Համաբարբառ
ՅԱՐԱԼԷԶՆԵՐՈՒՆ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ
Փարիզ, տպագրութիւն Յակոբ Տէր-Յակոբեան, 1933
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՇԵՓՈՐ
1
Զենոբ Գլակ պատմաբան-իմաստասէրին կեանքին մէջ նշանակելի առաւօտ մը գոյութիւն ունեցած է: Այդ առաւօտուն է, որ Զենոբ Գլակ ապրած է իր ամենախոր եւ ամենաբուռն գայթակղութիւններէն մին:
Գլակ կռնակի վրայ պառկելու սովորութիւն ունէր: Երբ այդ առաւօտուն աչքերը բացաւ, իր բաց բերնին ճիշդ դէմը տեսաւ թիթեռնիկ մը եւ անմիջապէս բերանը գոցեց: Գարնան դեղնորակ թիթեռնիկ մըն էր, ճառագայթի մը պէս վառ թիթեռնիկ մըն էր եւ որ կը թափահարէր: Որ ծակէն կրցած էր ննջարան մտնել ան:
Գլակ ըսաւ.
— Ծօ, դուն որ ծակէն կրցիր ներս մտնել:
Յետոյ իր բոպիկ ոտքերը գրաւ գետին, գիսախռիւ մազերը ճմռթելով քունին վերջին կաթիլները քամեց եւ ուղղուեցաւ դէպի պատուհան: Բացաւ այն ամբողջութեամբ ու մնաց անոր առջեւ ափ ի բերան:
Իր աչքերուն առջեւ կը պարզուէր Հայոց աշխարհի ամենագեղեցիկ առաւօտներէն մին: Գարնան աննկարագրելի առաւօտ մը: Եւ ահա որ գայթակղեցաւ Զենոբ Գլակ: Ափը վերցուց բերնին վրայեն եւ բացականչեց.
— Վայ, շան որդի… Աս ինչ տօն է, աս ինչ հանդէս է, աս ինչ հարսանիք է…
Եւ անմիջապէս յետոյ աւելցուց.
— Եւ ինչ իրաւունքով: Ինչ բանի առթիւ, եւ ինչու համար: Ամէն կողմ սուգ կայ ու ցաւ: Աղջամուղջը պատեր է մեզ: Կեանքը ծանր տուրք մը եղած է միշտ, եւ հոգիները ցաւատանջ պիտի մնան յաւէտ: Եւ դուն, գարուն, ինչ իրաւունքով հարսնիք կը սարքես: Աս քու ըրածդ տարրական հակասութիւնն իսկ է կեանքին: Դուն, գարուն, ինչպէս չես անդրադառնար, որ ծիծաղելիութեան վերջին աստիճանին հասած ես, յոյս ներշնչելու քու ձեռնարկովդ: Որովհետեւ, խոստովանէ, յոյսով կը ներկայանաս մեզի, վերակենդանութենէ կը բարբառիս, զարթօնք կը խոստանաս: Եւ այս բոլոր խաբուսիկ բաները դուն լուրջ կերպով կը ներկայացնես: Գարուն, քու ըրածդ տղայութիւն է, եւ վտանգաւոր տղայութիւն, քանի որ անմիտները եւ պարզամիտները խաղի կը բերես, զանոնք ոտքի կը հանես եւ խենթ բաներ ընել կու տաս անոնց: Դուն երբ խելքդ գլուխդ պիտի ժողվես, գարուն: Դուն երբ պիտի լրջանաս եւ հասուն մարդ դառնաս, գարուն:
Այսպէս խօսեցաւ Զենոբ Գլակ, թռչնագիր լեզուով: Անկէ ի վեր շատ մը մարդիկ իր այս խօսքերը վերլուծեցին, բացատրեցին, եւ մանաւանդ վիճեցան անոնց հետ: Մենք միայն սա գիտենք, որ գարնան առաւօտը իրաւամբ խաղի կը բերէ եւ կը մանկացնէ բազմաթիւ բաներ: Շեփորը զոր օրինակ:
Մինչդեռ երեկոյեան շեփորը խելահաս է ու լեցուն` մեկնումի մելամաղձոտութեամբ, առաւօտեանը կ՚ըսէ տղայական ու անկապակից բաներ: Եւ հակառակ իր այդ հանգամանքին, կամ իր այդ հանգամանքին իսկ պատճառաւ, որքան հաստատակամութեամբ կը շեփորէ: Տղայական բաները կը ստորագծէ, կը պնդէ ըսածին վրայ, երդում-պատառ կ՚ըլլայ, երկինք-գետին արձագանգ տալով: Ունի ճամփորդութեան հրաւէրներ, ունի աղեղնէր երկնասլաց, եւ ժպիտներ` արդարի: Ոչ, գարնան առաւօտներու փողը մարդ պիտի չըլլայ, խելքը գլուխը պիտի չժողվէ, պիտի չլրջանայ:
Ահաւասիկ ան արթնցաւ մութ նրբանցքի մը խորը, որ կը պատկանի հրշէջ զօրանոցի մը: Անմիջապէս ոտքի հանեg քնացող զինուորները եւ սկսաւ առաջանալ: Ներդաշնակ քայլերով ուղղուեցաւ դէպի ելքի մեծ դուռը, որ բաց կը մնայ գիշեր թէ ցերեկ: Հոն կանգ առաւ սուինաւոր պահակին քով, որուն գլուխը կայ կարմիր սաղաւարտ մը, իսկ մէջքին լայն գօտի մը, նմանապէս կարմիր: Իր կեցած տեղը բարձրագաւթակ մըն է, քանի որ հոն կարելի է բարձրանալ քովընտի երկու սանդուխներով: Գաւթակին առջեւ կան չորս սիւներ, որոնք իրենց վրայ կը կրեն յունական frontonը թրքական դրօշակով մը միասին: Սպիտակ սիւներուն մէջէն է, որ առաւօտեան շեփորը կը հնչէ կրկին: Իր առջեւէն սկսող մեծ պողոտան, որ Սելամսըզի շուկային մեծ աղիքն է, կ՚ուռեցնէ իրմով, կ՚երթայ մինչեւ գնչուներուն թաղը, նոր ասպատակութիւններ կը փորձէ աջ ու ձախ եւ յանկարծ կը փափաքի իջնել մինչեւ վար, մինչեւ նաւամատոյց Վոսփոր: Ապահովաբար կը հասնի իր նպատակին, քանի որ երբ կը լռէ, իր պզտիկ բերնէն ջուրը կը կաթկթի: Պահակը կը բարեւէ զայն յարգանքով:
………………………………………………………………
Ամէն կողմ սուգ կայ ու ցաւ, աղջամուղջը պատեր է մարդիկ եւ հոգիները ցաւատանջ են, քանի որ պատերազմի չորրորդ տարին է: Հազար ինը հարիւր տասնութը: Բայց ինչ գարուն: Առաւօտը կը սահի հեշտօրօր, գաղջ, անտարբեր: Հրշէջներու վարդագոյն զօրանոցին դէմ Ինճէեան դեղարանը հիւանդ է, ինչպէս ամբողջ շուկան: Իր ոսկեզօծ մեծ տառերը դժգուներ են, եւ տախտակներուն ներկը կը թափի նշխար առ նշխար: Դեղագործ Արթաքի էֆէնտին իր գրասեղանին առջեւ նստած է եւ խոր զզուանքով ականջ մը կու տայ պաշտօնական զեկոյցին: Յաղթեցինք, պիտի յաղթենք, մեզմէ ջորի մը միայն մեռաւ, շաքարը պիտի սղէ, բոլշեւիկները սկսան մանուկներ ուտել։ Ընթերցումը կը կատարէ ծերուկ Տոքթ. Փաշայեանը, դեղագործին դէմը նստած, ինչ-ինչ նախադասութիւններ կը կարդայ շարականի եղանակով, «ի Դանիէլէ մարգարէ»ով: Ծաղրելու իր ձեւն ալ այս է: Յետոյ կը խօսին պարտասած ձայնով մը: Բժիշկը շատ բան կը յուսայ Ամերիկայի Ուիլսընէն, իսկ դեղագործը` նոր բաշխուած պանիրի վէսիքայեն: Ցնցոտիներ հագած կիսամեռ թուրք զինուորներ անօթի աչքերով ներս կը նային դեղարանէն, ու կը հեռանան` աչքերնին ետեւ: Արթաքի էֆէնտի կը սկսի ծուէն-ծուէն եղած դրամատոմսեր կարկտել ու ափովը արդուկել, դէմքը աւելի թթուեցնելով: Դուռը կը բանայ ծաղկոտ լաճ մը, հանրածանօթ Բենիկը, ըսելով. — «Հաց կուզես»: Դեղագործը կը հարցնէ, թէ ինչ տեսակ հաց է ու յետոյ կը գոչէ. — «Գետնին տակը անցնի քու վէսիքայի հացդ: Դգալ մըն ալ պէտք է այդ ցեխը ուտելու համար»: Եւ մինչ Բենիկ կը հեռանայ, Արթաքի էֆէնտի կը պոռայ ետեւէն. — «Եթէ զինուորի հաց գտնես՝ բեր, կ՚առնեմ»:
Բժիշկն ու դեղագործը բոլորախորշին (rotonde) ետեւ գացին: Հոն է, որ քիչ վերշ լսեցին Աղաւնիի խնդուքը: Տոքթ. Փաշայեան հարցուց, թէ ինչ վիճակի մէջ է Աղաւնիի սէրը: Շատ շնորհակալ եմ, լաւ վիճակի մէջ է: Նշանածները շատ յարմարած են իրարու եւ կը պաշտեն մէկզմէկ: Երկուքն ալ կապուելիք խենթեր են: Իմ արիւններս կը դարձնեն: Գրեթէ ամէն առաւօտ Աւետիս կու գայ «Պարտէզ» ու կը սիրուըտի Աղաւնիին հետ: Եթէ երբեք ես բուռն կեպով կը փափագիմ պատերազմին վերջաւորութեանը, պատճառներէն մէկն ալ սա է թէ, այդ պարագային Աղաւնի պիտի ամուսնանայ, պիտի կորսուի, տեֆ պիտի ըլլայ, եւ ես, Արթաքի, մոմ մը պիտի վառեմ Ս. Թագաւորին առջեւ:
Բժիշկը պստիկ եւ մաշած ակռաներով ժպտեցաւ, ձեռքերը շփեց ու մտաւ նրբանցքը: Յառաջացաւ կիսաստուերին մէջ ու հասաւ այն գոց դրան առջեւ, որուն ետին կը գտնուի «Պարտէզը»: «Պարտէզը» հազիւ երկու մեթր խորութիւն ունի: Պատերազմէն առաջ ան խճողուած էր հաստափոր շիշերով, տուփերով, սնդուկներով, որոնք երբեմն տախտակորմէն վեր ալ կը բարձրանային: Այժմ ոչինչ մնացած է այդ բազարէն: Վառած են, ծախած են եւ մնացած է միայն հոր մը: Հոն է, որ Աղաւնի կարեւոր գործեր կը գտնէ ընելիք, ամէն առաւօտ:
Ընդդիմացաւ Արթաքի էֆէնտին: Բժիշկի ձեռքի հրաւէրներուն պատասխանէք, ըսելով. — «ձգէ սա խենթերը»: Յետոյ` «կ՚երեւայ քու սիրտդ կենիշ է»: Յետոյ` «դուն բնաւ պիտի չփոխուիս»: Ուրիշ այս կարգի բաներ մըն ալ ըսաւ եւ վերջը ինքն ալ գնաց «Պարտէզի» դրան առջեւ:
Ականջ տուին:
Սանդի աղմուկը երբ որ լռեց, Աղաւնիին ձայնը ըսաւ:
— Շատ լաւ գիտես որ կիրակի օրերը մայրիկիս կ՚երթամ: Վերջն ալ միս-մինակս կը վերադառնամ Գատըգիւղէն մինչեւ հոս: Եւ դուն բնաւ չես մտահոգուիր խորհելով որ կրնայ ճամբան ինձի փորձանք մը պատահիլ: Դուն ինչ տեսակ նշանած ես: Չես գիտէր, որ Հայտար-Փաշա գերմանացի զինուորներ կը վխտան:
— Կը վխտան…
— Եւ ես շատ կը վախնամ գերմանացի զինուորներէն. շատ կը վախնամ… սաստիկ…
Աղաւնի աւելցուց անմիջապէս յետոյ.
— Որովհետեւ շատ գեղեցիկ են անոնք… Ան ինչ վարդագոյն այտեր, ինչ ոսկեզօծ մազեր… ես շատ կը վախնամ աղուոր զինուորներէն… Հապա եթէ փորձանք մը պատահի…
Դեղագործը իր բռունցքները ուղղեց գոց դրան, բայց բժիշկը բռնեց զանոնք: Արթաքի էֆէնտի, ըսաւ. — «քսանը մէկ տարեկան է` հաւու չափ խելք չունի»: Բարեբախտաբար սանդին մրճահարութիւնը վերսկսաւ եւ խափանեց իրենց փսրտուքը:
Գուշակելի է, թէ Աւետիս կը շոյէ աղջիկը: Իր խուլ ձայնը կ՚ըսէր մեղմօրօր. — «սիրեմ, ես քու լօփիկ միսերդ սիրեմ… վախկոտ միսերդ սիրեմ…»:
Քիչ վերջ նոյն արու ձայնը ըսաւ՝ այս անգամ առանց փաղաքշական շեշտի.
— Չեմ դիմանար կոր, Աղաւնիս, չեմ դիմանար կոր… Այս պատերազմը երբ պիտի աւարտի, որ կարգուինք մենք… քեզ քանի կը սեղմեմ, այնչափ գէշ կ՚ըլլամ կոր… չեմ դիմանար կոր…
— Ինչու կը տրտնջաս, — ըսաւ Աղաւնի: — Նորէն Աստուծոյ փառք տուր, որ ասանկ հանգիստ տեղ մը մնացեր ես: Ինչ պիտի ընէիր եթէ քեզ լեռները ղրկէին, քար կոտրելու ղրկէին ամէլէ թապուռիին մէջ: Ուրիշներ հարիւրաւոր ոսկիներ ծախսեն՝ նորէն չեն կրնար քեզի պէս հանգիստ զինուորութիւն ընել: Աղօթէ, որ լաւ խոհարարութիւն գիտէիր, եւ շուն Սուլէյմանը քեզ քովը առաւ:
Աւետիս կրկնեց.
— Խոհարարութիւն գիտեմ… բայց չեմ դիմանար կոր…
Տքթ. Փաշայեան նստաւ բանի մը վրայ, որ ճռնչեց: Արթաքի էֆէնտի, որ կ՚ուզեր անոր հեռանալը տեսնել, դժգոհեցաւ, որ կը տեղաւորուի մարդուկը: Իր դժգոհութիւնը ծածուկ չըլլալուն համար բժիշկը բռնեց դեղագործին դաստակը եւ ըսաւ. — «բազկերակդ գէշ կը տեսնեմ, դուն ալ չես դիմանար կոր…»:
Յանկարծ Աղաւնիին ձայնը ըսաւ,
— Ձգէ… մ՚ըներ…
— Ինչ կ՚ըլլայ, աղուորս, — պատասխանեց խոհարարը: — Մարդ մարդասանք չկայ: Մեզ ով կտեսնայ…
— Ինչ ըսիր:
— Ով կը տեսնայ:
— Ով պիտի տեսնայ… մօրաքոյրս: Գիտնալս վերի պատուհանէն նայելու սովորութիւն ունի… աչքդ մէյ մը վեր առ՝ առանց յայտնի ընելու:
Դեղագործը ըսաւ բժիշկին ականջն ի վար. — «կնիկէս այդքան մը խելք չեմ յուսար, ամա… կեցիր երթամ մէյ մը նայիմ»: Թէեւ Աւետիսին ձայնը կ՚ըսէր, թէ նայող չկայ, բայց Արթաքի էֆէնտի հեռանալու պատրուակ մը գտած ըլլալով` հեռացաւ: Անձայն քայլերով մտաւ կողմնակի բաց դուռը եւ սկսաւ կատուի պէս բարձրանալ սանդուխները: Երբոր գաւիթը հասաւ, յառաջացաւ չորս ոտքի վրայ, մինչեւ ննջասենեակին առջեւ: Ննջասենեակին դուռը բաց էր բարեբախտաբար եւ Արթաքի էֆէնտի վիզը երկարեց: Քիչ մը աւելի, քիչ մը աւելի: Ճիշդ այդ պահուն է, որ սաստիկ վախեցաւ դեղագործը: Սարսռաց ամբողջ մարմնով, որովհետեւ իրենց ճերմակ փիսիկը՝ ոստումով մը իր կռնակը նետուած էր: Արթաքի էֆէնտի հայհոյութիւնը կուլ տուաւ, թողուց, որ կատուն իր ծոծրակին վրայ տեղաւորուելու փորձեր ընէ եւ կրկին գլուխը երկարեց: Իրաւամբ կինը ննջարանն էր: Մէկ պատուհանը կիսով վեր առած էր եւ տակը դրած իրենց մեծ ու սեւ խոզանակը: Քիթն ու բերանը բացուածքին մէջ դէմքը վարագոյրով պատսպարած տիկին Էլպիս կը ջանար թէ լսել եւ թէ տեսնել:
— Իրաւ է եղեր, — ըսաւ Արթաքի էֆէնտի, երբ որ բժիշկին քով դարձաւ: — Կնիկս ալ մտիկ կ՚ընէ կոր… Ախ, Աւետիս. ոչ տեսնող կայ, ոչ ալ լսող… մարդ-մարդասանք չկայ…
Կրկին դադրեցաւ սանդին աղմուկը, եւ Աղաւնի ըսաւ.
— Երկուքիս ալ անունը Աով կը սկսի: Մեր ճերմակեղէններուն վրայ միշտ Ա. մառքան պիտի ըլլայ: Էյ ան ատեն ինչպէս իմ ճերմակեղէններս քուկիններէդ պիտի զանազանենք…
Նշանածը ըսաւ.
— Քա Աղաւնի, աղ ինչ գէշ լուր տուիր…
— Հապա, — շարունակեց աղջիկը խնդալով, շատ գէշ լուր… Չելլաս իմ քոմպինէզոններս հագնիս… Ան ատեն ես ալ քու փաչալը վարտիքներդ կը հագնիմ… հա, հա, հա…
Համբոյրին աղմուկը այս անգամ երկար տեւեց: Րոպէ մը կը դադրէր ու կը վերսկսէր: Իրարու կը նայէին երկու տարեցները, քիթ փակցուցած: Տքթ. Փաշայեան վերլուծեց բնախօսական պատճառներ: Դեղագործին բարկութիւնը աւելցնելու գնով՝ ըսաւ թէ Մարտը կատուներուն ամիսն է, իսկ Մայիսը…
— Աս բերանդ հաճի Պէքիր է, — ըսաւ Աւետիս, — աս քիթիկդ ֆնտըխ թուռփի է: Աս աչուկներդ պիլեայ են… Գառն աստուծոյ ես, Աղաւնիս… իջանելոյ Աղաւնոյ…
— Ինչ ըսիր…
Դեղագործը, իր բռունցքը գլխին զարնելով, ըսաւ.
— Հաստ է, հաստ… Առաւօտեն մինչեւ իրիկուն «ինչ ըսիր» մտիկ կ՚ընեմ: Միտքը արագ չի գործեր: Մէկ բանը տասն անգամ պիտի կրկնես որ խելքին մէջ տեղաւորուի:
— Շատ իմացած էի որ սիրահարները կը հալին կը մաշին, բայց շատ ականջ չէի կախած: Հիմա կը հասկնամ կոր, որ շիտակ է եղեր: Քու սիրովդ հալեցայ, Աղաւնիս… նայէ, միշտ կը նիհարնամ կոր…
— Աւելի աղէկ, — ըսաւ միւսը, — ես ալ նուրբերը կը սիրեմ: Կը կարծես, որ ես գոհ եմ իմ այս գիրութիւնէս:
— Բայց շատ կը նիհարնամ կոր, Աղաւնիս: Քանի վրադ կնայիմ, այնքան գէշ կ՚ըլլամ… ինձի անանկ կու գայ, որ սիրտս կը հալի, կու լայ, ջուր կ՚ըլլայ… անօթի եմ… չէ, չէ, սիրով է, որ անօթի եմ…
— Ինչ ըսիր… ես քեզի կ՚ըսեմ, որ լաւ չես ուտեր կոր… հա, հա, հա…
Նշանածը քիչ մը մտածեց կ՚երեւի եւ իր նոյն թրքախառն հայերէնովը ըսաւ.
— Չեմ գիտէր: Միայն թէ միշտ անօթի եմ, միշտ ուտել կ՚ուզեմ։ Եկուր տես, որ մեր խառավանայէն բան հասկցած չունիմ: Շատ անգամ սոված գայլի պէս անօթի եմ… գայլ…
— Սուս, — ըսաւ Աղաւնի, — գիտես, քի սա ծակէն մէկը կը նայի կոր մեզ…
Դեղագործն ու բժիշկը, որ չէին գիտէր, թէ որ ծակին կ՚ակնարկուի, անգամ մը եւս նայեցան դրան նիգին, զոր հրած էին արդէն:
— Նայող չիկայ, ճանըմ, — ըսաւ Աւետիս: — Առջի օր ալ ատանկ ըսիր, եւ դուրս ելայ` որ Լիոռին շունն էր:
— Շունը-մունը ես չեմ գիտեր… Միայն սա գիտեմ, որ դուն զիս բնաւ չես սիրէր կոր: Սուտ ես, ինձի համար չէ, որ կը նիհարնաս… Զիս սիրող նշանածը քու ըրածդ չըներ… Հրամմեր ես, միւսիւ, դուն լեռնցի ես, գաւառացի ես: Պոլսեցին աս քու ըրածդ չ՚ըներ… ինչպէս, ինչպէս, ըսել է տեղեկութիւն անգամ չունիս ըրածէդ… բայց ժամ մըն է, որ հոգիս ելաւ հավան ծեծելով, եւ չես ըսէր, որ տուր ես ծեծեմ…
Կ՚երեւայ տղան աճապարեց ծեծելու, բայց Աղաւնի սկսաւ ծիծաղիլ ծաղրանքով եւ ըսաւ, թէ արդէն ծեծելիք բան չէր մնացած, թէ ինք նիհարցող չէր, եւ մէկ ժամուան աշխատութիւնը շուտով կը լմնցուներ: Նշանածը, ինքզինքը արդարացնելու համար, կրկնեց իր յանկերգը.
— Ախ, մէյ մը կարգուինք… Չես գիտէր, որ առաւօտները որքան գէշ կ՚ըլլամ կոր: Երբոր աչքերս կը բանամ, մութն ու լուսուն քեզի կը մտածեմ եւ «ախ» կը քաշեմ… կը հալիմ կոր Աղաւնիս…
— Միայն դուն, — պատասխանեց աղջիկը: — Բան մը չըսելուս մի նայիր, ես ալ շատ գէշ կ՚ըլլամ կոր: Երբոր առտուն փողը կը հնչէ, վերմակիս տակ կը սարսռամ, եւ ծունկերս կը դողան: Ինչ ալ ուժով կը փչես, Աւօս, մինչեւ ոսկորներուս ծուծը կը մտնայ կոր ձայնը: Հապա… ծունկերս կը սեղմեմ եւ կը դողամ փիսիկի պէս կծկտելով… շատ գէշ կ՚ըլլամ…
— Հէլպէթտէ ուժով կը փչեմ, — ըսաւ Աւետիս խրոխտաբար:
Ամէն ոք գիտէ, թէ շեփորը զարնողը Աւետիսը չէ, եւ աւմենէն առաջ` նոյն ինքն Աւետիսը: Աղաւնին ալ գիտէ: Բայց ուրեմն ինչու երկուքն ալ իրարու սուտ ընդունելով կը զուարճանան: Աչքերը բացած` Արթաքի էֆէնտի բնաւ չէր կրնար ըմբռնել եւ յուսահատութեամբ կ՚ըսէր թէ երկուքն ալ խենթ են, կապուելիք խենթ են:
Նոյն պահուն է, որ բռունցքի եւ ոտքի հարուածներ տեղացին «պարտէզ»-ի տախտակորմին վրայ, եւ Բենիկին ձայնը ճչաց.
— Օրիորդ Աղաւնի, ադ պաչիկէն ես ալ կ՚ուզեմ…
Եւ մինչդեռ բժիշկը կ՚արձակէր շատ երկար բացականչութիւն մը, քանի որ անգամ մը եւս կը հաստատուէր, թէ սիրահարները տեսնող բնաւ չկայ լսուեցաւ վեր ելլող պատահանի մը սկրթուքը: Գրեթէ միաժամանակ Արթաքի էֆէնտիին կինը պոռաց վերէն.
Ծօ Բենիկ, ծօ չամչցած տղա… աս անգամ պիտի ըսեմ միւսիւ Արթաքիին: Պիտի ըսեմ…
— Հայտէ քա, — պատասխանէց կաւռօշը, չէ քի ես` դուն պիլէ չես վախնար միւսիւ Արթաքիէն:
Այնքան ուժով, որ ձեռքը պիտի վիրաւորէր, Արթաքի էֆէնտի քաշեց նիգը (բժիշկը փախաւ), սլացաւ «պարտէզ», բացաւ տախտակորմին դուռն ալ եւ սկսաւ լաճը հալածել: Իրեն հետ կը վազէր նաեւ հրշէջ զինուոր մը` Աւետիսը:
Աղաւնի կու լար: Մէկ ձեռքին մէջ բռնած էր սեւ ու խոշոր խոզանակ մը, որ վերի պատուհանէն ինկած էր իր գլխուն վրայ: Երկու արցունքով կու լար:
շ
Բուռն վիճաբանութիւն մը կար սպաներու սենեակին մէջ: Ձայները կը լսուէին թէ փողոց են եւ թէ խոհանոցէն: Գրգռուած ու գայթակղած` Արիֆ պէյ իր ամբողջ ուժով կը քննադատէր Գատըգիւղը: Անոր պատճառով է, որ Մաւթէփէի հրդեհը այդքան մեծ համեմատութիւն էր առած: Սեղանին վրայ էր Ագշամը, ուր լրացուցիչ տեղեկութիւններ կային աղէտին վրայ: Այրած են 102 տուն, 10 խանութ, 1 մզկիթ եւ 1 պանդոկ: Եւ այս բոլորը այն պատճառով, որ Գատըգիւղ չէ ուզած օգնութեան փութալ, առարկելով թէ Մալթէփէ քաղաքապետութեան սահմանէն դուրս կ՚իյնայ: Իրաւ է, թէ դուրս կ՚իյնայ, բայց միթէ Մալթէփէն մարդ չէ: Արիֆ պէյին գեղեցիկ մոյկերը կ՚երթուդարձեն սենեակին մէջ կրկնելով. — «Միթէ Մալթէփէն մարդ չէ»:
Խոհանոցին մէջ ալ նոյն նիւթին շուրջ կը խօսուի: Ցած աթոռի մը վրայ նստած, Րէճէպ կը կարդայ նոյն Ագշամը, եւ ուրիշ զինուորներ ականջ կու տան: Հոս ալ Մալթէփէն քաղաքապետութեան սահմանէն դուրս կ՚իյնայ: Հոս ալ Գատըգիւղ օգնութեան չի փութար եւ կը պատասխանէ իրեն եղած հեռաձայնի կրկնակ հարուածներուն. — Մինչեւ որ հրշէջ զօրաց հրամանատարութենէն հրաման չառնենք, չենք կրնար ճամբայ ելլել»: Բայց չեն կրնար արտօնութիւն առնել, որովհետեւ «հրամանատարը անհանգիստ ըլլալուն» համար մէկ քանի օրէ ի վեր հանգիստ կ՚ընէր իր տունը: Փոխ-հրամանատարն ալ բացակայ էր, որովհետեւ Պաքրքէօյ էր գացած, ագարակի մը մէջ այրուող խոտերը հրդեհ կարծելով: Մինչ այս, մինչ այն, կրակը մեծ համեմատութիւն էր ստացած: Ստիպեալ` Մեծ Կղզիէն օգնութիւն ուզեցին: Մեծ Կղզիի հրշէջ գունդը ճամբայ ելաւ անմիջապէս, բայց կարելի չեղաւ գտնել Պաղտատ շոգենաւին նաւապետը: Մալթէփէի կէսը մոխիրի վերածուած էր արդէն, երբոր Գատըգիւղ ճամբայ ելաւ վերջապէս: Հրամանատարը իր տունէն արտօնութիւն տուած էր հեռախօսով: Բայց Գատըգիւղի օթօները Պօսթանճը հասած` «պէնզինի խողովակները աւրուեցան…»:
— Ախ, սա աղաւնիներուն նայեցէք, — ըսաւ Աւետիս, — որ պատուհանին մէջ էր նստած: Ինչ համով կ՚ըլլայ փիլաֆին հետ…
Ճակատը երկաթէ հաստ ձողերուն կռթնցուցած` անօթի Աւետիս կը նայի Սուրբ խաչ եկեղեցիի աղաւնիներուն: Անոնք աղբիւրի ջրակոյտերուն շուրջ կը դառնան, կը վուվույեն եւ կը լոգնան: Գիտեն թէ զանգակատունը զիրենք պիտի կանչէ քիչ վերջ եւ կ՚ուզեն մաքուր ներկայանալ անոր: Վերջալոյսը բռնկած է անշուշտ տուներու ետին, քանի որ մթնոլորտը վարդագոյն է եւ բարձր թառած փոքրիկ պատուհան մը հնոցի պէս կը ճարճատի: Վու, վու:
Օգնական խոհարարը, Րէճէպ, թերթը ձգելով մօտեցաւ պատուհանին եւ նոյնպէս անօթի աչքերով նայեցաւ թռչուններուն:
— Ինչ լաւ կ՚ըլլար է— ըսաւ ան ալ, — մէկ հարուածով սա երեքը մէկ փռէի…
Եւ իր թեւերուն տուաւ զէնք մը կրելու դիրքը, գլուխը քիչ մը դէպի աջ ծռեց, ձախ աչքը գոցեց ու նշան առաւ: Յետոյ աջ ձեռքին ցուցամատը պարապին մէջ խաղցնելով, զէնքի ձայնը կեղծեց
— Պում…
Իրաւ ալ աղաւնիները թափահարեցին սարսափած` հակառակ, որ Րէճէպին ձայնը բնաւ իրենց հասած չէր կրնար ըլլալ: Աւելին կայ: Թռչուններէն մէկը ինկաւ ու սկսաւ տապըլտկիլ, ոգեվարիլ:
Զարնուած էր:
Պատուհանին մէջ խմբուած գլուխները սկսան մէկզմէկ դիտել` կատարելապէս ապուշցած: Բայց շուտով պարզուեցաւ խնդիրը: Չես գիտէր որ անկիւնէն դուրս նետուած էր Բենիկ, որուն ձեռքին մէջն էր տակաւին պարսատիկը: Ոստումով մը տղան հասաւ վիրաւոր աղաւնիին մօտ, անոր վիզը ոլորեց եւ իր ծոցը նետեց անասունը: Երկաթէ ձողերուն ետեւէն պոռացին, հայհոյեցին, սպառնացին ալ, բայց բոպիկ տղան հեռացաւ ծիծաղելով: Նոյնիսկ համարձակեցաւ ընել աւելին: Կղմինդրի կտորի մը վրայ թքաւ, ու այն արձակեց դէպի խոհանոց՝ պարսատիկին շնորհիւ:
Ոչ միայն պատուհանը պարպուեցաւ շուտով, այլ նաեւ զինուորները ցրուեցան խոհանոցէն, որովհետեւ Ֆախրի պէյը ներս էր մտած: Ենթասպան Աւետիսի առջեւ դրաւ փոքր ծրար մը, որուն հաստ ու դեղին թուղթեն կ՚երեւար, թէ միս կը պարունակէ: Պատուիրեց, որ շուտով կասկարայ ընէ այն, որովհետեւ այս իրիկուն կանուխ ճաշել կ՚ուզեր: Անմիջապէս գործի սկսաւ Աւետիս, շատ սովորական ակնարկ մը նետելով միսին վրայ: Իրականին մէջ յուզուած էր, որովհետեւ միսը առաջնակարգ էր: «Սառի պէս»:
Ենթասպան կը դառնար խոհարարին շուրջ անհամբերութեամբ: Պահ մը դուրս ելաւ երթալ երկու բառ տեղաւորելու համար ներսի վիճաբանութեան մէջ, եւ յետոյ վերադարձաւ կրկին: «Հարիւր երկու տուն» կը կրկներ Ֆախրի պէյ: Յանկարծ հարցուց.
— Ան չէ ամա, քիչ մը առաջ ինչու կը պոռայիք կոր:
— Պեյս, — ըսաւ Աւետիս պատուհանը ցոյց տալով, — շան որդի լակոտ մը կայ, Բենիկ կ՚ըսեն…
— Կը ճանչնամ, — ընդմիջեց սպան, — նորէն ինչ ըրաւ:
Սովորականէն տարբեր տրտմութիւն մը կար երեկոյեան ղօղանջին մէջ: Կարծես թէ զանգակատունը երկչոտութեամբ կու լար իր մէկ անդարձ աղաւնին: Մօր մը պէս ղօղանջը կը դառնար թաղէ թաղ, երեք լեզուով տեղեկութիւն կը ժողվէր, ու յետոյ յուսահատ կը նուաղէր: Կը կանչէր, նորէն կը կանչէր աղաւնին ու կու լար դառնօրէն:
— Հաւատքիս քֆրեց, — ըսաւ Աւետիս:
………………………………………………………………
Ֆախրի պէյ այնքան բրտօրէն բացաւ դեղարանին դուռը, որ ցուցափեղկին մէջի զմռսուած սկիւռը վար ինկաւ: Աղաւնիին սիրտը թունդ էր ելած: Ֆախրի պէյ աղջկան հարցուց անձկութեամբ:
— Ուր է Արթաքի էֆէնտին: Շուտ, շուտ կանչէ Արթաքի էֆէնտին:
Դեղարան կը մտնէին նաեւ զինուորներ: Անոնցմէ մէկը Աւետիսն էր: Երբոր Աղաւնի իր նշանածը այդ վիճակին մէջ տեսաւ, աղեկտուր ճիչ մը արձակեց ու նուաղեցաւ:
Իզուր սպան ջանաց ցնցել ու արթնցնել գետինը փռուած աղջիկը: Զգաց, որ այդ բանը ժամանակի կարօտ է եւ ինք բնաւ ատեն չունէր կորսնցնելիք: Փողոց նետուեցաւ ու պոռաց դեղագործին անունը: Շուկան, որ երեկոյեան պատճառով քիչ մը ոգեւորութիւն ստացած էր, յուզուած է արդէն: Կը վազվզեն դրացի խանութպաններ, «Արթաքի էֆէնտի» պոռալով: Գտան այն Լիղօռին սրճարանը, ուր թուղթ կը խաղար: Իրեն երկու բառով բացատրեցին պատահածը: Աւետիս` ենթասպային բացակայութենէն օգտուելով, միսի կտոր մը նետած էր բերանը, բայց կոկորդը մնացած էր ան` երբոր փորձած էր կլլել, Ֆախրի պէյի յանկարծական վերադարձին պատճառով:
Երկու զինուորներ անհուն դժուարութիւններով կը զսպեն Աւետիսը: Աւելի ճիշդը` կը ջանան զսպել: Աւետիս կը խեղդուի: Կը ճանկէ, կը գալարուի, կը մեռնի: Աչքերն ու լեզուն դուրս են ինկած, վիզին երակները ուռած են զարհուրելիօրէն եւ շատ վախնալիք գոյն մը առած է իր դէմքը: Կը մեռնի:
— Չեմ տեսնար կոր, — ըսաւ Արթաքի էֆէնտի, — լոյսին առջեւ քաշեցէք սա…
Իր ծունկերուն վրայ ինկած հայ զինուորը քաշկռտեցին: Սպան անոր գլուխը անշարժացուց նորէն, բայց դեղագործը այս անգամ ալ չյաջողեցաւ: Կը սահէր գործիքը: Մկրատի նմանող երկարավիզ իր աքցանը երբոր չորրորդ անգամ ըլլալով մխրճեց կոկորդին մէջ, կրցաւ բռնել միսը: Զգուշութեամբ քաշեց այն ըսելով. — «հոս եկար, հոս եկուր նայիմ»: Երբոր միսը «հոս կու գար», Աւետիսին համար կարծէք արեւ, արեւ, արեւ կը ծագէր:
Արթաքի էֆէնտի նայեցաւ իր աքցանէն կախուող միսին, յետոյ նայեցաւ Աւետիսին ու ըսաւ.
— Չիւշ… աւանակ:
Անմիջապէս, որ վերցուած էր թեւերու կաշկանդումը, Աւետիս ինկած էր գետնի քարերուն վրայ: Կը շնչէր կուշտ ու կուռ եւ կը ժպտէր երանութեամբ: Կիցի հարուածներով զինքը ոտքի հանեց ենթասպան ու դուրս շպրտեց դեղարանէն: Դռան առջեւ խմբուած բազմութիւնը ճամբայ բացաւ զինուորներու փոքրիկ խումբին, եւ ամէն ոք ակնարկով հետեւեցաւ Հայուն: Բացորոշ է, թէ ոսկորները կոտրելու աստիճան պիտի ծեծէն Աւետիսը: Ոչ ոք կը մեղադրէր զայն: Ներկաները, բոլորն ալ առաւել կամ նուազ անօթիներ, կ՚արդարացնէին անշուշտ խոհարարին արարքը, եւ ծերուկ կին մը կ՚ըսէր` արցունք մը սրբելով. — «քա անօթութիւնը ինչ ընել չի տար»: Շատեր կ՚երթային լուրը տարածել, արդէն իսկ չափազանցելով միսին մեծութիւնը: Այս բոլորին մէջ մէկ հոգի մը միայն ուշադրութիւնը ունեցաւ շնորհաւորելու Արթաքի էֆէնտի Ինճէյեանը իր մեծ ճարտարապետութեանը համար — Բենիկը:
Արթաքի էֆէնտի դեղարանին դուռը գոցեց ամէն մարդ դուրս ընելէ յետոյ եւ զարմացաւ` սեղանին վրայ տեսնելով խաղի թուղթեր: Իր աճապարանքին մէջ` հետն էր բերած զանոնք: Ըսաւ. «Ամէն մեղքիս` երկու հատ ալ պէյ ունէի»: Երբոր դեղագործը դէպի աղբաման կ՚երթար աղտոտ միսը նետելու համար, նրբանցքին առք եւ դէմ դէմի եկաւ Աղաւնիին հետ, որ սաստիկ դժգոյն էր դեռ: Աղաւնի նայեցաւ աքցանէն կախուող կարմիր միսին ու բացականչեց լեղապատառ.
— Աւոյիս լեզուն… Աւոյիս լեզուն…
Արթաքի էֆէնտի ատեն չունեցաւ «լեզու չէ» ըսելու: Երկրորդ անգամ ըլլալով նուաղած էր Աղաւնի:
3
Կրկին նստաւ անկողնին մէջ եւ գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ առաւ Արթաքի էֆէնտի: Կը տառապէր անվերջանալի գիշերին խորը: Պառաւ կիներու պէս կ՚օրօրուէր, իր գլուխը սեղմելով շատ ուժով, կարծես մահուան մտածումը ճզմելու համար հոն: Երբեմն իր խաշած կոպերը կը բանար արտակարգօրէն, խաւարը հարցաքննելու համար, բայց դժգոյն պատուհանի մը չէզոքութենէն զատ բան չէր տեսնէր: Մտովի կը կրկներ միշտ. «եթէ իրաւ մեռաւ…»: Արթաքի էֆէնտի կտրած անցած է գիշերուան բոլոր յարկերը վերէն վար, կորսուած է աղջամուղջին նկուղներուն մէջ եւ վերջապէս խրած՝ մութին մրուրին խորը: Յոգնած միտքը գիտէ թէ փրկութեան միջոց պիտի չգտնէ այլեւս եւ վիշտը ծամելով պիտի տուայտի: Կը կրկնէ միշտ «մանչս, մանչս…»: Կը ճգնի խորհրդածել, բայը իր խորհրդածութիւնը մարմին չունի այլեւս. անոր սկիզբը անմիջապէս կը յանգի վախճանի մը, որ միշտ նոյնն է: Լոյսին ցանկութիւնը: Միայն այն կը ցանկայ, կառչելու համար բանի մը, բաներու, բայց նախ իր մարմնին: Կը զգայ, թէ լոյսը իրեն պիտի բերէ սովորութիւններ, հարկադրութիւններ, պատշաճութիւններ, մէկ խօսքով փրկարար վատութիւներ: Բայց լոյսը մէկ անգամէն չի գար, ու մարդը կ՚օրօրուի:
Գարնան արշալոյսը իր յաւիտենական արդարութեամբ համբուրեց իրերը, անոնց երկու երեսներէն: Բայց տրտմութիւնը հետզհետէ աւելի պտղեցաւ դեղարանին մէջ ու թանձրացաւ: Խորապէս ընկճուած` Արթաքի էֆէնտի դարձաւ ու դարձաւ իր խանութին մէջ, եւ դեղարանին առարկաները ամէն օրուընէ աւելի իրեն յիշեցուցին իր «մանչը»: Թուրքը կ՚ըսէ` «Աղջիկը` հօրաքրոջ, տղան մօրեղբօր կը նմանի»: Եւ ճիշդ իրեն կը նմանէր իր քրոջ որդին: Չորս տարի աշխատեցաւ ան սա բոլորախորշին ետեւ ու իր ստուերը շրջեցաւ շիշերը ծածկող մեծ ապակէ դուռներուն մէջ: Արթաքի էֆէնտիին «մանչը» եղաւ չորս տարի եւ երեք ամիս, որ զինուոր տարին: Փրկագինն ալ օգուտ չըրաւ ու զինուոր տարին: Սուտ ու սխալ լուրեր շատ կու գան Անատոլուէն, այդ բանը լաւ գիտէ Արթաքի էֆէնտի, բայց ատենը անգամ մը հառաչելով կը կրկնէ. — «եթէ իրաւ մեռաւ…»:
Ժամանակը չէր առաջանար կարծես, քանի որ նոյն տխուր նիւթով էր գրաւուած եւ եղած էր միակտուր Ժամանակ մը: Ան իր բնոյթը չփոխեց, երբ որ Արթաքի էֆէնտիին քոյրը դեղարան մտաւ ու աթոռի մը վրայ փլաւ: Չխօսեցան քոյր եւ եղբայր: Յայտնի է, թէ տարէց կնոջ վրայ ուժ չկայ բնաւ, բայց անզսպելի զգացում մը զայն կը նետէ աջ ու ձախ: Տիկին Արմէնուհիի աչքերն ալ կարմիր են անքնութեամբ եւ կը փայլին վախով: Արթաքի էֆէնտի ակնարկը վեր չ՚առնէր ու կը տեսնէ իր քրոջ կօշիկները` փոշիով սպիտակ: Գիտէ թէ անոնք դարձեալ մութն ու լուսուն վազած են Ս. Կարապետ, Ս. Խաչ, երկուքն ալ աղօթելու համար:
— Նորէն նամակ չկայ, — ըսաւ մայրիկը:
Արթաքի էֆէնտի գիտէ, թէ հաւատացեալ չէ Արմէնը: Գիտէ, թէ քաջ է Արմէնը: Միայն թէ «եթէ իրաւ մեռաւ…»: Տիկին Արմէնուհի յոյսեր ունի, պիտի երթայ մինչեւ Նահապետեաններուն, անոնց հարցնելու համար, թէ իրենց փեսայէն լուր առած են այս վերջերս: Նահապետեաններուն փեսան Ներսէսին հետ էր այս ձմեռ. ճիշդ է, թէ անկէ ի վեր բաժնուած էին իրարմէ, բայց տիկին Արմէնուհի յոյսեր ունի: Արթաքի էֆէնտի պոռպռաց, բայց գրեթէ անմիջապէս վերջը զղջաց՝ քոյրը յանդիմանած ըլլալուն համար։ Զղջաց որ ձայնը բարձրացուցած էր անիմաստօրէն եւ խօսած կոպտութեամբ: Ինչու դպիլ յոյսերուն: Լռեցին: Բայց գիտէին, թէ իրենց լռութեան մէջ կայ միշտ նոյն նիւթը: Նրբանցքին խորէն կու գար Աղաւնիին աղմուկը եւ աջ կողմի ցուցափեղկին դեղին ջրագունդը կը վառէր արեւի մը պէս: Մէկ ճառագայթով բռնկած էր ան: Աղաւնի բան մը կոտրեց ու ըսաւ. «շուն շան որդի»:
— Եթէ մանչս հոս ըլլար, սա աղջկան տէրտը պիտի չունենայիր, — ըսաւ տիկին Արմէնուհի իր եղբօր բարկութեան:
Դեղագործը փախուստի դուռ մը գտած ըլլալով սկսաւ առատօրէն խօսիլ։ Գանգատեցաւ իր քրոջ՝ Աղաւնիին ձեռքէն քաշածները թուելով: Կը խօսէր յուզումով, ու թէեւ բացորոշ էր, թէ այդ յուզումը ուրիշ նիւթի մը կը պատկանի, բայց Արթաքի էֆէնտի գոհ էր: Պատմեց Աւետիսին գլխուն եկած փորձանքը եւ իր միջամտութիւնը: Քիչ մը ժպիտ եկաւ Արմէնուհիին դէմքին վրայ, եւ վերջն ալ կուշտ քահ քահ մը թող տուաւ մայրիկը, երբ որ լսեց Աղաւնիին խօսքը. — «Աւոյիս լեզուն, Աւոյիս լեզուն»: Արթաքի էֆէնտի ըսաւ, որ Աղաւնի տեղեկութիւն չունէր, թէ ինչ տեսակ փորձանք եկած է իր նշանածին գլխուն, քանի որ նուաղած էր բացատրութիւն ստանալէ առաջ: Եւ սթափելէ յետոյ, երբ որ փախած էր դեղարանէն` ակնթարթի մը ընթացքին հազիւ տեսած էր, թէ Արթաքի էֆէնտի բաներ մը կ՚ընէ դուրս ինկած լեզուին հետ: Ու բնականաբար, իր կարճ խելքով լեզու կարծած էր աքցանէն կախուող միսի կտորը: Տիկին Արմէնուհի գլխով հաստատական նշան կու տար, հասկցայ ըսելով ու կը խնդար: Դեղագործը խօսելով հանդերձ կը զգար, որ իր տուած բացատրութիւնները բոլորովին աւելորդ են, բայց կ՚ուզեր երկարել իր քրոջ զուարթութիւնը, ի գին նոյնիսկ կրկնութեան:
— Աչքդ խաղայ, Արթաքի, — ըսաւ ան. — դուն բնաւ պիտի չփոխուիս: Օր մը եթէ մեռած զիս դեղարան մտցնեն, խնդալիք բան մը պատմելով զիս նորէն ոտքի պիտի հանես:
Եւ արցունքներ կ՚իջնային իր այտերէն: Դեղագործը ըսաւ, թէ սաստիկ ծեծուած էր Աւետիս: Իր ոռնոցը դուրսէն իմացած էին: Հիմա երկու օր է, որ մէջտեղ չէր ելած եւ Աղաւնի բոլորովին թռցուցած էր իր չունեցած խելքը: Կոտրած շիշերուն հաշիւը չկար: Հաշիւը չկար նաեւ «ինչ ըսիր»ներուն:
— Ճիշդ ու ճիշդ կնիկս է, — ըսաւ Արթաքի էֆէնտի: — Մէկուն տէրտը չէր բաւէր` հիմա երկուք եղաւ:
Եւ այս ըսելով, ձեռքը կ՚երկարէր դէպի ոտնաձայներ, որոնք ապահովաբար իր կնոջ կը պատկանէին: Իրաւ ալ, երբ որ սանդուխներուն կրճտուքը աւարտեցաւ, Տիկին Էլպիս մտաւ դեղարան, ըսելով, թէ Ձայն մը իրեն հաղորդած էր ծանօթի մը ներկայութիւնը: Երբեմն այսպէս Ձայներ կը լսէր Տիկին Էլպիս եւ վար կ՚իջնար: Ջրոտ համբոյրներ տեղաւորեց ան Տիկին Արմէնուհիի այտերուն վրայ, որպէս թէ ամիսներէ ի վեր նոր տեսած ըլլային մէկզմէկ: Դեղագործին քոյրը ուրիշ ատեններէ աւելի դժկամութեամբ հանդուրժեց այս յարձակողականին եւ կորսնցուց իր զուարթութիւնը: Տիկին Էլպիս երբ որ լսեց, թէ «նորէն նամակ չկայ», յուղարկաւորութեան դէմք մը առաւ ու քիչ վերջ սկսաւ թղկալ բացէ ի բաց:
Բնականաբար դեղագործին բարկութիւնը մեծ եղաւ: Աթոռները զարկաւ գետին, պոռաց ու գոռաց իր լալկան կնոջ դէմ: Ըսաւ, թէ կին արարածը պէտք է գուլ սղոցով սղոցել, որովհետեւ պարզ հացի դանակը շատ քիչ բան է: Բայց վերջապէս, ինչու լալ, ինչ բանի համար, ինչ է պատահեր: Աղմուկը չափազանց մեծցաւ դեղարանին մէջ, որովհետեւ քանի Արթաքի էֆէնտի իր կինը կը հրէր դէպի սանդուխ, ան աւելի կը ճչար: Ոչ միայն կը դիմադարձէր ամուսնին, այլ նաեւ կը պնդէր, թէ կարեւոր բան մը ընելու համար է, որ իջած էր դեղարան: Ինչ ընելու համար իջած էր: Ինչու զինքը կը շփոթեցնէին ու մոռցնել կու տային այդ բանը:
— Բան-ման չկայ, — պոռաց Արթաքի էֆէնտի շատ ուժով, — չկայ… քիչ մը առաջ Ձայն մը քեզի ըսաւ, որ վար իջնաս, հիմա ալ ուրիշ ձայն մը կ՚ըսէ կոր, որ վեր ելլաս… ասկէ կորսուիս… աս ալ ձայն է, իմացիր…
Պոռպռոցէն զզուած` տիկին Արմէնուհի ուզեց մեկնիլ եւ ոտքի ելաւ: Բայց երբ ելքի դուռը կը բանար, դէմ դէմի եկաւ Աւետիսին հետ ու նահանջեց:
Աւետիսին դէմքը կը ճառագայթէր երանութեամբ: Աննախընթաց երջանկութիւն մը կար իր աչքերուն, կարմիր այտերուն եւ խնդացող բերնին մէջ:
Երբ որ երեքն ալ զարմացած կը նայէին զինուորին, Տիկին Էլպիս ըսաւ յուզումով.
— Աչքս ելլայ… արդեօք որչափ ծեծեցին քեզ…
Այս խօսքը բաւական եղաւ, որ նշանածն քիթն ու բերանը կախէ: Ծեծին վերհիշումով տրտմեցաւ, ջղայնոտեցաւ, բարկացաւ նոյնիսկ: «Ախ. խօսքը մ՚ընէք» կ՚ըսէր ու իր բռունցքը կը զարնէր զիստին: Իսկ դեղագործին քովնտի ակնարկը կ՚ըսէր իր կնոջ. — «նորէն ըրիր-չըրիր` պարկ մը թուզը փչացուցիր»:
Մանրամասնօրէն Աւետիս նկարագրեց իր ծեծը, փոթորկալից խօսելակերպով մը` ուր թուրքերէնը կը տիրապետէր: Բայց յանկարծ իր մէկ նախադասութիւնը կէս ձգելով ուզեց յետադարձ ակնարկ մը նետել եւ ըսել, թէ ինչու միսի կտորը բերանը նետած էր: Այս կէտը կարեւոր էր: Խիստ շատ կարեւոր: Միսի կտորը բերանը նետած էր` որովհետեւ անօթի էր: Սոված գայլի պէս անօթի: Այսինքն արտասովոր կերպով քաղցած։ Ուշադրութիւն ըրէք այս խօսքիս, հիմա պիտի հասկնաք, թէ տակը ինչ կայ: Կ՚ըսէի ուրեմն, թէ զիս ծեծեցին, երբ ասկէ ելլելով զօրանոց դարձանք: Ոտքերս, թեւերս կապեցին, զիս վարի ծակը նետեցին, եւ ես կովերու պէս պոռացի: Ահաւոր բան էր: Կնքուած օրս միայն այդքան շատ պոռացած եմ: Տիկին Էլպիս, եթէ հիմա հանուիմ, չորս կողմս սեւ նշաններ կան դեռ: Աչքերը գոցած` հանդիպած տեղին կը զարնէր շուն Ֆախրին: Քիթիս, բերնիս, հապա փորիս: Ինձի այնպէս թուեցաւ, որ աղիքներս իրար կ՚անցնին, թնճուկ կ՚ըլլան: Բայց այդքանով չի բաւականացաւ Ֆախրին: Բանտերու մէջ հաշիշամոլ բանտարկեալները պատժելու եւ զիրենք այդ գէշ ունակութենէն զզուեցնելու համար, իրենց բերնէն վար աղտոտ բաներ կը լցնեն ըսաւ: Եւ որպէսզի ես ալ ուրիշ անգամ գողութիւն չընեմ, ուզեց պատժել նոյն կերպով: Ու բերնէս վար լեցուց գարշելի բան մը: Լաւ ուշադրութիւն ըրէք այս խօսքիս: Այս կէտը խիստ կարեւոր է: Աղտոտ ջուր մը լեցուց բերնէս վար բռնութեամբ: Լուացքի ջուր էր, ինչ էր, լաւ չեմ գիտեր, բայց զզուելի հեղուկ մըն էր: Պիտի փսխէի, պիտի մեռնէի եւ աղիքներս մէջ մէջի անցան: Ամբողջ գիշերը չեմ կրցած քնանալ ցաւերուս պատճառաւ ու ապահով էի, թէ թունաւորուած եմ: Բայց ահա որ վերջը…
Աւետիս հոս կանգ առաւ եւ իմաստալից ակնարկ մը պտտցուց իր դէմիններուն վրայ, որոնք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէին պատմութեան: Անշուշտ` մեծ էր Տիկին Էլպիսի սարսափը: Եւ Աւետիս սկսաւ ժպտիլ կրկնելով. — «բայց ահա որ վերջը…»: Կրկին իր դէմքին վրայ եկած էր այն ուրախութիւնը, որ ունէր` դեղարան մտած ատեն: Ըսաւ.
— Արթաքի էֆէնտի, չըլլալիք բան մը պատահեցաւ վերջը… խելքէդ միտքէդ չանցնիր, Արթաքի էֆէնտի… փորէս որդ ինկաւ, որդ… շէրիտ ունիմ եղեր…
Եւ որովհետեւ Տիկին Էլպիս չէր հասկնար, ստիպուեցաւ աւելցնել, թէ աղտոտ ջուրին պատճառով որդ ինկած էր աղիքներէն, որդ… Դեղագործին կինը իր երկու ականջները գոցեց եւ ճչաց.
— Արթաքի, եթէ այդ բանը ինձի պատահի, վախէս կը մեռնիմ…
Աղաւնի, որ իր նշանածին ձայնը առնելով բոլորախորշին ետեւը եկած էր ու պատմութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ լսած, առաջ անցաւ ու միացաւ միւսներուն: Աւելի կանուխ չէր կրցած ընել այս շարժումը, որովհետեւ յուզուած էր եւ սրտին բաբախումները ինքը կը գամէին կեցած տեղը: Այժմ միայն սկսաւ շնչել հանգստութեամբ:
— Հիմա խնդիրը բացատրուեցաւ, — ըսաւ Տիկին Արմէնուհի զինուորին, — այդ որդին պատճառաւ է, որ միշտ անօթի ես եղեր: Իրաւ ալ անօթութիւն կը պատճառէ ան, քանի որ քու սնունդդ…
— Հապա, — ընդմիջեց զինուորը, — իմ սնունդս ան կ՚ուտէ… Ատոր համար է, որ սոված գայլի պէս եմ եղեր… բանով մը չէի կշտանար եւ ծակ աչք եղած էի, գող եղած էի… Յանցանքը իմս է. մարդ կը կերակրեմ կոր եղեր ու լուր չունիմ… եւ ատոր համար է, որ միշտ կը նիհարնամ կոր եղեր:
Հանդարտեցան վերջապէս: Աւետիս իր ձեռքերը շփեց գոհունակութեամբ եւ Արթաքի էֆէնտիէն խնդրեց, որ պէտք եղած դեղերը պատրաստէ, քանի որ դեռ փորին մէջ բաներ մը մնացած էր: Պէտք էր մաքրել ամէն ինչ: Դեղագործը ըսաւ, որ ատկէ դիւրին բան չկայ եւ թէ կրնայ կէսօրէ վերջ հանդիպիլ, դեղը առնելու համար: Յանկարծ Տիկին Էլպիս ըսաւ Աւետիսին.
— Սանկ ըսէ… ատոր համար է, որ միշտ կը նիհարնաս կոր եղեր. մէյ մըն ալ կ՚ըսէիր, որ աս աղջկանը պատճառաւ է, որ կը հալիս կը մաշիս կոր… սիրոյ չես դիմանար կոր… ինչ սէր, որդին համար է եղեր…
Իր ամբողջ մարմնով ցնցուեցաւ Աղաւնի: Բաց գոյն ֆէսի մը պէս շառագունեցաւ վայրկենաբար: Ամբողջ արիւնը գլուխն էր խուժած: Ահաբեկուած աչքերով նայեցաւ իր շուրջիններուն որպէս թէ անոնք հսկայական որդեր ըլլային, բայց իր ակնարկը մանաւանդ գամեց Աւետիսի աչքերուն մէջ: Արթաքի էֆէնտի եւ իր քոյրը փորձեցին միջամտել, բայց Աղաւնի չէր լսէր զանոնք: Իր ակնարկը բնաւ չէր հեռացներ զինուորէն, հեւ ի հեւ պահանջելով, որ խօսի, ըսէ, պոռայ, բողոքէ: Թէ այդ գարշելի որդը իրենց սէրին մէջ գործ չունի, չի կրնար ունենալ բնաւ: Կը նայէր Աւետիսի բերնին, եւ կարծէք անդունդի մը եզրը կախուած էր Աղաւնի, մէկ մատով: Աւետիս ըսաւ դեղագործին կնոջ` խեղճ ձայնով մը— «Ատ ըսածդ վայլեց. խելքը գլուխը մարդու խօսք է»: Բայց այս խօսքերը Աղաւնիին համար հաստատումներ էին ինքնին եւ ոչ թէ ժխտում մը, եւ ոչ թէ պոռթկում մը: Մատը փրթաւ սուր ցաւով, ու Աղաւնի ինկաւ անդունդը, այսինքն փախաւ սաստիկ լալով:
Դեռ քիչ մը առաջ լման արեւ մը կար աջ կողմի ցուցափեղկին մէջ: Այժմ կայ միայն հասարակ ջրագունդ մը` մէզի գոյն:
4
Կարկուտ մըն է գլխուս պիտի տեղայ` լաւ է, որ ժամ առաջ տեղայ: Այսպէս խորհեցաւ Աւետիս եւ անգամ մը եւս ուղղուեցաւ դէպի «պարտէզ»: Քալեց կորագլուխ եւ սրտաբեկ: Թէ կը փափաքէր, որ իր նշանածը վերջապէս ինքը ընդունի եւ անխուսափելի կարկուտէն յետոյ հաշտուին, եւ թէ կը փափաքէր, որ Աղաւնի կրկին վանէ զինքը, որպէսզի բախումը քիչ մը եւս ուշանայ: Շաբաթէն աւելի է, որ զիրար չեն տեսած արդէն: Երեք անգամ դիմած էր Աւետիս եւ երեք անգամուն ալ վռնտուած էր Աղաւնիին կողմէ, նոյնիսկ անգամ մը Արթաքի էֆէնտիին ներկայութեան: Այդ անգամուն սապէս եղաւ: Զինուորը դեղարան մտաւ յանցաւորի կերպարանքով եւ դեռ բերանը չէր բացածդ երբ Աղաւնի դուրս նետուեցաւ բոլորախորշէն եւ մատը իրեն ուղղած` պոռաց դեղագործին.
— Աս հոգաբարձուին պիտի ըսես` որ իր երեսը, երեսը, երեսը տեսնալ չեմ ուզէր:
Եւ խոհարարը սաստիկ ամչցաւ Արթաքի էֆէնտիին առջեւ, որ իր գլուխն իսկ վեր չէր առնէր: Բայց հոգաբարձուն իմաստ չունի կ՚ըսէր Աւետիս, եւ անիմաստ ըլլալուն համար կրկնապէս ծաղրական կը գտնէր զայն: Յետոյ կանգ կ՚առնէր իր այս խորհրդածութեանը պատճառով ու կը ժպտէր գէշ կերպով: Այլեւս բնաւ չհամարձակեցաւ դեղարանին դուռը ափ առնել: Իր միակ յոյսը «պարտէզն» էր, ուր նոյնիսկ եթէ գէշ ընդունելութիւն մը ստանար, գոնէ ականատեսներ պիտի չգտնուէին:
Հակառակ անոր, որ ամէն վայրկեան կ՚ուզեր ետեւ դառնալ ու փախչիլ, զինուորը հասաւ վերջապէս «պարտէզ»-ի դրան առջեւ, ուր սատկած կատու մը կար եւ զարմանալիօրէն մեծ մարգարտածաղիկ մը: Փոքրիկ հարուած մը տուաւ դրան եւ սպասեց: Պատասխան չկար: Ի փոխարէն գէշ անակնկալ մը կար տախտակորմին վրայ: Հոն կաւիճով գրուած էր հետեւեալը, ապահովաբար Բենիկին կողմէ.
Հարցում. — Որդը ինչ կընէ:
Պատասխան. — Որդը կը նիհարցնէ:
Աւետիս իր թեզանիքովը աւրեց գրութիւնը, ջանալով նուազագոյն աղմուկ յարուցանել, որպէսզի Աղաւնի չլսէ ու մէջտեղ չելլէ: Յետոյ սպասեց հոն, որպէսզի Աղաւնի վերջապէս մէջտեղ ելլայ: Բաւական երկար ատեն հոն կեցաւ լքուած սիրահարը, չորս կողմը դիտեց, ամչցաւ ու հառաչեց խորապէս: Լիղոռի սալորենիին վրայ տեսաւ սպիտակ ամպ մը եւ զայն նմանցուց Իզմիրլեան պատրիարքին: Յետոյ ուզեց մեծ մարգարտածաղիկը քաղել, բայց սատկած կատուին մօտիկութիւնը աղտեղութիւն կը նետէր նաեւ ծաղիկին վրայ: Երբ որ Աւետիս կը մեկնէր յուսահատ, յանկարծ «պարտէզ»ին դուռը բացուեցաւ, եւ Աղաւնի ներս առաւ զինքը` թեւէն քաշելով:
Խոհարարին գուշակութիւնը ճիշդ էր: Կարկուտը զարհուրելի եղաւ: Աղջիկը իր ամբողջ բարկութիւնը պարպեց եւ ատենը անգամ մը նայեցաւ դռնէն դուրս, որպէսզի իրենց լսող չըլլայ: Ըսաւ թէ դժբախտ է, աննկարագրելիօրէն դժբախտ: Եթէ ամբողջ աշխարհի վրայ քննութիւն մը կատարուէր, իրեն չափ դժբախտ աղջիկ կարելի պիտի չըլլար գտնել այս միջոցիս: Հոս նայէ: Մէկ հատիկ նշանած մը ունէր. մէկ հատիկ սիրտ մը ունէր. մէկ հատիկ ալ սէր մը ունէր այդ սրտին մէջ: Արդ` այս բոլորը, որ իր միակ գանձը կը կազմէին, նետուած էին կղկղանքի մէջ, ցեխերու, մէզերու եւ աղիքներու մէջ: Սկսաւ լալ Աղաւնի: Եւ ինչու նետուած էին: Մէկ այս գարշելի որդին պատճառաւ: Ինչու համար Աղաւնիի անկեղծ ու վճիտ սէրը ամէնուն բերանը իյնար: Ինչու յիմար արարածներ ծաղրէին զինքը: Այո, բոլորը քաշքշեցին Աղաւնին, այն բաղդատելով որդին հետ, այդ աղտոտ մակաբոյծին նիհարցնելու կարողութիւնը աւելի բացարձակ գտնելով: Դեղարան հանողը կ՚ըսէ հեգնանքով. — «Օրիորդ Աղաւնի, մեր Աւետիսը քեզի համար չէ, որ կը նիհարնայ եղեր, այլ…»: Ով կ՚ըսէ: Բայց շուն Արիֆը, դիմացի Մօսիկը, Լիղօռը, բոլորը, բոլորը: Եւ օրերէ ի վեր: Հապա ան ջատուկ կիները…: Սկսաւ լալ Աղաւնի:
— Զիս բոլորին առջեւ խայտառակեցիր, — ըսաւ ան հեկեկալով, — ծիծաղելի եւ ծաղրելի դարձուցիր… իմ անկեղծ սէրիս հանդէպ յարգանք չունեցար… եւ ես կ՚ատեմ քեզ… ամբողջ… ուժովս կ՚ատեմ քեզ: Դուն այլեւս իմ նշանածս չես, կորսուէ… կորսուէ…
Աւետիս խղճալի ձեւով մը ուզեց հասկցնել, թէ որդին դէպքը ինք չէ, որ տարաձայնած էր, այլ շուն Արիֆը եւ շատախօս Տիկին Էլպիսը: Աղաւնի շատ աւելի բարկացաւ ու ըսաւ, թէ միակ յանցաւորը դուն ես: Եւ արդէն չի կրնար ուրիշ մը ըլլալ, քանի որ ամբողջ աշխարհի վրայ քեզի պէս յիմար չկայ:
— Ապուշ արարած, — աւելցուց աղջիկը իր երկու բռունցքները զինուորին փորին զարնելով. — ապուշ արարած, մարդ չի զգար, թէ ուրկէ կը նիհարնայ կոր: Դուն չես գիտէր, թէ սիրտդ հոս է, փորդ ալ հոս: Դուն ինչպէս կ՚ըլլայ, որ փորէդ եկած նիհարութիւնը կը վերագրես սրտիդ: Միթէ իմ պատճառած նիհարութիւնս կը նմանի փիս որդի մը պատճառած նիհարութեան:
Արդէն խնդրին այս կէտը ամենէն փափուկը կը թուէր Աւետիսին: Աղաւնի իրաւունք ունէր, բայց ինք ալ անիրաւ չէր, քանի որ իսկապէս կը սիրէր իր նշանածը եւ սիրտը կը հալէր: Եւ քանի որ սիրտը հալ ու մաշ էր, կը նշանակէ, որ կը նիհարնար: Միթէ քիչ մը քիչ հառաչած էր Աւետիս իր անկողնին մէջ:
— Սուտ ես, — գոչեց կարմրած աղջիկը կուրծքը ալեկոծելով, – սուտ ես. զիս չէիր սիրեր… զիս բնաւ չես սիրած…
— Աստուած վկայ Աղաւնի, Աւետիսը կը սիրէր քեզ: Խաչ վկայ` կը պաշտէր քեզ:
Աղաւնի պատասխանեց, թէ երդում ընելու պէտք չկայ: Ինք կը սիրէ յուսալ, թէ զինուորը չի ստեր, գոնէ այս տեսակ րոպէի մը, բայց նոյն զինուորը պէտք է գիտնայ, թէ այլեւս իր նշանածը չէ: Ամէն ինչ լմնցած է իրենց միջեւ: Նուիրական կապը խզուած է: Եւ արդէն միթէ կրնար, կրնար ուրիշ կերպ ըլլալ այս ահաւոր, ահաւոր դէպքերէն յետոյ:
— Մի պոռար, կը լսեն մեզ, — ըսաւ Աւետիս պատուհանը ցոյց տալով: — Աղաւնի այդ կողմէն մտահոգ չէ, որովհետեւ պէտք եղած նախազգուշական միջոցները ձեռք է առած: Իր շատախօս մօրաքրոջմէն դժգոհ` կղպեց ննջարանին դուռը, որպէսզի ան կրկին վերէն ականջ չտայ իրենց խօսակցութեան: Ահաւասիկ հոս է բանալին: Նայէ եթէ չես հաւատար:
— Հարկաւ, — աւելցուց Աղաւնի, — անոնք ինչ իրաւունք ունին մեր խօսքերը իմանալու: Դուն իմ Աւօս ես, եւ ես քեզ կը յանդիմանեմ: Իրաւունք ունիմ: Բայց անոնք պէտք չէ, որ լսեն:
Զինուորը յանկարծ ուժ առաւ այս անսպասելի խօսքէն եւ սկսաւ աղջիկը շոյել: Տարօրինակ հովեր կան Սկիւտարի մէջ: Չես գիտեր ուրկէ կու գան անոնք, չես գիտեր որու կը հարցնեն իրենց ճամբան, եւ բնաւ չես գիտէր, թէ վերջը ուր կը մեկնին: Համարձակ ու խրոխտ հովեր կան Սկիւտարի մէջ, որոնք տերեւները կը քշեն ուղիղ գծով եւ փողոցներէն կ՚անցընեն երեք հոգի — Աթօս, Փորթօս, Արամիս: Երբեմն համբոյրի նման հովեր կան Սկիւտարի մէջ: Երկնքի վերնատուներուն հարցուր` «չէ, մենք չղրկեցինք» պիտի ըսեն, եւ պիտի ժպտին վերնատուները: Կլորիկ աղջիկը զղջացած էր արդէն՝ իր յետին միտքը պարզած ըլլալուն համար: Խոհարարը մանկունակ եւ քնքուշ խօսքեր կը կմկմար ու կը հոտոտէր իր նշանածին մազերը, կրկնելով. — «լմնցաւ, ալ լմնցաւ»: Բայց երջանիկ չէր Աղաւնի: Աղաւնի դժբախտ էր, միշտ շատ դժբախտ: Ըսաւ, թէ իր նշանածը պիտի գիրնար այլեւս, քանի որ որդերը ինկած էին: Գիրնալ, միայն այդ էր պակաս: Աղաւնի բնաւ չէր սիրէր գիրութիւնը:
Ու յանկարծ աւելի բորբոքեցաւ եւ ճչաց զինուորին երեսն ի վեր.
— Խելք ըսեմ` չունիս. զարգացում ըսեմ` չունիս. հարստութիւն ըսեմ` չունիս. գեղեցկութիւն ըսեմ չունիս. մէկ որդ մը ունէիր, որ քեզ նուրբ կը պահէր, հիմա ան ալ չունիս…
Բոլորովին սմքած` զինուորը կակազեց.
— Ան ալ չունիմ… մեղքը իմս է… Աստուած տուաւ` աստուած առաւ…
— Ինչ ըսիր…
— Աստուած տուաւ` Աստուած առաւ…
Արթաքի էֆէնտի ստիպուեցաւ խիստ բառերով միջամտել, Աղաւնիին աղմուկը լռեցնելու համար: Աղջիկը, որ սաստիկ գայթակղած էր Աստծոյ անունը գարշելի որդին խառնուած տեսնելով եւ շատ պոռացած, գլուխը կախեց ու հանդարտեցաւ: Նշանածներուն ամէնէն աւելի բուռն, բայց նաեւ վերջին վիճաբանաթիւնը եղաւ այս: Հաշտուեցան տխրութեամբ:
Այդ տխրութիւնն ալ կորսուեցաւ յաջորդ օրը, նոյնիսկ սպասուածէն աւելի հիմնապէս: Աղաւնի իր սիրականը տեսաւ թէ չէ, նետուեցաւ վիզը սուր ճիչերով ու պատմեց հետեւեալը:
Նախորդ օրը Աղաւնի կղպած էր ննջարանին դուռը, որպէսզի իր մօրաքոյրը վերէն զիրենք չլսէ: Բայց սիրական Աւօ, տիկին Էլպիսը ներսն է եղեր ու բանտարկուած մնացեր է: Հապա, բանտարկուէր է: Գետինը նստած վերմակ կը խափլայէ եղեր, եւ Աղաւնի չէ տեսեր զայն մահճակալին պատճառաւ, որ կը ծածկէր կինը: Տիկին Էլպիս դուռը ծեծեր է, «ես հոս եմ» պոռացեր է, բայց հակառակ իր փնտռտուքներուն` Աղաւնի չէ կրցեր գտնել բանալին: Աղջիկը աւելցուց խնդալով.
— Քա փէք խենթ աղջիկ եմ, Աւօ… ինձի պէս խենթ դուն ինչպէս կը սիրես, Աւօս…
Զինուորը ուժգին եւ լորձունքոտ համբոյրներ դրոշմեց աղջկան այտերուն վրայ, ինչպէս որ 1910ին «Շանթ» ֆուտբոլի միութեան կնիքը կը դրոշմէր: Մնայուն ժպիտով մը սիրեց իր նշանածը եւ որոշեցին Ուրբաթ օր սինեմայ երթալ, քանի որ նոյն օրը կէսօրէ վերջ ազատ էր Աւետիս: Գացին: Հաճելի ներկայացման մը հանդիպելու բախտը ունեցան եւ Աղաւնի ունեցաւ տանելի յուզում մը: Ֆրանսերէն վերտառութիւնները թարգմանեց բարձրաձայն, եւ Աւետիս հասկցաւ ամէն ինչ: Այո, այո, վերջաւորութիւնը եւ ձկնորսներուն տեսարանը լաւ էր:
Այս եղաւ երկու նշանածներուն վերջին տեսակցութիւնը:
5
Ահա թէ ինչու:
Սինեմայէն ճիշդ երեք օր ետք, այսինքն երկուշաբթի, Աւետիս լուացք ըրաւ: Թեւերը սօթտած աշխատեցաւ ուրիշ զինուորներու հետ: Յետոյ ճերմակեղէնները տարին փռել Կոռէլին մէջ երկար չուաններու վրայ, որոնք կքեցան: Զօրանոցին ետեւ կ՚երկարի այն մեծ ու լքուած թրքական գերեզմանոցը, զոր կը կոչենք Կօռէլ: Ճերմակեղէնները օգտուեցան արեւէն, քանի որ արեւ կար: Յետոյ Աւետիս գլուխը խոթեց հսկայ կաթսաներու մէջ, անոնց մաքրութեան համար ալ աշխատեցաւ եւ ըրաւ ուրիշ բաներ` յիշատակութեան անարժան: Եւ ահա որ փլած պատէն տեսնուեցաւ Տիկին Արմէնուհին, որ ապահովաբար դեղարան կ՚երթար: Աւետիս զայն կանչեց եւ պատին երկու կողմերը կեցած խօսեցան: Նախ զինուորը իր ուրախութեանը յայտնեց Զաւէնէն լաւ լուրեր եկած ըլլալուն համար: Բարի լուրը ամենուն բերանն էր, եւ լսած էր նաեւ Աւետիս: Չափազանց երջանիկ է Տիկին Արմէնուհի եւ չի գիտեր, թէ ինչպէս պիտի կարենայ համբերել ինը օր՝ տեսնելու համար իր մանչը որ երկու ամսուան օդափոխութիւն ստացած է: Արդեօք ինչ վիճակի մէջ պիտի տեսնենք: Տասնըչորս օր հիւանդ պառկած է եղեր: Աւետիս նիւթը փոխելով ըսաւ, որ մեծ խնդրանք մը ունի ընելիք: Ծառայութիւն մը պիտի խնդրէ Տիկին Արմէնուհիէն եւ կանխաւ կ՚աղաչէ, որ պատասխանը մերժողական չըլլայ: Շատ կ՚աղաչէ:
Ըրաւ իր խնդրանքը:
Տիկին Արմէնուհի նախ չափազանց զարմացաւ, յետոյ բացականչեց ու թէերը վեր առաւ, եւ վերջապէս ուզեց մեկնիլ` կրկնելով, թէ ինք այս տեսակ բաներու չ՚ուզէր խառնուիր Ոչ, ոչ, ինք յանձն չէր առեր:
Թէեւ ցած, բայց ինքնավստահ ձայնով մը շարունակեց խօսիլ Աւետիս: Այդ խօսելակերպը, որուն ապահովաբար չէր սպասէր կինը, պատճառ եղաւ, որ չկարենայ անմիջապէս մեկնիլ Տիկին Արմէնուհի:
Զինուորը ցոյց տուաւ քիչ մը հեռուն կախուած ճերմակեղէնները, որոնք ճշմարիտ պատնէշ մը կը կազմէին եւ զիրենք կը ծածկէին զօրանոցեն: Ոչ ոք կրնար տեսնել երկու հայերը: Տիկինը պատէն անցաւ ու խոհարարին հետ գնաց նստիլ գերեզմանաքարի մը վրայ, որ տաք էր:
— Եթէ դուն չընես, ով պիտի ընէ, — ըսաւ զինուորը: — Էլպիս հանըմին չեմ կրնար խօսիլ: Կատարեալ անմիտ մըն է: Բարի կին, լաւ կին, բայց ինչուս պէտք… վերնատունը մարդ չկայ: Կը մնայ Արթաքի էֆէնտին: Այո, բայց ան ալ չըլլար: Երէկ գնաց իրեն, բայց ճամբուեցաւ, որովհետեւ եղբայրդ ալ քեզի պէս կ՚ըսէ, որ չ՚ուզէր այս տեսակ գործերու խառնուիլ: Զայն չէր մեղադրեր Աւետիս: Գիտէր, թէ Արթաքի էֆէնտին զինքը բնաւ չի ճանչնար: Այսինքն ճշմարիտ Աւետիսը չի ճանչնար, եւ իր այդ վարմունքը արդարանալի է: Ուրեմն Աւետիս իր վերջին յոյսը դրած է քու վրադ, որ եղբօրդ նման խելքը գլուխը անձ մը ըլլալէ զատ, չունիս նաեւ կանխակալ կարծիքներ:
Ոչինչ պատասխանեց տիկին Արմէնուհի: Զինուորը իր տաբատի գրպանէն հանեց ծխատուփը, որուն վրայ Այա Սոֆիայի պատկերը կար, եւ գլանիկ մը ոլորեց: Գոհ էր անոր լռութենէն, որ եթէ հաստատական պատասխան իսկ չէ իր խնդրանքին, կը նշանակէ, թէ Աւետիսը մարդու տեղ կը դնէ` իր խօսքերուն ականջ տալով:
— Ատ ըսածդ խօսք է, – ըսաւ Տիկինը քիչ մը ամչնալով, որովհետեւ իսկապէս շատ մարդու տեղ դրած չէր զայն այս հանդիպումէն առաջ: — Ինչու քեզ մարդու տեղ չդնեմ: Բայց լաւ կ՚ըլլայ, որ քիչ մը աւելի մտածես եւ յետոյ միայն այդ տեսակ որոշում մը տաս: Մի մոռնար, որ երիտասարդ աղջիկ է, դեռ շատ կը փոխուի:
Բարձր եւ խիտ նոճիներուն մէջ արեւը կ՚իյնար երկար լուսեղէն սիւներով, միշտ նոյն սրանկիւնով: Նոճիները կազմած էին մայր եկեղեցի մը եւ երկինքը պատուհաններ նուիրած էր այդ մայր եկեղեցիին: Թռչուն մը կար վարը, ուրիշ մը վերը, եւ երբեմն անոնք լոյսը կը կտրէին կ՚անցնէին առանք պատարագին թելը կորսնցնելու: Թանձր շուքերու մէջ մարմար փաթթոց մը կը փրփրէր:
Զինուորը երերցուց իր գլուխը ժխտականօրէն, որովհետեւ ըստ իրեն այդ տեսակ աղջիկ մը չէր կրնար փոխուիլ։ Եթէ տարիքը առնէ, եթէ ամուսնանայ, եթէ նոյնիսկ զաւակներ ունենայ, պիտի մնայ նոյն Աղաւնին: Կենդանի օրինակը մէջտեղն է. տես Էլպիս հանըմը: Ճիշդ իր մօրաքրոջ պիտի նմանի: Խենթ չէ, ապուշ չէ, բայց ուրիշ ծուռ բան մըն է: Զայն սահմանելու համար ճիշդ բառը չկրնար գտնել Աւետիս, բայց կը զգայ ու ապահով է, թէ դուն ալ կ՚ըմբռնես: Ինք զարգացած տղայ չէ. տես, իր խօսելակերպէն իսկ յայտնի է: Իբրեւ թէ հայերէն կը խօսի, բայց գործածած բառերուն մեծ մասը թուրքերէն է: Թէեւ կ՚ամչնայ, բայց միւս կողմէն ալ գոհ է Աւետիս, այն պատճառաւ որ դուն կը տեսնես, թէ ինք գիտակցութիւնը ունի իր թերութիւններուն, գիտակցութիւնը ունի իր վիճակին: Այդ պատճառաւ է, որ դուն նստած ես եւ իր խօսքերուն ականջ կու տաս. այլապէս շատոնց մեկնած պիտի ըլլայիր, ինչպէս որ ուզեցիր ընել միւս Աւետիսին դիմաց: Այդ միւս Աւետիսը գոյութիւն չունի: Անշուշտ Արթաքի էֆէնտին բաներ մը պատմած է քեզ, եւ ըսածները սուտ ու սխալ չեն, գոնէ ինչ որ կը վերաբերի Աղաւնիին: Օր մը ծակ մը ըլլար եւ ականջ տայիր երկու նշանածներուն խօսակցութեան: Անհաւատալի բան էր, յուսահատական բան էր: Կարելի չէր Աղաւնիին հետ խօսիլ լրջօրէն: Սկիզբները շատ փորձած էր Աւետիս, բայց տեսած էր, որ դէմը մարդ չկայ: Այնպիսի աղջիկ մըն է, որ միայն տղայական խօսակցութիւններէ եւ խնդուքէ կ՚ախորժի:
— Մարդ ըսածդ տարօրինակ է, — աւելցուց Աւետիս: — Վերջ ի վերջոյ ես ալ սկսած էի Աղաւնիին պէս խօսիլ: Տեղւոյն վրայ այլեւս ուշադրութիւն իսկ չէր ըներ, բայց անմիջապէս որ հեռանար իր նշանածէն` կ՚անդրադառնար իր խօսքերուն ու կը տրտմէր: Շատ քիչ անգամ միայն կը խնդար` այն ալ դեղին խնդուքով մը: Տիկին Արմէնուհի, մարդ ըսածդ այսպէս է. երբ կը տեսնայ, թէ ինչ բանէ կ՚ախորժի իր սիրած անձը, կ՚ընէ այդ բանը, նոյնիսկ եթէ ան անախորժ է: Դիմացինին ժպիտը վայելելու համար` կ՚ընէ այդ բանը:
Նորէն լռեցին: Աւետիսի աջ բազուկին վրայ, որ մերկ էր եւ լուացքէն կարմրած, կը քալէր նոճիէն ինկած միջատ մը: Խոհարարը զայն վար նետեց, ու ըսաւ. — Մարդ ըսածդ տարօրինակ է: Կոյր է կ՚ըսեն: Ինք չէր կարծեր: Կը խորհէր, որ մարդս կուրութիւն կ՚ընէ, բայց շատ անգամ գիտակցութիւնը ունի իր այդ կուրութեան: Բայց վերջապէս, եթէ ուժով է, պիտի գայ օր մը, որ իր անձը պիտի զսպէ: Պիտի հեռանայ գէշէն: Աւետիս դպրոց տեսած չէր, բայց փորձառութեամբ գիտէր, որ զուտ բարին գոյութիւն չունի: Ինք անգամ մը գտնուած էր դրան մը առջեւ, ուր կար սատկած կատու մը եւ զարմանալիօրէն մեծ մարգարտածաղիկ մը: Դուն ըսէ, այս չէ ճշմարիտ խորհրդանշանը կեանքին: Դուռ մը, որուն առջեւ կը սպասենք, շրջապատուած չարով ու բարով, լաւով ու գէշով: Բայց վերջապէս, երբեմն կը պատահի, որ սատկած կատուն շատ նեխած կ՚ըլլայ եւ իր նեխութիւնը կու տայ նաեւ մարգարտածաղիկին: Այն ատեն նշանը ետ կ՚ընէ եւ կը մեկնի Աւետիս:
Նետուած սիգարեթի կտորը կը մխար խոտերուն մէջ, եւ մուխին մէկ ծայրը արեւին մէջ թաթխուելով գոյն կը փոխէր: Պատերազմը այլեւս աւարտելու մօտ էր, եւ Աւետիս կրկին պիտի բանար իր խանութը: Կ՚ըսէր, թէ պէտք ունէր խելքը գլուխը աղջկան մը, ընկերոջ մը, գործակցի մը:
— Մարդս տարօրինակ է, — կրկնեց նորէն, — կարելի չ՚ըլլար կոր մէկ անգամէն բաժնուիլ: — Ինք շատոնց է, որ վճռած էր այս խզումը: Բայց նոյնիսկ, նոյնիսկ որդի դէպքէն վերջ — որ այլեւս «Բոլոր դռները գոցեց» — գնաց տեսաւ Աղաւնին, հաշտուեցաւ ու միասին ժամանակ անցուցին: Միսն ալ յանցանք ունի, աւելցուց Աւետիս. երիտասարդ ենք, եւ միսն ալ շատ յանցանք ունի: Բայց կարեւորագոյնը այդ չէ, այլ ան, որ անգամ մը սիրտ ես տուեր: Ատեն մը, հոգ չէ թէ կարճ, հրճուէր ես տեսնելով այդ գլուխը, այդ աչքերը, բոլորը վերջապէս: Բան մը նուիրէր ես անոնց յուզումով եւ հիմա չես կրնար մեկնիլ առանց այդ բանին: Մարդ ամօթ կը զգայ ինքն իր առջեւ ու մանաւանդ կը մեղքնայ դիմացինն ալ: Դիմացինն ալ` ոչինչ պիտի հասկնայ այս բոլորէն:
6
Տիկին Արմէնուհի` իր եւ Աւետիսին տուած որոշումը հաղորդեց դեղագործին, եւ Արթաքի էֆէնտի Ինճէյեան համակարծիք գտնուեցաւ: Տարակոյսէ վեր է, թէ Աղաւնի սիրտ տուած է իր նշանածին, եւ հիմա, որ խզումը անդարմանելի է, պէտք էր ջանալ մեռցնել, կամ գոնէ տկարացնել այդ սէրը: Եւ ոչինչ այնքան մահացու հարուած կրնար տալ Աղաւնիի մը սիրոյն, որքան նիւթականի հարցը: Արթաքի էֆէնտի ըսաւ, թէ լաւ խելք ըրած էին այդ տեսակ սուտ մը յարմարցնելով, բայց անհրաժեշտ գտաւ նախ սուտը կլլեցնել իր կնոջ:
Երբոր Տիկին Էլպիս լսեց, թէ Աւետիս դրամի տէր այրի մը գտած է, եւ անոր շնորհիւ խանութ մը բանալու հաւանականութիւնը տեսնելով լքած էր Աղաւնին՝ բարկացաւ: Դեղնեցաւ, շառագունեցաւ, եւ սկսաւ կռուիլ իր ամուսնու հետ: Ձայն մը տիկին Էլպիսին ըսած էր, թէ այս զզուելի տղան դրամապաշտ է: Արդէն երբեք իր աչքը չէր խածած այս զինուորը, այս կեղծաւորը, այս գաւառացին որ բողոքականի կը նմանի: Դուք չէք գիտեր, բայց ես վերի պատուհանէն ականջ տալու սովորութիւն ունէի եւ շատ անգամ լսած եմ Աւետիսին խօսքերը: Լսած եմ եւ հասկցած, թէ այս տղան ստախօս մըն է: Աղաւնիի հանդէպ սէր կը կեղծէ, բայց իրականին մէջ աչքը միայն դեղարանին վրայ է: Կ՚ուզէ անոր տիրանալ:
Քոյր եւ եղբայր ջանացին մանաւանդ իրեն հասկցնել, թէ պէտք չէ Աղաւնիին առջեւ այս կարգի խօսքեր ընել: Արթաքի էֆէնտի յանձն կ՚առնէր կարգադրել ամէն բան, բայց նորէն կը կրկներ թէ` արգիլուած է ամէն օր Աւետիսին խօսքը ընել, նոյնիսկ աննպաստ կերպով:
Դարձեալ իր քրոջ ներկայութեանն է, որ դեղագործը խօսեցաւ Աղաւնիին, կէսօրէ վերջ: Բայց շուտով անդրադարձաւ, թէ իր պատրաստած փոքրիկ ճառը աւելորդ է: Աղաւնին ալ իր մօրաքրոջը պէս բարկացաւ, խենթ խօսքեր ըսաւ, զինուորը անուանարկեց, նուաստացուց եւ վերջապէս ճչաց.
— Աս վերջին դէպքերէն յետոյ եթէ ան իսկ նշանտուքը ետ չ՚ընէր, ես, ես պիտի ընէի…
Ձեռքը զարկաւ կուրծքին խրոխտաբար եւ հեռացաւ դեղագործէն:
Տիկին Արմէնուհի իր ժպիտը ծածկելու համար հովանոցին կոթը կը քսէր իր քիթին, ու միաժամանակ քովընտի եւ սուր ակնարկով մը կը նայէր իր եղբօր, ըսել ուզելով. — «Արդեօք աւելորդ չէին մեր նախազգուշութիւնները: Միամտութիւն չէ կարծելը, թէ ինչը որ մէզի համար դժնդակ է, բոլորին համար ալ պիտի ըլլայ ծանրակշիռ եւ խորապէս տխուր: Մնաս բարով»:
Դեղագործը զարմացած էր, որովհետեւ քիչ մը աւելի լաւ կը ճանչնար Աղաւնին: Իրաւ է թէ մեծ բան չէր սպասէր անկէ, բայց չէր յուսար նաեւ այսքան անտարբերութիւն, գիտնալով, որ անոր մէջ սէրը իրական է:
Իր զարմացումը փարատեցաւ երեկոյին միայն, դէպքի մը պատճառաւ: Ոչ մէկ բան նախագուշակել տուաւ այդ դէպքը: Շատ սովորական երեկոյ մըն էր: Լամբարը վառեցին եւ նստան սեղանը, զոր Աղաւնի յարդարած էր ամէն օրուան պէս: Լաւ տեսակի ձիթապտուղ կար եւ եփած էին թարմ բակլայ:
Սովորական խօսակցութեան ընթացքին Արթաքի էֆէնտի ըսաւ.
— Աս բակլան քիչ մը սեւ է:
Այսքան միայն: Եւ ահա, որ Աղաւնի աղաղակեց շատ ուժով.
— Ինչ ըսիր…
Երբեք այսպէս չէր պոռացած Աղաւնի: Անծանօթ ձայն մըն էր, շատ խորէն եկող ձայն մըն էր, իրական յուզումով թրթռացող ձայն մըն էր: Դեղագործն ու իր կինը այս ճիչէն ցնցուած` վեր առին իրենց գլուխը, բայց բառ մը իսկ չկրցան ըսել` աղջկան այլայլումը տեսնելով: Շատ լաւ համակցած էին, թէ այդ «ինչ ըսիր»ը որեւէ կապ չունի բակլային սեւութեան հետ: Աղաւնի մնացած էր քարացած, աչքերն ու բերանը բաց, եւ մէյմէկ դանակ իր ձեռքերուն մէջ: Այդպէս մնացին երեքն ալ անշարժ, մինչեւ որ կապ մը փրթաւ, եւ Աղաւնի փախաւ սեղանէն լալով:
Դէմ առ դէմ նստած ամուսինները իրենց կտուցը մօտեցուցին իրարու, եւ միաժամանակ ըսին ցած ձայնով.
— Հասկցաւ…
7
Համաձայնական օդանաւերը այլեւս կանոնաւորաբար կու գային Պոլսոյ վրայ, Սան-Սթեֆանոյի կողմէն: Շատ աղմուկ կը հանէր Հայտար-Փաշայի գերմանական մարտկոցը, բայց Սկիւտարի նաւամատոյցը իր մօտիկութեան պատճառաւ աւելի դղրդագին էր: Մանուկները չափազանց կը զուարճանային այս անվնաս ռմբակոծութեամբ եւ կը վազվզէին ճչալով: Միայն թէ չես գիտէր ինչու մեծ աճապարանօք վար կ՚առնէին իրենց թռուցիկը: Մեծ աճապարանքով: Շռափնէլները կապոյտին վրայ կը կազմէին փոքրիկ սպիտակ ամպեր, որոնք յետոյ կը նուաղէին: Արթաքի էֆէնտի իր դիտակին մէջէն կը խօսէր օդանաւորդներուն հետ եւ ձայնը կը բարձրացնէր, որպէսզի լսելի ըլլայ: Անխուսափելիօրէն կ՚ըսէր.
— Շուն շան որդիներ, նետեցէք, ռումբ նետեցեք… Որ օրուան կը սպասեք… թող քար քարի վրայ չմնա… Սատկինք ամէնքս ալ, Տաճիկներն ալ, մենք ալ…
Բայց իրականին մէջ գոհ էր եւ համաձայնական օդանաւորդները կը կոչէր «իր քեռիին տղաքը` Ժօզէֆները»: Դեղագործին համար անոնք կը նմանէին նաեւ շատ գեղեցիկ դեղի մի կաթիլներուն, որոնք հակառակ իրենք պզտիկ թիւին, կրնան մեծ ծաւալով հեղուկ մը պղտորել: Եւ Պոլսոյ երկնքին մէջ այդ քանի մը «Ժօզէֆ»-ներուն վաղանցուկ ներկայութիւնը փոխած էր շատ բան: Նախ որ Հայերը այլեւս քիչ մը նուազ կը սարսափէին Թուրքէն, եւ յետոյ առհասարակ մարդիկ ջղայնոտած էին: Յայտնի է, թէ պատերազմը այլեւս պիտի լմննայ, եւ յայտնի է, թէ որուն պարտութեամբ պիտի լմննայ: Բայց ուրեմն ինչու չ՚աւարտիր: Անօթի քաղքենիները ջղայնոտած էին, իսկ Արթաքի էֆէնտի այդ ընդհանուր պատճառէն զատ ուրիշ մը եւս ունէր ջղայնոտելու համար։ Ներսէս — որուն օդափոխութիւնը յաջողած էին երկարաձգել տալ — չէր կրցած ինքզինքը գտնել: Տակաւին տկարակազմ ըլլալով անկարող էր դեղարան գալու եւ այսպէսով կ՚ուշանար Արթաքի էֆէնտիին մեծ փափագին իրագործումը` որ էր Աղաւնիի մեկնումը: «Ալ առաջուան Արթաքին չեմ, կ՚ըսէր, սիրտս նիհարած է: Աս աղջկան տէրտը չեմ կրնար կոր տանիլ»: Ամէն օր Աղաւնիի երեսն ի վեր կը պոռար, երբոր անճարակութիւն մը ընէր ան կամ թէ բան մը ուշ հասկնար, թեւէն բռնելով կը ցնցէր, «դուն մարդ պիտի մեռցնես եւ իմին արիւնս պիտի մտնաս» կ՚ըսէր, ու աղջիկը կը ճամբէր վեր: Այս կռիւները անպակաս էին եւ կ՚աւարտէին նոյն ձեւով: Դեղագործը քիչ վերջ սանդուղին առջեւ կ՚երթար ու կը պոռար.
— Նորէն որ ծակը մտաւ աս աղջիկը… Արթաքին սիրողը ասանկ կ՚ընէ… մենք ձեզի ինչպէս հասկցնենք, որ վարը գործ կայ, գործ…
Իրականին մէջ Աղաւնի առաջուընէ աւելի անճարակ չէր բնաւ: Իրաւ է, թէ իր նշանտուքի խզման սկզբի օրերը անհեթեթ բաներ ըրաւ, բայց շուտով վերադարձաւ իր բնականոն վիճակին: Այդ խաղաղութեան պատճառը այն է, որ Աւետիս անհետացաւ Սէլամսըզի շուկայէն եւ բնաւ հաւանականութիւն չմնաց, որ նախկին նշանածները իրար տեսնեն: Մալթէփէյի աղետալի հրդեհին մէջ շատ անճարակ դեր մը կատարած էր Գատը գիւղի հրշէջ գունդին հրամանատարը եւ այն պաշտօնանկ ըրած էին թուրք մամուլին յարձակումներուն պատճառով: Անոր տեղ նշանակուեցաւ Սուլէյման պէյը, որ Գատը գիւղ անցնելով իր հետ տարաւ նաեւ Աւետիսը, իր սիրական խոհարարը:
Օր մը Աղաւնի երբ ըստ սովորութեան գացած էր իրենները տեսնելու, պարապը ելաւ: Ոչ մայրը տունն էր, ոչ ալ իր պզտիկ եղբայրը: Միայն իրենց դրան տակէն դուրս ելած էր ջուրի նեղ երիզ մը, որ կը նեխէր: Աղաւնի անցաւ Իսկուհիենց սենեակը, ուր կարի մեքենաներու խլացուցիչ աղմուկը կար, նստաւ հոն բաւական ժամանակ եւ քիչ մը թելակար քակեց: Իսկուհիէն իմացաւ, որ իր մայրը Յոյնի մը տունէ կանչուած էր լուացք ընելու համար եւ անտարակոյս գիշերէն առաջ չպիտի գար: Իսկ Խաչիկը մզկիթ գացած ըլլալու էր` ապուրի: Աղաւնի սպասեց միշտ, յուսալով, որ եղբայրը գոնէ կը վերադառնայ, եւ սենեակին անկիւնը պառկած նիհար տղու մը, որ քրտնած էր, ճերմակեղէնները փոխեց, դեղը տուաւ ու նայեցաւ: Հիւանդ տղայ մըն էր եւ շատ նիհար: «Քիչ մը հանգչեցար», հարցուց Աղաւնի: Մանչուկը ըսաւ նողկանքով, ձեռքը դէպի մեքենաները նետելով. «Աս ինչ փաթըռտը է, Ալլահըմ»: Դեգերեցաւ Աղաւնի մզկիթին շուրջ: Անօթիներու այդ խառնիճաղանջը, որ յուսահատական պոչ մըն էր կազմած մզկիթին առջեւ, կը նեխէր արեւին տակ: Գոյնզգոյն չարշաւներ կային, եւ երկու դպրոց լեցնելու չափ մանուկներ: Աղաւնի իզուր փնտրեց Խաչիկը եւ եկաւ պահ մը, երբ ինկաւ կատարեալ թմրութեան մը մէջ ու ինքզինքն ալ մոռցաւ: Իր մէկ խոպոպը երկարօրէն պլորեց ականջին շուրջ եւ ինքզինքն ալ մոռցաւ: Նստած էր ստուերոտ անկիւն մը, մզկիթին ցած պատուհաններէն մէկուն մէջ, Թրքուհիներու քով: Հոն է, որ Խաչիկ գտաւ իր քոյրը եւ ճչաց ուրախութեամբ: Երկու ընկերներու հետ տեղաւորեցաւ Աղաւնիին շուրջ եւ մէջտեղը դրին ալիւմինիոմէ աման մը, ուր ապուր կար: Խաչիկ գրպանէն հանեց զինուորի մեծ դգալ մը, որուն կէսը պատառաքաղ էր եւ Աղաւնիին տուաւ, որ ան ալ ուտէ: «Իմարեթ է պապամ, իմարէթ» կ՚ըսէր խնդալով: Աղաւնին ալ խնդաց, բայց վերջը երբոր դեղարան կը վերադառնար, ճամփան կորսնցուց: Քիչ մը տեղ վազեց, վախցաւ թրքական թաղէն, «խելքս գլուխս չէ» ըսաւ եւ սիրտը սկսաւ տրոփել: Եւ երբոր հեռուն, շատ հեռուն նշմարեց Ս. Կարապետի մէկ զանգակատունը, այլեւս ուժը չունեցաւ յառաջանալու, այնքան յուզուած էր: Կեցած տեղը մնաց եւ զգաց, որ պիտի լայ: Եւ թերեւս լար, եթէ երբեք նոյն պահուն չի նշմարէր հրշէջ զինուոր մը: Սեւամորթ հրշէջ զինուոր մըն էր: «Աւետիս», ըսաւ Աղաւնի սրտակեղէք հառաչով մը ու փախաւ:
Դեղագործ Արթաքի էֆէնտի գիշեր մը արթնցաւ եւ սարսափեցաւ: Արթնցաւ եւ անմիջապէս հասկցաւ, որ տունը գող կայ: Ամառ գիշեր մըն էր, խաղաղ, անլուսին եւ շատ յառաջացած գիշեր մըն էր: Արթաքի էֆէնտի որոշ կերպով լսեց վախկոտ ոտնաձայնը որ կը մօտենար: Բայց չհամարձակուեցաւ ոտքի ելլել կամ ձայն բարձրացնել, որովհետեւ գողը զինուոր մը կարծեց: Այդ օրերուն յաճախադէպ բան էր, որ անօթի զինուորներ գողութիւն ընէին: Անշարժ պառկած` Արթաքի էֆէնտի նայեցաւ ննջարանին բաց դրան, զոր հետզհետէ աւելի լաւ կը նշմարէր: Եթէ գողը առնուազն վարը ըլլար, անշուշտ բան մը պիտի ընէր դեղագործը, բայց անոր այսքան մօտիկութիւնը զինքը կ՚անշարժացնէր: Չորս ոտքի վրայ քալելով եւ մեծ զգուշութեամբ` գողը վերջապէս ներս մտաւ: Գողը Աղաւնին էր: Չափազանց զարմացաւ դեղագործը եւ իր ծունկերը կծկուեցան վերմակին տակ, հակառակ իր կամքին: Ոտքի նետուիլ կ՚ուզեր, բայց շուտով զսպեց ինքզինքը եւ շարունակեց իր շունչը բռնել՝ մեծապէս նեղուելով: «Արդեօք այս աղջիկը գիշերաշրջիկ եղաւ» մտածեց, այնքան որ իրեն անհաւատալի կը թուէր գողութեան մը կարելիութիւնը: Բայց արդէն Աղաւնի բազմոցին առջեւ ծունկի եկած՝ դեղագործին հագուստները կը խառնէր: Գրպանները խուզարկեց, պրպտեց եւ յետոյ սկսաւ հեռանալ միշտ չորս անդամներու վրայ: Երբոր ննջարանէն դուրս ելաւ, Արթաքի էֆէնտի կրցաւ արտաշնչել: Կռնակն ի վար քրտնած էր: Անմիջապէս նստաւ անկողնին մէջ եւ իր սիրտը մեծ աղմուկ հանեց կուրծքին տակ: Կ՚ըսէր ինքն իր մէջ`— «Չէ, չէ, չէ, աս բանը չէի սպասեր… Ծօ արդէն եղածը ինչ է որ, քանի փարայ ունիմ գրպանս… չէ, ըլլալիք բան չէ»: Եւ յանկարծ կատղեցաւ: Յիշեց, որ նախորդ իրիկունը Աղաւնի տկար էր քիչ մը, ականջները կարմրած էին եւ ինք, Արթաքի` գուրգուրանք ցոյց տուած էր: Յանձնարարած էր, որ շուտով երթայ անկողին մտնէ, հանգչի: Այո, դեռ երէկ իրիկուն այսպէս գուրգուրանք ցոյց տուած էր, իսկ այժմ աս շունին ձագը… Վերմակը նետեց դեղագործը: Քաշեց շուտով տաբատը եւ միաժամանակ նեղացաւ ինքզինքին դէմ, որովհետեւ այդպիսի խորհրդածութիւններով ժամանակ կորսնցուցած էր: Աճապարանօք եւ աղմուկով սլացաւ սանդուխներէն վար` գրեթէ ինքնիրմէ ելած:
………………………………………………………………
Տիկին Էլպիս բազմաթիւ անգամներ իր ամուսնին անունը պոռաց եւ քանի պատասխան չստացաւ, այնքան բարձրացուց իր ձայնը: Ոտքի ելլելով ուզեց ինքն ալ դեղարան իջնել, բայց այնքան մեծ էր իր դողը, որ ծունկերը կոտրեցան եւ կինը նստաւ անկողնին եզրը: Սկսաւ կակազել: Կը լսէր Աղաւնիին ճիչը, կը լսէր իր ամուսնին պոռպռոցը, եւ իրեն այնպէս կը թուէր, թէ երկուքը միաժամանակ օրհասական կռիւի բռնուած են գողերու հետ: Կ՚ուզեր գոնէ լոյսը վառել, բայց ոչ լուցկին եւ ոչ ալ լամբարը մնացած էին իր դրած տեղը: «Փսորճիկ մը, փսորճիկ մը առի» կը ճչար Աղաւնի, որ քիչ յետոյ սկսաւ լալ: Էլպիս հանըմ խորհեցաւ, որ գողի խնդիր չկրնար ըլլալ, քանի որ երկուքը իրարու հետ է, որ կը խօսին: Թէեւ դժուարութեամբ, բայց կրցաւ վերջապէս դեղարան իջնել ինք ալ:
Երբ որ դեղարան հասաւ եւ իր ամուսինէն լսեց, որ Աղաւնիին երէկ գիշերուան տկարութիւնը ծանրացած էր եւ այժմ վար իջած էին բան մը առնելու նպատակաւ` սաստիկ բարկացաւ: Աննախընթացօրէն կատղեցաւ Էլպիս հանըմ: Նախ որ` ինք երէկ գիշեր իսկ ըսած էր, թէ այս աղջկան ականջները «բանջար են», եւ դուն, Արթաքի, պէտք է որ դեղ մը տաս: Խոստովանեցէք, ըսած էր թէ ոչ: Բայց զիս մտիկ ընող չկայ. տոքթորը մինակ դուք էք: Եւ յետոյ` ինչու համար զիս կէս գիշերներուն դող հանեցիք: Պիտի մեռնէի վախէս: Հազար անգամ «Արթաքի» պոռացի եւ ձայն հանող չկայ: Չէիք կրնար «բան մը չկայ» ըսել: Միլիոն տեսակ գէշ բաներ անցուցի միտքէս: Դուք մարդ չէք մեղքնար:
Էլպիս հանըմ նայեցաւ գետնի փսխունքին եւ ինկաւ աթոռի մը վրայ` յոգնաբեկ: «Ինչու կու լաս, խենթ աղջիկ, — ըսաւ Աղաւնիին: — Քանի որ ետ տուիր` ալ հոգ մի ըներ»: Եւ որովհետեւ Աղաւնի կը սաստկացնէր իր լացը, Էլպիս հանըմ աւելցուց. «Քու տարիքդ եղած ատենս ես ալ քեզի պէս էի: Երբ որ փսխէի` կու լայի»:
Բնաւ զինքը լսող չկար սակայն: Աղաւնի աթոռին վրայ նստած կու լար հետզհետէ աւելի խոր անձկութեամբ, իսկ դեղագործը իր բազուկը նետած էր աղջկան ուսերուն շուրջ: Արթաքի էֆէնտի կ՚ուզեր զսպել իր այդ բազուկը, բայց ան կը դողար, շատ կը դողար:
Երկու կիները զատ զատ իրենց անկողինները դնելէ յետոյ կրկին դեղարան իջաւ Արթաքի էֆէնտի եւ լամբարը վեր բռնած երկարօրէն նայեցաւ գետնի աղտեղութեան: Յետոյ գնաց բոլորախորշին ետեւ, ուր բազմաթիւ փոքր սրուակներ կային, բոլորն ալ սեւ էթիքէթով: Բաց էր նաեւ թոյներու ցուցափեղկը: Արթաքի էֆէնտի շիշերը տեղաւորեց եւ ցուցափեղկը կղպելէ վերջ կրկին վրան առաւ բանալին: Այն բանալին, որ ժամ մը առաջ Աղաւնի գողցած էր իր բաճկոնակի գրպանէն:
Առանց շան հաջոցի գիշեր մըն էր, անլուսին սակայն պայծառ: Գետինը փռուած էր Աղաւնիին անկողինը, պատուհանին մօտ: Արթաքի էֆէնտի նստաւ անոր եզրը ու նայեցաւ աղջկան թաց այտերուն: Երկարօրէն նայեցաւ ու յետոյ ծռելով համբուրեց Աղաւնին անոր երկու այտերէն. «Դուն իմ զաւակս ես» ըսաւ: Այսքան միայն: Ուրիշ շատ մը բաներ կ՚ուզեր ըսել եւ ընել, բայց չկրցաւ: Մինչ իր կինը քովի սենեակը կը խորդար, դեղագործը երկարօրէն մնաց անկողնին եզրը, ուսերը սեղմած, մինչեւ ար Աղաւնի թմրեցաւ, մինչեւ որ լոյսը բացուեցաւ:
………………………………………………………………
Իրաւ է, թէ դեղագործը անմիջապէս փսխել տալով վտանգը հէռացուցած էր, բայց մտահոգ էր տակաւին: Բարդութենէ մը կը վախնար եւ նոյնիսկ կը խորհէր Տոքթ. Փաշայեանը կանչել: Բազմաթիւ անգամներ հարցուց Աղաւնիին, թէ ինչ քանակութեամբ թոյն առած էր: Աղաւնի կը կրկներ միշտ. «փսորճիկ մը առի»: Եւ իր առջեւ թղթիկի մը վրայ թափած աղերուն մէջ ցոյց կու տար մեծութիւնը այդ «փսորճիկ»ին: «Ասչափ էր, ճիշդ աս չափ էր»: Օրեր վերջ Արթաքի էֆէնտի պիտի ժպտէր, յիշելով մեծութիւնը այդ թոյնին, որով մուկ մը իսկ չէր կրնար սատկիլ։ «Հէյ, վախկոտ աղջիկ» ըսելով պիտի ժպտէր, բայց առայժմ շատ հեռու էր այդ քմծիծաղէն: Ներսէսէն լուր առնելու պատրուակով իր կինը տունէն հեռացուց, եւ ինք անձամբ զբաղեցաւ Աղաւնիով: Օրուան մէջ անդադար վեր ելաւ ու նստաւ անկողնին եզերքը: Շատ մը բաներ ըսել կ՚ուզէր դեղագործը, բայց չէր կրնար ու կը լռէր: Միշտ կը վառէր նոր սիգարէթ մը եւ իր մտքին մէջ կը տագնապէր երէկ գիշերուան յիշատակը:
Աղաւնի կը նայի պատուհանէն դուրս, վարագոյրներէն անդին, վիզը ծուռ: Կը խօսի ալ, կարծէք ինքն իրեն: Կ՚ըսէ, թէ մենք չենք գիտէր սիրոյ ցաւին ահաւորութիւնը: Մենք չենք գիտէր եւ չենք ալ կրնար ըմբռնել, թէ ինչ ըսել է օրն ի բուն, անդադար եւ անվերջ մտածել նոյն նիւթին վրայ, յիշել նոյն բանը, ցանկալ նոյն բանը, անհամբերիլ եւ յետոյ ջախջախուիլ նոյն արգելքներուն դէմ: Մենք չենք գիտեր, մենք չուր չունինք, թէ Աղաւնի ինչ օրեր կ՚ապրէր հոս: Ան ամէն գիշեր վար կ՚իջնար, կ՚երթար «պարտէզ» եւ կը նստէր հորին քով, ուր այնքան յիշատակներ ունէր: Մենք այս բոլորը չենք գիտեր: Բան մը չկայ վարագոյրներէն անդին, եթէ ոչ տաք ու պարապ երկինք մը` երբեմն շատ հեռու, երբեմն շատ մօտիկ: Կը նստէր հորին քով եւ իր յուսահատութեանը մէջ կը ցանկար նոյնիսկ աղէտներ. կ՚ուզեր, որ դեղարանը այրի, ահաւոր հրդեհներ պատահին հոս եւ նոյնիսկ շատ հեռու արուարձաններն հրշէջները վազեն գան, Աւետիս վազէ գայ, Աղաւնին գրկած դուրս հանէ բոցերէն: Մենք այս բոլորը չենք գիտէր, որովհետեւ չենք սիրեր Աղաւնին: Դուք այն ձեր մէջէն պիտի վռնտէք, այսօր կամ վաղը պիտի վռնտէք ու տուն ղրկէք, բայց ան այլեւս չի կրնար իր մայրիկին քով երթալ: Ան զիս կը լքէ, բայց ես առանց անոր չեմ կրնար ապրիլ։ Ոչ ոք, ոչ ոք չի սիրեր Աղաւնին:
Դեղագործը խստօրէն բողոքեց այս ամբաստանութեան դէմ: Երէկ գիշերուընէ ի վեր նոյն խօսքը ունիս լեզուիդ վրայ: Ով ըսաւ, թէ մենք քեզ չենք սիրեր: Դուն մերին աղջիկն ես. զաւակ մը կը վռնդուի: Դեղագործը զաւակ չունի եւ դուն իր մէկ հատիկն ես: Այլեւս պատերազմը լրանալու մօտ է. շուտով ատենները պիտի փոխուին, տղաքը տուն պիտի դառնան, եւ այն ատեն Արթաքի էֆէնտին աւելի յարմար ամուսին մը պիտի տայ իր աղջկան: Եւ այս անգամ ինք պիտի ընտրէ, առանց ձգելու, որ Էլպիսը գործի խառնուի:
Անմիջապէս չէ, որ երկուքը կը պատասխանէին մէկզմէկու խօսքի: Մտածումները կը ծամէին, կ՚որոճային եւ անսպասելի պահու մը Արթաքի էֆէնտի կու տար պատասխան մը, ճիշդ ինչպէս Աղաւնին: Եւ խօսակցութիւնը կը նմանէր յաւիտենականութեան նշանին` պառկած 8-ին: Եւ անշուշտ` տխուր էր: Գիծը կը վերադառնար, կը յառաջանար, բայց կ՚իյնար կրկին: Անկարելի չէ այդ քու ըսածդ: Անկարելի չէ, որ նորէն նշանուիմ եւ այս անգամ աւելի զարգացած, աւելի ունեւոր տղու մը հետ: Բայց կարելի չէ, որ անոր պէս հատ մըն ալ գտնեմ: Դուն չես գիտէր, թէ մենք որքան շատ իրարու կը նմանէինք: Ճիշդ ու ճիշդ ինձի կը նմանէր Աւօս: Իմ բնաւորութիւնս, իմ խօսելակերպս, իմ ճաշակս, իմ կատակներս, ճիշդ ու ճիշդ… դուն չես գիտէր, որ…
Եւ Աղաւնիին աչքերը կը փայլէին միշտ արցունքով, անոր վիզը բարձին վրայ կը մնար ծուռ: Մեռնիլ կ՚ուզեր Աղաւնին, այլեւս մեռնիլ կ՚ուզեր: Կը յիշէր հրշէջ զինուորին կատակները եւ կը ժպտէր տխրութեամբ: Զանոնք բարձրաձայն չէր արտասաներ, որովհետեւ կը զգար, թէ օտարի մը համար նոյն արժէքը պիտի չունենան եւ կը ժպտէր տխրութեամբ:
Գիշեր եղաւ նորէն, ու յաջորդ առաւօտուն Աղաւնիին ջերմութիւնն ալ մեղմացաւ: Բայց չելաւ իր անկողնէն` դեղագործին պնդումներուն վրայ: Անուժ էր աղջիկը եւ ինքզինքը աներեւակայելիօրէն պարպուած կը զգար: Ըսաւ, թէ ինք սկիզբները բնաւ չէր հաւատացած, որ Աւետիս կրնար զինքը լքել: Խորապէս համոզուած էր, թէ ան պիտի վերադառնայ շուտով, շատ շուտով: Բայց ահա, որ երեք ամիս անցաւ մօտաւորապէս եւ չվերադարձաւ Աւօն: Դուք ինծի սուտ խօսեցաք, ըսելով, որ դրամի տէր այրի մը գտած է ան: Գիտեմ, թէ սուտ խօսեցաք, որովհետեւ երբոր վերջին անգամ Գատը գիւղ գացի, Իսկուհիենցմէ լսեցի ամէն բան: Անոր գտածը ոչ այրի է եւ ոչ ալ ունեւորիկ: Եւ յետոյ` դեռ տասը օր չկայ, որ զիրար կը ճանչնան եւ չեն նշանուած իսկ: Այո, դուք ինձ սուտ խօսեցաք:
Գլուխը կախ դեղագործը ըսաւ մեղմութեամբ.
— Ստիպուած էինք, աղուորս…
— Ինչ ըսիր…
Արթաքի էֆէնտի շատ ուրախացաւ այս հին բարեկամը տեսնելով: Սաստիկ հրճուեցաւ եւ իր խնդուքը գրեթէ անմիջապէս փոխուեցաւ քահ-քահի: Աղաւնին ալ սկսաւ ժպտիլ, մինչ դեղագործը կը բացականչէր.
— Ալ ուզածիդ լափ «ինչ ըսիր» ըսէ… քեզի խուլաճ խուլաճ ֆէրման… ալ չեմ նեղանար…
………………………………………………………………
Ահաւասիկ դեղարանին երկու ցուցափեղկերը եւ ահաւասիկ անոնց մէջ գտնուող երկու մեծ ջրագունդերը: Ձախ կողմինը դեղին, աջ կողմինը կապոյտ: Իր պարապ դեղարանին մէջ կեցած` Արթաքի էֆէնտի կը նայի անոնց փոխն ի փոխ եւ կը խորհի, որ արեւի ճառագայթները մեծ դաս մը կու տան իրեն այսօր: Անոնք կ՚իյնան դեղին ջրագունդին վրայ, զայն կը հրկիզեն, եւ գունդը կը ճաճանչէ մեծ աղմուկով: Բայց կապոյտը երբեք այսպիսի այցելութիւն չ՚ընդունիր, դէմի տուներուն մէկ քմահաճոյքին պատճառով: Հազիւ թէ, ան ալ տարուան մէկ եղանակին, ճառագայթները կը շոյեն դժբախտ ջրագունդին փայտէ պատուանդանը: Ոչ աւելի: Ու մարդ չի գիտեր, թէ ինչ ճանաչում պիտի ունենայ կապոյտն ալ, եթէ վառի, թէ ինչ տեսակ բոց մը կայ անոր մէջ պահուած, թէ ինչ կարգի արեւ մը կայ անոր ծոցը: Մարդ չի գիտեր եւ պիտի չգիտնայ մինչեւ այն օրը, երբ հրաշքով մը ճառագայթը այցելէ անոր ալ: Եւ դեղագործը կը խորհի, որ եթէ անակնկալ դէպքեր այսպիսի հրձիգ ճառագայթի մը դեր չկատարէին, ինք միշտ պիտի շարունակէր անգիտանալ իսկութիւնը, թէ Աղաւնիին եւ թէ Աւետիսին: Եւ սաստիկ տրտմեցաւ` խորհելով, որ եթէ երբեք ինք չէր ճանչցած իր շուրջինները, անոնք ալ բնաւ չէին կրցած զինքը ճանչնայ իր իսկութեանը մէջ: Ամէն ոք զինքը կը նկատէր սովորական խանութպան մը, սրամիտ եւ հեգնող մէկը, կարճ խօսքով` գոմիք Արթաքին: «Բայց ես ուրիշ մարդ եմ» ըսաւ դեղագործը եւ յետոյ ընդունեց, որ ինքն ալ յանցաւոր էր, քանի որ փոխանակ Աւետիսի մը պէս անկեղծօրէն յայտնելու իր մտածումները, կեղծած էր իր ամբողջ կեանքին մէջ եւ գոհացած մենախօսութեամբ: Բանտարկուած էր ինքն իր մէջ եւ երկար ատեն կայ, որ այլեւս դիւրութեամբ կը տանէր այդ վիճակը քանի որ սովորութիւն եղած էր: Ինք որ կը շրջէր խանութին մէջ գետնի քարերուն կազմած խաչերուն վրայ կոխելով, խոստովանեցաւ, որ անհունապէս մեծ էր ցկեանս բանտարկեալներու թիւը: Արդէն ամէն ոք առաւել կամ նուազ բանտարկեալ մըն է, մտածեց եւ հոգիները մէկզմէկէ բաժնող պատուարները գտաւ անխորտակելի: Միայն ճառագայթն է, որ ատենը անգամ մը եւ մասամբ… Եւ որովհետեւ քիչ մը շատ խօսքը ըրած էր ճառագայթի, ժպտեցաւ դեղագործը եւ մտածեց ուրիշ խանութպաններու վրայ, որ կեանքի նոյն բնութիւնները բացատրելու համար տարբեր խորհրդանշաններ պիտի առնէին: Մսավաճառը թերեւս իր դանակները, դերձակը թերեւս իր կոճակները:
Երկարօրէն մտածեց Արթաքի էֆէնտի եւ հակառակ այն թեթեւ գլխու ցաւին, որ սկսած էր զինքը նուաճել, հպարտացաւ իր հոգիին առանձնութեամբ, անոր մէջ տեսնելով մեծութեան մը բացարձակ ապացոյցը: Առանձնակեացները եւ բանտարկեալները աւելի զօրաւոր են, մտածեց. քան թէ օրինակ` իր կինն ու Աղաւնին: Եւ այդ իսկ պատճառաւ ինք պարտաւորութիւնը ունէր այդ տկարները պաշտպանելու: Բնութիւնը տարօրինակ է ըսաւ. անպայման տկարին քով ինձի պէս գերմարդ մը կը դնէ եւ գերմարդը կը թողու առանձին: Այսպէս խորհեցաւ դեղագործ Ինճէյեան էֆէնտի եւ իր ըրածը հաստատելու համար մտածումին առջեւ բերաւ իր քոյրը, Արմէնը, որ մինակ մնացած էր, մինակ մեծցուցած էր իր մանչը: Գերմարդ: Բայց մտածեց մանաւանդ Բենիկին, այն սարսափելի Բենիկին, որ ոչ ոք ունէր աշխարհի վրայ: Գերմարդ:
Եւ յանկարծակի վճիռ մը…
Եւ յանկարծակի վճիռ մը արձակեց դեղագործը: Բացարձակ եւ անյետաձգելի որոշումը տուաւ ջրագունդերուն տեղը փոխելու: Այսօր իսկ կապոյտը պիտի տանի դեղինին տեղ, եւ դեղինը պիտի բերէ կապոյտին տեղ: Անպայման պիտի ընէ վաղն իսկ:
………………………………………………………………
Այլեւս Արթաքի էֆէնտիի մէջ մտերիմ մը գտած ըլլալով` Աղաւնի անոր կը պատմէր շատ բան ու կը հանգչէր կարծես: Միայն չէր համարձակեր ըսել, թէ օրուան մէջ կայ պահ մը, որ ամենէն աւելի դժնդակն է իրեն համար: Չէր ըսեր, թէ երբ որ արեւը ծագի` հրշէջ զօրանոցէն առաւօտեան շեփոր մը կը հնչէ: Արթաքի էֆէնտի չէր գիտեր, թէ առաւօտեան շեփոր մը կը հնչէ: Թէ ան տղայական ու անկապակից բաներ կ՚ըսէ եւ երդում-պատառ կ՚ըլլայ ըսածին ճշմարտութեանը վրայ, հակառակ որ գարունը մեռած է: Թէ Աղաւնի կը սարսռայ վերմակին տակ եւ կը կծկուի փիսիկի պէս, որովհետեւ մինչեւ իր ոսկորներուն ծուծը կը մտնէ ձայնը: Որովհետեւ միշտ ուժով կը փչէ Աւօն:
Աղաւնի վերմակին եզրը կը սեղմէր իր բերնին վրայ, որպէսզի չլայ: Կու լար, գրեթէ միշտ:
ՀՈՍԱՆՔԻՆ ԵԶՐԸ
Անկիւնը բազմած սա մսոտ Հայուհին, սա տօնազգեստուած Հայուհին եթէ ոտքի ելլէ, կարծէք, թէ իր յետոյքին վրայ պիտի երեւնայ աքաղաղի մեծ պոչ մը սիգապանծ եւ գունագեղ:
Գոռոզութիւն, խստութիւն, եւ իր բացարձակութեամբ իսկ անախորժ ինքնավստահութիւն մը կ՚արտացոլայ կնոջ արտայայտութենէն: Ընկերային իր դիրքէն աւելի բարձր դիրքի մը մէջ երեւնալու իր ճիգը` զինքը ցոյց կու տայ աւելի միջակորեակ, աւելի ճղճիմ: Գեղեցիկ չէ անշուշտ` բայց տակաւին միսի երիտասարդութիւն մը կայ վրան, որ զինքը կը դարձնէ ցանկայարոյց, հեշտագրգիռ: Վարդագոյն, բայց հաստ միսեր: Լայն կուրծք` արեւելեան եւ առասանուած: Արդուզարդը բոլորովին վառ` Վոսփորի վերջալոյսին պէս, որ ահաւասիկ կը բռնկի:
Քովը նստած տարէց այրը, այսինքն ամուսինը, շատ նեղսրտած է այս պահուս իր օսլայուած բարձր օձիքին, ինչպէս նաեւ նոր կօշիկներուն պատճառաւ: Օձիքին կոճակներն ալ սխալ դրին: Առջեւինը ետեւ դրին, ետեւինն ալ առջեւ դրին: Կարծէք գամ մը կը մխրճուի մարդուն կոկորդին մէջ: Ինք բնաւ չ՚ախորժիր նաեւ Հիսարէն իջնող սա թեթեւ հովէն, որ դեղարանի խօսքեր կ՚ընէ իր ծոծրակին վրայ: Սակայն փոքրակազմ մարդը, ոչ իսկ կը համարձակի խօսքը ընել անցեալ ամառուան այն մէկ հովին, որ իրեն պատճառեց ինը օր հէփշու: Պեխեր կան, որ սա կը նշանակեն. պեխեր կան, որ նա կը նշանակեն. իսկ մարդուն զուգահեռական թաւ պեխերը կ՚ըսեն մէկ բան` ես մազի խուրձ եմ: Անորոշ դժգոհութենէ մը զատ` ակնարկը որեւէ բան չ՚արտայայտէր անարժէք դէմքին վրայ: Յայտնի է, թէ մարդը երիտասարդ եղած ատեն եկեղեցին պնակ պտըտցուցած է: Յայտնի է, թէ այժմ կինն է, որ զինքը կը պտըտցնէ: Կիրակի օր մըն է:
Սոկրաթոս եղբայրներուն այս գազինօն դրախտային է Գուզկունճուքի մէջ: Ան կը գտնուի նաւամատոյցի ճիշդ քովը եւ կ՚երկարի Վոսփորի վրայ, ոտքերուն անցընելով փայտէ տոտիկներ: Թէ ջուրին եւ թէ ցամաքին կողմը գրուած է կապոյտ տառերով «Գազինօ Դրախտային»: Պատշգամին առաստաղը զարդարուած է փոքրիկ դրօշակներով եւ գունաւոր թուղթէ լապտերներով, որոնք փանայիրէն կը մնան: Պատշգամին եզերքը կարգաւ գրուած են թաղարներ, որոնցմէ դուրս կը կախուին զանգակի ձեւ ծաղիկներ: Անթիւ զանգակներ: Եւ աղմուկ կայ: Այդ բանը կայ՝ քանի որ բազմութիւնը կազմուած է մեծամասնութեամբ Յոյներէ եւ Հրէաներէ: Ձայնագիր մը կը սկրթէ շարքիներ եւ կառսոնները բարձրաղաղակ կը պոռան իրենից յանձնարարութիւնները յունարէն լեզուով, որոնց Շիրքեթը կը պատասխանէ իր սոյլով, թրքերէնով:
Յանկարծ Հայուհին ծունկի բիրտ հարուած մը տուաւ մարդուն, ջղայնոտութեամբ ըսելով, թէ ամենազզուելի, ամէնէն անախորժ, ամէնէն աւելի ջղի դպելիք բանն էր մարդուն այդ սովորութիւնը: «Ինչ ըսել է ջուրը բերանը պահել: Օղիէն վերջ ջուր խմեցիր, լաւ, բայց կլլէ: Իբրեւ թէ ջուրը տաքցնել կ՚ուզես: Քեզի հազար անգամ չեմ ըսած, որ այդ բանը ջղիս կը դպի»:
Քիչ յետոյ մարդը, անգամ մը եւս իր փողկապին մէջտեղէն բռնելով, զայն առաջ քաշեց, գամին մխրճումը կասեցնելու համար: Որովհետեւ ըսելիք ունէր: Գամը րոպէ մը դուրս ելաւ կատակի համար, եւ մարդը յարեց.
— Մեզի համար ամէն տեսակէտով շահաւոր կ՚ըլլայ: Մենք մեր շահը պիտի նայինք: Այստեղ ամօթի ինչ կայ: Միթէ ուրիշին գրպանէն դրամ կը գողնանք կոր: Դեռ ինչ մենէ աղեկներ առիթի կը նային այս տեսակ մարդէ մը օգտուելու համար: Իմ գործիս համար ալ լաւ կ՚ըլլայ… Ամէն տեսակէտով լաւ…
Սուր ճիչ մը արձակուեցաւ: Պատշգամբին եզերքը կախուած յոյն լաճ մը ձուկ մըն էր բռնած: Տղուն մեծ քոյրը պոռաց ուրախութեամբ, մայրը թեւը երկարեց եղէգը բռնելու համար, հայրը գաւաթ մը ջուր կարկառեց ձուկը մէջը դնելու համար, իսկ անդիէն նաւավարներ բաներ մը ըսին` բաներ մը ըսած ըլլալու համար: Կրկին ծովը ինկաւ ձուկը:
Մինչ լակոտը իր քրոջ մազերը կը քաշէր, հայ մարդը շարունակեց.
— Հիմա պիտի ըսես, որ քանի օրէ ի վեր նոյն բաները կը կրկնեմ: Անանկ չէ : Ես քու երեսէդ կը հասկնամ, որ գոհ չես: Ինչու գոհ չըլլաս. ինչու սրտովդ չըլլայ: Քեզի բացատրեցի, որ մեծ շահ ունինք մենք աս մարդը մեր տունը փանսիոնէռ առնելէն: Շատ լաւ կը հասկնամ միտքդ, բայց ինչ ընենք, պիտի համակերպինք: Քանի որ այդ ամսականին կարօտ ենք, պիտի համակերպինք: Նայէ, որ քիչ մը վար դնես քու բնաւորութիւնդ եւ վարուիլ գիտնաս…
Կինը չէր պատասխաներ, ոչ արտայայտութեամբ, ոչ ալ շարժուձեւով: Արտաքնապէս կը պահէր միշտ իր հպարտ եւ խիստ կեցուածքը, բայց մտովի գին կը զարնէր միւս անկիւնի յոյն կնոջ օղերուն: Յարմար գին մը գտնելէ յետոյ զանոնք կը բաղդատէր Վիքթորի օղերուն հետ, եւ վերջապէս` յոյն կնոջ օղերը կ՚երթար գրաւի կը դնէր Մոսիկին մօտ: Ամուսինը այս անսպասելի լռութենէն խրախուսուած` զգուշութեամբ շարունակեց.
— Քիչ մը վարուիլ գիտցիր: Ան չեմ ուզէր, աս չեմ ուզէր կ՚ըլլայ: Օտարներուն դիմաց պէտք է անուշութիւն ցուցնել: Ամէն տեղ էսեմճիութիւն կ՚ըլլայ: Չըլլար: Միտքէդ ինչ որ կ՚ուզես անցուր` բայց գոնէ երեսանց «արեւդ սիրեմ» մը ըսէ: Անոյշ լեզուն տուն կը շինէ, կծու լեզուն տուն կ՚աւրէ: Լեզուն մեծ բան է:
Լռեց եւ կրկին կոկորդէն դուրս քաշեց գամը: Հրէայ խումբ մը կը խնդար բարձրաձայն եւ հրէերէն, ու քիչ մը կը մնար, որ շրջի կլկլակ մը: Իրենց բերանն ու մատները ճերմկած երկու աղջնակներ լոխում կ՚ուտէին, եւ անոնցմէ մէկը զգուշութեամբ բերանը կը բանար, դիմացինին ցոյց տալու համար, թէ տակաւին ներսն ալ կայ: Մէկ անգամէն չի կլլեր: Հեշտանքը երկարել գիտէ: Յանկարծ հայ կինը լռութիւնը խզեց ու պոռթկաց նեղսրտութեամբ.
— Աս է քու գոված մարդդ: Աս է աննման «փառթի»ն: Այսպէս Այսպէս «ռանտէվու» կը յարգեն: Խօսքին տէրը չեղողը մարդ չէ ինծի համար: Ժամը վեցին ըսաւ` վեցին գալու էր… ուր է: Դիմացինը չյարգողը իմ տունս գործ չունի, չունի… Փէօհ, քու ընտրած մարդդ ինչ կրնայ ըլլլալ… մարդ չի կրնար ըլլալ…
Այրը ջանաց բացական արդարացնել: Ըսաւ, թէ «շոգենաւի պիտի չհասնին». վայրկեան մը ուշ գալը մեղք չէ. այսպէս տեղ մը սպասելն ալ ժամանց է: Նոյնը չէր կնոջ կարծիքը: Ան ըսաւ, թէ վայրկեան մը ուշ գալը մեղք է, այս աղտոտ Հրէաներուն մէջ սպասելը իրեն համար ժամանց չէ. հրամմեր ես, շոգենաւի պիտի հասնի: Եւ երկու գաւաթներ իրար զարնելով կառսոնը կանչեց: Շիշ մը եւս օղի կ՚ուզեր: Կառսոնը, որ քրտնած էր եւ ինքզինքը հետզհետէ աւելի լուրջի կ՚առնէր, գլուխը դարձուց եւ պոռաց շիշին անունը, ինչպէս նաեւ տարիքը: Սեղանը սկսաւ կաղալ, եւ վրան տեղ չմնաց աղանդերի:
Սպասեցին: Բաւական մը վերջը այրը ջանաց անգամ մը եւս կնոջ գլխուն յորդորներ կարդալ, յանձնարարելով, որ բնաւորութիւնը փոխէ, ըլլայ հեզահամբոյր եւ մարդու հետ վարուող: Բայց կինը այս անգամ շուտով լռեցուց զայն: Շատոնց է, որ գին զարկած էր ներկայ գոհարեղէններուն, կանացի արդուզարդին, եւ այլեւս չէր կրնար քովինը չլսել: «Քեզ չեմ ուզէր մտիկ ընել» ըսաւ, եւ յանձնարարեց, որ գերեզմանատուն երթայ` իր լուսահոգի ծնողքէն խնդրելու, որ անգամ մը եւս ծնին Անժէլը: Անժէլը ինքն իր բնաւորութիւնը չէր կրնար փոխել: Կրնար փոխել, բայց չէր ուզէր փոխել: Չէր ուզեր:
Մարդը ըսաւ. — Այստեղ սպասելն ալ հաճոյք մըն է:
Սպասեցին: Ներկաներէն ոմանք մեկնեցան, եւ անոնց տեղ ժամանեցին ուրիշ արդուզարդեր, նոր գոհարեղէններ, լաւագոյն պիստակ, խաշած եգիպտացորէն, ինչպէս նաեւ ստկուած ու ջուրի մէջ լողացող ընկոյզներ: Քանի երեկոն կը սահէր, այնքան կ՚աւելնար ամուսինին մտահոգութիւնը եւ ատենը անգամ մը քովընտի ակնարկով մը մարդը կը ջանար կշռել Անժէլը: Անժէլ բնաւ չէր խօսեր։ Չէր ուզէր կշռուիլ: Կարծէք կ՚ուռեր հետզհետէ, աքաղաղի պոչը պարզելով: Եւ երբոր վերջապէս, վերջապէս ժամանեց իրենց սպասած անձը, մեծ բեռ մը ինկաւ մարդու ուսերէն: Մանաւանդ որ հակառակ իր սպասումին, Անժէլին ժպիտը եղաւ իսկապէս պատշաճ, իսկապէս հիւրընկալ: Նորեկը երբոր կնոջ ներկայացուեցաւ, անմիջապէս բացականչեց լայն ժպիտով եւ առատ շարժուձեւերով.
— Չափազանց երջանիկ եմ, Տիկին, Ձեզ ծանօթանալուս… Անհունապէս երջանիկ եմ… Յարգանքներս… խորին…
— Երջանկութիւնը փոխադարձ է, Միւսիւ Վահրամ…
— Ոհ, Տիկին կը չափազանցէք… Մի չափազանցէք, Տիկին… Գիտեմ, թէ վշտակրած էք Ձեզ այսքան սպասեցնելուս համար… անկասկած եմ…
— Այո, պէտք է որ ատենին գայիք, բայց այս անգամ կը ներեմ… Բացառաբար ներեցի, Միւսիւ Վահրամ…
— Հաւատացէք, Տիկին, որ անգամ մըն ալ երբեք, ոհ երբեք… Աստուած վկայ՝ որ անգամ մըն ալ այս կարգի բան պիտի չպատահի… Բացառաբար ներեցէք, վշտակրած Տիկին…
Օղի ապսպրեց: Յայտնի է, թէ Միւսիւ Վահրամ պիտի խօսի անդադար, յայտնի է թէ Միւսիւ Վահրամ յաղթանդամ է, կենսունակ ու ապրած մարդ է եւ իր հօրաքոյրը խման է: Շատ զուարթ դէմք` համարձակ ու վառ աչքեր եւ հաստ մատանիներ: Այտերն ու ականջները շառագունած են, շրթունքները թաց են, եւ ձիու գլուխ մը կը կախուի Ժամացոյցի շղթայէն:
Կինն ու նորեկը իրարու ակնարկ բռնեցին՝ երբոր մէկզմէկու արդուզարդ քննելով էին զբաղած: Փոխանակուեցան լայն ժպիտներ եւ «հըմ, հըմ»: Միւսիւ Վահրամ իր պեխերը ոլորեց` պատճառ ըլլալով, որ տարէց մարդն ալ ոլորէ իրենները: Տարէց մարդը իր փողկապը առջեւ քաշեց` պատճառ ըլլալով, որ Միւսիւ Վահրամն ալ առջեւ քաշէ իրենը։ Անժէլին կուրծքը կ՚ելեւէջէր կշռոյթով:
Այդ կշռոյթը, որ կուրծքերուն ակնարկելով կ՚ըսէր— «մենք հոս ենք», յանկարծ թռաւ գնաց Մոսիկին մօտ, գրաւի դրուած յոյն կնոջ օղերը ետ առաւ եւ անցուց իր տիրուհիին ականջներուն: Այո, մենք հոս ենք:
Ամուսինը ըսաւ.
— Անժէլ, մեր Միւսիւ Վահրամը հոս մօտը եկած է: Քանի մը ամիս Փաշայ Լիմանի ալիւրի ֆապրիքային մէջ գործ ունի…
— Այո, տիկին, Փաշայ Լիմանի ալիւրի ֆապրիքային մէջ մեքենաներու զետեղում մը պիտի ընեմ:
— Ոհ, ինչ կ՚ըսէք…
— Ատոր համար ստիպուած է…
— Ատոր համար ստիպուած եմ… աւելի ճիշդ է ըսել կը նախընտրեմ, ամէն օր Գումգաբու չերթալ չգալ…
— Գումգաբուցի է Միւսիւ Վահրամը:
— Դուն սուս եղիր… երբ մարդ կը խօսի…
— Այո, կը նախընտրեմ հոս մնալ: Ծովը եւ երթալ-գալը տաղտկալի բաներ են… Անկասկած եմ…
— Հարկաւ չըլլար. հոս պէտք է մնալ: Շաբաթ գիշերները միայն տուն երթալը բաւական է:
— Այո, Տիկին, բաւական է: Շաբաթ գիշերները միայն: Երկուշաբթի առտու կէնէ գործի:
— Ոհ, ինչ կ՚ըսեք… կենէ գործի…
— Ոհ, ներեցէք Տիկին, դարձեալ գործի պիտի ըսէի… Օհ, Տիկին, անգամ մըն ալ բնաւ, բնաւ… բացառաբար, ներեցէք…
Գաւաթները իրարու զարկին, «բարի տեսանք» ըսին եւ ժպտեցան: Իրենց կառսոնը, որ սրունքները իրար քսելով արագօրէն կ՚երթուդարձէր սեղաններուն միջեւ, կանգ առաւ: Ծռելով իր երկու խոշոր մատները, վարդագոյն աղջնակի մը գրպանը մխրճեց եւ դուրս քաշեց լոխումի մասնաւոր փոքրիկ պատառաքաղը: Յետոյ մեկնեցաւ գողօնին հետ` առանց դիտողութիւն ընելու:
Անժէլ`
— Միւսիւ Վահրամ, կը նշմարեմ որ մանկունակ եւ խիստ հաճելի թոթովախօսութիւն մը ունիք…
— Թոթովախօսութիւն… Ոհ, այո, թոթովախօսութիւն… լեզուդ սիրեմ… Այսինքն թէ, շատ անգամ այսպէս կ՚ըսեն ինծի… լեզուս կը սիրեն… մանկունակ է միթէ… թոթովախօսութիւն…
Ամուսինը կոկորդը պրկեց եւ ըսաւ.
— Ես ալ շատ կը սիրեմ:
Վահրամ գինի ապսպրեց, անմիջապէս վերջը ետ առաւ իր հրամանը եւ բթամատերը անցուց բաճկոնակի entournureներուն: Կուրծքը ուռեցաւ` անմիջապէս, որ բթամատները ներս մտան: Միւսիւ Վահրամ ըսաւ, թէ բողկ շատ կը սիրէ եւ գնեց խեչափառ, որովհետեւ կը ծախէին: Շրջուն վաճառորդը երբոր հեռացաւ, եւ ամոլը սկսաւ ճաշակել, Միւսիւ Վահրամ ամօթով խոստովանեցաւ, թէ չէր գիտէր խեչափառին հայերէնը: Չէր գիտէր, թէ խեչափառին կ՚ըսեն խեչափառ: Ինչ կ՚ըսեն ըսաւ եւ երեքը մէկ սկսան մտածել, փնտրել, կրկնելով, — «Չաղանոզին հայերէնը… չաղանոզին հայերէնը…»: Տիկին Անժէլն է, որ գտաւ բուն բառը, զալն արտասանելով համեստութեամբ, շրթներուն ծայրով.
— Խեցգետին կ՚ըսեն:
Ամուսինը երդում ըրաւ, թէ բառը լեզուին ծայրն էր, եւ պիտի արտասանէր, եթէ Անժէլ րոպէ մը եւս ուշացած ըլլար: Այո, խեչափառին խեցգետին կ՚ըսեն: Վահրամն ալ շատ գոհ մնաց, բառը բազմաթիւ անգամներ կրկնեց աղմուկով, եւ ըսաւ, թէ միշտ գետնին փակած խեչափառին անշուշտ թէ խեց-գետին պիտի ըսէին: Յետոյ դիտել տուաւ, որ ուտելիքի մը համը լաւ վայելելու համար, պէտք է զայն բնորոշող բառն ալ գիտնալ: Բոլորովին նոյնը չէր տարէց մարդուն կարծիքը: Ան ճշդեց, թէ… բայց Անժէլ խեցգետին կոչուող խեչափառի մէկ ոտքով սպառնաց, լռութիւն հրամայեց եւ անմիջապէս յետոյ արձակեց իր վճիռը.
— Ահաւասիկ բացէիբաց կ՚ըսեմ… Միւսիւ Վահրամը տունս կ՚ընդունիմ: Դեռ քիչ մը առաջ բոլորովին հակառակ էի տունս փանսիոնէռ ընդունելու գաղափարին: Շատ, շատ հակառակ էի: Գարեգինը կրնայ վկայել: Ան շաբաթներով զիս համոզել ջանաց, բայց չկրցաւ: Ես վերջապէս երիտասարդ կին եմ… եւ չար լեզուներ շատ կան. օ, շատ կան… չեմ գիտէր ինչու, ինձմով շատ կը զբաղին… Բայց դուք զիս գրաւեցիք, Միւսիւ Վահրամ: Իսկապէս համակրելի եք… տաքարիւն էք… Ըսել կ՚ուզեմ, որ ձեզի պէս մէկը ընտանիքի մէջ կարելի է մտցնել… Ընդունեցայ…
Վահրամ չափազանց գոհ մնաց, կարելի եղածին չափ պերճ ոճով եւ առատ խոնարհութիւններով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, մինչ Գարեգին կ՚ըսէր.
— Օտար չենք նկատեր: Մեր ազգականին պէս պիտի նայինք:
— Օտար… ես… Միթէ այդ բանը կը համարձակիք ըսել, Տիկին… բնաւ օտար չեմ նկատուիր… հա, հա, հա… Այսինքն թէ ձեզ օտար չեմ նկատեր… Երջանիկ օրեր, անկեղծ եւ յաւիտենական բարեկամութիւն կը մաղթեմ զՁեզ… Անոյշ ըլլայ զՁեզ… Անկասկած եմ…
Մթագնեցաւ Անժէլին դէմքը: Կինը մտահոգութեամբ գլուխը թեթեւ մը դարձուց եւ նայեցաւ իր ամուսնին: Գարեգին ալ նոյն պահուն կնոջ կը նայէր քովընտի ակնարկով մը: Երկու հարցական նշանները իրարու բախեցան: Վահրամ շարունակեց.
— Դեռ քիչ մը առաջ բոլորովին հակառակ էի ձեր տունի փանսիոնէռին… այսինքն ձեր տունը փանսիոնէռ երթալու գաղափարին… Բայց դուք զիս գրաւեցիք, Տիկին… Կ՚ըսեմ բացէիբաց — Ընդունեցայ… ներս պիտի մտնեմ… Ձեր պարապ սենեակէն ներս պիտի մտնեմ… Գարեգինն ալ ընդունեցայ… Ան ալ իսկապէս տաքարիւն, իսկապէս գրաւիչ… ոհ, Տիկին, չգտնուածօրէն տաքարիւն է… Վայ պապանըն ճանընայ չըլտըրաճայըմ… ալ չեմ կրնար սպասել, ճաթիմ պիտի, ճաթիմ պիտի Անժէլ… ներս մտայ, պարապ սենեակէդ ներս մտայ, իմ շիշկօ Ժէժէլս… հա, հա, հա… Էյ, ասիկա միտքէս պիտի չելլէ… չըլտըրաճայըմ… չըլտըրաճայըմ…
Նորէն այր ու կին իրարու նայեցան, եւ Անժէլ շառագունեցաւ բարկութեամբ: Վահրամ աճապարանօք պարպեց իր օղիին գաւաթը, յետոյ Անժէլին գաւաթը, խեղդուելու պէս եղաւ, խնդաց արտառոց ճիչերով, փորը բռնելով, աղիքները ներս հրելով, աթոռը կճրտեցնելով: Աչքերը դուրս կ՚իյնային, եւ Վահրամ կ՚ըսէր արցունքներուն մէջէն.
— Շիշկօ Ժէժէլս, ես քու պարապ սենեակդ սիրեմ… ինչ ալ աղէկ գրաբար կը խօսի շան զաւակ թօփիկս… թառչին պահարլը թօփիկս… ոհ, թոթովախօսութիւն… ոհ, մանկունակ թոթովախօսութիւն… ոհ, գրաւիչ, ոհ զնարինջ… էյ չըլտըրաճայըմ… քա սաւոր փէլթէկ ըսէ, փէլթէկ…
Անժէլ գոչեց բարկաճայթ.
— Ծօ աւանակ, քեզի ով ըսաւ, քի գինով գաս: Քեզի հազար անգամ չըսի որ ես գինով չեմ սիրէր: Ըսէ նայիմ, ինչու ասչափ շատ խմեցիր: Ուր խմեցիր: Ծօ դուն էրիկէս ալ չես ամչնար կոր… Ախ, հոս չըլլայինք` քիթիդ բերնիդ մէկ հատ մը ուտէիր…
— Ոհ երբեք զձեզ օտար չենք նկատեր… քա աս մարդը բանէ մը լուր չունի… Ազգականի պէս պիտի նայի… Թոթովախօսութիւն մանկունակ… զետեղում եւ պօտուռում… խեցգետին եւ մեծգետին… աման, հասէք, փորս, չըլտըրաճայըմ…
Անժէլը`
— Խէրդ կ՚անիծեմ, Գարեգին: Դուն իմ ով ըլլալս չես գիտէր, Գարեգին: Քեզի աստեղ ամէնուն առջեւ մասխառա կ՚ընեմ, եթէ բերանդ բանաս: Ըսելիք մը ունիս` տունը կ՚ըսես: Հոս բառ չեմ ուզէր: Սուս եղիր` ինքզինքէս պիտի ելլեմ: Անժէլը քու գիտցած կնիկներէդ չէ: Եթէ գլուխս դառնայ` մարդ մտիկ չեմ ըներ… Մարդ մտիկ չեմ ըներ, գիտցած եղիր, Գարեգին… Գլուխիս թասը դարձած է, Գարեգին…
Ամուսինը, որ տժգունած էր եւ պեխերը ոլորելով ակնարկը կը տանէր իր կնոջմէն Վահրամին, Վահրամէն իր կնոջ, աչքերը աւելի պզտիկցուց եւ ըսաւ ակռաներուն մէջէն.
— Վա-այ…
— Ներեցէք, բացառաբար ներեցէք, վշտակրած Տիկին… չէ, չկրցայ ինքզինքս բռնել… Ամօթ չէ եա` չկրցայ… պիտի ճաթէի, պիտի պայթէի, պիտի խեղդուէի, պիտի խենթենայի… Աման փորս… զետեղում եւ պօտուռում… մինչեւ մեռած օրս միտքէս պիտի չելլէ… յաւիտեան միտքէս պիտի չելլէ…
Անժէլը՝
— Գարեգին, գետնին տակը անցնելիք Գարեգին… Տունը իմս, հողը իմս, կարասիները իմս, ամէն բան իմս… Օրուան ուտելիքին փարան պիլէ չես կրնար կոր վաստկիլ: Դուն ինչիս էրիկ մարդն ես… Քեզի պէս սարսաղին՝ Արուսեակին պէս կնիկ կ՚ուզեր: Նայէ, ան տախտակ շփելու ալ կ՚երթայ, լաթ լուալու ալ կերթայ… Ես անոնցմէ չեմ: Մէյ մը վրաս նայէ. սպասուհի ըլլալիք կնիկ եմ ես… քեզ խաղք ու խայտառակ կ՚ընեմ այստեղ, Գարեգին: Քու վաստակիդ մնանք նէ` վայ պաշըմըզայ… Ըսէ նայիմ` ով տուաւ տունին վերկին. ով մաքրեց հացագործին չէթէլէն… Ասոնք փարա կ՚ուզեն, փարա…
«Ասոնք» ըսած ատեն կուրծքն ու հագուստները ցոյց կու տար, բերանը ծամածռելով: Ամուսինը ըսաւ ակռաներէն մէջէն.
— Վա-այ…
— Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս…
— Թուհ քեզի, — պատասխանեց Անժէլ իր սիրահարին, աւելի բարկանալով` աս եղաւ ըրածդ: Ես աս չափ յոգնիմ, Վիքթոռը մէջ խառնեմ, քեզ էրկանս ճանչցնել տամ, աս ռանտէվուն պատրաստեմ, մէյ մըն ալ սօն թաքքէյին սա ապուրը խառնես… Եկար չեկար` բանջարի պէս ականջներէդ հասկցայ խմած ըլլալդ, բայց սա խենթութիւնը միտքէս չես կրնար անցնիլ… Ծօ շան զաւակ, քիչ մը ինքզինքդ չէիր կրնար բռնել…
— Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս, փէլթէկին ինչու թոթովախօսութիւն ըսիր. իմ անոյ շիկ չաղանօզիս ինչու խեցգետին ըսիր…
— Վա-այ…
— Գարեգին, ինծի մի բարկացներ: Նորէն կ՚ըսեմ, Գարեգին, ինծի մի բարկացներ… Թեռլիկներդ կ՚առնես` ուզած տեղդ կ՚երթաս, եթէ գոհ չես… թեւէդ բռնած չունիմ… ուզած տեղդ կ՚երթաս, ինէ աղէկին` կ՚երթաս… Կը բաւէ քուկին ձեռքէդ քաշածս… Տունը իմս, հողը իմս, կարասիները իմս…
Արագ շարժումով մը Անժէլ իր ամուսնին ձեռքէն քաշեց առաւ ջուրի գաւաթը, զոր ան պարպելէ վերջ ձեռքը կը պահէր: Գարեգին յօնքերը պռստած` ակնարկը միշտ կը պտըտցնէր դէմիններուն վրայ, եւ ձախ այտին բացխփիկ ծալքերէն յայտնի էր, թէ առկաները կը ճզմէ:
Կառսոնը, որ իրենց սեղանին վրայ նոր յանձնարարութիւն մը կատարելէ վերջ կը մեկնէր, կանգ առաւ: Ծռելով իր երկու խոշոր մատները, վարդագոյն աղջնակին գրպանը մխրճեց եւ դուրս քաշեց փայլուն մետաղէ սիրուն խցհան մը: Յետոյ մեկնեցաւ գողօնին հետ առանց դիտողութիւն ընելու:
— Վա-այ… դեղագործին հետ օյինի ելար` աչք գոցեցի։ Շմաւոնին հետ Պեյօղլուները գացիր` ներեցի. աղջկնութեան ըրածներդ` մոռնանք ըսի… Հիմա ալ ասոր հետ ըրեր ես ընելիքդ… Տարիքը կ՚առնէ կոր, ալ ինքզինքը վար կը դնէ ըսի…
Անժէլ սաստիկ բարկացաւ: Թէ վիճաբանութենէն եւ թէ մանաւանդ օղիէն կարմրած էր եւ կը հարուածէր իր ամուսինը` բառերու տեղատարափով մը: Անցեալը կը քրքրէր, ներկային վրայէն կը վերցնէր ամօթխածութիւնը պաշտպանող թուզի տէրեւը եւ իր ակռաները ցոյց կու տար: Կ՚ըսէր, թէ առանց Վահրամի դրամին` մոխիրի վրայ նստած պիտի ըլլային, եւ թէ իրն էր տունը, հողը, եւ այլն: Մանաւանդ «տարիքը կ՚առնէ կոր»ը չէր կրցած մարսել: Կը թքնէր ձիթապտուղին կուտը: Բայց, չկրնալով բարկութիւնը առնել, փոխեց յարձակողականի ձեւը եւ սկսաւ հեգնել: Քմծիծաղով մը, որ միայն մէկ այտին վրայ կը սողար, ըսաւ, թեւ Գարեգին էֆէնտին դիւրազգաց է, բարոյականի զանցառութեան ներող չէ: Եւ իբրեւ մեծ սրամտութիւն` աւելցուց.
— Ոհ, ամուսինս փափուկ է կացութեան մը պէս…
Վահրամ, տեղէն ելլելով, խանութ մտաւ եւ քիչ յետոյ վերադարձաւ, հետը բերելով ձկնկիթ (խաւեար): Զայն լաւ մը հոտոտելէ վերջ ուզեց Գարեգինին կերցնել, եւ յանկարծ — անշուշտ այս վերջնոյն լռութեան պատճառաւ — տխրեցաւ: Սաստիկ տխրեցաւ: Պիտի լար.
— Չէ, աս բանը ընելու չէի: Կնիկդ գործածէր եմ՝ աղէկ. հիմա տունդ կու գամ կոր որպէսզի աւելի լաւ գործածեմ՝ աղէկ. բայց աս բանը ընելու չէի… պէտք չէր, որ ընէի… Քեզի պէս պատուական մարդուն, շէքէրի պէս մարդուն սիրտը կոտրելու չէի… ներէ, Գարեգինս, ներէ… Աւանակ եմ, էշ եմ, բերնէս ելածը չեմ գիտեր… Արեւդ սիրեմ` ներէ… Դուն իմին բարեկամս ես, ներէ…
Մարդը կոկորդէն գամը դուրս հանեց եւ ըսաւ ակռաները սեղմած.
— Վա-այ… բարեկամ…
Եւ որովհետեւ արձանի մը պէս անշարժ կը մնար եւ իր պռստած ակնարկը չէր բաժնէր Վահրամէն, այս վերջինը ամէն ճիգ թաեց ներողամտութեան արժանանալու համար: «Հոգիս տամ քեզի» ըսաւ, եւ ձեռքը տարաւ իր հոգիին` ձիու գլխուն: Յանկարծ գրպանէն տրցակ մը դրամատոմս հանեց, ճմռթկեց զանոնք, թքաւ վրան, կրկնեց թէ բարեկամութենէ զատ բան մը յարգ չունի իրեն համար, եւ վերջապէս, իբրեւ վերջին ժեսթ ուզեց համբուրել Գարեգինը: Համբուրել Գարեգինին ձեռքը կամ դէմքը: Շատ որոշ չէ: Բայց գինովի տապալեց երկու սրուակներ, որոնք փշրուեցան աղմուկով:
Անժէլին գլուխն ալ բռնած էր: Կը խնդար բարձրաձայն, կոտրած սրուակները ցոյց տալով, կուրծքը ալեկոծելով, եւ իր ամբողջ ուժով Վահրամին ոտքին վրայ կը կոխէր:
Վահրամ երբոր չյաջողեցաւ Գարեգինը համբուրել, ուզեց գոնէ համբուրել Անժէլը: Բայց այս վերջինը զինքը վանեց` ըսելով, թէ ինք գինովներէ չ՚ախորժիր:
Վահրամը`
— Արեւդ սիրեմ, Ժէժէլս, գիտեմ որ կ՚ախորժիս… գիտեմ որ այդ բանը շատ կը սիրես… Վահրամդ քեզի համար մէյ մը՝ մէյ մը տահա կ՚ըլլայ, երբոր գլուխը բռնէ… Հոգիդ սիրեմ` երգէ. ուրբաթ օրուան պէս երգէ. Շարհօշ իչէր, իչէր…
Անժէլ բացարձակօրէն մերժեց: Յետոյ նայեցաւ անուշ-անուշ, իր սիրահարին. երեք անգամ կրկնել տուաւ «անգամ մըն ալ պիտի չգինովնամ» խօսքը, եւ վերջապէս պահանջեց, որ Գարեգինն ալ խնդրէ: Մարդը ըսաւ ակռաները կճրտելով.
— Վա-այ…
Այն ատեն Անժէլ երգեց ցած ձայնով մը.
Շարհօշ իչէր, իչեր սարըլըր պանա
Աման աննէ, ճանըմ աննէ, պէն վարըրըմ օնա
Եւ այլն, եւ այլն, օօօֆ, ամաան
Վահրամ կը ճառագայթէր: Ծափահարեց եւ հրամայեց ձայնագրին, որ իր ուզած եղանակները նուագէ: Լոյսերը վառած էին: Վահրամ հրամայեց, որ աւելի շատ լոյս վառեն: Յետոյ խեչափառ մը օդը բռնած` սկսաւ կրկնել «Չաղանոզը եան, եան, Սըմ-բատ-եան»: Եւ յանկարծ յիշեց, որ ինք գինի ապսպրած էր: Եւ երկար ատենէ ի վեր: Ուր էր այդ գինին: Ով ըսաւ, թէ անմիջապէս յետոյ ետ էր առած իր յանձնարարութիւնը: Ով ըսաւ: Բայց Գարեգին հետզհետէ կը լեցուէր` պեխերը ոլորելով: Իր ամենադաժան արտայայտութիւնն էր առած, եւ պիտի պոռթկար մէկ վայրկեանէն միւսը: Այլեւս անկարող էր ինքզինքը զսպելու: Բերանը բացաւ, անշուշտ շատ կծու բան մը ըսելու համար, բայց նոյն պահուն Անժէլ, որ կ՚ուզեր Վահրամին ոտքին վրայ կոխել, սխալմամբ կոխեց իր ամբողջ ուժով` ամուսինին կոշտին վրայ: Նեղ կօշիկին մէջ արդէն մարտիրոսացած կոշտին վրայ: Մարդը օդը ցատկեց:
Անժէլ պիտի խեղդուէր խնդալէն: «Ես մեռայ, ես մեռայ» կ՚ըսէր, կողերը բռնելով, եւ իր միսերը կաս կարմիր էին եղած: Անոնք կը ցնցըուէին, կ՚ուռէին եւ կը քրտնէին:
Եւ սակայն այս փոթորիկը դադրեցաւ վայրկենաբար: Երկվայրկեան մը բաւական եղած էր, որ կինը մոռնայ իր արտառոց խնդուքը: Անշարժացաւ, քար կարեցաւ, աչքերը բանալով եւ թեւերը բռնելով մարմնէն հեռու:
Ամուսինը, որ սրտին զարնող ցաւը մեղմելու համար հրաժարած էր իր սպասողական դիրքէն եւ հայհոյելով հանդերձ կը պարպէր օղիի գաւաթները, Վահրամին հետ գլուխը դարձուց կնոջ, պատահածը հասկնալու համար: Անժէլ ըսաւ.
— Վույ… քօռսէյիս կապերը փրթան…
Վահրամ մեծ` բայց կեղծ լրջութեամբ եւ նոյնքան կեղծ եւ խոր անձկութեամբ հարցուց, թէ ինչ պիտի պատահի: Միթէ սեղմիրանը պիտի չթուլնայ: Միթէ գէր Անժէլը պիտի չուռի: Եւ յանկարծ սիրահարը սկսաւ ծափ զարնել եւ երգել այն բառերը, զոր մանուկները կը կրկնեն հնդկահաւերու դիմաց.
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ
Աննէն կիւզել, սէն չիրքին
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ…
Բայց որովհետեւ Անժէլ իր ամուսինը կը յանդիմանէր, խնդուք առթելով կապերու բեկանումին պատճառ եղած ըլլալուն համար, յանկարծ փրփրեցաւ Վահրամ: Անօրինակ զայրոյթով մը լռութիւն հրամայեց: Պահանջեց: Չէր ուզէր, որ այր մարդու մը համբերութիւնը չարաչար գործածուի: Չէր կրնար հանդուրժել, որ շաքարի պէս ամուսին մը ծաղրանքի առարկայ դառնայ: Թէ իր ներկայութեանը` այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Երբեք չէ եղած: Ինք մարդ յարգել գիտէ եւ կին ըսուած արարածը շատ լաւ կը ճանչնայ: Շատ լաւ: Ինքն ալ պակասութիւն մը գործեց, այո, բայց որունն է յանցանքը: Այս ժամադրութիւնը պատրաստողին: Այս պատրաստողը շատ լաւ գիտէր, թէ ինք մանուկի պէս մէկն է. կեղծաւորութիւն չի կրնար ընել. սուտ ըսողին աչքը ելլէ. եթէ կեղծաւորութիւն ընէ` խնդալը կու գայ եւ կը մատնէ իր գաղտնիքը: Խնդաց եւ մատնեց իր գաղտնիքը: Բայց որքան ատեն, որ ինք հոս ներկայ է, Անժէլը պէտք է գիտնայ, որ Արժանապատուութեանը հոս ներկայ է: Լռութիւն: Վէսսէլամ:
Ամուսինը խղճալի ձեւով մը նայեցաւ իր կնոջ սիրահարին, եւ յետոյ, այս պաշտպանութենէն թէ ուժ առած եւ թէ ազդուած` սկսաւ կոնծել արագօրէն վշտոտ բերանը ծամածռելով:
Նեղութիւն տիրեց: Ոչ ոք կը խօսէր: Վահրամ դէմքը կախած էր, քրտինքները կը ժողվէր ու կը նայէր իր ետեւը, կարծէք մեկնիլ ուզելով: Եւ ապահովաբար պիտի մեկնէր, եթէ այս լռութեան մէջ յանկարծ չպոռթկար տաքցած Գարեգինը: Բերանը պահած ջուրը կլլեց ան ու ըսաւ առաստաղին մէկ մարած լապտերը ցոյց տալով:
— Հէյ Աստուածամար, աս ինչ փորձանք իջեցուցիր գլխուս… աս ինչ փորձանք… կնիկ չէ, անէծք է… Տունս կործանեց, պատիւս մէկ փարայի ըրաւ, ցերեկս-գիշերս հարամ ըրաւ… Հէյ Աստուածամար… Ճանըմ, ինձմէ ինչ կ՚ուզէք… չեմ կրնար, չեմ կրնար ծեծել… Ես ան տէրէպէյի ամուսիններէն չեմ, չեմ… Երբեմն անանկ կ՚ըլլամ, որ մէկը ինծի թելադրէ կ՚ըսեմ… Հապա անանկ չէ. երբեմն տկարները կը քնացնեն. իփնոթիզ է, ինչ է՝ ան կ՚ընեն եւ ամէնէն չըլլալիք բաները ընել կու տան այդ զաւալլը մարդոց: Անանկ ալ կ՚ուզեմ, որ մէկը ինծի թելադրէ: Ըսէ. — «Զարկ, Գարեգին. սա շիշէն առ, զարկ գլխուն, զարկ կը պահանջեմ, կը պարտադրեմ…»:
Այս մտածումը չափազանց զուարճալի թուեցաւ Անժէլին, որ սկսաւ կրկնել կուշտ խնդուքով— «Զարկ, Գարեգին, զարկ: Չեմ ուզէր, որ դրամ շահիս. չեմ ուզէր, որ տունդ նայիս. միայն կնիկդ ծեծէ, Գարեգին. կը պահանջեմ, Գարեգին…»:
Մարդուկին բարկութիւնը այնքան խղճալի էր, որ Վահրամն ալ սկսաւ խնդալ, եւ երկու սիրահարները իրենց գլուխը մօտեցուցին Գարեգինին, իրենց քսան մատները ուղղեցին մարդուն աչքերուն, որպէս թէ զայն քնացնելու համար, եւ ըսին կշռոյթով.
— Զարկ, Գարեգին, կը պահանջեմ, զարկ, Գարեգին, կը թելադրեմ, առ շիշէն, սա շիշէն, Գարեգին, իմ անգին…
Եւ իրաւ ալ մարդը զարկաւ: Բայյց քովընտի տուած ապտակը շատ ձախաւեր էր: Եւ արդէն Անժէլ զայն նախատեսելով կրցած էր խոտորել, եւ հազիւ թէ մարդուն մատներուն ծայրերը դպան կնոջ կզակին:
Եւ մինչ Անժէլ կը խնդար, ցցուեցաւ Վահրամ.
— Թիւհ, կապած աւել, դուն ալ էրիկմարդ ես, հա: Աս խալթախին ասանկ կը զարնեն:
Յաղթանդամ եւ գինով Վահրամը շառաչուն ապտակ մը իջեցուց Անժէլին: Յետոյ երկրորդ մը աւելի զօրաւոր, երրորդ մը, չորրորդ մը: Ծանրաբեռնուած սեղանը շրջեցաւ աննկարագրելի ջախջախումով, եւ կինը ինկաւ նստարանին վրայ, վերջն ալ տակը: Փառթիթի շոգենաւ մը կը մօտենար նաւամատոյցին: Ֆանֆառին ձայնը խառնուեցաւ մեծ աղմուկին հետ: Միջամտեցին: Նաւուն լուսարձակը կանգ առաւ շյրջուած սեղանին վրայ: Կուրցած Սոկրաթոս եղբայրները կատաղօրէն բողոքեցին լուսարձակին դէմ: Կառսոնները, որ մեծ դժուարութեամբ ներս կը տանէին Վահրամը, հայհոյեցին անշարժ լուսարձակին դէմ: Նաւէն սկսան պոռալ— «Քէքէռէզ, Աւռամ, Նաում, Պոխոռ, Լէվի…»: «Դրախտային»ի հրեայ յաճախորդները թեւերնին վեր առին եւ բողոքեցին: Անոնցմէ մէկը փախաւ` իրարանցումէն օգտուելով: Անժէլ չէր ուզէր ոտքի ելլել, որովհետեւ պատռած էր իր զգեստը եւ աղտոտած: Վարդագոյն աղջնակը գետնէն ժողվեց աթոռի մը տակ գլորած սիրուն աղի աման մը, որուն կափարիչը կը փայլէր արծաթի պէս: Գրպանը դրաւ զայն:
Խանութին խորը Միւսիւ Վահրամ Սմբատեան կու լար մեծ աղմուկով:
………………………………………………………………
Գիշերին մէջ մարդ մը կ՚երթայ առանձին: Ամբողջութեամբ քակած է կօշիկին կոճակները եւ ձեռքը կը բռնէ, եկեղեցիի պնակի մը պէս, իր օձիքն ու փողկապը: Ոչ առջեւի կոճակը կայ, ոչ աչ ետեւի: Կարծէք թէ մարդը կը պարէ: Միայն սա որոշ է, թէ կ՚երգէ բարձրաձայն եւ ուրախ.
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ
Աննէն կիւզել, սէն չիրքին
Քապառմազ՚սըն, քէլ ֆաթմայ
Քէլ, ֆաթմա…
ՄԱՆՈՒԿ ՄԸ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
1
Խանթարճին, որ գրեթէ միշտ խարդախութեան մարմնացումն է, կը քալէ առջեւէն, կշիռը ուսը նետած: Իրեն կը հետեւի ածուխի ծանրաբեռն կառքը որ խոր սուգի մէջ մտած է, եւ զոր երկու գոմէշներ կը քաշեն դժուարութեամբ: Անոնց շողիքները երբեմն մինչեւ գետին կը հասնին, անոնց վիզին մորթը ծալք-ծալք է, եւ այս բոլորը Սկիւտար է: Կառքին քովէն գացող ածխավաճառը միշտ կը նայի կրճտող մեծ կողովներուն, որոնցմէ վեր կը ցցուին Էլլէմէյի պատկառելի բազուկներ: «Շնորհաւոր Ծնունդ»ներ, «Ամեն տարի բարով հասնիք»ներ: Ածխավաճառը գրեթէ ամէն քայլափոխի խորհուրդներ եւ հրամաններ կու տայ իր գոմէշներուն, որպէսզի ուշադրութեամբ քաշեն եւ նուազ ցնցեն կառքը: Անոր սգաւոր սիրտը վեր չհանեն: Իր լեռնցիի խուլ ձայնին դէմ կը բռնեն բոժոժներ ու զանգակներ, որոնք կախուած են գոմէշներուն գլխին վերեւ, երեք չուաններու վրայ, ձիու սեւ պոչերու հետ: Իրաւ է, թէ անասունները թրքերէն կը հասկնան եւ կը հպատակին իրենց տիրոջ հրամաններուն, սակայն կառքը կը ցնցուի դարձեալ՝ քմահաճ սալայատակին վրայ: Վար կ՚իյնան «հասնիք»ներ: Եթէ անոնք առնուազն «բարով հասնիք»ներ են, չեն կորսուիր բնաւ, որովհետեւ ետեւէն եկող գնորդը կը ծռի ու կը հաւաքէ: Յետոյ ածուխի կտորները կրկին կը նետէ կողովի մը մէջ, երբոր ձեռքերը լեցուին: Յանկարծ գոմէշները կը սկսին պարպել իրենց աղիքը: Թրիքը կ՚իյնայ երբեմն զարնուելով իրենց սրունքներուն, բայց սրունքները չեն աղտոտիր բնաւ, որովհետեւ աղտոտ են արդէն: Թրիքը կ՚իյնայ հաւկիթի մը պէս, ու կը կոտրի, կը տափակնայ, կ՚ընդարձակուի: Ետեւէն եկող գնորդը, որ այս արտածումէն տեղեակ չէ, յանկարծ կը ծռի եւ… մէկ կողմ կը քաշուի:
Կառքը դեռ չէ անհետացած, երբոր դուռ մը բացուեցաւ, ու փողոց ելաւ կին մը: Աջ ձեռքին մէջ ունի աղտոտ աւել մը, իսկ ձախին մէջ ծուռումուռ աղբակալ մը (ֆարաշ): Ուղղակի գնաց տաք եւ տակաւին շոգեպատ քակորին վրայ, զայն հաւաքեց ու տուն դարձաւ գոհունակ: Այդ գոհունակութիւնը բնաւ չ՚արտացոլար սակայն իր դէմքին վրայ: Յիսուննոց այս այրի կինը Ալէմտաղցի լեռնցի մըն է, չոր ու երկար: Իր առնական ֆիզիքին` ինչպէս նաեւ կոշտ ու կոպիտ խառնուածքին պատճառաւ զինքը անուանած են Ճանտառմա: Անոր աջ յօնքին մէջէն խոշոր կոծիծ մը դուրս ցցուած է, եւ փոքր աչքերը կարմիր են ու հիւանդոտ: Հակառակ որ տասներկու տարիէ ի վեր հաստատուած է Սկիւտար, ոչինչ փոխած է գիւղացիի իր կենցաղէն: Եւ տունը կը հոտի խմոր, երշիկ, պուլղուր, թառխանա: Եթէ ասոնք չհաշուենք, կրնանք ըսել, թէ առանձին կ՚ապրի Ճանտառման: Բայց այդ հինգ սենեականոց տան մէջ միս-մինակ` չի ձանձրանար բնաւ, որովհետեւ կայ պարտէզը:
Հոս է ան` Պարտէզը: Հաւատարիմ ընկերը, անբաժան կողակիցը, ես ըսեմ` սիրելին, դուք հասկցէք` սիրելին: Սկիւտարի հրաշափառ արշալոյսին մէջ կը տարածուի ան, իր հաւատարիմ ամպերը ունի ան, ինչպէս նաեւ իր սեփական անձրեւը: Թութի, սերկեւիլի եւ կեռասի հինգ ծառեր: Անոնց կատարները իրենց բարձունքէն կը տեսնեն ամբողջ Բախլա Թառլասին եւ Գատը-գիւղը, իսկ պայծառ օրերուն` Մարմարայի պորտին վրայ ծփացող երկու կամ չորս կղզիները: Պայծառութիւնը գիտէ: Անշահ կիներ կան, որոնք ոչ մէկ աչքառու ձիրք ունին: Ոչ գեղեցիկ են, ոչ լեզուանի, ոչ լաւ խոհարար կամ գուշակ, ոչ հաւատացեալ կամ անհաւատ: Բայց կը պատահի, որ այդ անշահ կիներէն մէկը լաւ գործ մը տեսնէ իր կեանքին մէջ: Կրծելիք, պագնելիք մանչուկ մը աշխարհ բերէ: Այսպէս է Ճանտառման, որուն մանչուկը պարտէզն է: Հոն պէք է զինքը փնտռել ամէն օր: Կը փորէ, կը տնկէ, կը ջրէ, կը ցանէ իր երկու թաթերով: Իր ահարկու թաթերով` որոնց մէկ ձեռնոց միայն կարելի է յարմարցնել` ցեխը:
Եւ բնականաբար պէտք ունի աղբի: Լուրջ աղբի: Բայց քանի որ մեղք կը համարի այդքան հասարակ բանի մը համար քանի մը ղրուշ ծախսելը, փողոցէն կը հաւաքէ չորքոտանիներուն ձգած աղտեղութիւնը: Կնոջ այս սովորութեան ծանօթ են բոլոր դրացիները, որոնք զինքը կը ծաղրեն անվերջ, մինչ փոքրերը կը զուարճանան: Երբոր լաճերը տեսնեն, թէ ինքնակոչ աղբահաւաքը փողոց ելած է, իրենց գլուխը կը քերեն ըսելով — «Սաւոր գլխուն ինչ խաղ խաղանք»: Եւ միշտ ալ նոր բան մը կը գտնեն: Մէկ օր մը միայն խաղդ նշանաւոր եղաւ: Առիր սա մեծութեամբ թիթեղի կտոր մը, բացիր ծակ մը անոր մէկ անկիւնը, ու կապեցիր այդ ծակէն թռուցիկիդ երկար չուանը: Յետոյ թիթեղը ամբողջութեամբ ծածկեցիր աղբակոյտով մը ու զետեղեցիր փողոցին մէջտեղ: Յետոյ գացիր ընկերներուդ հետ պահուըտիլ Նիկողոսենց դրան մէջ: Յետոյ սպասեցիք` չուանին ծայրէն բռնած: Դանդաղօրէն կը յառաջանար Ճանտառման, աւելը երերցնելով: Նախ բնաւ չանդրադարձաւ թէ աղբակոյտը կը շարժի: Բնաւ: Իր հիւանդոտ աչքերը անկարող էին չուանը տեսնելու: Բայց քանի մօտեցաւ, թրիքը հեռացաւ: Լաճ, շատ խնդացիր այդ օրը: Ճանտառման քեզ անիծեց, բայց շատ խնդացիր այդ օրը:
Եւ սակայն կնոջ ամենէն աւելի յամառ հակառակորդը շրջուն վաճառորդ մըն էր եւ կը կոչուէր Միրիկ: Ան ոչ երէց էր եւ ոչ ալ կրտսեր: Գեղեցիկ ջրհանկիր-վաճառորդ մըն էր եւ ունէր էշ մը` իրեն պէս յամառ: Միրիկ կը խաղար Ճանտառմային հետ, եւ այս բանը հասկնալի է այն պատճառաւ որ՝ ինչպէս առհասարակ բոլոր աղքատի տղաքը, որոնք կանուխէն շուկայ իջնելով կը զրկուէին խաղէ, Միրիկն ալ «կաթէ կտրուած» էր եւ այս տարիքին մէջն ալ խաղ կը փնտռէր ու կը պահանջէր: Ճիշդ ինչպէս որ առանց մօր գուրգուրանքի մեծցած այրերը երբոր ամուսնանան, իրենց կողակիցին մէջ մայրութիւն ալ կը փնտռեն: Այն կորուսեալ բաժինն ալ կը պահանջեն: Միրիկ, երբոր իր էշովը Ճանտառմային տան առջեւէն անցնի եւ կինը պատուհանը տեսնէ, անասունը կը կեցնէ անխուսափելիօրէն, եւ իբրեւ թէ ուժգնութեամբ էշուն պոչը քաշելով կ՚ըսէ.
— Էյ չընես. զաւալլը կնիկը ձեռքերը բացեր` քեզի կը պէքլէյէ կոր… նա, ըրէ իշտէ: Աստծոյ սիրուն համար, սաւոր սիրտը թեթեւցուր… ըրէ… ըրէ… ըրէ…
Այս վերջին անպատկառ բացականչութիւնները որեւէ կերպով չեն ազդեր Ալէմտաղցիին վրայ: Ան լուռ եւ անայլայլ` կը խուզարկէ Պաղլար Պաշիի ընդարձակ պողոտան, կայմի մը գագաթը թառած նաւազի մը պէս: Եւ անմիջապէս որ նշմարէ խումբ մը հաւեր, բուռ մը ճնճղուկներ` հաւաքուած գոմէշի, ձիու կամ նոյնիսկ էշու աղտեղութեան շուրջ կը նետուի փողոց: Միշդ գէշ հագուած, ոտքերուն մուճակի նման շորեր, գլխուն գնչուի եազմա` շատ անգամ մինչեւ Խառամանցի յոյն նպարավաճառին առջեւ կ՚երթայ աւելն ու աղբակալը բարտելով, եւ թրիքը հաւաքելէ վերջ կը վերադառնայ հպարտ:
Այդ հպարտութեան պատճառը կայ: Ճիշդ քովի տունը կը բնակին Շաշի Սրապիոնենք, որոնք նմանապէս ունին մշակուած պարտէզ մը` եւ բնականաբար նաեւ պէտքը` աղբի: Սրապիոն աղա, որ գործէ քաշուած պզտիկ մարդուկ մըն է, նոյնպէս դարձած է աղբահաւաք:
Եւ կը պատահի անխուսափելին:
Աղմուկով կը բացուին երկու դռներ: Սրապիոն աղա եւ Ճանտառմա միաժամանակ կը սլանան դէպի թարմ նպատակակէտը, աղբակալներն ու աւելները կարկառած` կամ գրեթէ. մուճակները քարշ տալով` կամ գրեթէ: Ով պիտի հասնի ամէնէն առաջ: Ալէմտաղցին երբոր չհասնի, կը վերադառնայ հայհոյելով կամ գրեթէ: Բայց մարդուկ Սրապիոնին համար մեծխօսիկութիւնն ու հպարտացումը անհրաժեշտ պահանջներ են: Հոս գրեթէ չկայ: Կ՚ուզէ անպայման քաղել յոգնութեան պտուղը եւ յաջողութիւնը փողահարել: Ու համրաքայլ, օրօրուելով եւ տատանուելով ծերուկը կը մօտենայ կնոջ պատուհանին, եւ որովհետեւ աղբը ընդհանրապէս Ալէմտաղիի ճամփէն եկած է, կ՚ըսէ բարձրաձայն` ծանրաբեռն աղբակալը կարկառելով.
— Նայէ, ասոր ապրանք կ՚ըսեն, ապրանք… Ասանկ պատուական բաները ամէնքն ալ Ալէմտաղիէն կուգան… Մնտռութեան առաջնակարգը քեզի պէս Ալէմտաղցի է… Հոգին սիրեմ այն Ալէմտաղիին…
2
Սկիւտարը կէս մը գիւղ է եւ կէս մըն ալ քաղաք: Թերեւս այդ է պատճառը, որ կէս սոխակ մը միայն կայ լեռնցիին պարտէզին մէջ, եւ կէս մըն ալ` Շաշիին պարտէզին մէջ:
Այժմ երկու կէսերը պիտի գեղգեղեն, քանի որ արեւը դուրս ելաւ Չամլըճայի ետեւէն: Ըսէ, սիրական, արեւը ինչպէս դուրս պիտի ելլէր եթէ Չամլըճան չըլլար: Ով Սկիւտարի հրաշագեղ առաւօտ, երփներանգ ու գեղածիծաղ արշալոյս՝ որ բարձունքներէն կը տեղաս լոյսով, թրթռացումով, աւիշով եւ դեռ չաւարտեցի…
Աքլորներուն կանչը կ՚երկարի անվերջ, ու ճախարակի աղմուկով դոյլերը կ՚իջնեն հորերուն մէջ, հորերը կ՚ելլեն դոյլերուն մէջ: Ոչ, Սրապիոն աղային կերած հացը վար չերթար, եթէ ձեռնածալ նստի: Հիմա, որ այլեւս ինք քաշուած է գործէ, կամ գործը քաշուած է իրմէ, եւ իր աղջիկն ու փեսան է, որ զինքը կը նային, մեծ մեղք կը համարի օգտակարութիւն չունենալ տան մէջ: Անհրաժեշտօրէն պէտք է, որ հասցնէ լոլիկ, դդում, սմբուկ, մըմբուկ, լուբիա, մուբիա, եւ այդ պատճառաւ իր արդար իրաւունքը կը նկատէ փողոցին բերքը: Իրեն բնաւ անվայել չի թուիր իր աղբահաւաքութունը, բայց երբեք չի ներեր, որ Ճանտառման ալ նոյն բանը ընէ: Նախ որ կնոջ մը չի վայլեր: Ամօթ ըսուած բան մը կայ: Երկրորդ` ամէն ոք հաւատացած է, թէ Ալէմտաղցին դրամ ունի, քէմէր ունի: Եւ երրորդ` որովհետեւ Սրապիոն աղա կը կարծէ, թէ կինը այդպէս կը շարժի հակառակութեան համար միայն: Ի հեճուկս: Իր պատառը ձեռքէն կը խլէ հակառակութեան համար, որովհետեւ արդէն վէճ ունին ուրիշ խնդիրներու մէջ ալ: Նախ ջուրը: Իրենց հորերը, որոնք երկու պարտէզները բաժնող տախտակորմին երկու կողմերը կը գտնուին, իրերահաղորդ են: Կը բաւէ, որ երկու թշնամի դրացիներէն մէկը քիչ մը շատ գործածէ, որպէսզի միւս հորին ջուրը նուազի: Եւ անմիջապէս տախտակորմին մէկ կողմէն միւսը կ՚արձակուին լուտանքներ: Սրապիոն աղա պատկերալից հայհոյութիւններ գիտէ եւ միշտ նորեր կը ստեղծէ: Քանի որ իր երիտասարդ տարիքին մէջ եղած է ոսկերիչ, եղած է կարճահասակ: Իսկ Ճանտառման անխուսափելիօրէն կը կրկնէ նոյն պատասխանը —«Խապախի չափ ալ չկաս քի, ջուրը խմես տէ, պօյ նետես»:
Աս մէկ: Վէճի ուրիշ շարժառիթ մը ստեղծուած է նաեւ դրկից տուներուն կոյուղիներուն պատճառաւ, որոնք իրարու կը միանան գլխաւոր անցքին մէջ թափելէ առաջ: Շաշի Սրապիոնենք կ՚ամբաստանեն Ճանտառման` ըսելով, թէ գծուծ կինը Հիւրրիէթէն ի վեր մաքրել չէ տուած իր զզուելի ճամփան, եւ այս ըրաւ երկու:
Դեռ կայ նաեւ կատուին խնդիրը: Ամէն անգամ, որ գիւղացիին ազատքեղի փափուկ մարմանդը կոխոտուի, յանցաւորը անպայման Սրապիոնին փիսիկը կ՚ըլլայ: Եւ «թավլու»-ն (կատուին անունն է) կնոջ կողմէ անվերջ կը հալածուի, կը քարկոծուի, կռուի դաշտ քաշելով նաեւ Սրապիոնին աղջիկը, որ կու լայ: Անտարակոյս, «թավլու»ն շատ գեղեցիկ անուն է, բայց աս ըրաւ երեք:
Ահաւասիկ բոլոր այս փոքր հակառակութիւններուն կազմած մեծ բարկութիւնն է, որ կու գայ կը պոռթկայ թրիքին առջեւ: Հոն է, որ բախումները կ՚ըլլան տաք ու վտանգաւոր: Իրաւ է, թէ երկու ինքնակոչ աղբահաւաքները գրեթէ միշտ պարտէզն են, բայց անտեղեակ չեն դուրսի անցուդարձին: Ճանտառմային պարտէզը միայն տունին ետեւ չէ որ կ՚երկարի, այլ քովն ալ, փողոցին եզերքն ալ: Այնպէս որ կինը այն կողմի տախտակորմին ծակերէն կը նայի դուրս, ամէն անգամ, որ միտքը իյնայ գոմէշ մը, էշ մը, կամ Սրապիոնը: Իսկ մարդուկը լուր կ՚առնէ իր աղջկանը միջոցաւ: Դժբախտաբար տեղեկատւութեան այս թանկագին ազդակը կորսնցուց Սրապիոն աղա, որովհետեւ ամառուան տաքերուն պատճառաւ իր աղջիկն ու փեսան Գարթալ գացին, ազգականներու մօտ մնալու համար քանի մը շաբաթ: Եւ որովհետեւ Ճանտառմային փանսիոնէռն ալ, որ բժշկական ուսանող մըն էր, մեկնած էր արձակուրդի, երկու կէս սոխակները բոլորովին մինակ մնացին կողք կողքի:
Այդ օրերուն է, որ պատահեցաւ դէպք մը: Սրապիոն աղա գետնէն թղթապանակ մը գտաւ: Այո, փողոցէն գտաւ: Աւելն ու աղբակալը դրաւ վար, ոտքերուն առջեւ, թղթապանակը բացաւ եւ սկսաւ նայիլ, թէ ինչ կայ մէջը: Կիզիչ կէսօրէ վերջ մըն էր: Ճիւղի մը վրայ թռչուն մը պատարագ մը կ՚ընէր: Ճանտառման ալ իր դուռը բացաւ եւ անոր մէջ կեցաւ` ապշութեամբ: Նայեցաւ փողոցին մէջտեղ բարձրացող թրիքի կոյտին, նայեցաւ քիչ մը անդին կանգ առած մարդուկին եւ չհասկցաւ, թէ ինչու Սրապիոն չի վազեր դէպի նպատակը: Ինչ կը նշանակէ քու այս օրինազանցութիւնդ: Ինչ կը ծածկէ քու այս անպարկեշտ խաղդ: Բայց առանց խորունկը փնտռելու, կինը յանկարծական որոշումով մը կ՚ուզէ օգտուիլ մարդուն զբաղումէն եւ կը սլանայ աղտեղութեան վրայ` «փաչալը» հաւեր սարսափեցնելով:
Գլուխն ու թրիքը վեր առած պահուն միայն տեսաւ թղթապանակը: Շառագունեցաւ կինը բարկութեամբ ու մօտեցաւ իր դրացիին: Այս վերջինը, որ աշնան տերեւի նմանող ակնոց մը դրած էր քիթին վարի ծայրը, կը ջանար թուղթի մը պարունակութիւնը ըմբռնել: Բայց կնոջ ներկայութեանը անդրադառնալով ըսաւ ակնոցներուն վրայէն:
— Աչքդ մէջը չմնայ: Նայէ. կայ չկայ` հինգ ղրուշնոց մը կայ…
Դրամ ըլլալով` այդքան միայն կար: Իսկ ատկէ զատ Կարմիր Խաչի պարահանդէսի տոմսակ մը, Շիրքէթը Խայրիէյի ժամանակացոյցը, դրոշմաթուղթեր պարունակող փոքրիկ պահարան մը, Պրուքլինի կամուրջը ներկայացնող կոյս բացիկ մը եւ յետոյ այն թուղթը` զոր Սրապիոն աղա կը ջանայ կարդալ: Ըսաւ.
— Տղու մը գրպանէն ինկած ըլլալու է: Մեծ մարդու ճզտան չէ աս:
Երբեք, երբեք այնքան միամիտ չէր գիւղացի կինը, որ այսքան վրան բաց սուտի մը հաւատար: Խորհրդածեց եւ հասկցաւ, որ մարդուկը դիտմամբ թղթապանակին արժէքը կ՚ուզէ նուազեցնել, որպէսզի իր «աչքը մէջը չմնայ»: Եւ յետոյ, ուր տեսնուած է, որ մանուկ մը թղթապասակ ունենայ: Քիթիս կը խնդաս, Շաշի: Ոչ, բան մը չըսաւ Ճանտառման, բայց փոխանակ հեռանալու, աւելի մօտեցաւ դիմացինին, իր ծանրաբեռն աղբակալը մարդուն քիթին դէմ բռնելով: Գարշելի ճանճեր աղմուկով կ՚ելլէին ու կ՚իջնէին երկու դրացիներուն միջեւ:
Մարդուկը կարդաց դժուարութեամբ.
«Չարադիւթանքի (պիւեօւ) գլխաւոր եղանակները տասն են: Անոնցմէ առաջինը` եւ ամենէն գլխաւորը կը կոչուի Տաժիտ: Տաժիտը կրնայ ըլլալ ժէլադինի թերթ մը, հաւու հաւկիթ մը, որ աքաղաղի մը կողմէ սաղմնաւորուած չէ, բայց աւելի յաճախադէպօրէն կ՚ըլլայ պուպրիկ մը, զօր պիւյիւճին մեղրամոմով կը ձեւաւորէ, անոր կարելի եղածին չափ տալով զոհին դիմագիծը, զոհին ֆիզիքը: Պուպրիկի ձեւաւորման ժամանակ պէտք է որ պիւյիւճին վրան կարդայ անէծքներ, դիւթական բացականչութիւններ եւ թելադրութիւններ: Պէտք է որ այդ պուպրիկին մէջ դնէ զոհին մէկ պատկերը, կամ մէկ թէ բազմաթիւ առարկաներ` զորս կը թուենք ստորեւ, եւ որոնք զոհին մարմինէն կու գան կամ անոր հետ մտերիմ շփման մէջ գտնուած են: Այսպէս օրինակ — մազ, կտրուած եղունգ, արիւն, շապիկի կտոր, թաշկինակ, գուլպայ»:
Սրապիոն աղա կ՚այրէր արեւէն: Ետ քաշուեցաւ եւ ծառի մը շուքին ներքեւ շարունակեց ընթերցանութիւնը, աղբամանը ունենալով միշտ քիթին տակ:
«Այս Տաժիտը զոր շատ անգամ — շնորհիւ քահանայի մը մեղսակցութեան — կը քննեն գաղտնաբար, կը ծառայէ սիրոյ եւ ատելութեան դիւթանքի: Առաջին պարագային, դիւթողը զայն կը համբուրէ, կը գգուէ, կը շոյէ: Իսկ երկրորդ պարագային` զայն կը սմթէ, կը ճզմէ, բոցի մը վրայ կը հալեցնէ քիչ մը, բայց մանաւանդ կը սկսի ասեղներով անոր ամբողջ մարմինը, կամ մարմնին մէկ մասը մասնաւորաբար ծակծկել: Զոհը այդ մասին վրայ ցաւ պիտի զգայ անպայման նոյն օրն իսկ կամ յաջորդ օրերը: Պէտք է շարա… շատա… չատա…»: — Ինչու կեցար, չկարդաս:
Սրապիոն աղա, որ ինկած էր դժուար ընթեռնելի բառի մը վրայ, գլուխը վեր առաւ` այս սաստում են ցնցուած: Եւ շփոթեցաւ` կնոջ արտայայտութիւնը տեսնելով: Ճանտառման մտիկ կ՚ընէր իր ամբողջ ուշադրութեամբ եւ կարծէք թէ իր աջ յօնքին մէջի կոծիկը կրկնապէս աւելի դուրս ցցուած էր: «Աս ինչ խենթ բան է», ըսաւ մարդուկը եւ, էջը դարձնելով ուրիշ նոր տողէ մը, կարդաց.
«Չարադիւթանքի երրորդ ձեւը կը կոչուի կուտակում: Այս ձեւը կը գործածուի մանաւանդ գաւառի վհուկներու, հովիւներու եւ բեկաբոյժներու կողմէ, եւ միայն վնաս հասցնող դիւթանք մըն է: Թշնամի ագարակապանի մը անասունները հիւանդացնելու կամ սպանելու համար կ՚առնեն հորթի սիրտ մը, չղջիկ մը, կամ…»:
Սրապիոն աղա նորէն քանի մը տող ցատկեց նեղսրտած` եւ հասաւ սա մասին.
«Հինգերորդ ձեւը իրաւ է թէ Եւրոպայի մէջ ալ կը գործադրուի, բայց ան մանաւանդ հանրածանօթ է Մատակասկար, Հնդկաչին եւ Քոնկօ: Վհուկը երբոր ուզէ մարդու մը կամ անասունի մը ոտքերը հիւանդացնել, ցաւցնել, բաւական է, որ հողին մէջ անոնց ձգած հետքերուն վրայ կատարէ Բեւեռամխրճումը: Այսինքն գամ մը մխրճէ հետքին մէջ, կէս գիշերին, երբոր լուսինը իր մռայլութեամբ…»:
Շեշտակի իրարու աչքի մէջ նայեցան երկու դրացիները, եւ Սրապիոն աղա ջղայնոտութեամբ թուղթը ճմռտկեց եւ գրպանը գրաւ թղթապանակին հետ` ըսելով, թէ եթէ յարգի բան մը ըլլար, իր դէմը չէր ելլէր: Յետոյ քիթին առջեւ բռնուած ծանրաբեռն աղբակալը տեսնելով` կատղեցաւ: Գոչեց նողկանքով, քիթը-բերանը թթուեցուցած.
— Սա անդին տար պէ… Ուրտեղէն ալ կը գտնես աս փիս–ճէնապէթ բաները… Դուն քիթ ըսուած բանը չունիս. հիչ չունիս:
Եւ տան մտաւ պարապ աղբակալը բարտելով, մռլտալով, թքնելով:
3
Կռիւը սարսափելի էր: Սուր ճիչ մը արձակեց Սրապիոն աղա եւ ձեռքը գլխուն տարաւ: Ճաղատ գանկը կ՚արիւնէր: Նայեցաւ իր շուրջը եւ թի մը տեսնելով յափշտակեց զայն կատաղութեամբ ու խոյացաւ Ճանտառմային վրայ: Կ՚ուզեր ոչ միայն հակահարուած մը տալ, այլեւ մանաւանդ կինը դուրս վռնտել իր պարտէզէն: Բայց շուտով ըմբռնեց, թէ իր կրկնապատիկ ֆիզիքական ուժը ունեցող այդ գիւղացիին հետ գլուխ պիտի չկարենայ ելլել: Այն ատեն լքեց ամէն բան եւ փախաւ տուն, դուռը ամուր մը ետեւէն գոցելով: Ինքնիրմէ ելած Ալէմտաղցին նետուեցաւ խոհանոցի այդ գոց դրան վրայ եւ սկսաւ զայն հարուածել կիցերով, եւ ձեռքին տակը ինկած առաջին առարկայով, այսինքն բռունցքներով: Ջրհանկիր մը ամչցնելու աստիճան կը հայհոյէր, կը պոռար եւ կ՚անիծէր փրփրերախ: Դռան քովի պատուհանէն նայելով կը տեսնէր «քէշկէք»-ի խոշոր սան մը, եւ ակնարկը անոր յառած կը պահանջէր, որ մարդուկը դուռը բանայ: Անմիջապէս, շուտով բանայ եւ իր դէմը գայ: Սանէն կը պահանջէր, որ իր դէմը գայ, որպէսզի պատժուի, կողերը ջարդուփշուր ըլլան եւ սատկի ծեծին տակ: Բայց չի կրնար դուռը կոտրել: Այն ատեն Ճանտառման քանի մը մեթր կը հեռանայ եւ, գետնէն խճաքարեր հաւաքելով, կը սկսի վար առնել տունին պատուհանները: Պարտէզին վրայ նայող պատուհաններուն ապակիները բոլորն ալ ջարդուփշուր կ՚ընէ, մեծ աղմուկով: Արեւի սրանկիւն էջեր կ՚իյնան պարտէզ ու կը նուաղին: Այն ատեն Սրապիոն աղա փողոցին վրայի մէկ պատուհանը ելլելով սկսաւ աղաղակել դողդողաձայն.
— Հասէք, փոլիս կ՚ուզեմ… փոլիս… հասեք…
Բացուեցան դռներ ու պատուհաններ, հաւաքուեցան լաճեր, իսկ «թավլու»ն փախաւ լեղապատառ: Դրացիները վազեցին բացականչելով, մուճակնին քաշքշելով, իրենց թեւերը վեր առնելով, իրենց կերակուրները վար առնելով: Կրցածին չափ ուժով կը պոռար Սրապիոն աղա, դողալով արդարութիւն կը պահանջէր, օրէնքէն պաշտպանութիւն կը պահանջէր եւ կ՚ուզեր, որ ներկաները իրենք դատեն զինքը եւ եթէ անարդար է` ըսեն բացէիբաց: Իրենց մեռելներուն հոգուն համար: Տուր նայիմ սա կօշիկները, անմիջապէս ոստիկանատուն պիտի երթայ. դատարան պիտի դիմէ վաղն իսկ. այս անասունին ձեռքէն քաշածը միայն ինք գիտէ. այլեւս մինչեւ կոկորդը հասած է: Բայց ինչու ձեռքէն կը բռնէք. թողէք զայն. պիտի երթայ վար պիտի առնէ լեռնցիին ապակիները: Իր անունը Սրապիոն է: Նազիկ հանըմ մարդուկին արիւնոտ գլուխը վիրապատեց «հէյ օղորմած Աստուած» ըսելով եւ ուրիշներ ակռաֆ տալով նոյնպէս գայթակղեցան: Սրապիոն աղա երդում պատառ կ՚ըլլար, թէ ինք երբեւիցէ պիւյիւ չէ ըրած, թէ մտքին պոչէն իսկ չէ անցուցած այդ տեսակ պառաւական սուտ ու փուտ բաներով վնաս հասցնել Ճանտառմային: Թէ փողոցէն գտնուած թուղթը, այդ ապուշ թուղթը նոյն օրն իսկ պատռած նետած է: Եթէ սուտ կ՚ըսէ` ասկէ հոն չերթայ: Աղջկանը խէրը չտեսնէ: Անպայման դրամը պիտի առնէ կոտրած ապակիներուն: Հոս կայ օրէնք եւ արդարութիւն: Խեր մը ըրած պիտի ըլլաս Նազիկ հանըմ` պուտ մը ջուր տուր: Պիւյիւին ինչ ըլլալէն անգամ լուր չունի ինք եւ անով զբաղողներէն ալ չախորժիր: Բայց որու կ՚ըսես: Պատ, պատ, դուն խօսք կը հասկնաս պատ: Ապրիս Նազիկ հանըմըս… Էյ աղջիկս չիմանայ, չիմանայ Մեղրիկը…
Անկիւնի Խառնամանցի յոյն նպարավաճառը գնաց Ճանտառմային դուռը զարկաւ, զոյգ մը խօսք ընելու համար, բայց գիւղացի կինը չուզեց դուռը բանալ եւ պատուհանէն վանեց մարդը կոպտօրէն: Այն ատեն թրքախօս Յոյնն ալ իր կարգին սկսաւ լեզուին տալ եւ սպառնալ կնոջ: Ըսաւ, թէ այլեւս վերջ մը պէտք է դնել եօթն օրէ ի վեր շարունակուող կռիւներուն, թէ ամօթ ըսուած բան մը կայ, թէ Ճանտառման թաղին մէջ ճշմարիտ փորձանք մը եղած է, եւ թէ` եթէ խանութին դուռը բաց ձգած չըլլայի, իմ ով ըլլալս կը հասկցնէի: Չէի թոյլատրէր որ այդպէս կոպտօրէն…
Մինչեւ գիշեր Սրապիոն աղա պոռպռաց, շրջագայեցաւ եւ գլխուն քացախ զարկաւ, որովհետեւ վզին ու քունքերուն երակները ուռած էին եւ անդամները կը դողդղային: Վճռեց յաջորդ առաւօտուն կանուխ ոստիկանատուն երթալ: Պաշտպանութիւն խնդրելէ զատ` պիտի պահանջէր նաեւ կոտրած ապակիներուն փոխարժէքը: Երկարօրէն գումարեց ու բազմապատկեց պատուհանները, ապակեգործները, օրուան սակը եւ իր տասը մատները: Բայց յաջորդ առաւօտուն հիւանդ էր: Սրտին բաբախումները սաստկացած էին, մէջքը կը ցաւէր, գլուխը կը դառնար, ծունկերը կը կոտրտէին: Դրացի Նազիկ հանըմը եկաւ զինքը խնամեց, անվերջ խօսելով եւ սուրճ խմելով: — Ապրիս Նազիկս, — ըսաւ մարդուկը եւ յաջորդ օրուան հետաձգեց իր դիմումը: Օր մը վերջ Սրապիոնին վիճակը որեւէ փոփոխութիւն չէր կրած, միայն բարձրացած էր կոտրած ապակիներուն արժէքը:
Պարտէզները ամայացան: Անմոռանալի այդ կռիւէն վերջ երկու տարէց դրացիները դուրս չելան իրենց տուներէն: Սրապիոն աղա, որ սաստիկ կը վախնար հիւանդութենէ, Նազիկ հանըմին խորհուրդին հետեւելով չէր շարժէր բազմոցին անկիւնէն: Այս կինը իր ամբողջ կարելին ըրաւ, հանդարտեցներու համար խռոված ծերուկը: Ըսաւ, թէ Մեղրիկին բացակայութիւնը զգացնել պիտի չտայ, թէ ինք տան անդամը կը նկատուի եւ իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ յօժարութեամբ: Եղածը ինչ է, որ… կը բաւէ, որ քեզի տաք ապուր մը խմցնեմ, կը բաւէ, որ քեզի լաւ մը քրտնցնեմ ու լմնցաւ գնաց: Բայց օր մը վերջ արդէն Նազիկ հանըմ այլափոխուած էր: Յաջորդ առաւօտուն շատ կանուխ եկաւ մարդուկին քով ու տեսնելով, որ բաբախումները չեն մեղմանար, զարմացաւ մեծապէս: Նախ քանի մը անորոշ բառեր կմկմաց, զգացուց, որ մտահոգ է, լեզուին տակը բան մը կայ, եւ յետոյ մէկէն` այլեւս անկարող էր յուզումը զսպելու` պոռթկաց. «Ասոր տակը բան մը կայ» ըսաւ ան: Ինք տասնչորս տարիէ ի վեր Սրապիոն աղան հիւանդ չէր տեսած: Թող ըլլայ տասներեք: Չէր կրցած իսկ զայն հիւանդ երեւակայել: Ամբողջ գերդաստաննին այդպէս քաջառողջ ճանչցած էր: Ուրեմն: Ինչէն գիտնամ, որ ան ջատուկը պիւյիւ չէ ըրած: Ինչէն գիտնամ, որ իր մեղքը ծածկելու դիտումով քեզ չէ ամբաստանած: Օ, ան հրէշէն ամէն բան պէտք էր սպասել:
Չափազանց խռովեցաւ մարդուկը: Նախ բնաւ չուզեց հաւատալ, իր տկարութիւնը վերագրելով եօթն օր տեւող յուզումնալից կռիւներուն, բայց վերջը ստիպուեցաւ ճանչնալ իր գերդաստանին քաջառողջ կազմը: Յիշողութիւնը պրպտելով աւելի տագնապեցաւ: Անդրադարձաւ. որ իրաւամբ թղթիկը գտնուելէն օր մը յետոյ արդէն ասղնտուք մը սկսած էր մէջքին մէջ: Այո, այո, կը յիշէր: Բարակ եւ թեթեւ բան մը, զոր լուրջի չէր առած: Որուն մտքէն կ՚անցնի: Գլուխն ալ սկսած էր դառնալ ջուր քաշած ատեն, բայց որուն մտքէն կ՚անցնի:
Եւ յանկարծ կը փրփրի ծերուկը: Կ՚ուզէ դուրս նետուիլ, երթալ ոտքին տակը առնել Ալէմտաղցին, անոր գլուխը ջախջախել: Իր այս կատաղութեան դէմ ծիծաղեցաւ Նազիկ հանըմ: Տղայ ես. իրաւ որ պէպէք ես. եթէ անոր դիւթանքը քեզ կապած է, սպանութիւնն իսկ քեզ դարման չի կրնար ըլլալ: Մահն իսկ պիւյիւն չի կրնար քակել: Ուրիշ, ուրիշ բան պէտք է խորհիլ: Եւ քանի խորհեցան, այնքան սաստկացան բաբախումները: Մարդուկը վստահ էր, թէ այլեւս ոչ դեղն ու բժիշկը օգուտ ունին, ոչ ալ քրտինքը, որ ահաւասիկ կ՚իջնէ իր ծոծրակէն: Միայն հակադիւթանքն է, որ զինքը կրնայ փրկել: Բայց ով եւ ինչպէս պիտի հակադիւթէ: Կրկին բարձրացաւ ապակիներուն արժէքը:
Այլեւս տարակոյսի առարկայ չէ գաւառացի կնոջ չարադիւթած ըլլալը: Սրապիոն աղա կ՚ըսէ, թէ երբեք ոխերիմ թշնամի չէ նկատած այդ կինը: Այո, անհաճոյ դրացի մը, բայց այդքան միայն: Հետեւաբար պատճառ չունէր անոր դէմ այդքան ահաւոր վրիժառութեան դիմելու եւ տունը քանդելու: Մինչդեռ Ճանտառման իր կողմէն խոր ատելութիւն մը կը սնուցաներ Սրապիոն աղային եւ իրեններուն դէմ: Ոտքէն մինչեւ գլուխը մաղձ էր, եւ շատ ըմբռնելի է, որ դիմէ վրիժառութեան այդ վատ ձեւին: Այս մասին կատարելապէս համակարծիք եղան Նազիկ հանըմ եւ Սրապիոն, բայց հակառակ երկարատեւ պրպտումներու, չկրցան հակադիւթանքի ազդու միջոց մը գտնել: Մարդուկը խորհեցաւ պախըճի Սոֆիկին դիմել, «Ցեխ մըն է պատին զարնել», բայց յետոյ սկսաւ աւաղել գլուխը հարուածելով, երբոր Նազիկ ըսաւ.
— Ինչու գտած թուղթդ իր առջեւը կարդացիր:
Կը յիշէր իր աներեւակայելի թեթեւամտութիւնը եւ կ՚աւաղէր: Ինչպէս, ինչպէս ապուշութիւնը գործեց կնոջ առջեւ կարդալու: Եւ ամբողջութեամբ կարդացի: Մէկ ծայրէն միւսը կարդացի: Բոլոր մանրամասնութիւններով կարդացի: Եւ ան ջատուկը միտքը պահեց ամէն բան, մինչ Սրապիոն տեղնուտեղը մոռցաւ եւ թուղթն ալ պատռեց:
Բայց Նազիկ հանըմին գայթակղութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ կէսօրէ վերջ տեսաւ, թէ Տէր Աբրահամը Ճանտառմային դուռը կը զարնէ: Դուռը անմիջապէս բացուեցաւ, ներս առնելով կրօնաւորը: Նազիկ հանըմ կարծէք, թէ կրակներու վրայ կը քալէր` բազմոցին անկիւնը նստած: Գերագոյն սրբապղծութիւնը նկատեց վհուկի մեքենայութիւններ ընելէ վերջ եկեղեցիին Սուրբ Հովանիին տակ մտնել, անոր պաշտպանութիւնն ու օժանդակութիւնը հայցել: Ուզեց փէշերը ժողվելով երթալ աչքերը բանալ անտեղեակ կրօնաւորին, կամ գոնէ էրեցկինը տեսնել եւ իրողութիւնը պատմել «Տեղն ի տեղօք»:
Այնքան խոր էր իր գայթակղութիւնը, որ ջղայնոտութեամբ կը բանար ու կը գոցէր փոքրիկ պատուհանը, միշտ նայելով Ալէմտաղցիի տան: Եւ յանկարծ պոռաց սեւ գոգնոցով աղջկան մը.
— Յասմիկ, քա Յասմիկ, տէր Աբրահամը քովի տունէն դուրս ելլելուն պէս հոս կանչէ: Հասկցար, ըսէ, քի հոս գայ… հասկցար, քեզի եմ…
Խոշոր աչքերով, բայց առանց արտայայտութեան, մտիկ ըրիր կնոջ յանձնարարութիւնը: Խոշոր աչքերով նայեցար կնոջ, ակնարկդ չխոնարհեցուցիր, բառ մը չարտասանեցիր, ստիպելով կինը որ իր խօսքերը կրկնէ: Գոգնոցիդ եզրը ոլորեցիր, յամառօրէն նայեցար Նազիկ հանըմին եւ յետոյ յանկարծ վազելով փախար:
Բաց պատուհանէն անէծքներ թափեցան: Արդէն բարկացած Նազիկը աւելի եւս կատղեցաւ ու աղջկան հասցէին արձակեց այն գարշելի խօսքերը (երկու աչքերդ կուրնան, սատկիս, ճղակտոր ելլես), որոնք այնքան շուտ կու գան այս տեսակ կիներու բերանը: Նազիկ հանըմ ըսաւ թէ աշխարհի վրայ բարիք ընել չի վայլեր, ոչ իսկ որբերուն: Ինչ էր որ Յասմիկը. որբ մըն էր: Այո, իր յիմար եղբօր աղջիկը, բայց որբ մը: Եւ Նազիկ հանըմ միթէ իր զաւկին պէս չէր խնամած զայն: Միթէ քիչ գուրգուրանք տուած էր անոր: Բայց բարիք ընել չի վայլեր այն արարածին՝ որուն ծնունդը գէշ է: Յասմիկ իր պոռնիկ մօրը կը նմանի ճիշդ ու ճիշդ, Նազիկին բոլոր ըսածներուն հակառակը կ՚ընէ… փորձանք է, անէծք է…
Մինչ այս սակայն՝ ուրիշ փոթորիկ մը կը փրթէր դրկից տան մէջ: Տէր Աբրահամը որ կէսօրուան իր թրքավարի ճաշէն անմիջապէս յետոյ անխոհեմաբար առանց արեւարգելի եկած էր մինչեւ Ալէմտաղցիին տունը, սենեակ մտաւ թէ չէ` գլխու պտոյտ ունեցաւ: Կիզիչ արեւը եւ մշտափակ սենեակին ծանր մթնոլորտը զարկած էին: Բայց Ճանտառման փոխանակ Տէր հօր խնդրած գաւաթ մը ջուրը բերելու, սկսաւ աղաղակել, ձեռքերը գալարել, ըսելով, թէ տունը անէծքով եւ պիւյիւով լեցուած է, թէ ոգիներ կան, «մեզմէ աղէկներ» կան, թէ քահանային նուաղիլն իսկ ապացոյց է, որ…
…Երկարօրէն կը պատմես ու կը բացատրես ամէն բան: Կ՚ըսես թէ պատճառ չունէիր Սրապիոն աղային գլուխը պատռելու, ապակիները փշրելու, եթէ քեզ չարադիւթած չըլլային: Դուն չար կին չէիր, բայց Սրապիոն աղա անսահման ատելութիւն մը կը սնուցաներ քեզի դէմ: Կարճ էր, կարճ: Այսինքն ոտքէն մինչեւ գլուխը մաղձ էր: Բազմաթիւ եւ անարդար էին իր ատելութիւնները, բայց քանի որ անկարող էր ֆիզիքական ուժով քեզ զգետնելու, շատ բնական է, որ…: Թուղթը գտնուելէն օր մը յետոյ արդէն մէջքիդ մէջ ասղնտուք մը զգացած էիր: Նախապէս դուն այդ բանին շատ կարեւորութիւն չէիր տուած, որովհետեւ բարակ եւ թեթեւ բան մըն էր: Որուն մտքէն կ՚անցնի: Գլուխդ ալ սկսած էր դառնալ «մալթա»-ները շփած ատենդ: Իրաւ է, թէ առաջ ալ ամէն օր այդ տեսակ ցաւեր ու անհանգստութիւններ կը զգայիր` այն պատճառաւ, որ հողին վրայ երկար ատեն հակած կը մնայիր, բայց նոյնը չէ, բնաւ նոյն բանը չէ: Միթէ դուն քու անձդ չես ճանչնար: Տէր հայր, մենք Ալէմտաղցի ենք, Ալէմտաղցի… հիւանդութիւն ինչ ըսել է, չենք գիտէր:
Յաջորդ օրերու ընթացքին սկսած էին շատնալ չարադիւթանքի ազդանշանները: Շատ սովորական առարկաներ սկսան կորսուիլ. հացին դանակը, միս ծեծելու տախտակը, ասեղին բարձը: Հորին ջուրը քաշուեցաւ ամբողջութեամբ: Իրաւ է, թէ ամառուան այս տաքերուն ամէն տարի ալ ջուրը կը նուազի, բայց երբեք, երբեք այսպէս մէկ գիշերուան ընթացքին չի քաշուիր: Կեռասի մէկ ծառը վերջնապէս չորցաւ, բայց ամէնէն վրդովիչը` տունին մէջ ձայներ սկսան լսուիլ գիշեր ատեն: Կարծէք, թէ պզտիկ դպիրներ սանդուխներէն կը բարձրանան եւ կ՚իջնեն: Իրաւ է, թէ տունը հին եւ փայտաշէն ըլլալուն պատճառաւ առաջ ալ կճրտուքներ կը լսուէին, բայց նոյնը չէ, բնաւ նոյնը չէ: Միթէ ինք իր տունը չի ճանչնար: Հապա գանկին դէպքը: Արձակուրդի մեկնած բժշկական ուսանողին սենեակին մէջ մարդու գանկ մը կար, որ իրիկուն մը շարժեցաւ իր տեղէն: Երբոր Ճանտառման աչքերը վրան յառած կը նայէր, գանկը շար… շար… ժեցաւ…:
Այս վերջին դէպքն է, որ ամենէն աւելի ազդեց գիւղացի կնոջ վրայ, որ այլեւս չբաւականացաւ պարզ սաստերով եւ մարդուկին գլուխը պատռելէ վերջ ապակիներն ալ ջարդուփշուր ըրաւ:
Ահաւասիկ հինգ օրեր անցած են այդ կռիւէն ի վեր, եւ քանի որ Ճանտառմային ցաւերէն ոչ մէկը մեղմացած է, տան աղմուկներէն ոչ մէկը լռած է, կինը երկար խոկումներէ յետոյ Տէր հայրը գտած է իբրեւ փրկութեան վերջին յոյս: — Հայր սուրբ, դուն ինծի ազատէ, — կ՚ըսէ Ալէմտաղցին, կրօնաւորին սքեմին կառչելով, աղերսանքով, պաղատանքով: Ու կ՚աւաղէ անվերջ:
Կ՚աւաղէ` թուղթը Սրապիոնին ձեռքէն խլած չըլլալուն համար: Կ՚ըսէ, թէ երբ հրէշանման ծերուկը անդրադարձաւ թէ գրութիւնը իրեն հարկաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ, ծալելուն պէս գրպանը դրաւ ու տուն փախաւ: Լպրտելով կարդացած քանի մը կիսկատար տողերէն ինք ոչինչ հասկցաւ, մինչդեռ Սրապիոն այժմ աղէտալի դեղագիրը առջեւը առնելով ամէն ինչ կը գործադրէ կէտ առ կէտ: Օ, պէտք էր խլել, պէտք էր խլել ձեռքէն…
…Գիւղացի կինը ընկերացաւ Տէր հօր: Երբոր բաց դրան մէջ կեցած տակաւին նոյն խօսքերը կը կրկնէին, Միրիկ իր էշը կեցուց: Իր էշը կեցուց փողոցին մէջտեղ եւ անոր պոչէն բռնեց կրկին քաշելու համար: Սակայն անասունը ինքնաբերաբար սկսաւ արտաքսել: Այն ատեն սիրիկ պոչը թող տուաւ եւ թեւերը բանալով ճչաց.
— Սանկ ըսէ… Անդր համար տէրտէրը կանչեր է… Տէր Աբրահամին ոտքը խըսմէթլի է, վեսսէլամ… Մտած տունը հարսնիք կ՚ըլլայ… Անոր համար կանչեր է…
4
Քահանային այս այցելութենէն վերջ շաբաթը հազիւ թէ լրացած էր, երբոր անսպասելի ուղղութիւն մը ստացաւ երկու դրացիներուն վէճը, Տէր Աբրահամին պատճառաւ: Ան կրօնագիտութիւն կը դասախօսէր Ճեմարան վարժարանին մէջ, եւ երբ սկսող տարուան իր առաջին դասը աւարտեցաւ, եւ ինք դարձաւ ուսուցչանոց, անմիջապէս շրջապատեցաւ իր երկու պաշտօնակիցներով, որոնցմէ մէկը կ՚ուզեր աւելի տեղեկութիւններ ստանալ ծանօթ կռիւին շուրջ, իսկ միւսը կ՚ուզեր աւելի զուարճանալ: Հոդ է, որ քահանային խօսքերը, ուրիշ պատճառներու միանալով, գրիչը եղան ուսուցչուհիի մը արարքին:
Նոր, գեղեցիկ եւ չափազանց լուսաւոր ուսուցչանոց մըն է աս, որ ատենը անգամ մը կը փոխէ թէ իր գոյնը եւ թէ իր լոյսը: Երբեմն առաստաղէն, եւ երբեմն ալ պատերէն ու անկիւններէն կ՚արձակուին լոյսեր, շուքեր, բայց ամենէն աւելի կարմիր լոյսն է, որ դանակ մը ձեռքին` կը զուարճանայ սենեակին մթնոլորտին հետ: Այս բոլորը շատ մեծ պատուհաններուն դուրսի կողմը կախուած դրօշակին պատճառաւ, որ վեր կ՚ելլէր, կ՚ուռեր պալոնի մը պէս, եւ յետոյ կը պայթէր: Դպրոցին պարտէզներուն աջ կողմինը (մանչեր) կը ճչար, իսկ ձախ կողմինը (աղջիկներ) կը կըտկըտար: Թէեւ այս աղմուկը մեղմանալով է, որ կը հասնէր ուսուցչանոց, բայց ան սաստկացաւ յանկարծ, որովհետեւ հետեւի յունական վարժարանն ալ իջաւ խաղի: Պարոն Գավուքճեան ըսաւ, թէ ամբողջ դասի տեւողութեան մեծ ճիգ թափած էր իր խնդուքը զսպելու համար: Ամէն անգամ, որ վերյիշած էր կրօնաւորին պատմութիւնը, ուզած էր պոռալով խնդալ: Թէ իր լսած պատահարները անհաւատալի կը գտնէր, եւ թէ սաստիկ զուարճալի: Բայց սաստիկ:
Օրիորդ Լիւսին դաժան ակնարկ մը նետեց իր պաշտօնակիցին վրայ եւ ըսաւ թէ ինք, օրիորդ Լիւսի, ճիշդ հակառակ զգացումն ունեցած էր: Ամբողջ դասի տեւողութեան մեծ ճիգ թափած էր զսպելու համար իր զայրոյթը: Որովհետեւ ինք, օրիորդ Լիւսին, այս տեսակ դէպքերու առթիւ չէր խնդար, ինչպէս որ դուք կը խնդաք, որովհետեւ այր էք որով նաեւ անփոյթ, այլ ինք, օրիորդ Լիւսին, կ՚ընդվզէր, կը բողոքէր:
Ուսուցչուհին այս խօսքերը կ՚ըսէր իր դէմքը պարոն Գավուքճեանի դէմքին ճիշդ առջեւը բռնելով, գրեթէ քիթ քիթի: Եւ իր ակնարկը երիտասարդին աչքերուն մէջ մխրճած կը կրկներ — «քեզի եմ, Տէր հայր, քեզի: Մեծ ճիգ թափեցի գայթակղութիւնս զսպելու համար»:
Այսքանով չբաւականացաւ Օրիորդը եւ, ձեռքը բարձրացնելով, ուզեց մտերմական ապտակ մը տալ ուսուցչին, բայց այս վերջնոյն սառնութեանը պատճառաւ ստիպուեցաւ անոր ուսին վրայի կաւիճի փոշին միայն թոթուել:
Քահանան գոհ էր եւ կ՚ըսէր թէ դուն քո խնդուքդ զսպելով, ան ալ իր զայրոյթը զսպելով, նոյն աշխատութիւնը կատարած կ՚ըլլայիք: Այսինքն` երկուքդ ալ կ՚երթայիք դէպի քրիստոնէութիւն: Այնպէս չէ միթէ. քրիստոնէութիւնը զսպում է, ինքնազսպում: Երկու ուսուցիչները լռեցնելէ վերջ ժպտեցաւ Տէր հայրը իր դիւրին յաջողութեանը վրայ եւ յետոյ հին նիւթին վերադառնալով խօսեցաւ խաղաղ ձայնով մը: Երբ այլեւս ըսելիք չմնաց երկու թշնամի դրացիներու մասին, օրիորդը հարցուց` կրօնաւորին սիկարէթի ծուխը վանելով.
— Ինչպէս միջամտեցիր, Տէր հայր, դուն մեզի ան պատմէ: Մնացեալը գրեթէ ես արդէն լսած էի:
— Աղջիկս, ինչ կ՚ուզես որ ընեմ, — ըսաւ Տէր Աբրահամ: Պէտք եղածը կրկնեցի երկուքին ալ: Բացատրեցի, թէ մէջտեղը պիւյիւ ընող չկայ բնաւ: Ոչ Սրապիոն աղա այդ տեսակ բան ըրած է, ոչ ալ իր դրացին: Իրենց զգացած ցաւերն ու աղմուկները կամ ենթադրութիւն են կամ զուգադիպութիւն: Բայց խօսքիս ականջ կախող չկայ: Երկու խեղճերն ալ իրենը մեջքը ցոյց կու տան: Մէկը` տունս դպիր կայ, կ՚ըսէ, միւսը` սիրտս իմինս չէ, կ՚ըսէ, բայց ասոր մօտիկ բան մը: Խելք ծներ են… Աստուած ինքը ողորմի…
— Աստուած ինքը ողորմի… Et c՚est tout ce que vous trouvez à dire! Ախ ինչպէս, ինչպէս դուք չէք ընդվզիր… ես ամբողջ էութեամբ կը ցնցուիմ, կը պրկուիմ… երբեք միտքս չի կրնար հանդուրժել, որ մեր այս դարուն…
Բացորոշ է, թէ օրիորդը շատ պիտի երկարէր իր այս ճառը, եթէ քահանան զանգահարութիւն մը չսկսէր վճռականօրէն:
— Դող մի ելլեր, աղջիկս, դող մի ելլեր… ես ալ գիտեմ, որ քսաներորդ դարուն կ՚ապրինք եւ ըսի իրենց: Ես ալ գիտեմ, որ պիւիւ ըսուածը սուտ բան է բոլորովին եւ ըսի իրենց: Թէ աւելորդապաշտութիւն է, ըսի իրենց…
Կ՚աղաչեմ` վայրկեան մը: Պարոն Գավուքճեան համակարծիք չէ: Սապէս ընդմիջեց ան.
— Սխալ խօսք: Վհուկութեան զօրութիւնը հաստատուած է գիտականօրէն:
Օրիորդ Լիւսին դարձեալ ծաղրական շեշտով եւ հեգնական ժպիտով ըսաւ` ակնոցներուն ետեւ աչքերը կիսախուփ.
— Իսկապէս պարոն Գավուքճեան… ըսել է դուք ալ մեծ մայրիկիս պէս կը հաւատաք…
Եւ օրիորդը սկսաւ ծաղրանկար-ներբող մը, մեծ մայրիկներու իմացականութեան, մշակոյթին, դարավերջիկ ըմբռնումներուն եւ իմաստասիրութեան վրայ: Ուսուցիչը շարունակեց խնդալ՝ օրիորդին դէմ միշտ անտարբերութիւն պահելով, մինչեւ որ քահանան կրկին զանգակին չուանը քաշեց.
— Երկուքին ալ վիճակը խղճալի է: Եթէ այսպէս շարունակուի, անկասկած անկողին պիտի իյնան, կամ մէկզմէկ պիտի բզքտեն…
— Բայց անշուշտ, — գոչեց օրիորդը, — անշուշտ, թէ քու այդ միջամտութիւնդ որեւէ կերպով չի կրնար խաղաղութիւնը վերահաստատել: Կաշկանդուած մտքերու, խաւարամած մտայնութիւններու յաղթահարելու համար չի բաւէր միայն անոնց դէմ ծառանալ, այլ պէտք է ինչ-ինչ պարագաներու գործածել որոշ ruse, mon Dieu! պէտք է քիչ մը խորամանկ ըլլալ, աղուէս ըլլալ…
Կը սլանար հերարձակ: Ուսուցիչը ըսաւ առաստաղին նայելով եւ միշտ քաղցրաշուրթն.
— Ա, եթէ մեր կիները քահանայ ըլլային… եթէ մօրուք ունենային…
Անտարակոյս խնդրին կու տային աւելի շուտափոյթ եւ աւելի վճռական լուծում: Գոնէ այդ էր օրիորդ Լիւսիին հաւատքը: Անոնք չէին կրնար հանդուրժել, որ երբ մենք այսքան քրտինք կը թափենք ձեր ազգը լուսաւորելու եւ քաղաքակրթելու համար, տակաւին ապրին բորբոսած հաւատալիքներ եւ գահազուրկ չաստուածներ: Այսպէս օրինակի համար, ձեր չհաւնած կիները ծերուկներուն վրայ կը ղրկէին մեղսակից մը` որ կ՚ըսէր թէ կորսուած թղթապանակը իրեն կը պատկանի, (անուն չկար մէջը n՚est-ce pas?) թէ գտնուած այդ թղթիկը, գիտական ուսումնասիրութեան մը համար առնուած նոթեր կը պարունակէ պարզապէս…
— Ճանըմ, ես ով պիտի ղրկեմ, — ըսաւ Տէր հայրը:
— Օրիորդ Լիւսին…
— Հրամմեր էք, պարոն Գաւուք, նոյնինքն օրիորդ Լիւսին: Եւ ինչու չէ: Մի մոռնաք, որ երկու տարի առաջ ես վեց ամիս փանսիոնէռ եղած եմ տիկնոջ բնակարանը, երբ տակաւին բժշկական ուսանողը չկար: Շատ լաւ կը ճանչնամ սեռակիցս, բան մը` առաքելութիւնս կը դիւրացնէ: Գիտեմ թէ au fond բարի կին մըն է ան, թէեւ քիչ մը յամառ: Կը մնայ երթալ իրեն բացատրել թէ դիւթանքը սուտ, կեղծ եւ բոլորովին անզօր բան մըն է: Բացատրել թէ` այդ թուղթով ուսումնասիրութիւն մը կը պատրաստէի յետամնաց ժողովուրդներու բարքերուն եւ սովորութիւններուն վրայ, քանի որ դիւթանքը կը նկատուի նախապաշարումի ամենահասարակ sujetներէն մին: Օրիորդը իր ուսումնասիրութեամբ կ՚ուզէ եղեր ցոյց տալ, թէ ինչպէս վհուկներ երկար դարեր շահագործած են անուս ամբոխները, թէ ինչպէս իրենց ահարկու թաթին տակ պահած են աղքատ եւ հլու անհատականութիւններ: Մինչդեռ բաւական է եղեր իրողութեան նայիլ կորովաբիբ` գիտական ճշմարտութեան ակնոցներով նայիլ կորովաբիբ՝ քօղազերծ ընելու համար սուտն ու կեղծիքը: Եւ օրիորդը ապահով է եղեր, թէ երկու ծերուկները պիտի ըմբռնեն ամէն բան ու պիտի հաշտուին շուտով, երբոր իրենք բացատրուի, թէ «պանը ինչումն է»:
Գավուքճեան ըսաւ.
— Ճիշդ է:
Այսքան միայն. «ճիշդ է»: Եւ մինչ դուրս կ՚ելլէր ուսուցչանոցէն, օրիորդը շառագունելով սուլեց ակռաները սեղմած.
— Լկտի… insolent…
Զարմացած էր Տէր Աբրահամը: Ան ստիպուեցաւ խորհիլ` ինչ որ քահանաներուն պաշտօնը չէ: Երկար պահ մը մտմտաց, մօրուքը բերանը խոթեց, դուրս հանեց եւ վերջապէս ուզեց ըսել, թէ ամուսնութիւնը միայն… դրօշակը գոցեց իր բերանը:
5
Վարժուհին իզուր Ճանտառմային դուռը բախեց: Կրկնակ հարուածներ մնացին անպատասխանի: Այն ատեն խորհելով, որ գուցէ կինը ետեւի կողմը կ՚ըլլայ, պարտէզին շրջանը ըրաւ եւ տախտակորմը ծեծէք կռուփով: Իրաւամբ Ալէմտաղցին պարտէզին միւս ծայրն էր եւ խարխլած դուռը բանալով ներս առաւ օրիորդ Լիւսին:
Նախ` սովորական խօսքեր: Օդը, որպիսութիւնը, ինչու զիրար չէինք տեսած երկար ատենէ ի վեր: Օրիորդ Լիւսին խօսելով հանդերձ փոքրիկ պտոյտ մը կ՚ընէր ածուներուն միջեւ ու ջերմապէս կը շնորհաւորէր կինը իր հասցուցած բարքերուն համար: Ինչ երկար եգիպտացորեններ, ինչ կոկիկ սալատներ, ինչ կաշեկազմ սմբուկներ, հապա պրասները…
— Մենք ատոր սոխ կ՚ըսենք, — ըսաւ Ալէմտաղցին:
Այն ատեն օրիորդը թուքը կլլեց եւ լաւագոյն համարեցաւ անմիջապէս հասնիլ իր առաքելութեան բուն շարժառիթին: Փողոցէն գտնուած թղթապանակը իմս էր: Իրաւ կ՚ըսեմ տիկին Շուշան: Այս առաւօտ միայն լսեցի անոր պատճառած անախորժ դէպքերը, որոնք…
— Հէ, քուկդ է մի…
Այս աղաղակը, որ զիրենք անակնկալի բերաւ, բարձրացած էր տախտակորմին միւս կողմէն: Որոշ է, թէ Սրապիոն աղա մէկուն այցելութիւնը լսելով, ականջը փակցուցած էր տախտակորմի մէկ ծակին՝ եւ լսած խօսակցութիւնը: «Կեցիր նայիմ, կեցիր նայիմ» ըսաւ մարդուկը, եւ, առանք այլեւայլի իր պարտէզին դուռը բանալով, եկաւ միացաւ երկու կիներուն: Թաւիշէ գդակը ետեւ նետած էր, կնճիռներ կային իր նեղ ճակտին վրայ եւ խոշոր դդում մը` ձեռքին մէջ:
Օրիորդ Լիւսին խիստ գոհ էր: Կ՚ըսէր, թէ այսպէս աւելի լաւ եղաւ: Ինք ալ կը փափաքի եղեր ձեր երկուքին միաժամանակ խօսիլ, բայց չի գիտեր եղեր ինչպես պատրաստել այս կարգի ժամադրութիւն մը: Շատ լաւ եղաւ: Սրապիոն էֆէնտի, քիչ մը առաջ տիկին Շուշանին կ՚ըսէր, թէ փողոցէն քու գտած թղթապանակդ իրն էր: Անշուշտ ձեզ չէր մեղադրէր իրեն վերադարձուցած չըլլալնուդ համար: Օհ, բնաւ, ինչպէս կրնայիք այդ բանը ընել երբոր մէջը անուն չկայ: Արդէն այդ խնդիրը երկրորդական կարեւորութիւն ունէր այժմ, քանի որ գլխաւոր հարցը այն թուղթն է, որուն վրայ գրուած էր դիւթանքի, այսինքն պիւյիւի շուրջ տեղեկութիւններ: Լսած էր, թէ ձեր երկուքին միջեւ…: Արդ` հաւատացէք իր խօսքին, ատոնք բոլորովին անզօր եւ անարժէք բաներ են: Մենք պիւյիւին կը մօտենանք իբրեւ պարզ բանասիրական նիւթ, իբրեւ պարզ պատմական տուեալ, այսինքն մեռեալ տառ: Ես այդ նօթերով գիտական ուսումնասիրութիւն մը… վհուկներ երկար դարեր… աղքատ եւ կամակոր անհատականութիւններ… քօղազերծ… կորովաբիբ:
Հանդարտ, շատ հանդարտ ուղիէ մը կ՚երթար բամպակ ամպ մը, պոչին ունենալով ձագուկներ, բոլորն ալ այսօր ծնած: Անոնցմէ վերջինը կը հալէր, կը հրաժարէր, նշանտուքի մատանին ետ կու տար: Երկու թռուցիկներէն մէկը յաջողեցաւ միւսը «ածիլել» եւ պոչէն անջատուած թերթիկներու երամը ինքն իր գլխուն ճամբայ ելաւ միջոցին մէջ: Նախ խմբուած` եւ յետոյ աւելի տարտղնուելով: Խոշոր Ճանտառման մտիկ ըրած էր օրիորդին ճառը` քիթը բերանը թթուեցուցած, կոծիծը դուրս ցցած եւ առանց բառ մը ըսելու: Բայց ներքնապէս խաղաղած էր ստացած տեղեկութիւններէն, քանի որ աղջկան տուած բացատրութիւնները իրեն համոզիչ եւ տրամաբանական կը թուէին: Եւ արդէն ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ գիւղացին միշտ ակնածանք ունեցած էր գրող-կարղացողներու հանդէպ եւ երբեք չէր կրցած մաքուր աշխարհաբարին դէմ խօսիլ: Միայն թէ Սրապիոն աղա բերանը բացաւ.
— Ուսումնասիրելիք բան չմնաց տէ, ասանկ պախըճիի բաներով ատեն կ՚անցընես կոր:
Նիհար եւ տգեղ օրիորդը իր ունելիաւոր ակնոցները շտկեց եւ ըսաւ, թէ նիւթերը գիտութեան առջեւ միշտ հաւասար են, եւ թէ եթէ նախապատուութիւն տալ պէտք ըլլայ, պէտք է երթալ մանաւանդ ընկերութեան վնաս հասցնող նիւթերու:
Ատ ամէնը աղէկ, — ըսաւ մարդուկը: Գէշ աղէկ կրեցինք: Բայց դուն չես գիտէր կոր, քի պիւյիւին հետ շախայ չըլլուիր: Հիչ շախայ չ՚ըլլուիր…
— Բայց ներողութիւն, Սրապիոն էֆէնտի, ես կատակ ըրած չունիմ, ընդհակառակն ուսումնասիրութիւնս շատ լուրջ ձեռնարկ է…
— Ինչ կ՚ըսես կոր, քա, — ճչաց միւս ձայնը գռեհկօրէն բարձրացնելով: ես քեզ նոր պիտի ճանչնամ. ճեմարանի փիւթիւն ուսուցիչներուն հետ սիրաբանութիւն կ՚ընես կոր…
— Սրապիոն աղա…
— …Եւ մէկը քիթդ չի փսխէր կոր տէյի պիւյիւ կ՚ընես կոր, անանկ չէ: Խըռսըդ ատով կ՚առնես կոր մանչէքէն: Թիւհ չամչցած, հէմ երես ալ ունիս տէ ատոր ուսումնասիրութիւն կ՚ըսես…
Նախկին տիրացուն վարժուհիին ամենափափուկ թելին էր դպած: Սաստիկ առնուեցաւ օրիորդը, բայց ջանաց ինքզինքը զսպել` ձեռքը սրտին վրայ սեղմելով, որպէսզի խօսակցութիւնը բոլորովին կռիւի չփոխուի: Բերանը մնաց Օ-ի պէս: Կը սխալէր սակայն կարծելով, որ Շաշին այս նիւթին վրայէն պիտի անցնի: Ընդհակառակն ան ծանրացաւ ըսելով թէ ամէնուն բերանն էր օրիորդին «խառնած ապուրները» Գավուքճեանին հետ: Թէ իրենք տեղեակ էին, թէ փողոցի քարերն իսկ տեղեակ էին: Տաքցան: Օրիորդը սկսաւ իր փաշերը թօթուել: Երբեք, երբեք չէր թոյլատրեր, որ իրեն պէս ճակտին քրտինքով հացը շահող աղջկան մը… մաքուր աղջկան մը… չէր թոյլատրէր, որ…
Սրապիոնը`
— Մենք աղ չենք թոյլատրէր, որ արիւն քալեցնես մեր երկու տուներուն մէջ: Մենք ասչափ տարուան դրացիներ ենք, տահա օր մը օրանց իրարու խառնախսի ըսած չունէինք: Քու անիծուած թուղթդ մէջտեղ ելաւ, երկուքս ալ աս վիճակին հասանք: Աս կ՚ուզէիր հա. ըսէ նայիմ, դուն մենէ ինչ առնելիք ունէիր…
— Բայց ձեր ըրածը պարզ ենթադրութիւն է: Որեւէ գէշութիւն չի կրնար պատահիլ…
— Ենթադրութիւն մի: Պիւյիւի թուղթդ ձեռքերնիս անցնելէ ի վեր անէծքը, ցաւը, ձախորդութիւնը մեզ պատած է: Ենթադրութիւն է սա զաւալլը կնկան մեջքին ցաւերը, ենթադրութիւն է իմ սրտիս չառփընթըն: Քեզի ինչ գէշութիւն ըրած էինք, քի մեզի պէս հօրդ-մօրդ տեղ մարդոցը գլխուն ասանկ փորձանք բերիր…
— Բայց անկարելի բան է, նախ թոյլ տուր որ խօսիմ, անկարելի բան է… զուգադիպութիւն կ՚ըսեն ատոր…
— Զուգադիպութիւնդ քեզ չառփմիշ ընէ, Էտէպսիզ: Տարիքէդ ալ չես ամչնար կոր: Հիչ պիւյիւին հետ շախա կ՚ըլլուի: Հապա սա զաւալլը կնիկը մեռնէր նէ, հապա քալող գանկին առջեւ լեղին պատռէր նէ: Ըսէ նայիմ, խալթախ, սա խեղճ կնիկէն ինչ առնելիք ունէիր…
Ահաբեկած Ճանտառման կը նայէր ինքնիրմէ ելած մարդուկին, անոր լորձնքոտ բերնին, եւ կը լափէր անոր ամէն մէկ խօսքը: Նոյնիսկ սկսած էր դողալ վախէն: Յանկարծ ցնցուեցաւ, կարծէք թմրութենէ մը սթափելով, եւ ուսուցչուհիին շառաչուն ապտակ մը իջեցուց` պոռալով— «ինէ ինչ առնելիք ունէիր»: Օրիորդ Լիւսին ճիչ մը արձակեց, իյնալու պէս եղաւ եւ ակնոցները փշրուեցան ոտքերուն առջեւ: Գիւղացի կինը կարճ վարանումէ մը յետոյ (որուն ընթացքին աւելցաւ իր սարսափը) նետուեցաւ աղջկան վրայ եւ անոր մազերէն բռնելով սկսաւ ծեծել: Սրապիոն աղա, որ այդ մասին չէր խորհած, նախ շուարեցաւ, բայց յետոյ թի մը գտնելով հետեւեցաւ Ալէմտաղցիի օրինակին եւ աղջիկը ծեծեցին կատաղօրէն, անգթօրէն, անասնօրէն:
Ածուներ կը կոխոտուին, տունկեր կը ճզմուին, երկու շունէր կը հաչեն: Քանի ուսուցչուհին կը պոռայ, երկու դրացիները աւելի ուժով եւ աւելի արագօրէն կը տեղացնեն հարուածները: Օրիորդը կը տապալեն, իրենց ոտքերուն տակ կ՚առնեն, իրարու ձայն տալով—«Զարկ Ճանտառմա. զարկ Շաշի»: Նիհար ուսուցչուհին բնականաբար անկարող էր երկու կատաղի դրացիներուն դէմ դնելու: Քիթը սկսաւ արիւնիլ, եւ քիչ վերջ նուաղեցաւ օրիորդ Լիւսի, կնոջմէն ստացած մէկ ահաւոր կիցէն:
Հեւասպառ Ալէմտաղցին նստաւ շրջուած դոյլի մը վրայ, մինչ Սրապիոն աղա ազատքեղի թաց մարմանդին վրայ փռուած աղջկան շուրջ կը դառնար գազանի մը պէս: Թին ձեռքին մէջ սպառնալիքով կը շարժէր միշտ ու կը կրկներ—«Հիչ պիւյիւին հետ շախա կ՚ըլլուի…»:
Ալէմտաղցին ըսաւ, – գանկը քալած ատեն հապա եթէ լեղիս պատռէր…
Սրապիոն աղա ըսաւ, – հապա եթէ լեղիդ պատռէր:
Մէկ քանի «հապայ եթէ»-ներ կրկնեցին փոխն ի փոխ, եւ յետոյ լռեցին, որովհետեւ արիւնին հետ «սատանան դուրս ելած էր աղջկան փօրէն»:
Սրապիոն գետնէն իր գդակը հաւաքեց եւ սկսաւ մտատանջուիլ։ Պէտք էր վերջապէս սթափեցնել օրիորդը: Անզգայ Ճանտառման տեղէն չէր շարժէր բնաւ, բայց Սրապիոն դէպի դուռը ուղղուեցաւ, իր տունէն քիչ մը ջուր բերելու համար: Սպառնալով, հայհոյելով, աներեւակայելի պոռնկութիւններ աղջկան վերագրելով, գնաց իր տունը:
6
Երեք բեռնաւոր լաճեր, որոնցմէ ամէնէն տարեցը ոսկեգոյն մետաղէ մեծ խաչ մը նետած էր իր ուսը, կանգ առին ճամբուն եզրը։ Յոյնի դպիրները որ յուղարկաւորութենէ կը դառնային եւ տեսած էին հայ վարժուհին՝ կանգ առին ճամբուն եզրը։ Եկեղեցական շապիկներու ծրարը դրին գետին, խաչը դրին անոր վրայ եւ օգնեցին վիրաւոր աղջկան։ Անշուշտ չէին գիտեր ինչ ընել այս պզտիկները, որոնցմէ մէկը մանաւանդ խունկի ամանի մը պէս կը հոտէր։ Բարեբախտաբար վրայ հասաւ հայ կին մը, մեծ բացագանչութիւններով։ Նազիկ հանըմ պատռտուելով, կոտրտուելով թեւը մտաւ օրիորդ Լիւսիին եւ տարաւ իր բակը՝ չափազանցեալ զգուշութեամբ։
Հոն է որ օրիորդ Լիւսի փղձկեցաւ։
Երբոր դուրս ելած էր Ալէմաղցիի պարտէզէն գունդը սկսած էր հետզհետէ մեծնալ կոկորդին մէջ։ Աղտոտած եւ արիւնոտ, օրիորդը յառաջացած էր աւելի քան անհաստատ քայլերով։ Ոչ միայն ակնոցները չկային, այլ մանաւանդ կային մշուշապատ ու խոնաւ աչքեր։
Նազիկ հանըմ խենթ էր կտրած։ Ջուր կը բերէր՝ կը բացագանչէր։ Անձեռոց կու տար՝ կ՚անիծէր։ Խոզանակ կը փնտռէր եւ ձեռքերը գլխին կը զարնէր։ «Քա աշկս ելլայ… վախ, վախ եմ ըսեր… քա զավալլը օրիորդ Լիւսիս, երկու աշկս ելլայ…» կանչեց Չարխաբան Աստուածածինը, Գաբրիէլ հրեշտակապետը, Սուրբ Նշանը եւ ուրիշ զօրութիւններ։
Խոր ցնցումներով ու աղմուկով լացաւ օրիորդ Լիւսի։ Կրկին նուաղելու աստիճան տառապեցաւ։ «Չեմ կրնար լալ» կ՚ըսէր եւ կու լար շատ գէշ կերպով, ճիչերով, դժուարին պատռուածքներով։ Երեսունը արդէն իսկ քիչ մը անցած աղջիկ մըն էր, գիրքերէ դուրս ելած ջղուտ օրիորդ մըն էր, աշխարհի վրայ մինակ մնացած վարժուհի մըն էր, իսկական անունով Մարիամ։ «Առաջին անգամն է որ…» բայց չկրցաւ շարունակել։ Իրականին մէջ ըսել կ՚ուզէր – «առաջին անգամն է որ բիրտ ուժին առջեւ իմ բոլոր դիմադրական միջոցներուս անզօրութիւնը կը զգամ»։ Այո, այո, այս ըսել կ՚ուզէր, լալով հանդերձ։ Բայց զինքը հանգիստ չթողուցին։
Նազիկ հանըմ իր վրայ հակած՝ անդադար կը կրկնէր նոյն հարցումները։ Կ՚ուզէր որ խօսի, պատմէ, մանրամասնութիւններ տայ։ Օրիորդին ուսերէն բռնած՝ կ՚ուզէր անպայման գիտնալ թէ երկու դրացիներէն որն էր զինքը այդ վիճակին մէջ ձգող։ Թէ որուն տունը պատահած էր դէպքը, թէ ինչպէս էր…
Իրենց քով կեցած էր Յասմիկը, անձեռոց մը ձեռքին։ Նազիկ հանըմին գղբօր այս որբը իր խոշոր աչքերըբցած կը նայէր մէկ իր հօրաքրոջ, մէկ մըն ալ իր նախկին ուսուցչուհիին։ Այլայլած էր պզտիկն ալ։ Ան իր օրիորդին մազերուն մէջ կը տեսնէր ազատքեղի շիւղեր, բայց չէր համարձակեր վերցնել զանոնք։ Խոհանոցին բաց դռնէն կ՚երեւային պարտէզը փռուած սաւաններ եւ օճառի բարկ հոտ մը բռնած էր տունը։ Պարծենկոտ հաւնոցը որ քիչ մը առաջ անտանելի կռկռոց մը թող տուած էր ծանուցանելով գալուստը հաւկիթի մը, այժմ կը վերսկսէր՝ տարբեր նոթի վրայ՝ կը ծանուցանէր գալուստ մը եւս՝ անձրեւինը։
Օրիորդ Լիւսի պատմեց, կտրատումներով, հեկեկանքներով։ Նազիկ հանըմ աղջկան վրայ ծռած կը լափէր անոր ամէն մէկ բառը, գլուխը երերցնելով։ Գլխի այդ շարժումները ըսել կ՚ուզէին –«այդ հասկցայ. վերջինը ըսէ. շուտ ըսէ. յետոյ»։
Ջատուկ կնկան այս անչափ հետաքրքրութիւնը վանող բան մը ունէր, մանաւանդ որ Նազիկ հանըմին ծամածուռ դէմքին մէջ ժպիտ մը կար կարծես։ Թէեւ օրիորդը կանգ չառաւ ատոր վրայ, բայց բնազդով գլուխը դարձուց եւ իր պատմութիւնը շարունակեց Յասմիկին։
Հոն է որ ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ։ Որովհետեւ Յասմիկ չկրցաւ դէմ առ դէմ նայիլ իր նախկին օրիորդին, զոր այս վիճակին մէջ կը տեսնէր։ Յասմիկ մտիկ ըրաւ բայց աչքերը քթթեց։ Կրկին քթթեց։ Շփոթեցաւ Յասմիկ։ Ուրիշ բաներ ալ եղաւ, ապացոյց որ հին անձեռոցը պատռեցաւ իր ձեռքերուն մէջ։
Յասմիկ կից մը զարկաւ զոյգ մը թաց նալըններու, եւ դառնալով իր հօրաքրոջ ըսաւ.
– Աս ամենուն պատճառը դուն ես… յանցաւորը դուն ես… միայն դուն ես…
Եւ առանց սպառնալիքէն վախնալու, թուքը կուլ տուաւ եւ շարունակեց խրոխտաբար.
– Ինչու երկուքին ալ միտքը գէշ բան դրիր… ինչու երկուքին ալ ըսիր որ պիւյիւ եղած են… ըսիր, ես քովդ էի… ականջներովս իմացայ…
Օրիորդ Լիւսին վախցաւ։ Սարսափելի էր Յասմիկին կերած ապտակը։ Սաստիկ վախցաւ նաեւ տեսնելով որ Նազիկ հանըմին մէջէն դուրս ելած էր մօրու մը։ Այդ խորթ մայրը որբը պիտի բզքտէր, պիտի յօշոտէր։
Բայց Յասմիկ կրցաւ ինքզինքը ազատել, ճզմմուեցաւ թաց ճերմակեղէններու կոյտի մը վրայ, ոտքի ելաւ, սեղանին մէկ առողջ ոտքը կոտրեց, իր մազերէն խուրձ մը թողուց կնոջ ճանկերուն մէջ ու փախաւ։ Վազեց եօթը ոտ սանդուխներէն վեր, սենեակ մտաւ ու դուռը կղպեց։
Գրեթէ անմիջապէս յետոյ աղջնակին գլուխը երեւցաւ այն փոքր պատուհանին մէջ, որ բակին վրայ կը նայի, եւ ուրկէ կը քաշեն չուանը՝ փողոցին դուռը բանալուն համար։
– Դուն կնիկ չես, դուն հրէշ ես, ըսաւ Յասմիկ իր ապահով բարձունքէն։ Պիտի պոռամ, հէլպէթտէ պիտի պոռամ… ես քեզմէ արթըխ չեմ վախնար։ Հրէշ ես… ես ականջներովս իմացայ… երբոր չարշըյին ճամբուն վրայ Ճանտառման դիմացնիս ելաւ, օձիքէն բռնեցիր կեցուցիր… ինչու անոր ըսիր – պիւյիւ եղած ես… ան մարդը խըռս ունի կ՚ըսեն… ցաւ կ՚իմանաս… տունդ բան կը կորսուի– աղմուկ կը լսես… ինչու թուղթը ձեռքէն չառիր… Ասոնք ըսողը դուն չէիր… վերջն ալ նոյն բանը չըսիր Շաշիին… ես չոճոխ եմ… Շաշիին տունը ես ալ եկայ, քովդ էի… ինչու անոր ըսիր – ցաւ կ՚իմանաս… թուղթը ինչու կարդացիր… ինչու չիյտէմինչ ըրիր… հէլպէթտէ անոնք ապուշ արարածներ են… կով են… ինչու կրակին վրայ իւղ թափեցիր… պզտիկ խնդիր մըն էր՝ պիտի անցնէր… անցնէր… ինչու իւղ թափեցիր։
Դառն կեանքին մէջ իր աչքերը կանուխ բացած՝ խրոխտ եւ վրիժառու աղջնակը կը շարունակէր.
– Մարդ իրար ձգես՝ ուրիշ բան չես ուզեր… դուն հրէշ գբ, հրէշ… փսորճիկ մը հոգի ունենայիր, մենք ասանկ չէինք ըլլար… մայրիկս դուն մեռցուցիր… ամէն օր մեր տունը արիւն քալեցուցիր… խօսք խառնեցիր, սուտ խօսեցար, դուռներուն ետեւէն մտիկ ըրիր եւ վերջն ալ սուտ լաց եղար… մարդ իրար ձգես՝ ուրիշ բան չես ուզեր… բոզը մայրիկս չէ՝ դուն ես, ոճրագործ ես…
Եւ մանուկը սկսաւ երկար պատմութիւն մը ուր կը խօսուէր ծանր ամբաստանութիւններու մասին, ուր Նազիկ հանըմ ի յայտ կու գար նողկալի լոյսի մը տակ, ուր կը կրկնուէր Միհրանի մը անունը, ոսկի ապարանջանի մը անհետացումը, յուղարկաւորութեան վաղորդայն մը։ Օրրիորդ Լիւսին լսեց այս բոլոր խօսքերը։ Լսեց՝ հակառակ ծեր կնոջ ահաւոր պոռպռոցին, անոր գնչուի կատաղութեան։ Լսեց այս բոլոր խօսքերը՝ մինչ Նազիկ կը սպառնար, կ՚անիծէր ու կը հայհոյէր, կարծես միայն աղջնակին ձայնը խափանելու միտումով։ Ձեռքը ինչ որ ինկաւ նետեց դէպի պատուհանը, երակները ուռեցուց, փրփուր ժայթքեցուց եւ աւելի մը երկար կոթովը փորձեց աղջկան գլուխը հարուածել։ Յասմիկ կրկնեց որ այլեւս չի վախնար, որովհետեւ պիտի փախչի այս տունէն եւ պիտի երթայ աշխարհի միւս ծայրը, ամենահեռաւոր ծայրը, այսինքն Առապիստան։ Իր աթոռէն վեր ելլելու ուժն իսկ չունէր օրիորդը։ Նստած տեղը կը մնար գամուած, կռնակէն սառած, որովհետեւ առաջին անգամ է որ այսքան մօտէն կը տեսնէր հրէշային բան մը։ «Չար խառնակիչն է» կը խորհէր ան։ Օրիորդ Լիւսին լսեց այս բոլոր խօսքերը եւ միաժամանակ մտածեց այն րոպէն երբոր պիտի հեռանայ այս բակէն, դէմի երկու աղբածածկ պարտէզներէն, կուրծքին վրայ սեղմած այն միակ սիրելի բանը որուն հանդիպեցաւ այսօր՝ Յասմիկը։
ԴԵՐՁԱԿ ՄԸ, ԻՐ ԵՐԿՈՒ ՀԻՒՐԵՐԸ
ԵՒ ԶԱՆԱԶԱՆ ԴԷՊՔԵՐ
Շէնքը չափազանց հին ըլլալուն համար փոր տուած էր բակին կողմը, իսկապէս վտանգաւոր կերպով: Եւ որպէսզի չփլի, անոր կռթնցուցած էին փոքրիկ աւել մը, որ իր կանաչ կոթին վրայ կը կրէր դեռ Կալըռի Լաֆայէթ պիտակը: Այս անարգանքէն զատ շէնքին կռթնցուցած էին նաեւ երկու հսկայ գերաններ` որոնք սալքարերէն մեկնելով` կը նետուէին մինչեւ երկրորդ յարկ, եւ հոն – պարագային համաձայն – ականջ կու տային թռչնիկի մը դայլայլին կամ կը չորցնէին նամակաբերի մը շորերը: Ահա այդ գերաններուն տակն էր կծկտած Տիրանի բնակարանը, որ կը բաղկանար գետնայարկ երկու սենեակներէ: Անոնցմէ մէկը հազիւ հազ կրնար անկողին մը պարունակել, որով Տիրան առանց վարանելու զայն կը կոչէր ննջարան եւ հոն կը պառկէր: Իսկ միւսը, որ ընդարձակ է, միաժամանակ կը ծառայէ իբրեւ դերձակի աշխատանոց եւ իբրեւ դերձակի խոհանոց: Մեքենային տակ, արդուկին քով եւ սեղանին շուրջը կերպասի կտորներ կը սողան որդերու պէս, խանձած չուխայի հոտ մը կայ, կան ամուրիութեան վկայականներ քիչ մը ամէն կողմ, եւ պատին վրայ ելեկտականութիւն հաշուող հին գործիք մը (computer) զոր Տիրան կրթած է: Ան կը հաշուէ, երբոր Տիրան պատշաճ նկատէ, եւ կը դադրի գործելէ, երբոր Տիրան անհրաժեշտ չտեսնէ: «Ոչ, կեցիր», — կ՚ըսէ երիտասարդը թրքերէն լեզուով, որպէսզի քիչ վճարէ, եւ իրաւամբ կը յաջողի կեցնել զայն տալով մէկ քանի ճարտար ապտակներ՝ որոնց գաղտնիքը ինքն ունի, եւ զոր ձեռք ձգած է երկարատեւ փորձերէ վերջ:
Խոհանոցը աշխատանոցէ կը զատուի պատին փակցուած պատկերով մը, որ պարբերականէ մը փրցուած է եւ կը ներկայացնէ Կապի Մորլէյ` ոտքի: Բացի կիրակիէ (բարեկամուհիին օրն է ան) Տիրան տունը կը ճաշէ, կերակուրներն ինքն իր ձեռքովը պատրաստելով: Երբոր պատահի, որ ձախողի, եւ ճաշը անհամ ըլլայ, դերձակը իր բարկութիւնը կ՚առնէ Կապիէն` բացականչելով սա խօսքը կամ անոր մէկ փոփոխակը.
— Քեզի մարդ գիտցանք տէ եահնիի հսկիչ կարգեցինք… դերասան չէք մի, հաւկիթ մը անգամ խաշել չէք գիտեր…
Իրականին մէջ սակայն իրենց յարաբերութիւնները խիստ սիրալիր են: Կերակուրները հազուադէպօրէն միայն անհամ կ՚ըլլան, որովհետեւ այժմ դռնապանուհին սորված է արեւելեան կերակուր եփել: Խնդումերես եւ առատաձեռն Հայը կրցած էր սիրաշահել Տիկին Պիւքը, որ հակառակ իր յաւիտենական յղութեան, կ՚աշխատի ու կը շարժի անվերջ: Այդպէս է, որ առանց իր վիճակին ուշադրութիւն ընելու՝ բռնեց պայուսակներէն մէկուն ականջէն եւ ուզեց զայն ինք անձամբ փոխադրել մինչեւ դերձակին սենեակը, երբ հասկցաւ երկու նորեկներուն ինքնութիւնը: Որովհետեւ երկու նորեկներ ժամանեցին, եւ անոնք կեցան փողոցի դրան հոսանքին մէջ երեք պայուսակներու եւ տգեղ շոֆէօրի մը հետ: Տիկին Պիւք ըսաւ մեծ իրարանցումով.
— Դուք օրիորդ Ալիսն էք, իսկ դուք, պարոն, օրիորդ Ալիսի հայրն էք… գիտեմ, գիտեմ, Պոլսէն է, որ կու գաք…
Եւ, անմիջապէս շոֆէօրին ձեռքէն դրամատոմսը խլելով, վերադարձուց Հայուհիին եւ իր փէշը վեր առաւ իր գրպանէն վճարելու համար կառքին ծախքը: Կարծէք թէ կտոր մը դեղին քոմպինէզոն վճարեց եւ աւելցուց — «Աս ալ ձեր փուռպուառն է»:
Դռնապահուհին եւ երկու նորեկները սենեակ անցան, եւ հոն մեծցաւ տիկին Պիւքի ոգեւորութիւնը: Ան ըսաւ, թէ մէսիէօ Տիւրանը շուտով պիտի գայ, շատ շուտով, թէ անհամբեր կը սպասէր ձեր ժամանումին եւ երկարօրէն խօսած էր ինձ: Միշտ հիացումով կ՚արտայայտուէր ձեր վարպետութեանը մասին եւ կ՚ըսէր, թէ դերձակութիւնը ձեզմէ է, որ սորված է Պոլիս եղած ատեն: Բայց նախ տիկին Պիւք պահանջեց, որ նստին ու հանգչին սա աթոռին վրայ, հանեն իրենց օձիքը եւ յետոյ լուացուին, եթէ կ՚ուզեն: Ոչ, ծորակը այսպէս պէտք է բանալ, իսկ գալով սուրճին, զայն կրնանք պատրաստել դիւրութեամբ: Հաւատացէք, որ շատ լաւ ըրիք հոս գալով, շատ լաւ: Ինչու պիտի մնաք այդ զզուելի երկիրը, ուր այլեւս գործ չկայ մանաւանդ Հայերուն համար: Փառք Տիրոջ, հոս գործը առատ է, եւ մանաւանդ ձեզի պէս վարպետ դերձակ մը բնաւ պարապ չի մնար: Տեսէք մէսիէօ Տիւրանը, ան միշտ կ՚աշխատի եւ բնաւ պարապ չի մնար: Բայց ուրիշ բան կայ. ինչ պատճառով բոլորդ մէկ չգաղթեցիք: Որովհետեւ դուք տունը չորս հոգի էք եւ ոչ թէ երկու: — Հակառակ իր շատախօսութեան, գիրուկ տիկին Պիւքը այնքան համակրելի էր, այնքան պարզ մտերմութեամբ մը կը խօսէր, որ գաղթական Հայերը սիրով մտիկ կ՚ընէին զայն, թէեւ դերձակը ոչինչ կը հասկնար, իսկ իր աղջիկը` քիչ բան: Թուրքերը կ՚ատեմ կ՚ըսէր տիկին Պիւք, ամբողջ հոգիով կ՚ատեմ այդ գազանները, որ ձեզ ջարդեցին: Նոյնիսկ երեխաները ջարդեցին: Տէսէք, հիմա ալ նոր օրէնքին համաձայն այլեւս չեն թոյլատրեր, որ հոն վերադառնաք, հակառակ որ ձեր երկիրն է ան` դարերէ ի վեր: Բայց դուք աւելի կանուխ Փարիզ գալու էիք, որովհետեւ… — եւ յանկարծ տիկին Պիւք ըսաւ Հայուհիին. — Օրիորդ Ալիս, շատ համակրելի էք դուք, եւ տարօրինակ բան` քորսիքացիի հնչում ունիք: Պայուսակները բացուեցան, զանազան առարկաներ տարտղնուեցան յարմար ու անյարմար անկիւններ եւ կտրեցաւ ծորակին ջուրը: Տիկին Պիւք գնաց ու եկաւ անդադար, իսկ իր տղան` բակի գերաններէն մէկուն վրայէն վար իջնալով, եկաւ կանգնիլ բաց դրան մէջ: Անոր յաջորդեց երկրորդ մանչ մը աւելի պզտիկ ու յետոյ երրորդ մը՝ որ այլեւս չորս ոտքի վրայ կը քալէր: Եւ կարծէք թէ այս բոլորը բաւական չըլլային, բաց դռնէն ներս անցաւ նաեւ անթելի մը ճռինչը, սեւ կատու մը, իր մէկ ձագը, իր ձագերը: Սուրճը յորդեցաւ:
………………………………………………………………
… Անշուշտ մեծ էր Տիրանին ուրախութիւնը, քանի որ տարիներէ ի վեր ասոնք առաջին ազգականներն էին, հոգ չէ թէ ոչ շատ մօտաւոր, որոնց երեսը կը տեսնէր: Տագէս աղա շուրջը նայելով ըսաւ. — «Ծօ տղայ, դուն երբ դերձակ եղար… Մաքսը ուր, դերձակութիւնն ուր»: Ճիշդ է, որ Տիրան տարի մը միայն աշակերտած էր Տագէս աղային մօտ եւ յետոյ մեկնած այս արհեստին մէջ յարմարութիւն չունենալուն համար: «Գործի մտած օրս մայրիկս մատնոց մը նուիրեց ինձ եւ, խառնուածքս գիտնալով` ըսաւ, թէ պէտք է ջանամ խելքս կարին տալ եւ աչքը մտնալ հայրիկիդ: Եւ առաջին օրն իսկ, երբ որ երեկոյին տուն դարձայ, մայրիկիս վիզը նետուելով ըսի, թէ անմիջապէս, անմիջապէս աչքը մտած էի վարպետիս: Խանութին մէջ մուկ մը սատկեցուցած էի: Միտքըդ է, վարպետ: Իրաւ է, որ մեծ դանակը կոտրուեցաւ, բայց սատկեցաւ նաեւ մուկը: Այսչափ մուկ մը»:
Բայց յանկարծ տրտմեցաւ երիտասարդը որովհետեւ հեռաւոր ու սիրական դիմագծեր իրեն երեւցան շատ որոշ գոյներով, անփոխարինելի ջերմութեամբ, եւ ինք ըսաւ իր վարպետին սա տեսակ տրտում խօսքեր. «այս աշխարհը պարապ աշխարհ է» եւ «օֆ, օֆ»: Բարեբախտաբար ծագեցան ուրիշ հարցեր, եւ վարպետը Տիրանի մէկ հարցումին պատասխանելով ըսաւ, թէ հակառակ ստացած ապահովիչ տեղեկութիւններուն, ինք չէր ուզած իր այսչափ տարուան տունը քանդել մէկ անգամէն եւ այդ պատճառով է, որ Փարիզ չէին եկած ամբողջ ընտանեօք:
— Նայինք, — ըսաւ վարպետը, — եթէ աստեղի վիճակը գործիս գայ, կարենանք ապրուիլ, այն ատեն քրոջս կը գրէմ եւ ան, ամէն բան ծախելով Սմբատին հետ կ՚ելլայ կու գայ: Նայինք…
Ասկէ յետոյ պատահեց ան մէկ քանին այն սովորական դէպքերուն, որոնք անխուսափելիօրէն կը հալածեն գաղթականները: Այն մօտաւոր պանդոկը, ուր ապաստանեցան հայր ու աղջիկ, մլուկ ելաւ: Ամբողջ գիշեր մը անքուն անցընելէ վերջ – որուն պատճառաւ յանդիմանութիւն ալ ստացան պանդոկապետէն, որ նշմարած էր լոյսին երկարատեւ վառ մնացած ըլլալր – ուրիշ սենեակ մը ուզեցին: Բայց ան ալ երկու Պոլսեցիները լեցուցին գիշերային անէծքով: Հետեւանք` սաստիկ հարբուխ մը եղաւ Ալիս՝ բայց բարեբախտաբար վրայ հասաւ իր ընկերուհին, Աստղիկը, որ զինքը տարաւ իրենց տունը, Սէն-Մանտէ: Գալով Տագէս աղային, ան սկսաւ գիշերել Տիրանին մօտ, մինչեւ յարմար սենեակի մը յայտնութիւնը, մինչեւ Ալիսի վերադարձը: Եւ որովհետեւ այս բոլորին պատճառաւ դերձակին գործը բաւական ետ էր մնացած, վարպետը թեւերը սօթթեց եւ սկսաւ աշխատիլ իր նախկին աշակերտին հետ, եւ միաժամանակ խօսեցան հինէն ու նորէն, սարէն ու ձօրէն, հայերէն եւ թուրքերէն:
………………………………………………………………
Երբոր Իզմիրլեանը խորան կ՚ելլէր եւ փայտէ մուրճը ձեռք կ՚առնէր, մենք գիտէինք, թէ իմ մեծ եղբայրս է, որ «Դռնբացէք»ի տախտակը կը բռնէ վարագոյրին ետեւ: Իզմիրլեանն ալ գիտէր: Ինչ օրեր, ինչ օրեր էին, այսօրուան պէս միտքս է: Ան Զատկին նոր շապիկներ կարուեցանք, եւ իմինս մասնաւորաբար չափի վրայ շինուած էր. օձիքին տակն ալ Տ մը եւ Պ մը կար։ Տագէս Պալապանեան: Դպրաց դասուն մէջ չկար մէկը, որ չուզէր տախտակը ինք բռնել. բայց լուսահոգի Հեքիմեանը չէ կ՚ըսէր: Տախտակը Լեւոնը պիտի բռնէ` վէսսէլամ, կ՚ըսէր: Եղբօրս պէս ձայն ունեցող մէկ հատ մըն ալ չկար, երբոր թող տար «Ովսաննան», մինչեւ մեր տունէն կ՚իմացուէր: Աս Լեւոնին ձայնն է` կ՚ըսէին: Մասնաւոր հոճաներ կու գային Էյուբներէն, Ֆաթիհներէն, մեր երգեցողութիւնը լսելու համար: Անոնց դպրաց դասը ամենէն կատարեալն է` կ՚ըսէին: Ինչ օրեր էին, ուր են այդ օրերը: Բոլոր տղաքը Զատկուան օրօրոցներուն մէջ կը խաղան, կը խնդան, հաւկիթ կը փոխանակեն, իսկ ես ասդին կու լամ: Կ՚ուզեմ անպատճառ հետս առնել շապիկս: Չէ մի անոր օձիքին տակ Տ մը եւ Պ մը կայ: «Ան իմինս է, հետս պիտի տանիմ» կ՚ըսեմ: «Տագես Պալապանեանը ես եմ» կ՚ըսեմ: Ինչ ըսես. տղու խելք: Տարիներ վերջ (դեռ դպրապետ չէի) հարցուցի Իզմիրլեանին, — Սրբազան, կը յիշէք, օր մը արարողութեան ատեն նուաղեցայ, ըսի, որովհետեւ ծոմ բռնած էի Ս. հաղորդութիւն առնելու համար, ըսի: Խորհրդարանին մէջ է, որ խօսեցայ: «Կը յիշեմ, կը յիշեմ», — ըսաւ: Եղբայրս ալ յիշեց: «Անոր ձայնը դեռ ականջներուս մէջն է», — ըսաւ:
Իրենց զբաղումին պատճառաւ չէին կրնար գնում կատարել եւ կերակուր եփել, այնպէս որ Տիրան իր վարպետը առաջնորդեց մօտակայ prix-fixe ճաշարան մը, ուր կերան ծեծ ուտելու պէս: Երբ որ ազատեցան աղմուկէն, հրմշտուքէն եւ խոհանոցի ծանր հոտէն, կրկին վերադարձան կարի եւ անվերջանալի խօսակցութեան: Այդ քմահաճ խօսակցութեան ընթացքին է, որ Տիրանն կանգ առաւ կարեւոր նիւթի մը առջեւ: Ինչ պիտի ընէր վարպետը, երբ որ պատահմամբ կորսուէր Փարիզի մէջ: Ինչպէս պիտի գտնէր իր ճամփան, երբ ֆրանսերէն չգիտէր: «Մենք ատոր դարմանը գտած ենք», — ըսաւ Տիրան եւ անմիջապէս սպիտակ թղթի մը վրայ դրեց հետեւեալը. «Կը կոչուիմ Տագէս Պալապանեան, հայ եմ ու կը բնակիմ Մառքադէ փողոց. կը խնդրեմ, որ զիս հոն առաջնորդէք»: Եւ վարպետին պատուիրեց, որ այս թուղթը պահէ խնամքով:
………………………………………………………………
Տիրան իր ետեւէն քաշեց վարպետը — որուն վրայ այլեւս բնաւ կարողութիւն չէր մնացած, այնքան որ շրջած էին պանդոկէ պանդոկ, եւ ներս մտաւ նեղ դռնէն: Յետոյ, պանդոկին գրասենեակը անցնելով, հարցուց.
— Ներեցէք, օրիորդ, երկու հոգինոց սենեակ մը ունիք արդեօք: Բարեկամիս եւ իր աղջկանը համար է… այո, ամսուան համար:
— Ոչ, պարոն… դժբախտաբար ոչ… երկու հոգիի համար ըսիք չէ… այսինքն թէ… թէեւ սենեակ մը ունինք, բայց այս պահուս ներսը մարդ կայ… չէք կրնար ժամ մը վերջ անգամ մը եւս հանդիպիլ սենեակը այցելելու համար… հեռու կը բնակիք… որ կողմը կը բնակիք:
Ճիշդ այդ պահուն է, որ գրասենեակին խորը գտնուող ապակեպատ դուռ մը բացուեցաւ աղմուկով եւ ներս խուժեց կին մը: Այս ներխուժումը եղած էր այնքան բիրտ, որ դրան բռնիչը մնացած էր կնոջ ձեռքը: Չորս կողմը միսի գունդերով բեռնաւոր, խոշորակազմ, կաշըմբուռն էգ մըն էր եկողը, թեզանիքները մինչեւ արմունկներէն վեր սօթթած՝ եւ դէմքին կարմրութիւնէն կը հասկցուէր, որ խոհանոցի կրակէն կու գայ: Թերեւս կու գայ` սղմռտուքէ: Խոյացաւ գրասեղանին առջեւ նստած աղջկանը վրայ որ նիհար էր ծրագիր-կանոնագրի մը պէս ու գոռաց.
— Աղջիկ դուն խենթ ես, յիմար ես, թէ չէ դիտմամբ ընել սկսար: Աս երրորդ անգամն է որ քու տխմար պատասխաններով իմ յաճախորդներս կը փախցնես: Երէկ նոյն բանը ըրիր, առջի օր` նոյնը: Մինչեւ այսօր խնայեցի քեզ, բայց հիմա փառաւոր ապտակի մը արժանի ես: Արժանի ես ըսի՝ լռէ: Ուր տեսնուած է, որ 19 տարեկան աղջիկ մը յաճախորդին պատասխանէ. «Վերջը չէք կրնար գալ… ուր կը բնակիք… հեռու կը բնակիք… ձեր conciérgeն ալ ձեզի հետ կը բնակի»: Բերանդ չբանաս, ինքնիրմէս կ՚ելլեմ… Մտիկ ըրէ եւ սորվէ թէ ինչպէս կը խօսին Փարիզի մէջ:
Եւ դառնալով դպրապետին, որ ֆրանսերէն բառ մը իսկ չէր հասկնար, արտասանեց հետեւեալը.
— Այո, պարոն, երկու հոգինոց սենեակ մը ունինք: Գինը 200 ֆրանկ է: Անմիջապէս կրնաք այցելել զայն եթէ կը փափագիք:
Տագէս աղա, արդեն յոգնած ու դժգոհ` քիթը բերանը ծամածռելով հարցուց.
— Ծօ, Տիրան, ինէ ինչ կ՚ուզէ կոր սա պաշ չաւուշը:
— Բայց չեն կրնար այցելել, ներսը մարդ կայ, — առարկեց աղջիկը վախով:
Պանդոկապետուհին աւելի կատղեցաւ, բայց վիճաբանութեան ամենէն տաք կէտին վրայ՝ յանկարծ դուրս նետուեցաւ գրասենեակէն, աոարկելով, թէ րոպէ մը իսկ աւելի եթէ մնայ հոն, ձեռքէն դժբախտութիւն մը պիտի ելլէ: Դրան բռնիչը, որ ահաւասիկ` աղջկան քթին բերնին պիտի նետէ: Եւ երկու Հայերը ետեւէն քաշելով սկսաւ սանդուխները բարձրանալ: Վեր կ՚ելլէր սանդխամատէրը սարսափեցնելով, թեզանիքները վար կ՚առնէր, գոգնոցը կը նետէր իւղոտ բազրիքին վրայ, շարունակելով պոռպռալ: Այդպէս գրգռուած վիճակով հասաւ թիւ 11 սենեակին առջեւ ու զարկաւ:
Երրորդ եւ զօրաւորագոյն հարուածէն վերջ խորունկէն եկող ձայն մը պատասխանեց.
— Բայց տիկին Ժատու, չեմ կրնար բանալ… բարեկամիս հետն եմ:
— Ինձի հետ ըլլալու չէիր եա, — բացականչեց միւսը, — հարկաւ բարեկամիդ հետ պիտի ըլլաս… Ինձի նայէ, ma petite Լուլու, կարծեմ դուն չափը անցուցիր: Ամէն օր կու գաս ինձմէ սենեակ կը վարձես մէկ ժամուան համար եւ փոխանակ ըստ ընդունուած սովորութեան մէկ ժամը եօթանասունըհինգ վայրկեան հաշուելու, երեք ժամ կը փակուիս ներսը: Մինչեւ հիմա gentille գտնուեցայ հետդ եւ դիտողութիւն չըրի, բայց եթէ խելացի աղջիկ ես, պիտի ջանաս, որ հետդ չաւրուիմ: Որովհետեւ հետդ պիտի աւրուիմ, եթէ այսպէս տեւէ:
— Բայց տիկին Ժատու, — առարկեց ձայնը, — միայն կէս ժամ եղաւ մեր սենեակ մտնելը…
— Կէս ժամ: Երբեք. քառորդ մը միայն եղաւ, բայց հակառակ ատոր կ՚ուզեմ, որ դուռը բանաս: Լուրջ յաճախորդներ ունիմ հոս, եւ երէկուան պէս զանոնք կրկին քու պատճառաւդ կորսնցնելու բնաւ տրամադիր չեմ: Լուրջ յաճախորդներ ունիմ հոս, օտարականներ, որոնք ամսուան համար պիտի վարձեն…
Լռութիւն մը տիրեց եւ յետոյ վերսկսաւ փոխասացութիւնը: Երբ որ պանդոկապետուհին բռունցքի հարուածները սաստկացուց դրան վրայ, Լուլուն աղերսեց ներսէն.
— Բայց տիկին Ժատու, մեր այս վիճակով… անմիջապէս…
— Անմիջապէս ձեր այդ վիճակով դուրս ելէք ըսած չունիմ: Ֆրանսերէն է խօսածս: Անկողին մտէք, եթէ դուրսն էք, վերմակով ծածկուեցէք ամբողջութեամբ, եւ մնացէք անշարժ՝ մինչեւ որ մենք մեկնինք: Արդէն ակնարկ մը միայն պիտի նետենք եւ դուրս ելլանք: Այդպիսով դուք իմ առեւտուրիս արգելք եղած չէք ըլլար, եւ ես ալ… անհոգ եղէք՝ երկու ծեր պարոններ են:
— Բայց տիկին Ժատու, հաւատացէք որ չենք կրնար հիմա…
— Sapristi! պատճառը շատ աղէկ դիտեմ: Անպայման նորէն վերմակը կորսնցուցած էք: Ով գիտէ, ուր նետեցիք: Մահճակալին տակ աղէկ նայեցէք…
Բանակցութիւններն աւելի տաքցան, մօտակայ դռներ բացուեցան հետաքրքրութեամբ, երկու կիները լրջօրէն առին տուին, իսկ Տիրան ըսաւ վարպետին ականջն ի վար. «Ասանկ դռնբացէք դուն տեսած էիր»: Վերջապէս համաձայնութիւն գոյացաւ: Նիգը բացուեցաւ, մինչ աղջկան ձայնը միաժամանակ կը հրամայէր.
— Մինչեւ որ «Ներս մտեք» չըսեմ, մի մտնաք:
Բոպիկ ոտքերը փախան, մահճակալը երկու անգամ հազաց, կտաւներ բացուեցան, պրկուեցան. եւ յետոյ հեռուէն, կարծես հորի մը մէջէն, խորէն եկող ձայնը ըսաւ` մտէք:
………………………………………………………………
Երկու մեռել՝ պատանքուած:
Վերմակը երկու հոգինոց վերմակ չէ, ոչ ալ բաւականին թանձր, այդ պատճառով, երբ որ երիտասարդները քաշեր ու պրկէր են զայն լաւ ծածկուելու համար, տուեր են պարզապէս իրենց մերկ մարմնին կաղապարը: Վերի երկու գունդերը անշուշտ երկու գլուխներն են, յետոյ կու գան ուսերը, յետոյքները եւ սրունքները: Ոչ, ոչ, աղջիկը այս կողմինը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ… Տեսէք, մեծ պատուհան մը ունիք հոս, որուն վարագոյրը եթէ բանաք` փողոցը կ՚երեւայ ամբողջութեամբ: Դիրքերնիս շատ լաւ է, քանի որ արեւ կը ստանանք առաւօտները: Իսկ հոս ունինք տաք ջուր եւ պաղ ջուր: Կայ նաեւ…— Իզուր կինը սենեակ մտնելուն պէս սկսած էր իր այս դասական խօսքերուն` Տիրանին ու վարպետին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար մեծ պատուհանին վրայ, ուրկէ տաք ջուր եւ պաղ ջուր կը վազէ, կամ վարագոյրներուն վրայ, որոնք հանգստաւէտ են… Երկու Հայերը իրենց ակնարկը անմիջապէս դարձուցած էին նախ դէպի մահճակալը եւ յետոյ աթոռները: Անոնցմէ մին կը կրէր կնոջ հագուստը, կարմիր քոմպինէզոն մը, սեղմիրան մը, իսկ միւսին վրայ կային այր մարդու զգեստները, ճերմակեղէններով հանդերձ: Շըմինէին վրայ էին Petit Parisien մը, ակնոց մը եւ երկու գլխարկ: Այր մարդուն գլխարկին վրայ ոսկեհիւս տառերով գրուած էր
CHAUSSURE RAOUL
Բայց երբ Տիրան շըմինէի քարին ծայրը նշմարեց շատ աւելի մտերիմ եւ աղտոտած առարկայ մը, գլուխը անմիջապէս դարձուց վարպետին: Եւ տեսնելով անոր արտայայտութիւնը, իր երկու ափերով մէկէն խփեց իր քիթն ու բերանը` խնդուքին ժայթքումը կասեցնելու համար: Շառագունեցաւ, աչքերը բացուեցան, կասկած չունեցաւ, որ մարդը նշանաւոր բան մը պիտի ըսէ… ահա որ վարպետն իր ձեռքը երկարեց դէպի մահճակալը… ահա որ բերանը բացաւ… ճառռ: Մինչդեռ երկու հայերը կը նայէին անշարժ պառկողներուն, ստացան այս պատասխանը — ճառռ…
Պարզապէս շատ պրկուած հին սաւանն է, որ պատռած էր վերէն վար, մեծ աղմուկով:
Անկողնին մէջ երկու մարմինները ցնցուեցան, Լուլուն սուր ճիչ մը արձակեց, իսկ «կօշիկ Ռաուլ»ը ըսաւ — merde: Խեղճերը կը կարծէին, որ ծածկոցն ալ սաւանին հետ պատռելով իրենց մերկութիւնը մէջտեղ էր ձգած:
Պանդոկապետուհին երեք անգամ պոռաց, թէ աղէտը մեծ չէ, անմիջապէս երկու Հայերը դուրս հրեց սենեակէն եւ անսպասելի ձայնով մը սկսաւ խնդալ սաստիկ, սաստիկ: Տիրան փլաւ տեղն ու տեղը, ինկաւ ըստ բախտի սանդուխի մը վրայ, երկուքի ծալլուեցաւ եւ կոկորդը պատռեց խնդալով: Յետոյ գինովի մը պէս իջաւ սանդուխներէն, գէշ պանդոկին դրան մէջ գտաւ վարպետը եւ նիհար աղջիկը ու փափաքեցաւ համբուրել զանոնք երկուքն ալ: Իր աչքերուն մէջ արցունքներն այնքան առատ էին, որ չէր տեսնէր ոչ Տագես աղայի խոժոռութիւնը եւ ոչ ալ աղջկան գոհունակութիւնը, այլ միտքն կը փափաքէր համբուրել զանոնք երկուքն ալ:
………………………………………………………………
Երբ որ տեղատարափին կործանումը աւարտեցաւ, վարպետը ուզեց մեկնիլ իրենց ապաստանած սրճարանէն, որովհետեւ ջղայնացած էր եւ չէր կրնար տեղ մը նստիլ: Բայց վերջին նորաձեւութեամբ հագուած Տիրանը իր հագուստներուն խնայեց, մանաւանդ որ մեթրոյին ծակը բաւական հեռու էր: Քիչ մը եւս մնացին կաթնասուրճի իրենց պարապ գաւաթներուն դիմաց, եւ Տիրան շարունակեց խնդալ: Թէեւ կը խօսէին բոլորովին չէզոք նիւթի մը, այսինքն Պոլսոյ տեղատարափներուն եւ կարկուտներուն վրայ, բայց Տիրան ատենը անգամ մը մարդուն աչքերուն մէջ կը նայէր, փըռթ կ՚ընէր ու կը խնդար: Տագէս աղա անգամ մը եւս ըսաւ, թէ դուն անամօթին մէկն ես, թէ ինծի պէս հօրդ տեղը մարդ մը այդ տեսակ պանդոկ մը տարիր եւ հիմա անպատկառօրէն … աւելի շատ սկսաւ խնդալ Տիրան, ըսելով` թէ վարպետը ամուսիններ կարծած էր սիրահարները:
— Ինչ կարծեցիր… ինչ, ինչ, — ըսաւ վարպետը, որ բնաւ այդ մտածումը չէր ունեցած, եւ չուզելով արտասանել այն ծանր խօսքը, որ շրթներուն վրայ կը դողար, դուրս ելաւ սրճարանէն:
………………………………………………………………
Տագէս աղա մեթրոյին մէջ տեսաւ սեւ ծրար մը եւ Տիրանը արմկահարելով անոր հասկցուց, թէ ուրիշ արհեստակից մըն ալ կար, որ գործ կը տանէր յանձնելու: Ապահովաբար: Տիրան նայեցաւ գետնի ծրարին, յետոյ անոր տիրոջ կռնակին ու բացականչեց: Ճանչցած էր Պարոյրին կռնակը: Սկսան խօսիլ առատօրէն, եւ ներկայացուեցաւ վարպետը: Այդ խօսակցութեան ընթացքին է, որ տուին կարեւոր որոշում մը, այսինքն Պարոյր իր բարեկամին գործի խնդրանքին պատասխանելով` ըսաւ, թէ դուք կրնաք հիմա անմիջապէս հետը գալ Belle Jardinière որպէսզի ես ձեզ ներկայացնեմ մարդուն եւ ձեզի ալ գործ տայ: (Coupeurներէն մէկը Հունգարացի մըն է, որուն հետ ես շատ լաւ եմ եւ երբ որ ըսեմ, թէ դուք լաւ աշխատողներ եք… կու տայ, կու տայ, կու տայ, գործը շատ է: Տագէս աղա առաջարկեց ուրիշ օր մը երթալ, քանի որ այժմ յոգնած էր ինք, բայց Պարոյր` իր ականջին ետեւէն վերցնելով սիգարէթի աղտոտ կտոր մը գետինը նետեց եւ խստօրէն հասկցուց, որ Փարիզ է հոս, ձգձգել չ՚ըլլար հոս, երկաթը տաք-տաք կը ծեծեն Հոս: Նայէ, այսօր Շաբաթ է, եթէ այսօր չգաս, անգամ մըն ալ յաջորդ Ուրբաթ միայն կրնամ քեզ մարդուն տանիլ: Ըսէ նայիմ, դուք ինչ պիտի ընէք ամբողջ շաբաթ մը: Սա ալ ըսեմ, որ ձեր գիտնալիք բանն է: Պարապ նստեցէք:
Խխում եղած երեք դերձակները հասան Belle Jardinière: Այդ աշխարհը տեսնելով (մանաւանդ գարշելի պանդոկներէ վերջ) իսկապէս զարմացաւ ու հիացաւ Տագէս աղա: Անվերջանալի սանդուխներ, լափիւրինթոս, նրբանցքներ, լեռնակուտակ պատատներ, եւ յետոյ վերելակներ, պաշտօնէութիւն, կիրթ հեղեղ: Մինչ կը սպասէին իրենց կարգին` Տիրան իր ընկերոջ պատմեց ժամ ու կէս առաջուան պանդոկի դէպքը: Երկու երիտասարդները չափազանց խնդացին, մէկզմէկ հրմըշտկեցին «էյ, ըլլալիք բան է» ըսելով, «աչքդ խաղա, վարպետ» ըսելով, եւ Պարոյր ճչաց, թէ այս դէպքը գրուելու արժանի բան է: Այո, անպայման պիտի գրէ Կաւռօշին մէջ: Թէեւ գժտուած էր խմբագրին հետ, բայց դարձեալ հաշտուեցան եւ արդէն իսկ նիւթ մը տուաւ գալ շաբթուան թուին համար: Եթէ առնես, կը տեսնես: Եւ որովհետեւ կրկին Տիրան կ՚ըսէր, թէ վարպետը ամուսիններ կարծած էր երկու սիրահարները, Տագէս աղա բարկացաւ: Ինք բնաւ այդպիսի մտածում չէր ունեցած:
— Հոգ չէ, վարպետ, — ըսաւ Պարոյր, — կարծէր ես, չես կարծէր` կարեւորը այդ չէ: Կը բաւէ, որ գրութեանս մէջ լաւ կը փախի… Ես կը գրեմ:
Բնականաբար Տագէս աղա շատ աւելի ներողամտութիւն ունէր Տիրանին հանդէպ, քան թէ այս օտարին, որ կը համարձակէր այսքան քիչ ակնածանքով խօսիլ իրեն հետ: Գունատեցաւ վարպետը եւ բերանը բացաւ: Անշուշտ պիտի գժտուէին, եթէ շուտով չկարուէր իրենց խօսակցութիւնը: Ստիպուեցան Հունգարացիին մօտենալ աճապարանօք, քանի օր իրենց կարգը եկած էր:
Երբ ամէն ինչ կարգադրուեցաւ այնպէս, ինչպէս որ կը փափագէին, ու փողոց ելան երեք Հայերը, պատահեցաւ դէպք մը եւս: Տագէս աղա չկրցաւ իր գլխարկը գլուխը անցընել: Զայն ձեռքերուն մէջ դարձուց քանի մը անգամ եւ ըսաւ, որ սխալած էր, ուրիշ մէկուն գլխարկը առած էր դուրս ելած ատեն: Բնաւ երբեք. նոյն իր խղճուկ գլխարկն էր, միայն թէ դերձակը ներսը եղած ատեն զայն դրած էր անկիւն մը, ապահովարար շատ տաք խողովակի մը կամ ջեռուցիչի մը վրայ եւ թաց գլխարկը քաշուած, կծկուած էր: Մարդն այնքան յուսահատական դէմք մը ունէր եւ իր գլխարկը այնքան ծիծաղելիօրէն կը թառէր գանկին գագաթը, որ երկու երիտասարդները սկսան խնդալ։ Պարոյր, գլխանոցին երկու եզերքներէն բռնելով վար քաշեց, սաստկաւցուց իր խնդուքը եւ ըսաւ, թէ տակաւին շատ ձիւն պիտի գայ քու գլխուդ, այս Փարիզին մէջ: Այնպէս չէ, խելքէդ չէր անցնէր, որ Մայիս ամսուն կրնայ տաք խողովակ ըլլալ ներսը: Օհօօ, այս քու կարծած աշխարհդ չէ… ահա որ քեզ այս վիճակին մէջ կը ձգէ եւ բնաւ փոյթ չ՚ընէր: Քանի երիտասարդները կը խնդային, այնքան կը բարկանար Տագէս աղա եւ զանոնք կ՚որակէր «շոշորթ»ի նման ածականներով: Երբ որ տեսաւ թէ շուտով չպիտի հանդարտին անոնք, գլուխը առաւ ու գնաց:
Երկու ազգականները մեթրոյին մէջ կեցան իրարմէ հեռու: Տիրան կռնակը դարձուց, որպէսզի չտեսնայ գլխարկին ծիծաղելիութիւնը, կզակն ու ծոծրակը ճզմեց անգթօրէն որպէսզի չխնդայ, բայց չկրցաւ, քանի որ խնդուքը ջղային եղած էր այլեւս: Ճամբորդներէն զինուոր մը մասնաւորաբար` գուշակած էր Հայուն ծիծաղին նիւթը, եւ կը նայէր մէյ մը Տագէս աղայի գլխարկին, մէյ մըն ալ Տիրանին:
Մեթրոյի սանդուխներուն վրայ է, որ վարպետը նետեց իր գլխարկը, բայց Տիրան հաւաքեց զայն` գիտնալով, որ մարդը ուրիշ գլխանոց չունի: Երթ որ տուն հասան, տեսան որ Ալիս եւ իր ընկերուհին սենեակն են: Աղջիկները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին երկու դերձակները, բայց շատ շուտով այլայլուեցան, տեսնելով, որ հայրիկը վճռականօրէն մէջտեղ կը քաշէ պայուսակները եւ մեկնելու խօսք կ՚ընէ: Ուզեցին գոնէ տեղեակ ըլլալ անցուդարձներուն: «Աստծոյ սիրուն` խօսեցեք» ըսին եւ քանի որ բնաւ կարելիութիւն չէին տեսնէր հայրիկը խօսեցնելու, կառչեցան երիտասարդին:
— Ինչ, ինչ… ըսել է պիտի պատմես… առանց ամչնալու պիտի պատմես եղածները…
Նախկին դպրապետը Տիրանը լռեցուցած էր անոր առաջին բառերէն իսկ: Այդ վարանոտ բառերը բոլորովին անվնաս էին եւ կը վերաբերէին միմիայն գլխարկի պատահարին, բայց պոռթկացած էր վարպետին բարկութիւնը: Ան կ՚ըսէր, թէ մարդ գոնէ աղջիկներէն կ՚ամչնայ եւ, եթէ երեսը միւռոն չէ մնացած ու իր հօրը տարիքը ունեցող անձ մը չի յարգէր, գոնէ աղջիկ զաւակներէ կ՚ամչնայ:
Եւ դառնալով Ալիսին, Տագէս աղա խստօրէն ըսաւ, որ փոխանակ աղէ արձան կտրելու լաւ կ՚ընէր գալ իրեն օգնելու, որպէսզի ժամ առաջ կապեն պայուսակները ու մեկնին: Այո, անմիջապէս պիտի մեկնի ասկէ ու վաղն իսկ մութն ու լուսուն թրքական հիւպատոսարան պիտի երթայ: Ըսէ նայիմ, ուր է Տաճիկին հիւպատոսարանը:
— Խենթեցար, վարպետ, – ըսաւ Տիրան, – կեցիր նայինք, ինչ կ՚ըլլանք կոր…
Եւ որովհետեւ դարձեալ երիտասարդն իր այս խօսքը ըսած էր ժպիտով, աւելի եւս կատաղեցաւ մարդը: Ան ըսաւ, թէ ինք խենթ չէր եւ քեզի պէս խելացիները եէլեկին պզտիկ գրպանէն կը հանէր: Ինք ըսաւ, թէ այս երկրէն պիտի մեկնի՝ եւ պիտի մեկնի: Այս տարիքը եկած էր եւ տակաւին օր մը օրանց ոեւէ մէկը չէր համարձակած իրեն հետ վերաբերուիլ այսքան անպատկառութեամբ, այսքան ծաղրանքով: Ինք դիտէր յարգել ու յարգուիլ կաթնավաճառէն եւ փաշայէն, հացագործէն եւ վէզիրէն: Եւ դուն հիմա հետս կը զուարճանաս ժամերով, որովհետեւ առաջուան Տագէս էֆէնտին չեմ եւ նիւթապէս կարօտ եմ մնացէք, քու դուռդ եմ ինկեր…
Խստօրէն բողոքեց Տիրան այս տրամաբանութեան դէմ եւ երկու դերձակները բարձրացուցին իրենց ձայնը: Վարպետը պնդեց իր ըսածին ճշմարտութեանը վրայ, աւելցնելով, թէ Տիրան իր վրայ ծիծաղելու համար է, որ միայն զինքը առաջնորդած էր այդ վատահամբաւ պանդոկը: Ըսէ տեսնեմ, դուն որ ֆրանսերէն կը հասկնաս եւ ըմբռնեցիր, թէ ներսը ովքեր կան, չէիր կրնար առնել ու քալել: Չէիր կրնար ըսել. «Վարպետս, այս քու մտնալիք սենեակդ չէ»: Ինչու վերջն ալ այս դէպքը պատմեցիր բարեկամիդ, որ քեզի պէս էշուն մէկն է: Եւ ան ալ պիտի ելլէ իմ վրաս յօդուած պիտի գրէ եղեր… Տագէսին վրայ այդպիսի բան գրել… Տագէսին վրայ որ մինչեւ այս տարիքը յարգուած է մեծէն ու պզտիկէն, սրբազանէն եւ պատրիարքէն…
Վարպետը կը դողդողար: Թէ աղջիկներուն միջամտութիւնը եւ թէ մանաւանդ Տիրանին հակաճառութիւնը զինքն աւելի կը բարկացնէին, եւ ինք խոր յուզումով կը պնդէր, թէ գլխարկ ըսածը մարդուս պատիւն է: Դժբախտութիւն մըն է պատահեցաւ՝ աղէկ, բայց դուք ինչպէս այդ պատուին վրայ կը խնդաք անվերջ: Ինչպէս կը համարձակիս «Դռնբացէք» — ըսել բոզի դրան զարնելով…
Պայուսակները կապուեցան, բայց Տիրան չթողուց, որ անոնք մեկնին, որովհետեւ բարկացած էր ինքն ալ եւ չափազանց անարդար կը գտնէր վարպետը: Կ՚ըսէր, թէ ինք ամբողջ կարելին ըրաւ օգտակար ըլլալու համար եւ երբեք այսպիսի վարձատրութեան մը չէր սպասէր: Այո, անախորժ դէպքեր էին պատահածները, բայց ինքը յանցանք չունէր անոնց մէջ: Խնդացած էր միայն, ան ալ հակառակ իր կամքին: «Անխելք եւ հին գլուխ մարդու խօսքեր են ըրածներդ», — ըսաւ վարպետին:
Տագէս աղա, որ մեծ դժուարութիւն կը քաշէր` իր սիգարէթը վառելու համար, այնքան որ ձեռքը կը դողար, բնաւ չկրցաւ հանդուրժել այս խօսքերուն: Ըսաւ թէ` եթէ երբեք մեր միջեւ տարբերութիւն մը կայ, ան ալ գլխին հնութիւնը չէ, այլ միւռոնը: Այսինքն` կրթութիւնը, զգացումը ամօթին, գիտակցութիւնը մեղքին, պատշաճութեան: Մէկը, որ իր մազն ու մօրուքը ճերմկցուցած էր այդ արժէքներուն մէջ, եւ նոյն արժէքներուն մէջ մեծցուցած էր իր զաւակները, չէր կրնար ապրիլ Փարիզ: «Ֆռենկ ըսուածը ես նոր պիտի չճանչնամ», — ըսաւ, — անոնց ինչքան թեթեւսօլիկ, շոշորթ, շողոքորթ եւ մանաւանդ անբարոյ ըլլալը ինք շատոնց գիտէր: Եւ դուք ալ անոնցմէ բնութիւններ առէր էք, քանի որ հոս մեծցաք:
Տագէս աղա Փարիզ հասած օրն իսկ այս իրողութեանը գիտակցած էր: Հանդիպած էր էշու կտոր Հայ կառավարի մը, որ առանց նկատի առնելու, թէ ետին երիտասարդ աղջիկ մը նստած է իր հօրը հետ, ամենազզուելի երգ մը երգած էր: Եւ դեռ քանիներ իրեն հետ վերաբերուած էին արհամարհանքով կամ կոպտութեամբ: Պանդոկապետը իր երեսն ի վեր կը պոռայ, գիշերը լոյս վառած ըլլալուն համար, երբոր ստիպուած էին մլուկին պատճառաւ: Ճաշարանի ծառան կերակուրը իր առջեւ կը նետէ որպէս շունի: Դուք կրնաք այս բոլորին հանդուրժել, բայց ինք, Տագէս, չէր կրնար բնաւ, մանաւանդ որ լեզուի չգոյութեան պատճառաւ պիտի ստիպուէր լռել միշտ ու տանիլ։ Ոչ, չէր կրնար, քանի որ ինք մարդ էր եւ կը նախընտրէր ապրիլ Պոլիս, հոգ չէ թէ չոր հացով, քան թէ ուրանալ ինքզինքը: Եւ Տագէս աղա այնքան կը կրկներ «ես մարդ եմ»ը, որ յանկարծ բան մը յիշելով` իր դրամապանակէն դուրս քաշեց թղթիկ մը եւ ըսաւ` չափազանցեալ քծինքով— «Ես կը կոչուիմ Տագէս Պալապանեան: Միւսիւս, կը խնդրեմ որ զիս տունս առաջնորդես…»: Մինչ վարպետը կրցածին չափ փոքր կտորներու կը վերածէր թուղթը, Տիրան թեւերը վեր առաւ, ըսաւ, թէ անկարող է այս տեսակ մարդ մը հասկնալու, թէ դուն մարդ ես, ես ալ մարդ եմ, բայց Հայ ենք, Հայ…
Քանի որ փոթորիկը մեղմացնելու իր բոլոր ճիգերը ապարդիւն էին անցած` կու լար Ալիս: Ան գիտնալով, որ իր հօր բարկութիւնը գէշ է, կը խնդրէր Տիրանէն, որ չպատասխանէ բնաւ, բայց Տիրան չէր կրնար: Ան մեծ ջղայնոտութեամբ կը շրջագայէր սենեակին մէջ եւ պահ մը կենալով compteurին առջեւ, զօրաւոր ապտակ մը տուաւ գործիքին եւ ճամբայ հանեց զայն: Իր սուր ձայնով Աստղիկ ըսաւ վարպետին, որ պէտք է նախ խաղաղիլ։ Իրաւունք ունիս, շատ ճիշդ կը խորհիս, բայց պէտք է նախ խաղաղիլ։
— Ճիշդ չեմ խորհիր, — պոռաց Տագէս աղա. — ես շատ սխալ կը խորհիմ… բայց ասկէ պիտի երթանք ըսի` եւ պիտի երթանք:
Աստղիկ ինքն ալ տարուելով վիճաբանութենէն, ըսաւ թէ վերջապէս պէտք է տրամաբանել քիչ մը եւ մեղքնալ նաեւ իր շուրջինները: Ինչ ըսել է քաշուած գլխարկի մը համար վիրաւորել ամէն ոք եւ մեկնիլ Փարիզէն, երբ որ այդքան պարտք ըրեր էք մինչեւ հոս գալու համար: Տագէս աղա պարտք բառը ապտակի մը պէս ընդունեց եւ անմիջապէս խոյացաւ իր աղջկանը վրայ: Բայց իր բարձրացուցած բազուկը միայն օդը կրցաւ ճեղքել որովհետեւ Տիրան նետուած էր իրենց միջեւ: Մարդը փրփրելով եւ հեւալով կը պոռար Ալիսին թէ այս բանը երբեք պիտի չներէր իրեն, երբեք: Ինք միշտ սեւը ներս՝ եւ ճերմակը դուրս ապրած էր եւ քեզի ալ այդպէս սորվեցուցած էր: Դուն հիմա ինչ համարձակութեամբ կ՚ելլես օտարներուն կը պատմես, որ պարտքով եկանք հոս, պատանդ ձգելով միայն դրամ գտանք… Մոխիրի գոյն եղած էր մարդը, որ յանկարծ ձեռքը կուրծքին տարաւ ու կքեցաւ: Բառերը իրարու խառնուեցան, թափուեցան բերնէն ու կքեցաւ:
Անկողնին վրայ պառկեցուցին զինքը, եւ Տիրան նախ քիչ մը ջուր տուաւ եւ վերջն ալ, շիշին տակ մատ մը օղի գտնելով, ան ալ վարպետին բերանը լեցուց: Աղջիկները մարդուն դաստակները կը շփէին, բայց ան կը պահանջէր, որ կորսուին բոլորն ալ եւ զինքը առանձին ձգեն:
… Աշխատանոցն իր անկիւններն յանձնած էր մութին` առանց դիմադրութեան, իսկ ծորակը կը կաթկթէր երբեմն կանոնով, երբեմն առանց կանոնի: Շատոնց է, որ Տիրան պայուսակները փոխադրած էր մլուկին պանդոկը, իսկ հիմա կը պատրաստուէր իր ազգականներն ալ հոն առաջնորդելու:
Ալիս իր հօրը աջ թեւը մտաւ: Փողոցի մութ դրան մէջ Տիրան փորձեց մտնել մարդուն ձախ թեւը, բայց Տագէս աղա ձեռքի շարժումով մը, որ ամէն պատասխան կը մերժէր, վանեց երիտասարդը.
— Շատ շնորհակալ եմ… քեզի բաւական անհանգստութիւն տուինք` աֆ կ՚ընես: Հարկաւ մենք ալ օր մը տակը չենք մնար:
………………………………………………………………
Տիկին Պիւք ճիշդ հոտառութեամբ մը դերձակին վիշտը կապեց անոր ազգականներուն յանկարծական մեկնումին, եւ դարձդարձիկ հարցապնդումներով փորձեց մանրամասնութիւններ խլել Տիրանէն: եւ որովհետեւ չկրցաւ՝ ըսաւ թէ իր ծննդաբերութիւնը տեղի պիտի ունենար ճիշդ սա չափ օր վերջ: Դիւրացած էր ան` մասամբ: Այսինքն թէ փոքրիկին անունը որոշուած էր: Եթէ մանչ ըլլայ` Գամիլ: Եթէ աղջիկ ըլլայ` Գամիլ:
Իրապէս կը տառապէր Տիրան, եւ դէպքերու վերյիշումը իրեն կը պատճառէր այնպիսի իրական նեղութիւն մը, որ ատենը անգամ մը կարը ձգելով կը ստիպուէր շրջիլ սենեակների մէջ. «Աս ինչ գէշ բան եղաւ», — կ՚ըսէր ու կը պնդէր, թէ ոեւէ մէկն ալ իրեն պէս պիտի խնդար եղածներուն վրայ` առանց վարպետը ծաղրելու դիտաւորութեան: Թէ մեղաւորը դէպքերն էին միայն, որոնք դժնդակ էին, անտարակոյս, բայց միաժամանակ ծիծաղելի էին անվիճելիօրէն: Եւ յետոյ՝ յուսահատական դիպուածով մը` կարճ ժամանակի մը մէջ անոնք յաջորդած էին մէկզմէկու, առանց առիթ տալու, որ անցեալը ընտելանայ ներկային:
Երիտասարդը անստգութեան մէջ սպասեց լուրի մը, որ միշտ ուշացաւ: Կուզէր մանաւանդ գիտնալ, թէ արդեօք իրապէս Փարիզէն պիտի մեկնին հայր ու աղջիկ, թէ չէ արդէն հանդարտած են հիմա, որ երկու օր անցաւ: Դերձակը շատ յուսաց, որ Ալիս կու գայ զինքը տեսնել իր հօրը թոյլատրութեամբ կամ անկէ գաղտնի, բայց աղջիկը չերեւցաւ բնաւ: Գիշերը գաղտագողի Տիրան գնաց անոնց պանդոկը եւ պանդոկապետէն լսեց որ հոն են երկուքն ալ, թէ մեկնումի խօսք չեն ըրած բնաւ:
Օրերը ամբողջութեամբ գրաւուեցան նոյն մտապաշարումով: Որովհետեւ բախումը մնացած էր կիսաւարտ, անոր ընթացքին ամէն ինչ չէին կրցած ըսել, որովհետեւ մանաւանդ երկու դերձակներն ալ եղած էին թէ իրաւացի եւ թէ անիրաւ: Տիրան կը մնար անլուծելի հանգոյցի մը մէջ: Ոչ միայն չափէ դուրս նեղացուցիչ էր ան, այլ նաեւ ենթական կը նետէր հակոտնեայ զգացումներու: Երիտասարդն ունեցաւ բուռն բարկութեան պահեր, որոնց ընթացքին ամբաստանեց ոչ միայն վարպետին աներախտագէտ վարմունքը, այլ նաեւ միւռոնը, դպիրը, արեւելքը: Յետոյ կը տրտմէր խորապէս, մտածելով, որ խառնուածքի խնդիր է, թէ անոնք իրենց գլխուն պատճառաւ պիտի տառապին այժմ: Կամ պիտի մեկնին, ինչ որ մեծ աղէտ է, կամ պիտի մնան եւ իր աջակցութենէն զրկուելով` պիտի չարչարուին անտեղիօրէն:
Աննկարագրելի վախով մըն է, որ երիտասարդը բարձրացաւ պանդոկին սանդուխներէն, իրենց բաժանման երրորդ առաւօտը: Երբոր հասաւ իր ազգականներուն դրան առջեւ, փողկապը շտկեց սիրտը տեղաւորելու փորձով ու զարկաւ դրան: Յետոյ Ալիսի հարցումին պատասխանելով` ըսաւ, թէ ինքն էր` Տիրանը: Անմիջապէս փսփսուք մը սկսաւ ներսը, «մտէք»ը ուշացաւ, եւ նոյն աղջիկը պատասխանեց տարբեր ձայնով.
— Հիմա ես կը փոխուիմ կոր…
Եկած էր ներողութիւն խնդրելու համար, եւ եթէ պէտք է, նոյնիսկ վարպետին ձեռքը համբուրելու համար, բայց ահա որ չէին ընդունէր զինքը: Տիրան կեցաւ նրբանցքին մէջ, յետոյ քիչ մը անդին` սանդուխին գլուխը. նայեցաւ դրան մը բանալիին, որմէ կախուող թիւը դեռ կը ճօճէր, եւ վախկոտ քայլերով վերադարձաւ նոյն փակ դրան առջեւ: Հարցուց— «Քիչ մը վերջը գամ»: Կը կարծէր դարձեալ փսփսուք մը լսել, բայց շատ ապահով չէր: Ալիս պատասխանեց.
— Մենք քեզի կուգանք…
Օրն անցաւ առանց այցելութեան, յետոյ երկրորդ մը եւս, բայց Տիրան չզարմացաւ բնաւ, քանի որ աղջկան պատասխանը արդէն մատնած էր իր իսկական իմաստը: Հակառակ ատոր սակայն դերձակը սպասեց միշտ սրտի սեղմումով եւ ժամանակի թաւալումին հետ անդրադարձաւ, որ սկսած է հետզհետէ աւելի ցաւ զգալ, այսինքն հետզհետէ աւելի սիրել ու ատել իր ազգականները:
Երեկոյեան ստուերները գրաւած էին իր աշխատանոցը, որուն մէջ կեցած էր Տիրան վարանումով: Պիշ պիշ կը նայէր իր ձեռքերուն որոնց մէջ կար քիչ առաջ գնուած շիշ մը օղի. արմացած եւ զարմացած շիշ մը օղի: «Ինչու գնեցի» կ՚ըսէր եւ յետոյ կ՚աւելցնէր, — «գնած ատենս գիտէի եւ կը խորհէի, որ տունը մարդ չկայ: Հակառակ ատոր ինչու գնեցի»: Պահ մը իր նեղութիւնն այնքան անտանելի թուեցաւ, որ ուզեց փախուստով մը ձերբազատուիլ անկէ եւ անմիջապէս բնէօ մը գրեց իր բարեկամուհիին, զայն իր սենեակը հրաւիրելով: Գրած ատեն իր աչքին առջեւ ունէր միմիայն Ալիսը: Յաջորդ իրիկունը Ֆրանսուհին չեկաւ սակայն եւ Տիրան իր երկար սպասումով ջղագրգիռ` նետուեցաւ փողոց:
Պուլըվառ Տը Գլիշիի վրայ հանդիպեցաւ անոնց: Առաջին անգամն էր իրենց բաժանումէն ի վեր, եւ Տիրան բնազդաբար ու հապճեպով պահուըտեցաւ: Անդրադարձաւ, որ ցնցուած էր այնպէս, որպէս թէ հանդիպած ըլլար սիրուհիի մը: Դանդաղ գնացքով կը յառաջանային երկուքը երեկոյեան բազմութեան մէջ, եւ Ալիս իր հօրը թեւն էր մտած: Միշտ նոյն խղճուկ գլխարկը կար վարպետին գլուխը եւ նոյն սրճագոյն զգեստը Հայուհիին վրայ: Տիրան նայեցաւ անոնց կռնակին, անոնց կրունկներուն, բաներ, որոնց կը նայէր առաջին անգամ ըլլալով: Տեսաւ անոնց առանձնութիւնն ու կարօտը, ինչպէս նաեւ մէկուն յամառ քէնը, իսկ միւսին` այպանելի հետեւողականութիւնը: Հեռուէն բաւական մը հետեւեցաւ անոնց, բայց հակառակ իր մեծ ցանկութեան, չհամարձակեցաւ քովերնին երթալ: Ու յանկարծ վախցաւ նշմարուելէ, որովհետեւ կողմնակի շարժում մը ըրած էին անոնք եւ ինք անգիտակցաբար շատ մօտեցած էր: Երբ որ ետին կը դառնար փախչելու համար, իր աճապարանքին մէջ կոպտօրէն զարնուեցաւ երկու անցորդներու: Բալապեղ մարդիկ էին անոնք, երկուորեակներու պէս կը նմանէին մէկզմէկու, եւ իրենց քասքէթին վրայ դրուած էր ոսկեհիւս տառերով` կօշիկ Ռաուլ:
Քանի որ հանդիպումի վախը չկար այլեւս, Տիրան համարձակօրէն գնաց մլուկին պանդոկը եւ այս անգամ իր ստացած լուրը զինքը ուրախացուց: Անոնք մեծ սենեակ մը ուզած էին: Անոնք պիտի աշխատէին:
………………………………………………………………
Անսպասելի պահու մը երեւցաւ իր բարեկամուհին եւ մեծ գորով ցոյց տուաւ Տիրանին հանդէպ: «Պզտիկս, — ըսաւ ան, — անմիջապէս գուշակեցի, որ վիշտի մէջ ես, քանի որ տակաւին բնաւ ինծի այդ տեսակ նամակ չէիր գրած: Օ, այր մարդիկ որքան քաղցր, որքան սիրելի կ՚ըլլան, երբ որ ցաւ ունենան»:
Պահարանի պէս նեղ այդ ննջարանին մէջ պառկած՝ Հայը սկսաւ սաստիկ նեղուիլ ֆրանսացի աղախինին քով, որ կը կոչուէր Ժորժէթ եւ որ բնաւ շրթունք չունէր: Ջերմութիւնը գաղջ էր եւ հաճելի, բայց Տիրան ուրիշ բան կը ցանկար գտնել միսերու ետին: Բան մը ըրած ըլլալու համար նկարագրեց Կռէթա Կառպոյի մէկ հռչակաւոր եւ յիմար ֆիլմը` նախ անկողնին մէջ եւ յետոյ ոտքի վրայ` հագուելու միջոցին: Ինք ամբողջութեամբ հագուած էր արդէն, իսկ էգը քնառած՝ երբ որ դուռը զարնուեցաւ: Վարպետն էր:
Նախ բացարձակապէս բան մը չհասկցաւ Տիրան Տագէս աղայի պոռպռոցէն, միայն թէ ահոր թշնամական երեւոյթը շատ որոշ կերպով կ՚ըսէր, թէ ծանր բան մը պատահած է: Տիրանի հարցումներուն պատասխանելով` վարպետը կ՚ըսէր.
— Չհասկնալու մի գար: Ինծի ատանկ բան չանցնիր… չանցնիր…
Վերջապէս պարզուեցաւ, որ մարդը եկած է իր աղջիկը փնտրելու եւ աւելի քան ապահով է, թէ Տիրանն է զայն պահողը: Անշուշտ երիտասարդ դերձակը ըսաւ, թէ բանէ մը տեղեակ չէ ինք, թէ Ալիսին երեսն իսկ չէ տեսած ձեր մեկնումէն ի վեր: Բայց հայրը, որ չափազանց գրգռուած էր, սկսաւ սպառնալ եւ հայհոյել, ըսաւ, թէ իր աղջիկը անհետացած էր նախորդ գիշերուընէ ի վեր, թէ իր փնտրտուքները — Աստղիկին կողմը — ապարդիւն էին անցած, եւ ինք ապահով էր, որ Տիրանն է զայն պահողը: Ուրիշ ուր պիտի երթայ, կ՚ըսէր ան, որու կրնայ երթալ, քանի որ իմ քովէս փախաւ, անշուշտ քեզի պիտի գայ եւ դուն զայն տեղ մը պիտի պահես: Վարպետը ննջարան մտաւ, բայց նոյնիսկ Ֆրանսուհիին ներկայութիւնը զինքը չխաղաղեցուց: Ընդհակառակը: Բռնէք Տիրանի օձիքէն եւ պահանջէք, որ խօսի, խոստովանի, ապաստանին տեղը յայտնէ, եւ որովհետեւ գոհացում չէր ստանար, կատղեցաւ արտակարգօրէն, եւ սկսաւ քֆրել Տիրանին, անոր պատիւին, արիւնին եւ արեւին:
Թէ Ժորժէթ եւ թէ տիկին Պիւք որ վրայ հասած էր, ոչ կրնային կռիւը խաղաղեցնել, ոչ ալ բան մը հասկնալ պատահարէն: Վարպետը կը պոռար, թէ հակառակ իր բացարձակ արգելքին, Ալիս հոս եկած էր ամէն օր, համաձայնած էր Տիրանին հետ, ու փախած: Եւ կ՚աւելցնէր.
— Ես ձեզ երկուքդ ալ կսատկեցնեմ… հէմ քեզ, հէմ Ալիս օլաճախը…
Տիրան սենեակէն դուրս նետեց մարդը:
………………………………………………………………
Բաց պատուհանին առջեւ կ՚աշխատէր Տիրան գլուխը կախ եւ բերանը կիսաբաց: Բերանը կիսաբաց էր, որովհետեւ իր քթին ծակերուն մէջ մխրճած էր բամբակներ` արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու համար: Երիտասարդն այդ արիւնահոսութիւնը կը վերագրէր իր բուռն յուզումին եւ անվերջանալի մտասեւեռման: Հին բակն իր բորբոսած եւ հիւանդոտ պատերով կը նեղնար Տիրանի դէմն ու վրան, կը նմանէր շրջուած ձագարի մը, որուն նեխոտ ու պզտիկ բերնէն կ՚երեւար առաւօտեան արեւը, կամ անոր մէկ ճամփան, կամ աւելի հեռաւոր բան մը: Որպէսզի չփլչի` գերաններ կռթնած էին գանկի մը:
Ծանր քայլերով Տագէս աղա կտրեց անցաւ այդ բակը Տիրանի ակնարկին տակ, դուռը բացաւ եւ անցաւ ներս: Երիտասարդն իր գլուխը չբարձրացուց բնաւ, չբարեւեց բնաւ եւ շարունակեց կարը: Միւսն ալ ձայն չհանեց այլ միայն գնաց նստիլ, աթոռին վրայէն ծրար մը գետնախնձոր մէկդի դնելով: Դեռ երէկ իրիկուն էր, որ այս սենեակը կը լեցնէին իրենց պոռպռոցով, իսկ այժմ կը լսուի վերի յարկէն թափող անթելի մը խուլ ճռինչը եւ յետոյ այն սկրթուքը, զոր քաշուող թելը կընէ կերպասի մէջ:
Երկար ատեն լռեցին, երկար ատեն ծխեց մարդը, եւ իր կապտորակ ծուխը շրջանակի վարանումներէ վերջ գտաւ բաց պատուհանին ճամփան: Տագէս աղա ըսաւ բռնազբօսիկ մեղմութեամբ մը.
— Հիմա ալ պիտի չըսես… նայէ, չեմ պոռար կոր… շէնք շնորհք կը խօսիմ կոր… ուր է այս աղջիկը…
Անմիջապէս ցցեց Տիրան իր գլուխը, ձեռքի տաբատը շատ ուժով զարկաւ սեղանին վրայ եւ խոյացաւ դէպի վարպետը: Կեցաւ անոր առջեւ աչքերը արտակարգօրէն բաց եւ մատները օդին մէջ պրկած: Յետոյ քիչ առ քիչ մեղմացաւ, թուլացաւ ու երկար հառաչ մը արձակելով վերադարձաւ իր կարին:
Բաւական մը վերջ, երբոր վարպետը կը մեկնէր առանց երբեք անգամ մը եւս բերանը բացած ըլլալու, Տիրան ըսաւ խստութեամբ.
— Բաթաթէսները նորէն աթոռին վրայ դիր… մենք աստեղ քու սպասաւորդ չենք…
Մարդն իր ետին չնայեցաւ, բայց ելաւ դուրս երկար վարանումներով: Ծուխին պէս:
Յաջորդ օրը առաւօտուն դարձեալ եկաւ եւ նստաւ նոյն աթոռին վրայ, մէկ ծայրին: Բարեւեց այս անգամ: Մօրուքը եկած էր, թափթփուած էր, եւ Տիրան խորունկ ակնարկով մը զայն քննեց բազմաթիւ անգամներ: Յետոյ ըսաւ.
— Կար կ՚ուզես:
Այո, կ՚ուզեր քիչ մը աշխատիլ, բայց չկրնալով` յանցաւոր հանեց կերպասին կարծրութիւնը եւ միշտ փրթող թելին փտութիւնը: Երկարօրէն կը հալչէր Տիրանի աչքերուն մէջ, բայց չէր խօսէր: Կէսօրին չկրցաւ իսկ ճաշել: Չէր ուզէր յայտնի ընել, բայց պատառները կը մեծնային իր բերնին մէջ եւ կը մնային հոն:
— Վարպետ, — ըսաւ Տիրան, — ինչի վրայ երդում ընեմ նէ` կը հաւատաս, որ բանէ մը լուր չունիմ: Ալիսը ես չեմ պահած:
Պատասխանն այնքան ուշացաւ, որ երիտասարդը ստիպուեցաւ կրկնել իր հարցումը: Այն ատեն հայրը ըսաւ.
— Մարդէն մը սենեակ մը ուզեցինք, պիտի նստէինք՝ պիտի աշխատէինք: Ինչու աս աղջիկը առաւ քալեց… գիտեմ, որ ես խիստ եղայ, ձեր սիրտը կոտրեցի, դուք ալ իմինս կոտրեցիք… բայց ալ կը բաւէ, ըսէ Ալիսին, թող գա… ալ կը բաւէ:
Երկար լռութենէ մը վերջ Տիրան ըսաւ (կարծես, ինքն իր հետ խօսելով` որովհետեւ պատասխանի մը կարելիութիւնը չէր տեսներ) «Հըմ, խիստ մարդ եղեր ես, միշտ քուկիններդ հպատակեցուցեր ես քեզի… բայց չես հասկնար կոր, որ այլեւս քու ատենդ անցաւ: Ով գիտէ, աղջկանդ ալ ինչ ըրիր, եւ ան հեռացաւ: Անիմաստօրէն հեռացաւ»:
Կտրելով հանդերձ երիտասարդը մեծ տրտմութեամբ կը խորհէր, որ միշտ դժբախտ պիտի ըլլայ իր բարեկամութիւններուն մէջ: Իր բազմաթիւ ծանօթներուն մէջէն պիտի չկրնայ, գտնել ոչ իսկ մէկ հոգի, որուն հետ կապուի ամբողջութեամբ, հոգուով եւ մարմնով: Ոչ իսկ մէկ հոգի՝ որուն հանդէպ ունեցած սէրը լման ըլլայ, յարգանքն ու եղբայրացումը կատարեալ ըլլայ: Եւ այս անկատարութիւնը այն պատճառաւ՝ որ նմանութեան եզրերու կողքին, պիտի գտնուի միշտ բաժանման անխուսափելի կէտը: Տիրան տրտմութեամբ կը յիշէր իր հրճուանքը, երբ այս սենեակը մտնելով իր ազգականները տեսաւ: Յանկարծ անպատում հովեր անցան իր մէջէն, մոռցուած ձայներ լսուեցան, եւ Տիրան վարպետին մէջ տեսաւ իր լքած ընտանիքը, ծննդավայրը, ամէն բան: Աւելի մեծ եղաւ իր հակումը Ալիսի հանդէպ, որ երիտասարդ եւ մանաւանդ աղջիկ ըլլալով, քիչ մը աւելի սիրելի էր իրեն: Եւ ահա որ Տիրան դարձեալ հեռացած կը զգար ինքզինքը անոնցմէ, որովհետեւ այդ երկուքին մէջ կը գտնէր ծուռ, սխալ մտածումներ եւ վարուելակերպ: Բայց այլեւս այդ ծուռ բաները չէ, որ կ՚ատէր, այլ միւսը, ճիշդը, իրեն նման եղող մասը: Որովհետեւ, կը խորհէր, եթէ ան չըլլայ, կրնաս մէկ անգամ են վանել բարեկամդ, սիրելիդ եւ անմիջապէս ուրանալ զայն: «Հիմայ ալ չեմ նեղանար, — կ՚ըսէր մտովի, — եթէ վարպետը անտեղիօրէն քֆրէ: Սա մեղմութիւնն է, որ զիս կը նեղացնէ»:
Նախ առաւօտուն կանուխ, եւ յետոյ երեկոյին է, որ կու գայ Տագէս աղա Տիրանին եւ կը նայի նոյն ձեւով, պիշ պիշ կը սպասէ: Կը նստի հոն, նոյն աթոռին վրայ եւ կը սպասէ: Երիտասարդը առաջարկեց, որ սենեակը ձգէ ան եւ առաջուան պէս գայ հոս պառկիլ՝ որպէսզի ծախք չըլլայ, բայց մարդը չընդունեց: Տիրան աչքին պոչով կը նայի անոր եւ կը յուզուի, կը տագնապի, որովհետեւ երբեք այսպիսի փոփոխութիւն մը չէր սպասէր: Ջուր առնելու դիտաւորութեամբ կամ ուրիշ պատրուակով մը կ՚անցնի մարդուն միւս կողմը եւ կրկին կը նայի այդ փլած էակին: Կը ստիպէ, որ ածիլուի, կամ գոնէ սեփ-սեւ եղած օձիքը փոխէ, կամ առնուազն շնորհքով կապէ զայն: Որովհետեւ ելեր է ետեւի կոճակէն եւ բարձրացեր է ծոծրակն ի վեր։ Եւ որովհետեւ երիտասարդը ձեռքը կը բարձրացնէր ինք անձամբ շտկելու համար, մարդը դէպի դուռը գնաց:
— Աղէկ, աղէկ, — ըսաւ Տիրան մարդուն պատասխանելով, — չեմ նեղանար: Դուն միայն նայէ, որ ասկէ վերջ աղջկանդ հետ խիստ չերթաս… այդ տարիքէն վերջ չըլլար, չըլլար…
Վարպետը ըսաւ, թէ իր բնաւորութիւնը այդպէս էր, այդպէս մեծցած էր, եւ թէ իրենք ալ, երիտասարդներն ալ պէտք է, որ զինքը հասկնալ ջանային:
— Նորէն այդքան չէի բարկանար, — ըսաւ մարդը, — բայց դուն ով ես որ… երէկուան լակոտն ես…
Տիկին Պիւքի տղան, որ դարձեալ կը շուլլուէր գերանն ի վեր, գլուխը ծռեց պարապին մէջ եւ աշխատանոց նայելով ուզեց միմոսութիւն մը ընել: Բայց բան մը չըրաւ, որովհետեւ անվստահելի մթնոլորտ մը ունէր աշխատանոցը, որովհետեւ երկու դերձակները պէտք եղածէն աւելի երկար ժամանակ կը մնային գլխիկոր, չէին աշխատէր եւ բնաւ չէին նայեր իր կողմը: Տագէս աղա, որ իր հին ու փոշեծածկ կօշիկներուն կը նայէր, ըսաւ տխուր ժպիտով.
— Գիտես, Տիրան, մեր օթէլճիին գրել տուի թուղթի մը վրայ իմ անունս եւ հասցէս… Փողոցները փէք աղէկ կը ճանչնամ հիմա, բայց խելքս գլուխս չէ… կը կորսուիմ կոր…
Աւյրուած էր մարդը prix-fixe ճաշարանի ուտելիքներէն եւ Տիրան կարելին ըրաւ, որ վարպետն իր հետ ճաշէ, բայց ան չընդունեց: Միայն թէ սկսաւ աւելի կանոնաւորութեամբ գալ եւ աւելի կանոնաւորութեամբ աշխատիլ: Նոյնիսկ վերագտաւ իր խօսելու կարողութիւնը եւ շաղակրատեց գրեթէ առաջուան հանդարտութեամբ:
Ահա այսքան: Տագնապը անցաւ: Ան տեւած էր Ալիսի անհետացման ինը օրերու շրջանին, եւ երբ Տիրան այդ իններորդ օրը յանկարծ կէս ձգելով Ռընոյի գործարանին նկարագրութիւնը սկսաւ Ալիսը խստօրէն քննադատել, որովհետեւ այլեւս ինքն ալ սկսած էր նեղուիլ այս բացակայութիւնէն, մարդը ըսաւ.
— Նամակ առի: — Բայց չկրցաւ շարունակել, զղջաց խօսած ըլլալուն համար եւ հակառակ Տիրանի մեծ զարմացումին ու տեղացող հարցումներուն, լուռ մնաց երկար պահ մը` գլուխը կախ: Յետոյ ըսաւ.
— Նամակ առի: Մեկնած օրը արդէն թուղթ մը ձգած էր, քի տէրտ չընեմ… Ես եթէ քիչ մը քովէդ հեռանամ շատ աղէկ պիտի ըլլայ, — գրած էր… Հիմա ալ կ՚ըսէ կոր, քի պիտի գայ: Դուն նայէ, որ Տիրանին երթաս, անոր սիրտը առնես, կ՚ըսէ կոր… Յետոյ առաջուան պէս ամէն բան ծայրէ կը սկսինք, կ՚ըսէ կոր… Քիչ մըն ալ իմ խօսքս մտիկ ըրէ, կ՚ըսէ կոր…
Մարդը կը խօսէր առանց գլուխը վեր առնել համարձակելու, եւ բացայայտ է թէ դժուարութիւն կը քաշէր իր բառերը ընտրելու համար, թէ իր ստացած գրութիւններէն խնամով կը հեռացնէր այն խօսքերը, զորս անկարող է հոս կրկնելու, եւ իր շրթները երբեմն կը շարժէին պարապին մէջ: Սաստիկ յուզուած էր Տիրան: Ան անգամ մը գլուխը ծռեց եւ շատ մօտէն նայեցաւ պարապին մէջ շարժուող այդ կախ բերնին, կարծես աւելի լաւ հասկնալու համար ինչ որ չէր ըսուէր, բայց շուտով ետ քաշուեցաւ, որովհետեւ ամչցած էր:
Քիչ վերջ Տագէս ըսաւ.
— Ծօ, տղայ, մեր աստեղի եկեղեցին փէք աղուոր է եղեր: Ալիսը գացեր տեսեր է, շատ կը գովէ կոր… Հարսնիքի շաքարի տուփ է, կ՚ըսէ կոր… Մենակ քի երգեցողութիւնները Պոլսոյ չափ լաւ չեն եղեր… Հայրիկ, քու վարած պատարագդ ուրիշ բան էր կ՚ըսէ կոր…
Եւ նախկին դպրապետը, հակառակ Տիրանի շատ խոշոր «հարկաւ»ներուն, այդ «ուրիշ բան»ը ցոյց տալու համար քիչ յետոյ սկսաւ երգել իր երգեցողութիւնը, նախ մեղմ ձայնով մը, որ սակայն շուտով բարձրացաւ: Սկսաւ երգել իր Տէր ողորմէան, արեւելքցիներու պէս գլուխը երերցնելով, ձայնը դողդղացնելով, եւ աշխատանոցը լեցուեցաւ խոր յուզումով: Վարպետը չէր լար իր անկումին վրայ: — Տէր ողորմէան է որ լալագին է: Վարպետը չէր աղաչէր կեանքին, երիտասարդներուն — Տէր ողորմէան է, որ պաղատագին է: Խոշոր արցունքներ կային— բայց հինցած կոկորդն է յանցաւոր: Տիրանն աւ հետեւեցաւ մարդուն եւ բնաւ չնայեցան մէկզմէկու, որովհետեւ Տիրանին կոկորդն ալ հինցած էր՝ այդ օր:
Լաճը, որ կրկին շուլլուած էր գերանն ի վեր, քանի մը րոպէ ինքզինքը զսպեց, բայց երբ պայթեցաւ «Ազգիս հայոց ազատութիւն»ը, խլացուցիչ լաց մը թող տուաւ: Մանուկին լեղին պատռած էր:
ԶԱԹՈՍԹԷ
***
Մէկուն հարցուցեր են, թէ ինչ կը հասկնայ «պատուաւուր կին» ըսելով, եւ այդ մէկը տուէր է հետեւեալ բացատրութիւնը. — «Պատուաւոր է այն կինը, որ կը պառկի միմիայն իր ամուսնին եւ յետոյ ինծի յետ»: Եսասէր ու շնական boulevardierի նոյնկերպ մտածումը ունեցայ, երբ սիրականս եկաւ իմ ծոցս մտաւ, նախ քովի սենեակը, այսինքն իր ամուսնին այցելելէ վերջ: Երկու առաւօտ է, որ չէր եկած իմ սիրականս, արեւը, լալկան երկնքին պատճառաւ, բայց ահա որ այս առաւօտ կրկին կը շողայ մեր վերեւ, կրկին բաժակաճառ կ՚արտասանէ: Պատուաւոր արեւ ես ասոր կ՚ըսեմ: Կ՚ըսեմ՝ ու սրունքներս կը պրկեմ անկողնին մէջ եւ յետոյ վերմակին վարի ծայրէն դուրս ելած մատներուս հետ կը խօսիմ ռուսահայերէնով: Մի շարժիք կ՚ըսեմ անոնց, եւ մատներս կը շարժին. շարժեցէք կը հրամայեմ, եւ անոնք կ՚անշարժանան քիթիս խնդալով: Ասկէ առաջ, իմ բազմազբաղ շրջաններուս, յաճախ կը խորհէի, որ եթէ բացարձակ հանգստի պահեր ունենամ, եթէ օրերս ամբողջութեամբ ինձի պատկանին, պիտի ամփոփուիմ իմ մէջս եւ պիտի խորհրդածեմ լիութեամբ: Պիտի ունենամ լաւ մտածումներ, ներքին որոնումներ, բայց այսօր կը խոստովանիմ, որ կատարելապէս սխալեր եմ: Արգելքը միայն զիս մղեր է որոնումի, մինչ այժմ, բացարձակ հանգիստիս մէջ դատարկ, դատարկ մէկն եմ դարձած: Մէկը՝ որ ոչ թէ կը խօսի իմաստասէրներուն եւ հին թէ նոր տեսութեաններուն հետ, այլ ռուսահայերէնով զրոյց կ՚ընէ իր ոտքին մատներուն հետ: Ամօթ բան է սա, բայց ես չեմ ամչնար, քանի որ հարուստ եմ: Ըսել կ՚ուզեմ` երջանիկ եմ: Երջանիկ եմ շատ մը պատճառներով, եւ նաեւ իմ պաշտելի արեւիս համար, որ ականջս շոյեց երկարօրէն, յետոյ անոր ետեւն անցաւ ոսկէ գրիչի մը պէս եւ այժմ ինկեր է գետին ու կը պղպջայ: Իր լուսեղէն սիւնը գացեր է կարասիիս վարի դարակին բռնիչին պլլուէր է եւ կարծէք կ՚ուզէ քաշել դարակը: Բայց արեւ, անոր մէջ կան միայն լաթէ իմ հին ոտնամաններս: Հագնիլ կ՚ուզես զանոնք, եւ ճամբորդել այս առաւօտին մէջ: Արեւ, արեւ… մտիկ մի ըներ, ըսելիք չունիմ: Կ՚ուզեմ աչքերս գոցել, ժպտիլ եւ ննջել միայն: Բայց ահա որ քովէն, այսինքն արեւի ամուսնին սենեակէն իմ անունս կը պոռան եւ պատը կը ծեծեն: Կէտ մը. — Հայը շատ խաբուած է Եւրոպացիներէն եւ ես չեմ ուզէր այլեւս խաբուիլ։ Գիտեմ, թէ երբ որ պատուհան ելլեմ, Ֆաննին գաւաթ մը ջուր պիտի նետէ քթիս բերնիս, ինչպէս որ ըրաւ ասկէ առաջ, երկու անգամ:
Դուրս նետուեցայ անկողնէս` «կու գամ կոր» պոռալով եւ գացի դէպի պատուհան շատ հնչեղ եւ կանոնաւոր քայլերով՝ որպէսզի Ֆաննի անոնց վրայ չափէ իմ պատուհան ժամանումս: Բայց անմիջապէս, որ հասայ անոր առջեւ, նետուեցայ թիկնաթոռիս գիրկը եւ բաց պատուհանէն դուրս ցցեցի իմ երկու մերկ ոտքերս: Բարեկամուհիս իր աճապարանքին մէջ զանոնք իմ գլուխս կարծեց, եւ խեղճերը ջուրի ապտակը ստանալով սարսռացին: Գրեթէ միաժամանակ ոտքի ելայ եւ յաղթականօրէն սկսայ հեգնել Ֆաննին, որ թէեւ դժգոհի ծամածռութիւն մը ունէր, բայց որ կը ժպտէր իր բոլոր ակռաներով եւ պարապին մէջ կը թոթուէր գագաթը: Ըսի իրեն.
— Համեստափայլ օրիորդ Ֆաննի Ֆուռնիէ, տակաւին րոպէ մը առաջ կը պնդէի, թէ դուք իմ արեւիս ամուսինն էք, լուսաճաճանչ էակ մըն էք, բայց այժմ, կ՚աղաչեմ, թոյլ տուէք որ փոխեմ տեսակէտս: Ստորին արարած, կ՚ուզէիր զիս նորէն խաղի բերել… ոչ, պզտիկս, ոչ. ահաւասիկ, որ ես ինքս կը խաբեմ քեզ ու կը պարտադրեմ, որ դուն ըլլաս իմ աղախինը… ոտքերս լուացող աղախինը…
Խօսքս դեռ չէի աւարտած, երբոր երկրորդ գաւաթ մը ջուրը, զոր Ֆաննի իր ետեւը կը պահէր, ստացայ քթիս բերնիս: Մանաւանդ յաջորդող անպատկառ խնդուքէն խարազանուած` պատուհանէն դուրս նետուեցայ ակնթարթի մը մէջ եւ, բեռկոլայի գերաններուն վրայէն ցատկոտելով, մտայ Ֆաննիի սենեակը: Կը ճչայինք երկուքս ալ, եւ երբոր զայն նետեցի անկողնին վրայ, Ֆաննին բիժամայիս ծայրովը երեսս սրբեց ըսելով… չեմ յիշէր, թէ ինչ ըսիր, բայց անուշ էիր Ֆաննի, առաւօտին պէս քաղցր էիր իմ Ֆաննի:
………………………………………………………………
Երկարօրէն նայեցայ այդ երիտասարդ միսին, մերկ բազուկին եւ տրտմեցայ: Կ՚ուզէի Ֆաննի էն ըսել, թէ չեմ վախնար մահէն, ընդհակառակն` կը փափագիմ զայն, բայց գաղափարը, թէ մեռնելով պիտի բաժնուիմ Ֆաննիէս, զիս կը յուսահատեցնէ: Բաժնուիլ, վերջնապէս բաժնուիլ… կ՚ուզէի ըսել շատ բաներ մեկնումի երեկոներուն վրայ բայց չէի համարձակէր խօսիլ, որովհետեւ Ֆաննի գուշակած էր իմ ներքին վայրէջքս եւ քթէս քաշելով կ՚ըսէր— «վերադարձիր, սիրական, վերադարձիր մութ աշխարհէդ, սիրական»: Գիտէր, թէ յոռետես եմ ես, մանաւանդ շուտով յուսալքուող՝ եւ ամէն անգամ որ նշմարէր իմ անկումս, կը ջանար զիս բարձրացնել դէպի իր ամուսինը, դէպի արեւը: Մութ աշխարհս ինք երբեմն կ՚անուանէր «տխուր լաբոռաթուառ» եւ ես այդ ճշգրիտ անուանակոչում ով կը տեսնայի, թէ ան շատ լաւ ծանօթ է նաեւ ուրիշին, թէ այլեւս ինծի համար մտերիմ ու ծածուկ վայր մը չէ: Այս իրողութիւնը եւս պատճառ կ՚ըլլար, որ լքեմ իմ անպատսպար անկիւնս եւ վերադառնամ դէպի Ֆաննին: Ատենուան մը համար:
Չեմ գիտէր, թէ որքան ժամանակ դեռ պիտի յամենայինք անկողնին վրայ, եթէ չբարձրանար օրիորդ Գրիստինի ձայնը: Ան զիս կը փնտռէր սենեակիս մէջ, եւ մենք ստիպուեցանք աճապարանօք յարդարուիլ եւ զինքը կանչել ասդին: Օրիորդ Գրիստին աղուորցեր է այս առաւօտ հիւանդապահուհիի իր սպիտակ շապիկին մէջ, եւ ինքն ալ գոհ է արեւէն: Երբ պատրաստութիւններ կը տեսնէր զիս ասղնտելու համար, մտերմիկ յանդիմանութեամբ մը ըսաւ ինձ.
— Գէշ տղայ, ամէն առաւօտ կու գամ ես ձեզի ուժ բերել, որպէսզի ժամ առաջ առողջանաք, եւ դուք իմ տուած ուժս կը վատնէք հոդ…
«Հոդ» ըսելով ցոյց կու տար անկողնին վրայ երկարած Ֆաննին, որուն հետ ունեցած յարաբերութիւններս շատ ծանօթ էին իրեն: Ես անմիջապէս բացականչեցի.
— Կորսուած ենք, Ֆաննի, կորսուած ենք… Հիմա որ հիւանդապահուհիս հասկցաւ մեր յարաբերութիւններուն բնոյթը, կորսուած ենք: Որպէսզի մեր սիրաբանութեան լուրը չտարածուի, պէտք չէ թողունք, որ օրիորդ Գրիստինը ասկէ ողջ դուրս ելլէ: Տուր դանակդ, որ սպանեմ զինքը:
Եւ հիւանդապահուհիին ծոծրակէն բռնելով` պատրաստուեցայ սպաննել զայն: Ֆաննին ըսաւ, թէ կարելի չէ սպաննել, քանի որ այսօր մազայարդարին պիտի երթայ Գրիստինն, այլ կաշառել՝ որպէսզի չխօսի: Եւ բերաւ իր շաքարի տուփը: Ասեղին մուտքը բնաւ չզգացի յետոյքիս մէջ, այնքան որ անփոյթ էի եւ գոհ այդ առաւօտ: Դեռ կը յամառիմ առաւօտ կոչել առաւօտեան տասը, բայց այդ այն ժամն է, երբ նոր ոտքի ելած են հիւանդները, մերինին նման պանդոկ-սանաթոռիոմներուն մէջ:
………………………………………………………………
Թէ որովհետեւ հիւծախտը սեռային ախորժակը կը գրգռէ, թէ որովհետեւ հիւանդները բոլորն ալ երիտասարդներ են, որոնք ամբողջ օրը ընելիք չունին եւ կը ձանձրանան, մերինին նման ապաստարաններուն մէջ սանձարձակ կը քալեն սեռային յարաբերութիւնները: Այդ իսկ պատճառով անպակաս են բախում, խզում, տագնապ: Բայց ես շատ քիչ անգամ հանդիպեցայ փոթորիկի, որովհետեւ բաժակը կը լեցուէր հետզհետէ, բախումն անխուսափելի կը թուէր, մենք կը պատրաստուէինք պայթումին, բայց ահա յանկարծ կ՚անցնէր սեւ ամպ մը: Այսինքն մէկը կը մեկնէր, կամ արիւն կը փսխէր, կամ ջերմ կ՚ունենար: Յանկարծական եւ բացարձակ հաշտութիւն: Պանդոկը կը լռէր անմիջապէս, եւ կիրքերը կը խաղաղէին մութին պատճառաւ որ կը պտղի:
Հիմա ալ, երբ ես կը սկսիմ գրել այդ անցեալ կեանքի վրայ, եւ զանազան ապրումներ գլուխ ցցելով կ՚աղմկեն, յանկարծ իմ մէջս ալ սեւ ամպ մը կ՚անցնի, արիւն կ՚երթայ կարծէք, եւ ես կ՚ուզեմ լռել անմիջապէս: Չգրել, բայց չվերյիշել մանաւանդ: Կարճ, շատ կարճ կերպով միայն կ՚ուզէի խօսիլ տիկին Պէաթրիսի վրայ, բայց ահա որ մէկ առաւօտեան մէջ մխրճումս վտանգաւոր դարձուց յիշողութեան ճամբաները: Բայց եթէ երբեք խօսեցայ այդ առաւօտեան վրայ, պատճառն այն է, որ տիկին Պէաթրիս ժամանեց Զաթոսթէ սոյն օրը, ճիշդ կէսօրին:
Երբ որ պարոն Աթունը դեռ ողջ էր, երբեմն կ՚երթայի իրեն ու կ՚երկարէի իր մօտ, պատշգամին վրայ: Այդ պատշգամը պարապին մէջ կախուած ըլլալու երեւոյթն ունէր շնորհիւ իր դիրքին, քանի որ իր առջեւ կը տարածուէր մեր գետին կազմած կրկէսը: Մէկ քանի անգամներ պատահած է որ երբ այդպէս երկարած ակնարկս մխրճած եմ ընթերցանութեան մը մէջ` յանկարծ ցնցուիմ մէկու մը անաղմուկ ժամանումի պատճառաւ: Իրաւ ալ վարենք գետնին եզերքը ապաստանած կայարանէն կը բարձրանար կանգ առած վայրաշարժի մը ծուխը, եւ ակնարկս հակառակ իր զբաղումին, կը նշմարէ այդ մութ սիւնը, որ կը ցցուի առանց լուր տալու: Ճիշդ այդպէս է, որ ցնցուեցայ, երբ դէմ առ դէմ եկայ տիկին Պէաթրիսի հետ, պարտէզի դրան մէջ: Իր մութ հագուստներով, իր նիհար կազմով եւ բարձր հասակով մուխը կը յիշեցնէր ու կը պատճառէր դժգոհութեան զգացում մը: Անոր պէս պիտի ցնդէր կարծէք այնքան որ թեթեւ էր քալուածը, գրեթէ բոլորովին անլսելի: Երբ ճաշարան կը մտնէինք կէս ժամ վերջ, Ֆաննի, մեր պանդոկին ամենահին բնակիչը, մեծ ուրախութեամբ ընդունեցաւ նորեկ տիկինը, եւ ես դիւրութեամբ կռահեցի, թէ տիկին Պէաթրիս անցեալ տարուան յաճախորդներէն մէկն է: Ֆաննիի ուրախութիւնը զիս ալ ուրախացուց, բայց կէսօրէ վերջ քիթս կախեցի, որովհետեւ երկու բարեկամուհիները իրար մօտ մնալով` ես զրկուեցայ Ֆաննիէս:
Մարսողական թղթախաղէն յետոյ, երբ ամէն ոք գնաց անշարժանալ իր մահիճին վրայ գիւռը ընելու համար, իմ խելքիս պիտի դար: Ջղագրգռուեցայ արտակարգօրէն, դարձայ ու դարձայ սենեակիս մէջ եւ ապահովաբար նորէն ինքնիրմէս ելլելով աւանակութիւն մը ընէի, երբ նշմարեցի Ժէժէնը: Պարտէզի պատին տակ անոր գաղտագողի յառաջացումը շատ խօսուն էր ինծի համար: Գացի միացայ իրեն եւ անմիջապէս իր պիւկաթթին նետուելով փախանք գիւռէն ու մեր աճապարանքի մէջ ճզմեցինք պարտիզպանի մէկ դոյլը։ Նախ մէկ մէկ բէռնոյով եւ յետոյ արագութեամբ ոգեւորուեցանք: Սարէ սար նետուող ճամբաները կախօրրաններու պէս մեզ զուարճացուցին, աչքերնիս կիսախուփ` գիւղեր կառուցանեցինք ակնթարթի մը մէջ եւ վերջապէս հասանք սպանիական սահմանագլուխը: Ժէժէնը Պրըթոն է եւ խենթ է։ Մեծ դժուարութիւն քաշեցի զինքը զսպելու համար, որովհետեւ ոչ միայն կ՚ուզէր Սպանուհի մը ճաշակել, այլ նաեւ ապսէնթ խմել: Բայց աւելին կայ: Կը համարձակէր արեւին տակ մնալ` առանց հովանոցի եւ առանց գլխարկի: Անմոռանալի է ինձի համար այդ արեւոտ օրուան մեր արշաւը եւ եթէ երբեք Փիրէնեան կիրճերու վեհութիւնն այնքան լիութեամբ դրոշմուած է մէջս, կը պարտիմ Ժէժէնի:
Գիշերը, սակայն, հրճուանքս եւ խանդավառութիւնս կորսուեցան ամբողջութեամբ, պարզ այն պատճառով որ տիկին Պէաթրիս սկսաւ քալել գլխիս վրայ: Ան գրաւած էր 21 թիւ սենեակը, այսինքն ճիշդ իմ սենեակիս վրայինը եւ այժմ անքուն՝ կը դառնար ու կը դառնար: Անկողնիս վրայ զգետնուած (բառին իսկական առումով), թեւերս տարածած վերմակին վրայ եւ ակնարկս միշտ բաց պատուհանէն դուրս` կը յուսահատիմ, կը յուսահատիմ անվերջ: Կը ջանամ միտքս զբաղեցնել ուրիշ տեղ, այսինքն կը ջանամ ճշդել թէ ատենը անգամ մը լսուող հազը որին կը պատկանի, բայց առաստաղին հնհնուքը զիս կը գրաւէ ամբողջութեամբ: Աստուած իմ, շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչ ըսել է սանաթոռիոմի մէջ առաջին գիշերը անցընել, բայց վերջապէս, նորեկ մը չէ այս կինը: Ես աւելի գէշը ըրի երբ Ժամանեցի հոս: Փորձեցի անձնասպանութիւն: Բայց պատուհանէս ներխուժեցին պարտէզի ծառերը, որոնք ծառի չէին նմանէր այլեւս, օրուան մէջ տեսած հիւանդներս որոնք մարդու չէին նմանէր այլեւս, եւ չորս կողմէն բարձրացող այն հազը որ ոչ մէկ աղերս ունի սովորական հազին հետ: Վերապրեցայ, անասելի յստակութեամբ, ջարդը, աքսորը, ծնողքիս մահը, ըսի, թէ յիմարութիւն է ջանալ բժշկուիլ, երբ թոքախտէն մարդ չազատիր, թէ անմարդկային բան է չարչարել եղբայրս, որն այնքան պիտի նեղուէր Փարիզէն ինձ դրամ հասցնելու համար: Ոչինչ, ոչինչ այս խորհրդածութիւնները որոնք նոր չէին ինձի համար, բայց կար ուրիշ բան: Բան մը, որ զիս ստիպեց փլիլ տեղ մը, գետինը, ըստ բախտի անկիւն մը: Բայց անմիջապէս ոտքի նետուեցայ, որովհետեւ ամէն կողմ մանրէներ կը զգայի եւ չէի համարձակեր որեւէ բան բռնել: Եւ ահա կախուած վերարկուս սկսաւ շարժիլ: Ուրուական եղած էր: Յաջողեցայ զայն խլել իր կեռէն, պլորեցի եւ ուզեցի պահել տեղ մը: Բայց ուր: Դարձայ ու դարձայ ինչպէս տիկին Պէաթրիս կը դառնայ, եւ մտածեցի զայն դնել պահարանը: Չկրցայ դուռը բանալ, որովհետեւ ոչ բռնիչ ունէր եւ ոչ ալ բանալի: Անոր հայելիին մթութեանը մէջ տարտամօրէն տեսայ ինքզինքս քրտինքով փայլուն եւ անճանաչելի, ու այնքան սարսափեցայ, որ պատրաստ էի դուռը խորտակելու: Երբ զայն ներս հրէի, քիչ մը կ՚երթար, բայց դուրս չէր գար:
Այդքանն արդէն ապացոյց էր, որ կղպուած չէր, այլ սեղմուած: Շնորհիւ մկրատիս եւ դանակիս (պայուսակս տակնուվրայ ըրի զանոնք գտնելու համար) կրցի բանալ վերջապէս եւ աւելի վախցայ: Պահարանը լեցուն էր բերնէ բերան: Այն ատեն միայն միտքս եկաւ, որ պանդոկապետն ըսած էր, թէ առժամանակեայ կերպով միայն այդ սենեակն ինձ կը տրամադրէ, որովհետեւ անոր բնակիչը քանի մը օր պիտի բացակայի: Զգեստներ, շիշէր, գիրքեր, շատ բան: Նամակ մը` «Սիրական պզտիկ Ժէժէնս»: Մայր, մայր մըն էր գրողը: Հոդ է, որ ատրճանակը գտայ եւ, անկողնիս վրայ նետուելով` կրակեցի բերնիս մէջ:
Երիտասարդ սպասուհին` Իւռսիւլը, երբ դուռս բացեր է յաջորդ առաւօտեան նախաճաշս տալու համար, զիս գտեր է մահճակալին վրայ երկարած, կիսամերկ, ատրճանակ մը ձեռքիս մէջ եւ ամէն տեսակ առարկաներ` գետինը: Սուր ճիչ մը, եւ ձեռքի ափսէն գետին իյնալով կը փշրուի մինչ ես կ՚արթըննամ ընդոստ: Հակառակ երկարատեւ փորձերուս` չէի կըրած ատրճանակը աշխատցնել, եւ առաւօտեան դէմ քունս տարած էր վերջապէս:
Ամբողջ պանդոկը խնդաց եղելութիւնն իմանալով, եւ անոր բնակիչները վրաս վազեցին անճարակութիւնս շնորհաւորելու համար: Այդպէս է, որ անմիջապէս բարեկամացայ գիշերուան բոլոր հազերուն հետ: Եւ ներկայացուցի ինքզինքս:
— Միշէլ, հայ սափրիչ:
…Վերադառնալով տիկին Պէաթրիսի ան ապահովաբար աւելի երկար ատեն քալեց իմ քնանալէս վերջ եւ երբ յաջորդ օրը Ֆաննի երկուքս իրարու ներկայացուց, ճչացի: Տիկինը հայ էր: Անունը կը մատնէր ոչ միայն իր ազգութիւնը, այլ նաեւ կրօնքը։ Կաթոլիկ:
Անմիջապէս ըսեմ թէ՝ այնքան ատեն, որ ապրեցայ տիկին Պէաթրիսի մօտ բնաւ տպաւորութիւն չունեցայ քովս ազգակից մը ունենալու: Օտարացած մըն էր ան: Իր գիտցած երկուք ու կէս հայերէն բառերն այնպէս մը կը գործածէր, որ ես կը նախընտրէի բնաւ չխօսիլ մեր լեզուով: Եւ յետոյ բնաւ լուր չունէր հայկական կեանքէ. ու հայ համայնավարները— որով նաեւ զիս, կը նկատէր գազաններ: Սա չափը միայն գիտեմ, թէ այժմ Եգիպտոս հաստատուած էր իր ընտանիքը, իսկ անկէ առաջ` Վիեննա:
Տիկին Պէաթրիսի ժամանումով մէջս սկսաւ մտապաշարում մը: Ճգնեցայ կնոջ տառապանքին պատճառը գիտնալ: Շատ տարօրինակ պիտի հնչէ այս խօսքս, քանի որ հիւծախտաւորի մը տառապանքին պատճառը բացորոշ կը թուի: Բնաւ երբեք: Հիւանդները առաջին օրերու տագնապէն վերջ կը վարժուին (տիկին Պէաթրիս կը դարմանուէր չորս տարիէ ի վեր) եւ գրեթէ բնաւ անոնց դէմքին վրայ չերեւար այն գալարումը, որ կար Հայուհիին վրայ: Հիւծախտաւորները բոլորն ալ մեղմ արարածներ կը թուէին ինձի, թեթեւ շարժուձեւերով, թեթեւ խօսուածքով եւ յաւիտենական թեթեւ ժպիտով մը, որ այնքան յուզիչ է: Միայն այս կինն է, որ ունէր գալարուն դիմագիծ մը:
Քեօռ կապ եղած դիմագիծ մը:
Ջղային, վախկոտ, դիւրազգած, մարդէ փախչող: Կամ իր ասեղնագործութիւնը, կամ Ֆաննին: Ուրիշ ոչ ոքի ձեռք կ՚երկարէր: Անշուշտ ես ալ ուրիշներու պէս կրնայի խուսափիլ այս անհամ էակէն, բայց գանկիս մէջ կար միշտ իր ոտնաձայնը, որ թէեւ դիտողութեանս վրայ լռեց քանի մը օր, բայց վերսկսաւ կրկին:
Մառթէնը եւ ես ունէինք նախասիրած անկիւն մը, նեղ արահետին մէջ, կասկենիներուն տակ: Կը նստէինք հոդ եւ նախանձով կը դիտէինք առողջ բազուկներուն աշխատութիւնը կահագործարանին մէջ: Կը սիրէինք տաշեղին փրփուրը, քերիչին այն սահանքը, որ անբացատրելի հեւք մը կու տայ սրտին: Կալ ասիէ աւելի դագաղ է, որ կը շինէին հոն, քանի որ, կ՚ըսեն, օրական 18-էն 20 մահ կայ Զաթոսթէի մէջ: Երբ առանձին ըլլայի հոն, եւ աշխատաւորներն ալ հետս խօսքի չբռնուէին, կը խորհէի այնպէս՝ ինչպէս բադը կը լողար: Երեսէն: Ամբողջ շաբաթներ վերագրումներ ըրի տիկին Պէաթրիսի տառապանքին վրայ, անշուշտ ապարդիւն կերպով: Նեղսրտեցայ` տակը իջնալով: Ներկայ ցաւերը կը թուէի մէկ առ մէկ, բայց կը տեսնէի թէ անոնցմհ ոչ մէկը կը պատշաճի տիկնոջ: Ունէինք սիրուն մադամ Լըմուանը, որ կը խենթանար իր երկու մանչուկներուն վրայ եւ պատեհութիւնը չէր փախցնէր իր պայուսակը բանալով անոնց լուսանկարները ինձ ցոյց տալու: Մէկուն անունը Ռընէ էր, միւսինը` Ֆինէթ: Մէկը սանկ էր, միւսը նանկ: Մէկը նամակ կը գրէր իր մամային, միւսը տակաւին միայն խաչ կը քաշէր այդ նամակին տակ: Եւ մադամ Լըմուանի ժպիտը կը դողար արցունքի մը պէս, եւ կը դողային իր մատները, նուրբ, թափանցիկ, շատ թափանցիկ:
Ունէինք մէսիէօ Աթթիմոն մը, որ կը տառապէր դրամի պակասէն: Ինձ կ՚ըսէր, թէ ահագին զոհողութիւններէ վերջ մեծ բարելաւում ձեռք ձգած է, բայց այժմ պիտի ստիպուի մեկնիլ աշխատութեան, մինչ քիչ մը եւս դրամ` զինքը փրկած պիտի ըլլայ վերջնականապէս։ Մանաւանդ կային անոնք, որոնք սիրուհի մը կամ ամուսին մը ձգած էին Փարիզ եւ կը զգային, թէ այս երկարատեւ բացակայութեան մէջ անոնք պիտի չմնան հաւատարիմ: Այս պարագաներէն որը կը պատշաճէր հայ կնոջ տառապանքին:
Այս խորհրդածութիւններս կը կրկնէի Ֆաննիի, որ զիս կը լսէր ժպիտով, գլխի ճօճումով, կու տար անօգուտ պատասխաններ, բայց գոնէ անվնաս էր իր հակազդեցութիւնը: Նոյնը չըրաւ ուրիշ մը, որուն իմ մտածումներս կրկնելու սխալը գործեցի: Այս ուրիշը լուսանկարիչ Շառլն էր, Հայ մը (այս անգամ իրական), Փարիզի իմ մէկ բարեկամս (ես իր սափրիչն էի), որ այժմ մօտս գտնուելով աւելի սիրելի եղած էր ինձ: Ան կը բնակէր Գամպօ, այսինքն Պիառիցի եւ Պայեօնի միջեւ, ժամանցի այո, երկու քաղաքներուն մէջ ալ աշխատելու համար: Շառլ երբեմն կու գար Զաթոսթէ իր վարպետին կառքով, որուն վրայ մեծ տառերով գրուած էր իրենց հաստատութեան անունը: Շատախօս, աղմկարար եւ ճշմարիտ Սկիւտարցիի մը պէս սուտի սիրահար այս մարդը (երեսուն մը կար) սովորութիւն ունէր հանդիպածին մակդիր մը փակցնելու եւ տիկին Պէաթրիսը կը գոչէր — Օրիորդ Յոբ Երանելի: Օր մը բացէիբաց ըսաւ անոր.
— Օրիորդ… ներեցէք, տիկին, այս բարեկամիս տէրտ եղած է եւ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ինչ ունիք: Որովհետեւ դուք բան մը ունիք:
Վայրկենաբար շառագունեցաւ կինը եւ վախնալով, որ ծանր խօսք մը կ՚ըսէ, ես զինքը կանխեցի անմիջապէս եւ սկսայ «կանաչօրէն» յանդիմանել Շառլը: Ինձի անախորժ թուած էր նաեւ իր կարծեցեալ շփոթութիւնը օրիորդին եւ տիկինին միջեւ: Իրաւ է, թէ Հայուհին օրիորդի մը նմանելու չափ նուրբ էր, բայց տարակուսէ վեր է, թէ շփոթութիւնը ըսել կ՚ուզէր ինձ ուրիշ բան:
Այսօր, երկու տարի վերջ, այլեւս չեմ համարձակիր մեղադրել լուսանկարիչ բարեկամս, որովհետեւ կը խորհիմ, որ տիկին Պէաթրիսի պէս մէկը գթալու եւ սիրելու համար անհրաժեշտ է քիչ մը երկար ատեն մնալ անոր մօտ: Որպէսզի հաւատանք անոր տառապանքին իրականութեան: Այսպիսիներն իրենց թթուած դիմագիծերով, «անյաջողութիւն» բերող արտայայտութեամբ՝ անմիջապէս լաւագոյն զգացումներ չեն կրնար ներշնչել: Կ՚երթանք նոյնիսկ խորհելու, թէ եթէ այդ անձերը կը տառապին, պատճառն իրենց յոռի խառնուածքն է, որ փորձութիւններ միայն կրնայ իր վրայ քաշել: Միթէ ես նոյն անգութ վարմունքը չունեցայ սկզբի օրերը եւ կատարելապէս իրաւունք չտուի ֆրանսացի բարեկամներուս, որոնք աննպաստ կերպով կ՚արտայայտուէին տիկնոջ վրայ: Գալով դրուած մակդիրին, ատոր համար իսկ մեղադրելի չէ լուսանկարիչը, քանի որ ինք Հայուհի չէր ճանչնար եւ իմ տուած աննպաստ տեղեկութիւններուս վրայ հիմնուելով է, որ այդպիսի որակում մը տուաւ:
Կարծեմ այս պատահարէն երկու օր վերջն է, որ ստացայ հետեւեալ նամակը: Կ՚ընդօրինակեմ, քանի որ պահած եմ.
«Իմ Միշէլ սիրական,
«Ճանչնալով գիրին զօրութիւնը խօսքին վերայ, փափագս հոս կ՚արձանագրեմ` քանի մը անգամներ զայն քեզ կրկնելէ յետոյ: Կը փափագիմ քեզ տեսնել տիկին Պէաթրիսի աւելի մօտ, աւելի պաշտպան, աւելի ներողամիտ: Գիտեմ, թէ ան քեզ կրկին նեղացուց երէկ, շունին պատճառաւ, ինչպէս որ վարինները նեղացուց անտեղիօրէն, Ֆօնոյին պատճառաւ: Բայց դուն եղիր ներող: Կրնայ ըլլալ, որ ես մեկնիմ օր մը, եւ գիտցիր դուն է, որ տիկին Պէաթրիսի մօտ պիտի կատարես այն դերը, զոր ես այսօր կը կատարէ: Ան պէտք ունի նեցուկի մը` մեզմէ աւելի: Եղիր այդ նեցուկը՝ իմ սիրական»:
Հակառակ որ մեր սենեակները առընթեր էին, կը սիրէինք թղթակցիլ Ֆաննին ու ես: Շատ անգամ առաւօտուն կանուխ Իւռսիւլը կը բերէր Ֆաննիին նամակը նախաճաշիս հետ եւ իր յաւիտենական զուարթութեամբ կ՚ըսէր ինձ ասոր նման խօսք մը.
— Այս անգամ վերջին անգամն է: Եթէ յամառիք նորէն դրոշմաթուղթ չփակցնել ձեր նամակներուն վրայ, տուգանք կ՚առնեմ: Ոչ, չինական դրոշմաթուղթ չըլլար:
Գալով Ֆաննիի ակնարկած շան պատահարին, իրաւ ալ նախորդ օրը սաստիկ նեղացուց զիս տիկին Պէաթրիս: Մեղքդ քաշեմ` ես շատ կ՚ախորժիմ շունէ: Եւ չափազանց համակրելի է մեր պանդոկապետին մեծ «Լուքս»ը: Զայն դրած էի կախօրրանին մէջ, «ճօր-ճօր, պար-պար» ըսելով` կ՚օրօրէի, եւ սաստիկ կը զուարճանայի դիտելով շան վիճակը: Հաչեր է եղեր…։ Հարկաւ պիտի հաչէ, քեզի ինչ կ՚ըլլայ կոր, օրիորդ Յոբ Երանելի:
Գաղտնիքը պարզուեցաւ: Աթթիմոնը ինձ տուած էր Մէռէդիթի «Եսասէր» վէպը, եւ եւ այնքան գոհ մնացի երկհատոր այդ երկէն, որ զայն փոխանցեցի անմիջապէս Ֆաննիին: Կը յիշեմ: Կէսօրէ վերջի գիւռը կ՚ընէինք Ֆաննի եւ ես` քով քովի իր անկողնին վրայ երկարած: Իմ ընթերցանութիւնս շատ շուտով ստիպուեցայ ձեռքէս թողուլ, որովհետեւ Ֆաննի մեծ յուզումով գիրկս նետեց «Եսասէր»ը, ըսելով, թէ չուզէր աւելի հեռուն երթալ: Ինչ կը պարունակէին սկզբի այդ քանի մը էջերը, որոնք զինքը ըմբոստացուցած կին: Անգլիացի վիպասանն իր հերոսը ներկայացացած միջոցին կ՚ըսէր, թէ ան շատ կանուխ տարիքէն ձեռք ձգած էր դանակ գործածելու արուեստը: Այսինքն թէ ան, եսասէրը, գիտցած է միշտ կտրել իր շուրջի այն ճիւղերը, որ արգելք պիտի ըլլան իր կատարեալ փթթումին, զօրացումին: Մէկ խօսքով` կրցած է իրմէ հեռացնել իր ընտանիքին եւ գերդաստանին այն անդամները, որոնք իրեն օգտակար չեն կրնար ըլլալ բարոյապէս կամ նիւթապէս: Ընդհակառակն: «Դանակ, դանակ» կ՚ըսէ միշտ եսասէրը, վանելով եւ ուրանալով «աղքատ» արենակիցնէր:
Տիկին Պէաթրիս հիւանդ չէր: Իրաւ է, թէ չորս տարի առաջ ունեցած էր հիւծախտի սկզբնաւորութիւն մը, բայց անմիջապէս Եւրոպա գալով հետեւած էր կանոնաւոր դարմանումի եւ բժշկուած էր կատարելապէս, Միայն թէ, — հոս է որ կը սկսի ողբերգութիւնը, — զինքը այլեւս տուն չէին ընդունած: Կը նախընտրէին միշտ բաց պահել ծախսի այդ մեծ դուռը, բայց տան մէջ չունենալ հիւծախտաւոր մը:
Ծիծաղելի ըլլալու չափ պարզ կերպով դրեցի այս տողերը, բայց կատարեալ փոթորիկ մը փրցուցի այն օրը, երբ Ֆաննի զանոնք ինձ արտասանեց: Ես այս տեսակ բան ըմբռնելու անկարող էի: «Քսանչորս տարեկան ես, բայց դեռ մանուկ ես»— կ՚ըսէր ինձ Ֆաննի եւ կը պատմէր:
Բժշկուելէ վերջ տիկին Պէաթրիս դարձեր է Եգիպտոս եւ իրեն համար սկսէր է գողգոթայ մը: Նախ գիշերօթիկ վարժարան ղրկելու պատրուակին տակ տունէն հեռացուցեր են իր մանչը, որովհետեւ «այլեւս տունը սանաթոռիոմ է» եւ յետոյ ձեռք առէր են նախազգուշական միջոցներ՝ չվարակուելու համար: Լաւ բան. բայց ուշադրութիւն մը այդ բոլորին մէջ` բացայայտ, ծայրայեղ, վիրաւորիչ: Իր ամուսինն ու անոր քոյրը իրար հետ մրցումի ելեր են տիկին Պէաթրիսի հասկցնելու համար, որ դեռ չէ բուժուած, թէ բժիշկները յիմարներ են, թէ «կոյր մը անգամ կրնայ տեսնել վիճակդ, պէտք է որ դեռ մնայիր»: Եթէ բարեկամ մը կամ դրացի մը իր այցելութիւնը ուշացուց՝ «նայէ, անոնք ալ մեր տունը ոտք չեն կոխեր այլեւս: Հարկաւ: Թոքախտաւորին տունը ով կ՚երթայ, ես ալ ըլլամ` չեմ երթար»: Այսպէս կը խօսի եղեր այդ տալը, անխուսափելիօրէն աւելցնելով, որ Պէաթրիս իր գերդաստանով արդէն հիւանդ է: Ամենափոքրիկ տկարութիւն մը անխուսափելիօրէն վերագրեր են մեծ ախտին եւ հալածանքը տարեր են մինչեւ հոն, ուր այլեւս կինը նախամեծար նկատեր է վերադառնալ Ֆրանսա: Շրջէր է ապաստանէ ապաստան, այսինքն Կռաս, Պօլիէօ, Փօ, — եւ այժմ եկեր է նորէն մեր մօտ: Կը հուսայ, միշտ կը յուսայ, որ իրենները այլեւս պիտի համոզուին, պիտի ըմբռնեն, թէ բժշկուած է եւ զինքը տուն առնեն:
(Մինչ Ֆաննի կը խօսէր, կը խորհէի, որ Մէրէտիթ միակ դրդապատճառը չի կրնար ըլլալ այս խոստովանութեան: Ապահովաբար բարեկամուհիս արդէն առիթի կը սպասէր, որպէսզի խօսի, եւ այդպէսով — միակ միջոցը — զիս կապէ հայուհիին):
Ֆաննի կը պատմէր այն միակ այցելութիւնը, զոր տիկին Պէաթրիսի ամուսինը տուեր է իրենց անցեալ տարի, ամառը, եւ ես այնքան սուր ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէի, որ յստակօրէն կը տեսնէի մարդու մը շարժուձեւերը մեր այդ միջավայրին մէջ: Հիւանդագին վախ մը, խորամանկութիւններ ձեռք չերկարելու, վարանումներ սեղան նստած ատեն կնոջմէն թիզ մը հեռու մնալու եւ Զաթոսթէէն փախուստը` աճապարանօք: Օր մը նոյնիսկ մեծ վտանգ մը անցուցեր է ան սանդուխէն իյնալով, որովհետեւ չի համարձակիր եղեր բազրիքը բռնելու: «Այնքան ատեն է հոս եմ, տակաւին այդ մարդուն չափ ծիծաղելի վախկոտ չեմ տեսած» կ՚ըսէր Ֆաննի եւ կ՚աւելցնէր. «Հա, հա, հա»:
— Բայց Աստուած իմ, ինչու…
Անմիջապէս կը զգամ, թէ բացականչութիւնս որքան աւելորդ է, եւ աչքիս առջեւ կու գան Զաթոսթէի վսեմ ծառուղիները, ուրկէ անցնելու իսկ կը սարսափին շատեր, նոյնիսկ կառքով: «Տես, խորը նստող կինը քիթը գոցեր է, որպէսզի չվարակուի»: Աչքիս առջեւ կու գան նաեւ այն դիմագիծերը, որոնց հանդիպած ենք, երբ շրջակայ գիւղերը արշաւներ կ՚ընենք խմբովին, եւ այդ դիմագիծերը մասնաւոր ուշադրութեամբ մը կը նային մեզ, երբ կը գուշակեն մեր հիւանդ ըլլալը: Միշտ նոյն վախը կայ ամէն կողմ որ ատելի կը դառնայ երիտասարդներուն եւ պարզամիտներուն մօտ մասնաւորապէս, որ չծածկուած ուշադրութեամբ մը կը նային մեզ` մահապարտներուս:
Պահեր կան, կ՚ըսէ Ֆաննի, երբ տիկին Պէաթրիս կ՚արդարացնէ իրենները եւ կ՚ըսէ թէ անհրաժեշտ է, որ իր հեռացումով ապահովցնէ զանոնք: Բայց շուտով գլուխ կցցէ իր սէրը զաւկին հանդէպ, իր ամուսնին եւ օջախին հանդէպ եւ կը սկսի մեղադրել ամէն ոք` սկսելով տալէն:
Մտածումիս ուղղութիւնը փոխելով` կը խորհիմ, որ թերեւս շատ ալ մեղադրելի չեն այդ Եգիպտահայերը, եւ թէ տիկին Պէաթրիս է, որ կը սխալի` ինքզինքը բժշկուած կարծելով: Պէտք է նկատի ունենալ սա պարագան, թէ հիւծախտաւորներուն մեծ մասը յուզիչ սովորութիւնն ունի ամէն առթիւ ըսելու. — «բայց պարոն, ես այլեւս բուժուած եմ, ունեցածս արդէն ոչինչ բան մըն էր, հազիւ թէ սկզբնաւորութիւն մը»:
— Երբեք, — կը ճչայ Ֆաննի, — իր կարծիքը չէ, այլ բժիշկներուն կարծիքը: Տոքթ. Գամինոն զինքը վռնդած է պարզապէս, ըսելով, թէ այլեւս չ՚ուզէր իրմով զբաղիլ, թէ տիկին Պէաթրիս այժմ հոգեկան խաղաղեցումի պէտք ունի միայն եւ ոչ ուրիշ բանի: Հոգեկան կատարեալ խաղաղութեան մը՝ որ միակ դարմանը կրնայ ըլլալ իր ջղայնոտութեան դէմ, որ կը մեծնայ: Տես իր սպառումը:
Մեր պանդոկին մեծ դռնէն ելլելէ վերջ կը բաւէ քանի մը քայլով կտրել անցնիլ փողոցը եւ մտնել մեր պարտէզ-պատշգամը, որ անդունդին վրայ կախուած է: Աշնան երեկոները հոն կ՚ապրիմ անմոռանալի պատեր, գոյներու համայնանուագի մը մէջ, դիտելով բլուրները, որոնք գիշերին մէջ մխրճուելու համար կը հագէին շղարշներ` հետզհետէ աւելի անթափանց: Արդար ներբողի մը պէս, անկեղծ շնորհակալութեան մը պէս բլուրները կը բարձրանան, եւ կու գայ զանոնք լսել վերջին ճառագայթը: Գետի barrageին ձայնը այլեւս լսելի կը դառնայ, եւ ես նոյն ներդաշնակութեամբ կը շոյեմ քովս իր յետոյքին վրայ նստած «Լիւքս»ին գլուխը: Չեմ կրնար չնայիլ քիչ մը անդին նստած տիկին Պէաթրիսի, որ կիսաստուերին պատճառաւ աւելի նիհարցած է ծոծրակն ի վար, որ իր ասեղնագործութիւնը լքած է այլեւս ծունկերուն վրայ ու կը շարժէ իր սրունքը ջղայնոտութեամբ: Ան ալ կը նայի բլուրներուն, ապահովաբար չի տեսնէր զանոնք ու ապահովաբար կը ճամփորդէ առանձին: Շարժող սրունքը կը ճամփորդէ առանձին, եւ երբեմն կը նայի կախ՝ յոգնաբեկ, քանի որ շատ տեղ ունի երթալիք, քանի որ ճամփան երկար է այնչափ՝ որչափ մեծ է լքումը մարդուն:
Այլեւս տարբեր կ՚երեւայ այդ էակը ինծի, եւ այդ իսկ պատճառաւ կը նայիմ իրեն պէտք եղածէն աւելի: Կը նայիմ իրեն երեւակայութեամբ ալ, բայց այս անգամ որովհետեւ ըրած վերագրումներուս ճշգրտութեան մասին տարակոյս չունիմ, կը տագնապիմ: Ինչ ընել, որպէսզի անոնք ըմբռնեն ճշմարտութիւնը: Ամօթխած մայր մըն է, վարանող, վախկոտ ու բոլորովին անճարակ: Գիտեմ, թէ ան պիտի չկրնայ նոյնիսկ ապրիլ հիւանդներէ չբնակուած վայր մը, քանի որ այլեւս սովորութիւն եղեր է, քանի որ հոս ու հոն մէյ մէկ մտերիմ Ֆաննի ունի, որոնց հանդէպ քիչ մը գորով, քիչ մը մայրութիւն տալով հաճոյք կը զգայ:
Հակառակ որ Զաթոսթէի բոլոր հիւանդներս ամբողջ օրը ընելիք չունինք, կը կարծենք զբաղած ըլլալ: Որովհետեւ մեր այս զարհուրելիօրէն բացարձակ հանգիստը պարտադիր է, որովհետեւ զայն իրագործելու համար շատ անգամ իսկապէս գերմարդկային ճիգերու պէտք կայ, կը կարծենք աշխատիլ։ Այդ պատճառաւ է, որ գրեթէ միշտ կ՚ըսենք ժպտադէմ. «Ատեն չունիմ, mon cher»: Այդ պատճառաւ է, որ կիրակի օրերը գոնէ կ՚ուզենք չաշխատիլ՝ այսինքն` աշխատիլ: Դժնդակ Կիրակիներ, երբ կէսօրին ճաշարան կ՚անցնինք բոլորս ալ հագուած-սքուած, հանդէսի մը կամ մեծ զուարճութիւններու երթալու երեւոյթը կ՚առնենք, բայց ահա որ երկուքին կրկին կը բարձրանանք սանդուխները, դանդաղօրէն, շատ դանդաղօրէն: Կ՚անձրեւէ: Միշտ կ՚անձրեւէ այս երկիրը: Քիչ մը ատեն լսեցինք սալոնէն եկող դաշնակին ձայնը, բայց ան ալ լռեց շուտով: Կը յիշեմ: Երբեք այդքան լրջախոհ չէի տեսած Ֆաննին ու կը նայէի իրեն գրեթէ վախով, երբ ան երկարած էր անկողնին վրայ, իսկ ես նստած` ոտքին կողմը:
— Ապահովաբար դիտած ես, — ըսաւ Ֆաննի, — թէ անոնք, որ դեռ նոր սորուած են պիսիքլէթ նստիլ, կը փափագին թող տալ կիտոնները: Պահ մը աւելի լաւ հաւասարակշռուելէ վերջ կը բանան իրենց կռուփը վարանումով ու կ՚ըսեն. «նայէ, նայէ, ալ չեմ բռնած»: Կը ցցեն իրենց գլուխը, բայց դուն գիտես, թէ անմիջապէս վերջ իրենց ձեռքերը կրկին պիտի իյնան ուղղիչ երկաթին վրայ: Մենք երկուքս նոյն բանը ըրինք` դէմ դէմի: Քանի անգամներ ցցեցի գլուխս, երբ երկարօրէն կը ճառէիր համայնավարութեան վրայ, Հայաստանի վերելքին, մէկ խօսքով քու նախընտրած վարդապետութեանդ վրայ։ Քանի անգամներ ցցեցի գլուխս, դէպի քեզ նայեցայ, որովհետեւ անկեղծօրէն կը ցանկայի հետդ ըլլալ նոյնիսկ մտածումներուս մէջ, բայց կրկին կ՚իյնայի իմ կիտոնիս: Դուն ալ ըրիր նոյն բանը: Գիտեմ թէ քու ըրած ճիգդ այնքան մեծ չէր, որքան իմս — քանի որ դուն ինձի հանդէպ սիրային բարեկամութիւն ունիս միայն, մինչ ես քեզի հանդէպ սէր — բայց դուն ալ գլուխդ ցցեցիր: Մէկ օր մը գոնէ լրջութեամբ մտիկ չըրիր խօսքերուս, երբ կ՚ըսէի, թէ ինձի պէս քիչ մը միստիք մէկը չկրնար լիովին գոհանալ ընկերային բարեկարգութիւններով, այլ կը փնտրէ նաեւ ուրիշ բան ան:
Կզակի շարժումով մը Ֆաննի կ՚ուզեր ցոյց տալ մահճակալի գլխուն վրայ կախուած խաչը: Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ.
— Դիւրին բան է մեզի պէսներու համար իր դէմինը ճանչնալ, ըմբռնել, երբ այդ դէմինը մեզ կը սիրէ: Խոր մղումը պատճառ կ՚ըլլայ, որ չծածկուի ան, չուզէ ծածկուիլ: Բայց ինչ որ դժուար է, ան ալ դիմացինը ըմբռնելէ վերջ անոր պէս ըլլալն է: Չենք կրնար իւրացնել անոր ըմբռնումները, հակազդեցութիւնները, ձգտումները, քանի որ մեր կարողութենէն վեր է ծնիլ երկրորդ անգամ: Այդ բոլորը մենք չենք կրնար ընտրել ըստ մեր կամքին: Այդ բոլորը ընտրած ենք արդէն աշխարհ գալով: Չեմ կրնար ըսել, թէ իմ կրօնքս ամէն բան է ըստ ինքեան, բայց ապահով է, որ ինծի համար ամէն ինչ է, քանի որ իմ էութեանս պատշաճելով զիս կը տանի իմ կատարեալ փթթումիս: Նոյնը եւ դուն` քու համայնավարութեանդ հետ: Քու կազմախօսութիւնդ զայն ընտրած է` քեզմէ առաջ: Եւ դեռ ուրիշ բաներ:
Տերեւներուն միօրինակ աղմուկը ընկղմած էր մեզ թերեւս մեղմութեամբ, թերեւս անմոռանալիօրէն, թերեւս թափանցիկութեան մը մէջ: Ջուրին ձայնը կը խմբուէր երբեմն ջերմաչափին վրայ, երբեմն Ric et Racի արձանիկներուն վրայ, հոն ուր ակնարկս կը տանէի: Կիրակի օր մըն էր ներկան, եւ ես անկարող էի այդ Կիրակին պատասխաններ գտնելու խօսքերուն, անձրեւին, ինքզինքիս: Միայն կ՚ուզէի, որ նուազ տրտմութեամբ խօսի Ֆաննին, բայց չէի համարձակէր մտածումս յայտնել, որովհետեւ անոր ձայնը չէ, որ փոխուած էր, այլ ինքը:
Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ.
— Տեսայ մարդը: Eh bien! բնաւ չար մարդ մը չէ, ոչ ալ ապուշ մը: Անշուշտ թէ իր մէջ սիրոյ պակաս կայ, բայց ոչ բացարձակ չգոյութիւն: Այո, ես նոյնիսկ վստահ եմ, թէ քիչ մը սէր ունի իր կնոջ հանդէպ, բայց չի կրնար տիկին Պէաթրիսը տուն կանչել: Չըմբռնէր ճշմարտութիւնը: Եթէ զինքը նեղը դնես հարցումներովդ, պիտի ըմբըռնէ: Բայց նաեւ պիտի վախնայ: Ճշմարտութիւն մը, որ մեզ սարսափ կ՚առթէ՝ կուրանանք գրեթէ միշտ: Կ՚անտեսենք: Ամէն անգամ որ գտնուած եմ շոգենաւի մը կամրջակին վրայ, որմերուն կողմը նայելով ուզած եմ ինքզինքիս հաւատացնել, թէ միւս կողմը ծով չկայ, բնաւ վտանգ չկայ: Եւ մարդիկ իրենց ապահովութիւնը կ՚ուզեն: Եւ մարդիկ իրենց անհրաժեշտ եղող ապահովութեան մէջ կ՚երթան կը նստին:
…Նոյեմբերի սկիզբները մեծ փոփոխութիւն մը կրեց տիկին Պէաթրիս, եւ ամբողջ պանդոկը անմիջապէս լսեց այդ փոփոխութեան պատճառը: Իր տալը Ֆրանսայ պիտի գար եւ պիտի այցելէր նաեւ Զաթոսթէ: Սպասումը երկար տեւեց, մինչեւ որ իմացանք Հայուհիին Մարսիլիայ եւ յետոյ Փարիզ ժամանումը, ու ահա որ…— այո, պէտք է ըսել բուն բառը. բոզի նմանեցաւ տիկին Պէաթրիս: Ես որ գիտէի իր գաղտնիքը, կը տեսնէի, թէ իր ամբողջ ճիգը կը կայանար ընտրելի, ներկայանալի ըլլալուն մէջ: Նոր ձեւեր առաւ, աշխուժութիւն ցոյց տուաւ, նոյնիսկ շպարուեցաւ թեթեւօրէն եւ կարեց զգեստ մը՝ որ զինքը աւելի լեցուն, աւելի գիրուկ պիտի ցոյց տար: Վերջին ծայր սրտաշարժ էր: «Քանի մը օրէն հոս կ՚ըլլայ» կ՚ըսէր, բայց ես գիտեմ, թէ մտովի կ՚աւելցնէր ինք— «արդեօք զիս պիտի տանի»:
Այս բոլորը աւարտեցաւ գէշ կերպով: Անհամբեր սպասումը ջախջախուեցաւ նամակի մը վրայ եւ տիկին Պէաթրիս ունեցաւ ջղային բուռն տագնապ մը որ զինքը երկու օրուան համար անկողին նետեց: Մեր սպասուհիները գացին զինքը մարձել, եւ ես ալ իմ գոլոնեի շիշս տարի, քանի որ Ֆաննի անկարող էր երթալու։ Այլեւս բնաւ խօսքը չեղաւ այդ տալոջ որ Ֆրանսայէն մեկնած էր առանց Զաթոսթէ գալու, յոգնութիւն, տկարութիւն եւ ձմեռ առարկելով: Մեր պանդոկէն ալ անհետացաւ բոզը եւ մնաց Յոբ Երանելին: Բնականոն կեանքերնիս ըրաւ անկիւնադարձ մը, եւ մենք հեռուն նշմարեցինք Նոր տարին: Այդ կաղանդին է, որ խոստացած էի մասնաւորաբար քաղաք երթալով Ֆաննիին շատ մը բաներ բերել, մանաւանդ կարմիր վարդեր, իր էն սիրածը: Մտքէս չէր անցներ, որ այդ ճամփորդութիւնը կաղանդէն երեք շաբաթ վերջ միայն պիտի կարենամ ընել, ան ալ բերելու համար միմիայն վարդերը: Ամբողջ ճամփու տեւողութեան գիրկս դրած էի փունջը օթոքառին մէջ եւ խօսելով հանդերձ հատ մը անջատելով տուի— կը յիշեմ— տոմսավաճառ թուխ աղջկան: Երբոր պանդոկ հասայ, մութը իջած էր, եւ նախ գացի Մառթէնին սենեակը, ուր շատեր հաւաքուած էին արդէն: Որովհետեւ ամբողջ գիշերը անքուն էի անցուցած` գլուխս ինկաւ բարձին վրայ եւ ես կարծեցի որ պիտի մրափեմ, բայց այդպիսի բան չպատահեցաւ: Բաւական վերջ մեզ թոյլատրեցին ելլել վեր ու շարքով մտնալ Ֆաննիի սենեակը: Սեւ կառնիթիւռներով կարմիր հագուստը հագցուցած էին անոր եւ իր կուրծքին վրայ դրած էին պատի խաչը: Իր փափագին համաձայն Իւռսիւլը կարմիր քսած էր այտերուն, որովհետեւ Ֆաննի չէր ուզէր դժգոյն երեւալ։ Ամենէն աւելի քիթն է, որ հալած էր, բայց… չեմ յիշեր, առատ ծաղիկներէն զատ բան չեմ յիշէր:
Պարապ մը կայ հոս: Յիշողութեան պարապ մը: Գիտեմ միայն, թէ գիշերը մեզմէ մէկուն սենեակն էինք նստած, երբ սկսաւ գործիքին աղմուկը: Կապարէ դագաղը կը գոցէին բացարձակ գործիքով մը: Շատ երկար տեւեց այս կըռկըռը: Ոչ ոք կրնար խօսիլ եւ ոչ ալ իր սենեակը քաշուելով դիմադրել առանձնութեան: Մէկը ըսաւ.
— Կը ձիւնէ:
Պատուհան գացինք, նայեցանք: Այո, կը ձիւնէր: Վերէն վար կը ձիւնէր: Վերջը— անշուշտ տասնըմէկի ատենները— կրկին պատուհան գացին բոլորը, տեսնելու համար Ֆաննիի մեկնումը: Պարտէզի խճաքարերը խշրտացին մեռելակառքի անիւներուն տակը: Մէկը կը պոռար գիշերին մէջ. «Լիւքս, Լիւքս»:
… Եթէ ծառերը տերեւաթափ եղած չըլլային, պիտի չկրնայի ծառուղիին այդ անկիւնէն տեսնել անդունդին խորը նետուած կայարանը: Տեսայ զայն ու դիտեցի երկարօրէն: Ցուրտ, բայց խաղաղ առաւօտ մըն էր հոն` մեծ ու կապտորակ ագռաւներու հետ: «Դեռ հոն է» ըսաւ ականջիս ետին ձայն մը, որ զիս վախցուց, որովհետեւ վադկայուած քայլերուն պատճառաւ չէի լսած տիկին Պէաթրիսի ժամանումը: Դարձեալ նայեցանք կայարանին ձախ կողմը կանգնած այն միակ վագոնին, ուրուն մէջ կը հանգչէր Ֆաննի նախորդ գիշերուընէ ի վեր: Անշուշտ թէ խոր էր տիկին Պէաթրիսի ունեցած զգացումը Ֆաննիի հանդէպ, քանի որ առանց ամենադոյզն դիտողութիւն մը ընելու յանձն առաւ հետս կայարան գալ: Հայուհին կը սարսափէր այդ բանէն, որովհետեւ իսկապէս դժնդակ է անկէ վերադարձը, ցից ու անվերջանալի սանդուխներուն պատճառաւ, մանաւանդ որ մեր սրունքները բռնուած են երկարատեւ անշարժութենէն: Մեր շունչերը շոգի կ՚ըլլային քիթերնուս տակ եւ ատենը անգամ մը կ՚երեւէր անկիւններու մէջ պահուըտած ձիւնը: Ահա փոքրիկ դրամատունը, յետոյ քաղաքապետարանն ու նամակատունը, եւ վերջապէս սանդուխները, որ գետ կ՚իջնեն: Տիկին Պէաթրիս կամուրջէն անցաւ օձիքները կրցածին չափ վեր առնելով, եւ հով ելաւ քիչ մը կծու:
Երկար պահ մը մնացինք հոն, շոգեկառքի ցանկապատին դուրսի կողմը, վերջն ալ ներսի կողմը, որովհետեւ չէինք ուզէր հաւատալ: Երկար պահ մը նայեցանք գետնի խճաքարերուն, անհետացած վագոնի տեղին, նայեցանք երկաթէ գիծերուն, որոնք կը փայլէին եւ կը հնչէին ալ կարծէք: Մինչեւ մեր ժամանումը` մեկնած էր Ֆաննի, եւ երկու լքուածներս կը նայէինք: Շրախ: Սեւ ու ճերմակ ներկուած մեծ ազդանշան մը ինքն իր վրայ դարձաւ ճիշդ մեր դէմը, օդին մէջ: Եւ մեծ աղմուկով եւ ինքն իր գլխուն: Երկու Հայերս մեկնեցանք կռնակ կռնակի:
… Փարիզի իմ առաջին տարիներուս` կազմատան մը մէջ ճանչցած եմ չեխոսլովաք երիտասարդ մը, որ բնութեան տարօրինակ կողմ մը ունէր: Մեծ հաճոյակատարութեամբ փոխ դրամ կու տար բանուոր ընկերներու, տուածը գրպանի տետրակի մը մէջ կ՚արձանագրէր յատուկ սիւնակի մը վրայ, եթէ գումարը վերադարձնել ուզէիր չէր առնէր, կը փափագէր, որ մէկ մասը միայն վերադարձնես, իսկ մնացեալը տաս ուրիշ առթիւ: Ինքն ալ փոխ կ՚առնէր շատ փոքրիկ գումարներ (երբ գիտէի, թէ պէտք չունի անոր, ապացոյց, որ կ՚ըսէ «քովինս յիսուննոց է` չաւրեմ»), յանկարծ նոյն օրն իսկ իր վախկոտ ժպիտով կը վերադարձնէր զայն ամբողջութեամբ կամ մասամբ, եւ այսպէս շարունակաբար: Անվերջ հաշիւներ եւ արձանագրութիւններ: Ճարպոտ, կլորիկ ու վերջին ծայր առանձնակեաց այս երիտասարդն իր երկչոտի մենութիւնը լեցուցած էր այդ աղմուկներով: Թիւերու փոքրիկ աշխարհ մը ստեղծած էր իր շուրջը, ճշմարիտ փեթակ մը: Անոր է որ կը նմանեցնեմ ինքզինքս, երբ գլուխս առած կ՚երթամ ամայի ճամփաներէն, եւ անձրեւի կաթիլները կը թպրտան հովանոցիս վրայ: Թռըփ, թռըփ: Տալիքներ եւ առնելիքներ: Միշտ կայ մէջս նոյն պարապը, զոր կը խուսափիմ լեցնելէ եւ ականջ կու տամ կաթիլներուն, ամէնամօտիկ կաթիլներուն, արհամարհելի անմիջականին: Գիտեմ, թէ այլեւս պիտի մեկնիմ Զաթոսթէէն, բայց կը ճգնիմ հորիզոնները թողուլ հորիզոնին վրայ, անծանօթին հետ թղթակցութիւնը ուրանալ, հաղորդակցութեան ճամփաները մոռնալ: Եւ կը կծկուիմ իմ մարմնիս վրայ, արհամարհելի անմիջականին վրայ, այդ փոքրիկ, բայց գէշ պարտքին վրայ:
… Մարդիկ չափազանց կը յուզուին, երբ սիրելիի մը մահէն վերջ բոլորովին պատահմամբ կը գտնեն այդ սիրելիին պատկանող մտերիմ առարկայ մը: Երբեմն մարդիկ կը գտնեն բալի գոյն բրդէ ասեղնագործութիւն մը դարակի մը խորէն եւ կը խոստովանին, որ բնաւ չէին յիշէր հոդ պահած ըլլալը՝ այն օրը, որ այդ ասեղնագործութիւնը խլեցին սիրելիէն` որպէսզի այլեւս չաշխատի ան: Մարդիկ կ՚ուզեն շարունակել այդ կիսաւարտ աշխատութիւնը, նստելով պատուհանի մը մէջ, որուն առջեւ կայ փեռկոլա մը: Շատ երկար եւ գունաւոր ասեղները չեն կրնար գործածել անոնք, կ՚անճրկին կը մնան, իրենց թեւերը քովն ի վար կախ: Մարդիկ կ՚ուզեն առաջուան պէս խաղալ բուրդէ կծիկին հետ, երբ սիրելին կ՚աշխատէր անոր միւս ծայրը եւ մանաւանդ կ՚ուզեն գիտնալ, թէ Ֆաննի ինչ շինելու մտադրութիւն ունէր: «Ինչ կ՚ուզես որ շինեմ, Ֆաննի» կ՚ըսեն անոնք նայելով այդ փոքրիկ քառանկիւն հիւսուածքին եւ յետոյ կը լռեն: Կրկին կը հարցնեն ֆրանսերէն լեզուով: Կրկին կը լռեն:
… Ապահով եմ, թէ ոչ մէկ դէպք պիտի պատահէր, եւ ես Զաթոսթէէն մեկնած պիտի ըլլայի անաղմուկ՝ եթէ զիս պտոյտի չհանէր Ժէժէն: Երբոր Պիւկաթթիով մեկնեցանք, անշուշտ լաւ էին բարեկամիս մտադրութիւնները, քանի որ կ՚ուզեր զիս քիչ մը սթափեցնել իմ թմրութենէս, ոգեւորութիւն տալ ինձ, պէսպիսել ժամերս: Բայց — այս այսպէս է — լաւ է վշտոտ մէկը իր հալին ձգել: Արշաւը աննման եղաւ իր տեսակին մէջ: Գացինք սահմանագլուխ, դարձանք ովկիանոս, ճաշեցինք լքուած պարտէզի մը առջեւ մեծ ուրախութեամբ, յետոյ մխրճուեցանք Landesերուն մէջ, որպէս առասպելի մը: Փորձեցինք եղեւնիներու այդ անսահման անտառը բաղդատել ովկիանոսին հետ, բայց նմանութեան կէտերը եղան վրդովիչ: Այն քաղաքը, ուր հասանք — Թառթաս — կրկին խմեցինք եւ սրճարանի ֆոնոյին հետ ելանք պարի: Բարձրաձայն կ՚երգէինք, թէեւ վերջի բառը ուտելով.
Partit de vie
Grelin Grelot
Au grand galop
De la phtisie.
Անշուշտ անբնական եւ հիւանդագին էր զուարթութիւնս, արագութեան պատճառած գինովութիւնը վտանգաւոր էր եւ թէեւ չէի խոստովաներ, բայց կը զգայի, որ մեր հերարձակ վազքը հորիզոնէ հորիզոն սաստիկ պիտի դժուարացնէ վերադարձս դէպի բնականոն վիճակ, թէ սուղի պիտի նստի ինձ: Նստաւ՝ գիշերը:
Ինչպէս որ անգամ մը պատահած էր եւ ես անձնասպանութիւն փորձած էի, կրկին կորսնցուցի կեանքիս առանցքը այդ գիշերին մէջ: Հակառակ յոգնութեանս չէի կրնար քնանալ եւ կը չարչարուէի անկողնիս վրայ, գիշերուան հովին եւ աղմուկին հետ, որոնք անվստահելի դարձած էին եւ կը մտնէին կեանքին թէ այս եւ թէ այն կողմը: Մտածումներս ու իրերը կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը, եւ դաւադիր ներխուժումներ կային սահմանագլուխէ սահմանագլուխ, իմ ձեռքերէս դէպի հովը, մահէն դէպի Սկզբնական Մեղքը: Հեւք մը, տուայտանք մը որ անբնականօրէն մեծ էր, հիւանդագին էր եւ որ իր շուքը կ՚երկարէր թէ իր առջին, եւ թէ իր ետին: Եւ դեռ ուրիշ բաներ: Շրջագայեցայ սենեակիս մէջ ճիշդ խելագարի մը նման, ուզեցի ոճիր գործել, երբ պահ մը վառեցաւ Յոբ Երանելիի լոյսը եւ գրեթէ միշտ գացի իյնալ անկողնիս վրայ, որովհետեւ կը դողայի: Ցուրտ ալ էր: Ինծի անծանօթ ատեն մը անցաւ եւ յետոյ մրափեցի պահ մը: Ահա երազս: Կը գտնուէի ահագին իրարանցումի մը եւ մեծ բազմութեան մը մէջ, որ բազմաթիւ կողմերով կը յիշեցնէր Փարիզի Տօնավաճառը: Վտանգաւոր բան մը պատահած էր ետիս (չեմ գիտեր թէ ինչ), եւ ես ամբողջ ուժովս ամբոխը արմկահարելով ճամբայ կը բանայի: Ամուռէթի կրպակին առջեւ է որ նշմարեցի, թէ քովս ի վեր կու գայ սեւ կառնիթիւրներով կարմիր հագուստ մը հագած աղջիկ մը: Ֆաննին էր: «Կեցիր, կեցիր, կ՚ըսէր ան. ինչու զիս կը չարչարես, չես գիտէր, թէ կ՚ուզեմ միշտ քու քովդ ըլլալ: Միթէ քեզ չըսի, որ մահէս վերջն ալ պիտի գամ քովդ, պիտի հետեւիմ քեզի»: Ես իրեն նայելով հանդերձ միշտ կը փախչէի, մինչ Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ. — «Ամբողջ օրը չարչարուեցայ ետեւեդ վազելով: Ամբողջ օրը փախար լեռնէ լեռ, հորիզոնէ հորիզոն: Այլեւս կեցիր, կեցիր այլեւս սիրական. տես, թէ որքան յոգնէր եմ, որքան անուժ եմ»: Ֆաննի կ՚ըսէր ինձ— «ինչու չես հաւատար, թէ հոգիս քու մօտդ ըլլալ կ՚ուզէ. ինչու չես հաւատար թէ ես հոգի մը ունիմ, որ դեռ կապրի»: Գրկեցի զայն ամբողջ ուժովս եւ…
Նստայ անկողնիս մէջ: Առաջին խօսքս ուրացումը եղաւ. բացարձակ ուրացումը: «Չեմ հաւատար» ըսի, եւ ատով ոչ միայն ըսել կ՚ուզէի, թէ չեմ հաւատար հոգիներու երկրորդ կեանքին, ստացած պատգամիս անդրաշխարհէն եկած ըլլալուն, այլ նաեւ ըսել կ՚ուզէի, թէ չեմ հաւատար, որ տեսածս երազ էր: Կէս քուն եւ կէս արթուն վիճակի մը մէջ էի պարզապէս: Վառեցի լոյսը: Կրկին մարեցի զայն: «Չեմ հաւատար» ճչացի նորէն, բայց կը զգայի, որ այդ անչափ յուզումս չի վերաբերիր հոգիներու հանդէպ հաւատք ունենալուս կամ չունենալուս, այլ գլխաւոր պատճառը սա էր, թէ չափազանց որոշ կերպով տեսած էի Ֆաննին, իմ կարօտցած Ֆաննիս, գիտնալով, որ պիտի չկարենամ զսպել յուզումս, ուզած էի թեթեւնալ ճչալով: Ոտնաձայներ գլխիս վրայէն յառաջացան դէպի պատուհան, եւ տիկին Պէաթրիս հարցուց վերէն.
— Ինչ պատահեցաւ, Միշել… Անհանգիստ էք…
Անմիջապէս պատուհան ելայ ես ալ եւ պոռացի գլխուս վեր.
— Երախդ. քեզի ալ չեմ հաւատար: Քու առողջացած ըլլալուդ ալ չեմ հաւատար: Et voilà tout!
Բայց անմիջապէս յետոյ աւելցուցի.
— Եթէ առողջ ըլլայիր, դուն, գաղթահայութիւն, մենք քեզ տուն կը կանչէինք, Հայաստանի դռները կը բանայինք քու առջեւ: Բայց դուն հիւանդ ես: Դաշնակցութեան թոյնով վարակուած ես, դուն, գաղթահայութիւն: Եւ մենք կը թողունք, որ մնաս օտարութեան մէջ, մինչեւ այն օրը…
Քաշուեցայ պատուհանէն ներս, կծկուեցայ վարագոյրին ետեւ եւ սաստիկ զղջացի, եւ սաստիկ ցաւեցայ: Ականջ տուի ոտնաձայներով, լսեցի դրան մը բացուիլը, եւ յետոյ մուճակներու թեթեւ աղմուկ սանդուխին վրայ: Քիչ վերջ մադամ Լըմուանի հազը բռնեց, եւ գրեթէ միաժամանակ բացուեցաւ սենեակիս դուռը:
Կը խոստովանիմ, որ տկարացայ այդ գիշեր, այսինքն լացի: Անկողնիս վրայ նստած, տիկին Պէաթրիս մօր մը պէս օրօրեց զիս` գլուխս շոյելով, եւ ըսաւ, թէ գիշերային մղձաւանջը շուտով կը մոռացուի, թէ միւս կողմանէ` երազը գրեթէ միշտ օգտակար բան է, քան թէ վնասակար: Յետոյ ըսաւ. — «անշուշտ թէ Ֆաննին հոս է»:
… Յաջորդող առաւօտուն ինքզինքս միշտ մեծապէս ամօթապարտ կը զգայի տիկնոջ հանդէպ, եւ անտարակոյս կարելիս պիտի ընէի օր մը գոնէ խուսափելու համար իր ակնարկէն: Սակայն պէտք չմնաց այդ բանին, եւ ես ուրախութեամբ լսեցի որ տիկին Պէաթրիս քաղաք իջած է: Մտածումս չարչարուեցաւ նոյն անծանօթին առջեւ, այսինքն` ուզեցի գիտնալ, թէ արդեօք տիկինը հասկցաւ այն ինչ որ պոռացի նախորդ գիշեր պատուհանն ի վեր: Մեր մէջ կայ բան մը, որ կը տրամաբանէ աւելի արագ, քան թէ մենք: Եւ այդ բանը անմիջապէս անդրադառնալով որ ընելիքս սրիկայութիւն մըն է, փորձած էր մասամբ գոնէ մեղմել զայն` զիս մղելով, որ հայերէն խօսիմ: Եւ այժմ կը ջանամ մխիթարուիլ, խորհելով, որ գուցէ կինը չհասկցաւ արագօրէն թաւալող հայերէն բառերը: Գուցէ: Բայց ինչու անոր ձեռքերը կը դողային, երբ գլուխս կը շոյէր: Կը դողային: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ շատ առաջ, այսինքն Ֆաննիի ողջութեան ատեն, մէկ քանի անգամներ տիկին Պէաթրիսը նմանցուցած էի գաղթահայութեան: Կնոջ կեանքը սէնպոլ մը թուած էր ինձ (սէնպոլիզմէ շատ չեմ ախորժիր ես): Ուզած էի ըսել Երեւանի (տիկին Պէաթրիսի ամուսինին), թէ գաղթահայութիւնը այլեւս հիւանդ չէ, թէ ան բուժուած է Դաշնակցութեան մանրէէն, թէ այլեւս տուն պէտք է կանչել զայն: Որովհետեւ, որքան ալ որ համայնավարութեան մօտ ըլլամ, չեմ կրնար կէս մը գոնէ օտար չնկատել Ռուսահայն ու Վանեցին: Իմ փափագս է հոն երթալ իմիններուս հետ, խմբովին: Ըսի արդէն` մէջս կայ բան մը, որ կը տրամաբանէ աւելի արագ, քան թէ ես: Ապշեցուցիչ ճարտարութեամբ մը ան անմիջապէս օգնութեան կանչած էր այս մոռցուած եւ սնոտի սէնպոլը ու զիս մղած էր խորամանկօրէն մթագնելու խօսքերս, կամովին աւելի տագնապեցնելու մղձաւանջս: Այդպէսով յաջողած էի մեղմել իմ առաջին նախադասութեանս անգթութիւնը: Կը տարակուսիմ: Ապացոյց, որ տիկին Պէաթրիս առաւօտուն կանուխ քաղաք իջաւ ու չվերադարձաւ անկէ:
Գիշերը ճաշարանի մէջ պարապ մնաց տիկին Պէաթրիսի սեղանը, եւ երբ վերջին շոգեկառքին ատենն ալ անցաւ, հարցափորձեցի նախ պ. Էչըկոյէն, պանդոկապետը, յետոյ ծառան եւ հիւանդները: Ոչ ոք բան մը գիտէր: Նոյն բացակայութիւնը` յաջորդ օրը, կէսօրին: Այս անգամ հեռաձայնեցի քաղաք, Hôtel d՚Espagne, ուր տիկինը սովորութիւն ունէր իջնելու: Դարձեալ ոչինչ: «Բայց ինչ պիտի ըսեմ, երբոր զինքը տեսնեմ» կը խորհէի առանց հարցումիս պատասխան մը գտնելու, բայց, հակառակ ատոր, կ՚ուզէի գտնել Հայուհին: Ելայ իր պարապ սենեակը եւ զայն դիտեցի զանազան անկիւններէ: Մասնաւոր հոտ մը կար՝ ոչ անախորժ. կար նաեւ իմ խղճմտանքս:
Ինքզինքս այլեւս շփոթուած կը զգայի կնոջ ամուսինին հետ, քանի որ նոյն վատութիւնը գործած էի: Ինչպէս ան, որ «նստած էր իր ապահովութեանը մէջ», որ «չուզեր հաւատալ կնոջ մը առողջացած ըլլալուն», ես ալ նստած էի իմ ապահովութեանս մէջ եւ վռնդած էի Ֆաննին, անոր Ձայնը: Գործիս չէր գար հաւատալ:
Մեկնումիս առթիւ անհրաժեշտ գնումներ ընելու պատրուակին տակ նետուեցայ օթոքառ եւ գացի քաղաք: Անօգուտ արշաւ մը՝ այս ալ: «Կը յիշեմ, կ՚ըսէր ինքնաշարժին վարիչը, որուն քով նստած էի. Չորեքշաբթի առաւօտ ես է որ զինքը տարի, բայց այլեւս երեսը չտեսայ»:
…Հրաժեշտ առնելու գացի Տալուէն, որ բաւական ատենէ ի վեր մեր պանդոկէն հեռացած է եւ իր բարեկամուհիին հետ կը բնակի Զաթոսթէի միւս ծայրը, պանսիոն մը: Իմ առաջարկիս վրայ Տալու գոցեց պատուհանը եւ մութին մէջ անգամ մը եւս ցուցադրեց այն ֆիլմը, զոր դարձուցած էր լաւ օրերուն եւ որուն մէջ դեր ունէինք բոլորս ալ։ Փաթէ-պէյպին կ՚աշխատէր փեթակի աղմուկով, եւ ես կը նայէի Ֆաննիին, որ հարս եղած դուրս կ՚ելլէր եկեղեցիէն` թեւին ունենալով Աթթիմոնը, որուն միակնոցը վար կ՚իյնար, եւ հաւեր կային, եւ արեւ կար: Ժէժէնը եւ ես garçon d՚honneur եղած էինք, իսկ «Լիւքս»ը անդադար կը հաչէր երեսս ի վեր, որովհետեւ… կեցուցի գործիքը:
…Բայց ուր է տիկին Պէաթրիս: Անցայ մեր եկեղեցիին առջեւէն, որուն մուտքի դուռը քիչ առաջ տեսած էի պաստառին վրայ, եւ որ այժմ կը նուաղէր մութին մէջ: Ոչ հարս, ոչ արեւ, այլ միայն— կարծէք— շունէր, որոնք երեսս ի վեր պիտի հաչեն: Երբ պանդոկ հասայ` անմիջապէս գացի լուր առնելու: Վերադարձած էր տիկինը: Պարզապէս:
— Մի մտահոգուիք, jeune homme, կ՚ըսէր պանդոկապետը, մենք զինքը կը ճանչնանք: Ան նախորդ անգամուն ալ այսպէս երեք-չորս օր անհետացաւ, եւ յետոյ եկաւ կրկին:
Պրն. Էչըկոյէն աւելցուց.
— Ջղայիններու համար այս փախուստն ալ օգտակար է… պայմանաւ, որ շատ չյոգնին:
Եւ յետոյ— ուշ` ճաշէն վերջ բոլորս հաւաքուեցանք իմ սենեակս, երկու շիշ պարպեցինք, գաւաթները իրարու զարնելով մնաք բարով ըսինք եւ մէկզմէկու մաղթեցինք — օ առատօրէն — առողջութիւն: Համակրելի էր տիկին Պէաթրիս: Ան նոյնիսկ ամբողջ գաւաթ մը գինի խմեց, եւ ես իրեն նայեցայ` հետզհետէ նուազ վարանումով: Նոյնիսկ առաջին անգամ ըլլալով չնեղացայ իրեն, երբ մադամ Լըմուանի կ՚ըսէր, թէ վաղը պիտի երթայ կշռուելու: Գիտէի, թէ ինք պէտք չունի ոչ ջերմաչափի եւ ոչ ալ կշռի, եւ ինձ անախորժ էին իր այդ աւելորդ ձեւակերպութիւնները: Բայg բնաւ չնեղացայ ալ, միայն մտածեցի, մտածեցի…— Կ՚երեւայ գլուխս կախեր եմ քիչ մը երկար ատեն, եւ Ժէժէն վիճակս նշմարեր է, քանի որ ըսաւ ականջս ի վար— «Պէտք է հանգիստ թողուլ մեռելները»: Ոչ, Ֆաննիի մասին չէ, որ կը մտածէի, այլ աչքիս առջեւ կու գար կնոջ մը փախուստը հորիզոնէ հորիզոն, այդ անօգուտ փորձին ջախջախումը առանձնութեան մերկ պատին վրայ, եւ յետոյ հարցումներ, որոնք գիշերին դէմ կ՚ուղղուին, եւ յետոյ համակերպութիւն: Աչքիս առջեւ կու գար Զաթոսթէի ճամփուն վրայ վերադարձը երկու ձեռքերու, որոնք խելօք մը հանգչած են իրարու վրայ, եւ որոնք կապուած ըլլալու երեւոյթն ունին: Տես` հիմա ալ:
…Առաւօտուն եօթն էր, եւ ոչ մէկ ձայն կար պանդոկին մէջ: Անոր դրան առջեւ պայուսակներուս հետ կը սպասէի կառքին, որ զիս կայարան պիտի տանէր: Իւռսիւլ դադրեցաւ աւլելէ եւ նրբանցքին խորէն ըսաւ բաներ մը զոր լաւ չհասկցայ: Եւ յանկարծ մեծապէս զարմացայ` տեսնելով տիկին Պէաթրիսը: Ուզած էր վերջին մնաք բարով մը ըսել ինձ եւ կը ժպտէր: Քով քովի նստանք ողորահիւս երկար նստարանին վրայ, բլուրներուն դէմ, եւ ես վախցայ, որ կինը դառն խօսք մը պիտի ընէ ինձ, այն՝ զոր չկրցաւ ըսել նախորդ երեկոյ ներկաներուն պատճառաւ: Ըսաւ որ (եւ ես աւելի վախցայ) իր կողմէ բարեւեմ լուսանկարիչ բարեկամս, Շառլը, երբոր տեսնեմ զայն Փարիզ: Լռեցինք:
Տիկին Պէաթրիս ըսաւ.
— Մեծ բան կորսնցուցինք երկուքս ալ: Բայց մանաւանդ ես: Դուք դեռ երիտասարդ էք, այլեւս առողջ էք, կրկին պիտի գտնէք բարեկամուհի մը: Բայց ես անոր պէս հոգի մը պիտի չգտնեմ դիւրաւ:
Տիկին Պէաթրիս ըսաւ.
— Կը պնդէր, թէ գալ ամառ աղէկցած պիտի ըլլայ, եւ կ՚ուզեր անպայման զիս իր տունը տանիլ… կ՚ուզեր զիս իր քովն ունենալ, եւ ես ալ կը փափաքէի մեծապէս… Թուլուզի մօտ գեղեցիկ արուարձան մը…
— Բայց, տիկին, — ըսի, — վերջապէս, դուք անոր հետ պիտի չապրէիք… դուք ձեր տունը ունիք եւ հոն պիտի դառնաք անմիջապէս, որ առողջանաք…
— Անշուշտ, — ըսաւ խօսքս կտրելով. — Բայց անշուշտ… տունինները անհամբեր ինձ կը սպասեն… զաւակ ունիմ, ամուսին ունիմ… անշուշտ թէ հոն պիտի երթամ, բայց վերջապէս…
Բաւական մը վարանեցաւ հոս, թեթեւ մը հազաց եւ յետոյ աւելցուց.
— Բայց վերջապէս… խոստովանեցէք, որ Ֆաւննիի ըրածը մեծ բան էր: Ֆրանսացիները մեզի պէս չեն, հիւրասէր չեն բնաւ: Ֆաննիի ըրածը մեծ մարդկութիւն էր…
Քիչ մը մշուշ կար բլուրներու կողին վրայ, իսկ գետը աւելի կը գուշակուէր, քան թէ կը տեսնուէր: Տիկին Պէաթրիս իր վերարկուին օձիքներուն մէջ սեղմուած` կրկին առած էր գէշ դիմագիծը, քէօռ կապ եղած դիմագիծը:
Երբոր կառքին մէջէն ձեռք երկարելով իրենը կը սեղմէի, անբացատրելի ժպիտով մը ըսաւ. եւ հայերէն ըսաւ.
— Մեյ մը տահա քեզի հոստեղ չտեսնեմ…
Ակնարկ մը կը նետեմ հեռացող պանդոկին վրայ, վարէն վեր: Ամբողջ հոգիովս կը մաղթեմ, որ բժշկուի ան, ամբողջութեամբ եւ շուտով: Իսկ սա կինը, որ երկու ձեռքերով իր օձիքները սեղմեր է կոկորդին վրայ եւ որ ճամփուն մէջտեղը կեցած ետ-ետ կ՚երթայ, կը մաղթեմ որ հիւծախտէ վարակուի ան:
Շուտով, շատ շուտով:
ՊՃԵՂ ՄԸ ԱՆՈՅՇ ՍԻՐՏ
Խոշոր ծրար մը թեւին տակ բարձրացաւ 89 թիւ հանրակառքը, որ Օթել տը Վիլէն մեկնելով կ՚երթայ մինչեւ Գլամառ:
Սովորականէն քիչ մը աւելի տատանեցաւ կանգ առած վակոնը իր զսպանակներուն վրայ: Վակոնի մը համար բնաւ արհամարհելի չէր ներս մտնող կնոջ ծանրութիւնը: Հաստամարմին մայրիկը ծիծաղելիօրէն պզտիկ ու սեւ գլխարկ մը ունի, խղճուկ սեւ վերարկու մը ունի, ինչպէս նաեւ սեւ յօնքեր, սեւ վերին շրթունք եւ երկու սեւ ակռայ: Հատ մըն ալ Հայու սեւ ճակատագիր:
Եպրաքսէ հանըմ «փարտոն» ըսելով անցաւ անկիւն մը ու իր ծրարը դրաւ ոտքերուն մէջտեղ: Տեղաւորուեցաւ, օֆ մը քաշեց, տոմսակը մատանիին մէջ անցուց եւ քննական ակնարկ մը պտըտցուց շուրջը:
Իր ճիշդ դէմը նստած էր քիչ մը դժգոյն երիտասարդը, թուխ եւ կոկիկ հագուած: Եթէ ոչ տխուր՝ գոնէ մելամաղձոտ էր ան, եւ ինքն իր վրայ կրած: Եպրաքսէ հանըմ նշմարեց, որ անոր գիրկը գտնուող փոքրիկ ծրարը հայերէն թերթի մը մէջ պլլուած է: Առանց այլեւայլի ըսաւ.
— Գիտես քի ես քեզ պիտի ճանչնամ: Դուն Փառանձեմին տղան չես:
Ո՚չ, Փառանձեմին տղան չէր, բայց Հայ էր: Անակնկալէն այնպէս մը ցնցուեցաւ, որ անմիջապէս տուաւ իր անունը:
Կարապետեան… Նորայր Կարապետեան: Քա, ես փէք շատ Կարապետեան կը ճանչնամ: Դուն Մարզուանի Կարապետեաններէն ես… Խասքէօյի… Չօք շէյ, թամ Փառանձեմին տղուն կը նմանիս… հարկաւ` Հայ ըլլալդ քիթէդ-բերնէդ կը վազէ կոր, հէմէն ըսի քի մեր արիւնէն ես… Գործդ ինչ է… ան ատեն մութլախա պիտի ճանչնաս իմ տղաքս… Պզտիկս եկեղեցին ձայնաւորութիւն կ՚ընէ… դուն եռաձայն չես… Ինչու մայրիկդ քովդ բերել չես տար… Քոյրիկդ քեզմէ մեծ է… կարգուած է… Քա ես խենթ եմ… Աչքս ելլայ, ասանկ տղաքներ հասցուր տէ, վերջն ալ մի վայելեր… մայր չէք քի ինչ ըլլալը հասկնաք: Ես իմ տղոցս կ՚ըսեմ. «Դուք իմին ճիյէրս էք, տալախս էք, պունպարս եք»: Իմին ճիլվէս ալ աս է: Աս ըսելուս պէս տղաքս կը խնդան վրաս: Լուր չունին, որ դիտմամբ կ՚ըսեմ, միտքս իրենց խնդալն իմանալն է: Քա ինձի համար ուրիշ ինչ կայ. — վերը Աստուած` վարը մանչերս: Հարկաւ անանկ կ՚ըսեմ: Ինտոր կ՚ըլլայ որ չես ճանչնար կոր պզտիկս:
Եպրաքսէ հանըմ յանկարծ ականջները գոցեց, որովհետեւ հանրակառքին անիւները գէշ կերպով կը սկրթուէին, անկիւնադարձի մը պատճառով: Յետոյ շունչ առաւ եւ հարցուց.
— Ան չէ ամա, դուն Սերովբէն կը ճանչնաս… Սէն Միշէլի հայ նպարավաճառը… Հա ճանըմ, շան զաւակ Սերովբէն… էյ, ինչ տեսակ Հայ ես դուն. ժամ չես երթար, մեր նպարավաճառը չես ճանչնար, հետս չես խօսիր…
Տղան կը ժպտէր թեթեւ մը եւ մտիկ կ՚ընէր գլուխը կախ:
— Չես հարցնէր, — ըսաւ քիչ մը վերջ հայ մայրը, — չես հարցնէր, քի ինչ է ծրարիդ մէջինը: Ըսեմ նէ` վրաս պիտի խնդաս: Բայց էն առաջ դուն ինձի սա ըսէ — տեղ մը յարմար, աժանկեկ, ափարթման մը կը ճանչնաս: Երկու սենեակ` խոհանոց մը ըլլայ… Աս ինչ դժուար բան է: Քաշածս միայն Տէրը գիտէ: Նայէ, ծրարիս մէջինը խալի է, գիտնաս ինչեր քաշեցի ասոր ձեռքէն: Եւ սկսաւ պատմել թէ ինչեր քաշած է իր այս թրքական գորգին ձեռքէն: Ամէն բանէ առաջ ուզեց նկարագրել իր տունը: Ըսաւ թէ իր երկու մանչերուն հետ կը բնակի հին եւ աշտարակի պէս նեղ տան մը ոչ թէ գագաթը, այլ գագաթին գագաթին գագաթը: Թէ անկարող է մէկ շունչով վեր բարձրանալու: Երեք անգամ կը նստի սանդուխներուն վրայ եւ կ՚ըսէ. «Մեղայ ամենասուրբ Երրորդութեանն` Հօր եւ Որդոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ»: Խօսք է ըրածդ. սիրտը վեր կ՚ելլէ: Իսկ յարկաբաժինը` Աստուած թշնամիիս չցուցնէ… Առաստաղը ցած է հոն եւ ծուռ: Հոս ծուռ, հոն ծուռ։ Ճշմարիտը ուղտի կռնակ: Այնքան որ` մարդ կը կարծէ, թէ կոխած տեղն ալ ծուռ է: Ամառը շատ տաք կ՚ընէ, տանիքին ճիշդ տակը գտնուելուն համար, եւ Եպրաքսէ հանըմին աչքերէն շոգի կ՚ելլէ: Սենեակներն ալ գրպանի չափ են: Պոլիս եղած ատեն Եպրաքսէ հանըմ ասոնցմէ մեծ որմնադարան ունէր: Չորս հատ որմնադարան՝ որոնց յարգը չէր գիտէր եւ անոնց մէջ սոխ կը կախէր, սերկեւիլ կը կախէր: Եւ յետոյ պատուհանները փոքր ու նեղ ըլլալնուն համար, հայ մայրը ոչինչ կրնայ թօթուել: Իր օձիքն անգամ չկրնար թօթուել: Եւ Աստուած գիտէ, թէ որքան բան ունի մաքրելիք, քանի որ ծխնելոյզներուն մուրը ուղղակի ներս կու գայ: Հիմա գանք սա թրքական գորգին: Դուն ըսէ, ինչպէս զայն թօթուէ եւ ուր թօթուէ: Սկիզբները կ՚իջնար երկու յարկ վար, եւ սանդուղին վրայի մէկ պատուհանէն կը թօթուէր: Բայց իր դէմը ելան նոյն յարկի երկու ջատուկները, ինչպէս նաեւ դռնապանուհին: Իբրեւ թէ Եպրաքսէ հանըմ ծայրայեղութեան տարած է եղեր մաքրասիրութիւնը: Ճշմարիտ խենթ մըն է եղեր: Իբրեւ թէ ամէն օր եւ օրն ի բուն ջուր կը վազցնէ, տախտակ կը շփէ եւ բան կը թօթուէ եղեր: Թէ Փարիզի մէջ կայ եղեր օրէնք մը՝ որ կ՚արգիլէ առաւօտեան ժամը ութէն վերջը որեւէ բան թօթուել պատուհանէ մը՝ երբ այդ պատուհանը փողոցի վրայ կը նայի: Իսկ եթէ կը նայի տակի բակին վրայ, առ առաւելն մինչեւ առաւօտեան տասը կարելի է եղեր թօթուել: Սուտ, ամբողջը սուտ: Միթէ Եպրաքսէն օրէնքները չի ճանչնար: Որ խենթը աս օրէնքը դրեր է: Կարճ խօսք` դռնապանուհին անբացատրելի եւ բուռն հակառակութիւն մը ունի իրենց դէմ: Իր մեծագոյն փափաքն է ժամ առաջ հայ ընտանիքին մեկնումը տեսնել: Այդ պատճառաւ մատը պլորած է բան թօթուելու այս խնդիրը, եւ ոչ միայն ամէն առթիւ հայ կնոջ երեսին յանդիմանութիւններ կը նետէ, այլ նաեւ վէճին մասնակից կ՚ընէ Եպրաքսէ հանըմին ձագուկները, որոնք պարզ բանուորներ են կաշմբուռն։ Եպրաքսէ հանըմ այս բանը չի սիրեր: Էրիկմարդ ըսածդ խառնուելու չէ տան գործերուն: Ան շուկան` կինն ալ տունը: Բայց եւ այնպէս խառնուեցան, եւ պոռալով-կանչելով արգիլեցին իրենց մօր` որեւէ դժգոհութեան տեղի տալ: «Փարիզի մէջ concierge ըսածդ Աստուած է» ըսին: Արտաքսումի սպառնալիքը ահաբեկած էր զանոնք երկուքն ալ: Եւ այս բոլորը «Աստծոյ» պատճառաւ, որ անտանելի հրէշ մըն է, խստահամբոյր, դառնաբարոյ, դաժան: Բերնէն ելածը չի գիտէր, հասակը կարճ է եւ տակառանման: Եպրաքսէ հանըմ աւելցուց` ըսելով.
— Ներտէ վար պիր պօտուռ, Ալլահըն պէլասը օ տըր:
Երիտասարդը համակարծիք գտնուեցաւ, «Օ տըր» ըսաւ եւ կինը շարունակեց.
— Ծօ, ասչափ տարուան իմ կստօս նոր պիտի փոխեմ: Ոչ, իր ասչափ տարուան ապրելակերպը, նիստուկացը նոր պիտի չփոխէ Եպրաքսէ հանըմ: Ինք այսպէս չէ վարժուած: Այս Ֆրանսացիները աղտոտ են, աղտոտ: Արտաքուստ զարդագեղ են եւ պճնազարդ (ճիճիլի-պիճիլի), բայց եթէ իրենց փէշը վեր առնես` քիթիդ դուռը վար կ՚իյնայ: Առաջ Եպրաքսէին տունը գայիր եւ տեսնէիր… ձիւնի պէս… լզէ, ուր որ կ՚ուզես լզէ: Ծօ, մենք ասանկ վարժուած ենք: Հիմակ ալ իր տղաքը սկսէր են արգելք ըլլալ մաքրութեան: «Մ՚ըներ, մայրիկ» կ՚ըսեն։ «Ֆրանսացիները մի նեղացներ» կ՚ըսեն: Ծօ, խելքիս պիտի գայ. ինչու կը նեղանան: Բայց պիտի ըսես, որ առտուն կանուխ վար իջիր եւ դրան առջեւ թօթուէ Էյ, չէ իշտէ. չըլլար կոր: Ամէն բան իր սըրան ունի, ինծի շաշըրթմիշ մ՚ընէք: Անտարակոյս՝ պէտք չէ մայրիկը շփոթեցնել: Առաւօտեան այդ ժամուն` ուրիշ բաներ կ՚ընէ ան: Պզտիկ մանչը ուշ գործի կը մեկնի, եւ Եպրաքսէ հանըմ անոր շուրջը կը դառնայ: Ամէն մէկ բանին կը նայի: Իր գլխուն եթէ ձգես` վերարկու չհագած դուրս կ՚ելլէ «անառակ շուն»ը: Եւ ահա բազմաթիւ օրերէ ի վեր մայրիկը կը նայի իր գորգին վրայ ու սիրտը կը հատնի: Հիմակ դուրս ելած ատենը նորէն միտքը ինկաւ եւ արիւնը գլուխը խուժեց: Իրեն այնպէս թուեցաւ, որ սիրտը աքծաններու մէջ առին: Եպրաքսէ ըլլալով` ասանկ բան չէր եղած: Տեղն ու տեղը եթէ չմաքրէր` վրան գէշութիւն պիտի գար: Ճանըմ, ինչու չկարենամ, դուն ըսէ, ինչու. ունիմ չունիմ մէկ խալի մը ունիմ: Ամէն տեսակէտով թեւերնիս-ոտքերնիս կապեցին շան զաւակները. էյ, աս խալին ալ թօթուել պիտի չձգեն, եկածն ալ ակում օրեր են. Ես ալ ինչ ըրի. ծրարելուս պէս հետս առի: Հիմա Սմբատեաններուն կ՚երթամ կոր Գլամառ… Չես ճանչնար Սմբատեանները. ամուսինը թռիքոյի գործ կ՚ընէ. «Թռիքօ-Մասիս» է… շատ շնորհքով մարդ է… Քանի որ հոն պիտի երթամ, հետս կը տանիմ, իրենք պարտէզը կը թօթուիմ, լաւ մը կը մաքրեմ ըսի… Տանողը ես չեմ եա, թրամվէյն է. ճիշդ առջեւը կ՚իջնէ: Ինչու պիտի չընեմ եղեր… Իմին անունս Եպրաքսէ է… Անչափ հեռուներէն հոս բերելէս վերջը.
Բայց որովհետեւ տղան բան մը չէր ըսէր, լռեց, ծուռ մը նայեցաւ եւ քիչ յետոյ հարցուց.
— Ան չէ ամա. ասանկ օրով դուն ինչու չես աշխատիր:
— Քիչ մը տկար եմ, — պատասխանեg երիտասարդը:
— Տկար ես մի: Ինչ ունիս. Ուրտեղդ. քա հա, երեսդ կարմիր չէ մնացեր. ինչպէս մէկ անգամէն չտեսայ. պաղ առած ըլլալու ես: Սա լեզուդ դուրս հանէ, նայիմ… հանէ… Ծօ, հանէ կ՚ըսեմ կոր քեզի. քովիններուն գլուխը փսխեմ… էյ չէ, գլուխդ ալ շատ տաք չէ… Տակէդ աղէկ հագած ես… քակէ նայիմ սա կոճակներդ, ես աչքովս պիտի տեսնեմ… Ծօ, շան զաւակ, մայրդ ըսել եմ, քակէ… նայէ, չըսի, ասանկ բարակուկ բաներ կը հագնիք, ախ ճայիլութիւն… բուրդէ, բուրդէ ֆանելա կ՚ուզես… Մօրուքդ ալ մատ մը եկեր է, ինչու թրաշ չես ըլլար կոր… փարա չունիս… սուտ ես… ցուցուր նայիմ սա փարադ. պարապ խօսք չ՚ուզէր, շուտով տուն պիտի երթաս, պիտի պառկիս ու քրտնիս: … Ախ, ինչ ըսեմ ձեզի, որ երկայն վարտիք հագնիլը մեղք կը սեպէք…
Լռեցին: Հանրակառքը ճռնչեց, կանգ առաւ, կրկին ճամփայ ելաւ սովորական սոյլէն յետոյ եւ Հայուհին աւաղեց…
— Ախ, ասանկ զայիֆ զիւյիւֆ տղաքը փողոցներն են մնացեր… վրանին մայր չկայ, քի… Ծօ տղայ, մօտս ալ չես որ գամ վեց հատ շիշէ քաշեմ եւ փիր ու փաք ըլլաս: Քանի տարեկան ես… աչքս ելլայ…
Երիտասարդը պնդեց, թէ եղածը մեծ բան մը չէ, թէ չարժէր այդքան մտահոգուիլ: Եպրաքսէ հանըմը բարկացաւ, բայց լռեց շուտով: Տղան կրկին մնաց գլուխը կախ, մտածկոտ, վերաչու: Հայ մայրը «ախ, աշխարհ» ըսաւ քիթին մէջէն եւ արցունք մը սրբեց: Յետոյ յանկարծ պայթեցաւ:
— Գետնին տակը անցնին սա աղջիկները: Ծօ, ինչ ունին, որ ամէնքդ ալ անոնց փէշերէն չէք զատուիր… Մեծ տղաս խելօք է, բայց պզտիկս… փորձանք է, փորձանք: Ախ, սա աղջիկները… անիծուին ամենքն ալ… ամէնքն ալ…
Փողոցները անցան իրարու ետեւէ, ճամփորդները իջան ու ելան, եւ տոմսավաճառը կայարաններուն անունները պոռաց նոյն ձանձրալի ձայնով: Երկու հայերը լուռ մնացին բաւական ատեն, մինչեւ որ կրկին լեզու ելաւ կինը՝ կեղծ նեղսրտութեամբ մը ըսելով.
— Ծօ տղայ, ուրտեղէն դէմս ելար… ինծի տէրտ պիտի ըլլաս: Տղաքս ալ չես ճանչնար, քի լուր մը առնեմ վերջը… Ձեռքէս ալ բան մը չի գար, որ… Էյ, դէմս չելած ըլլայիր…
Տխուր տղան շնորհակալ եղաւ, «աշխարհի վրայ դեռ մարդ կայ եղեր» ըսաւ ու լռեց:
Ճռնչեց, քերթեց, կրճտաց կառքը:
Ցուցափեղկ մը իր պարունակութեան վրայ հարիւրին յիսուն զեղչ ըրաւ, նորոգութեան պատճառաւ սինեմա մը իր դռները գոցեց, գաւառէն թարմ հաւկիթներ եկան ուղիղ գծով, byrrh-ը խմիչքներուն լաւագոյնը հանդիսացաւ, երկու սենեակներ վարձու ելան garageով մը միասին, սեփ-սեւ խանութ մը «սուգ» պատրաստեց քսանըչորս ժամուան մէջ:
Երբոր ամէն ինչ սեւցաւ քսանըչորս ժամուան մէջ, Նորայր ըսաւ դէմի կնոջ, գլուխը քիչ մը մօտեցնելով.
— Ինձի նայէ, մայրիկ, քանի որ ատանկ բուխ սիրտ ունիս, քեզմէ ծառայութիւն մը կրնամ խնդրել: Չէ, մեծ բան մը չէ, բայց մի մերժեր: Քիչ մը անդին միասին վար իջնանք: Քիչ մը անդին է, պիտի տեսնես: Հոն քեզի թուղթ մը կու տամ եւ կը ցուցունեմ պանդոկ մը, իմին պանդոկս: Բնաւ հեռու չէ. թռամվայի կայարանէն քանի մը մեթրօ անդին: Այդ թուղթը իմ պանդոկս ձգէ, այդքան: Ուրիշ բան չեմ ուզէր: Ես քու թռամվայի փարադ կը վճարեմ, աւելին ալ կու տամ… չէ մ՚ըսեր, պիտի առնես տուածս: Միայն թուղթը պանդոկապետին ձգէ` այդքան:
Եպրաքսէ հանըմ յօնքերը լրջօրէն պռստած մտիկ ըրաւ այս առաջարկութիւնը, բայց շուտով չհաւնեցաւ, որովհետեւ չէր ըմբռներ, թէ ինչու տղան իր պանդոկը երթալ չ՚ուզէր եւ զինքը կը ղրկէ: Չէր ըմբռներ, թէ ինչ կապ կայ տղուն տկարութեան եւ այդ առաքելութեան միջեւ:
— Նէ դուն հարցուր, նէ ալ ես քեզի բացատրեմ, ըսաւ տղան: Ես չեմ կրնար երթալ. ես պէտք չէ որ երթամ: Բայց սա գիտցած եղիր, որ ինձի մեծ, շատ մեծ ծառայութիւն մը պիտի մատուցանես: Հաւատա խօսքիս` քանի մը քայլ տեղ է… մայրութիւն ըրած պիտի ըլլաս:
Կինը աւելի բացատրութիւն ուզեց, բայց Նորայր յամառօրէն կրկնեց նոյն բանը: Միայն թուղթը:
Որոշեալ տեղը երբոր վար կ՚իջնային, տոմսավաճառը ըսաւ.
— Ոչ, տիկին, Գլամառը հոս չէ:
Անշուշտ թէ հոն չէր, քանի որ Փարիզէն դուրս չէին ելած դեռ: Բայց Porteին հոտը կու գար: Երբ որ հայ մայրը եւ երիտասարդ տղան վար իջան հանրակառքէն, կեցան մայթին վրայ: Նորայր, որ կնոջ բեռը առած էր, դրաւ նստարանի մը վրայ, ինքն ալ նստաւ քովը, ըսելով` թէ վայրկեանէ մը կը գրէ թուղթը եւ կու տայ: Կինը ոտքի` կը սպասէր:
Նորայր թղթապանակեն էջ մը սպիտակ թուղթ հանեց, ինքնահոս գրիչը բացաւ եւ գրեց վճռականօրէն.
«Տիկին եւ Պարոն Տիւվէռ,
Ես այլեւս պանդոկ պիտի չգամ: Զիս այլեւս բնաւ պիտի չտեսնէք: Վաղը պիտի իմանաք վախճանս` թերթերէն: Անձնասպան պիտի ըլլամ: Պատճառները բոլորովին անձնական են: Որոշումս անդրդուելի է: Անդրդուելի: Չեմ ուզէր ապրիլ: Չեմ կրնար: Գիտցէք, որ Փարիզի մէջ…
Եպրաքսէ հանըմ տղուն արագասահ գրիչին նայելով ըսաւ.
— Էօ-էօֆ, քալէմինդէն քան աքար…
Գրիչը ծակեց թուղթը: Տղան քֆրեց (իբրեւ թէ ծայրին) եւ շարունակեց.
«…ոչ ոք ունիմ: Մարդ չունիմ: Ոչ ոքի սու մը պարտք ունիմ: Այս երկտողս ձեզ կը գրէմ, ընելու համար պահանջք մը: Այն կինը, հայրենակից կինը, որ ձեզի կը բերէ այս երկտողս, ահա այդ կինը պէտք է տիրանայ այն բոլոր բաներուն, զորս ունիմ սենեակիս մէջ: Ամէն ինչ այդ խեղճ կնոջ տուէք: Անոր կը նուիրեմ: Չեմ ուզէր, որ ոստիկանութիւնը գրաւէ: Կը խնդրեմ, որ յարգուի այս վերջին փափաքս:
«Շնորհակալութեամբ եւ վերջին ողջոյնով
Կը ստորագրեմ`
ՌՈՊԷՌ
(Նորայր Կարապետեան)»:
— Ատ ինչ շուտ լմնցուցիր, ըսաւ Եպրաքսէ հանըմ:
Նորայր պահարան կը փնտրէր թղթապանակի մէջ, ապարդիւն կերպով: Խիստ դժգոհ էր չգտնելուն համար: Յանկարծ խելք ըրաւ եւ հարցուց կնոջ, թէ ֆրանսերէն կարդալ գիտէ: «Էյ, միայն այդ էր պակաս» ըսաւ կինը: Այն ատեն տղան ուղղակի ծալլուած թուղթը ձեռքը դրաւ մայրիկին: Ոչ, ուրիշ ըսելիք ունէր: Հանեց իր ինքնութեան թուղթը, ան ալ միասին տուաւ, դրած երկտողին տակ աւելցնելով.
«Նամակիս կը միացնեմ ինքնութեան թուղթս, որպէսզի ապահով ըլլաք, թէ գրութիւնը ուղղակի ինձմէ կու գայ»:
Նորայր եւ կինը քովընտի փողոց մը մտան ու յառաջացան: Բաւական մը քայլեցին: Մսավաճառի մը առջեւ կանգ առաւ տղան, եւ դէմի եզերքը քիչ մը անդին ցոյց տուաւ պանդոկ մը մարմար դուռով, ոսկեզօծ տառերով: Հոն պէտք է տանէր իր տուած թուղթը եւ յանձնէր պանդոկապետին:
Նորայր կնոջ վերադարձուց գորգի ծրարը եւ միաժամանակ տուաւ դրամատոմս մը՝ զոր Եպրաքսէ հանըմ մերժեց խստօրէն:
………………………………………………………………
Ճշմարիտ փոթորիկ մը փրցուց հայ մայրիկը:
Պիտի խենթենար, խելքին պիտի գար: Անպայման սխալմունք մը պատահած էր, որովհետեւ խելքին պիտի գար: Բայց լաւ կը կարդային, ուշադրութեամբ կը կարդային, վստահ էին իրենց ըսածին: Բայց, Աստուած իմ, Հայ մը չկայ սա մօտերս, որ գայ ու պէտք եղածին պէս թարգմանէ: Որ սենեակին ունեցածը, ինք ինչ գործ ունի ոստիկանութեան գրաւածներուն մէջ: Ռոպէռ մի:
Փոքրակազմ եւ սիրուն պանդոկապետուհին է, որ նախապէս թուղթը առած էր եւ կարդալով գոյնը նետած: Դուրս նետուեցաւ գրասենեակէն եւ սանդուխներն ի վեր ճչաց — Տէզիռէ, Տէզիռէ: Եւ որովհետեւ իր ուզածին չափ շուտով չէր հասնէր ամուսինը, սկսաւ գրասենեակին էլեկտրական կոճակները բոլոր յարկերուն վրայ հնչեցնել: Վերջապէս պանդոկապետը վար եկաւ ըսելով — «Բերին ապահովագրութեան պատասխանը»: Բայց գրեթէ միաժամանակ իր կնոջ տժգունութիւնը տեսնելով դէմքը կախեց ու բարկացաւ: «Խենթ ես դուն, կ՚ըսէր, նորէն անկողին պիտի իյնաս. դեռ երկու օր է ոտքի ելեր ես… Ինչ կ՚ըլլանք կոր»:
Երբոր ինքն ալ կարդաց Նորայրին թղթիկը. այս անգամ կնոջը հետ սկսաւ հարցումներու տարափ մը տեղացնել Եպրաքսէ հանըմին վրայ: Բնականաբար չէին համարձակեր շուտով այս վերջնոյն ըսել, թէ ինչ կ՚անցնի կը դառնայ, քանի որ չէին գիտեր, թէ ինչ կապեր Հայուհիին կը միացնեն տղուն: Երբոր վերջապէս, մեծ դժուարութեամբ հասկցան, թէ պարզ հայրենակից մըն է, տուին երկտողին իմաստը:
Ոչ, չէր կրնար հաւատալ, աչքերը կը մթագնէին, արիւնը գլուխը ելած էր, ըլլալիք բան չէր: Կը պահանջէր, որ Հայ մը գտնեն, որպէսզի ան պէտք եղածին պէս, շէնքով շնորհքով թարգմանէ: Աստուած իմ, շատ համբերութեան պէտք եղաւ Հայուհիին հասկցնելու համար, թէ սուտ ու սխալ չէին ըսեր:
— Բայց այս ատեն ինչ կեցեր էք, վազեցէք, ետեւէն վազեցէք, — կը պոռար Եպրաքսէ հանըմ: — Մայրիկ ունի, քոյրիկ ունի:
Եւ չէր կրնար ըմբռնել, թէ ինչու անմիջապէս ետեւէն չեն վազեր տղու մը՝ որ հեռու տեղ մայրիկ մը ունի:
Պանդոկապետին թեւէն քաշելով տարաւ մինչեւ փողոցին դուռը, ըսաւ, թէ մինչեւ ուր իրեն ընկերացած էր Նորայր, եւ թէ մարդը եթէ քիչ մը վազէր, անպայման ետեւէն կը հասնէր: Պէտք էր կառք մը առնել եւ վազել, պէտք էր ջուրին եզերքը երթալ, այո, Սէնին եզերքը երթալ. պէտք էր լուր տալ մեր եկեղեցին, որուն մեթռօն «Շան զ՚Էլիզէ»-ն էր: Բայց ինք չի կրնար վազել, որ…
Կրկին վերադարձան գրասենեակ: Եպրաքսէ հանըմ կու լար: Այդպէս չպիտի լար անշուշտ, եթէ քիչ մը գոնէ կարենար ինքզինքը պարպել: Բայց լեզուի դժուարութիւնը կրկնապէս կը նեղէին զինքը: Հայերէն եւ թուրքերէն բառերը կը խառնուէին իր չափազանց խեղճ, ծիծաղելի ֆրանսերէնին հետ, եւ իր ըսածները պանդոկապետը կը գուշակէր, քան թէ կը հասկնար:
Փոթորիկը քիչ մը խաղաղեցնելու համար մարդը խստութեամբ ըսաւ.
— Բայց քիչ մը զսպեցէք ինքզինքնիդ, տիկին, մանուկ չէք: Մենք զինքը ձեզմէ աւելի կը ճանչնանք եւ սակայն… Չչափազանցենք, վերջապէս օտար մը ըսել էք…
Ինչ, օտար. երբեք. երբեք օտարներ չէին: Ինքը շատոնց է, որ կը ճանչնար Նորայրը: Քանի Կիրակիներ եկեղեցին հանդիպած էր: Եւ յետոյ ան իրեն համար ապառթըման պիտի փնտռէր… սկսած էր փնտռել… Եւ յետոյ, նոյն գիշերն իսկ ինք հոս պիտի գար եւ Նորայրին կռնակը վեց հատ շիշէ պիտի քաշէր… Օտար մի… տակէն հագած ֆանելաներուն թիւը անգամ գիտէր… Օտար մի…
Պանդոկապետուհին ըսաւ…
— Ես արդէն կը զգայի, որ այս տղան բան մը ունի: Երկու օր է պանդոկ չէ եկած: Այնպէս չէ, Տէզիռէ, երկու գիշեր է որ չէ եկած:
— Դուն լռէ, ըսաւ մարդը խստութեամբ: Դուն արդէն միշտ այսպէս ես. ամէն բան կը վերածես ողբերգութեան եւ ճեփ-ճերմակ կ՚ըլլաս: Արդէն հազիւ երկու օր կայ, որ անկողնէն ելեր ես… Անձնասպան պիտի ըլլամ ըսելուն համար դուք ալ հաւատացիք: Սպասեցէք տեսնենք… խոսքին եւ արարքին մէջ հեռաւորութիւնը շատ մեծ է: Որ երիտասարդը այդ տեսակ ցանկութիւն չէ ունեցեր: Ես անգամ քեզ չգրեցի Լիլ եղած ատեննիս, թէ…
— Ինչ կ՚ըսես կոր, միւսիւ, պոռաց Եպրաքսէ հանըմ. դուն եւ ան մէկ էք: Անոր աչքերուն մէջը նայողը միայն կը հասկնայ, թէ որքան յամառ է: Իր գիտցածէն շեղող տղայ չէ: Միտքը դրեր է, պիտի ընէ: Ես մարդու մը երեսը եթէ նայիմ, ինչ ըլլալը քեզի կ՚ըսեմ:
Հայ կինը այս խօսքերը կ՚ըսէր (կամ ըսել կը կարծէր) միշտ նոյն բարձրաղաղակ ձայնովը, յուզուած ձայնովը եւ առատ շարժուձեւերով: Պանդոկապետը կրկին փորձեց զինքը հանդարտեցնել, բայց տեսնելով, որ դէմինը իր բոլոր ըսածները չի հասկնար, աւելցուց — la barbe!:
— Հապա, — ըսաւ Եպրաքսէ հանըմ, մօրուքն ալ մատ մը եկած էր: Ինքզինքը ձգած էր, ձգած…
Ֆրանսացիները այս անգամ ալ չխնդացին, կարելի չէր։ Այն ատեն պանդոկապետուհին իր ամուսինին ըսաւ, թէ պէտք է շուտով ոստիկանատուն երթալ եւ եղելութիւնը պատմել, տեղեակ պահել իշխանութիւնը: Գուցէ անոնք միջոցաւ մը կրնային տղան գտնել, կրնային զայն ետ կեցնել: «Արդեն ուրիշ միջոց չկայ որ» ըսաւ մարդը եւ պատրաստուեցաւ ոստիկանատուն երթալ: Բայց որովհետեւ հայ կնոջ աղմկալից ներկայութիւնը անհաճոյ էր գրասենեակին մէջ, բայց որովհետեւ չէր ուզեր զայն առանձին թողուլ իր կնոջը հետ «որ նորէն անկողին պիտի իյնայ», Եպրաքսէ հանըմը դուրս հանեց: Միասին քանի մը յարկ բարձրացան եւ պանդոկապետը դուռ մը բանալով ըսաւ, թէ այդ էր Կարապետեանին սենեակը: Յետոյ հայելիին վրայէն տղուն մէկ լուսանկարը առնելով աւելցուց — «Ես մարդոցը կ՚ըսեմ ինչ որ պէտք է: Անոնք այս պատկերովը թերեւս կրնան գտնել: Մինչեւ որ չգամ, հոսկէ մի շարժիք: Շուտով կուգամ»: Ու մեկնեցաւ առանձին ձգելով կինը:
………………………………………………………………
Եւ յետոյ բացաւ հանդերձակալը: Հոն կախուած նոր հագուստը, վերարկուն եւ այլ գոյքեր տեսնելով բացականչեց— «Չեմ ուզէր, ծօ, չեմ ուզեր»: Հայելիին վրայ տեսաւ տարեց կնոջ մը լուսանկարը որ ապահովաբար Նորայրին մայրն էր: Մասամբ ճերմկած մազերով այդ կինը կը ժպտէր քաղցրօրէն: «Ակնոցս ալ քովս չէ, բայց խաթուն կնիկ մը կ՚երեւաս կոր» ըսաւ Եպրաքսէ Հանըմ եւ հեռացաւ հայելիէն` սաստիկ յուզուած:
Որքան որ շուտով հեռացած էր, նոյնքան շուտով մօտեցաւ դարձեալ պատկերին: «Մուխդ մարեցաւ, կնիկ… Աչկս ելլայ… թամ ալ զաւկիդ կը նմանիս կոր. քիթէդ ինկեր է… գիտես քի ես քեզի տեղ մը տեսած եմ…»:
Եւ յանկարծ սաստիկ բարկացաւ Նորայրին դէմ: Սաստիկ զայրացաւ: Ոչ, այս բանը ընելու չէր քանի որ մայր ունի. իր ծնողքին խնայելու էր այս վիշտը: Ինչ ես եղեր, այ տղայ, ձեռքդ ոտքդ կը բռնէ, փառք Աստծոյ. չէիր կրնար քիչ մը ակռադ սեղմել: Եւ յետոյ, «Ինձմէ ինչ կ՚ուզէիր, ես քեզի ինչ գէշութիւն ըրի, որ սիրտս վեր հանեցիր. չէին օգտեր իմ քաշածներս. չէին օգտեր իմ տեսածներս: Ինչ կ՚ուզէիր ինձմէ, որ հոս ղրկեցիր. ես մեղքը չեմ… Ախ, ճայիլութիւն. տէլի գանլը ըսէր են նէ հախ ունին, արիւննիդ խենթ է… քա ուր տեսնուած է, որ թռամվային մէջ առաջին անգամ հանդիպած կնկանդ…»
Եպրաքսէ հանըմ նայեցաւ պատին վրայ հաստատուած Illustration գունաւոր նկարներուն, առանց զանոնք տեսնելու: Վերմակը վեր առնելով` սաւաններուն սպիտակութիւնը քննութենէ մը անցուց եւ գլուխը երերցուց ըսելով «տէլի գանլը»: Յետոյ գնաց անգամ մը եւս բացաւ հանդերձակալը, նայեցաւ ճերմակեղէններուն եւ մատներով շօշափեց ու քննեց նոր զգեստին կերպասը: Երդում ըրաւ, որ զանոնք աղքատի մը պիտի տայ եւ հեռացաւ իսկապէս յուզուած:
Իսկապէս յուզուած էր, որովհետեւ աչքին առջեւ եկաւ իր պզտիկ տղան, որ գրեթէ նոյն տարիքը ունի: Իր «անառակ շուն»ը մտածումին ներկայացաւ տխուր, ինքն իր վրայ կքած, մօրուքը մատ մը եկած: Այդ սիրելի դէմքը կը տժգունէր հետզհետէ աւելի, հետզհետէ աւելի: Եպրաքսէ հանըմ աթոռի մը վրայ ինկաւ յոգնաբեկ: Տղուն պատկերը չէր հեռանար սակայն: Ան յուսահատ էր եւ լքուած: Տակէն շատ թեթեւ ու հին ֆանելաներ հագած էր, շիշէ քաշող չունէր եւ իր սենեակին առարկաները կը կտակէր որեւէ մէկուն: Յանկարծ «անառակ շուն»ին դէմքը ծածկուեցաւ արիւնով: Արիւնը կը վազէր բերնէն, ռունգերէն, քունքէն: Յանկարծ գլուխը ջախջախուեցաւ հանրակառքի մը տակ եւ մարդիկ սկսան պոռալ, աղաղակել, օգնութիւն խնդրել: Յանկարծ տղուն կոկորդը կտրուեցաւ ածելիի ահաւոր հարուածով մը: Յանկարծ…— Եպրաքսէ հանըմ կու լար: Իր ուռած տղան դուրս կը քաշէին Սէն գետէն. կանաչ էր եղած ան. խխում հագուստներով կը բերէին տուն. Հաստ ու դաժան conciergeը թեւերը վեր կ՚առնէր սարսափով եւ «ես քեզ մեղայ» կ՚ըսէր Եպրաքսէ հանըմին: Իսկ ան իր տղուն պաղ դիակին վրայ ինկած` մազերը կը փետտէր…— ոտքի ելաւ Եպրաքսէ հանըմ: Անտանելի էր իր վիճակը: Պիտի խեղդուէր:
Անհամբերութեամբ սենեակին դուռը բացաւ ու նայեցաւ սանդուխներէն վար: Պանդոկապետը միշտ կ՚ուշանար: Կրկին ներս անցնելով սկսաւ երթուդարձել եւ խոշոր ճիգ մը ընել այս մահաբոյր մտածումները հեռացնելու համար: Վայրկեաններն իրեն անսահման կը թուէին, եւ ինք կ՚ուզեր ժամ առաջ դուրս փախչիլ այս անտանելի մեռելատունէն: Գլխուն քիչ մը պաղ ջուր զարկաւ, հառաչեց ու մնաց յուսակտուր, մնաց ջախջախուած՝ ակնարկը պարապին:
Այդպէս, ակնարկը պարապին, սկսաւ կրկին մտածել շրթունքները անշարժ, բայց գլուխը ճօճելով.
— «Տղայ մը պակաս է եղեր… որուն հոգն է… հաշիւ բռնողն ով է… ով պիտի գայ հոս մարդ պիտի փնտրէ… չմեռնիս, եօխսամ… Ասչափ մարդ ջարդեցին, ասչափ մարդ զարկին, ասչափ անմեղի արիւն մտան… Ով որի… կէնէ ամէն մարդ իր օրուան հացին ետեւէն կը վազէ, ամէն մարդ իր վաղուանը կը մտածէ… չմեռնիս, եօխսամ… պարէ հրաշք մը ըլլար եւ սա տղան գտնէին, հրաշք մը ըլլար՝ սա տղան փրկէին…
Մտածումներու առթած թմրութենէն յանկարծ սթափուեցաւ Եպրաքսէ հանըմ: Գաղափար մը ինկած էր իր մէջ, երկինքէն քար իյնալու պէս: Մէկը այն գաղափարներէն, որոնք մարդս կը մղեն յանկարծական գործունէութեան, առանց անդրադարձումի րոպէ մ՚իսկ շնորհելու: Բայց անշուշտ, ինչու պիտի չընէր: Ով կրնար տեսնել զինքը: Ով որի:
Եւ անմիջապէս պատուհանը ամբողջութեամբ բանալէ յետոյ, գնաց իր հրայրը քակեց եւ դուրս հանեց գորգը: Պիտի թօթուէր:
………………………………………………………………
Սկսաւ թօթուել ուժով, գոհունակութեամբ, առոյգութեամբ: «Էյ, աս փէք աղէկ յարմարեցաւ»— մտածեց, եւ թեւերը պիրկ՝ մարմինը պատուհանէն դուրս` սկսաւ զարնել ու զարնել: Բաթ, քիւթ, բաթ, քիւթ… Ով պիտի գար զինքը արգիլել։ Ով որի: Բաթ, քիւթ… բայց սահեցաւ:
Շատ մաշած, նոր փայլեցուած, եւ փայլը դեռ բնաւ չաղարտուած տախտակամածին վրայ սահեցաւ Եպրաքսէ հանըմ, իր մաշած կրունկներուն եւ իր աճապարանքին պատճառաւ: Գնաց երեսի վրայ:
Ակնթարթ մը: Խուլ ճիչ մը` կնոջ փորոտիքին մէջ: Ճարտարապետական գիծեր, պատուհաններու մէջ կախուած ճերմակեղէններ եւ վարի courը աչքերուն մէջ դարձած, շրջեցան, ընկլուզեցան, բայց կինը կառչեցաւ:
Կրցաւ կառչել պատուհանի շրջանակին, գոնէ մէկ ձեռքով: Դժուարութեամբ ու շնչահեղձ` ներս անցաւ: Ներս անցաւ՝ առանց գորգի: Ան վար հասած էր արդէն ու կը հանգչէր երկու աղբամաններու միջեւ:
Լեղին պատռած էր: Եպրաքսէ հանըմին սարսափը աննախընթաց էր: Երկու ձեռքերը գլխուն զարկաւ իր բոլոր ուժով եւ կանչեց սրտին խորունկէն— «Աման, աման, սուրբ Աստուածամար»:
Կարծես վտանգէն հեռու փախչելու համար, կարծես աւելի ապահովութիւն գտնելու համար, գնաց սենեակին խորը, սկսաւ դառնալ ու դառնալ նոյն անկիւնին մէջ եւ դողացող ձեռքերը կրկին գլխուն զարնելով ըսաւ. «լա կ՚երթայի կոր… քա մանչերս… աման, սուրբ Աստուածամար…»:
Ոչ, չէր գացած: Կասկած չկայ, թէ վար չէր ինկած: Հոս էր, սենեակին մէջն էր, վտանգը անցած էր: Տեսաւ ինքզինքը հայելիին մէջ: Շառագունած էր եւ այլայլուած: Խաչ հանեց եւ վճռեց Կիրակի օրը «մոմ երթալ եւ եկեղեցի մը վառել»: Երբ ինքզինքը կը դիտէր հայելիին մէջ, հոն տեսաւ նաեւ անծանօթ մօր պատկերը: Ան միշտ կը ժպտէր քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
Ան միշտ կը ժպտէր քաղցրօրէն:
………………………………………………………………
— Քա էդէպսիզ. գետնին տակը անցնելիք Եպրաքսէ…
Կատաղօրէն սկսաւ յանդիմանել ինքզինքը եւ ըսաւ, թէ Ֆրանսացինիրը իրաւունք ունին, թէ ինք ճշմարիտ խենթ մըն է, թէ ծայրայեղութեան տարած է մաքրասիրութիւնը: Ամէն օր եւ օրն ի բուն ջուր կը վազցնէ, տախտակ կը շփէ եւ բան կը թօթուէ: Եւ այժմ վերջապէս կ՚ուզէր գիտնալ, կ՚ուզէր անպայման գիտնալ, թէ երբ պիտի փոխէ իր յոռի բնաւորութիւնը: Հարց կու տար եւ կը փափագէր հասկնալ, թէ երբ պիտի հրաժարի իր անիմաստ սովորութիւններէն: «Հէ, ըսէ նայիմ» կը կրկներ ամէն նախադասութեան սկիզբն ու վերջը, եւ քանի որ յանցապարտ Եպրաքսէ կը մնար լուռ, ինքն աւելի ուժ կ՚առնէր եւ կը պնդէր, թէ արժանի կը պատիժի։ «Հախ» է, ինչ որ պատահեցաւ «Հախ» է: Այո, արդարութիւն է: Իրեն պէս ջատուկ մը, որ իր երկու աննման մանչերն իսկ մեղքնալ չի գիտեր այս տեսակ վախճան մը պէտք է ունենայ: Պէտք է ճղակտոր ըլլայ: «Աման, սուրբ Աստուածամար»: Սկսաւ լալ Եպրաքսէ հանըմ:
………………………………………………………………
Երբեք, երբեք պիտի չհամարձակի վար իջնել եւ պանդոկապետուհիէն խնդրել, որ իրեն վերադարձնեն գորգը: Երբեք, երբեք պիտի չհամարձակի խոստովանիլ, թէ գորգ թօթուելու ելած էր մեռնող տղու մը սենեակին մէջ որ հեռու տեղ մայրիկ մը ունի: Հայելիին վրայ էր միշտ իր մեղքը: Բայց ուրեմն ինչ պիտի ընէ: Լսուեցաւ պանդոկապետին ձայնը, որ ոստիկաններու հետ շփուած ըլլալուն համար աւելի գոռ եղած էր: Մարդը վերադարձեր է: Եպրաքսէ հանըմ անմիջապէս գոցեց պատուհանը:
Բնականաբար ոտնաձայները կը մօտենային, եւ սանդուխը կը ճռնչէր հետզհետէ աւելի յստակօրէն: Հայ մայրը յանկարծ նշմարեց իր սեւ լաթը: Այն՝ որուն մէջ պլորած էր իր գորգը: Պարապ պարապ, պարապ սեւ լաթը:
Այնքան արագ, որքան արագ բացած էր պատուհանը գորգը թօթովելու համար, Եպրաքսէ հանըմ շուրջը նայեցաւ եւ անմիջապէս վերմակին տակէն խլեց մեծ բարձը: Զայն պլլեց սեւ լաթին մէջ: Հօփ-լա: Կրկին գոցեց վերմակը:
………………………………………………………………
Յաղթանդամ բեռնակիրներ կառքէ մը վար կ՚առնեն պոչաւոր դաշնակ մը, մինչ կառքին ձիերը կը խածնեն մէկզմէկու վիզ: Չանձրեւեց այսօր բացառաբար եւ ապրիլեան հետմիջօրէն յառաջացած է պատերու տակէ, գլխիկոր: Մօտակայ բարձր ծխնելոյզին մուխը կ՚իյնար վար, պատճառ ըլլալով որ աւելածուն գլուխը ցցէ, նայի եւ քրթմնջէ: Իր ատելի խանութին առջեւ նստած է անցեալը մութ մսագործ մը, խոշոր շան մը հետ: Հաստափոր մսագործը բերնին անկիւնէն կը նետէ սիգարէթի գարշելի կոտորակ մը եւ վերջապէս կը զարմանայ: Զարմացումով կը նայի սեւեր հագած խեղճուկ կնոջ մը, որուն շարժումները առնուազն արտառոց են: Լայնածաւալ կինը սեւ ծրար մը ունի թեւին տակ: Ջղագրգիռ գնացքով կ՚երթայ ան փողոցին ծայրը եւ հոն կը կենայ: Հոն կը կենայ ու յետոյ կը վերադառնայ: Այս երրորդ անգամն է, որ կինը կ՚երթուդարձէ: Կը մօտենայ մարմար դուռով եւ ոսկեզօծ տառերով պանդոկին, կարծես ներսը մտնելու հաստատ, անխախտելի որոշումով, բայց կը վարանի, քիչ յետոյ հեռանալու համար աճապարանօք: Ծրարը կը բանայ, կը նայի սպիտակ բանի մը եւ անհասկնալի բաներ կը բացականչէ: Բայց մանաւանդ ձեռքը կը զարնէ գլխին, արագ եւ բազմաթիւ հարուածներով: Շուրջն ալ կը նայի կարծես օգնութիւն հայցելու պէս, բայց ոչ ոք օգնութեան չի հասնիր անոր՝ որ խեղճուկ մը կեցեր է պանդոկին դրան առջեւ, անոր՝ զոր ես կոչեցի Եպրաքսէ հանըմ, բայց դուն գիտես, ընթերցող, որ պճեղ մը անուշ սիրտ է:
ՅԱՐԱԼԷԶՆԵՐՈՒՆ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հով կայ: Պոլսոյ եօթը բլուրներու վրայէն գիշերը իր պայծառութիւնը կ՚անցնէ թունաւոր շեղբի մը պէս ու կը կաղկանձէ: Ձորակներուն խորը տուները անհետացեր են անհիմն զրոյցներու պէս սա կողկողաձայն մութին մէջ, ուր հով կայ: Պողպատէ գամերով բուքը կը սանտրէ մահաշունչ ծառուղին եւ կը սկրթէ սառած լորձունքը որ պարտուած քաղաքը ծածկեց: Առժամաբար կրօնքները վար կ՚առնեն իրենց ցուցամատը` մինարէն, զանգակատունը: Գերեզմանաքար մը կը տապալի յանկարծ եւ խոշոր փաթթոցը անջատուելով կը գլորի, կոկորդը վեր կը խրի: Ընդելուզուած ոսկեզօծ տառերը քարին վրայ կը գալարուին խիթերու պէս, այս բոլորը այսպէս է, այս բոլորը այսպէս կ՚ըլլայ եւ յետոյ կը վերսկսի:
Կծկուած նոճիի մը ոտքերուն մէջտեղ եւ գլուխը յանձնած ստուերին պաշապանութեան կը դողդղայ լքուած տղան, ահաբեկած տղան: Կը ճգնի արհամարհել ականջներուն խժլտուքը եւ կը կծկուի, կը պզտիկնայ, մորթին ծակերը կը գոցէ: Կը սպասէ շնչահատ ու խռով: Բայց աչքերը կը յամառին չտեսնել խաղաղութեան եւ բերկրութեան այն բնանկարները, զորս երեւակայութիւնը կը տքնի պարտադրել, քանի որ սպառնալիքներ կու գան ամէն կողմէ: Մեռելի ձայն մը լսուեցաւ: Ճիշդ` մօտիկէն ոգիի մը ձայնը լսուեցաւ: Կարծէք հողէն, կարծէք նոճիին բունէն ելլող անդրաշխարհային ձայն մը.
— Ատնան, իմ Ատնան…
Պաղ ձայնը խարխափեց, զօրացաւ ու ըսաւ.
— Ատնան, ես քեզ փնտրեցի երկարօրէն ու չգտայ: Շրջեցայ ամէն կողմ, քեզ հարցուցի Արեւելքին եւ Արեւմուտքին ու չնստայ: Ատնան, իմ Ատնան. յուսացի քեզ գտնել այն պատուհանին առջեւ, որ թէեւ փոքր է ու գոց բայց որ երկինք կը նայի: Եւ ահա քեզ կը գտնեմ նոյն փոքր ու գոց պատուհանին դուրսի կողմը, եւ դուն դէպի բանտ կը նայիս: Ես ուզեցի քեզ գտնել այն ճամփուն վրայ, որ երեք անգամ կը բարձրանայ հոգ չէ թէ տեղ մը չի տանիր: Եւ ահա քեզ կը գտնեմ ճամփու մը վրայ որ թէեւ տեղ մը չի տանիր բայց որ երեք անգամ կը ցածնայ:
Ստուերին մէջ կծկտած տղան ըսաւ կափկափելով.
— Ես… ես…
Եւ իր ձեռքերը ըսին. «Ես Ատնանը չեմ»:
Եւ իր աչքերը ըսին. «Ես Ատնանը չեմ»:
Ձայնը շարունակեց վատահամբաւ գիշերով.
— Դուն կը պառկիս կռնակի վրայ, սպասելով, որ գիշերը քու լքուած միսերդ հողին տակ ղրկէ եւ քնանաս: Հրաժարած ամէն բանէ` այլեւս միայն մեռնիլ կ՚ուզես, կ՚ուզես քուն, անվերջ քուն: Ով Ատնան, բոլոր շուկաներուն վրայ ծախու ելած ողնասիւներդ տեսայ: Զանոնք ձեռքէ հանած էիր, եւ ես տեսայ: Շուկաներուն վրայ ծախու ելած քու բազմաթիւ սիրտերդ տեսայ: Վերջինը` քսանհինգ տարեկանի սիրտդ յափշտակեցին ձեռքէ ձեռք:
Յուսահատ տղան կակազեց իր պզտիկութեանը մէջէն.
— Իմ անունս… իմ…
Եւ իր ձեռքերը ըսին— «Իմ անունս Համբարձում է»:
Եւ իր աչքերը ըսին— «Իմ անունս Համբարձում է»:
Ձայնը շարունակեց վտանգաւոր գիշերին մէջ, ուր հով կայ.
— Ատնան, իմ Ատնան. քեզ երկարօրէն փնտրեցի ամէն կողմ ու չգտայ, որովհետեւ դուն ոչ կենդանի էիր եւ ոչ մեռեալ: Ան որ միայն մեռնիլ կը ցանկայ, ան ոչ կենդանի է եւ ոչ մեռեալ: Բայց գիտցիր, որ դեռ կան արձանագրութիւններ, զորս չես քակած, զսպանակներ, որոնց չես դպած: Բաց, բաց կապանքները: Գիտցիր, որ յոյսը կը ծնի լուսաւոր թէ մթին ճամփէն, քրքիջի մը մէջէն թէ հեկեկանքի: Ես եկայ ու մեկնեցայ, բայց ան միշտ կ՚ոստոստէ զիրար սեղմող ձեռքերու գորովին հետ: Ես եկայ ու մեկնեցայ, բայց կ՚ուզեմ, որ դուն յուսաս անյուսութեանդ մէջէն: Ամէն անկիւնադարձի յոյսը ծնաւ ու երեւցաւ բոլոր անոնց՝ որոնք աչք ունէին, եւ անոնց, որոնք կոյր էին: Բայց դուն ոչինչ տեսար, իմ Ատնան: Ան, որ միայն մեռնիլ կը ցանկայ, ան ոչ կենդանի է եւ ոչ մեռեալ:
Երիտասարդը աւելի սեղմուեցաւ նոճիի բունին ու ըսաւ.
— Իմ անունս Համ… Համբարձում է…
Եւ իր ձեռքերը ըսին— «Ես քեզ չեմ ճանչնար»:
Ձայնը շարունակեց միօրինակ.
— Անել փողոցնէր շինուած են, որպէսզի յոյսը աւելի շուտով գայ: Հոտաւէտ նամակներ մնացած են անպատասխանի, որպէսզի յոյսը աւելի ուժով գայ: Բոլոր, բոլոր սիրելիները մեկնած են անվերադարձ` եւ յոյսը եկած է կրկին: Կը յիշես, ծագող արեւը իր ճառագայթները նախ մեր փողոցին մէջ կը նետէր, եւ քիչ յետոյ ձերինին մէջ: Կ՚ըսէինք, թէ անկողնէն ելլող արեւը իր տաբատը կը հագնի: Որքան կը խայտայինք մեր գեղափայլ զարթօնքի պահուն: Բայց կը տեսնես, որ ապագային մասին յուսալից ըլլալը աղջամուղջին մէջ միայն արժէք ունի, դժբախտութեան մէջ միայն առաւելութիւն է։ Ատնան, իմ Ատնան. ոչ մէկ ճառագայթ կ՚իյնայ շրթներուդ, մինչեւ որ լոյսին չնայիս, եւ ոչ մէկ լոյս կրնայ գոյութիւն ունենալ քեզի համար, եթէ չգտնուիս կեանքին այս կամ այն կողմը։ Կամ այս կողմը, կամ այն կողմը:
Ահաբեկուած տղան ըսաւ դարձեալ.
— Դուն զիս ուր… ուրիշին հետ… կը շփոթես: Իմ անունս Համ…
Ձայնը շարունակեց վտանգաւոր գիշերով.
— Յուսացի քեզ տեսնել այն ճամփուն վրայ, որ երեք անգամ կը բարձրանայ, հոգ չէ թէ տեղ մը չի տանիր: Եւ ահա որ քեզ կը գտնեմ ճամփու մը վրայ որ թէեւ տեղ մը չի տանիր, բայց որ երեք անգամ կը ցածնայ: Որովհետեւ ազգովին պարտուեր ենք աներեւակայելի ջախջախումով` դուն այլեւս միայն մեռնել կ՚ուզես: Բայց դուն յուսա, իմ Ատնան: Մեր հայրենիքին ընդերքէն ըմբոստ ճիչը բարձրացաւ, ու դուն յուսա: Գրոհի մեր առաջին օրերուն իսկ ես ինկայ՝ բայց անմիջապէս վերջ քեզ հարցուցի ամէն կողմ, որովհետեւ կ՚ուզէի ըսել— Ելիր դուրս ստուերէն, ելիր վեր յուսալքումէն, ելիր…
Ձայնը հալեցաւ, նուաղեցաւ, անշուշտ միւս կողմը ընկղմեցաւ: Այն, որ կու գար ճիշդ մօտիկէն, կարծէք հողէն, կարծէք նոճիին բունէն, անհունօրէն հեռացաւ: Մօտակայ թիթեղի կտոր մը հովին դէմ կրկնեց նոյն ճռնչոցը— «եազը մը, թուղրա մը, եազը մը, թուղրա»:
Երիտասարդը մնաց ուր որ էր, այնպէս ինչպէս որ էր: Դեռ երկարօրէն դողը շրջագայեցաւ իր մէջ ցնցումներով, քմահաճոյքով եւ ինք բաւական ատեն կրկնեց նոյն վանկերը— «Իմ… իմ անունս… կը շփոթես… չեմ ճանչնար»:
Յետոյ է, որ ծառուղիին մէջ եռակայմ նաւ մը տապալեցաւ, կոտրող ճիւղերու ճարճատումներով:
* * *
Հարթ-տափարակ: Աչքդ առածին չափ դաշտագետիններ կան` ուղիղ, միօրինակ: Փռուեր է քաղաքակրթուած հողը իր ոռոգումներով, իր գիտական բերքերով: Կանաչի եւ գորշի բոլոր երանգները պառկեր են կողք-կողքի, կանոնաւոր քառանկիւններու մէջ, որոնք կը նմանին մեծ կարկտաններու, արեւելեան խեղճուկ բազմոցներու: Եւ հարթ, եւ տափարակ: Քանի մը տնակ եւ դղեակ մը՝ որ կը հալի երեկոյեան մթնաստուերին մէջ, իսկ հեռուն կ՚երեւայ երկար երիզը անտառին, որ սեւցաւ: Երկինքը իջաւ վար, թանձրացաւ չափէ դուրս, կորսուող արեւը մրոտեց ու անուանարկեց` եւ սպառնաց: Փոթորիկ մը կը մօտենայ: Յանկարծական եւ խոր լռութիւն:
Երիտասարդը նստեր է խնձորենիի մը առջեւ ու կը նայի գետակին, որ կը հոսի դանդաղ, դանդաղ: Չի հոսիր: Շուրջի թուփերը կեցած են իրենց մէկ ոտքին վրայ եւ կը սպասեն շունչ բռնած մթնոլորտին պէս: Ոչ մէկ ճիւղ կը շարժի, ոչ մէկ աղմուկ կը բարձրանայ: Չկայ որ բարձրանայ: Ջուրը մութ է եւ չարաշուք, քանի որ մռայլ երկինքը սուրճը կը թափէ հորիզոնէ հորիզոն, եւ թմբուկի մը կաշին կը պրկէ հէրսոտ նուագածուի մը նման:
Տղան նստեր է խնձորենիի մը առջեւ ու կը նայի գետակին: Նստեր է միս մինակ, պարտուած, յոգնաբեկ, անդամները ջախջախուած: Իր արիւնոտ արեւելքէն եկաւ մինչեւ հոս, ծայրագոյն արեւմուտք: Բերին մինչեւ հոս եւ ինք քալեց մինչեւ հոս, ծայրագոյն արեւմուտք: Կոպերը կ՚իջնեն, կը ծփան ու անոնց տակ բան մը կայ, որ կ՚ուզէ պառկիլ երեսի վրայ: Ահաբեկիչ փսփսուքներ կան յօնքերուն ետեւ եւ աղմուկներ գլխին մէջ: Գլխին մէջ կան հարուածներ կանոնաւոր, յամառ, անօգուտ: Եւ ձայնը բարձրացաւ գետափէն, թերեւս խնձորենիէն կամ հողէն: Ոգիի մը ձայնը, անդրաշխարհային ձայն մը.
— Ժագօ, Ժագօ…
Բնաւ, բնաւ չուզեց հաւատալ, ցցուեցաւ ոտքի, դիտեց չորս կողմը եւ միաժամանակ փնտրեց արձագանքներ: Պոռաց— «Ով է ան»: Արձագանքը չըսաւ— «Է ան»: Զարհուրեցաւ ու փախաւ, որովհետեւ ձայնը կը կրկնուէր միշտ: Հասաւ երկրորդ կամ ութերորդ ծառի մը մօտ, ուր կոտրած անիւ մը կար: Ինչպէս նաեւ ձուկի ուռկան մը: Կամ չկար: Նստաւ այնտեղ ու հեւաց: Ձայնը կրկնեց առաջուան պէս իր անծանօթ աշխարհէն:
— Ժագօ, Ժագօ…
Կրկին փախաւ, բայց այս անգամ չկրցաւ շատ հեռու երթալ, որովհետեւ երկնքի մէկ լեզուն իր ճամփան կտրել կը պատրաստուէր, բացորոշ սպառնալիքով մը: Թերեւս ոչ: Բայց լռութիւնը կրկնապատկուեցաւ, ու ձայնը սկսաւ խօսիլ մեղմ, քաղցր ու փափուկ.
— Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ: Գիտեմ, թէ երբոր այլեւս մեր խրամը չվերադարձայ, դուն զիս փնտռեցիր, պատուական Ժագօս: Գիտեմ, թէ ականջներդ ցցեցիր ու մտիկ ըրիր խուլ հռնդիւնները երկու խրամներուն միջեւ ինկած վիրաւորներուն, որոնք չէին կրնար քաշկռտուիլ: Մտիկ ըրիր, եւ իմ անունս պոռացիր: Գիտեմ, թէ այդպէս ըրիր, առանց տեղեակ ըլլալու որ իմ անդամներս տարտղնուած էին պատառ պատառ:
«Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ: Յօշոտուեցայ ակնթարթի մը ընթացքին, բայց գիտեմ, թէ դուն զիս փնտռեցիր mon vieux Ժագօ: Ցեխերուն մէջ նստած` ծխամորճդ խածիր եւ մայրիկիս գրեցիր— «Ձեռքէն թեթեւ վիրաւորուած է»: Գիտեմ, թէ այդպէս ըրիր» քանի որ մենք այդպէս ըրինք Մօռիսին համար, երբոր անոր աղիքները դուրս ինկան:
«Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ: Եւ անկէ ի վեր անդադար քեզ փնտրեցի, որովհետեւ կը դողայի քու պայծառ աչքերուդ համար, քու մաքուր հոգիիդ համար: Եւ ահա, որ դուն ինձ կը ներկայանաս դարձեալ փոթորկին տակ, նորէն սպառնալիքին մօտ, միս-մինակ: Քեզ ինչ ըրին, իմ Ժագօս…
Լսուեցան փոթորիկին առաջին եւ հեռաւոր թաւալումները: Ձուկի ուռկանը կարծէք մեծցաւ, տղան շրջապատեց, եւ բազմապատկուած անիւները սկսան դառնալ: Թռչուն մը փախաւ շատ ցածէն, եւ երիտասարդը կմկմաց արգահատելի ձայնով մը.
— Իմ… Իմ անունս Համ… բարձում է: Ես… չեմ…
Բայց ձայնը շարունակեց միշտ մեղմ, միշտ քաղցր, միշտ փափուկ.
— Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ: Դողացի քու պայծառ ակնարկիդ, քու թանկագին հոգիիդ համար: Որովհետեւ գիտէի, թէ անոնք զայրագնաց էին, խելագարելու չափ զայրագնաց: Ջարդեցին մեզ: Երէցները ջարդեցին մեզ հազարներով, միլիոններով, անասուններու պէս եւ աւելի խժդժութեամբ: Այս սպանդին չկրցաւ դէմ դնել ոչ մէկը այն գաղափարներէն, որոնց նուիրուած էինք աղէտէն առաջ: Ամէն ինչ, որ գեղեցիկ էր, բարձր էր, դատապարտուեցաւ լռութեան, անշարժութեան: Ուզեցին մեզ անբանացնել զինուորականութեան պողպատէ ճիրանին մէջ եւ խլացուցիչ որոտումին տակ ռմբակոծութիւններուն: Եւ մենք մեր ակռաները կճրտեցինք խուլօրէն, ատելով ամէն բան, ամէն բան: Իմ տխուր Ժագօս…
Հայը կմկմաց.
— Կը շփոթես… դուն զիս կը…
Բայց անդրաշխարհային ձայնը շարունակեց նոյն քաղցրութեամբ.
— Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերի մէջ: Երբ մեր հոգիները կը յորդէին քինախնդրութեամբ, ատելութեամբ: Անկէ յետոյ քեզ փնտրեցի ցեխերու եւ տողանցքներու մէջ, վիրակապերու եւ նոյնիսկ պատուանշաններու տակ: Բայց քեզ փնտրեցի մանաւանդ գնդակահարուածներու ցիցերուն վրայ: Ժագօս, իմ արի Ժագօս, երբոր վերջապէս քեզ գտայ, դուն դարձեալ քէնոտ ու դժբախտ ես, դուն դարձեալ փոթորիկին տակն ես:
«Գայթակղութեամբ լեցուն բերաններ կան` սպանդանոցներու պէս գարշահոտ. յամառ եւ բորբոսած ցանկութիւններ կան՝ մելամաղձոտ խուցերու պէս ճնշիչ. անցեալներ կան՝ մշուշով խխում: Գարշելի հոտը կը կոչուի ատելութիւն, բորբոսը կը կոչուի ատելութիւն եւ ճնշիչը նմանապէս: Ժագօ, թող ծերունիներուն հանդէպ ունեցած ատելութիւնդ եւ քու լապտերդ վառէ: Լուսաւորէ դարձեալ ուղիդ, սիրէ, Ժագօ:
«Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ: Գիշերին մէջ պիտի մնաս դարձեալ, եթէ ուզես հասկնալ, եթէ ուզես տեսածդ բացատրել, մտածել եւ խոկալ: Սիրէ նախ, Ժագօ: Այն, որ թունալից է եւ այդպէս կը մնայ, որովհետեւ ցեխ ու խաւար կայ շուրջ բոլորը, ան պիտի չսիրէր երբոր նոյնիսկ ապրէր Էլտորատօ: Կամ եթէ սիրէր իսկ` զինքը պիտի չօծէինք փեսայ: Անհրաժեշտ չէ եւ միշտ կարելի չէ մեծ ըլլալ, բայց միշտ պէտք է եւ կարելի է սիրել: Սիրէ գործելու եւ յառաջանալու համար, սիրէ սիրելու համար:
«Քեզմէ բաժնուեցայ վտանգաւոր գիշերին մէջ։ Կաշկանդեցին մեր արքան, դաշունահարեցին մեր բարի արքան: Բայց որպէսզի անգամ մը եւս այդ երաժշտութիւնը գտնես, պէտք է սա գետակէն աւելի վեր ելլես, խնձորենիէն աւելի բարձրանաս: Նայէ երկնքին: Երկինք մը, որ սեւ է, երկինք չէ: Պէտք է աւելի վեր ելլես քան փոթորիկը, որովհետեւ փոթորիկները միշտ գետնաքարշ են: Անոնք կ՚ուզեն քանդել ինչ որ չհասկցան: Դուն լապտերդ վառէ, իմ Ժագօս: Ան չի կրնար մարիլ բարձունքին վրայ, վերը, վերը, համբոյրին մէջ, եղբայրացումէ մը վերջ: Փոթորիկները միշտ գետնաքարշ են: Անոնք կը քանդեն, կը տարտղնեն, կը ցրուեն, բայց միշտ, միշտ կը փոխեն: Միակ ճամբայ մը կայ, որ կը մնայ այնպէս, ինչպէս որ էր` ծիրանի գօտին: Եւ դեռ ինչ որ լոյս է ու կը քալէ: Ժագօ, քեզմէ բաժնուեցայ գիշերին մէջ, բայց յաղթենք թէ պարտուինք, դուն վառէ, դուն վառէ…
Ձայնը հալեցաւ, հեռացաւ, անշուշտ միւս կողմը ընկղմեցաւ: Ան, որ կուգար գետափէն, կարծէք խնձորենիին բունէն, քաղցրութեամբ նուաղեցաւ: «Դուն վառէ»ն նախ եղաւ «բուրվառէ» եւ յետոյ ցնդեցաւ:
Թափանցող զովութիւն մը տիրեց: Յայտնի է, թէ անձրեւը ինկած էր ոչ շատ հեռուն, եւ թեթեւ հով մըն էր ելած: Թուփերը իրենց երկրորդ ոտքը վար էին առած հովին դէմ: Երկինքը կը բացուէր մէկ անկիւնէն, եւ իր թաւալումները հետզհետէ կը խուլնային: Գիշերը կը մօտենար:
Հայը երկար ատեն մնաց հոն, ուր որ էր, այնպէս ինչպէս որ էր: Կկզած` խնձորենիին տակ: Այն առաջին խնձորենիին` ուրկէ երբեք չէր հեռացած, երբեք չէր փախած, չէր իսկ ցցուած ոտքի։ Շրթները ատենը անգամ մը շարժեցան, բայց ոչինչ լսուեցաւ: Դողը հետզհետէ մեղմացաւ, երբոր զանգակները պատմեցին խորհրդաւոր բաներ:
Տղան ըսաւ ինքն իր մէջ — Եթէ մարդ պիտի չճանչնամ, ինչու ոգի ըլլամ:
Երկար ատեն վերջ կկզած տղան դարձեալ ըսաւ — Յոյս եւ Սէր:
Ապահովաբար այս երկու բառերը իր մէջ երկարօրէն կրկնուեցան, քանի որ փլած մարմինը ցցուեցաւ նախ անզգալաբար, յետոյ բացէ ի բաց:
Զանգակները պատմեցին խորհրդաւոր բաներ եւ յետոյ լռեցինք որովհետեւ երկու մեծ ագռաւներ այդ բաներուն վրայէն խոշոր խաչ մը քաշեցին` կռկռալով:
Հայը ըսաւ — Աշխարհի մէկ արեւելեան մասին համար… եւ անոնցմով` որոնք իրենց էութեանը մէջ կը կրեն աշխարհի արեւելեան մէկ մասը:
Ներքին ճամփորդութիւնը շարունակեց երիտասարդը եւ հոգեկան մէկ ծայրավիճակէն հասաւ ուրիշ ծայրավիճակի մը, անշուշտ դժնդակ անդաստաններէ վերջ: Ոչ միայն հետքը չմնաց իր սարսափին, իր պզտիկութեան, այլ ինքն է որ այս անգամ կանգնեցաւ բանի մը դիմաց:
Կանգնեցաւ ջուրին եզերքը գտնուող քարի մը վրայ եւ մէկէն ի մէկ բազկատարած՝ աղաղակեց դէպի երկինք, պաղատեցաւ հոգիէն ժայթքող յորդ վանկերով, աննկարագրելի բաձրացումով.
— Ով Աստուածդ իմ, նայէ անիծեալներուս, գթա այլեւս մեզի: Մինչեւ ուր, մինչեւ երբ այս ճամբան ու իր պատիժը: Հրեայ Աստուած, աղերսս դէպի քեզ չէ որ կը բարձրացնեմ: Գիտեմ, թէ սա բոլոր խաչակիր ազգերը, եղբայրասպան եւ թշուառական ազգերը, ամէնքն ալ իրենց խօսքը կ՚ուղղեն քեզի, իրարու հակառակ, իրարու դէմ, հակասական: Եւ դուն ալ չես գիտէր ինչպէս շարժիլ, որուն երթալ, զով թեւարկել։ Աղերսս կ՚ուղղեմ քեզի, Հայոց Անահիտ, գեղափայլ, աստուածիմաստ Անահիտ: Իջիր կրկին հօտիդ մէջ, փառքդ զեղու Հայորդիներուն վրայ, գրաւէ դարձեալ քու թափուր բագինդ: Դիր, դիր լուսապսակդ մեր ցնցոտիներուն շուրջ, մեր վատութիւններուն, մեր ուրացումներուն շուրջ: Այո, սէրը նուազած է մեր մէջ, բայց չէ անհետացած. յոյսը նուազացած է մեր մէջ, բայց չէ ցամքած: Մերին Անահիտ, շող մը միայն ճաճանչէ, եւ մենք պիտի ցցուինք կրկին անճառելի արշալոյսին մէջ. պիտի յառնենք՝ որպէս թէ համբուրուած ըլլայինք ամենազօր յարալէզներէ: Շող մը, շող մը միայն ճաճանչէ եւ մեզ ժողվէ բոլոր քառուղիներէն, բոլոր ծովափներէն ու բանտերէն, բոլոր լեզուներէն: Մահամերձ ենք, Աստուածդ իմ: Շտապէ, աճապարէ, ըրէ, ինչ որ աստուածները սովոր են ընել երկնքին մէջ եւ հասիր մեզ օգնութեան: Իսկ եթէ կը պահանջես, որ մենք սկսինք, նախ ես կը սկսիմ, ով Անահիտ, անհունօրէն, անհունօրէն դառնացած է իմ հոգիս՝ բայց պիտի սիրեմ ես: Անյատակ անյուսութեան մէջ ենք գլորուեր, բայց պիտի յուսամ:
Շունչ առաւ: Զարմանալիօրէն բաց` աչքերը կը խուզարկէին, կը թափանցէին երկինքը ուր գիշերը կ՚իջնէր: Հայուն կոկորդին մէջ կար հեկեկանք մը` կոկորդէն աւելի լայն հեկեկանք մը: Շարունակեց.
— Եւ ես կ՚աղաղակեմ դէպի սքանչելին: Եւ ես կը պաղատիմ անոր՝ որ երկրպագելի է, անոր` որ մեծատուններուն մէջէն միակ սիրելին է: Ով Տէր, ճշմարտութիւն ունիս դուն, բայց այնպէս մի ըրէ, որ ճշմարտութիւնդ գործէ եւ վաստակաւոր ըլլայ: Ուժ ունիս դուն, բայց այնպէս մը ըրէ, որ ուժդ գործէ եւ ըլլայ նոյնպէս: Ես պիտի սիրեմ եւ պիտի յուսամ, բայց ով փառահեղ Անահիտ, այս օտար երկիրներուն մէջ…
Ձայն մը ըսաւ — «Իմ անունս Անահիտ չէ: Դուն զիս ուրիշին հետ կը շփոթես»:
………………………………………………………………
………………………………………………………………
«Արդեօք մեռած եմ. արդեօք ես ալ մեռած եմ». այս եղաւ իր մտածումը եւ սկսաւ միսերը կսմթել, եղունգները մխրճել զիստերուն մէջ: Քանի որ կրցած էր ոգիներուն հետ խօսիլ, քանի որ ճիշդ իր պատասխանները տուած էր անդրաշխարհային ձայն մըն ալ, կը կարծէր թէ ինքն ալ կ՚ապրի անդենականին մէջ: Ահաւոր ու լեղապատառ կը փախչէր լալով, պոռալով: Կը սայթաքէր ու կը զարնուէր կոճղերու:
Մարմնին կոյտը փլաւ ցած պատի մը տակ, եւ Հայը փղձկեցաւ անդնդախոր անձկութեամբ: Կ՚որոշուէին բառեր.
— Սուտ է, չեմ մեռած, ես… դեռ կրնամ յուսալ… կրնամ սիրել… կ՚ուզեմ սիրել… սուտ է… այս ձայները ամբողջ… ինձմէ է, որ կ՚ելլեն. ես եմ… խօսողը միայն ես եմ… անդենական չկայ… մայրիկ, զսպեցէք սա գլուխս… ես շատ, շատ եմ տառապեր… գլուխս…
Լացաւ դառնօրէն:
Շողիքը կ՚իջնէր իր ձեռքին վրայ:
Գիշեր:
-----------------------
Այն, որ այս գրութեան մէջ դրած էր իր անձը Համբարձում անունին տակ, ընթերցանութիւնը աւարտեց, սպիտակ թերթերը սեղանին ծայրը դրաւ ու յետոյ երկարեցաւ անկողնին վրայ: Վեց օրեր անցած էին այն երեկոյէն ի վեր, երբ իր դողդղացող ու պիրկ մատներովը լեցուցած էր այս էջերը, եւ հիմա որ բաժանումի այդ շրջանէն վերջ կրկին մխրճուած էր իր հեռաւոր մտածումին մէջ, ան իրեն երեւցած էր գրեթէ բոլորովին նոր, անծանօթ: Ուրիշ որեւէ ժամանակ քիչ մը հոգեկան գոհունակութիւն պիտի զգար ապահովաբար, քանի որ այս էջերը արհամարհելի չէին թուեր իրեն, բայց այսօր որեւէ խանդավառութիւն չէր ծաղկեր իր հոգիին մէջ: Երկարեցաւ անկողնին վրայ: Սաստիկ յոգնած էր եւ անուժ` մանաւանդ իր սրունքներուն մէջ, որոնց համար առայժմ անշարժութենէն զատ որեւէ հրճուանք չէր կրնար գոյութիւն ունենալ: Անոնք ամբողջ մարմնին հետ համախորհուրդ` պիտի փափաքէին գաղջ լոգանքի մը մէջ երկարիլ ու մնալ թմրած` գարնան ծոմապահութեան եօթը շաբաթներուն չափ երկար շրջան մը: Բայց պէտք է ծածկուիլ որովհետեւ ցուրտ կ՚ընէ, որովհետեւ երեկոն կը գտնուի ձմրան ու գարնան միջեւ մութ անկիւն մը, խոնաւ անկիւն մը: Ծոմապահութեան եօթը շաբաթներու յիշատակութիւնը զինքը առաջնորդեց մոռցուած գարուններու, Զատկուան տօներու, իր մանկութեան, որ գրեթէ բոլոր մարդոց մանկութեան պէս լաց կը պատճառէ եւ կը գտնուի կուրծքին ձախ կողմը: Տեսաւ զարդարուն խորան մը, հաղորդութիւնը, մեղքը: Ըսաւ, թէ ինք մեղք գործած էր քանի որ գրած էր այս էջերը: Թեթեւ բան մըն էր իր տկարութիւնը եւ կը բաւէր հանդարտ մնալ այն օրը, ինչ որ չկրցաւ: Չկրցաւ զսպել իր երեւակայութիւնը, այն թաւալող սպառիչ անիւը, սիրտը փռեց անոր տակ որպէս զառիթափ ու եփ ելաւ։ Կը յիշէր, թէ ինչպէս կը կանգնէր իր այս անկողնին մէջ, կը խօսէր ձեռքի լայն շարժումննրով, երբեմն բարձրաձայն եւ յետոյ կը գրէր: Կ՚երթար անկողնին վարի ծայրը, այսինքն պատուհանի լոյսին մօտ եւ կ՚արձանագրէր Անահիտի հետ ունեցած իր խօսակցութիւնը, Հայութեան համար զգացած իր տառապանքը: Յաջորդ օրը` հիւանդանոց: Հիմա որ վերադարձած էի անկէ, կ՚ուզէր ներողութիւն խնդրել իր գործած մեղքին համար, բայց ոչ ուժգնութեամբ, այլ մեղմիւ: Մէկ երկու բառով ներողութիւն խնդրել ու խոստովանիլ, թէ իր ըրածը աւելորդ բան էր, անօգուտ էր եւ գէշ: Աւելի բան չըսել, որովհետեւ չէր կրնար ընդլայնել ու պարզաբանել իր տարտամ մտածումները որոնք տարտամ էին պարզ այն պատճառաւ, որ կը կտրատուէին զանազան տեսիլներով: Կը տեսնէր հիւանդանոցի սրահը եւ սպիտակութիւններ, շատ տժգոյն դէմք մը եւ մարդոց առանձնութիւնը, յետոյ ուրիշ լերկ ծովափներ: Անշուշտ, կ՚ըսէր, այս պահուս տեղ մը կայ ընդարձակութիւնը խոպան դաշտերու, եւ անոնց մէջտեղ փոքրիկ տնակ մը, եւ տնակին մէջտեղ փոքրիկ օճախ մը, եւ օճախին մէջտեղ փոքրիկ կայծ մը: Անշուշտ կ՚ըսէր, հոն կայ ապացոյց մը:
Եթէ այսպէս տկար չըլլար, պիտի ելլէր դուրս ու քալէր ըստ բախտի, բայց կը մնար իր մանսառտին մէջ, անոր ծուռ առաստաղին եւ տխուր անցեալին մէջ: Ապահով էր մեղք մը գործած ըլլալուն քանի որ գրած էր կրկին, հակառակ այդ արարքին դէմ իր բազմաթիւ երդումներուն: Գրելը իրեն համար կը նշանակէր եթէ ոչ միշտ չարութիւն, պիղծ կիրք, sadisme, գոնէ հաղորդակցութիւն մը ուժերու հետ որոնք ոչ հակակշռելի են եւ ոչ ալ վստահելի: Գրելը իրեն համար ոչ միայն կը նշանակէր անսահման մեծամտութիւն, այլ նաեւ սատանայութիւն: Իրեն համար կը նշանակէր անվերջ ստախօսութիւն մը, որ կրնար գեղեցիկ ըլլալ, բայց ինք պիտի չկրնար ընել գեղեցիկ, քանի որ ինքզինքը անկարող կը զգար տալու իր ըմբռնած լաւագոյն, բարձրագոյն գեղեցիկը, այսինքն տարտամ երազը, անորոշ՝ եւ ատով իսկ ընդհանրական մտածումը, անշօշափելի գեղուհին, պատէն անդիի փայլատակումը: Եւ ուժը պիտի չունենար երգելու իր միակ ու իսկական խորքը, այսինքն մահուան ցանկութիւնը:
Ձմրան ու գարնան միջեւ կորսուած մութ կէսօրէ վերջ մըն էր, որ կը նուաղէր: Այն որ ինքզինքը կոչած էր Համբարձում, կը խոստովանէր որ ստած էր իր մէջ Հայը անսահմանօրէն տառապակոծ ցոյց տալով: Գիտէր, թէ կան իրեն նման ուրիշ մտաւորական երիտասարդներ, որոնք նմանապէս կը տառապին Հայութեան ճակատագրով բայց անոնց անկեղծութեանը վրայ ալ կը տարակուսէր: Ոչ միայն մտածումով, թէ հաւաքական ցաւերը անսահման չեն կրնար ըլլալ, կամ այն մտածումով, թէ ամէնէն աւելի երկար տեւող ցաւերը ամէնէն անտանելիները չեն, այլ որովհետեւ այդ երիտասարդներուն համար ալ ազգութենէն վեր կայ, կ՚ըսէր, ուրիշ բան մը: Կայ առաւօտ մը զոր դեռ չէ դիմաւորած աքաղաղը, որ դեռ մութին մէջն է, եւ ահա որ կը լսուին թեւաբախումներ: Չարաշուք թափահարումներով չաստուածները ճամբայ կ՚ելլեն մութին մէջ, արշալոյսէն առաջ ու կը մեկնին: Յարալէզները կը դաւաճանեն ու կը մեկնին: Մինչեւ մեր երեսուն տարիներուն մօտերը կը կարծէինք բարձրանալ, հակառակ մեր մտահասութեան կը կարծէինք համբառնալ, մարմնեղէնը ետեւ ձգել ու վեր ելլել, հասնիլ արշալոյսին: Եւ ահա դաւաճանութիւնը` ու կը զգանք թէ շատ մը բաներ կանգ կ՚առնեն: Թէ այլեւս բնաւ պիտի չկրնանք ճանչնալ մեր ընկերակիցը, պիտի չկրնանք անոր յայտնել մեր իսկութիւնը, պիտի չկրնանք իրագործել ինչ որ կը փափաքէինք, իսկապէս պիտի չգիտնանք թէ ինչ կը փափաքինք եւ գրեթէ միշտ պիտի պատասխանենք հաստատակամօրէն, երբոր պէտք է պատասխանել ժխտականօրէն: Բայց ինչ պէտք է: Յարալէզները կը լզէին եւ Գեղեցիկը պիտի արթննար: Բայց ան այլեւս պիտի չելլէ ոտքի: Համբարձումը անկողնին վրայ է:
Երկու ամպեր կողմնակցութիւն ըրին եւ վերջալոյսը կենդանութիւն ստացաւ: Կարմիր ճառագայթները մտան փոքրիկ պատուհանէն ներս եւ պատին վրայ ներկեցին քառանկիւն մը որ կատարեալ պիտի ըլլար, եթէ հոն քիթը խոթած չըլլար ծխնելոյզներու ամոլ մը: Անկողնին վրայէն ապաքինողը փորձեց մտերմանալ երեկոյեան այդ այցելուներուն հետ, բայց գրագէտի professionnel մոլութեամբ մը վերադարձաւ իր մտածումին: Փորձեց ըսել, թէ Յարալէզները մեկնած էին նաեւ Հայութեան այս հատուածին վրայէն ալ, թէ մենք խմբովին վերելքի մը մէջ էինք մինչեւ երէկ, բայց ահա որ չաստուածները մեզ դաւաճանեցին, Անահիտները մեզ ուրացան: Եւ այլեւս ամէն բան անօգուտ կ՚երեւայ Հայութեան, ան ընելիք չի տեսներ եւ կը լքէ ինքզինքը, կը նուաղի: Ծխնելոյզներէն մէկը, այն որ ամուսինի երեւոյթն ունէր, նուաղեցաւ եւ ապաքինողը հեռացաւ իր մտածումէն: Մանաւանդ որ կը զգար, թէ ան լաւ չի պատշաճիր հաւաքականութեան մը, յետոյ ձանձրացած էր: Անշուշտ առաջին անգամ չէ, որ կ՚ունենար այս մտածումները, եւ զանոնք կրկնած էր այնքան շատ, որ այլեւս իրմէ անջատուած կը թուէին: Կը թուէին պատկանիլ աւելի տխուր վերջալոյսին, քան թէ իրեն: Այո, եթէ ուժով ըլլար, պիտի ելլէր դուրս իր խուցէն ու քալէր ըստ բախտի, պիտի աշխատցնէր իր մարմինը, այսինքն ինքզինքը պիտի պարպէր վարի դռնէն: Մինչդեռ մնալով փակուած՝ կը տարուէր երազելու, այսինքն փախուստներ կազմակերպելու` վերի դռնէն: Այդ բանը ըրած էր այնքան շատ, որ երեւոյթը ունէր դարեր ապրած ըլլալու եւ իր սովորական կեանքը լեցուցած էր մեծ դէպքերով, անվերջ պատահարներով: Յարափոփող տեսիլներու կողքին ունէր մէկ քանի մտերիմներ, որոնք միշտ կու գային առաջին բլանի վրայ, ամէն անգամ որ դուրս ելլէր վերի դռնէն: Ունէր ճենողկուզակներու արահետը, որ ծով կ՚իջնէ, ունէր սեւուլիկ աչուկներով աղջնակ մը, որ կեցած է նուագարանի մը մօտ, եւ դեռ ուրիշ կղզեակներ` ծովեր անդին: Ինք բնաւ չէր ամչնար այս օրօրոցներուն հասարակութենէն հակառակ անոր, որ օր մը իրեն պատահած էր հետեւեալ դէպքը: Սրճարանի մը մէջ հայեր կը խօսէին Հայութեան վրայ եւ խօսակցութիւնը քանի կը յառաջանար այնքան շատ կը տիրէր յուսաբեկումը: Յանկարծ մտքով իրապէս խղճալի երիտասարդ մը ըսաւ, թէ միշտ կ՚երազէր հրաշք մը, այսինքն կը փափաքէր կարենալ կոճակի մը վրայ կոխել եւ մէկ անգամէն կործանել Թուրքիան: Յետոյ կոխել ուրիշ կոճակի մը վրայ եւ կառուցանել հրաշալի Հայաստան: Ուրիշներ անմիջապէս ձայնակցեցան իրեն եւ ըսին, թէ նոյն մտածումը ունեցած էին իրենք ալ փոքրիկ փոփոխումներով: Սաստիկ յուզուեցաւ Համբարձումը տեսնելով, թէ ինք բնաւ տարբեր չէր մտածած խեղճուկ տղոցմէ, թէ` անկարելիին առջեւ կը նոյնանային մարդիկ, եւ հոն է որ մանաւանդ ի յայտ կու գար իրենց երեւակայութեան խեղճութիւնը: Անսահման թուող այդ երեւակայութիւնը կ՚ըլլար իսկապէս աղքատ: Այլեւս գիտէր, թէ ամէն ոք ունի գրեթէ նոյն ճենողկուզակներու, արահետը, գրեթէ նոյն աղջնակը եւ կղզիներ: Բայց այժմ յոգնած էր: Վերի դրան մէջ կեցած` կը վարանէր փախչելու: Որովհետեւ գիտէր թէ ամէնէն աւելի անմեղ փախուստները, անոնք որ ամենէն աւելի հաճելի են ու մանկունակ, կրնան շուտով իյնալ ողբերգութեան մէջ: Չափազանց քաղցրութեամբ սկսած էր Համբարձումին խօսակցութիւնը բարի մեռելներու հետ, բայց ան շուտով եղած էր վտանգաւոր: Կը մնար դրան մէջ` տարտամ, անորոշ եւ տխուր: Ինչ ուզել, ինչ ընել: Բայց ինչու միշտ ուզել ու ցանկալ: Որքան լաւ պիտի ըլլար թմրիլ գինովնալ օ մանաւանդ քնանալ: Իրականին մէջ քունը չէ որ կը պաշտէր, այլ իր մշտարթուն վիճակն է որ կ՚ատէր: Եւ իր այդ մշտարթուն վիճակը կը կրկներ դարձեալ այս պահուս — ինչ ուզել: Գիտէր, թէ մարդ ինքզինքը պէտք է շատ հարցաքննէ գիտնալու համար, թէ ինչ կ՚ուզէ: Ամէնուն գործը չէ այդ հարցաքննութիւնը եւ շատ քիչեր միայն կրնան իրենք իրենց ուժերով կտրել անցնիլ հանգրուանները, հասնիլ վերջին կէտին, այսինքն բարձրագոյն ցանկութեան: Բայց, կ՚ըսէր, այդ վերջին կէտը, ուր մարդիկ պիտի հասնին ուրիշներու օգնութեամբ կամ անձնական ուժերով, միշտ նոյնն է: Մարդ արարածը կը ցանկայ մէկ բան — հրաշք:
Երկար ատեն մը անկողնին վրայ մնաց բացարձակ անշարժութեան մը մէջ, նայելով իր դէմը շեշտակի, եւ իր արիւնը ետ կու գար անդամներէն զանոնք պաղեցնելու աստիճան, եւ իր բոլոր դռները բաց էին` կռնակի վրայ:
Յետոյ ըսաւ, թէ իրեն հրաշք մը եթէ պատահէր, ան պիտի ըլլար մեծագոյնը, քանի որ պիտի կոչուէր` Համբարձումին հրաշքը:
Բայց իր այս ներքնախօսութիւնն իսկ ապացոյց է, որ սկսած էր իր մէջ փայլատակումը նուազիլ, սպառիլ: Եւ երիտասարդը գոցեց իր մեծ դռները որպէս պզտիկ դռնակներ, մէկը միւսին ետեւէն, եւ իր մարմինը ծանրացաւ, հրաշալի սլացքէն վերջ կրկնապէս տխուր:
Յետոյ խոստովանեցաւ, որ կան երջանկութիւններ, որոնց երբեք արժանի պիտի չըլլայ: Կան դժբախտութիւններ, որոնց երբեք արժանի պիտի չըլլայ: Ճիշդ ինչպէս այն արարածը, որ կը կոչուի մարդ: Դաւաճանած են յարալէզները, եւ արարածը կը կոչուի պարզապէս մարդ: Միայն թէ, մտածեց, իզուր չէ եղած անոնց անցեալ ներկայութիւնը, քանի որ այս պահուս կայ փոքրիկ տնակ մը, եւ տնակին մէջտեղ փոքրիկ օճախ մը, օճախին մէջտեղ փոքրիկ կայծ մը: Թերեւս սէր է, թերեւս յոյս է, թերեւս ոչ մէկն է եւ ոչ ալ միւսը, բայց անշուշտ ապացոյց մըն է այդ կայծը մեր տնակին մէջ:
Եւ երիտասարդը անդրադարձաւ, որ իր գրութեան մէջ ուրիշ բան չէր ըրած՝ եթէ ոչ ջատագովել այդ կայծը, որ թերեւս յոյսն է, թերեւս սէրն է: Անմիջապէս ելաւ վեր եւ էջերը ժողվելով, ուզեց կրկին կարդալ: Բայց նախ վառեց լոյսը, որովհետեւ մութը կատարեալ էր եւ կարդաց բարձրաձայն, մեծ եռանդով, մեծ խանդով: Հաւնեցաւ ինքզինքին եւ ըսաւ, թէ անշուշտ գրականութիւնը աւելորդ բան չէ՝ երբ իր ընտրած նիւթը կայծն է: Ինք հրթիռն է, որ չէր սիրէր, որովհետեւ զայն կը նկատէր մութի ծնուցիչ: Կ՚ըսէր, թէ ամենախոր մութը այն մութն է որ կը տիրէ` երբ հրթիռը մարի: Բայց կայծը, մշտաբորբ կայծը` բանալին է հրաշքին: Եւ Համբարձում, պահ մը կանգ առնելով խօսքի մը առջեւ, որ իրեն կը թուէր մասնաւորաբար թանկագին, ջերմ շնորհաւորականներ ուղղեց ինքզինքին, իր կախուած գլխարկին, աջ կողմի պատին, ձախ կողմի օճառին:
Իրականին մէջ սակայն ինք գոհ չէր այս գրութենէն եւ կարդացած ատեն անոր պարունակած բառերէն աւելի ետեւը ընդնշմարուած ճշմարտութիւնն է, որ զինքը կը խանդավառէր: Ճիշդ ինչպէս որ մարդ կարծէք կը ժպտի պատուհանի ժանիկահիւս վարագոյրներու, երբ կը ժպտի ետեւի երկնակապոյտին: Գոհ չէր այս գրութենէն, որովհետեւ հոն կար ազգային մտահոգութիւն` բան մը, որ միմիայն յուսահատութեան կրնայ յանգիլ, ինչպէս որ եղած էր գրութեան մէջ: Եւ ան բարդուելով արդէն առանց ատոր իսկ ահաւոր մարդկային յուսահատութեան վրայ` կ՚ըլլայ բացարձակապէս վատառողջ: Համբարձումին համար անհրաժեշտ էր հեռանալ վատառողջէն, ազգայինէն, Հայէն: Պէտք էր լքել Հայը: Որքան ատեն որ, կ՚ըսէր, սէր չկայ մեր մէջ, այսինքն Հայը իր ազգակիցը չի սիրէր, որքան ատեն որ Հայը իր ազգային փրկութեանը մասին այլեւս յոյս չունի եւ ատով իսկ ոչինչ կ՚ընէ, պէտք է հեռանալ Հայէն: Քանի որ ինք փրկութիւնը կը տեսնէր սիրոյ եւ յոյսի մէջ: Միշտ աւելի մեծ սէր, միշտ աւելի մեծ յոյս: Այդ ճամփուն վրայ` այլեւս իր խօսքը ամէնէն առաջ պիտի չուղղէր Անահիտին, անդրաշխարհային եւ ուրացող Անահիտին, այլ Աստուծոյ մը, որ ազգութիւն չի ճանչնար, որ թէ մեր եւ թէ միւս աշխարհը կ՚ապրի, եւ ատով իսկ աւելի իրական Աստուած մըն է:
Այս կէտին վրայ` Համբարձում փորձեց այդ Աստուածը աւելի յստակօրէն ներկայացնել ինքն իրեն, աւելի սահմանել, բայց ժպտեցաւ միայն ու ըսաւ, թէ Աստուածը չէ, որ զինքը կը մտահոգէ, այլ` ճամբան: Իր գրութիւնը կրկնելով ըսաւ, թէ շատ հաւանաբար Աստուածը միմիայն պարապն է, բացարձակ պարապը, բայց ինչ փոյթ, երբ դէպի հոն գացող ճամբան կը բարձրանայ երեք անգամ: Երեսուն երեք անգամ:
Ահա այսպէս, երիտասարդ Հայը որ իր իսկական խորքին մէջ միմիայն մահը կը ցանկար, կեանքին մէկ առինքնող երեսը փնտրեց, գտաւ, ու կառչեցաւ անոր: Ինք որ իսկապէս կ՚ուզեր խոյս տալ գրականութենէն, որովհետեւ ան գեղեցիկ բայց գէշ բան մըն է, գրականութիւնը սիրելի դարձնելու համար պլլուեցաւ բացատրութեան մը: Ինք որ օր մը իսկ չէր անցընէր առանց Հայութեամբ տառապելու, գոնէ ժամանակաւորապէս: Եւ դեռ ուրիշ այս տեսակ ուրացումներ:
Այս բոլորը այսպէս եղաւ, որովհետեւ իր ճիշդ մօտն էր մահը: Իր ճիշդ մօտը: Եւ ինք անկէ է որ կը խուսափեր բնազդաբար: Կը կարծէր տրամաբանութեամբ, դատաստաններով, այսինքն իր արթուն եսովը առաջանալ, մինչդեռ կը յառաջանար ամենահասարակ եւ ամենէն աւելի մարդկային ինքնապաշտպանութեամբ մը: Մութովը:
Ինքն ալ անդրադարձաւ այդ բանին, բայց չունեցաւ ոչ մէկ հակազդեցութիւն: Ընդունեցաւ իր տկարութիւնը, իր ուրացումներն ու սուտը, քանի որ յարալէզները դաւաճանած էին եւ ինք պարզապէս մարդ էր, ինչպէս ես, ինչպէս դուն: Քունը տարաւ վերջապէս:
Շողիքը կիջնէր իր ձեռքին վրայ:
Գիշեր: