր մը: Ահ, հոտը… Նախապէս Պետրոս բան մը չկրցաւ տեսնել. յետոյ նշմարեց գետինը դրուած կարմիր լոյս մը, կրակ մը, որուն առջեւ ծալապատիկ չինացի մը, նմանապէս կաս-կարմիր դէմքով, ծխափողեր կը լեցնէր: Երբոր Պետրոս ինկաւ բազմոցի մը վրայ, ֆրանսացին յանձնարարեց, որ լաւ ծառայեն նորեկին եւ մեկնեցաւ: Կին չկար. այրեր էին, պառկած, երկարած կամ նստած: Կը ծխէին: Հազիւ թէ Պետրոս շունչ մը ներս էր քաշած իր ծխափողէն, երբ քովինը ցցուեցաւ եւ դժուարաշարժ լեզուով մը կրկին մուխ ուզեց: Պետրոս սարսափելիօրէն ցնցուեցաւ այդ ձայնէն, անմիջապէս բռնէք քովինին թեւը իր մատներուն բոլոր ուժով, եւ անկարող ձայնը մեղմելու գրեթէ պոռաց.

— Ծօ, ծօ Լոխում… ծօ դուն հոս ինչ գործ ունիս…

Ան գլուխը դարձուց, նայեցաւ անտարբեր եւ, ծուխը դուրս տալով, դանդաղօրէն պատասխանեց.

— Դուն ինչ գործ ունիս:

Այո, ինք ինչ գործ ունէր: Պատասխանը մեռաւ յապաղումի մը մէջ, մինչ կարմիր Չինացին դժոխային չաստուածի մը շունչը կը ստանար: Պետրոս շատ փոխուած գտաւ իր ընկերը. անոր ռունգները մեծցեր էին, շրթունքները շատ ուժով ներս կը քաշէին թոյնը, եւ ակնարկը ոեւէ լոխում չէր յիշեցնէր: Ինչու այսքան աղտոտ էր, թափթփած ու քայքայուած: Ինչու անգործ էր:

— Բայց դուն աղէկ ajusteur էիր. ինչու գործ չգտնես, չես փնտրեր կոր. ինչու, ինչու ինքզինքդ ձգէր ես: Քալէ դուրս ելլենք, Լոխում, Աստուծոյ սիրուն, դուրս ելլենք: Կը սպանես կոր ինքզինքդ, գոնէ մայրիկդ մեղքցիր. գոնէ մայրիկդ… Գիտեմ, թէ ինչ տառապանքներ ունիս, ես շատ լաւ կը հասկնամ քեզ, բայց փրկութեան ճամփան այս չէ. քեզի խրատ տալու պէտք չունինք, դուն գիտես… Մեղքցիր մայրիկդ… Այս օրերը կանցնին, պէտք չէ, որ մեր յոյսը կտրենք…

— Ոչ, — ըսաւ Լոխում, — Ոչ. ես ալ չեմ ուզէր յոյսով ապրիլ:

— Հապա ինչով…

— Ես կ՚ուզեմ ապրիլ:

Պետրոս բառեր կը փնտրէր իր ընկերը համոզելու համար, բայց միեւնոյն ատեն կը վախնար ալ` խորհելով, որ միգուցէ կրկին փրփրի, նորէն կատղի: Անկարելի եղաւ սակայն խօսակցութիւնը աւելի շարունակել, որովհետեւ ներկաները սկսան դիտողութիւն ընել աղմուկին համար: Պետրոս վճարեց ու գրեթէ բռնի դուրս տարաւ Լոխումը: Անձրեւը վերսկսած էր: Քով քովի գացին երկու ստուերները ուսերնին ցցած, օձիքները վեր: Երկարօրէն, երկարօրէն խօսեցաւ Պետրոս. «Ինչ, — կ՚ըսէր ան, — կը կարծես թէ կարելի է դիւրութեամբ վերադառնալ նախկին վիճակին, երբ մարդ գերին է դարձած այս թոյներուն: Կարելի է դիւրութեամբ մոլութիւններու ճիրանէն ազատիլ: Ինչ կ՚արժենք մենք, երբ մեր ցաւը մեղմելու համար այսպիսի միջոցներու պիտի դիմենք. ուր կը մնայ մեր կորովը, մեր կամքը, մեր ուսումն ու դաստիարակութիւնը, երբ չպիտի կարենանք տառապագին օրերու դէմ դնել: Պէտք է մաքառինք եւ երբեք չարհամարհենք ցաւը որովհետեւ ան է, որ մեզ պիտի կռէ, ճկէ ու կազմէ:

«Դուն ինծի մի նայիր. ես եկայ պարզապէս հետաքրքրութեան համար, պարզապէս այս կեանքը մօտէն տեսնելու եւ զայն ուսումնասիրելու համար: Կարելի բան չէ, որ ես ինքզինքս այս ճախճախուտին մէջ ձգեմ. երբեք, երբեք…»:

Անհաւատալի պարագայ, բառ մը իսկ չէր պատասխանէր Լոխում: Պետրոս անդրադարձաւ, որ անոր խօսելէ աւելի իր անձին է, որ կ՚ուղղէր այս նախադասութիւնները: Բնաւ վստահ չէր անոնց ընկերոջը վրայ կատարելիք ազդեցութեան, սակայն կ՚ըմբռնէր, որ այդ պահուն իր անձն է, որ դուրս կը քաշէ տիղմէն, բազուկներուն ամբողջ կարողութեամբը: Քովինը հայելի մը կը դառնար, եւ Պետրոս անոր մէջ որոշ կը տեսնէր այն վիճակը, ուր պիտի իյնար ինք ալ անվրէպ, եթէ ուժը չունենար անմիջապէս փախչելու, սանձուելու, հաւաքուելու: Լոխում կանգ առաւ յանկարծ ու ըսաւ.

— Գործ չունիմ. փարայ չունիմ. ինծի տասը ֆրանք տուր:

Պետրոս կրկինը տուաւ: Դրամատոմսերը ափին մէջ սեղմած` անմիջապէս հեռացաւ Լոխում, առանց բառ մը արտասանելու: Մէկէն կեցաւ, սակայն քիչ մը անդին, լապտերի մը տակ, ետեւ դարձաւ, սարսափելի ծամածռութեամբ մը խնդաց բարձրաձայն սադայէլի մը պէս, եւ թեւերը բացած վեր ցատկեց, ճչալով:

— Խաբեցի, Պետրոսը խաբեցի, առի տասը ֆրանքը…

Ու վազելով խառնուեցաւ մութին: Անշուշտ, նորէն գնաց ծխելու:

………………………………………………………………

Մեքենաները շաբաթ մը եւս դարձուցին:

Երբ Պետրոս կէսօր մը սրճարան մտաւ, զարմացումէն անշարժ մնաց դռան մէջ: Երբեք չէր պատահած, որ բոլոր Հայերը, բոլորն ալ անխտիր այսպէս հաւաքուած գտնէ նոյն սեղանին շուրջը ամէնքն ալ լուռ, անխօս, գլուխները կախ: Մէջտեղնին նստած էր բանաստեղծ-վարժապետը նամակի մը թուղթի առջեւ, գրիչը օդին: — «Չեմ կրնար, եղբայր, ես այսպիսի բան չեմ կրնար գրել», — ըսաւ ան ու յետոյ կարդաց ինչ որ կրցած էր գրել. «Յարգելի Տիկին — Մենք սիրելի ընկերներն ենք ձեր որդւոյն…» — «Անունը ինչ էր. «Լոխում» — չպիտի գրեմ եա»: — «Զարեհ, — պատասխանեց ձայն մը, եւ բանաստեղծը կրկնեց. «Յարգելի Տիկին — Մենք սիրելի ընկերներն ենք ձեր որդւոյն Զարեհի, որ…» — «Չեմ կրնար, եղբայր, ես այսպիսի բան չեմ կրնար գրել…»:

— Ճանըմ ինչ է եղեր, ինծի ալ ըսէք, — աղերսեց Պետրոս:

Խնտամեան տարաւ զայն սրճարանին միւս անկիւնը եւ ըսաւ.

— Լոխումին խելքին եկաւ. այո, խելքին եկաւ… Երէկ իրիկուն երբոր պանդոկ մտայ, զիս անմիջապէս անոր սենեակը տարին. արդէն ոստիկան մը եկած էր եւ խեղճը կապեր էին մահճակալին վրայ, պաշտօնեաներուն գալուն սպասելով… Գոնէ մարդու բան մը ըսեր… Կը խօսէր կոր միայն. անդադար կը խօսէր… արդէն ատոր համար զիս կանչեր են, որովհետեւ միայն հայերէն կ՚ուզէ կոր խօսիլ… ուզեցին, որ ըսածները թարգմանեմ… լեզուս բռնուած էր, չէի կրնար թարգմանել… պէտք չէր, որ թարգմանէի, բայց, երբ թարգմանեցի, ամէնը մէկ սկսան խնդալ… այդ խնդալիք բան է… խնդալիք բան է…

Չէր համարձակէր, չէր համարձակէր, սակայն չկարենալով հետաքրքրութեանը աւելի դիմադրել, Պետրոս հարցուց.

— Ինչ կ՚ըսէր կոր…

— Ինչ պիտի ըսէ. — չորցնենք ճահիճները, ջրանցքներ բանանք, չորցնենք ճահիճները, ջրանցքներ բանանք, չորցնենք ճահիճները…

***

Զանգակատան ետեւէն, պարտէզի մը խօրէն, ագարակի մը չես գիտէր որ անկիւնէն աքաղաղ մը առաւօտը կը ծանուցանէ: Եւ ահա որ ուրիշներ, սուր, խուլ, կամ թաւ կանչերով կը ձայնակցին առաջինին, մօտեն կամ հեռուէն, աջէն թէ ձախէն, նաեւ երկար ու անհաւասար Ժամանակամիջոցներով, յետոյ եռաձայն, քառաձայն: Նոյնն է նաեւ այսպիսի պանդոկներու մէջ: Սանդուղի մը տակէն, նրբանցքի մը խօրէն, չես գիտէր որ յարկէն զարթուցիչ մը կը ճչայ: Եւ ահա, որ ուրիշներ… եռաձայն ու քառաձայն:

Հայհոյութեան մը պէս բազուկը արձակեց Պետրոս վերմակէն դուրս եւ ուժով մը զարկաւ: Ժամացոյցը իր բարձունքէն ինկաւ գետին, թաւալեցաւ մինչեւ աթոռին տակ, ու դեռ շարունակեց զսպանակը քակել, մռլտալով: Որքան պիտի փափաքէր քիչ մը եւս յամենալ անկողնին ջերմութեանը մէջ, եթէ արդէն իսկ սանդուղներէն ծանր ծանր ոտնաձայներ եւ գէշ արթնցած հազեր չիջնէին, եթէ գոնէ ան միւսը չմռլտար: Պետրոս նետուեցաւ անկողնէն վար, վերմակին ծալքերուն խառնուած հագուստները դուրս քաշեց եւ սկսաւ արագօրէն յագուիլ: Փետրուարի այս օրերուն եւ առաւօտուն այսքան կանուխ` մութ կ՚ընէ: Լոյսը վառեց: Սունկէ ատամնաշարեր ծխնելոյզները կը խածնեն: Լխպիկ հացի պատառներ աղմուկով կ՚իյնան բակին մէջ: Փողոց ելլող բանուորին ծոծրակը պատառաքաղ մը կը մտնէ ու կը դողայ, մինչ անվերջանալի անձրեւը կ՚աղտոտէ ամէն բան, եւ դռները կը գոցուին: Պետրոս վերջին ակնարկ մը նետեց շուրջը: Նախորդ գիշերուընէ մնացած պանան մը տեսաւ սեղանին վրայ: Գրպանեց: Մարեց լոյսը եւ դուռը բացաւ: Անմիջապէս ընկրկեցաւ: Հակառակ առաւօտեան այդ տկար նշոյլին` ճանչցած էր Նէնէթը: Ոչ անակնկալը, ոչ ալ զարմացումը բաւական չեղան զինքը լռեցնելու. Պետրոս անմիջապէս ճչաց.

— Դուն, դուն, նօրէն…. Օհ, ալ զիս ձգէ, ալ զիս հանգիստ ձգէ…

Բայց երբոր տեսաւ, թէ Նէնէթ սենեակ կ՚անցնի եւ դուռը կը գոցէ, ձայնը աւելի բարձրացուց անբան անասունի մը պէս:

— Գնա, մեկնէ… կ՚ուզեմ, որ անմիջապէս մեկնիս… ալ քեզի պէտք չունիմ ես, ոչ, ես այլեւս քեզի պէտք չունիմ…

— Փիէռ, մտիկ ըրէ զիս… մտիկ ըրէ… բան մը ըսելու եկայ, շատ կարեւոր բան մը, յետոյ անմիջապէս պիտի մեկնիմ… մէկ խօսք միայն…

Փիէռ շատ գէշ էր արթնցած եւ ոչինչ կ՚ուզեր լսել. առջեւ նետուեցաւ դուռը բանալու համար, սակայն կինը չթողուց:

— Գոհ պիտի մնաս, Փիէռ… մէկ խօսք միայն… հաւատա, որ երջանիկ պիտի ըլլաս… գիւղէն մինչեւ հոս եկայ քեզ տեսնելու… Պիպիին քովէն կուգամ… մէկ խօսք միայն…

Կառչած էր տղուն օձիքին ու զայն ետ կը մղէր: Թերեւս հետաքրքրութիւնն է որ յաղթանակեց, թերեւս երիտասարդը բաւական գտաւ իր դիմադրութիւնը, թերեւս իր տակաւին ծանր ուղեղը չկրցաւ յարմար պատասխան մը գտնել, եւ Պետրոս ետեւ քաշուեցաւ ու սպասեց:

— Երէկ անգամ մը եկայ, հոս չէիր. իսկ հիմա չհամարձակեցայ քեզ արթնցնել… ինչ ցուրտ է… գիւղէն կու գամ. իմացայ, թէ որքան հետաքրքրուէր ես Պիպիով. իմացայ, թէ ինչեր ես ըրեր անոր համար… ուզեցի շնորհակալութիւնս յայտնել… Պիպին միշտ քու խօսքդ կ՚ընէ, որովհետեւ քեզ չափազանց կը սիրէ…

— Այդ էր ըսելիքդ, — պոռաց Փիէռ:

— Եւ յետոյ, եւ յետոյ…— շարունակեց Ֆրանսուհին վախցած աղջնակի մը պէս, արագօրէն, արդէն պատրաստ նախադասութիւններով. — եւ յետոյ ուզեցի, որ անգամ մը զիս տեսնես: Գիտեմ, թէ քեզ դժբախտացուցի, տառապեցուցի եւ… Թերեւս դեռ կը սիրես զիս. չեմ ուզէր, որ տակաւին տառապիս, որովհետեւ… ուրիշ մէկը պիտի չգար, բայց հաւատա…

Նէնէթ ձեռքը քսեց դուռին եզերքը, կոճակը գտաւ ու լոյսը բացաւ: Փիէռ…

……………………………………………………………

Լայնեզր գլխարկին տակ կնոջ աչքերը իրենց ամենամեծ անձկութիւնը ապրեցան: Դարձան, քթթեցին, սպառեցան, սպառեցան… Փիէռ… Կարծես Նէնէթ կը հատնէր տագնապին մէջ, աչքերը կ՚աղերսէին, կը հարցնէին, կը հայցէին… Փիէռ… Տղան անգիտակցաբար գրպանին մէջ կը ճմլէր պանանը, վերջնապէս, վերջնապէս արձանացած:

Պահը անցաւ սակայն, ինչպէս կ՚անցնի ամէն պահ, երբ աչքեր զայն կը լափեն, երբ հպարտութիւններ կը լափուին: Տղուն կոպերը ինկան վերջապէս պաղած բիբերուն վրայ, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը ան հարցուց.

— Ինչպէս եղաւ…

— Քեզմէ բաժնուելէս ամիս մը վերջն էր: Վիշիէն կը դառնայինք Լէսքիւռին հետ: Ան խմած կը, գինով էր, բայց ես իրեն պէս չէի: Ուզեց կառքը ինք վարել. պէտք չէր, որ ձգէի, քանի որ գինով էր, բայց պնդեց, յամառեցաւ, եւ ես յոգնած ըլլալուս` տեղի տուի: Շատ արագ տարաւ եւ անկիւնադարձի մը գնաց ճամփուն եզերքի ծառերէն մէկուն զարնուիլ։ Ինք հոն մեռաւ, իսկ ես…

Իսկ ինք… Վերարկուին ձախ թեւը պարապ էր ամբողջութեամբ, եւ այտին վրայ լայն ու խորունկ պատռուածք մը կար, որ կ՚իջնէր մինչեւ վիզին:

………………………………………………………………

Ելեկտրական լոյսը մարած էր:

Գարշելի առաւօտեան նշոյլները դժուարութեամբ կը սողոսկէին սենեակ, թրջելով ու ցեխոտելով ամէն բան: Ժամացոյցը աթոռին տակ արագօրէն կը դառնար: Փիէռ կը քալէր անդադար խեղճուկ սենեակին մէջ անհաւասար քայլերով, անկանոն աղեղներով: Կեցաւ ու ըսաւ.

— Եւ հիմա այսպէս կը դառնաս դուն ինծի, կոտրուած, ջախջախուած, եւ… այսպէս կը դառնաս դուն ինծի: Կու գաս, որովհետեւ այլեւս անկարող ես նախկին կեանքդ վարել, ալ այն երէկուան բարեկամներդ երեսդ չեն նայիր, ալ չես կրնար…

Յետոյ նորէն կեցաւ եւ ըսաւ.

— Ամէն օր, անդադար կը հարցնէի ինքզինքիս. — «Ինչ պէտք է որ պատահի, որպէսզի Նէնէթս վերադառնայ ինձ. ինչ»: Մտածեցի ամէն բանի, ամէն անկարելիութեան, բայց այս… այս… Յետոյ նորէն կեցաւ ու ըսաւ.

— Ինչու անիծեցի ես քեզի: Բայց ես չար չեմ: Սիրոյ մէջ անէծքը պէտք չէ ուժ ունենայ: Ես չար չեմ…

Ամէն անգամուան Նէնէթը կը պատասխանէր.

— Ոչ, Փիէռ, ես այդ նպատակով չեկաչ, հաւատա, որ ես ատոր համար չեկայ: Պիտի մեկնիմ. անմիջապէս պիտի մեկնիմ… ձգէ, որ մեկնիմ… մեկնիմ…

………………………………………………………………

Եւ երբոր Փիէռ նշան ըրաւ, որ մնայ, Նէնէթ մօտեցաւ տղուն, միակ բազուկովը պլլուեցաւ վիզին ու սկսաւ համբուրել ուժով, ուժով: Երիտասարդը համբոյրները չվերադարձուց: Այն ատեն Նէնէթ նստաւ մահճակալին եզերքը, ճիշտ տղուն քով: Սանդուխներուն վրայ ոտնաձայն ալ չկար:

Երբոր րոպէն թոյլատրեց, Նէնէթ սկսաւ խօսիլ ցած ձայնով մը: Ըսաւ, թէ ինք պէտք եղած դրամը ունէր եւ կ՚ուզեր հեռանալ Փարիզէն, աւելի լուռ քաղաք մը հաստատուելով` կեանքը վերսկսիլ: Կ՚ըսէր, թէ պիտի կարենային երջանիկ ըլլալ, եթէ գէշ օրերը մոռնալու ուժը ունենային… թէ ինք բնաւ չէր մոռցած Փիէռոյին խօսքերը. «Ուր որ ալ որ ըլլաս, ինչպէս որ ալ ըլլաս, ով որ ալ սիրես, եթէ անունս իսկ մոռնաս…»:

Փիէռ ոչինչ պատասխանեց:

………………………………………………………………

Խօսքերը սպառեցան: Ան եղաւ միայն կին, ֆրանսացի կին, եւ գլուխը քիչ մը ծռելով ըսաւ.

— Գիտես, Փիէռօ, մարմնիս վրայ բան մը չունիմ… բան մը չունիմ…

Բայց երբ տղան դարձեալ լռեց, մեծ արցունք մը սահեցաւ կնոջ սպիին վրայէն: Նէնէթ ուզեց պայուսակը բանալ, թաշկինակը առնելու համար, բայց մէկ ձեռքովը չյաջողեցաւ: Պայուսակը ինկաւ գետին: Տղան չշարժեցաւ բնաւ: Երկուքը մնացին մահճակալի եզերքը, քով քովի, գլուխները կախ, ծանր եւ լուռ:

Ճիշդ այդ պահուն է, որ պըտըլիկ մկնիկ մը եկաւ իրենց ճիշդ դէմը, սենեակին մէջտեղ, վարդագոյն ականջները ցցած զարմացումով նայեցաւ այդ երկու անշարժ էակներուն, եւ յետոյ, կարծես յանկարծ խիստ կարեւոր Ժամադրութիւն մը վերյիշելով, մեկնեցաւ նետի մը պէս:

Մեծ արցունքը ինկաւ, կորսուեցաւ:




ԵՐՐՈՐԴ ՄԱՍ


1
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏՈՒՆ ՓԻԷՌ
ՆԱԽԿԻՆ ԺԻՐԱՐՏՕ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ,

ՀԻՄՆՈՒԱԾ 18…
Մնացեալ թուանշանները կարելի չէր կարդալ, որովհետեւ անոնց վրայ ջնջոց մը կար: Լաթի այդ կտորը բռնող ձեռքը անմիջապէս կը ճանչցուէր իր միջնամատէն: Միջնամատ չկար. որով Կոստանինն էր: Փարիզ քաղաքի նախկին հրշէջ գունդի ենթասպաներուն էն կրակոտը բարձրացած էր սանդուխի մը վրայ եւ ցուցափեղկը կը մաքրէր: Եթէ երբեք ջնջոցը պահ մը անշարժացնելով` իրենց խանութին հնութեան «ռէկլամ»ը ընել թերացաւ, այդ յանցանքին ամբողջ բեռը կ՚իյնար Ֆրանսայի վարած գաղութային քաղաքականութեան վրայ: Իրաւ ալ նոյն պահուն, խիստ թեթեւ ու վառ գոյներով հագուստ մը հագած երիտասարդ աղջիկ մը, քովի խանութէն դուրս նետուելով կը ճչար.

— Մէօսիէօ Կոստան, Մէօսիէօ Կոստան, շուներնիս ձագ բերաւ…

— Քանի հատ, — հարցուց Կոստան իր բարձունքէն, առանց պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու, առանց յուզումը յայտնելու:

— Չեմ գիտէր, չկրցայ հաշուել… կարծեմ կը մեռնի կոր: Ախ, սարսափելի բան է. ոհ, կը մեռնի կոր…

— Ես հոս եմ, անհոգ եղէք. կու գամ կոր:

Եւ Կոստան աղջկանը հետ արագ քայլերով մտաւ քովի հանդերձավաճառին խանութը: Ջնջոցը մնաց սանդուղին վրայ, ապակիին կռթնցուած սանդուղը` մայթին վրայ, մայթը մնաց մեծ հրապարակին վրայ, իսկ հրապարակը` Թօննէռի վրայ:

Թօննէռ Իօն նահանգին գլխաւոր քաղաքն է եւ կը գտնուի Փարիզի ու Լիոնի մէջտեղ: Միջերկրական իջնող շոգեկառքի մեծ գիծին վրայ ըլլալուն` հաղորդակցութեան դիւրութիւնը չի պակսիր բնաւ… մանաւանդ որ ճեպընթացը մայրաքաղաքը Թօննէռէն բաժնող 180 քիլոմեդրօն երեք ժամեն կը կտրէ: Ահա ատոր համար է, որ Փիէռ ու Ժանն երեք շաբաթէն հասան հոս:

Կայարանէն դուրս ելլելուն պէս, ժպիտ մը բացուեցաւ Փիէռի դէմքին: Կենդանութեան, երջանկութեան, գոհունակութեան ժպիտ մը: Երկար ատեն է, որ այսպիսի ջերմութիւն մը իր հոգին չէր պարուրած: Անհամար կասկենիներ գարնանային կանաչութեան իրենց ամբողջ կուսութիւնը նետեր էին օդին, որը բոլորովին տարբեր խունկ մը ունէր, բոլորովին տարբեր մաքրութիւն մը, նոր շունչ մը: Խաղաղութիւնն ու պարզութիւնն է, որ կը խաղային ծառուղիներուն մէջ, մանուկներու եւ տարէց գաւառացիներու շուրջ, մինչ խորը, բացաստանի մը լոյսով` զինուորներու անխուսափելի մահարձանը իր մարմարը կը բարձրացնէր: Լայն ճամփայ մը կ՚առաջնորդէր քաղաք: Աջին` անմիջապէս կը շինուէր ոստիկան զօրքերու շէնքը, եւ քիչ մը աւելի վեր քաղաքապետարանը, իր եռագոյն գօտիով: Ամէն ինչ նոր կը թուէր երիտասարդ Փիէռին: Ան հոգիի կատարեալ գոհունակութեամբ մը ինքզինքը կը յանձնէր գաւառական կեանքին հեշտ օրօրումներուն: Առուտուրի կեդրոնին մէջ կարճ շրջանէ մը յետոյ, գնաց մանաւանդ դեգերիլ բնակութիւններուն շուրջ, լուռ պարտէզներու երկայնքը, դարձդարձիկ, մաքուր եւ մագլցող փողոցներու խորհուրդին: Օտար մըն էր ինք հոն, օտար մը՝ որ երկու կամ երեք յարկնոց այդ այնքան կոկիկ տուներու գաղտնիքին առջեւ կ՚ուզէ հարցում մը ուղղել Պալզաքի: Հանրակառքերու եւ ինքնաշարժներու անվերջ աղմուկին փոխարէն, երկաթագործի մը մուրճը վայրկեաններ կը գամէր քահանայի մը ետեւ, եւ ինչ որ Փարիզ պատի ազդ էր միայն, հոս կը դառնար այծ, էշ, կով, բայց այս անգամ շնչաւոր: Շատ հին եկեղեցի մը կար, չես գիտէր, որ 15-րդ դարէն մնացած. յետոյ քաղաքը կը ցցուէր, կը բարձրանար, բուրգի մը պէս։ Էն վերը Աստուծոյ տաճար մը եւս՝ իր գրաւած դիրքով կրկնապէս գեղեցկացած, ծառերու, կանաչցած նստարաններու մէջտեղ, եւ որ շուրջի համայնապատկերը կը քաշէր վեր, դէպի իրեն, դէպի իր խաչին: Այդ դիտարանին հովը ճիւղեր կը դողացնէր, մագլցող ճամփաները կը ծռէր, եւ ծխնելոյզներ կը մխային: Ջրանցք մը՝ վրան կեղեւ մը ընկոյզի, եւ կանաչ թաշկինակ մը՝ վրան կաթիլ մը արիւն: Գերեզմանատան դուռը չի բացուիր, որովհետեւ այսօր նորեկ մը չկայ, եւ չի գոցուիր, որովհետեւ փախչիլ ուզելու համար ներսը թաղուած Հայ մը չկայ:

Վարը, Օքսէռ տանող մեծ խճուղիին մօտ գեղեցիկ տուն մը վարձեց Նէնէթ, չորս սենեակով ու պարտէզով, ինչպէս նաեւ գլխաւոր հրապարակին վրայ նայող լուսանկարիչի այս խանութը, նախկին Ժիրարտօ հաստատութիւն, հիմնուած հազար ութ հարիւր չես գիտէր քանիին: Շուտով եկան իրենց միանալ Կոստան ու Պիպի: Լծուեցան աշխատութեան: Նէնէթ ու Կոստան զբաղեցան տունով, իսկ Փիէռ ու Կոստան` խանութով: Լուսանկարչական այս աշխատանոցը ամենէն կարեւոր հաստատութիւնն էր այս շրջանին: Փիէռ անհրաժեշտ նորոգութիւններն ու զետեղումները ընելէ վերջ աւելի մեծ փայլ մը տուաւ անոր, իր արհեստին կատարելութեանը շնորհիւ: Հրաւէր ուղղեց տեղին ծանօթ ու կարկառուն անձերուն, ինչպէս քաղաքապետին, սրբազանին, երեսփոխանին եւ ժողովրդական դէմքերու` ինչպէս նամակաբերին, ժամկոչին, կայարանապետին: Այս վերջինները մանաւանդ իրենց տարազով, ամբողջ քաղաքին հետաքրքրութեան ու յափշտակութեան առարկան դարձան: Սակայն Կոստան խոնարհաբար դիտել տուաւ, որ պէտք չէր անտեսել հրշէջ գունդին հրամանատարը: Իրաւացի էր. ով որ կը ճանչնայ ֆրանսացի ազգը, գիտէ, թէ ան համազգեստաւոր երկու հոգի միայն անկեղծօրէն կը սիրէ. հրշէջ զինուորը եւ Dépôt Nicolas: Իսկ միւս կողմէ Նէնէթ կը պնդէր, թէ չի բաւէր միայն փարիզեան ճաշակով լուսանկարել, այլ պէտք է նաեւ գոհացում տալ գիւղացի գլուխներու ճաշակին եւ քաշել անճաշակ պատկերներ:

Ան ալ իրաւացի էր: Որով` անգամ մը երեսփոխանին պէս, անգամ մը ժամկոչին պէս, եւ գործը յառաջդիմեց:

***

Պատուհանին ժանեակներէն ցնցուղուող կիրակի առտուան արեւը կը խաղար մահճակալին տակ, առանց փոշի հանելու, մինչ նախկին սիրահարները դեռ կը մնային վերմակներուն մէջ, ծոյլ ու զուարթ, Նէնէթ անհանդարտօրէն կը դառնար միշտ, կը կատակէր, կը խնդար, կը շարժէր: Պահ մըն ալ իր խաղէն ու տղուն գգուանքներէն տարուած, ցցուեցաւ ոտքի եւ, իր գեղեցիկ սրունքներն ու կուրծքերը ցուցնելով, անմեղօրէն հարցուց ժպիտը շրթունքին.

— Դեռ գեղեցիկ եմ, Փիէռօ. իրաւ, շատ. որչափ, ըսէ, որչափ:

Տղան պատասխանեց, դէմքը թաղելով բարձերուն մէջ.

— Քարտ փոստալի մը չափ:

Առաջին անգամն է, որ Փիէռ իր խոստումին մէջ կը թերանար: Փարիզէն մեկնելէ առաջ երդում ըրած էր, որ իր Նէնէթը իրապէս սիրելուն է, որ միայն կ՚ուզէ հետեւիլ, կ՚ուզէ կեանքը կապել անոր կեանքին, եւ դեռ խոստացած էր որեւէ առթիւ ակնարկութիւն մը չընել անցեալ օրերու։ Մինչ հիմա, տեղափոխման, հաստատման օրերէն, առաջին շաբաթներու զբաղումներով բեռնաւոր շրջանէն յետոյ, երբ այլեւս միօրինակ դարձող կեանքին մէջ անձերը կը մնային դէմ դէմի, անհանգստութիւնը կը սկսէր: Փիէռ զգաց, որ իր բարեկամուհին վիրաւորուած էր խորապէս, որովհետեւ ան օրերով ապրեցաւ հիւանդի մը նման: Տղան զղջաց, սաստիկ զղջաց, ուզեց դարմանել, սակայն չհամարձակեցաւ կրկին մօտենալ խնդրին: Բարեբախտաբար այս դէպքը կարծես կորսուեցաւ իրարանցումի մէջ: Այդ իրարանցումին պատճառը թութակն էր: Կոստան, որ կը բնակէր պարտէզին վրայ նայող կէս-գետնափոր սենեակը, իր մասնաւոր ելքի դուռով, Փարիզէն հետը բերած էր Brigadierն, թութակը: Պիպին այնքան երջանիկ եղաւ այդ գունագեղ եւ խօսուն թռչունով, որ վանդակը բերաւ վեր ու իրենց սենեակը կախեց: Բնականարար Նէնէթ հակառակեցաւ. ինչպէս կարելի էր չջղայնոտիլ մէկու մը դիմաց, որ ամբողջ օրը կը կրկնէ — Rrrigole Brrigadier, à bas la guerre, Rrrigole Brrigadier, à bas la guerre…։ Պիպին ոտքերը գետին զարկաւ, պոռաց, կանչեց։ Նէնէթը աւելի կատղեցաւ, Փիէռ չգիտցաւ ինչ դիրք բռնել, եւ Կոստան շփոթած մնաց: Ի զուր Նէնէթ զաւակը գոհացնելու համար կ՚ուզեր օր մը գոնէ այս անախորժ ներկայութիւնը տանիլ եւ յաջորդ օրը անկարելի կ՚ըլլար լռել:

Առաւօտ մըն ալ վանդակը պարապ գտան: Պիպիին լացը սակայն երկար չտեւեց. նոյն իրիկունն իսկ թռչունը բռնելով վերադարձուցին: Ան ուղղակի գացեր իր բանակատեղին հաստատէր էր ոստիկան զինուորներու զօրանոցին պարտէզը, եւ ամբողջ օրը պոռացեր — Rrrigole, Brrigadier, à bas la guerre…։ Կոստանին կաթուած պիտի իջնէր. բայց ոչ, չիջաւ. որովհետեւ յաջորդ օրն իսկ թռչունը մեռած գտան վանդակին մէջ: Երկու մանուկներուն վիշտը անսահման էր: Կոստան օրերով մարդու հետ չխօսեցաւ: Փիէռ կուզեր ըսել, թէ ինք այդ «ոճիր»ին մէջ որեւէ դեր չունի, բայց այս անգամ բացէիբաց Նէնէթը ամբաստանած պիտի ըլլար, որով գոհացաւ ենթասպան մխիթարելով:

— Անհոգ եղիր, Կոստան, առաջին առթիւ, որ Փարիզ այցելեմ, հատ մը կը գնեմ քեզի, աւելի գեղեցիկ, աւելի մեծ… այս անգամ ոչ թէ Brigadier, այլ Maréchal…

Դիւցազնակատակերգական այս դէպքէն վերջ Պիպին սկսաւ անվերջ սխրագործութիւններու շարք մը: Այս տղան աղէտ մը, ճշմարիտ փորձանք մը դարձաւ իրենց գլխուն: Մէկ տարուան մէջ շատ մեծցեր էր ան, գանգուր մազերը կտրէր էին, եւ ինչպէս ամէն հասակ նետող տղայ, տգեղցած էր զգալապէս: Արդէն անհանդարտ նկարագիր` բոլորովին անսանձելի էր դարձած, ծնողքէ, գուրգուրանքէ, ակնածանք ազդող անձերէ զուրկ բոլորած իր մանկութեանը պատճառաւ: Անկիրթ էր չափազանց, սարսափելի անառակ, չար. ոչ մէկէն կը քաշուէր եւ չէր սիրել ոչ իսկ իր մայրը: Ընդհակառակն, միշտ խօսքը կրներ Սէն-ժորժի, պահանջելով, որ զինքը դարձեալ ղրկեն իրեններուն քով, Թաթային տունը: Կը փախչէր դպրոցէն, ուրիշ լակոտներու հետ կ՚երթար դաշտերը, կը մտնէր պարտէզներ` պտուղ կամ հաւկիթ գողնալու, կը հալածէր հաւեր, կը խրտչեցնէր ձիեր, կը կթէր արածող կովեր, «պարզապէս անոնց բեռը թեթեւցնելու համար»: Եկեղեցիէն մոմերը հաւաքելով` տուն կը բերէր, կամ կ՚ելլէր ջրանցքին վրայ նաւակով մը Սէն-ժորժը գտնելու: Ամէն օր գանգատներ կը տեղային Փիէռի գլխին, որ սակայն ոչինչ կրնար ընել գիտնալով, որ այս տղան կարգի բերելու միակ միջոցը խստութիւնն է, եւ ինք անկարող է այդ միջոցին դիմելու` նկատի առնելով իր բոլորովին օտարի հանգամանքը: Փիէռ կուզեր, որ միայն Նէնէթը զբաղի իր զաւկով, եւ Նէնէթ անկարող էր, լալու չափ անկարող:

Եւ ահա օր մըն ալ այս ստամբակները իջեր են մինչեւ շոգեկառքի գիծին վրայ եւ ազդանշանները դարձուցեր` «պարզապէս իրենց պատճառաւ շոգեկառքի մը կանգ առնելուն ականատես ըլլալու» հաճոյքէն մղուած: Բարեբախտաբար աղէտ մը չպատահեցաւ, եւ, ոստիկանութիւնը անոնց տարիքը նկատելով, ծեծէ մը վերջ տղոցմէ իւրաքանչիւրը վերադարձուց իր ծնողքին, անշուշտ խիստ ծանր տուգանքի մը փոխարէն: Ալ այս անգամ Փիէռ պահանջեց, որ գիշերօթիկ վարժարան մը ղրկեն Պիպին: Հայուն այս անդառնալի որոշումին առջեւ Նէնէթ լացաւ, սաստիկ լացաւ, եւ երկարօրէն ջանաց համոզել իր բարեկամը:

— «Ոչ, — կ՚ըսէր ան, — ոչ. յանցանքը իրը չէ. ես եմ յանցաւորը, պէտք չէր, որ զինքը զրկէի մայրական հոգածութիւնէս, խնամքներէս եւ յանձնէի օտարներուն ձեռքը: Հիմա եթէ հեռացնենք մեր բոյնէն, ալ վերջնապէս կորսուած պիտի ըլլայ ինծի համար, այլեւս անունս չպիտի տայ, եւ որեւէ կապ չպիտի մնայ մեր միջեւ: Պէտք է, որ մեր գուրգուրանքով իր մէջ սէրը արծարծենք, ու կապուի մեզի: Հաւատա Փիէռօ, ամէն տղայ անառակ է, ես ալ իրեն պէս էի, բայց ան կարգի կու գայ, հաւատա, որ կարգի կուգայ…»:

Այնքան ճշմարիտ էր ու խորունկ երիտասարդ մօր զգացած ցաւը, որ Փիէռ տեղի տուաւ: Տեղի տուաւ մանաւանդ անոր համար, որ ստեղծուած նեղութեան ու անհանգստութեան գլխաւոր պատճառը այս չէր բնաւ, այլ նոյն ինքն Նէնէթը:

Ոչ, Փիէռ չէր զղջար կնոջ հետեւած ըլլալուն, սակայն անբացատրելի անհանգստութեան մը, հոգեկան անդիմադրելի դժգոհութեան մը մէջ կը մխրճուէր հետզհետէ ալ աւելի, երբ կը տեսնէր, թէ բոլորովին տարբեր Նէնէթ մըն է դարձած իր նախկին սիրուհին: Շէնշող, կեանքով լեցուն, ինքնավստահ ու յաղթական Նէնէթը մնացած էր այն անծանօթ ճամփուն եզերքին, ջախջախուած կառքի մը ճակատագրին տակ: Այն ակնարկը, որուն առաջին անգամ հանդիպեցաւ Փիէռ՝ իր գործաւորի սենեակին չարաշուք մթաստուերին մէջ, Նէնէթին այն սպառող, հարցաքննող, հայցող ակնարկը տղուն հոգիին ճշմարիտ վէրքը եղաւ: Նէնէթ սաստիկ ջղային էր դարձած եւ կը նեղուէր, կը նեղուէր ամէն բանէ: Կարծես ճիգ մը կ՚ընէր ապրելու եւ շնչելու համար: Կ՚ուզեր ինք անձամբ զբաղիլ իր բոյնին առօրեայ գործերով, հիմա որ ընտանիքի մը պետը կը նկատէր ինքզինքը, բայց իր միակ ձեռքը անբաւական կու գար եւ կոտրող ամէն բան, սպասուհիի ամէն անճաշակութիւն զինքը կը ջղագրգռէր: Կը տառապէր մանաւանդ Պիպիով զոր կ՚ուզեր սիրելի դարձնել Փիէռին, զոր կ՚ուզէր ուղղել, բայց որ իր մօր ֆիզիկական անկարողութեանը հանդէպ իսկ կը թերանար յարգանքէ: Եւ Նէնէթ իր անզօրութեան մէջ կ՚ըլլար դիւրազգած, անկողինը նոր ձգած հիւանդի մը պէս փափուկ:

Փիէռ կնոջ այս վիճակը կը վերագրէր մէկ բանի` անդամահատուած գեղեցկութեան: Իրաւ ալ հիւանդանոցի երկար ցաւերուն մէջ նիհարցեր էր Նէնէթ, աչքերուն տակ ծալքեր սկսած էին, եւ երկու կեանքի ընկերները իրարմէ բաժնող տարիքի անջրպետը լայնցած էր: Մինչ Հայը աւելի կ՚օգտուէր գաւառի մաքուր օդէն եւ կը ճառագայթէր իր երիտասարդի գեղափայլ առոյգութեանը մէջ, Նէնէթ կորսնցուցած էր արդուզարդի իր սլաքներն անգամ: Եւ անոր ակնարկը կը մեծնար, կը խորանար, լիրբ սպիին վրայ:

— Կը սիրես զիս, Փիէռօ, առաջուան պէս կը սիրես զիս, անկեղծօրէն:

Եւ անգամ մըն ալ իրապէս բարկացաւ Փիէռ ու պոռաց.

— Իրաւ որ կարծածիս չափ խելացի չես եղեր. հաւատա, որ տղայ ես եղեր… Ըսէ տեսնեմ, ինչ պատճառ կար քեզի հետեւելու, եթէ երբեք չսիրէի. իմ ներկայութիւնս միայն պէտք է բաւական ըլլայ սէրս ապացուցանելու, եւ դուն պէտք չէ տարակուսիս: Կ՚ուզես, որ առաջուան պէս ըլլանք. բայց վերջապէս օրեր անցած է, եւ մենք տղայ չենք. վերջապէս, վարժուեցանք իրարու եւ բնական է, որ հիմա սէրը աւելի գորով պարունակէ. եւ դեռ վերջապէս… աւելի ամուսիններ ենք, քան սիրահարներ:

Անշուշտ, Նէնէթ մտովի կ՚աւելցնէր բոլոր այն խօսքերն ու պատճառաբանութիւնները, զոր տղան չէր արտասանէր բնաւ, բոլոր այն տակաւին լոյծ ու աղտոտ զգայութիւնները, որոնք թանձրանալով` զինքը հետզհետէ աւելի կը տառապեցնէին: Եւ կը կրկներ խիստ ցած ձայնով.

— Երջանիկ չես, սակայն:

Երիտասարդը կարծեց դարման մը գտած ըլլալ: Խորհեցաւ, որ Նէնէթ վարժուած էր արագ ու գործօն կեանքին, ան որ հեւ ի հեւ գնացքին մէջ է, որ կը գտնէր իր կենդանութիւնն ու զուարթութիւնը եւ պէտք էր զինքը տան պարապ անկիւնէն առնելով կրկին նետել գոնէ մասնակի զբաղումի մը մէջ: Նէնէթ չմերժեց բնաւ, եւ լայն ու գեղեցիկ շալ մը ուսերուն նետած` կէսօրէ վերջերը սկսաւ կանոնաւորաբար գալ խանութ, գոնէ շարժման մէջ ըլլալու եւ շաղակրատելու: Օր մը, երբ Փիէռ բանտարկուած էր մութ սենեակին մէջ, բուռն վիճաբանութեան մը աղմուկը առաւ: Մարդ մը եկեր էր գանգատիլ Պիպիին ըրած մէկ անառակութեանը համար: Կոպիտ գիւղացիին մէկն էր ան ու կը պոռար` Նէնէթին ձայնը խափանելով: Աղմուկը մեծցաւ: Փիէռ ինքզինքը կ՚ուտէր գոց դրան ետեւ, անկարող դուրս ելլելու: Անասունը մեկնելէ առաջ գոռաց.

— Հոս ինչ գործ ունիք. կորսուեցէք, ձեր դժոխային Փարիզը կորսուեցեք… Դուն ինչ ես, որ զաւակդ ինչ ըլլայ. եթէ շնորհքով մէկն ըլլայիր, Աստուած քեզի այդպէս չէր պատժեր, այո, վերը նախախնամութիւն մը կայ, ան գիտէ պատժելիք անձերը. ով գիտէ, որուն սիրտն ես այրեր, ու անիծէր են քեզի… Անիծուած, անիծուած…

Երբոր Փիէռ դուրս ելաւ, Նէնէթ մնացեր էր անշարժ, աչքերը խոշոր բացած: Մեկնեցաւ անմիջապէս եւ ալ խանութ չեկաւ:

Հակառակ ամառը սկսած ըլլալուն, հիասթափուեցան գաւառի կեանքէն: Միօրինակ էր ան եւ անհրապոյր. ժամանցի վայրեր չկային, կենդանութիւն չկար, չունէին ծանօթներ ու բարեկամներ: Իրիկուն մը պատահեցաւ, որ սինէմային մէջ իրենց ճիշտ մօտը անառակ զոյգ մը գտնուի: Անոնք այնքան անպատկառութեամբ եւ աղմուկով իրար կը գրգռէին մութին մէջ, որ Բիբին սկսաւ խնդալ ու խորհրդածութիւններ ընել: Նէնէթ քաղաքավարութեամբ խնդրեց, որ գոնէ մանուկները նկատի առնեն եւ հանդարտ մնան: Թօննէռցին արհամարհական ակնարկ մը նետելէ վերջ ըսաւ, իբրեւ թէ խօսքը ընկերուհիին ուղղելով.

— Իրենք, ով գիտէ, ինչեր են ըրած Փարիզ, հոս եկեր` սուրբ կը կտրին…

Փիէռի կռուփը բարձրացաւ: Երեկոն սպաննուած էր:

Բայց ահա մէկէն` լոյս մը:

Երբ օրուան կուրցնող արեւին եւ հեղձուցիչ տապին յաջորդող գաղջութեանը հետ երիտասարդ լուսանկարիչը իրիկուն մը տուն կը դառնար, դուռը մէկէն բացուեցաւ իր առջեւ, ու երեւցաւ Նէնէթի դէմքը՝ աննախնթաց ու անպատմելի երջանկութեամբ մը ողողուն: Անտարակոյս մեծ անակնկալ մըն էր պատահած, քանի որ խարտեաշ կինը պլլուեցաւ տղուն, սկսաւ զայն համբոյրներով ծածկել, խայտալ, սեղմուիլ, այնքան, այնքան, որ յուզումին մէջ անկարող եղաւ տղուն հարցումներուն պատասխանել:

Ոչ, չէր ուզէր աւարտել գիրկընդխառնումը. հեռուէն անկարելի էր խօսիլ. պէտք էր, որ մնար այսպէս, իր մազերուն գեղեցիկ փունջը անոր վիզին մէջ թաղուած, շունչը շունչին, եւ ըսէր, ըսէր, թէ մայր պիտի ըլլար:

Փիէռ մէկէն բաժնուեցաւ, ու երկուքը դէմ դէմի նոյն գերագոյն հրճուանքէն տարուած ճչացին.

— Un petit Pierrot!.. Un petit Pierrot!..

Առաջին անգամ ըլլալով տղան իր սիրուհին համբուրեց այնպէս, ինչպէս այն միւս գարնան, որպէս թէ տակաւին սիրոյ առաջին արարին մէջ ըլլային, որպէս թէ ըլլային 63րդ էջին վրայ: Շապիկով նետուեցաւ փողոց, շամպանեը գնելով վերադարձաւ, համբուրեց Նէնէթը, գաւաթները լեցուց, համբուրեց Նէնէթը, գաւաթները պարպեցին, եւ դեռ համբուրեց Նէնէթը այսպէս, որպէսզի մանչ ըլլայ, եւ դեռ այնպէս, որպէսզի աղջիկ ըլլայ… Ամէն ճաշի ինք է, որ կնոջ պնակին մէջ միսը կը կտրատէր, որպէսզի ան կարենայ ուտել. բայց այս իրիկուն որքան գուրգուրանքով ըրաւ: Յետոյ սկսաւ ինք իր ձեռքով պատառները մէկիկ-մէկիկ կնոջ բերանը դնել: Զաւակը ծնած էր արդէն իսկ, եւ այդ զաւակը կը կոչուէր Նէնէթ: Տղուն երջանկութիւնը կը մեծնար մանաւանդ անոր համար որ, կը վերագտնէր իր նախկին սիրուհին: Յաջորդ օրը Փիէռ փափագեցաւ սիրուն անակնկալ մը ընել եւ գործը ձգելով աշխատեցաւ այդ անակնկալին իրականացման: Տօնական ճաշ մը պատրաստեցին, որուն հրաւիրուեցաւ նաեւ Կոստան: Հազիւ թէ դուռը բացուած էր այս վերջնին առջեւ, երբոր Փիէռ ու Նէնէթ մատերնին պատին ուղղած պոռացին.

— Բա բա ղանը… Բա բա ղանը…

Հոն, ճիշտ դիմացն էր Brigadierի մէկ մեծ ակռանտիսըմանը, ուրկէ թութակը կը փայլէր գունագեղ, լուսաճաճանչ: Կոստանի աչքերը արցունքով լեցուեցան: Ան երջանկութեամբ ցնծաց, մանաւանդ իր սիրելիները տեսնելով կենսուրախ, ժպտադէմ: Եւ ալ ինչեր, ինչեր չըրաւ. վերակոչեց անցեալը, պատմեց իր ամուրիի կեանքէն խիստ գեղեցիկ մանրավէպեր, զորս մինչեւ այսօր գաղտնի էր պահած: Ըսաւ օրինակի համար, թէ ինչպէս երիտասարդութեանը ատեն իր դրանը առջեւ պոնիշները կարգի կը սպասէին եւ թէ աւելի վերջը, գաղութավայրերու մէջ, ենթասպայի կարմիր տաբատովը խափշիկ կիները կատղեցուց ցուլերու պէս…

Արեւոտ օրեր: Հայուն մտածումը գնաց Պոլիս, իր ծնողքին: Ինչ պիտի մտածէր մայրիկը, երբ լսէր, թէ որդին զաւակ մըն է ունեցած, այն ալ մէկէն որ իր կինը չէ, որ ֆրանսացի է, որ անդամահատուած է, եւ որ…: «Օհ, — ըսաւ Փիէռ խնդալով, — չեմ գրեր, լմնցաւ գնաց. արդէն ըրածներես որը կը գրէմ որ…»: Եւ սակայն երբոր զաւակը ծնէր, ստիպուած էին ծանուցանել տեղական իշխանութեան, եւ Փիէռ պիտի ընդուներ հայր ըլլալը: Գաղափարներու բնական զուգորդութեամբ մը առաջնորդուած, երիտասարդը խորհեցաւ, որ պահը ամենայարմարն էր Նէնէթին մեծ անակնկալը ընելու: Գրեց…

«Տիկին».

«Սէրն ինչ է չգիտէի, ձեզ տեսայ, սիրեցի. այնպէս սիրեցի, սրտանց սիրեցի, հոգւով սիրեցի ես ձեզ, որ չեմ կրնար ապրիլ առանց ձեզ: Որով այս երկտողովս կու գամ ձեր ձեռքը խնդրել: Կ՚աղաչեմ մի մերժէք զիս, իմ կինս եղէք, որպէսզի ես այլեւս չտառապիմ եւ դուք ալ սորված ըլլաք այս երգը»:

Իրիկունը, երբ որ Փիէռ տուն դարձաւ, Նէնէթը գտաւ լալագին, թիկնաթոռին մէջ կծկտած, մահուան չափ դժգոյն: Մայր պիտի չըլլար: Տղան դուրս ելաւ ու նամակը պատռեց:

***

«Սիրելի Պետրոս,

«…այլ մանաւանդ, որովհետեւ խիստ կարեւոր բան մը ունիմ քեզի պատմելիք: Լոխումին մայրիկը Պոլիսէն եկաւ: Չեմ համարձակիր իր վիճակը նկարագրել, որովհետեւ իմ բառերս անկարող են այդքան մեծ վիշտ մը պատմելու: Պզտիկ, նիհար ջղային կին մըն է, որ բոլորովին կորսունցուցած է ինքզինքը եւ քիչ մը, քիչիկ մը գոնէ իր վիշտը ծածկելու կարողութիւնը չունի: Լեզու չի գիտէր. մարդ չունի, առողջ ալ չէ եւ, մեր պանդոկին այդ գէշ սենեակին մէջ փակուած, ամբողջ օրը կու լայ, մազերը կը փետտէ, կ՚անիծէ, կ՚աղօթէ: Ես է որ զինքը Շառանթոն տարի: Բնաւ չեմ մաղթէր, որ հետս ըլլայիր, որովհետեւ դուն ա ինծի պէս հիւանդ պիտի վերադառնայիր տուն, եւ կեանքէդ անջնջելի պիտի մնար այդ սեւ օրը: Տեսնես ինչպէս խեղճ մայրը նետուեցաւ տղուն վիզին, ինչպէս համբուրեց, գգուեց, շոյեց, անցեալէն բաներ ըսաւ, արցունքներուն մէջ կատակներ ջանաց գտնել, անօգուտ, անօգուտ. տղան իր մայրը չճանչցաւ: Քովի պզտիկ սեղանին վրայ սատկած ճանճ մըն է դրեր ան եւ կ՚ըսէ, — «Ուզեցի ճանճին ճակատը պողպատել, եւ ան մեռաւ. ես ոճրագործ եմ. այո կասկած չկայ, ես ոճրագործ եմ, ես, Հայկ Դիւցազն, réfugié d՚origine arménienne»: Տղաքը ամէն գիշեր կու գային, որպէսզի կինը բոլորովին առանձին չձգենք, բայց բոլորն ալ սկսան կամաց կամաց քաշուիլ։ Շիտակը, կարելի ալ չէ մեղադրել. ինչպէս կրնան այսքան վիշտ տանիլ։ Միայն թէ հիմա խնդիր մը կայ. կնոջ նիւթականը բնաւ տեղը չէ. քահանայ մը որքան դրամ կրնայ ղրկել եւ այն ալ` որչափ ժամանակ: Խեղճը եկեղեցի դիմեց, որպէսզի օգնութիւն մը ընեն. «Ելիր Պոլիս գնա, հոս մնալդ որեւէ օգուտ չունի», — ըսէր են. սակայն ան չ՚ուզէր կոր մեկնիլ. «Ես հոս պիտի մեռնիմ», — կ՚ըսէ: Որով մենք է որ կ՚օգնենք իրեն կրցածնուս չափ: Հիմա քեզի ալ կը գրէմ, որպէսզի եթէ ի վիճակի ես, աջակցութիւնդ չզլանաս մեր խեղճ Լոխումին մօրը: Կը ճանչնամ քեզ, եւ վստահ եմ, որ բնաւ չես մերժէր: Մէկը ըսեր է, թէ Լոխում դժբախտ սիրոյ մը պատճառաւ է, որ իր հաւասարակշռութիւնը կորսնցուց. ի զուր պնդեցի, որ այդպիսի բան չկայ: Գիտես, թէ մօր մը սիրտը ինչ է. անմիջապէս կարծեց լոյսի նշոյլ տեսնել ատոր մէջ ու աղաչեց, պաղատեցաւ: Կարելիս ըրի եւ վերջապէս գտանք աղջիկը: Սարսափելի, ճակատագրական, անգութ գեղեցկութիւն մը: Դուն, որ ֆրանսուհիները կը ճանչնաս, պէտք է ըմբռնես, թէ ինչ տեսակ աղջկան կ՚ակնարկեմ: Մտիկ ըրաւ պատմութիւնս անայլայլ` եւ բացարձակապէս մերժեց հետերնիս Շառնաթոն գալ, պնդելով, որ որեւէ բան չէ ունեցած այդ տղուն հետ:

«Տեսնէիր դժբախտ մօր աղաչանքը. հայերէնով, տաճկերէնով կ՚ուզեր օրհնութիւն կարդալ ու համոզել։ Վերջապէս պոռնիկը հաւանեցաւ եւ ժամադրութիւնը որոշեցինք: Չեկաւ սակայն: Յետոյ է, որ իմացայ, թէ սկսեր է «արհեստը» կիրարկել բացէ ի բաց, առանց արտօնագիր ունենալու եւ ձերբակալեր են: Հիմա պիտի սպասենք, որ ազատ արձակուի եւ…»

— Օհ, — պոռաց Փիէռ, Աստուծոյ սիրուն, Աստուծոյ սիրուն, հանգիստ ձգեցէք զիս…

Այդ ճիչը կրցաւ արցունքներ կեցնել, բայց խեղդուկ ձայնը տղուն յուզումը մատնեց: Յետոյ Փիէռ, սեղանին վրայ դրամատոմսեր նետելով, ըսաւ.

— Կոստան, վաղն առաւօտ իսկ ասոնք վճարագիրով մը սա հասցէին ղրկէ եւ ես ալ նամակ չեմ ուզէր. ալ որեւէ նամակի պէտք չունիմ. իմ հոգերս ինծի կը բաւեն:

Իր միակ յոգն էր Նէնէթը: Յոգնակի, քանի որ մեծ հոգ մը: Անհանգստութիւնը վերսկսած էր իր յառաջխաղացումին, առաջուընէ աւելի նեղ եւ աւելի մութ նրբանցքներէ: Ատոր մէջ երկուքն ալ իրենց յանցանքի բաժինը ունէին: Նախ Նէնէթ իր ջղայնոտութեամբ անկարող կը մնար կեղծելու, անտարբեր, ինքնավստահ ու զուարթ ձեւանալու. իսկ երիտասարդը կը կարծէր հալածուիլ կնոջ դժգոհ, սպառող, տարակոյսով լեցուն ակնարկէն: Եւ փոխանակ հակազդելու կը մնար կրաւորական, յուսալով, որ ան պիտի վարժուի իր վիճակին, պիտի համակերպի եւ նախկին դիւրակեցութիւնը պիտի վերագտնէ: Եւ տղան կը լռէր, բանի մը չէր ուզէր խառնուիլ, գիշերը, ճաշէն վերջ, կ՚անցնէր անթելի գործիքին առջեւ, Նէնէթը թողլով առանձին, երկար, անվերջանալի ժամեր: Իրիկուն մըն ալ գործիքը խանգարուած գտաւ: Ըսին, որ Պիպին խառներ ու աւրէր է զայն: Բայց ինչու մէկէն կնոջ շրթները դողացին ծամածռութեան մը մէջ. ինչու ան փղձկեցաւ լացով: Նէնէթն է, որ զայն կոտրած էր դիտումնաւոր կերպով: Երիտասարդը ըմբռնեց:

Բայց հակառակ յաջորդ օրերուն մէջ տղուն կատարած ճիգին, կարելի չեղաւ տիրող ծանր մթնոլորտը պայծառացնել: Ատենը անգամ մը թունաւորիչ դէպքեր երկու երիտասարդները իրարմէ բաժնեցին:

— Պիտի ըսեմ, Պիպի, մայրիկիդ պիտի ըսեմ, — կը սպառնար Կոստան երեկոյ մը, տան դուռին առջեւ: Մանուկը, Փիէռին գալը չնշմարելով, պատասխանեց.

— Ես մայրիկէս չեմ վախնար որ. անոր մէկ ձեռքը իմ գրպանս է…

Եւ այս ըսած ատեն ձեռքը կը զարնէր տաբատի գրպանին: Առաջին անգամ ըլլալով` Փիէռ սարսափելիօրէն ծեծեց զայն: Եւ որովհետեւ, չէր ալ ուզէր Նէնէթին ըսել իր բարկութեան պատճառը…

Ծաղիկներով ու պտուղներով բեռնաւոր, ժպտադէմ եւ գոհ` տուն եկաւ երիտասարդը: Ալ այս երեկոյ բան մը չպիտի պատահէր: Վճռած էր երջանիկ ըլլալ եւ ուժով ուժով համբուրեց իր սիրուհին: Միայն թէ նամակ մը եւս կար:

— Պիտի պատռեմ, — ըսաւ Նէնէթ, — պիտի պատռեմ, դուն չըսիր, թէ ալ նամակի պէտք չունիս: Ամէն անգամուան արտաքին պատճառներ կու գան կոր մեր հանգիստը խռովել:

Բայց որովհետեւ չէր կրնար մէկ ձեռքով պատռել, խածաւ նամակը ու քաշեց: Ծանրաբեռնուած մեծ պահարան մըն էր ան, որ կը դիմադրէր: Վերջապէս աղմուկով պատռուեցաւ, ու մէջէն վարդագոյն ժապաւէնի կտոր մը ինկաւ գետին: Տղան անմիջապէս խլեց կնոջ ձեռքէն ամէն բան, բացաւ կտորները, քով քովի դրաւ… իր գրած մէկ քանի երկտողները, երկու լուսանկար, պզտիկ յիշատակներ… Մէջի պահարանին վրայ իրեն ծանօթ ձեռք մը գրած էր. «Մահուընէս վերջ վերադարձնել Փիէռին, Հրաչին միջոցաւ»:

Փթիթ Լիզը ալ չկար:

………………………………………………………………

— Եւ այն ատեն, «Կապոյտ»ները ճանճերու պէս սկսան իյնալ շուրջս: Մեր հրամանատարը սրիկային, խայտառակին մէկն էր. պէտք չէր որ մեզ այդ աւերուած գիւղը նետէր հրետանիին գործողութենէն առաջ: Աւերակներու մեղ թաքնուած գնդացիրները մեզ կը լափէին. միայն ձեռնառումբերով կը կռուէինք: Եւ այն ատեն ես գետին ինկայ. երեք տեղէ զարնուած էի: Հոն է, որ մատս թռաւ: Ամենէն գէշը այն էր, որ մէկ աչքս արիւն էր գացած, եւ լաւ չէի տեսնէր: Կարելի չէր այդ դժոխքին մէջ մնալ. ամբողջ հողը կը ցնցուէր, սկսայ քաշկռտուիլ: Տեսայ մառանի մը պզտիկ ծակը եւ ներս սողոսկեցայ. արդէն ուրիշ վիրաւորներ եկեր ու մեռեր էին հոն: Եւ այն ատեն, լսեցի որ քովս կը խօսէին. տկար լոյսին մեզ կը տեսնուէր երկու հոգի. Ֆրանսացի մը եւ «պոշ» մը. ֆրանսացին զինուած էր, իսկ միւսը` ոչ. այդ կը նշանակէ, թէ մեր ընկերը գերի էր բռնած զայն եւ կը սպասէր յարձակողականին աւարտելուն, որպէսզի իր աւարը մեր գիծերը տանի: Եւ այն ատեն տարօրինակ խօսակցութիւն մը ծայր տուաւ: Ֆրանսացին առաջարկեց, որ փոխանակ զայն մեր գիծերը տանելու, ինք, ֆրանսացին ըլլայ գերի, եւ «Ֆռից»ը զինքը փոխադրէ գերմանական ճակատը: «Ոչ, ըսաւ Գերմանը, դուն զիս գերի բռնեցիր եւ պէտք է, որ տանիս. երեք տարի է, որ ես այս վայրկեանին կը սպասէի»: «Իսկ ես չորս տարի է, որ կը կռուիմ, — պատասխանեց «Կապոյտը», — ալ կ՚ուզեմ ազատիլ, ազատէ զիս, երկու զաւակ ունիմ…» Մէկը միւսին կ՚աղաչէր, կը պաղատէր, երկուքն ալ կ՚ուզէին փրկուիլ. առաջինը կ՚ըսէր, թէ զաւակ ունի, երկրորդը կ՚աւելցնէր, թէ մայր ունի…

Նէնէթը գլուխը դարձուց Փիէռին եւ դանդաղօրէն ըսաւ.

— Ճիշդ մեզի պէս…

Բարեբախտաբար, Կոստան այնքան փարած էր իր պատմութեան որ ոչինչ կռահեց, իսկ Փիէռ` արդէն տխուր` այդ չարաշուք տարիներու վերակոչումով, բոլորովին վիրաւորուեցաւ կնոջ ըրած դառն ակնարկութենէն: Տղան աթոռը դարձուց եւ անթելին սաղաւարտը դնելով` սկսաւ ունկնդրել: Ճիշտ քովէն մէկը կ՚արտասանէր. «Trop Vain pour en pleurer, trop triste pour en rire»: Անմիջապէս անիւները դարձուց եւ ուրիշ կայան մը առաւ. այս անգամ կրցաւ հանդարտօրէն լռել, որովհետեւ ձայնը կ՚ըսէր.

— «Կով. —1295 հատ ժամանած, 90 հատ անվաճառ: Էքստռա 8. 90, ա. տեսակ 8. 00, բ. տեսակ 6. 60, գ. տեսակ 5, 40: Եզ. — 2589 հատ ժամանած, 98 հատ անվաճառ: Էքստռա 806715000»:

Երբոր Կոստան գնաց պառկելու, Նէնէթ ըսաւ.

— Փիէռ, չեմ ուզէր, որ այդ աղջկանը երես տաս եւ ան ամէն օր խանութ գայ, չեմ ուզէր. Ան յիմարին, թեթեւսոլիկին մէկն է. կրնայ քու կատակներդ լուրջի առնել: Ես արդէն բնաւ այդ տեսակ ապուշ արարածներէն չեմ ախորժիր. ամենէն աւելի վտանգաւորները անոնք են:

Կնոջ սուր հոտառութիւնը վտանգ մըն էր նախազգացած: Լուսանկարչատան քովի հանդերձավաճառին քեռաղջիկը Լիոնէն եկած էր հոս, արձակուրդի ամիսները անցընելու: Նէնէթ չէր չափազանցէր բնաւ. այդ Կաբին խիստ թեթեւսոլիկ էր, հակառակ քսանը անցուցած ըլլալուն՝ չափազանց տղայամիտ, եւ իր արդուզարդէն, շարժումներէն ու աչքերէն դատելով` անսանձելիօրէն կրքոտ: Բայց գեղեցիկ էր ան, մարմնով հարուստ եւ միշտ երգող, ցատկռտող, խնդացող: Ամէն օր, եւ երբեմն ալ օրը քանի մը անգամ ոեւէ բան մը պատճառ կ՚ընէր գալու համար Փիէռին, եւ ճպուռի մը պէս կը խօսէր, կը խնդար, ձեռքը կը քսէր հագուստին, որպէսզի թափանցիկ կերպասը աւելի լաւ կաղապարուի կուրծքին վրայ, ակնարկը կը խորացնէր, կը խածնէր շրթները, մէկ խօսքով երիտասարդը կը ցանկար: Կ՚ըսէր. — «Ցաւով պիտի մէկնիմ Թօննէռէն, եթէ պէտք ըլլայ դարձեալ պիտի գամ. նոյնիսկ կարելիս պիտի ընեմ վերջապէս մնալու համար հոս, եթէ ստիպեն…»: Հայը միշտ կը խնդար եւ բնաւ առիթը չէր փախցնէր զայն ծաղրելու: Բայց հիմա, Նէնէթին ըրած այս դիտողութիւնը զինքը բարկացուց: «Իր ամէն բանը մոռցաւ եւ սկսաւ իմ ըրածներս անվայել գտնել», — խորհեցաւ Փիէռ եւ փոխանակ փակելու խնդիր մը, որ զերծ էր որեւէ մեղաւոր հանգամանքէ, պատասխանեց խստօրէն: Սաստիկ վիճեցան:

Երկու օր վերջ հանդերձավաճառը երիտասարդ լուսանկարիչը կանչեց եւ խնդրեց, որ գոնէ իր միջնորդութիւնը չմերժէ եւ հաճի երթալ հարսանեկան խմբանկարը առնել: Փիէռ չէր ընդունած այդ հրաւէրը, տեղի հեռաւորութիւնն ու ժամանակի կորուստը պատրուակելով: Բայց հանդերձավաճառը կ՚ուզեր օգտակար ըլլալ հարսնեւորներուն, որոնք իր գլխաւոր յաճախորդներն էին, եւ կառք մը Փիէռին տրամադրութեանը տակ դրաւ:

— Բայց ես երբեք կառք չեմ վարած, — առարկեց Փիէռ: — Կրնայ արկած մը պատահիլ:

— Ես վարել գիտեմ, — պատասխանեց Կաբի. — միասին կ՚երթանք:

Այդպէս ալ ըրին որոշուած օրը: Չորս հոգինոց գեղեցիկ կառք մըն էր, նոր ու թեթեւ: Գործիքները ետեւի կողմը զետեղելէ վերջ, Փիէռ նստաւ երիտասարդ աղջկան քով ու ճամփայ ելան: Ժամուան մը տեղ ունէին երթալիք: Յարդէ լայնեզր գլխարկ մը դրած էր Կաբի, վարդագոյն թեթեւ զգեստ մը իրանը կը գրկէր, կուրծքերուն վրայ նմանելով` հասուն պտուղի մը ամանին, եւ խարազանը կը շաչէր անդադար ձիուն ականջներուն վրայ: Քաղաքէն դուրս ելլելուն պէս, Կաբի, որ այդ կառքով բազմաթիւ անգամներ շրջակայքը պտտած ըլլալուն ծանօթ էր տեղին, երկարօրէն նկարագրեց փոխուող հորիզոնները, պուրակները եւ հեռաւոր զգայնոտութիւնները: Եւ որովհետեւ Փիէռ կը լռէր, բաւականացաւ գեղգեղելով:

Վերջապէս հասան ընդարձակ եւ հարուստ ագարակ մը: Իրենց ժամանումը մեծ իրարանցում պատճառեց, խոզեր եւ հաւեղէններ փախան, իսկ փեսային վերջին գաւաթը մոլոր գնաց: Հարսնեւորները անվերջանալի շփոթութիւններէ, երթալ-գալերէ յետոյ, վերջապէս հաւաքուեցան դարպասին մէջ: Բերին աթոռներ, նստարաններ, տակառներ, սակառներ, եւ ամէն ոք գրաւեց իր բարձունքը: Փեսան զօրագունդի մը պէս երկար էր, իսկ հարսը գունդի մը պէս կլոր: Փեսան նոյն առաւօտն իսկ ածիլուած էր, իսկ հարսը ոչ. անոր վերին շրթունքը երեք օրէ ի վեր սգաւոր էր: Նոր թեզանիքներէ դուրս կ՚ելլէին կոշտ ձեռքեր, օձիքի անվարժ կզակներ կ՚անշարժանային ծիծաղելիութեան մը մէջ, այտերու վրայ բրնձափոշին շատ գէշ էր քսուած, գոհարեղէնները ամբողջութեամբ երշիկ կը հոտէին, եւ չկար ոչ իսկ մէկ հոգի, որ կարենար բնականոն կերպով քալել, նոր կօշիկները ոտքին: Կ՚արժէր Փիէռին վիճակը տեսնել, ճնճղուկի մը պէս կը ցատկռտէր անդադար, կարգի դնելու, համար այս զուարճութիւնը: Իրաւ ալ դիւրին չէր լուսանկարել 67 հոգի, առանք հաշուելու երեք շուն, կատու մը, երկու բադ, եւ վերը, տանիքին ծեպերուն վրայ շարուած աղաւնիներ: Ու ճիշտ այն պահուն, որ քաուչուէ տանձը պիտի սեղմուէր Փիէռին ափին մէջ, սեւուլիկ հորթ մը մեծ աղմուկով սլացաւ գործիքին վրայ: Բոլոր բերանները միանգամայն պոռացին. «Նուառօտ, Նուառօտ»: Փեսան անմիջապէս դուրս նետուեցաւ իր լուսանկարէն եւ կենդանին համբոյրով մը անշարժացուց, մինչ հարսը կը կարմրէր, կը մարմրէր…

Երբոր Փիէռ պատուասիրութիւններէն յետոյ ուզեց մեկնիլ, ի զուր փնտրեց Կաբին: Վերջապէս գտաւ զայն հեռաւոր անկիւն մը կարմիր թաշկինակ մը վիզին շուրջ, երիտասարդներուն չարլսթօն սորվեցնելու զբաղած: Կաբիին գլուխը բռնած էր: Պատրաստուեցան մեկնիլ: Բայց ճիշտ այն պահուն, որ Փիէռ իր նստարանը պիտի բարձրանար, ճեփճերմակ հաւ մը դուրս թռաւ կառքէն մեծ աղմուկով ու իր տեղը ձգեց տաքուկ հաւկիթ մը…

Նախ խօլական արշաւի մը սկսաւ կառքը, յետոյ պրկուող սանձերը ձիուն գնացքը դանդաղեցուցին: Ֆրանսուհին սկսաւ կռթնիլ Հայուն, ակնարկը խորացնել, յետոյ երգել նուաղկոտ սիրոյ մեղեդիներ: Զմայլելի պահ մը, կանաչութիւն, անհատնում դաշտագետիններ, ջուրի ճամփայ մը, քանի մը դղեակ եւ վերջալոյսը, որ կ՚իջնէ: Բայց որովհետեւ երիտասարդը շուտով կ՚ուզեր Թօննէռ դառնալ, Կաբի դիմեց խորամանկութեան: Ճամփուն ստուերոտ մէկ անկիւնը հասնելուն պէս, առանց յայտնի ընելու, մէկէն անիւները սեղմեց: Եւ մինչ Փիէռ վար կը ցատկէր նայելու, թէ ինչ էր կոտրած, Ֆրանսուհին իր նստարանին տակէն դուրս քաշեց տուփ մը, զայն բանալով վերածեց ձայնագիրի եւ սկսաւ գեղեցիկ վալս մը դարձնել:

Փիէռ ուժը չունեցաւ մերժելու եւ իրար պլլուած պարեցին ամայի ճամբուն վրայ, տերեւներու շուքին հետ: Վալսին յաջորդեց չարլսթօն մը. արտառոց, բարբարոս չարլսթօն մը. հաչոց, ոռնոց, որոտում, թմբուկ… այնքան, որ մէկէն ձին խրտչեցաւ ու իր կարթերուն ամբողջ ուժովը սկսաւ սլանալ ճամբուն վրայ: Իզուր երիտասարդները կը վազէին ետեւէն. կարելի չէր հասնիր։ Վտանգ կար. վարէն կու գային երկու հեծելանւորդներ. քահանայ մը եւ նամակաբեր մը, որոնք կը խօսէին օրուան նիւթերուն, այսինքն ընդհանուր պատերազմին վրայ: Նամակաբերը կրցաւ ատենին վար նետուիլ եւ խոյանալ ձիուն սանձերուն, բայց քահանան, բախումէ մը խուսափելու իր ճիգին մէջ ճամբուն եզերքի փոuը ինկաւ: Մինչ Փիէռ ու Կաբի կ՚երթային կղերականին օգնութեան, որուն ձեռքը միայն քիչ մը արիւնած էր, նամակաբերը սկսաւ ձին հարուածել: Օհ, այո: Պատերազմը շատ աղետաբեր եղաւ ձիերուն…

………………………………………………………………

Կոստան իրենց ընդառաջ եկաւ ու կառքին մէջէն գործիքները վերցնելով` տարաւ ներս: Նէնէթ, որ յօնքերը պռստած էր, մէկէն ըսաւ.

— Որունն է այս կրամաֆոնը, ինչու հողով լեցուէր է… սկաւառակներն ալ կոտրեր եք…

Տղան դեռ կը խնդար պատահած դէպքին վրայ, քրտինքները սրբելով: Թաշկինակին վրայի արեան հետքերը կնոջ աչքերէն չվրիպեցան: Տեղացող հարցումներուն տակ երիտասարդին խնդուքը աւելցաւ, եւ ան անմեղօրէն պատմեց դէպքը ամբողջութեամբ:

Սաստիկ, սաստիկ վիճեցան:

***

— Արձակուրդս շատոնց է որ լրացած է, բայց ես չէի ուզէր Թօննէռէն մեկնիլ. չէի կրնար. Բայց հիմա ալ ստիպուած եմ. շաբթուս վերջ պիտի վերադառնամ Լիոն: Միայն թէ կը փափագիմ, որ զիս անգամ մը եւս լուսանկարէք… այս անգամ տեքոլթէ:

Փիէռ ոխ ունէր Կաբիին հանդէպ, իր ու Նէնէթին միջեւ գժտութիւն մը սերմանած ըլլալուն համար: Իրեն բոլորովին անտանելի էին այժմ թեթեւաբարոյ աղջկան ամէն մէկ շարժումները, սակայն իր կնոջ հրամանին տակ չգտնուելու մտածումով, անկախ եւ ուզածը ընելու կարող մէկը ձեւանալու տղայական հպարտութեամբ, Փիէռ զուարթ ձեւացաւ եւ Կաբին առաջնորդեց գործողութեան սրահ: Արդուզարդի խուցին մէջ երիտասարդ աղջիկը պատրաստուեցաւ: Մինչ Փիէռ գլուխը սեւ կտաւին տակ թաղած` գործիքին տեսողութիւնը կը ճշդէր, մէկէն ապակիին վրայ երեւցաւ — անշուշտ շրջուած դիրքով — Կաբին. վենետիկեան սեւ դիմակ մը աչքերուն, եւ ամբողջութեամբ մերկ: Անգիտակցաբար ստացած էր ճիշտ այն դիրքը, որ Նէնէթինն էր, ան չարաշուք ակռանտիսըմանին վրայ:

Այնքան ուժով, որ մեքենան պիտի տապալէր, Փիէռ գլուխը քաշեց գործիքէն դուրս, եւ քաուչուէ տանձը գետին շպրտելով, ըսաւ մէկէն շառագունած.

— Կ՚աղաչեմ, օրիորդ, հագուեցէք եւ անմիջապէս: Ատիկայ իմ մասնագիտութիւնս չէ բնաւ:

Երբոր Փիէռ անցաւ խանութ, դէմ դիմաց եկաւ Նէնէթին հետ: Քանի մը օր է, որ ան վերսկսած էր խանութ գալ, յարափոփոխ պահու մը: Երիտասարդը պլլուեցաւ կնոջ ու ըսաւ.

— Օ, Նէնէթ, Նէնէթ, հաւատա, որ դուն աւելի կ՚արժես. իրաւ, որ դուն բոլորէն ալ աւելի կ՚արժես…

Իրիկունը, հակառակ եղած խոստովանութիւննէոուն, հակառակ նոյնիսկ անոր, որ Նէնէթ սրտանց համոզուած կը թուէր անդարմանելին պատահած չըլլալուն, չուզեց մխիթարուիր

Մինչ Փիէռ անդադար կը դառնար անկողնին մէջ անքուն, Նէնէթ մնաց. երկար, երկար ժամեր լուսնկայի մեռելական լոյսին տակ, թիկնաթոռին մէկ անկիւնը կծկտած: Երկուքն ալ դժբախտ էին:

………………………………………………………………

— Allons! Նէնէթ, ելիր, որ համբուրեմ քեզ, ալ քիթ մի՚ ընէր: Փարիզ պիտի երթամ, Հրաչին հարսանիքին ներկայ ըլլալու. 3-4 օրէն աւելի պիտի չբացակայիմ. թող որ արդէն կը գրէմ քեզ: Հաւատա, որ խորհածս ճիշդ է. լաւ է, որ քիչ մը ատեն անցնի, սա մթնոլորտը մաքրուի եւ վերադարձիս երկուքս ալ ուրախ նետուինք իրարու: Allons! ելիր, որ համբուրեմ:

Նէնէթ չպատասխանեց բնաւ: Ուսերը ցնցեց միայն մերժումով եւ աւելի թաղուեցաւ վերմակին տակ:

Փիէռ մեկնեցաւ:

Երբոր վագոնին պատուհանէն ձեռքը դուրս երկարեց Կոստանին մնաս բարով ըսելու, տեսաւ, որ անոր աչքերը արցունքով լեցուէր էին:

— Խենթ էք, ինչ էք, — պոռաց Փիէռ, — ինչ կ՚ըլլաք կոր, չմեռայ, չկորսուեցայ: 4-5 օրէն պիտի վերադառնամ. գոնէ դուն տղայ մի ըլլար: Քեզ տեսնեմ, Կոստան, տունին պաշտպանութիւնը քեզի կը յանձնեմ. լաւ հսկէ ամէն բանի. նայէ, որ Ժաննը բանի մը պէտք չունենայ եւ անտեղի մտածումներով ինքզինքը չտանջէ…

— Մէօսիէօ Փիէռ, տիկինը երջանիկ չէ…— կակազեց Կոստան:

Բարեբախտաբար շոգեկառքը ճամփայ ելած էր արդէն, եւ երիտասարդը պատասխան մը գտնելու հոգէն փրկուեցաւ:

Իր անկիւնը անցնելուն պէս, Պետրոս ուզեց անմիջապէս վերագտնել իր զուարթութիւնը եւ փախուստը շնչել ազատօրէն: Ու նկատելով, որ պէտք եղած արագութեամբ Թօննէռէն չէր հեռանար, ձեռքի պահարանը պատռեց սկսաւ կարդալ երջանիկ:

«Անուշիկ չոճոխս իմին… Չես ըսէր, առջի օր կատունիս հորը ինկաւ. ալ քաշած նեղութիւնս տեղ մը չկայ… Չէվիրմէի անուշը աղուոր տուփի մը մէջ դրի եւ հայրիկդ առջի օր փոստա տարաւ. եթէ այս անգամ ալ կորսուի, ալ խելքի գալիք բան է. իրաւ որ շատ պիտի ցաւիմ: Աղէկ նայէ, մէջէն բաղնիքի քեսէ մը պիտի ելլէ. քեզի համար կարեցի, մասնաւոր, տոկուն կերպասէ… իմին փաշայ մանչս, իմին…»։


2
Կէսօրուան թոհուբոհին մէջ երկու երիտասարդներ ուժով ուժով համբուրուեցան ու յետոյ նետուեցան թաքսի: Հրաչ, իր զարմացումը եւ ուրախութիւնը չկարենալով արտայայտել, կը կրկներ անդադար.

— Վայ մաաշալլահ, պէյիմ. ձեզի տեսնողը ինչ կ՚ըլլայ… Այս ինչ անակնկալ: Շիտակը Պետրոս, գրեցի քեզ, բայց բնաւ չէի յուսար, որ հրաւէրս կ՚ընդունիս եւ կու գաս: Էյ, հիմա քէյֆերնիս կատարեալ պիտի ըլլայ…

Պետրոս անմիջապէս զայն լռեցուց եւ կատակով լեցուն խստութեամբ մը ըսաւ.

— Ծօ Հրաչ, ըսէ նայիմ, աս քու ըրածդ կը վայլէ, նորէն չոճոխ մը ունեցեր ես: Անպատճառ դարձեալ պոնիշէ մըն է… Ծօ, աս ինչ է քու բռնած ճամբադ. չես ամչնար կոր…

— Մի ըսէր, Պետրոս, կիւճիս կու գայ: Հաւատա, որ այս անգամուանը պոնիշ չէ. ընդհակառակն, անուշիկ, զմայլելի, պատուական պուպրիկ մը. եւ շատ շնորհքով ընտանիքի աղջիկ: Զաւակն ալ ես ուզեցի որ ունենանք, որպէսզի իր ծնողքը մեր ամուսնութեանը հաւանի: Հաւատա, Պետրոս, բնաւ ան քու կարծած թեթեւսոլիկներէդ չէ, շատ դժուարամատչելի. ամիսներով ետեւէն եմ վազեր, որպէսզի զինքը համոզեմ: Բայց հիմա ալ երջանիկ եմ, երջանիկ: Քիչ մը վերջ դուն ալ պիտի տեսնես, թէ ինչ աղջիկ է…

— Աղէկ, աղէկ, հասկցայ. գէշ տեսակէն բռնուէր ես: Հիմա դուն սա ըսէ տեսնեմ, երբ կնքեցիք պզտիկդ:

— Կնունք մի, էյ, միայն այդ էր պակաս: Շաբաթ կէսօրէ վերջ պիտի ամուսնանանք, որպէսզի մանչուս ծնունդը օրինաւոր ըլլայ, այդքան:

— Քաղաքապետարանի արարողութիւնէն վերջ պիտի երթանք եկեղեցի, պսակադրութեան համար:

— Պսակադրութիւն, եկեղեցի… Eh bien, mon vieux Pierre!, դուն տակաւին Պոլիսը չես մոռցեր: Մոռցիր, սիրելիս, մոռցիր, տէրտէր, շարական, վարդապետ…

— Էյ, աղէկ եա. առանց կնունքի եւ հարսանիքի, մեր քահանաները ինչ կ՚ուզես որ ընեն:

— Բեօհ, այդ ծոյլերը պիտի մտածէի: Եթէ կ՚ուզեն բան մը ընել, թող ֆրանսացի կրօնականներուն պէս pâte dentifrice կամ bénédictine պատրաստեն: Եւ կամ թէ… եւ կամ թէ թող Աստուածաշունչը գրաբարի թարգմանեն…

……………………………………………………………

Հազիւ ֆրանսուհին դուռը բացած էր, եւ Հրաչը կը պատրաստուէր երկուքը ներկայացնել իրարու, երբոր Պետրոսի երակներուն մէջ արիւնը վայրկենապէս սառեցաւ: Կարծես թէ ահաւոր լախտի հարուած մը ընդունած էր գլխին: Չէր ուզէր, չէր կրնար աչքերուն հաւատալ, սակայն բացարձակապէս անկարող էր որեւէ շարժում ընելու, դէմքին վրայ որեւէ ժպիտ ուրուագծեղու: Ինքզինքը պիտի մատնէր: Երիտասարդ կինը սակայն, որ մանրարոպէ մը իսկ իր պաղարիւնութիւնը չէր կորսնցուցած, խնդալով ըսաւ.

— Վստահ էի, որ բարեկամդ զիս պիտի ճանչնայ. քանի մը անգամներ իր պանդոկին սանդուխներուն վրայ հանդիպած ենք իրարու…

— Հիմա հասկցար, mon vieux…! ուզեցի անակնկալ մը ընել քեզ եւ թաքսիին մէջ բան մը չըսի: Գիտէի, թէ պիտի ճանչնայիր Սիւզանս, որ դիմացի սենեակիդ Գանատացի բանաստեղծին կու գար անգլերէնի աս առնել, շաբաթը երկու կամ երեք անգամ: Հիմա ճանչցար…

Այո, Պետրոս կը ճանչնար, շատ լաւ կը ճանչնար այս աղջիկը, Գանատացիին սդերլիններուն նախկին հոմանուհին, որ նոյնիսկ անգամ մը իր հրաւէրն ալ չէր մերժած ու եկած էր սենեակ, թող տալով, որ Պետրոս ուզածին պէս…

Մէկ անգամ մը միայն Սիւզան իր ակնարկը գամեց լուսանկարիչին աչքերուն: Կարծես ըսել կ՚ուզեր. «Յաղթականը ես եմ. երբեք, երբեք պիտի չհամարձակիս ոչ իսկ բառ մը արտասանել»: Հակառակ անոր, որ կատարեալ հայհոյանք մըն էր կնոջ այս անյողդողդ ինքնավստահութիւնը եւ անվախութիւնը, Պետրոս չափազանց գոհ ու զուարթ ձեւացաւ: Հրաչին հետ քովի սենեակը անցան, մանուկը տեսնելու: Խիստ գեղեցիկ մանչուկ մըն էր ան եւ կը կոչուէր Ռընէ:

— Չէիր կրնար հայերէն անուն մը դնել, — ըսաւ Պետրոս` դժգոհութիւնը ալ չկրնալով ծածկել:

— Չ՚ըլլար, ճանըմ, — պատասխանեց միւսը, — Ռընէ, Սիւզանիս հօրը անունն է: Նայէ, այս վարագոյրները եւ մէջտեղի լամբարը ամբողջ ան նուիրեց, եթէ հիմա անունը փոխենք, շատ պաղ կը փախի…

Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ խիստ լաւ տանտիկին մըն էր եղած Սիւզան: Մաքուր, ճաշակաւոր, անթերի յարկաբաժին մըն էին կահաւորած: Հակառակ իր փափագին` Պետրոս չկրցաւ օձիքը ազատել: Մասնաւոր անկողին մը շտկեցին, ստիպելով, որ մինչեւ Թօննէռ մեկնիլը իրենց մնայ: Եւ այնքան երջանիկ էր Հրաչ, այնքան գոհ ու զուարթ Սիւզան, որ Պետրոս մեղկօրէն ինքզինքը մոռցաւ սահող օրերու ժպիտին մէջ: Ան նոյնիսկ մոռցաւ նախանձիլ:

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ հարսանեկան արարողութիւնը: Այդ օրուան պատահարներէն մէկը գոնէ արժանի է յիշատակութեան: Քաղաքապետարանէն ելլելէ վերջ, գացին Պիւտ-Շոմոնի պարտէզին դիմացի հանրածանօթ ճաշարանը: Խնջոյքի զուարճութիւններուն մէջ, երբ գլուխները պէտք եղածին չափ տաքցած էին, Հրաչ կանգնեցաւ սեղանին գլուխը, ձեռքի բաժակը լեցուն` եւ ըսաւ.

— Հիմա ձեզի պատմեմ, թէ ինչպէս ծանօթացայ Սիւզանիս: Գարնան կիրակի օր մը Սուրէնին հետ գացինք Փիէռին, որպէսզի զայն հետերնիս առնելով Սէն-Քլու պտոյտ մը ընենք: Միասին տարած էինք ուտելիքներ, բայց պարապը ելանք: Հակառակ բանալին վարը չըլլալուն, սենեակը մարդ չկար: Մենք ալ չուզեցինք հինգ յարկ վար իջնել եւ դուռին առջեւ նստելով սկսանք ուտել: Ճաշակեցինք, երգեցինք, կատակեցինք, մինչեւ որ դիմացէն ուրիշ դուռ մը բացուելով երեւցաւ… Սիւզան…

Ճաղատ, կախ բեղերով ու չափազանց գէր մարդ մը, որ Սիւզանին վարագոյրները նուիրող հայրն էր, մէկէն ծռեցաւ իր աղջկան պոռաց, մետասաներորդ ժամու խստութեամբ.

— Այդ պանդոկը դուն ինչ գործ ունէիր:

— Բայց, Բաբա, շատ լաւ գիտես, թէ անգլերէնի դաս կ՚առնէի…

— Օ, դաս, այո, անհրաժեշտ բան է:

Այն ատեն Պետրոսն է, որ իր գեղեցիկ ձայնը հնչեցուց.

— Եւ հիմա թոյլատրեցէք, որ ես ալ իմ կարգիս իմ կարճ պատմութիւնս ընեմ: Գարնան կիրակի կէսօր մը բարեկամուհիիս հետ սենեակս փակուած էի, երբոր Հրաչ ու Սուրէն ինծի եկան: Բնականաբար դուռը չբացինք եւ անոնք ստիպուեցան…

Ճիչերու, բացականչութիւններու, ծափերու ալէլուեա մը: Երբոր հանդարտութիւնը վերահաստատուեցաւ, Պետրոս աւելցուց.

— Որով կ՚առաջարկեմ, որ մեր բաժակները պարպենք…

Ամէն կողմէ սկսան պոռալ, «Երիտասարդութեան կենացը. հարսին կենացը. երկու ազգերուն կենացը, երջանկութեան կենացը…»: Պետրոս կը լռէր: Կարծես ան մէկէն վիրաւորուեցաւ այս չափազանցուած զուարթութենէն, հակառակ ոստում մը ըրաւ ինքն իր մէջ, կորսուող ժպիտը զինքը աւելի գեղեցկացուց եւ երիտասարդը արտասանեց, ակնարկը հեռաւոր տեսիլքի մը լոյսին.

— Ես այս գաւաթը կը խմեմ կենացը դժբախտ անձերու: Ես այս գաւաթը կը խմեմ կենացը անոնց, զորս մոռցեր էք այս պահուս. անոնց, որոնց համար մեծագոյն օր մը պիտի ըլլար այս օրը: Ես կը խմեմ եազմաջի Քրիսին եւ Աղաւնի հանըմին կենացը…

Շատեր ցած ձայնով իրարու հարցուցին «Ով են, ով են»:

— Հայրիկս… մայրիկս, — կակազեց Հրաչ մէկէն հեկեկալով, մինչ Սիւզան թաշկինակը կ՚երկարէր, անոր արցունքներն անգամ առնելու համար:

***

Գնաց ամէն կողմ, այցելեց ամէն ծանօթի, կարօտը առաւ մեծ մայրաքաղաքէն: Ամէն անգամ, որ սակայն քայլերը Պիյեանքուռի մօտեցան, աղիողորմ վախճան մը զինքը վանեց հեռու: Ինչ էր եղած «Լոխում». ինչ էր եղած անոր մայրը: Պետրոս ըսաւ ինքզինքին.

— «Միօրինակ ու անվախճան ցաւեր կան: Անոնք տկար են եւ կը տեւեն մեր կեանքին չափ: Պէտք է սաստկացնել զանոնք: Որովհետեւ երբոր սաստկանան, անկարող կ՚ըլլանք զանոնք կրելու, քանի որ վատ ենք, եւ կը մոռնանք»:

Խնտամեան պատմեց.

— Ոչ, ալ «Լոխում»էն բնաւ յոյս չկայ. արդէն օրէ օր կը ծիւրի: Իսկ մայրը. ան բնաւ մի հարցնէր: Առաջ մեր ճերմակեղէնները կը լուար, կարկտուքները կ՚ընէր, հիմա ատոր ալ անկարող է. աչքերը սկսան տկարանալ: Այո, անօթի չձգեցինք զինքը, կրցածնիս ըրինք, բայց վերջին ճիգ մըն ալ պէտք է կատարենք. ես հանգանակութիւն մը կազմակերպեցի, որպէսզի քիչ մը դրամ հաւաքելով` զինքը դարձնենք Պոլիս:

— Բայց, Աստուած իմ, — ըսաւ Պետրոս, — այս քահանան բնաւ դրամ ղրկելու կարողութիւն չունի: Եթէ այդքան խեղճ էր իր նիւթականը, ինչ բանի վստահելով ձգեց, որ այս կինը Փարիզ գայ:

— Ինչ, քահանայ մի: Չես գիտէր, որ կարգազուրկ ըրին զայն… այո, փիլոնազուրկ ըրին. դուն բնաւ թերթ չես կարդար. ահագին աղմուկ ելաւ Պոլսոյ մամուլին մէջ: Իբրեւ է թէ մեռելատուն մտնելով անտէր ննջեցեալի մը բերնէն ոսկի ակռաները գողցեր է… Այո, անշուշտ, պէտք է նկատի առնէին իր վիճակը. զաւակը յիմարանոցներուն մէջ է, կինը անօթի է, տասնոց չկա… այո, բայց փիլոնազուրկ ըրին… Տխուր, տխուր պատմութիւն:

***

Քանի մը օրէն հրապարակ կ՚ելլէր Սուրէնին առաջին հատորը: Մեծ, շատ մեծ երջանկութիւն մըն էր այս Պետրոսին համար: Նոյն ցեղին, նոյն սերունդին զաւակներն էին: Գրեթէ նոյն կեանքն էին ապրած. նոյն յոյսերը, հիասթափութիւններն ու ցաւերը կազմած էին զիրենք: Պետրոսին այնպէս կը թուէր, թէ Սուրէնին բերնով ինք է, որ պիտի խօսէր: Ինչեր, ինչեր չկային ըսելիք. Սուրէն արդեօք որքան լաւ պիտի պատկերացնէր Փարիզ նետուած հայ տղոց կեանքը: Ահա այս մեծ հրճուանքով է, որ գնաց իր ընկերոջ: Կ՚ուզէր մանաւանդ խօսիլ, խօսիլ անոր, բաց սրտով: Նոյնպէս բաց սրտով Սուրէն զինքը ընդունեց: Բայց երբ դարակէն հանելով գրքին վերջին փորձերը դրաւ իր առջեւ…

Գիրքը պիտի հրատարակուէր ֆրանսերէն:

Իրենց խօսքը բնաւ չկար:

Սուրէն դիւրաւ ըմբռնեց Պետրոսի լռութիւնը եւ ըսաւ.

— Ամէն գրագէտ սնապարծ է եւ յաւակնոտ: Միայն թէ ամէն գրագէտ չի խոստովանիր: Իսկ ես կ՚ըսեմ բարձրաձայն, որովհետեւ մտածումս թերակար չունի: Ես ուժ մըն եմ — գոնէ այդ հաւատքը ունիմ — ուժ մը, որ կ՚ուզէ գործել: Մեր մէջ գետին չկայ. շարժում չկայ. գործունէութեան դաշտ չկայ: Պատճառները զիս չեն հետաքրքրէր: Ես կամ, եւ միայն ես: Պէտք է, որ ապրիմ եւ երիտասարդի աւիւնս արժեցնեմ: Յոյսերով կարելի չէ զիս օրօրել, տեսայ ինձմէ առաջ եկող Հայերը, որոնք միշտ սպասեցին լաւագոյն օրերու եւ այդ յոյսով ծերացան: Իմ արուեստս չուզէր սպասել ոչ մէկ վաղորդայնի: Չեմ ուզէր ամբաստանել հայը, բայց ան ալ զիս ամբաստանելու իրաւունք չունի: Կ՚ուզեմ խօսիլ, եւ բնական է, որ խօսքս ուղղեմ անոնց, որոնք լսելու ատեն եւ փափագ ունին: Հայը ոչ մէկն ունի, ոչ միւսը: Իսկ դուն, սիրելի Պետրոս-Փիէռ, դուն եւ քեզիպէսները իմ ըսածներս պիտի հասկնաք: Այդ կը բաւէ ինծի:

— Այո, — ըսաւ Պետրոս, — իրաւունք ունիս. միայն թէ կը մոռնաս, որ «կարօտ» բառին ֆրանսերէնը չկայ… «կարօտ»ը չկայ…

— Ճիշտ է, գիտեմ, այդ բառին համարժէքը ֆրանսերէն լեզուին մէջ գոյութիւն չունի: Բայց բառ մը պակաս է եղեր. ինչ կ՚արժէ…

Պետրոս սկսաւ սանդուխները իջնել ծանր քայլերով, գլխարկը ձեռքին մէջ ճօճանակ` եւ մինչեւ կորսուիլը ըսաւ.

— Գրածներդ ոչ մէկ Հայու կրնան խօսիլ, որքան ատեն, որ անոնց մէջ «կարօտ» բառը չկայ… Այո, մի խնդար, որովհետեւ միայն այդ չէ, որ թերի է. դուն արդէն գիտես, բայց թող որ յիշեցնեմ, թէ ֆրանսերէնը գոյութիւն չունի նաեւ «մայր» բառին, «հայ» բառին, «աքսոր» բառին… ֆրանսերէնը չկայ մեր «գաղթական»ին, մեր «որբ»ին…


3
Բացիկ մը միայն ղրկած էր Նէնէթին, իր ուշանալուն պատճառները բացատրելով: Այլեւս պիտի վերադառնար Թօննէռ, քանի որ ութ օրէ ի վեր Փարիզ անցուցած այս արձակուրդը բաւական կը նկատէր: Այդ առաւօտ, ըստ սովորութեան, Հրաչ կանուխ մը գործատեղի մեկնեցաւ: Հազիւ թէ դուռը գոցուած էր իր ետեւէն, երբ վազելով կրկին սանդուխները բարձրացաւ եւ վերմակը բանալով նամակ մը երկարեց իր ընկերոջ: Նամակը Թօննէռէն կու գար: Պետրոս ցցուեցաւ անկողնին մէջ ու կարդաց.

«Մէօսիէօ Փիէռ,

Երբ այս նամակս ստանաք, անմիջապէս վերադարձէք Թօննէռ: Կ՚աղաչեմ, շուտով տուն եկէք: Տիկինը լաւ չէ: Տիկինին վիճակը շատ գէշ է: Ոչ, մի վախնաք, հիւանդ չէ, բան մը չունի, բայց շատ դժբախտ է: Իմ աչքէս չի վրիպիր: Ձեր մեկնելէն ի վեր բոլորովին փոխուած է. անկողինէս կը լսեմ, որ գիշերը երկար ժամեր կը քալէ, յէտոյ կը խօսի բարձրաձայն: Այդ շատ գէշ նշան է: Քանի մը անգամներ լալը տեսայ. լաւ բան չէ. պէտք չէ ձգենք, որ լայ: Հետս գրեթէ բնաւ չի խօսիր, բայց ես չեմ նեղանար. կ՚ըմբռնեմ պատճառները: Առջի օր միայն ըսաւ, թէ պիտի մեկնինք. ուր պիտի մեկնինք, դուք տեղեակ էք: Երէկ առտու տեսայ, օր դեռ արեւը չծագած` պարտէզ ելաւ. շատ վախցայ եւ ետեւէն գացի. բայց կ՚աղաչեմ, դուք մի վախնաք: Չէի ուզեր այս բաները գրել բայց կը յիշէք, որ մեկնած ատեննիդ տան պահպանութիւնը ինծի յանձնեցիք. խնդրեցիք որ հսկեմ ամէն բանի. ես պարտականութեանս մէջ չեմ թերանար: Այսօր Տիկինը ժամերով գրեց. յետոյ կանչեց զիս ու նամակ մը տուաւ, որպէսզի ձեզի ղրկեմ: Հազիւ թէ գլխարկս դրած էի, երբ նամակը ձեռքէս ուժով մը խլեց ու պատռեց. յետոյ սկսաւ լալ սարսափելիօրէն: Ես նամակին կտորները հաւաքեցի: Եւ թէեւ ակնոցս քովս չըլլալուն չկրցայ ամբողջութեամբ կարդալ, բայց տեսնելով որ կարեւոր բան մըն է եւ վրան ալ հասցէն կայ, ահաւասիկ անմիջապէս կը ղրկեմ ձեզի: Կ՚աղաչեմ, մի ուշանաք, շուտ եկէք. 7. 30-ին եւ 10-ին շոգեկառք կայ Փարիզէն:

Միշտ ձեզի հաւատարիմ`
Կոստան Լըվռօ»

Փիէռ պատռուած նամակին կտորները քով քովի դրաւ եւ կարդաց.

«Սիրական Փիէռռօս,

Ոչ, միտքէս իսկ չեմ ուզէր անցընել, թէ ըրածդ պատրուակ մըն է զիս վերջապէս լքելու: Գիտեմ, թէ պիտի վերադառնաս Թօննէռ: Բայց անմիջապէս ըսեմ որ երբ գաս, տունը պարապ պիտի գտնես. քու ժամանումէդ առաջ ես մեկնած պիտի ըլլամ: Ներէ ինծի, ներէ ինծի, իմ աղուոր Փիէռռօս, որ անգամ մը եւս քու սիրտդ կ՚արիւնեմ, կը տառապեցնեմ քեզ, անգամ մը եւս քու սիրոյդ փոխարէն միայն վիշտ կու տամ: Մի անիծէր զիս, Փիէռռօս, մի անիծէր. արդէն շատ դժբախտ եմ եւ չարութեամբ չէ, որ կը փախչիմ քեզմէ: Որովհետեւ իմ հեռացումովս կ՚ուզեմ ապացոյցը տալ քեզի հանդէպ ունեցած սիրոյս. որովհետեւ կ՚ուզեմ, որ գիտնաս, թէ միայն քեզ երջանիկ ընելու յոյսով է որ կեանքս կը բաժնեմ քուկինէդ: Որովհետեւ, հաւատա, Փիէռռօ, ամբողջ հոգիովս ներողութիւն կը խնդրեմ քեզմէ, գործած սխալիս համար: Ես գիտեմ, թէ սխալ շարժեցայ. ինծի պատահած մեծ դժբախտութիւնէն վերջ պէտք չէր, որ քեզի վերադառնայի, մահուընէ փախչելով վատօրէն: Բայց, ինչ ընեմ, ինչ կրնայի ընել, գիտես, թէ առանձին էի եւ զիս անկեղծօրէն մեղքնալու համար իսկ մէկը չկար շուրջս: Ինչպէս պիտի ապրէի անդամահատուած. մեղք եմ, Փիէռռօ, իրաւ որ խղճալի եմ. վիճակս սարսափելի էր եւ կ՚ուզէի մեռնիլ։ Միայն դուն կայիր, միայն դուն, որուն անկեղծութեանը, հոգիի մաքրութեանը վրայ չէի տարակուսած երբեք, գիտէի նաեւ, թէ անկարող էիր զիս մոռնալու: Որով, եկայ: Պէտք չէր, որ գայի, բայց եկայ, մահուընէ փախչելով վատօրէն: Թերեւս կարելի էր կեանքս վերսկսիլ մէկու մը հետ, որ զիս անցեալիս մէջ չէ ճանչցած, որուն աչքերուն առջեւ աւելի կատարեալ կնոջ մը պատկերը չպիտի գայ միշտ: Բայց քեզի հետ… Մի անիծէր զիս, Փիէռռօս, տկարութեանս մէջ վախցայ ես մահէն: Հաւատա, որ ամբողջ հոգիովս կը սիրեմ քեզի եւ պիտի սիրեմ ալ միշտ, որովհետեւ բարի եղար եւ կարելիդ ըրիր զիս երջանիկ ընելու: Յանցանքը քուկդ չէ երբեք, եթէ երջանիկ չեղանք. կը զգամ քու վիճակդ եւ կ՚ըմբռնեմ, թէ իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու: Վերջապէս դուն ալ մահկանացու մըն ես, պարզ հոգի մը, եւ բնական է, որ իմ վիճակս քու ներքին պայծառութիւնդ մթագնէ: Իսկ ես, ես դժբախտ եղայ նախ անոր համար, որ վարժուած էի փայփայուելու, սիրուելու, գուրգուրանքի առարկայ մը դառնալու: Դուն զիս տարբեր սիրով սիրեցիր, դուն զիս շատ սիրեցիր, եւ հիմա…: Դժբախտ եղայ նաեւ անոր համար, որ տեսայ քու ալ դժգոհութիւնդ: Դուն դեռ շատ երիտասարդ ես, ամբողջ կեանք մը ունիս առջիդ. չեմ ուզէր զայն թունաւորել: Երջանիկ եղիր դուն, Փիէռռօս, կ՚ուզեմ, որ երջանիկ ըլլաս. արժանի ես: Ձգէ, որ ես մեկնիմ. մի տառապիր, բայց մանաւանդ մի փնտրեր զիս, ձգէ, որ ես մեկնիմ: Անկարելի է, որ մեզ գտնես, եւ ես անկարելի է, որ այս կեանքը վերսկսիմ: Անհոգ եղիր, բան մը չպիտի պատահի ինծի, պիտի ապրիմ քաշուած, քու անջնջելի յիշատակիդ հետ եւ իմ միակ մխիթարութիւնս պիտի ըլլայ Պիպիս: Այլեւս միայն անոր համար կ՚ուզեմ ապրիլ, միմիայն անոր համար: Ամբողջ սէրս, գուրգուրանքս պիտի տամ անոր եւ վստահ եմ, թէ օր մը, վերջապէս, պիտի սիրէ զիս, պիտի անդրադառնայ վիճակիս եւ պիտի գթայ իր դժբախտ մօրը:

«Դժբախտ եմ, չէ, Փիէռռօ… շատ, շատ դժբախտ եմ. ինչեր պիտի ուզէի գրել քեզ, բայց չեմ կրնար: Քանի անգամներ այս էջը պատռեցի: Չէի ուզէր գրել, բայց ստիպուած եմ: Անհոգ եղիր, ես ամէն բան կարգադրելով պիտի մեկնիմ. թուղթերը պիտի գտնես սեղանին վրայ: Միայն զիս է, որ պիտի չգտնես, իմ աղուոր, իմ բարի Փիէռռօս: Ոչ, հրաժեշտի բառ մը չեմ ուզէր գրել. ոչինչ, ոչինչ: Պէտք չէ, որ յուզուիմ եւ տկար ուժերս կորցնեմ: Միայն թէ, Փիէռռօս, հիմա որ քեզի կը համբուրեմ այսպէս, այսպէս, վերջին անգամ մը գոնէ կրկնէ հոգիէդ. — Nenette, Nenette chérie…»

Առաւօտեան 8ն էր. կէսօրէ վերջ ժամը մէկին միայն երիտասարդը կրնար հասնիլ Թօննէռ: Մինչեւ այդ` հինգ ժամ, հինգ տարի:

………………………………………………………………

Եւ երբեմն ան կը մեկնի, հրթիռի մը պէս: Խլացուցիչ պայթումով մը մթնոլորտը կը պատռէ եւ իր լուսեղէն սիւնը կը սլանայ վեր, ուղղաձիգ, շաչելով, ֆշշալով, սուլելով: Կը բարձրանայ ու յանկարծ կանգ կառնէ, կարծես անտեսանելի երախի մը մթութեանը մէջ կորսուած:

Այսպէս է, որ պոռաց Փիէռին վիշտը: Այսպէս է, որ պոռաց սէր մը, անսահման սէր մը, որուն ուժգնութեանը բնաւ չէր անդրադարձած Փիէռ եւ, որ գացած էր թմրիլ, թաղուիլ առօրեայ կեանքին սովորականութեանը մէջ: Եւ սովորական, եւ հասարակ, եւ ռամիկ մահկանացուի մը վիշտը ապրեցաւ ան, շաչելով, ֆշշալով, սուլելով: Նախ բնաւ չուզէց հաւատալ. կարծեց, թէ Նէնէթ կը ստէ պարզապէս, թէ կ՚ուզէ քանի մը օր պահուըտիլ իր սէրը փորձելու համար, թէ կ՚ուզէ վստահ ըլլալ իր զգացումներուն անկեղծութեան, բայց երբեք, երբեք ուժ չպիտի ունենայ զինքը լքելու: Յետոյ սակայն խոստովանեցաւ, որ ինքզինքը խաբելու համար միայն այսպէս կը խորհի, քանի որ գիտէ, թէ Նէնէթ անկարող է այդ լոյսին տակ խաղ մը բեմադրելու: Ինչպէս ծիսակատարները այն միւս աղանդին, որոնք իրենց մարմինը կը հարուածեն, կը չարչրկեն, կ՚արիւնեն, Փիէռ իր ամէն մէկ մտածումով, ամէն մէկ անդրադարձումով արիւնեցաւ:

— «Այո, — կ՚ըսէր ան. — ես եմ, եւ միայն ես եմ յանցաւորը: Իմ հպարտութիւնս զիս սպանեց, իմ անտարբերութիւնս Նէնէթս առաւ ինձմէ: Կեանքին նայեցայ իմ նեղ պատուհանէս. զիս շրջապատող անձերուն եւ դէպքերուն նայեցայ իմ սեղմ անկիւնէս. չելայ անձէս դուրս` մտնելու համար Նէնէթին մէջ: Ան դժբախտ մըն է, որ կը մաքառէր կեանքին հետ, իր կորսուող երջանկութեան հետ, եւ ես պէտք էր, որ զինքը ընկղմէի անչափ գորովի մը մէջ, զայն ծածկէի նոյնիսկ չափազանցուած սիրոյ մը բեռով: Իմ սէրս պէտք էր կատարեալ ըլլար, սփոփարար դառնալու համար: Եւ փոխանակ ատոր` մնացի ընդարմացած, մնացի անտարբեր, մնացի կրաւորական:

«Պէտք չէր լռէի, որովհետեւ ոչ ոք այնքան հակամէտ է լռութիւնը թարգմանելու, որքան թերահաւատ մը: Ես այդ վատուժ թերահաւատին իմ աջակցութիւնս զլացայ, որովհետեւ ոչ գիտէի մոռնալ ինչ որ կարօտ էր մոռացումի, եւ ոչ ալ յիշել ինչ որ արժանի էր յիշողութեան: Նէնէթը այլեւս իմս էր. ամբողջութեամբ, էութեամբ իմ գերիս էր, ալ երբեք վախը չունէի զայն կորսնցնելու, եւ այս ապահովութիւնը փոխանակ ինձ կրկնակի թեւեր տալու, զիս նետեց պժգալի անտարբերութեան մէջ: «Իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու»: Բայց ինչու, ինչու, Նէնէթ, ունէիր իրաւունքը ինձմէ աւելին պահանջելու, քանի որ ես յեղյեղուկ մը չեմ, ես զոհը չեմ անանուն զգացումներու, գիտեմ, թէ ինչ է ուզածս, գիտեմ, թէ ինչ է այն ճամբան, որ… վերջապէս կը սիրեմ քեզ, եւ սիրտս պարտական էր… ինչու հետդ չկռուեցայ մեր սէրը շրջապատող ծիծաղելիօրէն ճղճիմ արգելքներուն դէմ: Իրաւունքը չունիս ինձմէ աւելին պահանջելու, որովհետեւ պարզ մահկանացու մըն եմ ես, խեղճ, սովորական մէկը, որ խոտի պէս կ՚ապրի ու անկարող է բացառիկ կեցուածք մը ունենալու. ըսել է այդքան հասարակ մէկն եմ ես, այնքան գաճաճ հոգի մըն եմ… ես… ես…

Այս «ես»երը կրկնած ատեն կարծես իր մորթին վրայ կարդալու համար իր փոքրոգութիւնը` Փիէռ ակնարկը հաւաքեց, խոնարհեցուց եւ ուշով նայեցաւ ձեռքերուն, մարմնին, ուսերուն։ Յետոյ նայեցաւ շուրջը, գիտակցութիւնը պտտցուց իրականութեան մէջ, կարծես հասկնալու համար, թէ արդեօք ուրիշներն ալ իր կուզերը կը նշմարեն: Gare de Lyon էր, երրորդ կարգի վագոնի մը մէջ: Փիէռ սոսկումով անդրադարձաւ, որ ամէնուն ուշադրութեան առարկան էր դարձած. ծեր կին մը իրեն կը նայէր ակնոցներու վրայէն, ուրիշ մը` թերթի մը մէկ անկիւնէն, պատկառելի մօրուսաւորի մը աչքերուն մէջ կարծես կարեկցութիւն կար, իսկ պզտիկ աղջնակ մը` կենդանային հետաքրքրութեամբ գլուխը կը մօտեցնէր: Երիտասարդը անմիջապէս ելաւ տեղէն ու գնաց պատսպարուիլ առաջին կարգի առանձնութեանը մէջ: Ինչ էր եղած. աչքերը ինչ արտայայտութիւն ունէին. դիմագիծը ինչ կրնար ըսել: Փախչիլ, վազել, սուրալ, պլլուիլ երկու բազուկներով, ամբողջ մարմնով, եւ ճկիլ, եւ պոռալ…

Դանդաղօրէն, դանդաղօրէն շոգեկառքը սկսաւ շարժիլ:

Կը սկսէր մեծ ճամփորդութիւն մը:

Կը սկսէր այն միակ ճամփորդութիւնը, որ արժանի է «մեծ» տիտղոսին, որովհետեւ այդ յառաջխաղացումին նպատակակէտը հեռու է մարդոցմէ անհունօրէն, անսահմանօրէն, որովհետեւ այդ նպատակակէտը մօտիկ է մարդոց, ինչպէս ոչ մէկ բան կեանքի մէջ:

Թելը կտրուեցաւ: Երիտասարդին խորհրդածութիւններով շարքը կասեցաւ յանկարծ: Վիշտին սովորական աղմուկը լռեց, բարձրացող աւելի մեծ ձայնով մը խափանուած: Տղան ինքզինքը գտաւ առանձին, միս մինակ, օդին, պարապին, անեզրութեան մէջ:

Ամէն կին, երբոր մայրանայ, կը բարձրանայ հողէն, կ՚ելլէ վեր, շատ վեր ու զաւակը կը ծնանի տեսողութիւններէ հեռու: Այդ պատճառաւ է, որ կ՚ըսեն. — աշխարհ եկաւ: Որովհետեւ մարդիկ կու գան վերէն վար, մարդիկ կ՚իյնան բարձունքէ մը դէպի հողը, անյեղլի օրէնքի մը հպատակելով:

Այդ սրընթաց արշաւին մէջ շատեր կը մնան անբանացած, անգիտակից, անկարող` տեսնելու, դիտելու, անդրադառնալու. հողին քաշողութենէն տարուած եւ դիմադրելու ուժէն զուրկ` կ՚իյնան թաւալգլոր, իրենք անդամներն ու զգայարանքները սանձելու անընդունակ, եւ նշմարուած խաբուսիկ պատկերները կը մնան անճիշդ, մակերեսային, առարկայական: Այս անձերը երբոր հասնին երկիր, միայն հողակոյտ մը կրնան կազմել:

Կան սակայն ուրիշներ, որոնք կը նմանին օդանաւորդներու: Անոնք ալ ունին իրենց անկումի պարտադիր շրջանը: Պէտք է որ բաւական մը ժամանակ թաւալին իրենց բնազդէն, իրենց կիրքերէն, իրենց զգայարանքներէն քաշուած: Արդար է, որ գոնէ ատեն մը միայն բնութիւնը ըլլայ զիրենք վարող: Բայց ահա որ թաւալող օրերուն մէջ իր փրկարար տառապանքը կը բերէ դէպք մը, երբեմն աննշմարելի ըլլալու չափ պզտիկ, երբեմն ալ ահեղ, բայց միշտ ճակատագրական դէպք մը: Ստեղծուած ցաւը կ՚ըլլայ յենակէտ, լծակը կը կազմուի, եւ այս ճամփորդէն, ինչպէս օդանաւորդէ մը, անկարգելը կը մեկնի: Անկարգելը կը մեկնի վեր, կը բարձրանայ, կը տարածուի, կ՚ուռի: Անկէ կախուած էակը պիտի ցնցուի իր ֆիզիքական մարմնին ամենայետին մասնիկներուն մէջն իսկ, բայց պիտի կազմուի երկրորդ մարմինը: Ճամբորդը ինքզինքը պիտի գտնէ իրեն բոլորովին անծանօթ բարձրութեան մը մէջ, պիտի հաւասարակշռուի եւ իր ակնարկը այս անգամ պիտի տարածուի հաստատ, խաղաղ, թափանցող:

Անշուշտ այս մէկն ալ պիտի երթայ հողին, ինչպէս ամէն բան կ՚երթայ իր ճակատագրին. բայց այս անգամ ան պիտի երթայ հեշտութեամբ, քաղցրութեամբ, հրճուանքով,, գիտակիg իր ճանապարհին, գիտակիg իր նպատակակէտին:

— «Մեր մէջ իմացական անհատը եւ ֆիզիքական մարմինը կեցած են դէմ դէմի եւ կը կռուին: Երկուքն ալ ունին իրենց հրամայող ուժերը եւ անյեղլի օրէնքները: Այդ կռիւն է, որ պիտի արձանագրէ ճակատագիրը մարդոց, եւ այդ պայքարին վախճանն է, որ անհատները պիտի ձգէ կամ բարձրացնէ: Կրնանք բարեկամական կամ սիրոյ կապերով միանալ ուրիշներու, բայց մէկ ենք մենք մեր անձին հետ: Եթէ այդ միութիւնը կը կրենք անգիտակցութեամբ, մեր մտածումները կու գան բնութենէն, միսին, այսինքն զգայարանքներուն միջոցաւ: Այս պարագային երբեք չենք կրնար տէրը նկատուիլ կեանքին, քանի որ կը գործենք բնազդով, կը գոհանանք ներկայ ժամուն պատճառած հաճոյքով, կը ձգտինք օրուան ըղձանքին, կ՚աշխատինք նշմարելի նպատակին: Պէտք է, որ բնութեան ուժերուն, որոնց տիրապետութեան արդիւնքը ինքնալքում, մեղկացում, անասնացում է, հակազդուի իմացական անհատը: Պէտք է, որ պայքարը սկսի այս երկու ուժերուն միջեւ, որովհետեւ ան սահմանուած է մեր ճշմարիտ էութիւնը մէջտեղ հանելու, մեր մէջ մրափող իսկական անձը մեզ ծանօթացնելու: Պէտք է, որ ըլլանք ինչ որ ենք:

«Բազմաթիւ պահանջներ մեզ կը կապտեն, կ՚անշարժացնեն, կը գերեն: Բայց այդ պահանջներէն ոչ մէկը, ոչ իսկ բոլորը խմբովին, ըլլան անոնք բարոյական, տրամաբանական թէ ֆիզիքական պահանջներ, ուժը չպիտի ունենան մեր վրայ վերջապէս տիրապետելու, եթէ մենք մեր եսասիրութեամբը ընդառաջ չերթանք անոնց: Մեր եսասիրութիւնն է, որ զանոնք կ՚օգտագործէ եւ դիւրին համակերպութեամբ մը կը յանձնուի անոնց տիրապետութեան, քանի որ հեշտ է ինքն իր մէջ փակուած մնալ ու լքուիլ հոսանքի մը քմահաճոյքներուն: Եւ քմահաճոյքները դիպուածին, եւ քմահաճոյքները պատահարներուն, մեզ կը նետեն խարակէ խարակ, ու կը տառապինք:

«Այս պարագային է, որ իրապէս ըմբռնելի կը դառնայ ճշմարտութիւնը սա խօսքին— «Մարդիկ չեն տառապիր, այլ իրենք զիրենք կը տառապեցնեն»: Իրենց անձը կը տառապեցնեն, որովհետեւ չեն գիտէր, թէ հակազդելու համար պէտք է տեսնել, վայելելու համար` պէտք է ճանչնալ, եւ տիրանալու համար` պէտք է տալ:

«Մասնակի դէպքի մը հակազդելու համար պէտք է, որ բարձրացուցած ըլլանք մեր ակնարկը, պէտք է, որ զայն քննենք ոչ թէ առանձին, այլ անոր ծնունդ տուող բոլոր պատճառներուն հետ, այսինքն նախ մեր անձին հետ: Որովհետեւ մեզի պատահածներուն մեծագոյն մասը մենք է, որ կը պատրաստենք, մեր բացայայտ թէ անանուն ըղձանքներն են, որ զայն կը կանչեն, եւ դէպքը կ՚ըլլայ այնպէս, ինչպէս որ մենք ենք: Ան կ՚ունենայ մեր բնութիւնը, կ՚ունենայ մեր մտածումներուն ընդարձակութիւնը եւ մեր հոգիին գոյնը:

«Վայելելու համար պէտք է ճանչնալ, պէտք է ճանչնալ ոչ թէ վայելքները, այլ նորէն մեր անձը: Մարդ էակը կարող է ոչ միայն իրարմէ զանազանել մարմին մը տգեղէն, բարի արարք մը չարէն, այլ նաեւ բնութիւնը ունի երեւակայելու բարին, գեղեցիկը, ազնուականը: Եւ բնականաբար, երբ կ՚ուզէ գոհացում տալ իր ըղձանքներուն, լաւագոյնին է, որ կը ձգտի, առանց գիտնալու, թէ գեղեցիկ հոգի մը վայելելու համար պէտք է գեղեցկացած ըլլալ, ազնուական կեանք մը գնահատելու համար` պէտք է նոյն բարձունքին հասած ըլլալ, եւ նոյն բարձունքին հասնելու համար պէտք է ճանչնալ ինքզինքը:

«Տիրանալու համար` պէտք է տալ: Կ՚ուզենք սիրուիլ բարձրագոյն սիրով մը, կ՚ուզենք ունենալ անձնուէր եւ անշահախնդիր բարեկամներ, կ՚ուզենք, որ օրերը մեզ բարիք բերեն եւ ձախորդութեան առջեւ ճակատագիըը միայն կ՚անիծենք: Իրականին մէջ մենք է, որ չենք գիտէր բարձրագոյն սիրով մը սիրել, անձնուէր եւ անշահախնդիր բարեկամ ըլլալ ու օրերուն բարութեանը ժպտիլ: Մեծագոյն ճշմարտութիւնը, գերագոյն իրողութիւնը մեր անձն է. ամէն ինչ անկէ է, որ կը սկսի: Նախ մենք պէտք է, որ ընդառաջ երթանք ամէն բանի, նախ մենք պէտք է տանք, բայց տալու համար անհրաժեշտ է, որ տէրը ըլլանք մեր հոգիին:

«Տերը ըլլալ հոգիին, պատռել միսը, ճեղքել նեղ պատեանը, մարմինը գերանցնիլ, ֆիզիքականին գործունէութեան դաշտը անդրանցնիլ, բարձրանալ վեր, վեր, որպէսզի մեր ակնարկը ըլլայ լայն, ընդարձակ, վճիտ, եւ որպէսզի դեռ ան ըլլայ երջանիկ, խայտացող, հրճուանքով լի:

«Ճշմարիտ հրճուանքով լի՝ քանի որ այս բարձունքին մէջ միայն կրնայ գիտակից հրճուանքր կազմուիլ, կրնայ ըլլալ տեւական, աննկուն ու բեղուն: Կենսատու հեղուկի մը պէս ան կը ծորի, իր բարձունքէն առատութեամբ կը տեղայ մեր մարմնին, մեզ կը պարուրէ, կը համակէ, կ՚ընկղմէ իր մէջ, եւ իրմով կը լեցուին մեր օրերը, արարքները, մտածումները: Մտածում. անոր անսխալականութեանը պէտք չունինք բնաւ այս բարձունքին հասնելու համար: Մեզ անհրաժեշտ չեն երբեք յստակ ու որոշ մտածումներ, բեռ գիտութիւններու: Կը բաւէ, որ զգանք, ապրինք փրկութիւնը, նետուինք մեր պատեանէն դուրս, մենք մեզ յանձնենք բարձրացումին, եւ ականջ տանք երաժշտութեան, որ կը սկսի:

«Որովհետեւ հոս է, որ մեր ձայնը կը լսենք: Հոս է, որ կը սկսի ներքին նուագը, rythmeը թրթռացումը: Ան մերն է, միմիայն մերը եւ միակը աշխարհի վրայ: Կը բաւէ, որ մեր քայլերը հպատակին այդ չափականութեան, կը բաւէ, որ մեր զգացումները պատշաճեցնենք այդ կշռոյթին, կը բաւէ, որ մեր իմացականութիւնը յառաջանայ համաչափ ու անվախճան մեղեդիին հետ, եւ մենք մեր մտերմութեանը մէջ հասած ըլլանք երջանիկ խաղաղութեան մը, ու պիտի յաղթենք կռուելէ առաջ, լսելի պիտի ըլլանք` խօսելէ առաջ եւ պիտի գեղեցկանանք սիրահարուելէ առաջ:

«Երակ մը մեր կեանքին յաջորդական փուլերը պիտի կտրէ անցնի, ու մեր բոլոր ապրումները օղակներու շղթայ մը պիտի ձեւացնենք նոյն ուղղութեամբ առաջնորդուած: Մինչ կ՚ապրէինք անհոգ կեանք մը, մեր երջանկութիւնը փշրանքներու էր վերածուած օրերու բազմութեան մէջ, եւ մեր առօրեայ նպատակները իդէալի մը պատառներուն կը նմանէին, այժմ գոյութեան միութիւնը կազմուելով, ոչ միայն անհամեմատօրէն պիտի մեծնայ մեր ապրումը, մեր երջանկութիւնը եւ մեր իդէալը, ոչ միայն պիտի յառաջանանք լուսաւորուած ուղիէ մը հաստատ քայլերով, այլ եւ ապրելով պիտի ապրեցնենք ուրիշն ալ, բարձրանալով մեր հետ պիտի քաշենք մեր շուրջինն ալ:

«Այդ բարձունքին՝ ոչ մէկ սիրուհի պիտի կարենայ զինքը սիրողին ըսել. «իրաւունքը չունիմ քեզմէ աւելին պահանջելու»: Այո, չենք պահանջէր, երբ գիտենք, թէ ստանալու կարելիութիւն չկայ, ինչպէս որ շատ անգամ հարցում կ՚ուղղենք, երբ պատասխանը արդէն ծանօթ է մեզի, եւ կամ թէ ականջ կու տանք, երբ արդէն ձայնը կը լսուի: Բայց ան, որ հոգիի կատարեալ գեղեցկութեան մէջ է, ան սէրը պիտի գործածէ, եւ ոչ թէ օգտագործէ. անոր համար սիրելի էակը հայելի մը պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ իր զգայարանքները, հպարտութիւնը, անձնասիրութիւնը շրջանակող զարդ մը: Սիրելի էակը պիտի մնայ միշտ նոյն Նէնէթը, ամէն բանէ վեր, այնպէս, ինչպէս որ էր առաջ, եւ այնպէս, ինչպէս որ պիտի ըլլայ վաղը: Այո, Նէնէթ, պիտի տեսնես, թէ քու Փիէռռօդ ինչպէս իր ամբողջ հոգիովը, իր ամբողջ ամբողջութեամբը պիտի…»

Փիէռ անգամ մը եւս իր մտածումը կոտրեց: Ամէն մէկ խորհրդածութենէ վերջ, երիտասարդը կը թաւալէր նոյն զառիթափին վրայ, կը գերուէր իր մտալլկումէն, ինքզինքը կը գտնէր Նէնէթին առջեւ: Եւ երբոր խօսքը անոր ուղղելով կը տեսնէր, թէ կը կորսուի յուզումին մէջ եւ ժամանակը անսահմանօրէն կ՚երկարի, կը վերադառնար վերաgեալին, կրկնելով սա տեսակ նախադասութիւն մը. — «Ընկերութիւնը կը կերտուի մեզմով, եւ այդ կառուցումը կը սկսի մեր մէջէն: Որպէսզի կարենանք ազդել աշխարհի եւ որպէսզի այդ ներգործումին արդիւնքը դրական ըլլայ, պէտք է որ…»

Փիէռ շատ հեռու էր ծանօթ վարդապետութիւն մը ընդգրկելէ: Ինք արդէն չէր խորհեր իսկ վարդապետութեան մը վրայ. մտածումները բնականաբար չունէին շարայարութիւն, մեծ մասը րոպէի տրամադրութեան արդիւնք էր, եւ գրեթէ միշտ սկսուած նախադասութիւն մը կը մնար կիսատ, հակասութեան մը պատճառաւ կամ ի չգոյէ բառի: Բայց ինչ փոյթ, կը բաւէ, որ ինք կ՚ապրէր զարթում մը, համբարձում մը եւ հոգիին ամենէն խորունկէն կը պոռար, որ պահը անցաւոր չէ, այլ նախադուռը վաղուան կեանքին: Մտածումներ տարտամ, աղօտ, լոյծ, մտածումներ երկար ատենէ ի վեր իր մէջ համախռնուած, կուտակուած, որոնց շատերուն ձեւ չէր տուած երբեք, որովհետեւ զինքը տառապեցուցած էին, ահա ատոնք բոլորը կու գային զինքը բարձրացնել հանգրուանի մը:

Պետրոս շփոթեցաւ շատ անգամ, անոնցմէ շատերը չուզեց խորացնել եւ կառչեցաւ քանի մը նախադասութիւններու: «Սիրել եւ տառապիլ գիտնալ-չտարուիլ առօրեայ ճղճիմ պատահարներէ-ինքնագիտակցիլ եւ մնալ գլուխներէ բարձր»: Այս անգամ պարզ խօսքերը իրեն անսահման կը թուէին եւ չափազանց կը զարմանար, թէ ինչպէս զանոնք մինչեւ այս օրը չէր ապրած, հասկնալ կարծելով հանդերձ:

Վագոնին պատուհաններէն դուրս կէսօրը կը տարածուէր դաշտերու, մարգագետիններու, առուակներու վրայ: Եղեւնիներու խուրձ մը, սարահարթներ, քանի մը զանգակատուն: Ակօսի մը վրայ հակած պարտիզպան մը, գիւղ մը անդին ոտքի ելաւ, յետոյ գլխարկը փոխեց ու կնոջ հագուստ հագաւ: Իր կովը, որ նախապէս սպիտակ էր, ագարակ մը անդին սեւցաւ եւ անմիջապէս ձագ մը ունեցաւ: «Ընկերութիւնը կը կերտուի մեզմով, եւ այդ կառուցումը կը սկսի մեր մէջէն»: Տես, այսօր բարտիները տողանցք ունին, կարմիր կղմինտրները տանիք ունին, Ֆրանսայի ամպերը երկինք ունին, տես:

«Ընկերութիւնը կը կերտուի»ն այլեւս իր զօրութիւնը կորսնցուց, եւ Փիէռ տեղի տալով այն մեծ ալիքին, որ կ՚ուռեր իր մէջ, արտասանեց.



«Ընկալ քաղցրութեամբ, տէր Աստուած հզօր…»:

Կեցաւ, սրբագրեց եւ սկսաւ աղօթել.

«Ընկալ քաղցրութեամբ Նէնէթդ իմ հզօր՝ զդառնացողիս զաղաչանս. մատիր գթութեամբ առ պատկառեալս դիմօք. փարատեա ամենապարգեւ զամօթական տխրութիւնս: Տեառնագրեա քո անուամբդ զլուսանցոյց երդ յարկիս. պարփակեա քո ձեռամբ զառաստաղ տաճարիս. գծագրեա քո անուամբ զմուտ սեմոց սենեկիս: Տուր հանգիստ բերկրութիւն մահահանգոյնս նիրհման…»

Յանկարծ յիշեց Սուրէնին խօսքը:

— «Նարեկը Հայոց ամէնէն աւելի գէշ, սխալ, վատառողջ եւ անբարոյական գիրքն է»։

Փիէռ պատասխանեց բարձրաձայն. գլուխը երերցնելով.

— Ça dépend, mon vieux, ça dépend…

Սուրէնին պատկերը, չհեռացաւ իր տեսողութենէն: Այդ խորաթափանց ու շնական տղուն խոժոռ դիմագիծը եւ սուր ակնարկը նայեցան իրեն շեշտակի:

Փիէռ յիշեց հին խօսքերը: Գոցեց աչքերը, եւ դէմքը բարձր, դէմքը լուսայորդ, երկար պահ մը սպասեց:

Կարծես կը վայելէր մերձեցումը մեծ երջանկութեան մը: Յետոյ սկսաւ արտասանել դանդաղօրէն, մէկիկ մէկիկ.

«Հրամայեց, որ մարդիկ վազեն միայն այն Ճշմարտութիւններուն ետեւէն, որոնց ճիշտ հակառակն ալ ճշմարիտ է:

«Հրամայեց, որ կարաւանները հանգրուանի մը մօտեցած ատեն իրենց գնացքը արագացնեն, որպէսզի ոչ մէկ ճամբորդ չհասնի իրենց:

«Հրամայեց, որ նաւերը մեկնելով հոսկէ հասնին հոն, սակայն կայմերու վրայ միայն առագաստ պարզուի:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք ամպ մը դնէ լուսնին շուրջ, եւ լայ եւ խնդայ»:

«Հրամայեց, որ ոչ ոք սկսի հաշուել հարիւր մէկէն մեկնելով»:

— «Դուն, Հայու լակոտ, դուն ամենէն շուտը կը փոխուիս անասունի, եթէ օր մը իսկ մնաս առանց վիշտի»:

Լռութենէ մը վերջ կրկին Սուրէնը խօսեցուց.

«Միսը միշտ նոյնն է, քաշ մը աւելի, քաշ մը պակաս».

«Հոգին միշտ նոյնն է, դար մը աւելի, դար մը պակաս».

«Կան միսեր, որոնց համբոյր մը միայն կը պակսի».

«Կան հոգիներ, որոնց մէկ օրն իսկ աւելորդ չի գար…»

— Այո, այո, — պոռաց Փիէռ ոտքի կանգնելով, — Արեւելքցի ենք եւ կը հաւատանք ճակատագիր ըսուած բանին: Բայց այդ ճակատագրին գլխագիրներն են միայն, որ չինական մելանով են գրուած: Մնացեալը մատիտ է, մնացեալը քար է, մնացեալը փոշի է: Մեզի կը մնայ այդ մնացեալը փոխել:

Եւ գնացքին միօրինակ աղմուկը պատասխանեց. — չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի, չըսսի քեզի…
4
Կարդաց, կրկին կարդաց, նորէն կարդաց: Անօգուտ: Բացարձակապէս անկարող էր մտածումը հաւաքելու, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու թուղթի այդ կտորին վրայ: Նայեցաւ ստորագրութեան: «Կի, Կի… ով էր այս Կին. արդեօք Սէն-Ժոռժինը. այն, որուն վրայ այնքան շատ կը խօսէր Պիպին եւ զոր կը կոչէր «Կի հօրեղբայր»: Փիէռ ամբողջ ճիգը թափեց կարելի եղածին չափ քիչ դողդղացնելու համար նամակը իր մատներուն մէջ, բայց անկարող թերթը սեղանին վրայ դրաւ եւ գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ ուժով մը սեղմած ուզեց գոնէ ամենակարեւոր մասը ըմբռնել: Հեգեց.

«… Երկար ատեն է, որ ամէն բան աւարտած է ինծի համար: Եթէ նոյնիսկ աւելի դժբախտ ըլլայիր, կարելի չէր, որ գայի քեզ առնել ու մեր կեանքը վերսկսիլ: Ինծի պատճառած աններելի դժբախտութիւններէդ վերջ պէտք էր ապահով ըլլայիր ասոր եւ ի զուր երրորդի մը միջոցաւ զիս կրկին քովդ ունենալու ցանկութիւնդ չյայտնէիր: Ալ երբեք, երբեք չես կրնար խաբել զիս. նախընտրելի է ինծի համար հասարակ պոռնիկ մը, քան դուն: Մարդ պէտք է Արեւելքցի ըլլայ, ան ալ 25 տարեկան անփորձ Հայ մը` քեզմէ տարուելու համար: Միայն գիտցիր, թէ այն տարին, մեր բաժանումի այն սարսափելի տարին եւ անկէ վերջն ալ դեռ երկար ժամանակ, ես քեզ անիծեցի եւ հիմա խորունկ հաւատքը ունիմ, թէ այդ անէծքս է, որ քու երեսդ պատռեց: Կ՚ըսէիր, թէ բիրտ եմ, անոպայ ու վայրագ. ուրախ եմ, որ վերջապէս առիթը կ՚ունենամ այդպիսի անձ մը ըլլալս հաստատելու: Պիտի առնեմ Պիպին: Դուն արժանի չես անոր մայրը կոչուելու: Ինչ ըրիր զաւկիդ համար. ինչ ըրիր մեր զաւկին համար: Հոգածութիւն, խնամք, գորով եւ դեռ պզտիկի մը անհրաժեշտ ամէն բան զլացար դուն անոր, կարծելով, թէ ղրկած անարգ ամսականդ ուժը պիտի ունենայ մեծ պակասը լրացնելու: Նոյնիսկ անպատկառութիւնը ունեցեր ես մէկուն ըսելու, որ քիչ կը սիրես Պիպին, որովհետեւ ան իմ անկարգ, անոպայ ու անգութ բնութիւնս ունի: Բայց գիտցիր, որ ես զայն սիրեցի ճիշդ այդ պատճառաւ եւ յետոյ նաեւ — ինչու չխոստովանիմ — որովհետեւ քեզի կը նմանէր: Ամբողջ կարելիս ըրի, գացի հաստատուեցայ Սէն-ժոռժի մօտը, եւ չանցաւ շաբաթ որ գոնէ երկու անգամ չտեսնեմ որդիս: Ահա այդպէս է, որ ես զայն գրաւեցի, կարելի եղածին չափ քեզ նսեմացուցի զաւկիդ առջեւ եւ ան ամբողջութեամբ կապուեցաւ իր Կի «հօրեղբօրը»:

«Եւ ահա դուն կը յանդգնիս զայն ինձմէ խլել. կը յանդգնիս նոյնիսկ տարիներ վերջը զիս անգամ մը եւս հարուածել: Մի մոռնար սակայն, որ բարեկամդ օտարական է եւ օտարական մը չի կորսուիր Ֆրանսայի մէջ: Գտայ վերջապէս ձեր հասցէն եւ կու գամ առնել որդիս: Գիտեմ, թէ ամենայն սիրով ու մեծագոյն հրճուանքով է, որ ինձ պիտի հետեւի ան: Այս նամակս պիտի ստանաս միայն այն պահուն, երբ մենք արդէն իսկ հեռացած պիտի ըլլանք Թօննէռէն: Ի զուր մի յոգնիր. երբեք չպիտի կարենաս մեզ գտնել եւ ոչ մէկ օրէնք զօրութիւնը պիտի ունենայ որդիս ձեռքէս խլելու: Պատիժդ թող այս ըլլայ»:

Փիէռի դէմքը ողողուած էր քրտինքով, ու քունքերը պիտի պայթէին: Ապշած, անբանացած, խորհելու անկարող այդ վիճակին մէջ բնազդաբար ձեռքը երկարեց ու, սեղանին վրայէն լաթի կտոր մը առնելով, սկսաւ սրբուիլ։ Այնքան կարծր էր այդ քուրջի կտորը, որ մորթը սկրթուեցաւ: Որքան մեծ եղաւ տղուն զարմացումը, երբ ձեռքինը քննելով տեսաւ, թէ բաղնիքի քերիչ (քէսէ) մըն էր ան, մասնաւոր տոկուն կերպասէ կարուած: Սեղանին վրայ էր նաեւ բացուած ծրար մը, թրքական դրոշմաթուղթերով, «չէվիրմէ»յի անուշով:

Փիէռին այնպէս կը թուէր, թէ երազ մըն է, որ կ՚ապրի: Քնաշրջիկի մը պէս քայլերը տարաւ պարապ հարկաբաժնին ամէն մէկ կողմը, շօշափեց խոհանոցին պատուհանը, որուն ապակին կոտրելով է, որ կրցած էր ներս մտնել, ու կրկին վերադարձաւ ննջասենեակ: Ահա մեծ սնտուկը, մեկնելու կազմ եւ պատրաստ, ահա լեցուն պայուսակները: Պիպիին խաղալիքները, ահա Նէնէթին գլխարկն ու վերարկուն, եւ մանաւանդ, բայց մանաւանդ արիւն, արիւն ամէն կողմ: Արիւն` մահճակալին վրայ եւ գետինը արիւն` ջուրով լեցուն բազմաթիւ ամաններու մէջ, արիւն քուրջերու, շապիկներու, անձեռոցներու վրայ, արիւն մինչեւ դռան շեմը:

Դրացի մը վերջապէս ուզեց խօսիլ, եւ Փիէռ խելագարի մը պէս վազեց, վազեց, «քէսէ»ն ափին մէջ` ուժով մը սեղմած:

Երբ սանդուխները բարձրացաւ, երթալիք սենեակը գտնելու համար պէտք չունեցաւ մէկուն հարցում ուղղելու: Դրան մը առջեւ կեցած էր Կոստան, երկու ձեռքերը կուրծքին սեղմած, գլխիկոր, եւ կը հեկեկար, կը հեկեկար:

Փիէռ դուռը բացաւ:

Համակ սպիտակութիւն: Սպիտակ` պատերը, վարագոյրները, սեղանը, սպիտակ` դէմքերը, ձայները, մթնոլորտը: Անկողնին վրայ հակած երեք հոգի, բժիշկ, օգնական եւ հիւանդապահ, գլուխները ցցեցին եւ նշան ըրին, որ չմօտենայ:

Փիէռ բան չէր լսէր, բան չէր ըսէր, եւ մահճակալէն զատ բան չէր տեսնէր: Չկրցին զինքը դուրս հանել:

Փիէռ մօտեցաւ երկու քայլ, կանգ առաւ, թեւերը բացուեցան կարծես գիրկընդխառնումի մը համար, մարմինը տատանեցաւ կթոտ ծունկերուն վրայ, եւ անանկ ձայնով մը տղան հեկեկաց.

— Nenette, Nenette chérie!

Դժգոյն կոպերը բարձրացան մէկէն, եւ օրհասականին դէմքին վրայ անանուն, անդրաշխարհային ժպիտ մը տարածուեցաւ: Ժպիտ մը, որ աւելի ծամածռութիւն էր, բայց որ հրճուանք էր, աղերս ու աղապատանք էր, բայց որ ամբողջ սէր էր:

Նէնէթ ուզեց ցցուիլ, շարժում մը ընել, բայց ուժերը մերժեցին: Կարծես գերագոյն ճիգ մը ըրաւ խօսելու, եւ հազիւ լսելի ձայնով մը փսփսաց տղուն մօտեցող ականջին.

— Փիէռռօ, ազատէ զիս, ազատէ զիս… այս անգամ, հաւատա… հիմա բժիշկը ըսաւ, հաւատա, ես… ես իրապէս յղի… ես իրապէս յղի…

Ձայնը հալեցաւ, սպառեցաւ, շրթունքները շարժեցան պարապին մէջ ու կոպերը ինկան:

— Դուրս, դուրս, բայց կ՚աղաչեմ դուրս ելէք, — կը կրկներ բժիշկը. չէք տեսնէր, որ մահուան հետ կը պայքարի:

Դռնէն անցած պահուն մէկէն ետեւ դարձաւ Փիէռ, բռնեց բժիշկին օձիքէն եւ ըսաւ.

— Պիտի ազատէք զայն, պիտի աղէկցնէք Նէնէթս, ըրէք ինչ որ կ՚ուզէք, բայց բժշկեցէք, ապա թէ ոչ… ապա թէ ոչ, je te casse la gueule moi, je te casse la gueule…

………………………………………………………………

Նրբանցքին խորը, անկիւն մըն էին կծկտած երկուքը, շունչ շունչի: Փիէռ Կոստանը գրկած էր ուսերէն ու կը խօսէր խեղդուկ ձայնով մը, բայց շունչը սպառելու չափ արագ.

— Այո, պիտի աղէկնայ ան, պիտի տեսնես, թէ ինչպէս պիտի աղէկնայ, իմ բարի, իմ պատուական Կոստանս, մենք դեռ շատ երջանիկ պիտի ըլլանք, մենք դեռ ինչ օրեր պիտի ապրինք… Կոստան, Կոստան, ահա կը ներկայացնեմ ձեզ Փարիզ քաղաքի հրշէջ գունդի ենթասպաներուն էն կրակոտը… այո, Rrrigole, Brrigadier… բայց ինչու, ինչու ուզեց անձնասպան ըլլալ, ինչու դուն հոն չէիր… Պիպին տարեր են եղեր, աւելի լաւ. թող կորսուի անպիտանը. ան միշտ կը խռովէր մեր խաղաղութիւնը, կը փչացնէր մեր զուարթութիւնը… բայց հիմա, ալ երջանիկ պիտի ըլլանք. ես հոս եմ, պիտի աղէկնայ իմին Նէնէթս, Ririgole, Brrigadier… Հաւատա, Կոստան, այս անգամ ատեն չունեցայ, բայց եթէ նորէն Փարիզ երթամ, անպայման, անպայման պիտի գնեմ թութակդ, այո, առանց թութակի չըլլար. Նէնէթն ալ թութակը շատ կը սիրէր… Մայրիկ, մայրիկ… je te casse la gueule moi, je te casse la gueule…

Եւ յետոյ.

Երբ այլեւս բնաւ յոյս չմնաց, ոչ իսկ երիտասարդի մը համար, Հայը գլուխը ցցեց եւ միշտ Կոստանը այդպէս գրկած` սկսաւ աղերսել.

— «Հայր մեր, որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, որպէս եւ մենք թողումք մերոց պարտապանաց… Հայր մեր որ յերկինս ես, սուրբ եղիցի անուն քո, եկեսցէ արքայութիւն քո, եղիցին կամք քո, որպէս եւ մէք թողումք մերոց պարտապանաց… Թողումք մերոց պարտապանաց… պարտապանաց…

— Չեմ յիշէր կոր, Կոստան, մեղքցիր ինծի, ես իմ «Հայր մեր»ս չեմ յիշէր կոր…

Այն ատեն ֆրանսացին սկսաւ արտասանել իր թաւ ձայնով եւ Հայը խօսքերը կրկնեց, շունչ առ շունչ.



- Notre père qui êtes aux çieux-
- Notre père qui êtes aux çieux
- Que votre nom soit bénit-
- Que votre nom soit bénit
- Que votre règne arrive sur la terre-
- Que votre règne arrive sur la terre

Դանդաղօրէն, դանդաղօրէն, մութէն անջատուեցաւ մեծ խաչը մէկ պատուհանին, եւ արշալոյսը սկսաւ լազուարթ, թերեւս կապտորակ, թերեւս վարդադոյն:

Հեռաւոր, չարաշուք հաջոցնէր, աքաղաղի խուլ կանչեր, մսկոտ սօսափիւնը պարտէզներու, թախծոտ սոյլեր հարաւի:

Առաւօտեան սիւքով, արշալոյսով, վարդով լի բաց պատուհանին վարագոյրը սկսաւ ուռիլ, ուռիլ, մեկնելու պատրաստ առագաստի մը պէս, փշրուելու պատրաստ ալիքի մը պէս, որպէս երազ մը անանուն:

Քիչ մը ջուր` խունկով օրհնուած, ճիւղ մը անծանօթ տերեւ՝ աղօթքներով չորցուած, եւ այլեւս մեղրամոմէ դէմքին վրայ անձրեւող լոյս մը դողդղացող, չարաշուք, դամբանային:

Կիսաստուերին մէջ իր սպիտակութեամբը կը նշմարուի մայրիկին կարած «քէսէն» տոկուն, դիմացկուն, որուն մէջ հիմա առատ խուրձ մը կայ Նէնէթին ոսկի մազերէն:

Փիէռ կը մնար մահճակալին եզերքը, թմրած, պարապ, անգոյ: Կարծես դեռ կը վազէր անոր ետեւէն, որ ժամեր առաջ մեկնեցաւ, նոյն անթափանց պահարանով:

Ներքին խժալուր աղմուկներուն մէջ, ականջներուն անվերջանալի վզզոցէն տարուած` մէկէն կարծեց, թէ մօտաւոր բակէ մը ջութակ մը բարձրացաւ. հին, շատ հին մեղեդի մը բոլորին ծանօթ, որ մինչեւ հոս կ՚ելլէր անհաւասար ալիքներով, տատանելով, յամենալով յարկերուն մէջտեղ, որ կ՚ուզեր աւելի երկրորդինը յուզել, քան չորրորդ յարկինը, որ ալ պարտասած` երբեմն կը կառչէր ջուրի խողովակներուն, բայց որ կ՚ելլէր, բայց որ կ՚ելլէր մինչեւ հոս, այդ հին, շատ հին մեղեդին, բոլորին ծանօթ:

Նոյեմբեր 1927 - Յունուար 1929
________________________________________