ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Համաբարբառ
ԱԶԱՏՆ ԿՈՄԻՏԱՍ

Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ վերջնական չքացումով: Բայց ան բան մը պիտի շահի անկասկած, եթէ Հայը արդիւնաւորէ, անգամ մը եւս, իր հանճարին թաքուն ուժերը:

Ինչ ենք ի վերջոյ այսօր, մեր գաղթականութեան սա հազար-ինը-հարիւր-երեսուն եւ հինգ թուականին, եթէ ոչ թշուառ եւ խոցոտ բարիաներու թափառականութիւն մը, նշաւակ` քաղաքավարական կարեկցութեան, եթէ ոչ արհամարհանքի: Ինչ ենք այսօր, եթէ ոչ եղերականօրէն սնանկ այլ յաւակնոտ այլանդակութիւն մը, որ քարշ կու տայ իր քէներն ու անբուժելի վէրքերը: Ստրուկ` որ եղբայրասպան կռիւի մէջ կը հերոսանայ: Երբեմն ոչ իսկ այդ:

Եւ եթէ պատահի որ հայ ժողովուրդի ընդերքէն փայլատակէ ինչ-որ ստեղծագործ ուժ մը, եւ եթէ պատահի որ այդ ուժը գտնէ իր կիրարկման յատուկ տարրը, կասկած չկայ, որ նոր գեղեցկութիւն մը աւելցած պիտի ըլլայ աշխարհի գեղեցկութիւններուն վրայ: Գեղեցկութիւն՝ որ պիտի ըլլայ այնքան թանկագին եւ պայծառ, որքան նսեմ եղած է այն շփոթութիւնը, ուրկէ կը յառնու ան:

Եւ այդ գեղեցկութիւնը չի կրնար չյայտնուիլ: Այն պարզ իրողութիւնը, թէ Հայը կրցեր է դիմադրել դարերու խորտակիչ ճնշումին, ինքնին արդէն յաղթանակ մըն է, փոյթ չէ թէ ան եղած ըլլայ լուռ յաղթանակ մը, նման անոնց որ կը տարուին խաւար անկիւններու մէջ, աշխարհի տեսողութենէն հեռու: Նոր յաղթանակը պիտի գայ այսօր եւս, քանի որ անցեալի մէջ ան մեզ շնորհուած է բազմիցս, եւ մենք այսօր կրնանք թուել անոնցմէ չորսը — Ս. Մեսրոպ, Կոմիտաս, Կաթողիկէ եւ Անդրանիկ:

Անոնցմէ դուրս ոչինչ ունինք որ ըլլայ ճշմարիտ յաղթանակ եւ անվիճելի նուաճում: Այս չորսերն են միայն, որոնց մօտ կարելի է ապաստանիլ յուսալքման եւ ուրացումի դաժան գիշերներուն, ինչպէս մարդ պիտի ընէր դէպի լոյսը:

Ոչ այն լոյսը, որ մութը փարատելով կը բաւականանայ: Այլ այն միւսը, որ կ՚ընէ աւելի բան մը եւս: Երբ ան կը բոցավառի ձեղունէն առկախ բազմադրուագ ջահին մէջ, ներսէն կը վառէ իր համեստ նախատիպերը, որոնք շար ի շար կ՚առկախուէին բիւրեղեայ ողկոյզներու նման, եւ կը մնային գոց` իրենց ներքին լոյսին վրայ: Մեծագոյնին արժանիքն է նպաստաւորել իրմէ նուազ մեծերը, եւ փոխադարձաբար նպաստաւորուիլ անոնց կազմած շուրջանակի համեստութենէն: Նմանապէս ալ, մեր չորս ջահերէն իւրաքանչիւրը տուած է նոր խոյանք մը, լաւագոյն շողարձակում մը իր համեստ նախատիպերուն, որոնք բոլորախումբ համաստեղութիւնը կ՚ընդլայնի դարեդար, ցոլքէ ցոլք եւ կ՚երթայ Ս. Մեսրոպէն Ղեւոնդ Երէցին եւ յաջորդաբար, Կաթողիկէէն` գրչածաղկումին յաջորդաբար, Կոմիտասէն` իր հինգ սաներուն եւ յաջորդաբար, Անդրանիկէն` անուանի եւ անանուն բոլոր մարտիկներուն:

Եւ ինչ է, ի վերջոյ, այսօրինակ լուսաւորում մը, եթէ ան ազատութիւն չէ: Հայ խօսքը թափել գրչական ինքնուրոյն ձեւի մը մէջ (graphie), կը նշանակէ զայն տարանջատել օտարէն եւ շեշտել իր ազգային հպատակութիւնը: Եւ քանի որ մեր ազատութիւնները եղեր են չորս հատ, թուղթի վրայ միայն կարելի է ըսել. — «Եթէ այսօր հայը անհետանայ…»: Միակ ազատութեան մը գոյութիւնը անկարելի կը դարձնէ շուտափոյտ մահը, ինչպէս որ միակ ազատութեան մը սուր գիտակցութիւնը կարելի կը դարձնէ նոր ազատութիւնը:

Եւ հակադրաբար մահուան, որ անմիջական չի կրնար ըլլալ, ազատութիւնը կը յայտնուի աննախատեսելի պահու մը, քանի որ ան գործն է միակ հանճարի մը: Ան կ՚ըլլայ տեսակ մը նմանակը բարձրիմաստ ազատութեան: Ան, որ ծնունդն է ազգի մը իմացական եւ ոգեկան աշխարհին, եւ որ, հակադարձ շարժումով մը, սահմանուած է ձեւաւորել այդ նոյն աշխարհը, նման նորածինին, որ կ՚ազդէ իր մօրը վրայ, ան կը հպատակի դասակարգումի մը: Դասակարգութիւն մը` ըստ ոգեկան ուժի տարողութեան: Մեր ճարտարապետութիւնը կը գտնուի միջոցին մէջ առաւելապէս: Անդրանիկը` ժամանակի: Մեր երգն ու լեզուն են որ, առաւելս զտուած նիւթական տարրերէ, կը մնան իբրեւ զուտ ոգեկան ազատութիւններ: Համաձայն այս դասակարգումին, Վարդապետը կու գայ Ս. Մեսրոպէն վերջ, իբրեւ երկրորդ Սուրբ մը: Ան կ՚ըլլայ մեծագոյնը, Ապրիլ 11-ի մեր կորուստներուն:

Որքան ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեզի տրուէր յիշատակել հինգերորդ յաղթանակ մը եւս, այս անգամ գրական-իմացական դասէն, քանի որ մտածումի աշխարհը, իր արտայայտչական անսահման կարելիութիւններով, կ՚երթայ թէեւ զուգընթաց ուղիով, բայց շատ աւելի հեռուները, քան թէ գեղջկական մեղեդիին զուտ զգացական դիւթանքը: Բայց եթէ անկարող ենք ընել այդ մէկը, արդար է, որ յիշենք գոնէ մեր մտաւորականութիւնը, որ նոր հունի մէջ մտցուց մեր լեզուն, նոր սլացք տուաւ անոր եւ ձեւաւորեց մեր Մեծասքանչը:

Ձեւաւորել: Ահա գործողութիւն մը, որ կեդրոնական առանցքն իսկ է քիչ մը ամէն ստեղծագործութեան, որով նաեւ գրականութեան եւ արուեստի, քանի որ գրականութիւնը ձեւաւորումն իսկ է ներքին եւ արտաքին աշխարհներու անիմաստ խառնակութեան: Արուեստի մարդը, լաւ եւս է ըսել` հասարակ մահկանացուն, անմիջական պահանջը ունի ապահովութեան: Այսինքն` ըմբռնելի ձեւին, ճշդորոշին եւ ճանաչելիին, բաներ` զորս ինք կը ստեղծէ հարկադրաբար, սկսեալ այն բնազդական, չըսելու համար մեքենական շարժումէն, որով մարդ իր մազերը կը ձեւաւորէ ձեռքի շարժումով մը, մինչեւ Աստծոյ գաղափարը, զոր դարձուցած է ըմբռնելի, միշտ ի խնդիր ապահովութեան:

Ձեւի յաղթանակներն են մեր չորս ազատութիւնները: Մէկը ձեւ զգեցուց ձայնին, որ շունչ էր եւ ոգի: Միւսը քարին, որ հաւատք էր եւ Լուսաւորչի Կանթեղ: Ձեւ է եւ օրէնք Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուրներու քերականութիւնը, որ կը պայմանադրէ մեր մտածելակերպը, երբ կը ճշդէ բառերուն յաջորդական կարգը նախադասութեան մէջ: Մեր մտաւորականութեան այս մտահոգութիւնը դէպի օրինաւորութիւն եւ առաւել հայեցիութիւն, խթան մը եղաւ, որպէսզի Արեւելահայն ալ սկսի սանտրել իր խառնակ լեզուն, խուսափիլ թուրք եւ թաթար բառապաշարէն եւ ռուսահնչիւն ֆրանսերէնէն, որքան ալ որ համեղ ըլլայ բարբառային գրականութիւնը: Գալով մեր Վարդապետին…

Ան երգահան էր, քիչ մը նման այն ֆրանսացի մշակին, որ թաքուն գանձ մը երեւան կը հանէ իր արօրին շեղբով եւ կը կոչուի հնարիչ (inventeur): Հայ երգը «հնարեց» Կոմիտաս, բանաւորը վերածելով գրաւոր, այսինքն փոխանցելի արուեստի: Հոս թերեւս աւելորդ չըլլայ ըսել թէ գերման մտաւորականութեան կ՚իյնայ պատիւը առաջին անգամ հետաքրքրուած ըլլալու ժողովրդական բանաստեղծութեամբ: ԺԹ դարու վերջերուն է, որ Համան եւ Հէրտեր կ՚ըսէին. «Բանաստեղծութիւնը մարդկային ցեղին մայրենի լեզուն է»: Կոմիտաս, որ այդ կողմերէն անցաւ, չվարանեցաւ, ի պահանջեալ հարկին, մեր «մայրենի լեզուն» յղկելու, ինչպէս հնարիչ մշակը կը մաքրէ իր հողածածկ գանձը: Հում բնագիրէն քիչ բան փոխեց Կոմիտաս, պիտի ըսէինք, եթէ չգիտնայինք թէ քիչ բան գոյութիւն չունի բանաստեղծութեան մէջ: Միակ բառի մը, նոյնիսկ վանկի մը փոփոխութիւնը բաւ Է, որպէսզի բանաստեղծութիւնը նուազի կամ թեւածէ: Այս իմաստուն միջամտութիւնը գրաւականն էր այն սուր զգայնութեան, որով Վարդապետը կը թափանցէր բանաստեղծութեան ոգիին:

Այդ ոգին ինք գտած Էր հայրենի ժողովրդին ծոցը, ճակատագրական հանդիպումով մը: Տեղի ունեցած էր անմիջական նոյնացում: Տեսակ մը սպառիչ գերիվարում: Իր յափշտակութիւնը նման էր այն տագնապալից հրճուանքին, որով հնախոյզը կը կարծէ տեսնել, կը տեսնէ նոյնիսկ խրամատի կիսաստուերին մէջ, լուսարձակումը մեր Անահիտին՝ գրեթէ անեղծ: Դարերու խորերէն յառնած շինականն է, որ կը վերսկսէր իր երգն ու շուրջպարը, ընդդէմ այս անսովոր կրօնաւորին, որ այնքան խոր կ՚ապրէր սիրերգը, որքան շարականը: Անոնք երկու երեսներն Էին նոյն կրօնքին:

Ամբողջական եւ այլամերժ սէրն Էր այդ կրօնքը, որ ի մի կը ձուլէր հայրենասէրը, երաժիշտը, տեսաբանը եւ դաստիարակը: Մարդը միակտուր էր, այլեւ ներդաշնակ բազմակերպութիւն: Իր մոգական ճպոտը կ՚արթնացնէր, ինչ որ հանգչող կրակ էր Հայու հոգիին խորը: Երգը բուն իսկ մեր նախնի երգն էր, ըլլալով հանդերձ նորագոյնը: Եւ այս նորագոյն երգը հանդիպեցաւ, բարեպատեհ զուգադիպութեամբ, մեր նորածագ ազատութեան, այսինքն Հիւրիէթի օրերուն, երբ հայը կ՚ապրէր զարթօնքի աննախընթաց շրջան մը:

Ինչ օրեր: «Երբ կը մտածեմ, կարծես թէ սիրտս պիտի սպառի»: Այսպէս պիտի ըսէր Ֆրանսուայ Վիլոն: Մեր ձայնը լսուած էր: Գրեթէ: Վեց վիլայեթները մեզի կու տային: Վեց հատ առէք կ՚ըսէին: Մենք ալ կ՚առնէինք վեց հատ: Ինչու մարդու սիրտ կոտրել: «Գիրերու գիւտ»-ի փառապանծ օրերուն, տեղացի Յոյները կ՚ըսէին մեզի. — «Փէտաքիմու, շատ մի պոռաք. Շունը դրան ետեւն է, կը լսէ…»: Այսպէս կ՚ըսէին Յոյները: Անոնք չէին գիտէր, թէ մեր բարեկամը, Թալաաթ, դժուարաւ կը զսպէր իր արտասուքը, երբ կը հետեւէր ընկեր Սիմոն Զաւարեանի դագաղին: Այդ օրերուն, Վոսփորի կապոյտ ջուրերը կը հոսէին այդ ուղղութեամբ…

Այս շրջանը փակող Ապրիլ 11-ը պատճառ մը չէ, որ Հիւրիէթը չմնայ այն` ինչ որ է — Հայկական վերածնունդի առաջին (համեստ) հանգրուանը, երկրորդն ըլլալով Հանրապետութեան հռչակումը որուն պիտի յաջորդէր Հայաստանի խորհրդայնացումը: Բարեբաստիկ զուգադիպութիւնը, որով Կոմիտաս ճիշտ այդ օրերուն կը բերէր իր եզակի նպաստը, միակը չէր իր տեսակին մէջ: Կար տակաւին երկրորդ զուգադիպութիւն մը, թէեւ համեստունակ տեսակի:

Տգեղ արտաքինով անտաշ տղամարդ մը, Արմէնակ Շահ-մուրատեան, կը կատարէր տեսակ մը հրաշագործութիւն: Շինականի իր շեշտը երգին կու տար, իր ընդոծին բնականութեամբ, անգերազանցելի բուրմունք մը եւ գունագեղում: Որպէս թէ երգը մասնաւորապէս յղացուած ըլլար այդ շեշտին համար: Հրաշագործութիւնը հոն էր, որ շնորհիւ Կոմիտասի եւ իր օժտեալ մեներգիչին, «դրսեցին» կը ստանար տեսակ մը ազնուականացում: Մարդու տեղ կ՚անցնէր Պոլսեցիի աչքին, իրերահաղորդ աւազանները կը գործէին լաւագոյն զեղումով ընդմէջ Պոլսոյ եւ գաւառի: Պէտք չէ մոռնալ սակայն, որ նոյն «դրսեցին» տակաւին տէրն էր երկրորդ գանձի մը, որ ահաւասիկ:

Այն առասպելական պատմուածքը, առաւել կամ նուազ բարոյացուցիչ եւ հայրենասիրական, զօր մենք կը կոչեն հէքիաթ, պէտք ունէր երկրորդ Կոմիտասի մը: Պէտք ունէր նմանարիւն հանճարի մը, որ զգար ժողովրդական զրոյցը, բիւրեղացնէր զայն եւ բանաւորը բարձրացնէր գրականի: Այդ հանճարը պակսեցաւ մեզի: Անոնք, որ փորձեցին գրական այդ սեռը, մնացին միջակէն վար, հակառակ անոր, որ հարազատ զաւակներն էին գաւառի: Մեր ժողովուրդը, որ անգրագէտ էր բարձրագոյն տոկոսով, իր երեւակայութիւնը վստահած էր հէքիաթի մոգական զօրութեան, թոնիրին շուրջ խմբուած բոլորակի: Առասպելը չէր կրնար ըլլալ նուազ ինքնատիպ քան բանաստեղծութիւնը: Բայց ան չհասաւ արուեստի բարձրութեան: Այնպէս որ հայ ընտանիքը մնաց ինքն իր վրայ գոց եւ ամրափակ: Եւ եթէ չխորշինք այն թակարդներէն, զորս նմանեզրութիւնը կը լարէ գրողին առջեւ, կրնանք առնել օրինակը, ինչու չէ, ջերմաչափին:

Հայ պետականութեան կործանումը նման է ջերմաչափի ջախջախումին, որով նաեւ սնդիկի կոտորակումին: Հայ ընտանիքը սնդիկի այն ամրակուռ մետաղեայ գնդիկն է, որ կը ցրուի խօլաբար: Ինքն իր վրայ գոց` ան կը մնայ այլամերժ եւ բացառիկ ուժով կը դիմադրէ Թուրքին, որ կը կոչէ «այլազգի»: Ընտանիքի գաղափարին միսթիքը չի կրնար սակայն փոխարինել ազգային զգացումին միսթիքը: Որպէսզի կատարուի տարտղնուած գնդիկներուն այնքան ցանկալի միացումը, ոմանք պահանջը զգացին բարձրաստիճան ջերմութեան, ձուլելու համար սնդիկը, որ մետաղ է: Յեղափոխութիւնը, կամ ինչ որ անոր կը նմանէր, ձախողեցաւ ողբերգականօրէն: Եթէ ճիշդ է, որ անոր մէկ անուղղակի հետեւանքն եղաւ կովկասեան փրկարար յաջողութիւնը, ուղղակի հետեւանքով՝ ցրւումը սաստկացաւ, այս անգամ ամբողջ երկրագունդի մակերեսին: Եւ եթէ աչքի առջեւ ունենանք սա յառաջտւութիւնը — անհատ, ընտանիք, ազգ եւ մարդկութիւն, կը տեսնենք, որ Հայը անշարժացած է երկրորդ հանգրուանին վրայ ու չէ հասած ազգութեան աստիճանին: Այսօր կան տարանջատ ընտանիքներ, բայց չկայ ազգն Հայոց:

Անշուշտ Հայկական լեզուն, աջակցութեամբ Եկեղեցիին, պիտի կրնար, շատ անգամ կրնայ բարեբախտաբար, միութեան տարր մը կազմել հողմացրիւ Հայութեան մէջ: Բայց ամենազօր չէ ան, քանի որ անցեալի բարբառներուն վրայ կու գան աւելնալ նորեր, ողբալի խառնակութեամբ: Կոմիտասն է, որ կը տապալէ պատուարները: Սպասելով այն օրուան, երբ պիտի զետեղուի պետականութեան հիմնաքարը, այսօր, մեր գաղթականութեան ներկայ վիճակին մէջ, Կոմիտասն է միայն, որ ընտանեկան հանգրուանէն բարձրացած է ազգայինին: Հոդ է իր մեծութիւնը: Կը բաւէ ըսել — «Սիրտս նման է էն փլած տներ», որպէսզի Հայը հասկնայ ուրիշ Հայ մը:

Կ՚ուզեմ վերջին հատուածս տրամադրել մեր թմբուկին: Հանճարը կրնայ ծնիլ գաւառի խորը, բայց մայրաքաղաքն է, որ զայն կը նուիրագործէ: Ան է, որ կը տարածէ համբաւը, ըլլալով արձագանգիչ թմբուկ (caisse de résonance)։ Եւ մեր մայրաքաղաքը Պոլիսն էր: Պէտք է ցաւիլ, որ այս` այսպէս էր։ Բայց մեղքը Պոլիսինը չէ, երբ կովկասահայ զանգուածը մնացած էր ռուսամոլ, ծիծաղելի սնոպիզմով եւ անպատրաստ, իր ցրուածութեամբն իսկ, թմբուկի դերին։ Սիմոն Վրացեան, որ կարելի չէ կողմնակալութեամբ ամբաստանել այս պարագային, կը վկայէ թէ Վարդապետը ստիպուեցաւ խոյս տալ Կովկասէն եւ Վանքի հեղձուցիչ մթնոլորտէն։ Ան Պոլսոյ մէջ միայն կրնար գտնել այն տարրը, զոր կը փնտրէր եւ զոր գտաւ:

Արդարեւ, պոլսահայութիւնը իսկոյն շրջապատեց Վարդապետը իր գրագէտներու բազմահոյլ փաղանգով, իր հնչեղ մամուլով, վարժարաններու լայն ցանցով, այլ մանաւանդ իր խանդավառ երիտասարդութեամբ: Օդը թնդաց: Պոլսահայը պաշտեց իր Կոմիտասը, բայց ափսոս, չկրցաւ պաշտպանել զայն:

Երբ օրացոյցը նշեց Կարմիր Կիրակի, աղէտը դարման չունէր: Ժամը ուշ էր, եւ արեւը խաւարած:

Եւ Վարդապետը բռնեց ճամփան Չանկըրը-Այաշի, որ կ՚երկարի մինչեւ Վիլ-Էվրար:

Ան ինկաւ Գողգոթայի ճամփան վրայ մէկ անգամ, յետոյ երկու անգամ, եւ ոչ մէկ գիտութիւն կրցաւ արգիլել վերջին անկումը:

Ան որ նուրբ եղէգ մըն էր հրաշագործ, ան ճաթեցաւ: Եւ այդպէս մնաց: Վահան Թէքէեան կ՚ըսէ. — «Ճպոտն ընդմիշտ ճաթած է հիմա…»:

Եւ որովհետեւ խաչուեցաւ ան, եւ որովհետեւ թաղուեցաւ ան, ահա յարութիւն կ՚առնէ մեր անսահման պաշտամունքին եւ խանդաղատանքին մէջ, ան` Ազատն Կոմիտաս:




ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻ
Օր կայ սերմնացանի եւ տակաւին օր` հունձքի: Մեր ժրաջան մշակները լաւ կը ճանչնային վար ու ցանը, բայց ըլլալով հայ գրականութեան մշակներ, անոնք կը մնային անգործ մեր փոքր ածուին դիմաց: Անոնք կը մնային իրենք իրենց մէջ կծկուած եւ գլխիկոր, վասնզի ձիւն կը տեղար իրենց գլխուն: Պէտք եղաւ սպասել երկար, երկար ժամանակ, մինչեւ պատմական ձիւնհալը, երբ մեր գրականութեան արեւելեան թեւը դէպի մեզ երկարեցաւ անհամբեր աշխուժութեամբ, եւ մենք, Արեւմտահայերս, իրենց փոխանցեցինք օրհնեալ հացահատիկը: Հնչած էր ժամը սերմնացանի:

Այսպէս է որ սկսաւ տեղափոխութիւնը, Սփիւռքէն դէպի Երեւան, մեր թրքահայ մշակոյթի անստգիւտ վաւերաթուղթերուն, բոլորն ալ կոտորակեալ եւ արիւնոտ, բայց տակաւին յորդուն` աւիշով: Այսպէս է, որ ճամփու դրուեցան, կապոց առ կապոց, ձեռագիր, մամուլ եւ նկար, մշտանորոգ թափով: Այս պատմական փոխանցումը, որ կը շարունակուի բարեբախտաբար, չէր կրնար չխոստանալ մօտաւոր հունձքի մը կարելիութիւնը: Եւ ահաւասիկ հունձքը:

Արեւմտահայ գրողներու նամականի ընդհանուր տիտղոսին տակ, Երեւան մեզի կը փոխանցէ առաջին հատոր մը, ուր բանասէր տիկին մը, Գոհար Ազնաւուրեան, ուշադիր հոգածութեամբ խմբած է թրքահայ հեղինակներու նամակները, շուրջ երեք հարիւր միաւոր, եւ իր աշխատութիւնը օժտած` ընթացիկ մանրասարքերով (ծանօթութիւններ, բառարան, ցանկ անձնանուններու), բաներ` որ կը շեշտեն ձեռնարկին լրջութիւնը:

Այս նամակները կու գան… գործածեմ բուն բառը, մեր հարազատ ընտանիքէն: Նամակագիրները մտերիմ էին մեզի իրենց գրական վաստակով եւ երբեմն նոյնիսկ իրենց անձով, բայց մեզմէ ոչ ոք կրնար յաւակնիլ տեղեակ ըլլալ անձնական նամակներու պարունակութեան, որոնք երբեմն ունին ութսուն տարուայ հնութիւն: Յետշիրիմեան այդ ձայները կարելի չէ լսել այսօր առանց յուզումի եւ լարուած ուշադրութեան, ինչպէս որ կարելի չէ չյանձնուիլ բազմադիմի խորհրդածութիւններու ցանցի մը, զոր դժուար թէ կարելի ըլլայ պարզել գոհացուցիչ լիութեամբ:

Ձեռնարկելէ առաջ այդ փորձին, թող աւելորդ չըլլայ ըսել, թէ Նամականիի հեղինակին տրուած են զոյգ մը թարգմաններ իբրեւ գործակից, մէկը թրքերէնի, միւսը ֆրանսերէնի, որ չեն քաշուած ռուսահայերէնի վերածել մեր բանաստեղծներուն այն նամակները, զորս անոնք գրած են օտար լեզուով, ստիպման հարկի տակ: Մարդ պէտք է բոլորովին զուրկ ըլլայ բանաստեղծական զգայնութենէ, չմբռնելու համար թէ նեղացուցիչ բան է բանաստեղծը անջատել իր լեզուէն, որուն հետ նոյնացած է միս ու ոսկոր: Սիամանթօ կը գրէ քառասուն նամակ, բնականաբար իր մայրենի լեզուով, եւ յանկարծ կ՚ըսէ իր հարազատներուն. Ես դրամի կարիք չունեմ, պատուիրիր որ չուղարկեն: Համմէ: Ընդունելի չէ, որ Ռուբեն Սեւակի բերանը դրուի ռուսահայերէնը, անոր որ կը գրէր Ժնեւէն: — Տեղւոյս ազգայինները թիւով երեսուն հոգի ենք, գրեթէ ամէնքն ալ Ռուսաստանէն: Զարմանալի է իրենց լեզուն, Ում-երով եւ Իս-երով լեցուն լեզու մը: Զարմանալի կը նշանակէ ըմբռնելի, բայց նաեւ անհաղորդ:

Տիկին Ազնաւուրեանի պէս, եւ անոր կողքին, գնահատութեան արժանի է Գ. Ստեփանեան, որ յառաջաբանով մը պարզած է թրքահայ մշակութային կեանքի անլուր դժուարութիւնները, օրհասական գալարումներն ու դիմադրական ոգին, համիտեան բռնակալութեան քստմնելի տարիներուն, վերն ալ, մեր թափառական գրագէտներուն հոգեկան ապրումները: Ապրումներ, որ կը տարբերէին կիսաքաղց գաղթականի յուսալքումէն մինչեւ խոր հաւատքը դէպի ազգային վերածնունդ: Այդ կարեւոր յառաջաբանի կողքին, որ գործն է հմուտ եւ առարկայական պատմաբանի, ես ինձի պիտի թոյլատրեմ խորհրդածութիւններ, որ հեռու մնալով հանդերձ արմատական հերքումէ, պիտի ըլլան, կը խորհիմ, լրացուցիչ եւ լուսանցքային խորհրդածութիւններ:

Կ՚ըսուի թէ մեր գրագէտները ցոյց տուած են, գաղթականական կեանքի մէջ, փոխադարձ եւ ջերմ իրերօգնութիւն, եւ իրենց միջեւ բաժնած են պատառ մը հացը, եղբայրաբար: Ստեփանեան կը թուէ օրինակներ, կու տայ անուններ: Բայց ցոյց չի տար մէտալին միւս երեսը, որ այլեւս եղբայրացում չէ, այլ եղբայրասպան կռիւ: Գոյութիւն ունի ազգային պատմութեան իմացում մը, ըստ որուն վեր կ՚առնուի եւ կը խոշորացուի այն ամէն ինչը, որ նպաստաւոր է ազգին, եւ կը քօղարկուի աննպաստը: Պատմութեան այս իմացումը, որ կը կիրարկուի, պէտք է որ կիրարկուի դասագիրքերու մէջ, հասկնալի առաջադրութեամբ, իր տեղը չունի առարկայական պատմութեան մէջ: Մենք բաւական պատճառներ ունինք հպարտ ըլլալու իբրեւ Հայ, որպէսզի պէտք չըլլայ քօղարկել աննպաստը, նամանաւանդ երբ այդ աննպաստը մասնայատուկ չէ Հայուն: Գաղթականութիւնը ընկերային այն երեւոյթն է, որ ինքն իր մէջ կը ստեղծէ թոյն մը: Ահա այդ թոյնն է, որ կը զայրագնէ գաղափարներն ու զգացումները, ընտանիք եւ դասակարգ կը խառնակէ եւ կը թթուեցնէ քիչ մը ամէն բան, եւ որմէ զերծ չէ ոչ մէկ ազգ:

Գրագէտը ունի կեանքի հայեցողութիւն մը, որ իրեն կու գայ մեծ կրօնքներէն, այսինքն բարոյականէ մը, որով մարդ էակին մէջ կը ճանչնայ բարին, որ կը կենակցի չարին հետ, այսինքն թէ մարդուն մէջ կը ճանչնայ եղբայր մը, որ ամենէն անպաշտպան էակն է կենդանական աշխարհի, քանի որ անպաշտպան է, ամէն բանէ առաջ, ինքն իր դէմ, ինքն իր բնածին խենթութեան բոժոժին դէմ: Երազատես գրագէտը, որ կը մերժէ յանձնուիլ գաղափարներու եւ զգացումներու զայրագնումին, այսինքն` կերպաւորումին (systématisation) կը գործածէ խօսք մը, որ թելադրութիւն է, այլ խօսքով գրականութիւն մը` որուն ազդեցութիւնը անուղղակի (indirect) է [1]: Կայ սակայն տարբեր գրող մը, նախորդին նման երազատես (Քառլ Մարքս, Լենին) որունխօսքին ազդեցութիւնը ուղղակի է, վասնզի ընթերցողը կ՚առնղ ամրակառոյց դրութեան մը մէջ (système), փոխանակ յանձնուելու թելադրութեան, որ հարկադրաբար պիտի ըլլար տարամ եւ մէկէ աւելի մեկնաբանութեան ենթակայ։ Իրեն համար բարին գոյութիւն ունի այն ատեն միայն, երբ ինքն է որ զայն կը պարտադրէ իր եղբօր։ Քսաներորդ դարու յեղափոխութիւնները, անոնք ըլլան սթալինական թէ ֆաշական, անոնք ուրիշ բան չեն եթէ ոչ մանեխէիզմ։ Բարին ինքն է, չարը՝ միւսը։ Բոլոր ժամանակներու Էս-էս-ները եւ կոմիսարները ուրիշ բան չեն ըրած, Սէն Պառթէլէմի օրը, եթէ ոչ իրենց սեւ սքեմը թաթխել արեան ճապաղիքներու մէջ։

Վերադառնալով մեզի, մեր ազգային թոյնին, պէտք է գիտնալ, որ ոչ մէկ գաղթականական զանգուած կրնայ ապրիլ երկար ժամանակ զայրագնաց վիճակի մէջ: Կամ այն է, որ կը կորսուի թունալից, եւ կամ կը ներծծէ թոյնը (absorber) երբ տուն-տեղ կ՚ըլլայ եւ արմատ կը նետէ: Այս պարագան այնքան ճիշտ է, որ կագ ու կռիւ կար մեր գաղութներուն մէջ երեսունական թուականներուն: Այլեւս չկայ այդ տեսակ բան: Մենք գաղթական ենք, գաղթական չըլլալով հանդերձ: Մենք Սփիւռք ենք:

Գաղթականը կը ներգաղթէ: Սփիւռքը` ոչ: Հոս է մեր ազգային վէրքը, որ կը կոտտայ: Սփիւռքը կը հպարտանայ Խորհրդային Հայաստանով, անոր յարաճուն վերելքով եւ ապագայի փայլուն ակնկալութիւններով, բայը եւ այնպէս կը մնայ հոն` ուր որ էր, այն պարագային, երբ չի չուէր դէպի արեւմուտք, միշտ աւելի հեռուն, միշտ աւելի ցրիւ, ճամփուն ընթացքին աստիճանաբար նօսրանալով եւ հալելով: Ահա այս սանձարձակ եւ անհակակշիռ նահանջին դէմ է, որ կը ցցուի տժգոյն ստուերը հայ գրագէտին:

Առանց պատճառի չէ, որ Գ. Ստեփանեան կանգ կ՚առնէ Յուշի Գրականութեան առջեւ. (ըստ մեզի` գաւառական գրականութիւն), որ Սփիւռքի մէջ ծաղկեցաւ երեսունական թուականներուն (Համաստեղ, Վահէ-Հայկ եւ ուրիշներ) եւ որ ուրիշ բան չէր, ըստ Ստեփանեանի, եթէ ոչ գաղթական եւ կարօտակէզ գրագէտին գերագոյն ցանկութիւնը, դէպի Խորհր. Հայաստան ներգաղթել: (Եթէ բառերը իմաստ ունին, ճշդիւ այս կը նշանակէ հեղինակին պարբերութիւնը, որ յանկարծ կ՚ըլլայ, չես գիտեր ինչու, միգամածային): Այս հաստատումը, որ բոլորովին կամայական է, ազգասէր Ստեփանեանի մտերիմ երազն է, որ կը ցոլացնէ եւ այդքան միայն: Իրականութիւնը այն է, որ մեր գիւղագիրները երգեցին իրենց ծննդավայրը, ան եղած ըլլայ հայկական հողամաս թէ ոչ, ճիշտ այնպէս` ինչպէս մարդ կը վերակոչէ իր անփոխարինելի մօր յիշատակը: Մայրը կորսուած էր առյաւէտ, ինչպէս որ փլած էր հայրենի օճախը: Կը մնար ինքը գրագէտը: Այլ խօսքով` կը մնար ոգին:

Ոգի բառը առաձգական է եւ բազմիմաստ, ինչպէս ամէն վերացական բառ: Այս պարագային կարելի է ըսել, պարզաբանելով, թէ ոգին բուն իսկ գրագէտն է, գեղեցիկին կախարդանքով հմայուած գրագէտը, որուն մէջ կենդանի է Հայութեան խորունկ զգայնութիւնը: Ան չէր կրնար վերագրաւել կորսուած երկիրը իր զինաթափ ձեռքերով, բայց իր գոյութիւնը կ՚արդարացնէր շնորհիւ ոգիին: Զայն ունէր միայն: Միմիայն ինքզինքը, իր ներքին հարստութեամբ: Աւելորդ է յիշել պարագան անոնց, որ Հայութիւն եւ Հայրենիք երգեցին, երբ ոտք իսկ չէին դրած Հայաստանի վրայ (Ալիշան, Դուրեան): Բայց աւելորդ չէ մտաբերել տարրական ճշմարտութիւններ, սա թէ` հողը տարբեր է մարդ էակէն, թէ հողը անտարբեր է հանդէպ իր անցաւոր բնակիչին: Սփիւռքի գրագէտին գոյութիւնը կ՚արդարանայ այն չափով, ինչ չափով որ ան կը յաջողի չտարբերիլ ոգեկան հայրենիքէն, այսինքն ինքն իրմէ: Խնդրին կեդրոնական հանգոյցը հետեւեալն է. այնպէս մը ընել, որ անտարբերութիւնը չհամակէ մեզ եւ թէ ամուր մնայ կապը ընդմէջ իրեն, գրագէտին եւ իր այսօրին: Գրականութիւնը կ՚ապրի գրագէտին այսօրով, իր անձնական կեանքով, իր առօրեայ փորձառութեամբ: Կարելի է ըսել, առանց paradoxeի թէ գոյութիւն չունի յուշի գրականութիւն: Ամէն ինչ ներկայ է, այսօր է եւ հոս է: Կարելի չէ վերապրեցնել անցեալը, առանց որ ան ըլլայ անցեալ` առաւել բան մը, այսօրը իր անդիմադրելի ճնշումով: Երբ Համաստեղ կը պատմէ իր գիւղը, իր այսօրուան ապրումներն են, որ կը հաղորդէ մեզի, եւ թէ իր այսօրով կը գունաւորէ ամէն ինչ, ուզէ թէ չուզէ, մինչեւ իսկ իր բառերը: Հայրենի հողը մեծ բան է: Ամէն բան չէ: Երեք սերունդ թրքահայ գրագէտ ճանչցանք, որ ապրեցան, որ երգեցին եւ գացին մեռան, իրենք իրենց մէջ կրելով Հայութեան խոր զգայնութիւնը, այլ խօսքով` ոգեկան հայրենիքը: Կեցցէ Հայաստան:

***

Ժամ է վերջապէս, որ մխրճուիմ մեր Ընտանեկան նամականիին մէջ, ուր տեղ գտած են մեր անուանի գրողներուն նամակները, շուրջ 300 միաւոր: Անոնք դուրս բերուած են Ֆրանսայէն եւ առաւելաբար Արշակ Չօպանեանի դիւանէն որ կը հաշուէ աւելի քան 35 հազար նամակ: Հատորին մէջ նամակ չկայ Չոպանեանէ, բայց ինք կ՚երեւայ գրեթէ ամէն էջի վրայ իբրեւ ընդունիչ (destinataire): Մինչդեռ մեր գրողները կը թափառէին աստանդական, 9, Rue Sayը, Monymartreի գագաթին, կը մնար անխախտ նամակատուփ, կեդրոնական առանցք եւ քառուղի: Ուստի աւելորդ չեմ համարիր Չօպանեանը ներկայացնել հոս հակիրճօրէն, անգամ մը եւս չվերադառնալու համար իրեն:

Այն տարիներուն, որ ԺԹ. եւ Ի. դարերու ծխնին կը կազմեն, Չօպանեան տիրացած էր վաղահաս համբաւի մը, որուն արժանի էր անկասկած: Թունդ ազգասէր, բազմահմուտ գրականագէտ եւ թարգմանիչ. ան մեր ազգը ծանօթացուցած էր օտարներուն, անվհատ կորովով եւ խոշոր ակնկալութիւններով: Ան տրամադրած էր նաեւ թանկագին բեմ մը, Անահիտը, իր տարագիր եղբայրներուն: Այսուհանդերձ, իրմէ աստիճանաբար պաղած էին (1900-էն իսկ առաջ) բոլոր անոնք` որոնց կարծիքը կշիռ ունէր, ինչպէս Ա. Արփիարեան, Լ. Բաշալեան, Վ. Թէքէեան, Զ. Եսայեան եւ ուրիշներ: Անկարելի չէ պարզել պատճառը: Գրողը չէր արդարացուցած երիտասարդին փայլուն խոստումները: Անկախաբար մեր այս polygraphe-ի համասփիւռ անձէն, անկախաբար մանաւանդ իր գործունէութեան մասնաւոր ոճէն, պէտք է ընդունիլ, որ Արշակ Չոպանեան մակերեսային իմացականութիւն մըն էր:

Ներկայ հատորը պտուղն է պատեհականութեան: Ան նման է ժխորելի յորձանքի մը, որ ջրափին կը նետէ անհաւասար բեկորներ, մինչդեռ ուրիշներ, որ թերեւս աւելի թանկագին էին, ջրամոյն ըրած է: Արդարեւ կը բացակային շատեր, Դանիէլ Վարուժանէն մինչեւ Յակոբ Օշական: Եղիայի եւ Ինտրայի պէս անուանի նամակագիրներ կը ներկայանան համեստ հունձքով, երբ տժգոյն գրիչներ կը տարածուին բազմաթիւ էջերու վրայ: Ամբողջութիւնը կ՚ընդգրկէ 1883-1950 շրջանը. գրաւելով երեք անհաւասար` բայց հաղորդակից մասնաբաժիններ, որոնք են` Համիտի շրջան, Հիւրիէթի օրեր եւ վերջապէս Սփիւռք: Մեծ աղէտը տեղ չունի հոս, ինչ որ զարմանալի չէ: Վահան Տէրեանի պէս գերզգայ հոգի մը հազիւ թէ կը յիշատակէ կոտորածը, Յ. Թումանեանի ուղղած իր նամակներուն մէջ, ինք որ կրնար արտայայտուիլ ազատօրէն, կարմիր շրջանակէն դուրս գտնուելով: Աղէտին մեծ արձագանքները պէտք է փնտրել այլուր:

Մենք հոս ունինք նամակներ, որոնց մեծամասնութիւնը աղքատ է իր միջուկով [2]: Ունինք բացիկներ եւ երկտողներ, անձնական ցաւերու վրայ, ուր կարեւոր տեղ կը գրաւեն յօդուածի եւ տպագրութեան հարցեր: Աճապարանքն ու անփութութիւնը երբեմն կը ստանան նեղացուցիչ համեմատութիւն: Սիամանթոյի պէս մեծատաղանդ բանաստեղծ մը (թող այդպէս ըլլայ) կը գրէ հանդարտօրէն — Աս Յունաստանը ինչ գեղեցիկ քաղաք է: Քիչ անդին` Հոս ապրանքները սոսկալի աժան են: Այս արատները չեն կրնար նսեմացնել ժողովածուն, ուր տեղ գտած գրագէտներէն ոմանք արժանի են մասնաւոր ուշադրութեան: Այդ աշխատութեան ձեռնարկելէ առաջ, անհրաժեշտ է նշել թէ Նամականին ունի թանկագին բաժին մը, տեսակ մը morceau de résistance, որ կը փայլի իր գերազանցութեամբ: Լեւոն Բաշալեանի կը պարտինք զայն:

Տասնըվեց տարեկանին խմբագիր` Հայրենիքի համբաւաւոր փաղանգին մէջ, որ բարձրացուց պոլսահայ լրագրութեան մակարդակը եւ ոգեւորեց գրականութիւնը երիտասարդ ուժերու հիւրընկալութեամբ, Բաշալեան յայտնուեցաւ որպէս հրաշալի մանուկ (enfant prodige): Ապշեցուցիչ են իր կանխահաս իմաստութիւնը, ներթափանց վերլուծողի իր նրբութիւնը եւ ոճաբանի իր ընդոծին ձիրքը: Զոպանեանի ուղղած իր 38 երկար նամակները կու տան մէկ հաւատարիմ եւ ատով իսկ կսկծալի պատկերը պոլսահայ լրագրողին, որ թերթ կը լեցնէ վախով-դողով եւ պայքարելով ամենօրեայ դաւերու եւ կամայական կաշկանդումներու դէմ: Ինք որ բնիկ Պոլսեցի է, չի վարանիր խարանելու Համիտեան օրերու պոլսահայ մթնոլորտը, լրտեսները, գրաքննիչները, համատարած կեղծիքն ու քծինքը, մինչեւ որ պարտուած` Բաշալեան ծովը կը նետէ իր գրիչը Ղալաթիոյ քարափէն: Պէտք էր խոյս տալ:

Արտասահմանի մէջ, ուր կը յուսար գտնել լաւագոյն պայմաններ, կը գտնէ Հայութիւն մը, որ արեւելքցի մնացած է իր բարքերով եւ մտայնութեամբ: Երուանդ Օտեան, որ կու տայ նոյն ժամանակաշրջանը իր աշխոյժ եւ հաճելի հատորով` 12 Տարի Պոլսէն դուրս, չի դադրիր մակերեսային մնալէ, մինչդեռ Բաշալեան կը գրկէ առօրեան ջլապինդ կերպով (a bras le corps) կը ցնցէ զայն մինչեւ խոստովանութիւն եւ կը յայտնուի որպէս արուեստագէտ: Մինչեւ այսօր ոչ ոք կրցած է հասնիլ Բաշալեանի աշխարհաբարի գեղեցկութեան: Ան մեր լեզուին տուած է ֆրանսերէնի թափանցկութիւնը եւ ճշգրտութիւնը, առանց իյնալու ֆրանսաբանութեան մէջ: Ոմանք զինքը բաղդատած են, ոչ առանց պատճառի, Մերիմէի հետ, որուն լեզուն burinի ճշգրիտ դրոշմն ունի: Ժամանակի իրապաշտ դպրոցը, զոր Հայրենիք ընդգրկեց, բոլորովին զերծ չէր չորութենէ: Բայց հոս, մտերիմ նամակագրութեան մէջ, ուր այլեւս կը տիրէ զեղուն հոգեխոստովանութիւնը, Բաշալեանի գրիչը կ՚ըլլայ գերազանցօրէն կենդանի, բաբախուն եւ հրացայտ: Կ՚ունենայ մեծ անհամբերութիւններ (Զոլայի Կ՚ամբաստանեմ-ի օրերն են) եւ խօլ պոռթկումներ գիշերային իր թափառումներուն մէջ, երբ կը կարծէ հասնիլ խելագարութեան սահմաններուն: Լոնտօնեն կը գրէ Չօպանեանի.

Մէկ-երկու ամիսէն երեսունս կը լրացնեմ, ու տակաւին կեանքին էն տարրական պէտքերը, գլուխ դնելու տեղ մը եւ անօթութիւնը յագեցնելու չափ ուտելիք ապահոված չեմ ինքզինքս: Արդ, ուր կը մնան այն ատեն մեծ խորհուրդները, բաղձանքները, ակնկալութիւնները: Եւ սակայն, այլեւս անոնց ժամանակն էր: Հիմա է, որ քիչ քիչ ալ մտաւորական բոլոր կարողութիւններուս տէրը կզգամ…

Հակառակ Չօպանեանի պատասխաններու բացակայութեան, որոշապէս կ՚երեւայ, թէ խորապէս սիրալիր եւ յուզիչ եղած է երկու երիտասարդներուն բարեկամութիւնը: Ով եւ ինչ բան խզած է այդ թանկագին կապը, մէկ օրէն միւսը: Ափսոս, գաղթականական կեանքը չի խնայէր լաւագոյն բաներուն: Կը մնայ Բաշալեանի արուեստը, որ Տիգրան Կամսարականի ըսել կու տայ. Բաշալեանի բառերուն հիւթը կը յորդի, երբ կտրենք զանոնք: Բաշալեանի դասալքութիւնը, խաւարի ուժերու ճնշումին ներքեւ, անդարմանելի կորուստ մը եղած է մեր արձակին համար:

Այն միակ անգամուն, երբ կինը կ՚երեւայ Նամականիին մէջ, անկեղծ սէրն է, որ լսելի կ՚ընէ իր գարնանային դայլայլը, զուլալ ջուրերու կարկաչը, երեկոյեան սրինգները: Կարելի չէ անմիջապէս չհամակրիլ Ռուբեն Սեւակի: Իր սիրային նամակները, որ ուղղուած են գերմանախօս աղջկան մը, ունին պարզութիւնը մտերիմ զուգախօսութեան, եւ թովչութիւնը շրջապատի ալպեան բնավայրին: Սեւակի լեզուն ֆրանսերէնն է, հարկադրաբար.

Որքան քաղցր է ունենալ դեռատի կին մը եւ ամբողջ աշխարհ մը կերտել օճախին շուրջ: Կը տեսնես թէ աւելի եւ աւելի երախայ կը դառնամ, աւելի եւ աւելի խորութեամբ կ՚երազեմ ունենալ փոքրիկ տաճարը, իմ հր աշակերտ տիկին (…) սիրելի Ժանն, իմ ամենասիրելի Ժանն, գեղեցիկ գարուն կայ այստեղ եւ գեղեցիկ երկինք՝ երեկոյեան: Հազարաւոր աստղեր կան եւ սէր կայ օդին մէջ: Իսկ եթէ այդ մասին երկար չեմ գրել, գիտցիր միայն, որ շատ երկար կը մտածեմ, շատ յաճախ, մեծ քնքշութեամբ, ինչպէս նաեւ անհամբերութեամբ: Ահ, կը սիրեմ քեզ, գանձդ իմ, կ՚ուզէի քեզ ունենալ, ունենալ, ունենալ. կ՚ուզէի քեզ սիրել, սիրել (…) իմ պաշտելի կուռք, անուշիկ ընկերուհիս, իմ վերջին յոյս եւ առաջին երջանկութիւն (…) Եկուր, ժանն իմ, երջանիկ կը դարձնեմ քեզ: Ես ունիմ հարուստ գաղտնիքներ կախարդական աշխարհէն, քեզի կու տամ այդ բոլորր, եւ որքան տամ` այնքան շատ կ՚ունենամ անոնցմէ…

Կը պատմուի թէ տիկին Սեւակ սա անէծքը շպրտած է Պոլսոյ գերման դեսպան Վանկէնհայմի երեսին. «Ունիմ երկու մանչուկներ. մէկը պիտի մեծցնեմ ընդդէմ թուրքին, միւսը` Գերմանիոյ»:

Երկու գրիչներ կը բանան լուսամուտ մը, իրենց գրական հաւատամքին վրայ: Եղիա Տեմիրճիպաշեան կ՚ընէ յայտարարութիւն մը, զոր ինքն իսկ կը կոչէ «տարօրինակ».

Կը գրէմ առանց սկզբունքի, առանց ուղղութեան, առանց նպատակի: Ներդաշնակ պարբերութիւններ իրար քով շարել, սրտերն անզգալաբար ապականել, մտքերն յանուն լուսաւորութեան երկբայութեամբ եւ մթութեամբ լեցնել. հոգիները հեշտութեան եւ անտարբերութեան հրաւիրելու, անտարբերութեան դէմ սուրբ ցասմամբ մաքառելու կերպարանն ունենալով, այդ չէ անշուշտ նպատակս, այլ անշուշտ այս է հրճուանքս, իմ դառն հաճոյքս:

Եղիա էֆենտի բան մը ըսաւ: Ըսածէն կը հասկացուի շատ բան կամ ոչինչ: Այսուհանդերձ, կ՚արժէ պահ մը երազել սա խօսքին դէմ. կը գրէմ առանց նպատակի:

Աւելի յստակ է Գրիգոր Զոհրապ: Ան կը գրէ ազնուահոգի, այլեւ pusillanime (երնչոտ) Հրանդ Ասատուրի, որուն հետ գործակցաբար կը հրատարակէ Մասիս գրական հանդէսը: Թիւէ թիւ շեշտուած ըլլալով երկու գրագէտներուն ճաշակի տարբերութիւնը, Զոհրապ կը պահանջէ Ասատուրէ, որ իր անունը, որպէս կից խմբագրի, ջնջուի հանդէսի ճակատէն.

Զիս խնդացնոդ բանը քեզ կը սարսափեցնէ եւ փոխադարձաբար: Դուն անբարոյական երեւոյթէն կը վախնաս, իսկ ես` բուն անբարոյութիւնէն: Կիները կը դողացնեն քեզ եւ զիս` էրիկ մարդիկ. ես անկումները կը սիրեմ դիտել, շոյել եւ փայփայել, դուն բարձրացումները. ես ձորն եմ, իսկ դուն լեռը. ոչ Քոնվանսիոնի (Convention) անշուշտ, կամ թերեւս Քոնվանսիոնին (convention)։

Ինչպէս կ՚երեւայ, Զոհրապ չի վախնար կիներէ: Եւ ինչու վախնայ: Ամէն արուեստագէտ քիչ մը կնիկ է:

Ռուբեն Զարդարեան միակն է, որ լսելի կ՚ընէ գաւառի խուլ եւ բազմաչարչար ձայնը, նախ զգուշութեամբ եւ յետոյ հրապարակագրի իր ջղուտ եւ հոգեցունց գրիչով.

Հաւատացէք որ հրաշալի է մեր ցեղին կորովը եւ այս հողին միգութիւնը. ջուրը թոյն` երկինքէն ժահր կը տեղայ, ամէն քայլափոխի մահը մեզի հետ կը կատակէ, եւ սակայն տակաւին կը շարունակենք ապրիլ հոս մեր նամուսովն ու հաւատքովը, մեր օճախովն ու քրտինքովը եւ մեր… արիւնով: Օրհասական, բայց միշտ յուսալից պայքար մըն է ասիկա, թէեւ կը զգանք, թէ ամէն օր բան մը կը պակսի մեր ուժերէն:

Մինչեւ իր եղերական վախճանը, Զարդարեան անայլայլ պահեց իր սէրն ու հիացումը հանդէպ Չօպանեանի, զոր կը կոչէր Մեծայարգ Վարպետ: Այս գաւառացին միշտ յարգալիր է իր նամակներուն մէջ, ի տարբերութիւն ոմանց, որ Եւրոպա տեսած էին, իբրեւ թէ:

Ըլլալով առաւելաբար ազգային գործիչ, քան թէ գրագէտ, Զարդարեան մեծապէս կը գնահատէր Չօպանեանի անվհատ դիմումները օտարներու մօտ, ի նպաստ մեր դատին. պէտք է դիտել այս առթիւ, որ պոլսաբնակ եւ գաւառաբնակ մեր մտաւորականները, որ չէին ճանչնար քաղաքական Փարիզը, Չօպանեանի գործունէութեան կուտային արժէք մը եւ տարողութիւն մը, որ հեռու էր ունենալէ դժբախտաբար: Մեծ հայասէրները սիրտի տէր մարդիկ էին, կարեկից եւ քաղաքավար: Բայց այդքան միայն:

Այնպէս` ինչպէս կը ներկայանան հոս, իրենց պատահական նամակներով, մասնաւոր յիշատակութեան արժանի չեն Տիրան Չրաքեան, Ռուբեն Որբերեան, Թլկատինցի, Արտաշէս Յարութիւնեան եւ Թորոս Ազատեան (ուրկէ ուր` այս մէկը): Բայց ահաւասիկ վաճառական մը, Տիգրան Կամսարական, որուն մէջ վառ մնացած է ազգասիրութեան սլացիկ բոցը:

Կամսարական կը յայտարարէ, գրեթէ սրբազան կիրքով, իր խորունկ սէրն ու հաւատքը հանդէպ Խորհրդային Հայաստանի: Ի պատիւ թրքահայ գրագէտներուն պէտք է ըսել, որ Կամսարական առանձին չէր իր դիրքին մէջ: Փարիզ ապաստանած մեր գրողները ընդունեցան, կանուխէն եւ գրեթէ հաւաքաբար, թէ ռուսական orientationը լաւագոյն եւ կարելի միակ լուծումն էր Հայաստանի տագնապին: Ճշդենք՝ Կովկասեան Հայաստանի։ Անհրաժեշտ է ճշդել այս պարագան որուն կարելի չէ բացատրել թէ ինչ պատճառաւ մեր գրագէտները չներգաղթեցին դէպի յառեալ հայրենիք։ Զոհաբերութիւնը եղած էր երկուստեք, համանման իտէալով, բայց վերածնած Հայաստանը ամէն հայու Հայաստանը չէր, ոչ իսկ թրքահայ գրագէտին, որ չէր կրնար երթալ Երեւան, ինք որ գացած էր մինչեւ Տէր-Զօր, ցնցոտիներով։ Որու վզին փաթթել այս անանուն ողբերգութեան մեղքը։ Ամենուն եւ ոչ ոք, բնականաբար։ Պարագաները տնօրինած էին այդ ձեւով եւ ոչ թէ տարբեր ձեւով։ Հայը չունէր պէտք եղածին զօրութիւնը, դէպքերը տնօրինելու համար ըստ իր բարձրագոյն իտէալին։

Գտնուեցաւ սակայն մէկը, ամենէն տաղանդաւորներէն, որ ներգաղթեց, ափսոս, գիտենք թէ ինչպիսի եղերական հետեւանքներով։ Զապէլ Եսայեանի նամակները, ներկայ հատորին մէջ, գործի նամակներ են: Տիկինը լծուած է, Չօպանեանի հետ ձեռք ձեռքի, մեծապէս օգտաշատ ձեռնարկի մը, որ կը կայանայ օգնել հայրենիքի, «Հայաստանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներու Ընկերութեան» միջոցաւ եւ աջակցութեամբը ֆրանս. մեծանուն գիտուններու: Տիկին Եսայեանի համայնավարութիւնը կասկածէ վեր է: Բայց ով կրնայ վկայել, թէ օրապահիկի դժնդակ հարցը իր դերը չունեցաւ այս տեղափոխութեան մէջ: Դժբախտ գրագիտուհին կ՚ըսէր մեզի, Պոլսոյ ժողովրդական բարբառով— Աստծուն օրը «չամաշիր», Աստծուն օրը «խըզմէթ». միշտ ջուրերուն մէջն եմ. սա ուռած մատներուս նայէ, ինչպէս կ՚ուզես, որ գրիչ բռնեմ…

Զ[ապէլ] Ե[սայեան] կը թուի վերադառնալ Սկիւտար, կեանքի վերջալոյսին, դէպի իր հարազատ օրրանը: Սկիւտար ունէր աղքատիկ թաղ մը, որուն տեղական անունն էր Վարի Սոխակը: Ոչ ոք այնքան մտերմաբար ճանչցած է այդ թաղամասը եւ այնքան հաւատարմօրէն ներկայացուցած է զայն, որքան Եսայեան իր մէկ վիպակին մէջ, Երբ այլեւս չեն սիրէր: Հոն կը տքնէին եազմաճի հայուհիներ, օրնիբուն, պատառ մը արդար հացի համար: Անոնք ջուրերուն մէջն էին միշտ: Անոնց մատները ուռած էին:

Ատոմ Եարճանեան այն կորուսեալ երախան է, որ մութին մէջ կը պոռայ երգել կարծելով եւ կամ թէ կ՚երգէ, հօնքուր-հօնքուր լալով, իր ձայնն ունենալու համար իբրեւ ընկերակից, այսինքն` իբրեւ կենդանի ներկայութիւն: Բանաստեղծը քանի բարձրացնէ իր ձայնը, մենք այնքան գէշ կը լսենք զինքը, բանաստեղծը` որ ամէն ինչ է, բայց ոչ` երախայ: Բանաստեղծութիւնը, որ մտերմութիւն մըն է, աղաղակ չի վերցնէր որոշ decibelէ անդին: Վախը մարդկային է, նամանաւանդ գերզգայ էակներու մօտ: Սիամանթօ մէկն էր, որ իր շուքէն կը վախնար: Ինչ որ տկարութիւն է բանաստեղծութեան մէջ, բնական հակազդեցութիւն է առօրեայ կեանքի մէջ: Այս երկուքը, գիր եւ կեանք, շփոթելի չեն: Սիամանթօ, որ Պոլիս վերադարձած է պատերազմի սկիզբը, չարաբաստիկ ներշնչումով մը, հիւանդ անկողին ինկած է վախու ազդեցութեան տակ, իր իսկ բացատրութեամբ: Դժբախտ մարդը ինկած է գառագեղի մէջ: Կը զգայ թէ փրկութիւն չկայ: Իրմէ ունինք փոթորկայոյզ նամակ մը, Պոլսէն գրուած, 5 սեպտ. 1914 թուակիր, որ օգնութեան կոչ մըն է: Իր յուսակտուր աղաղակը կը թափանցէ մինչեւ ծուծը մեր ոսկորներուն: Ինչ զգաց արդեօք, երբ դէմ առդէմ եկաւ մարդակերպ գազաններու հետ: Իցիւ թէ վերջին պահուն, աներեւակայելի պահուն, իրականացած ըլլար իր ցանկութիւնը — իմ գգուանքէս եւ զայրոյթէս յանկարծամահ:

Վահան Թէքէեան իր գլուխը կը զարնէ պատեպատ, ինք եւս, միայն թէ իր ցաւը կը մնայ տարբեր մակարդակի վրայ: Իր թաւալգլոր անկումին մէջ, մեր ազգը հասած է մինչեւ խորը անդունդին եւ կը տապլտկի լպրծուն ճախճախուտի մէջ: Վերէն, բարձրէն կը թքնեն իր վրայ, կ՚արհամարհեն եւ կը նուաստացնեն զինքը, մինչեւ իսկ կ՚ուրանան իր ինքնութիւնը: Կարծես համայն մարդկութեան երեսին է, որ մեր բանաստեղծը կ՚ըսէ. «Թշուառականներ, մենք տակաւին ազգ ենք, դեռ մարդ ենք»: Ինք որ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի Տնօրէնն էր, դեռ քանի մը ամիս առաջ, ինք որ միշտ հայրական գուրգուրանք ցոյց տուած է հանդէպ մանուկներու եւ դեռահաս պատանիներու, իր սիրտէն արիւն կը հոսի ի տես Յունաստանի մեր որբերուն, որ լքուած են անտէր, անտիրական: Սկսած է նոյնիսկ փոքրիկներու յունացման գործը, յոյն վարժարաններու մէջ, իբրեւ հետեւանք Րըլիֆի ուրացումներուն: Թէքէեան տեղեկագիր կը ներկայացնէ ազգային պատուիրակութեան եւ կը ճգնի ցնցել Փարիզը, գիտնալով հանդերձ (եւ հոդ է ողբերգութիւնը), թէ ազգը գլուխ չունի: Կը գրէ սակայն Չօպանեանի, Աթէնքէն (1923).

Մեր որբերուն վիճակը տխուր, չափազանց տխուր է: Բարոյապէս ընկճուած են եւ պիտի փչանան ամերիկացւոց ձեռքը, եթէ ազգը տէրութիւն չընէ: Եթէ ձգենք, որ ասոնք ալ կորսուին, պէտք է «խաչ քաշենք» Հայութեան վրայ, ինչպէս ռուսահայերը կ՚ըսեն։ Ամերիկացիք մեր տղաքներն ու չափահասները, իրենց արհամարհոտ նպաստով, իրենց վարմունքով, շատ ցած կը տեսնեն եւ կ՚օգնեն կոր աւելի նուաստացնելու: Մեր կողմէ իրենց հասկցնելու ենք, որ տակաւին ազգ ենք, դեռ մարդ ենք: Մեր Պատուիրակութիւնը, մտաւորականութիւնը, կուսակցութիւնները եւ հարուստները (թերթերը` ինքնին կը հասկցուի) ուժգնօրէն ցնցելու ենք. հակառակ պարագային, ամէն մարդ իր գլխուն ճարը պիտի նայի այլեւս, ու մենք կորսուած պիտի ըլլանք:

Մեր որբերը իրենց գլխուն ճարը նայեցան, գիտենք թէ ինչ պայմաններու մէջ: Անոնք ունեցան աստուածային նեցուկ մը — բուն իսկ իրենց փոխադարձ եւ եղբայրական սէրը, զոր որբութեան անէծքը սերմանած էր իրենց մատղաշ հոգիներուն մէջ:






[1] Արշակ Չոպանեան քննադատած ըլլալով Րաֆֆիին, Անահիտ ի մէջ, Տիգրան Կամսարական զայն իր տեղը կը նստեցնէ. «Րաֆֆիի դէմ ըրեր ես անիրաւութիւն մը, զոր դուն, իբրեւ գրական մարդ, վերջինը ըլլալու էիր ընելու: Րաֆֆի մեր ազգային գիտակցութիւնը արթնցուց… Ըմբոստացումի Կայծեր ցատկեցուց հոս ու հոն… Իր դերը հոն կը վերջանայ… Հայ մտաւորականութեան, ինտելիկէնցիային կ'իյնար Հայ հայրենասիրական պոռթկումը canaliser ընել, իրականալի ծրագիրի մը վերածել… Մենք մեր պարտականութիւնը չկատարեցինք, չգիտցանք կատարել… Քաղաքական ծրագիրները վէպերէ չեն քաղուիր, ներշնչումները, մայր-գաղափարները` այո: Քաւուր Ալֆիերիի վէպերուն մէջ չգտաւ իր աշխարհաւասարութեան ուղղութիւնը»:

[2] Ճիշդ այն պահուն, երբ ընթերցողը սկսած է «ցատկել» հասարակ բացիկներու վրայէն, ճիշդ այդ պահուն պէտք է լաւ բանայ իր աչքը: Հատորի վերջաւորութեան, այսինքն ծանօթութիւններու բաժնին մէջ, տեղ գտած է Տիգրան Կամսարականի մէկ երկար եւ զմայլելի յօդուածը Կոմիտասի վրայ (1911): Կոմիտաս վարդապետի նուիրուած են գրութիւններ, իր կենդանութեանն իսկ, որ ունին գրական բարձր արժէք: Տիգրան Կամսարականի յօդուածը անոնցմէ մէկն է: Եւ ոչ յետինը:


ԱՄԷՆՈՒՆ ԹԷՈԴԻԿԸ
Գողգոթա էր տիտղոսը Թէոդիկի վերջին ուսումնասիրութեան, որ իբր նիւթ ունէր հայ հոգեւորականութեան կորուստը, Մեծ Եղեռնի տարիներուն:

Սպաննեցին մեր Տէր Հայրը: Հազարամեայ ծերունին յօշոտեցին խաչին առջեւ թէ անոր վրայ, կուտակուած ոխով եւ անլուր վայրագութեամբ: Անպաշտպան էր մեր երէցը, ինչպէս որ անպաշտպան էր իր հօտը: Թէ ինչ տուրք վճարեց մեր կղերը թրքական մողոքին, ահա այդ է, որ պատմել կը փորձէ Թէոդիկ իր Գողգոթա յով:

Գիրքը խմբագրուեցաւ Սկիւտարի մեր տանը մէջ: Անոր ձեռագիրը յանձնուեցաւ Տէր-Յովհաննէսեանի մամուլին եւ տպագրուած առաջին պրակը, որ յառաջաբանը կը պարունակէր, եկաւ հանգչիլ մեր գրասեղանին վրայ: Կարգի մտած էր յաջորդը:

Աչքիս առջեւն է ան, այդ առաջին պրակը, յաճախանքի մը պէս: Ամառային գիշերն էր անդորր խորասոյզ: Սենեակին բոլոր պատուհանները բաց էին, կրկնակ վարագոյրները մեկուսի հանգրիճուած եւ լամբարին լոյսը` ճաճանչագեղ: Սաղարթախիտ ծառը, որ կը բարձրանար դիմացի մայթին վրայ, ստացած էր թաւշեայ մութ կանանչ տերեւներ: Մեր գործին մէջ խորասոյզ եւ անով կլանուած, չլսեցինք թէ դուռը կը բացուի մեր ետեւ, յուշիկ. «Խենթ էք` ինչ եք… մարեցէք սա լոյսը»:

Պատուէրը ուշ էր: Փողոցի մերձակայ անկիւնադարձը պատճառ եղած էր, որ Թէոդիկ եւ ես չլսէինք թուրք ամբոխին յառաջխաղացումը: Երկուքս մնացինք արձանացած: Ես իմ բարձունքէն (ոտքի էի) կը տեսնէի կարմիր դրօշակներուն կատարը միայն, անխուսափելի մահիկովը ցցուն: Շարասիւնը անցաւ գնաց, մարտական երգի մը գոռ կշռոյթով: Պահ մը եւս լսեցինք ոտքի դոփիւնը անկարգ սալաքարերուն վրայ: Եւ յետոյ` ոչինչ: Թուրքերը կու գային լեռնային շրջաններէն, այսինքն Չամլըճայի կողմերէն, երթալ իրենց հարազատներուն հետ տօնելու համար քէմալական վերածնունդը: Անոնք գիտէին թէ ինչ տեսակ Հայ մը հակած կը մնայ ուսումնասէր լամբարին տակ, բայց մենք այնքան արհամարհելի տարր էինք իրենց աչքին, որ չարձակեցին ոչ յիշոց եւ ոչ լուտանք: Միջոցին մէջ կը յառաջանար ալեծուփ երգը յաղթանակի:

Գիշերն անցաւ: Յետոյ ուրիշ մը: Վերջնականապէս մարած էր մեր լամբարին լոյսը, եւ խորշակահար սենեակէն անհետացած էին ամէն տեսակ մատեան եւ թղթածրար: Խուճապը ստացած էր անպատմելի համեմատութիւն: Պոլիսը կը պարպուէր Հայութենէ այնպիսի պոռթկումով, ինչպիսի պոռթկումով կը պարպուի լեցուն աւազան մը, որ պայթած է, եւ որուն յատակը կ՚ոգեւարին ձուկեր, հետզհետէ նուազող ջուրին մէջ:

Երեկոյեան ճաշի նստած էինք, երբ Թէոդիկ յայտնեց, թէ յաջորդ առաւօտուն իսկ խոյս պիտի տայ Պոլսէն, որբերու կարաւանի մը հետ: Մայրս սկսաւ լալ: Մեր այն հարցումին, թէ ինչու չէր խօսած աւելի կանուխ, մօբարս ըսաւ, որ մեզմէ ոչ ոք պիտի ուզէր ուտել, եթէ խօսէր ճաշէն առաջ: Մնացինք լուռ, վերջին սեղանին շուրջ:

Յաջորդ առաւօտուն, Թէոդիկ կարճ կապեց հրաժեշտի դժնդակ ողջագուրումները, աւելի կարճ` քան ինչ որ ներելի է: Մայրս պոռաց. «ջուրս, ջուրս…»: Չէի գիտէր թէ աւանդական սովորութիւն է ջուր նետել գաղթականին ետեւէն, անոր վերադարձը արագացնելու յոյսով: Բնականաբար, դոյլ մը ջուրը արձակուեցաւ պարապին:

Այլեւս մեծցած էի հասակով: Այնքան արագընթաց, որքան իմ յարաշարժ քեռիս, դժուարութիւն չունէի իրեն հետ քայլ նետելու: Եթէ հեւք կար մեր կուրծքին տակ, պատճառը յուզումն էր աւելի` քան թէ արտորանքը: Գիտնալով իր տրամադրութիւնը, մերժեցի երթալ աւելի հեռու, քան Ճեմարան-Վարժարանը: Ըսի սակայն, ձեւի համար. «Մօբար, զիս ալ հետդ տար»: Իր պատասխանը եղաւ չոր ու կտրուկ «չըլլար» մը: Թէոդիկ անհետացաւ: Եւ ինձի այնպէս թուեցաւ, թէ ամէն ինչ դադրած էր իմաստ ունենալէ, օրը, պահը, երկիրը, ուր մենք կը թափառէինք ուղեկորոյս:

Անցան տարիներ: Եւ անցաւ կեանք մը ամբողջ:

Գողգոթայի հինգ ձեռագիր տետրակները, որ ունէին սեւ լաթէ կազմ, անհետացան Փարիզի մէջ, հեղինակին մահուան վաղորդայնին (24 մայիս, 1928): Երբ ի վիճակի եղայ անձնապէս զբաղելու երկասիրութեամբ, փնտռտուքի կոչ ուղղեցի մամուլով: Կոչս մնաց անարձագանք:

Պէտք եղաւ երկար սպասել իմանալու համար, որ Գողգոթան յանգած է Երուսաղէմի Հայոց վանքը, մութ ճամփաներէ անցնելով: Եւ սաղիմական մեր հայրերը, իրենց գլուխն ունենալով հանդերձ գրագէտ պատրիարք մը, բաւականացած էին քառասունհինգ տարի հոգեհանգիստ կմկմալով եւ խունկ ծխելով, փոխանակ հրատարակելու եզակի գործ մը, որ բուն իսկ իրենց մարտիրոս եղբայրներուն եղերական պատմութիւնն էր, վերջապէս գործ մը, որ այլեւս կարելի չէ վերսկսիլ, քանի որ գոյութիւն չունին այն գաղթակայաններն ու որբանոցները, ուր վկայութիւններ քաղուեցան, դժնդակ հարցուփորձերէ վերջ:

Համառօտելով ըսեմ, որ ձեռագիրը ձեռք անցուց Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեան, եւ յաջողեցաւ հրատարակել Գողգոթայի առաջին հատորը, հակառակ իր նիւթական նեղ պայմաններուն: Հատոր բառը չափազանցութիւն է այս պարագային: Ինչ որ ձեռքս կայ, դպրոցականի զոյգ մը կարմիր տետրակներ են միայն, աժանկեկ կողքով եւ մետաղեայ կռասեղով: Այդ աղքատութիւնը բաւական է, որ տետրակները ինձի թուին կրկնապէս թանկագին, եւ թէ` բերուիմ վերակոչել յիշատակներ:

Այն պղտոր եւ անկերպարան խառնուրդը, որ յիշատակներու աշխարհն է, այդ խառնուրդը կը պահանջէ կարգաւորում եւ միախմբում, եւ ես պիտի չթերանայի անհրաժեշտ զտումը կատարելու, եթէ ժամանակը չպակսէր ինձի, եւ օրը չըլլար տարաժամեալ: Բայց ահաւասիկ մթնշաղը: Գիշերը մօտ է:

Յատկանշական դրուագ մը կը պատմուի այն շրջանէն, երբ Ֆրանսայ կը խոնարհէր գերման բանակներու գրոհին առջեւ: Գաւառական բանտի մը տնօրէնը, որ կը պատրաստուէր բաց թողուլ օրուան արձակեալները, այդ տնօրէնը կ՚արձակէ իր բոլոր բանտարկեալներն անխտիր, գտնուած ըլլալով զոյգ ճնշումներու տակ: Մէկ կողմէն հարթիչ գլանը, որ կը մօտենայ սպառնացայտ, եւ միւսէն` բանտարկեալները, որ կը խռովին անձկութեամբ: Ընդդէմ գիշերին, որ կը մօտենայ, ես ալ իմ կարգիս պիտի փորձեմ արձակել յիշատակներ, որ ներսս կ՚աղմկեն: Գէթ անոնք, որոնք կապ ունին Գողգոթայի հետ եւ Թէոդիկի:

Անմիջապէս ըսեմ, թէ շատ քիչ բան գիտեմ մօբարէս, իրմէ հեռու մեծցած ըլլալով: Ան կ՚ապրէր Բերայի բարձունքը, մենք` Սկիւտարինը: Բայց միշտ գիտցած եմ, թէ մօրեղբայրս կը կոչուէր խենթ Թէոդ: Եթէ իր քոյրերը կը դնէին առաւելագոյն գորով խենթ որակումին մէջ, ուրիշներ, որ կը պատկանէին ժողովրդական խաւին, քոյրերուն նման, բայց որ կը մնային օտար, խենթ ըսելով կը հասկնային անսովոր տիպար մը, այսինքն` օռիժինալ մը:

Արդարեւ բանաստեղծ մըն էր Թէոդիկ: Ոչ անշուշտ մոգ մը բառի, դաշնակութեան եւ խորհուրդի, այլ սակայն բանաստեղծ՝ իր խառնուածքով, զինքը հրկիզող անշէջ բոցով, իր սիրազեղ հոգիին սլացքով, իր սրբազան խենթութեամբ եւ իր անմեղութեամբ: Այո, պարզ մըն էր ան, բառին լաւագոյն իմաստով, բարի մարդ մը, որ սիրահարած էր հայ գիրին, մինչեւ ինքնամոռացում:

Երբ պատահէր, որ Սկիւտար անցնէր, իր քոյրերէն մէկն ու միւսին այցի, իր անցքը կը նմանէր հովի աննախատեսելի այն յորձանապտոյտ խելառութեան, որ պատուհան կը փակէ ապակիի ջախջախումով, եւ կամ թէ, հոփ, կանացի շրջազգեստ վեր կ՚առնէ: Անշուշտ, կ՚ուրախացնէր բոլորը եւ մասնաւորաբար իր զարմուհիները, որ կը ճչային եւ կը թրթռային:

Ահա ինքը: Հազիւ թէ տուն մտած` փողոց կը սլանայ անհամբերութեամբ, զիս ալ իրեն հետ քաշել-տանելով դէպի գերեզմանատուն: Առաջին քայլերս կ՚արձակեմ մանուկի ուրախութեամբ, այն հաւատքով, թէ առանձին պիտի ըլլամ իմ նշանաւոր մօբարիս հետ եւ թէ վերջապէս պիտի լսեմ զինքը: Բայց եթէ ես կը մնամ իր կողքին, ան իմ հետս չէ: Թէոդիկ կ՚անգիտանայ իմ ներկայութիւնս: Լայնարձակ կարկինի տէր մարդ եւ միշտ արագագնաց, ան բնաւ չի խորհիր, թէ իր քայլերուն անկարող է հետեւիլ փափկակազմ մանչուկ մը:

Թէ ինչպէս հասանք գերեզմանատուն, այդ կէտը չեմ յիշէր: Գիտեմ միայն, որ Թէոդիկ շուտով հեռացաւ իր ծնողքին զոյգ հողակոյտէն, երթալ մխրճուելու համար ընդարձակ գերեզմանատան ծայրամասը, ուր երբեք չէր եղած, որ առաջնորդուած ըլլամ: Վայրը անխնամ էր, ինչպէս կ՚ըլլայ անկիւն մը, որ քիչ յաճախուած է: Խոտերը կը հասնէին մինչեւ ուսերուս, եւ միջատները կը սղոցէին լռութիւնը, կիզիչ արեւին տակ: Կը կարդամ տապանաքարը, որ կը մօտենայ մեր ամէն մէկ քայլին: Նոյն ինքն է, Էֆէնտին: Այսինքն` Ռէթէոս էֆէնտի Պէրպէրեան: Միշտ վազելով եւ թաւալելով, կը վերադառնանք ելքի դռան մօտ, ուր զիս կը բարձրացնէ իր ուսերուն վրայ, որպէսզի քաղեմ այն ընդելուզուած եւ աղօտ ձօները, ընդհանրապէս չափածոյ, որ կը ծածկեն Պետրոս Դուրեանի քարակոթողը (օպելիսք): Կը յիշեմ միայն երեք տող.



Հեռուներէն եկայ հոս
Ես քու շիրմին ուխտաւոր,
Ով բանաստեղծն երկնաւոր:

Երբ դուրս եկանք գերեզմանատունէն, Թէոդիկ զիս ճամփեց առանց այլեւայլի, սա կտրուկ բառերով, «ճամփադ գիտես»: Ճիշդ է, թէ տունդարձի ճամփան գիտեմ, բայց ես զիս անհանգիստ կը զգամ արեւակէզ պողոտային եզերքը, որ ամայի կը մնայ այդ լուր օրին: Չեմ կրնար բացատրել ներքին դժգոհութիւնս: Թէ զուրկ մնացի հոգածու վերաբերումէ, կարեւորը այդ չէ. կը խորհիմ սակայն, որ ծնողքս երբ գերեզմանատուն այցելէ, ամէն ինչ կ՚անցնի տարբեր մթնոլորտի մէջ: Կը թեւածէ ներամփոփում, զգօնութիւն եւ անպայման Հայր Մեր մը. Հիմա կը մտածեմ տարբեր բաներ: Գիտեմ մարդիկ, որ արագ կը զգան եւ կը գործեն արագ: Գիտեմ նաեւ, թէ կան սէրեր, որ չեն հանդուրժէր արագութեան:

Ահա այս եղած է իմ առաջին շփումս Թէոդիկի հետ: Երկրորդը եղաւ աւելի անհաճոյ, բուն իսկ իմ պատճառաւս: Ահա թէ ինչ ըրի:

Ես ոչինչ չըրի: Վարժուհի թէ վարժապետ, զիս հանգիստ կը թողէին թաղային վարժարանին մէջ (Սէմէրճեան-ճեմարան), երբ անմասն կը մնայի այն խաղերուն, որոնք կը պահանջեն ֆիզիքական ուժ: Սկաուտ էի, բայց այդքան միայն: Ինծի անծանօթ եւ նորափթիթ ուսուցիչ մը, գրեթէ պատանի մը, ուզեց գիտնալ թէ ինչու կը մնամ մեկուսի: Գգուանքով զիս նստեցուց իր ծունկերուն վրայ եւ ուղղեց հարցումներ: Երբ տեսաւ, որ Թէոդիկ մը կայ հորիզոնին վրայ, գնաց ծնողքէս խնդրելու, որ զինքը ներկայացնենք տարեցուցագրին: Բանաստեղծ էր: Տուն-տեղ չունէր Սկիւտարի մէջ: Պատճառ մը եւս, որպէսզի հրաւիրուի մեզի հետ տօնելու Նոր տարին: Մօտ էր Կաղանդը: Պատասխանեց հրաւէրին:

Պիրկ շարժում մը գլխի, երկու չոր խօսք եւ պրծաւ: Թէոդիկ բաւականացաւ այսքանով, ինչ որ անբաւական էր բացայայտօրէն: Բանաստեղծին ներկայութիւնը անգիտանալ ձեւացուց, ամբողջ երեկոյթի ընթացքին: Հայրս պիտի ըսէր վերջը. «Ասանկ մարդկութիւն կըլլայ… զաւալլը տղան մեր հիւրն էր… շատ ամօթով մնացինք… գոնէ երկու քաջալերական խօսք ընէր մեր խենթը…»:

Երիտասարդն ունէր լիալուսնի նման դէմք, խնձոր այտեր, դաշնակցականի փողկապ եւ մնայուն ժպիտ: Հայրս, որ իր անվերապահ համակրութիւնը տուած էր անոր, քովի աթոռին վրայ դիրք գրաւեց, բոլորովին առանձին չձգելու համար հիւրը: Գալով «մեր խենթ»ին, ան տախտակամածը կը դղրդացնէր իր ոստումներով, երթալ անհետանալու համար լուսացնցուղ երեք սենեակներու խորը, որ իրարու հաղորդակից դարձուած էին: Աղջիկները կը թրթռային Թէոդիկի շուրջ-բոլորը, եւ իրենց ուրախութիւնը հաղորդական էր: Ես ալ տարուեցայ յորձանքէն: Մնացեալը կը յիշեմ, առանց լաւ յիշելու: Կար նուագ եւ պար, կային բառախաղ եւ հանելուկ, այս բոլորը ջերմօրէն ամփոփուած բարձրաթռիչ ամպի մը մէջ:

Այն ֆրանսերէն երգը, զօր կ՚երգէինք Թէոդիկի խանդավառ ճպոտին տակ, կը խօսէր արտոյտի մը մասին, զոր կը փետէինք խմբովին — «մէկ փետուր, երկու փետուր, երեք փետուր»: Հետեւանքը այն կ՚ըլլար, որ բաւականին փետուած, այսինքն՝ յոգնաբեկ, կը վերադառնայի իմ կլորիկ ուսուցչիս մօտ, որ այլեւս սրտաբեկ վիճակ չունէր: Ընդհակառակն, վերագտած էր պայծառ իր ժպիտը եւ ամենայն պարզութեամբ, չըսելու համար բարեմտութեամբ, հօրս ցոյց կու տար իր լուսանկարը: Միթէ արթիսթիք չէ: Լաւ չըլլար միթէ Տարեցոյցին մէջ: Հայրս համակարծիք էր: Աղուոր կ՚ըլլայ քերթուածին առընթեր: Մեծարենցն ալ տեղ գտած է Տարեգրքին մէջ, երբ տակաւին անծանօթ անուն մըն էր: Միայն թէ, պէտք է սպասել, որ Թէոդիկ գտնէ իր բնական վիճակը: Արդարեւ ան տաքցած էր ըմպելիներով եւ ընդարմացած: Յառաջացած գիշերին մէջ ես քնացայ գետինը, գորգին վրայ, երկու աթոռներու ետեւ: Երիտասարդը կը կոչուէր Գէորգ Առապաճեան (Կառվարենց):

Կը բանամ փակագիծ մը, բացատրելու համար Թէոդիկի վարմունքը, առանց անշուշտ զայն արդարացնելու: Առաւելապէս ժողովրդական հրատարակութիւն, Տարեցոյցը կը հիւրընկալէր նուիրագործուած անուններ: Թէոդիկի կը պակսէր անհրաժեշտ ինքնավստահութիւնը, հանրութեան պարտադրելու համար նոր գրիչներ: Այն տաղանդը, որ դուրս կ՚իյնար իր ծանօթութեան շրջանակէն, անոր աշխատակցութեան հրաւէր կ՚ուղղէր շատ խոնարհաբար: Այն վերջին անձը, որուն դիմեց իր մահէն քիչ առաջ, Փարիզէն, եւ որուն դրական պատասխանը զինքը երջանկացուց, Համաստեղն եղաւ: Անվստահ` իր անունին հմայքին, խնդրարկու, նամակը գրել տուած էր Լեւոն Բաշալեանի: Կը գոցեմ փակագիծս:

Ունիմ տակաւին երրորդ եւ վերջին յիշատակ մը, որ կը պատկանի մանկութեանս շրջանին: Այս անգամ այլ տեղ է բեմադրավայրը: Գերդաստանը գրեթէ համախումբ` անցած է Բերա եւ իր վրանը լարած Թէոդիկի յարկաբաժնին մէջ, Սկիւտարը հռչակուած ըլլալով անապահով գօտի: Պուլկար յաղթական բանակը մօտեցած է Պոլսոյ դռներուն, առանց երբեք պղտորելու մեր տեղափոխութեան խրախճալից մթնոլորտը: Անապահովութիւնը չէ, որ գաղթել տուած է մեզ, այլ Կովկասէն ժամանած հռչակաւոր դերասաններ (Սեւումեան, Զարիֆեան), որոնց ներկայացումներուն կը փութան մերինները, կին թէ աղջիկ, Սկիւտարը զրկուած ըլլալով այս տեսակ բացառիկ պատեհութիւններէ: Երբ մերինները կը բացակային տունէն, ինձմով կը զբաղի մեղմասաց քեռկինս, Արշակուհի, որուն հեզահամբոյր վերաբերումը եւ բնածին նրբութիւնը կը տարբերին կենսայորդ Թէոդիկի աղմկարարութէնէն եւ արտորանքէն: Իր անգլերէն նկարազարդ հանդէսները կը դնէ առջեւս, ինչպէս նաեւ հին Բուրաստան Մանկանցներ, զոր կը կարդամ յափշտակութեամբ: Կը պատահի, որ սպրդիմ մօբարիս գրասենեակը եւ ականատես կ՚ըլլամ անբացատրելի տեսարանի մը: Թէոդիկ մտերմօրէն կը տեսակցի վայելչագեղ կրօնաւորի մը հետ, անոր առջեւ պարզելով գեղազարդ մագաղաթներ: Կրօնաւորը հայ է: Այս բանը կ՚ապշեցնէ զիս, ինչպէս ամէն նորութիւն: Չեմ կրնար ըմբռնել, որ հայ մը, ան ալ կրօնաւոր, ընդգրկած ըլլայ օտարոտի հաւատամք մը, այս պարագային` Հռովմէականութիւնը: Ոչ միայն այցելուն կը նկատեմ ազգային դաւաճան, այլ ուշի ուշով կը նայիմ իրեն այն խռովիչ մտածումով, թէ մի գուցէ պակասաւոր բան մը գտնուի իր կազմախօսութեան մէջ: Չէ մի որ մարդ չեն բոլոր անոնք, որ չեն մտածէր մեզի պէս…

Զարմացումի պատճառ մը եւս ունեցայ յաջորդ օրը: Թէոդիկ մեզի ցոյց տուաւ դէզ մը թուղթ, սեւածիր պահարաններով: Տպել տուեր էր իր մահազդը: Կը բացակային միայն տարեթիւեր: Իր կրտսեր քոյրը, որ կատակէ վախցող չէր, ցնցուեցաւ այս անգամ: Մահազդը չէր կլլած: «Ալ վազ անցիր այդ խենթ բաներէն…»: Այսօր երբ կը մտաբերեմ այս բոլորը, կը հաւատամ, որ Թէոդիկ պիտի փճանար, եթէ արտաքսած չըլլար իր ներքին կրակին անգործածելի մասը, այս տեսակ տարապարտ բաներով, այսինքն` անիմաստ, անօգուտ եւ ձրի խաղերով: Մարդը բանաստեղծ էր, իր տեսակին մէջ:

Ինչ որ դրոշմուած կը մնայ յիշողութեանս մէջ, ան ալ իմ առաջին մուտքս է իր գրադարանէն ներս: Գիրքը երբեք պակաս չէր եղած մեր տուներէն ներս, բայց ինչ որ կը տեսնէի իր մօտ, բոլորովին տարբեր բան էր: Մնացի անշարժ, սենեակին կեդրոնը, համակուած ըլլալով հրճուանքով մը, ուրկէ բացակայ չէր ապշութիւնը: Մեր թղթակազմ գիրքերը, որ իրենց անհամաչափ ծաւալով կը մերժեն ամէն իրական դասաւորում, կը բարձրանային մինչեւ ձեղուն, համանման կազմով, եւ կը վկայէին, թէ իրենց տէրը մատենամոլ մը չէ միայն, այլ թէ ունի իմացութիւնը գեղեցիկին: Չէի գիտէր, այդ տարիքիս, թէ գեղեցիկին իմացութիւնը նման է հաւատքի ներգործութեան: Եւ թէ՝ մարդ կրնայ ապրիլ իմացական բարձր մակարդակի վրայ, առօրեայ կեանքի մէջ մնալով հանդերձ, ինչպէս մնացած էր Թէոդիկ, շուկայիկ մէկը, բաւական զուրկ նրբակենցաղութենէ, մասնաւորաբար իր պարագաներուն հանդէպ:

Այս բաները չէի գիտեր, ուրիշ բաներու կարգին: Բայց քիչ ժամանակէն պիտի գիտնայի թէ գրագէտ ըսուած արարածը չի կարդար, կամ շատ քիչ, երբ կը գտնուի ստեղծագործութեան թափի մէջ: Պիտի գիտնայի տակաւին թէ` մատենասէրին դէմ կը կանգնի մատենամոլը, ինչպէս կնամոլը՝ ընդդէմ կնասէրին: Այն բացառիկ հեշտանքը զոր մատենասէրը կը քաղէ գիրքերու հպումէն եւ անոնց ներկայութենէն, այդ նրբենի հեշտանքը կրնայ զայրագնիլ եւ փոխուիլ մատենամոլութեան, որ այլեւս յամառ մտապաշարում մըն է: Ասոնք բաներ են, որ տուն կը քանդեն: Իր զմայլելի կնոջ արցունքներէն սրտաբեկ` Թէոդիկ կը խոստանար վերջ դնել իր բազմածախս գնումներուն, բայց անկարող՝ իր սէրը չափաւորելու, տուն կը դառնար գողի պէս, մատեանները իր տաբատին մէջ մխրճած: Եւ միշտ ամօթահար: Իր այդ վիճակին մէջ, կը յիշեցնէր Պալզաքի այն հերոսները, որ հաւաքածոյ կը կազմեն (Էօժէնի Կրանտէ, Լը Քուզեն Փոնս): Զինադադարի տարիներուն ճանչցայ ծերունի կազմարար մը, յայտնի տպագրիչ Օնիկ Արզումանի աշխատանոցին մէջ, որ ըսաւ ինձի. «Քուկին Թէոդիկդ խենթ էր, ամա ատանկ խենթեր չըլլան նէ, մենք չենք կրնար ապրիլ, օղլում…»:

Ճիշդ է: Բայց չէր կրնար ապրիլ նաեւ Թէոդիկի միակ որդին, Վահագնը: Երբ մօբարս կը տուայտէր աքսորի մէջ, Վահագն կատաղի կիցեր կու տար գիրքերուն, զանոնք փճացնելու հաստատ մտադրութեամբ: Ինչ կարելի է ըսել տղու մը, որ անփոխարինելի գանձ մը ունի իր ձեռքին տակ, բայց ոչ ուտելու հաց (ինք ու իր մայրը պիտի մեռնէին հիւծախտէ)։

Ուր էի: Հա… պատերազմ, կովկասահայ դերասան, մահազդ: Բայց պատահեցաւ, որ մեր «գաղթական» տիկինները տունը մնան գիշերին մէկը, անորոշ արգելքի մը պատճառաւ (ոչ, ափսոս, Պուլկարը Պոլիս չէր մտած), եւ Թէոդիկ հրապարակ գայ իմփրէզարիոյի դերով: Իր վարակիչ եւ քիչ մըն ալ անքոմպրան կենդանութեամբ, յարկաբաժինը վերածեց անապահով գօտիի: Դէպի ձեղուն նետեց Վահագնը եւ վերջն ալ զայն կախեց իր ոտքերէն, կարծես խրախուսուած՝ մայրերու բողոքէն: Կազմակերպեց արտասանութեան րէսիթալ եւ աղջիկները ցոյց տուին իրենց տաղանդին գոյնը, յաջորդաբար արտասանելով Ազատն Աստուած այն օրից, Լճակը, Ծիծեռնակ: Ի վերջոյ մեր անմահ գերդաստանը իր ծոցէն ստեղծեց վըտէթ մը, յանձին Վահագնի: Հրապարակ կանչուեցաւ ան, արտասանելու համար իր հօր մէկ նոր ստեղծագործութիւնը, որ ուրիշ բան չէր կրնար ըլլար, եթէ ոչ ոտանաւոր մը, Թէոդիկեան ճոխ յանգերով:

Մօբարս իր գահաժառանգը բարձրացուց աթոռի վրայ: Պատրաստ ես: Նախ խոնարհութիւն ըրէ: Հիմա սկսէ: Վահագնը իր ամբողջ ուժով արձակեց Պոլսոյ գիշերապահներուն չարագուշակ աղաղակը. «Եանկըն վար… Տոլմապահճէտե…»: Գայթակղութիւնը, որ բոլորովին կեղծ չէր, իր ձայնը լսելի դարձուց խժալուր ճիչերով: Թէոդիկի աներձագը ըսաւ. «խենթ Թէոդ, գոնէ պալատը մէջ մի խառներ… ասանկ օրերու…»: Յանկարծ` նորութիւն մը: Պիտի կատարուի գրական ընթերցանութիւն: Անմահ գերդաստանը խմբուեցաւ փառաւոր գրադարանին մէջ, մէկը միւսին վրայ նստած: Ես գետինն եմ: Առաջնակարգ ընթերցող, Թէոդիկ կ՚ապրի եւ կ՚ապրեցնէ գրութիւնը: Դժբախտաբար գրութեան լեզուն գաւառաբարբառ է, այսինքն ռուսահայերէն: Ես մեծապէս դժգոհ եմ պատմութենէն, առանց անշուշտ կարենալ պատճառաբանելու մտածումս, որ մտածում ըլլալէ աւելի զգացում մըն է: Դժգոհութիւնս կը վերածուի բարկութեան, երբ ներկայ աղջիկներէն մէկը, որ պիտի խելագարէր յետագային, թաշկինակը կը տանի իր աչքերուն: Գրութիւնն էր Աւետիս Ահարոնեանի ծանօթ պատմուածքը, Խաւարես լուսին։

Այսօր կը խորհիմ, որ արտասուաթոր լուսինը արժանի չէ նկատառման: Ահարոնեան թանկագին է այն ատեն, երբ իր դաշնաւոր լեզուն ի սպաս կը դնէ իր անձնական փորձառութեան, ինչպէս ըրած է, զոր օրինակ այն պարզ էջին մէջ, ուր կը պատմէ իր այցելութիւնը Մխիթարեան Հայրերուն (Ս. Ղազար կղզին) եւ ուր կը յայտնուի լուսապսակ գլուխը Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի:

Աւարտելէ առաջ պատանեկան յուշերուս այս շարքը, կ՚ուզեմ վերակոչել տեսիլք մը եւս, առանց խղճահարութեան դէպի յուշագրական սեռը, քանի որ գրութիւնս ուրիշ բան չեղաւ, եթէ ոչ մենախօսութիւն մը որ կը տարուբերի ժամանակին մէջ, երբեմն ճիւղաւորեալ, երբեմն խոտորնակի: Ահա ուրեմն տեսիլքը:

Պատահեցաւ, որ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուի մեր տունը, եւ փողոցը լեցուի ֆայթոն շքեղ կառքերով: Այդ տեսարանը կը դիտէի կողմնակի պատուհանէ մը, երբ Թէոդիկի թաթը ինկաւ ուսիս: Ան զիս Վահագնի հետ տարաւ վերի հիւրասենեակը, հարսնեւորների Բազմութիւնը ճեղքելով, եւ ես զիս գտայ Կոմիտաս վարդապետի առջեւ: Վարդապետը շոյեց մեր գլուխը: Կը խորհիմ, որ իր ժպիտը կ՚ուղղուէր իմ եկեղեցական փոքրիկ շապիկիս, որ ըստ բաւականին փոքր չէր: Վերջին անգամ ըլլալով համախումբ՝ գերդաստանը իր մէկ աղջիկը կ՚ամուսնացնէր Օսմանեան Դրամատան մէկ տնօրէնին հետ, որ Կոմիտասի հայրենակից էր: Քէօթահիացի: Թէոդիկ կը ճառագայթէր: Անհուն աղապատանքով կը շրջապատէր մեր հիւրը, որ կեդրոնական դէմքը եղած էր հարսանիքին: Ամբողջ արարողութեան ընթացքին, վարդապետը կը փնտռէի լայնածաւալ մոմիս ձիւնասպիտակ բարդութիւններուն մէջէն: Զինքը տեսած էի հեռուէն, դաշնակի առջեւ, եւ իր բերնէն լսած` Կռունկը: Երբ այլեւս ոչինչ կը յիշեմ նշանաւոր հարսանիքէն, վարդապետին լրջախոհ արտայայտութիւնը եւ սլացիկ կեցուածքը մէջս դրոշմուած կը մնան անջնջելիօրէն: Իր սեւ սքեմը շեշտակիօրէն կը զատորոշուէր շրջապատի փայլուն արդուզարդերէն, նամանաւանդ իր կողքին կանգնած մարդէն (բուն իսկ իմ Սամուէլ մօրեղբայրս), որ իր կուրծքը ծածկած էր պատուանշաններով, տգեղ ցուցամոլութեամբ մը: Այնքան տարուած էի վարդապետով, որ ոչինչ լսեցի արարողութենէն: Ոչինչ: Այսուհանդերձ, այդ օրը սորուեցայ հայերէն բառ մը նարօտ:

Ես կ՚ըսեմ նարօտ, մինչ կը հասկնամ կարօտ: Անոնք որ մեկնեցան առ յաւէտ, բոլորն ալ անմխիթար եւ սիրակարօտ, անոնք անգամ մը եւս կը տողանցեն յիշողութեանս պաստառին վրայ, նման այն շփոթ եւ խռով ստուերներուն, որ աշնան երեկոներուն կ՚անցնին արտասուահեղձ ապակիին ետեւէն: Ինչպէս մնալ հաւատարիմ եւ ինչպէս չդաւաճանել անցեալի ճշմարտութեան, երբ կրկնակ է վտանգը, որ կը սպառնայ յուշագիրին: Անցեալը որ ձեւափոխուած է ժամանակի ընթացքին, անգամ մը եւս կը ձեւափոխուի, երբ կը կորսնցնէ իր եթերային լուսապսակը, թափուելով գրութեան ծիրաւոր կաղապարին մէջ: Հեռու է ակը, իր ջինջ կարկաչով: Պատրանք է խորհիլ, թէ մարդ կրնայ իր մեծ ոտքերը դնել մանուկի ոտքի հետքերուն մէջ, առանց որ աւազի վրայ չխաթարուի տոտիկներուն ձգած թեթեւ դրոշմը: Շատ բան կը տարբերի երեկի եւ այսօրի միջեւ: Ամէնէն առաջ կը տարբերի լեզուն, բառապաշարը: Խօսքը չէ ըսուած այն ձեւով, ինչ ձեւով ան կը փոխանցուի այսօր, բայց զգացուած է այն՝ ինչ որ խօսքը կ՚ըսէ: Մտածումը չէ գացած հեռուն, եթէ հեռու երթալ կը նշանակէ ընդլայնել եւ պատճառաբանել, բայց մտածումը գացած է այդ նոյն ուղղութեամբ: Մնացեալը կը պատկանի գրիչին, որ կը կատարէ վերակոչումը: Մնացեալը տաղանդի հարց է:

Երկու թուականներ, 1907-1967, մեզի կը յիշեցնեն, թէ վաթսուն տարիներ անցած են այն օրէն ի վեր, երբ լոյս կը տեսնէր Ամէնուն Տարեցոյցը, այդ պզտիկ համայնագիտարանը, որ կորուստէ պիտի փրկէր հայ մշակոյթի անթիւ նշխարհներ եւ վաւերաթուղթեր, որ հայ մտքին խօսքը լսելի պիտի դարձնէր, աւելի քան որեւէ հրատարակութիւն, մեր ամէնէն մութ գաղութներուն մէջ իսկ, որ աշխատութեան պիտի մղէր մեր գրիչները, զանոնք խրախուսելով եւ հմայելով, եւ պատուի հարց պիտի դարձնէր խնամեալ եւ ճաշակաւոր տպագրութեան անհրաժեշտութիւնը: Աւելին կայ:

Եթէ եղերական կատակերգութիւն մըն է ազգի մը կեանքը (եւ ուրիշ ինչ բան կրնայ ըլլալ), երկարաձիգ ներկայացումը կը վարեն ոչ միայն վըտեթները, որ յայտագրին ճակատը կը փայլին, այլ նաեւ հոյլը անոնց որ կը գործեն լռելեայն, բեմի առաջամասի կանթեղաշարէն հեռու: Այսպէս է, որ Տարեցոյցի ամէն մէկ հատորը լայն բաժին կը յատկացնէր Հայութեան համեստ եւ խոնարհ գործիչներուն, ի գին նոյնիսկ քմծիծաղ պատճառելու մեզմէ անոնց, որ բարձրէն կը սաւառնին: Թէոդիկ բնազդաբար հասկցած էր խոնարհները, ինքն իսկ ըլլալով ժողովրդի զաւակ եւ գրիչ մը` երկրորդական:

Չկայ անուանում մը, որ աւելի լաւ պատշաճի մեր հեղինակին, որքան ժողովուրդի զաւակ բացատրութիւնը: Ան որդին էր գաւառացի գաղթական զոյգի մը, որ մեծ դժուարութիւն ունէր իր օրուան հացը ճարելու: Զոյգը ունէր հինգ զաւակներ, որոնց երէցը, Սամուէլ, շուտով պիտի հեռանար իր հարազատներէն, երթալ ուսանելու համար բժշկութիւն, իբրեւ պետական թոշակաւոր: Յաջորդ երեք աղջիկները, երեքն ալ չարքաշ եւ կորովի, կենսաշահութեան պիտի լծուէին իրենց մատղաշ տարիքին իսկ, եւ դէպի բարձրագոյն ուսում պիտի առաջնորդէին իրենց տարօրինակ` այլեւ սիրելի մանչուկը, Թէոդիկ, իրենք իսկ մնալով կիսագրագէտ: Եթէ Թէոդիկ չկրցաւ բոլորել Պէրպէրեան Վարժարանի դասաշրջանը, պատճառը հետեւեալն է: Անոնք պատմեցին, ես կը փոխանցեմ:

Պատանին Թէոդիկ, այդ անմեղներուն անմեղը, իր դասը կը սերտէ գիշերային լամբարին տակ, իր քրոջ դէմը նստած, եւ կասկածն իսկ չունի, թէ տռամ մը կը հասուննայ ընտանիքին մէջ: Երբ պահ մը վեր կառնէ իր գլուխը, վանելու համար անշարժութեան պատճառած թմբիրը, անանուն բան մը կը տեսնէ: Լուռ արցունքներ կը հոսին աղջկան այտերն ի վար, որ սակայն չի դադրիր ասեղ քաշելէ: Թէոդիկ կը խռովի, ինքզինքը գտնելով տագնապի մը առջեւ, որ ոչ մէկ բան չէր ծանուցած: Քոյրը դեռատի է եւ կ՚աշխատի ցերեկը գիշերին խառնելով: Թէոդիկ կ՚աղաչէ իմանալու համար լուռ վիշտին պատճառը, եւ կըսէ, ինչ-որ մարդ կրնայ ըսել նման պարագաներու: Ոչ, յոգնութեան խնդիր չկայ: Լուռ արցունքներուն պատճառը մէկ է: Ան կը կոչուի Մաննիկ Պէրպէրեան:

Վայելչագեղ եւ սիրուն, Օր. Մաննիկ օժտուած էր մէկէ աւելի ձիրքերով, համեստ՝ այլ իրական ձիրքերով, ընդ որս գրական եւ երաժշտական ձիրքեր, որոնց վրայ պիտի գային աւելնալ իր սրտի նուաճումները, մինչեւ Սիամանթօ: Մաննիկ գիտակցութիւնն ունէր իր արժէքին: Քիչ մը շատ: Շփացած, ինքնագոհ եւ արհամարհոտ, ան կը պահէր իժի սլաք մը, եւրոպականացած օրիորդի իր դրսերեւոյթին տակ: Ան է որ կարուհի քոյրերուն կ՚առաջարկէ իր շրջազգեստները կարել, փոխանակ Վարժարանին նիւթապէս հատուցանելու Թէոդիկի թոշակները, ինչպէս հատուցած էր մինչեւ այդ: Քոյրերը ակամայ կ՚ընդունին ձախորդ կարգադրութիւնը, քանի որ դժուար էր մերժել առաջարկ մը, որ կու գար մեծարգոյ ուսուցչապետին հարազատ աղջիկէն: Եւ բնականաբար, Մաննիկ շուտով կը դառնայ զզուելի իր դժուարահաճութեամբ եւ քմայքով: Առիթ չի փախցնէր թունալից սլաքներ արձակելու, թթուած դէմքով եւ փրէսիոզի մը արուեստակեալ ձեւերով, առանց սակայն երթալ կարուհի փոխելու: Այդ մէկը` երբեք: Թէոդիկ կու լայ իմ պզտիկ մօրաքրոջս Ռամելայի հետ եւ կը վճռէ հրաժարիլ ուսումէ, քան թէ սիրտը արիւնել իր քոյրերուն: Թէեւ կը յաջողին զինքը ղրկել Ռոպէրթ Գոլեճ, բայց այդ յաջողութիւնը ձեռք բերելու համար քոյրերը կը գործածեն զէնք մը, որ իրենց մասնայատուկ էր` պոռպռալ:

Այս տգեղ զէնքը չափազանց կը նեղացնէր իմ սակաւախօս հայրս, որ գերզգայ մէկն էր, հիւանդագին ըլլալու աստիճան: Եւ ըսել թէ աղմուկ չսիրող հայրս մասնակցած էր աղմուկներու մեծագոյնին, Պապը Ալիի ցոյցին, դրօշակը բարձր բռնած: Բայց այդ ելոյթը նկատուած էր իբր մէկ վրէպը բնութեան, նման այն կեռասենիին, որ կը ծաղկի անժամանակ: Բացառիկ պարագաներու միայն հայրս կ՚ըսէր, այդ անցեալը վերակոչելով, — «Ախ, Չերազ…», եւ կը պատմէր իր գահավէժ փախուստը Պոլսէն դէպի Վառնայ: Երբ կը պայթէր Թէոդիկի ուրախ ճիչը, հայրս կը մեկնէր սենեակէն, աւելորդ համարելով դիմադրական ամէն փորձ ընդդէմ հակամիտութեան մը, որ առհաւական էր: Ան կ՚ըսէր. «աս մէկ բանը իրենց արիւնին մէջն է…»: Արդարեւ, իրենց արիւնին մէջ կար մէկը, բուն իսկ Թէոդիկի հայրը, որ օրին մէկը մեծ գայթակղութիւն հանած էր իր պոռպռոցով: Ան կը կոչուէր Գրիգոր Պօզաճեան:

Չեմ ճանչցած մօրենական մեծ հայրս, բայց կը կարծեմ ճանչնալ զայն, իր մասին շատ լսած ըլլալով: Մինչ բոլոր նախնիքները շրջած էին մոռացութեան գիրկը, Գրիգորի յիշատակը կը մնար պաշտամունքի առարկայ եւ մեծարանքի: Կան մարդիկ, որոնց հոգին լուսաճաճանչ բերկրութիւն մըն է, բնածին երջանկութիւն մը, որ պիտի չխաթարուի ոչ մէկ բանով: Դատելով իր լուսանկարներէն, այն կլոր դէմքով եւ փոքրիկ մօրուքով համակրելի ծերունի մըն էր, որուն պճլտուն աչքերը կը մատնէին զուարթաբանութիւն եւ խանդավառութիւն: Ըստ իր աղջիկներ ու վկայութեան, այս սիրազեղ մարդը իր գորովը կը յայտնէր շռնդալից բառերով եւ միշտ բարձրաղաղակ: Քրիստոնէութիւնը, եւ մասնաւորաբար անոր բարոյախօսական մասը, ծուծն իսկ էր իր էութեան: Կը գործածէր միայն մէկ հատ ծանր խօսք` նզովից արմատ:

Երզնկայէն Պոլիս գաղթեր է ան, վստահելով պոլսաբնակ Պօզաճեաններու նպաստաւոր առաջարկներուն եւ հրապուրիչ խոստումներուն: Այս խոստումներուն ոչ մէկը յարգուած ըլլալով, Գրիգոր պահանջէր է արդարութիւն: Այն մարդը, որ ամէն առթիւ կը պահանջէ արդարութիւն, սա մեր ծուռ աշխարհին մէջ, այդ մարդը վտանգաւոր մէկն է: Եւ նաեւ, տեսակէտով մը` պաշտելի: Գրիգոր կը լքէ Պօզաճեան անունը իբրեւ անպատուած անուն, եւ իր շատ համեստ արհեստէն կը քաղէ նոր անուն մը, Լապճինճեան: Նկատելով, որ Պոլիսը ապականութեան կեդրոն է, Գրիգոր կը դիմէ պարկեշտ անձնաւորութեան մը, որ իր հետը Պոլիս բերած է Երզնկայէն: Գրիգոր կը դիմէ Աստծոյ: Մտերիմ զրոյցի մը ընթացքին, Ամենակալ Տիրոջմէ կը խնդրէ մանչ զաւակ մը: Երբ Տէրը իրեն կը պարգեւէ զոյգ մը արու երկուորեակներ, մեր իտէալիսթը կը վաճառէ այն քիչը, որ ունի, եւ կ՚երթայ իր ուխտը կատարել Տիրոջ գերեզմանին վրայ, որ ի Երուսաղէմ: Կ՚ըլլայ հաճի: Այսինքն թէ` աւելի եւս կը պոռպռայ: Վերադարձի ճամփուն վրայ, երկուորեակներէն մէկը կը մեռնի, պաղառութեան հետեւանքով: Կ՚անցնին օրեր եւ տարիներ: Վերապրողը` Սամուէլ, առաջին կը հանդիսանայ թաղային վարժարանին մէջ, ինչ որ իրեն իրաւունք կու տայ Զատկին օրը կարդալու Դանիէլի գիրքը: Դանիէլ Մարգարէ մըն է, որ իր գիրքը շարադրած է գրաբար լեզուով: Երջանիկ է Գրիգոր այն հաւատքով, թէ իր խոստմնալից եւ օժտեալ Բենիամինը պիտի ըլլայ փաշայ (կը սխալէր: Մօրեղբայրս պիտի ստանար Խանութեան տիտղոս)։ Սամուէլ ամէն իրիկուն Դանիէլ կը սերտէ իր հոգեզմայլ հայրիկին դէմը նստած, շարականներու օրօրուն եղանակով: Անթիւ վարժութիւններուն բնական հետեւանքը սա կ՚ըլլայ, որ հաճին ինք եւս գոց կը սորուի որոշ մասեր Դանիէլի շրջաբերականէն: Բայց Սուրբ Յարութեան տօնը կը վերածուի ըմբոստական շարժումի եւ գայթակղութեան:

Երբ Գրիգոր դիրք կը գրաւէ սուրբ Կարապետի խորանին դէմ յանդիման, երբ այդ հաւատացեալ գաւառացին երկիւղածութեամբ կ՚ունկնդրէ յաջորդական Գիրքերը, եւ երբ իր ականջին կը հնչեն մտերիմ տողեր, անոնք իսկ զորս գոց սորուած է իր փաշայ մանչուն բերնէն, Գրիգոր կ՚ըմբոստանայ:

Քահանան Գիրքը սորվեցուցեր է հարուստ Թաղական էֆէնտիի մը զաւկին, անշուշտ ծածկաբար, եւ վերջին պահուն չէզոքացուցէր է Սամուէլը, որ չքաւոր հնակարկատի մը տղան է:

Մայրս որ ներկայ եղած էր աղիտալի պատահարին, եւ որ Սամուէլի կը յաջորդէր տարիքի տեսակէտով, չէր մոռցած այն սարսափը, որ զինքը համակած էր ի տես Գրիգորի մոլեգին հակազդեցութեան:

Գրիգոր գետին կը զարնէ իր ֆէսը եւ կը պոռայ լիաթոք. «Հաւասարութիւն կը պահանջեմ…»: Եւ յետոյ` «Յարգենք մանկտիքն Հայոց»: Այլ մանաւանդ. «Արդարարութիւն կը պահանջեմ…»:

Կարելի չէ ըսել թէ արիւնահեղութիւն կը պատահի խորանին առջեւ: Միայն թէ, իբրեւ հետեւանք ձախորդ շարժումի մը, Գրիգոր կառչած կը մնայ Տէր Հօր մօրուքին, մինչդեռ իմ մեծ մայրս կը նուաղի երկու նստարաններու միջեւ, մեղայ Տէր գոչելով…

***

Երբ այժմ Գրիգորի հարազատ զաւակները կը պոռան եւ կը պոռպռան, զարմանալի չէ, որ երեւոյթն ունին պահանջելու հաւասարութիւն եւ արդարութիւն:

Թշուառ, երիցս թշուառ շառաւիղ Գրիգորի: Մեզմէ ոչ ոք համարձակեցաւ պահանջել մէկն ու միւսը, երբ թուրք ոստիկանութիւնը եկաւ մեր դուռը ափ առնել: Մեզմէ ոչ ոք ըմբռնեց, թէ դրան զանգակը կ՚ըսէ սա տեսակ բան մը — «այս պահուս կը սկսի մեր Ապրիլ 11ը»: Կը յիշեմ ծնողքիս խուլ ձայնը, որ կը հրամայէր— «Չըլլայ որ տեղերնուդ շարժիք»:

Քոյրս եւ ես շարժեցանք: Իջանք առաջին յարկի սենեակը եւ սեղմուեցանք կողմնակի այն նեղ պատուհանին մէջ, ուրկէ կը ստուգէինք այցելուներու ինքնութիւնը: Մեր տան դուռը ներս քաշուած էր եւ ունէր չորս ոտք սանդուղք: Հայրս չէինք տեսնէր մեր անկիւնէն, բայց կիսաստուերին մէջ կը նշմարէինք աղօտ զանգուածը ոստիկաններու, համազգեստաւոր թէ ոչ: Ոչ, էֆէնտիմ, հոս Թէոդիկ անունով մարդ չկայ… երկար տարիներէ ի վեր ան կը բնակի Բերա… Այո, էֆենտիմ, Բերա, իր ընտանիքին հետ…

Յուզումը կապկպած էր ծնողքիս լեզուն, ինչ որ բարեբախտութիւն պէտք է համարիլ: Այլապէս, ան կրնար բերնէն փախցնել թէ` Թէոդիկ կը գտնուի կեդրոնական բանտը, իր տպագրիչ Տէր-Յովհաննէսեանի հետ: Պատերազմական ատեանը զանոնք դատապարտած էր մէկ տարուան բանտարկութեան, այն ամբաստանութեամբ, թէ Կլատըսթօնի հակաթուրք ճառը արտատպած էին թերթերէն, վերջին Տարեցոյցին մէջ: Այդ բանը գիտէր ամբողջ թաղը, բացի թաղային ոստիկանութենէն: Բայց միթէ թաղային էր ոստիկանութիւնը: Ոչ բոլորովին: «Աս գէշ նշան է», ըսաւ հայրս: Քոյրս եւ ես փախանք վեր, դէպի անկողին, առանց բան մը հասկնալու:

«Գեշ նշան»ը մեր դէմ պիտի ելլէր յաջորդ առաւօտուն միայն, Սելամսըզի ճամբուն վրայ, յանձին երկու տիկիններու, որ ուղեկորոյս կը թուէին: Մայրս ճանչցան թէ չէ, անոնք մեր վրայ խոյացան ցաւագին բացականչութիւններով. «Խենթենալիք բան է… ամէնը մէկ տարին… արիւն արցունք կու լան կոր…»:

Եթէ երէցները գիտնան թէ ինչ տագնապներու ծնունդ կու տան մատղաշ հոգիներու մէջ, վախն ու անդոհը կ՚արտայայտեն արեւելքցիի սրտակեղեք գոչիւններով եւ անկապ միավանկերով: Ով ինչ ըրաւ, ինչու ըրաւ: Եթէ մեծ է վտանգը, ան կը վերածուի անդարմանալի վտանգի, ըլլալով անանուն եւ առասպելական: Կուրծքիս կը սեղմէի նկարազարդ լրագիրներ, կարծես փրկելու համար զանոնք վերջնական նաւաբեկութենէ: Անոնց վրայ կար մէկ գեղեցիկ նկարը գերմանական Կէօպէն զրահաւորին, որուն վրայ կը հիանայի: Ժամանակին մէջ, որ այլեւս չէր հոսեր, աշխարհ ստացած էր անդրերկրային բնոյթ մը, որ պիտի մնար անջնջելի: Մինչեւ այսօր կը կարծեմ տեսնել անկանոն սալաքարերը, ձախին պարզուած փշաթելերը, աջին բարձրացող թրքական լքեալ գերեզմանոցը իր սեւ նոճիներով, եւ աւելի հեռուն` հրշէջ գունդին զօրանոցը: Անձկանօք կը ցանկայի, որ շուտով անցնի օրը, եւ մենք կրկին բանտ երթանք այցելութեան, գիտնալու համար, թէ բոլորը ողջ են:

Մաթպուաճի Թէվոդիկ կը կանչէր բանտապահը, եւ քեռիս կ՚երեւէր թելավանդակին ետեւ, փայտէ հնչեղ մոյկերով: Մօրուք թող տուած էր, իբրեւ նշան սուգի եւ անմխիթար վշտի: Մեր գերդաստանէն կար երկրորդ անձ մը Ապրիլ-Տասնըմէկեաններու ցանկին վրայ: Բիւզանդ Պօզաճեան աքսորուած էր Այաշի խումբին հետ: Թէոդիկի կը բացատրուէր իր բացառիկ ախտաւորութիւնը, բաղդատմամբ աքսորեալներու անստոյգ վիճակին: «Տեղդ հանգիստ նստէ… դուրսը կրակ կը թափի կոր…»: Գլուխը կը ցնցէր տարակուսանքով: Կարելի չէր երկար մնալ թելավանդակին առջեւ: Պէտք էր տեղ բանալ նոր այցելուներու: Հնամենի բանտը իր բիւզանդական պատերով, ապականութիւն մըն էր անշուշտ, բայց շատ չազդեց իմ վրաս: Արտաքնապէս դիտուած` ան կը նմանէր թրքական ստորնագոյն սրճարանի եւ խովուշի: Մեծ երթեւեկ կար, աշխոյժ էր առեւտուրը եւ նոյնիսկ կ՚երեւար սրճեփ մը իր կազմածներով: Բանտ ըսուած բանէն պիտի սոսկայի աւելի վերջ, այն ժամանակ, երբ ստիպուեցայ յաճախել այնպիսի արգելարաններ, ուրկէ դէպի ստոյգ մահ կը ղրկուէր գաւառացի երիտասարդութիւնը: Չեմ մոռցած հեւիհեւ վազքերս, ամառային տօթերուն թէ անձրեւին տակ: Կը զարմանամ որ համարձակէր եմ, իմ այդ տարիքիս, մխրճուիլ Ստամպուլի թրքական մութ թաղերը, խլրտուն եւ երկիւղալի, եւ երբեմն ալ ընդհակառակն վերջին ծայր հրապուրիչ, երբ յանկարծ ես զիս կը գտնէի անհուն խաղաղութեան մը ծոցը, որ պարզապէս բոլորաձեւ հրապարակ մըն էր, ուր աղաւնիներ կը վուվուէին կեդրոնական գեղաքանդակ աւազանին շուրջ եւ հովանիին ներքեւ սաղարթախիտ բարձրաբերձ ծառերու: Շուրջ բոլորի վանդակապատ տուները ոչինչ չէին մատներ իրենց գաղտնիքէն: Պահ մը կը մնայի յափշտակուած, եւ յետոյ կը շտապէի դէպի բանտ, մերինները հոն չգտնելու վախէն խթանուած:

Նախկին ապարանք մը պէտք է եղած ըլլար բանտը: Հոյակապ շէնք մը, մուտքի մարմարեայ սանդուխներով, որ սակայն կը փճանար իր նոր առաքելութեան բերումով: Հոս այլեւս չկային, ինչպէս Կեդրոնական բանտին մէջ, ընտանեկան այցելութիւն եւ առեւտուր: Շէնքը կը պարպուէր եւ կը լեցուէր ամուրի գաւառցիներով, որոնք կը տողանցէին Հիտայէպի առջեւ, քշուելու համար դէպի սպանդանոց, եւ որոնք ժամանակ մը կոչուեցան «Շաւարշ Միսաքեանի զոհերը»: Արդարեւ, եկաւ ժամանակաշրջան մը, երբ Շաւարշը ձեռք անցնելու մոլուցքէն բռնուած, ոստիկանութիւնը բարակ սանտրէ անցուց Պոլիս, եւ իրենց թաքստոցներէն դուրս քաշեց բազմաթիւ դողահար եւ դալկադէմ Շավարշներ, որ իսկական Շաւարշին չափ անզօր էին եւ անվնաս: Բոլոր Շավարշները հայ չէին: Իր թաքստոցէն դուրս բերուած էր նաեւ յոյն Շաւարշ մը:

Երբ Թէոդիկ դուրս եկաւ բանտէն (ապրիլ, 1916) իր տարին քաշած ըլլալով, Գառթալ գնաց օդափոխութեան. ինչպէս պիտի ընէր խաղաղ կեանքի ժամանակ: Ի հարկէ, բռնեց Տէր-Զօրի ճամբան ամառային ալփակա հագուստով, եւ գրուած ունենալով, իրեն ուղեկցող պաշտօնաթուղթին մէջ, բուն իսկ իր մահավճիռը: Սապէս— «Մահը տեղեկացնել հեռագրով» Այս այսպէս եղաւ, վասնզի Թէոդիկ չուզեց պահուըտիլ: Ինչու:

Եթէ ենթական պատասխանած է այս ինչուին, ան մեզի կը մնայ անծանօթ: Մենք սա գիտենք, որ մտաւորական մարդը չափած ըլլալով հանդերձ սպառնացող վտանգին անողոք բնոյթը, թաքստոց չէր մտած իր հարազատներուն մօտ կամ այլուր: Կարելի չէ տրամաբանական բացատրութիւն մը տալ իր այս վերաբերումին: Կամ աւելի ճիշդը, բացատրութիւնները մեզի կը ներկայանան այնքան մեծ թուով, որ անոնք համարժէք կ՚ըլլան բացատրութեան բացակայութեան: Կը յիշուէի Վոլթէրի սա խօսքը «բացատրութիւնները որ տուիր, անթիւ էին, հասկցուեցաւ. խնդիրը անբացատրելի է»: Այլ խօսքով` ինչուին պատասխանը սա միայն կրնայ ըլլալ. ինչու չկայ: Կայ եւ կը մնայ մարդ էակը իր անբացատրելիութեամբ եւ խորհուրդով: Եթէ կարելի ձեռնարկ մը չէ, գէթ մեզի համար, յարաբերական յաջողութեամբ խուզարկել ենթագիտակցական աշխարհը, կրնանք առնուազն նշել, ըստ բախտի, այդ աշխարհէն բարձրացող տկար արձագանքներ, աչք առնելով զանոնք աւելի եւս տկար փոխանցելու վտանգը:

Առաջին նիշ մը կրնանք դնել, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով Թէոդիկի սա անհաւատալի, բայց իրական խոստովանութիւնը. «Եթէ պզտիկ համբաւ մը ունէի, աքսորս զայն կրկնապատկեց»: Այս խօսքը արտառոց անհեթեթութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ չմատնէր շատ հասարակ ճշմարտութիւն մը: Սա թէ` մարտիրոսի լուսապսակը միշտ արհամարհելի չէ, ինչպէս որ վիհը միշտ վանողական չէ, այլ ձգողական, ճիշդ ինչպէս որ ցաւը միշտ ցաւագին չէ, քանի որ իր մէջ ունի հեշտանքի բաժին մը: Այս երկու իրերայաջորդ շարժումներն են, քաշողութիւն եւ վանողութիւն, որ կը գունաւորեն կեանքը, զայն ընելով, ըստ պարագայի, ցանկալի եւ ատելի:

Երկրորդ նիշ մը կրնանք դնել, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով երկրորդ գրագէտ մը: Համեստ տաղանդով բանաստեղծ մը (տեսակ մը Էսաճանեան կամ Գօլանճեան), որ չէ անցած Ապրիլի ցանկին վրայ, որով նաեւ չէ ձերբակալուած, կ՚ունենայ հետեւեալ բացականչութիւնը— «Հապա ես…»: Խեղճը պիտի ուզէր ականաւոր մտաւորական նկատուիլ, հոգ չէ, թէ տարուէր սպանդանոց: Որքան ալ որ մարդուն մեծամտութիւնը եւ անգիտութիւնը բաւական ըլլան բացատրելու համար այս մտայնութիւնը, ներելի է մատնանշել տարբեր զգացումներ, ինքնահաւանութենէն անդին: Այսինքն` մատնանշել այն հակումը, որով մարդ կ՚ուզէ մասնակցիլ պատմական իրադարձութեան, իբրեւ ականատես կամ դերակատար: Եւ տակաւին նշել, թէ գրագէտը, որ մտաւորականներու մեծ ընտանիքին մէկ մասնիկն է, պիտի ուզէր երթալ միանալ իր հաւատակիցներուն եւ հարազատներուն, քանի որ գրողները կ՚ապրին մէկզմէկով եւ զիրար կը յաճախեն, հոգ չէ, թէ երբեմն ճանկերով: Զարմանալի չէ, որ գրագէտը ըսած ըլլայ ամայացած Պոլսոյ մէջ — «Ուր են իմիններս…»: Այս բոլորը կրնան նկատուիլ վիճելի կամ յանդուգն: Բայց կայ իրականութիւն մը: Եթէ աշխարհի չորս ծագերէն դէպի Պոլիս վազած չըլլային մեր մտաւորականներն ու գործիչները, հաւաքաբար եւ միախումբ վայելելու համար Հիւրիէթի կարծեցեալ ազատութիւնը, անոնք հաւաքաբար պիտի չիյնային Իթթիհատի պարզած ուռկանին մէջ:

Եթէ Տէր-Զօրը հեռու էր, մօտ էր մահը: Եթէ Թէոդիկ ճամփու կը դրուէր, այլեւս գաղտնիք չէր, թէ հայկական եղեռնը հեռու էր նախընթաց ջարդերուն նմանելէ: Ամբողջ Հայութիւնն է, որ Թուրքը կը ճգնէր բնաջնջել: Ան կը հարուածէր մեծին եւ պզտիկին, միշտ աւելի վայրագ, միշտ աւելի խենէշ, խոշտանգելով, լլկելով եւ կողոպտելով: Ամբողջ Թրքութիւնն է, որ ցցուած էր Հայուն դէմ: Ականջներուս չհաւատացի այն օրը, երբ թուրք տղայ մը իր ընկերներուն ըսաւ, մեր տան ճիշտ մօտիկը. «Մէկ հատ Հայ պիտի չձգենք»: Վէլի օղլու Հասան, որ չէր նշմարած իմ ներկայութիւնս, բուն իսկ իմ կաթնեղբայրս էր, եւ հայերէնը կը խօսէր ինծի չափ սահուն:

Տոքթ. Սամուէլ Խան գնաց բախել դուռը ազդեցիկ անձնաւորութիւններու, իր եղբայրը փրկելու համար, ինչպէս արդէն ըրած էր Պատերազմական Ատեանի օրերուն: Մինչդեռ մայրս, որ իր հաւատքը շատոնց կտրած էր անձնաւորութիւններէ, դիմեց Ժողովրդական խաւին պատկանող մէկուն, ճշդիւ շոգեկառքի մեքենավարի մը: «Ել, երթանք սա հանած-վարածը տեսնենք»: Չէր փափագէր առանձին երթալ: Տունը մօտ էր եւ բնակուած երկու ընտանիքներով, հայ եւ յոյն խառն: Պէտք եղաւ սպասել: Պարտէզի կողմէն կ՚երեւար Հայտար-Փաշա տանող խճուղին, վառ արեւին տակ: Հանած-վարածը, որ կը կոչուէր Մաքսուտ, աքսորավայրէ ետ բերած էր մէկէ աւելի Հայեր եւ իր գեղանի կինը ծեծելէ հաճոյք կ՚առնէր: Բնականաբար սեւ շուկայ կ՚ընէր, Անատոլուէն սննդեղէն բերելով: Մաքսուտ եկաւ քնանալու: Գիշերն ամբողջ ճամբորդած էր: Հասակաւոր եւ ուժեղ, առանց շերտ մը աւելորդ ճարպի, ան կը պահէր իր խրոխտ եւ խիզախ ակնարկը նախկին քիւլհանպէյի: Մեզի նայեցաւ զարմանքով եւ ակնածանքով: Բայց շուտով գտաւ իր բնականոն վիճակը:

— Վայ, Թէոդիկն ալ տարին… օրթալըխը մարդ պիտի չձգեն աս շուները…

Մայրս ըսաւ, նոյն շեշտուած հայեվարով.

— Ախպարս ետ պիտի բերես… մաքինադ քշէ մինչեւ ճոթը… ճամբադ հէլպեթ պիտի հանդիպիս իրեն… առ, ինծի բեր:

Այս կայսերական ոճը, որ գիտէ միայն հրամայել եւ որ ի յառաջագունէ կը մերժէ ամէն դիտողութիւն կամ երկբայութիւն, այս ոճը բնական թուեցաւ մարդուն: Ան կը գտնուէր դիրքի մէջ մարդու մը, որ ծանր հիւանդի մը խնդրանքը հակաճառութեան նիւթ չ՚ընէր, որքան ալ որ անիրագործելի ըլլայ խնդրանքը: Եւ հոս հարց կար մահու եւ կենաց:

Մեքենավարը կախեց գլուխը, փնտռեց իր բառերը հատ-հատ, խօսեցաւ դանդաղօրէն: Խրախուսական խօսքերու կարգին ըսաւ, թէ Թէոդիկ կրնար տոկալ զրկանքի, շնորհիւ իր քաջառողջ կազմութեան, եւ թէ` իրենք երկուքը շալակով կրած էին, երբ տասը-տասներկու տարեկան էին, մեր տան թէմէլին քարերը, ինչ որ ճիշդ էր: Ինք տակաւին շատ բաներ գիտէր, բայց չէր ուզէր խօսիլ. «Քոյրիկս, չխօրաթելուս մի նայիր…»:

Փոխանակ հաղորդելու իր գիտցածը, հարցուց, թէ գոնէ պզտիկ սուրճ մը հրամցուցած էին մեզի: Այո, հրամցուցած էին: Գնաց փակեց կիսաբաց դուռը եւ վերադարձաւ.

— Դրսեցի տղաք պահեցիր, փէք աղէկ, ինչ տէյի Թէոդիկը չպահեցիր… թող թավան-թապուռի ըլլար:

Արդարեւ, Շահան Պէրպէրեան մեզի բերած էր երկու երիտասարդներ, իր նախկին աշակերտներէն, որոնք աքսորուելու վտանգին տակ էին, գաւառացի եւ ամուրի ըլլալու կրկնակ մեղքով: Մէկը Օրտուցի էր, միւսը` Ատանացի: Մայրս ձեռքի շարժումով մը վանեց այս բոլորը:

— Թէոդը խօսք մտիկ ընողներէն չէ… սա մեր Սկիւտարէն ինչ չեշիտ մարդ կ՚ելլայ, դուն չես գիտեր… խենթ կ՚ելլայ: Ան ալ քեզի պէս մէկն է…

Մարդը խոստացաւ երթալ, գտնել եւ բերել: Գնաց, գտաւ եւ զղջաց: Վերադարձին ան իր ձեռքերը կը զարնէր ծունկերուն, անզուսպ բարկութեամբ եւ հնչեղ բացականչութիւններով: Կը հասկցնէր թէ սեւ շուկայ չէր ըրած այս ճամփորդութեան, դիտումնաւորապէս, որպէսզի պարապ մնայ լոքոմոթիֆին խորշը եւ ծառայէ Թէոդիկի, բայց եւ այնպէս Թէոդիկ մերժած էր փախչիլ։ Թէ ինչու, ինք բացատրած էր իր յիշատակներուն մէջ:

Շոգեկառքի գիծին երկայնքը, տարագրութենէ զերծ կացուցուած էին արհեստաւոր եւ ճարտարագէտ հայ ընտանիքներ, թուրքն անկարող ըլլալով զանոնք փոխարինելու: Դեղագործի այն նահապետական ընտանիքը, որ հիւրընկալած էր ուժասպառ գրագէտը, եւ որ երաշխաւոր եղած էր իշխանութեանց մօտ, այդ բազմանդամ ընտանիքը պիտի աքսորուէր Թէոդիկի փոխարէն, եթէ խոյս տար այս վերջինը:

Գալով Սամուէլի դիմումներուն, անոնք որեւէ արդիւնք չտուին, ինչ որ նախատեսելի էր: Տոքթ. Սամուէլ Խան Էմատ, (ինչու Էմատ, ես ալ չեմ գիտէր), որ Պոլսոյ պարսկական դեսպանատան բժիշկն էր (Պարսից Շահը կ՚իջեւանէր Սթէնիայի իր ծովափնեայ բնակարանը, ի վերին Վոսփոր), շատ կը տարբերէր իր կրտսեր եղբօրմէ: Վերջին անգամ զինքը տեսայ Նիսի իր վիլլային մէջ, 1931ի ձմեռը, ուր կը խնամէր իր տոկուն եսասիրութիւնը եւ կը ցուցադրէր իր պատուանշանները, շար ի շար, մասնաւոր ապակեդարանի մը մէջ: Լսած էր Թէոդիկի մահը: Փորձեց երկու արցունք հանել իր աչքերէն, առանց մեծ յաջողութեան: Յիշեց այն օրերը, երբ կը կատարէր ապարդիւն դիմումներ անձնաւորութիւններու մօտ, եւ յանկարծ արձակեց այն գոռ եւ ծաւալուն ձայնը, որ Հաճի Գրիգօրէն կու գայ.

— Այդ բոլոր դեսպաններուն, չէշիտ-չէշիտ դիւանագէտներուն եւ իրենց մէթրէսներուն. այսինչ-այնինչը դարմանած եմ (հոս` թւումը վեներական ախտերու), իրենց փիսութիւնը մաքրած եմ տարիներով… Եկուր տես քի` մատերնին չխաղցուցին…

Ինչ որ անոնք չըրին, եղբայրական նուիրումով կատարեցին խիզախ հայորդիներ, որոնց շնորհիւ Թէոդիկ ապաստան գտաւ Թաշտուրմաղ-Պէլէմէտիկի լեռներուն մէջ, ուր իբրեւ հաշուակալ ծառայեց փապուղիի մը աշխատանքներուն, Պերլին-Պաղտատ գիծին վրայ, մինչեւ որ լսուեցաւ Մունտրոսի անունը: Երբ թրքական կառավարութիւնը ոչնչացած համարեցաւ հայ ժողովուրդը, զինադադար ստորագրեց Մունտրոսի մէջ, իր ծրագիրը լիովին գործադրած ըլլալու գոհունակութեամբ: Ուրիշ ծրագիր չէր ունեցած: Թէոդիկ շուտով վերադարձաւ աքսորավայրէն, եւ ես զինքը գտայ Բերա, անծանօթ սենեակի մը մէջ ընկողմանած` հեւքը կուրծքին եւ թեւաւոր ողջագուրումներու անձնատուր: Իր մահիճին քով նստած էր Մերուժան Պարսամեան, որ դժուարութիւն ունէր այցելուները շարքի գնելու. «Ճանըմ, ձգեցէք որ մարդ խօսի…»: Հոն էր Արշակուհի Թէոդիկ: Անոր վրայ կենդանութիւն եկած էր, ափսոս, վերջին անգամ ըլլալով:

Արտաքնապէս քաջառողջ եւ աւելի քան երբեք գործունեայ, Թէոդիկ իսկոյն մխրճուեցաւ Պոլսոյ այդ օրերու եռուզեռին մէջ եւ կորսուեցաւ տեսողութենէս: Բախտը այնպէս տնօրինած էր, որ մենք զիրար պիտի գտնէինք Փարիզի մէջ միայն, այս անգամ իբրեւ ճշմարիտ քեռի եւ քեռորդի, երբ արդէն մահը տարածած էր իր թեւը դժբախտ գրագէտին վրայ:

Նման փորձառու լրագրողի մը, որ գիտէ այժմէութիւնը յարգել, տասնհինգ օրէն Թէոդիկ կազմեց Յուշարձան Ապրիլի 11ինը, որուն հրատարակութիւնը զուգադիպեցաւ առաջին մեծ սգահանդէսին: Շնորհիւ իր ընդունած լայն յաջողութեան, այս նպատակայարմար հրատարակութիւնը պատճառ պիտի ըլլար, որ յետագային Թէոդիկի յանձնուի Գողգոթայի խմբագրութիւնը: Յուշարձանի մէջ տեղ գտած էր Բիւզանդ Պօզաճեանի մէկ գրութիւնը, որ աննշմար չանցաւ:

Բիւզանդ Պօզաճեան ետ բերուած էր աքսորեն, ի շարս անվնաս նկատուած մտաւորականներու, ինչպէս Բիւզանդ Քեչեան, Կոմիտաս Վարդապետ, տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, Միքայէլ Շամտանճեան: Բիւնզանդ էֆենտիէ ունիմ յիշատակ մը, որ զիս տպաւորած է մեծապէս: Գիշեր մը մեզի եկած էր ան, իր հեռաւոր Սամաթիայէն եւ կատարած փոխանցում մը գրաբարէ աշխարհաբար: Սեղանին վրայէն վերցուց Յուշարձանը, թղթատեց ետ ու առաջ, երկու անգամ «հէյ վախ» ըսաւ, եւ յանկարծ ջղուտ մատ մը շարժեց երկու դիմանկարներու վրայ:

— Ասոնք արժանի էին ջարդուելու… չըրածնին չմնաց, չըրածնին չըմնաց…

Առանձին էինք լամբարին տակ, երկուքս ալ գլխահակ: Թէոդիկ խօսքի բռնուած էր սենեակին միւս անկիւնը: Պէտք է գիտնալ, որ ապրիլեան զոհերը բոլորն ալ լուսապսակ ունէին միայն այդ օրերուն եւ ոչ թէ անցեալ, նամանաւանդ քննադատելի անցեալ: Ցնցուեցայ խորապէս: Մեղադրանքը կու գար սրտի խորէն, շատ հեռուներէն, գէշ զսպուած ցասումով մը, որ կը թրթռայ: Ան կը վկայէր գոյութեանը մասին ծանրակշիռ արարքներու, որոնք չէին արժանացած ներողամտութեան եւ պիտի չարժանանային երբեք:

Աքսորի իր յուշերը արձանագրելով, Յուշարձանի մէջ Պօզաճեան կ՚ըսէր, թէ զէնքերը վար դնելու առաջարկ ներկայացուց Իթթիհատը Դաշնակցութեան, եւ թէ այդ կուսակցութեան պարագլուխները առանձնացան, առ ի խորհրդակցութիւն: Իրենց պատասխանը սա եղաւ, թէ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ վերադարձնել ազատ քաղաքացիի իրենց հանգամանքը, եթէ կ՚ուզուի բանակցութիւն սկսիլ: Յօդուածագիրը սա միտքը կը յայտնէր, թէ կուսակցութիւնը իր քաղաքական հասունութեան ապացոյցը չէր տուած, երբ Պետութեան մը հետ բանակցիլ կը հաւանէր թէութեամբ (սու քոնտիսիոն), որպէս հաւասարը հաւասարի: Բացորոշ է, թէ յօդուածագիրը ի մտի ունի անցեալի գործունէութիւնը, եւ ոչ թէ կալանաւորներէ խլուած պատասխան մը, ուր ինք կը տեսնէ անցեալ գործունէութեան մէկ արձագանգը, գործունէութիւն` որ եղած է, ըստ իրեն, տկար գնահատում փոխադարձ ուժերու:

Այս երկու պահպանողական զարմիկներուն, Թէոդիկի եւ Բիւզանդի վարմունքը, հանդէպ մեր յեղափոխականներուն, շատ յատկանշական էր: Ֆիզիքապէս մեծ ուժի տէր եւ յարաշարժ մարդ, Թէոդիկ անոնց կը ներկայանար, ինչպէս կը ներկայանայ Բերացի օրիորդ մը, որ հանգանակութիւն կ՚ընէ բարենպատակ ձեռնարկի մը համար, մեղրածորան բառերով: Անոնցմէ թախանձանօք կը խնդրէր լուսանկար մը, քանի մը տող կենսագրութիւն եւ բան մըն ալ աւելի, որքան կարելի է «ձեր շրջանակէն»: Իսկ Բիւզանդ էֆենտի, որ անշուք անձնաւորութիւն մըն էր եւ «Պատրիարքարանի մարդ», ի տես յեղափոխականին` ձեռքը կը տանէր իր (անգօ) ատրճանակին: Հակառակ իր չկամութեան, զինքը առաջնորդած էին Ապրիլ 11ի մէկ սգահանդէսին: Այն ժամանակուան սգահանդէսները սարսափելի բաներ էին իրենց ճառերով, սրտակեղեք ոգեկոչումներով, այլ մանաւանդ վերապրողներու հակազդեցութեամբ: Պօզաճեան, զոր բազմեցուցած էին պատուոյ թիկնաթոռին վրայ իբրեւ թաղին ականաւոր վերապրողը, չէր կրցած տոկալ տիրող յուզումնալից մթնոլորտին: Կափկափած էր, աչքը մոլար եւ ակնարկը պարապին: Մեռաւ կաթուածահար:

Աւելի դառն պիտի ըլլար վախճանը Արշակուհի Թէոդիկի, որ ստիպուեցաւ մեկնիլ Լէյզընի մէկ բուժարանը, Զուիցերիոյ ձիւներուն մէջ գտնելու իր վերջին հանգիստը: Ֆիզիքապէս հիւծած եւ հոգեպէս պարտասած, ան փնտրեց անհրաժեշտ անդորրը մեկուսացման: Ինչու երթալ-մեռնիլ, կ՚ըսէինք, բոլորէս հեռու, երբ կորսուած է բժշկութեան ամէն յոյս: Դժուար էր խոստովանիլ, թէ ինչ որ տեղի կ՚ունենար, փախուստի շարժումն էր փափուկ էակի մը, որ այլեւս անկարող էր տանիլ հեւ ի հեւ կեանքի մը մերձաւորութիւնը:

Խորունկ ցաւ էր ինձի համար մտածել, թէ այլեւս պիտի չլսէի իր խօսակցութիւնը, բազմոցին եզերքը նստած: Պիտի չլսէի այս բացառիկ էակը, այնքան թունդ ազգասէր, որքան ճշմարիտ մտաւորական, առանց որուն Տարեցոյցները պիտի չըլլային այն` ինչ որ եղան: Նաւը պիտի մեկնէր: Ան պիտի հանդիպէր Իտալիոյ հարաւային նաւահանգիստը, այսինքն Պարի, ուր Հրանդ Նազարեանց կը պատրաստուէր դիւրացնել քեռկինիս եւ Վահագնի ճամբորդութիւնը դէպի Զուիցերիայ: Այս մեկնումը բոլորովին տարբեր էր նախորդներէն: Ա. Թէոդիկ ապրած էր Անգլիա, հոն կատարելագործած էր իր ուսումը, անցած էր Փարիզ, որպէս օգնական Լուսինեան բառարանի խմբագրութեան, այլ մանաւանդ` փութացած էր դէպի ծխացող աւերակները Կիլիկիոյ, 1909ին, անկէ բերելու համար արիւնաշաղախ այն վկայութիւնը, որ է Ամիս մը Կիլիկիա: Նաւուն կամրջակէն կ՚երեւար Սկիւտարը, արեւով ողողուն: Հեռու էր այն օրը, երբ անոր բարձունքէն վար իջած էին մեր անզուգական աղջիկները, Զապէլ Յովհաննէսեան (ապագայ տիկին Եսայեան) եւ Արշակուհի Ճէզվէճեան (ապագայ տիկին Թէոդիկ) եւ բացառիկ քաջութիւնն ունեցած էին երթալու, ձեռք ձեռքի տուած, տիկին Տիւսաբ Փաշայի մօտ, իրմէ խնդրելու համար խորհուրդ եւ թելադրութիւն, վասնզի կ՚ուզէին նուիրուիլ ազգին, գրականութեան, դաստիարակութեան: Այն միակ այցետոմսը, որ ստացած ըլլամ բուժարանէն (յունիս, 1921), դպրոցական իմ մէկ հաջողութեանս առթիւ, սապէս կ՚ըսէ. «Բանաստեղծութիւնը փշէ պսակ եղաւ մեզի համար, կը մաղթեմ որ գոնէ դուն…»: Փշեպսակ: Եթէ գիտնար:

Թէոդիկի վիշտը եղաւ խորունկ: Այնքան խորունկ, որ իմ գրիչս կը մերժէ պատմել զայն: Քանդուած էր իր օճախը, եւ կորսուած իր գլխաւոր աշխատակիցը եւ խորհրդատուն: Նոյն օրն իսկ Թէոդիկ եկաւ հաստատուիլ իր հօրենական տունը, այսինքն մեր մօտ, եւ գրաւեց մեծ սենեակը, զօր կը կոչէինք հիւրասենեակ: «Հօրենական տունը» ըսելու կերպ մըն է: Թէոդիկ ծնած է Սկիւտար, զինուորական վրանի մը տակ, համայնակուլ հրդեհի մը գիշերը, երբ իր ծնողքը մոխիրի վրայ նստած էին, այս ասութեան ամէնէն տառական իմաստով: Եւ Թէոդիկի վախճանը պիտի ըլլար համանման: Փարիզի այն մերկ սենեակը, ուր պիտի իյնար յանկարծամահ, շատ չէր տարբերէր անկայուն վրանէ մը: Հիւրասենեակին մէջ տեղ գրաւել եւ գրիչ շարժել, ասոնք երկու գործողութիւններ են, որոնք կատարուեցան առանց ընդմիջումի, նման ժամացոյցին, որ կը շարունակէ իր թիք-թաքը, երբ կը փոխադրուի մէկ տունէն միւսը, բոլորովին անտարբեր իր շրջապատին: Ճիշտ է, թէ Տարեցոյցի խմբագրութեան մէջ կը մտնէ ժամագործութիւն, այսինքն` զգալի մեքենականութիւն, բայց ճիշտ է նաեւ, թէ գրչի մշակը շատ անգամ օտար կը մնայ իր շրջապատին: Արուեստի մարդը ուր որ ալ ըլլայ, տէքորը իր չափին վրայ ձեւուած պիտի չըլլայ: Իր չափը մասամբ միայն երկրային է:

Առաջին անգամ ըլլալով մենք երկուքս պիտի ապրէինք նոյն յարկին տակ, կողք կողքի, եւ վերջապէս պիտի կարենայի իր մէջ ճանչնալ մարդը: Մէկ բան գիտէի մարդէն: Գերդաստանին խենթն էր եղած ան, բարեմիտ եւ կենսայորդ էքսանթրիքը: Ինչպէս ըսի, իր քոյրերը զայն կը կոչէին Խենթ Թէոդ, այդ որակումին մէջ դնելով առաւելագոյն գորով, կանուխէն գուշակած ըլլալով թէ` իր մէջ ընդերկար պիտի տեւէ մանկութիւնը: Եւ տեւած էր: Փիլիսոփայի իր պատկառելի գլուխը չէր կրնար խաբել ուշադիր աչք մը: Իր արտասաւոր ուժը, որ պէտք ունէր որեւէ ձեւով արտաքսուելու, իրեն ընել տուած էր անհանդարտութիւններ, շատ անգամ վտանգելով իր կեանքը: Իր եւ իր անբաժան մեղսակից Տիրան Չրաքեանի մասին կը շրջէին առասպելական արկածախնդրութիւններ, որոնց արձագանքը կը շարունակէր իր հարազատներուն պատճառել հրճուախառն սարսափ:

Այս խանդավառ երիտասարդները, մեծ մասամբ Պէրպէրեանցի, իրենց հետաքրքրութիւնը տարածած էին գրականութենէն անդին, դէպի դասական երաժշտութիւն, շնորհիւ դաշնակահար Ստեփան Բաբելեանի, որուն բնակարանը իրենց հաւաքատեղին էր: Ինտրա կը նկարէր: Բազմատաղանդ Չրաքեան, աւելի ճիշտը` Տիրան էֆենտի, կը գեղազարդէր մեծանուն բանաստեղծ Թէվֆիք Ֆիքրէթի գրական հանդէսը, Սերվէթի Ֆինուն: Իսկ Թէոդիկ` գիշերային պահակներուն ցոյց կու տար, որպէս ֆրանսական անձագիր, Սինկէր կարի մեքենային ոսկետառ ստացագիրը:

Անհիմն պիտի չըլլար մտածել` թէ այս փոթորկայոյզ երիտասարդները մօտէն պիտի հետաքրքրուէին գերիրապաշտութեամբ, եթէ ժամանակակիg ըլլային անոր: Այսուհանդերձ, եթէ Թէոդիկ որոտում կը հանէր, Տիրան է, որ կայծակ կ՚արձակէր: Առաջինը կը հաւաքէր բառարանային բառեր, երկրորդը կը ստեղծէր նորեր: Թէոդիկ պիտի ըլլար վարպետ արթիզան մը, Տիրան արթիստ: Այս բոլորը համառօտելով կարելի է ըսել թէ Թէոդիկ պիտի ըլլար հայ մշակոյթի արժանայարգ դիակապուտը եւ քաջատեղեակ քսակահատը: Միշտ պէտք պիտի չունենար կղպանք կոտրելու եւ գրպան խուզարկելու: Իրենց գերեզմանէն դուրս պիտի գային էֆենտի եւ ֆետայի, ամիրայ եւ կաթողիկոս, անձնապէս իրեն յանձնելու համար նամակ մը կամ լուսանկար մը, բոլորն ալ հմայուած Թէոդիկի այն երկիւղածութենէն եւ գուրգուրանքէն, որով մեր տարեցուցագիրը կը ծառայէր մշակոյթին: Անտիպի մը գիւտը բաւ էր, որ Թէոդիկ ազատ ասպարէզ տայ իր մանկունակ խանդավառութեան, որուն պսակումը կ՚ըլլար որովայնապարը: Այդ պահերուն, անկարելի բան է զինքը չսիրել: Կը հանգրիճէր իր լայնածաւալ գիշերանոցը, եւ կը պարէր իմ դէմ: Խենթ Թէոդն էր:

Թէ իսկապէս խենթ եղած էր ան, այդ մասին տարակոյս չունէր Սկիւտարցի այն օրիորդը, որ եղած էր առաջին եւ մեծ սէրը: Դժբախտ սէրը: Այս գեղափայլ օրիորդը ամուսնացած էր, այրիացած էր երկու մանչ զաւակներով, եւ տարիներ վերջ իր կեանքը կապած երկրորդ ամուսնութեամբ տոքթ. Սամուէլ Խանի: Մէկ եղբօրմէն անցած էր միւսին, ամբողջ կեանք մը բոլորելէ վերջ: Կրտսերէն սիրուած էր, երէցը սիրել դիւրին չէր: Երբ ծանօթացայ այս քեռկինիս, Նիսի մէջ, 1931-ի ձմեռը, ինչպէս ըսի, զայն գտայ համակրելի, ուսեալ եւ տակաւին տէր՝ իր գեղեցկութեան ցոլքին: Ան իմ խօսքս կտրեց, երբ Թէոդիկի մասին կ՚արտայայտուէի համակրութեամբ.

— Լսած եմ, որ Թէոդիկը փոխուած է… բայց դուն զայն փոխուած ճանչցար… Չես գիտէր անոր երիտասարդութիւնը: Ես գիտեմ: Ան խենթ էր, Տիրանն ալ հետը: Երկուքն ալ խենթ էին: Փախայ իրենց քովէն…

Թէոդիկ փոխուած էր շնորհիւ Արշակուհիի, իսկ Տիրան` Սուրբ Կոյսին պատճառաւ: Թերեւս արդար է Ինտրայի մտային մոլորումը վերագրել իր միսթիք հակումներուն, ինչու չէ, բայց չեմ գիտէր, ինչու չէ ըսուած (գէթ ես չեմ կարդացած), թէ Չրաքեան ընտանիքը իր մէջ կը հաշուեր մտային հիւանդներ: Նախ եւ առաջ Ինտրայի եղբօրորդին, որ հանրածանօթ տկարամիտ մըն էր: Փողոցէ-փողոց կը շրջէր օրուան որոշ ժամերուն, գրպանին մէջ դէզ մը ձեռագիր դրած, արդարացնելու համար առածը, օղլան` տայըսընա: Ան կը շրջէր տարուետարի աւելի թափթփած, աւելի հիւծած, աւելի արգահատելի: Լաւ կը յիշեմ իր կանչը փողոցին մէջ կանգնած. «Հայկանուշը պիտի երթամ սպաննեմ…»: Հայկանոյշ Մառք մերժած էր հրատարակել իր բանաստեղծութիւնը Հայ կինի մէջ, բանաստեղծութիւն` որ գրուած էր, ի հարկէ, հետեւողաբար Նոճաստանի: Գալով Ինտրայի, ես զայն տեսած եմ իր անկեալ վիճակին մէջ եւ միշտ ցանկացած տեսած չըլլալ: Բայց տեսած եմ:

Օր չկայ, որ բան մը չպակսի կարուհիին: Մեքենայի նոր ասեղ մը, գունաւոր թել մը եւ մնացեալը: Եւ ամէն օր երթեւեկ կար մեր երեք տուներուն, այսինքն երեք կարուհիներուն միջեւ: Երբեմն քոյրս է, որ կ՚ըլլար յանձնակատար, երբեմն ալ ես: Կրտսեր մօրաքրոջս սենեակ-աշխատանոցը մտած թէ ոչ, ես զիս զգուշութեամբ տեղաւորեցի առաջին իսկ աթոռին վրայ, որ պարապ էր: Հոն մնացի սպասման դիրքի մէջ: Ներկայ էր Չրաքեան: Բազմոցին անկիւնը ոլորուած, մօրաքոյրս կը կարէր գլխիկոր եւ լռելեայն, մինչ Ինտրա նստած կը մնար իր կողքին, շեղակի կերպով եւ կը քարոզէր շաբաթապահութիւն: Իր խօսքերը չեմ յիշէր: Ամբողջութեամբ կլանուած էի իր տեսքով: Ցաւալիօրէն անխնամ էր իր արտաքինը: Կը խօսէր անհուն մեղմութեամբ, համոզկեր ըլլալու բացորոշ ճիգով: Չգտնելով ոչ մէկ արձագանգ մօրաքրոջս մօտ, ոչ իսկ բացասական, յանկարծ վեր թռաւ, կարծես վերջին պատուար մը տապալելու դիտումով: Ինքզինքը նետեց տախտակամածին վրայ, ծունկի եկաւ մօրաքրոջս առջեւ, միացուց իր երկու ափերը…

— Անուշիկ Փառանձեմս, մտածէ հոգիիդ փրկութեանը վրայ… կ՚աղաչեմ, կը պաղատիմ… նայէ ծունկի եկած` կը թախանձեմ կոր…

Այս անգամ սարսափելի բան մըն էր իր ձայնը: Ճշմարիտ աղապատանք մը արտասուայեղձ եւ յուսաբեկ, ուր բառերը կը խլուէին սիրտ պատռելով եւ կոկորդ ճանկելով:

Փառանձեմ, որ խնամիական շատ մօտիկ կապեր ունէր Տիրանի հետ, վեր առաւ գլուխը եւ սկսաւ աղաղակել, դէմքը ծամածուռ.

— Ծօ Տիրան… աման աստուածամար, աս ինչ օրի հասանք… խենթենամ պիտի…

Ես արդէն ոտքի էի, սարսափած եւ դողահար: Ինչու այս պոռչտուքը:

Փառանձեմ, որ ջղային կին մըն էր, իր թեւերը կը սոթտէր արագօրէն, նման կնոջ մը, որ լուացքի կը պատրաստուի: Որքան ատեն որ Տիրան նստած մնացած էր քովընտի կերպով, չէին նշմարուած բաներ, որոնք նշմարելի եղած էին երբ Տիրան ինկած է ծունկի, կնոջ առջեւ։ Բանաստեղծին շապիկին եւ բաճկոնին վրայ կը վխտային ոջիլներ։

Քերթողը մնացած էր ճիտը ծուռ, թեւերը կախ` կողն ի վար: Վերամբարձ սլացքի իր գերագոյն խոյանքին մէջ բեկանուած էին թեւերը հրեշտակի, ինչպէս որ բեկանուած էին թեւերը խենթի: Նոյն բանն է: Տարբերութիւն չկայ:

Ինչ որ կայ, այն մշտանորոգ պայքարն Է, զոր արուեստագէտը կը մղէ իր ներքին բոցին հետ, ըսենք` իր անձնական հրեշտակին հետ: Այդ պայքարը չի կրնար իմաստ ունենալ յաչս անոր, որ չի տեսնէր հրեշտակը, այլ միայն արուեստագէտին շարժումները, որ տեղեակ չէ փոխադարձ ուժերու չափին, բայց որ կը տեսնէ անկումը արուեստագէտին եւ վերելքը, փոխն ի փոխ: Բնական է, որ արուեստագէտին շարժումները ըլլան, իրեն համար, պարապին մէջ արձակուած շարժումներ, այսինքն կեանք մը անհեթեթ, անիմանալի, էքսանթրիք, իր կենցաղով եւ բարբառով: Խենթն է ան յաչս ժողովուրդին, այն ժողովուրդին` որ չէ մտած տաճարէն ներս:

Տաճարէն ներս կարելի է միշտ անցնիլ, առանք թափանցելու թեւածող խորհուրդին: Մթութիւնը թանձր է սիւներու յաջորդականութեանը մէջ: Պէտք է զգալ վայրը, դառնալ դէպի աջին եւ յառաջանալ պարապին հետ: Ոչինչ չկայ բացի բարձր եւ նեղ պատուհանն մը, որ կը լուսաւորէ տարածուն որմնանկարը: Մտացածին Եբրայաստանի մը մէջ Յակոբ կը մղէ իր կատաղի գօտեմարտութիւնը հրեշտակին հետ (Le combat de Jacob avec l՚ange): Նկարը պիտի անտեսուէր, եթէ ան գործը չըլլար տակաւին երիտասարդ եւ անփորձ Էօժէն Տըլաքրուայի: Բանաստեղծ Ժաք Օտիպրէթի նուիրագործեց զայն վերջին գիրքի մը մէջ, երբ արդէն մահամերձ էր: Երբ ես երիտասարդ էի եւ միշտ կորուսեալ, կը մտնէի փարիզեան այդ մեծափառ եւ ստուերամած եկեղեցին (Սէն Սիւլփիս) միմիայն որմնանկարին համար: Կը նստէի անոր դէմ յանդիման: Կարելի է երազել պայքարին վրայ: Պայքարը անստոյգ է:

Երեւոյթն ունիմ կորսնցուցած ըլլալու պատմութեանս թելը եւ հեռացած իմ ճամփէս: Ես սա գիտեմ, որ կարելի է լքել ճամփան, անոր մէջ մնալով հանդերձ: Փարատոքս չէ ըրածս: Օգտակար բան է բարձրանալ կատարը այն ծառին, որ ուղին կ՚եզերէ, տեսնելու համար հեռուն: Հաստատելու համար, թէ ճամփուն վրայ, որուն թէ ուղղութիւնը եւ թէ վախճանը մեզի ծանօթ են, այդ ճամփուն վրայ, կ՚ըսեմ, միթէ չէ ցցուած, ժամանակի ընթացքին, արգելք մը, դժուարին անցք մը: Սերունդի հարցը, որ մեզ պիտի բաժնէր հակադրաբար, պզտիկ հարց չէր: Կար աւելին: Թէոդիկ եւ ես տարբեր անձեր էինք եւ այդ տարբերութիւնը շեշտակիօրէն յայտնուեցաւ, երբ մօբարս տեղափոխուեցաւ մեր մօտ: Ան մեր մօտն է, ապրելով հանդերձ մեզմէ հեռու: Մարդը անձնակեդրոն էր:

Անմիջապէս աւելցնեմ, որ մեր երկուքին յարաբերութիւնները միշտ լաւ եղան, եւ հակառակը կարելի չէր, տրուած ըլլալով, որ Թէոդիկ բարի մէկն էր, սակաւակեաց եւ յարմարող: Պէրպէրեանի վերջին տարիս է, որ կ՚ընէի, այսինքն թէ կը բոլորէի մեծ ընթերցումներու ժամանակաշրջանը: Վստահ էի, թէ մենք երկուքս պիտի շարունակէինք հաշտօրէն ապրիլ, մեր միջեւ պահելով հանդերձ որոշ անջրպետ մը: Կը սխալէի: Կար բան մը, որ մեզ երկուքս իրարու պիտի միացնէր շուտով: Այդ բանը մեր հայու ճակատագիրն իսկ էր:

Ճակատագիրը երբ հասարակաց է, ի մի կը ձուլէ տարբեր անհատականութիւններ: Թուաբանական հաշուով, չորս հոգի են Քալէ քաղաքի աւագանին, Օկիւսթ Ռոտէնի հանրածանօթ խմբաքանդակին վրայ, Լէ Պուրժուայ. տը Քալէ: Ասոնք չորս քաղաքացիներ են, որ կ՚երթան դէպի ստոյգ մահը, չուանը իրենց վիզին եւ քաղաքին բանալիներն ի ձեռին: Բայց թուաբանութիւնը կը շփոթէ: Իրականին մէջ այլեւս չկան չորս անհատականութիւններ, այլ մահահամբոյր ճակատագիր մը, որ չորսերը ճզմած է, շաղած է եւ ի մի ձուլած:

Մենք ալ միասնաբար կ՚առաջնորդուէինք դէպի այն անդունդը, որ պիտի կոչուէր Սփիւռք: Սպառնալիքը մարմին կ՚առնէր հանգրուանէ հանգրուան, Կիլիկիոյ կորուստին կը յաջորդէր Կարսի անկումը, մինչդեռ Մուսթաֆայ Քէմալի յարաճուն զօրութիւնը կ՚ըլլար օր ըստ օրէ աւելի սպառնացայտ: Կը կերտուէր պատմութիւն, ինչպէս կը կռանուին օղակները շղթայի մը, որ մեզ պիտի գերավարէ: Գիտեմ թէ ոմանք այպանած են զիս, մեր գրականութեան քիչ յարգ ընծայած ըլլալուս համար: Այդ է սակայն իմ դատումս, ճիշդ թէ ոչ (անշուշտ թէ ճիշդ): Բացի զմայլելի քնարերգակներէ եւ բանաստեղծներէ, որ ինքնեկ են երբեմն եւ ինքնաբոյս (Անտունիները) եւ որ միշտ սիրելի պիտի մնան ինձի, հայ գրականութիւնը զիս այնքան քիչ կը գրաւէ եւ կը զբաղեցնէ, որքան շատ կը զբաղեցնէ բուն իսկ հայուն առօրեան, անոր պատմութիւնը եւ մասնաւորաբար վերջին հարիւր տարուան պատմութիւնը: Ան եղած է իմ հետաքրքրութեանս եւ մշտանորոգ մտալլկումիս առարկան: Եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ հետաքրքրուած ըլլամ պատմական ուսումնասիրութեան մը ձեռնարկումով: Պատահեցաւ որ այդ պատմութիւնը ըլլայ ժամանակակից եւ ողբերգական: Ան կոչուեցաւ Գողգոթա:

Մանչեսթըրի հայ գաղութն է, որ մտածած էր խմբագրել տալ հայ կղերին տառապանքները, նախ իբրեւ նպաստ մը մեր ժամանակակից պատմութեան եւ յետոյ իբրեւ փրոփականտի գործիք` քրիստոնեայ ազգերու մօտ: Անոնք, այդ Հայերը, իրենք իրենց մէջ հաւաքած էին որոշ գումար մը եւ զայն վստահած օրուան պատրիարք Զաւէն արք. Տէր-Եղիայեանի: Պատրիարքը կազմած էր մասնաւոր յանձնաժողով եւ ընտրած ձեռնհաս պատմաբան մը, յանձին Արշակ Ալպօյաճեանի: Աշխատութեան նիւթը պիտի ըլլար պատումը այն խաչելութեան, որուն ենթարկուեցաւ հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւորականութիւնը, Մեծ Եղեռնին: Միաժամանակ ցուցանիշ պիտի ըլլային «այն պարագաները, որոնք երեւան կը հանեն ցայտուն գիծերը մեր ազգային նկարագրին բարձրութեան»:

Ալպօյաճեան ետ առած ըլլալով իր յանձնառութիւնը, գործը յանձնուեցաւ մօրեղբօրս: Թէոդիկ գործի անցաւ անմիջապէս, ես ալ իրեն հետ: Անշուշտ իմ աջակցութիւնս պիտի ըլլար այնքան համեստ, որքան կրնայ ըլլալ ուշադիր վկայի մը ուղեկցութիւնը: Պատմութիւն ըսուած բանը կը գրուի, իբրեւ մեկնակէտ ունենալով նախընթաց պատմութիւններ: Նախընթաց չկար հոս: Թէոդիկ այն հաւատարիմ եւ թանձրամարմին եզն էր, որ կը յառաջանար քայլ առ քայլ, լայնածաւալ օդ տեղափոխելով: Ան կը հերկէր խոպան հող մը, գիշերային մութին եւ աղջամուղջին, բայց լոյսը կը ծագէր ակօսին ծայրը: Հիացումս մեծ կ՚ըլլար, ամէն անգամ, որ հում նիւթեր կ՚ելլէին մէջտեղ, բոլորովին զարմանահրաշ անկիւններէ: Ոհ, Թէոդիկ ոչ ոքէ գողցած էր իր համբաւը:

Հայ կղերը, գերապայծառէն մինչեւ սարկաւագ, ապրեցաւ տաժանագին, նահատակուելէ առաջ տեսնելով նախատական վիճակը իր սուրբ կրօնքին… Ոստիկաններսւ կողմէ անխնայ գանակոծում, բռունցք, կից, թուք եւ մուր, հասարակ տեղիք պատիժներ էին… Բանտերու մէջ է, որ անագորոյն չարչարանքները կը հասնէին իրենց գերագոյն սաստկութեան: Ներբան տաղել, եղունգ փետել, լինտեր խորտակել, մօրէ մերկ՝ գլխիվայր կախել, մատներու պճեղին մխել փայտէ բեւեռ, լանջոսկրը ճզմել, աչք փորել, ոտք պայտել եւ այլովքն հանդերձ: Դժոխային այդ որջերուն մէջ էր, որ Հայ Կղերը բրտօրէն առարկայ դարձաւ պաշտօնի վրայ գտնուող անոպայ եւ լպիրշ հեթանոսներու կողմէ գործուած պժգալի խայտառակութեանց: Այսպէս, օծեալ շրթունքներ, որ Յիսուսի անունը կ՚արտաբերէին ցաւի նոպաներու պահուն` կըղկըղանքով ծեփուեցան, իրենց ցամքած քիմքը թրջելու համար փարչով մեզ մատուցուեցաւ, գլուխներ ընդ քարշ ածուեցան, եւ ալեփառ մօրուքներ գետինները աւլեցին: Կարդացէք, օրինակի համար, հարիւրաւորներու մէջէն…

Կը կարդայինք: Կ՚արձանագրէինք: Երբ կ՚իջնէինք վար, ճաշի սեղանին, անկարող կ՚ըլլայինք բառ փոխանակելու: Հացը համ չունէր:

Երբ այսօր կը մտածեմ այդ օրերուն, կը տեսնեմ, որ քիչ բան կը յիշեմ գիրի առնուած ոճիրներէն, որոնք գորշ միօրինականութիւն մը կը կազմեն այլեւս իրենց մղձաւանջային կրկնութեամբ: Անոնցմէ հազիւ թէ կրնամ զատորոշել պարագան տարաբախտ կրօնաւորուհիներու, զոր Թուրքերը դուրս են քաշել իրենց վանքէն, խմբեր են կալանաւոր վիճակի մէջ եւ անոնց վրայ պատ են հիւսեր, առանց շատ աճապարելու…

Դժբախտութիւն նկատուի թէ բարեբախտութիւն, իրողութիւնը այն է, որ մարդ էակը անկարող է ընդ երկար մնալ գերայոյզ հոգեվիճակի մէջ: Այդ իսկ պաաճառաւ մենք կը սիրէինք այն պահերը, երբ պատմաբանին մէջ կը լռէ մարդը եւ խօսք կ՚առնէ արհեստաւորը: Երբ Թէոդիկ ձեռք կ՚անցընէր մահուան պարագաները Սրբազանի մը, որուն հետքը կորսնցուցած էր, չէր կրնար ծածկել իր գոհունակութիւնը, նման այն բժշկին, որ կը հրճուի, երբ վիրահատումը կու գայ հաստատել իր ախտաճանաչումը: Այդ պարագաներուն Թէոդիկ զիս կը շնորհաւորէր ջերմօրէն, որպէս թէ ես ինքս լուսաբանած ըլլայի մութ կէտը: Իր գոհունակութիւնը հիմնաւոր էր անշուշտ, բայց քանի որ Սրբազանը մահացած էր Թէոդիկի ձեռքին տակ, մօբարս կը կոչէի «արիւնկզակ ջարդարար»: Կ՚ուզեր դիմադարձել: Չէր կրնար:

Վասնզի ինձմէ չէր գար անուանարկիչ տիտղոսը: Ինձմէ առաջ զայն գործածած էր ուրիշ մը, որ… բայց պէտք է գիտնալ, որ Թէոդիկ ոչինչ կորսնցուցած էր կատակասէր մարդու իր բնութենէն, հակառակ բանտին եւ աքսորին, հակառակ նոյնիսկ իր բոյնին քանդումին: Իր դրսերեւոյթը, որ տպաւորիչ լրջախոհութեամբ համակուած էր, կը ծածկէր խեղկատակ մը, որ քիչ բանի կը կարօտի արտայայտուելու համար: Ժողովուրդի զաւակ, բարեմիտ եւ զուարթաբարոյ, ան կատակած էր միշտ եւ ամէնուրեք, երբեմն սնոտի կատակներով: Իր երիտասարդական շրջանէն կը մնայ կարեւոր թիւ մը ֆանթէզիներու, դիմաստուերներու եւ յանգաւոր երկտողերու (տիսթիք): Կատակող մարդուն կը պատասխանեն կատակով: Այսպէս է որ Վերջին լուրը հրատարակած էր իր մէկ լուսանկարը, տակը դնելով սա տեսակ մակագրութիւնը մը Արիւնկզակ ջարդարար Ահմետ օղլու Մեհմետ: Իմ նշանաւոր քեռիս ինձի երկարեց լրագիրը, երեկոյեանդ քիթը կախ, կախ…

— Ասանկ կատակ կըլլայ… ինձի պէս մէկը թուրք ջարդարարի տեղ դնել… ես այս բանին արժանի էի… Ինչու կը խնդաս… աս խնդալիք բան է… թուղթը կը մնայ… եթէ ապագային պատմաբան մը…

Ես ալ ամէն մարդու պէս եմ: Հրաշք ըսուած բանը երբ պատահի, ես կը մնամ պապանձած: Այդ բանը պատահեցաւ իրիկուն մը, երբ Թէոդիկ տուն մտաւ քրտնաթոր վիճակի մէջ եւ ուղղակի հիւրանոց բարձրացաւ առանց նոյնիսկ գլխարկը հանելու: Ուսին վրայէն մեծ ծրար մը նետեց բազմոցին վրայ.

— Մանչ, աս քեզի համար է…

Իր արտայայտութիւնը այնքան խորհրդաւոր էր, որ տենդային մատներով սկսայ քակել ծրարը, մինչ կռնակէս կը բարձրանար իր ձայնը: Լրջագոյն պահերու իր ձայնը.

— Նայէ, նայէ… եւ հասկցիր, որ մեր ազգը կարծուածին չափ նետուելիք ազգ մը չէ… մերինները խելք են ըրեր…

Աղէտէն ճիշդ մէկ տարի առաջ, Պատրիարքարանը իմաստութիւնն էր ունեցած Կենսագրագիր տիտղոսով հարցարան մը ղրկելու այն բոլոր կղերականներուն, որ կը գտնուէին իր հովուապետութեան ներքոյ: Հրաշքը այս էր: Չէի կրնար հաւատալ, որ մեր ազգը կրնայ ունենալ վարչական մեքենայ մը, եւ որ կը գործէ… գործած էր: Առջեւս էին թրքահայ կղերին ինքնութեան թուղթերը, սկսեալ գիւղական անշուք տէր պապայէն, որ գրել-կարդալ չի գիտէր եւ որ իր հարցարանը լեցնել տուեր է վարժապետի մը, լուսանցքին վրայ գրել տալով «Մեղայ, մեղայ…», մինչեւ արքեպիսկոպոսը, որ կը խօսի եւրոպական լեզուներ, որ արժանացած է կայսերական պատուանշաններու եւ հրատարակած` գիրքեր: Եւ ըսել թէ այս մեր հայրերը կասկածն իսկ չունէին, երբ կը լեցնէին իրենց հարցարանը, թէ տարին չբոլորած…

Այս գանձը, որ պատահմամբ գտնուած էր, մետասաներորդ ժամուն, Պատրիարքարանի մէկ խուցին մէջ, չէր կրնար չխռովել Թէոդիկը: Ան չէր կրնար չմտածել, թէ իրեն խնայուած պիտի ըլլային անթիւ դիմումներ եւ յոգնութիւններ, եթէ միայն սկիզբէն մէջտեղ ելած ըլլային այս կենսագիրները: Ան վազած էր գաղթակայանէ գաղթակայան, անուն մը կամ տարեթիւ մը ճշտելու համար, գացած էր որբանոց, Պատրիարքարանէն դէպի Տեղեկատու Դիւան, եւ դեռ մշակած` լայնածաւալ թղթակցութիւն: Ասոնք բաներ են, որ կ՚ըսուին մէկ նախադասութեամբ, բայց որ կը պահանջեն անսահման յոգնութիւն եւ ժամավաճառութիւն, իբրեւ փոխարինութիւն` տալով թերի տեղեկութիւններ միայն. բայց ժամը չէր եղածին վրայ ափսոսալու: Կը բաւէր վերանցնիլ ձեռագրերը եւ կատարել ճշտումներ: Ոչ, այլեւս բաւական չէր որովայնապարը: Կ՚արժէր այսօրինակ գիւտ մը տօնել տարբեր բանով: Օղի կար: Թէոդիկ գնաց խմել:

Գնաց խմել Պէյլէրին պարտէզը, որ բացօթեայ սրճարան-զբօսավայր մըն էր սաղարթախիտ ծառերով եւ կեդրոնական աւազանով, Պէրպէրեան վարժարանի պարտէզին կից: Հոն էր որ զոյգ մը դաշնակցականներ իրեն հարց տուած էին, օղիի սեղանին շուրջ, թէ ինչու չի դիմէր իր թուրք դրացիին տեղեկութիւն քաղելու համար: Պարոն Թէոդիկ, դուն Պոլիսը կը չափես մէկ ծայրէն միւսը քու Գողգոթայիդ համար եւ անտես կ՚առնես սա Թուրքը, որ քու քիթիդ տակն է: «Ինչ Թուրք… մեր թաղը Թուրք չկայ: Թուրքին հոտը անգամ չկայ»: Թէոդիկ կը սխալէր: Հատ մը կար:

Արդարեւ, ատենէ մը ի վեր թուրք բազմանդամ ընտանիք մը եկած էր հաստատուիլ մեր փողոցը, մեզմէ երեք տուն վար, նոյն մայթին վրայ եւ մերժած էր յարաբերութիւն հաստատել դրացիներու հետ: Կային անչափահաս աղջիկներ, որոնց ճռուողիւնը կը լսէինք առանց զիրենք տեսնելու, կար մանչ մը քսան տարեկանի շուրջ, որ հասարակ ոստիկան էր, եւ կար վերջապէս ընտանիքին պատկառազդու պետը, որուն, դժբախտաբար, ոչ անունը գիտեմ եւ ոչ ալ տիտղոսը: Ոստիկանութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ էր իր պաշտօնը, դատելով իր շողշողուն համազգեստ են, որ թուրք մարաջախտները կը յիշեցնէր (Ֆէրիք կամ Միւշիւր): Ըսի թէ կը ցավիմ իր մասին ստոյգ տեղեկութիւն չունենալուս համար, բայց վստահ եմ, որ այս կարգի անձ մը չի կրնար անծանօթ ըլլալ հայկական շրջանակներուն: Ինչու այս Թուրքը, որ Հայ ծնած էր, չէր վերադառնար իր ազգին ծոցը, երբ բոլոր թրքացողները վերադարձած էին Զինադադարի առաջին իսկ օրէն: Ինչու ան եկած էր բնակիլ զուտ քրիստոնեայ թաղ մը, եւ տակաւին ինչու Դաշնակցութիւնը մեզի կը յանձնարարէր զայն, փոխանակ հետապնդելու թուրք ոստիկան մը, որ չէր կրնար հայաջինջ շարժումին մասնակցած չըլլալ: Իրողութիւնն այն է, որ Թուրքը ընդունեցաւ մեր հրաւէրը: Եկաւ մեր մօտ:

Ան եկաւ գարնանային հրաշագեղ օդով, Զատկուան շաբաթը, երբ զանգակները կը ղօղանջէին, եւ մեր բաց պատուհանները ողողուած էին զեփիւռով եւ ճռուողիւնով: Երբ լոճիայի (շանիշիր) կողմնակի պատուհանէն տեսայ թէ թուրքը դէպի մեզ կը յառաջանայ, իր ակնախտիղ համազգեստին մէջ եւ փայլուն մոյկերը մինչեւ ծունկը քաշած, վար իջայ զինքը դիմաւորելու: Ուշ մնացած էի: Մայրս բացած էր դուռը, զիս կանխելով.

— Հրամմէ, փաշաս, քեզ տեսնողը ինչ կ՚ըլլայ…

Սանդուխին գլխէն կը լսէի մարդուն քաղաքավարական խօսքերը, որոնք կէս մնացին: Իրեն վերապահուած մտերմիկ ընդունելութենէն խրախուսուած, թուրքը ըսաւ յանդիմանական կեղծ խստութեամբ.

— Սապըխալը մարդ փախցնողը դուն ես…

Կ՚ակնարկէր այն գաւառացի երիտասարդներուն, զորս պահած եւ փրկած էինք աղէտի տարիներուն: Պատասխանը չուշացաւ.

— Եթէ դուն սապըխալը ես, քեզ ալ կը փախցնեմ…

Վերը, սենեակի մէջ, ես տեղ գրաւեցի լոճիայի ծոցը եւ լուռ մնացի մինչեւ վերջ: Աջիս ունէի Թուրքը, որ գեղեցիկ մարդ մըն էր, պատկառելի տեսքով, առնական եւ ինքնավստահ: Կ՚ըսէին թէ ան եղած էր Անդրանիկի զինուոր: Որքան ճիշտ է` չեմ գիտէր: Ձախ կողմս էր Թէոդիկ իր գրասեղանին առջեւ, գիշերանոցով եւ բուրդէ կոշտ գուլպաներով, ճիշտ այնպէս` ինչպէս կ՚երեւայ փոքրիկ լուսանկարին վրայ: Գետինը պարզած էր հին սաւան մը, գորգը չաղտոտելու համար: Խօսակցութիւնը սկսաւ եւ տեւեց հարցուպատասխանով: Շուտով նկատեցի, որ Թուրքին տիրական շեշտը կը տժգունի յամրաբար, եւ իր տեղը կ՚ուտայ յարաբերաբար թոյլ խօսելակերպի մը: Իր նոր շեշտը կը մատնէր հոգեվիճակ մը, որ ըսել կ՚ուզէ. «Ինչ որ դուն կը պատմես, ես արդէն լսած եմ հազար անգամ: Այդպէս է եւ այդպէս չէ: Պատմուած է եւ կը մնայ անպատում: Այս տեսակ կոտորած մը չի պատմուիր բառերով: Բայց քանի որ հոս ենք, խօսինք, թէ կ՚ուզես…»:

Երբ Թէոդիկ ըսաւ, թէ գիրքը պիտի ըլլայ պատկերազարդ, իսկոյն պարպեցի դեղին պահարանը, որ ձեռքս էր, եւ Թուրքին առջեւ տարածեցի ինչ նկար որ կրցած էինք հաւաքել: Նայեցաւ սոսկատեսիլ պատկերներուն եւ ըսաւ. «Տահա աս բան մը չէ…»: Ցուցամատով դպաւ անոնցմէ մէկուն…

— Ասիկայ մէկդի ըրէ… Ասոնք Հայ չեն. Արաբ են, Թուրք են… Աս գլուխները ես դուրս հանեցի հորին տակէն… խասապը բռնած մարդը կը մորթէր, միսը կը ծախէր անասունի տեղ…

Չէի ուզէր, որ… շատ բան կար, որ չէի ուզէր: Չէի ուզէր, որ հրէշային մսագործին վյրայէն շուտով անցնուի, չէի ուզէր, որ ջարդի իմ նկարներես ամէնէն խօսունը դառնայ անգործածելի, չէի ուզէր, որ Թէոդիկ խօսի, խօսի, փոխանակ Թուրքը խօսեցնելու: Երբ մօբարս վերցուց թերթ մը թուղթ, տալու համար ընդհանուր գաղափար մը իր աշխատութենէն, կուրծքիս տակ զգացի կծկում մը, տեսակ մը խայթոց: Թերթը կը ճանչնայի: Յառաջաբանն էր: Այսպէս է, որ մեր հիւրը լսեց հետեւեալը: Կ՚ընդօրինակեմ.

Ոչ եւս են անոնք, որ այնքան մանկիկ թաթխեցին աւազան եւ այնքան նարօտ օրհնեցին: Ոչ եւս են անոնք, որ հաւատքի հուրը վառ պահեցին իրենց ծուխերու սրտին մէջ: Ոչ եւս են անոնք, որ Աստծոյ տաճարին սպասաւորելուն չափ նուիրական նկատեցին ծառայել Լուսաւորութեան Տաճարին, նոր սերունդը դաստիարակելով անընդհատ: Ոչ եւս են ալելուներն ամէն անոնց, որոնք Անդաստան օրհնէքի ատեն` ազգին Հայրապետութիւնը, Թագաւորութիւնը, Պտղաբերութիւնն ու բնակեալ ժողովուրդը կը տարփողէին նշանաւ այն Խաչին, որուն իրաւցնէն շալկեցին յետոյ…

Հոս էր, որ փուլ եկաւ առաստաղը: Թուրքը պոռթկաց.

«Դուն ինչ կ՚ըսես, պարոն Թէոդիկ…»: Ան, որուն մոյկերը անհանգստութեան նշաններ ցոյց կու տային ատենէ մը ի վեր, պոռթկաց մէկէն ի մէկ, զօրեղ ձայնով.

— Դուն ինչ կ՚ըսես, պարոն Թէոդիկ: Դուն այս փշ-փէզ…ները կ՚աստուածացնես կոր… անոնք մակաբոյծներ են, ծոյլեր են… Պարոն Թէոդիկ, դուն բանտ տեսած, աքսոր տեսած մարդ ես, դուն չես գիտէր, որ ասոնք ինչ տեսակ սրիկաներ են… վարնոց արարածներ են… ես աչքովս տեսած եմ, որ գիշերանց վրաններուն տակ կը մտնէին, 10-12 տարեկան աղջիկները քաշկռտելով կը տանէին ժանտարմային գիրկը… Եթէ կ՚ուզես մէկուն վրայ մեղքնալ, պզտիկներուն վրայ մեղքցիր… հազարներով որբ մեռաւ ճամփաներուն վրայ, շունին չկերածը ուտելով… մէկդի դիր սա սուրբը, մուրբը… կեանքերնին փրկելու համար, անոնք ամէն վատութիւն կ՚ընէին…

Արեւ մը ծագած էր կուրծքիս տակ: Կը շնչէի: Կը շնչէի այնպէս խորունկ, ինչպէս մարդ կը շնչէ, երբ ապականած խուցէ մը կ՚արձակուի դէպի պայծառ աշխարհ: Այն պայմանադրական, այն ընկալեալ գեղեցիկը, որ իբրեւ թէ, հանրութեան նախընտրած գեղեցիկն է գրականութեան մէջ, այդ գեղեցիկը, որ միշտ մերժած էի առանց երբեք Թէոդիկի յայտնել համարձակելու աննպաստ կարծիքս, ահա որ այդ գեղեցիկը կը մերժուէր հիմնովին: Թուրքն իր բարկութիւնը առաւելաբար ուղղած էր կորուսեալ հոգիներու դէմ, բայց գրելակերպն ալ ունեցած էր իր մեծ ազդեցութիւնը: Այդ մասին տարակոյս չունէի: Մարդը զգացած էր, թէ գէշ գրականութիւն մը եկած էր լղրճել այնպիսի նիւթ մը, որ կը պահանջէ տարբեր վերաբերում: Ան կը պահանջէ առաւելագոյն զգաստութիւն: Նախ՝ այդ:

Բայց ուրախութիւնս փորս մնաց: Եւ ինչքան շուտ: Երբ ակնարկս դարձուցի դէպի քեռիս, եւ երբ տեսայ իր արգահատելի արտայայտութիւնը, ամչցայ ես ինձմէ: Խորապէս ամչցայ: Չէի կրնար չյիշել, որ Թէոդիկ իր ամբողջ սիրտը դրած էր այդ յառաջաբանին մէջ, զայն երկարօրէն յղկած եւ վերամշակած էր, եւ ահաւասիկ մէկը որ զայն ոտնակոխ կ՚ընէ թրքավարի կերպով: Բուռն փափագն ունէի մխիթարական խօսք մը ըսելու վիրաւոր գրագէտին, բայց այդ մասին մտածելն իսկ աւելորդ էր: Երեքս մէկ մնացած էինք քարացած: Թռչունները կը ճռուողէին զուարթաբար եւ կը վերսկսէր զանգակներուն թռիչքը երկնակապոյտն ի վեր: Ինչպէս պիտի փարատէր մեր սենեակին ճնշիչ մթնոլորտը, որ կ՚երկարէր ու կ՚երկարեր… Զուգադիպութիւն մը փրկեց ամէն ինչ:

Մայրս ներս մտաւ սուրճի ափսէն ձեռքը եւ կարծես իր մորթին վրայ զգաց սառուցեալ շունչը ստեղծուած պաղութեան: Ուղիղ նայեցաւ աչքերուս մէջ, ըմբռնեց թէ ոչ, չեմ գիտեր, բայց հետեւելով Թուրքին ակնարկին, գտաւ պատուական նիւթ մը խօսակցութեան: Սկսաւ բարբառիլ յորդառատ խօսքերով եւ բռնազբօսիկ զուարճութեամբ: Ահա թէ ինչ էր պատահած:

Սենեակին մթնոլորտը ճնշիչ եղած էր այն պատճառաւ, որ բախումը չէր յանգած ընդունելի եզրակացութեան մը, այսինքն պարզաբանումի: Պալարը մնացած էր ներսը: Չէր պայթած: Թէոդիկ մնացած էր գլխիկոր եւ լուռ, ինչ որ կրնայ նշանակել. «կ՚ընդունիմ մեղքս», բայց ան կրնար նշանակել նաեւ. «խօսէ ինչքան կ՚ուզես, ես գիտեմ ըրածս»: Թուրքը, որ չէր կրնար անդրադարձած չըլլալ, թէ իր ելոյթը եղած էր աւելի վիրաւորական եւ աւելի կիսկատար, քան ինչ որ ներելի է բարեկամական հանդիպումի մը ընթացքին, նամանաւանդ արիւնոտ նիւթի մը շուրջ, ուրիշ բան չէր կրնար ընել, եթէ ոչ ակնարկը տանիլ որեւէ ուղղութեամբ, բայց երբեք գրագէտին վրայ: Ունինք պատկերալից բացատրութիւն մը. «Մարդը ճանճ կը համրէ ձեղունին վրայ»: Հոգեբանական այս վիճակին մէջ, մարդկային աչքը ոչինչ չի տեսնէր, քանի որ ան դարձած է ներս, դէպի ներքին անհանգստութիւնը եւ խռովքը: Բայց կրնայ պատահիլ հակառակը: Անմիջական շրջապատին մէջ եթէ գոյութիւն ունի իսկապէս յատկանշական եւ արտասովոր առարկայ մը, աչքը «կ՚արթննայ» եւ կը կառչի անոր: Արդարեւ, այդ տեսակ առարկայ մը կար մեր հիւրասենեակին մէջ: Թաշկինակ մըն էր ան:

Մայրս որ նշմարած էր թուրքին հետաքրքրութեան առարկան, խօսիլ սկսած էր մեր ինքնատիպ թաշկինակին վրայ, որ թանկարժէք շրջանակի մէջ առնուած էր եւ կը գրաւէր պատուոյ տեղը, պատին վրայ: Սովորականէն քիչ մը աւելի մեծ ծաւալով այդ թաշկինակը, որուն կտաւը փայլուն էր մետաքսի պէս, կը ներկայացնէր հրացանակիր թուրք զինուորներ կարմիր ֆէսով եւ ունէր պատկերացում մը, որ կը յիշեցնէր Իմաժ տ՚Էփինալի գծագրութեան ոճը եւ անոր միամիտ գունագեղումը: Թաշկինակը ունէր արաբերէն վերտառութիւն մը, զոյգ մահիկներու մէջ ներփակեալ: Իմ մօրաքոյրերս կը կախէին, իւրաքանչիւրը իր տանը մէջ, մէկը` Մայր Հայաստան ի վերայ աւերակաց եւ Աղբիւր Սերոբ, միւսը` զօրավարներ Լորիս Մելիքով եւ Տէր-Ղուկասով: Մեր տունը չկային այդ տեսակ բաներ: Մենք զետեղած էինք թաշկինակ մը, որ կը վկայէր, թէ կը պատուենք հայրենիքի պաշտպան բանակը, եւ թէ հաւատարիմ հպատակներն ենք նորին Վեհափառութիւն Սուլթանին:

Օհ, ի զուր է, որ քոյր եւ եղբայր կը պատմէին մեր թաշկինակին յայտնութեան պարագաները եւ անոր վստահուած մասնաւոր առաքելութիւնը: Ի զուր է, որ Թուրքը կը ծածկէր իր խնդուքը, ակռաներուն մէջէն մռլտալով. «Դուք, Պոլսեցիներդ, ինչ հանած-վարած եք…»: Գիտէի թէ բախում են ստեղծուած անհանգստութիւնը բնաւ փարատած չէր: Ով ունէր իրաւունք: Որուն կողմն է ճշմարտութիւնը: Սուրին թէ գրիչին:

Հարցը խրթին էր այն երիտասարդին համար, որ ես էի. բազմիցս դարձայ անոր շուրջ բոլորը առանց որ գիտնամ, թէ որ ծայրէն պէտք է բռնել այս ոզնին: Եւ սակայն, երկու կողմերն ալ կը սխալէին միաժամանակ: Եթէ ինձի համար լուծուած հարց Էր գրելակերպի հարցը, տակաւին կը մնար մշակուած նիւթը: Այդ կէտին վրայ Թուրքը սխալած էր, ընդվզեցուցիչ ըլլալու աստիճան: Ան կը դատապարտէր քահանայի մը ոճիրը, մոռնալով, որ ոճիրը գործն էր ոճրագործին, այսինքն Թուրքին, որուն ստեղծած անմարդկային գոյավիճակը չէր կրնար ի յայտ չբերել ոմանց մօտ, այնպիսի բնազդներ որ թաքուն կը մնան բնականոն կեանքի ժամանակ, չէր կրնար ի յայտ չբերել այն դժուար դիմադրելի հակումը, որով մահամերձը կը ջանայ իր կեանքը փրկել ամէն գինով: Այլ խօսքով, երբ մայրն իր որդին կ՚ուրանայ:

Գալով Թէոդիկի սխալին… Բայց միթէ անարդար չեղայ ոստիկանին հանդէպ, երբ իր խօսքը առի տառացիօրէն, որպէս թէ ան եղած ըլլար մէկ բնական հետեւութիւնը պատճառաբանեալ մտածումի, երբ բացորոշ է, թէ իր բարկաճայթ ելոյթը մէկն էր մտածման այն բեկորներուն, զոր գահավէժ խօսակցութիւնը կը խլէ մեր բերնէն դաւադրաբար, առանց որ կարենանք զայն ետ առնել, ընդլայնել եւ ամբողջացնել…

Գալով Թէոդիկի սխալին, այնպիսի սխալ մը գործած էր ան, որ պէտք է վարանիլ նոյն մակարդակին վրայ դնելու: Ծանօթ է իր ոճին տկարութիւնը, ինչպէս ծանօթ է իր մարմաջը հազուագիւտ բառեր գործածելու. բառեր` որոնք գրութեան մէջ կը մնան անլոյծ, ինչպէս աւազի մեծկակ հատիկը ոսպի պնակին մէջ: Այսպէս` դանդիռ, սուտակասպաս, քասքնելի, նօթճել, յօշ-յօշ, գերփանք, լիպետի, մզնէութիւն: Թէոդիկ կը կատարէ երկու գործողութիւններ, որոնք հակամարտ են: Թէ կը փափագի ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացած պահել ոճիրին վրայ եւ թէ զայն կը խոտորէ դէպի բառարան: Յուզումը կը կոտրի եւ աւազի հատիկը ախորժակ կ՚աւրէ:

Բաց աստի, Գողգոթայի առաջաբանը, որ անթերի է շատ մը կողմերով, կը մատնէ զգալի նախապատւութիւն մը հանդէպ սքեմին: Նախապատւութիւնը պէտք է ընծայուի մարդ էակին եւ ապա միայն սքեմին: Մնաց որ, մենք, Հայերս, երկրորդական քրիստոնեաներ ենք: Մեր մօտ նախապատուութիւնը կը պատկանի ոչ թէ քրիստոնէական վարդապետութեան, այլ բուն իսկ Հայաստանեաց եկեղեցիին:

Այս բոլորը չի կրնար սակայն զիս հեռացնել իմ սիրելի թաշկինակէս, որուն պատմութիւնը հոս արձանագրելու փորձութեան չեմ դիմանար, գիտնալով հանդերձ, թէ կը կատարեմ տեսակ մը սրբապղծութիւն: Ահաւասիկ այդ պատմութիւնը:

Պոլսեցին ընդհանրապէս գիտէ, թէ ինչ բան է փառթիթը: Ամառնային դաշտագնացութիւն մըն է ան, որ տեղի կ՚ունենայ Շիրքէթը Խայրիէի շոգենաւով, երբ նաւը, որ օրուան մը համար վարձուած է, ճամփայ կ՚ելլէ Ղալաթիոյ կամուրջէն, ամբողջութեամբ դրօշազարդուած եւ իր ծոցին մէջ ունենալով հնչեղ ֆանֆառ մը: Ան կը հանդիպի քիչ մը ամէն նաւամատոյց, երթալու համար մինչեւ վերին Վոսփոր, այսինքն Սարըեար: Նաւուն վրայ, ճամփու ընթացքին, զիրար կ՚ողջագուրեն բարեկամ թէ խնամի, որ տարբեր արուարձաններէ ներխուժած են: Մինչ Պոլիսը կը հեւայ եւ քրտինք կը թափէ ամառային հեղձուցիչ տօթով, զովասուն Սարըեարը կը հիւրընկալէ իմ ապագայ ծնողքս: Նոր նշանուած են անոնք: Իրենց առաջին երկար պտոյտն է, որ կ՚ընեն: Նուագին եւ կերուխումին կը յաջորդէ վիճակահանութիւն եւ մայրս կը շահի պարգեւ մը: Նոյն ինքն մեր թաշկինակը:

Բայց հաճելի առաքելութիւն մը չէ, կազմակերպիչ ընկերակցութեան ներկայացուցիչին համար, գեղեցիկ օրիորդ մը պարգեւել հասարակ թաշկինակ մը, ուր կ՚երէին ատելի թուրք զինուորներ, միամիտ գունաւորումով: Շատ ամօթով կը մնայ մարդ, չիւնքի ձեռքէս գար նէ, հէմէն պիտի փոխէի… ինչ աղուոր կտորներ կային… գալ անգամուն, աստուած խըսմէթ ընէ նէ… աֆ կ՚ընես, օրիորդս, խուսուրին մի նայիր…

Մայրս խօսք կ՚առնէ, խորհրդաւոր ժպիտը շրթունքին, եւ խեղճ մարդը կ՚ահաբեկէ անողորմաբար, յայտարարելով, թէ բախտը երբեք այսպէս չէր ժպտած ինձի: Ինձի համար բացառիկ պատիւ մըն է այս թաշկինակը ունենալը, քանի որ ան կը ներկայացնէ մեր հայրենիքին հերոսական պաշտպանները, սա մեր դիւցազն բանակը, որ անպարտելի մնաց Վեհափառ Սուլթանին մականին տակ: Վստահ կրնաս ըլլալ, միւսիւ, որ ես այս նուիրական թաշկինակը իմ սենեակիս պատէն պիտի կախեմ: Այսինքն թէ` պատին էն աղուոր տեղը պիտի կախեմ…

Այսպէս կ՚ըսէ եւ այսպէս կ՚ընէ: Թաշկինակը ոչ մէկ կապ ունէր Թուրքին եւ Թրքութեան հետ: Ան կը ներկայացնէր Թիւրքոներ, այսինքն ֆրանսական կանոնաւոր բանակի զինուորներ: Թուրքը կը ցուցադրէինք մեր տանը մէջ, բայց հասկացողը կը հասկնար, որ մենք ֆրանսասէր ենք: Մենք ֆրանսասէր ենք, վասնզի անկէ, այդ առասպելական Ֆրանսայէն կ՚ակնկալենք Ազատութիւն, Հաւասարութիւն եւ Եղբայրութիւն: Մենք ֆրանսասէր ենք, քանի որ Ֆրանսայի հետ կապուած ենք պատմական եւ մշակութային կապերով: Ան է, որ պիտի ըլլայ մեզ հովանաւորող պետութիւնը: Եւ ուր պիտի վերականգնի մեր Հայաստանը: Այս հարցումը ընել ներելի չէր: Ամէն ոք գիտէր, թէ ան մէկ տեղ միայն կրնայ հիմնուել. «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա…»:

Աշխարհ խորախորհուրդ եւ անմեկնելի… երազն էր հրաբորբ` նման անշէջ բոցին: Այն բոցին, որ ծածանեցաւ, որ եղաւ ծուէն-ծուէն, եղաւ գետնաքարշ, եւ երբ կը կարծուէր թէ պիտի շիջի առ յաւէտ, իր մէջէն արձակեց այն կայծը, որ պիտի երթար հեռուն, դէպի ծոցը մռայլ լեռներու եւ քարքարօտ կիրճերու, հոն լուսաւորելու համար այսօրուան սիրելի Երեւանը: Թէեւ դիւրին պիտի չըլլար շուտով համակերպիլ Կիլիկիոյ կորուստին, այդ խոստմնալից հոգեհատորի մահուան: Եւ իմ անմխիթար հայրս պիտի շարունակէր երգել իր տխուր ձայնով, «Ցանկամ տեսնել…»:

Տեսնել ցանկալ… վերագտնել այն, որ կորսուած է, անգամ մը եւս գիրկընդխառնուիլ բացակային հետ, որ կը կանչէ… Ոչինչ այնքան խռովիչ է, որքան երջանիկ վերադարձ մը, երբ գիտենք, թէ մեզմէ ամէն ոք պիտի ողբայ, ուշ թէ կանուխ, անկարելի վերադարձներու ցաւը: Մայրս ըսած էր թուրք ոստիկանապետը հիւրընկալելով. «Եթէ դուն սապըխալը ես, քեզ ալ կը փախցնեմ»: Մօրս միջամտութիւնը պէտք չեղաւ, որպէսզի ան փախչի եւ մեզի վերադառնայ: Առաւօտ մը իր տունը պարապ գտնուեցաւ: Թուրքը ժողված էր իր ընտանիքը եւ փախած Ամերիկա, վերագտնելով իր ճշմարիտ Հայու ինքնութիւնը:

Թուրքը ոստիկան էր, ինչ որ կը նշանակէ թէ քաջատեղեակ էր շատ բաներու: Միայն թէ, ան չէր ճանչնար մեր Սկիւտարը: Չէր գիտէր, թէ ամէն մէկ պատուհանի ետեւ կայ հետաքրքիր աչք մը, շատ անգամ պառաւի աչք մը, որ գիտէ դիտել, արձանագրել եւ հանել հետեւութիւններ:

Դիտուած էր, որ թուրք ճռուողուն աղջիկները միշտ չեն մնար իրենց տան մէջ փակուած: Երեկոյեան ստուերները երբ սկսած են երկարիլ եւ թանձրանալ, անոնք դուրս կը թռչին իրենց պարտէզի դռնէն, գիշերանոցի նման երկար եւ ալեծածան հագուստներով, արագօրէն կը կտրեն կ՚անցնին բացաստանը (վերանէ) եւ կ՚անյետանան երկրորդ պարտէզի մը մէջ:

Այդտեղ եկած էր բնակիլ գաղթական ընտանիք մը, որուն պետը առաջին իսկ օրէն առարկայ եղած էր համակրութեան եւ ակնածանքի: Համեստ արտաքինով այդ Հայը կը կրէր պարսկական գդակ մը, ոչ բարձր: Ահա այս Հայուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով է, որ Թուրքը կապ հաստատած էր արտասահմանի հայրենակիցներու հետ եւ կազմակերպած` իր փախուստը: Եւ Թէոդիկն ալ, իր կողմէ, Թուրքին հետ ժամադրուած էր այս Հայուն միջնորդութեան շնորհիւ:

Համեստ արտաքինով այդ Հայը հերոս մըն էր եւ կը կոչուէր Պուլկարացի Գրիգոր: Արմէնակ Եկարեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ վարած էր Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, իր վրայ առնելով զինագործի եւ վառօդապետի պաշտօնը:

Անմոռանալի բան մը եղաւ Պուլկարացիին յուղարկաւորութիւնը: Մեր տան ամէնէն պատշաճ պատուհանները գրաւուած էին, այնպէս որ ինծի տեղ չէր մնացած բարձրէն դիտելու: Վազեցի պարտէզ, քոյրս ալ իմ ետեւէս: Բացի պարտէզին դուռը, կանգնեցայ անոր մէջ: Քոյրս, որ պարզ աղջիկ մըն էր ամօթխած եւ որ Սկիւտարէն գրեթէ բնաւ դուրս չէր ելած, կիսով ծածկուեցաւ իմ ետեւս եւ սկսաւ դիտել ուսիս վրայէն: Պարզուած էին դրօշակներ եւ դագաղը կը տարուէր ուսամբարձ: Դագաղակիրները կը փոխուէին արագ արագ: Ամէն ոք կը փափագէր ստանձնել այդ նուիրական գործողութիւնը, առնուազն կարճ հեռաւորութեան վրայ: Ընտանիքի անդամ մըն է, սիրելի եղբայր մըն է, որ կ՚առաջնորդուէր դէպի իր հանգիստը: Յուղարկաւոր տեղացիները անհետացած էին վանեցիներու հոծ խումբի մը մէջ, որ կը յառաջանար արմուկ արմուկի, իր կիրակնօրեայ հագուստին մէջ: Անոնք աւելի Խայ էին, քան թէ Հայ: Անոնք ամրակուռ եւ չարքաշ տղամարդիկ էին, յատկանշական դիմագիծով, չես գիտէր որ Վարագայ լեռնէն իջած: Կը հասնէին նորեր, դարձեալ նորեր, միշտ նորեր: Աստուած իմ, կ՚ըսէի ես ինձի, ուրեմն այսքան շատ վանեցի կայ Պոլսոյ մէջ: Կար, կար, որովհետեւ կար հերոս մը անմոռանալի: Ճիշդ է թէ Վանը կորսուած էր դաւադրաբար, բայց անոնք գոնէ օր մը ապրած էին ազատութեան գինովութիւնը, անոնք կարճ ժամանակ մը գոնէ բարձր պահած էի ազազուն բոցը անկախութեան, որուն կը ձգտէին Արմէնական շարժումէն ի վեր:

Քոյրս ըսաւ ականջիս տակ, զարմացկոտ շեշտով.

— Աս տեսակ բան բնաւ չէի տեսած…

— Սուս, — ըսի: Քրոջմէս կը զգուշանայի: Անոր արցունքը այնքան դիւրահոս էր, որքան շռնդալից էր իր խնդուքը: Սուս, — ըսի: Այդ պահուն չմտածեցի, թէ քոյրս կին եղած էր արդէն, եւ թէ կին արարածը կը տեսնէ բաներ, որ մենք չենք տեսնէր եւ կամ թէ յիշատակութեան արժանի չենք համարիր: Երբ ներս անցանք, քոյրս ըսաւ.

— Տեսար քիթերնին…